Էջ:Bitter bread, Vazgen Shushanian.djvu/37

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված չէ
«Դառն հացը»

կալուս համար։ Այժմ վստահութեամբ սեղմուած էր ինձ, ու մարմինս մեղապարտ ուրախութեամբ մը կը զգար անոր մարմնին հաճելի բոյրը։ Կ՚ուզէի սիրոյ մեղմ ու հեզ բառեր ըսել, բայց շրթեերս անկարող էին ստել։ Ջերմ համբոյրով մը հպեցայ պարանոցին՝ շնչելով կուրծքերուն բուրումը։
— Առաջին հանդիպման իսկ,— ըսի ցած,— սիրեցի Ձեր մարմնին բուրումը՝ շահպրակի եւ մեխակի խառնուրդ բոյր մը։
— Աժան անուշահոտութիւն մըն է,— ըսաւ՝ փորձելով ժպտիլ։
Ագահ հաճոյքով մը կը դիտէի կուրծքերուն գունդերը։ Աշնանային մութ-մոխրագոյն շրջազգեստին տակ գրաւիչ գեղեցկութիւն մը ունէր մարմինը։
— Եթէ արձակուրդին սկիզբը ըլլար, կրնայի Ձեզ ընթրիքի հրաւիրել,— ըսի ականջն ի վար։— Մինչեւ կէսգիշեր ծառուղիներուն վրայ կրնայինք դեգերիլ։ Քանի տարիները կը դիզուին իրարու վրայ, այնքան աւելի կը սիրեմ այս քաղաքին ալեկոծ ու խորունկ գիշերները։
Գրեթէ գորովով սեղմուեցաւ կուրծքիս։ Կը զգայի, որ այլեւս պատրաստ էր համբոյրս ընդունելու։ Իր անկեղծ ու հաւանաբար դեռ անփորձառու աղջկան ամօթխածութիւնը խորին ուրախութիւն մը կը պատճառէր ինձ։
— Եթէ տունէն չսպասէին, կը կենայի, բայց եղբօրս կինը կ՚անհանգստանայ։ Չեմ սիրեր գիշերները ուշ վերադառնալ...
— Պէտք է որ կենաք այս գիշեր,— ըսի մեղմիւ՝ նայելով աչքերուն խորը։
Առանց դոյզն ընդդիմութեան թողուց, որ շրթունքները համբուրեմ։ Մարմինը կը դողդոջէր, ու կուրծքերը կը հեւային։
— 0՜, ձգեցէք զիս այժմ,— կ՚ըսէր մեքենաբար,— ձգէ զիս...
Երբ սրահը ձգեցինք, փողոցին մէջ գիշերային եռուզեռը սկսած էր արդէն։ Թեւանցուկ կը ճեղքէինք գլխաւոր պողոտաներու մոլար բազմութիւնը, ու գիշերը մեղսակցութեամբ մեզ կը մօտեցնէր իրարու։ Հակառակ շուրջի ժխորին ու բազմութեան՝ Լիւսի տակաւին չէր յաջողած թօթուել ժապաւէնին հմայքը։ Ակնարկը հեռուն՝ կը քալէր, ու իր ողջ անձին վրայ կը զգայի հաճելի խռովք մը։
— Ձմեռը մթին ու տաժանելիօրէն երկար է մեր քաղաքին մէջ,— ըսի շատ մեղմիւ,— օրն ի բուն ու գիշերն ի բուն կ՚անձրեւէ աշնան վերջին, ու յետոյ ձիւնը, որ խոնաւ է ու թաց, որ հիւսիսի ձիւներուն բանաստեղծութիւնը չունի։ Մարդ զայրոյթէն կրնայ դաստակները խածնել գիշերը անկողնին մէջ։
— Իսկ Շաբաթ երեկոները, Կիրակիները...
— Աւելի անտանելի են ու ձանձրալի, քան միւս օրերը։ Հոգիդ կռուփիդ մէջ սեղմած՝ է կը սպասես գիշերուան։ Միայն գիշերը բարի է, միայն անկողինը...
— Եթէ կ՚ուզէք, Ձեզի կանոնաւորաբար կը գրեմ,— ըսաւ մեղմիւ,— ընթրիքէն յետոյ միշտ քիչ մը ազատ ժամանակ ունիմ։
Թեւովս կը հպէի աջ կուրծքին, կը զգայի կուրծքին հաճելի ու գիրգ շնորհը։ Ու միշտ խորունկէն կը յիշէի Աննան, ու ամէն արարք, ամէն բառ յանցաւոր կը թուէր։ Նաւաբեկեալի մը պէս հոգիս կը պլլուէր այս աղջկան վճիտ հոգւոյն։ Կ՚երեւակայէի զինքը գաւառական պզտիկ քաղաքին մէջ՝ քովս ի վեր, լուսաւորելով ձմրան մառախլապատ Կիրակի մը։
— Խոստացէք, որ երբեմն պիտի գաք զիս տեսնելու,— ըսի,— ամբողջ օր մը կրնանք միասին անցընել։ Քաղաքը անշուշտ հաճելի չէ, բայց երկուքով գուցէ կրնանք քիչ մը երջանիկ ըլլալ։

371