Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/187

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

ամբողջ տոհմը. բայց պատասխանի փոխարէն՝ ցարը աքսորած էր զինք Փեթերպուրգէն:

Այսպէս, ամէն տեղ անյաջողութեան հանդիպելով, գնացի նախարարներու օգնականներու նիստին՝ զեկուցանելու համար, թէ Թիֆլիսը կարիքը ունի բարձրագոյն դպրոցի, որուն համար կառավարութենէն ոչ մէկ սենթ դրամ կը պահանջէ: Զիս հրաւիրած էին ժողովէն մէկ ժամ առաջ։ Զիս ընդունեց լուսաւորութեան նախարար Կասսոն, ցարի ամենայետադէմ աստիճանաւորներէն մէկը։ Ես զեկուցեցի իրեն։ Ցոյց տուի, որ Կովկասը կարիքը ունի մասնագիտական բարձր դպրոցի մը բացման։

Կասսոն ինձ պատասխանեց, թէ ինք ծանօթ է խնդրին, թէ՝ փոխարքան գրեր է իրեն արդէն այդ մասին. թէ ժողովին պիտի մասնակցին բոլոր նախարարութիւնները եւ թէ՝ ինք նախքան իր կարծիքն ինձ յայտնելը կուզէր բոլորի կարծիքներն իմանալ:

Ուղիղ ժամը իննին զիս կանչեցին ժողովի: Կլոր մեծ սեղանի շուրջ նստած մօտ 15 հոգի, նախարարներու օգնականներ, մինակ կամ դեպարտամենտներու վարիչներու ընկերակցութեամբ: Իրենց ձեւական հագուստներով, սեղմ կոճկուած, թղթապանակները առաջները դրած, բոլորը նստած էին լուռ եւ լուրջ։ Ինձ առաջարկեցին տեղ գրաւել Փոխարքայի Փեթերպուրգի ներկայացուցիչին քով, որ պիտի խօսէր Փոխարքայի կողմէն:

Ժողովը բացաւ Կասսոն՝ յայտարարելով, թէ օրակարգի միակ հարցը Կովկասի բարձրագոյն դպրոցի հարցն է։ Առաջին խօսքը արուեցաւ Թոխարքայի ներկայացուցիչին, որ մի քանի խօսքով ներկա–