Էջ:Bitter bread, Vazgen Shushanian.djvu/32

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված չէ

Վազգէն Շուշանեան
գարուններ երկրի վրայ ու առաւօտներ։ Կը յիշէի, ինչ որ անբանաձեւելի է ու խուսափուկ, ինչ որ մեղմօրէն կը սահի այգային վարդագոյն ժամերու ընթացքին։ Բարակ ու ճերմակ ծաղիկներու շափրակներուն վրայ արշալուսային կաթիլը, որ կը մսի։ Բզէզմը, որ կը ցատքէ ծղօտէ մը, ու երգ մը, որ հեռուէն աղօտ խլեակներով կփյնայ վրադ։
Գրքիս վրայ զուարթ ճառագայթ մը կը խաղար, քիչ մը կը հեռանար ու վերստին կուգար։ Ափովս հաւաքեցի զայն ու անոր բեկբեկուն շառաւիղը տեսայ ափիս մէջ սարսռուն երիզի մը պէս։ Ու հոգիս խորին հաճոյքով մը թրթռաց։ Ինչ որ կ՝ուզէի լռեցնել, այդ անպատեհ ու նսեմ ձայնն էր, որ անընդհատ կը մռլտար. «Այդ ուրիշը յամենայն դէպս Վանին չէ...»։
Այդ պահուն էր ահա, որ գրադարանի դրան մէջ նշմարեցի Աննայի հասակը։ Անմիջապէս աչքերս խոնարհեցի՝ զգալով սրտիս բաբախիւնը։ Ոչ մէկ զնով կ՝ուզէի ցոյց տալ, որ իր ներկայութիւնը հաճոյք կը պատճառէր ինձ։ Մեքենական ուշադրութեամբ մը կը շարունակէի ընթերցումս, ու բառերը ծիծաղելի ու տգեղ թզուկներու պէս կը լղարէին առջեւս։ Ինչ ալ պատահի, ակնարկդ չպիտի բարձրացնես, կ՝ըսէի, ու թող զգայ, որ կրնաս առանց իրեն ալ ապրիլ ու հաճոյք զգալ կեանքէն։ Վստահ էի, որ նշմարած էր զիս ու գուցէ զգացած, որ չէի ուզեր առաջին քայլը ընել։ Աղօտօրէն ինձ կը թուէր, թէ մեր հայեացքները հանդիպած էին իրարու։
Կռուփս քունքիս՝ ջանացի մոռնալ զինքը ու խրիլ ընթերցումիս մէջ։ Ողջ մարմինս կը դողար, սակայն, ու սիրտս աղմուկով կը տրոփէր։ Սիրով տկար ու սիրով յանցաւոր եմ, կ՝ըսէի, ու ցմահ այսպէս պիտի ըլլամ՝ հարաւային բարտի մը, որ հովին էն չնչին ցունցէն կը դողդոջէ։ Արդեօք որուն գերզգայուն արիւնն է, որ կը կրեմ երակներուս մէջ՝ տենդով թունաւոր, ծարաւով տոչորուն։
Ու մտածել, որ այս բոլորը կրնային տեղի չունենալ, եթէ Քատէի հանդէսին գիշերը գլուխս դարձուցած չըլլայի։ Հոգեկան մակընթացութեան այդ մթնոլորտէն դուրս եթէ Աննային հանդիպած ըլլայի, յաջորդ օրը պիտի կարենայի մոռնալ զինքը։ Որքան չնչին պատահարներէ կախուած է յաճախ կեանքի մը առած ուղղութիւնը։ Ստուգիլ կարեւորը, անդորրութեամբ կարենալ ապրելու համար, ամէն վայրկեան ամէն ինչէ հրաժարիլ կարենալն է։ Մինչդեռ ես կը նմանիմ հաւատարիմ շան մը, որ վարժուած տան սեմէն չ՝ուզեր հեռանալ։
Գիրքս փակեցի ու որոշեցի առանց շուրջս նայելու ինքզինքս փողոց նետել։ Իրողութեան մէջ գուցէ շատ յստակօրէն գիտէի, թէ ինչ է ուզածս։ Գուցէ հոգւոյս որոնած սնունդը սիրոյ մորմոքն էր, անյոյս անձկութիւնը։ Թերն ու դէմը կշռելէ յետոյ նախընտրելի չէ՞ր միթէ երիտասարդ աղջկան մը քաղցր պատկերը կրել հոգւոյս խորը, քաղցր կարօտով մը տուայտիլ՝ փոխանակ նոր հիասթափութեամբ մը վիրաւորուելու։ Յետոյ անխուսափելի կռիւ մը կար՝ տաժանելի ու տմարդի, իմ եւ Վանիի միջել, եթէ մեզմէ մէկը Աննայէն հրաժարելու քաջութիւնը չունենար։ Կարծածէս աւելի խոնջ ու հմայաթափ էի նման կռուէ մը հաճոյք ու հպարտութիւն զգալու համար։ Ու ազատութիւնս, անտարակոյս, աւելի բան թանկագին էր՝ որեւէ յանձնառութեամբ զայն զեղչել կարենալու համար։ Կասկածելի յաղթանակէ մը աւելի կ՝արժէր ձեռնարկած չըլլալու հպարտութիւնը։
Ելայ ոտքի ու ուղղուեցայ դուրս՝ դողահար ու երկմիտ։ Հապճեպով գիրքս վերադարձուցի ու հրեցի դուռը։ Քարէ սանդուխներէն կ՝իջնէի՝ յուսալով, որ Աննա պիտի կեցնէ զիս։ Ոչ մէկ քայլի աղմուկ կար, սակայն, աստիճաններուն վրայ։ Շրթունքս խածի ու ինկայ փողոց։ Ու ծուլօրէն, երկարօրէն դեգերեցայ Լիւքսէնպուրկի պարտէզին արահետներուն վրայ։
366