Էջ:100 Ամեայ Ապրող Բանաստեղծը․ Ալեք Գլըճեան, Թորոս Թորանեան.djvu/11

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

հայաբնակ գիւղաքաղաք մը` Թառած Ամանոսեան լեռնաշղթայի մէկ փէշին։ Կ՚ըսուի թէ Զորք Մարզպանցիք որպէս հանդարտ, կռուազան ու յանդուգն ժողովուրդ, օր մը երկինք կը ճամբորդեն, եւ Աստուծոյ մրափած մէկ պահուն կտոր մը դրախտ կը գողնան ու կը վերադառնան տուն: ԱյդպԷս է որ քաղաքի հովեր առած մշտադալար նարնջենիներու հսկայ անտառի մը մէջ կը բնակէին Զորք-Մարզպանցիք` ականջնին տուած իրենց երկու կողերէն անցնող գետերու խենդ կանչերուն։ Ատոնցմէ մին Տէլի Զայ կը կոչուէր։

Զորք–Մարզպան։ Ըմբոստ հայութիւն մը կը տիրէր այնտեղ` ազատագրութեան հեռաւոր բայց շեշտուած ձգտումներով: Օր մը, սակայն, Համիտեան շրջանին, պետական պաշտօնատարներ՝ մօտակայ աւաններու Թուրք մոլլաներու ընկերակցութեամբ, քննութեան կու գան հոն։ Նոր անունակոչութեան մը խրախճանք պիտի սարքեն եղեր։ Ու յանկարծ գիւղը կը պառկեցնեն իր կռնակին վրայ, կը թլփատեն զայն, եւ «եղիցի անուն քո Տէօրթ-Եօլ...»:

Եւ այդպէս ալ Թողուցինք զայն ու հեռացանք։ Թրքախօս ընտանիքի մը մէջ ծնած, հայերէնս սորված եմ տասը տարեկանէս վերջ, ջարդէն յետոյ, տեղական դպրոցներէն ներս, ուր հայերէն լեզուի եւ պատմութեան ուսուցումը տենդագին արշաւի մը վերածուած էր։ Օսմանեան նոր սահմանադրութեան ընծայած ազատութիւնը լիապէս օգտագործելու հեռահաս ծրագիր մը կար այն ատեն։

Ազգային Կեդրոնական Վարժարանի (նախակրթարան) վերջընթեր դասարանի աշակերտ արդէն գաղթի


11