Ամիս մը ի Կիլիկիա
ՄԵԿՆՈՒՄԻ ՊԱՀԸ
[խմբագրել]14 Հոկտ. 1909
Աշնանավերջի անուշ իրիկուն մըն է։ Վերջալոյսը հետզհետէ կը նուազի հորիզոնի ոսկենշոյլ պաստառին վրայ, ուր, նկարչային գորշութեան մը մէջ թաղուած՝ Ստամպօլը կ՚ուրուանկարուի հիմայ աւելի քան երբեք գեղեցիկ՝ իր սլացիկ մինարէներովն ու գմբէթներուն վէտվէտումովը։
Շոգենաւին կամրջակին վրայ, բազրիքի մը կռթնած՝ չորս բոլորս կը դիտեմ, բաժանումէ մը առթուող տարտամ մտահոգութիւններու սարսուռովը սիրտս լեցուն։ Ալէքսանտռի խարիսխը բարձրացուցած է եւ իր «վինչ»ին խլացուցիչ խորը դադրած։ Կը մեկնինք, այլ եւս կը հեռանանք Պոլիսէն։ Սիրելիներ, բարեկամներ, Ազգանուէր Հայուհեաց Ընկերութեան անդամուհիներ իրենց ողջերթի եւ յաջողութեան մաղթանքներուն հետ հրաժեշտնին տուած՝ մակոյկներով կ՚շտապեն նաւուն կուշտն ի վեր, գլուխ ու թաշկինակ թօթվելով։
Անօրինակ թոհուբոհ մը՝ ծովուն վրայ։ Նրբիրան, աղւոր փայլքի մը քովէն՝ հանքածուխ պարպող բանւորներով լեցուած տձեւ նաւակ մը կը սողայ. անդին՝ լայնառագաստ ցռկանաւներու առաջքէն՝ շոգեմակոյկ մը արշաւասոյր. հեռուն, հիւսիս ու հարաւ մեկնող երեկոյեան շոգենաւներ՝ տուներնին վերադարձող ուղեորներով առլի՝ խօլ զիկզակներ կը ձեւացունեն, զիրար կը խաչաձեւեն, զիրար կը հետապնդեն։ Մեր նաւը կը շարժի հիմայ, պարանաձիգի մը առաջնորդութեամբ, ու պահ մը դէմ առ դէմ կու գանք Շիրքէթի 42 թիւին։ Խոնջ վաստակաբեկ շուկացիներ մէկ կողմ դրած հաշիւ ու շահ՝ իրենց սիրելի յարկերը կը դիմեն։ Տեսակ մը խանդոտ վերաբերումով կը նայիմ ցռուկին ու վերնայարկը խտացող այդ երջանիկ բազմութեան -իբրեւ իմ երկրացիներուս, - ու մնաք բարովին պէս խօսք մը կու գայ համր շուրթերուս ծայրն՝ անոնց հասցէին ուղղուած։
Մնաք բարով շուրջս գտնուած քիչ մը ամէն բանի, շնչաւոր էակներէն մինչեւ անշունչ իրերը բնութեան, սա ընտանի եզերքներէն մինչեւ բարձունքը Չամլըճայի։ Սոյլեր, խռպոտ հագագներէ արձակուող աղաղակներու հանգոյն՝ սոյլեր անվերջ ու ընդհատ, այդ պահուն ինձ համար կարծես՝ Մեկնումի անսահման թախիծը դառնօրէն երգող, եղերերգող։
Կ՚զգամ որ յուզումը տեղաւորուած է ա՜լ էութեանս մէջ, եւ ակնարկս տակաւին յառած հեռուի ու մօտի տեսարաններուն՝ ջանք կ՚ընեմ ատոնցմով գրաւուելու, ատոնց պարզած խաղաղաութեանը մէջ սուզուելու, ամոքուելու համար առանձնութեանս տաղտուկէն, պահ մը մոռնալու համար տխրութիւնը բաժանումին, նաեւ միտքէս վանելու համար ամէն դժխեմ կարելիութիւն պատահականութեանց։
Սառայ-Պուռնին դարձած՝ Մարմարայի ջուրերն ենք։ Մայրամուտ հորիզոնը տմոյն երանգի մը մէջ՝ արեւին թաղումը կը շարունակէ խոկալ. անհամար ծուխերէ եւ իրիկնամուտի ստուերներէ գոյացող թաձրութիւն մը կը ծփայ յամրօրէն՝ ծովին ու մեր նայուածքէն խուսափող մայրաքաղաքին վերեւ։ Դեռ կը յամենամ կամրջակին վրայ, անձնատուր՝ բաց ծովերէն եկող թեթեւ հովին, եւ աչքերս անքթիթ՝ հոն, ի բարձունս անդր Սկիւտարի։
ԱՂՕԹՔԻ
[խմբագրել]Նաւուն հանդիպակաց կամրջակին վրայ տեսակ մը անօրինակ խլրտում դէպ իրեն կը ձգէ նայուածքս։ Բացօդեայ տախտակ սարաւանդին վերեւ խռնում մը կայ մարդկային մարմիններու՝ որոնք խմբովին եւ համաչափ կերպով կը հակին ու կը բարձրանան փոխն ի փոխ։ Հաճի գացող Պուխարացիներու խումբ մըն է որ ծնրադիր ու գետնամած՝ երեկոյեան աղօթքը կ՚ընէ իր Ալլային, լուռ ու պատկառոտ։ Հայեցողի ինչ վերացում անձնիւր դէմքի վրայ, կրօնքի ի՜նչ ջերմեռանդ արբշռանք անոնց բովանդակ կերպարանքին վրայ։ Գլուխներ վեհերոտ ու երկիւղած կը ծռին, ճակատներ մինչեւ տախտակամած կը քսուին, արտեւանունքներ ծանր՝ խորհուրդի խտացումներ կը պարփակեն, եւ շուրթեր՝ պահ մը տարամերժ ամէն սուտի ու կեղտի գովքի եւ օրհնութեան ծորակներ են դարձած։ Մինիչ նաւը կ՚առաջանայ յուշիկ, մինչ ճեղքուող ջուրեր իրենց մեղմ ու միօրինակ երաժշտութիւնը կը մրմնջեն, հոն, վերը, գորշ ստուերներուն մէջ պարուրուած, կրօնքի այդ մարդերն սիրտերնուն իղձերդ կը վերուղղեն, հոգեշունչ փառաբանութիւննին կը ձօնեն իրենց պաշտելի Ալլահին…
Յանկարծ, մոռցած ամէն վիշտ եւ սթափած այն մելամաղձոտութենէն՝ զոր մթութեանց ետեւ կորսուող քաղաքէն բաժանումս եւ անծանօթի պատահականութիւնները դիզած էին ներսս, խորունկ, ցաւագին սարսուռ մը կը թօթվէ ամբողջ էութիւնս։ Ու մթնշաղի, ծփանքի, մրմունջի եւ աղօթքի այդ պահուն, տխուր, մահուան չափ տխուր յստակութեամբ մը՝ տողանցումը տեղի կ՚ունենայ երեւակայութեանս առջեւէն Կիլիկիոյ բոլոր այն աւաններուն ու գիւղերուն՝ որոնք սեւ օր մը, խուժանին կողմէ մզկիթներուն մէջ Ալլահին մատուցուած միահաղոյն թունտ աղօթքէ մը անմիջապէս վերջ՝ կը վերածուէին սպանդանոցներու, արեան լիճերու եւ մոխրակոյտներու։ Ի խորոց սրտի կարդացուած սո՜ւրբ աղօթք՝ որ սիրտեր արիացուցած էր եւ բազուկներ՝ ա՜յնքան ուժովցուցած Կոտորածի տիեզերասատ առամը բեմադրելու համար։ Յանուն Ալլահին՝ ա՜յսքան ոճիր, ա՜յսքան սեւ ու սուգ…։
Ի զո՜ւր կը դարձունեմ յոգնատանջ նայուածքս այլուր. չեմ կրնար խուսափիլ այն ահարկու պատկերէն որ հզօր կերպով եկած է նկարուիլ յիշողութեանս մէջ։
Քեզ կը մնայ, հէ՜ք Հայութիւն, ջանալ վերակագնել բոյներդ՝ զորս այս մոլեռանդութիւնը քանդեց բիրի, հուրի ու լախտի ա՛յնքան անողոք հարուածներով։ Եւ մինչ քու դահիճներդ հանդարտ խիղճով իրենց սրբավայրերը դիմեն՝ հաւատքի բոցովը խանդավառ, դուն քու արցունքդ սրբելէ վերջ՝ խաչդ հանէ, յոգնէ՛, դատէ՛, օրն ի բուն, խոնջ թեւերուդ եւ ճակտիդ քրտինքին արդար վաստակը տար տուր քու հիւանդ, հաշմանդամ եղբայրներուդ, յանուն այդ հաւատքին՝ այրիացած եւ որբացած քու նօթի եւ անտերունջ քոյրերուդ ։ Այո, ցորչափ կապուած ես հողիդ ու հայրենիքիր, ա՛յս է, ափսո՜ս, քու ճակատագիրդ, ա՛յս է քու պարտքդ։
ՇՂԹԱՅԱԿԻՐ ԶՈՅԳԸ
[խմբագրել]Մութին մէջէն, մտամոլոր վար կ՚իջնեմ կամրջակին սանդուղներէն։ Քանի մը քայլ անդին՝ շոգեաւին ամբարանոցը կայ, բերանը բաց թողուած։ Ճամբորդներ անոր եզրը շարուած կանգուն՝ ուշադրութեամբ մէջը կը նային։ Կը մօտենամ իրենց, գրեթէ անգիտակից, եւ անոնց պէս գլուխս վար կը բռնեմ, Անհուն վի՛հ մը այդ ամբարանոցը, լայնաբաց, խոր ու մթին։ Յատակին մօտ, որմախորշի մը վերեւ, լամբար մը կը պլպլայ առկայծ՝ որուն աղօտ լոյսովը կը նշմարեմ երկու հուժկու եւ կորովի կտրիճներ, - ջրհանկիրի լայն տաբատով, գօտիներնուն ճերմակ պարոյրը մինչեը իրենց լանջքերը բարձրացած, - որոնք տաժանքով կը շարժաըկին, կ՚երթուդարձեն նեղ միջոցի մը մէջ, անկողինի պէս բան մը պատրաստելու զբաղած, Քիչ մը անդին պահակ կեցող հրացանակիր զինուոր մը իսկոյն կ՚սթափեցունէ զիս իմ միտքի թմրութենէս, եւ այս՛ անգամ աւելի ուշիւ դիտելով, զարմանօք կը նշմարեն որ այդ մարրդոց ոտքերուն շուրջ կ՚երերակայ հաստ շղթայ մը. զարմանքս գրեթէ սոսկումի, կը փոխուի՝ երբ շղթաներուն ծայրի մեծ անուրները կը դիպին աչքիս, բրտօրէն ագուցուած անոնց սլոքներուն։
Ամբարանոցին շուրթէն կախուած՝ կը շարունակեմ դեռ նայիլ այդ մարդոց երեսին, իրենց գործած մեծ յանցանքին ապացոյցը կ՚ուզեմ կարդալ անոնց աչքերուն մէջ. Օրէնքին վճիռով մարդկային արդարութիւնը շղթաղակապ աքսոր կը ղրկէր զանոնք. թերեւս բերարգել, թերեւս կախաղան։ Բայց ո՞ւր կը մնային ասոնց քով գարշունակ ջոլիրը Ճէվատներու, Իհսան Ֆիքրիներու, Ասաֆներու, Ապտիւլգատէրներու, Պօսնալը Ալիներու, Իզզէթներու եւ այլոց՝ որոնց կարծես իրաւո՛ւնք տրուած էր արձակ համարձակ պտըտելու արեւին տակ. երի՜ցս երանեալ արարածներ՝ որոնք չէ թէ ասոնց պէս մէկ երկու հոգիներուն ինչքը յափշտակած կամ կեանքը դադրեցուցած, այլ բիւրաւոր հայերու արիւնը մտած էին, եւ - իբր զովարար օշարակ- ողջ մնացողներուն արցո՛ւնքն էին խմած։
Աշխա՜րհ աշխատողին։ Սուտ խօսք հին փիլիսոփայութեան։ Աշխա՜րհ հզօրին, խղճմտանքէ զուրկ անձին, կեղեքողին, կողոպտողին, վայելողին, աշխարհ՝ ասոնց մէջ լիուլի՛ յաջողողին։ Ահաւասաի՛կ դարուս փիլիսոփայութիւնը…։
ՃԱՄԲՈՐԴՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ
[խմբագրել]18 Հոկտ.
Հանդարտ ծովով մը եւ աղւոր օդով մըն էր որ անցանք Տարտանէլէն, Իզմիրէն, Քիոսէն եւ այսօր ալ Հռոդոսէն։ Բերդերու տարածուն կոյտ մը այս կղզին, կարծես սոսկ վտարանդիներու բնակավայր։ Արշիպիղագոսի մեծ ու փոքր բոլոր կղզիներն ետեւ թողած՝ Ալէքսանտայի ցռուկը ցցած կ՚առաջէ շարունակ։ Երկու օրէն Մէրսին պիտի ժամանենք։
Մեկնումէս մինչեւ ցարդ չէ սահած օր մը, գրեթէ ժամ մը ուր չխօսուի անլուր Կոտորածին մասին՝ ուղեկից ճամբորդներուն հետ որոնք մեծ մասամբ յոյներ՝ իրենց ցաւակցութիւնները յայտնելէ զատ, չեն դադրիր նաեւ խորհուրդներ եւ լաւագոյն թելադրութիւններ ընելէ մեր մասին։ Խորհուրդ, թելադրութիւն, բայց ո՞ւր է արդարութիւն, ո՞ւր մարդկային ճշմարիտ եղբայրութիւն։
Ատանայի դէպքերէն զարհուրկոտ՝ Հռոդոս ապաստանած խել մը յոյն ընտանիքներ Ատանա կը վերադառնան կրկին։ Գոհ ու զուարթ են ամէնքն ալ, մեծով պզտիկով, դէպքերու միջոցին ամէն բան տեսած են, ամէն բան լսած, բայց ոչ մէկ կորուստ ունին, ոչ մէկ դժբախտութիւն պատահած է իրենց. կարծես հանդիսատես են եղած Եղեռնին՝ առանց տպաւորուելու. եւ ինչո՞ւ չըլլան գոհ ու զուարթ, քանի որ ծիծառներու պէս իրենց լքած բոյները կը վերադառնան, քանի մը ամսուան օրափոխութենէ մըն ալ կազդուրուած եւ երեւակայութիւնին մաքրուած իրենց տեսած արիւնի եւ աւերի տեսիլներէն։ Իրենց միամիտ խնդուքը սակայն, քովս ի վեր, սիրտիս կը դպի, չեմ կրնար հանդուրժել այդ անմեղ զուարթութեան։ Յուղարկաւոր մը չե՞մ միթէ, եւ ինչպէ՜ս ուրախութեան ամէն ձայն ու շշուկ սիրտի սեղմում չի պատճառէ։
Դող մը կը համակէ զիս պարզապէս, երբ կը խորհիմ թէ ա՜լ պիտի տեսնեմ Ջարդի աշխարհը, պիտի տեսնեմ Ատանան, ա՜լ ճակատագրուած է ինձ մօտէն, իրականապէս տեսնել եւ զգալ այն ահաւոր սուգն ուր թաթխուած են ամիսներէ հետէ իմ արենակիցներս, համակուիլ այն մահագին յուսահատութեամբ՝ որով կը տուայտին անոնք, գուցէ երանի տալով կեանքէ դառնամահ զրաւուողներուն, պատերու տակ, ձորերու խոր ու գետերու մէջ՝ անձայն, անշունչ, անշիրիմ…
ՄԷՐՍԻՆ
[խմբագրել]20 Հոկտ.
Ահա մեր դէմն է երբեմնի Զեփիւռիոնն, այժմու Մէրսինը։ Մրտենիներ- որոնց մկը պարտի քաղաքս իր յորջորջումը, - մանեկաձեւ պաշարած են շէնքերու շարքը սեղմիւ. մինչ իրենց մթագոյն մշտադալար թաւուտքը կը ծաւալի հեռուները, դաշտերու եւ բլրակներու տարածութեանը մէջ։
Ծովախորշն՝ ուրկէ կը դիտենք քաղաքը, շքեղ դիւթական համայնապատկեր մըն է պարզուածը։ Երկինքի թափանցիկ կապոյտին տակ, լոյծ տարածութիւնն իրեն դէմ յանդիման, մրտենիներու վէտէտուն թանձրութիւնն իր մէջքին, եւ աւելի հեռուն, Տաւորսի լեռնաշղթային փառապանծ վեհութիւնն իր վերեւ։
Այս տխրալի պատկերին հանդէպ խոհուն ու մտամփոփ, վերյիշումը կ՚ունենամ յեղակարծ Ապրիլի օրերուն, երբ օտար մարտանաւներ եկան շարուիլ այս ջուրերուն վրայ, իրենց մեծ մեծ թնդանօթներուն՝ սպառնագին այլ անիմաստ ու անհետեւանք կոթողումով։ Քաղաքակիրթ աշխարհներէ ուղարկուած երկաթէ այդ հզօր ոչնչութիւնները հետերնին բերած էին մարդեր որոնք պաշտօնն ունէին օրն ի բուն դիակներ աչքերնուն՝ ծովափի հայ թշուառութիւնը դիտելու անկարեկիր, կամ ծավախորշին մէջ ծփծփուն հէք հայ դիակները լուսանկարելու, իսկ գիշերը, ներսն՝ ելեկարակն ջահերու լոյսով՝ աշխարհիկ վարկպարազի ցնծութեանց անձնատուր ըլլալու, անհոգ, անտարբեր առանց մազիւ չափ փոյթ ընելու թէ անդին, օ՝հ, անդին, գնդակներ կ՚անձրեւէին անդադար, սուրեր կը շողային աջուձախ ու Հայու արի՛ւնն էր որ կը հոսէր. ու կրա՛կն էր որ կը լափէր ամենածախ։ Ու խորհիլ թէ այդ ամէնքը պիտի դադրէին, պիտի մարէին՝ եթէ զրահապատ այդ պատկառելի զանգուածներէն նաւազներ ոտքերնին դնէին ցամաք, իրենց պետերուն հրահանգովը սպառնադէտ։
Ու չըրին, ու հազարաւոներ անէացան մահերուն ամէնէն դառնագոյններով, ու շէն ու բարգաւաճ երկիր մը փճացաւ, կործանեցաւ հիմնայատակ։
Գրեթէ իրիկուն է ալ՝ երբ ցամաք կ՚ելլենք։ Առաջնորդարանին մէջ- ուր կը դիմեմ առաջին առթիւ- չեմ տեսներ փախստականներու, վիրաւորներու եւ հալածեալներու այն հոծ համախռնումն որուն շաբաթներով թատերավայր հանդիսացած էին պաշտօնական այս անշուք յարկն ու յարակից պարտէզը։
Ո՛չ ոք, բաց ի անոքիկ ու խելօքիկ որբերէն՝ որոնք խորը գտնուող շէնքը պատսպարուած են, Հայութեան գութին ապաստանած։ Մեկնած գացած են անդարձ՝ եղկելի այն էակները, գաղթած են բոլորն ալ, ծովերէն, ցամաքներէ անդին, որսորդի գնդակներէն հրաշքո՜վ ազատած եղնիկներու պէս լեռնէ լեռ, սարէ սար։ Եւ չե՜մ կարծեր որ անոնցմէ գտնուած ըլլան այնպիսիներ որոնք Ատանայի ճամբան ձեռք առած ըլլան վերստին։
Ճնշող հանդարտութիւն մըն է որ կը տիրէ հիմայ, գոռ փոթորիկներու յաջորդող մահատիպ հանդարտութիւն մը որ շա՜տ բան կը խօսի ամպրոպին աւերածութեանցը վրայօք- Հայութեան պատուական Տապանը ջախջախուած, երդիքներ ամայացած, անթիւ կեանքեր ոչնչացած, ողջ մնացողներու թողլով կարօտութիւն, սուգ ու արտասուք յաւիտենական…։
Բոլոր այս ցուրտ հանդարտութիւններու մէջ, անհուն թախծութեամբ ծանրաբեռն բոլոր այս մթնոլորտին մէջ, առաւել քան ո եւ է հայ՝ դէմք մը միայն կայ՝ Կիլիկիոյ սարսափն ամբողջ իր մէջ խտացուցած, բովանդակ Հայութեան մորմոքանքը ներսիդին ամբարած, իր տկար ուսերուն վրայ բարձած՝ Անոր հոգը, կարիքն ու տրտունջն ողջոյն. ու այդ ողբագին վիճակին մէջ՝ եկած է կկզիլ անիկա Մէրսինի անկիւնը, հոնկէ՛ լսելի ընելու համար իր ձայնը հայրական՝ որ ա՜լ մարած է աղաղակելէն, աղերսելէն ու արտասուելէն։
Այդ մարդը Սահակ Կաթողիկոսն է, իր կորած ու վայրավատին Հոտը ջանալով դեռ հովուելու, հառաչանքը կուլ տալով կսկիծներ մեղմելու եւ արցունքներ սրբելու։ Եւ երբ խորին պատկառանքով խոնարհեցայ՝ իր աջն առնելու, տարապայման փղձուկ մը զգացւ սիրտիս մէջ։ Վեհափառը համակ մարմնացումն էր Հայ Տառապանքին։ Իր կայծկլտող մութ բիբերուն խորը մեծ սուգը կար ջարդուող հայորդիներուն, եւ միա՛կ մտատանջութիւնը՝ խեղճ որբուկներուն եւ այրիներուն մասին. մինչ արցունքէ մաշած իր այտերը համր պատմութիւնը կ՚ընէին գոգցես Կոտորածի օրերուն։
-«Ի՞նչ լուր, զաւակս, ի՞նչ լուր…» կը ձայնէր ան, համրիչն արագօրէն շարժելէն ջղաձիգ մատներուն տակ, անոր հատիկներուն վրայ թարթելով իր խոհուն ակնարկը։
Հէ՜ք Հովուապետ. ինծի պէս մէկէ՛ մըն ալ լուրի կ՚սպասէր. մխիթարիչ խօսք մը, բա՛ռ մը կ՚ակնկալէր ինէ։
ՏԵՍՔԵՐ ԵՒ ՅՈԻՇՔԵՐ
[խմբագրել]21 Հոկտ.
Առաւօտուն կանուխ կայարանն եմ։ Անձկութեան բոլոր նոպաներէն կ՚անցնիմ. քանի մը ժամէն պիտի հասնիմ հուսկ ուրեմն հո՛ն, Ատանա, ոտք պիտի դնեմ նախճիրի ու խժդութեանց այդ ահաւոր սեմին վրայ։ Բոլոր տեսած մարդիկս զոհեր կամ դահիճներ միայն կը թուին ինծի։ Չարաղէտ պատկերներ աւելի որոշ գիծերով կը յաճախեն, կը գրոհեն դէպ ի միտքս, եւ անագրոյն մղձաւանջներ աւելի քան երբեք կը չարչարեն խեղճ երեւակայութիւնս։ Պիտի հասնիմ հուսկ ուրեմն հոն, Ատանա։ Կոչում պէտք է ընել անպարտելի կորովի մը, զօրեղ սրտապնդումի մը, քան զի կ՚զգամ թէ սիրտիս զարկերն երագացած են եւ սարսուռ մը կ՚սկսի կծկել մկաններս։
Ի՜նչ ճակատագիր. հալածանքի ու չարչարանքի դատապարտուած ազգի մը զաւկին ըլալլ եւ դժբաղդ առիթն ունենալ երթալու հայրենի աւերակներ տեսնելու եւ հայրենակիցներու գերեզմաններն այցելելու։
Շոգեկառքը կը սուրայ ընդարձակ դաշտերուն մէջէն՝ որոնցմէ հնձուած է եղանակին րամպակը շահաբեր։ Նայուածքս կ՚Երթայ հորիզոնին շքեղութեանը վրայ թափառի անարգել. Տաւրոսի լեռնաշղթան ամբողջ վեհութիւն մըն է՝ հոյակապ, ամպածրար կատարներով։ Հեռանկարին սքանչելի տեսքը հոգիդ կը գրաւէ. դէպի կեանքը՝խոյանք մը կ՚ունենաս անզուսպ, ու ներսդ կուտակուած վիշտի սեւութիւններուն հետ՝ ապրելու իղձը խուլ պայքար մըն է որ կ՚սկսի ասանկ վայելչագեղ բնութեան մը ծոցը՞։ Կուրծքդ կ՚ուռի յանկարծ, հեկեկանք մը կոկորդդ կը նեղէ ու կղպուած ակռաներուդ մէջէն սոյլի պէս հառաչ մը կը խուսափի՝ լանջքդ ուռեցունող վիշտը դուրս տալու վերջին անզօր ճիգով մը, մինչ դառն մտածումը խրած մխուած է ուղեղիդ մէջ. «Ո՜վ աստուած, ինչպէ՜ս հնար է որ մարդիկ այսքան չար ու անգութ եղած ըլլան՝ այսքան գեղեցիկ Երկրի մը մէջ եւ թոյլ չի տան որ մենք ալ ապրինք հոն խաղաղ ու երջանիկ»։
Կ՚անցնինք առուակներու եզրերէ, ամայութեանց ծոցը ծրարուած գիւղերէ, Յունական, Հռոմէական Եգիպտական արշաւանքներէ մնացորդ աւերակներէ. Թրմլի եւ Կիւտիւպէզի[1] բերդերու բեկորներ՝ անցեալի փառայեղ յիշատակներու պէս կը կաթողուին հեռաւոր դաշտանկարներուն գիրկը։
Հասած ենք վերջապէս Զէյթունլիի կայարանը։ «Ասկէ անդին շատ բան չի մնաց, գրեթէ կէս ժամ կայ Ատանայի համար» կ՚ըսեն ինծի ճամբու ընկերներ՝ որոնց ստէպ անհամբերութեամբ կը հարցունեմ Ատանա երբ ժամանելիս։
Այլ եւս համակ նայուածք դարձած՝ վակոնին լուսամուտէն դուրս կը նայիմ ակնապիշ։ Ահա, այգեստաններու խանծած որթատունկերուն մէջտեղ՝ ահա առաջին սեւ աւերակոյտը կը պարզուի տեսողութեանս առաջ. կրկին թափով կը յառնէ մէջս անբացատրելի կսկիծը։ Օ՜հ, այդ աւերակոյտը՝ լքուած, խոպանացեալ եւ անշուք այդ այգիին մէջ… Ո՞ւր էին այն արի եւ հաստաբազուկ մշակներն որոնք օրուան խոնջէնքէն պարտասուն, խաղողի հնձանէն վերջ, կու գային իրենց հանգիստն առնելու եւ քունը նիրհելու ստուերոտ ծառերուն տակ։ Ո՞ւր էին անոնք որ իրենց խաղողներուն կենսաւէտ հոյզովը կու գային տարեկան շարոցնին շինել, իրենց միւռոնաբոյր գինին ու ռուփը պատրաստել եւ լեցունել իրենց մառաններն՝ օրհնեալ այգիին բերքուբարիքով։
Եւ մինչ նայուածքս յառած հրդեհուած պատերու կը դողամ ահագնութեամբ հոն գործուած եղերական առամին, շոգեկառքին վազքը դէմ յանդիման կը բերէ զմեզ վերստին նոր նոր փլատակներու եւ մոխրացած վայրերու, մէկը միւսէն աւելի մռայլ, մէկը միւսէն աւելի լքուն ու տխրատեսիլ. փլած քարեր ու տապալած սեւ գերաններ համասփւռ, իրենց լուռ ու անխլիրտ տարածութեանը մէջ ողբալով կարծես Հայոց երբեմնի շէնութիւնները բոլոր։ Կը լքեմ պատուհանը, վակոնին խորքը կկզելու համար. ալ չեմ կարող դիտել։
ԱՏԱՆԱ
[խմբագրել]Հասած ենք։ Կայարանին առաջք ամբոխ մը լեցուած է՝ ճամբորդներու վարձկան ծառայութիւններ մատուցանելու պատրաստ։ Սարսափած կը նայիմ անոնց։ Ի՜նչ դէմքեր եւ ինչ աչքեր։ Յանկարծաթափ կատաղութիւն մը կը մրրկի ներսդ. յիմարական իղձը կ՚ունենաս պօռալու այդ հրէշներուն երեսին, սիրտդ նողկանքը, զայրոյթիդ ժահրը յորդելու այդ վայրերնիներուն գլխուն, կռուփներ իջեցունելու անոնց կուշտերուն ու քամակներուն. վասն զի ահ դէմդ են շարուած մարդեր որոնց կիրքերուն ու գազանութեան զոհն եղաւ տարաբախտ Կիլիկեան՝ հիմնայատակ կործանելով։
Ո՞ւր պէտք էր երթալ. Առաջնորդարան. ազգային միա՛կ հիմնարկութիւնը Մայր Եկեղեցիով. հրա՛շք որ ան ալ ազատած էր ընդհանուր աղէտէն։ Արտատրոփ կ՚անցնիմ բոլոր այն փողոցներէն՝ որոնց մէջէն Արհաւիրքը վիշապի մը պէս վազվռտած է մոլեփրփուր, ամենուրեք աւեր ու մահ սփռելով։
Հայապատկան կրպակներու փլատակներու մէջ, - վեր ի վերոյ յարգարանօք, - եկած տեղաւորուած են Զարդի աշխարհին հերոսները՝ յապուրակի տիրացած իրենց վաճառքներուն ունեւորութեամբը հիմայ սոնք ու անպատկառ։ Զարմա՜նք, բայց այլ եւս ի՜նչ զարմանք. երկիրը միթէ իրենցը չէ՞, միթէ հայուն գոյքն ու գոյութիւնը կախում չունի միշտ իրենց խուժգուժ քմայքէն. միթէ մեր դիակներուն ու աւերակներուն վրայ թառելու համար չէ՞ր որ այդ ագռաւները սարքեցին փտութեան այս Սեղանը, Կիլիկիոյ քայքայումը բովանդակ։
Փողոցի մը անկիւնէն կարելի կ՚ըլլայ տեսնել քանդուած ու հրկիզուած շէնքերու տխուր տարածութիւն մը անհուն։ Միջոցին մէջ, սոսկավիթխար ուրուականներու պէս ցցուած սեւ ու մուր պատեր, ծխնելոյզներ, որոնց առընթեր՝ իրենց թշուառ մեծութեամբը կը կանգնին Մուշեղեան վարժարանի որմերը՝ խաւարամած պարիսպերու տեսքով։
Անձայն անշշուկ է եկեղեցին, թափուր է առաջնորդարանը. հազիւ քանի մը մարդկային խլեակներ՝ շրջափակին դրան առաջք՝ վէրքոտ արտեւանունքով, քամակաբեկ, ներգեւեալ, ցնցոտիներ հագած։ Կը նայիմ այդ խեղճերուն եւ կը յամենամ սրահ մը անոնց մօտ. առաջին հայերն են զորս կը տեսնեմ աղէտի սեմին վրայ։
-Ասոնք ի՞նչ են, հիմակ ի՞նչ կը տեսնէք որ, կը ձայնէ ազգային դպրոցներու տնօրէնը՝ Գունտուրաճեան որ փութացած է քովս, ծառայութիւն մը մատուցանելու մտադրութեամբ։
Ինչ տեսած էի որ… Դեռ ի՞նչ տեսած ըլլայի. շէն քաղաք մը՝ անսահման աւերակոյտ, անմարդաձայն եւ անտուն թաղեր, հայ բնակչութիւնը քիչւորցած, դէմքեր հրէշացած՝ սոսկումներէ եւ վիշտերէ. մինչ կ՚ըսէին ինձ թէ այս օրը բարօրութիւն ու երանութիւն էր՝ արհաւիրքի օրերուն բաղդատմամբ։
Օ՜հ, ինձ համար հոկտեմբեր 21ը անմոռանալի թուական մը պիտի ըլլայ այսուհետեւ, Ատանայի մէջ անցուցած առաջին գիշերս մինչեւ առաւօտ, մղձաւանձներով, բանդագուշանքի յաճախանքներով, արեան հեղեղներէ կազմուած գետակներ շուրջս են պատեր, գանկեր, գանկե՜ր ամէն կողմ, ջախջախուած մարմինի բեկորներ չորս դին։ Ու ատոնցմէ վեր, ատոնցմէ գերագոյն՝ գիշերապահին սուլիչին ձայնը։ Ո՜ւհ, այդ ձայնը, տգեղ, անճոռնի, տարօրինապէս ահարկու, հազար բուերու հագագներէ միանուագ արձաուած ողրի մը պէս կերկերուն ու կեղերջական՝ որ պահ առ պահ կ՚արձագանգէ նեղ ու մութ փողոցներու պարսպանման պատերէն ներս…։
Արշալոյն ե՞րբ պիտի ծագի, ե՞րբ պիտի ողջունեմ այգուն լոյսը բարերար։ Նարեկէն հատուած մըն է զոր կը քաղեմ կարծես սարսռուն շուրթներով, «Փարատի մռայլն, վերանայ մութն, գնայ գիշերն, տատագրի տագնապն…»։ Ե՞րբ պիտի չքանայ այս անգութ խաւարն իր մէջ պարփակող պակուցիչ տեսիլներով ու խռովայոյզ պատկերներով։ Բարէ՜, միթէ տեսիլնե՞ր են ասոնք. լոյսը միթէ նուա՞զ ահաւոր ցաւեր ունի մեզ ներկայելիք քան այս աղջամուղջը համատարած։
ԼԱՑԻ ՈՒ ՔԱՂՑԻ ՕՐԵՐ
[խմբագրել]22 Հոկտ.
Ամիսներու ընթացքին՝ առիթը շա՜տ ներկայացած էր ականատեսներու սարսափելի պատմութիւնները կարդալու թերթերէ, Աղէտքին ու անոր մանրամասնութեանը վրայօք։ Լալագի՜ն ընթերցումներ՝ որ -գիտեմ- նոյնիսկ արգիլուած էին շատ մը հայու տուներէ, վասն զի ատոնցմով խորապէս ազդուողներ էին եղած, զգայնիկ անձեր՝ սոսկումէ ցնցում, ցնցումէ տագնապ ծածանուտ՝ հիւանդ ինկած էին։
Հապա ո՜րքան բուռն պարտի ըլլալ մարդուս տպաւորութիւնն, երբ կու գայ մինչեւ Աղէտավայր։ Իրա՞ւ էր արդեօք, ճշմարի՞տ էր թէ կը գտնուէի այն երկիրն ուր ցեղիս արիւնը հոսած էր առուակ առուակ, ուր այնքան ոճիր ու նախճիր գործուած էին, ու երախաներ փողոտուած էին դաշունահար, այրեր գնդակահար, մէկ քանիներ Յիսուսի պէս խաչուած, մայրեր անլուր կեղեքումներու ենթարկուած, հարսեր լլկուած եւ ամօթխած օրիորդներ հեռու հեռու փախցուած՝ «հարէմ»ները շէնցունելու համար, ուր, վերջապէս, մահուանէ հրաշքո՜վ խուսափած հայութիւն մը օրերո՜վ անօթի էր մնացած, տառապագին, ջղագրգիռ ու խելայեղ։
Մտադրած եմ այցելել ամէն տեղ. Ո՞ր կողմ կարելի է նայիլ, առանց աւերածք ու քայքայում տեսնելու. ո՞ր կեղմ նայիլ, առանց նշմարելու նայուածքներ որոնք արիւնի եւ աւարի պարգեւած հեշտանքովը գինով են տակաւին. ո՞ր կողմ նայիլ առանց ողջունելու հայ թշուառութիւնն իր յետին փուլերուն մէջ. ո՞ր կողմ նայիլ ու շիռովիլ սրտամորմոք։
Կը քալենք բարեկամներու հետ՝ այլ եւս անանուն փողոցներէ, քարի եւ աճիւնի անսահման խառնակոյտներէ որոնք ամիսներ առաջ Հայնոցը կը կազմէին այս պատուական քաղաքին։
-«Սա ալ Գերմաններու գործարանն է. բաւական թիւով հայեր հոս ապաստանեցան ջարդին եւ անկէ վերջը» կ՚ըսեն ինծի. ցոյց տալով ընդարձակ բացաստան մը՝ որուն մէկ կողմը կը բարձրանայ բամպակի գործարան մը։
Խե՜ղճ հայեր, ի՞նչ վայրկեաններու մէջ կրցած էին ապաստանիլ հոգ կամ այլուր. անոնցմէ քանինե՜ր արդեօք տեսած էին իրենց սիրելիներուն մորթուիլը, քանինե՜ր ալ արիւնոտ դիակներ կոխոտելով վազած էին փախ ի փախ, որչափ կրնայ մարդ վազել իրական Մահին առջեւէն, կատաղութեան, խուճապի, գոռումի եւ զուլումի այդ գերագոյն րոպէին։
Սրտաճմլիկ եղած էր այն պահն ուր այդ եղկելիները- սարսափի առաջին նոպայէն վերջ- փնտռտուքի սկսած էին, եւ իրենց խուզարկութիւնները՝ զիրենք քասքնելի՜ պակասներու յանգեցուցած։ Ան ատեն լացած էին ընքուռ ընքուռ, կուրծքերնին ծեծած ու մազերնին փետած. բայց անօթեցած էին միանգամայն։ Քաղցը -մարդկային գոյութեան անողոք ու պահանջկոտ հոգեվարք՝ որ ամէն բան կ՚ուրանայ, ամէն բան կը մոռցունէ, - չէր կրնար ճանչնալ ո՛չ մեծութիւնը կորուստներուն, ո՛չ աւարի ու հրդեհի սուգը դառնակսկիծ։ Քաղաքն ամբողջ բոցի ալիքներու մէջ կը լողար, երկինք ծուխի կոհակներու ովկիանոս մըն էր, արիւն եւ դիակ իրենց չորս դին. մինչ վերապրողները տանջանքէ ու խոնջէնքէ քամուած իրենց էութիւններուն խորը նոր տանջանքի մը յառնումը կ՚զգային՝ որ որդի պէս կը կրծէր, կ՚սպառէր իրենց սիրտը յամր քայքայումով մը։ Քա՜ղցն էր անիկա։
Անօթի՜ էին. ծեր, մանուկ, կին ու տղամարդ ՀԱ՜Ց կ՚աղաղակէին։ Հազարաւոր մարդիկ իրենց հիւանդներուն ու նորածիններուն հետ, երկրորդ անսո՛ւտ մահուան մը եզրն էին հասած՝ իրենց պարապ ստամոքսներուն սուր բողոքով։ Եւ հազի՜ւ քանի մը օր վերջ միայն հնարաւոր եղած էր հաց հասցունել իրենց թագստոցներուն մէջ խռնուած այդ թշուառներուն։
-«Սա բակին մէջ հայերուն հաց բաժնուած ատեն, շատեր ոտքի տակ գացին, կոխկռտուեցան, ճղմուեցան, նոյն իսկ մէկ քանի հոգի ալ մեռան» կը ձայնեն ինձ ընկերացողներ դառնագին շեշտով մը։ Յետոյ մէկ կողմ բարձրացած շէնք մը ցոյց տալով՝ կը շարունակեն.
-«Վերջը սկսան հացեր վար նետել ժողովուրդին։ Կ՚երեւի թէ անօթիներուն կատաղօրէն հացին վրայ նետուելու տեսարանը շատ զբօսցուցած ըլլալու էր բարեխիղճ Գերմանները, քանի որ այդ բանը քանիցս կրկնուեցաւ հացի պզտիկ կտորներով, պարզապէս ժողովուրդին այդ անձկագին խոյացումը դիտելու, եւ ուրիշ անգամ մըն ալ՝ պատուհանէն վարինները լուսանկարելու համար…»։
Աստուած իմ, ինչպէ՜ս հաւատալ այդ աստիճան անխիղճ հաճոյքի մը իրականութեան։ Ինչպէ՜ս սիրտ ըրած էին քաղաքակիրթ ազգի մը այդ մարդասէր ներկայացուցիչները տարօրինապէս վայրագ այդ բանին։ Խաղալ աներեւակայելի կերպով կեղեքուած, հարստահարուած եւ նօթութենէ նքողած ժողովուրդի մը թշուառութեանը հետ, անոր՝ պատառ մը հացի համար ի յայտ բերած կռիւին աղեխարշ տեսարանովը զբօսնուիլ եւ քաղցելաբար ճաշակողներու նկարն առնուլ։ Եւ այս՝ քրիստոնեայ, լուսամիտ, զարգացեալ ազգի մը զաւակներուն կողմէ։ Հացի այդ բեկորները մէյմէկ թունալից ապտակներ էին՝ իջեցուցած հայոց արդէն տառապած դէմքերուն, մէյմէկ քարեր՝ արձակուած անոնց գլուխներուն, մարդկային արժանապատուութիւննին հարուածող, անսուազ հիքութիւննին բրտօրէն աքացող. մինչ, փոխադարձօրէն, անոնց շնորհակալութեան աղաղակը- լսեցի՞ք դուք, ո՜վ Գերմաններ, - կը դառնար կ՚ըլլար դժոխային այդ րոպէին՝ վայնասուն մը, հայհո՛ւչ մը՝ շեշտակի ձեր երեսին պօռացուած…։
Եւ յետոյ, արդեօք ինչո՞վ էր արժանի հայ ժողովուրդը ձեր այդ ապտակներուն, ձեր քարերուն եւ ար համարհանքին, ո՜վ բարեխիղճ Գերմաններ։ Տուներնուդ առաջքը, ձեր հացին շերտերը շուներու պէս իրարմէ խլողներէն շատեր ի վիճակի էին ձեզի պէս գթասիրտներ օրերով՝, ամիսներո՜վ կերակրելու. բայց ափսո՜ս որ ճակատագիրը զիրենք հայ էր ծնած, եւ իբրեւ հա՛յ էին որ կը տառապէին հիմայ ձեր քով։ Խրկեցէք այլ եւս ո՛ւր որ կ՚ուզէք՝ քաշած զանազան պատկերներնիդ. թող հանդէսներ հրատարակեն զանոնք, թղթատող չփոյթին՝ փոփոխական ժամանց մը առթելու համար. թող ամէն եւրոպացի հրճուի՝ սովալլուկ գալերու այդ դռոյթը դիտելով. ու գտնուի գուցէ մի ոմն կարեկցող անձ որ կակազէ, որ խոստովանի՛ վերջապէս.
-«Ասո՛նք ալ մարդեր են մեզի պէս…»։
*
Մութը սկսած է իջնել. ստուերները կը տարածուին չորս դին, փլատակներու աշխարհը պատանքելով յուշիկ։ Եւ մինչ կը հեռանանք այս վայրերէն, նայուածքս անգա՛մ մըն ալ կ՚ուղղուի ակամայ դէպ ի ճակատը Գերմաններու գործարանին՝ ուրկէ հացին հետ նախատի՛նք էր տեղացած աղէտակոծ ազգակիցներուս գլխուն։ Եւ անհնար կ՚ըլլայ ինձ այդ վայրկեանին պժգանքիս ու ատելութեանս համաչափ մտածում մը ձեւակերպել միտքիս շփոթութեանը մէջ, ցորչափ ծանրութիւնը կ՚զգամ ցաւի մը բեռին՝ սիրտիս վրայ զետեղուած։
ԿԻՐԱԿԷՄՈՒՏ
[խմբագրել]Իբրեւ թէ բաւական չըլլար քաղաքին աւերածութենէն եւ հայերուն խեղճութենէն զգացած ցաւս, ահա բնութիւնն ալ կուգայ տխրութիւնս կրկնապատկել։ Ժամանումիս վաղորդայնէն ի վեր անձրեւ մը կը տեղայ անընդհատ, եւ երկինք իր անայլայլ մռայլութեանը մէջ՝ աւելի քան երեք կը ճնշէ ա՛րդէն ճնշուած սիրտերու վրայ։
Նեղ փողոցէ մը անցքիս, դուռի մը բացուածքէն, հազալու ձայն մը գլուխս այն կողմ կը դարձունէ։ Չուլի կտորի մը վրայ ծերունի մըն է նստողը- խոռոչի պէս մութ տեղ մը- որ, դէմքը գօսացած ձեռքերուն մէջ առած՝ կը հազայ, խղդիկ խղդիկ գալով։
Անա՛նկ արգահատելի բան մը կայ իր կերպարանքին վրայ որ սիրտ կը սեղմէ։ Գլուխն է անցուցեր սեւ գտակ մը՝ աղտոտ ու պատռտած, եւ հագեր կանացի լօդիկ մը նռնագոյն ասուէի՝ իր երբեմն նորութիւնն ողբացող։ Ապահովաբար հագցուցեր են իրեն քան թէ ի՛նք է հագեր այդ լօդիկը, - սնտուկներով ղրկուած զգեստեղէնի խառնաշփոթ բաշխումի ատեն, - բարեկենդանային ծիծաղելի երեւոյթ մը կարծես տալու համար անոր ալեւոյթին։ Զինքը խելագար վը պիտի նկատէի աներկբայ, եթէ չխորհէի որ Զուլումի երկրին մէջ կը գտնուէի։ Ցաւալին այն էր որ հեգնանք մը չպիտի ըլլար մտածելը թէ այդ մարդուկը թերեւս ինքզինքը գոհ ալ սեպէր՝ իր զաղփաղփուն մարմինը պատսպարած ըլլալուն որ եւ իցէ հագուստով, նաեւ խորձունձի ծուէն մը ունենալուն՝ ծնգուըներուն տակ, իբրեւ անկողին։
- «Բարեկեցիկ մարդ մըն էր ասիկա Դէպքէն առաջ. շատեր ամէն օր կը կերակրուէին իր սեղանէն» կ՚ըսեն ինծի՝ զինքը ճանչցողներ. «հիմակ այսպէս ամէն բան կորսնցուցած՝ պատառ մը հացի կարօտը կը քաշէ»։
- «Էհ, ի՞նչ ընենք, - կ՚սկսի խօսիլ ծերունին, հազէն հազիւ շունչ առած, երբ կը տեսնէ թէ մի քիչ կանգ ենք առեր իր առջեւ, -ի՞նչ ընենք, մեծ է Աստուծոյ զօրութիւնը. մենք ալ ատենին քիչ շատ մարդ էինք, հիմակ մարդ չենք, հիմակ մարդ չենք, պէլլի է հալերնիս. մի՛ նայիք մեզի, հիմակ մարդ չե՜նք ալ…»։
Հէ՜ք ալեւոր, իր մրգուզ գոյութեան ողբերգը կը հիւսէր անիկա հեգնոտ բառերով։ Այս մարդը ճանչցած մարդկային ունայնամտութիւնը, կեանքի իր փորձառութեամբը խորը թափանցած մարդկային ընկերութեան նուաստ ըմբռնումին՝ որ գութը կամա՛ւ կ՚ուրանայ, ամէն բանէ վեր դասելով միայն անձնական շահեր. այս մարդը, կ՚ըսեմ, որ նիւթապէս եւ ֆիզիքապէս քայքայուած էր աղէտքէն, պարզապէս ըսել կ՚ուզէր մեզի.
- «Մենք մարդ չենք ձեզի համար, քանի որ աղքատ ենք… … …»։
Հազը սկսած է վերստին, խորունկ, չոր հազ մը որ իր կուրծքը կը սարսէ եւ որուն աղմուկով բնակարանը կ՚արձագանգուի ոռնաձայն։
Կը մեկնիմ. աւելի կը փախչի՛մ քան թէ կը մեկնիմ այս որջէն, մարդուն խռչափողին հեղձամղձուկ խժլտուքէն հալածական։ Օրը տարաժամած է արդէն։ Անձրեւը կը տեղայ տակաւին. արցունքներու պէս մեղմակաթ։
Եւ մինչ խարխլած սանդուխներէ վեր կը բարձրանամ՝ իմ խուցս առանձնանալու համար, մերձակայ սենեակէն խունկի հոտ մը կը ծաւալի. թաց ռունգերս փայփայելով առժամայն։
Երբեք, օ՜հ, երբե՜ք պիտի չկրնամ բացատրել թէ ի՞նչ զգացի ես այդ պահուն, վասն զի խունկը շաբաթ իրիկուններուն անրջանքն է որուն անձնատուր կ՚ըլլայ բարեպաշտ հայը՝ մեռելներ, անհետացող սիրուած դէմքե՜ր ոգեկոշելու համար։ Խունկը քերթուա՛ծն է անխօս՝ զոր կրակարանը կ՚ոգէ, սենեակին անկիւնէն, ուղղակի գերեզմանի բնակիչներուն։
Խունկի բուրումը, հոս, Կիլիկիոյ ծոցը, խունկի բուրումը՝ մարտիրոսներու, մանուկ ու ծեր, կին ու աղջիկ նահատակներու այս գերազանց քաղաքին մէջ. խունկի բուրումը, յարկերու տակ, անթիւ անհամար ննջեցեալներու հոգուն համար…։
Թող միա՜յն այդ խունկերը վերջալոյսի շողերուն մէջ՝ իրենց ծուխերուն երազածուփ գարգմանակները ճօճելով,. թող մխան անոնք կիրամուտք, իրիկուընով. ու մենք անոնց կապտոլոր յորձանքներուն մէջ թաղուած՝ այսպէս առիթն ունենանք անրջագին ընդնշմարելու մենք անդարձ մեկնողներուն գլուխները պաշտելի։
Որչա՜փ հաշտուած կ՚զգայ մարդ այս պահուս մահուան գաղափարին հետ. աղօթքն ինքնին կու գայ շուրթերու վրայ։
ԱՅՐԻՆԵՐ ԵՒ ՈՐԲԵՐ
[խմբագրել]22 Հոկտ.
Տեսեր էի զինքը շոգենաւին մէջ, դուրսը՝ բաց օդին, գիշերուան խոնաւին ու ցորեկուան արեւին դէմ, հայ ծերունի կնոջ մաքուր դէմք մը։
- Ո՞ւր կ՚երթաս, մայրիկ։
- Ռոտոսթոյէն եմ եկեր, Ատանա կ՚երթամ, քսանեւերկու տարու ճահիլ զաւակս փնտռելու։ Տարի մը կ՚ընէ, միւֆէթթիշի պաշտօնով հոն էր. դէպքէն ի վեր է որ լուր չունիմ։
Հեծկլտանքի մը մէջ իր վերջն բառերը խեղդուած են, եւ անփայլ, մարած աչքերէն կը թափթփին գոգն ի վար արցունքի խոշոր կաթիլներ։ Փնտռել կ՚երթար իր զաւակը… գերեզմանը գուցէ. բայց վստա՞հ էր զայն գտնելուն։ Ազնիւ պառաւը սակայն հակառակ իր վշտահար վիճակին՝ յամառօրէն կ՚ուզէր կառչած մնալ իր տղուն ապրած ըլլալու գաղափարին։
- Սիրտդ վեր մի հաներ, մայրիկ թերեւս կը գտնես, ի՞նչ գիտես։
*
Զարհուրանքի պատկերներով ու դժնէ մղձաւանջներով երեւակայութիւննիս առլի. ցաւի մխացող այս պատկերն ալ աչքերնուս տակ, այսպէս էր որ հասեր էինք Մէրսին, հոնկէ ալ Ատանա որուն ժողովուրդին խոցերովը խոցոտուած ու գալարումներովը գալարուած էինք արդէն ամիսներէ ի վեր։
Կը յիշեմ դեռ այն խռովքս երբ ծովերուն բացէն Մէրսինի նաւահանգիստը նշմարեր էի. սիրտի ուժգին զարկ մը ունեցեր էի՝ որուն հարուածներուն տոկալու համար գերագոյն դդիմադրութիւն մը պէտք էր։ Կը յիշեմվ դեռ այն խռովքս։ Հոն, այդ եզերքներէն չէ՞ր որ ջարդէ ահաբեկ Հայութիւն մը ուզած էր ապաստանիլ շոգենաւային օտար դրօշներու տակ։ Ի՜նչ օրեր, ի՜նչ ժամեր։ Հոն չէին միթէ հուրէ եւ սուրէ հրաշքով փախած, սար ու ձոր տապլտկած այրիներ ու որբեր՝ որոնք ինքզինքնին հազիւ կրցած էին նետել ՄԷրսին, բոպիկ, կիսամերկ, փոշիներու մէջ թաթխուած, սարսափէ ընդլայնուած բիրերով, իւրաքանչիւրն ահռելի անօրէնութիւններու. կրուած անլուր տառապանքներու իր ուրոյն պատմութիւններով ու ցաւերով։
Առաջին անգամ երբ գացեր տեսեր էի զիրենք որբանոցին մէջ՝ երգ մը երգելու վրայ էին, գաւառիկ խանդոտ երգ մը՝ զոր իրենց ուսուցած էր Չօք Մարզուանցի փախստական ուսուցիչ մը՝ Պ. Ատիլպէր։ Այդ երգը դոյզն ոգեւորութիւն մը դրած էր իրենց որբուկի չարաբաստ դէմքերուն վրայ, եւ այդ իսկ պատճառաւ չէինք նշմարած վարանքի արտայայտութիւնն ու յաւիտենապէս մարած օճախներու դատարկութիւնը՝ զորս ունէին իրենց նայուածքները։ Երեք հարիւրի մօտ երկսեռ որբեր էին որ դիզուեր էին հոդ. մաշած վրայ-գլուխով, շատեր բոկոտն, անվարտի, անհունապէ՜ս խեղճուկրակ կերպարանքներով։ Ատոնք, այո՛, որբեր էին, եւ որբէ՛ աւելի բան մը. ատոնք Հայո՜ւ որբեր էին։
Վայրկեանը շատ դառն էր. գերմարդկային ճիգ մը պէտք էր՝ ետ մղելու համար արցունքներ՝ աչքերու մէջ լճացած, ի տես այս որբացեալ մանկութեան։ Հոն էր Սարգիսն՝ երկուքուկէս տարու տղեկ՝ քանի մը տեղէ վիրաւոր, որ լալագին կառչած մնացած էր իր մօր անչնչացած դիակին՝ երբ գտեր էին զինքը։ Վէրքերն անցած էին ալ. աղէկ էր, ոտքի վրայ. բայց ո՛չ ոք տեսած էր դեռ անոր խնդալը։ Հոն էր Արաքսին, փոքրիկ աղջիկ մը վիրաւոր՝ որ նոյնպէս առողջացած կը պտըտէր։
Այսօր Կիլիկիոյ քաղաքներուն, գիւղերուն եւ աւաններուն հարազատ զաւակներն ունէինք մեր դիմաց, անոք, անօգնական, բոլորն ալ անբարբառ, սրտաճմլիկ, բոլորն ալ թշուառութեան աւազանին մէջ մկրտուած, բոլորին ալ ժպիտը դէմքերնուն վրայ մեռած։ Ի՞նչ պիտի ընէինք Ողջակէզ Հայութեան մը այս թանկագին մնացորդները։ Դիւցազնական ջանքեր եղած էին թէեւ՝ զանոնք պահպանելու, խնամելու եւ կերակրելու համար, բայց ապրելու պահանջներն այնքան բազմաթիւ ու բազմադիմի էին, եւ խմբովին խռնուած մանկութիւն մը մեծցունելու մէջ առողջապահական նկատումներն ա՛յնքան հարկեցուցիչ որ չէր բաւեր զանոնք կերակրել, քով քովի նստեցունել եւ քով քովի ննջել տալ։ Մէրսինի եկեղեցւոյն խոնաւ շրջափակին մէջ շինուելու վրայ եղող քարուկիր միայարկ շէնքը պիտի կրնա՞ր լրացունել քիչ շատ ամէն պահանջ ու նկատում։ Դաշտի, այգիի, «սարի զաւակ»ներ էին, ազատ մեծցած հայորդիներ էին անոնք, հիմայ անշուք շրջափակի մը մէջ ակնահոյլ, ան ալ՝ Մէրսինի պէս վատառողջ կլիմայ ունեցող տեղ մը։
Սրահի մը մէջ, նստարաններու վրայ շարուած էին խիտ առ խիտ։ Պէտք էր սեղմ նստիլ. տեղը նեղ էր։ Կը նայէի՜ն իրարու երես, կը նայէին, երբեմն ալ բաներ մը խօսելով։
- «Բան մը չեն ուսնիր այս տղաքը» հարցուցի։
- Ո՛չ, որովհետեեւ ո՛չ գիրք ունին, ո՛չ գրիչ, ո՛չ մելան եւ ոչ ալ թուղթ. թէեւ շատ ալ փափաք ունին կարդալու։ Միացեալը խոստացած է անոնց գրենական պիտոյքը հայթայթել եւ ստանձնել կրթական հոգը. բայց դեռ լուր մը չկայ։
Կեանքիս մէջ, թերեւս առաջին անգամն ըլլալով հզօրապէս զգացի թէ ի՜նչ մեծ բարիք մը եղեր հացին հետ տալ նաեւ տղոց ձեռքը գիրք. թուղթ. գրիչ ու մելան, երբ մանաւանդ այդ տղաք որբե՜ր ալ են։
Ատանա չգացած, Մէրսին, ճամբուս վրայ կը հանդիպէի նորէն Ռոտոսթոցի կնոջ։ Եազման աւելի յօնքերուն իջած էր, ու դէմքը, հալած, սպառած այդ դէմքը մեղրամոմի դժգնութիւն մը ունէր։ Վարանեցայ հետը խօսելու, քան զի իմացած էի ամէն բան։ Ինքն էր որ մօտեցաւ ինձ, շոգեկառքին ժամերը հարցուց։ Հանդարտ էր դէմքը. մեր նայուածքներն իրարու հանդիպեցան. հասկցած էինք զիրար։
- «Ա՜խ, Ստեփան լմնցեր է, լցմներ… իմացայ ամէն բան… գնտակը բերնին է կերեր…» կ՚ըսէր ու կըւ մնար կիսով իմն նուաղուն։
- «Եթէ կ՚ուզես, մայրիկ, դուն այս տեղէն ետ դարձիր, ի՞նչ պիտի ընես Ատանա գաս» ձայնեցի իրեն, պարզապէս բան մը ըսած ըլլալու համար։
- «Չէ, չէ, - կը կրկնէր ան, - պիտի գամ, տղուս գերեզմանը գտնեմ՝ օրհնե՛լ պիտի տամ…. »։
Ի՜նչ սեւ բախտ։ Որդեկորոյս մայրն իր կորուստին ահաւորութիւնը մէկ կողմ դրած՝ իր մխիթարութիւնը կ՚որոնէր զաւկին գերեզմանը գտնելով օրհնել տալուն մէջ։ Անոր հողակոյտին կը տանէր իր բովանդակ սէրը, գուրգուրանքն ու արցունքները։ Պիտի գտնէ՞ր միթէ զայն։ Գերեզման, ամբողջ Կիլիկիան էր գերեզման. ամբողջ դաշտերն էին ոռոգուած հայու արիւնով, պէտք էր օրհնել տալ այդ հողերն ամբողջ, Սիհունն ամբողջ՝ ուր, ո՛վ գիտէ, շատերուն հետ նետուած էր նաեւ իր զաւկին դիակը։
Ատանա, մեռելաքաղա՜ք արդարեւ։ Սիրտ բզքտող կսկիծը թոյլ չտար որ մարդ կարենայ աչքովը չափել կարենայ դիտել աւերակաց ու փլատակաց անծայրածիր շեղջակոյտն որ կը պարզուի դէմը։ Ամէն ինչ կործանած ու քանդուած է հոս, ամէն ինչ. Հայոց փառապանծ դպրոցները, Հայոց շուկաները, Հայոց բոլո՜ր սիրտերը։ Գիտէինք թէ գեհենական ի՜նչ հուր, գազանային ի՜նչ ճիրաններ եկեր՝ խելայեղօրէն գիշատեր ու լափեր էին այդ ամէնը։ Վիշտը կը խեղդէ կոկորդնիս, եւ աչքերնիս պղտոր կը տեսնեն։
Երթանք սակայն որբերուն, փճացած բնակչութեան մը վերապրող այդ մնացորդներուն, - ուրիշներ ըսէին թերւս՝ «ապագայի այդ յոյսերուն»։
Հարիւր մօտ հազիւ կան ասոնք, որոնք առ ի չգոյէ յարմար շէնքի մը՝ կը գտնուին տան մը մէջ որուն ախոռն ապաստանած քառասունեւհինգ հայեր- աղէտին օրը- ձեռք անցուած են եւ տախտակի մը վրայ դրուելով՝ մորթուած են մէկիկ մէկիկ…։ Այսօր տեսայ այդ տախտակը։
Վերը՝ տղաքը կ՚զբօսնուն իրենց խաղերով։ Նոյն Որբութիւնն է հոս ալ, մեծ մասամբ րոպիկ ոտքով, վրայ-գլուխ չկայ, թուղթ-կրիչ չկայ։ Բայց տարօրինակ է հաստատել. այս որբանոցը հակառակ Մէրսինի որբանոցէն նուազ կազմակերպութիւն ուեննալուն, հակառակ խնամող ձեռքերու ոչ առատութեան, աւելի կայտառ ու գունեղ կ՚երեւին իր որբերը՝ քան ՄԷրսինները։ Եւ այս՝ պարզապէս վերագրելի է եղեր Ատանայի օդին գեղեցկութեան։
Տրուած ըլլալով նիւթական նեղ պայմանները, գոհացուցիչ կամ կէս վխիթարական այլեւս ոչի՛նչ կայ ուրեմն. սակայն եւ այնպէս ցաւալի է խորհիլ թէ շատ բազմաթիւ են այրիացեալ կիներ՝ որոնք զաւակներնին այս որբանոցը դնելու համար բիւր աղաչանք ու պաղատանք ունին բերներնուն մէջ։
*
Ախոռի նման տեղերէ, մութ ու խոնաւ ծակերէ, պատերու ծերպերէ մարդկային կերպարաններ կ՚անջատուին. աւերակաց աշխարհին բուերն ըլլային կարծես, Ատանայի արկածեալ Հայութիւնն է այս. մօր քոյրերն ու եղբայրներն են ասոնք, մարդե՛ր են ասոնք։
Բացաստաններու մէջ կանգնուած վրանները վերցած են, եւ վերին հրամանի մը համաձայն, վշտակիր հայեր քաղաք եկած ու բնակարանի չգոյութենէն՝ մէյմէկ անկիւն խօթուած են։ Ու դեռ երանի՜ անոր որ կրցած է անկիւն մը գտնել իբր պատսպարան. քիչւոր չեն անոնք որ տակաւին փողոցներն են, մայթերու վրայ թափառկոտ, սպասելով եւ յուսալով խոռոչի մը տիրացման։ Միջազգայինը կրցած է հինգ հարիւրի չափ կիսաւեր տուներ նորոգել տալ. բայց բնակարանի ահագին խնդրանքին առջեւ բոլորովին անբաւական են անոնք։ Կառավարութիւնը պիտի շինէ իր երկար ատենէ ի վեր խոստացած շէնքերը. բայց ե՞րբ։ «Պիտի»ն եկած հասած ձմրան համար ո՛չ մէկ իրական օգուտ ունի, եւ այս տնանկ հայերն ամէն բանէ վեր. ամէն բանէ առաջ .......
Կը պաշարեն զքեզ, վիզերնին ծուռ։
- «Ա՜խ, կը գոչեն ամէնքն ալ, ա՜խ, ողջ ըլլայ, ազգերնիս հասաւ մեզի, թուր ու թըֆանք կերանք, քիչ բան չքաշեցինք, ազգերնիս հասաւ մեզի. շատ շնորհակալ ենք. բայց ի՞նչ ընենք, ձմեռ կու գայ՝ հագուստ չունինք, ղուրպան ըլլամ, ուտելիք չունինք, մենք ասանկ ըլլալո՞ւ էինք…»։
Ու լալէ յոգնած աչքեր դեռ կը գտնեն տա՜ք արցունքներ՝ վիշտերէ ակօսուած այտերէ վար գլորելու համար։ Ու դառնագոյն բան է խորհիլը թէ Ատանացին. առատութեան այս երկրին բնակիչը հիմայ չքաւոր՝ ձեռքն ի մո՜յր կը կարկառէ հանուր Հայութեան, հանուր աշխարհի, ինք որ աղքա՜տ մը չունէր ծոցին մէջ։
Ձմեռն ահա եկած հասած է գրեթէ, երկինք կարծես մեր գլխուն պիտի փլչի. փայլակները կը շողան. ահագնադղորդ կը գոռան ամպերը, տեղատարափ մըն է որ կը տեղայ երեք օրէ ի վեր, ամէն կողմ հեղեղ, շուկաներն ողողուած են ջուրերով։ Անձրեւ մի՛շտ անձրեւ չգիտցուիր թէ ե՞րբ պիտի դադրի երկինքի բարկութիւնը։
Ատանացին պէտք է ասո՛ր ալ տոկայ, իր գոյութեան ապահովումին համար ասոր դէ՛մ ալ մաքառի։
Անխնայ կը տեղայ անձրեւը։ Սիրտեր կոտրած են, գրպաններ դատարկ, ոտքեր բոպիկ։ Ամէն դի, ամէն գլխու վերեւ կը ծածանի անսուաղութեան, հիւծախտի ու բոլոր դժնդակ հիւանդութեանց ուրուանկարն ահաւոր։
Բաղդատմամբ աղէտին մեծութեան՝ պէտք էր մեծ ըլլար նաեւ ձեռնատուութիւնը։ Ո՜հ, օգնութեան հասէք, Հայեր, հասէ՛ք այս ժողովուրդին, գէթ ա՛յս ձմեռ։ Աշխատասէր է ինք, գործունեայ, վաղվաղկոտ, ուշ կամ կանուխ պիտի կրնայ իր հացը ճարել. բայց այս ձմեռ թող մի՛ տաք որ մեռնի անիկա ցուրտէն ու քաղցէն։
Ահա դէմս, ծածքի մը տակ, պզտիկներ հաւաքուած են կաշեայ ծակ գնտակ մը անոնց բոլորին հեշտանքը կազմած է։ Յանկարծ անոնցմէ մին, հինգ-վեց տարու տղեկ մը։
- «Ո՜ւֆ, կը մսիմ կոր…» ըսելով կ՚անջատուի ընկերներէն, ճլըմբ ճլըմբ թացութիւններու մէջ կոխոտելով կը մտնէ փլփլկած դուռնէ մը ներս։ Ինչ պիտի զգայ անոր մայրիկին այդ վայրկենին, երբ ի զո՜ւր պիտի փնտռէ իր շուրջը գուլպայ մը կամ կօշիկ մը՝ անոր ոտքն անցունելու, կամ վերարկու մը՝ վրան տալու։
Անհանդուրժելի՜ կացութիւն, յիմարեցուցի՜չ թշուառութիւն։ Կ՚երեւի թէ մարդ կայ ըլլալու է եղեր աշխարհի վրայ ա՛յսքան չարարանք կրելու, ա՛յսքան տառապելու, ա՛յսքան խոշտանգուելու, ա՛յսքան չարքաշ ապրելու, եւ պարտաւորուա՜ծ ըլլալու՝ տոկալու այս ամէնուն։
*
Երեկոյեան ստուերները հետզհետէ կը թանձրանան։ Անձրեւը կը տեղայ դեռ կատաղօրէն։ առաջնորդարանն ենք։ Ստուեր ու մեռելութիւն շուրջերնիս։ Քաղաքն իր աւերակներով՝ ահագին դամբարան մըն է մեր դէմ։ Եկեղեցին գոց է եւ լուռ։ Դուրսը՝ բակին մէջ, ջարդի առաջին օրերուն, առաջին նահատակներ իրենց յաւիտենական քունը կը նիրհեն։ Անձայն անշշուկ է առաջնորդարանն ալ։ Ո՛չ ոք, բաց ի մենէ։ Անձրեւն աւելի յիմարական թափով մը կ՚իջնէ եւ պատուհանի մը փտած շրջանակէն ջուրը կ՚սկսի ներս կաթիլ։
Դատարկութիւն հոգիներու մէջ. լքում, սգու՜մ ամէն կողմ։ Չկայ մխիթարող ձայն մը, առաջնորդող. վարիչ ձեռք մը, կարեկից մէկը, լուսամիտ ու սրտոտ անձ մը որուն շունչով առ վայր մի տաքնան ցրտացած սիրտեր, որուն խոհրուրդով վարուին մոլորուն հոգիներ, որուն կորովին ու կարողութեան շնորհիւ սփոփուին զրկեալներ եւ անիրաւեալներ։
Շուարուն, անճրկած ժողովուրդ մը մնացած է հոս, անհովիւ, անառաջնորդ։ Իմաստուն, լեզուագէտ ու բարեգութ առաջնորդ մը նուազ բարիք մը չէ՛ որ պիտի ըլլայ անոր։
… Փողոցն ենք. ժամկոչը դանդաղ ճռնչիւնով մը գոցած է եկեղեցւոյն դուռը, ու նիգը դրած մեր ետեեւէն։ Կատարեալ դամբարան մը հիմայ եկեղեցին ալ, առաջնորդարանն ալ։ Մութ է դուրսը, բոլորովին մութ։ Աւերի այս քաղաքին յատուկ սոսկումը կը տիրապետէ մեր վրայ։ Ու խաւարին մէջ, շուրջի կեանքին անհաղորդ այս վայրկեանին, գաղափարներու յորդ խտացումով մը, աւելի յստակ կը պատկերանայ երեւակայութեանս առջեւ Ատանայի հայութեան թշուառութիւնը դժպհի։ Բուռն կարեկցութիւն մը կր դղրդէ հոգիս. կ՚ուզեմ այս պահուս ըլլալ աղաղակ մը, ուժգին եւ անհուն պաղատանք մը՝ երթալ հասնելու համար բոլոր անկիւններն աշխարհի, ամէն ո՛ւր որ հայ կայ, ամէն ո՛ւր մարդ կայ, ըսելու համար անոնց։
-«Հայրե՜ր ու մայրեր, քոյրե՜ր ու եղբայրներ, եւ դուն, ո՜վ Որբախնամ Հայութիւն, գրկեցէ՛ք ձեր ծոցին վրայ սեղմեցէք որբուկի այս գլուխներն անմեղ ողջագուրեցէ՛ք զանոնք, ձեր կուրծքին վրայ տաքցուցէք Կիլիկեան արհաւիրքէն ճողոպրած մնացորդներն այս թանկագին, առէ՛ք, քովերնի՛դ կանչեցէք զանոնք, ու տուէ՛ք եղբայրութեան եւ օգնութեան ձեռք մը այն ժողովուրդին որ ահա եզրն է հասեր կարօտութեան ու կորուստի…»։
ՍՓՈՓԱՐԱՐ ԵՐԵՒՈՅԹ
[խմբագրել]27 Հոկտ.
Այսօր, առաջնորդարանին մէջ, կը հանդիպիմ Փափազեան Լեւոնի՝ որ եկած է հոս, արկածեալ հայերու ապահովագրական խնդիրներուն համար։ Անձնուէր, ուսումնասէր երիտասարդ մըն է. «Ազգանուէր»ին բանալիք վարժարանովը շատ կը հետաքրքրուի եւ ինքնաբերաբար պատրաստակամութիւն կը յայտնէ մեր ձեռնարկին մղում տալու։
- Մենք նախ եւ առաջ պէտք ունինք. կը յարեմ, տեղացի ազնիւ եւ գործունեայ անձի մը որ հաճի անձնուիրաբար ստանձնել Ընկերութեանս ներկայացուցիչի պաշտօնը, դպրոցին գործերը ձեռնահասօրէն վարել. սանկ վստահելի մարդ մը վերջապէս։ Միայն թէ տեղացիք անծանօթ ըլալլով ինծի, դժուար պիտի ըլլայ ընտրութիւնն ընել։
Խօսակիցս առանց երկար բարակ մտածելու կը պատասխանէ։
- Մէկ անձ մը կայ որուն ուղղամտութեան ու կարողոթեան մօտէն ծանօթ ըլլալով՝ յարմար կը տեսնեմ զինք այդ պաշտօնին. Քէշիշեան Միհրանը։ Բայց խնդիրը զինքը համոզելն է, որովհետեւ իր գործերով շատ զբաղած է։
Տեղացիներ որոնց կը խօսիմ Քէշիշեանի մասին՝ համարումով ու համակրանքով կը վերաբերուին։ Այս կրկնակ վկայութիւններով սրտապնդուած՝ անոր կը դիմենք եւ կ՚աջողինք ընդունիլ տալու այդ պաշտօնը։ Եւ ասիկա պզտիկ յաջողութիւն մը չէր մեզ համար՝ մեր նախաքայլին ատեն։
Իր թանկագին աջակցութեամբ կ՚սկսինք դպրոցին անմիջապէս պէտքերուն յանձանձումին. պաշտօնէից ընտրութիւն. - վարիչ վարժուհիէն մինչեեւ տնտեսուհին, - ամսականներու սակարկում, դպրոցական յարկի կահաւորման պիտոյք ՝ իրենց սարօքը։
Կիրակի առաւօտ եկեղեցին եղած ծանուցման մը վրայ, ծնողներ իրենց աղջիկներուն ձեռքէն բռնած՝ կը դիմեն խմբովին՝ զանոնք աշակերտուհի արձանագրել տալու համար։ Չնայինք խեղճերուն վրայ-գլուխին՝ որ գրեթէ չկայ, չնայինք անոնց գուլպայէ զուրկ ոտքերուն, այլ նայինք, եւ սխրանքո՜վ նայինք այն անուշ փափաքին՝ զոր ուսման համար ունին այս դժբախտ օրիորդներն իրենց ցաւոտ կուրծքերուն տակ, նայինք այն եռանդին՝ զոր տակաւին կը կրեն այրիացեալ մայրերնին իրենց սիրտին մէջ, զաւակներնին մօտ ատենէն կրթուած եւ հայախօս տեսնելու համար։
Դիմում, անվերջ դիմում, ի՞նչպէս գոհացում տալ ամէն խնդրանքի եւ ո՞ւր սեղմեցունել այսչափ աղջիկ։ Վարժարանին շէնքը- ժամին բակին վրայ նայող շնորհքով բնակարան մը՝ հայու սեփականութիւն՝ զոր Կառավարութիւնը տարեկան վաթսուն ոսկիի վճարումով վարձած ու տրամադրած է մեր Ընկերութեան, - հազիւ կրնայ 200-210 աշակերտուի պարունակել։ Սակայն ո՞վ նկատի կ՚առնէ այս պարագան, կու գան կը լեցուին հայրեր ու մայրեր իրենց աղջիկներուն հետ. կ՚աղաչեն կը թախանձեն, Դպրոցին փրկագործող դերին գիտակցութեամբը զօրացած։ Եւ ո՞վ պիտի ուզէր միթէ մերժել հայու այդ թրքախօս զաւակները …։
Ուսման ու դաստիարակութեան հանդէպ ծնողաց ցոյց տուած այս փութկոտութիւնը միա՛կ սփոփարար երեւոյթն է զոր երբեք ողջունած ըլլամ Ատանա գալէս ի վեր։
ԴԷՊ Ի ՊԱՇՏՕՆԱՏՈՒՆ
[խմբագրել]28 Հոկտ.
Տեղւոյս առաջնորդական փոխանորդ Տ. Արսէն Հօր հետ կ՚երթանք այսօր Վալի ին ներկայանալ, խնդրելու համար որ մեր վարժարանին պէտք եղած գրասեղաններու դրամը հոգայ։ Ոչ ապաքէն խուժանին ձեռքովն էին այրած՝ դպրոց, գրասեղան, ամէն բան։
Քաղաքին անաւեր մնացած մասէն՝ թրքաց թաղէն է որ կ՚առաջանանք դէպ ի կառավարական պաշտօնատուն։
Ըստ յուն. դիցաբանութեան. երկնի եւ երկրի որդի՝ Ատանայի եւ Սարոս (Սիհուն)ի[2] հիմնած այս քաղաքը. փռուած արգաւանդ լայն դաշտի մը մէջ՝ Սիհունի ափանցը վրայ, - ոչինչ ունի գրաւիչ ու սիրուն։ Բաց ի մէկ երկու պողոտաներէ, մեծ մասամբ նեղ ու մութ փողոցներ են ուրկէ կ՚անցնինք։ Շէնքերը՝ քարուկիր ու երկյարկ՝ զուրկ են կողմնակի պատուհաններէ, իրենց յառաջամասերն ալ գոցուած ամրակուռ պատնէշներով, երբեմնի արաբական, բիւզանդական եւ եգիպտական աշաւանքներու եւ յարձակումներու երկիւղէն կարծես հալածական։ Ատանա միջնադարեան այս դրոշմով խիստ տխուր երեւոյթ մը ունի։ Իր հնագոյն յիշատակարանը կրնայ սեպուիլ Սիհունի վրայ ձգուած հոյակապ կամուրրջ 22 կամարով եւ 200 կանգուն երկայնութեամբ։
Ճամբան Տէր Հայրը ցոյց կու տայ ինձ պատմական նշանակութիւն ունեցող շէնք մը, Ուլու Ճամին որ ատենօք յունական եկեղեցի մըն է եղեր, յետոյ մզկիթի վերածուեր՝ համբաւաւոր Րամազան Օղլուի ձեռքով։ Հիանալի են մինարէն ու դուռը, զարդարուած ութանկիւն խայտախարիւ քարերով։
Փողոցներու շրջանն ընելէ վերջ՝ կը հասնինք պաշտօնատուն։ Մեծ, լայնանիստ շէնք մը՝ գետին եզերքի բացաստանին վրայ կառուցուած. բազմութիւն մը բակին մէջ, դուրսը, ներսը, սանդուխներուն վրայ։ Ամէնքն ալ խնդրանք մը ունին ընելիք անվրէպ, առաջակ մը, կարգադրելիք գործ մը։
Բոլորովին անվարժ՝ կառավարական սեմերէ ներս մտնելու, սանդուխներէն վեր կը բարձրանամ պտադող, ու Տէր Հօր քովն ի վեր՝ կը ներկայանամ կուսակալին։ Պարզ ու կտրուկ է մեր առաջարկը՝ զոր ընդունել կու տանք. պայմանաւ որ դպրոցներու համար ապագային հատուցուելիք դրամէն- եթէ երբեք տրուի- զեղչուի հիմակուան վճարուելիքը։ Համաձայնութիւնը գոյացած է։
Հեռապատկերին մխիթարական երեւոյթը խանդաղատանքով ու հրճուանքով կը լեցունէ հոգիս. - Մեր սանուհիները ծալապատիկ պիտի չնստի՜ն գետինը, ծունկերնուն վրայ պիտի չպատրաստե՜ն իրենց դասերը՝ կորաքամակ, այլ իրենց նոր գրասեղանները պիտի ունենան, աշխատութեան, գիրի եւ ընթերցումի այդ սո՜ւրբ կարկահները։
Այս անգամ սակայն պաշտօնատան բակէն մեր անցքը կը դժուարանայ։ Բազմաթիւ աղէտեալներ կը կառչին Տէր Հօր քղանցքներուն, անձնիւրը մէյմէկ թուղթ ձեռքին մէջ՝ զայն ստորագրել տալու, անձնիւրը մէյմէկ խօսք շրթունքին վրայ՝ խելք ու խորհուրդ մուրալու։ Ծննդեան եւ ամուսնութեան վկայագիր, «համիտիէ», տունի տեղի «հէօճէթ», ատոնց ամէնքը հրդեհի միջոցին ոչնչացած են, առանց որոնց ո՛չ մէկ դիմում կրնան ընել խեղճերը Կառավարութեան մօտ, ո՛չ գաղթել, ո՛չ մանաւանդ տէր հանդիսանալ իրենց այրած տուներուն հողին ու պարտէզին։ Ձեռքի թուղթերնին աղերսագիրնե՜ր են բոլոր՝ ատոնցմով կարեւոր թուղթեր ստանալու յուսադրութեամբ։ Խեղճ, շուարակոծ ամբոխ մըն է վերջապէս որ, իր վիշտով եւ օրական ապրուստով արդէն ծանրաբեռն, մեր շուրջը կը խլրտի, կը պաղատի, լեզու, արցո՛ւնք կը թափէ տակաւին, կը քաշկռտուի ասդին անդին, անձրեւին տակ, դուռներուն առաջ, տէրտին տէրման գտնելու համար…։
ՀԻՒԱՆԴՆԵՐՈՒՆ ՄՕՏ
[խմբագրել]29 Հոկտ.
Առաւօտեան կառախումբով տեղս կը հասնին «Կիլիկեան Որբախնամ Յանձնաժողով»ի պատուիրակ՝ Աբիսողոմ քահանայ եւ Խ. Գռուզեան։ Անօրինակ կերպով կ՚անձրեւէ։ Կ՚իմացուի որ Որբանոցի հիւանդ տղաքը Նոյեմբերէն անդին պիտի չընդունուին Ամերիկեան հիւանդանոցը։ Լուրը բաւական տագնապեցուցիչ է։ Երկոքին պատուիրակք անմիջապէս կը մտադրեն դիմել տեղւոյս «Միջազգային» ի նախագահ Մր. Չէմպըրսի, եղելութիւնը ստուգելու համար. այս առթիւ պատիւը կ՚ընեն ինձ՝ իմ ընկերակցութիւնս ալ խնդրելու։
Մր. ՉԷմպըրս սիրալիր ընդունելութիւն մը կ՚ընէ մեզ եւ մեր այցին նպատակն իմանալէ վերջ կը յարէ թէ ինք ոչինչ գիտէ այդ կերպ կարգադրութեան մը մասին. կրնայինք Հիւանդանոցի տնօրէնուհին տեսնել՝ իրողութեան վերահասու ըլլալու համար։
Կը դիմենք Ամերիկեան հիւանդանոց եւ Տիկինէն կը տեղականանք թէ սկզբունքով հիւանդ որբեր մերժելու հրահանգ մը չկայ. միայն, թէ հիւանդանոցը լեցուն ըլլար՝ բնական էր որ զանոնք եւս ընդունելու տեղ չէր մնար։ Այդ պարագային, կը մնար մեզ մաղթել որ մեր որբերը չհիւանդանային, եւ կամ, թէ որ այդ տեսակ դժբաղդութիւն մը պատահէր՝ հիւանդանոցը տեղ գտնուէր։
Ներկայիս մէջ որբերէն չորս պզտիկներ կան հիւանդ՝ որոնց մօտ կ՚առաջնորդէ զմեզ տնօրէնուհին, - բարի դիւրահաղորդ կին մը։ Կը բացատրէ մեզ անոնց ախտին բնոյթը, վիճակացոյցները կը ցուցունէ՝ որոնցմէ հաճոյքով կը տեղեկանանք թէ տղաք օր աւուր ապաքինելու վրայ են։ Մաքուր, ճերմակ սնարներու վրայ հանգչեցուցած իրենց գլխիկները՝ չենք նայեր այլեւս անոնց, վտանգի մը սարսափովը համակուած աչքերով։ Անկողիններէն շատեր դատարկ են. ցանցառ են կիներ որոնք վերմակներու ներքեւ կզկտիկ՝ իրենց վիրաւոր կամ տառապանքէ ծիւրած մարմիններուն կոտտուքովը հինինան։ Ասկէ քանի մը ամիս առաջ ինչե՜ր կային արդեօք սա սրահներուն մէջ…։
Երեք հիւանդներ կան միայն այրերու սրահը։ Անոնցմէ մէկուն քով դեռատի կին մը նստած, գրեթէ փարած անկողինին՝ գուրգուանօք կը շարունակէ նայիլ անոր երեսն ի վեր։
- «Դէպքերուն հետեւանքով ախտաժէտ մըն է. չեմ կարծեր որ այս գիշեր հանէ» կը կցէ տնօրէնուհին մեր քովէն։
Անբացատրելի սարսուռ մը կ՚անցնի հոգիէս. բռնի ժպիտով մը կը նայիմ այդ հոգեվարքին, երբ մտածում մը կրակի պէս կու գայ տաղել ուղեղս, թէ քանի մը ժամ վերջ՝ երբ այդ աչքերը գոցուին ընդ միշտ՝ հատ մը եւս պիտի աւելնայ այրիներու ա՜յնքան ստուար թիւին վրայ …։
Նոյն սրահը, տնօրէնուհին կը ներկայացունէ մեզ առոյգ, մանկամարդ nurse մը որ այսօր իսկ ժամանած էր Անգլիայէն։ Քաջարի ու պատուական անգլուհի մը, որ այսպէս, հակառակ իր գեղեցկութեան եւ թարմ տարիքին, հայրենիքէն մղոններ հեռու, ծովերէ անցած եկած էր մինչեւ Ատանա, հիւանդանոցի մը տխուր յարկին տակ, ախտակիր անձեր խնամելու, դարմանելու, անոնց օրհասական հռնդիւններուն ներկայ գտնուելու. մինչ մենք՝ Հայերս դեռ տխմարութիւնը կ՚ունենանք խորհելու, - կամ լաւ եւս է ըսել՝ ուրիշներ մեր հասցէին խորհելու, - թէ զոհողութեան, անձնուիրաութեան պէս բան մըն է զոր յանձն առած ենք՝ քիչ մը ատենուան համար հոս գալու, մեր հայրենակիցներուն պատահած անլուր աղէտէն ազդուած…։
ՓՐԿԱՐԱՐ ԹԱԳՍՏՈՑԸ
[խմբագրել]Հիւանդանոցէն Թրփանիի բամպակի գործարանը քայլ մը տեղ է։ Դարձին՝ կը մտնենք հոն եւ գործարանատիրոջ կողմէ սիրալիր ընդունելութեան մը արժանանալով, իբրեւ մարդ եւ իբրեւ հայ՝ կը յայտնենք մեր ջերմ շնորհակալութիւնն այն գերազանցապէս վսեմ ասպնջականութեան համար՝ զոր յօժարակամ ցոյց տուած էր այս վեհոգի Յոյնը, գնտակի, արիւնի ու կրակի ահաւոր օրերուն՝ իր գործարանին դուռները լայնօրէն բանալով տաս-երկու հազար հայերու առաջ. ստոյգ մահերէ փրկելով անոնց կեանքերը, մանաւանդ օրերո՜վ շոգիի վրայ պահելով իր մեքենաները՝ յարձակումի ատեն մարդասպաններու վոհմակը ցիր ու ցան ընելու եւ անոնց հրձիգութիւնը կասեցունելու համար տաք ջուրի հեղեղներով…։
Ահագին է գործարանը։ Այս աստիճան կատարելագործուած շոգեշարժ մեքենաներով ֆապրիքա մը յայտնութիւն մըն է պարզապէս. երբ խորհի մարդ թէ հոս, բնակչութենէն սկսեալ մինչեւ ճարտարարուեստ ու քաղաքակրթութիւն՝ ամէն ինչ իր նախապատմական քունը կը խորդայ տակաւին։ Զարմանալի էր որ տեղացի հայեր հակառակ իրենց երբեմնի փարթամութեան, ընկերովի կամ առանձինն ունեցած չէին համանման գործարան մը բամպակի։ Այս երեւոյթը վերագրելի չէ՞ր միթէ կառավարական արգելքին՝ «հին ռէժիմի»ի օրով։ Եւ արդէն ի՞նչ բան արգիլուած չէր Հայուն…։
Աշխատանքի անուշ գոռուգոչ մը լեցուցած է ամբողջ առքը գործարանին։ Բամպակի բերքը խողակներէն իստակուած՝ բերուեր դիզուեր է. հունտերը կը զատուին մէկ կողմէ. մեքենաներու միջոցաւ կատարուած անհամար ճախարակներու դարձդարձումով՝ բամպակը- կաթերու պէս ճերմակ- աստիճանաբար կը գզուի, կ՚անօսրանայ, կ՚ազնուանայ, կը մանուի։ Մեծաշռինդ, խլացուցիչ աղմուկներու մէջ՝ հարիւրաւոր կիներ, աղջիկներ եւ այրեր յոտին կանգուն՝ վիթխարի երգեհոնի մը տեսքով երկաթեայ զանգուածի մը առջեւ՝ լեցուած ճախարակները կը հանեն գլանաձեւ կկոցներու վրայէն, պարապներ անցունելու, եւ պատահաբար փրթած թելեր մատներու թեթեւ հպումով իրարու կցելու համար։ Դերձանը պատրաստ է, անդին, ուրիշ ընդարձակ բաժինի մը մէջ. բարակցած թելը կը մտնէ ոստայնանկ-գործիքին մէջ՝ ուր կտաւն է որ կը հիւսուի եւ ծրարներու կը վերածուի։
Դուրսը, բակի մը խորը կը տեսնենք ջրաղացքի մը ժանգոտ մնացորդները՝ քանի մը լայն խողովակներու հետ։ Ասոնք նշխարներն են եղեր այն սկզբնական պարզուկ աղօրիքին. - թանկագին՝ յիշատակ Թրփանի ընտանիքին համար, - զոր ժամանակաւ հայր Թրփանի հեռաւոր տեղէ մը Ատանա գաղթելուն՝ կորովն ու նախաձեռնութիւնն ունեցեր էր զայն հաստատելու եւ բանեցունելու. մինչ այսօր՝ միեւնոյն աղօրիքին տեղը՝ տղաքը կառուցեր են այս հսկայ արհեստանոցը, բամպակի դէզերուն հետ դիզելով անհուն հարստութիւն։
Եւ մինչ սեւ սեւ անիւներ իրենց շրջանը կ՚ընեն մշտահոլով, եւ ճախարակի ու մագոգի բաւիղ մը կատղած հոլերու պէս հիռ կու գայ անդադար, ատոնցմէ առթուող աղմուկը միտքս կը ձգէ յանկարծ դժոխային այն ժխորը՝ զոր բարձրացուցած էին ա՛յս յարկին տակ ապաստանող հայեր Ապրիլի օրերուն, մինչ գազանադէմ պանդոյրներ դուրսէն կ՚ոռնային՝ բարձրաղաղակ, արիւններու ծարաւէն գերագրռուած…։
Ի՜նչ փրկարար թագստոց։
ՏԽՈՒՐ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ՄԸ
[խմբագրել]30 Հոկտ.
Անընդհատ դիմում ծնողաց կողմէ՝ իրենց տղաքը դպրոց ընդունել տալու համար։ «Ազգանուէր»ի վարժարանին առաջին աշակերտուհիները պիտի ըլլան Որբանոցէն յիսունի մօտ որբուհիներ որոնց արձանագրութիւնը կատարուած է. մնացեալները կ՚ընդունուին թաղեցիներէ։ Երկուշաբթի պիտի բացուի դպրոցը. դասախօսութիւնք պիտի սկսին։ Գիրք, թուղթ, ձեռագործի նիւթեր, դպրոցական ամէն պիտոյք Կեդրոնէն խրկուած են արդէն. տղայոց կարողութիւնները քննուած, կարգերու բաժանումն ալ վեր ի վերոյ եղած է։
Յետ միջօրէն, ծանօթներու հետ բանտ կ՚երթանք, հոն ուր կը մնան դեռ համբաւաւոր Կարապետ Կէօվտէրէլեան եւ ուրիշներ։ Դիմում ընելու, նախապէս արտօնութիւն ստանալու պէտք չկայ ներս մտելու համար։ Սուինաւոր պահակ զօրք մը մէկ կող կը կենայ, եւ մենք փայտէ քանի մը սանդուղներէ ելլելով կը մտնենք ընդարձակ, քառանկիւնի եւ ըստ բաւականի լուսաւոր սենեակ մը որ կը նայի կառավարական պաշտօնատան բակին վրայ։
Գետինը՝ բազմոցներու վրայ նստողներ ոտքի կ՚ելլեն եւ «հրամմեցէք»ներով կ՚ընդունին զմեզ։ Կը հրաւիրուինք պատուոյ տեղերը բազմելու այս անփառունակ առանձնոցին, եւ բարձր կուգան մեր թիկունքին դրուելու։ Տարաբախտ հայ բանտարկեալներու կողմէ արտայայտուած հիւրասիրիկ այս փութկոտութիւնը չգիտեմ ինչո՞ւ վերջին ծայր անհանգիստ կ՚ընէ զիս։
Չորս հայեր կան մեր դէմ՝ իրենց մասնաւոր խուցով եւ քիչ շատ տանելի կեանքով։ Բայց բանտարկեա՛լ են վերջապէս. աւելի ճիշդ՝ դատապարտեալներ, աքսորի վճիռը վաղուց արձակուած է իրենց հասցէին, եւ ի դիպահոջ կը մնան այս տեղ՝ առ այժմ հանդուրժելի պայմաններու մէջ։
Մէջերնին ի Կէօվտէրէլեանը, Գողիաթի կազմով հուժկու, քաջալանջ մարդ մը, հոս նետուած՝ ժողովուրդն ապստամբութեան մղած ըլլալու մտացածին ամբաստանութեամբ։ Առասպելային այս զրոյցը վերջէն ուղղուած եւ ճշմարտութիւնը պարզուած է թէեւ, քանի որ ինք ջարդի օրերուն Սիս գտնուելով՝ գլխովին անտեղեակ էր ամէն պատահարի, - բայց որպէս զի միտքերը հանդարտին, Կէօվտէրէլեան դատապարտուած է հինգ տարուան աքսորի յԵրուսաղէմ, հոնկէ ալ Հռոդոս փոխադրուելու համար։ Բնական էր որ իրեն դէմ եղած այս անարդար վճիռին համար բողոքէր եւ դիմէր վերաքննութեան, այնու հանդերձ իրեն պատասխանուած է թէ Պատերազմական Ատեանի վճիռ մը անվերաքննելի է…։ Սակայն իքն կը թուէ բազմաթիւ թուրքեր, ի մէջ այլոց Իհսան Ֆիքրի, Ապտիւլ Գատէր, Իսմայիլ Պաֆան եւ Պօսնալը Սալիհ, որոնց մասին Ա. Պատերազմ. Ատեանի արձակած վճիռները՝ Պատերազմ. երկրորդ Ատեանը վերաքննեց, պատիժնին թեթեւցուց եւ անպարտ արձակեց Պօսնալը Սալիհի պէս մարդ մը՝ որ իր գործարանին սուլիչովը Ջարդի նշանը տուած էր խուժանին…։
Իր դէմը նստած է քաղաքիս երբեմնի երեւելիներէն Աւետիսեան Սամուէլ՝ որուն կեանքը մարտիրոսերգութիւն մը եղած է ամիսներէ հետէ։ Տասերեք հոգի չարաչար ջարդուած են իր տունէն, կին, զաւակ, ազգական, բոլորին դիակներն ալ աչքովը տեսած, տունը ժամերով գնտակներէ ծակծկուած եւ ինք հրաշքո՜վ փախած այդ ճշմարիտ Մահատունէն։ Ձերբակալումէն յետոյ, վիճակուած է իրեն քաշկռտել վեցամսեայ շղթայակիր մարդու կեանք մը՝ համակ տանջանք ու տագնապ, ուր, մէ՛կ գիշերուան մէջ, տեսած է ճերմըկիլն իր մազերուն, նոր Ժան Վալժանի մը պէս. Իզմիրլեանի՛ մը պէս։ Այս անձն է ահա որ դատապարտուած է աքսորի, այն միակ յանցանքով թէ հրազէ՜ն պարպուած է իր տունէն։…։
Ոտքի կեցած, մեզի սուրճ եփելու վրայ են երկու կորովի երիտասարդներ, Թորիկեան Վահան եւ Թադիրոսեան Տիգրան, տասնեւհինգ տարուան բանտարկութեան դատապարտուածներ՝ իրենց տուներէն զէնք քաշած եւ մարդ սպաննած ըլլալու ամբաստանութեամբ, մինչդեռ յոյներ եւ թուրքեր կը վկայեն թէ ատոնք նոյն միջոցին տուներնին չէին գտնուեր, այլ փախած էին։
Փոխ առ փոխ կը նայիմ այս գլուխներուն. իրենց առոյգ կեանքերուն վրայ արձակուած աքսորի ու զնդանի դատապարտութեան մթութիւնը կապարի ուժգնութեամբ կը ծանրանայ հոգւոյս վրայ։ Անցեալ օրերու վրայ կը խօսուի. վիշտերը կը թարմանան. կ՚արծարծին, ու կուրծքերէ հառաչնե՜ր կը խլուին յանզգայս։
Յոյսի, ազատութեան պայմանադրական մաղթանքներ իրարու կը յաջորդեն, յորդորներ կ՚ըլլան համբերութեամբ տանելու դատապարտութեան լուծը, հաւատք ունենալու Արդարութեան վրայ եւ սպասելու Անոր անակնկալ գալստեան. մինչ մեր նայուածքը լուսամուտներէն դուրս կը թարթափի, երկինքի ու երկրի հորիզոնները չափելու եւ անոնց անհունութեանը մէջ որոնելու թէ կա՞ր արդեօք տառական իմաստէ վեր՝ իրական արդարութիւն մը…։
Մութը կոխելու վրայ է երբ կը բաժնուինք իրենցմէ, Բակին մէջ, գետնին փակած խրճիթի մը երկաթապատ պատուհանէն գլուխ մը կը շարժըտկի, մե՛զի է որ կը ձայնէ ան։ Կը մօտենանք։
-«Եղբայրներ, ե՛ս ալ բանտարկեալ եմ, ինծի՛ ալ այցելեցէք» կ՚աղերսէ ան պաղատագին շեշտով մը։
Երկաթ ցողերէն ներս նետուած ակնարկ մը բաւական կ՚ըլլայ նշմարելու կմախաձեւ կերպարանք մը՝ անկողինի մը վրայ ընկողմանած։
-«Բանտի ընկերս է ասիկա, հիւանդ, գրեթէ անյոյս» կը յարկէ Սալաթեան՝ զոր մենէ ոմանք ճանչցած են արդէն։
Հոս չէինք տեսներ պահ մը առաջուան այցելած բանտերուս հանգիստը. նկուղի պէս տեղ մը, խոնաւ, անլոյս, ուր մանաւանդ հիւա՛նդ ալ կար։ Կը խոստանանք առաջին առթիւ գալ այցելել իրենց, ինչպէս նաեւ կը մտադրենք երթալ տեսնել տանսեւհինգ հոգիի չափ այն հայերը թշուառ՝ որոնք աղքատ, անտէր, փականքներու ետին կը մնային հոդ, հասարակաց բանտը, քարանձաւի պէս որջ մը՝ լոյսէ եւ օրէ զուրկ, ամենազգի հասարակ չարագործներու հետ քով քովի։[3]
ԱՂԷՏԱՎԱՅՐԸ ՋՈՒՐԵՐՈՒ ՄԷՋ
[խմբագրել]3 Նոյեմբեր 1909
Պատուհաս մը ե՛ւս ահա յանկարծ կ՚իյնայ արդէն տառապած, արդէն ոգեսպառ ժողովուրդի մը գլխուն։
Օրերէ ի վեր անձրեւի տարափներ տեղացած են եւ ամէն կող թաղ է ու խոնաւ։ Շաբաթ որ, կէս օրէ վերջ, լուր կ՚սկսի շրջիլ թէ Սիհունը յորդած է եւ եզերքի դաշտերն ողողած։ Կամուրջէն՝ ուր դիմած ենք հապճեպ, Սիհունը կը տեսնենք իր աղբերուն բոլոր տիրականութեամբ յաղթական։ Ջուրերը դեղին են ու պղտոր, եւ հասանք ուժգին է ու կատաղի։ Հեռուն, հոսանքին գիրկն են կառավարական հիւանդանող ու յարակից շէնքեր, ասդին ջուրերով ողողուած են գետեզերքի թուրք թաղեր ու տուներ։ Խռնուած դիտողներու անզգայ, անկարեկիր երեւոյթը վտանգի մը ահաւորութիւնը, չներշնչեր մեզ, եւ հետզհետէ կառավարական պաշտօնատունն եկող եզերող ջուրերը սարսափի տպաւորութիւնը չեն թողուր վրանիս։
Իրիկունը կը յառաջանայ սակայն, եւ խաւարին հետ մռայլ թշուառութիւնը ծայր կու տայ. հետզհետէ տխուր լուրեր կը հասնին. ջուրերն եկած ողողած են հայաբնակ թաղեր՝ Չարչափուխ, Նոր Թաղ, Թօսպաղի Թաղ, Քիրէմիտ Խանէ, եւ հուրէ ու ջարդէ հեւ ի հեւ ազատած ժողովուրդ մը, - ամսիներու ընթացքին հազիւ քանի մը քուրջի տիրացած, - հիմայ ջուրերու մէջ է թաթխուած։ Սիրտերը թունդ ելած են եւ ձեռքերը՝ գալարուած։ Ճար մը, ի՞նչ կարելի է ընել։ Անվեհեր տղաք, սակայն, վտանգի վայրերը դիմած են, եւ գիշերն ամբողջ, մինչեւ առաւօտ կու գան ու կու գան, Հայոց եկեղեցւոյն բակը կը դիզուին խխում լխպիկ եղած կիներ, մանկիկներ, ծերեր, թշուառութենէ եւ սոսկումէ խելայեղ բոլորն ալ, կու գան անոնք անվերջ, որոնցմէ մէկ քանիներ հազիւ կրցած են ազատել իրենց թրջած մէկ անկողինը կամ վերմակը։
Առաւօտ է արդէն եւ անամպ, մաքուր երկինքի մը վրայ գեղեցիկ արեւ մը կը շողայ։ Ա՛լ ողողուած է երկիրը, ջուրերու մէջն ենք, կրնա՛ն ամպերն անհետիլ եւ թոյլ տալ արեւին որ փայլի։
Տարօրինակ խուճապ մը կը տիրէ։ Եկեղեցւոյն բակը խռնուած ամբոխն օգնութիւն կը պօռայ, կառք, ձի պարան ամէն ինչ պէտք է, որպէս զի երթան ազատեն կիներ ու տղաք. որոնք հեռուն, ջուրերուն մէջ, ծառերու վրայ թառած մնացած են գիշերն ողջոյն։ Ամէն նոր հասնող՝ աղէտի նոր պատմութիւն մը, գործուած աւերի մը նոր դրուագն ունի հետը բերած։ Չարչափուխի եւ շրջականերու տուներ, որոնք Միջազգայինին միջոցաւ էին նորոգուած կամ շինուած, հողէ եւ յարդէ կառուցուած այդ բնակարանները մեծ մասամբ փլած էին։
Ահռելի եղած էր ահ ու սարսափը մանաւանդ գիշեր ատեն, Առ ի չգոյէ թաղապետական ո եւ է պաշտօնեայի, անձնուէր բժիկ մը՝ Տքթ. Վ. Գալուստեան, նաեւ Արշակ Չաքըճեան քանի մը հայ տղոց հետ ձի հեծած՝ մինչեւ առաւօտ ջուրերուն մէջ մնացած եւ կեանքեր փրկած էին։ Ահարկու եղած էր տեսարանը մութին, այդ ջուրերուն մէջ, երբ պատ մը յանկարծ փլչելով հոսանքը կ՚ուժովնար, եւ կամ ազատարար կառքեր առ խարխափ գացած ատեննին՝ խորութեանց մէջ կը գլտորէին յեղակարծ։
Զանգակատան բարձունքէն մեր աչքին առջեւն է ամբողջ Ատանան, որ իրաւամբ կղզի մըն է հիմայ։ Սիհուն, որ իր ընթացքը կը կատարէր քաղաքին արեւելեան եզերքէն, ծովածաւալ տարածութեամբ մը սեղմիւ շրջապատած է քաղաքն ամբողջ. իր կոհակներն եկած հասած են անոր տափարակ մասերուն, թափանցած են անոր ուղիներուն։ Ջուրերու մէջ են Թրփանիի գործարան, ամերիկեան հիւանդանոց, շոգեկառքի կայարան։ Ջուրերը մէկ ու կէս կանգուն բարձրութեամբ եկած են մինչեւ Պուղտայ Բազարը կոչուած տեղը, հիւսիսային կողմէն՝ մինչեւ Ղազանչըլար Տաղը, Աւանիայի գործարանին առջեւ։ Եիւրէքլիի գեղեցիկ դաշտագետինն ուր թրքաբնակ 80-90 գիւղեր կը գտնուին, ջրամոյն է բոլորովին։
Սիհուն եւ Ճիհան յորդելով ու միանալո՛վ է որ գործած են այս աւերը։ Կը պատմուի թէ 96ին եւ աւելի առաջ՝ 74ին ալ պատահած էին յորդումներ, բայց անոնք այս համեմատութեան չէին հասած, եւ կորաքամակ ծերունիներ կը հաստատեն թէ Ատանա ծնած եւ ապրած ըլլալով, երբեք տեսած չէին նմանօրինակ յորդում մը։
Նմանը չտեսնուած ջարդի ու թալանի մը՝ նմանը չտեսնուած յորդում մը, մաքրագործո՛ւմ մը պէտք էր։ Եւ երբ մարդկային արդարութիւնն անկարող եղած էր այդ բանն ընելու, անդին, Բնութեան ծոցէն հեզիկ մնջիկ սահող Սիհո՛ւնն է որ ահա կը կատղի, կը փրփրի, կ՚ուռի, կ՚ուզէ իր յատակը մաքրել հայ զոհերու նեխած դիակներէն. կ՚ուզէ քաւուիլ ինք այդ անմեղներո՜ւ արիւնէն։ Ու իրեն օգնութեան կանչելով Ճիհանի ջուրերն ալ, կ՚երթայ Ապտալներու, Ֆէլլահներու թաղերն, անոնց երդիքներուն տակ խլուած ու դիզուած կողոպուտը կը քշէ կը տանի, կը տանի՝ դէպ ի ծով, կը տանի դէպ ի ոչնչութիւն։
Կամուրջին վրայ կը հանդիպիմ Ապտալի մը, որ արիւն արցունք կու լայ, եւ ձեռքը բռնած բահը ցուցնելով՝ իր հինգ հարիւր ոսկիի հարստութենէն միայն այդ գործիքը մնացած ըլլալը կ՚եղերերգէ. ուրիշ ֆէլլահ կին մը իր ոչխարներուն, իր տասնեակ կովերուն անհետանալը կ՚ողբերգէ։ Անձնիւր փախստական, այսպէս իր կորուստի երեմիականը կ՚ոգէ հիմայ՝ Աղէտավայրին վրայ թափառայած։
Գետը պիտի չգար երբեք մեր թաղերը, պիտի խնայէր անոնց, բայց կ՚ըսուի թէ անծանօթ ձեռքեր մութին մէջ գործած են, անոր կողքն ի վեր բարձրացած թումբին վրայ փապար մը բացած են՝ անդին ուրիշի մը արմտիքի գործարանը բացարձակ փճացումէ մը փրկելու համար։ Ջուրերն այսպէս եկած խուժած են մեր թաղերը, տարած են անոնց աղքատիկ բնակիչներուն ցնցոտիները, սակաւիկ մը ձաւարն ու կորեկը- բովանդակ պաշարնին ձմրան օրերուն։
Հիմայ կը շարժին այդ խեղճերը ժամուն բակին մէջ, ամէնքն ալ խռնուած դիզուած են հոն, ամէնքն ալ տրտունջ մը, բողոք մը, աղերս մը կամ անէծք մը ունին շուրթներնուն ծայրը։ Ոչ ոք կը լսէ սակայն իրենց։ Ձեռքեր օդին մէջ կը շարժին, դէմքեր կը ծռմռկին. կու լա՞ն թէ կը պաղատին. ոչ ոք կը նայի իրենց. հաց կը նետուի առջեւնին. չոր հաց մը. ու կը խորհուի թէ այդ արդէն բաւական չէ՞…։
Ի՞նչ անուն տալ եւ ի՞նչ անէծք տեղալ բոլոր անոնց որոնք տունի տեղի տէր, դիրքի, արժանիքի տէր այս ժողովուրդը հասցուցին այս անտէր անտիրական վիճակին, որոնք այս ժողովուրդը՝ վիշտէ ու տառապանքէ խելայեղ, տմարդութեան, անբանութեան դուռը հասցուցին, քուրջի եւ աղտի մէ՛ջ թողուցին զինք, թողուցին որ տաղտապի ան, ծաղր ու ծանակ, նշաւակ եղած, եւ սպառսպո՜ւռ փճանայ…։
Անհուն ցաւը կուրծքին տակ, եւ արցունքի թացութիւնն աչքին մէջ, մարդ յուսահատօրէն կը խորհի թէ ի՜նչ ճար կարելի է ընել անոնց։
ԴՊՐՈՑԻՆ ԲԱՑՈՒՄԸ
[խմբագրել]4 Նոյեմ.
Կայծակ, փայլատակում, թօնընկէց, ամեհի մրրիկներ, գետերու յորդում եւ ողողում. ասոնք եղան վերջացող շաբթուն՝ Բնութեան անհամբոյր կատակները։ Շրջակայ թրքաբնակ գիւղերէն, - հայաբնակ գիւղ մնա՞ց միթէ, - որոշ լուր մը չէ հասած։
Ջուրերը նուազելու վրայ են։ Գարնանամուտի հրախանձ Ատանայէն վերջ՝ ահա՛ ձմեռնամուտի ճախճախուտ Ատանան։ Իմացանք թէ զինուորներ՝ հեղեղներէն քշուող գնչուներու դիակներ հաներ են Սիհուն գետէն։ Պատիժը վերէն էր որ կու գար աւերագործ եւ աւարատե՜նչ այդ մարդոց։
Սիհուն հիմայ ամբողջովին պղտորած՝ կորեկօղիի անհուն աւազանի մը տեսքն է առեր։ Համակ շարաւէ ձեւացած ծովի մը թերեւս նմանցունէր զայն՝ անցեալէն վշտակոծ երեւակայութիւն մը։
Օդերու այս անտանելի շարքին մէջ, թօնուտ երկինքով մը՝ դպրոցին բացումը կատարեցինք նախընթաց օր։ ՆԵրկայ էին Թորոսեան Արիսողոմ քահանայ. Գռուզեան Խաչատուր, Փափազեան Լեւոն, Քէշիշեան Միհրան եւ աշակերտուհիներու ծնողներ։ Տէր Հայրը սրտապնդեց ուսանող մանկտին եւ ուսուցչական մարմինը գեղեցիկ յորդորներով, շնորհակալութիւն յայտնեց սրտագին Ազգանուէր Հայուհեաց Ընկերութեան՝ գաւառներու մէջ անոր կատարած փրկաւոր գործունէութիւնն ի վեր հանելով։ Որբախնամի ժրաջան պատուիրակը փութաց շեշտել սեպուհ կարեւորութիւնը մայրենի քաղցր բարբառին, հայ աղջկան պարտքը՝ մաքրասէր, զգօն եւ ժրագլուխ ապրելու, եւ վերջացուց իր խօսքերը շնորհակալու զգացմամբ Ընկերութեանց մասին որ ոչինչ զլացաւ իր խորհուրդէն եւ իր լումայէն՝ այս տարաբախտ փոքրիկ հայուհիներուն կրթական գործին համար։
Ինծի կը վիճակէր հուսկ ապա հրճուանքով համակուիլ նախ՝ սանուհիներու այս հոծ խմբումին ի տես եւ ներկաներու այս խօսքերուն ի լուր, յետոյ՝ խոստովանիլ թէ ընկերութեան ըրածը պէտք չէր զոհողութիւն մեկնել, այլ պարտք։
«Ա-Բ-Գով պիտի վերաշինուի Եդեմը» գրած է Հիւկօ ա՛յնքան իրաւամբ։ Մաղթենք որ դպրոցներ վերստին դրախտի՜ վերածեն զուլումներէ քարուքանդ այս քաղաքը։ Գետութիւն եւ ուսում ամէնուն. քաղքենիին ու գեղջուկին, տոհմիկ մարդոց եւ խուժանի զաւակաց՝գիտութիւն եւ սուսո՜ւմ առ հասարակ։ Ո՞ր հայ հիացմամբ չէ կարդացած արդեօք սա տողը Եղիշէի, նոյն իսկ դարե՜ր առաջ գրուած. «Եւ այս ամենայն չարիք մտանեն ի միտս մարդոյ յանուսումնութենէ»։»
Որբանոցը պատսպարեալներով միասին՝ երկու հարիւր հոգիէ աւելի են մեր դպրոցը յաճախողները։ Ամէն կողմէ ծնողք կու գան՝ զիրենց աղջիկները մեր դպրոցին արձանագրել տալու համար։ Բնաւ չէր յուսացուեր որ այսքան ստուար թուող աշակերտուհի կարելի էր ունենալ. շատեր ալ օտար վարժարաններ դիմեր են առաջուց՝ հայ դպրոցի չգոյութենէն։- Ոմանք 4-8 մէթալիք պիտի բերեն. (հոս ամէն ինչ մէթալիք ով կը հաշուեն). թէեւ ինքնին աննշան թոշակ. բայց անտեղի չնկատեցի այդ գումարը պահանջել իրենցմէ, որպէս զի վարժութիւն մը ըլլայ։
Այսպէս ահա «Ազգանուէր Հայուհեաց»ը Կիլիկիոյ ծոցին մէջ իր վարժարանն ունեցաւ, ձրի դաստիարակութեամբ մը հոգեւին մխիթարելու համար բախտէն անժառանգ տխուր կարաւանը՝ բունազիրկ եւ անտերունչ Հայ որբուհիներու, եւ լուսաւորութեան ջահը վառած՝ պատրաստելու համար վաղուան Հայ մայրերը։
ՎԵՐՅԻՇՈՒՄՆԵՐ
[խմբագրել]Ժամանակաւ, դեռ դպրոցական, երբ կ՚իմանայինք Միացեալի եւ Ազգանուէր Հայուհեաց Ընկերութեան անունները, շա՜տ հեռու էինք ըմբռնելու այն մեծ նշանակութիւնն որ ծածկուած էր այդ անուններուն ետեւ, շատ հեռո՜ւ էինք զգալէ այն գերազանցապէս ազգասիրական, մարդկային ու վիթխարի գործը զոր կոչուած էին կատարելու այդ երկու ընկերութիւնները։ Վեր ի վերոյ գիտէինք թէ անոնք դպրոցներ կը բանային հայկական գաւառներու մէջ Հայ մանուկները դաստիարակելու համար, զանոնք կրթելու եւ մարդ ընելու։ Այսքան ծանօթութիւն մը սակայն, անշուշտ այն ատենները, զօրաւոր պատճառ մը եղած չէր մեզ անկեղծ հիացումով մը վերաբերուելու այդ Ընկերութեանց մասին։
Տարիներն անցան սակայն, Համիտեան շղթաներն աւելի սեղմիւ ամրապնդուեցան մեր վիզերուն շուրջ, եւ արիւնի ու կրակի խօլ յորձանքներ սկսան շրջիլ հայկական գաւառներու մէջ։ Հայը բնաջնջումի բոլոր այդ շրջանին՝ ունեցաւ իր անձնուրաց հազարաւոր զաւակները, խանդոտ անվեհեր սիրտերը, բարի եւ իմաստուն հոգիները. կ՚իմանայինք թէ այդ ազնիւ որդիներէն շատեր գաւառական այս ինչ կամ այն ինչ գիւղին կամ քաղաքին մէջ՝ Միացեալի դպրոցէն անցած էին, ու մենք տեսնելով այսպէս լուսամիտի եւ անձնուէրի դէմքերուն ետեւ Միացեալի նախկին սան մը, մեր պատկառոտ հիացումը կ՚աւելնար Միացեալի հանդէպ։ Դպրոց բանալը, գաւառներու յետին անկիւններն իսկ երթալ դպրոց բանալը մեր տխեղծ հասկացողութեան սահմանէն դուրս շա՜տ աւելի օգտակարութիւն ոյւենցող, կենսական բան մըն էր։
Ու եկաւ Օսմ[անեան] Սահմանադրութիւնը։ Առաջին մտածման հետ առաջին շարժումն եղաւ այդ ընկերութեանց նախկին անդամներուն՝ վերաբանալ այն դուռներն որոնք բռնաւորի ձեռքերով կղպուած էին եւ աշխատիլ՝ տալու Հայաստանցի տղուն կրթութիւն որուն ծարաւն ունէր ան։ Մտածումը գեղեցիկ էր ապաքէն եւ շարժումէ գովելի։- Հիմայ որ առաջին անգամ ըլլալով կը գտնուիմ հայկական գաւառի մը մէջ, հայ բնակչութեան մը ծոցն, ու շուրջս կը տեսնեմ տգիտութեան բարդ բարդ կուտակուած թանձր մթութիւնը, - տգիտութիւն նոյն իսկ Հայ լեզուի, Հայ պատմութեան, տգիտութիւնն անսահման, անծայրածիր, - լոյսի կարօտութեան մարմաջը կը բորբոքէ սիրտս, եւ անպայման, անբացատրելի կերպով կը զգամ թէ ի՛նչ է եղեր դպրոցը՝ մանաւանդ Հա՛յ գաւառի մը մէջ։
Որքա՜ն իմաստուն եւ բարի են եղեր այն մարդիկ որոնք խորհեր են բոլոր ասոնք եւ ընկերութիւններ են կազմեր։ Աճիւնները դպրոցով պիտի վերածնին, աւերները դպրոցով պիտի վերականգնին, դպրո՛ցն է որ պիտի մաքրէ սրբէ այս միտքերը, պիտի վանէ սեւ ժահրը տգիտութեան, պիտի մերկացունէ այս մարդիկն իրենց բնազդական աղտոտութիւններէն, անտաշութիւններէն եւ պիտի տայ անոնք՝ ինքնագիտակցութեան թանկագին շնորհը։
Տաճա՜ր հրաշագործ, վըսե՜մ ձուլարան՝
Ուր կապարն յոսկի, նիւթն յոգի դառնան…։
Բազում են այն գիւղերը, նոյն իսկ բազում են այն քաղաքներն ուր դպրոցը գոյութիւն չունի։ Միացեալը սակայն ձեռնարկած է իր լուսաւորման տխրալի գործին։ Մուշ, Կարին եւ շրջականեր ունին իրենց դպրոցները, Կիլիկիոյ մէջ ալ իր գործունէութեան սկսած է Ան։ Չօք Մարզուանի պատուական ժողովուրդին ծոցը բացած է ան իր դպրոցն, ու պիտի շարունակէ անշուշտ բանալ այլուր՝ որքան ներէ իր ոյժն, որքան թոյլատրէ իր պիւտճէն։ Բոլոր սրտովնիս մաղթենք որ զօրաւոր ըլլայ իր ոյժն, ու իր աղբիւրներն անսպառ։
Հոգին հրճուանքի յուզումով մը կը դողայ եւ ինքզինքը մարդ անզօր կ՚զգայ բացատրելու այն անհուն բարիքն որ կայ դպրոցներ բանալու մէջ, մանաւանդ հոն ուր մանկութիւն մը կայ թափառայած։ Չափազանցութի՞ւն մը պիտի ըլլար արդեօք ըսել թէ այն որ կ՚ուզէ իր ըրած բարիքին ամրակուռ ու ամրապինդ հաւաստինքն ունենալ, թող իր դրամը տայ դպրոցի եւ դաստիարակութեան համար։
Միացեալին քովն ի վեր, օգտակար ըլլալու ոչ նուազ փափաք մը ունեցաւ նաեւ Ազգանուէր Հայուհեացը։ Ան ալ ունեցաւ իր աղջկանց վարժարանները Մուշ, Սասուն եւ ի շրջակայս, իսկ Կիլիկիոյ մէջ՝ Զէյթուն, Հաճըն եւ Ատանա։ Եւ թախծութեան ու բուերու յատուկ քաղաքի այս արհաւիրքին մէջ՝ կը հրճուիմ պահ մը, երբ քիչ առաջ կ՚ստանամ նամակ մը, որով Տիկին Սիպիլ կ՚իմացունէր ինձ բոլոր կիլիկեան որբանոցներու աղջկանց կրթ[ութեան] հոգին ստանձնումն՝ Ընկերութեանս կողմէ։ Ուրիշ դպրոցներ պիտի բացուին եւս Մէրսին, Չօք Մարզուան, Հասանպէյլի, Այնթապ, Մարաշ եւ Հաճըն։ Ահագին ձեռնարկ, որուն իրագործումին համար նուազ զոհողութիւններու, նուազ դժուարութիւններու չէ որ պիտի ենթարկուին անդամուհիք։ Սակայն գործին վեհութիւնը խանդավառած է զիրենք եւ կարող դարձուցած ամէն խոչընդոտներու կուրծք տալու։
Բարերար ձեռք մըն է ահա որ այսպէս կ՚երկարի դէպ ի Կիլիկեան որբանոցներէն ներս. բերելով իրեն հետ մի քիչ լոյս, որբուկի դէմքերը լուսազարդելու։ Ի՜նչ խայտանք պիտի ունենան այն տղաքն ալ, իրենց կարգին, երբ առաջին անգամ իրենց տրուի գիրք ու գրիչ։
Ատանայի վարժարանն՝ որ բացուեցաւ անցեալ երկուշաբթի, հիանալի թատր մը եղաւ յուզումի եւ հրճուանքի։ Հոն էին որբանոցի աշակերտուհիք եւ միւսները։ Երբ Ընկերութեան կողմէ ղրկուած դասագիրքերն ու տետրակները կը բաժնուէին, տեսայ աղջիկ մը որ գիրք մը ստանալուն՝ գուրգուրանքով սիրտին վրայ սեղմեց ու համբուրեց զայն. եւ ուրիշ մըն ալ տետրակ մը եւ մատիտ ընդունելուն՝ աչքերը ուրախութեան արցունքով լեցուեցան, առանց հաշուելու նաեւ բոլոր այն աղջիկներն՝ որոնք գերազանց ուրախութեան մը մէջ կը լողային։ Ու այդ վայրկանին անկարելի էր չօրհնել բոլոր անոնք որ իրենց լումաները նուիրած էին այս աղջիկներուն դաստիարակութեանը համար, եւ անոնց գիրքը, թուղթը, գրիչը ղրկած էին ծովերէ ասդին։ Թանկագին են ատոնք իրենց համար, ծրարուած են ատոնք թաշկինակներու մէջ եւ ամէն առաւօտ երհկիւղածութեամբ կը բացուին թաշկինակները՝ գիրքերն ու տետրակները մէջէն հանուելու համար։ Տեսայ նաեւ որբուհի մը, սիրուն պզտիկ աղջիկ մը, որ հանգիստի մը պահուն, անհաղորդ ընկերուհիներու զբօսանքին, պարտէզին մէկ անկիւնը քաշուած, գլխահակ՝ իր տետրակին առաջին էջը կը լեցունէր նոր սկսած Մայրենի լեզուին առաջին տառերով։
Ընդունակ, ատակ են զարգացումի մեր գաւառացի զաւակները։ Բանանք դպրոցներ, որպէս զի անոնք չխորթանան մենէ, որպէս զի օր մը վերմակի մը կամ անկողինի մը համար այլադաւան կրօնամոլ մարդորսին չյանձնե՜ն իրենց մարդկային արժանապատուութիւնը. բանանք դպրոցներ, որպէս զի սիրեն անոնք իրենց լեզուն, իրենց ցեղն, ամէն ինչ որ մարդկային է, լուսաւոր է եւ գեղեցիկ։
Մեր արդի գրականութեան պանծալի դէմքերէն՝ Տէմիրճիպաշեանի տանք խօսքը. տեսէք ի՜նչ ուժգնութեամբ եւ ի՜նչ ճշդութեամբ պարզած է ան իր հայեացքը։- «Գտնելու աշխարհները հատան, այլ դեռ ո՜րքան աշխարհներ լուսաւորելու. մարդկային ազգի բոլոր ցեղերն ալ ճանչցուեցան, այլ դեռ ո՜րքան ցեղեր քաղաքակրթելու. ընկերութեան բոլոր խաւերն ալ ուսումնասիրուեցան,. այլ յետին խաւերու, ստուարագոյն խաւերուն մէջ դեռ ո՜րքան մթութիւն, ո՜րքան մերկութիւն, ո՜րքան թշուառութիւն նիւթական եւ բարոյական։ Դիւցազն անոնք պիտի կոչուին. ոյք ընթանան ջահ ի ձեռին, եւ ոչ անոնք ոյք արշաւեն սուր ի ձեռին։ Անոնք դիւցազն ոյք ՝ բարձր իմացականութեամբ ու դրիւք խոնարհ դասերուն համակրին, որ գթութեամբ դարմանեն նիւթական աղքատութիւնն, ու գիտութեամբ՝ մտաւոր աղքատութիւնը»։
ՆԵՐԿԱՅԷՆ ԵՒ ԱՆՑԵԱԼԷՆ
[խմբագրել]5 Նոյեմ.
Նախորդ օրերու ամայութիւնը չկայ այլ եւս Առաջնորդարանին շուրջը։ Ողողումէ աղէտեալներ, չքաւորութեան ու զրկումի կենդանի պատկերներ կը վխտան հիմայ եկեղեցւոյն բակը, վերնատունը, մանչերու եւ աղջկանց վարժարանները, մանկապարտէզին մէջ, ամենուրեք, ամենուրե՜ք։ Թրջած քուրջի կտորներ. վերմակի տեսքով գոյնզգոյն ծածկոյթներ կախուած են ասդին անդին, պատուհաններէ վար, վանդակորմերու վրայ՝ արեւուն տակ չորցնելու համար, - ջրհեղեղին խաղերուն արդիւնքնե՜րը բոլորն ալ։
Անօրինակ է խռնումը դրանն առջեւ Առաջնորդարանին որուն պատուհաններէն կ՚սպասեն շատեր՝ ստանալու կառավարութեան կողմէ բաշխուած նպաստին վերջին մնացորդը։ Սպասումի անձկագին, տաժանելի վայրկեաններ, ժամեր, օրե՜ր իսկ։ Այրիներու եւ որբերու սգաւոր թափորն է ասիկա անվերջ, ազազուն եւ աղաչաուր։
Հոդ, մարդկային այդ խճողումին մէջ- ուր ամէն հասակ եւ ամէն դասակ իր ներկայացուցիչն ունի, ամենեքեան՝ հաւասարապէս աղցաւոր, - նայիս, դեռատի կին մը երկար ատեն ոտքի մնալէն եւ անսուաղութենէն կը նուաղի։ Թշուառութենէ թշուառութիւն թաւալող այդ ամբոխը գրեթէ անզգայացած՝ անկարեկիր նայուածքով մըն է որ կը դիտէ իր ոտքերուն տակ մարած ինկած այս կինը։ Սարսռալի ցուցահանդէս կերպ կերպ ցաւերու, կսկիծներու եւ կարօտութեանց՝ որոնցմէ գեր ի վեր՝ բռնաւոր Քա՛ղցը կայ, եւ Քաղցին հետ՝ Մերկութիւնը։
Առաջնորդարանին քովի սենեակն ենք, ներս քաշուած, քարէ յատակով, պզտիկ քառանկիւնի սենեակ մը. տարաբախտ Մուշեղ Սրբազանին խուցն է աս, անշուք, տխրազդեցիկ։ Կու գան կը մտնեն շատեր, իւրաքանչիւրն իր ուրոյն դիտողութիւնները բերած է հետ, բողոք, առաջարկ, գանգատ։ Անոնք կը մեկնին, ուրիշներ կուգան՝ այլ դիտողութիւններով, այլ տրտունջներով։ Բայց որո՞ւ կ՚ուղղուին ատոնք. ո՞վ կոչուած է հոդ՝ զանոնք լսելու եւ գոնէ դուզնաքեայ օգնութիւն մը ընձեռելու տունէ, տեղէ, ուտեստէ եւ կապուստէ գլխովին զուրկ այս մարդոց։
*
Տարաձայնութիւն մը կ՚ելլայ թէ կառավարութիւնը տարեկան որոշ գումար մը պիտի յատկացունէ ոչ-իսլամ կրթարաններու համար, եւ ատկէ պիտի օգտուին ինչպէս ուրիշ տեղերու ՝ նոյնպէս եւ Ատանայի հայ դպրոցները։
- «Ասիկա շնորհ մը ըլլալէ աւելի՝ մեր արդար իրաւունքն է» կ՚ըսէ Սարգիս Պատուելի Տէր Թորոսեան։
Պատուելին եզական թիբ մըն է այս քաղաքին մէջ, հին օրերէ մնացած պատուական եւ անբասիր ծերունի մը, հմուտ քիչ շատ ամէն բանի, եւ արժանի այն տիտղոսին զոր տեղացիք գիտցեր էին կցել իր անուան։ Այս մարդը խղճամիտ կերպով թուահամարն ըրած է բոլոր վնասուց եւ անձերու կորուստին եւ պատրիարքարան ղրկած զայն։ Կը պատմէ մեզի թէ 1872ին կառավարութիւնը գրաւած էր Ատանայի հայոց կալուածներն՝ իբր տուրք Մէարիֆի. այդ թէեւ կրթարաններ բացուեցան, բայց շատ չանցած փակուեցան կրկին, եւ ա՛յդ թուականէն ի վեր տուրքերը կը գանձուին անխափան։ Այս պատճառաւ Պատուելին շատ բնական եւ օրինաւոր կը գտնուէր եթէ կառավարութիւնը տարեկան բան մը վճարէր հայ ուսումնարաններու համար։
Ինչպէս ըսինք, ճշմարիտ գանձարան մը՝ այս Պատուելին հին դէպքերու, պատմութիւններու, անցեալի յուշքերու։ Անստգիւտ յիշողութեամբ մը օժտուած՝ կը զրուցէ իր պատմած դէպքերուն թուականները մէկիկ մէկիկ, չմոռնալով անոնց մանրամասնութիւններն ալ։ Աղէտի օրերուն, ամէնէն մեծ վիշտն է եղած իր ճոխ գրադարանին փճացումը հրդեհի ալիքներուն մէջ։
Գրեթէ ամէն խնդիրի շուրջ, ըլլայ աշխարհիկ հարցերու թէ կրօնական, Պատուելին, ներկայի տխուր օրերէն սկսեալ մինչեւ անցեալի մշուշներուն մէջէն՝ կ՚առնէ կը բերէ ծանօթութեանց առատ պաշար մը. եւ պատմելու մէջ ա՛յնքան ճշդրութիւն՝ որ կարծես երէկի դէպք մը ըլլար իր պատմուածքը։
Չեմ յիշեր ի՛նչ դարձուածքով մը, եկեղեցական ծանրաբեռնուած արարողութիւնները համառօտելու խնդիր մը մէջտեղ կ՚ելլայ մեր խօսակցութեան պահուն։
- Ըստ իս, կը յարէ երրորդ մը, արարողութեանց պարզ կիրարկումո՛վ է որ կրօնքն աւելի տպաւորիչ վեհութիւն մը կ՚ստանայ։
- Այդ ուղղութեամբ փորձեր կատարուած են արդէն, պատասխան կուտայ մեր Պատուելին՝ իր յիշողութեանց մթերքին դիմում ընելով կրկին։ Ու կը պատմէ թէ ասկէ քառասուն տարի առաջ Լուսաւորչեան Ընկերութիւն մը կազմուած էր՝ միակ նպատակ ունենալով Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ արարողութիւնները յապաւել ըստ կարելւոյն, մակաբոյծ տարրերէ մերկացունել եւ Մեծին Ներսէսի ժամանակուան պարզութեան վերածել։ Այս առթիւ կը յիշատակէ անունը Չիլինկիրեան Յակոբոս վարդապետի որ «Պատկեր Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ» խորագիրով գիրք մը երկասիրած է ուր վարդապետութիւնք, Մաշտոց, Շարական, եկեղ[եցական] արարողութիւնք սեղմուած եւ ամփոփուած էին։ Գիրքէն անցնելով հեղինակին, կ՚աւելցունէ թէ ի՜նչ արկածալից կեանք մը կ՚ունենայ այդ վարդապետը վերջէն, եւ դեռ կարգ մը մանրամասնութիւններ։ Պահ մը, երբ Սիսը կը յիշուի իր հնութեանց տեսակէտով. Պատուելին խօսք կ՚առնէ դարձեալ, յիշելու՝ հիանալի հնութիւններ պարունակող վայր մը Լէշէ անուամբ, զոր կառավարութիւնը գրաւած էր Համիտի օրով, կարծես մեզ ոչինչ ձգելու իբրեւ ազգային նշխար։
Յուշքերու մշշապատ բաւիղի մը մէջ կորսուած ենք արդէն. զանոնք քրքրելը պահ մը անոնցմով ապրիլը կարծես անդիմադրելի պէտք մը դարձած է խօսակիցներուս համար։ Հիներուն քով նորերը կու գան աւելնալ իսկոյն, թերթերուն մէջ մեր ա՛յնքան կարդացածներուն եւ բերնուց մեր այնքան լսածներուն քով՝ նոր դրուագներ, մին միւսէն աւելի կսկծագին, մին միւսէն աւելի ահազդեցիկ։- Մեր խումբէն մին կրօնի արարողութեանց հարցէն ուսում մըն է որ կ՚ընէ յանկարծ՝ կրօնի սիրոյն նահատակուողի մը. Ատիլպէր Գասպարեանի, ջարդի օրերուն Միսիս սպաննուած։- «Կրօնքդ ուրացի՛ր որ խնայենք քեզի» գոչեր են իր դահիճները։ «Չե՛մ ուրանար» եղեր է անոր խրոխտ պատասխանը։ Մէկ թեւը կտրեր են նոյնհետայն։ «Կրօնքդ ուրացի՛ր որ ազատիս» ոռնացեր են կրկին։ «Չե՛մ ուրանար» հռնդացեր է ան՝ ցաւէն խածատուող շուրթերուն մէջէն, մինչ իր միւս թեւն ալ կ՚անջատուէր ուսէն, եւ Ատիլպէր ցաւագին հոգեվարքի մը մէջ կը դիակնանար գետինը, դաշտի արիւնլուայ խոտեր՝ իրեն անկողին, նոր Ստեփաննոսի մը լուսապսակն ալ բոլորուելով ճակտին շուրջ։
Եւ դեռ կը կարդանք օրացոյցներու մէջ այլ ընդ այլոյ անունները Կոզմաներու, Դամիանոսներու, Իրաւափառներու, Անդրոնիկոսներու, Ելեւթիւրոսներու եւ չեմ գիտեր ովքերու «որք յԱնկիւրիա կատարեցան»։ Ապրիլ ամսոյ՝ ո՞ր օրերուն եւ ի՞նչ տառերով պէտք էր աւելցունել մանաւանդ անունները բոլոր այն վկայից եւ վկայուհեաց «որք ի Կիլիկիա կատարեցան» յանուն կրօնի, յանուն Քրիստոսի սուրբ հաւատքին….
ՀԱՐՍՆԻՔԻ ՕՐԵՐ
[խմբագրել]7 Նոյեմ.
Կ՚իմանամ որ այս գիշեր մեծ թուող հարսինքներ տեղի ունեցեր են թէ՛ եկեղեցին եւ թէ տուներու մէջ, - եթէ կարելի է տուն կոչել ողորմելի այդ հիւղերն ուր լեցուած կը մնայ մրուրը չքոտի աղէտեալներու։
Նորանշան երեւոյթ մըն է որուն ականատես կ՚ըլլանք օրերէ ի վեր։ Ահա ժողովուրդ մը որ թշուառութեան մէջ թրծուած է, որուն գլխէն հազիւ անհետացած են սուրերու շողիւնը, գնտակի տարափն ու բոցեղէն ամպեր. ահա ժողովուրդ մը որ իր բոլոր դժբախտութեանց վրայ ողողման պատուհասին յաւելումն ալ տեսած է, ժողովուրդ մը որ մերկ է եւ անօթի, հիմայ ամուսնանալու, զաւակ կարգելու տենդէն բռնուած է…։
Չափահաս որբուհիներ, դեռատի անտէր այրիներ կը փնտռուին, կը գտնուին անմիջապէս, - քանի որ այդ մասին սով չկայ, - տեսութիւն մը կը կատարուի ծնողքի եւ պարագաներու միջեւ, ու ա՜լ ամէն բան կարգին է։ Հարսնիքը նոյն օրը, կամ առ առաւելն երկու օրէն տեղի կ՚ունենայ՝ անօժիտ եւ անփառունակ։
Հարսնիքներու այս անսովոր առատութեան ծնունդ տուած է թերեւս բաղձանքը զերծ մնալու մօտալուտ զինուորագրութենէն որ Դամոկլեան սուրի մը պէս կախուած կ՚երերայ անձիւր տղամարդու գլխուն վերեւ։ Ա՜յդչափ մարդ էր մեռեր իրենց մէջէն. պիտի ուզէին որ քանի մը էրիկմարդ աւելի պակսէր. հեռանար իրենց քովէն՝ նոր հարկի մը բերմամբ։ Որդւոցը մահացումը տեսած մայր մը, բազմանդամ ընտանիքէ մը՝ երբեմն բնաւ, երբեմն ալ հազիւ իրեն մէկ - երկու զաւակ մնացած կին մը ինչպէ՜ս կարենար տոկալ նաեւ բաժանումին այն զաւկին՝ որ իրեն համար ամբողջ օճախը, լման գերդաստանը ներկայացունելու կոչուած է. ինչպէ՛ս այպանել այդ մայրերը՝ զաւակ կարգելու իրենց տխուր փութկոտումին համար։
Հարսնիք ամէն օր, պիտի ըսեմ համարեա թէ ամէ՛ն ժամ։ Ամէն անգամ որ առաջնորդարանի փողոցէն կ՚անցնիմ կամ առաջնորդարան կը մտնեմ, անպատճառ կա՛մ հարս մըն է որ ներս կ՚առաջնորդեն, կա՛մ նորապսակ ամոլ մըն է որ դուրս կը հանեն, խումբերը յաճախ զիրար դիմաւորելու հարկին մէջ։ Անշուք անշշուք հարսնիքներ, տխրաքայլ հարսանեակներ՝ բոլորն անժպիտ եւ անխօս։ Ամուսնական կեանքի դառնութիւնները, պատահական դժնդակութիւնները հեռատեսող էակներ ըլլային ասոնք կարծես. ա՛յնքան խոհուն են իրենց դէմքերը, տեսէ՛ք, եւ անքան տարամերժ՝ իրենց շրթունքն ամէն խինդի եւ խրախութեանց։
Հարսնիքներ են ասոնք. աւելի ճիշդ պիտի ըլլար ըսել՝ բարեկենդանային ցուցադրումներ, տարազի եւ տեքօռի տեսակէտով։ Մի՛ ուշադրութեամբ նայիք հարսին հագուստներուն. ասկէ անկէ ճարուած պոռոտ կամ մարած գոյներով դիակէ մաշուկ բան մըն է զոր հագցուցեր են անոր։ Պէտք չէ որ նայուածքնիդ յամենայ անոր վրայ, հասկընալու համար թէ ո՞ւրկէ սկսած է մէջքին կորութիւնը, պարեգօտը նե՞ղ է թէ լայն, կամ ուսերը կրցա՞ծ են իրենց տեղերը մնալ, քղանցքը շա՞տ երկայն է՝ վրան կոխուելու աստիճան, կամ շա՞տ կարճ՝ ոտքերը դուրս մնալու չափ, կամ, վերջապէս, ի՞նչ ձեւով շփակը գրկած է անոր իրանը։ Շղարշի մը կտոր կախեր են գլխէն, - ետեւէն կամ առջեւէն, խնդիր չէ, - արծաթ թելի ցանցառ սպրդումներ՝ մազերուն վերեւ, շուրջանակի, արուեստական ծաղիկներու գունատ, ծռմռկած թագ մըն ալ շեղակի դրուած։
Բոլոր այս զարդարանքի թափթփուքներուն մէջ որոնցմով ուզեր են պճնել ու գեղեցկացունել հարսը, - յուսահատական, լքուն կերպարանք մը ստացած է ան։ Դէմքէն որոշ յայտնի է թէ տօնոյթի մը ցնծութիւնը չփոթորկիր իր հոգիին խորը՝ ճիշդ այդ ժամուն որ իր կեանքին ամէնէն հանդիսաւոր պահն է։ Տխուր է, զինքը կնութեան կու տան մարդու մը զոր թերեւս նոր տեսած է, որուն ո՛վ կամ ի՛նչ ըլլալը չգիտեր։ Ո՞ւր պիտի երթայ, ի՞նչ կեանք կ՚սպասէ իրեն. մահագի՝ն անստուգութիւն։ Փեսան իր կարգին, - հազիւ մրոտած պերեւեշտներով տղայ մը յաճախ, - իր կեանքին ընկերուհի կ՚ընտրէ աղջիկ մը որուն հետ խօսած իսկ չէ։- Պէտք է աճապարել սակայն, կարելի եղածին չափ շուտ տեսնել աւարտել հիմէնեան ամէն հանդերձանք, վասն զի զինուորագրութիւնը սկսած է մէկ կողէն։
Լա՞լ, խնդա՞լ թէ արգահատիլ. իրենց կեանքի ողբերգութենէն վերջ՝ ահաւասիկ իրենց կեանքի դառն կատակերգութիւնը։ Ի՜նչ նորօրինակ երեւոյթ է, Աստուած իմ, ի՜նչ աներեւակայելի շարժում, որ քանի մը ամիս առաջ հուր ու սուր ողջունած ժողովուրդ մը կը մղէ այսպէս խելայեղօրէն ամուսնանալու՝ կարծես պակսածներուն շարքերը լեցունելու եւ անոքիկ մանկամարդներու մնայուն պաշտպաննե՜ր տալու համար։
Բայց մենք մոռցա՛նք խօսիլ հարսանեկան ծախսերու մասին։ Ամբողջական ծախսը - մի՛ հեգնէք, խնդրեմ, յաճախ ութը մէթալիկը չանցնիր…։ Բախտաւո՜ր ամոլներ՝ որ ա՛յսչափ աժան կը տիրանաք ձեր երջանկութեան։
Քիչ մը առաջ տեղ մը գտնուեցայ ուր պսակ տեղի կ՚ունենար։ Այրեր փեսան զգեստաւորեր էին նախապէս՝ յատուկ սենեակ մը, կրօնական սրտառուչ մեղեդիներով, անոր գուլպայէն ու կօշիկէն սկսեալ մինչեւ անոր վերարկուն։ Յետոյ փեսայացու խումբը փեսին ընկերակցութեամբ գացեր էր մօտակայ տուն մը՝ հարսը բերելու. այդ պահուն փեսին տանը պատուհանէն ափ մը շաքար նետուած էր հարսին վրայ։ Ինձ ըսին թէ շաքարին քանակն անշուշտ աւելի շատ կ՚ըլլար, եթէ իրենց առջի ատեններն եղած ըլլային։
Մինչ այս մինչ այն, պսակադրութեան հանդէսը կանխող ձեւակերպութեանց սկսուած է եւ պսակն աւարտած։ Տեսայ որ հարսը դէպ ի կիներու խումբը կ՚առաջնորդուէր եւ ձեռք-պահքի արարողութիւնն ընելէ վերջ կը մնար անոնց քով. մինչեւ որ «նստէ՛ աղջիկս» հրամանը ստանար։ Ապա քանի մը կիներ շարուեցան անոր դիմաց եւ «բարով եկար, աղջիկս, հազար բարով» ըսելով գաւառիկ շուրջպար մը սկսան դառնալ ձեռք ձեռքի բռնած։ Բայց թեւերը թուլցած են տակաւ, կիները ցրուած վհատ վիճակներով, երգն ալ մէկ երկու բառերէ անդին դադրած։ «Բարով եկար»ը բաւ եւ շա՜տ էր արդէն սի՞րտ կար աւելի ըսելու, սի՞րտ կար երգելու եւ պարելու։ Նոյն պահուն նշմարեցի որ կին մը եկած էր հարսին կօշիկները հանելու եւ շղուականներ հագցունելու, մինչ հանած ոտնամանները խնամօք թօթված միջոցին՝ երկու տասնոց կ՚իյնային մէջէն։ Հանողին վարձքն էր ատիկա. ուրիշ օրեր, - հի՜ն բարի օրեր, - ի՜նչ դրամներ կը սահէին այդ կօշիկներէն վար…։ Տխուր վերյիշումներ այսպէս՝ անցեալէն, վիճակներու բաղդատականն իրենց նախկին եւ արդի կենցաղներուն, յաճախակի։ Քիչ յետոյ դեռատի աղջիկ մը, գոգը լեցուցած հացի պատառներ, կու գայ ներկաներուն բաշխել. հարսնեւորք կը ճաշակեն մէյմէկ հատ. «Հարսին հացն է» կ՚ըսուի, պէտք է ուտել։ Հարսնիքը լմնցած է, քահանան օրհնած՝ ամոլը, կ՚սկսին ցրուիլ ներկաները։
ՕՏԱՐ ՀԱՍՏԱՏՈՒԹԻՒՆՔ
[խմբագրել]9 Նոյեմ.
Մր. Չէմպըրսի տունը կը տեսնեմ այսօր Միսիս Շէփրրտը, բարերար հրեշտակ մը Ատանացի աղջիկներու եւ կանանց համար։ Ամերիկուհի մըն է ինք որ 25-30 տարիներէ ի վեր համօրէն Սիսուանի քաղաքները շրջայած է, դպրոցէ դպրոց անցած, արհեստանոցներ հիմնած, շատերու ասեղնագործութիւն ուսուցած եւ ընդարձակ գործառնութիւններ ունեցած Անգլիոյ եւ Ամերիկայի հետ։ Զուլհայագործութենէն սկսեալ մինչեւ ամենանուրբ ժանեակներն ու օխաները գաղտնիք չունին իրեն համար. ձեռարուեստի բոլոր ճիւղերուն մէջ ստեղծագործող միտք մը վերջապէս՝ որ քիչերու կրնայ տրուած ըլլալ։
Զինքն ի համբաւոյ կը ճանչնայի արդէն։ Գրեթէ հպարտութեամբ մըն է որ կը կրէ կտաւէ քղանցք մը՝ զոր ինք իր ձեռքով է հիւսեր. նաեւ օձիքն եզերող ժանեակը զոր կարելի է նկատել գլուխ գործող մը ասեղնակար բանուածքի նրբութեան։ - Իրեն հետ կ՚երթանք այցելել արհեստանոց։ Միսի Շէփըրտ հիմնած է զայն վերջերս, աղքատ կիներու գործ հայթայթելու առաջադրութեամբ։ Բաւական մը կան աղջիկներ ու կիներ որոնք եկած են հոս եւ վշտակոծ գլուխնին հակած՝ կարկահներու եւ կտաւի թելերու վրայ, կը դատին օրն ի բուն, շահելու համար քանի մը տասնոցի այն աւուրչէքն որով պիտի կարենան իրենց ազազուն կեանքները քաշքաշել այս ապերջանիկ երկրին մէջ։
Արհեստանոցին կանոնաւորութիւնը, կարկահներու առջեւ շարուող հայուհիներու ժրջանութիւնը, կարօտութիւններ աշխատանքով, օրհնեալ ասեղո՛վ հոգալու այս գերազանցապէս մարդասիրական գաղափարին գործադրութիւնը, բոլոր ասոնք սփոփանքով եւ հաճոյքով կը համակեն զիս։ Սակայն եւ այնպէս չեմ կրնար սիրտի սեղմում մը զսպել միանգամայն, միտք բերելով Օրիորդ Օհանջանեանն ու ուրիշներ՝ որոնք մի՛եւնոյն այս քաղաքին մէջ Հայ Արհեստանոց մը բանալու համար ամէն ճիգ ու հնարք թէեւ թափեցին, բայց մատնուեցան անյաջողութեան, ի չգոյէ դրամի…։
Երախտագիտական պարտք մընէ զոր իբր հայ անհատ կ՚ուզենք լնուլ, երթալու շնորհակալ ըլլալու տեղւոյս ֆռէռներուն՝ այն վեհ մարդասիրութեան եւ դիւցազնական աննուիրութեան համար զոր ցոյց տուին անոնք, հալածական հայեր պահպանելով ջարդի օրերուն, եւ առ այդ՝ իրենց անձն ալ վտանգի դնելով ի հարկին։
Եղբայր Անթուանն է զոր կ՚ողջունենք ամէնէն առաջ՝ գիշերօթիկ իրենց դպրոցին դրան սեմին վրայ։ Իր վառվռուն, սթափ եւ յանդուգն արտաքինը յայտնի բացուցականն է արդէն։ Այս ֆռէռ ն էր որ վարի եկեղեցւոյն մէջ բոցերէ եւ գնտակներէ պաշարուած ժողովուրդին աղէկտուր ճիչերը լսելով՝ վաղվաղակի կը փութայ դէպ ի եկեղեցի եւ հոն խռնուած զօրքերուն երեսուն ոսկի բաժնելով կ՚աջողի կասեցունել կատաղի հրացանաձգութիւնը. յետոյ իրենց դպրոցը կ՚առաջնորդէ ներսի սարսափահար ամբոխը, մինչ անդին՝ եկեղեցին խուժանին տարտարոսեան քմայքներուն անձնատուր՝ իր լուսամուտներէն հուր ու ծուխ կ՚արտաշնչէր անդադար, Դիմագրաւում մըն էր ասոր ըրածը մեծ եւ անխուսափելի վտանգին, կեանքերու փրկութեան համար դէպ ի մահ խոյանք մը, ճշմարիտ, անշահախնդրի հերոսութիւն մը ի մի բան։
Ֆռէռներ մեր մօտ փութացած՝ ներս կը հրաւիրեն զմեզ։ Նորոգութիւններ կը կատարուին, շէնքեր կը կանգնուին։ Ասոնք ալ անմասն չեն մնացած աւերներէ. այրեր էր եկեղեցինին եւ քանդուեր՝ դպրոցնուն մէկ թեւը։ Կը պտըտցունեն զմեզ կերտուելու վրայ եղող բաժինները։ Վարժարանին վերի յարկէն կը դիտենք շուրջի այրացաւեր տարածութիւնը։
Լուռ եւ տխուր Հայոց դաշտեր գեղեցիկ։
Քաջորերոյն աճիւններով դեռ ահեղ՝
Ու սուրբ շիրմանց ծածկէ տեսիլ խաղաղիկ…
Երջանիկ ազգի մը երջանի՜կ զաւակներ, կը խորհիմ տրտմօրէն՝ նայելով Ֆրանսացի այս աբեղաներուն որ ա՜յնքան վնասներու էին մատնուեր, իրենց աղօթատեղին հրդեհուեր, կրթարաննին քանդուեր, բայց ահա անոնք ունէին կրկին ներքին ոյժ մը. նիւթական բարեկեցութիւն մը՝ այրածն ոյւ փլածը վերականգնելու։ Ո՞վ պիտի շինէր սա հայապատկան շէնքերը՝ սե՛ւ պատերու կոյտ, ո՞վ պիտի կառուցանէր Մուշեղեան եւ Աբգարեան հոյակապ վարժարաններն որոնք կը մնան քիչ հեռուն՝ իրենց լքումին եւ աւերածութեան մէջ տխրատեսիլ…։
ԼՈՒՍԱՆԿԱՐՉԱՏԱՆ ՄԷՋ
[խմբագրել]10 նոյեմ.
Բացումը դեռ նոր կատարուած էր Ատանա՝ Ազգանուէր Հայուհեաց վարժարանին ուր մեծ մասամբ ծնողազուրկ հէք աղջիկներ կ՚սկսէին յաճախել փոյթեռանդն, երբ հարկ դատուեցաւ լուսանկարել տալ սանուհիները խումբ առ խումբ, որպէս զի Եգիպտոսի Մելքոնեան եղբարք ու Մագրիգիւղի հայ տիկնայք հեռուէն՝ տեսնելով իրենցմէ որդեգրուած անբախտ էակներուն պատկերները, կարենային վայելել անոնց հանդէպ տածած իրենց ջերմ ու թրթռուն համակրութեան շօշափելի մէկ ապացոյցը։
Դիմեցինք Արապեան Սամուէլի, - միակ լուսանկարիչը քաղաքին, ազնիւ, վեհոգի, երիտասարդ մը, որ Զուլումի վաղորդայնին իսկ՝ «քօտաք» ի ձեռին, բոցերու եւ արեան ճապաղիքներու մէջէն անցած էր. ջախջախուած ոսկորներու, բացուած վէրքերու, յօշ յօշ պատառուած մարմիններու առջեւ կեցած էր՝ իր ցեղը հարուածող, իր ցեղը անճիտող անպարագրելի ցաւը կուրծքին տակ, մէկիկ մէկիկ լուսանկարելու վախճանական վարագոյրները՝ Մեծ-Եղեռնին։ Թաղէ թաղ անցնելով, գիւղէ գիւղ շրջելով բոլոր արկածեալ վայրերուն մէջ թափառայած, խիզախելով ամէն վտանգի եւ դիմագրաւելով ամէն սպառնալիք, այսպէս այդ անձնուրաց, անվեհեր եւ աննկուն հայորդին կենդանագրած էր անդադար զԿիլիկիա մահացունող սեւ ցաւն իր զահանդումին մէջ, աճիւնի վերածուած բոլոր գիւղերը եւ բոցերէն լափուած բոլոր շէնքերը, քանդուած հայու շէն օճախները, յետոյ զանոնք ցրուելով ամէն անոնց որոնց հետաքրքրիր էին տեսնելու Կիլիկեան տռամին մանրամասունքն ամբողջ, եւ վերջապէս այդ պատկերները լիաբուռն բաշխելով, որպէս զի համօրէն աշխարհ տեսնէր ու հաւատար թէ սանդարմետական ի՞նչ անցքեր տեղի ունեցած էին դրախտանման Կիլիկիոյ անուշ երկինքին տակ։
Այս մարդն էր ահա՝ որուն կ՚այցելէի ցորեկ մը, դպրոցին աղջիկները լուսանկարելու խնդրանքս ներկայելու համար։
Փոքրիկ ու խիստ սիրուն աղջկանց խումբ մը եկած լեցուած էր անոր գործատեղին։ Ամերիկացի վ արժուհիի մը ներկայութիւնն իրենց մօտ՝ ամէն ինչ կը պարզէ։ Որբուհիներ են ասոնք ալ. Հայու զաւակներ, ջարդի ու հրդեհի յաջորդ օրն իսկ հաւաքուած թշուառ խլեակներ բոլոր։
Ուրախ են ամէնքն ալ, ժպտագին, կայտառ ու կայտռուն, անդադար կը ճռուողեն իրար հետ։ Ոչ նուազ բարեացակամ խանդ մը կը խառնէ իր խօսուածքին ու շարժուածքին՝ իրենց ուսուցչուհին Միս Ուէպ ու անոր խրախուսիչ ակնարկին տակ՝ տղաքն աւելի ազատօրէն կը խօսին ու կը խնդան։ Իրենց համար նոր, անօրինակ եւ դիւթահրաշ դէպք մըն է որ պիտի պատահի, պատկերնի՜ն պիտի հանուի, իրենց դէմքերը թուղթի վրայ լուսանկարուած պիտի տեսնեն։ Իրարու բաներ մը կ՚ընեն, եւ ահա գլուխներ ուսերու մէջ կը կկզին, ժպիտներ իրենց նուռ շութերուն վրայ կը փթթին, ուրիշներ ձեռքերնին աչքերնուն բռնած՝ իրենց խնդումը վարագուրելու խպլիկ ձեւեր կ՚առնեն։
Միս Ուէպ՝ որուն հետ կ՚սկսինք տեսակցիլ, կը յայտնէ թէ Ամերիկա պիտի ուղարկուին անոնց կենդանագիրները՝ պաշտպաններ, հայեր գտնելու համար անոնց։
- Բայց ի՞նչ զարմանալի բան, կը յարեմ, գրեթէ իւրովի, այս աղջիկներուն ամէնն ալ, գրեթէ առանց բացառութեան, գեղադէմ են, սիրուն ու տեսքոտ, կարծես թէ բոլորն ալ մէկիկ մէկիկ զատուած ու այնպէս առնուած են։
- «Ի Հարկէ» կը կցէ օրիորդը արագաբար, եւ աղջիկներէն մէկուն տրուելիք մէկ դիրքը մը ստիպէ զինքը քովէս հեռանալու։
- «Անունդ ի՞նչ է, աղջիկս», կը հարցունեմ մօտս կեցող պզտիկի մը որուն դէմքն անհունապէս գրաւիչ է։ Ծաւի աչքեր, դեղձան մազեր, ու վարդեր իր կաթնաթոյր այտերուն վրայ, հրեշտա՜կ մը պարզապէս։
Կ՚երկբայիմ հարցումիս պատասխան մը ստանալուս մասին. քան զի տեղացի հայը դժխախտաբար թրքախօս գոլով, հազուադէպ պարագայ մըն է եթէ հանդիպիս հոս մէկու մը որ հայերէն լեզուն հասկընայ ու խօսի։
- Իմին անունս Լուսածին է, կ՚ըսէ անիկա, անուշ ձայնով մը, թեւթեւ մը խպնոտ, ու ծիծղուն միանգամայն, ծիծա՛ղ որ իր այտերուն սիրուն փոսիկները կը շեշտէ։
- Ապրի՛ս, աղջիկս, հայերէ՛ն գիտես եղեր. ինչ ալ աղուոր կը խօսիս. ո՞ւր տեղացի ես դուն…
- Հաճընցի։
Գաղտնիքը պարզուած էր. տեղի չկար զարմանալու, քանի որ իմացած էի թէ Հաճնոյ հայը թրքախօս չէր եւ իրեն յատուկ ունէր գէշ աղէկ հայերէն մը։
Ուշադրութիւննիս գրաւուած է պահ մը պզտիկ աղջիկով մը որ գործիքին դէմը բազմած է եւ անզուսպ քրքիչ մը ունի. ի զուր ձեռքը տանելով աչքերուն՝ կը շփէ զանոնք խնդուքը վանելու ճիգով։ Նոյն պահուն կ՚իմանամ մեղմ, քնքուշ ձայն մը ձախէս.
- «Տիկին, տիկին, ասիկա՛ ալ հայերէն գիտէ…»։ Եւ ահա մօտս կը տեսնեմ Լուսածինս, որ ուրիշ իրմէ փոքր աղջկան մը ձեռքէն բռնած, ինծի ներկայացունելու եռանդ մը ունի յաղթական նայուածքով մը։
- Իրաւ, ա՞ս ալ հայերէն գիտէ. աս ի՞նչ աղուոր աղջկներ էք եղեր դուք… տեսէք ի՜նչ աղուոր կը խօսիք կոր ձեր լեզուն… ըսել է ա՛ս ալ Հաճընցի է։
- Այո՛, տիկին։
Անսովոր ուրախութեան մը փայլը կը շողայ աչքերուն մէջ՝ իրենց լեզուագիտութեան գնահատումէս կէս մը խրոխտ. ազգակիցի մը կողմէն իրենց ընդունած դրուատական խօսքեր ուրիշ տեսակ հրճուանքով մը լեցուցած են զիրենք։
Կի նայիմ իրենց, ու ցաւ մը հոգիս կը դղրդէ նոյնհետայն։ Ասոնք, հայու այս զաւակներն որոնք հպարտութեան պէս բան մը կ՚զգան իրենց մայրենի լեզուն կարենալ խօսելնուն համար, վաղը խորթացած ու նոյն իսկ արհամարհոտ ալ պիտի ըլլան անոր նկատմամբ։ Ու ինչպէս հոգիս չի լեցուէր ցաւով, ցորչափ ականջիս մէջ ունէի նոյն այդ աղջկանց ամերիկացի վարժուհիներուն սա խօսքերը սառնալուր՝ բազմիցս յեղյեղուած։
Պիզիմ տուավամըզը էաբաճագսընըզ, պիզիմ տիլիմիզի էօյրէնէճիքսինիզ ։
Թո՛ղ սորվին ձեր լեզուն, ո՜վ լուսամիտ ու մարդասէր «միս»եր, թող ձեր աղօթքն ընեն, ո՜վ լայնախոհ քրիստոնեաներ. բայց ինչո՞ւ, ի՞նչ պատճառաւ չսորվին իրենց մայրենի լեզուն եւ դատապարտուին օրին մէկը գլխովին մոռնալու զայն, ինչո՞ւ վազը խորթ աչքով նային զիրենք ծնող ու սնող ցեղին, ինչո՞ւ անտարբեր. օտարոտի եւ ուծացած ձեւանան բզքտուած այն մեծ զանգուածին հանդէպ որուն մասերն են իրենք ՝ հայութեամբ ու կենդանութեամբ բաբախուն։
Միս Ուէպ. որ սկիզբները բաւական սիրալիր վարմունք մը ունեցած էր ինձ նկատմամբ, կը դիտեմ որ լրջացած է ու իր աչքերը ցուրտ փայլ մըն են առած 35է աւելի սանուհիներ կը նստին մի առ մի խաւաքարտէ ձեւացած ժայռի մը վրայ եւ անձնիւրն իրենցմէ կը կրկնէ նոյն միմոսական շարժումները, նոյն ծիծաղները, տեսակ մը պատիւի հասած ըլալու յոխորտանք ուռեցունելով իրենց պզտիկ կուրծքերը։ Չեմ գիտեր սակայն ի՞նչ կարգադրութեամբ, վերջին պահուն, վարժուհին կ՚ազդարարէ Արապեանի որ յետաձգէ Լուսածինը լուսանկարելը։
Հետս հայերէս խօսող, հետս ժպիտով ու քաղցրութեամբ վարուող Լուսածին այդ օր իր յանցա՞նքն ունէր քաւելիք, որ տարապարտուց կը զրկուէր այդպէս լուսանկարուելու գերագոյն հաճոյքէն։ Իր վիշտն իրմէ ինծի փոխանցիկ կը դառնայ իսկոյն. ու տակաւին կ՚զգամ ականջներուս մէջ դռնչելը Նոր Աշխարհի վարժուհեաց յանկերգն անողոք։
Պիզիմ տինիմիզ, պիզիմ տիլիմիզ …։
Եւ ապահովաբար իրաւունք ունէր բանաստեղծն երբ տարինե՜ր առաջ տաղերգած էր ողբանուագ.
Օտար աստղեր լոյս չունին,
Օտար ծառեր շուք չունին։
ՊԱՏԿԵՐԻՆ Ի ՏԵՍ
[խմբագրել]11 նոյեմ.
Արապեանէն լուսանկար մը կ՚ստանամ այսօր։ Ի՜նչ ուրուատեսիլ բան մը կայ թուղթի սա կտորին վրայ. կը նայիմ անոր, սեւեռաբիբ, անյարիր, անվրդով։
Ամպամած երկինքի մը տակ, մութ յատակի մը վրայ՝ ա՛լ աւելի շեշտուած մթութեամբ մարդկային կերպարանք մը կը յառնէ։ Ամէն ինչ խաւարի ծրարում մըն է իր վրայ, յոտից ցգլուխ, բաց ի լայնշի փաթթոցէն որ աղտոտ սպիտակութեամբ մը գալարուած է իր գմբեթարդ ճակտին շուրջ։ Կոճղի պէս կոշտ ոտքերը պարփակուած են տրեխներու մէջ, սրունքները՝ շալվարին ծալքերուն տակ, իսկ իր մէջքը՝ կտաւի մը սեղմ փաթոյթներով գօտեպինդ։ Տարազի, կեցուածքի եւ նայուածքի այս ահաւոր ամբողջութեանը մէջ, մարդ չէ՛ թէ հասարակ մուրացիկ մը, կամ սոսկալի յելուզակ մը պիտի կարծէ տեսնել, այլ ժամանակէն սեւցած խոշոր քար մը կօռելի՝ շեղակի ցցուած, մէկ բառով՝ վիմեղէն մարմնացո՛ւմը մշտակառոյց. մշտամռո՜ւնչ աղօթողի մը։
Ատանայի կամուրջին, դարերու պատկառելի հնութեամբը համբաւաւոր այդ կամուրջին վրայ իր կայքն ըրած է ան, կռնակը տուած հաստաբեստ պատին, գլուխը վեր, նայուածքը պիշ պիշ դէպ ի երկինք, գոգցես զայն չափելու, անոր անհունութեանը մէջ խորասուզուելու անսահման կարօտով մը։
Կամուջէն քիչ մը հեռու, միջոցին մէջ կը բարձրանայ մինարէ մը. իսկ հոս, սա անծանօթ մարդուն առընթեր՝ ծիծղուն դէմքը կայ չարաճճի տղեկի մը, որ պատահաբար անկէց անցնելուն՝ եկած տեղաւորուած է լուսանկարին մէկ անկիւնը։
Ընդ երկա՜ր կը դիտեմ պատկերը. կ՚զգամ թէ աչքերս յամառութիւնն ունին դեռ անոր վրայ գամուած մնալու, անոր հոգիին թափանցելու։ Արեւելքը յատկանշող միստիքականութեամբ՝ սա մինարէին միամիտ ու խոհուն ցայտքը, վարը՝ մութին հուծութիւնը, Սիհունի ջուրերուն վրայ բարձրացող կամուրջին ամայութիւնը, մանաւանդ ուրուատիպ կերպարանքով այս մարդուն մեկուսացումը, դէմքին խաղաղաւէտ ու երկնագէտ վեհութիւնը. բոլոր ասոնց գերազանցօրէն տպաւորիչ ազդեցութիւն մը թողուցած են վրաս։ Օ՜հ, այդ երկնապիշ նայուա՜ծքը…։
- Գիտէ՞ք ո՞վ է այդ մարդը, կը ձայնէ յանկարծ ծանօթ մը քովէս. ատիկա այն հռչակաւոր հրէշ հօճան է որ կոյր, ծեր եւ անկարող ըլլալով, խնդրած է համազգիներէ- ջարդի օրերուն- կէավուր մը բերել իրեն՝ իր ձեռքո՛վը մորթելու համար, որպէս զի արժանի ըլլար երկնից արքայութեան։ Փափաքին հասած էր…։
Վերջին պարբերութեան հետ, ականջներս կ՚սկսին խժալ։ Լուսանկարը ձեռքս՝ քարացած կը մնամ։ Կը յիշէի. շատ լա՛ւ կը յիշէի՝ ժամանակին՝ պօլսական թերթերու մէջ կարդացած ըլլալս ոգիսականն այս վատթար ծերուկին, զգացած կատաղի պժգանքս այս մարդահրէշին համար։ Յափշտակութիւնս ի՜նչ շուտ կը փոխուէր հիասթափութեան եւ ի՜նչ ուժգին կ՚զգայի հիմայ խռովք մը՝ ամբողջ էութիւնս դղրդող։ Ծերունին համակ ուրացումն էր բարութեան, ազնուութեան, համակ որջացումը գազանական կիրքերու, համակ նախատինքը պատկառանքի եւ վեհութեան, մինչ ես, աւա՜ղ, այնքան միամիտ էի գտնուեր պահ մ՚առաջ խորհուրդ ու շնորհ նշմարելու իր վրայ, առ Աստուած հայեցողի իր կերպարանքէն խաբուելով։
Կեցի՛ր հոդ, ո՜վ եպերելի արարած, շարունակէ՛ նայիլ երկինքներուն եւ Ալլահիդ, գործած արարքիդ սրբութիւ՛նը խոկա կամ ապաշաւիդ սաղմո՛սը քաղէ օրն ի բուն, երկուքը մէկ են ալ։ Օրհնութի՛ւն հայցէ կամ նզո՛վք մուրա, տարբերութիւն չըներ, քանի որ խղճամտանքիդ քո՛ւնն ունիս խորդալիք…։
Քանիօ՜ն քաղցր է արդեօք քեզ համար ի յուշ ածել Ապրիլի օրերը։ Կայէնի սիրտ եւ Կայէնի ձեռք ամենուրեք. հատ մըն ալ քուկդ ինչո՞ւ չաւելնար անոնց վրայ՝ Աբէլ մը աւելի՝ մահացուցած ըլլալու երանութեամբ։
Քու ցամքած երակներուդ մէջ ինչպէ՜ս շրջան ըրած մոլուցքը փողոտումի, լուսեղէն ի՜նչ արբշռանք էր այդ որ քու տկար բազուկներդ արիացուցեր էր աստուածահաճոյ այդ գործին համար՝ որ պիտի բանար քեզի քու երազա՜ծ արքայութեանդ ճամբան։ Մթութեամբ խտացած ակնակապիճներուդ մէջ ի՜նչ կայծ էր այդ որ շողացեր էր յանկարծ, դէպ ի Եդեմ երթդ դիւրացունելու համար։
Կեցի՛ր հոդ, սինլքոր, առ յաւէտ արձանացի՛ր, աչազուրկ գանկդ դարձուցած դէպ ի սա մինարէն, եւ եթէ չես կարող տեսնել՝ լսէ գոնէ անոր բարձունքէն երգուող փառաբանութիւնը սրբազան։
Ալլահ էքպէր…
Ակա՛նջ դիր այդ աղաղակին, եւ դողա, դողա՛ ոճիրէդ։ Յետոյ յիշէ հռնդիւնները զոհիդ, ոտքերուդ տակ թալթալող եւ հաւու պէս մորթուող կաղկանձիւնները զոհիդ՝ որուն թերեւս ողորմութի՛ւնն ալ ընդունած էին օրին մէկը, յիշէ այդ ձայները, վայրկեան մը գոնէ խիղճդ ձայնն առնելու համար խաւարամած էութեանդ խորքէն, դուն՝ ալեւոյթի նախատինք, դուն՝ անէծքի արձան, դուն սեւ ժահրը մարդկութեան…։
Հի՛մայ կը հաւնիմ կոր, ո՜րչափ ալ լաւ ես լուսանկարուեր, աղջամուղջը թանձրացեր է ամբողջ մարմինիդ շուրջ՝ կարծես սիրտիդ յաւիտենական սեւութեան հետ լծորդ գալու համար։ Ձեռքդ պառխաճ մըն ես բռներ, նո՛ր նշմարեցի. ամէն օր անցորդներու գթութեանը կ՚ապաւինիս, հոն ձգուած տասնոցներով ու նպարներով ապրուելու, քու մրգուզ գոյութիւնդ քաշկռտելու աշխարհի վրայ։ Այդ ամանին պէս՝ քու զոհիդ հոգին պիտի ուզէի որ մինչեւ քու մահդ կախուա՛ծ մնար վիզդ ի վար, ձեռքդ ի վար, իբր զարհուրելի յուշարար՝ եղեռնական արարքիդ…։
Այսուհետեւ, դուն՝ զառամած ոճրագործ, կամուրջին վրայ կուրութեանդ ողբագին վիճակը մարդերու ցուցադրելով անոնց գթութիւնը խնդրելու տեղ՝ հայցէ՛ անդադար Աստուծո՛յ ողորմութիւնը, պարզէ՛ Անոր հոգիիդ ու միտքի՛դ կուրութիւնը, սրտա՛նց զղջա, թերեւս թողութիւն շնորհուի քեզ այն ոճիրիդ համար զոր տգիտաբար, զոր խժաբար գործած էին յանուն Իր Անուան, յանուն Իր փառքին…։
ՄՕՐ ՍԷՐ
[խմբագրել]12 Նոյեմ.
Չիք ինչ կարող փոխանակել
զմայրագութ աղեաց գորով։
Հանդարտ կէս օրէ վերջ մըն է։
Դպրոցի զանգակը բաւական ատենէ ի վեր զբօսանքի դադարն ազդարարած է, եւ աղջիկներ՝ պարտէզէն վեր՝ իրենց դասարաններն են առաջնորդուած։- Պայծառ, անուշ արեւ մը կ՚ողողէ այրացաւեր Ատանան։ Հեռուն ամէն ինչ կորսուած է հորիզոնի տարտամութիւններուն մէջ։ Իսկ մեր մօտը՝ դպրոցին դէմ տարածուող համասփիւռ փլատակներ իրենց խել խօլ խառնակոյտերով եւ իրենց տխրատեսիլ փռուածքին մէջ՝ արեւու ճառագայթներուն յորդ պայծառութեան տակ կը փողփողին դամբանական մռայլ փայլով մը։
Շուրջի աւերներուն ու մոխիրներուն մէջտեղ կանգնած դպրոցը- մեռելային ցուրտ դաշտանկարի մը առջեւ- իր աշխատանքի համեստ կեանքը կը բոլորէ ներսը՝ միշտ յուսալից, միշտ ակնդէտ լուսաւոր ու բարի ապագայի մը՝ ա՜յնքան դժխեմ ու քստմնելի օրերէ վերջ։
Ադ պահուն պարտէզին դուռը կը բացուի մեղմիւ եւ մանկամարդ կին մը ստուերի պէս ներս կը սողոսկի. կը յառաջանայ վարանոտ քայլերով։ Որքան կը մօտենայ ան, այնքան աւելի կ՚որոշուի իր թախծագին դէմքը՝ մեղրամոմի դժգունութեամբ, ուր դիւրին է կարդալ զրկումներէ եւ զուլումի օրերէ դրոշմուած գիծեր, որոնք դարձեալ չեն յաջողած եղծանել անոր փափկութիւնն ու թարմութիւնը։ Իր ամոյն այտերը, հուրքէ ու փայլէ զուրկ՝ իր անարտայայտ նայուածքը, շուրթերուն կապտորակ ծիրը դառնօրէն կը մատնեն արդէն այդ կնոջ ֆիզիքական սպառած կերպարանքը, մանաւանդ արցունքէ մաշած ակնակապիճներն անլուր պատմութիւնը կ՚ընեն անոր վիշտի ու կսկիծի օրերուն։
Անոր դանդաղ ու տաժանագին յառաջացումը վերագրելի էր միայն իր հալումաշ վիճակին, եւ ոչ թէ որ եւ է տատամսոտ շարժումի։
Մանկան մը ձեռքէն բռնած է ան, իրեն պէս վատոյժ, իրեն պէս անարիւն եւ անժպիտ արարած մը։
- «Աղջիկս տեսնել կ՚ուզեմ», կ՚ըսէ ան, անտաշ թուրքերէնով մը, երբ ա՛լ մեր քովն է, «ուղղակի որբանոց գացի, բայց ըսին թէ հոս դաս առնել եկած է»։
- Սակայն որբանոցը մասնաւոր օր ունի՝ ուր ծնողներ կ՚երթան իրենց տղաքը կը տեսնեն։
- Այդ օրին չկրցայ երթալ, հիւանդ պառկած էի. շաբաթ մը առաջ զաւակ մըն ալ ունեցայ, տասնըհինգ օր է որ աղջիկս չեմ տեսած, սաստիկ կարօտցած եմ. կ՚աղաչեմ, տեսնէի անգամ մը…։
Ի՜նչ ողոքիչ շեշտ մը կար իր ձայնին մէջ եւ ի՜նչ եղկելի բան մը՝ իր կերպարանքին վրայ։ Հնա՞ր է միթէ այդ պայմաններուն մէջ մերժել խնդրանքը տղացկան այդ կնոջ որ իր զաղփաղփուն կազմին քարշ տալով՝ գացած էր որբանոց եւ անկէց ալ նոյն հեւասպառ գնացքով դպրոց էր եկած։
- «Սպասեցէք քիչ մը, հիմակ հանգիստի զանգակը կը զարնէ եւ դուք կը տեսնաք աղջիկնիդ», կը ձայնենք իրեն, վերջի՜ն ծայր ազդուած իր աղցաւոր ներկայութենէն։ Օ՜հ, տեսնելու բան էր զգացած իր անճառ բերկրանքն այս խօսքին վրայ։ Աշնային վարդի նուաղկոտ երանգ մը կու գայ իր գունատ մոյնքերը գունագեղել իսկոյն. հոգիի երահիկ վիճակ մըն է այդ որ իր սեւ ադամանդէ աչքերուն խորը կը պսպղայ, տարտամ ժպիտ մը ուրուագծուելով իր անարիւն ու կծկուած շրթունքին շուրջ։
- Ըսել է իրաւ, պիտի տեսնա՞մ զաւակս։
- Անշուշտ, ինչո՞ւ չէ, միայն թէ ուրիշ անգամ որբանոցի որոշեալ օրերուն ներկայանայիք։
- Այո, հարկաւ։
Ու փլելու պէս կը նստի ան, իր ծիւրած ծնգած մարմինը հանգչեցունելով սանդուխին ստորին աստիճանին վրայ։
Իր պատմութիւնն ալ ահարկու է ուրիշ շատերու նման։ Աչքին առջեւը տեսեր էր ամուսինին ոչխարի պէս գլուխը ծռելն ու մորթուիլը, մինչ ինք իր զաւակներուն հետ գիրկ գիրկի՝ աչքերը հակեր էր գետին, դիւային զառանցանքներու եւ նուազումի անձնատուր…։
Ո՛չ տուն ունէր ո՛չ տեղ, ոչ մէկ թիկունք եւ ոչ մէկ յոյս. աղջիկ մը միայն որբանոցը, մանչուկ մըն ալ իր քովն ի վեր, եւ նորածին մը օրրանին մէջ…։
Եւ մայր մըն էր այդ կինն՝ ուրիշ մայրերու պէս։ Վաղը հարկ էր որ գօտեպնդուէր այդ կինն իր անհայր մանկիկները դիեցունելու համար. գլուխը քարէ քար բաղխէր. աշխատանքի, տաժանքի կեանքին փարէր հոգեւին իր ձագուկները կերակրելու։ Պիտի ունենա՞ր սակայն ափսո՜ս, իր մէջ բաւականաչափ ոյժ՝ կուրծք տալու համար այնքան խոնջէնքի. ո՞վ պիտի հրահրէր աղքատացած արիւնն իր երակներուն, ո՞վ պիտի տար իր բազուկներուն այն ոյժն ու կորովն որոնք անհրաժեշտ էին վաղուան աշխատանքին համար։ Կսկծալի յիշատակներու յորձանք մը կը պտուտքի իր մէջ, ո՞վ պիտի վանէ անոր հոգիէն այն ահաւոր խռովքն որ յարատեւ կ՚ալեծփի իր մէջ. մթամած ու մրրկայոյզ ծովու մը պէս, եւ ո՞վ պիտի փարատէ անոր աչքերուն առձեւէն ամենօրեայ ապրանքի սեւ մտատանջութիւնը։
*
Զանգակը զարկած է եւ աղջիկներ հիմայ վար կ՚իջնեն՝ պարտէզ, իրենց հանգիստի պահն անցունելու։ Ոտքի ելած է այդ կինը, սանդուխին ստորոտը՝ մեկուսի կայնած՝ ուշի ուշով կը քննէ վար իջնողներուն դէմքերը՝ ժպիտի թեթեւ ծալք մը շրթունքին։ Իրէնը կը փնտռէ ան. ի՛ր զաւակը… Ժպիտն աւելի կը լայննայ յանկարծ պրկունքին վրայ եւ դէմքը բերկրանքի ճառագայթում մը կ՚զգենու։ Պզտիկ աղջիկ մը եկած է իր քով, ժպտուն, քնքուշ նայուածքով, ու մօրը ձեռքը բռնած՝ կը համբուրէ լիաշուրթն։
Ատանացի այդ կինն ի հազիւ վայրկեան մը տեւող զուարթութիւնը կորուսած է կրկին, խաւար գիշերի մը մէջ երեւցող փայլակի մը պէս, եւ ահա իր նայուածքը կը միգապատի։ Դանդաղ են իր շարժումները, զորս կը կասեցունէ այդ պահուն՝ անարիւնութենէ աւելի անպայման յուզում մը։ Իր վտիտ ձեռքով աղջկան մազերը ճակտէն անդին կը վանէ եւ ծանր ծանր հոտոտելով կը համբուրէ անոր երկու այտերը, կը շոյէ անոր գլուխը, կը փայփայէ անոր ճակատը, յափշտակուած կը նայի անոր երեսին։ Կրկին պագեր՝ երկարատեւ, տարփալիր, ու վերջապէս որոշումը տրուած է, եւ կ՚երթան պարտէզին մէկ անկիւնը կը նստին՝ մայր ու զաւակ դէմ առ դէմ։
Կը խօսին անոնք պահ մը, դէմքերնին իրարու մօտ, աչքերնին իրարու մէջ։ Մայրը սակայն խորհրդաւոր ձեւ մը կ՚առնէ մէկէն. նոյն յամր շարժուածքով ձեռքը կուրծքին ծալքերուն մէջ մխրճած է հոնկէ դուրս կը հանէ պզտիկ լաթի կտորի մը մէջ պլլուած բան մը, ծրարիկ մը։ Ու զայն քակելու պահուն երեւան կ՚ելլեն երկու հատ կլոր շուշմահրուշակ (սուսամ հէլվասի), մի՛ միակ տասնոցի փոխարէն գնուած։
Անակնկալը՝ զոր մայրիկը հազար գուրգուրանքով եւ զոհողութեամբ մէկ կողմ դրած տասնոցովը պարգեւել ուզած էր իր մանկան, լի ու լի յաջողած էր հասնիլ իր նպատակին։ Տղան խայտանքի թափով մը նետուած է մայրիկին բերած հրուշակին վրայ եւ անպատում հեշտանքով մը սկսած ճաշակել զայն։
Դիտելու էր աչքերու այն աղու նայուածքն ու դէմքի այն սրբազան արտայայտութիւնը զոր այդ տղացկան կինն ունէր այն պահուն։ Մայրական սէրն իր եթերային արտափայլումին մէջն է, համակ խանդաղատանք, համակ աղապատանք ու գերյագեցում…։
Օրերէ, ամիսներէ՜ ի վեր, թերեւս առաջին անգամն էր որ այնքան մաքուր, այնքան անխառն երանութեան վայրկեան մը կ՚ունենար խեղճ կինն ի տես իր որբացեալ հրեշտակին վայելքին՝ հրուշակներու ողորմուկ պաշարը հեշտօրէն աւարելու շտապին մէջ երջանիկ…։
ՏԽՐԱՆՈՒՆ ԽՄԲԱԳՐԱՊԵՏԸ
[խմբագրել]13 Նոյեմ.
Կեանքը ստուգիւ անտանելի է այս քաղաքին մէջ կ՚զգաս որ օդը կը պակսի շնչելու համար եւ հատնումի պէս անանուն բան մը դէպ ի քայքայում կը տանի զքեզ յամրաբար։ Ամէն օր, ամէն վայրկեան տարբեր տարբեր վարագոյրներ են որ կը բացուին ինքնին՝ աչքիդ առջեւ պարզելու համար սուգի նոր տեսարան մը, չքաւորութեան սեւ դրուագ մը, գործուած ամբարշտութեանց հետեւանքները՝ տարօրինապէս չարաշուք եւ աղիողորմ։ Անձեր ու երեւոյթներ են ատոնք որոնք փոխ առ փոխ կսկիծը դէպ ի ցասում կը մղեն հոգիդ։
Աղէտքէն անմասն ո՛չ ոք կայ հոս, ըլլայ այր, կին կամ մանուկ, սգալէն արցունքին հատած է այլ եւս, եւ կոծելէն՝ ձայներնին մարած։ Ամուսինի կորուստ, զաւակի կորուստ, քոյր - եղբօր կորուստ, պատիւի կորուստ, վաճառքի կորուստ, ողջ մնացողին բաժինն է վերջապէս իր յոգնագունակ կորուստներուն թուումն ընել շարունակ եւ չորաբեկ հացը ծամած ատեն «աւաղ փառացս անցաւորի»ն հծծել անպատճառ։
Ցաւ ազդող երեւոյթներու քով. ինչպէս յիշեցինք, զայրոյթ գրգռողներ ալ անպակաս են։ Մարդ պիտի բաւականանար ցաւելով միայն՝ թէ որ սոսկ դիպուածի արդիւնք ըլլային ատոնք։ Վէրքերը հիմայ շատո՜նց սպիացած ըլլային, եթէ կարեկցութիւն եւ օգնութիւն մա՛րդկօրէն փութացուէին՝ աղէտքի վաղայաջորդ օրէն սկսեալ, կրակները չմարած՝ Արդարութիւնը գար ծիածանուէ՜ր քաղաքին վերեւ, փասքուս շուրթեր չխաթարէ՜ին մերկապարանոց իրականութիւնը. յանցումներ՝ հատուցումներու անսայթաք կշիռո՛վ նժարուէին եւ ագան կան անագան Օրէնքին խօ՛սքն ըլլար՝ յաղթանակը տանող։
Այս ամէնուն մէջ՝ Յոբ ծնած ըլլալու է մարդ լուռ ու մունջ ընդ քաշ ածելու համար զուլումի եւ զրկումի իր կեանքը։ Զրկուողն ապրեր է, վա՜յ զրկողին։ Չգիտեմ ինչո՞ւ խեթիւ կը նայիմ ժողովրդական այս գեղեցիկ առածին՝ որ յամառօրէն միտքիս կը յաճախէ, Ատանա գալէս ի վեր…։
*
- «Իթիտալ լրագիրը տեսա՞ծ էք, ըսաւ ինձ բարեկամ մը այսօր եւ գրպանէն հանեց այդ թերթին հին թիւերէն մին։
ՉԷ՛, տեսած չունէի երբեք. բայց անոր մասին լսածներս ա՜յնքան շատ էին որ…։ Անոր խմբագրապետին՝ Իհսան Ֆիքրիի կատարած դերը կարելի՞ բան է անգիտանալ։ Հրազէն ու դաշոյն ապահովաբար այնչափ աւեր չէին սփռած հոս, որչափ այդ մարդուն գրիչը։ Ֆիքրի իմ աչքիս՝ տխրանուն հեղինակն էր Կոտորածին, մարմնացումն էր անբարհաւաճ եւ անպատուհաս Անիրաւութեան, ցեղերու համերաշխութեան եւ եղբայրութեան դէմ դաւաճանող սեւ գրգռումն ի՛նքն էր ուրկէ բղխեր, յորդեր էին չարիքի ա՛յնքան հեղեղներ. անվերջ, ծովածաւալ վտակներ…։
Ձեռքս կ՚առնեմ թերթը, կատաղի զայրոյթ մը սկսած է արդէն մխալ եւ հրդեհիլ ներսս, անզուսպ իղձը կ՚ունենամ յանկարծ ճմրթկելու. բզիկ բզիկ ընելու զայն, թուղթի այդ փցուն բեկորէն առնելու Հայութեան սիրտին վրէ՜ժը բովանդակ։ Կը նայիմ իր սիւնակներուն, ինձ անծանօթ տառերու այդ բաւիղին մէջ կը թարթեմ ակնարկս. մինչ դիտելէ յոգնած ականողիքս կը թուին նշմարել կէտերու եւ գիծերու այդ անտառին մէջ մանրադիտական կմախքները կիլիկեան տարաբախտ զոհերուն, քանդումները բոլոր հայրենի օճախներուն, սգատխուր թափորը բոլոր այրիներուն եւ որբերուն։
«Իթիտալ» ի՜նչ պակուցիչ հակապատկեր անունին եւ իմաստին միջեւ. «չափաւորութի՞ւն» ըսել էր այս բառը. բայց թերթին քարոզածը «չափազանցութի՜ւն» էր համակ. օրինազանցութիւն. մեղքերու մրրիկներ եւ ատելութեան պոռթկումնե՜ր։ «Իթիտալ» յեսան մը եղած էր որուն վրայ ծռած էին ամբոխավար կիրքեր՝ սրուելու համար շարունակ…։
Ո՜վ կրնար երեւակայել որ ժողովուրդին զարգացման սատարելու կոչուած գաւառիկ թերթ մը պիտի կոչուէր վարիչը հանդիսանալու խուժանի մը գազանային բնազդներուն. ո՞վ կրնար երեւակայել որ միտքերու լուսաւորման եւ երկրին բարգաւաճման ձգտող թերթ մը պիտի դառնար ըլլար խայտառակ օռկան մը երկրին փճացման եւ ցեղերու եղբայրասպան գործին։ «Իթիտալ» մեղմեխ բաներն էր ուսումնազուրկ այլազգին՝ որ այդ թերթո՛վ սնոյց իր սիրտին մէջ անշէջ քինախնդրութիւն մը Հայուն հանդէպ։ «Իթիտալ» սեւ աղբիւրն էր Սադրանքի՝ ուրկէ ծարաւնին յագեցուցին խուժանին գեհենապարտ յառաջապահներէն Պաղտատի Զատէ Ապտիւլ-Գատէր, Ապտիւրրահման, Կէրկէրլի Ալի, Տապպաղզատէն. տէլի Մէհմէտ օղլուն, Զօր Ալի, Պօսլանը Սալիհ, Պայրաքտար զատէ Էշրէֆ եւ այլ Էշրաֆներ իրենց արիւնարբու արբանեակներով։
«Իթիտալ» ամօթն ու մո՛ւրը Մամուլին։ Անո՛վ էր որ Թիւրքիոյ մանուկ Սահմանադրութիւնը հոս Կիլիկիոյ խորքը՝ տաժանագին հոգեվարքով մը խեղդուեցաւ իր խանձարուրքի՛ն իսկ մէջ…։[4]
ԿԵԱՎՈՒՐ ՔԷՕՅԻ ՄԱՆԿԻԿԸ
[խմբագրել]14 Նոյեմ.
Սիհունի ձախ եզերքն ի վեր կը քալենք։ Լուր օր մըն է։ Գետը հեզիկ մնջիկ իր ընթացքը կը շարունակէ, միջօրէի արեւին ճաճանչներուն հեղեղին տակ ոսկեհոսան պաղպաձելով։
Կեավու-Քէօյ մեր դիմացը կ՚իյնայ, ուր կ՚երթանք հիմայ՝ իբր ուխտագնացներ սրբազան աւերակաց։ Կոտորածէն քարուքանդ եղած՝ համակ հայաբնակ գիւղ մըն է ան, Ատանայի արեւմտեան դին, որ Խրիսթիան-Քէօյ կամ Հայ-Գիւղ ալ կը կոչուի։
Կ՚անցնինք հետիոտն անհուն տարածութենէ մը խոպան ու լերկ արտերու, որոնք ցաւագին յուշքերով յղի են իրենց գորշ ու լուռ փռուածքին մէջ։ Անոնց վրայի բունծերը, մանուածներն ու ելեւէջները կը հծծեն կարծես մեր ունկն ի վար աղեխարշ պատմութիւններ Մե՜ծ Եղեռնին վրայօք։ Անպատո՜ւմ վիշտ որով մեր սիրտը կը կոտտայ, երբ միտք կը բերենք թէ մեր այդ կոխոտած գետինն ո՜րքան ծծած է հայու արիւն. ո՜րքան կուլ տուած է ոսկորներ ու ջախջած գանկեր՝ վիրագաբար զգեստնուած անմեղներու։
Դիակներ գտնուած են հոդ, ամէն կողմ, դիակներ գործաւորի ու մշակի, որոնք իրենց ցանքի եւ հունձքի օրերուն քրտինք թափելէ ետք, հուսկ ուրեմն, անգութ րոպէի մը մէջ, իրենց արի՛ւնն ալ թափած էին այդ պատուական հողերու արգաւանդ գոգը։
Անտանելի՜ է մեր երթը, սրտակեղեք, յուսակտուր։ Ճամբուն ընթացքին, տխուր շեշտերով կ՚ընեն մեզի անագորոյն պատմութիւնն այդ սեւ օրերուն։ Հիմայ, մանկութեան օրերէ մնացած հին երգի մը ծուէնը միտքիս մէջն է յար։
Ցանկամ տեսնել զիմ Կիլիկիա.
Աշխարհ որ ինձ ետուր արեւ.
Դու ալ եղար հիմնայատակ,
Անշուք անշէն սեւ աւերակ։
Դպրոցական օրերէ երազուած այս Կիլիկիա՜ն էր, Աստուա՜ծ իմ, զոր պիտի գայինք տեսնել այսպէս իրապէս անշուք, անշէն սեւ աւերակ։
Խողխողումէ անճանաչելի իրաններ օրերո՜վ այդպէս ձգուած, լքուած էին հոտ, միսի առատութենէ կատղած շուներու եւ գիշակեր օդագնացներու անյագ բզքտումներուն ի սպաս։ Ի զո՜ւր կը ճգնէինք երեւակայութեան առջեւ պատկերացունել մահագին տագնապներն ու գերագոյն գալարումները՝ զորս ունեցած էին թուրք խուժանէն այդ հէք հալածուածներն. ի զուր կը փորձէինք իմանալ այն հուսկ մտածումներն որոնք այդ ահեղ րոպէին՝ անցած էին մեր հայ նահատակներու ուղեղին ծալքերէն. այնքան զարհուրելի եւ ա՜յնքան գեհենական եղած էր ջարդը։ Օ՜հ, մարդկային էութիւնը համակ կու լայ եւ կը փշաքաղի, եւ վիշտէն քարացած՝ խելայեղ փափաքը կ՚ունենայ մարդ շատո՜նց մեռած ըլլալու, չզգալու համար այսքան կսկծագին խոցոտում մը կարեվէր։
Հառաչներն՝ որոնք ընդհատ կը քակուին մեր հոգիին ալքերէն, եւ արցունքն՝ որ կը պղտորէ մեր նայուածքը, լուռ ու մունջ դամբանականներն են որոնք կը տողուին այս դաշտերուն վրայ ինկած մեր թշուառ եղբայրներու հասցէին։
Հասած ենք Կեավուր-Քէօյ։ Ամայի է ան ու լռին։ Ո՛չ ոք գիւղին մէջ, ո՛չ շէնք հոն կանգուն։ Բնակիչները ցիր եւ ցան ու ջարդուած, տուներն այրած ու կործանած, եւ ամբողջն ալ, ափսո՜ս, ամբո՜ղջն ալ…։
Քանի մը տղաք քիչ յետոյ կու գան մեր դէմ, արեւահար ու բոկոտն ամէնքն ալ։ Դարձեալ նոյն պատկերները թշուառութեան, նոյն նսեմացած ճակատներն որբութեան։ Անմեղ, անտէր ու թափառայած այդ մանուկներուն մէջ, - միակ ողորմուկ պահապաննե՜րը գիղին աւերներուն եւ ածխացած օճախներուն, -դարձեալ կը տեսնենք բովանդակ լքումն ու սեւութիւնն որբի ճակատագրին . եւ անոնց ամէն մէկուն մէջ մեր մայրական սիրտն ի՛ր իսկ զաւակը նշմարելով՝ կը փղթկի դառն վհատութեամբ մը։
Աւելի կը մօտենանք իրենց։
- Մեծերնիդ ո՞ւր են, տղաքս։
- Մայրերնիս Ատանա գացին մեզի հաց բերելու։
Ո՜րքան անողոք պիտի ըլլար արդէն հարցունելը թէ ո՞ւր էին իրենց հայրերը։ Երէկի իրենց մայրերը՝ հայրե՛ր ալ եղած էին։
Փոքրիկներու այմ խմբակն է՝ որ կ՚առաջնորդէ զմեզ գիւղին դպրոցն ու եկեղեցին։ Ածխացած քարերու կոյտ մը այդ դպրոց ըսուածը, կողն ի վեր եկեղեցիին՝ որ, անշուք, անփառունակ, քմայքի մէկ խաղովը հրդեհէ ազատուած թէեւ, բայց հիմնայատակ քանդուած էր։
Փլփլկած պատի մը վերեւ, խորանին կողմը, կիսաջինջ արձանագրութիւն մը յանկարծ կը կասեցունէ զմեզ. ակնարկնիս սեւեռուած է հոն.
Ես եմ դուռն կենաց
Ամբոջովին անմարդացած եւ այրացաւեր այս գիւղին մէջ, ի՜նչ դառն հեգնանք՝ Սուրբ Գիրքին այս տողը մեծ աղէտէն հրաշիւք իմն փրկուած։ Անգամ մըն ալ կը նայինք այդ կիսով աւրուած տառերուն, անգամ մըն ալ կը նայինք մեր շուրջի որբացեալ մանկութեան, եւ գոնէ փշո՛ւր մը սփոփանքի կարօտ՝ կը խորհինք թէ բոլոր այս խողխողուած գիւղացիք, բոլոր այս ջարդուած Կիլիկեցիք իրենց անօրինակ գերագոյն մարտիրոսացումէն վերջ կրցա՞ծ էին արդեօք մտնել այդ կեանքի դուռ էն…։
* * *
Դիւցազնական եղած էր այն դիմադրութիւնը զոր ըրած էին Կեավուր-Քէօյի բնակիչները։ Սիհունը ճիշդ իրենց ետին, եւ հայու ճակատնին դարձուցած՝ կատղած, փրփրած թշնամիին, երեք օր երեք գիշեր անդադար դիմադրած էին անոր, ոգի ի բռնի ոգորելով աներկեւան։ Բայց ափսո՜ս, երրորդ օրուան երեկոյին անոնք յուզումով ու պակուցմամբ տեսած էին սպառիլը կապարի իրենց ճղճիմ մթերքին։ Ու գիշերուան հետ՝ սուգը պատած էր սիրտերը, մինչ մոլեգնած թշնամին, հոն քիչ մը հեռուն դարանակալ՝ արիւն եւ աւե՛ր կը պահանջէր անպատճառ։
Պէտք էր փախչիլ, դիւահար փախչիլ մութին մէջէն, արտերուն խորէն, փախչիլ թշնամիին գնդակէն եւ անոր մահասփիւռ հալաշապքէն։
Գիւղացի կտրիճներէն շատեր՝ այլ եւս խելակորոյս եւ յուսահատ՝ նետուած էին գիւղին ձախ կողմի բացաստանը, քարերու ծերպերու ետին, կամ մի քանի բարձրուղէշ ծառերու կատարն որոնելով, իբր թագստոց՝ իրենց հետապնդուած կեանքերուն։
Ի՜նչ ժամեր, ի՝նչ վայրկեաններ. կեանքի եւ մահուան մէջ ի՜նչ ահաբեկ ալեծփում։
Ո՜վ խեղճ Հայութիւն, ի՜նչ էր յանցանքդ, ի՞նչ էր մեղքդ՝ որ սոյնգունակ գազանային վայրագութիւն մը կ՚ուզէր փողոտել ու քամել զքեզ եւ քու կարմիր արիւնիդ արբեցումովը հրճուիլ։ ՊԷտք էր որ ջարդուէիր, պէտք էր որ խոշտանգուէիր, պէտք էր որ ածխանայիր ու մոխրանայիր դուն, որպէս զի քու հալածիչներդ փա՛ռքն երգէին իրենց Ալլահին, եւ իրենց աստենական եւ անդենական երջանկութեանը տիրանային։ Արիւնի եւ հրդեհի մրրիկը պայթած էր Կիլիկեան աշխարհին վրայ. պէտք էր որ ամէն հայ մեռնէր, ամէն երդիք փլէր եւ ամէն օճախ մարէր։
Ու հրամանը կը կատարուէր անաչառ եւ անողոք։ Թշնամիի կապար, թշնամիի սուր ու սակը անխնայ կը զարնէին, կը ջարդէին ու կը փշրէին ինչ որ կը գտնէին հայ ու հայկական։ Բունազիրկ թռչուններու պէս, բարբարոս խուժանը գնդակած էր նաեւ Կեավուր-Քէօյի այն անզէն կտրիճներն՝ որոնք մագլցած կծկուած էին ծառերու բարձունքն, ու անլո՜ւր խժդժութեանց ենթարկած զանոնք՝ որ փախուստի այդ զահանդելի գիշերը, հալածական եղնիկներու պէս խորամուտ եղած էին ժայռերու թիկունքին…։ Քիչերն էին անոնցմէ՝ որոնք խաւարին մէջէն, դէպ ի աջ՝ բռնած էին Ատանայի ճանապարհը։
Սիրտերնին տրոփուն, մահուան պատկերը յար առկախ աչքերնուն դիմաց, փոքրիկ խմբակը կ՚առաջանար այսպէս արտերու մէջէն, գետին եզերքն ի վեր։
Պէտք էր անշշուկ, անաղմուկ երթալ առ խարխափ։ Առնուած անխորհուրդ քայլ մը, արձակուած անգիտակից ճիչ մը, մահուան անագորոյն դատապարտութի՛ւնն էր ամբողջ խմբակին համար։
Ծունկեր կը կթոտէին, արմուկներ կը ճանկռտուէին, գզգզուած ափերու մէջէ արիւնը կը վազէր, գլուխներ, հողի գուղձերու կը բաղխէին. պէտք էր կորաքամակ, սողն ի սող երթալ, երթա՜լ։ Հեւ ի հեւ վազքն էր այս՝ դէպ ի կեանք, դէպ ի փրկութիւն…։
* * *
Յանկարծ, այդ չարաշուք վայրկեանին, անգոհական մութին եւ լռութեան ալ ծոցէն, մանկան մը լացն է որ կը բարձրանայ։
Անէ՛ծք։ Մահէ հեւասպառ խոյս տուող ամոլի մը միամեայ անդրանիկ զաւակն է որ ազազուն ու դողդոջ, կու լայ այսպէս, անգիտակից այն սարսափին՝ որով համակուած էր խուճապի մատնուած խմբակը։
Ահաւոր է վայրկեանը։ Լացի այդ ճիչով՝ անխուսափելի է մատնուելնին, եւ թոպամահ կորչելնին՝ վճռական։ ՊԷտք է լռեցնել մանկիկը, բայց ի՞նչ հնարքով։
Ի զո՜ւր կը ճգնի հայրիկն անոր բերանը խփել, ի զո՛ւր կը փորձէ սեղմել զայն կուրծքին վրայ։ Տղուն խեղդուկ ճիչը միշտ կայ, որ կ՚երկարի, կը հետեւի իրենց՝ դժնէ սպառնալիքին մը պէս։
Այլ յայլմէ եղած՝ խեղճ հայրը վերջի անգամ մըն ալ ջղապինդ կը սեղմէ երախան կուրծքին վրայ, եւ սոսկալի որոշումը տրուած է. թեւէն բռնած՝ հզօր խոյանքով մը կ՚արձակէ մանկիկն օդին մէջ, եւ ակնթարթէ մը կը լռէ իր որդւոյն վերջին ճիչն որ կը մարի ու կը խեղդուի Սիհունի ջուրերուն խորը
Ա՛լ յաւիտենապէս լռած է մանկիկը։ Խմբակը կրնայ փախուստի իր խօլ վազքը շարունակել, քան զի մանկան լացին սպառնալիքն անհետած է այլ եւս,. եւ այն հայրն որ դէպ ի մահ նետած էր՝ գուրգուրանօք իր լանջին բռնած միամօր զաւակը, հիմայ գիրկը թափուր, խմբակին փրկութեա՛նը մէջ պիտի որոնէր որդեկորոյս սիրտին սփոփը դուզնաքեայ…։ Ի՜նչ սփոփ։
* * *
Ամէն անգամ որ կը նայիմ այդ Սիհունին, ամէն անգամ որ վշտակոծ երեւակայութեանս առջեւ կը ներկայի տխուր տողանցումը բոլոր այն նահատակի դիակներուն՝ որոնք նետուեցան հոն խոշտանգուած, ջախջախուած եւ արիւնլուայ, ամէն անգամուն ալ մայրացեալ կնոջ մը սիրտո՛վն է որ կը յիշեմ նաեւ միամեայ տղեկն այն քնքուշ, որուն անգիտակից հերոսութեան լուռ պատմութիւնն արձանագրեց Սիհուն իր գիլգիլներուն մէջ, արիւնի գիշեր մը ահարկու… … … …։
ԿՈՉ ՄԸ
[խմբագրել]15 Նոյեմ.
Ատանայի համար այս երրորդ պատուհասն եղող ողողումէն ի վեր, օդերը թէեւ գեղեցիկ են եւ արեւն անամպ երկինքի մը վրայ կը փայլի, սակայն դեռ շրջակայ հողերը լաւ մը մը չեն ցամքած։ Չարչափուխ եւ Եէնի Մահալլէ՝ զուտ այդ հայկական թաղերու մէջ լճացած ջուրեր կան, որոնք սկսած են մօրանալ եւ նեխիլ։ Իսկ հեռուն, դաշտերուն վրայ կ՚երեւին թացութիւններ, կայուն ջուրի ճախճախուտներ՝ որոնց համար կ՚ըսուի թէ ցանքերու փճացումը յառաջ պիտի բերեն ապահով։ Ողողումի այս անսպասելի աղէտն ալ կրկնապէս զգետնեց ժողովուրդը. հիմայ ան, աղէտներու այս անխուսափելի ճակատագրականութենէն յուսահատ, աւելի մեծ պատուհաներու ալ պատահականութեան համոզումն ունի։
Հայկական այն թաղերն՝ ուր ջարդի, քանդումի օրերուն կրակը չէր կրցած հասնիլ, ջուրն եկած է՝ անոր թերին լրացունելու։ Այդ թաղերուն մէջ վնասուած են 300է աւելի տուներ, որոնք բոլորովին փլած կամ ճաթած եւ անբնակելի դարձած են։ Հազար հինգ հարիւրի մօտ ժողովուրդ մը կը մնայ անտուն եւ անպատսպար։ Կառավարութիւնը, մուխթար ներու միջոցաւ՝ բոլորովին կարօտներու ցանկը պատրաստած է եւ անոնց կու տայ հաց միայն։ Իսկ ջարդէ արկածեալներուն համար տրուած կառավարական նպաստը դադրեցաւ։ Միայն նպաստ պիտի տրուի կոյրերու, ծերերու եւ խեղանդամներու։ Որով, անոնք որ անլուր դժբախտութիւններէ եւ տառապանքներէ հալածուած՝ օրական քանի մը տասնոցով կէս կուշտ կէս անօթի կեանք մը կը քաշքշէին քանի մը ամիսէ ի վեր, վերահաս ձմրան օրերուն նպաստէ բոլորովին զուրկ պիտի մնան։ Ուրեմն ի՞նչ պիտի ընեն անոնք։ Անոնց վիճակն երեւակայել փորձելն իսկ, հաւատացէք, սոսկում կ՚ազդէ մարդուս։
Բամպակի բերքն որ այս արգասաբեր երկրին գլխաւոր հարստութիւններէն մին կը կազմէ, կ՚ըսուի թէ այս տարի նուազ եղած է, եւ աշխատող ձեռքերու համար հետեւաբար գործը պակսած։ Ածուխ ն որ այնքան աժան ու առատ է եղեր ուրիշ ատեն, հիմակ օխան 2 ղուրուշի մօտ է, թէ՛ ողողումներու պատճառաւ նուազելուն եւ թէ՛ ջարդի եւ կրակի ատեն բնակարաններու մէջ ժամանակին ամբարուած մթերքը տուներուն հետ մոխիր դառնալուն հետեւանօք։ Սուղ են կ՚ըսուի նաեւ բոլոր այն բաներն՝ որոնք ժամանակին չափաւոր գիներով կը վաճառուէին։ Սղութիւնը մէկ կողմէ, ցուրտը միւս կողմէ եւ դրամի բացարձակ չգոյութիւնն ուրիշ կողմէ, կեանքի բոլոր այս դժնդակ եւ անհանդուրժելի պայմաններուն մէջ ի՞նչ պիտի ըլլայ այս ձմեռ Կիլիկիոյ հէգ ժողովուրդին մէկ մեծ մասին վիճակը. դեռ մէկ քանի ամիս եւս օգնութեան ձեռք ո՞վ պիտի կարկառէ անոնց։
Փողոցին մէջ կու գան, կը մօտենան քեզի, կը խռնուին շուրջդ, կու լան, կը ճչեն.. հագուստ, կօշիկ չունենալնին կ՚ողբան ցաւագին շեշտերով։ Իրաւ է, ժամանակին իրենց տրուած է հին ու մին բաներ, բայց անոնք անբաւական են ձմրան։ Միջազգայինն անկողին սկսած է բաշխել. կը լսուի թէ Պատրիարքարանէն բաւական թուով վերմակ ճամբայ հանուած են. բայց դեռ բան մը հասած չէ հոս։ Հագուստի ու կօշիկի անհուն պէտք կայ։
Ո՜վ ազնիւ քոյրեր, մայրեր, վերջին ճի՛գ մըն ալ, վերջին զոհողութիւն մըն ալ. ձեր բոլոր ըրածներուն վրայ. շուտով զգեստեղէն փութացուցէք հոս։ Այս խեղճերը ձեզի՛ կը նային արտասուալից աչքերով եւ ձեր ղրկելիքներուն կ՚սպասեն անձկագին։
* * *
Կուսակալը, տեղացի կիներու գործ հայթայթելու նպատակաւ, 4, 000 ոսկի դրամագլուխ դրեր է Միսի Շէփըրտի տրամադրութեան տակ, որով, յիշեալ տիկինն իր արդէն ունեցած արհեստանոցէն զատ՝ բացաւ հոս երկու հատ եւս։ Տարաբախտ այրիներ՝ սուգը սիրտերնին՝ հոդ կը սորվին օէա, պռօտէ, Հասան Պէյլիի, Այնթապի եւ Տարսոնի ասեղներ, ժանեակ հիւսել եւ դեռ ուրիշ ասեղնագործութիւններ։ Գրեթէ 300ի չափ կիներ եւ աղջիկներ այդ արհեստանոցները կը յաճախեն, որով թէ՛ արհեստ կը սորվին եւ թէ օրական բան մը կը շահին։ Օրէ օր եկող աղջիկներու եւ կիներու թիւը կ՚ստուարանայ եւ արհեստի մէջ իրենց ըրած յառաջդիմութեան համեմատ իրենց օրականներն ալ կ՚աւելնան։ Միսիս ՇԷփըրտ կ՚ըսէ թէ ուրիշ տեղերու Հայուհիներ մեծ ընդունակութիւն ցոյց տուած են ձեռական նուրբ արհեստներու համար, մանաւանդ օրինակներու ստեղծագործումին մէջ։ Կը զարմանայ սակայն թէ Ատանայի կինն այդ ընդհանուր կանոնէն պզտիկ շեղում մը կ՚ընէ։ Թերեւս արդար պիտի ըլլար խորհիլ թէ անոնք մեծ մասամբ աւելի զբաղած էին արտերու, այգիներու կեանքով, եւ կամ աւելի ճիշդ՝ վերջին այս աննախընթաց, անլուր տուայտանքներն ազդած են անոնց վրայ եւ կերպով մը անընդունակ դարձուցած զանոնք՝ առ այժմ աշխատութեան մը։ Մէկ բառով, կեանքը սկսած է անհամոքսիլ այս դժբախտ քաղաքին մէջ։
Այսքան չարչարուած, այսքան ջղագրգռուած ժողովուրդէ մը աւելին պահանջելն արդէն անիրաւութիւն պիտի ըլլար։ Եւ յետոյ, այսպէս, կիներէ շահուած օրական քանի մը տասնոցներ պիտի բաւե՞ն քանի մը զաւակներ եւ կամ բազմանդակ ընտանիքներ ապրեցունելու, մինչեւ որ բաղձալի գարունը գայ եւ մշակներ դաշտերու վրայ գտնեն իրենց աշխատանքը։ Բացառիկ օգնութիւններ եւ կառավարական նպաստ անհրաժեշտ կը նկատուին այս ձմեռ՝ ծայր աստիճան պատուհասակոծ այս ժողովուրդին համար։
Վերջին պահուն կ՚իմանանք թէ Կուսակալին ջանքերով յանձնախումբ մը կազմուած է եւ ձեռնարկուած՝ ջուրէն փլած կամ վնասուած տուներուն վերաշինութեան։
Մաղթենք որ այս անգամ հաստատուն ըլլան անոնք եւ ջրհեղեղներու դէմ դնեն, ու շուտո՛վ ալ աւարտին։
ՀԱՃՆՈՅ ՀԱՅՐ ՍՈՒՐԲԸ
[խմբագրել]Հաճոյքը կ՚ունենամ տեսնելու Պօլսէն նոր հասնող երկու երիտասարդ ուսուցիչ եղբայրներ Միացեալ Ընկերութեան կողմէ եկած՝ Հաճըն երթալու եւ տեղւոյն վարժարաններուն մէջ դասախօսելու համար։
Տաժանագին եղած էր ճամբորդութիւննին։ Սարսափելի փոթորիկներու բռնուած՝ գրեթէ ամիսի մը չափ թափառեր էին ծովերու վրայ, Իզմիրէն Իսքէնտէրուն, Իսքէնտէրունէն Իզմիր աստանդական, շոգենաւնին առանց կարենալու Մէրսինի նաւահանգիստը հանել զիրենք։
Ահաւասիկ մարդեր՝ իրենց պարտականութեան գիտակ եւ իրենց կոչումին հաւատարիմ, որոնք Միացեալի պէս ազգօգուտ ընկերութեան մը կողմէ եղած հրաւէրին պատասխանելով յանձն առած էին հրաժարիլ ամէն հանգստութենէ եւ աղէտեալ երկրի մը խորերը մխրճուիլ, մանուկներ կրթելու, յոյսի եւ սփոփի բարիքը սփռելու եւ պատրաստելու գաւառի վաղուան մարդը։
Ընկերութեան կողմէ ղրկուած գրենական պիտոյք սնտուկ սնտուկ հասած էին իրենց ետեւէն եւ իրենց ակամայ ուշացած ըլլալու խղճահարութեամբ տանջուած՝ տրամադիր եւ անհամբեր աշխատանքի, կ՚սկսէին հանդերձիլ այս առաւօտ իսկ հոսկէ մեկնելու, երբ լուր առնուեցաւ որ Հաճնոյ առաջնորդ Ներսէս վրդ. Դանիէլեան քաղաքս ժամանած էր՝ կուսակալին հրաւէրին վրայ։
Երբեք պիտի չմոռնամ ուրախութեան այն լայն ժպիտը զոր հէք տառապած վարդապետն ունեցաւ իր դէմքին վրայ, երբ տեսաւ պօլսառաք այս ուսուցիչ եղբայրները։ Հակառակ իր ուղեւորական խոնջէնքին եւ կուսակալին հետ ունենալիք իր անմիջական տեսութեան, Ներսէս վարդապետ կրցաւ ընդ երկար տեսակցիլ հետերնին դպրոցի կարգադրութեանց մասին եւ տալ անոնց՝ անհրաժեշտ տեղեկութիւններ, որովհետեւ անոնք առաւօտուն կանուխ դէպ ի Հաճըն պիտի մեկնէին։
Ո՜րքան փոխուած էր «Սսական Վարդապետ»ը. տարիքէն կանուխ սպիտակութիւն մը ողողեր էր անոր մազերն ու մօրուքը խարտեաշ, ակօսները շեշտուած՝ ճակտին եւ այտերուն վրայ եւ տխրութեան առկայծում մը իր խոնաւ բիբերուն խոր։ Ու ինչպէ՜ս ալ չըլլար. վիշտ մնացե՞ր էր զոր չկրէր, տառապանք մնացե՞ր էր որուն կուրծք տալու կոչուած չըլլար ան, սկսելով Սահմանադրութենէն շատ առաջ, ու տակաւին տեւելով Սահմանադրութենէն վերջ՝ մինչեւ մեր օրերը, պահելով միշտ հոգի մը որ խտացումն էր վեհ ու դիւցազնական առաքինութեան։
Շատ լաւ կը ճանչնայի զինքը։ Սկիւտար, Նոր-Թաղի քարոզիչ եղած ատեն՝ առիթը չէր պակսած յաճախ տեսակցելու իրեն հետ։ Ուսման եւ կրթութեան համար հոգի տուող հոգեւորականն էր ան, ժամ առաջ իր ծննդավայրը վերադառնալու եւ իր հօտին բարօրութեանը համար իր բոլոր կարողութիւններն ի սպաս դնելու տենչովը տոչորուող վտարանդին էր ան։
Իր կեանքը չարչարանքի, հալածանքի ու զնդանի երկարատեւ շարք մըն էր եղած, մինչեւ որ եկած ինկած էր աքսորի իր վերջընթեր հանգրուանը՝ Սկիւտար ուր կը մնար տարիներէ հետէ, լծակից աքսորական Վեհապետեան Մկրտիչ Սրբազանի հետ։ Համիտի օրով իր բանտի կեանքը խիստ չարատանջ եղած էր յԻսկէնտէրուն. հոն, եղեռնագործ քուրդերու առընթեր՝ օրերով պառկած էր շղթայակիր. հողէ գետիններու վրայ. եւ խարազանի անխնայ հարուածներու տակ լալագին՝ ո՜րքան երանաւէտ ու լուսեղէն երեւցած էր Մահն արդեօք իր աչքերուն…։
Լամընէի մէկ խօսքը կու գայ այս պահուս գրչիս տակ. On m'a demande; «Pourquoi pleurez-vous?» et, quand je l'ai dit, nul n'a pleure, parce quon ne me comprenait point. L'exile partout est seul.
Բանտէ բանտ, աքսորէ աքսոր թափառիլ . ահա՛ ինչ որ իր երիտասարդութիւնը գիտէր. եւ երբ օր մըն ալ, Օրմանեան պատրիարքի միջոցաւ կը բերուէր Պօլիս եւ Սկիւտար կը հաստատուէր ան իբրեւ տարագրեալ, լրտեսներ չէին դադրեր իր շուրջ դեգերելէ, իր քայլափոխերը համրելէ եւ ձերբակալելով զինքը՝ քանցիս բանտ առաջնորդելէ։ Սակայն հակառակ իր կորովը ջլատող բոլոր այս տխուր պարագաներուն, նոյն եկեղեցականը կ՚ապրէր իր մէջ անյողդողդ եւ աննկուն։ Եկեղեցիէն կ՚երթար դպրոցները, դպրոցներէն կ՚երթար հոն ուր աշխատութիւն մը կար ընելիք կամ խիղճի պարտք մը կատարելիք։ «Կալ ի դմին կոչման». վեղարը գլխուն առած օրէն՝ ինչ ամուր քանդակուեր էր այս խօսքն իր միտքին մէջ։
«Ժողովրդական Քարոզներ»ու պատուական հեղինակը ցորչափ ապրեցաւ Սկիւտար, իր մենարանին անշուք խորշը, - յաճախ հիւանդագին վիճակի մէջ, - մի՛ միակ զգացում մը ունէր որ իր միտքին առանցքը կը կազմէր. սաստիկ, անսահման կարօ՜տն էր այն՝ հայրենի լեռներուն, սարերուն, իր Սիսուանին, իր հօտին համար։
Իր մէն մի խօսքը, մէն մի գրուածքը ցաւալի վերյիշումները կը պարունակէին իր տառապանքի օրերուն։ Քանի մը տուն ահա այն ոտանաւորէն զոր գրած էր ափ յափոյ իր լուսանկարին ետեւ, զայն մեզ նուիրելուն առթիւ, ասկէ տասնեակ տարիներ առաջ.
Ձեռս ի ծընօտ սեւեռուն,
Մընան աչերս մոլորուն՝
Հեռանըկար պատկերին
Սիրոյ անմահ միւս կեանքին։
Նայէ՛ դէմքիս մթագնած,
Ձիւնն է կեանքիս փոթորկած.
Իսկ իմ ճակտիս կնճիռներ
Տառապանա՜ցս են գիրեր…։
Յուշքն անցելոյն վաղախոյս
Վէրքերն ունի խորն հոգւոյն.
Կարդա՛ դէմքէս, աչքերէս
Ինչ որ կ՚ուզես իմ կեանքէս։
Դանիէլեան վարդապետ ուրախութենէ նուազած էր գրեթէ երբ օրին մէկը իմաց տուած էին թէ Համիտ կը թոյլատրէր իրեն Կիլիկիա վերադառնալ։ Շատ չէ անցած, անիկա բախտաւորութիւնն ունեցած էր Սահմանադրութեան հռչակումն ալ ողջունելու ի՛ր սիրելիներուն մօտ։ Բայց կարծես ժպիտն պէտք չէ՛ր որ մնար անոր դէմքին վրայ, եւ ազատութեան արեւին տակ ջարդուած Կիլիկեցիներու սուգը սիրտին մէջ, վարդապետը կրկին բնակիչ արձանագրուած էր Մարաշի եւ Էրզինի բանտերուն, Ատանացի, Հաճընցի եւ Տէօրթ-Եօլցի հայերու հետ մէկտեղ, կախաղանի ստուերը յար գլխուն, շուրջը ծածանուտ։ Ինչո՞ւ։ Որովհետեւ երբ զինեալ եւ կատղած խուժանը Հաճնոյ դուռն էր հասեր ամէն որ սպաննելու եւ ամէն ինչ աւարելու եւ աւերելու համար, այս քաջարի եկեղեցականը Ղեւոնդեանց իբրեւ ճշմարիտ յաջորդ՝ խաչ ու զէն ի ձեռին առաջքն էր ինկած իր ժողովուրդին եւ ցվերջ խրախոյս տուած անոր, ինքնապաշտպանութեան համար։ Հրացանները կը պայթէին շարունակ, ամբոխը կ՚ոռնար դիմացէն։ Օ՜ն անդր, քաջերուն քաջալերա՛նք։ Գոյութեան պահպանման այդ ահեղ ոգորումին մէջ որ ժամեր, օրե՜ր տեւած էր, Հայր Սուրբը նուաղած կ՚իյնար յանկարծ խաչը ձեռքը, վասն զի խունկի բուրմանց վարժուող իր ռունգերը վառօդի հո՛տ կ՚առնէին միայն, եւ, դպիրներու պատգահիկ ձայներուն սովոր իր լսելիքը՝ մահասաստ բոմբիւններո՛վ կը լեցուէր անդուլ, այսպէսով ո՜րչափ արդարացունելով իր հայութեան կցուած սուրբ տիտղոսը…։
Ահա այս «Սսական վարդապետ»ն էր որ շաբաթներով արգելաններու խորը տուայտելէ վերջ, ազգին կողմէ եղած հաւաքական դիմումներու շնորհիւ կը խուսափէր կախաղանէն ու կրկին կը նուիրուէր դպրոցներու բացումին, ժողովուրդին զարգացման, անոր բիւր բիւր ցաւերուն դարման տանելու տառապագին գործին։ Որբանոցներէն վերջ Միացեալի վարժարաններուն խնդիրը կար, Միացեալէն վերջ Ազգանուէր վարժարաններուն կարգադրութիւնը, յետոյ այրիներու համար արհեստանոցներ հիմնելու աւագ ու կենսական հարցը։
Մեծ էր սուգն, ու չքաւորութիւնն ահաւոր. քան զի Հաճըն հակառակ ջարդէ զերծ մնացած ըլլալուն՝ իր կտրիճներէն կը կորսնցունէր չորս հազար հոգի՝ հեռաւոր արտօրէից մէջ, ուր անոնք գացած էին տքնիլ իրենց բահուբրիչով. որով այրիներու, որբերու եւ անպաշտպան կարօտելոց թիւը մէկէն ի մէկ ստուարացեր էր Հաճնոյ մէջ։ Իր քարքարուտ դիրքով եւ շրջականերով՝ Հաճըն զուրկ էր մերձակայ դաշտերէ, վարուցանի համար, - գլխաւոր զբաղումը գաւառի հայուհեաց մէկ կարեւոր մասին։ Անհրաժեշտ էր ուրեմն արհեստանոցներ բանալ, գործ, հաց հայթհայթել անսուաղ այրիներու։ Ներսէս վարդապետ այդ ուղղութեամբ ալ տակաւին շատ ջանքեր ունէր թափելիք։
Անհուն կարեկցութեամբ կը նայիմ այս վշտահար եկեղեցականին որ տարիներու բանտերէ եւ աքսորներէ վերջ՝ այսօր ալ հարուածեալ իր հօտին կսկիծը սիրտին մէջ, կը վազէ, կը դիմէ ամէն ո՛ւր որ պէտք է, կը մխիթարէ, կը սրտապնդէ իր յուսաբեկ ժողովուրդը, գերմարդկային ճիգերով կը տքնի ամոքելու ծովածաւալ ցաւեր, տրտունջներ ու պահանջներ…։
ԺԱՄՈՒԿԷՍ Ի ՄԻՍԻՍ
[խմբագրել]17 Նոյեմ.
Այլ եւս մեկնիլ կը մնայ ինձ, քանի որ Ատանայի դպրոցը կարգին էր, մանաւանդ կրցած էի Ներսէս վարդապետը տեսնել եւ Հաճնոյ Ազգանուէրի դպրոցին մասին ալ տեղեկութիւններ ստանալ իրմէ։ Կը մտադրեմ Տէօրթ-Եօլի ճամբով Իսքէնտէրուն իջնել եւ հոնկէ Պօլիս դառնալ, որով առիթը պիտի ունենամ նաեւ տեսնելու Տէօրթ-Եօլի որբանոցն որուն աղջկանց կրթական հոգը յօժարակամ ստանձնած էր ընկերութիւնս, «Կիլիկեան Որբախնամ»ի առաջարկին վրայ։
- «Երկու օրուան ճամբայ է կառքով մինչեւ հոն» կ՚ըսեն ինձ տեղացի հայեր որոնց համար ցամաքային ճամբորդութիւնը կարեւորութիւն չունի։
Թէեւ կը վարանիմ պահ մը առանձին ուղեւորելու, բայց այդ կողմերը գացող եկող այրերու եւ կիներու վստահացուցիչ խօսքերը, մանաւանդ տեղական իշխանութեան կողմէ բարձրագոչ ազդարարութիւնը թէ բացարձակ ապահովութիւն կը տիրէ Վիլայէթին ամէն կողմերը, համարձակութիւն ներշնչեցին ինծ այդ ուղղութեամբ ճամբայ իյնալու։ Տէօրթ-Եօլէ առաջ, ճամբուս վրայ երեք տեղեր ունէի հանդիպելիք, Միսիս, Համիտիէ եւ Էրզին, առաջին երկուքը բոլորովին բնաջինջ եղած, իսկ վերջնոյն ոչինչ պատահած, քանի որ համակ թրքաբնակ էր ան։
Առաւօտուն կառքը կ՚սպասէ մեզ կամուրջին գլուխը։ Միտքս բոլորովին պաշարուած թշուառութեան ու ցաւի այն պատկերներով՝ որոնց հանդիսատես եղած էի մի քանի շաբաթ այդ վատաբախտ քաղաքին մէջ, հոնկէ հեռանալու պահուս վերջին անգա՛մ մըն ալ կը նայիմ կամուրջին այն տեղն ու աշուղ Միսաքի կախաղանը բարձրացած էր գիշերանց, վերջին նայուա՛ծք մը այն Սիհունին որ ա՜յնքան հայեր էր կուլ տուած, վերջին մնաք-բարո՛վ մը Ատանացի քանի մը ծանօթներու որոնք ընկերացած են մեզի մինչեւ հոն, եւ ահա մեր կառքը կը սուրայ եւ իր գնացքը կ՚ուղղէ դէպ ի Միսիս։
Ատանայէն հեռացած՝ բացութիւններու մէջ ենք հիմայ։ Անամպ, հիանալի երկինք մը մեր վերեւ, անվերջ դաշտագետիններ մեր շուրջը։ Մէկ կողմէն Տաւրոսի ձիւնապատ լեռնաշղթան, հանդիպակաց կողմէն՝ մշուշի թանձրութիւններու տակ ծրարուած Ամանոս լեռներն-այժմու Կեավուր-Տաղին, - եւ արեգական գեղածիծաղ սփռումը կիլիկեան այս գեղեցիկ դաշտանկարին վրայ։
Կը թաւալի կառքն անընդհատ, ու տեսարանը նոյնն է ժամերով, անփոփոխ, անայլայլ։ Մենութեան, ազատ միջոցի, ազատ օդի այդ ծոցին մէջ, շատ բնական տրամադրութեամբ մըն է ո մարդ մը մղուի խորհելու։
Անցեալէն ու ներկայէն, հինէն ու նորէն վերյիշումներ, անկապակից ու խառն, կը յառնեն միտքիս մէջ, սահող անհետացող դարերը մէյ մէկ պատմական դրուագ կը բերեն յիշողութեանս յանձնել։ Յունական, Հռոմէական, Եգիպտական, Ասորական, Սելճուգական կատաղի արշաւանքներն դէպ ի այդ վայրերը՝ պահ մը կու գան երեւակայութեանս առջեւ նկարուիլ ընդ աղօտ։
Կը նայիմ շուրջ, կրկին կը նայիմ երկինքներուն հետ գրկախառնուող լեռներուն, եւ ապշահար վարանք մը կ՚ունենամ յանկարծ՝ պատմական ա՜յնքան անցեալ ունեցող վայրերու մէջ գտնուած ըլլալուս։
Հայոց Պատմութենէն մեր ուսած դէպքերուն եւ անցքերուն թատերավայրերն են զորս ունիմ այս պահուս աչքերուս տակ։ Իրա՞ւ է արդեօք։ Տաքուկ խանդաղատանք մը հոգիս կը լեցունէ. հրճուի՞լ թէ տրտմիլ. իրա՞ւ է որ մենք ալ եղած ենք ազգ մը, մեր ուրոյ իշխաններով, արքունիքով, մայրաքաղաքներով, զօրականներով ու բանակներով։
Երբ Ատանայէն մեկնած՝ աւելի կը սուզուինք Կիլիկիոյ խորերը, կարծես աւելի կ՚զգանք ինչ որ Հայութիւնն ունէր անցեալին մէջ տխուր կամ փառահեղ։ Տաւրոսի լեռնաշղթան խորապէս դիտած պահուս, անբացատրելի սարսուռ մը կ՚անցնի հոգիէս, անոր ձիւնէ գագաթները՝ յաճախ խառնուած, կորսուած երկինքի ամպերուն մէջ, անպատմելի, հզօր ազդուութեամբ կը ներգործեն վրաս, եւ վրդովուն նայուածքս երբ կը յամենայ անոնց վրայ, փոխանակ դէպ ի բարձրութիւնները, դէպ ի այդ վեհութիւնները՝ սիրտս խայտանքի սլացք մը ունենալու, ընդհակառակն անիկա ցաւի կծկում մը կ՚ունենայ, քանի որ կը խօսին անոնք ինծի տխուր պատմութիւը հայ արհաւիրքներու։
Կը յիշեմ Բագրատունեաց կործանումէն վերջ Հայութեան բեկորներուն յուսահատ գաղթն ու բնակութիւն հաստատելը Տաւրոսի լեռներուն մէջ, բռնութիւններէ եւ կեղեքումներէ զերծ մնալու համար. կը յիշեմ Լուսինեան վերջին ապերջանիկ մեր թագաւորին վիրաւոր փախուստն անոր կիրճերուն մէջ, Մամլուկներէն հալածական…։
* * *
Դէպ ի հարաւ, հորիզոնին վրայ, մանիշակագոյն թափանցիկ մշուշներու ետեւ մուխի թանձրութիւններ մը կը բարձրանան։
- «Շէյխ Մուրատ, Ապտօ Օղլու, Կէմիւրզա, երեք հայանբակ գիւղեր, երեքն ալ քանդուած ու բնակիչները ջարդուած…» կ՚ունկնդրեմ կառքին մէջէն՝ կառապանին խռպոտ ձայնին, մինչ անիկա ձեռքի մտրակը կը ժուռածէ դանդաղակի, հորիզոնին այդ կողմը։
Կը նայիմ անքթիթ, կը նայիմ հեռուներու այդ մուխի թանձրութեանց, երեւակայութեամբ կը շրջագայիմ այդ սգատխուր աւերակներուն մէջ որոնցմով լիքն են նոյն գիւղերը, միտքի առջեւ կը բերեմ այն վայրկեաններն ուր խելայեղ հայութիւն մը խուժադուժ կը մահանար կատաղի խուժանէ մը, եւ ցաւոտ կուրծքէս ելած խորունկ ու չոր հառաչ մը կը մարի իսկոյն՝ շուրթերուս վրայ։
Կը թաւալի կառքն անդադար, եւ երեքուկէս ժամուան գնացքէ մը վերջ հասած ենք արդէն Միսիս։
Միսիս, անցեալի հնագո՜յն քաղաքներէն մին, նախկին յունական Մոբսիւէ՜սթիան պատմական, Հայ յորջորջմամբ Մամե՜ստիան, Ճիհանի մէկ կողն ի վեր բարձրացող բլրակի մը վրայ կառուցուած վիթխարի դղեակի մը պէս լայնանիստ, տիրապետող ու վեհաշուք դիրքով մը։
Կառքը կեցած է, ու ձիերն արձակուած։ ՊԷտք է դադար մը ընել։
Կանգ առած տեղերնիս, բլրակին ստորոտը, գետին եզերքին, կարգ մը խանութներ փոքրիկ շուկայ մը ձեւացուցած են։ Վիմակերտ, հաստահեղոյս կամուրջ մը, Ատանայինին յար եւ նման, - թէեւ ոչ այնքան մեծ, - գետին երկու եզերն իրարու կը միացունէ, յունական ճարտարապետութեան արդիւնք, որու մասին, կամուրջին սկզբնաւորութեանը, քանի մը վրայ փորագրուած արձանագրութիւն մըն ալ կայ։
Կ՚ուզենք բլրակէն վեր ելլել եւ տեսնել բուն Միսիսն իր աւերակներուն մէջ ու տալ անոր մեր Հայու այցելութիւնը։ Սակայն ոչ ոք կ՚ուզէ առաջնորդել զմեզ. ոչ մէկ հայ դէմք կայ շուրջերնիս։
Թէեւ անծանօթներ տեղւոյն, բայց վերջապէս կը մագլցենք բլրակէն վեր, եւ արդէն իսկ աւերակներու կոյտերը մեր առջեւ են, թրքական թաղէն դէպ ի հիւսիս։
Ո՞ւր են Հայոց եկեղեցիին փլատակներն, ո՞ւր են Հայոց դպրոցին մնացորդները։ Կը թափառինք ածխացած քարերու, փլփլած պատերու մէջ, սիրտերնիս վշտոտ ու երեւակայութիւննիս լի վերյուշումներովն այն թշուառ հայորդիներուն որոնք սուրի եւ հուրի օր մը խողխողուած եւ ածխացած էին այդ տեղուանքը։
Խաղաղ, արեւոտ միջօրէ մըն է, ամէն ինչ մեռելութիւն մեր շուրջը։ Անհուն գետիններ մեր չորս բոլորը կը տարածուին, թաւշոտ կանաչութիւն մը Մամեստիոյ դաշտանկարը կը կազմէ, թեթեւ օդ մը թոքերէ ներս կը խուժէ, անուշութիւն մը մթնոլորտը կը լեցունէ։ Կը խորհի մարդ թէ որքա՜ն գեղեցիկ ըլլալու էր Մամեստիան՝ երբ չունէր ան արիւն ու աւերակ։ Դրախտանման երկրի մը գոգը, մաքուր, հանդարտ քաղաք մը, հիանալի իր դիրքով, իր օդով ու իր տեսարանով։
Ու հիացումիս հետ՝ դա՛րձեալ վերյուշում. Ռուբինեանց Լեւոն Ա. Թագաւորն էր որ առաջին անգամ Յունաց ձեռքէն առած էր այս քաղաքը։ Երջանի՜կ եւ յաղթական օրեր զոր մեր Պատմութիւնը պահած ունի իր էջերուն մէջ թաքթաքուր…։
* * *
- «Հայոց եկեղեցին ո՞ւր է» կը հարցունենք անձկաւ՝ թուրք կնոջ մը որ մեր դէմը կ՚ելլէ, պատի մը դարձուածքին։
- «Չեմ գիտեր» կ՚ըսէ ան, պրկուած շրթունքով եւ կը հեռանայ արտորնօք։ Հարցումը կ՚ուղղենք այս անգամ այր մարդու մը որ դարձեալ անգիտանալ կը ձեւացունէ։ Հետաքրքրութիւննիս կը մտրակուի կարծես անցորդներու այս խուսափողական կեղծ պատասխաններուն վրայ, ու կ՚սկսինք ման գալ ամէն մէկ աւերակի մէջ եւ ակնապիշ դեգերիլ՝ գտնելու համար եկեղեցիի կամ դպրոցի ո՛ր եւ իցէ հետք։
Յանկարծ կը տեսնենք պատով շրջափակուած պարտէզի մը մէջ միայարկ տուն մը՝ որուն դրան ճակատին սպիտակութեանը վրայ կապտագոյն կիրով հայ տառեր կան, Մարտօ գրուած։
Աչքերուս մէջ թացութիւն մը կ՚զգամ եւ սիրտս ցաւագին խանադաղատանքով մը կը լեցուի երբ կը խորհիմ այն ձեռքին վրայ՝ որ հազար գուրգուրանքով այդ քանի մը գիրերը փակցուցած էր իր տանը ճակատը։ Այսօր ապահովաբար այդ ձեռքը յօշոտուած կամ այրուած էր…։
Պարտէզէն ներս կը մտնենք վարանոտ։ Ոստիկան մը կը դիմաւորէ զմեզ։ Նոյն հարցումը կ՚ուղղենք իրեն ալ։ Այն անգամ սակայն մարդը բլրակին մէկ եզրը կ՚առաջնորդէ զմեզ անխօս եւ հոն ցոյց տալով աւերակներ՝ կը հեռանայ մեր քովէն, գրեթէ շտապ քայլերով։
Քանդուած է եկեղեցին, իսկ այրած է դպրոցն որ անոր կիցն է։ Ի՜նչ օրեր, երբ այդ ածխացած շէնքը դպրոց էր եւ Միսիսցի տղեկներ, կայտառ, ճռուողուն, գիրքերնին անութնին, կու գային հոդ հայերէն ուսանիլ, կու գային բա՛ն սորվիլ…։ Այդ տղաքն ո՞ւր էին արդեօք, ո՞ւր էին անոնց ծնողները…։
Դպրոցին մէկ սեւցած պատուհանէն դուրս կը նայիմ։ Սքանչելի՜ է։ Անմիջապէս անոր քովէն կ՚սկսի տարածութիւնը մարգերուն, զմրխտագոյն, ծածանուտ։ Ու մտածե՜լ թէ Միսիսցի տղան այդ տեսարա՛նն ունէր հանապազօր իր ուսումնարանէն դիտուած։
Պարտէզին մէջ գտնուող քանի մը շիրիմներու առջեւ ալ կանգ կ՚առնենք պահ մը, ու մեր գլխիկոր դարձ կ՚սկսինք բլրակէն վար։ Մեր դէմը կ՚ելլէ սակայն այդ վայրկեանին մարդ մը, ո՜վ բախտաւորութիւն, Հայ մը, տեղացի հացագործ մը, որ ծանօթն է մեր կառապանին։ Հարցումներու անվերջ տեղատարափ մը կ՚սկսինք։ Սուգը սիրտին մէջ եւ արցունքը աչքին՝ կը պատասխանէ խեղճ մարդը մեր բոլոր հարցումներուն կը պատմէ մեզի թէ ինք միակ հայն է որ կրցած է հրաշքով ազատիլ ջարդէն ։
Ի՞նչ էր արդեօք այդ հրաշքը։
- «Տեսէք, կ՚ըսէ մեզ, Միսիս մօտ գտնուող մի ուրիշ բլրակ ցոյց տալով. հոն, այդ բլրակին տակ քարայր մը կայ խորունկ եւ սոսկալի մութ. հազիւ կրցայ վազելով ինքզինքս այդ քարայրը նետել. ետեւէս եկան մարդասպանները, բայց վախերնուն չի համարձակեցան ներս մտնել. եւ որպէս զի ես ներսը մուխէն խեղդուիմ, ճիւղեր ու մացառներ վառեցին քարայրին բերանը. յետոյ քարերով փակեցին անոր անցքը։ Ներսը դողէս մահուան դուռը հասած էի։ Չեմ գիտեր ի՛նչպէս, մէյ մըն ալ տեսայ որ քարերը քակուած էին. ետքէն իմացայ որ հոնկէ անցնող գնչուներ իմանալով որ կեավուր մը ապաստանած է հոդ. գոնէ դիակը կողոպտելու միտքով՝ քակած էին անցքին առջեւ դիզուած քարերը, սակայն կրկին վախնալով ներս մտնել, ձգած գացած էին։ Արդէն երեք օր վերջն էր որ կրցայ պահուըտած որջէս դուրս ելլել…։
Հէ՜գ արարած, խոր վիրապէս ելլող նոր Լուսաւորի՛չ մըն ալ ասիկա։ Փրկուած կեանք մը ունէր, փրկուած ի գին այնքան արհաւիրքի ու տանջանքի։
Կը շարունակէր ան իր ցաւալի պատմութիւնը։ Միսիսի մէջ 80 է աւելի տուն այրած էր, եւ 350է աւելի անձեր ոչխարի պէս մորթուած կամ հրկիզուած էին, քանի որ Միսիսի մէջ չկար ո՛չ մի եւրոպական ընտանիք, ո՛չ մի եւրոպական դրօշ՝ ուր կարենային ապաստանիլ փախստական Հայեր։ Չորս բոլորը դաշտ, ամայութիւն, իսկ Միսիսի մէջ իսլամ, մի՛ միայն իսլամ։
«Ասիկա Թէրզեանի տունն էր, կը յարէ մեր հացագործը. շուկայի մօտ աւերակոյտ մը ցոյց տալով. հոն ապաստանած 200 Հայեր կատաղի դիմադրութիւն մը ըրեր են, բայց վերջ ի վերջոյ կրակի բոցերու մէջ ամէնքն ալ մոխրացեր են։ Իսկ հոն, - կը շարունակէ ան դարձեալ. Միսիսէ դէպի Ճիհան նայող եզերքին մօտ ցոյց տալով միայարկ շէնք մը, - 50-60 անզէն Հայեր հազար տանջանքներով խողխողուած են, ու իրենց արեամբ ամբողջ ներկուած են գետինն ու պատերը»։։
Ու դեռ քստմնելի պատմութիւնը կ՚ընէ ան բիւրաւոր խժդժութեանց, որոնց ենթարկուած էին անտիրական Հայեր։ Չմոռնար նաեւ մեզ ըսելու սոսկալի արարքն արի կնոջ մը, որ իր ութը հատ աղջիկներուն մազերը պինդ մը իրար էր հիւսեր, որպէս զի իրենց տունը հրդեհուած պահուն՝ չկարենային անոնք դուրս փախչիլ եւ իյնալ կատղած խուժանին պիղծ ձեռքերուն մէջ։
Հապա այն տղեկն որուն վրայ կազ թափած են՝ եւ լուցկի տալով, մինչ ան բոցավառ՝ ահարկու ոստումներ կ՚ընէր. «Եաշա՜սըն հուրրիէթ, եաշա՜սըն ատալէթ» երգած է վայրագ խուժանն անոր դէմ, տանտաղոսի ծիծաղներով։
Ալ չէին լսեր ականջներնիս՝ ինչ որ հացագործը կը շարունակէր պատմել կերկերուն ձայնով մը, անվերջ ողբի մը պէս։ Կ՚զգայինք միայն թէ աչքերնիս մթագնած էին վիշտէ ու ցաւէ երբ կ՚իջնէինք բլուրն ի վար եւ կառք նստած կը հեռանայինք, մեր ետին թողլով Մամեստիան, երբեմնի հայաշատ, սիրուն, պատմական այդ քաղաքն իր փլատակներուն սեւ կործանումին մէջ յուսահատ։
ԳԻՇԵՐ ՄԸ Ի ՀԱՄԻՏԻԷ
[խմբագրել]Կէս օրէ վերջ մեկնած ենք Միսիսէն։ Դիւր դաշտերու մէջէ եռաձի կառքերնիս արագընթաց փախ կու տայ, կառապան Պօղոսին կանչած գեղջուկ ու խեղճուկ երգին հետ, - միակ կենդանութիւնը շուրջի անձայնութեան եւ ամայութեան մէջ։
Հորիզոնին վրայ յանկարծ կը պարզուի Եըլան Գալէն, հսկայաբերձ, վեհապանծ ու պերճ, դարաւոր բողոքի մը պէս դէպ ի երկինք սլացական։
Առաջին անգամն է որ կարօտաբաղձ աչքերս կը վայելեն Փոքր Հայքի լանջքին վրայ բարձրացող բերդ մը որ հին հին դարերէ ի վեր կանգուն կը մնար՝ պատմական մարտերու յուշքեր, յաղթանակներ ու պարտութիւններ իր վիթխարի զանգուածին մէջ խտացուցած։
Այդ կարկառուն վեհութեան ի տես, անասելի հրճուանք մը կ՚սկսի թափ տալ սիրտիս։ Անցեալ փառքերու, վաղնջական դիւցազանութեանց եւ ամեհի ոգորումներու կոթող մըն էր այդ, սեպ ապառաժի մը բարձունքը խրոխտաբար կառուցուած։
Երանութիւնը զոր լիուլի զգացած եմ, աւա՜ղ, ի՜նչ շուտ կ՚սկսի խոյս տալ ինձմէ, երբ անգութ մտածումը նոյնհետայն կու գայ միտքս խարանել։ Անցեալ, ամէն ինչ անցեալ մեզ համար, լաւագոյն բաներէն ի՞նչ կը մնար արդէն մեզ՝ անագորոյն կերպով դուժ ներկայի մը առնթեր։
- « Լեւոնի Բերդ կ՚ըսուի եղեր ատիկա, բայց չարափոխութեամբ Եըլան եղած է Լեւոնը » կը յարէ Պօղոս, ետեւ դառնալով եւ մտրակին բուն երկարելով դէպ ի այդ բարձրութիւնն ամպածրար։
Հէ՜գ Կիլիկիա. անունի մը յիշատա՛կն իսկ զլանալ Քու մէկ աւերակիդ, անունի մը հմա՛յքն իսկ եղծանել այսպէս…։
Վշտոտ լռութիւն մը կը փակէ մեր շրթունքը։ Երեւակայութիւնս թափառայած բոլոր այն չարութեանց շուրջ որոնք նիւթուած էին միշտ՝ բնաջինջ ընելու համար այս աշխարհէն Հայն ու իր յիշատակը՝ ժամերը կը սահին, եւ Կեավուր-Տաղիի բարձանց հովը կու գայ զովացունել մեր խեղճ գլուխները։
Երբեմն հեռուներէն, մեր տեսողութեան կը հանդիպին յարդէ ու եղէգէ կերտուած խեղճուկ ու ցած տնակներով գիւղեր՝ Թուրքի, Չէչէնի կամ Չէրքէզի. եւ անկարելի է չխորհիլ թէ այդ ցածութեանց տակ ի՜նչ ցածութիւններ որոճացած է անյիշատակ ժամանակներէ հետէ մէջի բնակչութիւնը, խուժդուժ, անուս եւ անոպայ։
* * *
Անցած ենք. ա՛լ մեր ետեւն է Եըլան Գալէն, միշտ բարձր, միշտ վէս։
Մայրամուտ խոնարհող արեւին ճառագայթները բեկբեկ լոյսի մեղմութիւններով կը պարուրեն սա արտերն ու Համիտիէն՝ որ ահա մեր դէմն է, Ճիհանի ձախ ափունքին, տափարակ դաշտագետնին վրայ, թաւուտքի մը ետեւ, իժի պէս գալարուած ու պահուըտած։
Համիտիէ, չարագուշակ ու սե՜ւ գիւղաքաղաք, ճշմարիտ ո՛րջ մը մարդ-գազաններու արիւնաքամ ջոլիրին…։
Հասած ենք վերջապէս, ու մե՜ծ դժբախտութիւն, պէտք է գիշերել հոն։ Կառապանը կ՚առաջնորդէ զիս տեղացի հայու մը, դեղագործ Ներսէսի մօտ, - ամբողջ Համիտիէի մէջ միակ արու հայը ՝ խողխողումէ հրաշքով ազատած, տապարի հարուած մը գլխուն ուտելէ ետք։
Երբ օթեւանի մը մէկ խորշը գիշերային կայքս կ՚որոշեմ, մութէն առաջ կ՚ուզեմ իմ տաժանելի ու տխուր այցս կատարել արկածեալ մայրերու, վասն զի արշալոյսին պիտի մեկնինք։
Քստմնելի դէմքեր կը վխտան ամէն կողմ, գռիհներու մէջ, շուկան, հրապարակներու վրայ։ Ուղեկիցէս կ՚իմանամ թէ կէս դարու հնութիւն ունի այս աւանը. նախկին յորջորջումն է եղեր Եարսուվատ՝ որուն բնակիչները Ռուսիայէն գաղթած են հոն՝ Նօղայ-Թարթար կոչուած բարբարիկ ցեղ մը։ Անոնց դրսերեւոյթը կը խօսի որոշակի բոլոր այն ճիւաղութեանց մասին որոնց արձագանգ եղան թերթերն ամէն ազգութեանց։
Քանի մը փողոց դեգերելէ վերջ, ահա ծայր կու տան աւերակները։ Հարկ չկայ նկարագրել. միեւնոյնն են անոնք ինչ որ տեսանք Ատանա, ինչ որ տեսանք Միսիս, Հայ-Գիւղ եւ ուրիշ տեղուանք, որոնց վրայէն բարբարոսութեան մղուցքն անցած էր՝ քանդելով կեանքեր ու բոյներ, ժամերով, օրերո՜վ իրարմէ հեռու գիւղեր եւ աւաններ, ամէն ո՛ւր որ Հայն իր տունն ու տեղը ունէր։
- «Հոս է Հայոց եկեղեցին», կ՚ըսէ ուզեկիցս կանգ առնելով աւերակոյտի մը առջեւ։ Եւ մինչ ես ներս կը մտնեմ աւերն իր լրումին մէջ դառնօրէն զգալու, ան դիտելէ վերջ ինքնամոխ վիճակս, աչքերը յառած կը մնայ որմերուն եզերքը կղկղանքի այն նողկալի կայտերուն որոնցմով ապականած էր արդէն սրբավայրին մթնոլորտը։
- Ի՞նչ… կը բացագանչեմ զայրագին։
- Այո՛ վայրագութեան բոցը դեռ չէ մարած անոնց կուրծքի տակ։ Այսքան արիւնէ եւ կրակէ վերջ, տակաւին կը յամառին գարշանքի նշաւակ դարձունելու ինչ որ Հայունն է եւ անոր կրօնքինը։
Փլփլած պատեր, այրած սեւցած քարեր անվերջ՝ անհատնում, որոնց ի տես իսկոյն կը ցցուին աչքիս առաջքը՝ սրահար, թոպամահ եւ ճենճերմա՜մբ նահատակուողներու ցաւագին ուրուանկարներ՝ շարան շարան։
Քիչ մը անդին է փլատակները Մարաշցի Ղարթի տունին՝ ուր ապաստանած երկերիւր Հայեր յուսահատ եւ վայրավատին դիմադրութենէ մը վերջ՝ մարխի պէս վառուած եւ աճիւնացած էին։
*
Մութն իջած է, եւ աւելի քան երբեք սարսափը թափանցած է հոգիէս ներս։
Լոյս մը, Տէ՜ր, բոլոր այս սեւութիւններուն մէջ, կաթեցո՛ւր սփոփանքիդ յոյսը բոլոր այս դառնութիւններուն առջեւ. մինչեւ ե՞րբ այսքան ծանր խաչի մը բեռը մեր տկար ուսերուն…։
*
- Հոս ուրիշ հայ չկա՞յ բնաւ, կը յարեմ ճամբան, ընդունելիք պատասխանիս մասին գրեթէ դողահար։
- Ուրիշ հա՞յ մի… ի՜նչ կ՚ըսէք, այստեղի Հայոց ցանկը նախօրօք պատրաստուած եւ ըստ այնմ զանոնք ջարդելէ յետոյ, Ճիհան գետը թափուած են անոնց դիակները համրանքով։ Միայն թէ կիներէ ու տղոցմէ 750 հոգի մը յաջողած են ապաւինելու Տիկին Սապաթիէի տունը, նաեւ անոր բամպակի գործարանը։ Հոդ ամիսէն աւելի իրենց բնակութիւն եւ պարէն հայթայթուելէ վերջ, բոլորն ալ մեկնած են Ատանա, ուր կը գտնուին այժմ։ Այրերէն ալ թերեւս մաս մը կարենար ազատիլ, եթէ ջարդը շուկայէն չսկսէր յեղակարծ եւ մանաւանդ Սապաթիէի բնակարանն ալ Համիտէի մէկ ծայրը չգտնուէր։
Առաջուց իմացած էի արդէն այդ պաշտելի անունը, ՄԱՏԱՄ ՍԱՊԱԹԻԷ. գիտէի այդ կնոջ ու իր արի որդւոց աննախընթաց հայասիրութիւնը. սիրտս լի էր հիմայ երախտագիտութեամբ. շնորհակալութեան քանի մը բառ պիտի բաւէ՞ր միթէ այդքան բարիքի փոխարէն։ Քիչ յետոյ ներս կը մտնենա նոյն տիկնոջ յարկէն, յուզուած եւ սրտատրոփ։
Անուշ, բարի դէմքով տարիքոտ ֆրանսուհի մըն է ան, որուն ձեռքը կը թօթվեմ եռանդագին, երախտապարտ հայու անկեղծ զգացումներս փութալով յայտնել անոր, որ իր կարգին կ՚ընդունի զիս այնպիսի ջերմ ու գթոտ վերաբերումով մը որուն փայայանքին տակ՝ ա՛լ կը հաւատամ մարդկային ճշմարիտ եղբայրութեան։
- Ըրածնի՞ս ի՛նչ էր որ, զաւակս, երանի՝ թէ կարելի ըլլար մեզ աւելին իսկ ընել. հազա՜ր եղուկ այն հէք հայերուն. ի՞նչ էր անոնց յանցանքը։ Երեւակայութենէ դուրս, սոսկալի՝ բան է, մինչեւ գերեզման անհնար է որ գէթ վայրկեան մը մոռնամ անոնց պատահածները։ Յիմարեցուցիչ բան էր, օ՜հ, սոսկալի բան էր…։
Ու պատուական ֆրանսուհին յարտասուս փղձկեալ՝ պատմութիւնը կ՚ընէր այն սեւ օրերուն, ահարկու մղձաւանջներէ տանջուողի մը կարկամեալ դիմագիծերով։
- Մինչեւ մահ, մինչեւ գերեզման անկարելի՜ է որ մոռնանք, կը կրկնէին նոյնպէս իր ամուսինը՝ Մ. Տօտէ եւ իրենց դուստրը՝ Տիկին Անթուանէթ Պալեան, բարերար այդ հրեշտակը Համիտիէի այրիներուն եւ որբերուն։
Երեսունեւհինգ տարիէ ի վեր հոդ հաստատուած ֆրանսացի անզուգական այս ընտանիքը բարբարոսութիւններու բոյն դարձած այդ անապատին մէջ առաքինութեան ու կարեկցութեան ովասիսի մը յատնութիւնն էր ինձ համար։
- «Ի՞նչ, կը պատրաստուէիք մեկնի՞լ. կը ձայնէ Տիկին Անթուանէթ՝ երբ ոտքի ելլելս կը տեսնէ. միթէ կարելի՞ բան է. մենք ձեր Կաթողիկոսը կրցինք հիւրասիրել հոս, ողբացեալ Պապիկեան եւ ուրիշներ պատուեցին զմեզ իրենց ներկայութեամբ, հիմակ թող տանք որ երթանք եւ խանի մը անկի՞ւնը գիշերէք. օ՛ն, դուք մերն էք՝ որքան ատեն որ Համիտիէ մնաք»։ Ու իր խօսքերուն միացունելով շնորհալի շարժում մը, Տիկինը թեւէս բռնած՝ կ՚ստիպէ ինձ նստելու եւ հանգչելու։
Ընթրիքէն յետոյ, հետզհետէ հիւրեր կը հասնին, Ռէժիի յոյն պաշտօնեաներ, տեղւոյն ամբողջ «հայ լայֆ»ն, ինչպէս կ՚ըսէր Տիկին Անթուանէթ, հեգնոտ քմծիծաղով մը։
Ջարդի պատմութիւնները մեր գիշերային խօսակցութեանց առանցքը կը կազմէին. ամէն ոք կոտորածի օրերէն անտեսուած դրուագ մը կը բերէր մէջ. ուրիշ մըն ալ կը պատմէր թէ 1909 ապրիլ 1ի ցորեկին ինչպէ՞ս Սարը Գատըն, ահեղ Դատաստանի պատիժներուն արժանի այդ դատաւորը հրապարակը կանգնած՝ Ազատութեան ու Սահմանադրութեան դէմ անլուր հայհուչներով կը գօտեպնդէր արիւնարբու խուժանը. թէ ինչպէ՜ս շրջականերէն եկած հեծեալ Չէրքէզ ու Խրիմցի ասպատակներ վայրենօրէն յարձակած էին Հայ բնակչութեան վրայ, սուրերնին չկահելով եւ փամփուշտներնին արձակելով յուպէտ յուկամ…։
Մորմոք ու զայրոյթ ամէնուս ներսն են ամբարուած։ Նոյն պահուն արաբ երիտասարդի մը ընկերակցութեամբ՝ մեր ասպնջական յարկէն ներս կը մտնէ Չէրքէզ մը իր տոհմային տարազով։
- Լէօ Զատէներէն, Սալիմ պէյի եղբայր՝ Ասլան պէյն է, մեկուսի կը ներկայացունեն ինձ, մինչ ես երկիւղով մը նորեկին կը նայիմ, չհանդուրժելով կարծես անոր ներկայութեանը։
- Աս մարդը, Հաճընի մօտ՝ Շար գիւղը փրկողն է, կ՚աւելցունեն քովէս։
- ???…
- Այո՛, բացարձակապէս վստահ ենք այդ մասին։
Կրնար ըլլալ, բայց չեմ գիտեր ի՛նչ թերահաւատութիւն մը կ՚արմատանար հոգւոյս մէջ, այդ խիզախ դէմքին նայած պահուս, ցորչափ գիտէի թէ այնքան երկսայրի եղած էր չէրքէզական սուրը Հայոց բնաջնջումի գործին մէջ։ Հիմայ Ասլան պէյ ալ ներկաներու ասուլիսին խառնուած՝ կ՚սկսի իր համակրութիւնը յայտնել Հայերուն հանդէպ, նզովելով ամբողջ վոհմակը մարդախոշոշ խուժանին։
- Մէրսին խարսխած ֆրանսական զրահաւորներէն անընդհատ հեռագիր կու գար մեզ՝ իմանալու թէ վտանգ մը պատահա՞ծ էր մեր ընտանիքին, - կը կցէ Տիկին Սապաթիէ, տխուր ժպիտով մը, - մինչ հարցունող փնտռող չկար սեւ ճակատագրին անձնատուր հայերուն վիճակը…։
Արիւնահեղութեան իր վագերային պաշտօնը կատարելէ դեռ եւս չպարտասած՝ խուժանը պահ մը եկած էր ափ առնել դուռը Տիկին Սապաթիէի եւ քաղցած գայլերու պէս ոռնալով՝ ուզած էր յարձակմա՛մբ խորտակել ու ներս խուժել, ո՛չ թէ ֆրանսացի ընտանիքը մահացունելու, այլ հոն ապաստանող Հայերը միայն սրածելու համար։ Այն ատեն Տիկին Սապաթիէի որդին Մ. Շարլ առաջին յանդուգն քայլն առած էր վարմունքի մը որ զինքը մինչեւ հերոսութեան պիտի բարձրացունէր։ Դուռը բանալով անվեհեր կանգնած էր ան սեմին վրայ, ու շէնքին վրայ ծածանող եռագոյն դրօշը ցուցունելով՝ գոչած էր մարդասպաններուն.
- Նախ զի՛ս զարկէք միացուցէք սա դրօշին տակ եւ յե՛տոյ ներս անցէք…։
Ու խուժանը վա՛տաբար յետս ընկրկած էր նոյնհետայն։
Օրերով, շաբաթներո՜վ լացած էին եօթը հարիւր ա՛յսչափ այրիացեալ կիներ եւ որբացեալ մանուկներ, զիրենք հարուածող դժբախտութենէն խելայեղ, եւ Տիկին Սապաթիէի ասպնջական յարկին տակ պատսպար՝ կերակրուած էին անոր ջաղացքներուն ալիւրովը, պառկած էին անոր բամպակի հակերուն վրայ. եւ ամիսը բոլորուած էր այսպէս հեծեծանքով եւ օրհնութեամբ։
Մխիթարութեան խօսքեր պիտի բաւէի՞ն անոնց, Աստուած իմ. ի՞նչ ըսել, երբ ամէն բան կորած էր, ամէ բան փլած, այրած, մահացած։ Սապաթիէ ընտանիքը միասին լացած էր անոնց հետ, տարաբախտ մեր Վեհափառն ալ եկած դառնօրէն լացած էր անոնց հետ եւ Հալէպի Ֆրանսական հիւպատոս՝ անզուգականն Ռօքըֆէրրիէ ողբացած էր անոնց հետ, եւ ամէն կողմ կարելի բոլոր օգնութիւնները փութացունելէ յետոյ, իր պաշտօնատեղին վերադառնալուն, երիտասարդ հասակին մէջ կը մեռնէր նահատակի մահով մը, յանուն Հայութեան տքնող ու մարտիրոսացող մարդու մը անմոռանալի յիշատակը թողլով մեր ամէնուն սիրտին մէջ։
*
Գիշերը յառաջացած է. հիւրերը կը մեկնին։ Վերի յարկը կ՚առաջնորդուիմ։ Մինակ եմ հիմայ, սգատխուր նորանոր յիշատակներով ուղեղս ծանրաբեռնուած։
Ու մթութեան մէջ, մեծ վէռանտային եզրն արձանացած, կը դիտեմ հեռուն՝ աստեղազարդ կամարին տակ քնացող չարաշուք Համիտիէն։ Ամէն ինչ աղջամուղջի եւ լռութեան մէջ թաղուած է։
Ականջիս մէջ կը հնչեն տակաւին արեան եւ քանդումի խօսքերն որոնցմով ապրեցանք վարը՝ քանի մը ժամեր. աչքիս առջեւ կը պատկերանայ դրօշակն որուն յուսաշող ծալքրուն տակ եկած էր կծկծուիլ Հայութեան մէկ բեկորը։ Կը թուիմ լսել հեռաւոր արձագանգներն այն ողբերուն ու կոծերուն որոնցմով թնդացած էին այս յարկերը, շաբաթներ ամբողջ սարսափի ու սուգի։
Քունը խուսափած է արտեւանունքէս։
ԷՐԶԻՆԻ ԲԱՆՏԱՐԿԵԱԼՆԵՐԸ
[խմբագրել]18 Նոյեմ.
Առտուն կանուխ, խանին բակին մէջ հայ կառապանը լծած է կառքին ձիերն ու եկած է ինձ իմաց տալու որ մեկնելու վայրկեանը հասած է։
Արու հայութիւնը սպառսպո՜ւռ սրածուած վայրի մը՝ Համիտիէի մէջ ամբողջ գիշեր մը կիսաքուն օթեւանած, արշալոյսը ծագելուն՝ վերջին անգա՛մ մըն ալ կը նայիմ սգալի այդ գիւղաքաղաքին վրայ, սոսկումի յետին նայուա՛ծք մըն ալ կը ձգեմ շուրջիս Նօղայ-Թաթարի դէմքերուն եւ աչքերուն- որոնց մէջ յար կը վառի տենչն արիւնի եւ աւերի, - ու շտապաւ կը կծկուիմ կառքին անկիւնը։
Մտրակը կը շաչէ ձիերուն գաւակներուն, բաշերը կը թօթվըւին պերճօրէն։ Քանի մը շրջաններ, եւ ահա մեր ետեւն է Համիտիէն- այժմու ահաւոր յորջորջմամբ՝ Էօրֆիէն[5] իր աւերներով, արհաւիրքներով, իր հայակուլ Ճիհանով եւ իր 500 զոհերու դառնակսկիծ յիշատակով ողբագին. իսկ մեր դէմն է անծայրածիր դաշտագետին մը ամայի ու անմշակ, հեռուն՝ հորիզոնն երիզող վէտ ի վէտ շղթան դարաւոր լեռներուն, - վեհապանծ ու լուռ վկաներ՝ գործուած ոճիրներուն եւ նախճիրներուն։
Դաշտերու մենութեան ծոցը, հեռուէն սուրացող ձիաւորներ զուրկ չեն ազդելէ սրտադող մը՝ սարսափով ա՛րդէն լեցուած մեր երեւակայութիւններուն, մինչ անդիէն ուղտերու դանդաղաքայլ երթը հանդիսաւոր տեսքը կ՚առնէ կարծես եգիպտական կարաւանի մը։
Ահագին ճամբայ կայ դեռ կտրելիք անցնելիք, երեկոյին Տէօրթ- Եօլ հասնելու համար։
- «Էրզինէ ձեր անցքին, սա դրամը հոն տեղի բանտարկեալներուն բաժնէիք եւ կամ Միհրանիկին յանձնէիք որ իր ընկերներուն տայ»։ կարեկիր ձայնով մը ինձ ըսած էր Դանիէլեան վարդապետ, Ատանայէ մեկնած ատենս, եւ իր վտիտ քսակէն տուած էր մէկ օսմանեան ոսկի, խնդրելով միանգամայն որ իր ողջոյնները տամ այդ տարաբախտներուն։
Սրբազան յանձնարարութիւն մըն էր այս զոր կատարելու համար ինձ վստահուիլը գոհութեամբ եւ գիտակից երախտագիտութեամբ մը կը համակէր զիս։ Մէկ հատիկ ոսկի մըն էր այդ՝ զոր Հաճընցին, իր քաղցին եւ մերկութեանը մէջ գթոտ, կը ղրկէր իր բանտի եղբայրներուն, աւելին չկարենալ ընելու ցաւովը տոգորուն։
Կէս օրն անցած էր ու մեր կառքն անընդհատ կը թաւալէր դաշտերու մէջէ, աշնանավերջի արեւին անուշ պայծառութեան տակ։
Յանկարծ, կառապանը հորիզոնին եզրը յորդ կանաչութիւն մը ցոյց տալով։
- «Կը տեսնէ՞ք, տիկին, կը ձայնէ դէպ ինձ դառնալով, այդ տե՛ղն է Էրզինը բայց հնար եղածին չափ քիչ կենալու է հոն, բանտարկեալները շուտ տեսնելու է, որպէս զի իրիկուան ուշ չմնացած հասնինք Տէօրթ-Եօլ»։
Ալ կը նայիմ ակնապիշ, յիմարի մը պէս սեւեռուն հոն, այն կէտին ուր Հայ բանտարկեալներ պիտի գտնէի՝ լոյսէ եւ արեւէ զուրկ շէնքի մը խորը հիքօրէն բանտուած, հեծեծագին եւ յուսահատ, ինքզինքնին եւ իրենց նմանները ստոյք մահերէ պաշտպանած ըլլալուս անլուր յանցանքովը դատապարտուած ։ Որքան հեռուէն նշմարուած ստուերները կերպարանք կ՚առնէին, որքան շէնքերը կ՚անջատուէին դալարներէն եւ մեր կառքը կը մօտենար այդ գիւղաքաղաքին, ա՛յնքան յուզումը կը մրրկէր ներսս ու ճակատս կ՚այրէր անձուկէ։
Հասած ենք Էրզին. կառքը քաղաքատան դուռին առջեւ կը կենայ։
- «Հոն հասնելնուդ, Պատերազմական Ատեանին կը ներկայանաք, բանտարկեալները տեսնելու փափաքնիդ կը յայտնէք, անոնք անմիջապէս կը թոյլատրեն» ըսած էր Հայր Սուրբը։
- «Եասա՜՜՜գ» կը գոչեն յանկարծ դրան քովերը կանգուն երկու զինուորներ, հրացանը ձեռքերնին, դէպ ի դուռ յառաջանալու պահուս։ Նորէն փորձ մը ներս մտնելու. կրկին «եասա՜գ» կը ձայնեն երկուքը մէկ, արաբ զինուորի իրենց յոխորտ ու կոկորդային շեշտովը։
Ի՞նչ պիտի ըլլար արգելքի այս բացագանչութիւնը, պահականոցին նախադուռէն իսկ, մինչ Ատանա այնքան դիւրութիւն կայ բանտարկելոց այցելելու եւ անոնց հետ տեսակցելու։ Ի՞նչպէս ներկայանալու էր Պատերազմական ատեանին։
Յանկարծ կը յիշեմ այն քարդը զոր ստացած էի կուսակալէն, ճամբորդութեան ատեն դիւրութիւններ գտնելու տեղական իշխանութեանց մօտ։ Ու կը ներկայեմ զայն բաց դուռէն ներս։ Սպայ մըն է որ կը փութայ կարդալ եւ զիս ներս հրամցունել։
Կը մտնեմ դեդեւկոտ քայլերով։ Նրբանցքներն ուսկից կ՚անցնիմ, սանդուղներն ուսկից վեր կ՚ելլեմ, ամբողջ անցքիս վրայ կը հանդիպիմ զօրքերու եւ սպաներու։ Պատերազմական Ատեանն որուն վերջապէս կը ներկայանամ՝ բանտերու մասին խառնուելու ուղղակի իրաւունք մը չունենալը յայտնելով, կը յանձնարարէ ինձ երթալ ուրիշ պաշտօնատուն մը. եւ այսպէս վայրկեանները կը յաջորդեն ընդունա՜յն ժամերու. մինչ ես տաղտկալի թափառում մըն է որ կը կատարեմ պաշտօնատունէ պաշտօնատուն։ Կը հասնիմ վերջապէս զօրանոց եւ կը ներկայացուիմ հազարապետին։
- Անկարելի բան է որ դուք այսօր կարենաք բանտարկեալները տեսնել, կը յարէ զօրականը կտրուկ ձայնով մը։
- Անկարելի՞, խնդրեմ, ինչո՞ւ, յառաջ կը բերեմ, անձկութեան տաք հեղեղ մը գլուխս ի վար կրելով։
- Մեր զօրարաժինը դեռ երէկ գիշեր հասաւ հոս եւ մենք անտեղեակ ենք ամէն բանի։ Բացարձակապէս անկարելի է որ դուք զանոնք տեսնէք այսօր։ Սաստիկ խճողուած է ներսը։
- Դրամ ունիմ քովս, իրենց պիտի յանձնեմ։
- Դրամը մեզի կու տաք, մենք իրենց կը յանձնենք եւ ընկալագիր մը կ՚առնենք։
- Բայց…
- «Կ՚աղաչեմ, բայց մայց չկայ, անկարելի է»։ Եւ յանկարծ ֆրանսերէնի դարձունելով.
- «Բնական չէ ձեր այդ խնդրանքը, Տիկին, » հազարապետը կը յարէ օրինապահ եւ վճռական ժէսթով մը։
Բնական չէ՞, արդեօք օրինակա՞ն չէ ըսել կ՚ուզէր։ Ի՞նչ բան բնական չէր սակայն, արդեօք բնակա՜ն բան մըն էր հուրի եւ սուրի մատնուիլը բիւրաւորներու, կախաղան բարձրացուիլն անմեղ կտրիճներու եւ բանտերու խորը տուայտիլն օրինապահ քաղաքացիներու որոնք միակ մեղք մըն էին գործած, - Աղէտի պահուն ինքնապաշտպանութիւն ։
Ու վայրկեանները դարձեալ կը սահին։
- «Կը փափաքիմ անպատճառ տեսնել զանոնք, շա՛տ կ՚աղաչեմ» կը ձայնեմ նորէն, բոլոր մնացած ոյժս ժողվելով։
- Ազգականնի՞դ են։
- Ո՛չ։
- Բարեկամնի՞դ։
- Ո՛չ։
- Ծանօթնե՞ր։
- Ո՛ չ, ազգակիցներ, Հայեր են, զորս կ՚ուզեմ տեսնել եւ այս դրամը իրենց յանձնել։
- Բոլորնիս ալ հիմայ օսմանցիներ ենք, տիկին։
-Այո՛, օսմանցիներ են զորս կ՚ուզեմ տեսնել, ես՝ օսմանցի՛ս։
- «Պահ մը սպասեցէք սա սենեակը», կ՚ազդարարուի ինձ, եւ կ՚առաջնորդուիմ սենեակ մը։
Զինուորի խուց։ Կ՚զգամ որ ահուդողը զիս պաշարած է իսկոյն։ Զէն ու զրահ պատերն ի վար, ամէն կողմ։ Հազիւ նստած մահճակալի մը ծայրը, կ՚անդրադառնամ այն միջավայրին ուր կը գտնուիմ հիմայ։ Ճիշդ մօտս զէնքեր ու փամուշտ, զինուորներ դուրսը, թուրք բնակչութիւնը քիչ մը աւելի հեռուն, եւ դաշտերուն անսահման ամայութիւնն՝ ա՛լ աւելի հեռուն։
- «Բանտարկեալներու ցանկի տետրակը պիտի բերուի եւ պիտի նայուի թէ Միհրան անունով մարդ կա՞յ հոն», կու գայ ըսել ինձ հազարապետը դուռէն, առանց մոռնալու ինձ յիշեցունել վերստին թէ բնական չէր խնդրանքս։
Դարձեալ մտատանջ վայրկեաններ, եւ հուսկ ապա կը ծանուցուի ինձ թէ Միհրան անունով մարդ չկար բանտը։
- «Եանի՜ թէ չըլլար, բացարձակապէս վստահ եմ դժբախտաբար որ Միհրանը հո՛ս է, հո՛ս» կը կրկնեմ, այս անգամ արցունքի թացութիւնը զգալով ականողիքիս մէջ, ինչ որ չեմ գիտեր թէ արգահատանքի՞ էր թէ զայրոյթի։
Կրկին հրաման մը, եւ երեք ժամու տաժանելի շրջանէ մը վերջ, կը վերադառնանք հոն ուր գացած էինք առաջին անգամ։
- «Ինծի՛ պարտ էիք դիմել՝ բանտարկեալները տեսնելու համար», կ՚ըսէ ինձ բարի դէմքով զինուորական մը որ նոյնպէս զօրաբանակին հետ նոր հասած էր նախորդ իրիկունը։
ՊԷտք էր ե՞ս գիտնայի թէ որո՛ւ հարկ էր դիմել. ահա հարց մը որուն լուծումն ի զո՜ւր որոնեցի իմ չարչարուած գլխուս մէջ։
- «Թէեւ բացարձակապէս արգիլուած է բանտ երթալնիդ, բայց բացառութիւն ըլլալով՝ անոնցմէ մէկը հոս կը կանչեմ, դրամնիդ կը յանձնէք եւ իրեն հետ կը տեսնուիք», կը յարէ բարի զինուորականը, գութի եկած անվերջ դիմումներէս եւ ապարդիւն երթեւեկէս։
- «Թո՛ղ այդպէս ըլլայ» կը գոչեմ ճարահատ, սիրտի բոլոր դառնութիւնս ուզելով թափել չեմ գիտեր որո՛ւ վրայ, քան զի օրը կը տարաժամէր 3-4 ժամու ճանապարհ մը կար Տէօրթ-Եօլ ժամանելու համար։
Սրտատրոփ սպասման վայրկեաններէ վերջ, հեռուի հրապարակէն մարդ մը սիգապանծ կ՚առաջանայ երկու սուինաւոր զօրքերու մէջ տեղէն եւ կու գայ կը մտնէ պաշտօնատան այն սրահն ուր կը գտնուիմ այդ պահուն։ Տէր Մելքոնեան Միհրանն է, Տէօրթ- Եօլցի այն պատուական երիտասարդն որ իրեն եւ իր 20, 000ի հոգիի չափ նմաններուն կեանքը փրկելու համար, Չօք-Մարզուանը գիշեր ցերեկ ոգի ի բռին պաշտպանելու աններելի՜ յանդգնութիւնը գործած էր…։
Կը նայիմ անոր, ինչպէս կը նայի մարդ կենդանի հերոսին, ճշմարիտ դիւցազնին՝ հիացիկ եւ անխօս։ Համեստ արտաքին մը որ ազնիւ ու պարտաճանաչ քաղաքացին կը շեշտէ։ Միջահասակ, թիկնեղ, խռուացած սեւ մօրուք մը հատած կզակի մը շուրջ, եւ բոցեղ աչքեր թխագեղ դէմքի մը վրայ յարաշարժ։
Ի՜նչ խօսիլ նոյն պահուն արիարա՛նց այդ կտրիճին որ հազիւ վայրկեան մը արեւի եւ լոյսի կենսականութիւնը վայելելէ վերջ, պիտի երթար դարձեալ իր խանդն ու երիտասարդութիւնը խամրել զնդանի խոնաւ նկուղին մէջ, անտերունչ եւ անյոյս՝ հայրենի կտուրին կարօտովը տառապելու։
Սփոփանքի պայմանադրական խօսքեր կը խուսափին կարծես շուրթերէս արտաբերուելէ։
Կը հարցունեմ իր բանտակից միւս հայ ընկերներու մասին։
- «Երեք հոգի Տէօթ-Եօլէն ենք, Սահակ քհնյ. Տ. Գէորգեան, Պետրոս Փէլթէքեան ու ես. հինգ ալ Հաճընէն», կ՚ըսէ ան շեշտակի նայելով աչքիս մէջ, փնտռելով հոն յոյսը, կեանքի եւ ազատութեան թեթեւ պաղպաջում մը՝ բերուած թերեւս հեռուներէն, վերերէն, բարձրերէն։
Բռնազբօսիկ ու անհոգի ժպիտ մը կ՚ուրուագծուի յանկարծ Միհրանիկի դէմքին վրայ. եօթն ամիսէ ի վեր բանտին խորը մոռցուած, այլափոխուած ժպիտ մը, այն միակ թանկագին պարգեւը զոր իր բարի հոգին կ՚ուզէ տալ զինքը տեսնել եկող եւ իր վիշտով համակուած ազգակիցի մը ի մխիթարութիւն։
Ու պէտք է միշտ թրքերէն խօսիլ, քան զի հոն են մեր բարի զինուորականն ու սպան, որոնք օրէնքին այդ մասին անաչառ ըլլալը կը շեշտեն անընդհատ։
- Պօլիս դարձիս բան մը ըսելիք ունի՞ք մէկուն։
- Բարեւներ, բարեւնե՜ր ամէնուն։
- Որո՞ւ սակայն։
- Ո՜հ, բարեւներ ամէնուն, ամէնուն…
Ձայնը կոկորդին մէջ խեղդուած է ա՛լ, եւ նայուածքնիս իրարմէ կը խուսափին, ցոյց չտալու համար իրարու այն թացութիւնը զոր ունինք մեր կոպերուն ծայրըլ
- Վերջին խնդրանք մը, տիկին, կ՚աղերսէ ան՝ հազիւ լսելի ձայնով մը. Տէօրթ-Եօլ երթալնուդ՝ պիտի ուզէի որ մեր տունը, մայրիկի՜ս տունը իջնէիք եւ բարեւներս տանելով հոն մնայիք։
Կարելի՞ էր մերժել բանտարկեալի մը խնդրանքը ։
- «Ամենայն սիրով, կը յարեմ հլու հաւանութեամբ մը. սիրալիր բարեւներս բանտակից ընկերներուդ»։ Ու իր դատապարտեալի ձեռքը սեղմելով կը բաժնուինք իրարմէ։
Կը քալէ ան դարձեալ սիգաբար, երկու սուինաւոր զօրքերու մէջտեղէն։ Փողոցի մարդեր գարշանքով մէկ կողմ կը քաշուին՝ անցք տալու համար հայ բանտարկեալին. այդ «յանցաւոր»ին. ու կը տեսնեմ զինքը հրապարակին վրայ, որ գլուխը հպարտօրէն ետեւ դարձուցած, տիրական ձայնով մը կը պօռայ։
- «Կառապա՛ն, անպատճառ տիկինը մեր տունը պիտի տանիս»։
Ու քիչ յետոյ ան կը մտնէ իր սեւ բանտէն ներս, գետնայարկ նկուղ մը քառակուսի, որուն չորս բոլորն ու նո՛յն իսկ վրան կը վխտան պահապան զօրքեր հրացանակիր։
Անգութ էր վայրկեանը։ Ա՛ն, պատուական Միհրանն, - անձնուէր, անձնուրաց մարդը- կը մտնէր գարշելի բոյնն ոճրագործներու եւ յանցապարտներու. իսկ ես ապիկար մը, ոչնչութիւն մը անոր քով, կ՚ելլէի կառքս, վերջալոյսի աղուոր արեւու մը տակ, դաշտերու պայծառ գեղեցկութիւններու մէջէն իմ ազատ գնացքս շարունակելու…։
Ծանր կը ճնշէր հիմայ այն ազատութիւնը զոր ունէի, ինքզինքս անարժան կը գտնէի անոր, քանի որ ետիս, խոնաւ, զզուելի որջի մը մէջ կը թողուի ճշմարիտ մարդեր, ճշմարիտ արի զաւակներ։
Ոսկի մը կը դրուէր տասնեակ մը հայերու առջեւ, այսինքն թիակ մը ձիւն՝ ամառուան արեւին տակ։ Այդ գումարը քանի՞ օր պիտի բաւէր անոնց, բանտի չորաբեկ սեւ հացը կրծելէ կզակնին յոգնած՝ քանի՞ ժում տաքուկ կերակուր մը պիտի ճաշակէին անոնք։ Եւ յետոյ, բանտարկեալին համար խորտիկէն գերադաս ու քաղցր՝ ծխախոտը կար. արդեօք ի՜նչ հաճոյքով անոնք ծուխի պիտի վերածէին ոսկին, ու տախտակէ անկողիններու վրայ տախտապար՝ ի՜նչ հեշտութեամբ սիկառին հետ իրենց վիշտը պիտի մխային։ Օ՜հ, չքաւորութիւնը բանտարկեալներուն համար։ Օրէնքէն անտեսուած եւ Արդարութենէն մոռցուած մարդերու թշուառութիւնն որպէս զի կատարեալ ըլլար, պէտք էր որ անոնք աղքա՛տ ալ ըլլային։
Հի՛մայ կ՚անդրադառնայի անոց կացութեան, հիմայ կ՚զգայի կարծես ահաւոր իմաստն այն պարբերութեան զոր եկեղեցիներու մէջ յաճախ լսած էի մանկութեանս օրերէն ի վեր, թութակաբար յեղյեղուած պնակ շրջագայողներու կողմէ.
- Զնտանի պնակն է, անտէս մի՛ առնէք…
… Շեփորի մը ձայն յանկարծ թնդաց միջոցին մէջ եւ սթափեցուց զիս այս խոհերէս։ Զինուորական հրաման մըն էր որ կը տրուէր երեկոյեան այդ ժամուն։
Ու գերագոյն յուզումիս մէջ, երկարաձգուած ու սուր երաժշտութիւնն ինձ թուեցաւ լալագին աղաղակը Հայ բանտարկեալներու, ուղղուած մեծերու, հզօրներու, հայցելու անոնցմէ արդարութիւն, օգնութիւն ու գթութիւն։[6]
ԴԷՊ Ի ՏԷՕՐԹ ԵՕԼ
[խմբագրել]Շուրջս գտնուող իրերէն եւ պարզուող տեսարաններէն այլ եւս ոչի՜նչ կը նշմարեմ կարծես. ա՜յնքան սրտաբեկ եւ ընկճուած ինկած եմ կառքին խորը, բոլորովին անձնատուր խորին թախծութեան մը։
Չէր բաւեր ունենալ ա՛յնքան զոհաբերութիւն, քուք եւ սուգ, կրել ա՛յնքան ցաւ ու ցնորք, տեսնել ա՛յնքան ոխ ու մախանք, ու դեռ պէտք էր որ հայորդիներով լեցուած տեսնէինք բանտերը Պօտուրումի, Էրզինի, Ատանայի, Մարաշի ու չգիտեմ ո՛ր տեղերու։ Ընչազուրկներէ, վիրաւորներէ, որբացեալներէ, քաղցէ ու լացէ հալումաշ անձերէ զատ՝ պէտք էինք ունենալ դեռեւս անիրաւեալներ, զրպարտուածներ, կալանակապներ, շղթայակիրներ, եւ ի վեր քան զամենայն՝ ունենալ կախաղան բարձրացած եղկելիներ, գոգցես մինչեւ նատիր իջեցուցուած տեսնելու համար Հայ Թշուառութիւնը…։
Էրզինը բաւական հեռու է ալ մեր ետեւ։ Կառապան Պօղոսի արձակած գոռուգոչով ու մտրակի հարուածներով՝ երիվարները մոլեգին ոստումներ կ՚ընեն, մինչ անդրուվարը թաւալելէ աւելի կը սուրայ հիմայ թաւուտներու եզերքէն։ Անասուններուն անօրինակ վազքէն գոհ, մանաւանդ մութը դեռ չկոխած Տէօրթ-Եօլ հասնելու հաւանականութեանը վստահ, բարի մարդուկը ցայն վայր զգացած երկիւղներուս դէմ զիս ապահովելու մտածումով։
- «Ալ ասկէ ետք բոլոր դէմերնիս ելլողները Հայ են, մի՛ վախնար» կը ձայնէ քովս ի վեր ու չմոռնար խարազանը շաչեցունել ձիերուն գաւակին, որպէս զի անոնց ընթացքը չդանդաղի։
- Իրա՞ւ, բոլորն ալ Հա՞յ են։
- Շատը։ Կարելի է որ հանդիպինք քիւրտերու կամ թուրքերու, բայց անոնք շատ չեն։ Հազիւ քանի մը թրքաբնակ գիւղեր կան այս կողմերը։
Այն ի՛նչ Պօղոս խօսքն աւարտած եւ գլուխը դէպ առաջ դարձուցած է, թաւուտքի մը ծայրէն կը նշմարուին չորս ձիաւորներ։
- Հիմակ ասոնք հա՞յ են, Պօղոս։
- Հա՛րկաւ, հա՛րկաւ։
Արդէն պէտք ալ չկար հարցունելու. շէնք ու շնո՛րհք կար վրանին։ Ո՞ւր էին այն դէմքերը դժնեայ որոնց սովորած էինք դիպելու մերթ ընդ մերթ՝ արտերէ, դաշտերէ ու ձորերէ մեր երկօրեայ ուղեւորութեան պահուն։ Հնա՞ր էր միթէ մարդ կարծել արիւնռուշտ նայուածքներով եւ արհաւարալից կերպարանքներով այդ լեռնցիները։ Կրետէցի գաղթականներ, Թաթար, ՉԷրքէզ, Չէչէն, Ֆէլլահ գեղջուկներ, աղտի կեղտի եւ վայրագութեան նողկալի պատկերներ՝ ցնցոտիներու կոյտ, քածեր՝ երկայն անծոպ գտակներ գլուխնին, լղրճուկ վարշամակներով պարուրուած, արեւահար խանգրած դիմագիծերով, լաճեր՝ բոկոտն, կիսամերկ, մուրոտ կուրոտ, յետոյ գրաստներ հետերնին՝ իրենց տէրերուն պէս նկուն, անշնորհ ու գարշելի, կքած՝ աղտեղի իրեղէններուն բեռին տակ։ Աւելի՝ արջերու, լեռի թափառիկ անասուններու վոհմակնե՜ր բոլոր ատոնք, քան թէ մարդու կերպարանք ունեցող էակներ։
Մեր դէմ ելլող շինականները հիմայ ո՜րչափ հեռի էին ատոնց նմանելէ։ Կու գան կ՚անցնին մեր քովէն, համեստ, մաքուր ու կոկիկ վրայ-գլուխներով, առանց նոյն իսկ մեր գոյութեամբը զբաղելու։
Կառքը կը թաւալէր զառիթափէ մը՝ նոյն արագութեամբ որով ճամբայ ելած էր. հողին վայրէջքը հետզհետէ կը շեշտուէր. եւ ասիկա ոչ նուազ նպաստաւոր պարագայ մըն էր կառքին գնացքը փութացունելու համար։ Հեռուն, կ՚սկսի պարզուիլ ծովը՝ միապաղաղ, փալփլուն. ու մենք կարծես դէպ ի հոն կ՚ուղղուինք հիմայ խօլարշաւ, դէպ ի լուսաւոր այդ ընդարձակութիւնը, լոյծ ու թափանցիկ։
Մեր շուրջը՝ Բնութիւնը խաղաղ ու լռին՝ լի է խորհուրդի խտացումներով, օրուան տարաժամած այս պահուն։ Ստուերները կ՚երեկարին բլրակներու եւ առլեփներու կողերուն։ Եւ ամայութեան գիրկը, լոյսի փախուստին առջեւ, ամէն ինչ նախճիրի օրերու խոկումն ունի կարծես, ճանապարհ, թաւուտք, հորիզոն՝ ամէն ինչ։ Ահա՛ Գուզուլուճուն, Գոմո՛րը Կիլիկիոյ որուն բնակչաց անլուր վայրագութիւններուն ականատես վկաներն եղած էին սա դաշտերն ու ծմակները։
Ոլոր մոլոր մեր գնացքի պահուն, ընդհուպ մեր դէմ կ՚երեւայ վիթխարի հոծոյթ մը կանաչութեան, ու երբ կը պատրաստուիմ հարցում ուղղելու կառապանին, ան ինծի դառնալով կ՚ըսէ։
- «Օճագլըն է սա երեւցածը. մէջէն պիտի անցնինք, անկէց անդին Տէօրթ-Եօլ հազիւ կէս ժամ կը մնայ». եւ եռանդեամբ կը մտրակէ դարձեալ քրթնաթոր նիւսերը ձիանին.
Քառորդ ժամ վերջ կառքերնիս առուակի մը եզրը հասած էր, եւ անիւներն ականակիտ ջուրերուն մէջ լուացուելով՝ կ՚անցնէնք դիմաց։ Օճագլըն էր ուր մտած էինք։
Ինձ այնպէս թուեցաւ թէ անտառ մըն էր ուր կը խորասուզուէինք, բայց շուրջիս ծառերը փոխանակ կնձիներ, կաղնիներ, կաղամախներ կամ սօսիներ ըլլալու՝ հսկայ նարնջենիներ էին ամբողջովին։
Connais-tu le pays ou fleurit l"oranger? Արդարեւ չէի տեսած կեանքիս մէջ երկիր մը ուր նարնջենին ծաղկէր եւ անոր ոսկեգոյն պտուղը հասուննար ոստերու վրայ։ Առուակին ջուրերը ճեղքելով՝ դէպ ի նարնջաստան մեր մուտքը յափշտակութեամբ մը համակեց հոգիս։ Միթէ գի՞ւղ էր Օճագլըն. երազանքի դիւթաշխա՜րհ մըն էր ան ուր կը սուզուէինք աշնանավերջի գեղեցիկ իրիկնամուտի այս պահուն։ Մեր գլխուն վերեւ՝ նկարչային անհուն տաղաւար մը զմրխտագոյն պաստառով, որուն երեսը տերեւներու քմայական բացուածքով տեղ տեղ քճքճուած՝ երկինքի կապոյտն ունի իբր բեհեզէ կարկտան. հաճելի զովութիւն մը, լոյսի ու թոյրի անպատում քաղցրութիւն մը, նարնջենիի յետամնաց ծաղիկներու բոյրը՝ միջոցին մէջ ծածանուտ, մինչ ուրեք ուրեք նարինջներ ցոլքեր ստացած իրենց այտերուն՝ կ՚ոսկեվառին կանթեղներու, մանրադիտական արեւներու հանգունակ։ Դեռ ո՛չ մէկ հետք բնակչութեան, ո՛չ մէկ շէնք, ո՛չ մէկ տեղ՝ երդումարդ. ծառաստանին մէջէն կ՚առաջենք շարունակ։ Բուներու անսահման բաւիղի մը խորէն՝ կը նշմարենք յանկարծ գետնէն 2-3 մէթր վեր բարձրացած նոր տախտակի նեղ նեղ շերտեր որոնք իրենց համաչափ հեռաւորութեամբ եւ վրան խոյրի ձեւ միաւորումով՝ միայարկ հիւղակի կմախքն են կազմած։ Որքան կը մօտինք, այնքան նոյն ոճով տնակներ կը յաճախեն մեր տեսողութեան, բոլորն ալ իրարմէ անջատ, դէս ու դէն։ Կը դիմեմ նորէն կառապանին տալիք ծանօթութեանը։
- Տեսնելու էինք ասոնք ի՜նչ տուներ էին առաջ։ Կառավարութիւնը հիմակ անոնց տեղ այս մէկ սենեակով խրճիթները կը շինէ. բայց տեսնենք ե՞րբ պիտի աւարտին ասոնք ալ, քանի որ կ՚ըսուի թէ դրամը պակսած է։ Ասոնց բոլորին տէրերն ալ ողջ են եւ ջարդի ատեն Տէօրթ-Եօլ փախած, կարօտ, աղքատ, ամէնական բանէ զուրկ։ Միայն հոստեղի քահանան Տէր Պօղոս՝ տեղացի 42 հայ երիտասարդներու հետ շարուած՝ հրացանի բռնուած է Թուրունճլը գիւղին մէջ. իսկ Տէր-Պապային գլուխը կտրուած եւ ցիցի անցուելով քանի մը օր պտըտցուած է այս կողմերը, խուժանին թուքումուրին առարկայ…։
Նարնջենիներու անրջային հրապոյրն, անոնց խնկաւէտ հովանիին տակ գտնուած ըլլալու հաճոյքս շատ շուտ փախ տուած է ինէ՝ այս մահասարսուռ պատմութեան ունկնդրած պահուս։ Յետոյ տողանցումը կայ առջեւս սա ողորմուկ, խարխուլ խղիկներուն, եւ անոնց առնթեր՝ տխուր փլատակները երբեմնի փառաւոր եւ ամրակուռ տուներուն։ Առ երի այս աւերակաց՝ ահա լքուած, անտերունչ մնացած պարտէզներ դրախտանման. հասուն, աղուոր նարինջներով բեռնաւոր ոստեր՝ հակած սեւ սեւ քարերու վրայ, բնութեան խաղերուն եւ անցորդներու քմայքին ենթակայ։
Ճամբան կը հանդիպինք խումբ մը քուրդ բանւորներու որոնք աշխատանքէ դարձին՝ քար կը նետեն ծառերուն. եւ ահա 5-6 նարինջ մէկէն կը թափին անոնց ոտքերուն տակ։ Տեսնելո՜ւ բան է ուտելու կերպերնին։
- «Կեավուրի ապրանք է, կերէ՛ք, կերէ՛ք, հէլալ է…» կը գոչէ Պօղոս կղպուած ակռաներուն մէջէն, կատաղութեան ձայնով մը։
Անցած ենք Օճագլըէն, եւ այս անգամ, քիչ մը հեռուն, Ամանոս լերանց մէկ քղանցքին տարածուած կ՚երեւայ Տէօրթ-Եօլ։ Հուսկ ուրեմն կը հասնինք հոն։ Ամբողջ գիւղաքաղաքը, հեռուէն, ծառերու եւ քարերու կոյտ մըն է կարծես, ոչ մէկ շէնք, ո՛չ մէկ կարկառուն կերտուածք՝ որ անոր մէջ բնակչութեան մը գոյութիւնը մատնէ։ Ծառեր, նարինջի ծառեր անվերջ՝ Չօք-Մարզուանի մէջն ու դուրսը, խտացած նոյն իսկ անոր շուրջի պատերուն վրայ, անտեսանելի պահելով զայն ամէն ակնարկէ, - եւ ինչպէս գիտենք- ամէն ալ վտանգէ։
Մութը սկսած է իջնել այլ եւս, երբ կը հասնինք ինքնապաշտպանութեան դափնին խլող քաջորդիներու այս բնակավայրը։ Կառապանն Էրզինի բանտի Միհրանիկին խրոխտ հրամանին հնազանդ՝ զիս կ՚իջեցունէ Տէր Մելքոնեանենց տունին առջեւ։ Ան՝ բանտին խորը տառապագին, իսկ ես՝ իր բնակարանին մէջ կը գտնեմ ամէնէն լայն ոյւ սրտագին սպնջականութիւնը։ Տնեցիներուն անո՛վ մանաւանդ կրկնապէս սիրելի կը դառնայի, որովհետեւ տեսած էի իրենց որդին՝ իմ պատճառաւս պահ մը արեւու լոյսին ելած եւ ազատ օդ շնչած։ Անշուշտ բան մը կար իմ վրայ՝ ուղղակի Միհրանիկէն եկած…։
Ողբալի էր տեսնել բանտարկեալ հայու մը հայրենի կտուրը։ Նստած տեղը յանկարծամահ եղեր էր հայրը- Չօք -Մարզուանի բարի ու ծերունազարդ քահանան, - երբ օրին մէկը զաւկին՝ մահուան դատապարտուած ըլլալն իմացուցէր էին անոր։ Մայր, քոյր ու եղբայրներ այս կրկնակ դառնաղէտ հարուածներուն տակ՝ արցունք եւ հառաչանք ունէին միայն։ Հետզհետէ իջնող մութին թանձրութեանը պատճառաւ, որոշակի ոչինի էի նշմարած շուրջս, մինչեւ որ հասած էի վերի թաղ՝ ուր կը գտնուէր Միհրանի ծնողական յարկը։ Սաչափը գիտէի ստոյգ, թէ շուկային միջուղիէն անցնելէս վերջ՝ գրեթէ անընդհատ պատերով շրջափակուած պարտէզներու քովէն, նարնջենիներու տակէն անցած էինք, վազուն ջուրի մը մերթ վրայէն ու մերթ առ եզերը։ եւ այսպէս, ըստուերներու, սօսափիւններու եւ կարկաջներու մէջէն հասած էինք Տէր Մելքոնեանց սգաւոր բնակարանը։
Կառքէն վար իջնելնուս՝ կ՚իմանամ թէ Իսքէնտէրուն ժանտատենդ էր ծագած եւ քարանթինա հաստատուած։ Լուրը սակայն ստուգութեան կը կարօտէր, եւ անոր վերջնական ճշդումը կարելի պիտի ըլլար ընել առաւօտուն միայն։ Եթէ այս տարաձայնութիւնն իրականանար, Իսքէնտէրունի ճամբան կը գոցուէր դէմս եւ Ատանայի ճամբան կը մնար ինձ բռնել նորէն, - երկօրեայ տաժանագի՜ն ողեւորութիւն զոր կատարած էի մէն միայնակ՝ երկիւղներով եւ անձուկներով, եւ զոր վերստին ձեռք առնել յուսահատական էր ինձ համար։
ՔԱՋԵՐՈՒ ՀԱՅՐԵՆԻՔԸ
[խմբագրել]19 Նոյեմ.
Այգուն այգուն կ՚արթննամ, ջղագրգիռ տագնապի մը մատնուած։ Զարթխում վիճակիս մէջ՝ ճիգը կ՚ունենամ իրականութեան անդրադառնալու։ Իրա՞ւ էր արդեօք, դարձեալ կ՚անձրեւէ՞ր, տեղատարափ կ՚անձրեւէ՞ր։ Հարաւի հով մը լուսամուտները կը դղրդէր եւ յորդառատ ջուրի շխրտուք մը կը վրդովէր աւօտի անդորրութիւնը։ Ի՞նչ պիտի ընէի եթէ թօնընկէցներէ բոլորովին խաթարուէին կառքի ա՛րդէն աւրուած պողոտաներն ու դերբուկները՝ ցեխի ու ջուրի լճացումներով, եւ այսպէս միանուագ փակուէր դէմս Ատանայի ուղին։
Սրտատրոփ կը մօտենամ պատուհանին։ Երեւցածը կապարագոյն երկինք մընէ ուրկէ բարակ անձրեւ մը կը մաղուէր մեղմօրէն։ Բայց ջուրի շառաջաձայն աղմուկը՝ հանդիպակաց դիէն հոսող աղբերակն է եղեր որուն չէի անդրադաձած նախորդ գիշեր, մութի, խոնջէնքի, եկող գացողներու եւ տխուր լուրերու թոհուբոհին մէջ։
Քանի մը ժամէն՝ Իսքէնտէրունի համար շրջող զրոյցը ստուգութիւն է արդէն, եւ մենք չուելու համար կամայ ամակայ մեր ակնարկը կ՚ստիպուինք ուղղելու դէպ ի այն կողմն ուսկից եկած էինք։ Անհրաժեշտ է սակայն մի քիչ հանգիստ առնուլ. եւ կառապանս կը խոստանայ զիս վերադարցունել հետեւեալ առտուն իսկ, եթէ երբեք անձրեւը չսաստկանայ։
Համակերպած՝ դիպուածին այս կերպ կարգադրութեան, կը մտադրեմ այցելել այդ մէկ երկու օրուան մէջ դպրոց, եկեղեցի, որբանոց ու բոլոր այն վայրերն որոնք պատմական դարձած էին այլ եւս՝ վերջին փայլուն ինքնապաշտպանութեան առթիւ։
Մեր մօտերն է Միացեալին բացած դպրոցը, վերի թաղին եկեղեցւոյն շրջափակին մէջ։ Ընկերութեան կողմէ ղրկուած երկու ուսուցիչներ ստանձնած են ահագին թուով ուսանողաց դաստիարակութեան գործը, հազիւ մէկ երկու տեղացի դասատուներ ունենալով իրենց տրամադրութեան տակ՝ իբր օգնական։
Հոգեկան սփոփանք մըն է տեսել դպրոցականներու լեգէոնը- Տէօրթ-Եօլի ապագայ այդ ներկայացուցիչք, - ոմանք շալվարաւոր, ուրիշներ ամղաններ հագած, մէկ քանիներ տաբատով, եւ ամէնո՛ւն ձեռքը գիրքի ու տետրակի հետ՝ անխուսափելի կերպով նարինջ ու նարինջ։ Պարտէզն ուր տղաք իրենց զբօսանքի ժամերը կ՚անցունեն՝ ծածկուած է այդ պտուղին կեղեւներուն տակ։ Կայտառ դէմքեր ունին ամէնքն ալ, ժիր, մտացի, աչքերով, բայց ափսո՜ս որ մայրենի բարբառին գլխովին անգիտակ՝ անձնիւր տղայ շինականի կոշտ թուրքերէն մը ունի յար իր շրթունքին վրայ։ Ու ինչպէ՜ս չանդրադառնալ նորէն դպրոցի աւագ դերին որ կոչուած է կատարել վաղուան Հայութեան այս մատաղատի երամին մէջ։
Զանգակը կը հնչէ, դասամուտի ժամն է։ Տղայոց այդ մեծ զանգուածը մասերու բաժնուած է հիմայ։ Խումբերէն մին դասատուի մը առաջնորդութեամբ եկեղեցի կը մտնէ, հոն, գետինը ծալապատիկ նստելու եւ ուսանելու. ուրիշներ կ՚երթան առաջնորդարանին մէկ փոքրիկ սենեակը, մնացեալ մասը կը քաշուի շրջափակին վրայ բացուող դասարաններու պէս տեղեր մը՝ շարք շարք գրասեղաններով, որոնք սակայն, - թէ՛ դասարան, թէ՛ գրասեղան, - շատ անձուկ կու գան ուսանող մանկութեան այդ հոծ խռնումին առջեւ։ Տեղի այդ նեղուածքը նկատի առնելնուն էր որ Չօք- Մարզուանցի երիտասարդներ ձեռնարկած էին մեծ ու փառաւոր վարժարանի մը կառուցման, որ կիսաւարտ մնացած էր հոն, ժամին քովիկը, Ջարդի ահեղ ուրականը Կիլիկիոյ վերեւ շրջելուն հետեւանօք։ Ե՞րբ պիտի ըլլայ արդեօք այն օրն ուր Չօք-Մարզուանցի սաներ իրենց նորակերտ դպրոցին սեմէն ներս մտնեն եւ հոն, մաքուր սրահներու մէջ, առատ ոգով եւ առատ լոյսով՝ աշխատին ու կրթուին։
Անպայման վիշտով մը կը լեցուիմ երբ փողոցի մը ծայրը՝ շէնքէ մը ներս կը մտնեմ որուն «Աղջկանց վարժարան» անունը կու տան։ Գետնի վրայ յարկ մը, օդ ու լոյս շատ դժուարաւ ընդունելու պայմաններու մէջ։ Աւելին կայ, ութսունի մօտ աշակերտուհիներու հոգը յանձնուած մէկ վարժուհիի։ Հէ՜ք ծնողներ, այն հաւատքն ունին թէ իրենց աղջիկները դպրոց յաճախելով բան կը սորվին… Մէկ երկու փողոց վար, կրկին աղջկանց վարժարան մըն է այցելածս. հոն ալ յիսուն սանուհիներ կան՝ յանձնուած դարձեալ մէկ վարժուհիի խնամքին։
Հասած ենք վարի թաղ։ Վարի ժամուն մօտերն ալ կայ մանչերու դպրոց մը։ Հոն, այդ շրջափակին վրայ նայող շէնք մը կայ ուր նորոգութիւններ կը կատարուին եւ ուր քանի մը օրէն պիտի խմբուին արձանագրուած երկսեռ որբեր, պաշտօնական բացումը կատարելու համար Որբանոցին։ Ընդունուելիք աղջիկ որբերու թուոյն համեմատ՝ վարժուհիներու ընտրութիւնը կ՚ընենք, տեղացի ներկայացուցիչի մը խորհրդակցութեամբ, եւ կ՚արձանագրենք անոնց գրենական պիտոյքը։
Անձրեւը դադրած է ալ, եւ արեւը գեղածիծաղ կ՚երեւի ասմազուն երկինքէն, մարգարտայեռ սաւանի մը վերածելով գետնի ցօղաթուրմ դալարիքը։ Դպրոցէ դպրոց դեգերումներուս պահուն՝ չէի կրցած դեռ հիացմամբ գրաւուիլ այս պատմական Տէօրթ-Եօլի դիրքերով ու տեսարաններով, ծառերով, պատնէշներով ու քաջերով։ Քաղաքին ամայի մէկ թիկունքին վրայ արձանացած՝ սխրանքո՜վ կը դիտեմ հիմայ չորս բոլորս։
- «Սա ալ Ճինլի մէթէրիզն է» կը ձայնէ մէկը քովէս, ցուցամատն երկարելով քիչ մը հեռուն՝ մարտկոցի ձեւ բանի մը ուղղութեամբ։
- Ճինլի Մէթէրի՞զ…
- Այո՛, մեր գլխաւոր պաշտնէշներէն մին եղած է ատիկա, նշնաւաոր «թապիա» մը՝ ուրկէ հրացանի առաջին պայթիւնը լսուեցաւ պաշարման օրերուն, երբ խուժանը մեր վրայ յարձակած էր։
Այսքանը բաւական կ՚ըլլայ որ մտովի փոխադրուիմ իսկոյն այդ օրերուն եւ անոնց ցաւատանջ ու փառահեղ վերյիշումներովն ապրիմ քանի մը ժամեր։ Ո՜հ, անգոհական ու զարհուրելի՜ այդ օրերն որոնց մէջ բովանդակ Տէօրթ-Եօլցին անքուն աննկուն՝ մահը դիմակալեր էր ժամէ ժամ…։
… Ապրիլ 2ի առաւօտուն, ժամը ճիշդ 2ին էր որ լուր հասած էր հոս թէ երկրին մէջ խլրտում կար, աաւոր եւ աննախընթաց խլրտում մը եղբայրասպան։ Մերձակայ ագարակներու վրայ յարձակումներ կ՚ըլլային, սպանութիւններ կը գործուէին հոս ու հոն։ Ի՞նչ էր աս, մահագի՜ն անստուգութիւն։ Շատ չտեւեր, ահա վիրաւոր հայ մըն է որ քաղաք կը հասնի հեւ ի հեւ, մազապո՜ւր փախած հեռակայ ագարակի մը մէջ տեղի ունեցող ջարդէն, եւ իբր ականատես վկայ, երկու ընկերներուն մորթուիլը կը գուժէ։
Սահմռկեցունող է լուրը. բերաններ աքցանուած են անձուկէ։ Ատենը չէ սակայն սպուժելու։ Պէտք է միջոցներ խորհիլ ինքնապաշտպանութեան համար, պէտք է ողորիլ, պայքարիլ՝ ողջ մնալու համար ։ Ու Տէօրթ- Եօլի մէջն ու դուրսը մունետիկներ կը շրջին իսկոյն՝ ժողովուրդին ազդարարող թէ վայրկեանը վճռական էր. հարկ անհրաժեշտ էր որ ամէն մարդ զէնքի դիմէր, փրկարար այդ գործիքին, քանի որ Մահուան ուրուն կերպարանք էր առեր յեղակարծ եւ ցցուեր Հայութեան առջեւ՝ քստմնելի ծառացումով մը…։
Հայ գիւղացին դարուս ի վեր զէնք սուր չէր տեսած,
Դաշտը թողուց, սուր հրացան բահի տեղ առաւ։
Ահաբեկ ու վրդովուն, ժողովուրդը հրապարակն է խմբուած։ Ամէն ականողիք սարսաի եւ պակուցման արտայայտութիւններ ունին, տղամարդիկ մտածկոտ, ինքնամփոփ, իսկ կիներ՝ տարօրինակ գեղձումի մը անձնատուր։
Կրկնակ ժողովներ կը գումարուին ծերերու եւ երիտասարդաց, խորհելու համար թէ ի՞նչ պէտք էր ընել։ Որոշումը միահամուռ տրուած է հուսկ ուրեմն, պէտք է մէթէրիզներ կանգնել, եւ շուտո՛վ, ի քթթել ական։
Զարմանալի քաղաք. իւրաքանչիւր տուն արդէն պարտէզի մէջ է շինուած, ամէն պարտէզ իր ամուր պատն ունի, եւ պարտէզներու շարքն այսպէս կազմած է պատնէշներ։ Այսչափը չբաւեր սակայն։ Երիտասարդ բազուկներ աներեւակայելի արագութեամբ գործի ձեռնարկած են. կիներ իրենց մօտն են, տղաք նմանապէս։ Ձեռքէ ձեռք կը խլուին, կը թռին քարերը, հիւսուած պատեր վայրկենապէս հասակ կը նետեն, կը խցուին փողոցի բերաններ, բացաստաններու մէջ խրամատներ կը պեղուին, անպատսպար մնացած վայրեր քարի դէզեր կը բրգանան ու պատնէշներ կը կառուցուին յուրան յուրան։
Քար պէտք է, մի՛շտ քար։ Ու Տէօրթ-Եօլցին, փա՜ռք Նախախնամողին, - առատօրէն ունի իր տրամադրութեան տակ։ Տեսայ, մատներովս շօշափեցի զանոնք, այլուն, ողորկ ու վիթխարի գայլախազներ, դիրուտար շեղջակոյտներ՝ խարակի բեկորներու։[7]
Պատնէշներու աշտարակումին հետ, բարի եւ արթնամիտ այս մարդիկ կ՚զբաղին նաեւ իրենց դրացի Օճագլըցիներու եւ Էօզէյրլիցիներու ազատագրութեան գործով, զանոնք իրենց մօտ կը փոխադրեն փութանակի, եւ ամէնքը մէկ կ՚ըլլան երկու բիւրի մօտ պատկառելի բազմութիւն մը։
Մինչեւ գիշերուան ժամը մէկ՝ քիչ շատ ամէն բան կարգադրուած է, մարտկոցներու ետին՝ պահակները ծունր կրկնած կ՚սպասեն սրտաթունդ, ակնդէտ ծկլտալով քարերու ծակոտիքէն։
Քաղաքին մէջ, պատահաբար պատանդ մնացող 57 թուրքերէն երկուքը կը ղրկուին Էրզին՝ Ասաֆ բաշայի մօտ, կառավարական պաշտպանութիւն մը խնդրելու համար օրինաւորապէս. բայց պատգամաւորք կը մնան անվերադաձ, եւ Տէօրթ-Եօլցիք՝ անպատասխանի։
Ան ատեն է որ- ժողովներու որոշումով- մութին մէջէն ճամբայ կ՚ելլէ Միհրանիկ, երկու կտրիճներու ընկերակցութեամբ Իսքէնտէրուն երթալու գաղտագողի ուղիներէ, (քանի որ ջարդարարներ կը վժային՝ ամենուրեք դարանամուտ), օգնութիւն հայցելու համար հոն գտնուող Եւր[ո]պ[ական] հիւպատոսներէ։
Խաւարչտին է գիշերը։ Քամի, փայլակ եւ անձրեւ աւելի՛ տաժանելի կը դարձունեն անոնց երթն ամայի ու մութ ճամբաներէ։
Քիչ մը հեռուն լոյս մը կ՚երեւի ծողաին վրայ ցոլացած։ Փայասու Բերդն է ատիկա, ուրկէ դժոխային վայնասուններ կը բարձրանան հիմայ։ Հռնդիւններն են ատոնք հայ բանտարկեալներու՝ մէկիկ մէկիկ մորթուելու վրայ…։
Ականջը հողին փակցուցած՝ Միհրան ստէպ ստիպուած է պառկելու թաւուտներու վրայ, հովին շշուկը կարենա՛լ զանազանելու համար ոտնաձայնի աղմուկներէ։
Կը քալեն, կը քալե՜ն անոնք գայթ ի գայթ՝ ձախաստանի մը մէջերէն, երբեմն հալածական ճագարներու պէս արագ, երբեմն ոզնիներու պէս դանդաղագին։ Բայց ճամբան չաւարտիր։ Միհրան առ խարխափ գացած ատեն՝ տեղ տեղ կ՚իյնայ, դիակներու բաղխելով, եւ հազի՜ւ հազ կարող կ՚ըլլայ ձեռնունայն վերադառնալ Տէօրթ-Եօլ, առանց Իսքէնտէրուն հասնելու, առ յաւէտ կորսուած ճամբու իր ընկերներն ալ։
Ամբողջ ժողովուրդը մէ՛կ սիրտ, մէ՛կ հոգի եղած է։ Մօտալուտ աղէտին մտածումն ի՜նչ շուտ սեղմած ու կռած է զիրենք։ Փոքր միւս եւս, եւ ահա վաղորդա՛յնն է որ պիտի լուսնայ՝ մէջտեղ հանելու եղերական թատերաբեմը սա հեթանոս խաժամուժ ամբոխին որ գիշերն ի բուն Չօք-Մարզուանի բոլորտիքն է հսկած, զինեալ եւ սպառնացայտ։
Պէտք է ուտեստ հասցունել անո՛նց որոնց վիճակուած է հսկել քարերու ետեւ. պէտք է վառօդ հասցունել անոնց որոնք պիտի կռուին հայերու կեանքին փրկութեանը համար, պէտք է ամէն կերպով, ամէն միջոցներով թեթեւցունել տաժանքն անոնց որոնք պաշտօնն ունին թշնամին վանելու։ Իրենց ամբարները տրամադրելի ըրած են ա՜յնքան բուխսիրտ կերպով օտար տեղերէ եկող հազարաւոր հայերու՝ Քէօր-Օղլուեան Իսքէնտէր, Չէքմէեան Շիւքրի, Գարա Եաղուպեան Եղբարք, Տէր Մելքոնեանք, Քիւչիւք Սարգիսեան հաճի Յակոբ եւ որդիք, Պալեան գերդաստան եւն. եւն։
Դեռ առաջին գիշերն է ասիկա դողի եւ անգոհի։ Առաւօտեան դէմ ձիաւոր մը կը հասնի քաղաք եւ ողիկ ողիկ գալով կը պաղատի Տէօրթ- Եօլցիներուն. որպէս զի կարելին ընեն օգնութեան հասնելու համար խեղճ Նաճառլըցիներուն[8] որոնք նոյն գիշեր կատաղի խուժանէ մը պաշարուած՝ ահեղ դիմադրութիւն մը ըրած եւ թշնամիին վայրկեանական մէկ ցրուումէն օգտուելով յաջողած էին ի փախուստ աճապարելու դէպ ի Տէօրթ-Եօլ, ճամբան վերստին խուժանէն հալածական։ Հարիւր տասը տնւոր ժողովուրդ մըն էր եկողը։ Կիներն ու փոքրիկները մէջերնին առնելով, արի Նաճառալըցիք բոլորաձեւ շղթայ մը ձեւացուցած՝ ալետատան կը խուժէին դաշտերէ վար, մոլեգին յառաջխաղացումով մը, զիրենց թիկունքէն գրոհող ճիւաղներուն հետ մարտնչելով անդուլ։ Տակաւ կ՚սպառէին գնդակները. ճամբան երկայն էր եւ խուժանը գամ քան զգամ կը մերձենար ու կ՚ստուարանար։ Անվրէպ մա՜հն էր որ կու գար։
Օգնութեան աղաղակը թնդացեր էր սակայն Տէօրթ-Եօլի մարտկոցներուն ետին։ Խումբ մը քաջեր Միհրանի առաջնորդութեամբ կ՚անցնէին պատերէն դուրս, հեծեալ, զինեալ, արշաւելով կայծակընթաց եւ խնդրուած օգնութիւնն ընծայելով հալածական եղբայրներու, ի գին ամէն հնարիմացութեան եւ զոհողութեան…։
ԿԷս օրի մօտ էր երբ ուժասպառ ու վիրաւոր Նաճառլըցիներու խառնաղանճը մուտ կը գործէր քաղաք, առանց անձի կորստեան ։ Կողովներու մէջ դիզուած մանկիկներ, քանի մը երախայ մէկանց շալկըւորած կիներ, իյնալէ ելլելէ խոտուցներնին ցաւցուցած ծերեր, ճորճրացող մամիկներ. ճակատներնին կապած պատանիներ, աղջիկներ կարգ կարգ- ամբո՜ղջ ցուցադրութիւն մը սոսկումի, վիշտի եւ թշուառութեան։ Վէրքերէ արիւն կը հոսէր, աչքերէ արցունք, դէմքերէ կեղտ ու մուր։ Բայց հասած էին վերջապէս Տէօրթ-Եօլ եւ ապաստան գտած, խնամուած, կերակրուած, ազատուած, ճիշտ այն պահուն՝ ուր արեւը դեռ չխոնարհած՝ Փղշտացիներ իրենց յարձակումը կ՚սկսէին քաղաքին վրայ։
Վոհմակ Վոհմակ ոռնաձայն …
կոտորելու, քանդելու եւ ջարդելու մոլուցքովն արբշիռ։
Մարդկային մրջնահոծութիւն մըն է որ պատնէշներուն դիմաց կը խլրտի, կ՚եռեւեփի, կ՚առաջանայ ու կը մռնչէ անդադար։ Դեռ ո՛չ մէկ փամփուշտ արձակուած է դարանակալ հայորդիներէ։ Թող թշնամին թափէ՛ր զայրոյթը, գնդա՛կ տեղար, պօռա՛ր ու մօտենար. հայերուն զէնքերը փոքր էին ու տկար, կապարներն ալ անզօր՝ հեռուները հասնելու։
Եւ ահա, տրուած իմաստուն նշանի մը վրայ, Ճինլի Մէթէրիզէն կը գոռգոռան հրազէնները, սոսկալի նահանջի մը մատնելով թշնամին։ Բայց վհատիլ չգիտեր ան. Ճէպէլը ՊԷրէքէթի հրէշ կառավարիչին՝ Ասաֆի բաշխած «մավզէր»ները պատուական էին ու կապարներն անթիւ անհամար…։ Եւ այսպէս, երկուստեք, կատաղի հրացանաձգութիւնը տեւած էր մինչեւ գիշերուան ժամը երեք, ծուխով ու բոմբիւններով լեցունելով բովանդակ մթնոլորտը։
Ապրիլ 4ը սակայն կոչուած էր ե՛ւս առաւել ահռելի համայնապատկերի մը վրայ լուսնալու։ Այս անգամ Չօք Մարզուան միայն հիւսիս. արեւմտեան դիէն չէր որ յարձակում կը կրէր, այլ ամենուստ՝ համահաւասար ուժգնութեամբ, յոգնախուռն խուժանի մը կողմէ։ Կապարի թօնընկէց մըն էր որ ընդ առաւօտն կը տեղար դիմացէն, մինչ Տէօրթ-Եօլցին զէնքի եւ ռազմամթերքի իր ողորմուկ պաշարն ունէր լոկ. բայց յոյսը, ցվե՜րջ դիմադրելու եւ յաղթահարելու յոյսը յար կը պլպլար ներսի դին, քան զի մեծ էր հաւատքը զոր ունէր ան իր քարերուն ու ծառերուն վրայ որոնք ամէն ռազմիկ եւ ամէն տանիք ծածկած՝ գնդակներն իրե՛նք էին միայն ընդունող. եւ երբ քարերը կը մնային անդրդուելի, անխլիրտ, անդին կապարակոծ ծառերէն կանանչ անձրե՛ւ մըն էր որ կը տեղար։ Բռնազբօսիկ, անողոք տերեւաթա՛փն էր ատիկա գարնանագեղ նարնջենիներուն՝ ճակատամարտի փոթորիկին տակ մէկէ՛ն ի մէկ աշնանացած…։ Սղարը կատարեալ էր ու մղուած կռիւը՝ արիւնահեղ։
Յանկարծ աղիողորմ ճիչեր կը բարձրանան քաղաքին խորերէն։ Լսեցէ՛ք, յուսահատ աղաղա՛կս է կիներու եւ տղայոց՝ խմելիք ջուրին չգոյութիւնը գուժող…։ Պաղ պաշիէն եկող եւ Չօք-Մարզուանէն անցնող ականակիտ եւ յորառատ ջուրը պատուական դադրա՛ծ էր հոսելէ։ Գարա Քիսէի խուժանը վարող Ինճէ Արապ յաջողած էր հեռաւոր թումբերը խորտակել եւ ջուրին ընթացքն այլուր խոտորեցունել։
Ո՛չ մէկ հոր կար, ո՛չ մէկ ջրամբար, ո՛չ մէկ աղբերակ քաղաքին մէջ համօրէն. ո՛չ ուրեք ջուրի մթերք, քանի որ Տէօրթ-Եօլցին սովորութիւնն ունէր ջուրի պէտքի պարագային՝ տունէն դուրս ելլելու եւ փողոցներուն մէջէն մշտահոսան կարկաջող առուակին միայն դիմելու։ Լռա՜ծ էր այդ առուակը, մաքուր քարերու գոգէն սորսորող արծաթի ջուրը չկա՜ր այլ եւս. վիմուտք, աւազ ու ջրուղի ցամքա՜ծ էին բոլորովին։
Ի՞նչ ընել պէտք էր։ Վաղը քսան հազար մարդիկ ջո՜ւր պիտի պօռային. ծարաւը պասո՛ւք պիտի դառնար, պասուքը՝ տանջանք, ու թշնամիին գնդակներն առ ոչինչ գրող հայորդին պիտի նուաճուէ՜ր եւ զգետնուէր հուսկ ուրեմն պապակի ահեղ ներգործութեան տակ։
Գերագոյն որոշումը տրուած է։ Պատնէշներէն դուրս պէտք էր նետուիլ, այս անգամ վեր, դէպ ի լեռ մագլցիլ եւ հոն բանակող խուժանին հետ լանջք լանջքի կռուելով կա՛մ անէանալ եւ կամ ջուրին տիրանա՛լ վերստին։ Կ՚ընտրուին անձնուէր, անձնուրաց քաջեր, ընդ որս եւ Միհրան։ Ստոյգ մահուան գի՛րկն է որ պիտի դիմեն ատոնք, անհաւասար գուպար մըն է որ պիտի մղուի Ամանոսի մէկ կողին վրայ, հազարաւոր հայերու գոյութեան պահպանումն ապահովելու համար։
Քահանայ մը, «զինուոր Հայոց ւ՚Աստուծոյ», այդ մահասարսուռ րոպէին կը մօտենայ քաջերուն եւ շուշփան վերցունելով ձեռքի սկիհին վրայէն՝ հաղորդ կու տայ անոնց։ Ամէն ոք ծունկ չոքած՝ աղօթքի մրմունջներ կը բարձրացունէ երկիւղիւ եւ հաւատով, մինչ հաղորդուողք այդ սրտագին օրհնութեանց մէջ՝ աւելի քան երբեք արիացած կ՚զգան ինքզինքնին։ Համբոյրներ, «Հայր մեր»ներ, փղձկումներ, մնաք-բարովի ձայնե՜ր արտասուագին…։ Հապ՚օն, ճանապա՜րհ։ Եւ ահա տասնեւհինգ հայդուկներ կողմնակի արահետներէ հասած են լերան կուշտը, թշնամիին ետեւն անցած եւ զայն գնդակնելու զբաղած։ Մի՛եւնոյն վայրկեանին, վարէն, խորքի մարտկողներէն հրացանաձգութիւնը կը շարունակուի, այնպէս որ թշնամին կ՚ստիպուի իսկոյն դիրքը թողուլ եւ ի փախուստ շտապել…։
Ֆէտայիները շուտ շուտ կ՚իջնեն սղոցիներու անտառէն վար, առ ոտս Ամանոսի, ու թեւերնին հանգրիճած՝ երջանիկ զբաղումն ունին ջուրին խորտակեալ թումբերը շիտկելու։ Առուն կարկաջահոս իր գնացքը կ՚ուղղէ վերստին դէպ ի Տէօրթ-Եօլ։ Անսահմա՜ն է ժողովուրդին ուրախութիւնը. խելայեղօրէն ինկած ջուրին վրայ՝ կը լեցունէ ան իր դոյլերը, թակոյկներն ու կուժերը, դարալիր կը լեցունէ շարունակ ամէն ինչ որ անօթ է կամ կարելի է անօթի վերածուիլ, սնտուկ, արկղիկ, համբարոց։ Իսկ քաջորդիք ջուրին վերստացումէն անպայման սոնք՝ անվտանգ կը վերադառնան քաղաք ասպետական գնացքով մը, եւ փոխանակ հանգչելու՝ կերթան նորէն կայկայիլ պատնէշներուն ետեւ, իրենց պաշտօնին սկսելու համար։
Մէ՛կ ժամ միայն տեւած էր սակայն, ափսո՜ս, ժողովուրդին հրճուանքը, վասն զի փրփրած կատղած խուժանը կրկին կասեցուցած էր ջուրին ընթացքը՝ ժամուան մը հեռաւորութեամբ փողրակներէ…։ Այլ եւս անհնար էր վերստանալ զայն. ապարդիւ՜ն էր ամէն փորձ, հաւաքուած ջուրը պէտք էր խնայողութեամբ գործածել միայն։
Պաշարման, կռիւի, հրացանաձգութեան ու սարսափի օրեր իրարու կը յաջորդէին միշտ, ո՛չ մէկ նշոյլ յոյսի, դուրսէն ո՛չ մէկ օգնութեան հաւանականութիւն։ Օճագլցի թուրք մը միայն՝ Պայթար զատէ Հասան, - ճշմարի՛տ բացառութիւն մը իր շուրջ վխտացող համազգի Կայէններուն մէջ- կ՚աջողէր հետզհետէ բերել եւ պատնէշներէն ներս մտցունել գիշերանց՝ եօթանասունի մօտ հայեր՝ զորս գտած էր ասդին անդին, ծմակներու մէջ կամ ժեռուտքներու ետեւ, բարբարական- սարսարական, նօթի ու կիսամեռ։ Ու խորհի՜լ թէ վագրերու եւ բորենիներու գարշելի այդ ջոլիրներուն մէջ կրնա՜յ գտնուիլ եղեր մարդ մը ՝ իր կեանքն իսկ վտանգի դնող, հարստահարեալ հայերու փրկագործումին համար։ Նոյն այդ վեհոգի թուրքը կը մատուցանէր դեռ Տէօրթ-Եօլի հայոց ա՛յնպիսի անգին ծառայութիւններ՝ որոնց քով ազատուած քանի մը տասնեակ անձերու կեանքն իսկ եւ իսկ ոչինչ կ՚արժէր։ Յայսօր յարգանքով ու երախտագիտութեամբ բերան կ՚առնէ Տէօրթ-Եօլցին «Պայթար զատէ» անունը։
Գիշեր մը նորէն շշուկ մը կը շրջէր մարտկոցի մը քովերը։ Ծանօթ բառօլա ին չէր կրցած պատասխանել այն անձն որ ստուերի պէս նշմարուած էր քարերուն դուրսի դին։ Թափառական հա՞յ մըն էր իրօք որ աչք առած մահը՝ հեռու տեղուանքներէ սողն ի սող հասեր էր մինչեւ հոդ։ Ազգութիւնը ստուգելու համար Հայր-մեր մը զուրցել կու տան անոր. կ՚ընդունուի ներս։ Ժամերո՜վ չէր կրցած խօսիլ խեղճը. լացած էր, խնդացած, յետոյ կովերու պէս բառաչած։ Եւ երբ խելաբերած էր, սկսած էր պատմեր թէ ինք բնիկ Հասան-ՊԷյլիցի[9] մըն էր, հրաշքո՜վ փրկուած 37 հոգիներու այն խումբէն որ դէպ ի Տէօրթ-Եօլ ճամբայ էր ինկած։ Խումբը թշնամիներէ հետապնդուած՝ քիչւորցեր էր երթալով, մինչեւ որ 37էն միայն ինք էր ողջ մնացեր, ապաւինած իր քաջնթաց սրունքներուն եւ այն պաշտելի «նետիչ»ին որ կը լեցուէր կը լեցուէր ու կը պարպուէր՝ բացավայրերէ, գահաւանդներէ, պախավէժ վիհերէ իր անձը թանգուղած ատեն։ Հէ՜ք շուտիկ երիտասարդ որ ճամբուն ընթացքին՝ իր խօսեցեալին ձեռքէն բռնած՝ սուրացեր էր ընդ երկար, բայց վերջապէս թշուառ առնակոյսը զգացեր էր որ գուճերը կը կթոտէին, վազելէն ու թասալէն շունչը կը բռնուէր եւ մահուան թալուկը կու գար իր իր մարմնոյն վրայ՝ սաստկապէս անողոք։
- «Կարողութիւն չմնաց վազելու, ո՛չ իսկ քալելու, կաղկանձեր էր նէ։ Ուստի կը նախընտրեմ մեռնիլ քո՛ւ գնդակովդ, քան թէ գերի իյնալ սըւոնց ձեռքը։ Յանուն Աստուծոյ, մեռցո՛ւր, քուկին զէնքո՛վդ մեռցուր զիս ու փախի՛ր գնա՛…»։ Նշանած տղան համակերպեր էր նոյնհետայն իր հոգեհատորին սոսկալի հրամանին։
Ասդին՝ ճակատամարտը կը սաստկանար երթալով. ոգորումը բուռն էր ու պաշարումը՝ սոսկալի։ Հարկ էր հնարքի դիմել. Իսքէնտէրուն լուր հասցունել հիւպատոսներուն, վիճակնին պարզել անոնց. քան զի կեանքը տանելի չէր այլ եւս. բայց ի՞նչպէս երթալ մինչեւ հոդ։ Խորհուրդ մը կը յղանան Տէօրթ-Եօլցիք. դիւրատար նաւակ մը կը շինեն ու կը մտադրեն գիշերանց ծովեզր տանիլ. ջուր իջեցունել զայն եւ անո՛վ փութալ Իսքէնտէրուն։ Չորս երիտասարդ ուսամբարձ ճամբայ կը հանեն կուրը, - քսա՜ն հազար հայերու կեանքին այդ փրկանօթը կամ դագա՛ղը նորակերտ, - եւ իրենց տրեխներուն անաղմուկ քայլափոխով կը յառաջեն դէպ ի ծովափ։
Անէ՜ծք, ամէն ատեն ամայի եղող այդ կողմերը խուժանը լեցուած է հիմայ, գիշերն ի բուն անքուն եւ սպառնական…։
Երկրորդ ահռելի՜ յուսախաբութիւնն էր ասիկա զոր զայրագին կ՚ողջունէին ոգի ի բռին միշտ պայքարող Տէօրթ-Եօլցիք։ Առաջինը՝ տեսնելնին ապացուցանելնին է նախորդ օր, թէ իրենց կաղապարներով թափուած կապարներ կրկին իրենց կը վերադառնային թշնամիին զէնքի փողերուն մէջէն …։
Հրամաններ, հրահանգներ կը տրուին իսկոյն՝ առժամապէս գումարուող ժողովներու կողմէ։ Մարտկոցներու ետեւ, քարակոյտերու եւ ծառերու ստորոտ դարանող հայեր պարտին հսկել, աչալո՛ւրջ գտնուիլ զանխլաբար բոլոր անոնց վրայ որոնք պիտի ժտէին պատերէն դուրս սպրդիլ գիշերայն։ Ժողովներու կեղակարծիքն արդարեւ կիրականանայ նոյն օրն իսկ, երբ պահակներ ի մթան կը նշմարեն երկու ստուերներ որ անձայն անշշուկ կը սողոսկին խրամէ մը դուրս եւ դէպ ի թշնամիին կողմը կ՚շտապեն։ Օձիքնին ձեռք կու տան անդրէն եւ առօք փառօք կը բերուին։ Երկու եղբայրներ են. ձեռուընին, գրպաններնին ու ծոցերնին լի է գնդակներով, պաշարով եւ ուտեստեղէններով։ Կը դանդաչեն, կը կակազեն, բայց կը խոստովանի՛ն վերջապէս թէ ի գին չնչին գումարի մը՝ օրերո՜վ թշնամիին գոգն էին լեցուցած Տէօրթ-Եօլցիներուն կապարները, գացած իմա՛ց տուած էին նաւակ մը ծով փոխադրելու ծրագիրը, ջուրը կտրելու գաղափարը, թումբերուն գաղտամեստ խորշերը, բոլորը, բոլո՜րը…։ Սեւ մատնութիւնն իր գլուխն էր ցցած, ահաւոր Յուդաներ երկու բիւր հայերու կեանքին հետ կը խաղային, ծովածաւալ բնակչութիւն մը կ՚աշխատէին բնաջնջումի դատապարտել՝ քանի մը արենագոյն եւ արիւնի՛ գին ոսկիներու փոխարէն…։ Ե՞րբ արդէն մեր դէմը չենք ունեցած Վասակներ, ամէն անգամ որ հայ ցեղն իր ճգնաժամային րոպէն է ապրած։ Դարերու ընթացքին քանի՞ քանի՞ անգամներ չենք հետապնդուած միթէ հայադաւ հրէշներէ, որ հիմակ ալ, արիւնի այս օրերուն՝ կեանքի համար մարտ մղող արիարանց այս մարդկանց շարքին մէջէն չելլէր վերստին սինլքոր մը, ապիրատ մը, ցածոգի արարած մը՝ Հայութիւնը փճացունելու լրբենի համարձակութեամբը տոգորուն…։ Այդ ջուխտ մը ճիւաղներուն կուրծքին կամ քունքին մխուելիք կապարը մե՜ղք էր. քաջերու բազուկները շատ ի՛սկ էին անոնց պիղծ մարմիններուն դպչելու համար. տկար սեռին զայրո՛յթը միայն կը բաւէր զանոնք զգետնելու։ Եւ ահա կիներ ու աղջիկներ քարերով կոպիճներով կը յարձակին վրանին եւ վայրկենապէս շանսատակ կը հանեն զանոնք։
Իրական մատնիչներուն քով, տգէտ, տխմար ազգավնաս անձեր ալ չէին դադրած գոյութիւն ունենալէ այդ օրերուն։ Պաշարումի վեցերորդ օրն էր. երբ «մուհապպէթճի»[10] Սուրբ Աննիկ կը պոռչտար թէ մէ՜ղք էր զէնքով դէմ դնել խուժանին, այլ աղօթքով ։ Ատոր կը ձայնակցէր գլխապէտ մը՝ Սարգիս աղբար։ Միհրան այդ աղաղակն իմանալուն, կը խոյանայ վերջնոյն վրայ եւ մօրուքէն բռնելով կը հրամայէ անոր՝ անմիջապէս թշնամիին դէմ ելլել ու իբր մարտկոց կանգնիլ հոն, քանի որ կարող էր իր աղօթքով արձակուած գնդակներն արհամահել։ Ողորմելի զղջացած է արդէն ըսածին վրայ։ Գաղտնի տեղեր պահուըտող «մուհապպէթճի»ներ դուրս կը հանուին եւ կ՚աշխատցուին չարաչար, անոնց պինդ գլուխներուն մէջ մտցունելու համար սա գաղափարը թէ «Ո՛չ միայն աղօթիւք կեցցէ մարդ, այլ եւ … զէնքով»։
Անդին Ասաֆ մեծ գործունէութեան մէջ էր. մավզէրներու եւ փամփուշտներու առատ մթերքովը յղփացած՝ նոր նոր ջոկատներ Չօք-Մարզուանի վրայ կը ղրկէր անդադար, սուտի, կեղծիքի ու նենգի կը դիմէր. դաւ ու խարդաւանանք կը նիւթէր, հրէշային ծրագիրնե՛ր կը յղանար ամէն վայրկեան։ Օր մըն ալ յանկարծ լուր կը ղրկէր թէ ջուրը պիտի վերադարձունէր Տէօրթ-Եօլցիներուն, պայամանաւ որ անոնք ալ իրեն յանձնէին հոն մնացող թուրքերը։ Սեւ կարծիք մը արմատացած էր իր մէջ թէ ի դիպահոջ կեցող այդ անձինք կեղեքուած, պղծուած կամ մեռցուած էին հայերէ. մինչդեռ խեղճ ժողովուրդը- հաւատարիմ վեհանձնութեան եւ հիւրոյթքի մէջ իր դարաւոր համբաւին, - ինքզինքէն զրկելով զանո՛նք էր կերակրած, ջուրի ողորմուկ պաշարէն մեծագոյն բաժինն անո՛նց էր հանած, կարծես գլխովին արդարացուցած ըլլալու համար «Էմանէթէ խըյանէթլիք օլմազ» թուրք առածը։ Պատանդ մնացող այդ թուրքերը վերջապէս յանձնուեր էին Ասաֆի, բայց ջուրը չէր եկեր նորէն։ Դեռ եւս անյագ իր չարամէտ դիտումներուն մէջ, լուր կը տարածէր Ասաֆ ամէն կողմ թէ Տէօթ-Եօլցիք ապստամբեր էին ուստի զօրք կը խնդրէր կառավարութենէն, զանոնք նուաճելու համար։
Ապրիլ 8ին, երեկոյեան դէմ, սեւ կէտ մը նշմարուած էր հեռուները, Միջերկրականի միապաղաղ ջուրերուն վրայ։ Այդ կէտը կը մեծնար, նաւու մը կերպարանքը կ՚առնէր եւ Տէօրթ-Եօլի ուղղութեամբ ծովեզր կը մօտենար։
Յոյսի եւ ուրախութեան սարսուռ մը կ՚անցնի պաշարեալ ժողովուրդին ներսէն. սիրտեր կը տրոփեն, դէմքեր կը ժպտին։ Օգնութիւն մըն էր անշուշտ որ կը հասնէր յանկարծուստ տարաշխարհէ, ովկիանոսներէ՜։ Անգլիական «Տիանա» շոգենաւն էր անիկա։
Հրացանաձգութիւնը կը դադրի երկուստեք։ Մարդեր կ՚ելլեն նաւէն՝ զինուորականի համազգեստով եւ եկեղեցականի տարազով։ Լուր կը հասնի Տէօրթ-Եօլ, քանի մը մարդիկ ղրկելու բանակցութեան համար՝ որ կը կատարուի ծովեզերը, Չայլը գիւղին մէջ։ Կ՚առաջարկուի հայոց՝ զինաթափ ըլլալ եւ Միհրանիկը յանձնել, փոխարէն ստանալու համար ջուր, ազատութիւն ու խաղաղութիւն։
Խոստումի դրժումներ շա՜տ տեսած էր Տէօրթ-եօլցին. չէր կրնար գիտակցաբար իր վիզը դնել նորէն թշնամիին սուրերուն տակ, անընդունելի՝ էր այդ պայմանը։ Պատուիրակներէն Փէլթէքեան Պետրոս կը պատասխանէ. «Մենք չէ՛ թէ ուզած անձերնիդ, այլ յետին ծե՛րն իսկ չենք կարող յանձնել. ձեզի խօսուածին պէս ապստամբներ չենք մենք…»։ Բանակցութեան եկողներ նոյնութեամբ կը մեկնին։.
«Տիանա» ցռուկը դարձուցած՝ իր ճամբան կը շարունակէ դարձեալ բաց ծովերուն մէջ, քաղաքակիրթ ազգաց իր ներկայացուցիչներով անհոգ, անզգած՝ տարաբախտ Հայուն այդ գերագոյն ճգնաժամին հանդէպ. մինչ ասդին հրացանաձգութիւնը սկսած է արդէն, ամէն ատենէ աւելի ուժգին ու կատաղի։
Ճգնաժա՜մ. ճիշդ բառն էր ատիկա։ Կապարը հատնելու վրայ էր. կեանքի փրկութեան կանթե՛ղն էր որ կ՚առակայծէր ու կ՚սպառնար շիջանելու։ Թշնամիէն արձակուած գնդակներ գուրգուրանքով կը հաւաքուէին ծառերու եւ քարերու տակէ, եւ արոյրէ ու պղինձէ ամաններու միացած՝ կը ձուլուէին անդադար՝ գնդակի վերածուելու համար։ Մշտապահանջ պէտքին առջեւ կը սակաւէր ու կ՚սպառէր սակայն ամէն ինչ որ մետաղ էր. դիմացէն կռուող բազուկները կ՚ուժովնային, եւ օրերու մահագին անհետացման հետ՝ օգնութեան յոյսն ալ կ՚անհետէր սիրտերէ։
Կարգը կիներունն էր հիմայ որ մարտկոցներու շուրջ երթային պտըտցունել իրենց ոգեւորութիւնը, խարխոյսն ու եռանդը։- «Մի՛, վհատիք, եղբայրներ, եթէ գնդակները հատնին, մենք քարերո՛վ կը փախցունենք թշնամին…» գոչէին անոնք միաբերան. ու իրենց ձայնը նոր ոյժով մը կը զինէր քաջերը՝ ցվերջ աննուաճ մնալու համար։ -Ապրիլ 14 ի իրիկունը հորիզոնին վրայ սեւ կէտ մըն էր որ կը նշամրուէր կրկին. օսմանեան յածանաւ մըն էր եկողը։ ամէն ակնկալութենէ յուսախաբ եղող Տէօրթ-Եօլցին բնակա՛ն էր որ խանդավառութեամբ չընդունէր անոր երեւումը։ Նոր տռա՞մ մը ունէին արդեօք բեմադրելիք։
Այս անգամ սակայն 500 օսմ[անեան] զօրքերու հետ ցամաք կ՚ելլէ նաեւ ամերիկացին Մսթըր Քէնէտի, ներկայացուցիչ ղրկուած Իսքէնտէրունի չորս հիւպատոսներու կողմէ։ Յաջորդ առաւօտուն, առա՛նց զինաթափ ըլլալու առաջարկի, երկուստեք եղած համաձայնութեամբ մը՝ Տէօրթ-Եօլ կը վերադառնար ջուրը, զօրանոցը կը յանձնուէր օսմ[անեան] զօրքերու եւ Մր. Քէնէտիի գերմարդկային ջանքերուն շնորհիւ՝ խուժանը կը ցրուէր տակաւ առ տակաւ։ Փրկարար դեր մըն էր այդ մարդուն կատարածը։ Ինք չէր մեկնած Տէօրթ-Եօլէ, ցորչափ չէր ողջունած քաղաքին խաղաղութեան ամբողջովին տիրելը։ Ի՜նչ ուրախութիւն էր ան, երբ ջուրը միւսանգամ կը հոսէր նարնջենիներուն տակէն, եւ մեծ ու պզտիկ ինկած անոր հոսանքին վրայ՝ օրերէ՜ ի վեր ցամքած իրենց քիմքերը կը թրջէին։ Անպարագրելի ի՜նչ երանութիւն էր ան, երբ հրացանի բոմբիւնը չէր լսուեր այլ եւս, ու գիշերային ադորրաւէտ քունը կը փակէր աչքերը։
Բայց Տէօրթ-Եօլցիին սարսափը չէր վերջ գտած տակաւին. անիկա մեծ պատուհաս մըն ալ ունէր անցունելիք։ Ապրիլ 29ի երեկոյին, Րուհի Չավուշ անուն Սկիւտարցի մի ոմն հասարակ զինուոր, Չօք-Մարզուանի հազարապետին կողմէ լաւ մը գինովցած՝ կ՚սկսէր զէնք պարպել զօրանոցին վրայ, պարզապէս կարծել տալու դիտումով թէ Հայերն ապստամբած էին նորէն… Եւ ահա, անձրեւայոյզ օդով մը, փայլակի եւ որոտումներու հետ՝ կը գոռան թնդանօթները քաղաքին վրայ ու գնդակներ կ՚արձակուին անհամար փողերէ։ Ընդհանուր է անդոհը Տէօրթ-Եօլի մէջ եւ խուճապն աննկարագրելի։ Խելայեղ, դիւահար, թաքստոցնե՜ր կ՚որոնէ ժողովուրդը լեռներն ու անտառնե՜րը կը փախչին կիներ. ռմբահար կ՚ըլլայ մայր մը իր երկու զաւակներով, հինգ մանուկներ ոտքի տակ կ՚՚երթան։ Ու Տէօրթ-Եօլցին որ երկու շաբաթուան պաշարումի ատեն 3 մեռեալ եւ 5 վիրաւոր միայն ունեցեր էր, քանի մը ժամուան մէջ կ՚ունենար 8 մեռեալ…։
Ռմբակոծումը կը շարունակուէր, փամփուշտներն անվե՜րջ կը տեղային քաղաքին վրայ։ Ի պատասխանի, ո՛չ մէկ հրացանաձգութիւն Տէօրթ-Եօլցիներու կողմէ։ Հայոց այս իմաստուն վարմունքը հազարապետին գործին չէ՜ր եկած երբեք, տակաւին «կեավուր» ջարդած չունէր ինքը, նպատակն էր նենգամիտ միջոցով մը Հայերը պատասխանատու. յանցաւո՛ր հանել ու կոտորածի փողը հնչեցունել իսկոյն։ Ակնյայտ կ՚երեւէր դաւաճանութիւնը. սպաներ, ստորադաս անձեր բողոքի ձայնը կը բարձրացունեն հուսկ ապա իրենց պետին ապօրէն ընթացքին դէմ, լռութեա՛ն դատապարտելով հրետանի եւ հրացան։ Ու իբր նոխազ քաւութեան՝ հազարապետին վայրագութեան, Րուհի Չավուշ կախաղան կը բարձրանայ նոյնհետայն։
Հետեւեալ օր, երբ ֆր[ա]նս[ական] անգլ[իական] ու իտալ[ական] հիւպատոսներ Չօք-Մարզուան եկած՝ կը տեսնեն քաղաքին աւերեալ մասն ու անթաղ դիակները ռումբերէն ածխացած մանկիկներու, կը հաւտացունեն անոնց թէ պատճառը Րուհի Չավո՜ւշն էր, որ ահա չուանի ծայրն էր, իր արժանաւոր պատիժը գտած…։ Արդարութիւնը գործադրուած էր, սա ամենուրե՜ք տիրող Արդարութիւնը…։
Որքան կը թարթափէի անցեալի յիշատակներու մէջ, հիացումս ա՛յնքան կ՚աւելնար այս մարդոց մասին որոնք գիտցած էին հերոսաբար պաշտպանել ինքզինքնին, իրենց ընտանիքներն ու հարեւան գիւղերու հազարաւոր հայ բնակչաց կեանքը, գիտցած էին կռուիլ անվհատ եւ անպարտելի մնալ 15 օրեայ իրենց թունա դիմադրութեամբ։
Եւ ի՞նչ էր ըրած Տէօրթ-Եօլցին. Ինքզինքը պաշտպանած ։ «Կարելի չէ վիճիլ որ ամէն քաղաքական ընկերութեան առաջին օրէնքն է ինքզինքը փրկելը». մեծ օրէնսգէտներու ամենապարզ վճիռն է ասիկա։ «Գերագոյն օրէնքն ինքզինքը փրկելն է» ըսած է Կիկերոն։ Տարբեր բան մը չէր Տէօրթ-Եօլցիներուն ըրածն ալ։
«Նուիրական օրէնք մը կայ, - հանուր մարդկութեան կ՚ուսուցանէ դարձեալ Կիկերոն, - օրէնք՝ չգրուած, բայց որ ծնաւ մարդուն հետ, օրէնք կանխագոյն օրէնսգէտներէն, աւանդութենէն, բոլոր գիրքերէն, զոր բնութիւնը մեզ ընծայեց՝ քանդակուած իր անմահ օրինագիրքին մէջ ուրկէ մենք քաղեցինք զայն, օրէնք նուա՛զ ուսումնասիրուած քան զգացուած, նուա՛զ սերտուած քան գուշակուած։ Այդ օրէնքը մեզ կը գոչէ. - Ամենամեծ վտանգի մը պահուն, պատրաստուած նենգով կամ բռնութեամբ, ընչասիրութեան կամ ատելութեան դաշոյնին ներքեւ, փրկութեան ամէն միջոց օրինաւոր է »։ Ու Տէօրթ-Եօլցին օրէնքին համաձա՛յն էր շարժեր, երբ պաշտպաներ էր իր եւ իրեններուն անձը։
Օրինագիրքի՛ն դիմեքն նորէն. «Ու նախայարձակութեան անիրաւութիւնն ա՛յնքան իրաւունքներ կու տայ զոհին, որ նախայարձակը չկրնար վկայութեան բերել օրինաւոր պաշտպանութեան բացառութիւնը. չքմեղելու համար բռնութիւններ ընդդէմ անո՛ր որ կը հարկադրուի ինքզինքը պաշտպանելու հարկին, նո՛յն իսկ չափազանցութեամբ»։ Բայց Տէօրթ-Եօլցին չափազանցութեան իսկ չէր դիմած եւ շա ՜տ օրինաւոր կերպով իքնզինքը պաշտպանած՝ իր նախայարձակներուն, այդ ախատրո՜յզ խուժանին դէմ։
Հարցունենք դարձեալ. Ուրիշ ինչ էր ըրած Տէօրթ-Եօլցին. - Օճագլըցիներուն եւ Նաճառլըցիներուն օգնութեա՛ն էր փութացած։ Ո՜հ, ի՜նչ գեղեցիկ շարժում մըն է», - կը գոչէ անգլիացի մեծանուն իմաստասէր-իրաւաբանը՝ Պէնթհամ, - որ մեզ կը մոռցունէ անձին վտանգն ու զմեզ կը վազցունէ՝ հասնելու մեծ վտանգի մը առաջին աղաղակներուն։ Օրէնքը պարտի զգուշանալ տկարացունելէ քաջասրտութեան եւ մարդասիրութեան մէջ եղած այդ վեհանձն միաւորութիւնը։ Օրէնքը շատ աղէտ բան մը ըրած կ՚ըլլայ եթէ մեծարէ ու վարձատրէ զանի որ ատենակալի պաշտօնը կը կատարէ հարստահարեալին շնորհիւ։ Շատ կարեւոր կ՚ըլլայ հասարակաց փրկութիւնն եթէ ամէն մարդ ինքզինքը նկատէ իբր բնական պաշտպան ուրիշ ամէն մարդու»։ Օրէնքը սակայն ի՞նչ ըրած էր այն մարդոց որոնք փութացած էին իրենց նմաններուն օգնութեան, եւ ինքնապաշտպանութեան բնական իրաւունքին դիմած էին. - Բանտ նետած, խարազանած ու շղթայած էր զանոնք, Տ. Գէորգեան Սահակ քահանան, Տէր Մելքոնեան Միհրան ու Փէլթէեան Պետրոս։
Եւ ամէն անգամ որ նախկին պաշտօնանկ երկու Պատերազմական Ատեաններու անդամներ իբրեւ նոր Պիղատոսք կը դատէին այդ հէք Նազովրեցիները, ձաղկումի, շրուշակի եւ հարցաքննութեանց խստութեան ենթարկելով զանոնք, Սաղմոսերգուին խօ՛սքն էր որ կու գար պատշաճիլ այդ եղկելիներուն.
Աստուած, անօրէնք յարեան ի վերայ իմ եւ ժողովք հզօրաց խնդրեցին զանձն իմ…
Այլ դու Տէ՜ր օգնական իմ ես, փառք իմ եւ բարձրացուցիր գլխոյ իմայ։
Բայց ափսո՜ս, բանտերուն խորը տարապարտուց տւայտող Հայոց պատեհ դարձող այս աղօթքը կը չարափոխուէր յանկարծ իր վերջամասին մէջ։ Ո՜հ այն անիրաւ դատաստանը, - կախաղան բարձրացուցիչը գլուխներուն Աճէմեան Գարեգիններու, Աշուղ Միսաքներու եւն, եւն…։
Իրենցմէ մանաւանդ Միհրան, (որ իր խելքին եւ հնարամտութեան շնորհիւ, յարձակման ահաւոր օրերուն՝ ամէն ճիգ ու ջանք թափեր էր, նուա՛զ եղերական եւ նուա՛զ արիւնալի դարձունելու համար կոտորածի տռամը զոր խուժանը կը խաղար իրենց դէմ յանդիման), իր ութամսեայ դժպատեհ բանտարկութեանը մէջ 78 անգամներ կը հանուէր դատարաններու առջեւ, կիցերով եւ յիշոցներով, ամէն անգամուն ալ լուսահոգի Տէր հօրմէն ուսած սա՛ աղօթքը միայն ունենալով շուրթերուն վրայ.
Տէ՜ր, յոյս իմ եւ կեանք իմ, ես յումմէ՞ երկեայց.
Տէ՜ր, ապաւէն կենաց իմոց, ես յումմէ՞ դողացայց։
Ամէն ինչ վերջացած է հիմա. անդորրութիւնը կատարեալ է քաղաքին մէջ։ Ու երբ շուրջս կը նայիմ մարտկոցներու փլփլած շարքերուն, նարնջենիներու ծակծկուած բուներուն եւ մանաւանդ բոլոր այս մարդոց որոնք մահուան հետ գիրկ գիրկի մնացին տիւ եւ գիշեր, կ՚զգամ որ հիացումիս կը զուգորդուի տարապայման վիշտ մը։ Այս մարդիկ իրենց յոգնած ուսերուն վրայ ծանրացած ունին հիմայ ուրի՛շ բեռ մը։ Բնակարանի, ուտեստի, հագուստի եւ կապուստի հո՛գն է ատիկա բոլոր այն կարօտ այիրներուն եւ որբերուն որոնք վտանգի օր մը եկան լեցուիլ Չօք-Մարզուանի մէջ եւ ա՜լ չկրցան ելլել անկէ դուրս, գոյքերնին թալանուած եւ տուներնին ամբողջ հրդեհուած ըլլալով…։
ԱՌԱՔԵԱԼԻՆ ԾՆՆԴԱՎԱՅՐԸ
[խմբագրել]22 Նոյեմ.
Տէօրթ-Եօլէ Ատանա դարձիս, կ՚որոշենք միասին երթալ Տարսոն։ Ազատեան Արուսեակ որ իբրեւ մանկապարտիզպանուհի պաշտօնավարած էր հոն երկու տարի, անշուշտ լաւ կը ճանչնար տեղացի հայութինը, դպրոցն ու եկեղեցին, անոր պատմական վայրերը, մանաւանը ականատես՝ Տարսոնի ջարդերուն ու հրդեհին, գիտէր անոր մահասարսուռ վայրկեաններն ու մոխրացումի ողբագին պատմութիւնը։
Կիրակի առաւօտ մըն է, երբ ինք Մէրսինէն- ուր կը պաշտօնավարէ հիմայ, - իսկ ես Ատանայէն գալով, զիրար կը գտնենք կայարանին մէջ, ուրկէ կ՚ուղղուինք դէպ ի ներս։
Մխացող մոխրակոյտերու քովէն, փրփրած խուժանի մը ահարկու մռնչիւններուն մէջ եւ անոր արիւն կաթող նայուածքներուն տակ, մահուան ու կեանքի մէջ տարուբերող րոպէի՛ մը փախուստ տուած էր ան Տարսոնէն, դողդոջ եւ ուժասպառ, եւ հիմայ, մի քանի ամիսներու հոլովումէ մը վերջ, առաջին անգամն էր որ կը վերադառնար սարսափով լքած իր պաշտօնավայրը։
…Անցած էինք յունական թաղէն եւ ամերիկեան վարժարանի լայն ու մաքուր փողոցէն. դեռ ո՛չ մէկ հետք քանդումի։ Սիրտերնիս կը տրոփէր սակայն ուժգին. կը մօտենայինք անշուշտ Աղէտավայրին, պիտի տեսնէինք անշքացած կործանուած բոյները Կիլիկեցի մեր չուառ քոյրերուն ու եղբայրներուն, կրկին հանդիսատես պիտի ըլլայինք վայրերու՝ ուր Հայութեան Ծառը ճիւղակոտոր եղած՝ իր ոստերէն արիւնէ արցո՜ւնք էր կաթոցուցած. ականջալուր պիտի ըլլայինք վերստին կոտորածի աղեխարշ պատմութեանց։
Հո՛ս ալ նոյն աւաշը, նո՛յն հառաչը, նո՛յն կոծը լալագին, վհատութեան եւ անձկութեան նո՛յն նոպան որով տոչորուած՝ կը հեծէր կիլիկեան միւս աւերեալ վայրերու Հայութիւնը։ Նո՛յն կործանարար թաթը պտըտած էր ամենուրեք։ Ինչպէ՜ս չյիշել հիմայ սա խօսքը զոր կարծես հայոց թշնամի եւ անոնց կերտածը միշտ քանդելու պատրաստ այս խուժանին համա՛ր գրած ըլլար Պուալօ.
Comme on voit les frelons, troupe lâche et stérile,
Aller piller le miel que l'abeille distille.
Հարկ չկար ուղեկցիս հարցունելու թէ ո՞ւր էր Հայոց թաղը, քանի որ փլատակներու աշխարհը կ՚սկսէնք մտնել։ Քարեր ու քարե՜ր համասփիւռ, իրենց թաւալգլոր ու սմքած շեղջակոյտին մէջ խտացունելով ամբողջ եղերերգը՝ քանդումի սեւ օրերուն։ Ինչպէ՜ս հնար եղած էր այդքան ամրակուռ շէնքեր հրդեհել, այդքան պինդ հիւսուած պատեր հիմն ի վեր տապալել…։ Հինգ հարիւրէ աւելի տուն՝ աւե՜ր աւերակ…։
Միակ շէնք մը սակայն կը բարձրանայ այս ընդհանուր աւերածութեան մէջէն. միակ շէնք մը կանգուն կը մնայ՝ իբրեւ տիտանեան ամրակուռ վկայ անցեալ շքեղութեանց, իբրեւ սգատխուր հանդիսատես իր շուրջի բարբարոս կործանումին…։ Եկեղեցին է ան, վեհափա՜ռ ու գեղակերտ։
Քանի՞ երրորդ կործանումն էր այս գեղեցիկն Տարսոնի, երբեմնի բազմամարդ ու բարգաւաճ մայրաքաղաքին Ռուբինեանց, քանի՞երորդ անգամն էր որ բոցերու կը մատնէին զայն եւ անոր զաւակները՝ չարաչար կը կոտորուէին…։
Երեւակայութեանս առջեւ կը պատկերնար Լեւոն Գ. գթած եւ մարդասէր արքան, որ սուրի եւ հուրի օրերէ վերջ իր գանձերը կը բանար հարուածեալ ժողովրդեան առջեւ, անոր նպաստ կը բաշխէր, անոր աւերեալ շէքերը կը նորոգէր եւ սփոփել կը ջանար թշուառ քաղքենիներ ու Եգիպտոսի սուլթաններէն հարստահարեալ՝ կը մնային անպատսպար։ Ո՜վ պիտի ձեռք կարկառէր կեանքի այդ հէք նաւաբեկեալներուն՝ լաստի բեկորէ՛ մը իսկ զուրկ…։
*
Դէմ առ դէմ կու գանք երկսեռ մանկութեան մը, որ յաւարտ պատարագի՝ եկեղեցիէն դուրս խուժած է, իր կիրակնաւուր տարազին մէջ իսկ խեղճ ու արգահատական։ Սիրուն, անմեղուկ պզտիկներ են ամէնքն ալ, - Կիլիկեան երբեմնի այդ փառապանծ մայրաքաղաքին բնակչութեան ձագուկները, վերջին վայրագութիւններէն մազապուր ճողոպրած խլեակները բոլոր։
Ի տես այսքան աւերումի, ի տես այս հրեշտակային դէմքերուն, յանկարծ ընկերուհիս կը փղձկի դառնօրէն, կը հեկեկայ գալարող ցաւի մը հզօր թափովը. - սիրտի անզուսպ զեցում մը՝ զոր անհնար է երեւակայել։ Պզտիկները շուրջը խմբուած են. իր զաւակներն են անոնք, իր չարաչար աշխատանքի պտուղները, բոլորն ալ դարումար եղած։ Օրիորդը հազիւ կրցած է արցունքը սրբել, ու հիմայ զբաղած է զանոնք գգուելու. Լեւոնիկը, Տիրանն, Արաքսին, ամբողջ այս տարմը բունազիրկ թռչնիկներու։ Մորմոքալի հարցումներ ամէնուն. ծնողքնին ո՞ղջ էին, իրենց ո՞ր դպրոցը կ՚երթային։ Հայու դպրոց յաճախող այդ տղեկները հիմայ ցրուած՝ օտար վարժարաններու նստարանները լեցուցած էին։ Եւ երեւակայե՜լ խոցոտող վիշտ ընկերուհւոյս որ այս բոլորին վրայ ա՜յնքան գուրգուրացած էր, սիրտ ու մի՛տք էր մաշեցուցած՝ զանոնք Հայու զաւակներ պատրաստելու համար…։
- «Ցաւալի բան է, խի՛ստ ցաւալի է մեր վիճակը» կը յարէ յուզուած շեշտով մը Գանձապետեան Սարգիս, հոգաբարձութեան ատենապետն որուն տեղեկութիւն կը հարցունենք դպրոցի մասին. «Մեր տղաքը դժբախտ եղած են։ Իրաւ է թէ շնորհիւ ինքնապաշտպանութեան եւ կամ եւրոպական հաստատութիւններ ապաստանելով, հազիւ 150 հոգիի չափ անձի կորուստ ունեցանք, - առանց շրջակաները մէջը հաշուելու, - բայց նիւթական կորուստնիս խիստ մեծ է, խեղճ են տղաքնիս, ո՛չ դպրոց ունինք, ոչ վարժապետ, ո՛չ դրամ, ո՛չ վարժուհի։ Տղայոց մէկ մասը կը յաճախէ օտար վարժարան. իսկ անոնց որ պահանջուած պզտիկ գումարն ալ չեն կրնար տալ՝ ստիպուած են փողոցները թափառելու։ Դպրո՛ց բացէք մեզի, կ՚աղաչեմ. ըսէ՛ք ձեր Ընկերութեան, դպրո՛ց բացէք։ Յանուն Տարսոնի մանկութեան, կը պաղատիմ ձեր ընկերուհիներուն, դպրո՛ց բացէք մեզի, ատով մեծագոյն բարիքն ըրած պիտի ըլլաք»։[11]
«Դպրո՜ց, դպրո՜ց բացէք մեզի»։ Այսպէ՛ս կ՚աղաղակէ Կիլիկիոյ տարաբախտ հայութիւնը՝ ջարդի, կողոպուտի եւ սարսափի օրերը հազիւ անցուցած եւ այն ի՜նչ սպիացուցած իր սիրտի արիւնոտ վէրքեր։
Երբ ժողովուրդ մը, դեռ սուգը սրտին եւ արցունքը աչքին, չապահոված իր ամենօրեայ հացը՝ «դպրոց» կ՚աղաղակէ միայն, բարոյական կորովի մը վսեմ ապացոյցը տուած կ՚ըլլայ արդարեւ։ Եւ ինչո՞ւ վհատիլ. այդ կորո՛վն է որ պիտի վեր առնէ զինք իր ինկածութենէն, բարձրացունելով նաեւ իր շէնքերն ալ, իր կործանուան պատիւն ալ։
Դպրոցի համար եղած այս խանդաղատալից վերաբերումը լոյսի գաղջ հոսանք մը կ՚իջեցունէ վրդովուն սիրտէս ներս, եւ աւերակներու այդ կոյտին մէջ, չքաւորութեան պատկերներու դիմաց՝ հոգիս կը թուի գտած ըլլալ սփոփանքի կռուան մը խաղաղաւէտ։
*
- «Աւերակներէ դուրս, - կ՚առաջարկէ մեզ Գանձապետեան, իր բարի ու ազնիւ մարդու փափկանկատութեամբ, - քիչ մըն ալ երթանք տեսնել, եթէ կը փափաքիք, մեր քաղաքին փառքերը, Թարսուսի թանկագին հնութիւնները»։
Ինչպէ՜ս չփափաքէինք։ Ո՞վ չէր իմացած անունը Պօղոս առաքեալի ծննդավարին, Տարսոնը՝ Կիւդնոս գետի ափանց վրայ հիմնուած՝ վաղնջական քաղաքներէն մին աշխարհիս։ Իր հնութեան ապացոյցը չէի՞ն կազմեր արդէն պատմագիրներու այլ ընդ այլոյ վարկածները։ Ոմանք Յունաց, ուրիշներ Ասորեստանցւոց Սարդանաբաղ թագաւորին կամ Շամիրամ դժխոյին կը վերագրէին այս քաղաքին հիմնուիլը։ Եւ այսպէս, դարուց ի դարս, ազգերէ ազգ փոխանցուած էր ան ու եկած հասած մինչեւ մեր օրերը։ Երրորդ դարուն ապրող հռչակաւոր հռետոր Երմոգինեայ եւ Աթենոդորի հայրենինք էր ան, հուսկ ուրեմն պանծալի մայրաքաղաքը Կիլիկեան արքայից. ուր Լեւոն Բ. թագաւոր կ՚օծուէր, ընծաներ ընդունելով աշխարհիս չորս ծագերէն, եւ իր լուսամիտ, ժողովրդասէր ու վեհանձն վեհապետի հանգամանքով բարիք մը կը դառնար իր երկրին եւ հարեւան ժողովրդեան։ Եւ դեռ պանծալի շարքը կար Կոստանդիններու, Օշիններու, Հեթումներու եւ այլոց։
*
Կը հասնինք «Գանճըգ Գարու» որ Տարսոնի հին պարիսպին արեւմտեան դուռն է, փլուզումէ կորացած ու կամարակապ. արդիւնք հայկական ճարտարապետութեան, կառուցուած՝ Հեթում Ա. ի օրով։ Այդ դուռին վրայէն կէս մէթր մեծութեամբ վէմ մը հանուած եւ պահուած է Հայոց եկեղեցին, վրան յետագայ արձանագրութեամբ։
Հեթում Հայոց…
[խմբագրել]Կը նայինք այդ կիսաւեր դուռին որ իր անշքութեանը մէջ իսկ՝ չեմ գիտեր ի՛նչ մը ունի, ուղղակի մեր սիրտին խօսող։
Կ՚առաջնորդուինք յետոյ քաղաքին մօտերը գտնուող ջրվէժներն որոնք «Սու Թիւյիրէն» կը յորջորջուին։ Ջուրը, հեռուներէն խոխոջելով եկող ջուրը հազարումէկ քարի պատառուածքներէն եւ ծերպերէ անցնելով՝ դարվար կը հոսի ժանեկանման փրփրումներով։ Խիստ յանկուցիչ եւ նկարչային է տեսարանը. շրջակայ բացութիւններու մէջ, հերձոտած, ողոցաձեւ ապառաժներ կը լուացուին շարունակ հեղեղատին ջուրերէն որոնք ուրեք ուրեք կը վազեն հեղիկ դդչիւնով, այլուր՝ շառաչաձայն գահավիժումներով։ Հայաշխարհի Նիակարա՜ն էր այս։
Զառիթափէ մը վար կ՚իջնենք եւ առուակէ մը անցնելով կը մտնենք ծառաստան մը, ուր քիչ մը յառաջանալէ վերջ՝ մեր դէմը կ՚ելլէ վիթխարի թանձր պատ մը որուն կողին վրայ երկաթէ շերտի նման դուռ մը կայ պզտիկ. ծակ ծա՛կ եղած, տեղացի թուրք տղոց նշանառութեան թիրախ ծառայած ըլլալուն…։ Գանձապետեան գրպանէն խոշոր բանալի մը հանելով կը բանայ զայն եւ զմեզ ներս առաջնորդելով կը յայնտէ տեղւոյն՝ Հայոց գերեզմանատունն ըլլալը, Տէօնիւք կոչուած։
Գերեզմաննոցին յատկացեալ գետնին երկու կողմերը, քանի մը մարդահասակ բարձրութեամբ, քառանկիւն, լայնանիստ թանձրութիւններ մը կան որոնք ոչ դուռ ունին, ոչ պատուհան եւ ի՛նչ պարունակելնին անստոյգ։
ԸՆԴՕՐԻՆԱԿՈՒԹԻՒՆԸ
Կամաւք անմահ բարերարին՝
Որ է պատճառ հանուրց գոյին,
Սբ. եւ հզաւր արքայն Աւշին
Տր. թագաւոր Հայոց զարմին,
Կանգնեաց զամրոցս այս ահագին՝
Նոցունց որք աստ ապաստանին.
Ըզհիմնադիր այս ամրոցին
Ըզթագազարմըն Կոստընդին..
Որ նա տիրէ մեծ զղեկին
Որ Դեղընքար անուն կոչին.
Աւարտեցաւ ջանաւք սորին
ՉԿԸ[12] ին (եօթն հարիւր վաթսուն ութին).
Արդ որ ի սա ապաստանին՝
Եւ կամ մարմնոյ աչաւք նային
Տալ փոխարէն զՏէր ողորմին
Լինել ժառանգ ադեն դրախտին ։ Ամէն։
Տարսոնի «Թէքքէս» թաղի բնակիչներէն Քիւրքիթլիլի Զատէ Էսատ։ Այս թուրքը դէպքէն առաջ, կեանքը բանտերու մէջ անցուցած վաղեմի եղեռնագործ մըն էր, Սահմանադրութեան հռչակմամբ ազատ արձակուած։ Ինքն էր որ ապրիլի 14ին Տարսոնի դէպքին՝ սափրիչ Սերոբի տան մէջ վառուելու համար նետուած հայերը կ՚ազատէ կրակներու մէջէ, եւ մօտաւորապէս երեսունի չափ վիրաւոր այրերու, կանանց ու մակնանց ապաստան կ՚ընծայէ իր բնակարանին մէջ։ Երկրորդ անգամ դառնալով, կ՚աջողի բոցերու ծոցէն ազատել հինգ Ատանացի տիկիններ, խել մը պանդուխտներ, բեռնակիրներ ու բնիկ Տարսոնցիներէն շատեր։ Ատանացի հայուհիներ իբր պարգեւ իրեն նուիրել կ՚ուզեն ոսկի մատանի մը եւ այլ զարդ-ոսկիներ, բայց ինք կը մերժէ վեհանձնաբար։- (Այս ծանօրթութիւնը քաղուած է Էսատի տրուած այն յանձնարարական վկայականէն զոր ստորագրած ն Տարսոնի քահանան, բողոք քարոզիչը, Գօլէճի բրօֆէսօրը, Պատր. Ա. պատուիրակութենէն. Կրպտ. Ալճեան եւ Յ. Աշոտ եպ։
Ահաւասիկ ՄԱՐԴ ՄԸ՝ Օսմանցի անունը պերճօրէն պանծացունոց. եղեռնագո՜րծ մը որ մէկ օրէն միւսը դիւցազն կը հանդիսանայ հանուր մարդկութեան աչքին։ «Ածուխէն ադամա՜նդ» Հիւկոյի հզօր բացատրութեամբ։ Էսատի ընթացքն ունեցած են յԱտանա 23 հայեր իր տունը պահով Կիւվէնն Զատէ Մըխթարը, նաեւ Մէմօհա որուն կը պարտին յիսուն հայորդիք իրենց կեանքը։
Աւազէ, կիրէ եւ կոպիճէ շաղախեալ հսկայ կոյտեր՝ կրաքարի պէս կարծրատորր, հռոմէական բոլոր շինուուածքներու նման. եւ անհնար է ատոնցմէ կոպիչ մը իսկ փրցունել, ա՛յնքան ամուր փակած են անոնք։ Ըստ աւանդութեան, երկու դամբարաններ ըլլալ կը կարծուին, գերեզմանները Սարդանաբաղի եւ իր կնոջ, - Ասորեստացւոց առասպելական այդ Հերակլէսին դամբարանը գուցէ, որուն մասին Պատմութիւնն իր վերջին վճիռը չէ արձակած ապահովաբար։
Անօրինակ, տարտամ սարսուռով մը համակուած ենք երբ կը հեռանանք իր ահաւոր յորջորջմամբ այդ «Տէօնիւք»էն. դարերու մշուշին մէջ կանգնուած գաղտնիքի եւ հնութեան այդ պատկառելի զանգուածները խոր տպաւորութիւն կը գործեն մեր վշտակոծ երեւակայութեան վրայ. եւ փոխանակ մեր միտքը սքանչացումի յիշատակ մը տանելու, կ՚զգանք որ խոհուրդով ու մթութեամբ ծանրաբեռնուած է ան, ու մեր սիրտը առաւել քան երբեք ճնշուած դամբանական դանդիռով։
- «Կը տեսնէ՞ք սա բլրակը, - կը ձայնէ քովէս Ազատեան, հեռուն կանաչութիւն մը ցոյց տալով, երբ փլատակաց մէջէն եկեղեցի կը դառնանք, - կը պատմուի թէ (Մարկոս Անտոնինոս՝ Կղէոպատրա թագուհւոյն հետ իր նշանաւոր տեսութիւնը հո՛դ է ունեցեր. իսկ անդին. բլրակին բացութեանը վրա՛յ էր որ կը գտնուէին Տարսոնի փիլիսոփայութեան եւ հռետորութեան համբաւոր ճեմարանները, հռամէացւոց ժամանակ…»։
Եկեղեցի հասած ենք կրկին, եւ այս անգամ Գանձապետեան գանձարանին մէջ մեզի ցոյց կոը տայ Գանճըգ Գաբուէն բերուած Հեթում Ա. ի արձանագրութիւնը կրող քարը, Լամբրոնի Բերդին հանդիպակաց «Սինապ» կոչուած շէնքէն հանուած արձանագիր վէմ մը, նաեւ անոր քով Հեթումի կնոջ՝ Լեւոն Բ. ի դստեր՝ Զապէլ թագուհւոյն տապանաքարը։
Սրբազա՜ն մասունքներ, պատմական թանկագի՜ն բեկորներ, որոնք գուցէ անհետացած ըլլային եթէ ոճրապարտ ձեռքեր խնայած չըլլային եկեղեցիին։ Պատմուեցաւ ինձ թէ, քանից հրձիգութեան փորձեր կատարուեր են տաճարին վրայ, բայւց ի վերջոյ անոր հոյակապ կառուցուածքը, մանաւանդ անոր յատակի քարերուն գեղեցկահիւս յօրինուածքը թուրքերն ա՛յնքան հրապուրեր են որ ուզեր են խնայել անոր՝ զայն մզկիթի վերածելու առաջդրութեամբ։
Եւ ահա խուժանային այս փրկարար մտածմա՛ն կը պարտի այսօր Տարսոնի Հայոց եկեղեցին իր գոյութիւնը, պերճօրէն կանգնած՝ շուրջի մռայլ աւերակոյտերուն մէջ…։
ՎԵՐՋԱԲԱՆ. ԱՄԱՆՈՐԻ ՍԵՄԻՆ ՎՐԱՅ
[խմբագրել]Le vériitable orphelin n'est pas celui qui a perdu ses parents, c'est celui qui n'a [as ni science ni éducation
5 Յունվար 1910
Տարի մըն ալ կը պակսի ահա Հայուն կեանքէն, երթալ աւելնալու համար անոր Պատմութեան վրայ։
Առօրեայ կեանքի մը ետեւէն ընդքարշ ածուող մարդկութիւնը պահ մը կանգ առնելով Նոր Տարւոյն սեմին վրայ՝ լայն շունչ մը կ՚առնէ, եւ յետկոյս նետած ակնարկէ վը վերջ՝ անտեղիտալի պէտքը կ՚զգայ աւանդական այն շնորհաւորութեանց, մաղթանքներուն եւ ծիծաղին որոնք իրենց հետ կը բերեն անսովոր կենդանութիւն մը եւ նորանոր յոյսեր ապագայի։
Ամանորի այս ընդհանուր ոգեւորութեան մէջ սակայն, ցնծութեան ի՞նչ բաժին յատկացուած կրնայ ըլլալ մեզ՝ Հայերուս. շնորհաւորի եւ բարեմաղթութեան արդեօք ի՞նչ կերպ բանաձեւ ունինք իրարու փոխանակելիք, երբ ահա մեզ հետ բերած ենք անցեալէն նախճիրի, քանդումի եւ սարսափի գեհենական տարի մը, երբ մեր սիրտերուն մէջդեռ կը կրենք սոսկալի կսկիծը՝ բիւր բիւր նահատակ եղբայրներու, քոյրերու եւ զաւակներու, նաեւ սգատխուր յիշատակը հայրենի մեր մոխրացած օճախներուն։
Ցորչափ մեր միտքն է Կիլիկիան, ցորչափ ամէնուն երեւակայութեանը մէջ դառնօրէն կենդանի է Ան իր ընդարձեակ արիւնախում արտերով, իր սեւ աւերակներուն կոյտերով, ցնցոտիներու մէջ դողդոջուն՝ հիւծեւկոծ իր այրիներուն կարաւանով, եւ անվերջ թափորովն իր բունազիրկ որբուկներուն, մեր կաղանդն ալ Կ՚անշքանայ իր տօնոյթի հանդիսութենէն։ Թշուառութեան եւ սուգի այդ պատկերը մեր յիշողութենէն անարժան՝ բաւական է արդէն նոյնհետայն մարելու մեր շուրթերուն վրայ ամէն ժպիտ եւ ամէն բաեւ խայտանքի։
Այսօր ուր անցեալը կ՚անհետի՝ տեղի տալու շատերու համար զուարթ ներկայի մը եւ յուսալից ապագայի մը, կեանքի հաշուեյարդարութեան ու փոխանցումի այս հանդիսաւոր շրջանին, դառն չէ՞ յիշել 1909 Յունվար 1 թուականն ուր Կիլիկիա շէն էր ու բարգաւաճ, ուր կաղանդը կը տօնուէր հայկական երդիքներու տակ, հանին ու պապը բազմած աւանդական սեղանին գլուխը, մինչ հարսեր, զաւակներ ու թոռներ պատկառանքով կ՚երթային համբուրել անոնց ձեռքերը, փոխարէն ընդունելով սրտաբուղխ օրհնութիւններ՝ ծորած անոնց բարի շուրթերէն. ամէն դէմքի վրայ ճառագայթումը բերկրանքի, ու սենեակին մէջ մթնոլորտը ճշմարիտ երանութեան, ու սիրտեր ցնծութեամբ բաբախուն, ու աչքեր յուսալից յառած նոր տարիին, գալիք նոր կեանքին…։
Տարաբա՜խտ Կիլիկիա, որ երջանկութեան ըղձանքներուդ մէջ անձկագին, երեք ամիս յետոյ սեւ Զուլումը միայն ողջունեցիր…։
*
«Կեանքը յաւիտենական վերսկսում մըն է», ըսուած է, վերսկսում մը անշուշտ բոլոր այն մերթ զուարթ մերթ տխուր դրուագներուն որոնցմով հիւսուած է ան։ Բայց ճակատագրային ի՜նչ անգութ յամառութեամբ մընէ որ Հայուն կեանքն ալ եղած է յաճախ վերսկսում կեղեքման, ջարդի եւ աւերի, վերսկսում նա՛եւ գերագոյն ճիգերու՝ կանգնելու համար քանդուած բոյներ, հաց տալու համար այրիացած կիներու, եւ պատասպարան հայթայթելու համար որբացած մանուկներու։
Մինչեւ ե՞րբ արդեօք այս յուսակտուր վերսկտումը կործանուածները վերականգնելու, խորտակուածները նորոգելու, մինչեւ ե՞րբ մեզ՝ դառնագոյն պաշտօնը արցունքներ սրբելու։ Պիտի գա՞յ մեզ համար այն օրն ուր ցեղային սրտամորմոք ցաւերէ զերծ՝ կարենանք լայն ճախրն ընել դէպ ի քաղաքակրթութիւն, դէպ ի յառաջդիմութիւն։
Մահատագնապ սեւ օրերու տողանցումէ մը վերջ՝ զոր Հայութիւնն իր համբերութեան պանծալի արիութեամբը գիտցաւ տանիլ, հիմայ ո՜րքան պէտք ունի Ան նոր կեանքի մի վերսկսումին, զուարթ, անկարօտ, նուիրուած միայն ու միա՛յն իր աշխատութեան։
Սակայն ափսո՜ս, ամէն կող աւերակ, ու մեր շուրջ Որբութիւն։ Տարիներու ընթացքին թերեւս փլատակները շէննան, թափուած արիւններ օր մը թերեւս քաջեր վերածնին, այրիներ իրենց ճակտի քրտինքով պատառ մը հաց գտնեն ուտելու, հապա մեր որբե՜րը…։
Ատանայէն նամակ մը կ՚ստանամ այսօր։ Ճշմարիտ անակնկալ մըն էր ինձ համար այն - ճառը զոր ղրկած էր Ատանայի ազգանուէր Հայուհեաց Ընկերութեան դպրոցին վարիչ- վարժուհի Օր. Թագուհի Ուրֆալեան, եւ զոր անձա՛մբ շարադրեր ու արտասաներ էր Սիրանոյշ Չամսարեան անուն փոքրիկ սանուհին, ամանորի առթիւ սարքուած հանդէսին։ Անփոփոխ կը հրատարակեմ զայն, ցոյց տալու համար պարզութիւնն ու անկեղծ շեշտը տխրութեան որ խտացած է անոր անձնիւր տողին մէջ։
Շնորհաւոր Ձեզ նոր տարի
Ահա եկաւ կաղանտը նոր տարի 1910 իչպէս որ անցիալ տարիներս շատ զուարճութեամբ անցուցինք իսկ այս տարի անոր հակառակը շատ տխրութեամբ պիտի անցունենք, անցած տարի կաղանտը ուրախալի կերպով անցուցած ատենս բոլոր Ատանացիները չէյինք երեւկայեր այտպիսի սեւ օրեր, որոնք թշուառութեան յետին ծայր հասուցին ամբողջ Կիլիկիցի 30000 սիրելիներուն կորուստը եւ հոյրենական օճախներ կործանուիլը։ Այնչափ մեծ վնասներ հասցուցին Ատանայի թուրքերը քրիստոնեայ եկեղեցիները եւ տպրոցները հրոյճրակ ըրին։ Աշակերտուհիները յետին ծայր յուսահատութիւն մատնուած էյին. իրենց տպրոցը հրոյճրակ ըլլալուն համար, Ասյպէս յուսահատութեամբ։ Կը կենային… Յանկարծ օրին մէկն ալ նայեցանք որ արեւմտեան կողմանէ ձեռք երկանցուցին Ազգանուէր հայուհեաց ընկերութիւնը պոլսոյ շնորհիւ Ատանայի աղջիկանց տպրոց մը հաստատեցին կանոնաւոր վարժարան մը որուն մէչ 200 էն աւելի աշակերտուհիներ ընտունեցին, որոնց գրիչէ ծայրէն սկսելով տպրոցական ամէն պիտոյքներ հոգալով շատ մեծ զոհողութիւներ կատարեցին։
Ուստի Ատանացիները երախտապարտ են ընկերութեան բարի անտամներուն եւ անտամոհիներոն։ Արդիօ՜ք մեր մէչը ասանկ ձեռնակերներ առաջ պիտի գան ուրեմն այսպիսի գթացող Ատամներ եւ Ատամոհիներ որ մեզի պէս կարօտիալները մոխիրներոն մէչէն ազատեցին, ուրեմն ասոնց չանքը ի զուր չէ հանենք, աշխատինք որպէսի ասոնք մեր տպրոցը վրստին շարունակեն արտ մենք ալ յոգ ընենք մեր չանքերով զանոնք աղօթ ընիք Աստուծոյ Աստուծմէ խնտրենք ասոնց առողչուիւնը որովհետեւ այդ պիսի գթացողներ առողջ մնան որպէս զի մեզի պէս ամէն կարօտիալներուն օգնելու համար։
*
Եղբայրներ եւ քոյրեր, մեզի՛ կը նային անոնք անձկալից. հացին հետ մենէ- կը խնդրեն անոնք քիչ մը գորով եւ կենսունակ սնունդն իրենց մտքին։
Խորհինք որբերը։ Գերազանցապէս նուիրական է մեր ամենուս պարտքը բախտէն անժառանգ այդ էակներուն հանդէպ զոր ահարկու Ջարդը թողուց աստանդական։ Ի՞նիչ կը մնայ մեզ ընել հիմայ՝ ջնջնելու համար անոնց ճակատներէն սեւ կնիքն որբութեան։
Ճշմարիտ որբն անիկա չէ որ կորսուած է իր ծնողքը, ճշմարիտ որբն անիկա է որ ո՛չ ուսում ունի եւ ոչ դաստիարակութիւն ։ Այսպէ՜ս կ՚ըսէ անցեալ դարու մեծ միտքերէն մին, այսպէ՜ս կը կրկնեն ներկայ դարուս քաղաքակիրթ ազգութիւններ։
Տարակոյս չկայ, բաղձացած նոր կեանքերնուս զուարթ ու երջանիկ օրերն այսուհետեւ պիտի կրնանք համրել մեր աղածրի մանուկներուն, մեր հեռակայ որբերուն տրուելիք ճշմարիտ դաստիարակութեամբը։
Կրթել, դաստիարակել մեր հանուր մանկութիւնը, մտադիւր ջամբել անոր ուսում եւ գիտութիւն. դուրս հանել զինքը տգիտութեան խոր վիրապէն. ահա՛ Հայուն պարտքը՝ համակ մարդկային։
Նոր տարւոյ սեմին վրայ կեցած, ուխտե՛նք փրկել մեր զաւակները, մեր որբերը իրական որբութենէ, ցոյց տալով անոնց այն կեանքն ուր կոչուած են ապրելու եւ այն ճամբան որ պիտի տանի զիրենք դէպ ինքնագիտակցութիւն. դէպ ի յաջողութիւն։
Սրբեցէ՛ք հիմայ ձեր արցունքը հէ՜ք որբեր, գօտեպնդուեցէ՛ք կեանքի համար ուսմամբ, դաստիարակութեամբ եւ հոգիի ճշմարիտ զարգացմամբ։ Զա՛յս կը խրատէ մեզ Ժամանակի ոգին. զա՛յս կը մաղթէ մեզ Ամանորը։ Անոնք պիտի ըլլան ասպար եւ մարտկոց՝ ընդդէմ թշուառութեան. անոնք պիտի ըլլան միակ բարիքն իրակապ. անկապտելի եւ անբռնաբարելի՝ զոր պիտի չկարենա՜ն խորել չէրքէզական վայրագութիւնն ու բարբարոսութիւնը համիտեան, ո՛չ Կիլիկիոյ մէջ եւ ոչ այլուր։
Ու թերեւս այն ատեն, զարգացած, կրթուած եւ ազնուացած Հայ Ազգին տառապանքը սա անխիղճ երջանիկներուն՝ Եւրոպացիներուն հետաքրքրութիւն առթելէ աւելի՝ խայթող խղճահարութիւն մը դառնայ անոնց, եւ միակ անբարբառ նախատինքը՝ մեր կողմէ անոնց երեսին նետուած։
Ողջո՜յն եւ համակրանք ուրեմն քեզ. ո՛վ յուսածիծաղ Մանկութիւն։
ՎԵՐՋ
- ↑ Ըստ Խ. Ուղուրիկեանի, Կիւտէպէզ պարսկերէն յորջորջում մըն է, քիթիպազ որ «գաւառապետ, աշխարհատէր» կը նշանակէ, պարսիկ աշխարհակալութենէ մնացած. իսկ Թըրմըլ յունական ազգի մը անունն է։
- ↑ Որոնց անուամբ մկրտուած են քաղաք ու գետ։
- ↑ Այս տողերը շարուելու վրայ էին, երբ թերթեր աւետեցին Կայս. Գահակալութեան անդրանիկ տարեդարձին առթիւ (14 ապր. 1910) ազատ արձակման լուրը 14 հայ բանտարկեալներու, որոնց մէջ են Կէօվտէրէլեան և Թորիկեան՝ Ատանայի բանտէն. Թադիրոսեան՝ Պօտուրումէն ուր փոխադրուած էր մեր այցէն քիչ յետոյ։ Իսկ Ս. Աւետիսեան իր դեռատի աղջկան ի Պօլիս անձամբ կատարած դիմումներուն շնորհիւ ազատ արձակուած էր շատոնց, նոյնպէս եւ Սալաթեան։
- ↑ Այս տողերը շարուելու վրայ էին արդէն, երբ տեղական թերթեր ծանուցին մահը խմբագրապետին՝ Իհսան Տիքրիի, 27 մարտ 1910 ին տեղի ունեցած Պէյրութի հիւանդանոցը։ Ֆիքրի կոկորդի հիւծախտէ մեռած էր։ Անարժան խմբագրապետի ի՜նչ արժանաւո՛ր մահ։
- ↑ Կառավարութիւնն այս անունն ալ ջնջեց 1910 Մայիսին եւ Ճիհան կոչեց զայն։
- ↑ Այցելութենէս քանի մը ամիս վերջ. կայսերական իրատէ մը ազատ կ՚արձակէր Հաճընցի և Տէօրթ-Եօլցի այս բանտարկեալները, բաց ի Հաճընցի իննետասնամեայ Գարեգին Աճէմեանէ որ Էրզինի բանտին առջեւ կախաղան բարձրացաւ տարապարտուց։ Մահէն օր մը առաջ, բանտակից ազնիւ հոգիներ իմանալով անոր հասցէին արձակուած վճիռը, յաջողած էին պահակները գաղտամխել՝ փախուստը դիւրացունելու համար դատապարտեալ ընկերնուն որ սակայն մերժած էր ապօրինի այս միջոցը, վախնալով որ իր փախուստէն վերջ ուրիշ բանտարկեալներու կեանքը պիտի վտանգուէր։ Ի՜նչ անձնազոհութիւն։
- ↑ Չօք-Մարզուան ինչպէս կ՚ըսուի, ծովածոց եղած է ժամանակին. յետոյ ծովն է որ ախ տուած է իրմէ կէս ժամու հեռաւորութեամբ։
- ↑ Նաճառլը՝ Համիտիէի դէմ գիւղ մը, Չօք- Մարզուանէ 9 ժամ հեռու՝ ծովեզրէն։
- ↑ Հասան-Պէյլիցի հայերէ շատեր փախած էին Ֆընտըճախ որ երկրորդ Տէօրթ-Եօլ մըն էր դարձած, բնակիչներուն դիւցազնական դիմադրութեամբը։
- ↑ «Մուհապպէթճի»ութիւնն արտառոց աղանդ մընէ որուն հիմնադիրներն եղած են վերոյիշեալ երկու անձինք։ Ամայի վայրեր կը քաշուին աղանդաւորք, ծակուծուկ տեղեր կը մտնեն աղօթելու համար։ Ամուսնութիւնը բացարձակապէս արգիլուած է նոյն աղանդին հետեւողաց համար։ եթէ պատահի որ ամուսնացեալ մը անդամակցի իրենց պարտի զգոյշ կենալ զաւակ ունենալէ։
- ↑ Ուրախ ենք որ Ազգանուէր Հայուհեաց Ընկ[երութիւն]ը բացաւ 1910 փետրվարին՝ խնդրուած աղջկանց դպրոցը, ղրկելով հոն կարող մասկավարժուհի Օր. Սիրանոյշ Ոսկանը, գոհացում տալով այսպէս Թարսուսի Հայոց բաղձանքին։
- ↑ 768 (Հայկ. թու. ) + 551( Քս. ի թու)= 1319