Աշուն գիշեր (Զարիֆյան)
Արտաքին տեսք
Աշուն գիշեր
Լուսընկայ գիշերուան
Թափառողն եմ լըռին․
Ծեր վարդեր կը դողա՜ն
Որ ցուրտէն չըսառին․․․
Լուսնի լո՜յս ամեն դի,
Նոյնիսկ ի՜մ աչքերուս․
Բայց ինչո՞ւ կը կաթի
Սա արցունքն այտերուս․․․
Լուսընկայ գիշերուան
Թափառողն եմ լըռին․
Երազներս կը դողա՜ն
Որ լուսնէն չը սառին․․․։