Jump to content

Արգելքը

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Սիլիհտարի պարտեզները


*


Գնացքը մտաւ Պալաճարիի կայարանը։ Աւելի դանդաղ, ուժգին ցնցում մը, եւ կառաշարը կանգ առաւ։ Սաթենիկ իր վակոնին պատուհանին առաջ կեցած տարտամօրէն կը նայէր քարափին վրայ դեգերող մարդիկներուն։ Օ՜հ, վերջապէս… Այդ մթնոլորտը, նաւթի հեռաւոր բայց յամառ հոտը, արեւը կայարանի տգեղ շէնքին վրայ, քիչ մը անդին անապատային հորիզոնը՝ զուրկ ոեւէ բուսականութենէ, փոշիի համր՝ շնչուած օդին մէջ… այդ բոլորը անհրապոյր, վանողական, ի՜նչքան սիրելի, ի՜նչքան հրապուրիչ էին իրեն համար։ Ի՜նչքան ուժգնօրէն եւ տառապելով վերյիշեր էր կայարանի մթնոլորտին ամենէն չնչին մանրամասնութիւնները այն օրերուն, երբ շողշողուն ու գեղեցիկ Թիֆլիսի մէջ, սպասեր էր շաբաթներով ու ամիսներով, իրեն միակ սեւեռակէտ ունենալով այն րոպէն երբ գնացքը պիտի մտնար Պալաճարիի կայարանը։

Քիչ ետքը Բագուն… այո՛… բուն նպատակակէտը. բայց ո՞վ գիտէ ինչ կը սպասէր այնտեղ իրեն, ի՜նչ յուսախաբութիւն եւ ի՜նչ տառապանք։ Այստեղ տակաւին ժամանումի ուրախութիւնը իր ամբողջութեան մէջ էր, եւ ինքը այդ ուրախութեամբ լեցուած էր. ինչպէս նախորդ անգամները սիրտս կարծես կը լողար երանութեան մէջ, ինքզինքը կը զգար տարբեր, ամենազօր եւ յաղթական ու կարծես բոլոր կապանքները քակուած էին իրեն համար. այդ լիուլի երջանկութեան երազը, սակայն, տարտամ տխրութիւն մը կը պատճառէր իրեն. կարծես զգացումը ունէր որ այդքան երջանկութիւն անհնարին բան է եւ ահա իր մտածումին մէջ պատկերացաւ սիրելիին պատկերը, անոր գեղեցիկ հասակին սիլուէթ ը ու յուզուած դէմքը… եւ ինքն ալ խորապէս յուզուած սարսռաց բոլոր էութիւնով։

Նիհար ու միջահասակ կին էր, նուրբ դիմագիծով. երկարատեւ հոգեկան տառապանքը աւելի նրբացուցած էր զինքը, դէմքին տալով ներքին վրդովմունքով ապրող կանանց յատուկ անբացատրելի եւ խռովիչ արտայայտութիւն։ Անքուն անցուցած գիշերէ մը ետք, առաւօտեան առաջին ժամերուն լոյսերուն մէջ, աւելի տժգոյն, գրեթէ թափանցիկ թալկութիւն մը ստացեր էր իր մորթը, մինչ մութ կապոյտ աչքերը սքօղուած երկար թարթիչներուն ներքեւ, գրեթէ սեւ կ’երեւային, կարծես խտացած իրենց երանգին մէջ. նուրբ քիթը ու կարմիր լայն շրթունքները կը շեշտէին իր տժգնութիւնը։ Շագանակագոյն առատ մազերով ծանրացած գլուխը թեթեւ մը կը հակէր իր շնորհալի վզին վրայ։ Հագուած էր ճերմակ կտաւէ պարզ հագուստ եւ վտիտ ուսերուն վրայ կը կրէր յարդագոյն մետաքսեայ վերարկու մը. յարդագոյն պարզ եւ ճկուն գլխարկը երկու կողմերէն կը հակէր դէպի այտերը սեւ թաւշեայ ժապաւէնին թեթեւ ճնշումին ներքեւ, որուն ծայրերը հանգոյցով մը կը միանային վզին վրայ։ Անցորդներ հապճեպ կերպով կը նայէին իրեն, երբ իր սեւեռեալ նայուածքը թուլցաւ եւ թարթիչները վարագուրեցին աչքերը։ Ձայն մը իր ետեւէն կ’ըսէր.

—Սաթիկ, երթա՛նք թէյ խմելու։

Անիկա դարձաւ դէպի ետեւ, թեթեւ մը ժպտեցաւ եւ մեղմութեամբ պատասխանեց.

— Չէ՛, Ստեփան, ես կը մնամ այստեղ։

Անիկա երեսունը անց միջահասակ եւ թիկնեղ, չափազանց թուխ, առաջին ակնարկով խիստ մարդու մը տպաւորութիւնը կ’ընէր. իր մշտապէս պռստուած յօնքերը, որոնք լայն ճակատը կը կնճռոտէին, կ’ըսքօղէին առաջին ակնարկին իր սեւ լայնաբիբ եւ գորովանքով զեղուն աչքերուն սրտապնդիչ արտայայտութիւնը. բայց այդ աչքերը միեւնոյն ատեն տխուր էին անանցանելի, անդարմանելի եւ որոշ տխրութեամբ մը, որ փոխանակ անցեալ սուգերու արդիւնքը ըլլալու կարծես աւելի կը դիմաւորէր գալիք վիշտեր։ Դէմքը շրջանակուած էր անխնամ մօրուքով, բայց իր թարմ շրթները գորովանք եւ բարութիւն կը ներշնչէին։ Լայն քիթ մը իր տարածուած ռունգերով կը շեշտէր այդ տպաւորութիւնը։ Բայց ինչ որ գլխաւորաբար ուշադրութիւն կը հրաւիրէր այն զսպուած յուզմունքի, զսպուած ուժգին զգացումներու արտայայտութիւնն էր որ յանկարծակի կը մատնուէր ձայնի շեշտէն, կեցուածքի բռնազբօսիկ անճկունութենէն ու մանաւանդ նայուածքէն, բեռնաւորուած յուսահատ տխրութիւնով։

— Կարող ենք երկար սպասել այստեղ… ուշ պիտի հասնենք Բագու… գիշերը վատ անցուցիր, բոլոր ժամանակը հազացիր, արի՛ երթանք մի բաժակ թէյ խմենք, քսան րոպէ պիտի մնանք այստեղ։

— Չէ՛, Ստեփան, չեմ ուզում իջնել, դու գնա՛ թէյ խմելու, իմ մասին մի մտածիր, խնդրում եմ…

Ստեփան յառաջացաւ մինչեւ դուռը, բայց անգամ մըն ալ ետեւ դարձաւ կարծես բան մը ըսելու համար, պահ մը կանգ առաւ, բայց Սաթենիկ կռնակը դարձուցեր էր կրկին եւ անիկա հեռացաւ այլեւս առանց առարկելու։ Դուրսը վակոնին առաջքը դանդաղցուց քայլերը եւ աչքերը սեւեռեց Սաթենիկի մտազբաղ դէմքին, որ վերջապէս նշմարելով զինքը ժպտեցաւ իրեն երկարօրէն. Ստեփան րոպէ մը մնաց այդ նայուածքին ու ժպիտին հրապոյրին տակ ու յանկարծ ընդոստ շարժումով մը հեռացաւ դէպի պիւֆէ ն աւելի եւս մխրճուած իր սովորական տխրութեան մէջ։

Հակառակ իր մտազբաղութեան Սաթենիկ նշմարեց Ստեփանի նայուածքը… առաջին անգամը չէր նաեւ որ խռովիչ հարցում մը ներկայացաւ մտքին, արդեօ՞ք… բայց իրողութիւն այն էր որ տրամադիր չէր իրմէ դուրս ուրիշ հոգիի մէջ մտնելու, որովհետեւ ամէն կարգի յորդ զգացումներ կը խեղդէին զինքը։

Արդէն իսկ դեռ Բագու չհասած յոգնած ու սպառած էր, մշտնջենական հրայրք մը կը մաշեցնէր զինքը ու երջանկութիւնը կը ներկայանար իրեն այնքան բարդ հանգոյցներով որ իրեն կը թուէր թէ պիտի նախընտրէր հրաժարիլ ամէն բանէ, միեւնոյն ատեն ազատագրուելու համար այն հոգերէն, որոնց բեռան տակ ճնշուած էր. բայց, անխուսափելի էր ինչ որ պատահեր էր իրեն. տեսեր էր վիհը բացուած իր մտքերուն առաջքը, կարողացեր էր չափել խորութիւնը այդ վիհին, բայց թեթեւութեամբ նետուեր էր կրկին այնտեղ կուրացած ու խլացած, լռեցնելով իր մէջ բոլոր առարկութիւնները, բոլոր նկատողութիւնները։ Անիկա մտեր էր կեանքի այն ճամբուն մէջ զգալով հանդերձ որ կը խրուէր մութ անորոշութեան մէջ։

Շաբաթներէ, ամիսներէ ի վեր քաոս մը կար իր հոգւոյն մէջ եւ եթէ իր կեանքի սովորական ընթացքին երբեմն կը յաջողէր մոռնալ այդ քաոսը, այս միջոցին որոշակի տիրապետուած էր անկէ. կարծես իր հոգիին խորքերէն աղմկալի եւ անհասկանալի ճիչեր կը բարձրանային, տառապանքի, ցաւի կոչեր, զղջումի տարտամ վանկեր, տարակոյսի գալարումներ, եւ այդ բոլորին վերեւ կը ծածանէր չարաբաստիկ նախազգացումներու մռայլ ամպ մը։

Աւելի տժգոյն եւ կարծես աւելի նիհարած, Սաթենիկ թողուց պատուհանը եւ ինկաւ բազմոցին վրայ. արտեւանունքները ծանրացած սքօղեցին աչքերը, սովորական շարժում իրենց համար, որ մասնաւոր եւ անդիմադրելի հրապոյր մը կու տար իր դէմքին, որովհետեւ ամէն անգամ որ դանդաղօրէն բարձրացնէր իր կոպերը աչքերը կը յայտնուէին իրենց շքեղ գեղեցկութեան լրումին մէջ եւ ամէն անգամուն, նոյնիսկ իրեն ընտանի մարդոց, անօրինակ զարմացում մը եւ շլացում մը կը ներշնչէին, ինչպէս յայտնութիւնը անակնկալ գեղեցկութեան մը. իր նրբին ու ճերմակ ձեռքերը կը գալարուէին ծունկերուն վրայ։

«Ահա հասնում եմ Բագու, կը մտածէր իւրովի, Բագո՜ւ… կէս ժամից, երեք քառորդից… թերեւս արդէն իսկ կայարանն է… օ՜հ, սիրելիս… կրկին տեսնել քեզ ու մեռնել… մեռնել երջանկութեան այդ րոպէին մէջ, երբ տակաւին չէ թունաւորուած անիկա»։

Տխրագին ժպիտ մը ուրուագծուեցաւ շրթունքին վրայ ու յիշեց ուրիշ անգամներ… արեան ալիք մը վարդագունեց այտերը, մինչեւ ճակատը ու գլխարկին կիսաստուերին մէջ կապոյտ աչքերը ընդլայնուած յուզումէն փայլատակեցին, ի տես անշօշափելի եւ անմատչելի երջանկութեան մը։

Քարափին վրայ ոտնաձայներու յաճախումը սթափեցուց զինքը ու կրկին ոտքի ելաւ. հեռուէն տեսաւ Ստեփանը, որ կու գար. ա՜հ, սիրելի ու բարի ընկեր, հարազատ եղբօր պէս, բայց ահա… քիչ յետոյ կրկին անոր տխուր աչքերը պիտի նայէին իրեն, յանդիմանութիւնով, պիտի ուզէր որ անիկա չհանդիպէր Գարեգինին. իր սեփական երջանկութեան ամօթխածութիւնը զինքը անհանգիստ կ’ընէր ու նաեւ այն բանը, որ Ստեփան նախ ակնարկութիւններով եւ յետոյ սքօղուած բառերով եւ վերջապէս ուղղակի իրեն խօսեր էր այդ խնդրին վրայ. Սաթենիկ առանց բառ մը արտասանելու լսեր էր Ստեփանի զսպուած զայրոյթը, յուզմունքը ու հրաւէրը հրաժարելու այդ պատմութենէն… Ինչո՞ւ այդ անօրինակ յուզմունքը… Ստեփան, որ միշտ ներողամիտ եւ անփոյթ գտնուած էր այդ կարգի խնդիրներու մասին, ինչո՞ւ այդ մասնաւոր հոգածութիւնը ունէր, եւ նաեւ այս վերջին ճամբորդութիւնը իրեն հետ, առանց բանաւոր պատճառի… անգամ մըն ալ խռովիչ հարցումը ներկայացաւ Սաթենիկի, արդեօ՞ք… բայց այս անգամ ալ ժամանակ չունեցաւ միտքը սեւեռելու այդ մտածումին, որովհետեւ անմիջապէս անհնարին անձկութեամբ մտածեց։

— Եթէ կայարանը չլինի… եթէ մի արգելք ունենայ, եւ այդ արգելքը ամենէն ծանր մտածումն էր իր հոգերուն։

Քանի-քանի անգամներ սպասումի տաժանելի ժամերու, երբ րոպէները դարերու ծանրութեամբ կը թաւալէին, հոգին պրկուած ցաւի գալարումներով խորհեր էր որ աւելի թեթեւ է լսել թէ արկած մը պատահած էր իր սիրելիին, քան թէ անոր շրթունքներէն լսել որ արգելք ունեցեր էր…։ Այո՛, ստիպուած էր հանդարտութիւնը պահել, եթէ քանի մը րոպէէն երբ Բագու հասնէր ու չտեսներ զայն կայարանը, առաջին րոպէէն նոյնիսկ հեռուէն… ստիպուած էր պաղարիւնը պահել։ Եթէ նոյնիսկ գնացքը կենար եւ իր անձկագին նայուածքը ի զուր թափառէր կայարանի քարափին երկայնքին, թափանցէր շէնքէն ներս, յետին յոյսով որ հոն պիտի գտներ սիրելին… այդ բոլորը ունենալով իր հոգւոյն մէջ պէտք էր սանձել իր սլացումները, պէտք էր զսպել իր անհամբերութիւնները ու պարզ անցորդի նման պէտք էր հանդարտութեամբ քալէր Ստեփանի կողքին, զբաղելով իր բեռներով, վերյիշելով նասիլչիկ ին թիւը, դողացող մատներով բանալով պակաժ ի ստացական թերթիկը, մինչ ուղեղին մէջ պիտի մխուէր հետզհետէ սա միակ ողբական գաղափարը.

— Հապա ես ինչո՞ւ եկայ Բագու։

Սաթենիկ յանկարծ սթափեցաւ. դեռ Պալաճարի էին, ի՜նչ սփոփանք, դեռ չարիքը չէր պատահած, կարող էր չպատահիլ. ներելի էր իրեն յուսալ քանի դեռ չարիքի ստուգութիւնը չկար, ոչ միայն ներելի էր յուսալ, այլ իրաւունք ունէր մտածելու որ իր սիրելին նոյնքան անհամբեր, նոյնքան յուզուած իրենց կրկին տեսութեան յոյսով արդէն իսկ կայարանն էր, կամ առ առաւելն ճամբան էր, օ՜հ, սիրելի դէմքը ուրախութեամբ պայծառացած եւ ինքն էր, խեղճ տանջուած կին, որ ուրախութիւնը կը շնորհէր անոր ու այն ժպիտը, որ այս պահուս կը ծաղկէր անոր խոհական, լուրջ եւ յուզուած դէմքին վրայ իր տանջուած հոգիէն արձակուած ճառագայթ մըն էր։ Խնդրեր էր որ երթայ Բագու… գոնէ զիրար կը տեսնէին, յիշեց սիրելի տողերը վերջին նամակին. «Ինչքան էլ արգելք լինի մեզ չեն կարող արգիլել որ աչքերս տեսնեն քո հրաշալի աչքերը, որ քեզ զգամ իմ մթնոլորտին մէջ, որ արբենամ քո հոգու բոյրով…»։ Արգելք ըլլան մե՜զ… փափկանկատութիւն մըն էր այդ յոգնակին, միայն մէկն էր գլխաւոր արգելքը, մնացեալը պատրուակներ էին. գործեր, պատշաճութիւն… ո՜վ ուշադրութիւն դարձուցեր էր այդ արգելքներուն, երբ միակ ու գլխաւոր Արգելքը չկար, ամիսներ առաջ, երբ զգացումներու անզսպելի յորդումով մը իրենց հոգիները սերտօրէն գիրկընդխառն սլացեր էին առօրեայ կեանքէն վեր մաքուր ու պայծառ ոլորտի մը մէջ։

Գնացքը ճամբայ ելաւ. Ստեփան լուռ ու խոհուն զբաղած կը թուէր բեռները իջեցնելու նստարանին վրայ… ահա հեռուէն նաւթահորերը իրենց բրգաձեւ բարձրութիւններով, անտառի մը պէս խիտ, ահա Բագուն հեռուէն, Աւշարոնի անապատին մէջ գրեթէ առանց Սիլուէթ ի… դժոխք թէ դրախտ իրեն համար. ո՜վ գիտէ թէ իր ճակատագրի գործաւարուհիներէն մէկը իր վհուկի մատներով ի՜նչ հիւսուած կը հիւսէր այս րոպէիս իրեն համար… բախտը որոշած էր արդէն, բայց վարագոյրը իր նիհար ու ճերմակ մատներով պիտի բանար… յանկարծ ընկրկեցաւ սոսկումով, կարծես պայծառատեսութեան րոպէի մը տեսաւ ու կարծեց տեսնել գալիք օրերը ու բնազդով կառչեցաւ Ստեփանին.

— Ա՜խ, Ստեփան։

Յորդ արցունքներ ողողեցին աչքերը, բայց չինկան այտերուն վրայ, իր ջղագրգիռ մատներով անգիտակցաբար բռնել էր իր ընկերոջ ձեռքը եւ անհնարին յուզումով մը կը գալարուէր։

— Սաթենի՛կ… Սաթի՛կ ջան, մրմնջեց Ստեփան եւ գրեթէ նոյնքան յուզուած իր ազատ ձեռքը դրաւ երիտասարդ կնոջ ուսին վրայ։ Ուզեց խօսիլ, բայց չկարողացաւ բառ մը արտասանել եւ իր հոգեկան խռովքին ազդեցութեան ներքեւ դէմքը առաւ աւելի խիստ արտայայտութիւն։

Ստեփան գիտէր ամէն բան եւ կը գուշակէր Սաթենիկի այդ պահու յուզմունքին պատճառը. իր էութեան խորքերէն ձայն մը կը խօսէր եւ կարծես զինքը փորձութեան կ’ենթարկէր։ Տարտամ յոյսը ունեցաւ որ Սաթենիկ Բագու կ’երթար առանց հրաւէրի, այնպէս, մղուած իր զգացումներէն. գիտէր նաեւ արգելքը, կը գուշակէր իր բարեկամուհիին բոլոր տառապանքը եւ գերբնական ջանքեր կ’ընէր զսպելու համար այն բնազդական եւ չար ուրախութիւնը, որ այդ մտածումները կը ներշնչէին իրեն։ Թիֆլիսէն մեկնելէն ի վեր հարցում մը հազար անգամ եկեր էր իր շրթներուն՝ բայց զսպեր ու լուռ մնացեր էր, այս անգամ վերջապէս հարցուց.

— Ո՞ւրտեղ պիտի իջնես Բագւում։

Սաթենիկ իր խոնաւ աչքերը բարձրացուց դէպի Ստեփանն եւ պահ մը խորհեցաւ, յետոյ սթափեցաւ, մեղմութեամբ ուսը ազատեց ընկերոջը ձեռքէն, մատները թոյլացան, քիչ հեռացաւ նստարանին վրայ եւ պատասխանեց.

— Չգիտեմ։

— Եթէ չգիտես, կարող ես ինձ հետ գալ, ես պիտի գնամ իմ ազգականներիս մօտ, քեզ համար էլ տեղ կը լինի, ի հարկին իմ տեղս կու տամ քեզ։

— Չէ՛, Ստեփան։

— Ինչի՞… տխուր կը լինի քեզ համար, մինակ։

Ձայնը դողդղաց եւ կանգ առաւ. Սաթենիկ չպատասխանեց եւ ինքն իր մէջ ամփոփուած, հոգին անձկութեամբ լի, զգաց որ հետզհետէ եւ արագութեամբ կը մօտենային Բագուին։

Ա՜խ… սիրելիս… երա՞զ է թէ իրականութիւն, գնացքը հազիւ կեցած Գարեգին Միքայէլեան կը մօտենար վակոն ի դռնակին։ Սաթենիկ անմիջապէս տեսեր էր զայն եւ տարօրինակ հանդարտութիւն մը յանկարծական հակազդեցութիւն էր յառաջ բերել իր ջղային վիճակին մէջ։ Ստեփան եւս տեսեր էր զայն եւ գրեթէ բրտութեամբ ըսեր էր Սաթենիկին.

— Ահա քո լաւագոյն բարեկամը, այլեւս պէտք չեմ քեզ։

Հազիւ գնացքը կանգ առած՝ Ստեփան իր միակ պայուսակը ձեռքը իջեր ու անհետացեր էր բազմութեան մէջ, բայց Սաթենիկ ժամանակ չունէր նոյնիսկ անդրադառնալու այդ բոլորին. իր աչքերը անյագ կարօտով սեւեռած էր սիրելիին վրայ, անհամբեր էր առաջին խօսքերը փոխանակել անոր հետ. գոհ էր նոյնիսկ որ Ստեփան հեռացեր էր ու այդպէսով մինակ կը մնար իր Գարեգինին հետ։

Գարեգին Միքայէլեան բարձրահասակ, բարեձեւ եւ ազնուական երեւոյթով մարդ էր. իր քիչ մը շատ կարգին մարդու արտաքինը տեսակ մը հանդիսաւորութիւն կու տար իր խօսքերուն եւ շարժումներուն. շագանակագոյն գրեթէ խարտեաշ մազերով, ակնոցներուն ներքեւէն պսպղացող գորշագոյն աչքերով դէմքը իր կանոնաւորութեամբ ցուրտ եւ անհաղորդ ընդհանրապէս, յուզումի մէջ կը ստանար բացառիկ համակրելիութիւն եւ ջերմութիւն. իր մաքուր շրթները շատ կարճ կտրուած պեխերուն ներքեւէն կը ճպտէին հոգեզմայլ ուրախութեամբ, կարծես վերացած էր բացառիկ զգացումով մը եւ իրաւամբ իր սէրը Սաթենիկին համար տեսակ մը ջերմեռանդութիւն էր, գրեթէ կրօնական հանդիսաւորութեամբ։

Գարեգին Միքայէլեան առաջնորդեց Սաթենիկը դէպի կայարանի շէնքը, ուրկէ քիչ յետոյ հասան ելքի դուռը։ Երկուքն ալ կարծես երազի մէջ էին եւ իրականութեան զգացումը կորսնցուցած. երկուքն ալ առ այժմ անձնատուր էին իրարու մօտ ըլլալու ուրախութեան եւ վերստին տեսութեան կարծես անիրականանալի նպատակին իրագործման առթած երջանկութիւնը կ’ապրէին ամբողջ իրենց հոգիով։ Հազար բան ունէին իրարու ըսելիք, հազար բան մտադրեր էին իրարու բացատրել երբ կրկին տեսակցէին. ամիսներու ընթացքին կուտակուած գանգատներ, կասկածներ, մտահոգութիւններ, դեռ երէկ, դեռ ժամ մը առաջ լուսաբանութեան կարօտ էին, բայց այդ պահուն բոլոր տարակոյսի ստուերները ցրուած էին եւ մէկը միւսին նայուածքին, յուզմունքին եւ դողդողացող ժպիտին մէջ կը գտնէր բոլոր տանջող հարցումներուն պատասխանը։

Եթէ կարելի ըլլար որ այս այսպէս շարունակուէր անընդհատ, եւ անվերջ եթէ գոնէ կարելի ըլլար իրենց սահմանուած կեանքի ապագայ ընթացքը խտացնել եւ կեդրոնացնել այդ պահուն ընծայած երանութեան մէջ, բայց գիտէին որ առաջին անկիւնադարձին երջանկութեան տեսիլքը պիտի պղտորէր հրամայական եւ յաճախ ըստ ինքեան սնոտի անհրաժեշտութիւններով։

Քանի կայարանի խիտ բազմութեան մէջ էին անոնք ոեւէ ուշադրութիւն չէին ըներ իրենց շարժուձեւերուն, նոյնիսկ Գարեգին բռներ էր Սաթենիկի ձեռքը եւ գորովանքով կը սեղմէր, միեւնոյն ատեն զինքը յառաջացնելով, բայց անգամ մը որ ելքի սանդուխներուն մօտեցան, ծանօթներ բարեւեցին Գարեգին Միքայէլեանը եւ անիկա յանկարծակի իր բարեկամուհիին ձեռքը թողուց։

Տխրութեան ամպ մը անցաւ երիտասարդ կնոջ դէմքին վրայէն եւ ժպիտը ու աչքերուն հուրքը մարեցան. այսուամենայնիւ ջանաց ինքզինքը զսպել, բայց արդէն իսկ իր ուրախութեան լիութիւնը խանգարուած էր. հասնելով ելքի դրանը աչքերով փնտռեց Գարեգինի ինքնաշարժը, բայց անմիջապէս տեսաւ որ անիկա այնտեղ կեցող ցանցառ կառքերէն մէկուն կառապանին նշան կ’ընէր որ մօտենայ։

Հազիւ տեղաւորուած կառքին մէջ, Գարեգին ըսաւ.

— Մեթռոպոլ հիւրանոցում շատ լաւ սենեակ պահել եմ քեզ համար… ։

Սաթենիկ գլխով հաւանութեան նշան ըրաւ։

Գարեգին աւելցուց.

— Յոյս ունեմ որ մի քանի օր անամպ երջանկութեամբ կ’անցնենք։

Սաթենիկ ուզեց պատասխանել «եթե արգելքներ չունենաս», բայց նայուածքը մոլորեցաւ տարտամի մէջ։

Պահ մը ծանր եւ ճնշիչ լռութիւն.

— Ա՜խ, սիրելիս, ընդհատեց վերջապէս Գարեգին, ինչքան կարօտել էի քեզ. հոգիս ծարաւի էր քո տեսութեանը, երբ քեզ հրաւիրեցի… այո՛… պէտք է ասեմ որ իմ ամենաերջանիկ ժամերս այն րոպէներն էին երբ վերջապէս առանձնացած իմ սենեակիս մէջ վերյիշում էի այն օրերը… այն օրերը որ ապրեցանք միասին… այդպիսի մի ժամու էր որ ընկճուած քո կարօտով, եւ զգալով թէ այլեւս չեմ կարող ապրել առանց քեզ, վճռեցի քեզ հրաւիրել։

Ձեռքին մէջ առաւ Սաթենիկի ձեռքը ու մատները կը դողդղային, Գարեգինի դէմքը տխուր էր այդ րոպէին եւ ստացեր էր այն լուրջ հանդիսաւորութիւնը, որ զինքը այնքան համակրելի կը դարձնէր. իր ակնոցներուն տակէն աչքերը խոնաւ էին խանդաղատանքով…

— Ների՛ր ինձ, աւելցուց անիկա, անհանգիստ Սաթենիկի լռութենէն, ես չմտածեցի քո դժուարութիւնների ու արգելքների մասին։

Սաթենիկ տարտամ նշան մը ըրաւ իր ազատ ձեռքով։

— Ես չմտածեցի, որովհետեւ այնքան գրաւուած էի քեզ տեսնելու պահանջով որ եթէ չգայիր… ես պիտի գայի Թիֆլիս…

— Կարո՞ղ էիր գալ Թիֆլիս, հարցուց վերջապէս Սաթենիկ, յուզմունքէն խեղդուած ձայնով։

— Ո՛չ, չէի կարող… բայց ամէն ինչ ոտքի տակ առնելով պիտի գայի… ժամեր կան, Սաթենիկ, որ զգում եմ թէ կարող եմ… ստիպուած եմ ամէն ինչ քանդելու։

Երախտապարտ այդ խօսքերէն, Սաթենիկ իր նայուածքը բարձրացուց դէպի Գարեգինը եւ իր հոգւոյն բոլոր ներզօրութեամբը նայեցաւ անոր։

— Դու ինձ յիմարացնում ես, Սաթենի՛կ… ես ինքս ինձ չեմ ճանաչում… այն մարդը որ ես եմ քեզ հետ եւ քեզ մտածելի… նման չէ այն մարդուն որ էի, որ եմ ընդհանրապէս… դու տարօրինակ վհուկ ես ինձ համար. ու սոսկալի ես երբ մօտ ես, բայց շատ աւելի՝ երբ հեռու ես եւ ես չեմ կարող մի րոպէ ուշադրութիւնս հեռացնել քո յիշատակից… Սաթենի՛կ ջան, սիրելի՛ս… մի դարձրու աչքերդ ինձանից, ես այնքա՜ն, այնքա՜ն տառապեցի, բայց համարեա թէ երջանիկ էի քեզ համար տառապելով։

Կառքը կայարանի հեռաւոր թաղերէն մտեր էր արդէն Թելեֆոնայա փողոցը, անցան պալշայէ Մարքսքայայէ, ահա Մալականսքի փոքրիկ պարտէզը, որուն ցանկապատին առաջ ուշ գիշեր ատեն առաջին անգամ Գարեգին խօսեր էր իր սիրոյ մասին։

Ամէն մէկ քայլը, ամէն մէկ փողոցը յիշատակներ կը ներկայացնէին. տուներու եւ շէնքերու սիլուէթ ները կ’ոգեկոչէին ցցուն պատկերներ իրենց քաղցր ու դառն մօտիկ անցեալէն. տեսակ մը անշօշափելի բան իրենց հոգիներէն, խառնուեր էր այդ անտարբեր, փակ եւ օտար շէնքերու դրսերեւոյթին։ Երջանկութեան ցոլք մը, իրենց սեփական երջանկութեան րոպէներէն ժայթքելով տակաւին կը մնար մթնոլորտին մէջ. պատահական անցորդներ իսկ կը կրկնէին այն օրուայ այն ժամու անցորդներու շարժումները։

Սաթենիկ յիշեց մղձաւանջի պէս իր առաջին մեկնումը, իր որոշումին սոսկալի ժամը, ու Բագուէն հեռու անցուցած օրերուն անչափելի ձանձրոյթը ու անձկութիւնը ու կրկին ահա այստեղ էր, Նիքոլայեւսքայա փողոցին անկիւնը իր սիրելիին հետ, կարծես կարճ պտոյտէ մը վերադարձին, ապա Պարապէտի պարտէզը, մուտքի դրան մանրավաճառը իր փոքրիկ արկղով եւ գետինը տարածուած փոքրագին ապրանքներով, ու իրեն թուեցաւ որ մեկնման ժամը կը կապուէր ժամանման րոպէին հետ ու մնացեալը մղձաւանջ մըն էր, գէշ երազ մը, որուն տպաւորութիւնը կը ցրուի այգուն առաջին ժամուն։

— Գարեգի՛ն, սիրելի՛ս… մրմնջեց անիկա իր մասնայատուկ շեշտով, որուն հնչիւնին բիւրեղային մաքրութիւնը կարծես քօղարկուած էր խեղդուկ ու զսպուած յուզումի մէջ։ Սաթենիկի խօսակցութեան ձայնը առաջին օրէն մոգական ազդեցութիւն ունեցեր էր Գարեգինի վրայ։ Անոր առաջին վանկին բոլոր հոգւովը խռովուած զգացեր էր եւ այդ խռովքի ընդմէջէն է որ տեսեր ու սիրեր էր Սաթենիկի նիհար ու տժգոյն դէմքը, որ տարբեր հանգամանքներուն մէջ կարող էր իր ուշադրութիւնը չգրաւել։

— Գարեգի՛ն, սիրելի՛ս, կրկնեց անիկա, միթէ՞ իրաւ է որ քեզ մօտ եմ, ձեռքս ձեռքիդ մէջ ու այս ճամբի վրայ, այս պարտէզի դիմաց… ահա Մեթրոպոլը… օ՜հ, ինչպէ՛ս սիրում եմ ամէն ինչ, նոյնիսկ անշունչ առարկաները… աչքերս, ականջներս ու սիրտս տօնի մէջ են այս րոպէիս ու ամբողջ հոգիս բոցավառուած է երջանկութիւնով…

Արցունքի կայլակներ ողողեցին աչքերը, բայց անիկա կը ժպտէր մեղմօրէն եւ մինչ թարթիչներուն վրայ արցունքի շիթեր կը դողդղային, իյնալէ առաջ ծայրով կը սրբէր այտին վրայ խոնաւ հետքը։ Անիկա յուզմունքի սաստկութենէն չկրցաւ այլեւս խօսիլ եւ նաեւ որովհետեւ զգաց թէ որքան իր խօսքերը տկար ու տժգոյն էին բաղդատմամբ այն փոթորկալի զգացումներուն, որոնք կարծես անընդհատ կը փայլատակէին իր հոգւոյն մէջ։

Ուրկէ՞ կը բղխէր ուժգնութիւնը իր հոգեկան խռովքին. կարծես ուրիշ անձ մը ուրիշ անծանօթ էութիւն մը կը յայտնուէր ինքզինքին եւ այդ միշտ այդպէս եղած էր Գարեգինի ներկայութեան։


**


Երբ հիւրանոց մտան ծառաները փութկոտութեամբ մօտեցան Գարեգինին եւ խոնարհաբար յայտնեցին որ պարոնին սենեակը դեռ պատրաստ չէր եւ խնդրեցին որ պարոնը հաճէր կէս ժամու չափ սպասել սալոնը։

Գարեգին լսելով որ Սաթենիկ չէր նախաճաշած, մտան ճաշասրահ եւ գացին առանձին անկիւն մը։

— Ի՞նչ ես ուզում, սիրելիս։

— Քոֆէ կաթով։

Գարեգին ապսպրեց մէկ նախաճաշ. ինքը իր թէյը առեր էր կայարան գալէ առաջ։ «Ի հարկէ, մտածեց Սաթենիկ, տանը պէտք չէր որ գուշակէին թէ ինձ պիտի հանդիպի»։ Անձկալի արտայայտութիւն մը ստացաւ դէմքը, ժպիտը անհետացաւ եւ աչքերը սկսան սեւեռել իր բարեկամը, բայց անմիջապէս գլուխը հակեց եւ ապաստանեցաւ գլխարկի ստուերին մէջ։

— Ինչի՞ մռայլուեցիր, սիրելի՛ս, կարծես մի ինչ որ չար մտածում անցաւ դէմքիդ վրայէն, ու Գարեգին մատովը սպառնական շարժում ըրաւ. ուզեց ժպտիլ ու կատակել, բայց ահա իր դէմքն եւս մթագնեց։

— Գիտես որ ես որոշեր եմ անկեղծ լինել քեզ հետ եւ մենք որոշեր ենք փոխադարձաբար ոչին չծածկել իրարից…

Օ՜հ, այդ անկեղծութիւնը. Սաթենիկ փափաք ունէր պաղատելու որ ստէր, կեղծէր ու խնայէր իր դիւրազգացութեանը. սիրտը պլպլացող լոյսի մը պէս կը դողդղար այդ անկեղծութեան առաջ. անիկա յաճախ այդ գովաբանուած անկեղծութիւնը կը համարէր կոպտութիւն, առնուազն անփափկանկատութիւն. բայց միեւնոյն ատեն հետաքրքիր էր գիտնալու, տանջալի հետաքրքրութիւն մը, նման հիւանդագին ախորժակի, աւելի սուր եւ աւելի խոր ցաւի զգացումը ճաշակելու։

— Ուզեցի քեզ հետ նախաճաշել, բայց անհնարին եղաւ… Հեռագիրդ հասաւ ուշ եւ քանդոր ի պաշտօնեան կարծելով թէ շտապողական է ուղարկել էր տունը… ծառային պատուիրել էի որ ոչինչ չղրկեն տուն, ես ինքս պիտի անցնէի կրկին քանդոր… Այնքան անհամբեր էի քո հեռագրին որ երբ ստացայ ամէն ինչ մոռացայ եւ նրա ներկայութեան բաց արի։ Պահ մը լռեց ու այլեւս անձնատուր իր զգացումներուն, իր վրդովմունքի, կարօտի անհամբերութեան յիշողութիւններուն, առանց նայելու Սաթենիկին, շարունակեց.

— Հազար նամակ ու հեռագիր են ուղարկում տուն, բայց այդ մէկը իր ուշադրութիւնը գրաւեց. ընդհանրապէս բութ եւ անտարբեր, նա անմիջապէս ստանում է այս խնդրի վերաբերմամբ տարօրինակ հոտառութիւն եւ նոյնիսկ պայծառատեսութիւն։

Սաթենիկի նայուածքը կրկին բարձրացաւ դէպի իր բարեկամը աղերսական արտայայտութեամբ։ Այդ տանջալի նայուածքը ըսել կ’ուզէր. — «Ի սէր Աստուծոյ, մի՛ խօսիր նրա մասին, մի թոյլ տար որ այդ խրտուիլակը իմ երջանկութեանս ճամբի վրայ կանգնի մղձաւանջի պէս, ընդհակառակը օգնիր ինձ որ մոռանամ նրա գոյութիւնը, այնպէս ինչպէս եթէ չլինէր, ինչպէս եթէ երբեք եղած չլինէր»։

Բայց Գարեգին անձնատուր իր մտածումներուն՝ կը շարունակէր. նոյնիսկ պահ մը հոգեկան ժպիտը ուրուագծուեցաւ շրթներուն վրայ. ձայնը լի էր զսպուած խնդուքով։

— Նաթալիա Վասիլիեւնա նետեց ապուրի գդալը, կակաչի պէս կարմրեցաւ զայրոյթէն եւ գոռաց.

«Գիտեմ որտեղից է այդ հեռագիրը…»։

— Քո սիրելի երկտողը դրի սեղանին վրայ բաց եւ պատասխանեցի. «Գիտես… այդ շատ լաւ է որ գիտես… ուրեմն ինձ հանգիստ թող»։ Բայց նա բաւական չէր իմ պատասխանէս. կարծես ուզում էր որ իմ շրթներս արտասանէին քո սիրելի անունը… ա՜խ, ջանս… տեղեր կան ուր չեմ կարող քո անունը արտասանել. այդ շատ լաւ զգացել է Նաթալիա Վասիլիեւնան… ես քո անունը կարող եմ արտասանել այն մարդկանց մօտ, որ քեզ սիրում են, որ քեզ յարգում են եւ որոնք ի պատասխան իմ գողտր յուզումիս, բարեացակամութեամբ կը ժպտան, որ կարծես մի ինչ որ ազնիւ զգացումով կը բաժանեն իմ համրումը քո մասին. բայց իմ տան մէջ… Նաթալիայի ներկայութեան…

Պահ մը լռութիւն տիրեց եւ Գարեգին զգացումներու զեղումով մը բռնեց Սաթենիկի ձեռքը.

— Սաթի՛կ ջան, քո գեղեցիկ աչքերը ինձ դարձրու, ուզում ե՞ս չխօսենք այդ մասին… ի՜նչ լաւ արիր որ եկար… այդ հեռագիրը… վաղ առաւօտից սպասում էի, խելագարի նման էի անհամբերութիւնիցս ու չգիտեմ ի՛նչ կար սրտիս մէջ որ պիտի հեռագրես թէ չես կարող գալ… այնպէս որ երբ կարդացի, «Էգուց առաւօտ կը հասնեմ Բագու», այնպիսի լիառատ ուրախութիւն լոյսի պէս ողողեց ինձ որ կարծեցի թէ կարող եմ յաղթահարել ամէն դժուարութեան, արգելքի… Նաթալիա Վասիլիեւնան հետզհետէ աւելի կատաղած առաւ հեռագիրը ու մէկ ակնարկով կարդաց։

— «Ինչպէ՞ս է համարձակւում Սաթիկ ստորագրել իր հեռագիրը, ի՜նչ մտերմութիւն… ինձ համար պարզ է այլեւս… այդ…»

— Թոյլ չտուի որ շարունակէ. եթէ ոեւէ նախատական բառ արտասանէր քո հասցէին, ես այլեւս ինքս իմ տէրը չէի, ես այլեւս կարող էի թողուլ ու հեռանալ… այլեւս երբեք չէի կարող տեսնել նրա երեսը. կարծես զգաց ու ինքն իրան զսպեց. բայց դէմքը խոժոռ էր եւ սպառնական. մի բառ եւս իմ կողմից եւ փոթորիկը կը պայթէր, եւ ես ուզում էի այդ սպասման գիշերը անց կացնել խաղաղ, մտածելով միայն քո մասին եւ ճաշակելով առաջուց քեզ կրկին տեսնելու ուրախութիւնը։ Թողուցի զինքը հանգիստ ու այլեւս չխօսեցինք քո մասին։ Այս առաւօտ միայն հարցրեց. — «Ինչի՞ ես շտապում»։ — «Պիտի երթամ կայարան»։ — «Ես այդ լաւ գիտէի»։ Ուրիշ ոչինչ, բայց երբ սամովարը տեսայ պատրաստ ու որդիս այնտեղ մօրը կողքին, չուզեցի կրկին պատմութիւն սարքել… շտապով նախաճաշեցի եւ եկայ քեզ գտնելու։

Սաթենիկի ձեռքը կը դողար Գարեգինի ձեռքին մէջ եւ ամբողջ էութեամբ կը սարսռար յուզումէն. ուզեց բան մը ըսել, բայց շրթները տժգունեցան ու դողացին. ոտքի ելաւ կարծես խուսափելու համար իր յուզմունքէն, բայց դեդեւեց ու ինկաւ կրկին իր աթոռին վրայ. իր կապոյտ եւ գեղեցիկ աչքերը լեցուեցան արցունքներով եւ գերմարդկային ճիգեր կ’ընէր իր դէմքի վշտի ծամածռութիւնը, որ կը զգար թէ կ’ուրուագծուէր, պարզելու համար։ Գարեգին զարմացած կը նայէր անոր եւ կ’ուզէր հասկնալ բուն պատճառը այդ վշտին. տարտամ զգացումը ունէր իրականութեան, բայց իր բարեմիտ մարդու պարզ հոգին անկարող էր թափանցելու իր սիրելի Սաթենիկի հոգեկան բարդ եւ սուր տանջանքին։ «Ինչո՞ւ, Տէր Աստուած», կը հարցնէր ինքնիրեն մեքենայաբար։ Եւ թէեւ այդ ինչո՞ւին պատասխանը կ’ուրուագծուէր մտքին մէջ, բայց կը խուսափէր կանգ առնելու այնտեղ։ Այդպէս էր իրականութիւնը. Գարեգին պատրաստ էր իր հոգին կորսնցնելու Սաթենիկին համար, պատրաստ էր ամէն կարգի զոհողութիւն ընելու անոր հանգիստին ու երջանկութեան համար։ Տեսնել անոր քաղցր ու սրտազեղ ժպիտը դէմքին վրայ… մէկ խօսքով փարատել այդ տխրութիւնը… այնպիսի երջանկութիւն էր որուն համար կարող էր յիմարութիւններ ընել, բայց տարօրինակ հոգեկան խանդով մը իր անձնուիրութեան եւ զոհողութեան թռիչքը կանգ կ’առնէր այդ կէտին վրայ, ինքն ալ չէր գիտեր ինչու։ Ասիկա անգիտակից ու անտրամաբանական արգելք մըն էր ու իրեն կը թուէր որ այդ մէկ կէտին վրայ չէր կարող տեղի տալի. ինքն ալ լռեց տխրությամբ եւ գրեթէ սրտմտած աչքերով նայեցաւ Սաթենիկին երբ անիկա՝ անձնատուր իր անսահման եւ յուսահատ վշտին, արցունքներով ողողուած աչքերը, յանդիմանութիւնով լի, դարձուց իրեն։


***


Մութը արդէն իջած էր հարուստ եւ կենսալիր քաղաքին վրայ եւ Մեթրոպոլ հիւրանոցի սրահներուն մէջ բազմութիւնը հետզհետէ կ’աւելանար։ Նրբանցքները ոգեւորուած էին անհատնում երթեւեկէն եւ խստապահանջ յաճախորդներու կանչի զանգակը յաճախակի կ’երկարաձգուէր. Սաթենիկ փակեր էր պատուհանի փեղկերը, մարեր էր սենեակին լոյսը, միայն վառ թողնելով սեղանի պզտիկ ելեքտրական լամբարը, որուն վարդագոյն լուսարգելէն մաղուած մեղմ լոյսին մէջ կը ջանար կարդալ եւ ժամանակը անցընել անզգալի. հագուած էր ճերմակ, ճկուն եւ պարզ հագուստ մը՝ մէջքին վրայ սեղմուած սեւ թաւշեայ նուրբ գօտիով եւ իր հոծ եւ գանգուր մազերու շրջանակին մէջ դէմքը կ’երեւէր աւելի նրբին՝ իր անշպար եւ թեթեւ մը վարդագոյն մորթով, որ ստացեր էր այդ կիսաստուերին մէջ անիրական թափանցիկութիւն։

Գարեգին մեկներ էր առաւօտուն խոստանալով միայն իրիկունը գալ, օրուան մէջ պարապելու համար իր զբաղումներով, որպէսզի ոչ ոք անսովոր բան չնշմարէր իր վարմունքին մէջ։ Փոխադարձաբար Սաթենիկ յանձն առեր էր չերեւալ ոչ ոքի, չյայտնել մինչեւ հետեւեալ օրը իր Բագու գալը, որպէսզի բացարձակապէս ազատ եւ հանգիստ ըլլային եւ կարենային երկար ժամեր իրար հետ անցընել առանց ոեւէ մտահոգութեան։ Սաթենիկ մտածեր էր պահ մը թէ Ստեփանը գիտէ, բայց մտքէն վաներ էր այդ մտահոգութիւնը՝ վստահ ըլլալով որ Ստեփան պիտի չգար զիրենք խանգարելու։

Ամբողջ օրը առանձին ու փակուած իր սենեակին մէջ, ուր եւ ճաշեր էր մինակը, Սաթենիկ փոխն ի փոխ անցեր էր ըմբոստութեան եւ համակերպութեան զգացումներէ. եւ վերջ ի վերջոյ ընդուներ էր կացութիւնը ինչպէս որ է, յաղթահարուած իր տիրական եւ անպարտելի սիորյ զգացումէն։ Ամբողջ օրուան բաբախուն յուզում մը, խառնուած սպասումի անհամբերութեան եւ գալիք ժամերու ընծայելիք երջանկութեան նախաճաշակին, զինքը պահեր էր հիւանդագին խռովքի մը մէջ. կարծես կեանքի իրականութիւնը կորսնցուցեր էր իր գիծերը, ամէն ինչ կը լողար տարտամի մը մէջ։ Իր հոգին պատրաստ էր անծանօթ եւ գերագոյն սլացումի մը, եթէ պահ մը մոռնար իր մտասեւեռումը, անմիջապէս կը թափանցէր եւ տենդագին սարսուռ մը կ’անցնէր իր ամբողջ էութեան մէջ։ Քանի ժամերը կ’անցնէին, այնքան իր հոգին կը բիւրեղանար եւ անկէ կ’անհետէին բոլոր ստուերները ու մտահոգութիւնները։ Կը յիշէր անցեալ տպաւորութիւններ գրեթէ համանման ու համարժէք զմայլանքով կ’անդրադառնար որ ժամանակը ոչ մէկ բանով չէր նսեմացուցած իր բուռն, անտեղիտալի զգացումներուն ոյժը եւ թարմութիւնը։

Օ՜հ, այն առաջին օրը, երբ սիրելի շրթները արտասաներ էին… եւ ինչքա՜ն յուզմունքով, գրեթէ պատանեկան խռովքով, յայտնաբերող բառերը… մութ էր եւ իր սիրելիին դէմքը ծածկուած էր փողոցի ստուերին մէջ… յուզմունքէ դեդեւուն, արբեցած անճարելի երջանկութենէ մը, Սաթենիկ դանդաղեցուցեր էր քայլերը։ Գարեգին կ’արտաբերէր դժուարաւ եւ տարօրինակ շեշտերով… եւ իրեն կը թուէր որ երբեք մարդկային շրթներ այդպիսի վանկեր չեն արտասանած. կը մտաբերէր իր արտակարգ մտահոգութիւնը. եթէ այդ սիրելի շրթները դպէին իր շրթներուն գերագոյն համբոյրի մը մէջ, կը մեռնէր յուզմունքի եւ երջանկութեան սաստկութենէն։

Ինչպե՜ս գեղեցիկ էին երկուքն ալ իրենց մաքուր, ամբողջական եւ ուժեղ զգացումին մէջ։ Արտակարգ յուզում մը կատարեալ ներդաշնակութիւն կու տար իրենց խօսքերուն եւ շարժումներուն. որոշապէս կ’ըզգային որ ճակատագրական եւ անքննելի իրողութիւն մըն էր իրենց հանդիպումը, այն բարեբախտ եւ հազուադէպ դիպուածներէն մէկը, որ շնորհի մը պէս կ’ընծայուի մարդոց։

Ինչպէ՜ս գեղեցիկ էին երկուքն ալ փողոցի ամայութեան մէջ, գիշերուան ստուերներով քօղարկուած եւ զգաստ ու վայելուչ իրենց կեցուածքին ու խօսքերուն մէջ… խօսքեր… վանկեր անզօր արտայայտելու իրենց ներքին զգացումները… բայց ի՜նչ փոյթ, կարող էին լռել եւ դարձեալ հասկնալ զիրար, որովհետեւ իրենց հոգիները գիրկընդխառնուած էին արդէն եւ մանկական թոթովումներ էին իրենց խօսքերը, բաղդատմամբ այն անքակտելի ներդաշնակութեան, որ հաստատուած էր իրենց միջեւ։

Բայց ինչքան ալ տժգոյն ըլլային այդ արտասանուած վանկերը, Սաթենիկ զմայլանքով կը վերյիշէր զանոնք, ու նաեւ բոլոր աննշան մանրամասնութիւնները, քաղցր ու գորովագին ժպիտը սիրելի դէմքին վրայ ու իր տան դրան առջեւ, հրաժեշտի րոպէն, սիրելիին դողդոջուն շրթները ձեռքին վրան եւ անոր շիկնած դէմքը գորովանքով եւ սիրով պայծառացած։ Ինքը՜… ա՜հ, կը յիշէր ինքզինքը. ստուեր մը, որ խուսափուկ շարժումներով անցեր էր մուտքի նրբանցքէն, բարձրացեր էր սանդուխներէն, արտակարգ թեթեւութեամբ, կարծես ազատագրուած էր ֆիզիքական բեռէն, անէացած հոգեզմայլութեան մէջ. կը վերյիշէր եւ առաջին ակնարկը հայելիին մէջ… ինչքա՜ն տժգոյն էր եւ նրբացած, կարծես օտարական ինքզինքին… Սաթենիկ հաւատացած էր որ իր դէմքը մասնաւոր կնիք մը ստացեր էր այդ իրիկուն եւ բան մը անանցանելի կերպով մնացեր էր իր վրայ, բան մը որ չկար այդ ժամէն առաջ. Գարեգին զինքը այլափոխեր էր ու այն իրիկուան արտայայտութենէն ցոլք մը այլեւս ընդմիշտ իր դէմքը պիտի զարդարէր գերագոյն եւ անըմբռնելի գեղեցկութեամբ։

Հիւրանոցի ճաշասրահէն երաժշտական ծուէններ կը հասնէին մինչեւ իր սենեակը, բայց Սաթենիկ անուշադիր էր արտաքին աշխարհին. անգիտակցաբար միայն իր մտածումը կանգ կ’առնէր եւ ամէն ինչ կը նպաստէր իր յիշողութեան նոր զարթնում մը ունենալու։ Ուզեց յիշել իրենց առաջին հանդիպումի օրը։ Տիկին Աբգարեանի տանն էր ու ընկողմանած թիկնաթոռի մը մէջ կը լսէր Պեթհովէնի սոնատ մը, որ իր բարեկամուհին կը նուագէր դաշնակի վրայ։ Մութը կ’իջնէր հետզհետէ, բայց աղախինը գիտէր թէ պէտք չէ զիրենք խանգարէ։ Սաթենիկ ձեռքին մէջ ունէր կարմիր վարդ մը եւ երբեմն անոր բուրումնաւէտ թարմութիւնը կը մօտեցնէր տենդագին այտերուն, տեսակ մը անբացատրելի յուզում կը սարսռար մթնոլորտին մէջ… կը սպասէին… ի՞նչ բանի, չէին գիտեր, բայց դժբախտութեան եւ երջանկութեան ալիքներ կարծես իրարու խառնուած, հեռաւոր հորիզոններէ կը հասնէին դէպի իրենց։

Տիկին Աբգարեան դժբախտ կին մըն էր եւ կը սիրէր իր վիշտը օրօրել երաժշտութիւնով. դժուարահաճ էր իր բարեկամներու ընտրութեան մէջ, բայց կը սիրէր Սաթենիկի յուզուած լռութիւնը եւ հաղորդականութիւնը, ժամեր կը մնային այդպէս առանց խօսելու, երբեմն նուագելով, երբեմն կարդալով առանձին նոյն սրահին մէջ, մինչեւ որ մթութիւնը գար շրջապատել զիրենք աւելի կատարեալ եւ անդորր լռութեամբ, ու կը բաժնուէին իրարմէ առանց ադ լռութիւնը խզելու, առանց երբեմն իրար ձեռք տալու, վերջին նայուածքի մը, կամ յոգնած ժպիտի մը մէջ խտացնելով իրենց բոլոր ըսելիքները։

Այդ իրիկուն ալ երկու բարեկամուհիները թաղուած էին իրենց իմացական լռութեան մէջ երբ վերջապէս Տիկին Աբգարեան մօտեցեր էր դաշնակին. կարծես քաղցր եւ տխուր մտածումներու թափօր մը իրենց քունէն արթնցած կ’անցնէին միջոցին մէջէն եւ իր հոգին տաժանելիօրէն կը բացուէր արտասովոր ընկալումի մը համար։ Ինչո՞ւ այն իրիկուն եկաւ Գարեգին, գիտնալով Տիկին Աբգարեանի առանձնասիրութիւնը եւ իր դժբախտութենէն ի վեր ունեցած քաշուած կեանքը. հին բարեկամներ էին եւ երբեմն հազուադէպ կերպով կու գար Տիկնոջ այցելութեան, բայց այդ օրը… ի՞նչ բան դրդեր էր զինքը։ Աւելի ուշ մտերմութեան ժամերու մէջ Գարեգին բացատրեր էր. «Ամբողջ օրը խելակորոյս թիթեռնիկի նման էի, կարծես արբեցած մի ինչ որ անորոշ զգացումով, ես ինքզինքս չէի ճանաչում եւ ուզում էի սթափուիլ, բայց եւ այնպէս ամէն մի քայլս անում էի որոշ եւ վճռուած նպատակի համար. մութը իջնելուց յետոյ զարմանալի թախիծ պատեց ինձ եւ եկայ Տիկին Աբգարեանին այցելութեան. մարդկօրէն այսպէս տրամաբանեցի, խելացի ու հանդարտ կին է, ինձ կը հանգստացնէ…»։

Ու Սաթենիկ կը յիշէր մանրամասնութիւններ, դրանը զանգակը հնչեց, կողքի սրահին լոյսը վառուեցաւ, աղախինին ստուերը երկնցաւ ապակեպատ դրան ետեւ, աւելի հեռաւոր ստուեր մը դողդողաց այդ սրահին մէջ ու անհետացաւ։ Տիկին Աբգարեան կը շարունակէր սոնատը ու լրանալէ յետոյ միայն աղախինը հիւրին այցաքարթը բերաւ. Սաթենիկ ուզեց մեկնիլ, բայց Տիկին Աբգարեան ձեռքով նշան ըրաւ ու ժպտեցաւ — «Հետաքրքիր մարդ է» մրմնջեց վերջապէս… բայց այդ րոպէին արդէն Գարեգին մտաւ սրահ. ելեքտրական լոյսի կոճակը դարձուցին եւ ամէն ինչ ողողուեցաւ սպիտակութեամբ։ Երբ Գարեգին իրեն դարձաւ ծանօթանալու, կարծես առաջին ակնարկով չտեսաւ զինքը ու դէմքը պիտի դարձնէր, երբ կրկին նայեցաւ իրեն ու ակնարկը ակնթարթ մը կանգ առաւ ու տարօրինակ զարմացում մը նկատուեցաւ անոր դէմքին վրայ… այո՛, Սաթենիկ շատ լաւ կը յիշէր, զարմացում… եւ ահա Գարեգին անմիջապէս ստացաւ անթափանցելի հանդիսաւորութիւն մը, կարծես կ’ուզէր ինքզինքը պաշտպանել անթերի քաղաքավարութեան ձեւակերպութիւններու մէջ։

Ժամադրութեան ժամը մօտեցած էր, քառորդ մը եւ ահա այլեւս իր մօտ պիտի ըլլար. մերձաւոր սենեակներէն մէկուն դուռը բացուեցաւ, հիւր մը կը մեկնէր ու կնոջ ձայն մը կը բարձրանար կրկին հրաւէրի հապճէպ բառերով, եւ ահա կը ծիծաղին. ինչպէ՜ս դիւրին է կեանքը եւ ուրախութիւնը ոմանց համար… աւելի որոշ երաժշտական ֆրազ մը կ’երկարաձգուի հիւրանոցին նրբանցքին մէջ… ոտնաձայներ… ինքն է. դուռը մեղմիւ կը զարնեն… ա՜խ, սիրելիս…

Սաթենիկ հազար բան ունի ըսելիք. սիրտը կը յորդի գորովանքով ու սիրով, խուռներամ բառերը կը մարին շրթներուն վրայ, ինչպէս յաջորդական ալիքներ ծովեզրի աւազներուն վրայ, անորոշ մրմունջի մը մէջ. երջանկութեան արեւը կը շողայ իրենց էութեան առանձին հորիզոնին մէջ ու աշխարհս կը խուսափի իրենցմէ իր ցաւերով, հոգերով եւ դոյզն ուրախութիւններով։ Մինակ են իրենց ստեղծած աշխարհին մէջ, դողդոջուն՝ անսահման սիրոյ զգացումին առաջ, ամէն ինչ որ կար իրենց համար եւ ամէն ինչ որ պիտի ըլլար կ’ընկղմի մոռացութեան մէջ. ո՞վ կարող է չափել անսահմանութիւնը այն պահուն երբ սիրազեղ կարօտով անհամբեր շրթներ կը միանան իրարու…։


****


Ժամերը անցեր են աննկատելի… ամէն ինչ լուռ է իրենց շուրջ. փոքրիկ լամբը իր վարդագոյն լոյսի թրթռացումներով կը նուաղի սենեակին խորութիւններուն մէջ, մահուան եւ սիրոյ ճաշակը շրթներուն վրայ Սաթենիկ եւ Գարեգին վերադարձեր են մեծ ճամբորդութենէն. Սաթենիկի տենդագին եւ քրտնաթոր ձեռքերը իր ձեռքին մեջ, Գարեգին յուզումով եւ երախտագիտութեամբ կը նայի անոր դէմքին, որ հիւծած կը թուի այս միջոցին, բարձին սպիտակութեան մէջ թաղուած, ինչքա՜ն սիրելի է իրեն դիւրաբեկ գեղեցկութիւնը ու նրբակազմ կնոջ մասնաւոր եւ փափուկ շնորհը. յարատեւ սարսուռ մը կ’անցնի Սաթենիկի գերագրգռուած դէմքին վրայէն եւ փակ արտեւանունքներուն թարթիչները կը դողդողան այտերուն հրավառ կարմրութեան վրայ. շրթները կարմիր ծաղիկներու ուժգին կենսունակութիւն մը ստացեր են, ինչպէս եթէ կեանքը լքած ամբողջ մարմինը լոյսի մը պէս շողշողար անոնց վրայ, ճերմակ վիզը եւ կուրծքի սկզբնաւորութիւնը ծածկուած շապիկին ժանեակին ներքեւ դեռ ալեկոծ են հետզհետէ մարող հեւքի մը տրոփիւնով։ Սաթենիկ վերջապէս դանդաղօրէն իր աչքերը կը բանայ ու մեղմօրէն կը ժպտի, բայց նայուածքը դեռ օտարոտի անաշխարհային բան մը ունի, դեռ անիկա հետքը կը պահէ գերագոյն խռովքին եւ կարծես ցաւելով է որ հետզհետէ կը վերադառնայ իրականութեան։

Սուրբ ցնորքը, անսահմանելի խորհուրդը սիրոյ… ամէն անգամուն Սաթենիկ դողահար ապշութեամբ մը կ’անդրադառնար այդ առեղծուածին. մեծ եւ ճշմարիտ սէրը անծանօթ դռներ բացեր էր իր դէմ. կեանքի սեմը կ’անօսրանար ստուերի մը պէս ու կարծես ուրիշ ոլորտի մը մէջ կը թեւակոխէր. գերմարդկային զգացում մը կը նախագահէր իր տանջալի յուզմունքին եւ չէր կարող ըմբռնել թէ մարդիկ մեղադրելի ի՞նչ կարող էին գտնել այդ ահեղ զգացումին մէջ, որ շատ հեռու էր գռեհիկ զուարճութիւն մը ըլլալէ։ Անիկա նուիրագործուած այդ հեշտագին տառապանքով մաքուր ուրախութիւնն էր հոգիին եւ նաեւ միակ րոպէն երբ սիրելիին հոգին շօշափելի կը դառնար, կարծես լուսեղէն մարմին կը ստանար։

Ինչքա՜ն տարբեր էր այս ամբողջական, սարսափելի, ճակատագրական զգացումը այն համակրութիւններէն, նախասիրութիւններէն եւ սէրերէն, ինչպէս պայմանադրական սիրալիրութիւններ ալպոմի մը էջերուն վրայ գրուած եւ որոնցմով լեցուն էր իր սիրուն եւ գրաւիչ կնոջ անցեալը։ Մինչեւ հիմա իր էութեան մակերեսը միայն ազդուեր էր, մինչ այս անգամ դրդուած կը զգար իր ներքին եւ ինքզինքին անծանօթ իսկութեանը մէջ, եւ այդ այդպէս ըլլալուն՝ անկարող էր տրամաբանել, անկարող էր հաշուել այս կացութեան բարիքն ու չարիքն։

Սուրբ սարսափով մը համակուած կը զգար ինքզինքը, նման խելայեղ մանուկի մը նոր յայտնաբերուած կեանքի խորհուրդի մը առաջ, ու չէր գիտեր ինչո՞ւ տարօրինակ զուգորդութեամբ մը սիրոյ զգացումին հետ կը խորհէր եւ մահուան մասին՝ մասնաւոր եւ դառն հեշտանքով եւ իրեն կը թուէր տարտամօրէն որ նման սարսուռով մը մարդիկ կը թօթափեն կեանքի բեռը իրենց ուսերէն. այդ կանխազգացումը նման զգայնութեան, արտակարգ դառն ուժգնութիւն մը կու տար իր սիրային սարսուռին եւ որովհետեւ ամէն անգամուն որոշապէս կը զգար որ հոգին կը թեւաբախէր կեանքի սեմին վրայ պատրաստ եւ տենչալի իր վերջնական թռիչքը առնելու։ Այդ պահերուն Գարեգին այլեւս մարդկային արարած մը չէր, այլ նախասահմանուած ընկերը, որուն հետ ձեռք ձեռքի պիտի բարձրանային անդրաշխարհային ոլորտներու մէջ եւ ի՜նչ փոյթ թէ ով էր եւ ինչ էր ան մարդկային կեանքի մէջ. կարող էր լինել այսպէս թէ այնպէս, տարբեր իր արտաքինով, իր մտքի մշակոյթով եւ ընկերական դիրքով, իր հոգին պիտի ձուլուէր անոր հոգիին հետ, եթէ անոր նայուածքը բեռնաւոր յուզումով եւ խռովքով հանդիպէր իր նայուածքին, ինչպէս այն առաջին գիշերը Տիկին Աբգարեանի սալոն ին մէջ, երբ Պեթհովէնի սոնատ ը լսելով իր ներքին էութեան բոլոր դռները բացուեր էին ընդունելու համար ընտրեալը, ամենասիրելին։

Առաւօտուն կանուխ Սաթենիկ ելած էր անկողինէն եւ իր նախորդ իրիկուան ոգեւորութեան յաջորդեր էր ճնշիչ տխրութիւն. մասնաւորաբար կը տանջուէր իր առանձնութենէն եւ ժամերէ ի վեր բաց պատուհանին առաջ նստած, ձեռքերը միացուցած ծունկի վրայ, կը վարանէր տարտամ երազի մը մէջ. առաւօտուն իր պաշտօնատեղին երթալէ առաջ Գարեգին պիտի գար այցելութեան, բայց կէս գիշերէն ետք հապճեպ մեկնումը, այն քանի մը ժամերը, որ անցուցեր էր իրմէ հեռու տարբեր յարկի տակ, ուր տեղի ունեցած հաւանական անախորժ վէճերու կանխահոգութիւնը զինքը մտատանջ կը դարձնէին. ատկէ զատ կարծես այն սերտ կապը, որ կար իր սիրելիին մէջ, խզուած էր բրտութեամբ. հակառակ իր բոլոր բարի կամքին եւ հակառակ այն հաստատ դիտաւորութեան, որով կ’ուզէր իր երջանկութեան պահերը զերծ պահել ոեւէ վատ զգացումէ։ Նախորդ իրիկուն իր կիսախուբ արտեւանունքներուն ընդմէջէն նշմարեր էր որոշ նշանակալից հապճեպ երբ Գարեգին կը պատրաստուէր մեկնելու։ Ասոնք այնքան խուսափուկ եւ նրբին տպաւորութիւններ էին որոնց վրայ հիմնաւորուած չէր կրնար մեղադրել Գարեգինը, բայց այդ բոլորը խորապէս կը խոցէին զինքը, Գարեգին իր հրաժեշտի համբոյրի միջոցին զգացեր էր Սաթենիկի յանկարծական տխրութիւնը, բայց զգուշացեր էր խօսիլ այդ մասին՝ կարծես աւելի ուշ չմնալու համար։

Ինչո՞վ այդ կինը կարող էր այնքան ազդեցութիւն ունենալ իր սիրելիին վրայ… Սաթենիկ խորապէս կը զգար որ ինքը բացարձակ տէրն էր Գարեգինին ամէն մեծ ու փոքր խնդիրներու մէջ, բացի այդ խնդիրէն. իրենց սիրոյ աշխարհին մէջ բացուածք մը կար, ուրկէ միայն կը խուսափէր անիկա. բնաւ մտքէն չէր անցներ տարակուսիլ Գարեգինի իր մասին ունեցած զգացումին ուժգնութեան եւ ամբողջութեան մասին, բայց այդ մասնաւոր խնդրին մէջ Գարեգինի ցոյց տուած տկարութիւնը կամ աւելի ճիշդը դիմադրութեան ոյժը առեղծուած մըն էր իր համար։

Ժամը իննին Գարեգին դրանը զարկաւ. քիչ ուշացեր էր, բայց այդ չէր կարեւորը, անոր դէմքը մռայլ էր եւ վարագուրուած տխրութիւնով. յոգնած եւ սրտաբեկ նստեցաւ Սաթենիկի մօտ եւ առաջին վանկը, որ պիտի արտասանէր, դողդղաց շրթներուն վրայ։

— Ինչպէ՞ս անցկացրիր գիշերը, սիրելի՛ս… հարցուց վերջապէս։

— Բաւական լաւ… քիչ խռովուած… այնուամենայնիւ քնեցի։

Սաթենիկ կ’ուզէր հարցնել՝ «Իսկ դո՞ւ», բայց արդէն իրենց նայուածքները հանդիպեցան իրարու եւ Գարեգինի աչքերուն մէջ այնքան աղերսական տխրութիւն կար որ Սաթենիկի սիրտը փղձկեցաւ. մէկ ոստումով ոտքի ելաւ, անոր գլուխը բռնեց երկու ձեռքերուն մէջ ու սեղմեց կուրծքին վրայ. անսահման բարութիւն մը լոյսի պէս ողողեց զինքը եւ հակառակ որ սիրտը կը դողար յուզումէն, ծռեցաւ դէպի իր սիրելին ու աստուածային ժպիտով մը երկարօրէն նայեցաւ անոր։

— Ա՜խ, սիրելիս, մրմնջեց վերջապէս Գարեգին, ինչքա՜ն, ինչքա՜ն դժբախտ եմ։

Հատկտեալ բառերով եւ համառօտակի պատմեց. դժոխային գիշեր մը անցուցեր էր, այնքան սքանչելի ժամերէ յետոյ… մինչեւ առաւօտ լսեր էր կնոջ քէնոտ եւ ատելավառ ձայնը, մեղադրանքներ, գանգատներ ու սպառնալիքներ։

— Դժբախտութիւնը այն է որ սիրտս ցամքած է նրա համար. նոյնիսկ կարեկցական զգացում չունեմ. երբ տեսնում էի նրա զայրոյթով եւ քէնով ծամածռուած դէմքը, աչքերս փակում էի… բայց իրականութիւնը այն է որ թոյլ չտուեց ինձ գոնէ մտածումով շարունակելու քեզ հետ անցուցած ժամերուս տպաւորութիւնը։

Սաթենիկը լուռ կը լսէր։

— Ուզում էի փախչիլ ու գալ քեզ մօտ եւ բոլոր այդ ժամանակ մէկ տիրական փափաք ունէի. գլուխս դնել կուրծքիդ եւ արտասուել, մանկան պէս հեծկլտալով արտասուել։

— Ինչո՞ւ չեկար սիրելիս…

— Չգիտեմ, մի ինչ որ անբացատրելի թուլութիւն… բայց վերջապէս պէտք է յանգիլ մի որոշումի. անհրաժեշտ է ստանալ հարկ եղած ոյժը, խզելու համար անցեալի հետ։

Սաթենիկի աչքերը յոյսով եւ երջանկութեամբ փայլատակեցին. ատիկա նշմարեց Գարեգին եւ կարծես զղջաց իր անխոհեմ խօսքերուն համար։

— Խզել ամէն ինչ… բայց որդիս, եւ յետոյ բանը միայն այն չէ… հազար արգելքներ ցցւում են իմ դէմ… դու մտածող եւ խորաթափանց կին ես, բայց չես կարող ըմբռնել այն անհնարութիւնները որ կան… կ’ուզէի քեզ հետ խօսիլ այս մասին աւելի հանգիստ։

Սաթենիկ թողուց Գարեգինը եւ կրկին նստեցաւ իր թիկնաթոռին մէջ. նայուածքը մռայլեցաւ եւ գրեթէ սրտմտութեամբ պատասխանեց.

— Ես ոչ այդպէս պահանջ եմ դրել ոչ այդպիսի փափաք յայտնել, քո անձնական գործերի մասին հաշիւ չունես ինձ տալու… դու շատ լաւ գիտես այդ մէկ բանը, եւ ափսոս որ շատ լաւ գիտես որ ինչ որ էլ լինի, ինչպէս որ էլ լինի, ես ամբողջովին նուիրուած եմ քեզ… Դառնութեամբ խնդաց ու շարունակեց.

— Ես ոչ պայման դրի քեզ հետ եւ ոչ սակարկեցի, ես անդիմադրելի ու խելայեղ թափով ընդառաջ գացի քո զգացումին եւ քո ցանկութիւններիդ։

— Մենք երկուսս էլ անդիմադրելի եւ խելայեղ թափով դիմեցինք դէպի…

— Կորուստ… մի՛ վարանիր ասելու. ես միայն գիտեմ, Գարեգին, թէ ինչ արժեն այդ բոլորը ինձ համար…

Ձայնը դողդողաց եւ արցունքով խոնաւ էին իր խօսքերը։

— Ես էլ ունէի ընտանիք, բարեկամներ… ընկերներ, այդ բոլորը մի բուռ մոխիրի վերածեցի եւ առանց վարանումի։

Տխրութեամբ նախաճաշեցին, բայց քանի վայրկեանները կ’անցնէին հակառակ իրենց սրտմտութեան, ներքին խզուած կապերը կը վերահաստատուէին եւ հետզհետէ երկուքն ալ կը մոռնային իրենց սրտնեղութիւնները։

Պարզ ներկայութիւնը մէկզմէկու բաւական էր ստեղծելու այն տաք եւ հաղորդական յուզումը, որուն մէջ կը մարէին ամէն ինչ որ իրենցմէ դուրս էր, հետզհետէ զարմացմամբ անդրադարձան որ կը խօսակցէին ինչպէս եթէ ոեւէ արգելք չունենային ու կրկին ժամադրութիւն տուին երեկոյեան համար։

Երբ Գարեգինի մեկնումէն ետքը Սաթենիկ դուրս եկաւ Տիկին Աբգարեանի այցելութեան երթալու համար, իր տրամադրութիւնը լաւացած էր։ Պերճօրէն հագուած էր մութ կապոյտ շրջազգեստ եւ փեղոյրէ սեւ ու պարզ գլխարկի մը վրայէն սեւ ժանեկաւոր քօղը կը ծփար ուսերուն վրայ. երջանկութեան բուրում մը կ’արտաշնչուէր իրմէ. մարդիկ, պարզ անցորդներ, հաճոյքով կը նայէին իր նուրբ եւ մտացի դէմքին եւ իր ճկուն ու շնորհալի քալուածքին. բեկբեկ ժպիտ մը կը լուսաւորէր իր դէմքը եւ աչքերը կը բոցավառէին սիրով ու հրայրքով. աշնանային գաղջ արեւը կը պարուրէր զինքը զարդարանքի մը պէս եւ իր բաց շագանակագոյն մազերուն խոպոպները գրեթէ խարտեաշ կ’երեւէին փեղոյրին ներքեւէն, իր ամբողջութեան տալով թարմութիւն եւ շնորհ։ Գոհ էր որ մարդիկ ուշադիր էին իրեն, գոհ էր որ սիրոյ եւ հրայրքի զգացումներ կը բարձրանային իր շուրջը, այդ բոլորը կը շողոքորթէին զինքը անոր համար եւ իրեն կը ներշնչէին ինքնավստահութիւն՝ խորտակելու բոլոր արգելքները։

Տիկին Աբգարեանի տան չհասած հանդիպեցաւ հին ծանօթի մը.

— Գիտէի որ Բագու էք. երէկ երեկոյեան տեսայ Ստեփանին… լսեցի որ միասին էք ճամբորդեր։

— Ա՜հ, այո՛… Ստեփանը… շատ կ’ուզէի իրան տեսնել, բայց պէտք է որ զբաղուած լինի… իրան հանգիստ կը թողնեմ մէկ քանի օր։

— Չէ՛, Ստեփանը մի քիչ հիւանդ է… երէկ երեկոյ անկողնում էր։

— Ի՜նչ… Ստեփանը հիւանդ է. յանկարծական կարմրութիւն մը անցաւ Սաթենիկի դէմքին վրայէն.

— Ես կ’երթամ իրան տեսնելու հենց այսօր։

Հապճեպ կերպով առաւ Ստեփանի հասցէն եւ մեկնեցաւ. ամբողջ իր ոգեւորութիւնը ինկած էր. ինքն ալ չէր գիտեր ինչո՞ւ տարօրինակ տխրութիւն մը զինքը պատեց եւ ահա յանկարծ յիշեց իրենց ճամբորդութիւնը, Պալաճարիի կայարանին մէջ անոր նայուածքը ու սիրտը ճզմուեցաւ մտահոգութիւնով։ Շատ լաւ կը ճանչնար իր ընկերը եւ գիտէր որ թեթեւ անհանգստութիւններու պատճառաւ անիկա անկողին չէր մնար։ Որոշեց յետաձգել տիկին Աբգարեանի այցելութիւնը եւ անմիջապէս երթալ Ստեփանի մօտ։

«Այդ մասին Գարեգինի ոչինչ չասացի, մտածեց, բայց ի՛նչ փոյթ, երեկոյեան կը պատմեմ»։

Ինչպէս ուրիշ անգամներ, այս անգամ ալ պայմանաւորուած էին Գարեգինի հետ առաջուց ժամը ժամին գիտնալ թէ ո՛ւր պիտի ըլլան իրարմէ հեռու անցուցած ժամերը, որպէսզի հեռախօսով հաղորդէին իրարու եթէ ազատութեան ոեւէ անակնկալ առիթ ներկայանար։ Բայց իրաւամբ Սաթենիկ անիմաստ գտաւ որ այդքան թէական հնարաւորութեան մը համար յետաձգէր իր այցելութիւնը Ստեփանի մօտ։

Ստեփան իջած էր ազգականներէն մէկուն տունը հեռաւոր թաղի մը մէջ, կայարանին մօտերը. Սաթենիկ կառք մը կեցուց եւ տուաւ հասցէն. ճանապարհին նոր ծանօթներ կը բարեւէին զինքը, ոմանք հաճելի զարմացումով, ոմանք գիտէին արդէն իր ժամանումը. ինչքան շուտ տարածուեր էր լուրը. իր ընկերներու եւ բարեկամներու շրջանակին մէջ ծանօթ էր Սաթենիկի յիմարութիւնը, եւ թէեւ ինքը տարուած իր զգացումէն, ամրափակուած իր հոգերուն եւ ուրախութիւններուն մէջ, բոլորովին անտարբեր էր ուրիշներու կարծիքին, այսուամենայնիւ չկրցաւ իր սրտնեղութիւնը զսպել՝ նշմարելով մէկ-երկու հին ընկերներու ցրտութիւնը։

Երբ հասաւ Ստեփանի տունը այդ սրտնեղութիւնը աւելի շեշտուեցաւ. անիկա շատ համեստ բնակարան մըն էր՝ խճողուած բազմաթիւ վարձուորներով. բակը լիքն էին երեխաներ, որոնք աղմուկով կը խաղային. անոնց թոհ ու բոհին մէջէն հասաւ այն սանդուխը, ուրկէ պիտի բարձրանար Ստեփանի ազգականներուն յարկաբաժինը հասնելու համար։

Շատ համեստ կահաւորուած սենեակի մը մէջ, պարզ տախտակի մը վրայ պառկած էր Ստեփան շրջապատուած իր ընկերներով, որոնք աղմկալի վիճաբանութեան մը բռնուած էին. երբ զինքը տեսան լռեցին ու տեղ բացին. այդ միջոցին Սաթենիկ որոշապէս ամչցաւ իր շքեղ արդուզարդէն, իր երջանկութեան երեւոյթէն, նոյնիսկ իր շնորհէն ու գեղեցկութենէն։ Ընկերուհի մը շատ պարզ հագուած, մազերը պինդ սեղմած, սիկարէթը ձեռքը զինքը բարեւեց մտազբաղ եւ անմիջապէս իր ընդհատուած խօսակցութիւնը շարունակեց կողքի պարոնին հետ։

Սաթենիկ մօտեցաւ Ստեփանին. անիկա չափազանց տժգոյն էր եւ իր բարի եւ սեւ աչքերը լայն բացած կը նայէր իրեն. տախտակին մօտ պզտիկ սեղանի մը վրայ զետեղեր էին զանազան ամոքիչ ըմպելիներ եւ Ստեփան այդ միջոցին ձեռքը բաժակ մը թէյ կը խմէր. անիկա ընդհատեց խմելը, բաժակը դրաւ սեղանին վրայ, ձեռքը տուաւ Սաթենիկին եւ ժպտեցաւ բարութեամբ. այդ ձեռքը կ’այրէր տենդէ։

— Ի՞նչ ունիս, Ստեփան, ըսաւ Սաթենիկ հակելով դէպի ան։

— Ոչինչ, կոկորդի ցաւ… բժիշկը ստիպեց ինձ պառկած մնալ, ապա թէ ոչ առանձին բան չկայ։

Ուզեց ծիծաղիլ բժիշկին խստապահանջութեան վրայ, բայց Սաթենիկ զինքը ընդհատեց.

— Երեւի մսեցիր գնացքի մէջ։

Ստեփան շիկնեցաւ եւ գլուխը ցնցեց կարծես վանելու համար անախորժ յիշողութիւն մը. դէմքը ստացաւ իրեն ընտանի զսպուած արտայայտութիւնը։

— Երեւի… յետոյ ընդոստ դարձաւ դէպի երիտասարդ կինը եւ հարցուց մեղմ ձայնով.

— Դու ինչպէ՞ս ես… լաւ տեղաւորուեցի՞ր…

— Այո… շատ լաւ, Մեթրոպոլ հիւրանոցումն եմ…

Աննշմարելի ստուեր մը անցաւ Ստեփանի դէմքին վրայէն, յետոյ դողդոջ եւ դժուարին ժպիտ մը, որ Սաթենիկի հեգնական թուեցաւ, ու կարծես կրկին վանելու համար անախորժ զգացումով մը, Ստեփան դարձաւ մէկ ընկերը եւ ըսաւ անհաստատ ձայնով.

— Սարգիս, պէտք է շտապ ղրկել նամակները եւ ապահով միջոցաւ։

Սաթենիկ ուզեց հեռանալ։

— Ես թերեւս ձեզ խանգարեցի… ես այս րոպէիս լսեցի որ հիւանդ ես եւ շտապեցի գալ։

— Ո՛չ, պատասխանեց Ստեփան, մեր խորհրդակցութիւնը վերջացաւ, կարող ես մնալ… եթէ ազատ ես…

— Այո, ես մէկ քանի ժամ ազատ եմ։

Ընկերները հետզհետէ մեկնեցան. Սաթենիկ նշմարեց որ բռնազբօսիկ բան մը կար իրենց դէպի ինքը վարմունքին մէջ, այդ բանը անախորժ կերպով ազդեց իրեն. սիրուած ու հին ընկերուհի էր եւ այդ բոլոր պարոնները մտերիմ բարեկամներ էին իրեն, բայց որոշ ժամանակէ մը ի վեր կարծես թէ օտարացեր էին իրմէ, իրենց վերաբերմունքին մէջ ոչ կշտամբանք կար, ոչ տխրութիւն, այլ պարզապէս օտարութիւն։ Ինքը գիտէր որ այդ այդպէս պիտի ըլլար եւ թեթեւ սրտով խզեր էր իր բոլոր անցեալ կապերը։ Որքան ատեն որ զիրենք չէր տեսներ, չէր իսկ մտածեր այդ զոհողութեան մասին, բայց ամէն հանդիպումի այդ քաղաքավար ցրտութիւնը տեսակ մը ֆիզիքական անախորժութիւն կը պատճառէր։ Միայն Ստեփանը նոյնը մնացեր էր, միշտ եղբայրական, մտերմիկ եւ անսեթեւեթ եւ այդ իսկ պատճառաւ այս րոպէին Սաթենիկ զգաց Ստեփանի բարեկամութեան բոլոր արժէքը։

Երբ ամէնքը մեկնեցան մեծ թեթեւութիւն զգաց եւ անգիտակցաբար հառաչեց։ Յետոյ ելաւ տեղէն, գլխարկը հանեց, նետեց աթոռի մը վրայ եւ պատշգամը յառաջացաւ։ Հիանալի արեւ մը կ’ողողէր ամէն բան. պատշգամին եզերքը դրուած թաղարներէ պատատուկ եւ վտիտ բոյսեր կը բարձրանային եւ կը փաթթուէին երկաթեայ ձողերուն. դիմացը անապատային մերկութիւն, տափարակ եւ տարտամ դաշտեր, ամուլ եւ աւազուտ եւ հեռաւորութեանց մէջ նաւթահորերու սեւորակ եւ բրգաձեւ սիլուէթները։ Միտքը վայրկեան մը թռաւ դէպի Գարեգինը, անկիա երբեմն կը յաջողէր ժամը մէկի ժամանակները փախուստ տալ իր գործատեղիէն եւ փութալ Սաթենիկի մօտ. երկար չէր կարող մնալ, հազիւ քսան վայրկեան, բայց ի՜նչ ուրախութիւն երկուքին համար ալ, երեխաներու նման կը խնդային եւ այդ անակնկալ հանդիպումը երկինքէն իջած պարգեւ մը կը համարէին։ Ժամը մէկի մօտ էր եւ Սաթենիկ մտածեց որ ինչ որ ալ պատահէր, ինչքան որ ալ այդ հաւանականութիւնը թեթեւ ըլլար, ինքը միշտ ժամը մէկին տանը կ’ըլլար։ Յոյսի, անձկութեան, անհամբերութեան վայրկեաններ էին այդ սպասումի վայրկեանները, որուն կը յաջորդէին սրտաբեկում, տխրութիւն եւ երբեմն զայրոյթ։ Ինչպէ՜ս կը սիրէր իր սիրականը իր բոլոր հոգւով եւ մարմնով, իր ամէն մէկ նեարդը կարծես տոգորուած էր անջնջելի կարօտով եւ անսպառ սիրով. հազար տարի կարող էր անցընել դէմ առ դէմ նստած անոր հետ, նոյնիսկ լռին, միայն երջանիկ անոր ներկայութենէն։ Սիրտը կը դողեր խրտչած թռչունի մը պէս անոր ամէն մէկ շարժումէն, վախնալով որ մեկնումի շարժում մըն է։ Ընդհանրապէս Գարեգին աւելի հաւասարակշիռ, կը հանդարտեցնէր զինքը, հայրաբար եւ քաղցր խօսքերով կը ջանար մեղմացնել իր անհամբերութիւնները, ներքնապէս զուարճացած եւ երջանիկ այդ անզուսպ սիրոյ արտայայտութիւններէն. այդ խրատները միշտ կը վշտացնէին Սաթենիկը եւ ամէն անգամուն կը մտածէր ինքզինքը զսպել։ Կը մտածէր նաեւ որ Գարեգինի առերեւոյթ հանդարտութիւնը հակազդեցութիւնն էր իր զեղուն զգացումներուն եւ քանի մը անգամ առիթ ունեցեր էր տեսնելու անոր խելայեղ անհամբերութիւնները երբ ինքը մէկ երկու րոպէով ուշացեր էր ժամադրութեան։

Հիմա կը մտածէր թէ ինչ պիտի խորհէր Գարեգին եթէ գար զինքը տեսնելու եւ չգտնէր այնտեղ. կէտ առ կէտ մտքովը կը հետեւէր անոր շարժումներուն. ան ուղղակի պիտի գար իր սենեակը, դէմքը ժպտուն ու երջանիկ իր պատճառելիք անակնկալ ուրախութենէն. ոչ մէկ ձայն, դուռը կղպուած. կը տեսնէր վերադարձը, ծառային հարցուփորձը եւ ահա երեխայական սարսափները, անզգուշութիւններ, գրեթէ յիմարութիւններ, հեռախօս Տիկին Աբգարեանին, հեռախօս բոլոր հաւանական ծանօթներուն։ — «Սաթենիկը այդտե՞ղ է»։ — «Ոչ»։ — «Հեռախօսեցէք ինձ անմիջապէս, խնդրում եմ, եթէ ձեզ մօտ անցնի»։

Սաթենիկ իջաւ պատշգամէն եւ հարցուց Ստեփանին.

— Հեռախօս ունէ՞ք ձեզ մօտ։

— Այո՛, ի՞նչ կայ։

— Ոչինչ, ուզեցի համարը ստանալ։

Ուրեմն եթէ Գարեգին իր մօտ գար պիտի հեռախօսէր եւ Ստեփանին։

Յանկարծ տարօրինակ թեթեւութիւն մը զգաց, ինչպէս եթէ ազատագրուած ըլլար ճնշիչ կապանքէ մը։ Անլուր համարձակութիւն մըն էր իր ըրածը եւ հիացաւ իր կամքի ուժին վրայ։ Բայց այդ բոլորին հետ յոյսը ունէր որ հեռախօսի զանգը պիտի հնչէր իրեն համար։

Ստեփան նայուածքովը կը հետեւէր կնոջ թափառումներուն սենեակին մէջ եւ զգաց որ անիկա մտազբաղ է ոեւէ հակասական զգացումով։

— Սաթի՛կ, ըսաւ մեղմ ձայնով, ե՛կ ինձ մօտ։

Սաթենիկ յոգնութեան արտայայտութիւնով ինկաւ աթոռին վրայ, որ հետզհետէ քշեց դէպի Ստեփանի անկողինը։

Դարձեալ իրենց նայուածքները իրարու հանդիպեցան եւ այս անգամ Սաթենիկ իր էութեանը բոլոր ուժովը խռովեցաւ. կարծես տենդագին շունչ մը անցաւ իր հոգիին վրայէն, ինչպէս քամին ծովու մը մակերեսէն, դարձաւ զայն սարսռուն։

Աւելի այդ ծանր տպաւորութիւնը խզելու համար, որ ճնշիչ էր երկուքին համար ալ, Ստեփան ըսաւ.

— Մտազբաղ եւ տխուր ես, Սաթիկ…

- Չէ՛, Ստեփան… ես ոչինչ, խօսենք քո առողջութեանը մասին, ի՞նչ է քո հիւանդութիւնը։

— Մեծ բան չէ, անկինայ… արդէն իսկ լաւ եմ։

— Բայց դեռ ջերմ ունես։

— Այո՛, մի քիչ, չարժէ մտածել այդ մասին։

Պահ մը լռութիւն. Ստեփանին նայուածքը վարագուրուեցաւ տխրութիւնով, յետոյ աւելցուց.

— Գիշերը սոսկալի էր, շատ տենդ ունէի։

Մեքենաբար բռնեց Սաթենիկի ձեռքը եւ նոյնքան մեքենաբար կը սեղմէր զայն, կարծես համապատասխան ներքին ուժգին զգացումի մը։

— Որքան պիտի ուզէի գոնէ քեզ ուրախ եւ երջանիկ տեսնել։

Շրթները կ’արտասանէին այս խօսքերը, բայց հոգւոյն մէջ ուրիշ փոթորիկ կար, դժուարաւ կը զսպէր ինքզինքը չպոռթկալու համար։ Անուն մը տարբեր պատճառներով կը թափառէր երկուքին ալ շրթներուն վրայ եւ երկուքն ալ կը մեռնէին, չէին արտասաներ այդ անունը եւ կարծես կ’ուզէին սին խօսքերու աղմուկին մէջ խեղդել իրենց բուն մտածումները։

«Այժմ մէկն է արդէն, գուցէ եկել է»։

«Ի՞նչ են իրենց յարաբերութիւնները, Գարեգին պիտի կարողանա՞յ խզել իր անցեալը միանալու համար Սաթենիկի հետ. ինչո՞ւ ճնշւում են այդ մտածումից. եթէ Սաթենիկ գոհ է, աւելի լաւ»։

Ժամը մէկն է, եւ յետոյ տասը անց. հեռախօսը լուռ է. յանկարծ անզսպելի խոյանքով Սաթենիկ ուզեց ելնել, փախչիլ, երթալ տուն եւ եթէ Գարեգին չէ եկած, հեռախօսել եւ խնդրել որ գոնէ րոպէ մը անցնի իր մօտ, իրեն թուեցաւ որ սոսկալի դժբախտութիւններ կրնան պատահիլ, եթէ անմիջապէս չտեսնայ իր սիրելին. անդիմադրելի, անզսպելի անհամբերութիւն մը ոտքի կանգնեցուց զինքը.

— Ստեփան, պէտք է երթամ… չգիտես, անկարելի է մնալ…

— Լսէ ինձ, Սաթիկ, դու յիմարացել ես. քիչ առաջ ասացիր որ մի քանի ժամ ունես ազատ։

Սաթիկ կրկին մօտեցաւ Ստեփանին.

— Այո՛, ասացի, ճիշդ է, բայց ուրիշ բան կայ, ես մոռացել էի։

Ստեփան նստեցաւ անկողնին մէջ. կիսաբաց շապիկէն կուրծքը մերկ կը հեւար. աչքերը փայլատակեցին անսովոր հրապոյրով մը։ Կրկին բռնեց Սաթենիկի ձեռքը եւ ստիպեց որ նստի։

Ինքն ալ չէր գիտեր ինչո՞ւ եւ ի՞նչ բանի համար այդ բռնութիւնը, որ իր դիտաւորութեան մէջ չկար. դէմքը շառագունած էր անսովոր կերպով եւ կարծես վճռական ժամու մը մէջ կը գտնուէր։

— Սաթի՛կ ջան, պատմիր ինձ ամէն ինչ… ես քեզ մօտ եմ եղբօր պէս… ես զգում եմ որ դժբախտ ու տխուր ես ու ես անկարող եմ մի բան անելու, որովհետեւ դու ամփոփուել ես ինքդ քո ցաւին մէջ։

Սաթենիկ գլխով ժխտական նշան մը ըրաւ։

— Այո՛… քո ցաւին մէջ… ես գիտեմ, գիտեմ որ վիշտ ունես… բայց ինչո՞ւմն է կայանում քո վիշտը։

Յանկարծ Ստեփանի ձայնին թրթռումներէն խորապէս յուզուած, Սաթենիկի աչքին առաջ պարզուեցաւ իր սեփական դժբախտութեան ամբողջ պատկերը. անիկա կը տարածուէր, կը ծաւալէր եւ անսահմանելի համեմատութիւններու կը հասնէր. զգաց բոլոր թշուառութիւնը իր վշտին… ինքը՝ խեղճ կին, կապուած մարդու մը, որ տուն-ընտանիք ունի… որ իր ազատութեան ժամերէն փշրանքներ միայն կրնայ տալ իրեն, մինչ հոգին ստրուկի նման քարշ կու գար ակընդէտ սպասումներու, անհամբերութիւններու եւ ուրախութիւններու մէջ։

Փղձկուած իր դժբախտութենէն Սաթենիկ տկարացաւ, գլուխը հեց եւ յետոյ ինկաւ Ստեփանի տախտակին առաջ աթոռին վրայ եւ սկսաւ արտասուել հեծկլտալով. կցկտուր բառեր, բեկբեկ եւ անհասկնալի վանկեր հառաչանքի պէս կը բարձրանային իր ճնշուած կուրծքէն, յետոյ հրաժարեցաւ խօսելէ եւ շրթները սեղմուած երկար ատեն հեծեծեց երեխայի նման։

Ստեփան նախ ապշած, սարսափած յուզմունքի այդ զեղումէն, անշարժացած էր իր անկողնին մէջ, բայց հետզհետէ ձեռքը դրաւ դժբախտ կնոջը գլխուն վրայ եւ այդ ձեռքը կը դողդղար յուզմունքէն։


*****


Երբ Գարեգին երեկոյին եկաւ Սաթենիկին մօտ իր նախատեսած ժամէն կէս ժամ առաջ, ուրախ էր եւ լաւ տրամադրութեան մէջ. կինը ընթրիքի հրաւիրուեր էր ազգականներու մօտ եւ ինքը ազատ էր մինչեւ առաւօտեան ժամը 2ը եւ նոյնիսկ 3ը. ուրախ մանաւանդ կարենալ Սաթենիկը հրաւիրելու ընթրիքի, եւ քանի մը րոպէ յետոյ անդրադարձաւ որ անիկա ընկճուած էր եւ տարօրինակ անտարբերութիւնով մը կ’ընդունէր իր ուրախութիւնը։

Ստեփանի մօտէն ուղղակի տուն եկեր էր Սաթենիկ եւ օրուան մնացեալ մասերը անցուցեր էր տենդագին յուզմունքի մը մէջ. ինչո՞ւ այդ արցունքները եւ գրեթէ իր դժբախտութեան խոստովանութիւնը Ստեփանին. անիկա կարծես բռնաբարեր էր իր հոգին եւ խլել էր անկէ իր ներքին թշուառութեան գաղտնիքը. տեսակ մը գրեթէ ֆիզիքական տիրապետութիւն ունեցեր էր իր վրայ, կարծես անոր ամուր մատները դպեր էին իր բաբախուն սրտին։ Այս զգացումը թէ՛ ամօթ կը ներշնչէր իրեն, թէ՛ խղճահարութիւն եւ թէ անօրինակ, անբացատրելի յուզմունք մը ուրկէ ընկճուած էր. երբեմն ալ Ստեփանի խիստ խօսքերը կը հնչէին ականջին.

— Քեզ արժանի մարդ չէ. դու թերեւս քո արժէքի գիտակցութիւն չունես, բայց գիտցիր որ նա անկարող է քո թռիչքը ունենալու, քեզ սիրելու այնպէս ինչպէս քո սէրը կը հրաւիրէ սիրելու։

Սաթենիկ նոյնիսկ չէր փորձեր չքմեղացնելու իր սիրականը, խոնարհաբար լսեր էր այդ բոլորը, կարծես իր էութեան խորքին մէջ ընդունելով այդ դառն խօսքերուն ճշմարտութիւնը։

— Երբ մարդ դժբախտութիւնն ունի քեզ նման մի կին սիրելու… որովհետեւ Սաթենիկ, ընդունիր որ դա դժբախտութիւն է, մի ինչ որ ճակատագրական հարուած, կը թողնի ամէն ինչ եւ արժանի կը լինի այդ դժբախտութեան մեծութեան։ Դա մի դրակետիա է որ պիտի վերջանայ չգիտեմ ինչպէս։

Սաթենիկ նաեւ խղճահարութիւն ունէր որովհետեւ երբեք պիտի չհամարձակէր այդ պատահածի մասին խօսիլ Գարեգինի. մինչեւ այդ օր մտածումի ստուեր մ’իսկ չէր ծածկած Գարեգինէն, իր զգացումները նոյնիսկ սաղմնային վիճակի մէջ ծանօթ էին անոր. շատ չէր խօսեր այդ բոլորի մասին, բայց ինքն ալ չէր գիտեր ինչպէս իր հոգին թափանցիկ կը դառնար իր սիրելիին համար. իր ժպիտը, իր մէկ բացագանչութիւնը կը յայտնաբերէին յաճախ ծով մը գորովանքի, խռովքի կամ վիշտի։ Իր շարժումները, իր մէկ ժեսթ ը ժպիտ կամ տխրութիւն յառաջ կը բերէին Գարեգինի դէմքին վրայ. յաճախ ձեռք ձեռքի երկար ժամանակ լուռ կը մնային եւ իրենց հոգեկան հաղորդակցութիւնը այնքան կատարեալ էր որ բառեր արտասանելու պէտք չունէին. երկուքը այնքան կատարելապէս ամբողջութիւն կը կազմէին որ իրենց առանձնութեան ժամերը լիքն էին քաղցրութեամբ եւ հոգեզմայլութեամբ. անոնք իրարու վրայ հիացած ժամանակ կարծես ինքզինքնուն վրայ կը հիանային եւ սրտերնին պարուրուած կ’ըլլար գորովանքի մշուշով մը, որուն մէջ կը կորսուէին ինչպէս հեշտութեան ծովու մը մէջ։ Երբեմն նոյնիսկ ուրիշներու ներկայութեան այդ հրաշալի առանձնութիւնը կը զգային. կը խօսէին, կը վիճէին զանազան խնդիրներու մասին, բայց էականապէս իրարու կը մրմնջէին ամենաքաղցր խօսքերը սիրոյ եւ հոգինին տօնի մէջ էր այդ ժամերուն։

Սաթենիկ մտատանջ էր այն մտածումով որ այդ առանձնութիւնը եւ հոգեկան ներդաշնակութիւնը երբեք պիտի չգտնային վերստին։ Ստեփանին ստուերը կարծես մտեր էր իրենց միջեւ եւ դիւրաբեկ բան մը խորտակուեր էր. Ստեփան իրենց անյաղթելի զգացումին խոցելի կէտը գտեր էր կարծես։

Երբեմն սրտմտութիւն եւ զայրոյթ Ստեփանին դէմ կը գերագրգռէր երիտասարդ կինը, բայց այդ զայրոյթը անզօր էր ուրիշ կարգի տիրական զգացումի մը դէմ։ Ստեփան այդ պահերուն երեւացեր էր իր հոգիի աչքերուն ուրիշ երեւոյթով, ուրիշ կերպարանքով. անիկա սովորական ընկերը չէր բարեհամբոյր, հաճոյակատար, ներողամիտ ուրիշներու տկարութիւններու, ինքն ըլլալով զօրաւոր եւ ամուր. իր ներողամտութիւնն իսկ իր հոգեկան արիութեան մէկ արտայայտութիւնն էր. այդ արիութիւնը չէր կարող հիացում չազդել Սաթենիկին, որ այնքան յաճախ առիթ ունեցեր էր տեսնելու անոր անյողդողդ կամքը եւ անընկճելի բարոյական ոյժը. ոչ մէկ փորձութիւն եւ ոչ մէկ մարդկային զգացում կարող էին դղրդել այդ ոյժը. անիկա սարսափելի մարդ մըն էր եւ այդ իսկ պատճառաւ թերեւս բարեմիտ հակում մը ունէր դէպի տկարները։ Այդ ոյժը զինքը չէր մղեր կոպիտ բրտութեան, ընդհակառակը անիկա ընդունակ էր սքանչելի նրբազգացութեան եւ այդ պատճառաւ ամէնքը կը պաշտէին զինքը եւ կը հնազանդէին իրեն անտրտունջ։

Առաջին անգամ Սաթենիկ ճանչցաւ զինքը սարսափելի պարագաներու մէջ։ Սահմանագլխէն անդին անցնող Հայդուկներու խումբի մը մէջ, որուն պետն էր Ստեփան, երկու եղբայրները ինկեր էին. ինքը վերադարձեր էր Թիֆլիս՝ զեկուցանելու իրենց արշաւախմբի գործունէութեան մասին. միեւնոյն ատենի իշխանութիւնները կը փնտռէին զինքը իբրեւ պետ սահմանագլխէն զէնքի մաքսանենգութիւն ընող խումբի մը։ Ժողովը տեղի պիտի ունենար ընկերուհիի մը, Սոնիայի տանը, ուր Սաթենիկ կը գտնուէր շաբաթէ մը ի վեր։ Օրերէ ի վեր կը խօսէին Ստեփանի մասին, իր կրկնակ սուգի մասին, եւ այն անհրաժեշտութեանը վրայ, որ կար զինքը ծածուկ պահելու. իր մտքին մէջ այդքան դառն հարուածներ կրած մարդու մասին որոշ պատկեր կազմեր էր եւ անհամբեր հետաքրքրութիւն ունէր զինքը անձամբ տեսնելու։

Սոնիա իբր գործակից եւ հին բարեկամուհի մտերմութեամբ կը խօսեր այդ ահեղ մարդու վրայ. Սաթենիկ անհանգիստ էր այդ մտերմութեան, աւելի հանդիսաւոր խօսելակերպ աւելի պատշաճ պիտի ըլլար կարծես. այն կերպարանքը, որ մտքին մէջ կը ներկայանար, սովորական մարդոց մակարդակէն վեր խոյացող կիսաստուածի մը կերպարանքն էր, իրեն կը թուէր որ անիկա զերծ էր մարդկային բոլոր սովորական թշուառութենէն եւ պայմաններէն. անոր տխրութիւնները եւ ուրախութիւնները տարբեր բնոյթ պէտք էր ունենային, եւ ինչպէ՞ս կարելի էր ուրիշ կերպ մտածել մարդու մը վրայ, որ սուր գաղափարէ մը տարուած ամէն ինչ զոհեր էր, նոյնիսկ հարազատ եղբայրները եւ առանց վայրկեան մը տատանելու կը շարունակէր պայքարիլ բոլոր դժուարութիւններուն դէմ, իր գաղափարի յաղթանակին համար։

Այս հոգեկան տրամադրութիւնով է որ Սաթենիկ սպասեր էր Ստեփանին ժամանումին։ Իրիկուն մը ուշ ատեն, մթնշաղին, երբ այլեւս ի զուր օրերէ ի վեր սպասելէ յուսաբեկ, ընկերները զբաղած էին իրենց սովորական գործերուն, իրիկուն մը երբ նոյնիսկ Սոնիան կը բացակայէր տունէն եւ Սաթենիկ տախտին վրայ ընկողմանած կը մտածէր տարտամ բաներու, ծուլանալով ելլել լոյսը վառելու, դրանը կիսաստուերին մէջ մարդկային սիլուէթ մը երեւցաւ. անիկա անխնամ մազերով եւ մօրուքով, փոշոտ եւ ճմռթկած հոգուստներով, արեւէն այրած դէմքով մարդ մըն էր. Սաթենիկ ոտքի ելաւ եւ ընդառաջ գնաց. անծանօթին խոշոր աչքերը կանգ առին իր վրայ, ակնյայտնի դժգոհութեամբ մը հարցուց.

— Սոնիան տանը չէ՞։

— Ո՛չ, պատասխանեց Սաթենիկ վարանելով, բայց հեռու չէ. կարելի է իրեն կանչել…

— Փոյթ չէ, պատասխանեց անծանօթը, կը սպասեմ նրան, երեւի չ’ուշանար. եւ մտաւ սենեակ։

Երբ տախտին վրայ նստեցան, Սաթենիկ երեւոյթէն գուշակեց թէ այդ մարդը ֆիզիքապէս չափազանց յոգնած ըլլալու էր. անիկա հանեց մուշտակէ գդակը եւ դրաւ կողքին, յետոյ ներողութիւն խնդրելով հանեց եւ մոյկերը։

Սաթենիկ այդ միջոցին շուարած կեցուածք մը տալու համար ինքզինքին, նստեցաւ սեղանին առաջք եւ սկսաւ թղթատել գիրք մը։

— Ձեզ խանգարեցի, մրմնջեց օտարականը, կարդում էիք։

Սաթենիկ հրապուրուած այդ մարդու ջերմ ձայնէն, իր աչքերը բարձրացուց դէպի ան եւ պահ մը մնաց դղրդուած անսովոր հետաքրքրութիւնով։

— Ոչինչ, պատասխանեց, չէի կարդում. յետոյ լոյսը վառեց։

Օտարականը իր շարժումներուն կը հետեւէր ակներեւ հաճոյքով. յամրօրէն ու տաժանելիօրէն ժպիտ մը ուրուագծուեցաւ անոր խոժոռ եւ խիստ դէմքին վրայ։

Անիկա ոչ միայն վախ չէր ազդեր երիտասարդ կնոջ, այլ զարմանալի ու անբացատրելի վստահութիւն. կարծես վաղուց զիրար կը ճանչնային։

—Յոգնած էք, ըսաւ Սաթենիկ լռութիւնը խզելու համար, սամավարը շուտով պատրաստ կը լինի։

— Չեմ մերժիր, յոգնութիւնը ոչինչ, բայց շտապ գործեր կան կարգադրելիք, Սոնիան երեւի չի ուշանայ։

Քառորդ մը յետոյ սեղանը ծածկուած էր կապոյտ ծածկոցով ու պղնձեայ փայլուն սամավարը կ’երգէր ու կը նշուլէր իր կորութիւններու բոլոր ցայտուն կէտերէն. սեղանին առաջք նստած Սաթենիկ եւ անծանօթը թէյ կը խմէին եւ գիրքը կը թղթատէին։ Միւսէի բանաստեղծութեանց հատոր մըն էր եւ Սաթենիկ կը ջանար թարգմանել այն տողերը, որոնց իմաստի երանգը կը խուսափէր իր անծանօթ հիւրէն, ֆրանսերէն լեզուի մէջ ունեցած անբաւականութեան հետեւանքով։

Այսուամենայնիւ անիկա մտազբաղ կ’երեւէր եւ այդ բոլորը կ’ընէր կարծես Սաթենիկին հաճոյք պատճառելու համար. անիկա իր վարմունքին մէջ կը դնէր տեսակ մը քնքուշ բարեացակամութիւն ինչպէս մէկը, որ, ծանօթ տան մէջ, երեխայի հետ խօսելու ստիպուէր։ Սաթենիկ զգալով այդ, չէր վիրաւորուեր, այլ տեսակ մը երկչոտ ակնածանքով կը համակուէր, իր նայուածքը գաղտագողի կը զննէր անծանօթը երբ անիկա կը լռէր, կարծես խորասուզուած տաժանելի մտածումներու մէջ։ Այդ կնճռոտ ճակատը, այդ տխուր աչքերը, այդ անխնամ դրսերեւոյթը, եւ այդ բոլորը պարուրուած էին կարծես անիմանալի լոյսով մը.

Այդպիսի րոպէի մըն էր որ Սոնիա մտաւ սենեակ. անիկա անմիջապէս որ անծանօթը տեսաւ ճիչ մը արձակեց եւ բազուկները բացաւ գոչելով.

— Ստեփա՛ն, Ստեփան ջան…

Յետոյ համբուրուեցան ընկերաբար։

Սաթենիկ մնաց ապշած. ուրեմն Ստեփանն էր եւ հակառակ որ առաջին րոպէին համարեց որ անիկա համապատասխան չէր այդ պատկերին, որ մտքին մէջ կազմած էր, այսուամենայնիւ հետզհետէ ոչ միայն զգաց որ անծանօթ չէր անիկա իր ներքին էութեան, այլ թէ Ստեփանը ուրիշ կերպ չէր կրնար ըլլալ։

Սոնիա ուզեց զինքը անմիջապէս ներկայացնել.

— Քեզ ներկայացնեմ, Ստեփա՛ն, Սաթիկը, մեր Արտաշէսի երիտասարդ քոյրը, բայց դուք արդէն ծանօթացեր էք, այդ լաւ է։ Ստեփան դե՜հ նստիր. թէյ լցրու, Սաթենի՛կ, հիմա պէտք է ընկերներին կանչել. ա՜յ, Ստեփան, ինչ օրեր, ինչ դժուարութիւն, ինչ հոգս… է՜հ, փառք Աստուծոյ, ողջ ու ապահով հասար, այժմ այլեւս հեշտ է կարգաւորել մնացածը։

Սաթենիկ ուզեց հեռանալ սենեակէն, բայց երկուքը միաբերան պնդեցին որ մնայ։

— Արտաշէսի քոյրը կարող է մտնել ամէն տեղ, աւելցուց Ստեփան։

Արտակարգ ոգեւորութիւն մը հրեղէն բոցի մը պէս անցաւ Սաթենիկի երակներէն. անիկա մինչեւ ականջները կարմրեցաւ, յետոյ ինքնիրեն երդում ըրաւ ամէն բանով արժանի ըլլալ այդ վստահութեան. այդ պահուն զինքը կարող էին ղրկել հուրի եւ սուրի մէջ առանց տատամսելու։

Քիչ յետոյ ընկերները եկան եւ Ստեփան շատ կարճ բայց ամփոփ կերպով պատմեց պատահածը. սահմանագլխէն անցեր էին յաջողութեամբ եւ առաջին ընդհարում մը ունեցեր էին Քիւրտերու հետ. յետոյ ամբողջ ողբերգութիւնը անհաւասար կռիւին. զէնքերը հասեր էին տեղ, բայց վեց հոգի զոհ տուեր էին. այնքան եւ թերեւս աւելի այն խումբը, որ ընդ առաջ եկեր էր զէնքերը առնելու. պատմեց եւ իրենց վերադարձը, սիրելի ընկերներու դիակները անթաղ լքուած թշնամի հողի վրայ… Սահմանը անցնելու դժուարութիւնները եւ ռուսական իշխանութեանց հալածանքը։ Ոչ ոք չէր ձերբակալուեր, բայց շատեր ապաստաներ էին մերձաւոր հայ գիւղերու մէջ. ինքը եկեր էր Թիֆլիս, հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն, որովհետեւ նոր արշաւախումբի մը կազմութիւնը անհրաժեշտ էր երկրի ընկերներուն թելադրութեան համաձայն։

Ընկերները յայտնեցին որ Թիֆլիսի մէջ արդէն մի քանի տուներ խուզարկուած էին, որովհետեւ կը կարծէին թէ Ստեփան արդէն հասած է. այսուամենայնիւ գտեր էին ապահով թաքստոց. միայն հարց մը կար.

— Ինչպէ՞ս երթալ մինչեւ այնտեղ, առանձին անհնարին էր. իսկ իրենք կասկածելի մարդիկ էին։

— Լաւագոյնը այն է որ մի կին ընկերանայ իրեն. կնոջ ընկերացող մի մարդ ոստիկանութեան ուշադրութիւն չի գրաւի. ես քեզ հետ կու գամ Ստեփան։

Ընկերները, ընդունելով հանդերձ Սոնիայի դիտողութիւնը, անյարմար գտան իր ընկերանալը. երկու անգամ բանտարկուած կին էր անիկա եւ կարող էր պատահիլ որ իրեն ծանօթ գաղտնի ոստիկանի հանդիպի։

— Ես կ’ընկերանամ, ըսաւ Սաթենիկ։

Բոլոր աչքերը դէպի իրեն դարձան. ինքն իսկ զարմացաւ իր համարձակութենէն եւ յանդգնութենէն. այդ հերոսական օրերուն վտանգի ենթարկուիլը անձնուիրութիւն չէր, այլ փառասիրութիւն մը, որուն պէտք էր արժանի դառնալ։

Սաթենիկ պատրաստ էր լալու, կարծելով նշմարել հոգեկան ակնարկ իր վրայ սեւեռած աչքերուն մէջ, բայց երբ Ստեփան դէպի իրեն դարձաւ, անոր նայուածքը լի էր բարութեամբ եւ խանդաղատանքով. յետոյ դառնալով իր ընկերներուն, ըսաւ.

— Լաւ ուրեմն ես կը գնամ Արտաշէսի քրոջ հետ։

Միասին դուրս եկան. Սոնիա խոզանակեր էր Ստեփանի հագուստները. անիկա սանտրուեր ու մաքրուեր էր մեկնելէ առաջ, ուշադրութիւն չհրաւիրելու համար իր վրայ։ Շտապով անցան լայն եւ լուսաշող փողոցներէն, անցան Վարանցովի կամուրջէն գրեթէ առանց խօսելու եւ երբ մտան այլեւս մութ եւ ամայի փողոցներ, Ստեփան կանգ առաւ։

— Սաթի՛կ, ըսաւ մտերմական շեշտով, դու փափկակազմ կին ես, պիտի յոգնես, ստիպուած ենք քալել, անխոհեմութիւն է կառք վերցնել։

— Յոգնած չեմ բոլորովին եւ ինձ վրայ ուշադրութիւն մի դարձրէք։

Օգնելու համար երիտասարդ կնոջ, Ստեփան թեւը մտաւ ու գնացին այդպէս վաղեմի մտերիմներու նման. քիչ անգամ խօսք մը կ’արտասանէին, բայց Սաթենիկ կը զգար որոշապէս որ տարօրինակ համակրանք կար Ստեփանի արտասանած նոյնիսկ սովորական բառերուն մէջ։

Ուշ ատեն հասան հեռաւոր թաղի մը մէջ մեկուսացած տուն մը, ուր եղբայրական ընդունելութիւն գտան. ժամանակը յառաջացած ըլլալով թոյլ չտուին որ Սաթենիկ մեկնի եւ տնեցիներէն երիտասարդ մը գնաց իմացնելու ընկերներուն իրենց ապահով հասնիլը։

Մինչեւ կէս գիշերը անց մնացին այդ պարզ ընտանիքին մէջ, ուր կիները եւ երեխաներն իսկ կարծես տոգորուած էին իրենց կատարած դերին լրջութիւնով։ Թեթեւ ընթրիք մը ըրին կէս գիշերին ու Սաթենիկ գնաց հանգստանալու տան օրիորդներուն սենեակը։

Այդ օրէն սերտ բարեկամութեամբ կապուած էր Ստեփանին հետ։ Անիկա իրեն հիացում կ’ազդէր, ակնածանք եւ եղբայրական գորովանք։ Կարող էր անոր համար ամենամեծ զոհողութիւններ ընել եւ փոխարէն սպասել իրմէ այն բոլորը, որ հարազատէ մը կը սպասուի։ Ստեփան իր հետ վարուած էր միշտ պարզութեամբ եւ անսահման բարեկամութեամբ, բայց երբեմն այդ բարեկամութիւնը դարձեր էր յուզումնալի. խռովքի խուսափուկ վայրկեաններ, որոնք մնացեր էին առկախ եւ առանց յաջորդութեան. բայց այդ զսպուած յուզմունքը, տեսակ մը անբացատրելի անհանգստութիւնը մանաւանդ Գարեգինի վերաբերմամբ, աննշմարելի չէին մնացած Սաթենիկէն, բայց նաեւ հաղորդական չէին եղած։ Սաթենիկ ամէն անգամուն ջանացած էր մարել այդ խռովքը եւ տարօրինակ զգուշութիւնով մը նոյնիսկ իր միտքը կանգ չէր առած այս տպաւորութեան վրայ. ինքը շատ լաւ գիտէր որ Ստեփանի մէջ ուրուագծուող զգացումին պոռթկումը կրնար խզում յառաջ բերել իրենց մէջ եւ խանգարել ներդաշնակութիւնը իրենց գեղեցիկ բարեկամութեան. միեւնոյն ատեն ինքզինքը հեռու եւ անհաղորդ կը զգար այդ բնոյթէ զգացումի մը Ստեփանի նկատմամբ եւ հանդարտութեամբ կը դիմաւորէր այդ խռովքը, ամէն անգամ երբ անոր խոժոռ եւ խիստ դէմքը կը լուսաւորէր անհանգիստ յուզումով եւ նայուածքը կը ծանրանար դառն տխրութիւնով։ Մնաց որ այդ րոպէները այնքան խուսափուկ էին որ Սաթենիկ թոյլ չէր տար ինքզինքին որոշ եզրակացութեան մը յանգիլ եւ երջանիկ էր երբ իր զուարթութեան, շնորհին եւ սրամտութեան փոխարէն դժուարին ժպիտը կը ծաղկէր այդ կեանքի բեռին տակ ճնշուած եւ հազար ազնուական հոգերով տանջուած մարդու կնճռոտ դէմքին վրայ։

Այլ սակայն Ստեփան կը սիրէր զինքը այն խորունկ, անյաղթելի զգացումով, որով այդ կարգի խստամբեր մարդոց հոգին կը փոթորկուի երբեմն։ Այդ սէրը բուռն հրայրք մը չէր, այլ հետզհետէ ընդլայնող գորովանք մը, թափանցող բուրումի մը պէս անիկա սպրդեր էր իր փակ այլամերժ հոգիին մէջ եւ խնկաւէտ դարձուցեր էր զայն. ինքն ալ չէր գիտեր թէ որ րոպէին սկսեր էր այդ զգացումը, այլ իրեն կը թուէր որ անիկա կար ու քնած էր իր էութեան մէջ ու Սաթենիկի շունչը բաւական էր եղեր արթնցնելու իր խռովայոյզ զգացումները։ Անսահման գորովանք եւ գթութիւն ունեցեր էր Ստեփան սկիզբները ի տես այդ փափկակազմ երիտասարդ կնոջ, որուն բոլոր հարազատները կորսուեր էին հայկական հալածանքներու փոթորիկին մէջ եւ որ իր դիւրաբեկ եւ դիւրաթեք մարմնոյն մէջ կը կրէր արի հոգի մը նման շողշողուն լոյսի. կը սիրէր անոր փափուկ շնորհը եւ աչքերուն զմայլելի հուրքը. կը սիրէր ձայնը եւ խօսելու մասնայատուկ եղանակը լիքը սրտմտութիւնով եւ իմացականութեամբ. կը սիրէր նաեւ անոր լուսահեղ զուարթութիւնը եւ կեանքի պայմաններու մասին անփութութիւնը. ինչ որ սակայն մասնաւոր հրապոյր մը կու տար Սաթենիկին այն էր որ անիկա տարբեր տեսակի կին էր եւ ոչ մէկ բանով նման այն ընկերուհիներուն, որոնց հետ ապրելու եւ գործելու վարժ էին։ Անիկա ժպիտ, զուարթութիւն եւ լոյս կը շնորհէր դաժան, խստամբեր եւ ահարկու վտանգներով լի կեանքին. կարծես իրենց անգիտակցութեան մէջ ի սկզբանէ գոյութիւն ունեցող ցանկութեան մը եթե ոչ իրականացումն գոնէ խոստումն էր, որոշ կարգէ զգացումներու հայրենաբաղձութեան ամոքումն էր. ամէնքն ալ այդ նուիրուածներուն, պատանեկան հասակէ նետուեր էին պայքարի, անհաւասար մարտնչումներու, զրկանքներու կեանքի մը մէջ եւ իրենց հոգիին մէջ եղած բանաստեղծականութեան բոլոր սերմերը ոտնակոխ ըրեր էին կամովին. անոնք ժամանակ չէին ունեցած սիրելու եւ դեգերելու երիտասարդական զգացումներու ծաղկեալ պարտէզին մէջ. անոնք նոյնիսկ շատ կանուխէն սովոր էին մերժելու իրենց մօրը գորովանքը եւ սոսկալի վարժութիւնը ստացեր էին մայրական արցունքներու առաջ իսկ անյողդողդ մնալու։ Այն բոլոր երիտասարդ կիները, որոնց հանդիպեր էին իրենց կեանքի մէջ կամ հակառակորդ բանակէ էին եւ կամ պարտականութեան նոյն շղթայով կապուած, ապա իգացած ընկերուհիներ. Սաթենիկ այդ մռայլ կեանքի մէջ արեւի ճառագայթ մըն էր, իր երեւոյթը վարձատրութիւն մըն էր, հոգիի եւ աչքի հանգիստ կեանքի րոպէ մը, ապրելու երջանկութենէ կամովին զրկուած այդ արի, հուժկու եւ հրայրքի մշտնջենական գերագրգռութեան մէջ ապրող մարդոց համար։ Ստեփան առանց վերլուծելու իր զգացումին հիմքը, կը զգար այս բոլորը տարտամօրէն եւ յաճախ երբ իր դաժան մտահոգութիւնները պահ մը կը ցրուէին եւ իր խիստ դէմքը կը պարզուէր վարանող ժպիտով Սաթենիկի ներկայութեան, իր հոգին պարուրող զգացումը նման էր այնքան այն զգայնութեան, որ օր մը ունեցեր էր Սեւ ծովի վրայ երեք օրուան ահեղ փոթորիկէ մը յետոյ։ Ամէնքն ալ կամրջակին վրայ գրեթէ զգայազիրկ վիճակի մէջ ինկեր էին ասդին-անդին. կորսնցուցեր էին այլեւս ժամանակի զգացումը եւ իրենց տանջանքներուն վերջաւորութեան յոյսը՝ երբ յանկարծ Ստեփան լսեր էր եկեղեցւոյ զանգակի ղօղանջիւն. մշուշին մէջ, շոգենաւը անզգալաբար մօտեցեր էր ցամաքին ու այդ հեռաւոր գանգիւնը կեանքն էր ու ցամաքը, հայրենի գիւղի վերյիշումը, մանկութիւնը, արեւը լուսաշող եւ մայրական ժպիտը, ու նաեւ այդ օրեր տեւող փոթորիկէն, ջուրերու անվերջ շաչիւնէն, մահուան մշտնջենական արհաւիրքէն յետոյ, սիրալիր ու ընտանի հրաւէրն էր, բարեկամական եւ ընտանի վանկը, որ ցամաք կը ղրկէր իր վտարանդի որդիներուն։

Վանկ մը, ժպիտ մը, բուրում մը… այդ բոլորն էր Սաթենիկ եւ ուրիշ ոչինչ. յաճախ ընկերուհիներ խիստ կերպով կը քննադատէին իր մտքին ցոյց տուած անընդունակութիւնը զիրենք ոգեւորող խնդիրներու նկատմամբ. Սաթենիկ գերազանցապէս կին էր եւ իր դերը կը կատարէր. անիկա ոչ թէ գործովը կը հետաքրքրուէր, այլ անձերով։ Սերտ բարեկամութեամբ կապուած էր ընկերներու, մանաւա՛նդ Սոնիային եւ Ստեփանին եւ այդ երկուքը զինքը կարող էին քաշքշել ամէն ուղղութեամբ. անոնց հրաւէրով եւ անոնց համար մահուան ընդառաջ կ’երթար ժպիտը շրթունքին եւ արիութեամբ, ի՜նչ փոյթ թէ ինչ նպատակի համար. եթէ անոնք իրենց դրօշակի գոյնը փոխէին, ինքը պիտի չնշմարէր իսկ այդ բանը. Սաթենիկ կարօտ ունէր խանդաղատանքի եւ բարեկամութեան եւ այդ երկուքը լիառատ կ’ընծայէին իրեն. իր անհանգիստ հոգին կարօտ էր հիացումի եւ անիկա կը հիանար Սոնիայի եւ Ստեփանի վրայ եւ երախտապարտ էր անոնց հերոսական աւիւնին, անոնց անբասիր կեանքին եւ իրենց անձնուիրութեան կատարելութեան, որովհետեւ այդ բոլորը կը սնուցանէին իր հիացումի անսպառ ընդունակութիւնը։

Երկար ատեն Սաթենիկի ներշնչած զգացումը Ստեփանի մէջ մնացեր էր տարտամ եւ ցրուած յուզմունք մը, որուն իսկութեան չէր անդրադարձեր. անիկա հոգեկան վիճակ մըն էր որուն մէջ կ’ապաստանէր նոյնիսկ անփոյթ հաճոյքով հանգստանալու համար իր ծանրաբեռն պարտաւորութիւններէն։ Յաճախ Սաթենիկի բացակայութեան կը խօսէին Սոնիային հետ ինչպէս սիրելի երեխայի մը վրայ։ Կը մտահոգուէին իր ապագայով եւ կը վիճէին նոյնիսկ անոր մասին ծրագիրներ կազմելով։

— Է՜հ, կ’ըսէր Սոնիա նեղացած, պէտք է մարդու տալ, ի հարկէ, բայց այնպիսի մարդու որ յեղափոխական չլինի, որ ամէն օր ժողովով զբաղած չլինի, որ դէպի սահմանը չվազի եւ կինը ու երեխայքը չպահի մշտնջենական հոգսի եւ սարսափի մէջ։

— Ներկայ ժամանակներում, կը պատասխանէր Ստեփան, այդպիսի մարդ մարդ չէ։

— Է՜հ, բան ասացի՜ր… կ’երկարէր Սոնիա. միթէ չէ՞ կարելի յուսալ մեր Սաթենիկի համար կարգին ընտանիքէ ինդէլիկենտ երիտասարդ. այնքան շնորհ ունի շան աղջիկը, այնքան գրաւիչ է։

— Այո, գրաւիչ է եւ այդ վտանգ է իրան համար։

Մէկ քան անգամ վտանգի զգացումը տարօրինակ եւ անսպասելի անհանգստութիւն պատճառեր էր Ստեփանին. բայց մէկ անգամ մանաւանդ, այդ անհանգստութիւնը այնպիսի ցաւագին եւ սուր զգացողութիւն մը ներշնչեր էր իրեն որ ստիպուեր էր ինքզինքը զսպել եւ վերջ ի վերջոյ մեկնիլ Թիֆլիսէն։

Արտասահմանէն նոր վերադարձեր էր Սոնիայի քեռորդին Ներսէս Յարութիւնեան բժշկական վկայականով. հրապուրիչ, կրթուած երիտասարդ էր եւ Սոնիա անմիջապէս մտածեր էր հաւանական ամուսնութեան Սաթենիկին հետ. իր դիտաւորութիւնը յայտնի էր Ստեփանին, բայց վիրաւորուած անոր ցուրտ ընդունելութենէն այդպիսի ծրագրի մը մասին, մտադրեր էր կատարուած իրողութեան առաջ դնել զայն։

Սաթենիկ եւ Ներսէս ծանօթացեր էին իրարու եւ անմիջապէս բարեկամացեր. իրիկուն մը պտոյտէ վերադարձին գտան Ստեփանը Սոնիայի մօտ։

Բաց օդը եւ երկար պտոյտը վարդագուներ էին Սաթենիկի սովորաբար տժգոյն դէմքը. իր կապոյտ լայն բիբերը լիքն էին լոյսով եւ ուրախութեամբ. ի տես այդ կենսուրախ զոյգին Ստեփան մռայլեցաւ եւ խոժոռ ու կնճռոտ դէմքը անհնարին եղաւ պարզել, բայց իր այդ արտայայտութիւնը այնքան սովորական էր որ ոչ ոք ուշադրութիւն դարձուց։ Սաթենիկ պահ մը մօտեցաւ իրեն եւ երես առած երեխայի համարձակութեամբ ձեռքը բռնած տարաշխարհիկ ծաղիկի ճիւղ մը մօտեցնելով Ստեփանին, ըսաւ զուարթութեամբ.

— Տե՛ս, Ստեփան, ի՜նչ քաղցր բուրում ունի։

Ստեփան յանկարծակի բուռն շարժումով մը ետ մղեց Սաթենիկի բազուկը։ Սաթենիկ ցնցուեցաւ եւ այդ անակնկալ զայրոյթէն բոլոր հոգւովը դղրդուած պահ մը մնաց մտախոհ եւ տխուր։ Անօրինակ սարսուռ մը անցեր էր իր ամբողջ էութենէն, խուսափուկ բայց բուռն եւ հեշտալի տանջանք մը պատճառելով։ Այդ զգացումին ազդեցութեան տակ կարծես կախարդական ուժով մը իր նոր բարեկամին Ներսէս Յարութիւնեանի յատկութիւնները, իր ուրախութիւնը, անոր հետ անցուցած հաճելի ժամերուն յիշողութիւնը գունաթափ եղեր եւ իրենց արժէքը կորսնցուցեր էին։ Գոհ էր եւ դժգոհ միանգամայն նման մէկու մը, որ սարսափելի խորհուրդի մը հաղորդակից կ’ըլլայ։

Երկու օր ետքը Ստեփան մեկնելով Թիֆլիսէն, Սաթենիկ ակնյայտի դժկամութիւն ցոյց տուեր էր Ներսէսին եւ Սոնիա առիթ գտեր էր իր անվերջանալի գանգատները ընելու։

— Դէհ, դուք այդպէս էք, փոփոխամիտ, անկարող խոր զգացումի. ափսոս չէ՞ Ներսէսը, կարգին երիտասարդ է, ես չգիտեմ ի՞նչ ես երեւակայում, ինչի՞ ես ձգտում։

Սաթենիկ այդ բոլորին կը պատասխանէր չարաճճի հեգնութեամբ, բայց հոգիին խորքէն տխուր էր մտածելով իր ընկերական անհաստատ վիճակին եւ մանաւանդ անդրադառնալով այն անկայուն հոգեկան վիճակին, որ զինքը, անկարող կը դարձնէր կանգ առնել որոշումի մը վրայ։

Հոգին լիքն էր աննպատակ յուզումով եւ գերագրգռութիւնով. իր ամբողջ էութեամբ կը ձգտէր դէպի անծանօթ նպատակ մը. ինչո՞ւ նման չէր այնքան երիտասարդ աղջիկներու, որոնք հաստատ եւ անվրէպ քայլերով կը դիմեն դէպի իրենց բնական ճակատագիրը. ուրկէ՞ այդ մշտնջենական խռովքը եւ պարապին մէջ յուզմունքը. կը սպասէր ի՞նչ բանի եւ որո՞ւ. ամէն ինչ եւ ամէն մարդ կարծես կը սնուցանէին եւ կ’արծարծէին այդ յուզումը առանց զայն ամոքելու. ոչ ոք տակաւին տէր դարձեր էր իր սրտին, այլ սակայն ինք այն կիներէն էր որոնք պատրաստ են ամբողջովին նուիրուելու տիրական զգացումի մը։ Անիկա աճապարանք չունէր, բայց տանջալի խռովք մը իր սեփական ճակատագրին անծանօթ խորհուրդին առաջ. անիկա կ’ուզէր որ իր ապագան քօղազերծուի եւ միանգամայն կ’երկնչէր այդ յայտնութենէն. իր զուարթութիւնը եւ անփոյթ շնորհը յաճախ արուեստական էին եւ յաճախ իր հոգեկան անհանգստութիւնը կ’օրօրէին…։ Անիկա շնորհիւ այդ հոգեկան անհանդարտութեան անընդունակ դարձեր էր ոեւէ աշխատանքի։ Բնականէն օժտված զանազան տաղանդներով՝ ոչ մէկը իր լրումին հասցուցեր էր եւ այդ բոլորը հազիւ ուրուագծուած կը թափառէին իր մտքին հորիզոնին վրայ։

Իր կեանքը ամենէն մատղաշ տարիքէն զարհուրելի դէպքերու օղակաւորում մը եղած էր։ Բնիկ Տրապիզոնցի հայրը եւ մայրը սպաննուեր էին 95ի դէպքերուն։ Եղբայրը Արտաշէս այն ատեն հազիւ 15 տարեկան յաջողեր էր զինքը փրկելու եւ իր հնգամեայ քրոջը հետ ապաստանիլ Յոյնի մը տունը. յետոյ մեծ փոթորիկի հանդարտութենէն օգտուելով եւ շնորհիւ բարեկամներու աջակցութեան եկեր էին Պաթում իրենց մօրեղբօր մօտ, որ երկար տարիներէ ի վեր գաղթեր եւ հաստատուեր էր Կովկաս. քեռկինը Թիֆլիսցի էր եւ մօրեղբօր մահէն յետոյ տեղափոխուեր էին Անդրկովկասի գեղեցիկ եւ կենսուրախ մայրաքաղաքը, ուր շնորհիւ իրենց ազգականներուն բարեկեցիկ վիճակին, ստացեր էին խնամուած կրթութիւն։ Քեռկինը նախկին ուսուցչուհի՝ կապեր ունեցեր էր ժամանակին մտաւորական յայտնի դէմքերու հետ եւ շնորհիւ այդ հանգամանքին՝ քոյր, եղբայր փոքր հասակէն շփման մէջ էին ազգային մեծ եւ դժբախտ դատին նուիրուած երիտասարդութեան հետ։ Սաթենիկ Սոնիայի ծանօթացեր էր եղբօրը միջոցաւ, որ քեռիին մահէն անմիջապէս յետոյ դպրոցը թողելով կիսաւարտ, նետուեր էր յեղափոխական կեանքի յորձանքին մէջ։ Անիկա փոքր հասակէն վառուած վրէժխնդրութեան զգացումով եւ հոգեպէս հիւանդ այն բոլոր քստմնելի յիշողութիւններով, որ կը տանջէին իր մատաղ էութիւնը, անցեր էր սահմանը եւ կարծես մասնաւոր մոլեռանդութիւնով մը վազեր էր մահուան առաջ։ Անիկա մեռեր էր հերոսաբար սահմանէն անդին Սասունի կողերուն վրայ։ Հայրենիքի համար զոհուած հերոսներու փաղանգին մէջ Արտաշէսի անունը ամենէն սիրուած ու յարգուած անուններէն մէկն էր. այդ բոլոր նորօրինակ նահատակները կրօնք մը ստեղծած եւ ազնուականութիւն մը կազմած էին եւ իրենց լուսապսակին ցոլքը կը զարդարէր իրենց հարազատներն ու սերունդը։ Սաթենիկ գեղեցիկ ու դողդոջուն ծաղիկ մըն էր այդ կրօնքի լոյսին մէջ ծաղկած եւ կարծես անկարող էր եղբօրը ճամբէն քալելու, ժառանգեր էր այսուամենայնիւ այն բոլոր հոգեկան խռովքը, ջերմեռանդութիւնը եւ վերացական զգացումներով ոգեւորուելու ընդունակութիւնը, առանց որոշապէս գիտնալու թէ դէպի ո՞ւր եւ ի սպաս ի՞նչ բանի պիտի ուղղէր այդ կուտակուած յուզումնականութիւնը։ Անիկա միանգամայն ընտանի եւ մերձաւոր էր իր եղբօրը վաղեմի ընկերներուն եւ հեռու անոնցմէ իր մտքի անորոշ տրամադրութիւններով։ Երբեք Սոնիա մը չէր կարող դուրս գալ այդ անկայուն երանգներով խմորուած էութենէն. անիկա կարծես ծնած էր տարբեր ճակատագրի համար։ Իր բարեհամբոյր եւ քաղցր բնութիւնը, իր գորովանքի կարօտ հոգին, իր գեղարուեստական նուրբ ճաշակը անընտել պիտի մնային միշտ այն յստակ, խիստ ու դաժան պարտաւորութիւններէն, որոնց պարտադրութիւնը իրենց վրայ դրեր էին արդէն քանի մը սերունդներ։ Ինչ որ այդ ընկերութեան մէջ իր հոգիին համապատասխան էր եւ հաճելի՝ այն էր որոնց իտէալի մը համար ունեցած մոլեռանդութիւնը եւ ամբողջովին նուիրուած մարդոց հերոսական գեղեցկութիւնը։ Այդ մարդիկը ու այդ առնական կիները իրեն հիացում եւ վախ կը պատճառէին, բայց ոչ մէկ կերպով զինքը կարող էին իրենց ճամբուն վրայ բերել. ինքը այն կիներէն էր որ տանը սեմին վրայ կը մնան, գիտեն արտասուել ու երգել. իրենց տկարութեան համեստութիւնը ունին եւ նաեւ պչրանքը այդ համեստութեամբ զարդարուելու եւ անիկա շնորհ մը ու փափուկ գեղեցկութիւն մը դարձնելու։

Ստեփան կրեր էր իր կոյս հոգիին բոլոր թափովը Սաթենիկի ներշնչած հրապոյրը, բայց իր փոթորկալի կեանքի մէջ ոչ միայն ժամանակ չէր ունեցեր անդրադառնալու իր զգացումի բնոյթին, այլ նաեւ զգուշացեր էր այդ օտարոտի հրայրքէն, բնազդով վախնալով անոր ոյժէն. իր անձնական զգացումները զսպելու վարժութիւնը նպաստեր էր որ երկար ատեն ինքն իսկ մնայ անգիտակցութեան մէջ, բայց վերջապէս անիկա յայտնուեր էր օր մը իր բոլոր սաստութեամբ, երբ այլեւս տեղաւորուած էր իր էութեան մէջ եւ ոեւէ կերպով անկարելի էր արմատախիլ ընել։

Ճամբորդութենէ մը վերադարձին զարմացումով անդրադարձաւ որ Սաթենիկ չէր երեւար։ Երեք օրեր անցեր էին իր ժամանումէն եւ շարունակական խորհրդակցութիւններ, ժողովներ, որ մինչեւ առաւօտ կը տեւեն, դիմումներ եւ անյետաձգելի գործեր առանց դադարի զբաղած կը պահէին զինքը։ Երրորդ երեկոյին միայն երբ հապճեպով ժողովին կ’երթային Սոնիային հետ, Ստեփան հարցուց.

— Ո՞ւր է Սաթենիկը, չի երեւում։

— Ա՜հ, ըսաւ Սոնիա բազուկները բարձրացնելով, խեղճ աղջիկը հիւանդ է երկար ժամանակից ի վեր…

Ստեփան զգաց որ քունքերը կը տամկանային պաղ քրտինքով։

— Այս քանի օրերը, աւելցուց Սոնիա, չկարողացա զբաղիլ իրմով… խնամքի պէտք ունի, շատ ուշադիր խնամքի…

— Ի՞նչ ունի, հարցուց վերջապէս Ստեփան խեղդուկ ձայնով։

— Թոքերու բորբոքում ունեցաւ, մսեր էր, եւ այժմ ապաքինումը երկարում է. բժիշկ Տիգրանեանը մտահոգ է իր մասին. պէտք է ձմեռը ղրկել իրան յարմար տեղ։

Ուշ ատեն ժողովէ վերադարձին Ստեփան գնաց այցելութեան. Սաթենիկի քեռկինը զարմացած այդ ուշադրութենէն երկար խօսեցաւ Սաթենիկի առողջութեան մասին. ճիշդ էր, բժիշկը մտահոգ էր, բայց միեւնոյն ատեն կը հաւաստէր թէ որոշ բան մը չկա. աւելի հիւանդագին տրամադրութիւն, անարիւնութիւն եւ կազդուրուելու դանդաղութիւն. յետոյ առաջարկեց Ստեփանին երթալ Սաթենիկի մօտ։

— Այս ժամին անհանգիստ պէտք չէ անել նրան։

— Չէ, ոչինչ, արթուն է եւ վստահ եղէք որ շատ կ’ուրախանայ ձեզ տեսնելով։

Ստեփան ոտքի ելաւ եւ կանգ առաւ. կարծես կ’ուզէր բան մը ըսել, բայց լռեց եւ հետեւեցաւ տիկնոջը։

Սաթենիկ նստած էր անկողնին մէջ ու կը կարդար. իր տժգոյն եւ նրբացած դէմքը շրջապատուած հոծ մազերով կարծես տոգորուած էր յուսաբեկութիւնով. դրան աղմուկին իր աչքերը բարձրացուց, որոնք աւելի խոշոր կ’երեւային իր վտիտ դէմքին վրայ եւ ի տես Ստեփանին ժպտեցաւ յոգնած ժպիտով։

Հետեւեալ օրը եւ յաջորդ օրերը Ստեփան այցելեց Սաթենիկին. անիկա կու գար անորոշ ժամերու եւ որքան որ իրեն հնարաւոր էր կը մնար երիտասարդ աղջկան քով. չէր խօսեր շատ, բայց իր ուշադիր եւ հոգածու նայուածքը չէր հեռանար Սաթենիկէն։ Աշունը նոր կը մտնային եւ արեւոտ քաղքին գաղջ օդը, որ բաց պատուհանէն իրենց կը բերէր շրջակա պարտեզներու բուրումները, տենդագին մթնոլորտով մը կը շրջապատէր զիրենք. ամէն օր գրեթէ սրտառուչ յուզումով մանուշակի թարմ փունջ մը կը բերէր իր ընկերուհիին եւ Սաթենիկ երկար ժամեր ձեռքին մէջ կը պահէր այդ ընծան մինչեւ որ փունջը քակուէր եւ թուլացած ծաղիկները մէկիկ-մէկիկ իյնային եւ ցանցուէին անկողնին եւ բարձին վրայ. իր նուրբ եւ երկայն մատները տարօրինակ եւ գրեթէ թափանցիկ տժգունութիւն մը ստացեր էին եւ Ստեփան կը նայէր անոնց ջղագրգիռ եւ ճկուն շարժումներուն, հոգին ընդլայնուած կարծես ընդունելու անսահման զգացում մը, որ չէր յայտնուեր եւ պարապ կը թողուր զայն։ Ամէն անգամ երբ կը մեկնէր, կը դանդաղէր հրաժեշտի պահուն եւ երբ Սաթենիկի սեմէն դուրս կու գար, գոհ էր եւ դժգոհ միանգամայն, փոխն ի փոխ անձնատուր հակասական զգացումներու։

Սաթենիկ կ’ընդունէր Ստեփանի յուզուած բարեկամութիւնը երախտագիտութեամբ, բայց նաեւ պարզութեամբ եւ առանց մտահոգութեան. հետզհետէ առողջութիւնը կը վերադառնար եւ իր այտերը կը լեցուէին ու կը վարդագունէին. քեռկինը գրեթե երբեք չէր խանգարեր իրենց առանձնութիւնը ու այդ մտերմութեան լռին ժամերը քաղցր էին երկուքին համար. ոչինչ պիտի խանգարէր իրենց հոգեկան ներդաշնակութիւնը եւ ժամանակի ընթացքին աննշմարելի բազմաթիւ բայց դիւրապեկ կապեր ստեղծուէին թերեւս իրենց մէջ. իրենց ակնարկը խօսուն կը դառնար եւ երբեմն նոյնիսկ անհանգիստ այդ խռովեալ լռութենէն, կը խզէին զայն, անտարբեր եւ հեռաւոր նիւթերու մասին խօսելով. կարծես թէ այն թանկագին հանդիպման րոպէն, որ երկու հոգիներ սերտ հաղորդակցութեան մէջ կը դնէ, հազար անգամ կը ներկայանար եւ կը խուսափէր. կարծես թէ այն կշռոյթը, որ թեւ պիտի տար իրենց զգացումներուն, կը սկսէր ստեղծուիլ եւ կը խզուէր. եթէ Սաթենիկ անգիտակից էր իր գլխուն վերեւ թեւածող հաւանականութեան, Ստեփան կը զգար այդ մշտատեւ եւ արագ մակընթացութեան եւ տեղատուութեան տանջանքը. ինքն ալ որոշապէս չէր գիտեր թէ ի՞նչ բանի կը ձգտի, բայց կը զգար ճակատագրական անհնարութեան մը բոլոր չարչարանքը։

Իրիկուն մը մինչ գաղջ եւ աշնանային փոթորկալի օդ մը կը ծանրանար եւ սեղանին վրայ դրուած շահպրակներու բարկ բուրմունքը կը ծածանէր սենեակին մէջ, մութը սկսաւ իջնալ, ստուերներ երկարեցան անկիւններէն, Սաթենիկ խնդրեց լոյսը չվառել, եւ ինքն ալ չէր գիտեր ինչո՞ւ սկսաւ խօսիլ իր դառն եւ հանդարտ ձայնով անցեալ սրտնեղութեան մը վրայ. յանկարծ ձայնը դողդղաց եւ լռեց. Ստեփան կը պտուտքէր սենեակին մէջ. այդ րոպէին կանգ առաւ անկողնին մօտ. Սաթենիկ գորովանքի կարօտ երեխայի մը նման իր աչքերը դարձուց դէպի ընկերը. արցունքի շիթ մը կը դողդղար թարթիչներուն վրայ, բայց ահա իր գողտր եւ տխուր նայուածքը սեւեռեցաւ. անիկա ապշած կը նայէր Ստեփանի այլափոխուած դէմքին, որ սենեակի կիսաստուերին մէջ անիրական, ուրուականային տպաւորութիւն մը կ’ընէր. անհնարին ցաւի եւ դառնագին գորովանքի արտայայտութիւն մը ունէր անիկա մինչեւ աչքերը կը փայլատակէին անզսպելի հրայրքով. Սաթենիկ իր զարմացումին մէջ դղրդուած ձեռքը երկարեց կարծես աննշմարելի վտանգ մը հեռացնելու համար, բայց Ստեփան առաւ այն նուրբ ու տժգոյն ձեռքը եւ երեսը ծածկած անոր վրայ համբուրեց երկարօրէն եւ տարփանքով։

Ստեփան կ’երթար Թիֆլիսի փողոցներուն մէջ աննպատակ թափառումով. անիկա կը քալէր արագ, կարծես փախելով եւ անձնատուր խելայեղ խղճահարութեան. կը սիրէր Սաթենիկը, բայց եւ կը զգար որոշապէս որ իր բուն զգացումը ոեւէ արձագանգ չէր գտեր երիտասարդ աղջկան սրտին մէջ. անոր հոգին փակ էր իրեն համար եւ իրեն կը թուէր որ այդպէս ալ պիտի ըլլար եւ այդ էր բնական եւ տրամաբանական իրողութիւնը. ինքզինքին դէմ զայրացած էր իր տկարութեան րոպէին պատճառաւ ու յուսաբեկութեան անսահմանելի զգացում մը կ’ընկճէր զինքը իր բոլոր ծանրութեամբ։ Հազար ծրագիր կը խաչաձեւէին իր միտքը, կ’ուզէր անձնատուր ըլլալ յուսահատական եւ ահռելի արարքներու, աշխարհս դղրդել եւ իր գործած աւերումի փլատակներուն տակ թաղուիլ։

Առաւօտեան դէմ միայն, այդ երկարատեւ խռովքէն արբեցած, գրեթէ զգայազիրկ մտաւ ընկերոջ մը տունը եւ դիակի պէս ինկաւ տախտի մը վրայ։ Քանի մը ժամ քնանալէ յետոյ միայն սթափեցաւ եւ յաջողեցաւ պաղարիւնով նայիլ պատահածին վրայ։ Որոշեց խիստ ըլլալ ինքզինքին վերաբերմամբ եւ արմատախիլ ընել իր սրտէն սիրոյ անօգուտ եւ պերճ ծաղիկը։ Ամբողջ օրը խելայեղ թափով մը զբաղեցաւ իր սովորական գործերուն եւ իրիկնամուտին միայն մտածեց թէ Սաթենիկ կրնար յուզուած եւ տկարացած ըլլալ իր յիմարութեան պատճառաւ։ Առաւօտեան որոշեր էր այլեւս չտեսնել զինքը, բայց այդ պահուն անիմաստ համարեց այդ որոշումը. ինչո՞ւ թողուլ խեղճ աղջիկը անօգնական եւ մի՞թէ ան կարող էր իր որոշած ճամբովը երթալու։

Այնուամենայնիւ վճռեց երթալ Սոնիային հետ եւ հակառակ Սոնիայի մերժումին, քանի որ առաւօտեան գացեր տեսեր էր Սաթենիկը, ստիպեց որ իրեն ընկերանայ։

Զարմանալի զուգադիպութիւնով մը այդ իրիկուն Սաթենիկի քեռկինն ալ սենեակն էր եւ սեղանին մօտ տեղաւորուած զբաղած էր ասեղնագործութեամբ։ Վարագոյրները ծածկեր էին եւ լամբերը վառած՝ բայց լայն լուսարգելին պատճառաւ Սաթենիկի անկողնին անկիւնը կիսաստուերի մէջ էր։ Սոնիա մտահոգ Ստեփանի պնդումէն եւ վարժ անոր սակաւախօսութեան, մտածեց թէ նոր բան կար եւ իր մտահոգութիւնը ծածկելու համար սկսաւ խօսիլ եռանդով, ամէն րոպէ ընդհատելով ուրիշներու խօսակցութիւնը եւ վերջ ի վերջոյ եկաւ գլխաւոր հարցին.

— Դէհ, այժմ պէտք է որոշել. ձմեռը մօտենում է եւ պէտք է Սաթենիկին ուղարկել Դիլիճան. ես այդ մասին կարգադրութիւններ կ’անեմ, միայն հարց է ո՞վ պիտի ընկերանայ քեզ, Սաթիկ ջան։

Քեռկինը իր ընտանեցան գործերուն պատճառաւ չէր կրնար հեռանալ Թիֆլիսէն. եւ պահ մը խորհրդակցեցան յարմար մէկը փնտռելով։

Սաթենիկ մասնաւորաբար լաւ տրամադրութեան մէջ էր այդ իրիկուն եւ պատրաստ էր խնդալու ամէն րոպէի։ Օրուան մէջ քանի մը ժամ ելեր էր անկողնէն եւ ինքզինքը կը զգար եռանդուն, կենսալիր եւ ուրախ։ Նախորդ երեկոյեան դէպքը զինքը անցողակի կերպով յուզելէ յետոյ կարծես կորսնցուցեր էր իր նշանակութիւնը։ Գրաւիչ եւ սիրուն աղջիկ էր, հազար նման բաներ պատահած էին իրեն. փորձառութեամբ գիտէր որ ամենէն ամուր կարծուած տղամարդիկ անսպասելի եւ զարմանալի տկարութիւններ կ’ունենային. ճիշդ էր որ Ստեփանը իրեն համար սովորական մարդոց կարգէն դուրս էր եւ տարտամօրէն կը զգար որ այս անգամ խնդիրը այլապէս լուրջ է, բայց որովհետեւ իր հոգիին խորքը հանդարտ մնացեր էր, իր մակերեսային յուզմունքն ալ անցեր անհետացեր էր առանց ոեւէ կերպով արձագանգ տալու իրեն յայտնաբերուած զգացումին։ Ինքն ալ չէր գիտեր որ հակառակ իր առերեւոյթ անդորրութեան իր հոգիին խորքին մէջ ստացեր էր զարհուրելի սերմ մը եւ թէ այդ րոպէին յղի էր այն փոթորիկով, որով ամբողջ էութիւնը պիտի դղրդէր սոսկալի եւ յուսահատական ժամերու մէջ։

Ստեփան ա՛լ աւելի խոժոռ էր եւ լուռ. նոյնիսկ սաստելով ու կոպտութեամբ պատասխանեց Սաթենիկի զուարթութեան. կարծես հիւանդագին ախորժակ մը ունէր վիշտ պատճառելու, ոեւէ բանով յուզելու անոր շուարեցուցիչ անտարբերութիւնը. եկեր էր այն վախով՝ որ զինքը պիտի գտնար յուզուած եւ ընկճուած, եկեր էր խղճահարութեամբ մտածելով թէ անոր ֆիզիքական այդ տկար վիճակին մէջ անտեղի վրդովմունք պատճառեր էր. բայց այդ ենթադրեալ յուզմունքը կարծես ծառայեր էր ոգեւորելու երիտասարդ աղջիկը, եւ բնազդմամբ կը զգար որ այդ ոգեւորութիւնը իրեն համար չէր բնաւ եւ անիկա կարծես կը պատասխանէր ուրիշ եւ խորհրդաւոր հրաւէրի մը. կը զգար նոյնպէս որ սրտմտութեան անարժան զգացումը կը թունաւորէր իր սէրը։


******


Սաթենիկ ամիսէ մը ի վեր Դիլիճան էր երբ Ստեփան պատահմամբ անցաւ անկէ եւ քանի մը շաբաթ մնաց։ Սքանչելի օրեր եղան այդ օրերը երկուքին համար։ Ստեփանին մէջ կարծես բուռն եւ տանջող զգացումները քնացեր էին ու անհուն քաղցրութիւն մը կը զգար Սաթենիկը շրջապատելով հոգածութեամբ եւ գուրգուրանքով. իր նրբազգացութիւնը եւ մանրակրկիտ ուշադրութիւնը դէպի ընկերուհին երախտագիտութեամբ կը լեցնէր զայն. խորապէս եւ անկեղծօրէն խաղաղած էր եւ իր բնական անդորրութիւնը նպաստեր էր որ Սաթենիկի յիշողութենէն բոլորովին անհետին վրդովիչ ամէն մտածում։ Միասին կ’երթային պտոյտի հրաշալի լեռնաշղթայի փէշերուն վրայ, խօսելով անանձնական բաներու մասին։ Սաթենիկի առողջութիւնը վերադարձեր էր ամբողջովին եւ ինչպէս ամէն ապաքինող վերածնունդի անշէջ աւիւն մը հուրք կու տար աչքերուն եւ ժպիտ իր շրթներուն. անիկա այդ օրերուն իր գեղեցկութեան լրումին հասեր էր կարծես, իր շարժումները ստացեր էին մասնաւոր շնորհ եւ ճկունութիւն. իր սովորաբար հրապուրիչ ձայնն ալ աւելի գորովագին ջերմութիւն մը ստացեր էր եւ իր արտասանած վանկերը անանցանելի եւ տարբեր իմաստ մը կը պարունակէին կարծես։ Ստեփան երջանիկ էր իր բարեկամուհիին մտերմութեան մէջ եւ կարծես անիկա հասած էր բոլոր ցանկութիւններուն եւ տեսակ մը մասնայատուկ ծուլութեան ենթարկուած էր, ինչպէս մէկը յոգնած եւ լիացած ուրախութենէ։

Այդ օրերը յարատեւ տօն էին իրեն համար եւ մտքին կը ներկայանար մեծ մտահոգութիւն, ոեւէ կերպով չխանգարել ստեղծուած ներդաշնակութիւնը։

Երբ իր մեկնումի օրը հասաւ, անիկա հրաժեշտ առաւ հանգիստ սրտով. կարծես բնազդով զգաց որ այլեւս անքակտելի կապերով կապուած էր իր բարեկամուհիին հետ, կարծես զգաց որ այդ կապերը դեռ աննշմարելի Սաթենիկի համար կ’ապահովէին սակայն ապագան՝ մինչեւ անորոշ հեռաւորութիւնները անվերջ ժամանակին, գերեզմանի սեմին վրայ եւ անկէց ալ անդին։

Մանիշակի բուրումնաւէտ փունջ մը կուրծքին վրայ Սաթենիկ կեցած է վազին քով. Ստեփան անփոյթ իր ճամբորդութեան յարակից խնդիրներուն, մեքենաբար կը պատասխանէ ամէն անգամ որ իրեն հարցում մը կ’ուղղեն. իր աչքերը եւ բոլոր ուշքը սեւեռած է Սաթենիկին եւ ուրախ է լսելով անոր խօսքերը։

— Չեմ ուզում մնալ Թիֆլիսում, պիտի գնամ Բագու, հետաքրքրական բարեկամուհիներ ունեմ… յետոյ այնպէս… ուզում եմ գնալ Բագու. մինչեւ ամառ մը մնամ այնտեղ։

— Լաւ գաղափար է, գնա՛ Բագու. ամառը ես էլ կ’անցնեմ Բագուից, կրկին կը տեսնուենք, միայն թէ…

— Ի՞նչ։

— Թերեւս ձանձրանաս այնտեղ, Թիֆլիս աւելի ուրախ քաղաք է։

Սաթենիկի աչքերը կը սեւեռին ծանօթ կէտի մը. յետոյ կը սթափի, կը հառաչէ մեղմօրէն։

— Ձանձրանա՞լ, չէ՛… ինչի՞ ձանձրանամ, յետոյ պչրանքով. — Կը սպասեմ քո վերադարձին։

Ստեփանի դէմքին վրայ դժուարին ժպիտ կ’ուրուագծուի։ Իրապէս ուրախ է. հոգիին խորքէն կը ժայթքի աստուածային ուրախութիւնը անանցանելի երջանկութեան։

— Սաթիկ ջա՛ն… զգոյշ եղիր առողջութենիցդ եւ զգոյշ առ հասարակ…

Սաթենիկ տարտամ շարժում մը կ’ընէ։

Ծանր լռութիւն, ծանրաբեռն չարտայայտուած զգացումներով։

Ստեփան երախտապարտ եւ սիրտը զեղուն գորովանքով կ’ուզէ բառ մը ըսել, բայց մարդկային լեզուի ոչ մէկ բառ համապատասխան է այն զգացումին, որ կ’ուզէ արտայայտել, եւ յետոյ ինչո՞ւ արտայայտել, ի՞նչ նպատակաւ, երբ իր անգիտակցութեան մէջ կը զգայ բոլոր նպատակները գլած անցած է։

Պէտք է մեկնիլ սակայն. զինքը կը շտապեցնեն. իր ամուր ձեռքին մէջ բռնած Սաթենիկի նուրբ ձեռքը կը նայի երկարօրէն.

— Մնացէք բարով, կը մրմնջէ շնչասպառ։

— Բարի ճամբորդութիւն եւ բարի վերադարձ, կը տեսնուինք Բագու։

Ստեփան կ’ուզէ թողուլ Սաթենիկին ձեռքը, բոլոր բառերը արտասանուած են, բայց այդ բոլորէն դուրս եւ վեր մտածում մը կը թեւածէ իր գլխուն վերեւ. աչքերը լիքն են այն կարօտով, որով ժամ մը ետք պիտի տխրին։

— Բարի ճամբորդութիւն, կը կրկնէ Սաթենիկ, եւ ահա չի գիտեր ինչպէ՞ս եւ ինչո՞ւ կ’ողջագուրուի Ստեփանին հետ։

Ինքն է որ առաջին շարժումը ըրած է եւ յետոյ կը մտածէ. Սոնիային հետ կը համբուրուին, ի՞նչ կայ զարմանալի, չէ՞ որ եղբօր պէս հարազատ է ինձ։

Բայց այդ ո՛չ ընկերական համբոյր է, ո՛չ եղբայրական եւ ոչ ալ այն համբոյրը, որ սիրելիներ կը փոխանակեն իրարու հետ. ատիկա տարբեր եւ տարօրինակ համբոյր է, որուն խռովքէն տիրապետուած են երկուքը եւ ձեռքերնին կը դողդղայ երբ իրենց սեղմումը կը քակեն ու երկուքն ալ բացակայ են ներկայ ժամէն, կարծես մոգական հարուածով մը փոխադրուած, անծանօթ ցրտին ու ժամանակէ դուրս ոլորտի մը մէջ։

Սենեակին մէջ լռութիւնը կը ծանրանար. Գարեգին յանկարծ նախազգալով որ կապ մը խզուած էր իրենց միջեւ, դարձեր էր սրտաբեկ եւ սեղանին առաջ նստած, գլուխը երկու ափերուն մէջ կռթնցուցած, պատկերազարդ հանդէս մը թղթատել կը ձեւացնէր, մինչ միտքը կը տանջուէր հազար ենթադրութիւններով։ Նախորդ տեսակցութենէն ի վեր անցած ժամերը պրպտելով, ի զուր կը ջանար ինքզինքին մեղադրելիք բան մը գտնել։ Բնազդով կը զգար որ եթէ Սաթենիկի ակնյայտնի ցրտութեան պատճառը իրմէ բխած է, իր մէկ արարքին, մէկ խօսքին արդիւնքն է, իր կարողութեան մէջ է զայն դարմանել. ամէն ինչ ընելու պատրաստ է այդ միջոցին, ամէն զոհողութիւն թեթեւ պիտի գար իրեն, միայն թէ իր սիրելի Սաթենիկին աչքերը փայլատակէին այն հուրքով, որ ընտանի էր իրեն եւ շրթները ժպտէին այն ժպիտով, որ արեւի ճառագայթի պէս իր ամենէն մռայլ րոպէները կը լուսաւորէր։

Ամէն ինչ պատրաստ էր ընելու. մտադրեց առաջարկել որ միասին ճամբորդեն դէպի Մոսկուա, Ֆինլանտիա, Եւրոպա, ուր որ ըլլար, ի՜նչ փոյթ, միայն թէ առանց բացատրութիւններու մէջ մտնալու հաղորդէր իր սիրելիին, որ վճռած է բոլոր արգելքները վերցնել իրենց միջեւ. մտքովը կը նախապատրաստէր արտասանելիք անդառնալի բառերը. — «Սաթիկ ջան, գնանք քեզ հետ հեռու, հեռու…», բայց եւ այնպէս կը զգար որոշապէս թէ այդ բառերը մոգական ազդեցութիւն պիտի գործէին Սաթենիկի վրայ ուրիշ ժամերու մէջ, որ աշխարհ մը երջանկութիւն պիտի շնորհէին, այս պահուս պիտի մարէին այլեւս լռութեան մէջ։ Ուրեմն պատճառը այդ լռութեան ուրիշ էր, իրմէ դուրս թերեւս… Գարեգին խելայեղ կերպով գլուխը բարձրացուց եւ տեսաւ որ Սաթենիկ աչքերը սեւեռած պարապին մէջ կ’երազէր. ու իրեն թուեցաւ որ այս անգամ ուրիշ, ուրուականային, անշօշափելի, անյաղթելի արգելք մը կանգ առած էր իրենց երկուքին մէջ։

— Ուզո՞ւմ ես, սիրելիս, դուրս գնանք, համարձակեցաւ վերջապէս արտաբերել Գարեգին։

Սաթենիկ ցնցուեցաւ եւ անմիջապէս համաձայնեցաւ. երբ փողոցի բաց օդին մէջ գտան ինքզինքնին, կարծես սթափեցան երկուքն ալ գէշ երազէ մը, հակառակ բազմամարդ եւ լուսաւոր փողոցի մը մէջ ըլլալուն՝ Գարեգին մեղմութեամբ Սաթենիկի թեւէն բռնեց. քիչ անգամ այդպիսի անխոհեմութիւն կ’ընէր զգուշանալով ծանօթներու հանդիպումէ, որոնք կրնային Նաթալիա Վասիլեւնայի ականջը հասցնել ոեւէ կերպով. Սաթենիկ դառն հեգնութեամբ անդրադարձաւ այն բանին, բայց միեւնոյն ատեն զգաց որ դառնութիւնը իր ոյժը կորսնցուցած է. ընդհակառակը հետզհետէ անսահման գթութեամբ մը լեցուեցաւ Գարեգինի համար. ինքն ալ չէր գիտեր ինչո՞ւ կը մեղքնար եւ կը զգար որ անոր իրեն ուղղուած խօսքերուն ամոքիչ քնքշութիւնը ա՛լ աւելի կը շեշտէր իր մէջ գթութեան այդ զգացումը։ Կարծես առաջին անգամ ըլլալով խորապէս կ’ըմբռնէր իրենց իմացած ճակատագրին լրիւ եւ անօգնական թշուառութիւնը. կարծես ամէն ինչ ծանօթ էր իրեն եւ նոր կը յայտնաբերուէր ճշմարտութիւնը. կը մեղքնար եւ ինքզինքը, խղճալով կը մտածէր անցուցած երջանկութեան ժամերուն վրայ եւ գալիք անծանօթին, արհաւիրքով եւ անձկութեամբ լիքը եւ մութին մէջ կռթնելով իր սիրելիին թեւին, բոլոր մարմնովը կը դողար եւ արցունքներ կը լենային աչքերուն մէջ։

Կարծես Գարեգին զգալով իր անզօրութիւնը, կը ջանար Սաթենիկը հետաքրքրել իրենցմէ դուրս խնդիրներով. բայց ամէն անգամ որ կը ճգնէր անոր ուշադրութիւնը կամ միտքը սեւեռել նիւթի մը վրայ, հակառակ Սաթենիկի դրած բարի կամքին խօսակցութիւնը կը մարէր եւ անհետաքրքրական կը դառնար։

Այսպէս հասան ծովեզերքի պարտէզը եւ երբ դռնէն ներս պիտի մտնէին, Սաթենիկ թեւը ազատեց եւ զգուշացուց Գարեգինը.

— Ծանօթ մարդկանց տեսայ։

— Սատանան նրանց հետ… բացագանչեց Գարեգին, թող պատահի ինչ որ պիտի պատահի։

Սաթենիկ կարծես սթափեցաւ իր թմրութենէն. պարտէզին առաջք դրանը կիսաստուերին մէջ կանգ առած երկարօրէն եւ գորովանքով նայեցաւ իր սիրականին. դարձեալ թարթիչները խոնաւ էին արցունքներով եւ իր բեկբեկ ժպիտը յոգնած մեղմութեամբ մը հազիւ թէ կը ծաղկէր շրթներուն վրայ. իր մտքի հորիզոններուն առաջք կը բացուէին անդորր երջանկութեան մը շաւիղները… հնարաւոր եւ ցանկալի երջանկութեան մը հեռապատկերը. ուզեց անձնատուր ըլլալ այդ երազին եւ սրտին դռները բացուեցան յանկարծ, մինչ Գարեգին յուզուած ու դողդոջուն ձայնով մը կը խօսէր.

— Սաթիկ ջան… կարող ես ինձ սպաննել… մտածիր որ կեանքս կախուած է քո սիրելի դէմքի արտայայտութիւնից… երբեք եւ ոչ մէկ անգամ այնքան որոշակի եւ խորապէս չէի զգացեր որ իմ ճակատագիրը անբաժանելի կերպով կապուած է քեզ հետ։ Սատանան տանի մնացածը… գնանք սիրելիս այս քաղաքից. գնանք ուր որ ուզում ես. չե՞ս տեսնում որ քո գերին եմ, ողորմելի արարած եմ առանց քեզ. իմ շնչած օդը պակասում է երբ աչքերդ ինձ նայում են առանց տեսնելու ու շրթներդ ժպտում են կարծես բացակայ մէկի…

Սաթենիկի թեւը ջղային ցնցում մը ունեցաւ. Գարեգին պահ մը լռեց նման մէկուն, որուն բնազդը վտանգ մը կ’ազդարարէ, բայց կրկին ոգեւորուեցաւ, որովհետեւ կարծես իրարու յաջորդող ալիքներու նման յորդազեղ զգացումներ կը բարձրանային հոգիին մէջ ու զինքը կը խեղդէին անձկալի երջանկութեամբ մը։ Մինչեւ այդ կեանքը անցեր էր խաղաղ եւ անփոյթ, կեանքը իրեն համար եղեր էր պտոյտ մը ծաղկալի պարտէզի մէջ. իր մարդկային հոգին առաջին անգամն էր որ դէմ առ դէմ կու գար տառապանքին ու այդ րոպէին միայն կարծես իրապէս կը մտնար իր ճակատագրին մէջ։

Արագ-արագ քայլերով անցան պարտէզէն ու շտապով վերադարձան տուն, կարծես որոնելով եւ հետապնդելով երջանկութիւնը, որ խոյս տուեր է իրենցմէ եւ այն իրիկուն իրենց հաշտութեան համբոյրը խառն եղաւ դառն ու անսովոր յուզումով, մինչեւ լռութեան մէջ լսելի կ’ըլլային իրենց գորովի եւ սիրոյ անկապակից վանկերը, որոնց իրենց շրթները վարժ էին, բայց այս անգամ կ’արտասանէին այս բառերը կարծես խեղդելու համար ցաւի ճիչը, որ իրենց հոգիներէն կը բարձրանար դառն հառաչանքի մը պէս։

Այդ օրէն շաբաթ մը անցեր էր եւ կեանքը կ’անցնէր Սաթենիկի համար փոխն ի փոխ յոյսի եւ յուսաբեկութեան մէջ։ Այդ օրէն յետոյ Գարեգին այլեւս չէր խօսեր վերջնական կարգադրութեան մը մասին յստակ կերպով եւ Սաթենիկ իր կարգին իր յատուկ փափկանկատութեամբ չէր հրաւիրեր Գարեգինը որոշ կերպով խօսելու իրենց ապագայի ծրագրի մասին։

Այլ սակայն Գարեգին անհունապէս հոգածու էր դարձեր այլեւս, ոեւէ բանով չզգացնելով Սաթենիկին որ արգելքը կար ու կը մնար։ Անոնք կարծես առանձին էին քաղաքին մէջ եւ երկուքն ալ բնազդով ամէն ճիգ կը թափէին իրենց յարաբերութիւններուն խոցուած կէտը դարմանելու. կարծես հիւանդ մը ունէին խնամելու եւ երկուքն ալ կը հսկէին այդ հիւանդին վրայ՝ ձեռքերնին միացած սիրելիի մը սնարին մօտ։ Իրենց սէրը մեծ ու անբացատրելի հարուած մը ստացեր էր եւ երկուքն ալ չէին գիտեր թէ ուրկէ՞ կու գար այդ հարուածը եւ ի՞նչ բանի դէմ է որ պիտի մարտնչէին։

Ապաքինման շրջանի յատուկ տենդագին փափկութիւն մը յուզումնալի կը դարձնէր զիրենք, բայց այն անտեղիտալի ոյժը, որ զգացեր էին միշտ իրարու մօտ, մեղմացեր էր կարծես։ Հակազդեցութեան շրջան մըն էր ասիկա կիսաստուերով քօղարկուած եւ երբ իրարու հետ կը խօսէին իրենց ամէն մէկ բառը լիքն էր ցաւագին ակնարկութիւններով։

Ոչ մէկը եւ ոչ միւսը սակայն ջանք կ’ընէր դուրս ելլելու այդ հիւանդագին վիճակէն։ Կարծես խորտակուած էին եւ դժբախտութեան ընկերներ։ Հիմա Գարեգին ոչ միայն իր պարապ ժամերը կ’անցընէր Սաթենիկի մօտ, այլեւ իր գործի ժամերէն կը խլէր եւ միասին երկար պտոյտներ կ’ընէին ծովեզերքը կամ հեռաւոր նաւթահորերը, անյագ այն երջանկութիւնով, որ իրարու ներկայութիւնը կ’ընծայէր իրենց։

Այլ սակայն հետզհետէ Սաթենիկ անդրադարձաւ որ Գարեգինի մէջ տեսակ մը երկիւղ կար, գաղտագողի մտահոգութիւն, որ զինքը կը պահէր մշտնջենական հոգի մէջ. իր բացակայութեան ժամերուն իսկ անիկա հնարքը կը գտնար Սաթենիկի ուշադրութիւնը կեդրոնացնել իր վրայ։ Հազիւ թէ մեկնած իր մօտէն, գործատեղիէն կը հեռախօսէր եւ կարծես իր հանգստութիւնը չէր գտնար մինչեւ որ չհաստատէր թէ Սաթիկ ջանը այնտեղ է, ինչպէս գիտէր, եւ ոչ մէկ արտակարգ բան չէ պատահած։

— Սաթի՛կ ջան։

— Այդ դո՞ւ ես, Գարեգին։

— Հա՛ ջան, երրորդ անգամն է որ հեռախօսում եմ. գիծը բռնուած էր։

— Ի՞նչ կայ, սիրելիս։

— Խօ քեզ հետ չէ որ խօսում էին։

— Չէ՛. ի՞նչ ունէիր ինձ ասելու։

— Ոչինչ, այնպէս. ի՞նչ էիր անում։

— Կարդում էի, սենեակումս։

— Մենա՞կ։

— Այո։

—Ճի՞շդ, ճի՞շդ։

— Ճիշդ այո, ինչո՞ւ այդ հարցումը։

— Որովհետեւ թերեւս տասը րոպէից անցնեմ քեզ մօտ։

— Լա՛ւ, սպասում եմ ուրախութեամբ։

Եւ երբ կրկին իրարու մօտ ըլլային, այլեւս այն մանկական ուրախութիւնը չէր, այլ տխրագին գոհունակութիւն մը մեծ վտանգ մը անցնող մարդոց։

Հիմա այլեւս ամէն անգամ որ Գարեգին ակամայ կը մեկնէր Սաթենիկի մօտէն, կարծես ալեկոծ ծով մը կը բաժնէր զիրենք տարբեր ափունքներու վրայ նետելով մէկը եւ միւսը։ Բնազդական վախ մը երկչոտ, մտահոգ եւ բծախնդիր կը դարձնէր Գարեգինը։

Իր կարգին մարդու կանոնաւոր կեանքը վեր ի վայր խանգարուած էր. նոյնիսկ իր գործի ընկերները եւ պաշտօնեաները զգացեր էին որոշակի որ բան մը պատահած է իրեն։ Ջղագրգիռ անհամբերութիւններ, մտազբաղութիւն, մոռացումի շրջաններ, ապշութիւն կը պատճառէին այն մարդոց, որոնք վարժ էին զինքը տեսնելու հաւասարակշիռ, միշտ հաւասարապէս բարեացակամ ստորադասեալներու հետ եւ սիրալիր իր բարեկամներու նկատմամբ։ Երբեմն գործի ամենէն տաք խօսակցութեան միջոցներ կ’ընդհատէր խօսակիցը եւ իր կապինետ ը կ’երթար իր անձնական հեռախօսով հարցնելու համար.

— Սաթի՛կ ջան, երկու ժամ է, որ քեզանից լուր չունեմ. ի՞նչ պատահեց որ գոնէ մի անգամ չհեռախօսեցիր։

— Առանձին բան չունէի ասելիք, Գարեգին, սպասում եմ պայմանաւորուած ժամին քեզ տեսնելու համար։

— Ի՞նչ պիտի անես այդ միջոցին։

— Չգիտեմ, թերեւս դուրս գամ։

— Ինչի՞։

— Գնում ունեմ անելիք։

— Չէ՛ սիրելիս, դուրս մի գայ առանձին, ես հենց այս րոպէիս կ’աւարտեմ գործս եւ կու գամ քեզ մօտ միասին դուրս կը գանք։

— Աւելի լաւ, կը սպասեմ քեզ։

— Անհամբերութեա՞մբ։

— Ինչպէս միշտ։

Զարմանալի էր սակայն որ Գարեգինի այս բոլորանուէր վերաբերմունքը թէեւ հաճելի Սաթենիկին, բայց այլեւս չէր ներշնչեր այն ամբողջական երջանկութիւնը, որ կարող էր ընծայել։

Այդ ջղագրգիռ անհամբերութիւնները, այդ երկիւղալի ուշադրութիւնը ապշութիւն կը պատճառէին Սաթենիկին, առանց զինքը գոհացնելու։ Ճիշդ է որ երբ միասին էին, գոհ էր անչափ ուրախութիւնով, անձնատուր վայրկեանին ընձեռած հաճոյքէն։ Բայց Սաթենիկի հոգին կարծես թմրած էր այդ օրերուն եւ ինքն ալ իր կարգին երկիւղով կը սպասէր զարթնումի մը։ Միեւնոյն ժամանակ կարծես այնքան լիաբուռն շռայլութեամբ ողողուած էր սիրով ու գորովանքով որ ժամանակ չունէր իր երջանկութեան չափը զգալու եւ իր սպասումի, իր մտահոգութիւններու, անձկութեան տագնապներով գալարուած հոգին հանգիստի մէջ էր եւ լռութիւնը կը տիրապետէր իր ներքին էութեան։ Երբ ուզէր իր ցանկութիւնները սահմանել, մէկ գաղափար կը ներկայանար մտքին. այս այսպէս շարունակել։ Բայց գիտէր որ այդ այդպէս չի շարունակուիր եւ արգելքը պիտի կենար յանկարածապէս բայց թերեւս ալ աւելի անանցանելի՝ իր դողդոջուն երջանկութեան ճամբուն վրայ։

Սաթենիկի մտահոգութեան պատճառներէն մէկն ալ այն լռութիւնն էր որ Գարեգին կը պահէր նրա մասին։ Ի՞նչ էր եղեր, ի՞նչ էր պատահեր որ այդ արգելքը այլեւս չէր ցցուեր իրենց ամենէն մտերմիկ խօսակցութիւններու միջոցին ինչպէս երբեմն. անիկա կարծես թուխ ամպ մըն էր որ ցրուեր էր յանկարծ շանթի հարուածով մը։ Բայց այդ բոլորը անկայուն էին, տարտամ, անորոշ եւ աւելի եւս մտահոգիչ։

Երբ այսպէս օր մը Սաթենիկ կը մտածէր նրա մասին, յանկարծ գաղափար մը դանակի հարուածի պէս պատռեց իր մտքի մշուշը։ Գարեգին թերեւս երկիւղ ունէր որ Սաթենիկ իրեն կը խօսէր այն ծրագրի մասին, որով «Արգելքը պիտի վերցնէին»։ Այդ էր պատճառը որ գիտակցաբար թէ ոչ Գարեգին կը զգուշանար ոեւէ առիթ ստեղծելէ այդ նիւթին անդրադառնալու։ Գարեգին վարագուրեր էր այդ արգելքը իր աչքին եւ Սաթենիկ որոշակի զգաց որ ինչ ճամբու վրայ ալ իր ոտքը դնէ Գարեգինի հետ, այդ արգելքը պիտի ցցուի իր առաջքը անխորտակելի, հաստատուն կրանիտեայ արձանի մը պէս, որ բազուկը երկարած մատովը ազդարարէր մերժումը եւ ժխտումը բոլոր կարելիութիւններուն։

Եւ չէ՞ որ արդէն, հիմա կը յիշէր որոշակի, Գարեգին անսահմանելի տխրութիւն մը ունէր իր աչքերուն մէջ եւ երբեմն կը հառաչէր խորապէս, նման մէկու մը, որ ճակատագրական խոչընդոտի մը առաջ ստիպուած է կանգ առնել իր թռիչքին մէջ կամ գլուխը զարնել պատին ու խորտակուիլ։

Իրիկուն մը ընթրիքէն յետոյ, որ հիւրանոցին մէջ ըրեր էին հանդարտութեամբ եւ մինչ կը դանդաղէին խօսակցելով մտերմօրէն, Գարեգին առաջարկեց բարձրանալ Սաթենիկի սենեակը, առարկելով թէ յոգնած է։

Ամբողջ յետ միջօրէն միասին անցուցեր էին եւ ժամերէ ի վեր մոռցած անցեալը եւ ներկան, անձնատուր եղեր էին իրենց սիրոյ եւ գորովանքին։ Սաթենիկի աչքերը ուրախութենէն փայլատակեցին. ճիշդ այդ պահուն կարծեց թէ իսկապէս արգելքը վերացած է այլեւս. ինչպէ՞ս. ի՞նչ փոյթ իրեն. իր սիրելին իր մօտ էր առանց կապանքի, առանց մտահոգութեան եւ իր աչքերուն մէջ չկար այլեւս այն անհանգիստ անհամբերութիւնը, որ միշտ իրենց ժամադրութեան վերջին պահերուն կը յայտնուէր եւ այնքան դառնապէս կը թունաւորէր երիտասարդ կնոջ ուրախութիւնը եւ սէրը։ Ակամայ, կարծես հաստատութիւն տալու համար իր բարեբախտ մտածումին, աչքերը բարձրացուց սրահին ժամացոյցին։ Ժամը գիշերուան երկուքն էր։ Գարեգին հետեւելով Սաթենիկի նայուածքին անդրադարձաւ.

— Ճիշդ որ ուշ է, ժամը արդէն երկուսն է։

— Ի՞նչ փոյթ, սիրելիս… գալիք բոլոր ժամերը այլեւս մերն են։

— Սաթի՛կ ջան, թերեւս յոգնած ես. չեմ մտածում քո մասին. կէսօրէ ի վեր քեզ հետ եմ եւ պահ մը հանգիստ չթողուցի քեզ։

— Ա՜խ, սիրելիս, պատասխանեց Սաթենիկ կէս յանդիմանութեամբ, առանց քեզ, դու շատ լաւ գիտես որ չեմ ապրում, այլ սպասում եմ։ Լաւ գաղափար ունեցար, երթանք սենեակս։

— Իսկապէս ուշ է, պնդեց Գարեգին տատամսելով եւ դէմքը մռայլեցաւ յանկարծական տխրութեամբ մը։

Այնուամենայնիւ ոտքի ելաւ եւ հետեւեցաւ Սաթենիկին, բայց երբ սենեակ մտան երկուքն ալ անհանգիստ զգացին ինքզինքնին, ինչպէս մարդիկ՝ որ կը զգան թէ անանցանելի գիծ մը կոխոտելով անցեր են։

Երկար պտոյտներու պատճառած ֆիզիքական յոգնութիւնը եւ լարուած դրութիւնը նոյնիսկ, որ փոխադարձ ներկայութիւնը միշտ կը պատճառէր իրենց, ջլատեր էր զիրենք. լաւ կ’ըլլար որ կարենային հանգստանալ ձեռք ձեռքի, անփոյթ ժամանակի հոլովմանը. բայց այսպէս թէ այնպէս Գարեգին պիտի մեկնէր։ Սաթենիկ ելեկտրական լամբարը վառելէն եւ պատուհանները փակելէ յետոյ եկաւ Գարեգինի մօտ, որ ոտքի կանգնած էր. հրաւիրեց զայն նստիլ քանաբէ ին վրայ եւ պահ մը մնացին լուռ, այդպէս, խորասուզուած մտածումներու մէջ։ Վերջապէս Սաթենիկ գլուխը դրաւ անոր ուսին ու մրմնջեց։

— Մնա՛ ինձ մօտ… Ի՞նչ կը լինի։

Գարեգին խորապէս հառաչեց եւ յետոյ աւելցուց.

— Նախ որ քեզ համար անյարմար կը լինէր։

— Ա՛հ, ինձ համար… այդ ոչինչ… քեզ համար թերեւս… բայց երկուսիս համար ալ առաջին քայլն է որ դժուար է։

— Գիտես որ չէ կարելի, սիրելիս, գրեթէ թոթովեց Գարեգին… յետոյ կարծես վախնալով արթնցնել չար ոգի մը, փաղաքշանքով բռնեց Սաթենիկի ձեռքը եւ աղերսեց.

— Խնդրում եմ քեզանից, պաղատագին խնդրում եմ քեզանից… մի պղտորեր մեր երջանկութիւնը. ես քոնն եմ անդարձ կերպով… ես յիմարի ու արբածի նման ապրում եմ կապուած քո փէշից. դու շատ լաւ գիտես որ միայն մատդ շարժես, ես կ’անեմ ինչ որ կ’ուզես… դու խօ տեսնում ես այդ… բայց կրկին խնդրում եմ քեզանից ինձ մի դներ այդ սոսկալի տիլեմայ ի առաջ։

Սաթենիկ ձեռքը դրաւ Գարեգինի բերնին.

— Ների՛ր ինձ, ու մոռացիր իմ ասածը… այնպէս փափաք յայտնեցի… ես ինքս գիտեմ որ չէ կարելի, բայց այնպէս… մոռացայ ամէն ինչ եւ րոպէի ազդեցութեան տակ ասացի. մնացիր ինձ մօտ…

Ծանր լռութիւն յաջորդեց. բայց յանկարծ Սաթենիկի ձայնը յուզումով լեցուն կրկին լսելի եղաւ։

— Ինչքա՜ն ցաւում եմ, չեմ կարող երեւակայել… ցաւում եմ մանաւանդ որ նոյնիսկ ազատ չեմ ոեւէ, թէկուզ յիմար, անգործադրելի փափաք յայտնելու։

— Կը գայ ժամանակ, ամէն ինչ կը կարգադրուի։

— Դեհ, լուսինը չուզեցի քեզանից։

— Ա՜խ, սիրելիս… խոր հառաչեց Գարեգին եւ յանկարծ կարծես բոլոր թումբերը քանդուեցան ու ինքզինքը արտայայտելու պահանջքէն մղուած գոչեց զայրոյթով.

— Ես ինքս ինձանից ամաչում եմ, Սաթենիկ, եթէ գիտնայիր ամէն ինչ, դու կը սոսկայիր ինձանից, եւ իրաւունք կ’ունենայիր մտածելու որ արժանի չեմ քեզ… եթէ մէկը գար քեզ պատմէր այնպիսի պատմութիւն որ իմ պատմութիւնս է, իր բոլոր մանրամասնութիւններով, դու ականջներդ կը խփէիր եւ այլեւս չէիր ուզեր լսել. դու չէիր ուզում միտքով իսկ երեւակայել այդպիսի հրէշի պատկեր։

Գարեգին երկու ձեռքերով երեսը ծածկեց եւ տաք ու առատ արցունքներ ինկան Սաթենիկի ճակտին վրայ։ Անիկա ցնցուեցաւ եւ ուզեց Գարեգինի դէմքը բանալ, բայց դիմադրեց եւ հատկտեալ բառերով շարունակեց.

— Ես ազատ եմ այս օրերս եւ բոլոր ժամանակս քեզ է նուիրուած, որովհետեւ որդիս ծանր հիւանդ է… եւ մայրը ամբողջովին զբաղած է նրանով… հենց այս առաւօտ բժիշկը մտահոգ էր եւ Նաթալիա Վասիլեւնան գլուխը կորցրած սպասում էր բժշկական խորհրդակցութեան… այդ միջոցին ես քեզ հետ պտոյտ էի անում ծովեզերքը։ Ո՞վ կարող էր երեւակայել, Աստուած իմ, որ երբ եւ իցէ ես կարող էի հասնել այդ խայտառակութեան։ Երբ այս ժամին տուն վերադառնամ, թէ՛ որդիս եւ թէ մայրը գիտեն թէ ինչի՞ տանը չէի եւ մէկի արհամարհական նայուածքը եւ միւսի աղերսագին աչքերը ինձ հալածում են ողջ գիշերը իմ սենեակիս մէջ եւ ինքնիրենս որոշումներ եմ կայացնում, բայց առաւօտը ծագելիս մէկ անդիմադրելի մտածում ընկճում է ինձ. Սաթիկը տեսնել… Սաթիկը տեսնել. անարգել առանց ժամանակս հաշուելու, առանց որոշ ժամերի տան վերադառնալու հարկադրութեան եւ ուրախութեամբ գալիս եմ քեզ մօտ…

Սաթենիկ ոտքի կանգնած եւ արիւնը սառած կը լսէր։ Պահ մը Գարեգինի ձայնը խափանուեցաւ հեծկլտանքներու մէջ։

— Ես ամաչում եմ խոստովանել, քո տխրութիւնը աւելի ծանր է ճնշում իմ հոգուս վրայ քան որդուս տժգոյն դէմքը… ամաչում եմ, բայց ճշմարտութիւնը այս է որ քեզ անսահմանօրէն աւելի եմ սիրում քան որդուս…

— Այս պայմաններում, համարձակեցաւ ընդհատել Սաթենիկ, ինչպէ՞ս կարող ես ինձ սիրել։

Գարեգին գլուխը բարձրացուց եւ անսահմանելի արտայայտութեամբ մը նայեցաւ Սաթենիկին. կարծես ապշած էր եւ դողահար մեծ վտանգի մը մէջ. բուռն յուզմունքի ազդեցութեան տակ իր դէմքը այլափոխուած եւ յանկարծակի կարծես ծերացած էր, ինչպէս ծանր եւ աւերիչ հիւանդութենէ մը յետոյ։

— Ա՜խ, Սաթիկ ջան, ըսաւ վերջապէս գլուխը շարժելով, դու չգիտես թէ ինչ ես ինձ համար… ահ եթէ կարելի լինէր ազատուել այս լուծից…։ Դու գիտես որ ես սովոր չեմ թեթեւ կերպով այսպիսի ծանր խօսք ասել, բայց իմացի՛ր, դու իմ կեանքս բռնած ես քո քնքուշ ձեռքերի մէջ… միայն հեռաւոր եւ անհաւանական վախը թէ կարող է քո սիրտը երթալ, թառիլ ուրիշ տեղ…

— Գարեգին, ինչպէ՞ս ես համարձակում…

Գարեգին բռնեց պինդ Սաթենիկի ձեռքերը.

— Ո՞վ կարող է երեւակայել… ինձ նման մարդ… այս տարիքին, խաղաղ ու հաւասարակշիռ կեանքէ մը յետոյ… նախանձում եմ իմ ընկերներին, որոնք սիրում են եւ մոռանում են… որոնք կարողանում են հազար սիրային պատմութիւնների մէջ իրենց կամքը անկախ պահել… բայց այս սիրել չէ Սաթենիկ, այս ուրիշ բան է, ես քո նայուածքի ու ժպիտի գերին եմ դարձեր… հոգիս դողում է երջանկութիւնից երբ մօտդ եմ եւ ջուրից դուրս հանած ձկան նման եմ երբ քեզանից հեռանում եմ… իմ բոլոր մտածումները, հոգսերը, դիտաւորութիւնները մէկ կէտի վրայ են կեդրոնանում, եւ դրանից դուրս աշխարհը մութ գերեզման է ինձ համար… դու այդ բոլորը գիտես ու դարձեալ դժգոհ ես… դարձեա՛լ, դարձեա՛լ ու մի՛շտ… որովհետեւ այն միակ բանը, որ չեմ կարողանում քանդել, ընտանիքս, որդւոյս ապագան, այդ միակ բանն է քեզ հետաքրքրում… ես կարող եմ մեռնել շան պէս քո սեմի առաջ, բայց այդ չէ որ դու ուզում ես, այլ…

— Բաւական է, Գարեգին, ընդհատեց Սաթենիկ հրամայողաբար. ժամանակը ուշ է եւ այս բոլորը կարող է մեզ հեռու տանել. աւելի լաւ է որ վերադառնաս տուն… որքան կարելի է շուտով…

Արցունքները խեղդեցին իր ձայնը, բայց ինքզինքը զսպեց գերագոյն ճիգով մը եւ աւելցուց.

— Ես, պարզ է որ չգիտէի այդ բոլորը. ի՞նչ ես երեւակայում, խօմ հրէշ չեմ, որդիդ հիւանդ է, մնացիր իր մօտ մինչեւ առողջանայ. յետոյ կը խօսենք։ Թերեւս… քու հանգստութեան համար աւելի լաւ կը լինի որ մեկնիմ Բագուից… առժամաբար…

— Սաթենի՛կ, գոչեց Գարեգին ցաւագինօրէն։

Լուռ եւ տաժանելիօրէն նայեցան իրարու։

Սաթենիկ ընկճուած ինկաւ թիկնաթոռին մէջ։

— Լաւ ուրեմն, ըսաւ մեղմութեամբ, կ’անեմ ինչպէս որ ուզում ես… կը խոստանամ չմեկնիլ Բագուից առանց քեզ հետ համաձայնելու… վստահ եղիր իմ վրաս եւ հանգիստ վերադարձիր տուն. վաղը եթէ ազատ ժամանակ ունենաս եկ ինձ մօտ, կը խօսենք աւելի խաղաղ. մի՛ որոշեր ժամը. միեւնոյնն է. ամբողջ օրը տանը կը սպասեմ քեզ… եթէ չկարողանաս գալ, դարձեալ հոգ չէ… կը սպասեմ միւս օր եւ միւս օր… կը սպասեմ անվերջ… մինչեւ…

Բուռն յուզում մը խափանեց իր ձայնը եւ երբ ինքզինքը զգաց տարուած Գարեգինի բազուկներուն մէջ, իրեն թուեցաւ որ անսահմանելի եւ անյաղթելի դժբախտութեան մը ընկերներ են. երկու թիապարտներ շղթայով կապուած իրարու տաժանակիր կեանքի եւ նոյն ասպարէզին մէջ։ Ու երկար գթութեամբ մը լի համբոյրով մըն էր որ պատասխանեց Գարեգինի խելայեղ համբոյրին։

Լոյսը սկսեր էր ծագիլ եւ պատուհանին վանդակներու ճեղքերէն ճերմակ գիծեր կ’երկարէին սենեակին կիսաստուերին մէջ, երբ Սաթենիկ ընդոստ արթնցաւ կարճ եւ խռովայոյզ քունէ մը ետքը. — Օ՜հ, այն ցուրտը, որ ամբողջ մարմինը սառուցիկ վիճակի մը վերածեր էր ինչպէս դիակ, որ զգացումը ունենար իր մեռելային վիճակին։ Այդ անտանելի ցուրտի զգացումը այնքան տանջեր էր զինքը գիշերն ի բուն որ այլեւս գրեթէ մոռացեր էր իր բարոյական տառապանքը։ Այգուն առաջին ժամուն, երբ իր մատները բարձրացուց մազերը հեռացնելու համար, կրկին այդ ցուրտի զգացումը զինքը ցնցեց եւ մատներուն թեթեւ շօշափումը ճակտին վրայ յառաջ բերաւ երկար եւ մահացու սարսուռներ։

Մեռնիլ ու այլեւս ոչինչ զգալ… կեանքի բեռը զգաց այդ միջոցին ընկճող ծանրութեան մը նման եւ անսահման ձանձրոյթով մը նայեցաւ գալիք օրերուն, դատարկ երջանկութեան ոեւէ յոյսէ։ Հակառակ իր ըրած գերագոյն ջանքերուն, միտքը թառեցաւ կրկին Գարեգինի վրայ։ Ի՞նչ մտածել, ի՞նչ եզրակացնել… դառնութեան ալիք մը բարձրացաւ իր մէջ խառն զայրոյթով, բայց կրկին իր տրամադրութիւնները ստացան նոյն տարտամութիւնը, որով տատաներ էր գիշերն ի բուն։

Եթէ կարենար միայն քնանալ… ժամ մը, երկու մոռացութիւն եւ հանգիստ եւ յետոյ կը մտածէր. բան մը կը ծրագրէր. կ’որոշէր ընելիքը։ Բայց իր էութեան հիմքերը կարծես խախտուեր էին. ամէն ինչ շփոթ էր, քաոսային եւ անկայուն։

Ու այդ անտանելի ցուրտը, կարծես թէ սառուցիկ սաւաններու մէջ էր ու տաք արիւնը խուսափեր էր իր մարմնէն աննըշմարելի վէրքէ մը։

Նորէն ընդարմացումը անօսրացուց իր մտածումը եւ աչքերը փակուեցան, իրականութիւնը գահավէժ կորսուեցաւ յանկարծակի, բայց կրկին ընդոստ արթնցաւ, ինչպէս եթէ աղիողորմ ձայնով մը կանչէին.

— Սաթենի՛կ… Սաթենի՛կ…

Իր ցնորական նայուածքը պտըտցուց շուրջը. մինակ էր եւ սենեակը լուռ էր. ամբողջ աշխարհը լուռ էր, ինչպէս եթէ զինքը մոռցած կլլային մեռեալ երկրագունդին վրայ։

Տարօրինակ սարասափ մը զինքը պատեց եւ մեքենաբար ձեռքը երկարեց ելեկտրական կոճակին։

Մինակ էր եւ սահմանուած էր մինակ մնալու, անտուն, անտէր, մինակ աշխարհիս վրայ։ Ու յանկարծակի յստակ կերպով երեւակայեց Գարեգինը իր տանը մէջ. հաշտութեան փորձերը նրա հետ եւ հաւանական հաշտութիւնը հիւանդ որդւոյն սնարին մօտ. ինչ որ ալ ըլլար, ինչքան ալ դժբախտ ըլլար Գարեգին, դարձեալ անոր գթութիւնը ոչ մէկ կերպով կարելի էր բաղդատել իր անօգնական առանձնութեանը հետ։

Դուռը զարնուեցաւ ու սպասուհին երեւցաւ. այդ անտարբեր եւ օտարական աղջկան երեւոյթն իսկ սփոփանք մը եղաւ այդ պահուն Սաթենիկի համար եւ երբ անիկա հարցուց կարեկցական ձայնով.

— Պարինը հիւա՞նդ է, պարինը այնչափ տժգոյն է։

Սաթենիկի սիրտը փղձկեցաւ եւ արցունքի խոշոր կաթիլներ լեցուեցան իր պաղ ակնակապիճներուն մէջ։

— Մաշա՛, ըսաւ քաղցրութեամբ, ինձ տաք ըմպելիք բեր, քոֆէ կամ թէյ, ո՛րը որ պատրաստ է… յետոյ քեզ ուրիշ բան ունեմ ասելիք։

Այդ պահուն դիտաւորութիւն մը արդէն որոշ գիծերով անցեր էր իր մտքի խռովայոյզ քաոսին մէջ։ Մինակ չմնալ, ամէն գնով. բայց ո՞վ կարող էր կանչել իր մօտ։ Տիկին Աբգարեան կու գար անմիջապէս, բայց պէտք էր մի կերպ բացատրել իր վիճակին պատճառները. ըլլայ սուտ, բայց պէտք էր բան մը հնարել ու իր միտքը անկարող էր այդ ջանքին. մտածեց նաեւ որ, երկու կիներ առանձին, այդպիսի գիշերէ մը յետոյ, անկարելի էր որ ամէն ինչ չյայտնէր եւ Սաթենիկ անմիջապէս զգաց իր վիճակին անբացատրելիութիւնը ու նաեւ ամօթ, խարազանող ամօթ։ «Սաթենիկ Գրիգորովնան սիրում է մի մարդու, որ չվշտացնելու համար մի ինչ որ Նաթալիա Վասիլիեւնա, թողում է իրան այդ դրութեան մէջ ու մեկնում է, ու կարող է ամբողջ օրը չերեւալ, ամբողջ օրեր չհամարձակիլ գալ իր մօտ որպէսզի Նաթալիա Վասիլիեւնան…»։

Դուռը մեղմիւ բացուեցաւ ու սպասուհին մտաւ թէյի սպասներով։

— Պարինը եթէ ուզում է բժիշկ հրաւիրել…

— Չէ, Մաշա՛, պէտք է հեռախօսել…

— Լա՛ւ, այս րոպէիս, եւ Մաշան ուզեց շտապել։

— Ո՞ւր ես գնում, Մաշա, առանց գիտնալու թէ որի՞։

— Պարինին չէ՞։

— Ես քեզ այս րոպէիս կու տամ ուրիշ հեռախօսի համարը։

Սպասուհին օգնեց իրեն նստիլ անկողնին մէջ եւ թէյը խմել. կազդուրիչ ըմպելին հակազդեցութիւն մը յառաջ բերաւ Սաթենիկի մէջ եւ միտքը աստիճան մը պարզուեցաւ։

— Մաշա, ըսաւ վերջին ումպերը խմելով, բաց պատուհանի փեղկերը, սենեակը կարգի բեր, ու յետոյ հեռախօսէ։

Ու իր շրթները մեքենաբար տուին Ստեփանի հեռախօսի թիւը եւ անունը։

— Յետոյ երբ պարոնը գայ հեռախօսին մօտ, աւելցուց զսպուած յուզումով, կ’ասես միայն այսքանը. «Մեթրոպոլից հեռախոսում եմ, Սաթենիկ Գրիգորովնան հիւանդ է, անմիջապէս եկէք։ — Չէ, Մաշա կ’ասես այսպէս… Սաթենիկը հիւանդ է, ինքը չի կարող գալ ձեզ մօտ… չէ, ոչ ալ այդպէս, Մաշա, լաւ ուշադրութիւն արա, կ’ասես միայն այսքանը. — Մեթրոպոլից հեռախօսում եմ. Սաթենիկ Գրիգորովնան հիւանդ է», ուրիշ ոչինչ։

Ստեփան կու գայ եթէ նոյնիսկ գիտնայ թէ աշխարհ պիտի փլի իր վրայ. եւ այս մտածումը եւ այս վստահութիւնը դառն ժպիտ մը բերաւ Սաթենիկի տժգոյն շրթներուն վրայ։

Ստեփան կու գայ մտածեց կրկին ու մտքին ներկայացաւ անոր խիստ ու տխուր դէմքը եւ երեւեկայեց զայն իր դժուարին ու զսպուած ժպիտով։ Այդ միջոցին անկարող էր մտածելու իր առած քայլին հետեւանքներուն վրայ, բայց անորոշ կերպով զգայնութիւնը ունեցաւ անդարմանելի աղէտի մը. կրկին սարսռաց բոլոր մարմնովը եւ նայուածքը կորսուեցաւ մթութեան մէջ եւ յետոյ աստիճանաբար զգաց որ անկողինին ցուրտը կը մեղմանար ու բարերար քունը մէկ անգամէն տիրապետեց իր տկարութիւնը։

Ժամեր յետոյ միայն քունին ընդարմացումը սկսաւ անօսրանալ եւ տեսիլքներ երազներու նման եկան անցան Սաթենիկի փակ աչքերուն առաջքէն, կարծեց թէ արթնցած է բայց աչքերը դեռ փակ էին եւ մտածումի փոքրիկ պղպջակներ հազիւ թէ կը բարձրանային իր գիտակցութեան մակերեսը… աննշան յիշողութիւններ… հակեցաւ մանիշակներ գնելու փոքրիկ աղջիկէ մը… հայրենի տան ննջասենեակը ու մօրը աղօտացած դէմքը, որ մատը շրթունքին կը դնէ լռութեան հրաւիրելով։

— Լռութիւն… ու ննջասենեակի տեսիլքը կ’անհետանայ ու մօրը երեւոյթը պարապին մէջ է բայց այնքան թափանցիկ, այնքան որ իր անօսր եւ հետզհետէ հալուող պատկերին ընդմէջէն կը տեսնէ անորոշ գիծերու եւ շարժումներու զիկզակում մը, բայց ահա յանկարծ ամէն ինչ կը գահավիժի մթութեան մէջ։

Ու այս անգամ կ’արթննայ իր վշտին ու ցաւին մէջ, քունին մէջ իսկ դրդուած անոնց յստակ յիշողութեամբը։

«Օ՜հ, Գարեգին, լինի ինչ որ լինի. թէկուզ դժոխքի մէջ լինենք բայց չմնամ այսպէս առանձին… եթէ չենք կարող միասին երջանիկ լինել, գոնէ միասին դժբախտ լինենք…»։

Տրտունջքը անխօս կ’անցնէր իր մտքովը. զինքը յուզելով իր իսկ կացութեան վրայ։ Զարթնումի առաջին պահուն անկարող էր ընդգրկելու այն բոլոր բիրտ եւ առարկայական արգելքները, որ այդպէս պատառատուն ցնցոտիի վերածեր էին իրենց յարաբերութիւնները։ Ու իրեն կը թուէր նաեւ թէ անկարելի էր որ Գարեգին տեղի չտար ու չլսէր իր ձայնին, Սաթիկ ջանի ձայնին, ու յիշեց իրենց մտերմութեան առաջին օրերուն մէջ արտասանուած խօսք մը, որ այնքան ուրիշ խօսքերու մէջէն կու գար կը շարուէր իր դէմ։

— Սաթիկ ջան, գիտցիր որ լուրջ, ծանր, սոսկալի բան է իմ մէջ յայտնուող զգացումը։ Մարդիկ ուրախ են երբ սիրում են, բայց իմ ուրախութիւնս այնքան խոր է որ տխրութեան նման ճնշում է ինձ. Սաթիկ ջան, սոսկալի է մտածել որ իմ հաստատուն, լաւ հիմնաւորուած կամքս յարդի շիւղի նման տարուբերւում է քո աստուածային շունչովը։

Ուրիշ անգամ մը թաղապետութեան պարտէզին արահետներուն մէկուն մէջ… զոյգեր կ’անցնին անկիւնէն. արեւը կը շողշողայ իրենց վրայ եւ երջանիկ են սիրոյ երազին մէջ. տակաւին անգիտակից գալիք դժուարութիւններուն։ Գարեգինին ոգեւորուած ձայնն է որ կը մրմնջէ իրեն.

— Ինչո՞ւ ոչինչ չես ուզում, ոեւէ փափաք չես յայտնում… պիտի ուզէի որ դուն ինձանից ոեւէ դժուարին, իմ ուժերիցս վեր բան խնդրէիր եւ ես մեռնէի, բայց կատարէի։

Սաթենիկ կրկին կ’ապրէր այդ շողշողուն ժամը. իր սքանչացած աչքերը կը բարձրանային դէպի սիրելին ու ձեռքը կը սեղմէր անոր ձեռքը ինքնավստահ հպարտութեամբ։

Կ’ուզէր հաստատ գիտնալ որ Գարեգինի զգացումը լիացած պուրժուայի զբօսանք չէր. այդպէս չէր կարող լինել անշուշտ, բայց ոչ ալ նման բան, այլ իրական խոր սէրը, ինչպէս կար իր իսկ հոգւոյն մէջ։ Եւ եթէ այդպէս էր, ի՛նչ հարկ խնդրել անկարելին… ամենազօր սիրոյ մէջ անհնարինը հնարաւոր կը դառնայ եւ սրտագին համբոյրը սիրելիին շրթներուն վրայ, գերագոյն իւրացումն է ամէն բանի… մասնակցումը անսահմանութեան սարսուռին…

Մեղմ ոտնաձայն մը սենեակին մէջ… Սաթենիկի միտքը քաղցր յիշողութիւններէ վերադարձաւ դէպի իրականութիւն… ։

«Ամէն ինչ… անկարելին… կը մեռնեմ բայց կը կատարեմ», կրկնեց մտքովը տարօրինակ ցասումի հեւքով ու երբ խնդրեմ որ կէս ժամ աւելի շնորհէ ինձ, Նաթալիա Վասիլիեւնան կը կանգնի իմ եւ իր մէջտեղ…

Ի՞նչ է այդ անյայտ զօրութիւնը, այդ անտեղիտալի արգելքը… ինչո՞վ կազմուած է այն եւ այդ զրահին վերտերը ի՞նչ նիւթէ շինուած են։ Ամէն ինչ կարելի է, բայց այդ մէկը այնպիսի բան է, որի մասին չի կարելի նոյնիսկ պարզ եւ ուղղակի խօսիլ. Նաթալիա Վասիլիեւնան կին մը չէ, այլ ամբողջ հաստատութիւն մը, անառիկ միջնաբերդ մը, արգիլուած ճանապարհի վրայ կեցած արթուն պահակը։ Աշխարհիս ամենագեղեցիկ եւ ամենէն հրապուրիչ կինը չի կարող այս միջոցիս իր Գարեգինի ուշադրութիւնը նոյնիսկ պահ մը իրեն դարձնել, բայց Նաթալիա Վասիլիեւնա…

Ներքին ձայն մը մեղմ կշտամբանքով պատասխանեց իրեն.

— Նաթալիա Վասիլիեւնան իր որդւոյն մայրն է։

Իր որդին, Արմիկը… յիշեց տժգոյն եւ նիհար պատանին ու անոր սքանչացած նայուածքը իր վրայ… այդ նայուածքը զինքը խռովեր էր յուզումով եւ խանդաղատանքով. աւելի ուշ զարմացումով լսեր էր Գարեգինէ որ Արմիկը ոչ միայն ատելութիւն չունէր Սաթենիկի դէմ, այլ անբացատրելի համակրանք։

— Մամա՛, մամա՛, բացագանչեր էր բողոքելով, երբ մայրը կը յանդիմանէր ամուսինը, յայտնելով որ գիտէր թէ ինչո՞ւ ուշացած էր։ Ու որդին հօրը հետ մտեր էր աշխատութեան սենեակը ու իրարու երես նայելով խնդացեր էին, լսելով Նաթալիա Վասիլիեւնային անզօր մռնչիւնները։

Ուրիշ անգամ մը միայն որդին ըսեր էր հօրը.

— Հայրի՛կ, չէ՞ կարելի այնպէս մը ընել որ մայրիկը շատ տխուր չլինի։

— Մայրիկը իրաւունք չունի իմ ազատութիւնս կաշկանդելու… դու Արմիկ դեռ շատ փոքր ես որ գիտնաս…

— Գիտեմ ամէն ինչ, պատասխաներ էր անիկա աչքերը խոնարհեցնելով… եւ հասկանում եմ քեզ… հայրիկ ջան, հասկանում եմ ամէն ինչ, բայց այսուամենայնիւ ինձ թւում է որ կարելի է այնպէս անել որ մայրիկը շատ չտխրի։

Որդի՞ն… ո՛չ, արգելքը որդին չէր. չէ՞ մի որ Գարեգին կը մտածէր զայն շուտով ղրկել Մոսկուա եւ տարիներով թերեւս հայր ու որդի իրարմէ հեռու պիտի ապրէին. ո՛չ, արգելքը Նաթալիա Վասիլիեւնան էր, միակ եւ ամբողջական արգելքը։

Մտքին ներկայացաւ իր իրաւունքներուն մէջ հզօր քաղքենի կնոջ պարարտ երեւոյթը թանկարժէք հագուստներով եւ սպառազինուած ընտանեկան ադամանդներով… ինչպէս տեսեր էր երեկոյ մը, նուագահանդէսի մը դադարին։ Անցեալ գեղեցկութեան մը հետքերով դեռ հպարտ, ինքնավստահ եւ գոռոզ, յիշեց նոյնիսկ անոր ծանր քայլերը եւ լայն ծոծրակը երբ կը յառաջանար թատրոնի նրբանցքներէն, ընկերացած ընտանիքի յարգալիր բարեկամներով. ուրիշ անգամ մը անոր սրբապղծուած կուռքի քստմնելի նայուածքը չափեր էր իր դիւրաբեկ հասակը, բայց ամենակենդանի յիշողութիւնը մնացեր էր առաջին անգամէն, երբ տեսեր էր զայն թատրոնի նրբանցքներուն մէջ։

Ցրուելու համար այս ցաւագին յիշողութիւնները, ճիգ մը ըրաւ եւ աչքերը բացաւ, որոնք անմիջապէս խտղտացին արեւաշող լոյսէն, բայց այդ շլացումին ընդմէջէն տեսաւ Ստեփանը, որ սեղանին մօտ նստած ակնապիշ կը նայէր իրեն։

Ու յիշեց յանկարծ ամէն ինչ, իր դժբախտութիւնը իր լրումին մէջ, առաւօտեան խելայեղ վիճակը ու մնացածը ու հիմակ այլեւս գաւաթը լիքն էր, պէտք էր խմել մինչեւ մրուր։

Պահ մը լուռ իրարու նայեցան, անձկալի սրտագին նայուածքով եւ Ստեփան հարցուց վերջապէս.

— Ի՞նչ պատահեց քեզ, Սաթի՛կ։

— Ոչինչ… չգիտեմ… սրտի թուլութիւն, թերեւս ներվային վիճակ… առաւօտեան այնքան վատ զգացի ինքս ինձ որ վախեցայ մենակ մնալու։

Ստեփան մօտեցաւ Սաթենիկին ու առանց ձեռքը առնելու, որ վերմակին վրայ կը հանգչէր տժգոյն եւ նրբին կանգնեցաւ անկողնին մօտ։

— Աւելի լաւ եմ այժմ, կմկմաց Սաթենիկ, ի զուր քեզ անհանգիստ արի։ Ուզեց ժպտիլ, բայց բռնազբօսիկ ծամածռութիւն մը եղաւ իր ժպիտը։

Ստեփան չպատասխանեց ու կը շարունակէր նայիլ իր խորաթափանց աչքերով։ Խստութիւն չկար այդ նայուածքին մէջ, բայց տեսակ մը յանդիմանական տխրութիւն. ուզեց խօսիլ, բայց առաջին վանկը սառեցաւ շրթներուն վրայ։ Ընդոստ գնաց դէպի պատուհանը կարծես իր անզսպելի յուզումը ծածկելու համար։

— Ժամը քանիսն է, հարցուց Սաթենիկ որոշ ճիգով։

— Մէկի կէսը, պատասխանեց Ստեփան առանց ետ դառնալու։

Առանց կարենալ գուշակելու թէ ի՛նչ է պատահած, հասկցեր էր որ ոեւէ բան, թերեւս գժտութիւն պատահած է Գարեգինի եւ Սաթենիկի մէջ. երկու անգամ Գարեգին ուզում էր հեռախօսով Սաթենիկի հետ խօսիլ, բայց Ստեփան պատուիրեր էր Մաշային պատասխանել թէ Պարինը կը քնէ, ուրիշ ոչինչ։

Անզսպելի ցասում մը կ’որոտար իր հոգւոյն մէջ. ի՞նչ կ’ուզէին իրմէն. հիմակ ալ արդեօք պէտք էր գալ զիրենք հաշտեցնելու… կը մտածէր որ եթէ գժտութիւն կար լուրջ բան մը չէր կարող ըլլալ, քանի որ Գարեգին երկու անգամ փորձեր է խօսիլ Սաթենիկին հետ. կանացի պչրանք թերեւս, քմահաճոյք… ինք ի՞նչ ունէր ընելիք այդ բոլորին մէջ։ Քիչ առաջ երբ Սաթենիկ գլուխը ետեւ հակած կը քնանար, Ստեփանի աչքերը յառած մնացեր էին վիզէն մինչեւ կիսաբաց գիշերանոցին կուրծքին մէջ կորսուող սպիտակութեան եւ անօրինակ տեսիլքներ տանջեր էին զինքը տարփանքով եւ նախանձով. հազար բան երեւակայեր էր որ սիրտը խայթեր էին թունաւոր օձերու պէս, ինչպէս եթէ աչքերովը անասելի իրողութիւններու ներկայ եղած ըլլար. ու առաջին անգամ իր մաքուր եւ քնքուշ զգացումը պղտորեր էր ատելութեամբ. զգացեր էր որոշակի թէ ինչպէ՞ս սիրող մարդուն ձեռքը կը զինուի սիրելիին դէմ։

Տակաւին այդ ուժեղ զգացումին թափին մէջ էր, երբ Սաթենիկ աչքերը բացեր էր եւ կարծես վախնալով ինքզինքէն, վախնալով արտասանելիք բառերուն անգթութենէն հեռու կեցեր էր կռնակը դարձուցած եւ հազիւ թէ զսպուած իր գահավիժող զգացումներուն մէջ։

Բայց յանկարծ մանկական ու մեղմ հեծկլտանք մը զինքը զինաթափ ըրաւ ու դանդաղ քայլերով մօտեցաւ Սաթենիկին. այն ատեն տեսաւ անոր աւրուած դէմքը ու մահապատիժ տժգունութիւնը։

— Իսկապէս հիւանդ ես Սաթիկ, ըսաւ Ստեփան խորտակուած ձայնով եւ անոր ձեռքը, թոյլ մնացած իր մատներուն մէջ, սեղմեց գորովանքով։ Արցունքներուն մէջէն, որոնք անձայն կը գլտորէին իր այտերուն վրայ, աչքերը նորօրինակ հուրքով մը վառուած Սաթենիկ նայեցաւ Ստեփանին։

— Ի՞նչ պատահեց, հարցուց կրկին Ստեփան։

Բայց անմիջապէս արդէն ժխտական շարժում մը ըրաւ, կարծես խնդրելով որ չպատասխանէ։ Ու լուռ մնացին այդպէս Սաթենիկի ձեռքը իր տենդագին ձեռքին մէջ. կզակը պինդ սեղմած ու մտախոհ, բայց հետզհետէ Ստեփանի կնճիռները պարզուեցան ու հոգին լեցուեցաւ սփոփարար բարութեան եւ գթութեան զգացումներով։

Ինչքա՜ն պիտի ուզէր առնել տանիլ այդ դիւրաբեկ եւ տժգոյն կինը, ինչպէս վայրի գազան մը իր որսը կը տանի թաքուն որջին մէջ… ինչպէ՜ս պիտի ուզէր խանդով պահել պահպանել զայն ոեւէ աչքէ, ոեւէ ուրիշ հաղորդակցութենէ հեռու. եթէ կարենար գերեզման մը դառնալ իր անբռնաբարելի խորհուրդին մէջ պահելու համար զայն առյաւէտ, ժամանակի անվերջ տեւողութեան ընթացքին։ Դաժան ցանկութիւն մը կրկին խստացուց իր դէմքը, բայց ահա իր հոգիին անծանօթ անկիւններէն գորովանքի եւ սիրոյ մրմունջներ բարձրացան եւ դէմքը յամրաբար պարզուելով դժուարին ժպիտը երեւցաւ. Սաթենիկ այդ ընտանի արտայայտութենէն քաջալերուած գլուխը մօտեցուց անկողնի եզերքին եւ յուզուած սրտզեղումով մը վերջապէս կրցաւ արտաբերել։

— Ի՜նչ փոյթ թէ ի՞նչ պատահեց, Ստեփա՛ն, ես յուսահատ նաւաբեկեալի նման քեզ մօտ եմ ապաստանում. այլեւս չեմ կարող տանել այն կեանքը, որի մէջ ապրում եմ… Ոչինչ պատահեց տարօրինակ, վստահ եղի՛ր, աւելցուց պահ մը դադարէ ետքը… Ընդհակառակը ոեւէ ուրիշ կին մը իմ տեղ ինքն իրան կը համարէր յաղթանակի մը գագաթին վրայ։

Ջղաձգօրէն խնդաց եւ իր ծիծաղը անգութ էր եւ տարօրինակ կերպով կը հնչէր իր խօսքերէն յետոյ։ Սպասեց որ հանդարտի, ձեռքը կուրծքին վրայ դրած եւ կարծես զսպելով յիմարական զգացում մը. կրկին իր դէմքը ստացաւ անօգնական եւ թախծալի տրտմութիւն եւ իր բեկբեկ ձայնով շարունակեց.

— Իմ սիրտը մաշուած է եւ տոկալու սիրտ չունեմ… եթէ կարենայի մեռնել. հանգել մեղմութեամբ ինչպէս մարդ որ կը քնէ. առանց կսկիծի կը փակէի աչքերս… բայց մարդս չի մեռնիր երբ ուզենայ։

Նայուածքը սեւեռեց տարտամ կէտի մը վրայ կարծես չարաբաստիկ մտածում մը հետապնդելով. յետոյ գլուխը շարժեց մեղմութեամբ եւ ըսաւ.

— Դու իմ ճշմարիտ ու միակ բարեկամս ես. հոգիս հիւանդ է, Ստեփա՛ն, քեզ եմ ապաւինում ամբողջովին. մտածի՛ր ու վճռէ իմ մասին. այնքան կեանքով, յոյսով լիքը մարդիկ կ’երթան մահուան դիմաց. ես յուսահատ եմ ու խորտակուած, բայց ուզում եմ կրկին գլուխս բարձրացնել, ուզում եմ ապրել նոր կեանքով. տար ինձ սահմանագլուխ. կ’անեմ ինչ որ հրամայէք. կ’անեմ անշշուկ եւ անտրտունջ։

Ստեփան աւելի պինդ սեղմեց Սաթենիկի ձեռքը եւ ըսաւ մտածում մը հետապնդելով.

— Լո՞ւրջ է, Սաթենիկ. թէ ոչ րոպէի ազդեցութեան ներքեւ, այնպէս…

— Լուրջ է, Ստեփան, լուրջ է. իմ կամքս մեռած է կարծես մի սարսափելի մրրիկի մէջ… ամէն վատասրտութիւն կարող եմ. եւ ամէն անարժան կացութեան մէջ կարող եմ ընկղմել… իմ հպարտութիւնս, իմ կնոջական արժանապատուութիւնս յորձանավար գնացին ու կորան։ Այնչափ դժբախտ եմ Ստեփան եւ քեզ մօտ եմ ապաւինում. քո վրայ դրեր եմ իմ յոյսը. միշտ բռնէ պինդ այդպէս իմ ձեռքէս ու զիս տար այն ճամբով, ուրկէ կը կարծես թէ կարող եմ երթալ արժանաւորութեամբ. խորտակուող մարդիկ երբեմն տարօրինակ վերականգնումներ ունեն, Ստեփա՛ն. տար ինձ սահմանագլուխ…

— Սաթի՛կ ջան, գոչեց Ստեփան սրտագին, եւ իր խիստ դէմքը հակեցաւ Սաթենիկի դէմքին վրայ մինչեւ գրեթէ հպում, բայց անմիջապէս ոտքի ելաւ եւ պահ մը պտուտկեցաւ սենեակին մէջ ինչպէս առիւծ գառագեղին մէջ։

Այդ պահուն խառնաշփոթ կերպով մտածումները եւ զգացումները կը խուժէին Սաթենիկի մտքին մէջ եւ կարծես աներեւոյթ ուժերու դէմ կռուելու գերմարդկային ջանք մը կ’ընէր գաղափարի հարթ ճանապարհ մը գտնելու համար։ Ունենալ նպատակ մը եւ երթալ այլեւս առանց ետին նայելու ու անձնազոհութեան զգացումը անօրինակ հեշտանքի մը պէս հոգին պարուրեց… նոր լոյս մը նոր աշխարհ կը բանար իր դէմ եւ մտքի աչքերով կը տեսնէր նոր Սաթենիկը եւ զարմացած կը նայէր անոր։

Դրան վրայ թեթեւ եւ ընտանի հարուածներ եւ դուռը բացուեցաւ. Գարեգին մտաւ ներս եւ անմիջապէս ուզեց մօտենալ Սաթենիկին. զղջումը, ամօթը եւ խղճահարութիւնը կը կրէր իր դէմքին վրայ, անջնջելի գիծերով։

Յանկարծ ընկրկեցաւ եւ դէմ առ դէմ կանգնեցաւ Ստեփանին հետ. կարծես քաղաքակրթութեան դիւրաբեկ պատեանը խզուեցաւ եւ երկու տղամարդիկը իրարու նայեցան, ոխերիմ, անագորոյն կեցուածքով, ինչպէս իրենց նայուածքները իրարու հանդիպեցան սուրերու պէս… կարծես բան մը շողշողաց սենեակին մթնոլորտին մէջ. պահ մը միայն ու ինքզինքնին զսպեցին, ինչպէս եթէ մոգական բառեր ջլատած ըլլային իրենց ամրապինդ բազուկներուն հրամայական եւ ժառանգական շարժումները։

Սաթենիկ հետեւեցաւ այդ բոլորին առանց ճիչ մը արձակելու. երկուքն ալ գեղեցիկ էին իրենց առնական խոյանքին եւ ա՛լ աւելի գեղեցիկ գերմարդկային ինքնազսպումին մէջ եւ սոսկումով ու հիացումով աչքերը գոցեց։

Գարեգին Միքայէլեան բնիկ Մուշեցի էր եւ որդին նահապետական հարուստ ընտանիքի մը. իր հայրը գործով եկած էր Թիֆլիս, զինքը բերելով իր հետ մատաղ հասակի մէջ, ուր աշակերտած էր Ներսէսեան վարժարանին։ Աւարտելէ յետոյ գացեր էր Մոսկուա, ուր համալսարանը աւարտեր էր լեռնային ճարտարապետի վկայականով։ Անդրկովկաս վերադարձին իր հարուստ ազգականներէն մէկը, որ նաւթահորեր ունէր Բագուի մէջ, Գարեգինը վերցուցեր էր իր մօտ իբր գործակատար։ Երիտասարդ ճարտարապետը այդ միջոցին կորսնցուցեր էր իր հայրը եւ միեւնոյն ատեն վերահասու դարձեր էր իրենց ընտանեկան համբաւեալ հարստութիւնը, որ կեանքի հետզհետէ աճող պահանջների առաջ, հազիւ բարեկեցիկ վիճակ էր, այն ալ պայմանաւ որ ապրէին իրենց հողային ստացուածքներուն մէջ։ Անմիջապէս զգացեր էր որ իր ճամբան իր ուժերով պիտի բանար։ Բայց եւ զգացեր էր որ իր կորովը եւ յամառ տոկունութիւնը ուժեր էին զորս հաճոյքով ի սպաս պիտի դնէր փայլուն ասպարէզ մը սկսելու համար։ Ուրեմն մայրը եւ քոյրերը տեղաւորելէ յետոյ հօրենական ժառանգութեան վրայ, ինքը, առանձին վերադարձեր էր իր հօրեղբօրորդւոյն Սեդրակ Պաղտանիչի մօտ, ուրկէ ստացած ռոճիկը բաւական էր իր սակաւապէտ երիտասարդի կեանքը լայնորէն ապահովելու։ Մօրը մեռնելէն յետոյ հօրենական ժառանգութիւնը իբր օժիտ բաժներ էր քոյրերուն, որոնք ամուսնացեր էին տեղացի երիտասարդներուն հետ։

Այդ ժամանակ Գարեգին Միքայէլեան գեղեցիկ եւ առոյգ երիտասարդ էր. բարձր հասակը, գեղեցիկ ճակատը եւ մանաւանդ իր արթուն եւ իմացական դէմքի արտայայտութիւնը կարող էին զինքը շատ հրապուրիչ դարձնել։ Փայլուն ամուսնութեան մը յոյսը, ըստ իր ազգականին, Սեդրակ Պաղտանիչի, մի անգամէն պիտի ապահովէր Գարեգին Միքայէլեանի ապագան այնպիսի ժամանակի մը մէջ, երբ ոեւէ դրամագլուխ գործօն եւ զգաստ մարդոց ձեռքի մէջ, անմիջապէս գրեթէ հարստութեան աղբիւր մը կը դառնար։

Բայց Գարեգին Միքայէլեանի էութեան մէջ տարօրինակ խառնուրդ մը կար գործնական ոգիի եւ կարգ մը գաղափարական սկզբունքներու, որոնք իրենց եզրակացութիւններուն մէջ կարող էին իրարու հակասել։ Այդ հակասական տրամադրութիւնները նոյնիսկ զիրար չէին բարեխառներ, այլ կարծես առանձին խաւերով մէկը միւսին վրայ աւելցած էին։ Ներսէսեան վարժարանի աշակերտութեան շրջանէն գաղափարական շունչ մը մտած էր իր մէջ, շնորհիւ մանաւանդ իր ընկերներուն, որոնցմէ ոմանք փայլուն անուններ դարձեր էին հետզհետէ Հայ հասարակական գործունէութեան մէջ։ Ի բնէ ընդունակ զգացումներէ տարուելու, գոնէ մեծ յարգանք ընծայելու հոգեկան եւ բարոյական արժէքներու, ինչպէս գրեթէ այն բոլոր երիտասարդները, որ բարեկեցիկ եւ երջանիկ մանկութիւն մը ունեցած են, լաւատես ոգեւորութեամբ մը զինուած, որ զինքը ընդունակ կը դարձնէր գնահատելու ոեւէ գործունէութեան մը կամ շարժումի մը գեղեցկութիւնը, անընդունակ էր սակայն անձամբ նետուելու ասպարէզ գլխաւոր պատճառներով։ Որովհետեւ իր մէջ չկար, թէ՛ իր խառնուածքին եւ թէ ընտանեկան դաստիարակութեան հետեւանքով, այն դառն ատելութիւնը, այն անդիմադրելի կուտակուած ոխերը, որ որոշ ժամանակներու մէջ մարդոց բազուկները կը զինեն ցմահ պայքարելու համար։ Տեսականօրէն իրաւացի կը գտնէր այն պայքարը, չափելով այդ իրաւունքը ուրիշներու կրած անարդարութիւններէն։ Բայց ինքը առիթ չէր ունեցած երբեք վիրաւորելու ոչ իր ազգային եւ ոչ ալ անհատական արժանապատուութեան մէջ եւ իր զէնքերը բնականաբար չէին սրուած թշնամիի մը դէմ, որ Ք. մըն էր, վերացական գաղափար մը։ Միւս կողմանէ, ըլլալով զաւակը հաստատուն հիմքերու վրայ հաստատուած նահապետական ընտանիքի մը, զօրեղ իր պահպանած աւանդութիւններով եւ կարգերով, իր ամենէն մատղաշ հասակէն սովորութիւնը ստացեր էր յարգանք ու գրեթէ կրօնական ակնածանք ունենալու հաստատուած կարգերու նկատմամբ։ «Մեծի փոքրի տեղը յայտնի է մեր ընտանիքին մէջ», կ’ըսէր հայրը յաճախ պարծենալով եւ քննադատելով կեդրոնական քաղաքներու մէջ մտած նոր բարքերը։ Որդւոց որդի անյիշատակ ժամանակներէ ի վեր նոյն ձեւով վարուեր, նոյն ձեւով սարքեր էին իրենց կեանքը եւ երէց որդին յաջորդեր էր հօրը իբր տանտէր։ Հակառակ իր քոյրերուն կրտսերը լինելուն, քանի որ միակ արու որդին էր, զինքը փոքր հասակէն համարեր էին տանը ապագայ սիւնը եւ նիւթական ժառանգութենէն աւելի՝ ընտանեկան առաքինութիւններու եւ սովորութիւններու ժառանգորդը։ Իր քոյրերը իրեն կը հնազանդէին կուրօրէն մինչեւ իրենց ամուսնութիւնը, եւ մայրը հօրը մահուընէ յետոյ իր հետ կը խորհրդակցէր ընտանեկան ամենէն անկարեւոր մէկ կարգադրութեան համար։

Այդ բոլորը տուած էին իրեն տեսակ մը ծանրակշռութիւն եւ իր վարմունքը ամէն բանի մէջ հետեւանքը եղած էր հասուն դատողութեան։ Բայց Մոսկուայի մէջ անցուցած ուսանողական տարիները նոր ճեղք մը բացած էին իր ներքին անխախտ համոզումներու ամրոցին մէջ։ Վտանգաւոր ճեղք մը՝ ուրկէ կրնար ստանալ հակընդդէմ գաղափարներու խուժում մը։ Այդ գեղեցիկ, միստիկ, խռովայոյզ քաղաքակրթութեան եւ ամէն նոր գաղափարներու անյագ քաղաքը իր հետաքրքիր, անհանգիստ, մոլեռանդ ուսանողութեամբ ալեկոծ ծովու մը պէս անընդհատ իր ալիքները զարկեր էր իր աւանդական սկզբունքներուն, եւ անիկա իր երիտասարդ եւ առողջ լեռնականի բոլոր թափովը ընդուներ էր ռուսական ազդեցութիւնը։ Իր հաստատ գաղափարներուն մէջ տարտամութիւն մտեր էր, տեսակ մը տարակոյսի մշուշ, որուն անստուգութեան մէջ սպրդեր էին իր խառնուածքին եւ իր առաջին դաստիարակութեանը օտարոտի զգացումները։ Բայց այդ ազդեցութիւնը հարեւանցի չէր մնացեր նաեւ շնորհիւ իր բնական լրջութեան եւ իր մէջ ինկած սերմերը բեղմնաւորուեր ու ծաղկեր էին, առանց որ ինքը անդրադառնար այդ հիմնական փոփոխութիւններուն։ Այսուամենայնիւ ինչպէս Ներսէսեան վարժարանի աշակերտութեան միջոցին, այնպէս ալ Մոսկուայի մէջ երբեք անձամբ չէր նետուած հոսանքին մէջ։ Իր ընտրած դժուարին ասպարէզը եւ համալսարանական ծրագրին խստապահանջութիւնը զինքը կը ստիպէին արդէն իսկ ժամանակի մեծ մասը յատկացնել ուսմունքի եւ մնացեալ ժամերուն հաճոյքով կը հետաքրքրուէր գեղարուեստով եւ գրականութեամբ։ Ինչպէս ամբողջ սերունդ մը, ինքն ալ իր կարգին մոլեռանդ ընթերցող մը դարձեր էր Պիլինսքիի, որուն մանաւանդ սիրային զգացումներու արտացոլումները տեսակ մը դաւանանք եղեր էին իրեն։ Տարտամօրէն եւ այն ժամանակէն մեծ եւ աւերիչ սիրոյ մը կարօտը, եւ սիրային տառապանքի հեշտանքը զգացեր էր։ Առաջուընէ ուրեմն ընդունուած բան էր իրեն թէ սէրը մարդուս ամենէն ազնուական եւ անտեղիտալի զգացումն է եւ գրեթէ անհամբերութեամբ սպասեր էր ճակատագրական հանդիպումին։

Իր պատահական բարեկամուհիները, մեծ մասամբ խոնարհ աշխատաւորներ, չէին կարող համապատասխանել այդ իտէալին եւ հոգւոյն ծարաւը յագեցնել։ Անգամ մը միայն ռուս ուսուցչուհի մը, յեղափոխական շրջանակներու մէջ տապլտկած, թշուառ ու հալածական, հանդիպեր էր իրեն ու սիրեր էր զայն երիտասարդական բոլոր եռանդովը։ Բայց այդ վտիտ ու գրեթէ տգեղ աղջկան հայեացքը ուրիշ տեղ սեւեռած էր եւ իրենց ճանապարհները տարբեր էին։ Այսուամենայնիւ Գարեգին որոշեր էր ամուսնանալ անոր հետ եւ արձակուրդին երբ վերադարձեր էր Շուշի, իր դիտաւորութիւնը յայտներ էր հօրը։

Աւելի քան հօրը ընդդիմութիւնը, որ բուռն կերպով դիմադրեր էր օտար աղջիկ մտցնել իրենց նահապետական տան մէջ, Գարեգինի վրայ ազդեր էր ռուս ուսուցչուհիին տրամադրութիւններու տարբերութիւնը եւ իր նպատակներուն անհաշտելիութիւնը իր կեանքի ըմբռնման հետ։

Ուսմունքը աւարտելէ յետոյ Անդրկովկաս վերադարձին, այլեւս չէր խօսեր այդ ռուս աղջկան մասին, բայց ծնողքը այդ վտանգէն ազդարարուած անմիջապէս մտադրեր էին ամուսնացնել Գարեգինը կարգին Հայ ընտանիքի աղջկան հետ։

Հայրը, մայրը ու հօրեղբօրորդին իրենց ճաշակներուն եւ կեանքի ըմբռնման համեմատ զանազան ծրագիրներ կը սնուցանէին, բայց Գարեգին մեղմութեամբ կը հեռացնէր այդ ծրագիրներու գործադրութիւնը առանց մերժելու։

Անդրկովկաս վերադառնալէ յետոյ զգաստ կեանքը, ընտանեկան եւ յետոյ աւելի ուշ Բագուի մէջ, հօրը մահուընէ յետոյ առանձնացած կեանքը, բնականօրէն զինքը պիտի մղէին ընտանիք կազմելու ցանկութեան։ Իր սիրած ռուս աղջիկէն կրած յուսախաբութիւնը զինքը խոհեմ դարձուցեր էր եւ իր հոգւոյն թռիչքը խորտակուած էր գրեթէ։ Յետոյ կար նաեւ հայրենի երկրին ազդեցութիւնը. իր հասակակից եւ իր դասակարգէն երիտասարդներու նախընտրած ուղին, նորակազմ ընտանիքներու յանկուցիչ պատկերը եւ անդիմադրելի ու բնազդական ձգտումը հօրը օճախը վերականգնելու։

Իրիկուն մը զինքը հրաւիրեր էին դիտաւորեալ կերպով ընտանեկան երեկոյթի մը։ Այդ այնպիսի ժամանակ էր երբ Սեդրակ Պաղտանիչ կը հետապնդէր զինքը հարուստ ամուսնութեան մը ծրագրով։ Թեկնածու օրիորդը գեղեցիկ չէր, բայց ժառանգորդուհին էր պատկառելի հարստութեան մը։ Հօրը մահուընէ յետոյ Գարեգին տէր կը դառնար այդ դրամագլուխին, ընկեր կը դառնային ու նոր նաւթահորեր կը գնէին։ Փորձութիւնը մեծ էր, բայց Գարեգինի մէջ դեռ շատ ցայտուն նեարդներ կային, որոնք արգելք պիտի դառնային այդպիսի գործնական ծրագրի մը իրագործման։

Այն իրիկուն ուրեմն բարեկամ ընտանիքի մը մէջ հանդիպեցաւ Նաթալիա Վասիլիեւնային, որուն մատղաշ գեղեցկութիւնը զինքը շլացուց։ Նաթալիա ուրիշ օրիորդներու հետ պարեց ու իր ճկուն մարմնին դիւրաթեքութիւնները, իր շարժումներուն շնորհալիութիւնը, իր թխագեղ դէմքին հրայրքը բաւական եղան որ Գարեգին որոշէ հետապնդել այս ամուսնութիւնը։ Գրեթէ ուրախ եղաւ իմանալով որ անիկա բարեկեցիկ բայց համեստ վիճակի տէր պաշտօնատարի մը աղջիկ է եւ այն իրիկուընէ իր դարպասը սկսաւ ընել։

Ամուսնութիւնը կատարուեցաւ շուտով եւ երկուսով մեկնեցան Շուշի, Գարեգինի հօրենական տան մէջ անցընելու համար արձակուրդի ամիսները։ Մայրը երջանիկ էր եւ քոյրերը շողոքորթուած էին ռուս պետութեան ծառայութեան մէջ եղող պաշտօնատարի աղջիկը հարս ունենալով։ Ամէն ինչ լաւ էր եւ կեանքը մտեր էր հեզասահ գետի մը նման իր բնականոն ընթացքին մէջ։

Տարօրինակ բախտով մը, Գարեգին իր ամուսնութենէն յետոյ Բագու վերադարձին մտաւ յաջողութեան եւ բարգաւաճման ճամբու մէջ։ Ռուսական ընկերութիւն մը, որ հսկայական դրամագլուխով ձեռնարկեր էր նաւթ արդիւնաբերող ֆիրմա մը հաստատելու, «Անդրկովկասը», իր առաջին քայլերուն հանդիպեցաւ Գարեգինի։

Ձմեռային քլիւպ ի մէջ, ընթրիքի մը միջոցին, երբ «Անդրկովկաս»ի կեդրոնական մարմնոյն տնօրէնը կը խորհրդակցէր մէկ քանի կարեւոր ֆիրմա ներու տնօրէններու հետ, Գարեգին մտաւ սրահ եւ հայ տնօրէն մը մատնանշելով զինքը՝ «Անդրկովկաս»ի ներկայացուցչին ըսաւ.

— Ահա մի երիտասարդ, որ կարող է շատ հեռու գնալ։

Ծանօթութիւնը տեղի ունեցաւ անմիջապէս եւ Գարեգին արդէն տասնհինգ օրուան ընթացքին առիթ ունեցաւ ցոյց տալու իր հմտութեան եւ կարողութեան չափը։ Այդ օրէն արդէն իր ոտքը դրեր էր յաջողութեան առաջին աստիճանին վրայ եւ արագաքայլ պիտի բարձրանար։ Երկար տարիներ Բագուի մէջ «Անդրկովկաս»ի տնօրէնը ռուս մըն էր, բայց անոր տեղափոխութենէն յետոյ զինքը պիտի նշանակէին ընդհանուր տնօրէն, լայն լիազօրութիւններով։

Մինչեւ այդ արդէն անհատական ձեռնարկներ ալ յաջողութեամբ պսակուեր էին։ Սեդրակ Պաղտանիչի հետ գնած էին լքուած եւ անբարեյոյս համարուած հող մը, որուն թաքուն արժանիքը ինքը գուշակեր էր եւ այդ վերջին ժամանակները շատրուան մը ժայթքեր էր։

Գարեգին թէ՛ իր անձնական հարստութեան եւ թէ իր ունեցած պաշտօնին բերումով կը դառնար այլեւս այդ մեծ արդիւնաբերական քաղաքին երեւելիներէն մէկը։ Իր ձայնը կշիռք ունէր եւ իր կարծիքները նկատողութեան կ’առնուէին։ Իր անձնական միջոցներով ձեռք բերած հարստութիւնը, իր պարկեշտ մարդու համբաւը եւ մանաւանդ գործի աշխարհի մէջ իր ցոյց տուած լրջութիւնը եւ մաքրութիւնը իրեն կու տային բացառիկ հեղինակութիւն։ Ամէն կարգի փառասիրութիւն ներելի եւ բնական կը համարէին իրեն համար։

Իր ընտանեկան կեանքը նոյնպէս եղեր էր խաղաղ ու երջանիկ, եթէ կարելի է երջանկութիւն համարել դժբախտութեան բացակայութիւնը։

Նաթալիա Վասիլիեւնա երեք անյաջող յղութենէ յետոյ որդի մը տուեր էր իրեն ու այդ դժուարաւ եկած մանուկին վրայ կեդրոնացուցեր էին իրենց սէրը, գուրգուրանքը եւ ապագայի երազները։ Նաթալիա Վասիլիեւնա լաւ տանտիրուհի էր, պարկեշտ եւ խիստ, եւ ամբողջովին տոգորուած իր դերին ծանրակշռութեամբ։ Անիկա իր վարմունքով, զգաստութեամբ եւ լրջութեամբ սատարեր էր անուղղակի կերպով ամուսնոյն յաջողութիւններուն. իրենց մէջ տիրեր էր միշտ կեանքի ճշմարիտ ընկերներու վայել համերաշխութիւն եւ ոչ մէկ օր դժգոհութեան լուրջ պատճառ չէին ունեցեր իրարմէ։ Ինչպէս իր գործը, այնպէս ալ Գարեգինի ընտանիքը հաստատուած էր հաստատ հիմերու վրայ եւ այդ բանին գիտակցութիւնը ոչ միայն հաճոյք կը պատճառէր իրեն, այլ նաեւ հպարտութիւն։ Ժամանակի ընթացքին զգացեր էր որ իրեն համար այդպէս ալ պիտի լինէր եւ ինքը անշուշտ պիտի չհանդուրժէր այն տեսակ մը անփոյթ ճոխութեան, շռայլ եւ զեղխ կենցաղին, որ կը տիրէր իր ընկերներուն շատերուն տանը, շնորհիւ զուարճութեան եւ վայելքի անյագ կիներու։ Իր հոգեկան ու ֆիզիքական առողջութեան նոյնպէս անհաշտ էր տունէն դուրս սանձարձակ քէյֆերը, վարձկան գեղեցկուհիներու հետ, որոնք հարուստ քաղաքին բարքերուն մէջ սովորական երեւոյթ էին։ Ինքը կը սիրէր բացառութիւն կազմել այդ մասին եւ կը սիրէր մանաւանդ անդրադառնալ թէ այդ բացառութիւնը կը կազմէ, հակառակ որ կինը այլեւս ոչ մէկ կերպով կը համապատասխանէր իր գեղեցկութեան եւ կանացի շնորհի համար ունեցած հակումներուն։ Նաթալիա Վասիլիեւնան վաղուց կորսնցուցած էր իր ճկունութիւնը եւ շնորհը։ Անիկա պատկառելի մաթրոն մը դարձած էր, գիրացած, դժուարաշարժ, ծանր ու խիստ։ Իր ամբողջ զգացումներէն հիացիկ բարեացակամութիւն մը մնացեր էր իր ամուսնոյն հանդէպ եւ իր բոլոր փառասիրութիւնն էր տունը քալեցնել որոշուած կարգերու եւ սովորութիւններու համեմատ։ Պզտիկ զարտուղութիւն մը իր իշխանութեան դէմ ոճիր պիտի համարէր, բայց այդ զարտուղութիւնը դեռ յառաջ չէր եկած որպէսզի անիկա իր տիրապետութեան մականը ձեռք առնէր, եւ ի՞նչ պէտք ունէր Գարեգին իր ընտանիքին նուիրագործուած կարգերը խանգարելու, երբ ինքն իսկ ի բնութենէ կը սիրէր նախասահմանուած եւ որոշուած գիծերէ չշեղիլ։

Ամէն առաւօտ եւ հակառակ որ առաջին տարիներու անհրաժեշտութիւնները չկային այլեւս, տանը բոլոր անդամները ժամը եօթին բոլորուած կ’ըլլային նախաճաշի սեղանին շուրջը։ Ժամը ութին Գարեգին կը մեկնէր քանդոռ կամ նաւթահանքերը եւ կը վերադառնար ճիշդ ժամը երեքին։ Ճաշէն յետոյ մինչեւ ժամը վեց կ՚երթային իրենց առանձին սենեակները հանգստանալու համար եւ ժամը եօթին կրկին կը բոլորուէին հանդիսաւոր սամավարին շուրջը։ Այդ պահուն կ’ընդունէին նաեւ իրենց պատահական հիւրերը։ Ժամը ութէն տասը այր ու կին ազատ էին. կ’երթային միասին կամ առանձին այցելութեան։ Յաճախ Գարեգին այդ երկու ժամուան ազատութենէն կ’օգտուէր իր աշխատութեան սենեակը առանձնանալու համար։ Երբեմն ալ իր որդւոյն հետ կը սիրէր խօսակցիլ եւ կամ անոր միտքը արթնցնել շնորհիւ ընթերցանութեան մը, գաղափարի, սիրոյ եւ պայքարի աշխարհի մը գիտակցութեան, որուն կարօտը կը կրէր իր հոգւոյն մէջ. այդ կարօտը սուր ու անհանգիստ ցաւ մը չէր, բայց կը սիրէր անդրադառնալ իր կեանքի այն միջոցներուն երբ հոգիին բաբախումը գացեր էր անմատչելի իտէալներու կարօտով։ Թերեւս կ’ուզէր որ իր որդին երթայ այն ճամբով, որուն ցանկութիւնը արթուն մնացեր էր իր մէջ. ամէն պարագայի կը պատահէր որ առանձին կամ իր որդուն հետ գիրքը փակէր որոշ էջի վրայ եւ թոյլ տար ինքզինքին որ թափառի կորսուած երազներու աշխարհի մը մէջ։ Երբեմն ալ անդրադառնալով իր յաջող կեանքին եւ իր բոլոր փափաքներուն լիացումին, կը պատահէր որ ցաւով մտածէր թէ իր հոգւոյն պահանջքները չէին գոհացուցած։ Հոգիս ծարաւի է… կ’ըսէր իւրովի, բայց մնացեալը կը կորսուէր տարտամի մը մէջ։ Յաճախ նաեւ իր երազանքէն կը սթափէր՝ մտածելով որ ժամը 10-ն է եւ պէտք է քլիւպ երթայ։

Ժամը 10-ին ուրեմն անիկա կ’ըլլար քլիւպ, ուր որոշ ժամանակ ունէր եւ ուր կը մնար մինչեւ կէս գիշեր կամ գործի ժամադրութիւններով զբաղած կամ փրեֆերանս ով, որ իր նախընտրած թղթախաղն էր։

Նաթալիա Վասիլիեւնան ամենէն ուշը 11-ին տուն վերադարձած կը լինէր լոդո յի նիստէ մը, որ փոխն ի փոխ տեղի կ’ունենար բարեկամներու եւ ծանօթներու տան մէջ. եւ ամուսնուն կը սպասէր ընթրիքի, որքան ալ ուշանար անիկա. այլ սակայն ընդունուած էր իրենց մէջ որ ժամը 1-էն աւելի կարելի չէ ուշանալ։ Եթէ պատահէր որ Գարեգին ստիպուէր քլիւպ ը ընթրել ոեւէ հրամայական պատճառով, հեռաձայնով կը կանչէր կինը, որովհետեւ Նաթալիա Վասիլիեւնան չէր սիրեր առանձին ընթրել, յամենայն դէպս չէր սիրեր երբեք երթալ պառկիլ, յաջորդ օրուան համար առանց կարգադրութիւններն ընելու իր ամուսնոյն հետ, որքան որ յաջորդ օրը սահմանուած ըլլար նման ըլլալու ուրիշ օրերու։

Ընթրիքէն յետոյ հապճեպ կերպով կը խօսակցէին ուրեմն առօրեայ խնդիրներու մասին եւ գրեթէ միշտ անմիջապէս համաձայնութեան կու գային եւ օրը կը վերջանար ինչպէս սկսած էր առանց յուզումի, առանց խռովքի, միօրինակ խաղաղութեան մէջ։

Այդ միօրինակութիւնը եւ խաղաղութիւնը կը խզուէր տարին չորս անգամ որոշ թուականներու, երբ երեկոյթներ կու տային իրենց բազմաթիւ ծանօթներուն, կանոնաւոր կերպով եւ առանց ուշանալու կը փոխարինէին ճաշի եւ ընթրիքի հրաւէրները, եւ ամառները երկու ամսով կը հեռանային Բագուէն, արձակուրդը անցընելու համար լեռնային շրջանները, կամ Ղարապաղ եւ կամ հիւսիսային Կովկաս։

Իրենց որդին Արմիկը փոքր հասակէն ենթարկուած տան խիստ կարգապահութեան, ոչ մէկ կերպով չէր խանգարեր զիրենք իրենց սովորութիւններուն մէջ, միայն հետզհետէ անիկա սկսեր էր ցոյց տալ նախասիրութիւն հօրը եւ աշխատութեան սենեակին մէջ հօր ու որդու խօսակցութիւնները սկսեր էին հաճախադէպ դառնալ, երբ տասնվեց տարեկանին հասաւ, արդէն իսկ այր ու կին նշմարեցին որոշ անկախութիւն իր ճաշակներուն մէջ եւ օր մը խօսակցութեան մը միջոցին յայտնուեցաւ նաեւ իր կեանքի ըմբռնումի տարբերութիւնը։ Այսուամենայնիւ ոչ հայրը եւ ոչ մայրը առանձին նշանակութիւն չէին տար իր արտառոց գաղափարներուն եւ մտադիր էին որ կիմնազիոն ը աւարտելէ յետոյ երթայ Մոսկուա համալսարան մտնելու, որպէսզի իր կարգին կարող ըլլայ երթալու այն ճամբով, որ հայրը գացեր էր։

Նաթալիա Վասիլիեւնա, վստահ իր ազդեցութեան եւ հեղինակութեան, ինքզինքը կը զգար բացարձակ ապահովութեան մէջ։ Երբ ոեւէ գայթակղալի լուր հասնէր իր ականջին իրենց ծանօթներու վերաբերմամբ, երբեմն չէր ունենար այն խռովքը, որով ամէն կին աստիճան մը անանձնական խնդիր կը դարձնէ ուրիշի պատահածը։ Զուրկ հրայրքէ եւ զգացումներու փոթորիկներէ, նոյնիսկ իր երիտասարդ հասակին, գոհացած իր բոլոր փառասիրութիւններուն մէջ, ոչ բարութիւն ունէր անիկա եւ ոչ ներողամտութիւն։ Իր կարծիքները յստակ էին, հատու եւ ամբողջկան մաքսիմ ներու պէս. նոյնիսկ անիկա չէր տարուեր բամբասանքի քմահաճ եւ ախտաւոր հաճոյքէն, որով ամենէն առաքինի կինը անուղղակի յագուրդ մը կը գտնայ իր թաքուն կամ անցեալ ցանկութիւններուն։ Անիկա զինուած իր ցուրտ առաքինութիւնով, երբեք չմեղանչած կնոջ աններողամտութեամբ, կարծես դիրք բռնած էր ոեւէ հաւանական թուլութեան մը դէմ, որ նոյնիսկ հեռու աշխարհի մէջ տեղի ունենար։ Գարեգինի բարեմիտ եւ ժպտուն անփութութիւնը կարգ մը գայթակղութեանց նկատմամբ, մոլութեան մը համեմատութիւնը ունէր իրեն համար եւ կը մերժէր ոեւէ տեսակէտ որդեգրել մեղմացուցիչ պարագաներ փնտռելու նպատակաւ։ Գարեգին նոյն բարեմիտ անփութութիւնով կը դիմաւորէր կնոջը անաչառութիւնը եւ ինչպէ՞ս արդէն կրնային բորբոքուիլ խնդիրներու մասին, որոնք, համոզուած էին, երբեք իրենց համար անձնական նշանակութիւն մը պիտի չունենային։

Օր մը սակայն լուրջ վէճի բռնուեցան։ Գարեգին Միքայէլեանի քանդոռի պաշտօնեաներէն մէկը, երիտասարդ ճարտարապետ մը, սիրահարուած էր քաղքին ծանօթ պուրժուա ներէն մէկուն կնոջը։ Ամուսինը, վերահաս ըլլալէ ետք իրողութեան իր կնոջը խոստովանութեամբ իսկ, ձեռնարկեր էր ապահարզանի. բայց օրինական ամուսնալուծումէն առաջ կինը մեկներ էր իր տունէն եւ փոքրիկ աղջկան հետ գացեր էր ապրելու իր սիրած մարդուն հետ։ Քաղաքի ամբողջ հայերը յուզուեր էին այս դէպքէն եւ ամէն ոք ակընդէտ կը սպասէր թէ Գարեգին ի՞նչ դիրք պիտի բռնէ երիտասարդ ճարտարապետին նկատմամբ։

Օրեր կ’անցնէին եւ Գարեգին ոչ իսկ ակնարկութիւն ըրեր էր իր պաշտօնեային։ Նաթալիա Վասիլիեւնա սկսաւ վրդովիլ եւ երեկոյ մը, թէյի ժամուն, երբ հիւրեր ալ կային, Նաթալիա Վասիլիեւնա մօտեցաւ լուրջ հարցին։

— Գարեգի՛ն, հարցուց, ի՞նչ ես մտածում անել այդ փճացածին համար։

— Ո՞ր փճացածին, Նատիա։

— Այ, քո պաշտօնեան, որ այդ խայտառակութիւնը արեց։

— Հա, դու ուզում ես խօսել Ներսէս Մխայէլովիչի մասին։

— Իսկապէս հետաքրքրական է, աւելցուց հիւրերէն մէկը, դուք լաւ պիտի գիտնաք այդ պատմութիւնը։

— Ես ոչինչ աւելի չեմ գիտեր քան դուք. ես գիտեմ մի բան. Ներսէս Մխայէլովիչը լաւ եւ կարող պաշտօնեայ է եւ շատ օգտակար։

—Էհ, յետո՞յ, հարցուց Նաթալիա։

— Յետոյ, ոչինչ։

Գարեգին ոտքի ելաւ եւ սկսաւ պտուտքիլ սենեակին երկայնքին. միտքը թռաւ կարծես հաճելի հեռանկարի մը վրայ։

— Սիրում է ախր, իսկապէս սիրում է… եւ երբ խորապէս սիրում է, պէտք է ենթադրել որ բոլոր արգելքներին յաղթահարում է։

— Սիրում է ամուսնացած կնոջ… եւ դու բանակա՞ն ես գտնում։

— Նաթալիա, ըսաւ Գարեգին կանգ առնելով կնոջ առաջ եւ ժպտելով բարութեամբ, ինչպէ՞ս միամիտ ես։

— Յամենայն դէպս, ըսաւ հիւրերէն մէկը, անհրաժեշտ չէր գայթակղութիւն յառաջ բերել. այդ կինը բաւականին ազատ էր, կարող էր չքանդել իր ընտանիքը եւ եթէ իրաւամբ սիրում էր… ո՞վ էր նրանց խանգարում… կամ ի՞նչը հարկադրում էր կնոջը խոստովանել… ես մօտից տեղեակ եմ պատահածին… կինը առանց ոեւէ հարկադրիչ պատճառի յայտներ է ամուսնոյն…

— Եւ շատ լաւ է արեր… ի՞նչ, ուզում եք շապլոն բաներ ասեմ ձեզ… թէ աւելի լաւ խոստովանուիլ քան ստել ու կեղծել… դուք այդ ամէնը շատ լաւ գիտէք բայց ասում էք էլի։

— Գարեգին Իվանովիչ, ըսաւ Նաթալիա հանդիսաւոր կերպով, դու իսկ չես մտածում անմեղ երեխայի մասին. մի կին, որ փոքրիկ աղջիկ ունի, այդպէս յիմարութիւն կ’անի՞ եւ այդպիսի խայտառակութիւն մանաւանդ, երեխան տանել սիրահարի տանը։

— Նաթալիա Վասիլիեւնա, երեխայի հարցը ճիշդ է որ լուրջ հարց է, բայց ի՞նչ անել, եթէ սիրում է անդիմադրելի կերպով։

— Դա, դա, դա, ընդհատեց Նաթալիա զայրոյթով, եթէ սիրում է անդիմադրելի կերպով… երբ կարգին մարդիկ ասում են այդպիսի խօսքեր, պարզ է որ փճացածները կ’անեն ինչ որ ուզենան։

— Մայրը պարտաւորութիւններ ունի իր երեխային հանդէպ եւ կարող էր անձնազոհութիւն անել, միջամտեց հիւրը, զոհողութիւնն ալ գեղեցիկ է։

—Մայրը պարտաւորութիւններ ունի իր երեխային հանդէպ, ո՞վ է հակառակը պնդում, բայց դուք մոռանում էք որ այդ կինը նոյնպէս պարտաւորութիւններ ունի ինքզինքին հանդէպ եւ եթէ սիրում է… եւ եթէ երջանկութիւնը տեսնում է այդ սիրոյն մէջ միթէ՞ պարտաւոր չէ իր երջանկութեան երես չդարձնել։

— Զարմանալի ես Գարեգին, խօսքը խափանեց Նաթալիա, դու այնպէս բաներ ես ասում որ չգիտեմ ինչ մտածել, քեզ նման չէ, ի՞նչ պատահել է քեզ։

—Ոչինչ… լսեր եմ այդ պատմութիւնը եւ մտածել, եւ այդ երիտասարդը ինձ համակրելի է, ձեռքը սեղմում եմ բարեկամութեամբ. ինձ թւում է որ նա յաղթել է սարսափելի դժուարութեան։

— Ի՞նչ ես կեցեր, արա նրա նման։

— Ինչի՞, Նաթալիա… ուրիշ բան էր եթէ սիրէի այնպէս ինչպէս նա սիրում է այն կնոջ… ո՞վ գիտէ ի՞նչ կ’անէի… ո՞վ կարող է առաջուց ասել թէ ի՜նչ կ’անէ որոշ հանգամանքների մէջ։

Այդ միջոցին Արմիկը մտաւ սրահ եւ լռեցին. բայց երկար ատեն երբ մինակ մնային Նաթալիա եւ Գարեգին առիթ կը գտնային այդ նիւթին վրայ կատակներ ընելու իրարու, ինչպէս մարդիկ՝ որ ապահով կը զգան ինքզինքնին։

Օրեր, շաբաթներ, ամիսներ այսպէս կը հոլովէին առանց ցնցում եւ նորութիւն բերելու եւ ժամանակի տժգոյն փոշին հետզհետէ կը թաղէր Գարեգինի հոգեկան առկայծումները, որոնք կարելի է ըսել մոխիրի տակ թաղուած կը պլպլային առանց արծարծելու։

Հետզհետէ անիկա հեռացեր էր նաեւ ազգային կեանքէն ու հայկական յեղափոխութեան գալարումները սահմանէն ասդին թէ անդին իր ուշադիր հետաքրքրութեան կ’արժանանային առանց մղելու թեր կամ դէմ հոսանքի մը մէջ, իր քաղաքական ըմբռնումներով ազատական պուրժուա էր եւ մտած էր ռուսական լուսաւորուած պուրժուազի ի մեծ ընտանիքին մէջ։ Անիկա հետզհետէ հայ ըլլալէ առաջ ռուս մեծ պետութեան քաղաքացի կը զգար ինքզինքը եւ այդ արժանաւորութիւնը կը կրէր բնականօրէն եւ ներքին տրամադրութիւններով, ինչպէս ամէն այն ծայրագաւառները, ուր ռուսական արծիւի հովանին երկարած էր, Անդրկովկասի մէջ ալ, փոքրիկ ազգերու եւ ցեղերու խառնարանէն վեր կը ստեղծուէր այն ընտրանին, որ իրենց հոգիին մէջ կրած էին սուրբ Ռուսաստանի կնիքը եւ կերպով մը մկրտուած էին այդ լայն եւ նորօրինակ քաղաքականութիւնով։

Եւ քանի ժամանակը կը թաւալէր այնքան կարծես իր կապերը կը խզուէին բնիկ ժողովուրդին հետ եւ իր մտայնութիւնը գունաթափ կ’ըլլար առանձնայատուկ երանգներէն։ Եւ քանի ժամանակը այդպէս կ’անցնէր, իր ներքին եւ ընտանեկան համոզումներն ալ կ’աղօտանային եւ բարոյական նոր ըմբռնումներ կը տեղաւորուէին իր էութեան մէջ։ Աւելի երիտասարդ տարիներու մէջ աւելի յստակօրէն կը տեսնէր թերեւս իր ներքին այլափոխութիւնը, բայց Գարեգին Իվանովիչ հասեր էր այնպիսի հանգրուանի երբ մարդիկ կը զգուշանան անդրադառնալու եւ խանգարուելու իրենց անդորրութեան մէջ վերլուծելով այն բոլորը, որ իրենց անգիտակցութեան մէջ կը կատարուի դանդաղ եւ յամառ կերպով։

Այլ սակայն նման այն ճամբորդին, որ առանց տեսնելու կը զգայ բաց ծովի շունչը, Գարեգին զգացումը ունէր անծանօթին՝ տեսակ մը ներքին խռովքը ժամանակէ մը ի վեր զինքը կը վրդովէր անորոշ կերպով եւ աննպատակ բաղձանքներ կ’արթնցնէր իր մէջ։ Սկսեր էր նուազ երթալ քլիւպ, աւելի երկար առանձնանալ իր աշխատութեան սենեակին մէջ, ուր կը սիրէր կարդալ այն գիրքերը, որոնք իր երիտասարդութեան առաջին շրջանին յուզմունք եւ ոգեւորութիւն պատճառեր էին իրեն։

Առաւօտ մը, երբ քանդոռ կ’երթար, ճիշդ փողոցի անկիւնը դարձած միջոցին հանդիպեցաւ Ներսէս Մխայէլովիչի եւ կնոջը, կարծեց որ զինքը չտեսան եւ ուզեց ետ դառնալ իրենց խնայելու համար այդ անհարկի հանդիպումը. բայց այդ միջոցին իսկ անխուսափելի դարձաւ. մտադրեց արագ բարեւել եւ անցնիլ, բայց տարօրինակ հետաքրքրութիւն մը զինքը կեցուց. Ներսէս Մխայէլովիչ բարեւեց եւ տեսնելով տնօրէնը իր դէմ կեցած՝ ներկայացուց.

— Կինս…

Թանձր քօղին ներքեւէն Գարեգին տեսաւ անոր երկիւղալի դէմքը եւ սեւ աչքերը յուզումով լեցուած. Գարեգին բնազդաբար ժպտեցաւ եւ երբ երիտասարդ կինը ձեռքը երկարեց մուշտակին մէջէն հանելով, այդ տաք եւ դողդոջուն ձեռքը տարաւ շրթներուն. յետոյ թողուց զիրենք եւ բարձրացաւ քանդոռը։

Ժամը երեքին, ճաշէն յետոյ, երբ սենեակը առանձնացած էր քնելու համար, զգաց որ քունը խանգարուած է եւ շփոթ զգացումներ զինքը խռոված են անտեղի կերպով։ Բայց դարձեալ յիշելով երիտասարդ կինը ժպտեցաւ բարեացակամութեամբ, յետոյ հեգնական զգացումով մտածեց թէ ի՜նչ գլուխ պիտի ընէր Նաթալիա Վասիլիեւնան երբ զինքը տեսնէր իր յարգանքը արտայայտելիս այդ յանցաւոր կնոջ։

— Սիրում են, էլի, կրկնեց դարձեալ եւ միտքը խորասուզուեցաւ ճշմարիտ սիրոյ խորհրդաւոր տեսիլքին մէջ։

«Ի՞նչ կ’անէի ես նման պարագայի, մտածեց տարտամօրէն. կ’անէի նրանց նման, պարզ է, անձնատուր կը լինէի իմ զգացումին եւ կը գայի յայտնելու Նաթալիա Վասիլիեւնայի իրողութիւնը իր պարզութեան մէջ»։

Զսպուած քրքիջ մը զինքը ցնցեց. երեւակայեց Նաթալիա Վասիլիեւնայի ցասումը նման յայտնութեան մը միջոցին. յետոյ եզրակացուց.

— Յիմար եմ ինչ… պատանեկան հասակումս միայն ինձ պատահում էր նման երեւակայութիւն։

Եւ անմիջապէս ոտքի ելաւ վանելով գլխէն թեթեւ մտածումներու այդ գոյնզգոյն թիթեռնիկները։

— Միեւնոյն է, չեմ կարող այլեւս քնել… լաւ է պարապիմ։

Տեղեկագիր ունէր պատրաստելու Մոսկուայի համար, բայց իր միտքը այնքան անկայուն էր որ ծուլացաւ եւ թիկնաթոռի մէջ երկարած առաւ Տոսթոյեվսքիի «Քարամազով եղբայրները»։ Դանդաղօրէն թերթելով գիրքը, միտքը կանգ կ’առնէր որոշ նախասիրած էջերու վրայ. Տիմիթրիին սիրոյն ճնշող, դառն, տանջող, եւ բռնաւոր լուծը եւ Ալոշայի յուզումնալի քաղցրութիւնը զինքը վրդովեցին տարբեր զգացումներով. յանկարծ զգաց որ ինքն ալ կարող էր սիրել բուռն, անհաշիւ սիրով եւ տարօրինակ անձնազոհութիւններուն փափաքը հպանցաւ իր յուզուած էութեան վրայէն։ Ոտքի ելաւ, պատուհանները բացաւ, լայն ու տարտամօրէն զգացումը ունեցաւ թէ անորոշ հեռաւորութիւններէ յուզումներու ալիք մը կու գար զինքը դիմաւորելու։ Թողուց ամէն բան եւ մտադրեց պտոյտ մը ընելու։ Նաթալիա Վասիլիեւնա դեռ սենեակն էր. զգուշացաւ աղմուկ ընելէ եւ դուրս սպրդեցաւ տունէն, անցաւ Պարապէտի պարտեզէն, գրեթէ հապճեպ քայլերով գնաց պուլըվար, երկու անգամ շրջան ըրաւ. հանդիպեցաւ ծանօթներու, խօսեցաւ զանազան անտարբեր նիւթերու վրայ ամենայն հանդարտութեամբ, բայց վերջապէս օձիքը ազատելով այդ բոլորէն, մտադրեց երթալ Տիկին Աբգարեանի, եւ այնտեղ էր որ առաջին անգամ հանդիպեցաւ Սաթենիկին։


Մեռեալ չէ նա այլ ննջէ
*


Հետեւեալ երեկոյին, թատրոնի մէկ օթեակին մէջ, Գարեգին, Նաթալիա եւ որդին տեղաւորուած էին եւ կը պատրաստուէին նուագահանդէսի սկսելուն, երբ Արամայիս, Գարեգինի ընկերը եւ մտերիմ բարեկամը, եկաւ իրենց մօտ։

— Ինչի՞ ուշացաք, ըսաւ Նաթալիա Վասիլիեւնա չարամտօրէն ժպտելով։

Գիտէր որ Արամայիս գրաւուած էր իր մէկ ազգականուհիով եւ Նաթալիա այդ ամուսնութեան ծրագիրը կը պաշտպանէր եռանդով։ Նաթալիա գիտէր որ օրիորդ Սիմոնեան այնտեղ պիտի լինէր եւ մատը շարժեց կեղծ սպառնալիքով։

— Սխալւում էք, Նաթալիա Վասիլիեւնա, ըսաւ Արամայիս, ես ուշացայ որովհետեւ խօսքի բռնուեցայ Տիկին Աբգարեանի հետ։

— Այստե՞ղ է Տիկին Աբգարեանը, հարցուց Գարեգին ընդոստ։

Նաթալիա չէր սիրեր այդ կինը. ինքն ալ չէր գիտեր ինչո՞ւ. իրենց մէջ միշտ տեսակ մը անբացատրելի հակակրութիւն եղած էր եւ այլեւս ուշադրութիւն չդարձուց Արամայիսի խօսքերուն։

— Մենա՞կ էր, հարցուց Գարեգին։

— Ոչ, իրան ընկերանում էր մի ինչ որ ջահել կին, թերեւս օրորդ. ինձ ծանօթացուց բայց ուշադրութիւն չարեցի, մի նիհար, տժգոյն կին։

Երկաթեայ ձեռք մը կարծես սեղմեց Գարեգինի սիրտը եւ սկսաւ ուշադրութիւն դարձնել թէ՛ փարթէր նստած մարդկանց եւ թէ դիմացի օթեակներուն, երբ նուագահանդէսը սկսաւ եւ սրահը մտաւ մթութեան մէջ, սքանչելի ու թախծալի երաժշտութիւնը հոգին լեցուց անճառելի յուզումով մը. բայց այդ երաժշտութիւնը կ’ընկերանար կարծես իր մէջ ներքին տրամադրութեան մը եւ շրթները կարօտը ունէին որոշ վանկեր արտասանելու։ Դադարին անմիջապէս դուրս եկաւ թողլով կինը որդւոյն հետ. օթեակներէն դուրս ելլող բազմութեան թոհ ու բոհին մէջէն Արամայիսի հետ կը յառաջանար, սրտնեղելով ամէն անգամ որ ծանօթ մը զինքը կեցնէր։ Մտան պիւֆէ ն եւ մինչ Արամայիս գլանիկ մը կը վառէր, Գարեգին կռթնած սիւնի մը կը դիտէր իրենց առաջքէն տողանցող բազմութիւնը։ Շքեղ արդուզարդերու մէջ գեղեցիկ կիներ, հոլանի եւ շպարուած, որոնց վրայէն իր նայուածքը կը սահէր առանց կանգ առնելու։ Յանկարծ պիւֆէ ին ուրիշ մէկ անկիւնը տեսաւ Տիկին Աբգարեանը երկու երիտասարդներու հետ։

«Ո՞ւր է նա…» մտածեց իւրովի անհանգիստ եւ ահա տեսաւ Սաթենիկի դէմքը, որ ալ աւելի ճերմակ կ’երեւար սրահի ելեկտրական լոյսերու ողողումին մէջ։ Հագեր էր բաց վարդագոյն հագուստ եւ մէջքը սեղմուած էր ակեդրուագ մետաղեայ գօտիով. անիկա իր մութ կապոյտ աչքերը բացած կարծես մէկը կը փնտռէր. Գարեգին տեսաւ որ անիկա ձեռքը երկարեց մտերմաբար, բազմութիւնը ճեղքելով իր մօտ եղող երիտասարդի մը։

Գարեգին ինքն ալ յառաջացաւ դէպի այդ կողմը. Արամայիս իրեն կ’ընկերանար մեքենաբար, վերջապէս հարցուց.

—Ո՞ւր ենք գնում այսպէս։

— Երթանք Տիկին Աբգարեանին բարեւելու։

— Ո՞ւր է, գտա՞ր նրան։

— Այո՛, այնտեղ, դե՜հ շտապիր։

Մօտեցան Տիկին Աբգարեանին եւ բարեւեցին, Արամայիս խօսքի բռնուեցաւ այնտեղ կանգնած մարդոցմէ մէկուն հետ եւ Գարեգին դարձաւ Սաթենիկին. անոր աչքերը, որ խոնարհած էին, դանդաղօրէն բարձրացան եւ յանկարծ նայեցաւ իրեն մտախոհ, լուրջ եւ խոր նայուածքով մը, երիտասարդը խանգարուած նորեկի ներկայութենէն, հրաժեշտ առաւ ըսելով.

— Սաթօ, էգուց կը տեսակցենք, ցտեսութիւն։

— Ցտեսութիւն Արտաշես… չմոռանաս եւ խոստացած գիրքերդ բերելու. այնքան ձանձրանում եմ եւ գրեթէ բոլոր ժամանակը մենակ եմ։

Գարեգին կազդուրուած այդ պարոնին հեռացումէն, հարցուց ոեւէ բան ըսելու համար.

— Հաւանո՞ւմ էք քոնսերդ ին։

— Շա՜տ… աստուածային երաժշտութիւն է։

Պահ մը խօսեցան նուագահանդէսի առաջին մասին վրայ, բայց բառերը պայմանադրական ցրտութեամբ կը փոխանակուէին եւ յաճախ կը խափանուէին սրահին ժխորին մէջ։

Գարեգին զգաց որ անյարմար էր երկարել իր տեսակցութիւնը Սաթենիկի մօտ եւ դառնալով Տիկին Աբգարեանի հարցուց.

— Ուզո՞ւմ էք ինձ հաճոյք պատճառել Տիկին, ուզո՞ւմ էք ընդունիլ մի բաժակ թէյ կամ ոեւէ ըմպելի։

— Ո՜ւհ, Գարեգին Իվանովիչ, ամենայն հաճոյքով, բայց ինչպէ՞ս պիտի մտնել այդ ժխորի մէջ, եւ յետոյ դառնալով Սաթենիկին.

— Ուզո՞ւմ ես, Սաթի՛կ, միայն թէ ես բարձրանում եմ էս րոպէիս. Գարեգին Իվանովիչ, կը բարեհաճէք ի հարկէ օրիորդը բերել ինձ մօտ, երկրորդ կալէրի, թիւ 26-24։

— Ամենայն սիրով։

Ու Գարեգին այլեւս չսպասելով Սաթենիկի հաւանութեանը, զայն հեռացուց մեղմութեամբ։

Առաջին քայլէն որ առին միասին, տարօրինակ կշռոյթ մը ստեղծուեցաւ իրենց մէջ. կարծես ընտանի էին իրարու եւ որովհետեւ բազմութեան ճնշումէն ազատելու համար ստիպուած էր Գարեգին զայն պաշտպանելու, ամէն անգամ որ մատին ծայրերը կը հպէին անոր մէջքին կամ թեւին, անսահմանելի խռովք մը զինքը կը վրդովէր. նման զգայնութիւն չէր ունեցած կեանքին մէջ. հակառակ ժխորին եւ մարդոց բազմութեան ինքզինքը մինակ կը զգար Սաթենիկի հետ եւ աչքէն չէին վրիպեր անոր շարժումները եւ դիւրաթեք հասակին ներդաշնակ տատանումները, քալած ատեն։ Սիրտը կը բարձրանար հիացումով եւ այդ նրբին մորթով կիսադէմքը, հոծ մազերու խոպոպներուն մէջ, որուն մէկը կ’իյնար բաց ուսին վրայ, գրեթէ հիւանդագին խանդաղատանք կը պատճառէր իրեն։

Թէյը առնելէ յետոյ անզգալաբար զայն հեռացուց բազմութենէն եւ սանդուխին կը մօտենային երբ Գարեգինի աչքերը հանդիպեցան Նաթալիայի սուր հայեացքին. կանգ առած կը նայէր իրենց։ Սաթենիկ Գարեգինի նայուածքին հետեւելով տեսաւ Նաթալիա Վասիլիեւնան, բայց անիկա անմիջապէս ետեւ դարձաւ եւ որդւոյն Արամայիսին հետ յառաջացաւ դէպի իր օթեակը։

Սանդուխի առաջին աստիճաններէն յետոյ Սաթենիկ կանգ առաւ։

— Յոգնա՞ծ էք, մրմնջեց Գարեգին մտահոգ։

— Ո՛չ, պարոն, բայց շատ ժամանակ չկայ հիւանդ էի. դեռ եւս շատ թոյլ եմ։

Անոր դէմքը ստացեր էր անբացատրելի արտայայտութիւն։ Այդ պահուն իր դէմքին դալկութիւնը բնաւ նման չէր հիւանդագին եւ անարիւն սպիտակութեան, այլ կարծես մորթը շաղախուած էր լոյսով եւ անդիմադրելի գրաւչութիւն ունէր. չէր կարելի նայիլ անցնիլ. մարդոց նայուածքները կը դանդաղէին այդ գրեթէ անբնական լուսեղէն սպիտակութեան վրայ։

Առաջին յարկին Գարեգին ժամացոյցը նայեցաւ եւ յայտնեց.

— Դեռ քանի մը րոպէ ունենք, կարող էք հանգստանալ։

Եւ զայն հրաւիրեց նստիլ օղորեայ աթոռի մը վրայ։

— Առաջին անգա՞մն է որ եկել էք Բագու։

— Ոչ, մի քանի անգամներ եկել եմ… այստեղ ազգականներ ունեմ, շատ ընկերներ։

— Ինչպէ՞ս է եղեր որ ձեզ չեմ հանդիպեր։

— Չգիտեմ… երեւի մեր շրջանները տարբեր են։

Գարեգին ձեռքը տուաւ Սաթենիկին՝ օգնելու համար որ աթոռէն բարձրանայ եւ անոր նուրբ ու ճկուն ձեռքը պահ մը մնաց իրենին մէջ. կարծես շնորհակալութիւն յայտնելու համար Սաթենիկ իր աչքերը բարձրացուց դէպի Գարեգին եւ աստուածային ժպիտ մը ծաւալեցաւ այդ ճերմակ դէմքին վրայ, վարդագոյն ցոլքով մը գունաւորելով զայն. իրենց նայուածքը սեւեռեցաւ եւ կարծես իրապէս այդ րոպէին ծանօթացան իրարու, իրենց ներքին եւ խորախորհուրդ զգացումներու ներդաշնակութեան մէջ։

Երբ հասան Տիկին Աբգարեանի մօտ, անոնք արդէն քանի մը քայլեր առած էին այն ճամբուն վրայ, ուրկէ պիտի երթային ձեռք ձեռքի եւ յանկարծական յուզումի շլացումին եւ շուարումին մէջ անոնք անկարող էին այլեւս բառ մը արտասանելու։

— Չե՞ս մսում, հարցուց Տիկին Աբգարեան Սաթենիկին, զայն տեսնելով գրեթէ դողահար եւ աչքերը եզերուած կապուտակ գիծերով։

Յետոյ Գարեգինի դառնալով.

— Աւելի ծանօթացաք, յոյս ունեմ, Սաթիկի հետ. չգիտեմ ինչո՞ւ, կարծում եմ թէ լաւ բարեկամներ կը դառնաք։

Եւ երբ Գարեգին հրաժեշտ կ’առնէր, պահ մը վարանեցաւ, յետոյ աւելցուց.

— Եկէ՛ք էգուց մեզ մօտ թէյի. բայց նախազգուշացնում եմ, հրաւէր չէ, այնպէս բարեկամաբար, եթէ լաւագոյն բան չունէք անելիք։

— Սիրով եւ անպատճառ կը գամ, եւ Տիկին Աբգարեանի ձեռքը համբուրելով, Գարեգին հեռացաւ գրեթէ դեդեւելով գինովի պէս։

Իր օթեակին մէջ կնոջը յանդիմանական ակնարկը ծանրացաւ իր վրայ եւ հակառակ Արամայիսի զուարճախօսութեան սառնային տրամադրութիւն մը կը տիրէր։

— Ո՞վ էր այդ լղար կինը, հարցուց վերջապէս Նաթալիա Վասիլիեւնա, որի հետ այնքան զբաղուած էիր երեւում։

— Տիկին Աբգարեանի մի բարեկամուհին…

— Ա՜հ… ուրկի՞ց է դուրս գալիս… երբեք չէի հանդիպած նրան։

— Սաթենիկ Գրիգորովնա, միջամտեց Արամայիս փութկոտութեամբ, հա՜, տեղեկացայ իր մասին, երեւի բնիկ Տրապիզոնցի է։

— Գաղթակա՞ն…

Նաթալիա Վասիլիեւնա իր բոլոր նախատական անտարբերութիւնը դրաւ այդ բառը արտասանելու շեշտին մէջ։

95-ի հայկական կոտորածներէն ի վեր Անդրկովկասը լեցուած էր փախստական հայերով. հակառակ որ ընդհանրապէս կովկասահայերը ջերմ համակրութեամբ կը վերաբերէին այդ դժբախտ ազգակիցներուն հետ, հակառակ նոյնինքն Գարեգին Միքայէլեանի յարգանքին եւ համարումին, նոյնիսկ հակառակ որ այդ փախստականներէն ոմանք վաղուց տեղաւորուած եւ փայլուն կացութեան տէր դարձած էին, Նաթալիա իր առանձին կարծիքը ունէր։

Գաղթականը գաղթական էր, հալխին դռները առնող մուրացկան։ Երբեք չէր կարող համոզուիլ թէ կարգին մարդը ստիպուած կ’ըլլայ իր երկիրը, իր տունը տեղը թողուլ եւ թափառիլ օտար աշխարհներ։

— Գաղթակա՜ն…

Եւ արհամարհական ծամածռութիւն մը դէմքին վրայ Նաթալիա դարձաւ դէպի բեմը։ Նուագահանդէսի երկրորդ մասը կը սկսէր։

Այդ օրէն յետոյ, Գարեգին իր բոլոր թոփով, գրեթէ պատանեկան ոգեւորութիւնով անձնատուր եղաւ իր մէջ յայտնուած անօրինակ եւ անզսպելի զգացումով։ Ընդհանրապէս պարզամիտ եւ անկեղծ, աներեւակայելի նրբամտութեամբ մը հնարքը գտաւ ամէն օր տեսնելու Սաթենիկը, ըլլայ պուլըվարը, ըլլայ ծանօթներու տան մէջ, թէ առանձին, եւ արագ կերպով երկուքն ալ հետզհետէ մոռանալով ամէն ինչ, ոտնակոխելով բոլոր արգելքները, անուշադիր իրենց շրջապատին, անզգոյշ եւ անխոհեմ իրենց վարմունքով, ապրեցան այնպէս, ինչպէս եթէ մինակ ըլլային քաղաքին մէջ։

Երբ Գարեգին յետադարձ ակնարկ մը կը նետէր իրենց սիրոյ այդ շրջանին վրայ, ապշութեամբ եւ հիացումով կը մտածէր որ ամենէն ինքնամոռաց զոյգերը նման անհաշիւ շռայլութեամբ չէին սպառեր իրենց միջոցները։ Բախտը եւ դիպուածը օգներ էին նաեւ իրենց, «Անդրկովկասի»ի Մոսկուայէն եկած ռուս ներկայացուցիչը ներողամտութեամբ անդրադարձեր էր «Գարեգին Իվանովիչի սիրահարութեան», ինչպէս կ’ըսէր ժպտելով եւ զինքը հնար եղած չափով հանգիստ էր թողել. նոյնիսկ կարգ մը անհրաժեշտ տեսակցութեանց համար ընթրիքի կամ ճաշի ժամը, առաջուց հրաւիրելով նաեւ Սաթենիկը, որուն հետ ծանօթացեր էր հարկադրաբար Բագու հասած օրն իսկ։ Անիկա առաջին րոպէէն կրցեր էր դատել Սաթենիկը եւ անմիջապէս ապահովուեր էր որ անիկա այն կիներէն չէ որոնք կարող են աղէտալի մսխումներու եւ անկանոնութեանց մղել զիրենց սիրող մարդիկը։ Մնացեալը զինքը չէր հետաքրքրեր եւ գոհ էր ընդհակառակը իր կալան մարդու մեծարանքները ներկայացնելու այդ սիրուն արեւելքցի կնոջ, որ «խռովուած ծովու գոյն աչքեր ունէր»։

Միւս կողմանէ Մոսկուայի ներկայացուցչի Բագու լինելը բացատրելի կը դարձնէր Գարեգինի բացակայութիւնները տունէն. գիշերները ուշ վերադարձները եւ մտազբաղ եւ իր շրջապատին անտարբեր մարդու արտայայտութիւնը։ Եւ ահա յանկարծ բախտը ընծայեց իրենց սանձարձակ ազատութիւն. Նաթալիա Վասիլիեւնա ստիպուեցաւ մեկնիլ Բագուէն եւ երթալ Ռոստով ժառանգական խնդրի մը կարգադրութեան համար։

Բայց այդ ազատութիւնը, որուն ընծայած բարեբախտութեան չէին անդրադառնար իսկ, որովհետեւ իրենց հրահրուած սիրոյն ոգեւորութեան մէջ չէին կրնար նոյնիսկ զգացումը ունենալ ոեւէ արգելքի, իր կարգին, այդ ժամանակաւոր ազատութիւնը պատճառ եղաւ որ առաջին օրերէն չպատրաստուէին իրականութեան ներկայացուցած դժուարութիւններուն։ Թէ՛ Գարեգին եւ թէ Սաթենիկ կը կարծէին թէ այս այսպէս պիտի շարունակուի, անվախճան եւ անայլայլ, աւելի ճիշդը այդ իսկ չէին մտածեր եւ կարծես իրենք իրենց մէջ բնականօրէն կը կրէին յաւիտենականութիւնը։ Ժամանակը ջնջուած էր իրենց համար եւ նաեւ իրական կեանքի գիծերը եւ իրենց հոգիները նման էին երկու ճառագայթներու, որ միացած ու նոյնացած կը սուրան ազատ եթերին մէջէն։

Ուրիշներ կ’անդրադառնային սակայն իրենց կացութեան դժուարութիւններուն եւ հետաքրքրութեամբ կը սպասէին այս նոր գայթակղութեան հետեւանքներուն. Գարեգինի բարեկամները եւ պաշտօնակիցները պահելով հանդերձ իր նկատմամբ յարգալիր վերաբերմունքը, խիստ կերպով կը քննադատէին այդ յիմարութիւնը եւ Սաթենիկ զգաց որ իր վաղեմի ընկերները եւ բարեկամուհիները կ’օտարանային իրմէ. բայց անիկա զինքը վերացնող խանդավառութեան մէջ հազիւ թէ կ’անդրադառնար այդ բոլորին. իրեն համար անցեալը եւ ապագան անհետացեր էին եւ միայն կար երջանիկ ներկան, իր սիրելիին գրեթէ յարատեւ ներկայութիւնը։ Միայն Տիկին Աբգարեան անփոփոխ մնացեր էր իր նկատմամբ, բայց հազիւ թէ կը տեսակցէին իրարու հետ. անգամ մը միայն իր ուշադրութիւնը կեդրոնացաւ իր հաւատարիմ բարեկամուհիին վրայ, երբ Գարեգին իրեն պատմեց թէ Տիկին Աբգարեան պաշտպաներ էր զիրենք կարգ մը «յիմարների մօտ», եւ ըսեր էր հաւատքով. «Սիրային պատմութիւնը միշտ մի հեքիաթ է եւ այս մէկը մեր ժամանակներին ամենէն գեղեցիկ հեքիաթն է»։

Այլ սակայն անխուսաբելիօրէն պիտի հնչէր այն ժամը երբ ստիպուած պիտի ըլլային իրենց երազէն սթափիլ եւ վերադառնալ իրականութեան։

Իրիկուն մը երբ ամառնային քլիւպի պարտէզին մէջ կ’ընթրէին, առանձնացած իրենց մտերմութեան մէջ, Գարեգին անփութութեամբ յայտնեց.

— Հա՛, մոռացայ քեզ ասելու, Սաթի՛կ ջան, հեռագիր եմ ստացել, Նաթալիա Վասիլիեւնան էգուց վերադառնում է Բագու։

Սաթենիկ անտարբերութեամբ պատասխանեց.

— Ա՜հ…

Երաժշտախումբը սկսաւ նուագել այդ միջոցին եւ երկուքն ալ լռեցին. Գարեգին իր հիացիկ նայուածքով կը շարունակէր նայիլ Սաթենիկի անայլայլ դէմքին՝ որուն վրայ անդորր երջանկութիւնը լոյսի մը պէս կը շողար։ Սաթենիկ մտքով կը հետեւէր երաժշտութեան ծանօթ կտորի մը եւ անցեալի խուսափուկ յիշողութիւններ ինչպէս վաղեմի ծանօթներու, հաճելիօրէն միտքը կը տանէին իր կեանքի զանազան հանգրուաններուն։ Ուրախ թէ տխուր բոլոր յիշողութիւնները սիրելի էին իրեն, որովհետեւ այդ բոլորը իրենց մանուածապատ ճամբաներէն բերել յանգել տուեր էին ներկայ երջանկութեան։ Կրկին խօսեցան իրարու հետ տարբեր բաներու վրայ, անկապակից կերպով եւ թափառելով մէկ նիւթէն միւսը, զուարթ էին ու երջանիկ, անձնատուր իրենց անխառն ուրախութեան առանց մտահոգուելու վաղով, որ այդ րոպէին արդէն սպառնալիքի մը նման կը թեւածէր իրենց գլխուն վերեւ։

Մեկնելէ առաջ ուզեցին քիչ մը քալել դարատափին վրայ եւ Գարեգին հանդիպեցաւ ծանօթներու, բարեւեց ու անցաւ. բայց այդ անձերէն մէկը մտածումներու զուգորդութեամբ յիշեցուց իրեն Նաթալիա Վասիլիեւնայի ժամանումը։

— Այսպէս ուրեմն, Սաթիկ ջան, ըսաւ Գարեգին լռութիւնը խզելով… էգուց առաւօտ չեմ ունենայ երջանկութիւն քեզ տեսնելու… խելօք աղջիկ ես, հանգիստ ինձ կը սպասես, հենց որ կարելի եղաւ կը գամ քեզ մօտ եւ ի հարկէ չեմ ուշանայ…

— Լա՛ւ, պատասխանեց Սաթենիկ անտարբերութեամբ, կը սպասեմ իմ ասպետիս… այդպէս հրամայեց ինձ…

Ու ծիծաղեցին հանդարտութեամբ։

Այսուամենայնիւ երբ Գարեգին տուն վերադարձաւ եւ տեսաւ տունը կենդանութեան մէջ, որովհետեւ աղախինները կը պատրաստուէին պարինը ընդունելու, զարմանալի անհանգստութիւն մը զինքը պաշարեց։

Մինչեւ այդ օրը չէր մտածեր որոշ կերպով իր կացութեան վրայ. տարտամօրէն գաղափարը ունեցեր էր որ իրաւունք ունի իր սրտի պահանջներուն համեմատ ապրելու եւ եթէ հարկ ըլլայ ամէն ինչ թողուլ եւ իր սիրած կնոջը հետ մնալու. բայց այդ տարտամ գաղափարը աւելի վերացական գաղափար մըն էր որքան դեռ ոեւէ արարքի անհրաժեշտութիւնը չէր ներկայանար։ Եւ այդ գաղափարը դիւրին գործադրելի կը թուէր իրեն, քանի իր տան ոգին, կինը, բացակայ էր։ Ամէն իրիկուն ինչքան ալ ուշ ըլլար տուն կը վերադառնար։ Որդին քնած էր արդէն սենեակին մէջ. տան ծառային եւ աղախինին արձակուրդ տուեր էր եւ պահեր էր միայն խոհարարուհին, որ կը զբաղէր իր որդւոյն խնամքով։ Առաւօտուն կանուխ միայն կը տեսնէր Արմիկը եւ խոհարարուհին, որոնց հետ կարճ քանի մը խօսք փոխանակելէ վերջ կը մեկնէր։ Իր տունը այդ պայմաններուն մէջ հազիւ թէ կայան մըն էր եւ զուրկ այն ոգեւորութենէն եւ կենդանութենէն, որ բնակուած տուները կ’ունենան։

Կնոջը երկու ամսուան բացակայութեան միջոցին ոչ մէկ օր անոր ներկայութեան պահանջը չէր զգացեր եւ այդ օրերուն զգացեր էր ա՛լ աւելի թէ որ որքան օտար մնացեր էին իրարու։ Ճիշդ է որ իր նոր կեանքի առաջին օրերու սանձարձակ ոգեւորութենէն սթափելով սկսեր էր զբաղիլ իր գործերով եւ ամուր ձեռքերով բռներ էր բազմապահանջ ֆիրմա յին տնօրէնութեան սանձերը, բայց այդ ուրիշ կարգի բան էր եւ որոշ հպարտութիւն զգացեր էր անդրադառնելով որ իր կորովէն, իր մտքի արթնութենէն բան չէր կորսնցուցած։ Ընդհակառակը կարծես միտքը օժտուեր էր տարօրինակ պայծառութեամբ եւ մէկ քանի առկախ խնդիրներ, որոնցմէ մէկը շատ կարեւոր, կարգադրեր էր յաջողութեամբ։ Մոսկուայի կեդրոնական վարչութենէն ստացեր էր նոյնիսկ շնորհաւորական եւ Բագուի ռուս ներկայացուցիչը, ծերունի մը, որ գործէ պիտի քաշուէր, յայտներ էր իրեն որ «Անդրկովկաս» ընկերութիւնը այլեւս կարիք չէր զգար յաջորդ մը ղրկելու իրեն եւ գրեթէ ապահով էր որ Գարեգին իր տեղը անցնէր, հարկ եղած լիազօրութիւնը ստանալով։

— Թերեւս հարկ ըլլայ որ մի անգամ երթաք Մոսկուա, աւելցուցեր էր ներկայացուցիչը։

Ի՜նչ լաւ կը լինի, մտածեր էր Գարեգին, կը գնանք Սաթիկի հետ։

Հիմակ իր սենեակը առանձնացած՝ չէր կարող չմտածել թէ հետեւեալ առաւօտ Նաթալիա Վասիլիեւնան պիտի հասնէր Բագու. երկիւղալի եւ անախորժ բան մը կը համարէր այդ հանդիպումը կնոջ հետ. չէր կրնար տակաւին որոշել թէ ինչպէ՞ս պիտի ըլլար այդ հանդիպումը եւ ի՞նչ հետեւանք պիտի ունենար. ի՞նչ դիրք պիտի բռնէր Նաթալիա, եթէ տեղեկանար եւ անպատճառ պիտի տեղեկանար։ Նոյնիսկ արդեօք պարտական չէ՞ր ինքն իսկ տեղեկացնել անոր ճշմարտութիւնը, փոխանակ թոյլ տալու որ չարամիտ եւ օտար մարդիկ խօսէին։ Նոյնիսկ կնոջը արժանապատուութեանը խնայելու համար, լաւ էր որ ինքը ըսէր եւ վճռեց անմիջապէս յայտնել իրողութիւնը կնոջը։

Բայց այդ վճիռն ալ գաղափար մըն էր եւ Նաթալիայի բացակայութեան շնորհիւ իրականութեան կարծր գիծերը չունէր։

— Այո, այդպէս լաւ է, վճռեցի, կը յայտնեմ։

Միտքը դողաց յուզումով եւ երկիւղով, բայց ահա իրեն յայտնուեցաւ Սաթենիկի սիրելի պատկերը, անոր անչափ վստահութիւնը, անփորձութիւնը, անշահախնդիր անփութութիւնը եւ սիրտը լեցուեցաւ գորովանքով։

— Ի հարկէ, Սաթի՛կ ջան, կը յայտնեմ, մրմնջեց, կարծես հեռուէն ապահովցնելու համար իր սիրելին, որ այս պահուս կը քնէր վստահութեամբ, երազելով թերեւս իր երջանկութեան բազմատեսակ տեսիլքներէն մէկը։

Ժամը յառաջացած էր եւ այլեւս Գարեգին շուտով հանուելով պառկեցաւ։ Անկողնին մօտ սեղանին վրայէն գիրք մը առնել ուզեց, յետոյ թողուց, ելեկտրական լոյսը մարեց ու գրեթէ անմիջապէս քնեց։

Քիչ յետոյ ընդոստ արթնցաւ եւ գրեթէ անմիջապէս անախորժ մտածումը ներկայացաւ մտքին. «էգուց, այդ ժամին, ամէն ինչ պարզուած կը լինի եւ թերեւս չվերադառնամ տուն»։

Բայց ահա յանկարծ այդ գաղափարն իրեն թուեցաւ անհնարին, այլանդակ եւ անիրականանալի. — Ինչո՞ւ… ինքն ալ չէր կարող որոշել, բայց զգաց որ այդ գաղափարը իր դէմ գտաւ անանցանելի պատ մը, անյաղթելի խոչընդոտ մը, որուն առաջ կարելի է խորտակուիլ, բայց ուրկէ կարելի չէ անցնիլ։

Մտքէն վանելու համար այս ծանր եւ ճնշիչ մտածումը, մտածեց կանխաւ որոշել թէ ինչպէ՞ս պիտի սկսէր խօսակցութիւնը։

— Նաթալիա Վասիլիեւնա, պիտի ըսէր լուրջ ձայնով, ես քեզ ունեմ կարեւոր եւ առանձին ասելիք։

Մտաբերեց կնոջը դէմքը եւ անոր առնելիք արտայայտութիւնը եւ խորհեցաւ թէ այդպէս անկարելի է։

Սակայն չէր կարող խօսիլ ուրիշներու ներկայութեան եւ պէտք էր եղանակ մը գտնել, կնոջը յայտնելու որ առանձին բան ունի ասելիք։

«Բայց հենց այդ րոպէից պիտի հասկանայ եւ թէրեւս անէ այնպէս բան որ մեզ խայտառակէ»։ Միտքը թափառեցաւ երկար եւ ինքն իսկ կամովին կարծես կը ստեղծէր արուեստական դժուարութիւններ։ Վերջ ի վերջոյ խորհեցաւ.

— Լաւագոյն ժամը ընթրիքի ժամն է։ Արմիկը քնած կը լինի, աղախինները կը քաշուեն եւ մենակ կը լինենք. ըստ ինքեան եւ բնական կերպով մենակ կը լինենք եւ հարկ չլինիր այդ ծիծաղելի յառաջաբանին։

— Նաթալիա Վասիլիեւնա, ես քեզ առանձին բան ունեմ ասելիք…

Բարձրաձայն ծիծաղեցաւ եւ խորհեցաւ։

«Ախր ի՜նչ հարկ, թատերական տեսարան սարքել. կը սպասեմ մինչեւ երեկոյ, նոյնիսկ եթէ ինձ ակնարկէ այդ խնդրի մասին, կը խուսափեմ եւ ընթրիքին արդէն… մենակ ենք… այդպէս լաւ է, շատ լաւ է»։

Այսպէս որոշումով հանգստացած Գարեգին դարձաւ միւս կողմին եւ ինկաւ խոր քունի մէջ եւ ինքն իսկ չանդրադարձաւ թէ ինչ որ իրապէս հանգստացուցեր էր զինքը, այն յետին միտքն էր որ մինչեւ հետեւեալ օրը կէս գիշերին պարտաւոր չէր այլեւս կնոջը հետ այդ անախորժ խօսակցութիւնը ունենալ. ինքզինքին տուեր էր պայմանաժամ մը։

Նաթալիա Վասիլիեւնա Ռոստովի մէջ նախազգուշացումը ունեցեր էր գլխուն եկած անսպասելի դժբախտութեանը։ Քօղարկուած ակնարկութիւններ ըրեր էին իրեն եւ Բագուէն ստացած մէկ երկու նամակի մէջ «բարեկամներ» խորհրդաւոր պատճառաբանութիւններով կը յորդորէին զինքը շուտով վերադառնալ։ Կասկածը մտեր էր իր սրտին մէջ, բայց անմիջապէս մտածեր էր թէ խնդիրը լուրջ չի կրնար ըլլալ եւ իր պարզ ներկայութիւնը բաւական պիտի ըլլայ որ ամէն ինչ կարգի մտնայ։ Իր գրած կարճ նամակներուն մէջ կը խօսէր միայն իր ժառանգական գործի մասին եւ ոեւէ ակնարկութիւն չէր ըրած իր լսածներուն։ Գարեգին ի փոխարէն կը պատասխանէր հեռագրով, այնպէս որ փութկոտութեան երեւոյթ մը ունենալով հանդերձ, խոյս կու տար երկար գրելու տաղտուկէն, մանաւանդ որ որոշ ընկալեալ բանաձեւեր գործածելու անհրաժեշտութենէն։ Նաթալիա Վասիլիեւնա այսուամենայնիւ շտապեցուցեր էր իր Բագու ժամանումը, հակառակ որ մտադիր էր ոչ մէկ բան ըսել իր ամուսնոյն եւ պարզապէս իր կորովի ձեռքերով զայն կարգի բերել։

Առաւօտեան ժամը տասնին հասաւ բագու եւ կայարանը հանդիպեցաւ որդւոյն եւ ծառային. Գարեգինի բացակայութիւնը զինքը սառեցուց սրտմտութենէն. բայց անմիջապէս Արմիկը բացատրեց.

— Հայրիկը այս առաւօտուն նիստ ունէր իր քանդոռում, խնդրեց որ ներողամիտ լինես, անմիջապէս որ կարենայ պիտի գայ տուն, ճաշի ժամէն առաջ։

— Լա՛ւ, լա՛ւ, ըսաւ Նաթալիա, շտապիր ծրարներս դուրս բերել, քեզ կը հետեւեմ։

Դէմքը խոժոռ, սրտմտած, հազիւ ինքզինքը զսպած եկաւ տուն եւ անմիջապէս որ իր յարկին տակ մտաւ, զգաց որ անսահմանելի բան մը խորտակուած է անդարմանելի կերպով. կարծես իր տան մէջ օտար էր եւ ուրիշ շունչ մտեր էր այստեղ։ Բայց ինքզինքը հարկադրելով պաղարիւնը պահել, բոլոր բարկութիւնը թափեց աղախիններու վրայ։ Մինչեւ ճաշի ժամը, կարծես մտրակը ձեռքը զանոնք խարազանեց հրամաններով, գանգատներով, դժգոհութիւններով։ Յետոյ յանկարծ գիտնալու անդիմադրելի փափաքէն մղուած իմացաւ խոհարարուհիէն թէ Պարոնը իր բացակայութեան ոչ մէկ անգամ ճաշեր էր տանը. առաւօտուն կանուխ կ’երթար եւ կէս գիշերէն յետոյ կը վերադառնար։

Ո՞վ էր այդ անկարգութեանց պատճառը. մի ոեւէ փճացած կին անշուշտ… Սատանան գիտէ՞ եզրակացուց, ի զուր միտքովը հաւանական անուններու թւումը ընելէ յետոյ։

Հակառակ իր խոստումին Գարեգին ոչ միայն երեքի ճաշէն առաջ չեկաւ, այլ նոյնիսկ զգալի կերպով ուշացաւ։

Երբ ճաշասրահը մտաւ, Նաթալիա Վասիլիեւնա տժգունեցաւ յանկարծակի եւ ուզեց ոտքի ելնել, ընդ առաջ երթալու Գարեգինին, բայց կեցաւ իր տեղը եւ սպասեց։ Գարեգին մօտեցաւ իրեն ու ահա ընկրկեցաւ. իր յուսահատ աչքերը հանդիպեցան որդւոյն աչքերուն. այն ատեն քաջութեամբ քայլ մըն ալ առաւ ցրտութեամբ համբուրեց կինը. իր շրթներուն հարեւանցի հպումին տակ կնոջը այտերը դիակի պէս պաղ էին եւ տարօրինակ անախորժ տպաւորութիւն թողուցին իր վրայ։

— Փա՜ռք Աստուծոյ, ըսաւ մտքովը, երբ աթոռին վրայ տեղաւորուեցաւ սեղանին առաջ, կոմետիա յի գլխաւոր մասը անցաւ։

Տասը րոպէ յետոյ սառնութիւնը մեղմացած էր սակայն եւ այր ու կին կը խօսէին ժառանգական խնդրին մանրամասնութիւններուն վրայ։ Գարեգին րոպէ մը նոյնիսկ ժպտեցաւ եւ խոստովանեցաւ որ Նաթալիա Վասիլիեւնան իր գործը գիտցող կին էր եւ շատ խելքով վարուել էր, կարենալ յաջողութեամբ աւարտելու համար այդ փշոտ խնդիրը։

— Յետոյ, ըսաւ Նաթալիա, փոխանորդագիր տուեցի իմ փաստաբանին, որ գանձէ եւ ինձ փոխադրէ փողը։

— Ինչի՞, աւելի լաւ էր սպասէիր, խօմ շտապելու պատճառ չկար։

Նաթալիա նայեցաւ Գարեգինին շեշտակի. այդ նայուածքին մէջ փոթորիկը կ’որոտար։ Բայց Գարեգին այդ նշանակալի նայուածքէն վրդովուած աչքերը խոնարհեց. պահ մը լուռ մնացին եւ Նաթալիա շարունակեց խոր հառաչէ մը յետոյ.

— Չէ՛, չէի կարող այլեւս մնալ, շաբաթ մը հարակաւոր էր, բայց վճռեցի այլեւս օր մը իսկ չմնալ։

Դարձեալ սպառնալի լռութիւնը տիրեց, բայց ամէն ինչ վերջացաւ Արմիկի միջնորդութեամբ.

— Հայրի՛կ ջան, ըսաւ անիկա, գողտր եւ տաք ձայնով, քո յանձնարարած գիրքերի ցանկը պատրաստեցի։

Ու այլեւս հայր ու որդի խօսակցեցան Նաթալիայի մռայլ լռութեան առաջ։


**


— Գարեգի՛ն…

— Հա՛ ջան։

— Ինձ լսիր. այդ բոլորը լա՛ւ, արա ինչ ուզում ես, բայց ինձ մենակ մի թող։

— Սաթի՛կ ջան, սիրելիս, հոգուդ մատաղ, մի քիչ համբերիր, ամէն ինչ կը կարգադրուի, միայն ժամանակ է հարկաւոր. վստահիր ինձ ու մնացեալը ոչինչ. դու ախր գիտես որ քեզ սիրում եմ ամէն բանէ վեր, անչափ, անսահման սիրով…

Սաթենիկի դէմքին վրայէն թեթեւ տխրութիւն մը անցաւ. Գարեգին իրեն կը նայէր անձկութեամբ եւ ինքզինքը անզօր կը զգար այդ տխրութիւնը փարատելու։

Երկու շաբաթ անցեր էր Նաթալիայի վերադարձէն ի վեր եւ Գարեգին դեռ չէր համարձակեր իրողութիւնը պարզել անոր. քանի օրերը կ’անցնէին այնքան դժուարին կը թուէր իրեն այդ խնդրին անդրադառնալ կնոջը հետ. շատ բարդ եւ անհասկանալի զգացում մը իրեն արգելք կ’ըլլար յայտնելու ինչ որ վճռած էր. որովհետեւ իր մտքին մէջ տրամաբանօրէն դատելով խնդիրը եւ հիմնուած իր սկզբունքներուն վրայ, եկեր էր այն եզրակացութեան թէ պէտք է ամէն բան խզէ իր կնոջ հետ եւ երթայ այն ճամբով, որ իր ինքնաբուխ եւ անդիմադրելի զգացումը կը թելադրէր։ Բայց այդ որոշումը գործադրութեան դնելու համար, եւ ըսելիքը ըսելու համար ընելիքը մեքենական շարժումները անհնարին կը թուէին իրեն։ Որքան ատեն որ Նաթալիայէն հեռու, կամ իր սենեակին առանձնութեան մէջ կը խորհէր այդ անհրաժեշտութեան վրայ, բառերը կը շարուէին մտքին մէջ մեծ հեշտութեամբ, բայց անգամ մը որ Նաթալիային ներկայութեանն էր, անոր տարամերժ արտայայտութեան առաջ, շրթները կը սառէին եւ ոչ միայն կը զգար որ ինքը իր կողմէն անկարող էր այդ րոպէին խօսք բանալ այդ նիւթին վրայ, այլ կը սարսափէր որ Նաթալիա ինք իր կողմէն կը պոռթկար։ Այժմ ոչ միայն առիթ չէր փնտռեր առանձին մնալու կնոջը հետ, այլ աներեւակայելի ջանքեր կ’ընէր երբեք առանձին չմնալու։ Իր փորձութեան քարը գիշերուան ընթրիքն էր եւ այդ պատճառով շուտ տուն կը դառնար, պատահական հիւրի մը կառչելու եւ վար դնելու համար զայն։

Իր այդ բնազդական վախին մէջ կային շատ մը բաներ, որոնք ոյժ կու տային իրեն լռութիւն պահելու։ Նախ տունը, ընտանիքը քանդելու խորշանքը. կարծեր էր նախապէս որ այդ բանին մէջ ինքն էր զոհուողը եւ հետեւաբար պատրաստ էր այդ անձնազոհութիւնները ընելու, բայց այժմ յամառ կերպով կը խորհէր որդւոյն վրայ եւ կը սիրէր մտածել թէ ընդհակառակը զոհողութիւնը իր կողմէն անոր մէջ կը կայանայ՝ որ որդւոյն սիրոյն հանդուրժէ Նաթալիայի ներկայութեան եւ ազատութիւնը զոհէ։ Կը մտածէր նաեւ թէ այդպիսի քայլ առնելէ յետոյ անհնարին էր իրեն համար Բագու մնալ։ Ֆիզիքապէս անկարելի էր հանդուրժել մարդոց հետաքրքիր եւ քննադատական նայուածքին։ Բայց արդէն Բագուէն հեռանալու համար պէտք էր հրաժարէր իր պաշտօնէն։ Իր անձնական հարստութիւնը թոյլ կու տար իրեն հեռանալ, նոյնիսկ երթալ արտասահման եւ Սաթենիկին հետ ապրիլ անկախ կեանքով, բայց այդ բանը այդտեղ չէր։ Ինչպէ՜ս հրաժարիլ գործէ մը, որ զինքը կը հետաքրքրէր իր մտքի եւ մարմնի ոյժի լրումին մէջ։ Ճիշդ այն հասակին հասեր էր եւ այն դիրքին, երբ բոլոր դժուարութիւններուն յաղթելէ ետքը կը մտնար անխախտելի կացութեան մը մէջ եւ այդ հարուստ եւ արդիւնաբերող քաղաքի ղեկավարող ուղեղներէն մէկը կը դառնար։ «Անդրկովկաս»ի ծերունի ներկայացուցիչը իր հրաժարականը ղրկեր էր եւ մէկ օրէն միւսը կը սպասէր իր անուանումին։ Իր կացութեան բարգաւաճ վիճակը պարտաւորութիւններ կը դնէր իր վրայ. ինքը, ուրիշ ազատական եւ մտաւորական պուրժուաներու հետ, ձեռնարկեր էր աւելի ժողովրդական նկարագիր տալ նաւթ արդիւնաբերողներու շահակցական միութեան։ Նոր ծրագիր մը կը մշակէին եւ իր շրջանակի մարդիկը մեծ յոյս կը դնէին իր վրայ։

Մինչեւ այն օրը որ անհրաժեշտութիւնը չէր ներկայացեր, չէր անդրադարձեր երբեք որ գրեթէ հազար ֆիզիքական կապերով կապուած էր իր կացութեան, գործին եւ տունին։ Եթէ խզեր այդ բոլորը, արդեօք անդամահատուած եւ տարբեր անձնաւորութիւն դուրս պիտի չգա՞ր։ Եւ նոյնիսկ եթէ վճռէր հակառակ ամէն բանի ամէն ինչ քանդելու, քանի՜ անգամներ այն անզօր վիճակին մէջ պիտի գտնուէր, որով անհնարին կը դառնար իրեն Նաթալիա Վասիլիեւնայի յայտնել ճշմարտութիւնը։ Երբ կը մտաբերէր որ ստիպուած էր այդ նոյն յայտնութիւնները ընելու ծերունի ներկայացուցչին, իր գործի ընկերներուն, նաւթ արդիւնաբերողներու շահակցական միութեան իրեն մօտիկ անդամներուն, քլիւպում, ամէն տեղ եւ ամէն առիթի… «Ոչ մէկը անել այդ յայտնութիւններուն եւ փախչել Բագուից», այդ ալ կարելի չէր հակառակ որ աւելի դիւրին էր գործադրութեան մէջ։

«Ախր ասեղ չեմ որ կորսուեմ… հաշիւներ ունեմ տալիք ամէն տեղ, գանձապահ եմ մի շարք ընկերութիւնների, մարդիկ կարող են ամենավատ ենթադրութիւններ անել»։

Հապա ի՞նչ անել։

Փոթորիկը սպառնական կը դառնար իր տան մէջ, թէ Սաթենիկի մօտ. սիրելիին դէմքը յաճախ տխուր էր եւ իրենց յարաբերութիւնները կորսնցուցեր էին այն անամպ երջանկութեան յստակութիւնը, որով ողողուած էին. թուխ ամպեր կը կուտակուէին իրենց սիրոյ հորիզոնին վրայ, եթէ բնազդական վախով ուզէր ոեւէ տեղիք չտալ Նաթալիայի կողմէ պայթումի մը, Սաթենիկը դժգոհ կը մնար։ Իսկ եթէ Սաթենիկին նուիրէր որոշ ժամերէ աւելի, զգալի չդարձնելու համար իրենց երջանկութեան արգելքը, ինչպէս պաղատեր էր սիրելին արցունքոտ աչքերով, տուն վերադարձին Նաթալիան կը գտնար գերագրգռութեան գագաթնակէտին վրայ։ Կարծես մշտատեւ սպառնալիքի մը մէջ էր, կարծես ընդերկրեայ որոտումներով դղրդուած հրաբուխի մը եզրին կեցած էր։

— Ի՞նչ անել։

Վերջ ի վերջոյ պարտուած իր տկարութենէն, վճռեց ամէն ջանք ընել որ փոթորիկին պայթումը ուշացնէ։ Մտքին մէջ միամիտ յոյս մը ծագեր էր եւ կը փայփայէր այդ յոյսը։

«Նաթալիա Վասիլիեւնան իր հպարտութեան մէջ վիրաւորուած կը մեկնէ տանից, որեւէ պատրուակ կը գտնէ մեկնելու եւ մեզ հանգիստ կը թողու. կ’երթայ թերեւս Ռոստով կամ Մոսկուա, Արմիկի հետ, եւ ես ի փոխարէն իրեն կ’ընծայեմ բոլոր դիւրութիւնները, եթէ հարկ լինի իմ եկամուտներուս երեք քառորդը յատկացնել իրեն, կ’անեմ սիրով, ամէն ինչ կանեմ, միայն թէ հանգիստ թողու ինձ»։

Այն ատեն իր մտքին մէջ կը ներկայանար հաճելի հեռանկարը ազատ կեանքին. գործի ժամերէն յետոյ կը վազէր Սաթենիկի մօտ, կը վերցնէին առանձին բնակարան հեռաւոր եւ ռուսական թաղի մէջ եւ կը թաղուէին իրենց սիրային կեանքին երանութեան մէջ. փառքի, սիրոյ եւ գեղեցկութեան շողշողուն կեանք մը կ’ըլլար այդ, գեղեցիկ հեքիաթ մը։

Եւ այդ հեռանկարը ունենալով իր մտքին մէջ, անկեղծօրէն կը կրկնէր Սաթենիկին.

— Սաթի՛կ ջան, հոգուդ մատաղ, խելօք աղջիկ ես, կը հասկանաս. մի քիչ համբերիր, ամէն ինչ կը կարգադրուի։

Բայց Նաթալիա Վասիլիեւնա բնաւ մտադիր չէր իր դիրքը լքելու եւ զինաթափ ըլլալու. իր կեդրոնացեալ մտածումով եւ իր բոյնը փրկելու բնազդով հասկցեր էր որ Գարեգին պիտի չհամարձակէր իրեն յայտնել կացութիւնը եւ զինքը հարկադրել որոշում մը առնելու, զայրոյթի, վիրաւորուած արժանապատուութեան գերագրգռութեան մէջ։ Միւս կողմանէ հասկցաւ շատ լաւ որ մեծ սխալ պիտի ըլլար իր կողմանէ այդ վտանգին ընդառաջ երթալ։ Անգութ սրտմտութեան օրեր անցուց լսելով թէ ո՞վ էր Գարեգինը «գլխահան անողը»։ Նախատուած զգաց ինքզինքը իր ամենէն հաստատ կերպով ընդունած զգացումներուն մէջ։ Միւս կողմանէ վստահութիւն ստացաւ որ որ այդ անարժէք կնոջ հրապոյրը շուտով կը խզուի։ Ըստ իրեն Սաթենիկ ոչ գեղեցիկ էր եւ հետաքրքրական, ըստ իրեն հազար հազարներով այդպէս կիներ կային եւ ոչ մէկ բանով ջախջախիչ առաւելութիւն ունէր։ Նոյնիսկ ջանաց շրջապատուիլ գեղեցիկ, երիտասարդ եւ պչրող կիներով, գիտէր որ եթէ Գարեգին հրապուրուած այդ կիներէն մէկէն հեռանար Սաթենիկէն, մնացեալը դիւրին էր։ Նաթալիա Վասիլիեւնա չէր կարող գիտնալ անշուշտ որ կարելի է յափրանալ գեղեցիկ կնոջմէ մը, կարելի է յոգնիլ սրամիտ եւ շողշողուն կնոջմէ մը, բայց կարելի չէ խզել այն հրապոյրը, որ թարթիչներու մասնայատուկ բաբախում մը, նայուածքին բոցը, ժպիտի առանձին շարժում մը մարդը կը կապէ կնոջ. չէր կրնար ըմբռնել նաեւ այն բոլորը, որ լոյսով, բոյրով, եռանդով կազմուած անկայուն, անշօշափելի գեղեցկութիւնն է անոնց, որոնք իրենց հոգեկան ցոլքը կը կրեն իրենց դէմքին վրայ։ Նաթալիա չէր կարող նոյնիսկ ընդունիլ գոյութիւնը այն հոգեկան անխզելի կապերուն, այն բացարձակ ներդաշնակութեան, որուն մէջ մարդս իր սիրած կնոջ քով իր սեփական հոգին ճանչնալու ուրախութիւնը կ’ունենայ։ Ու ամէն ինչ իրեն համար կը վերածուէին սիրային սովորական պատահարի մը։

Առաւօտ մը երբ նախապէս առնուած որոշումի մը համեմատ Սաթենիկ քանդոռ պիտի երթար Գարեգինի մօտ, եւ մեկնելու կը պատրաստուէր, քանդոռ ի ծառան երկտող մը բերաւ իրեն։

— Սիրելիս, չլինի որ գաս, սպասի՛ր ինձ տանը. ցաւում եմ յառաջ եկած արգելքի մասին։

Սաթենիկ տժգունեցաւ եւ տարօրինակ ցուրտ մը զգաց։ Յանկարծ անդրադարձաւ իր կացութեան դժբախտութեան։ Խռովայոյզ կերպով մը մտքին ներկայացան մանրամասնութիւններ, որ իրեն սրտնեղութիւն պատճառեր էին եւ որոնք այժմ կը ստանային իրենց ամբողջական արժէքը։ Ի՞նչ էր այդ արգելքը, որ միշտ իր ոտքին առաջ կու գար իր քայլերը խանգարելով. ուրեմն բանը այնտեղ էր հասեր որ այդ արգելքը աւելի կարեւոր բան էր քան իրեն պատճառելիք վիշտը։

Իր ամբողջական, բոլորանուէր զգացումին մէջ յանկարծակի վիրաւորուած, Սաթենիկ անձնատուր եղաւ իր վշտին եւ թիկնաթոռին մէջ ընկղմած հեծկլտալով լացաւ մանկան պէս. իր սեփական հեծեծանքը լսելով կարծես կը տեսնէր իր դժբախտութեան կերպարանքը եւ գերմարդկային ջանքեր կ’ընէր խաղաղելու, որպէսզի կարենայ պաղարիւնով դատել կացութիւնը եւ եզրակացութեան մը հասնիլ։

Հազիւ թէ հանդարտած էր, Գարեգին եկաւ. անիկա, տեսնելով Սաթենիկի կարմրած աչքերը, այնքան անկեղծ եւ խոր տխրութիւնով մը լեցուեցաւ որ այլեւս երկուքն ալ կը ճգնէին զիրար մխիթարել. տենդագին համբոյրներէն հատկտեալ ձայնով Գարեգին կ’ըսէր.

— Սաթի՛կ ջան, ինչպէ՞ս կարող ես ինձ այսպէս վիշտ պատճառել. արցունք թափել այդքան յիմար բանի համար։ Ես շտապեցի քեզ մօտ գալու հենց որ նա մեկնեց, որպէսզի կորսուած ժամանակը յետ կորզեմ նրանից…

— Ես չգիտեմ, ինչ՞ եւ որո՞ւ մասին խօսում ես, Գարեգին, ես ուզում եմ անկեղծ լինել եւ քեզ ասել որ սարսափելի կասկած մտաւ իմ մէջ։

— Ի՞նչ կասկած, սիրելիս։

— Թէ նա որ արգելք եղաւ մեզ այս առաւօտ, նա միայն այս առաւօտ չէ որ արգելք պիտի լինի…

— Աւելի լաւ է պարզ խօսիլ, Սաթի՛կ ջան, ես ուզում եմ քեզ հետ լինել անկեղծ ու անվերապահ. դու այդպէսով կը գիտնաս ամէն բան ու դու ինքդ կը դատես։

Սաթենիկ Գարեգինի կողքին նստած շփոթ վրդովմունքով կը լսէր։

— Ժամը 10-ի կէսն էր, գիտէի որ տասնից առաջ պիտի գաս ինձ մօտ եւ ես արդէն ուրախ էի եւ անհամբեր։ Յանկարծ հեռախօսի զանգը. Նաթալիա Վասիլիեւնա յայտնում է որ հեռագիր է ստացեր Ռոստովից, իր փաստաբանից եւ ինձ մօտ է գալու խորհրդակցելու համար։ — Ժամը քանիսի՞ն կը գաս, հարցրի։ — Տասնի միջոցները, շուտով կը հագուեմ եւ կու գամ։ Փորձեցի հեռացնել այդ անախորժ արգելքը մեր ճամբից։ — Նաթալիա Վասիլիեւնա, ասացի, ի՞նչ հարկ շտապելու, ճաշի միջոցին կը խօսենք։ — Ո՛չ, չէ կարելի, դու խօմ գիտես թէ հիւրեր ունենք ճաշի։

— Այսուամենայնիւ չէ կարելի, գործ ունեմ… ժամադրութիւն ունեմ։

— Ես կը գամ, պատասխանեց, եւ կը կենամ քո սպասման սրահի մէջ, եթէ չես կարող ընդունիլ քո կինը, ծառայի միջոցով կը հաղորդես. եւ ես կը տեսնեմ թէ մինչեւ ո՞ւր կարող ես հասցնել խայտառակութիւնը։ Ուզեցի պատասխանել, բայց յարաբերութիւնը խզեց։

— Արդ, ասա ինձ խնդրում եմ, ի՞նչ կարող էի ասել, թոյլ տալ որ իրար հանդիպիք այնտեղ քանդոռ ում, թէ՞ ծառայի միջոցով նրան արտաքսել…

Գլուխը հակած ուսին վրայ Սաթենիկը կը լսէր տխրութեամբ եւ սիրտը տաժանելիօրէն կը պատրաստուէր տառապանքին։ Պահ մը լուռ մնաց եւ գերագոյն մխիթարութիւն մը գտնելու յոյսով հարցուց.

— Այդ բոլորը, Գարեգին, անխուսափելի է. բանը նրանումը չէր որ այսօր արգելք ունեցար. խնդիրը այն է թէ ինչպէ՞ս դուրս պիտի գանք այս կնճռոտ վիճակից։

— Ահա բուն խնդիրը, Սաթի՛կ ջան… ի՞նչպէս դուրս պիտի գանք այս կնճռոտ վիճակից… ես քեզ խոստովանում եմ որ սկզբից չէի կարծում երբեք թէ այսքան դժուար կը լինի որոշում կայացնել եւ գործադրել։ Սաթի՛կ ջան, կրկնեց խանդով եւ իր այլայլած դէմքը դարձուց անոր, Սաթի՛կ ջան, խնդրում եմ քեզանից, լինել մեծահոգի եւ սպասել։

— Եւ եթէ չկարենամ սպասել… եթէ ինձ համար նոյնքան անհնարին դառնայ հանդուրժել…

Գարեգին դէմքը ծածկեց երկու ձեռքերուն մէջ եւ արմունկները սեղանին կռթնցուցած մնաց պահ մը։ Իր կիսադէմքը այնքան տանջալի արտայայտութիւն ունէր որ Սաթենիկ գութով յուզուած մօտեցաւ անոր եւ ձեռքը դրաւ ուսին։

— Աղերսում եմ քեզ, Սաթի՛կ ջան, ըսաւ Գարեգին հատկտեալ ձայնով, աղերսում եմ քեզ, ինձ մի դնիր այնպիսի տիլեմա յի առաջ։ Մի կանգնիք իրար դէմ ինչպէս ոխերիմ թշնամիներ եւ ինձ հարկադրել որ կոպտութեամբ հեռացնեմ նրան, որ Արմիկիս մայրն է, որ ինձ նուիրել է իր երիտասարդութիւնը, որի հետ իմ տունս եւ ընտանիքս եմ հիմնել։ Աւելի ուշ, աւելցուց աւելի յստակ ձայնով, թերեւս կարենամ հարկ եղած ոյժը ունենալ եւ ազատագրուել այդ կապանքներից… բայց խնդրում եմ, քիչ սպասիր… մէկ բան պարզ է ինձ համար։ Ոեւէ գնով չեմ կարող հրաժարել քեզանից… հա՛ Սաթիկ ջան, հաւատացիր իմ անկեղծութեանս, եւ լսիր թէ ի՞նչ ոյժ ունես քո ձեռքումը… ես չեմ կարող հրաժարել քեզանից, մի անբուժելի ախտ է այսպիսի սէրը, չեմ կարող զայն խլել իմ հոգուց առանց իմ ամբողջ էութիւնս աւերելու։ Երբ այս այսպէս է, ի՞նչ փոյթ մնացածը… իրապէս մեծ արժէք ունի՞ որ իմ ֆիզիքական անձը օրուայ որոշ ժամերին պիտի լինի քաղաքի այսինչ կամ այնինչ կէտի վրայ, երբ ես ամբողջովին քոնն եմ եւ իմ հոգիս միշտ քեզ հետ է անբաժանելի եւ անխզելի կերպով։

— Գարեգին, ուզեց ընդհատել Սաթենիկ, բայց անիկա յուզմունքի գերագրգռութեան մէջ շարունակեց.

— Դու խօմ գիտես որ կարող ես ինձ քարշ տալ ուր որ ուզենաս եւ ինչպէս որ ուզենաս… ես քո ստրուկն եմ դարձեր… հենց եթէ վճռես եւ հրամայես. «Քանդի՛ր տունդ, հրաժարիր գործէդ եւ եկ ինձ հետ», ես էս րոպէիս կը գնամ ու կը կատարեմ քո հրամանը… անկեղծ եմ ասում, կը կատարեմ կէտ առ կէտ։ Բայց ես խնդրում եմ քեզանից, մի հրամայիր այդպէս, հաշուի առ իմ խորշանքը եւ դժուարութիւնը որոշ հարցեր կոպտութեամբ վճռելու մասին։ Ես կը կատարեմ քո հրամանը, բայց շատ եմ վախենում որ այդ ամէնը կատարելուց յետոյ դու բոլորովին տարբեր մարդ գտնես ինձ մէջ… սարսափով մտածում եմ. թերեւս այն որ սիրեցիր, այն չլինիմ այլեւս։

— Բայց Գարեգին, գոչեց ցաւագինօրէն Սաթենիկ, արդէն իսկ դու այն չես ինչ որ էիր, այն որ էիր այն օրը, այն օրերը…

— Դժգոհ ես ինձանից, Սաթենիկ, եւ թերեւս իրաւունք ունես, այլ սակայն դու ինձ շատ մեծ վիշտ ես պատճառում այդ դժգոհութեամբ… այն օրե՜րը…։ Սաթենիկ, ինձ թւում էր որ ոչ մի յետագայ տխրութիւն չէր կարող պղտորել այն օրերի յիշողութիւնը…

— Գարեգի՛ն, սիրելիս, միջամտեց Սաթենիկ հաշտարար ոգիով, ինչի՞ ենք վիճում տասը տարուայ ամուսինների նման։ Լսի՛ր ինձ, Գարեգին, վերջ տանք այս բոլորին. ես եմ քո ճշմարիտ կինը, չէ՞, քո սրտի ընտրածը… լաւ, կը հնազանդեմ քեզ, թող իմ ասպետը հրամայէ եւ կը կատարեմ… ո՜ւֆ, ըսաւ վերջապէս Սաթենիկ, զգացուած Գարեգինի դէմքի վրայ երեւցող ժպիտէն, սատանան տանի այդ բոլորը, ի՞նչ են ուզում մեզանից… այդ բոլորը ես ի՛նչ գիտնամ, տուն, քանդոռ, Մոսկուայի ներկայացուցիչ եւ նաեւ ու մանաւանդ Նաթալիա Վասիլիեւնա, ամէնքը միացած կեցեր են իմ եւ քո մէջ… կործանի՜ն այդ բոլորը ու քար քարի վրայ չմնայ… եւ մենք ինչքան երջանիկ կը լինէինք, ջա՛նս, այդ ընդհանուր փլուզումից յետոյ։

— Եւ մենք փլատակների ներքեւ կը մնայինք։

- Ե՞ս, ինչի՞ պիտի մնայի փլատակների ներքեւ. թերեւս կը բանայի եւ կը սաւառնէի այդ բոլորի վերեւ եւ քեզ էլ ինձ հետ կը բարձրացնէի… բայց թողունք այդ բոլորը, կործանին եւ կը կործանին, բայց մինչեւ այդ, ձեր պուրժուական հիանալի կարգաւորուած կեանքը իր բոլոր անիւներով դառնում է։ Ես, ոչինչ, կը համակերպեմ ու կը սպասեմ… թող Նաթալիա Վասիլիեւնան հանգիստ քնէ իր երկու ականջների վրայ, ես զինքը չեմ խանգարել ոչ մի բանով, ես այնքան քիչ բանի պէտք ունեմ երջանիկ լինելու համար, Գարեգի՛ն, դու այդ լաւ գիտես…

— Սիրելի՛ս, ըսաւ Գարեգին ոգեւորուած եւ պահ մը այնքան պինդ սեղմեց Սաթենիկը իր թեւերուն մէջ որ անիկա շնչասպառ եղաւ եւ ձայնը խեղդուեցաւ։

— Գո՞հ ես, ջանս… այդ է կարեւորը, ըսաւ Սաթենիկ բեկբեկ ձայնով… բայց լսի՛ր, մեր նոր դաշինքը տօնելու համար քեզ պիտի առաջարկեմ մի բան եւ դու խոստացիր ընդունել առանց ոեւէ առարկութեան։

— Բայց, սիրելիս…

Սաթենիկի ձեռքը խափանեց Գարեգինի բերանը եւ գոհունակ դէմքով կրկնեց.

— Ոչ մէկ առարկութիւն, հրամայում եմ։

Գարեգին արդէն անհանգիստ շարժումներով ձեռքը ժամացոյցի շղթային կը տանէր. Սաթենիկ չնշմարեց ատիկա եւ իր մութ կապոյտ աչքերը կը շողային չարաճճի ժպիտով։ Գարեգին ալ աւելի ժամանակ չկորսնցնելու մտահոգութեամբ ըսաւ վերջապէս.

— Ասա քո հրամանը։

— Կը կատարես առանց առարկութեան, խոստանո՞ւմ եմ։

Գարեգին գլխովը հաւանութեան նշան ըրաւ։

— Առաջարկում եմ ճաշել միասին, յետոյ գնանք պտոյտի կամ կը մնանք այստեղ եւ վաղուընից սկսեալ միայն յարգենք Նաթալիա Վասիլիեւնայի այն ժամերը երբ ուզում է իր ամուսինը տեսնել իր յարկին ներքեւ. համաձա՞յն ես։

Գարեգին դարձեալ գլխովը հաւանութեան նշան ըրաւ։ Զգաց որ կ’ընկղմէր անյատակ ծովու մէջ, ականջները կը բզզային եւ միտքը մոլորուն մտածեց. «հապա հիւրերը, որ ես եմ հրաւիրել ճաշի, հարկ է թերեւս հեռախօսել տուն ոեւէ պատրուակ գտնել», բայց անմիջապէս հրաժարեցաւ այդ գաղափարէն. «թող լինի, ինչ որ պիտի լինի» մտածեց յուսահատօրէն եւ առաջին անգամ զգաց որ իր բազմատեսակ մտահոգութիւնները կը խափանէին Սաթենիկին հետ ամբողջ օր մը անցնելու հեռապատկերին երջանկութիւնը։ Այլ սակայն չէր զայրացած «Սաթիկ ջան»ին դէմ, այլ կարծես բթացեր էր եւ իր բոլոր զգացումները կորսուեր էին միգամածի մը մէջ։ «Թող լինի, ինչ որ պիտի լինի», կրկնեց մտքէն եւ ժամացոյցին նայեցաւ. ժամը երեք ու կէսն էր եւ սարսափով խորհեցաւ թէ ինչ պատահած էր իր տանը։ Նաթալիա Վասիլիեւնայի սոսկալի դէմքը ցցուեցաւ իր մտքին մէջ եւ մոռնալու համար այդ բոլորը, խելայեղ թափով մը գինովի պէս, ինքնակորոյս եւ յուսահատ՝ անձնատուր եղաւ իր տարփաւէտ ցնորքին։


***


Կէս գիշերը շատոնց անցեր էր եւ դեռ Սաթենիկ ու Գարեգին կը թափառէին Պուլվարտի ծովափը։ Մութ կապոյտ երկինքը իր անհամար աստղերը կը ցոլացնէր ծովուն մէջ, որ թեթեւ մը ալեկոծ էր նոր սկսուող հիւսիսային քամիին ազդեցութեան տակ։ Այլեւս յառաջացած ժամին պատճառաւ պտոյտի եկողներու բազմութիւնը ցրուեր էր եւ ցանցառ անցորդներ մինակ կամ խումբով արագաքայլ կը հեռանային։

Սաթենիկ եւ Գարեգին պահ մը կեցան դէպի լողարանները տանող կամուրջին վրայ եւ առանձին նստարանի մը վրայ կողք կողքի նստած, հազիւ թէ կը փոխանակէին հատկտեալ խօսքեր։ Սաթենիկ չափազանց յոգնած կը զգար ինքզինքը, բայց չէր համարձակեր այդ մասին ակնարկութիւն մը ընելու, վախնալով որ Գարեգինի մէջ յառաջ կը բերէ մեկնումի որոշումը։ Նաթալիա Վասիլիեւնայի վերադարձէն ի վեր առաջին անգամն էր որ Գարեգին այդքան ուշ կը մնար իր հետ, եւ Սաթենիկ տարտամ կերպով կը մտածէր որ հմայքը խզուած էր եւ Գարեգինը իրեն վերադարձեր էր անվերապահ, իրենց սիրոյ առաջին օրերուն նման։ Չէր կարող անշուշտ ենթադրել թէ Գարեգին կամովին կ’ուշացնէր մեկնման պահը, բնազդական երկիւղով ընկրկելով տանը գտնելիք ընդունելութենէն։

Ծովափի նաւակները հետզհետէ աւելի աղմկալի կերպով կը տատանէին եւ յանկարծ քամիի ուժգին հոսանք մը բարձրացուց գետնի փոշին եւ յորձանապտոյտ սկսաւ դառնալ իրենց շուրջը։ Սաթենիկ հազիւ ժամանակ ունեցաւ քօղը իջեցնելու երեսին եւ աչքերնին կուրցած, շնչասպառ, թեւ թեւի ապաստանեցան մօտակայ քազինօ ն։

— Ուզո՞ւմ ես ընթրել, Սաթիկ, ըսաւ Գարեգին վախկոտ ձայնով։

Սաթենիկի աչքերը փայլատակեցին ուրախութեամբ. պահ մը Գարեգին անխօս նայեցաւ իրեն, ամփոփուած իր տանջալի յուզումին եւ զմայլանքին մէջ։

Երբեք այնքան գրաւիչ չէր երեւցեր իրեն Սաթենիկ. լայնեզր գլխարկի ներքեւ շագանակագոյն մազերու խոպոպ մը կ’իյնար ուսին վրայ, նրբագիծ այտը շրջանակելով։ Ականջներուն մերկ բլթակները վարդի թերթերու պէս կը զարդարէին իր այտերը եւ մէկ քունքը կ’երեւար ազատ թափանցիկ մորթով. կարծես արձանագործի մը գիտուն մատը թեթեւ մը ճնշած ըլլար զայն։ Այդ նրբին եւ ընդհանրապէս դալուկ դէմքը գունաւորուած էր այս պահուն թեթեւ վարդագոյնով մը եւ կապուտցած կոպերէն ա՛լ աւելի խոշորցած իր մութ կապոյտ աչքերը խռովայոյզ լճակներու նման լիքն էին լոյսով եւ ստուերով։ Ընկղմիլ այդ նայուածքին մէջ եւ մոռանալ ամէն ինչ… ինչ կ’արժեն մնացածը. Գարեգին աւելի որոշապէս զգաց որ առանց Սաթենիկի կեանքը չէր կարող նոյնիսկ երեւակայել։ Առանց Սաթենիկի անձնասպան չէր լիներ թերեւս, բայց ըստ ինքեան մեռած կը լինէր, քանի որ իր հոգւոյն բոլոր լոյսերը կը մարէին եւ իր բոլոր ուրախութիւնները կը ցնդէին։ Ինչպէ՜ս էր ապրեր մինչեւ այն օրը, որ իր աչքերը հանդիպեր էին անոր նայուածքին. ի՞նչ ժամ էր այն ժամը, որ անսահման ուրախութիւններու եւ տառապանքի բոլոր դռները լայն բացեր էր իր դէմ։ Ու հակառակ բոլոր տառապանքներուն Աստուծոյ շնորհած մէկ ժամն էր անիկա։

Առանց հաշուելու կը խմէր Կախէթի կարմիր գինի, բայց արբեցութիւնը փոխանակ թմրեցնելու իր միտքը տանջող խորհուրդները աւելի կը գերագրգռէր զանոնք։ Ապշութեամբ կը տեսնէր որ Սաթենիկ չէր անդրադառնար իր հոգեկան գալարումներուն եւ հանդարտօրէն երջանիկ, յոգնութենէն նուաղկոտ, յոյլ շարժումներով շրթները հազիւ կը խոնաւցնէր կարմիր գինիին մէջ։ Քանի՛ Գարեգին կը նայէր անոր անայլայլ արտայայտութեան, այնքան իր տառապանքը կը խթանուէր, բայց աւելի ու աւելի սուր զգացումով մը կը սիրէր զայն։ Անիկա աւելի թանկագին կը դառնար իր հարկադրած զոհողութիւններով եւ իր ներքին զգացումները անձնուրացութեան գերագրգռութեան կը հասնէին։ «Թող կործանի ամէն ինչ, թո՛ղ իմ կերտած անցեալ կեանքը քանդուի եւ ցնդի ինչպէս մի ստուեր, բայց Սաթիկ ջանի աչքերը ինձ նային, այդպէս, հպարտ երջանկութիւնով»։ Գարեգինին շրթները շփոթ կերպով կ’արտասանէին զմայլանքի եւ գորովանքի բառեր, բայց այդ բոլորը յանկարծ կ’աղօտէին եւ Նաթալիա Վասիլիեւնայի կերպարանքը կը ցցուէր իր առաջ դժոխի սպառնալիքի մը պէս։

Կ’ատէր զայն իր բոլոր հոգւովը իրեն ներշնչած երկիւղին համար, կ’ատէր զայն մտաբերելով իր իրաւունքներուն մէջ զօրեղ եւ դատախազ իրեն, ու գերմարդկային ջանքեր կ’ընէր այդ հաշուեպահանջը վտարելու համար իր մտքի բոլոր հորիզոններէն։

— Սաթի՛կ ջան, ինչպէ՞ս լաւ է այսպէս, լինի ինչ որ պիտի լինի… թող խօսեն ինչ որ ուզում են, թող հալխը ասի «Գարեգին Իվանովիչը Սաթիկի գեղեցիկ աչքերի համար…»

Յանկարծ խօսքը ընդհատեց ու դէմքը շառագունեցաւ։ Աչքերը խոնարհեց եւ ձեռքը ճակտին դրած, արմունքը սեղանին պահ մը մնաց մտամփոփ։ Սաթենիկ իր յոգնած նայուածքը յամրօրէն դարձուց դէպի Գարեգին ու պահ մը լռին դիտեց զայն։ Արցունքի կաթիլներ արագօրէն սահելով Գարեգինի այտերէն կ’իյնային սեղանին վրայ։ Սաթենիկ, մէկէն, բոլոր հոգւովը յուզուած գոչեց.

— Գարեգի՛ն…

Անիկա դանդաղութեամբ գլուխը բարձրացուց եւ ցաւագինօրէն ժպտեցաւ։ Իր դէմքին վրայէն կարմրութիւնը անցաւ եւ յանկարծ տժգունեցաւ արտակարգ կերպով։ Մէկ ձեռքը կը դողար, բայց կը ջանար արագութեամբ եւ աննկատելի կերպով սրբել աչքերուն եւ այտերուն խոնաւութիւնը։ Սաթենիկ կարծեց որ սուր ցաւ մը անհանգիստ կ’ընէր զայն եւ կարծես պիտի ճչար, բայց անիկա պահ մը ինքզինքը մտիկ ընելէ յետոյ աւելցուց մեղմ ձայնով.

— Ահ, այսպէս, Սաթի՛կ ջան, կեանքը հեշտ չէ, բայց էլի կարելի է խնդալ։ Խնդալ ու արտասուել ու վերջապէս այդ բոլորը միեւնոյնն է. ես հասկանում եմ այժմ որ մինչեւ այդ օրը… ես չէի ապրում, հոգիս ծարաւի մի ինչ որ անորոշ բանի, սպասում էի եւ ահա դու յայտնուեցիր։ Չէի ապրում, այլ քեզ էի սպասում, Սաթի՛կ։ Քեզ կը յուսայի իմ պատանեկան օրերից. եւ դու եկար քո քնքուշ ձեռքերով լիառատ բերելով ինձ երջանկութիւն եւ հոգիս գիտցաւ թէ ի՛նչ է իսկական ուրախութիւնը… ու անկէ յետոյ ինչ փոյթ մնացածը… կը մեռնեմ հանգիստ, եւ երբ աչքերս փակեմ կ’ասեմ հանդարտութեամբ. ես էլ ապրեցի, ես էլ կեանքի խնջոյքին սեղանակից եղայ,

… Եւ իմ կեանքն էլ

Առանց էս երեք պայծառ օրերի

Կը լինէր տխուր ու մռայլ էլի

Քան ծերութիւնդ անզօր աւելի։[1]

— Բայց, Գարեգին, մրմնջաց Սաթենիկ, յուզումնալի ձայնով մը, դու ուրախութեան մասին կը խօսես, բայց դու տխուր ես այս միջոցին եւ աչքերդ լինքն են արցունքով…

— Ես տխո՞ւր, չէ՛… ծիծաղում էի լռին եւ ծիծաղից արցունք ժայթքեց աչքերիցս, Սաթի՛կ ջան, ուշադրութիւն մի դարձրու իմ վրայ, ես ուզում եմ միայն տեսնել քո աչքերը, լսել քո ձայնը.. եւ չխօսենք, ուզո՞ւմ ես… Ես ծիծաղում էի մտածելով… Նաթալիա Վասիլիեւնան ինձ սպասում է այս րոպէին… սպասում է որ իր կատաղութեան բոլոր ժահրը թափէ իմ գլխին… նա պիտի ասէ անպատճառ, — Հա, ես գիտեմ, ամէն ինչ գիտեմ… դու սիրում ես նրան…։ Ես մտադիր եմ պատասխանել հանդարտութեամբ. — Նաթալիա Վասիլիեւնա, ճիշդ է քո կարծիքը, երեւակայի՛ր որ ճիշդ է, սիրում եմ նրան իմ հոգու բոլոր զօրութիւնով եւ ես չեմ կարող այլեւս բաժնուիլ նրանից։ Ճիշդ այդպէս, Սաթի՛կ ջան, պէտք է մի անգամ ասել այդ բոլորը եւ յետոյ պրծաւ, ի՜նչ կարելի է պատասխանել այսքան յստակ խոստովանութեան. — Սիրում եմ, էլի, ի՞նչ կարող եմ անել։

Ա՜խ, Աստուած, հառաչեց Սաթենիկ ու անմիջապէս մռայլեցաւ, տարօրինակ ստրմտութիւն եւ մտահոգութիւն զինքը անհանգիստ կ’ընէին… վճռեց վերջ տալ այդ դրութեան, որ հետզհետէ տաժանելի կը դառնար։

— Ուշ է, ժամը մօտ երկուսն է, Գարեգին, գնանք։

— Գնա՞նք, ո՞ւր գնանք, Սաթի՛կ ջան, դիւրին է ասել, գնանք եւ յետոյ սպասի՛ր, պիտի խմենք քո գեղեցիկ աչքերու կենացը։

— Չէ՛, Գարեգին, բաւական յոգնած եմ եւ լաւ է տուն վերադառնանք։

— Սաթի՛կ ջան, սիրելիս, ես բան ունէի քեզ ասելիք. ամբողջ օրը ուզում էի ասել, բայց… գիտես դժգոհ էիր ինձանից, եւ երբ քո դէմքը տխուր է, աշխարհս մթագնում է ինձ համար… Սաթի՛կ ջան քո ժպիտը լուսաւորում է իմ մտքի քաոսը. հա՛, նայիր ինձ ու ժպտիր, այնպէս ինչպէս այն օրը…

— Գարեգին, սիրելիս…

— Սիրտս ճնշւում է, Սաթենի՛կ, որովհետեւ մի բան կայ քո մէջ, որ խուսափում է ինձանից, կարծես մի ինչ որ ներքին լոյս մթագնում է անզգալի։ Չէ՞, լաւ, ոչինչ, խմե՛նք քո քաղցր ժպիտին համար։

— Գնանք, Գարեգին, մրսում եմ եւ յոգնած եմ։

— Գնա՛նք, լաւ, քեզ կ’առաջնորդեմ մինչեւ հիւրանոց եւ յետոյ կը մեկնեմ, կը գնամ տուն. Նաթալիա Վասիլիեւնա…

— Բաւական է, Գարեգին. տանջւում եմ այդ բոլորէն եւ չես նկատում թէ ինչ ես անում ինձ։

Սաթենիկ զգաց որ ջղաձգութենէն ակռաները կը սեղմուէին. ձայնը դողեց եւ աչքերը լեցուեցան. անսահման յուսահատութիւն մը պատեց հոգին եւ անդրադառնալով վերջապէս Գարեգինի անբնական վիճակին, ուզեց սթափեցնել զինքը։

— Այսպէս ուրեմն, սիրելիս, որովհետեւ ուզեցի մի լաւ օր անցկացնել քեզ հետ… որից յետոյ չգիտեմ թէ ինչ է պատահելու… անհանգիստ ես ինձ հետ անցուցած ժամերի համար, դու խղճահարութիւն ունես ինչպէս եթէ մի մեղք գործած լինէիր… բայց թողունք այդ բոլորը, ես տեսնում եմ որ անհնարին է այսպէս շարունակել… գնանք, ու էգուց կը խօսենք… կամ աւելի ճիշդ ես ինքս կը վճռեմ…

— Սաթենի՛կ, գոչեց Գարեգին ու ձայնը բեկուեցաւ անզօր հեծկլտանքի մը մէջ. կրկին մահատիպ տժգունութիւն մը դիմակի պէս երեւցաւ իր դէմքին վրայ, ցաւագին ծամածռութիւն մը ըրաւ։ Բայց կրկին ինքզինքը զսպեց ու երկարօրէն նայեցաւ Սաթենիկի յուզուած դէմքին։ Ու յանկարծ ապաստանելով յիշողութիւններու մէջ ու խուսափելով ներկայէն, ըսաւ ջերմեռանդութեամբ.

— Ես յիմարացել եմ, Սաթենիկ, իրաւունք ունես, ների՛ր ինձ, բոլոր սրտովդ, անկեղծօրէն, անվերապահ կերպով։ Ես տանջւում եմ, Սաթենիկ, տանջվում եմ մանաւանդ զգալով որ այն երջանկութիւնը, որ շնորհեցիր ինձ, չկարողացայ անաղարտ պահել։ Զգում եմ ցաւով. իրաւունք ունես, ես անարժան դարձայ այդ երջանկութեան։ Ա՜խ, սիրելիս… յիշո՞ւմ ես այն օրերը…

— Այն օրերին իմ հոգին ազատ էր եւ հզօր… այն օրը, երբ ես քեզ տեսայ պարտէզին մէջ, այն առաջին ժամադրութեան, որ շնորհեցիր ինձ։ Դու յառաջանում էիր ինչպէս թագուհի ու ես տեսայ քեզ իրիկուայ կարմիր լոյսին մէջ, այնքան պարզ ու միամիտ։ Արեւի մի ճաճանչ ողողում էր քեզ ու ես կարծեցի որ իմ հոգին ամբողջովին փռուել էր քո ոտքերի առաջ. կարող էիր կոխոտել ու անցնել… Դա մի հրաշալի եւ սոսկալի ժամ էր ինձ համար…

— Ա՜խ, Գարեգին։

Սաթենիկ խորապէս յուզուած մտիկ կ’ընէր, ինքն ալ կը վերյիշէր այդ ժամը ու երջանկութեան սարսուռ մը զինքը կը դարձնէր դողահար. իր խոնարհած թարթիչները բարձրացան եւ աչքերը շողշողացին գերագոյն յոյսով մը։

— Եւ եթէ, Գարեգին, յաջողինք այդ ժամը յաւերժացնել, բռնել իր ընթացքին մէջ, ու մերը դարձնել միշտ, անփոփոխ, հրաշալի ու սոսկալի…

— Ափսո՜ս, ափսո՜ս…

— Բայց այդ ժամը իմն էր, իմ ստեղծած ժամը, ես քեզ ընծայեցի այդ ժամը։

Գարեգին տխրութեամբ գլուխը ցնցեց։

— Շռայլեցինք այդ ժամը ու այլեւս ետ չէ դառնալու…

Երկար ու ծանր լռութիւն մը յաջորդեց մինչեւ որ Գերագին համակերպած իր տխրութեան, ըսաւ մեղմօրէն.

— Գնա՛նք, Սաթի՛կ ջան։

Գրեթէ անխօս անցան փողոցներէն եւ հիւրանոցի մուտքին մէջ հրաժեշտ առին իրարմէ. Սաթենիկ ծանրաբեռն օրուան մը խոնջէնքէն անէացած, մտածումը ընկղմած շփոյթ յուզումի մէջ, հանուեցաւ ու պառկեցաւ. ոչ իսկ ոյժը ունէր հետեւեալ օրուան հաւանական հանդիպումներու հաշիւը ընելու, միտքը կը ճօճէր ուրախ եւ տխուր մտածումներու փեռեկտուած բեկորներու վրայ եւ այլեւս կարծես ամէն ինչ կախում ունէր այն բանէն թէ ինչ հանգրուանի վրայ պիտի սեւեռէր իր միտքը։ Բայց յանկարծակի ընկղմեցաւ խոր քունի մէջ եւ ոչ իսկ երազ մը խանգարեց իր անգիտակցութիւնը։

Հետեւեալ առաւօտուն երբ վերջապէս աղախինը կանչեց նախաճաշը ուզելու համար, զարմացումով անդրադարձաւ թէ ժամը տասն էր եւ Գարեգին չէր այցելած իրեն ինչպէս ամէն առաւօտ իր սովորութիւնն էր։ Հապճեպով հագուեցաւ եւ գնաց հեռախօսին մօտ. մատները կը դողային երբ գործիքը կը տեղաւորէր ականջին եւ ոեւէ բառ լսելէ առաջ անորոշ դժբախտութեան մը զգացումը ունեցաւ։

Քանդոռ ի պաշտօնեան հաղորդեց թէ Գարեգին Իվանովիչ դեռ չէ եկած պաշտօնատեղին եւ թէ ոեւէ հրահանգ չէ տուած. Սաթենիկի խնդրանքին վրայ անիկա խոստացաւ հաղորդել անմիջապէս որ լուր ստանար։

Կէսօրին միայն Սաթենիկ լսեց թէ Գարեգին ծանր հիւանդ է եւ չէ կարող դուրս գալ. իր ցաւագին հետաքրքրութեանը պաշտօնեան պատասխանեց թէ բան չգիտէին եւ թէ նոյնիսկ չէր կարելի տեսնել Նաթալիա Վասիլիեւնան։

Այն ատեն միայն Սաթենիկ զգաց իր բոլոր տարածութեամբը իր դժնդակ կացութեան դժբախտութիւնը։ Իր սիրելին հիւանդ էր թերեւս մահամերձ եւ ինքը անկէ հեռու, պէտք էր ձեռքերը ծալլած սպասել։ Ոչ մէկ պարագայի եւ ոչ մէկ պայմանաւ Նաթալիա Վասիլիեւնան թոյլ պիտի չտար իրեն մօտենալ Գարեգինին ինչ որ ալ պատահէր… ինչ որ ալ պատահէր, եւ իր խելայեղ մտքին մէջ այդ «ինչ որ ալ պատահէր»ը կը դառնար լիքը չարաբաստիկ զգացումներով։

Ամբողջ օրը այսպէս անցնելէ ետքը ուշ ատեն դուրս եկաւ եւ գնաց Տիկին Աբգարեանին։ Ճանապարհին ամէն մէկ հանդիպած մարդու դէմքին վրայ կ’որոնէր իր միտքը տանջող հարցումը։ Մէկ քանի ծանօթներ ժպտեցան ու բարեւեցին… ի՜նչ… կարո՞ղ էին ժպտիլ… Բազմամարդ փողոցներէն անցած ատեն լոյսով ողողուած խանութներու տեսքն իսկ զինքը կը չարչարէր անկապակից զգացումներով. պերճանքի առարկաները, ծաղկավաճառ Թաթարներուն հրաւէրները, երջանիկ զոյգերու անփոյթ քալուածքը, ամէն ինչ, ամէն ինչ զինքը կը տանջէին եւ անզսպելի ըմբոստութիւն յառաջ կը բերէին իր մէջ։ «Կործանին այդ բոլորը, հիմնայատակ կործանին ու քար քարի վրայ չմնայ… այդ բոլորն են որ կանգներ են իմ եւ սիրելիիս մէջ…» կը մտածէր աչքերը լեցուն զայրոյթի արցունքներով։

Երբ Տիկին Աբգարեանի տունը հասաւ, բարեկամուհին զինքը ընդունեց իր սովորական խաղաղ տխրութիւնով։ Շատոնց էր որ այցելութեան չէր եկած, բայց Տիկին Աբգարեան ոչ մէկ ակնարկութիւն ըրաւ այդ մասին։ Իր աչքերը բարձրացուց ընթերցանութեան գրքէն եւ հարցուց մեղմութեամբ.

— Մենա՞կ ես, Սաթի՛կ։

— Այո՛, մենակ եմ։

Յուզմունքը կը խեղդէր երիտասարդ կինը ու բարեկամուհիին իմացական բարութեամբ լի նայուածքին ներքեւ, որ կը սեւեռէր իր վրայ, զինքը կը պարուրէր գորովանքով, զգաց որ հոգին պատրաստ է զեղումի եւ բոլոր խոստովանութիւններուն։

Ինչքա՜ն ամոքիչ պիտի ըլլար ըսել ամէն բան, ե՛ւ իր երջանկութեան երազը ե՛ւ յուսախաբութիւնները, խօսիլ սոսկալի արգելքի մասին ու այս վերջին քաթասթրոֆ ը…

Տիկին անմիջապէս ինքզինք զսպեց, որովհետեւ որոշապէս զգաց թէ Տիկին Աբգարեան ներքին պայծառատեսութեամբ մը կրնար հաղորդակից ըլլալ իր ցաւին, կրնար իր դժբախտութեան մթնոլորտին մէջ մտնել, այդ բոլորը վերածել ցաւագին ներդաշնակութեան մը, բայց ոչինչ կարող էր ընել, եւ այդտեղ այդ ինքնամփոփ եւ լռակեաց կնոջ ներկայութեան խօսիլ սեպհական դժբախտութեան մասին, անվայելուչ համարձակութիւն մը պիտի ըլլար։

Անցան կողքի սենեակը, ուր առաջին անգամ հանդիպեր էր Գարեգինին։ Կցկտուր խօսակցութիւն մը Տիկին Աբգարեանի կարդացած գրքին վրայ, ընդհատուած ծանր լռութիւններով։ Սաթենիկի միտքը կը վարանէր անցեալի յիշողութիւններու մէջ։ Ո՞վ կարող էր երեւակայել այն օրը… կեանքը լիքն էր իր երջանկութեան յոյսերով եւ ահա արագ-արագ, անյագ շտապով մը շռայլեր ու սպառեր էին ամէն բան։

Սենեակին կիսաստուերին մէջ Տիկին Աբգարեանի սիլուէթը կ’երթեւեկէր, անիկա անցաւ դաշնակին առաջ. ստեղնաշարին լուռ աղմուկը եւ ահա երաժշտական ալիք մը պարուրեց իր մտածումները, ողողեց զանոնք ջերմութեամբ եւ զգաց որ իր ցաւը ու իր սեփական դժբախտութեան երգը կը լսէր յուսահատ եռանդով մը… մահուան տանջանքը թեւածեց մթնոլորտին մէջ, ուրկէ՞ կը գտնար Տիկին Աբգարեան այն հնչիւնները, որոնք իր կնճռոտ եւ եղերական զգացումները կը պարզէին եւ կարծես շօշափելի ձեւ մը կու տային անոնց։

Ի՜նչ փոյթ մահը… երթանք միասին դէպի ան ու խիզախելով նայինք անոր։ Սէրը փարատեց սոսկումի եւ վարանումի բոլոր միգամածները։ Հոգիս յօժար է… ի՜նչ փոյթ մահը, մենք յաղթեցինք անոր, որովհետեւ կեանքը արծարծուած խարոյկի մը պէս պիտի վառի մեր անցած բոլոր ճամբաներուն վրայ… ։

Յանկարծ լռութիւն եւ Սաթենիկ զգաց որ իր միտքը կը մթագնի, ինչպէս եթէ երկնային լոյս մը հանգած ըլլար։ Անսահման յոգնութիւն մը զինքը կը ջլատէր, կարծես կեանքի իր ամբողջ ուժը սպասեր էր չարաբաստիկ մտածումի մը մէջ։ Իր անօգնական վիճակը զինքը կարող էր ամէն կարգի յիմարական արարքներու մղել ու կարծես իրմէ դուրս ոյժ մը կը հարկադրէր զինքը սանձելու իր դժբախտութիւնը։

Ստուերի մը պէս անցաւ սրահէն եւ ուզեց խուսափիլ, բայց վերադարձաւ կրկին եւ հրաժեշտ առաւ Տիկին Աբգարեանէն։ Անիկա իր ձեռքը պինդ սեղմած կը նայէր իրեն կարեկցութեամբ եւ ահա Սաթենիկ գլուխը դրաւ անոր ուսին վրայ եւ սկսաւ հեծկլտալ։

Մինչեւ ուշ ատեն Տիկին Աբգարեան ջանաց ամոքել զինքը, բայց Սաթենիկի շրթները փակ մնացին եւ անիկա ոչ մէկ բառ արտասանեց։

Երբ տուն վերադարձաւ, Սաթենիկ զգաց որ անհնար է իրեն համար ամբողջ գիշեր մը անցնել անստուգութեան մէջ։ Միտքովը կ’որոնէր թէ որո՞ւ կրնար ապաւինիլ եւ վստահիլ իր անձկութիւնը։ Ինքը կամովին եւ իրերու բնական բերմամբ խզեր էր բոլոր կապերը հին ընկերներու եւ բարեկամներու հետ։ Մինակ անձ մը կարող էր ներողամտութեամբ վարուիլ իր հետ, Ստեփանը, բայց անիկա շատ հեռու էր եւ եթէ նոյնիսկ վերադառնար յանկարծ… Գարեգինի հանդիպելէն յետոյ առաջին անգամ մտածումը կանգ առաւ Ստեփանի վրայ. արագ կերպով յիշեց իրեն տեսութեան վերջին րոպէները… «Կը գնամ Բագու — Ուրեմն կը տեսնուինք Բագւում»։ Բայց Ստեփանի կրկին տեսութեան այդ ցանկութիւնը լիքն էր տարբեր զգացումներով։ Ինչո՞ւ… Սաթենիկի միտքը վարանեցաւ եւ անմիջապէս իր հոգիին դռները փակեց այդ անհարկի զգացումին դէմ։ Կար նաեւ Սոնիան, մտածեց յամառութեամբ, բայց ի՞նչ պատրուակաւ բերել Սոնիան Բագու. եթէ ինքը ըլլար հիւանդ՝ այդ ուրիշ բան էր։ Չէր կարող նոյնիսկ պատկերացնել թէ ինչ էին Սոնիային զգացումները իրեն նկատմամբ, եթէ գիտէր եւ անպատճառ գիտէր։ Բայց ինչ որ ալ ըլլային անոր զգացումները, ներքնապէս վստահ էր որ կարող էր ապաւինիլ անոր։

Բայց այդ բոլորը չէին տար իրեն լուսաբանութիւն Գարեգինի այժմու վիճակին վրայ։ Որո՞ւ հարցնել։ Յանկարծ մտաբերեց Գարեգինի գործակիցներէն մէկը, Արամայիսը, որուն յաճախ կը հանդիպէին եւ որ զարմանալի սիրալիրութիւն ունէր իրեն նկատմամբ։ Ժամը տասնմէկ էր, Արամայիս քլիւպ ը կրնար ըլլալ, կարելի էր հեռախօսել եւ Սաթենիկ անմիջապէս գնաց հեռախօսի մօտ։

— Ես եմ խօսողը, Սաթենիկ Գրիգորովնա…

— Ահ, Սաթենիկ Գրիգորովնա, ինչո՞վ կարող եմ ձեզ ծառայել։

— Կարո՞ղ էք ինձ ասել, տեսե՞լ էք այսօր Գարեգինը։

— Գարեգին Իվանովիչ հիւանդ է։

— Այդ գիտեմ, ի՞նչ ունէ։

— Լեարդի բորբոքում, սոսկալի քրիզ… տեւեր է հինգ-վեց ժամ։ Բժիշկը ստիպուել է դիմել ամենախիստ միջոցների, բայց այժմ ցաւը մեղմացած է։

— Խնդրում եմ ինձ ասէք, ո՞ր ժամին տեղեկութիւն ունիք վերջին անգամ։

— Հենց կէս ժամ առաջ հեռախօսեցի Նաթալիա Վասիլիեւնային. ինքը չէ կարելի տեսնել, մորֆին ի ազդեցութեան տակ է, բայց էգուց աւելի լաւ կը լինի։

— Շնորհակալ եմ, պարոն Արամայիս… անչա՜փ շնորհակալ եմ, բարի գիշեր։

Սաթենիկ գործիքը պիտի հեռացնէր ականջէն երբ շփոթ բան մը լսեց, կրկին ուշադրութիւնը լարեց.

— Այդ դո՞ւ էք, պարոն Արամայիս։

— Այո, ես… ուզում էի ասել։ Հարկ չկայ մտահոգուելու։ Գարեգին Իվանովիչ ունեցեր է այդ հիւանդութիւնը տարիներ առաջ եւ կրկին յայտնւում է անսպասելի կերպով։ Առանձին վտանգաւոր բան չկա, թերեւս հարկ լինի որոշ ժամանակ հանգստանալ։ Էգուց կ’երթամ իր մօտ, եւ ձեզ անիմջապէս կը հաղորդեմ։

— Օ՜հ, պարոն Արամայիս…

Ձայնը խեղդուեցաւ յուզումէն եւ գրեթէ անորոշ կերպով լսեց.

— Սաթենիկ Գրիգորովնա, միամիտ կացէ՛ք, կը ստանաք ինձանից մանրամասն տեղեկութիւն, ամէն օր մինչեւ Գարեգին Իվանովիչ կարենայ դուրս գալ։

Երբ Սաթենիկ իր սենեակը մտաւ, սեղանին առաջքը նստեցաւ եւ մտածեց։ Դառն խղճահարութեամբ անդրադարձաւ որ ինքը իր բաժինը ունէր պատահած դժբախտութեան մէջ։ Անգամ մը Գարեգին առողջանար եւ ինքը կ’որոշէր իր անելիքը։

— Պէտք է մեկնել Բագուից, մտածեց դառնութեամբ, պէտք է մեկնել։ Հարկ է որ ես ինքս ինձ աքսորեմ, հեռանամ եւ հանգիստ թողնեմ նրան։

Վերյիշեց յանկարծ աւելի յստակ կերպով անոր տառապագին դէմքը նախորդ օրը։ Ամբողջ օրը անցուցած յուզմունքի գերագրգռութեան մէջ, երեկոյին թափառումները Պուլըվարի ծովեզերքը ու յետոյ ընթրիքը, Կախէթի գինին եւ տուն վերադարձին ո՞վ գիտէ ինչ սոսկալի բան էր պատահած։ Այո, այդ բոլորին մէջ իր պատասխանատուութեան բաժինը ունէր, ինչո՞ւ առաջարկեց որ իր հետ ճաշէ… որովհետեւ լսեց որ հիւրեր ունի եւ գիտնալով հանդերձ այդ խորշանքը որ Գարեգին ունէր պատմութիւններ սարքելու իր տան մէջ, ինքը Սաթենիկ, անսալով իր վատ բնազդին, հարկադրեր էր Գարեգինը որ մնայ…

— Պէտք է հեռախօսել Բագուից… ահա ինչ կը մնայ ինձ անելիք… ես անչափ դժբախտ կը լինեմ, բայց իմ դժբախտութիւնս կը լինի խաղաղ… ես ինքս այլեւս չեմ կարող տանել այս կացութիւնը. իմ ուժերիցս վեր է հանդուրժել այդ բոլորին, պէտք է հեռանալ… հենց որ Գարեգինը առողջանայ ես նրան կը յայտնեմ… . գոնէ առժամապէս պէտք է հեռանալ։

Շաբաթ մը յետոյ միայն Գարեգին կրցաւ դուրս գալ իր տունէն եւ Սաթենիկ, որ Արամայիսի շնորհիւ լսեր էր նախապէս որ առաւօտուն պիտի երթար գործատեղի, անհամբերութեամբ կը սպասէր իր սիրելիին այցելութեան։

Հիւրանոցին ժամացույցը անընդհատ հնչեց, կէսօր է արդէն եւ Գարեգին տակաւին չէ եկած. Սաթենիկ իր յուզուած անհամբերութիւնը զբաղեցնելու համար պահ մը կեցաւ բաց պատուհանին առաջ եւ մեքենաբար կը դիտէր Նիքոլայեւսքայա փողոցին անցուդարձը։ Մարդիկ շտապով կ’երթային հակառակ ուղղութիւններով, ամէն ոք կարծես հապճեպ ունէր չուշանալու, բայց ինքը դեռ մինակ էր զարհուրելի շաբաթէ մը ետքը, որու միջոցին ամէն առիթ ունեցեր էր չափելու համար այն վիհը, որուն մէջ կարսուած էր։ Իր բոլոր պատրանքները կորսուեր էին եւ սոսկալի յստակութեամբ մը տեսեր էր իր անել կացութեան բոլոր դժնդակ անկիւնները։ Ի՞նչ էր ինքը… ոչինչ. ու ամբողջ շաբաթ մը որ հոգին գալարուեր էր ահեղ մտածումներով, հարկադրուեր էր մինակ մնալ, եւ ոչ իսկ բառ մը, երկտող մը ստացեր էր իր սիրելիէն։

Ամբողջ շաբաթ մը Նաթալիա Վասիլիեւնա, օգտուելով իր օրինաւոր իրաւունքներնէն, իրեն վերապահել էր խնամել եւ հոգալ սիրելին, երբ ինքը ստիպուած էր անոր կացութեան մասին ոեւէ լուր մուրալ, պատշաճութեան բոլոր սահմաններէն անցնելով եւ ապաւինելով իրեն օտար մարդոց երկբայելի բարեացակամութեան։

Պէտք էր վերջ դնել այս դրութեան… անյաղթելի արգելքը կեցած էր իրենց երջանկութեան ճամբուն վրայ ու Գարեգինի նոյնիսկ կարճատեւ մէկ հիւանդութիւնը բաւական եղեր էր որպէսզի Նաթալիա Վասիլիեւնա վերահաստատուի իր բոլոր իրաւունքներուն մէջ։

Սաթենիկ զգաց որ սրտմտութիւնը կը դառնացնէր իր անհամբերութիւնը. ուզեց միտքը գրաւել ոեւէ բանով, բայց ի՞նչ ընէր, կարդալ անհնարին էր. դուրս գալ չէր կարելի, որովհետեւ մէկ վայրկեանէն միւսը Գարեգին կրնար հասնիլ։ «Ես բանտարկուածի նման եմ», մտածեց եւ հոգին ճնշուեցաւ ծանր, շա՜տ ծանր բեռի տակ։

Եւ գոնէ գիտնար որ պիտի չգար, եթէ լսէր յանկարծ որ այսօր ալ տունէն դուրս չէ եկած։ Հիւանդութեան վերադարձի գաղափարը որքան ալ սոսկալի ըլլար նուազ դառն թուեցաւ իրեն. վերյիշեց այդ անձկալի շաբթուան ընթացքին անցուցած օրերը եւ գիշերները, բայց կրկին զգաց որ այդ բոլորը աւելի դիւրին էին քան այս ժամու սպասման չարչարանքը։

Առաւօտ կանուխէն ելեր պատրաստուեր էր իր սիրելին ընդունելու համար, այն հաստատ համոզումով որ անիկա նոյնքան անհամբեր էր զինքը տեսնելու։ Առաւօտ կանուխէն արթնցեր էր Գարեգինը տեսնելու յոյսէն ոգեւորուած եւ հոգին լիքը ուրախութիւնով, բայց այդ ուրախութիւնը աստիճանաբար մթագներ էր հոգերով։ Արդեօ՞ք վշտացեր էր իր դէմ եւ արդեօ՞ք…

Առաւօտէն ի վեր տասն անգամ մտադրեր էր հեռախօսել գործատեղին, բայց ամէն անգամուն ընկրկեր էր այդպիսի քայլի դէմ։ Եթէ Գարեգին դուրս եկած է տունէն, եւ եթէ մօտ չեկաւ անմիջապէս, ի՞նչ բացատրութիւն կարող է ամոքել իմ վիշտը եւ իմ վիրաւորուած հպարտութիւնը, ոչի՛նչ։ Եւ Սաթենիկ սոսկումով անդրադարձաւ որ միակ ամոքիչ լուրը այն կ’ըլլար որ Գարեգին իր հիւանդութեան պատճառաւ դուրս եկած չըլլար տակաւին։ Այդ լուրը շատ կը տխրեցնէր զինքը անշուշտ, բայց միեւնոյն ատեն կ’ազատէր սպասումի այս չարչարանքէն եւ այն ծանր կասկածներէն, որոնք իրենց խիտ ոստայնը հիւսեր էին մտածումի բոլոր բաղիւներուն մէջ։

Եթէ տարի մը առաջ ըսէին որ յուզմունքէ եւ անհամբերութենէ դողահար, անզօր ոեւէ բանով զբաղելու, անընդունակ մտածելու, հրաժարած իր բոլոր հպարտութիւններէն, պիտի սպասէր խոնարհութեամբ, որպէսզի Նաթալիա Վասիլիեւնայի թոյլատրած չափով իր սիրելին գար իրեն այցելութեան… Այս այսպէս էր սակայն. անզգալի կերպով պայքարի մտեր էր կնոջ մը հետ եւ իր ազնուագոյն զգացումները, իր հոգին լոյսով շաղախուած, ոտնակոխ եղեր էին հասարակաց ճամբաներու վրայ։ Ի՞նչ էր ինքը այլեւս. խեղճ կին մը բռնուած անել դրութեան մը կնճիռին մէջ, անձնատուր իր զգացումներուն եւ բնազդներուն։ Այդ միջոցին իր բոլոր հոգեկան եւ մտաւորական ուժերը կը սպառէին այն լարուած ուշադրութեան մէջ, որով կը հետեւէր հիւրանոցի նրբանցքներուն ոտնաձայնի աղմուկներուն։

Ինչքա՜ն լուռ էր դուրսը եւ ամայի, ինչպէս եթէ անմարդաբնակ վայրի մը մէջ գտնուէր։ Տարտամ ոտնաձայն մը, հեռաւոր կառքի մը թաւալումը կը վառէին բոլոր յոյսերը իր մէջ։ Ա՜հ… թերեւս… վերջապէս, ինքն է… Կը հետեւէր պահ մը այդ տարտամ ձայներու հետքերուն ու ամէն ինչ կ’ընկղմէր դարձեալ լռութեան մէջ… ու այսպէս տասը անգամ… հարիւր անգամ…

Միթէ՞ կարելի է, միթէ՞ չէ կարելի ձերբազատուիլ այս չարչարանքներէն, կը մտածէր Սաթենիկ մեքենաբար։ Բայց անիկա անզօր էր նոյնիսկ այդպիսի փորձ մը անելու. վայրկեանները կ’անցնէին ժամերու դանդաղութեամբ եւ ինքը պէտք էր սպասէր տակաւին թերեւս մէկ ժամ… երկու ժամ… «Չէ, անկարելի է կ’եզրակացնէր յուսահատութեամբ… անպատճառ կը գայ, հիմակ կը գայ, շուտով կը գայ»։

Բայց այդ սպասումի անձկութեան ընդմէջէն կը տեսնէր իր անցեալի երջանկութեան պատկերը։ Անիկա կ’ուրուագծուէր իր յիշողութեան մէջ իր ամենագեղեցիկ կողմերով, բայց անիկա անշունչ էր եւ օտար, իրեն փոխանակ սփոփելու, սուր կսկիծ կը պատճառէր։ Կարծես վիհ մը կար բացուած այդ երջանկութեան տեսիլքին մէջ եւ ինքը հանդիպակաց եզրը կեցած կը սպասէր ոչ թէ իր սիրելիին, այլ սոսկալի չարիքի մը։

Պէտք էր սակայն դուրս գալ այս դրութենէն։ Ուզեց կարդալ, բայց գիրքը կը դողդողար իր թուլացած ձեռքերուն մէջ. մեքենաբար կը կարդար տառերը, որոնք իմաստ չունէին իրեն համար, որոնք մեռած էին իրեն համար ու ամէն ինչ մեռած էր… սենեակին մթնոլորտն իսկ օտար էր ու արեւին լոյսն անգամ անգութ էր ու կը հեգնէր չարչարանքը։

Խռպոտ շշուկը ժամացոյցին ու ահա քառորդը հնչեց։ Կ’ատէր այդ ձայնը, որ կարծես կը ստորագծէր իր անհամբերութիւնը… Քանի՜-քանի՜ անգամներ արդէն այդ հնչիւնները ընկերացած էին իր ցաւին, իր անզօր, իր ցաւագին սպասումին։ Եթէ կարենար բանով մը զբաղիլ եւ չնկատել անցնող ժամանակը եւ մէկ, երկու ժամ ետքը միայն կարենալ ըսել. ուշացաւ, կ’երեւի այլեւս չի գար, երթամ պտոյտի կամ այցելութեան եւ այսպէս շարունակէր իր կեանքը իրեն համար. Ամենէն պարզ եւ տարրական իրաւունքն էր այս ամէն մարդկային արարածի, սակայն իրեն համար անկարելի դարձած էր։

Կարծես անշարժացած էր հոգեկան միակ վիճակի մը մէջ եւ իրեն համար ուրիշ բան չկար այլեւս, պիտի չըլլար ո՛չ վաղը, ո՛չ միւս օր, ո՛չ երբեք…

Սաթենիկ պիտի նախընտրէր մահացու հիւանդութիւն մը, անդարմանելի եւ ջախջախիչ վիշտ մը այս տարտամ եւ յարատեւ չարչարանքէն եւ շնորհակալութեամբ պիտի ընդունէր ոեւէ բախտի հարուած, եթէ զինքը ազատէր այս գերութենէն։ Հետզհետէ իր տարտամ մտածումը կշիռք կը ստանար իր մտքին մէջ։ «Պէտք է հեռանալ, պէտք է հեռանալ»։ Երբ անյաղթելի արգելք կայ զինքը տեսնելու, հոգին կը համակերպի, բայց գիտնալ որ սիրելին քանի մը քայլ անդին է, թէ ամէն րոպէ կրնայ դուռը բացուիլ, թէ պէտք է դարանակալ որսալ ցրուած եւ տարտամ աղմուկները, անոնցմով շիջող լոյսը սնուցանելու համար եւ օրը հազար անգամ յուսախաբ ըլլալ… այլեւս անկարելի է… ։

Երբեմն կը մտածէր խաղաղիլ եւ համբերել ու համակերպութեամբ տանիլ կացութիւնը։ Խաղաղիլ եւ ըսել. «Այլեւս պիտի չսպասեմ, չեմ սպասում, եթէ կը գայ, շատ լաւ, իսկ եթէ ոչ, կը զբաղուեմ ինձ համար»։ Այս ցանկալի ներքին խաղաղութիւնը ստեղծելու համար ինքզինքին կը պատմէր. «Ենթադրենք որ ես չեմ այդ դրութեան մէջ, այլ ուրիշ կին մը, որ եկեր էր ինձ պարզելու իր չարչարանքը եւ ինձ դիմում է, որպէսզի ազատուի այս վիճակէն։ Ի՞նչ խորհուրդ պիտի տայի նրան։ Բնականաբար պիտի ասէի։ Դու հասարակ կին չես, դիմագրաւիր ցաւիդ եւ յաղթանակիր նրան, դէմ առ դէմ եկ տառապանքի հետ ու արիութեամբ չափիր նրա համեմատութիւնները։ Դարձրո՛ւ վիշտդ մի պատուանդան կամ մի փառապսակ, բայց երբե՛ք շղթայ։ Կամ եթէ չես կարող այդ անել, արա՛ ինչ որ ամէն մէկը կարող է։ Նուիրուիր մի ոեւէ յոգնեցուցիչ եւ գրաւող աշխատութեան, թոյլ մի տար որ քո մտածումը թափառի այդ տարտամ անհանգստութեան մէջ, տէր դարձիր քո զգացումներին, զարդարիր քո կեանքը նրանցից-փոխանակ այդ բոլորը դարձնելու վիշտի աղբիւր»։

Սաթենիկ յանկարծ կը սթափէր այս սրտապնդիչ մտածումներէն, յուսահատական յամառութեամբ մը վերադառնալով իր սեւեռեալ գաղափարին։

— Ու տակաւին չէ եկած։

Եթէ աղմուկ ըլլար շուրջը, եթէ կառքերը թաւալէին անվերջ… Բայց այդ ժամուն շարժումը կը դանդաղէր փողոցներուն մէջ։ Եթէ ամէն րոպէ յոյսը կարելի ըլլար, թերեւս չզգար այս անօգնական յուսահատութիւնը, որ մութի նման տարածուած էր իր հոգիին բոլոր անկիւններուն մէջ։

Տասը անգամ հաշուած էր, կրկին հաշուեց։ «Ենթադրենք որ չկարողացան շուտ դուրս գալ տանից, ասենք ժամը տասին. եթէ մէկը ընկերանում էր նրան, անմիջապէս ինձ մօտ չէր կարող գալ, եւ եթէ քանդոռ գնաց մի քանի անգամ, շաբթուայ բացակայութիւնից յետոյ, չէր կարող անմիջապէս դուրս գալ։ Բայց ժամը տասնից մինչեւ տասներկու բաւական էր որ մի ոեւէ հնարք գտնէր։ Եթէ դեռ մինչեւ կէս ժամ չգայ այլեւս չի կարող գալ… պէտք է ժամը երեքին տանը լինի… Անցեալ օրուայ պատահածից յետոյ նա չի համարձակիր երկուքին գալ, վախնալով որ զինքը կ’ուշացնեմ եւ այն ատեն Նաթալիա Վասիլիեւնայի յօնքերը կը պռստուեն»։

Գլուխը դրաւ ձեռքերուն մէջ ու մնաց. այս մտածումները ֆիզիքական ցաւ կը պատճառէին իրեն եւ հետզհետէ գերագրգռուած ուղեղը կը խելայեղէր։

Բարեբախտաբար տարբեր կարգէ մտածումներ անզգալաբար հակազդեցութիւն յառաջ բերին։

«Անարդար եմ իր նկատմամբ. ինչպէս յուզուած էր ու տանջուած դէմք ունէր մեր վերջին տեսակցութեան, ինչքան քաղցր էր եւ տխուր… անարդար եմ եւ խիստ, ես էլ չգիտեմ ինչո՞ւ։ Թող այնպէս կարգաւորէ իր կեանքը որ տանը մէջ պատմութիւններ չունենայ. ինչո՞ւ եմ խանգարում նրան եւ մի կերպ հալածանք սարքում… վախենում է ինձանից եւ հասկանալի է որ զգուշանում է երեւիլ աչքիս։ Տանը անախորժութիւն եւ ինձ մօտ անախորժութիւն… ես համարեա թէ գործակցում եմ Նաթալիա Վասիլիեւնային իր կեանքը դժոխքի վերածելու։ Այժմ գիտեմ որ իմ դերը ուրիշ է։ Ինչքան քաղցր էր եւ տխուր անցեալ օր… Ուզում եմ ցրուել իր այդ տխրութիւնը, ուզում եմ իրան համար դառնալ ուրախութեան աղբիւր եւ ոչ թէ հոգսի։ Ինձ յիշելիս պէտք է միայն ժպիտ գայ իր դէմքի վրայ եւ ինձ մօտ ապաստանի այն վստահութեամբ, որ միայն մխիթարութիւն կը գտնայ ինձ մօտ… ահա, այդպէս… Սաթենիկ Գրիգորովնա, լաւ միտդ դիր, եթէ սիրում ես նրան, ամէն ինչ զոհիր, համակերպիր ամէն բանի եւ թող ինքը չգիտնայ երբեք թէ քո ուրախութիւնը իր ներկայութեան մէջ ինչ վիշտով եւ ցաւով է խմորուած»։

Սաթենիկը կը վերյիշէր իրենց առաջին անամպ երջանկութիւնը եւ կը զգար որ այլեւս երկուքն ալ անզօր են վերստեղծելու զայն։ Ի՜նչ ըրին այն ուրախութիւնը, որ իրենց էր, որ իրենք ստեղծեր էին եւ որ մթագնեցաւ աստիճանաբար։ Օ՜հ, առաջին օրերու վեհաշուք քաղցրութիւնը։ Երկուքն ալ դարձեր էին պարզ ու միամիտ ու ամէն ինչ կը վերածէին երջանկութեան։ Աստուածներու նման անմենազօր էին, յաղթական ու ազատ։ Վերապրիլ այդ ժամերու յիշողութեան մէջ չէր կարող մեղմացնել Սաթենիկի ցաւը, որովհետեւ աւելի սուր կերպով կը զգար թէ անվերադառնալի են այդ ժամերը։ Չէր ուզեր մտքովը տեսնել այն երջանիկ կինը, որ էր այն ժամանակ, որովհետեւ կը նախանձէր ինքզինքէն ու անկարող բաղձանց մնացած էր այդ բոլորէն։

Ժամը մէկը հնչեց ու Գարեգին դեռ չէր եկած։ Սաթենիկ դեռ կէս ժամ կրնար յուսալ, եթէ յուսալ է այդ անվերջ տուայտանքը, այդ հեւասպառ անհամբերութիւնը։ Եւ հիմակ արդէն տեսիլքը ունէր այն վիճակին, որ յառաջ պիտի գար եթէ Գարեգինը բնաւ չգար։ Սոսկալի գիշերը, որ պիտի անցնէր ընդոստ զարթնումներով, քունին մէջ իսկ մտածելով թէ «չեկաւ… չեկաւ…»։ Ու այլեւս պաղ ու յուսահատ տխրութիւնն էր, որովհետեւ այլեւս նոյնիսկ պատահական ծանօթներու եւ բարեկամներու չէր կրնար հարցնել իր մասին։

Դարձեալ ոտնաձայներ սանդուխներուն վրայ. Սաթենիկի ականջները տարօրինակ սրութիւն մը ստացեր են եւ յոյսը յանկարծ կը փայլատակէ։ Անոր քայլերն են… նրբանցքին մէջ կը յառաջանայ, դրանը առաջ կանգ առաւ… ինքն է՜… ա՜հ եթէ ոեւէ անսպասելի այցելու…

Լոյսի եւ ուրախութեան շլացումի մը մէջ կը տեսնէ Գարեգինը, բայց այնքան սպառած է հոգերով եւ տանջանքներով որ սառած կը մնայ. կ’ուզէ ըսել ամէն բան եւ անմիջապէս յայտնել իր բարի դիտաւորութիւնները, բայց սիրտը կը դողայ յուզումով եւ աչքերը արցունքով լիքը կը ժպտի, ցաւագինօրէն կը ժպտի որպէսզի իր սիրելին չտեսնայ եւ չզգայ այն րոպէները, որ ապրեցաւ իր այցելութեան սպասելով։

Գիտէ որ մղձաւանջը փարատեցաւ, թէ իր սիրելին այլեւս իր մօտ է, բայց տակաւին սիրտը կը պահէ սպասումի ժամերու դառնութիւնը եւ Գարեգինի ներկայութեան ուրախութիւնը ջերմ ալիքի մը նման կ’անցնի ամբողջ էութեան մէջէն առանց փարատելու այն ծանր ու դառն տխրութիւնը, որ կը յամենայ եւ այլեւս չի գիտեր թէ կ’ուզէ լա՞լ թէ ժպտիլ, անսահմանօրէն ժպտիլ սիրելիին։ Բայց ահա իր աչքերը կը տեսնան։ Գարեգին տժգոյն էր եւ զգալի կերպով նիհարցած դէմքը անյաղթելի տխրութեան մը կնիքը կը կրէ։ Անիկա նոյնիսկ զգալի կերպով վերապահ է եւ բառերը իր շրթներէն կ’ելլեն ծանր, բռնազբօսիկ եւ կարծես հրամայուած իրմէ դուրս կամքէ մը։

— Սաթենիկ Գրիգորովնա, ներողութիւն եմ խնդրում որ ամբողջ մի շաբաթ չկարողացայ քեզ մի տող ուղարկել… անհնար էր։ Զգում էի իմ պարտաւորութիւնը եւ տանջւում էի բայց իմ դրութիւնը այնպէս էր որ ոեւէ ճիգ կարող էր ինձ սպաննել։

— Ա՜խ, սիրելիս, չխօսենք այդ բոլորի մասին. ասա ինձ խնդրում եմ, ինչպէս է քո առողջութիւնը։

— Ոչինչ. յաղթեցի այս անգամին… բայց բժիշկը խիստ պատուիրում է ռեժիմ եւ մանաւանդ հանգիստ. զգուշանալ, որեւիցէ յուզումից եւ կանոնաւոր կեանք վարել…

Տարօրինակ թուլութիւն մը, քիչ առաջուան լարուած դրութեան հակազդեցութիւնը գրաւած էր Սաթենիկը. կարծես կէս քունի մէջ կը լսէր Գարեգինը եւ իրեն կը թուէր որ երկար եւ տաժանելի ճամբորդութենէ մը ետքը, մարգագետնի մը վրայ, ծառերու հովանիին տակ նստած, կը լսէր անտեսանելի վտակի մը մրմունջը եւ անձնատուր էր այդ զգացումին ամոքմանը։

— Ծանր էր, ծանր էր այդ բոլորը, ըսաւ Գարեգին նայուածքը սեւեռած պարապին մէջ կարծես դժնդակ յիշողութեան մը։

— Գարեգի՛ն, սիրելիս, ըսաւ Սաթենիկ եւ իր թմրութենէն սթափելով յանկարծ ոտքի ելաւ եւ եկաւ նստեցաւ անոր կողքին. գլուխը փաղաքշանքով դրաւ իր սիրելիին ուսին եւ մրմնջեց անորոշ եւ գորովագին վանկեր։

Գարեգին ձեռքը դրաւ Սաթենիկի գլխուն եւ մեղմութեամբ շոյեց անոր մազերը բայց ձեռքը կը դողար եւ սրտի խորքերէն շփոթ յուզում մը ալիքի պէս կը բարձրանար մինչեւ շրթունքը։ Երիտասարդ կնոջ յուզուած մերձաւորութիւնը, ընտանի բուրումը, ձեռքերուն տակ այդ մազերուն ջերմութիւնը զինք խռովեցին եւ բնազդաբար ըսաւ.

— Սաթի՜կ ջան, ինչքան եմ կարօտել քեզ… ինձ թւում էր… այն սոսկալի օրերին… երեւի զառանցում էի… Սաթի՛կ ջան, ինչքան ծանր էր այդ բոլորը եւ ինչքա՜ն ուզում էի լինել հեռու… հեռու… կարծես ուզում էի փախչել իմ ցաւից…

— Գարեգի՛ն, ըսաւ վերջապէս Սաթենիկ գլուխը բարձրացնելով, ների՛ր ինձ եւ մոռցիր քեզ պատճառած ցաւերը…

— Ինչի՞ համար, Սաթի՛կ ջան… դու միայն ուրախութիւն ես պատճառեր ինձ… ես տանջուեցի շատ…

— Բոլորը գիտեմ, Արամայիսը ամէն օր ինձ լուր էր տալիս քո առողջութեանը մասին։

Գարեգին տարտամ շարժում մը ըրաւ։

— Այդ ոչինչ. հիւանդութիւնը ծանր էր, սոսկալի քրիզ, որին նմանը երբեք չէի ունեցեր, բայց այդ ոչինչ, ես տանջուեցի…

Յանկարծ կանգ առաւ կարծես դիմաւորելով մի ինչ որ սոսկալի բան. իր գունատ դէմքը կարմրեցաւ յուզմունքէն եւ հապճեպով ժամացոյցին նայեցաւ։

Այդ շարժումը, այդ յուզմունքը ամէն ինչ պարզեց Սաթենիկին։ Ցուրտ յուսահատութիւն մը սեղմեց իր սիրտը, այսուամենայնիւ քաջութիւնը ունեցաւ ըսելու.

— Գարեգի՛ն, սիրելիս, ես այժմ ըմբռնում եմ քո դրութիւնը, բոլոր դժուարութիւնները եւ ես մտադիր եմ ոչ մէկ բանով չխանգարել քեզ. կարգադրիր ինչպէս ուզում ես, արա՜, ինչպէս յարմար ես գտնում, ես քո դրութեան կը համակերպեմ անտրտունջ։

Գարեգին խոր հառաչեց եւ պահ մը լռութենէ յետոյ ըսաւ.

— Եթէ հնարաւոր լինէ՜ր… բայց դու ինքդ գիտես որ չէ կարելի։

— Կը տեսնես որ կարելի է… փորձելով կը տեսնես։ Դու պէտք ունես հանգիստի, խաղաղ եւ հանդարտ կեանքի։ Ես քեզ կը խոստանամ որ ոչ մի բանով կը խանգարեմ այդ հանգիստը… Ների՛ր ինձ, Գարեգին… ես չգիտցայ, ու անփորձ երեխայն նման վարուեցի քեզ հետ, բայց այժմ ուրիշ բան է… մի շաբաթ է որ առանձին եւ անօգնական ժամանակ ունէի մտածելու այդ բոլորի մասին ու եկայ որոշ եզրակացութեան։ Թերեւս աւելի լաւ կը լինի եթէ մի ժամանակ հեռանամ Բագուից։

Ծանր լռութիւն յաջորդեց. Գարեգին մտատանջ երեւոյթ ունէր եւ կարծես ի զուր ջանքեր կ’ընէին յաղթելու աներեւոյթ դժուարութեան։

Վերջապէս ըսաւ.

— Հեռանա՜լ, Բագուից… եւ յետո՞յ…

Սաթենիկ մահացու ցրտութիւն մը զգաց. Գարեգինի ձայնէն գուշակեց որ այդ կամաւոր աքսորը, որ կը հարկադրէր ինքզինքին, անհանդուրժելի չէր անոր։ Գարեգին աւելցուց.

— Ո՞ւր ուզում ես գնալ.

— Չգիտեմ. Թիֆլիս… կը վերադառնամ տուն եւ յետոյ կը տեսնենք։ Դարձեալ լռութիւն. Գարեգին, վերջապէս, կարծես ինքնիրեն խօսելով յարեց.

— Կը մնաս մենակ… այդպէս էլ պիտի լինէր… բայց ես իրաւունք չունեմ քեզ արգիլելու. ես յաղթուեցի դժուարութիւնների առաջ… Ես համարեա թէ ջախջախուեցի…

Ծանր եւ տաք արցունքներ կ’ողողէին Սաթենիկի դէմքը եւ Գարեգին դողահար յուզումով կը նայէր անոր, աչքերը լեցուեցան գորովանքով եւ յանկարծ կուրծքին սեղմելով համբուրեց զայն երկայն, տխուր եւ խռովքով լի համբոյրով մը։

Մինչեւ այն օրը որ Սաթենիկ մեկնեցաւ Բագուէն, Գարեգին գրեթէ ամէն օր եկաւ Սաթենիկի այցելութեան. բայց անիկա դեռ կը պահէր երկիւղալի զգուշութիւն եւ այլեւս կարծես նոյն մարդը չէր։ Երկուքն ալ զգուշացան խօսիլ պատահածի վրայ եւ Գարեգին ոեւէ բացատրութիւն չտուաւ, բայց Սաթենիկ զգաց որ ինքը աստիճանաբար դուրս կ’ըլլէր անոր կեանքի ոլորտէն։ Յայտնի էր որ անիկա մտադրեր էր ոեւէ կասկածի առիթ չընծայել Նաթալիա Վասիլիեւնային։ Կու գար կարծես վաղեմի սովորութեամբ, գրեթէ անգիտակցաբար, հազիւ թէ կը խօսէր, եւ ամէն անգամ որ սիրտը շարժում մը կ’ունենար դէպի Սաթենիկը եւ կամ հին զգացումներու զարթնում մը կ’ուրուագծուէր իր մէջ, հապճեպով կը մեկնէր, ինքզինքը պաշտպանելով այդ բոլորին դէմ ինչպէս սոսկալի վտանգէ մը։

Սաթենիկ զգաց որ իր մեկնումը անհրաժեշտութիւն մըն է եւ բանը այնտեղ էր հասել որ երբ վախնալով յայտնեց մեկնումի ժամը եւ Գարեգին պատասխանեց թէ պիտի գար կայարան, սիրտը յուզուեցաւ երախտապարտութեամբ.

— Ուրեմն կը գա՞ս մինչեւ կայարան։

— Ի հարկէ, Սաթենիկ Գրիգորովնա, միթէ՞ ինձ արգիլուած է բարեկամներիս ճամբու դնել։

— Բայց եթէ այդ պատճառ դառնայ անախորժութիւններու։

— Կը գամ, միեւնոյնն է։

Սաթենիկ երբեք պիտի չմոռնար իր վերադարձը Թիֆլիս, քեռկնոջ խիստ վերաբերմունքը, բարեկամներու եւ ծանօթներու ցրտութիւնը եւ ոմանց անախորժ ակնարկութիւնները։ Քանի մը օր անցուց այդպէս. գրեթէ փակուած իր սենեակին մէջ, հոգին ծանրաբեռն անմխիթարելի վշտով։ Կարծեր էր թէ Բագուէն հեռանալով կ’ամոքուի եւ որոշ խաղաղութիւն կը ստանայ, բայց հետզհետէ իր վիշտը կը խորանար եւ անկարող կը զգար հաշտուելու կացութեան հետ։ Հիմակ կը զղջար Բագուէն մեկնած ըլլալուն, գոնէ այնտեղ կը տեսնէր իր սիրելին, ամէն օր կը տեսնէր եւ վերջապէս այն ցրտութիւնը եւ զգոյշ վերապահութիւնը, որ զինքը այնքան վիրաւորեր էին, կրնային մէկ օրէն միւսը անհետանալ։ Այնտեղ հնարաւոր էր վերագտնել իր սիրելին, այն Գարեգինը, որ ճանչցեր ու սիրեր էր, այն անձը, որ ինքն էր լոյս աշխարհ բերեր եւ որ նոյնինքն Գարեգինի անծանօթ էր թերեւս։

Բայց աւելի յաճախ, համեստութեամբ եւ ինքնամփոփ, վերագնահատութեան կ’ենթարկէր իր վարմունքը Գարեգինի հետ, Նաթալիա Վասիլիեւնայի վերադարձէն ի վեր։ Ի՞նչ հարկ կար սուր վիճակ ստեղծելու։ Ինքը սիրեր էր Գարեգինը անհաշիւ, աննպատակ, անշահախնդիր սիրով եւ ահա վարուեր էր այնպէս, ինչպէս եթէ նպատակ մը հետապնդէր։ Պէտք էր հասկնալ Գարեգինի հոգեբանութիւնը եւ որոշ խնդիրներու մէջ ունեցած թուլութիւնը. ի՞նչ հարկ կար խանգարել անոր զգուշութիւնները, ու կռթնած իր ազդեցութեան վրայ զայն մղել գրեթէ բռնութեամբ այնպիսի վիճակներու, որոնց մէջ երբեք պիտի չմտնար եթէ առանձին որոշէր։ Եւ հիմակ լարուած դրութիւնը խզուեր էր բիրտ կերպով եւ Նաթալիա Վասիլիեւնան, տան տիրուհին, Գարեգինի որդւոյն մայրը յաղթանակը տարեր էր։

Սաթենիկ Թիֆլիս գալէն յետոյ անմիջապէս գրեց Գարեգինին, որուն պատասխանը ստացաւ ուշ։ Այդ առաջին նամակը, թուղթին հազիւ կէսը ծածկուած գիրով, ցոյց կու տար որ Գարեգին կը շարունակէր մնալ իր վերապահութեան մէջ։ Այդ նամակը, որուն այնքան անհամբերութեամբ կը սպասէր, ցուրտ յուսահատութիւն պատճառեց իրեն։ Գարեգին անով կը յայտնէր թէ աւելի առողջ էր եւ աւելի կորովով կարող էր զբաղիլ իր գործերով։ Իբր միակ ակնարկութիւն իրենց մտերմական կեանքին անիկա կ’աւելցնէր՝ «Տանը տիրում է մեռելային հանդարտութիւն»։

Որոշեց անմիջապէս չպատասխանել այն յոյսով որ Գարեգին նամակ չստանալու մտահոգութեան մէջ հոգեկան զարթնում մը կ’ունենայ։ Բայց օրերը կը յաջորդէին օրերուն եւ ոչ մէկ լուր Բագուէն։

Իրիկուն մը այլեւս չդիմանալով իր առանձնութեան եւ ամէն ինչ աչքի առնելով, Սաթենիկ գնաց Սոնիայի այցելութեան։ Կ’ուզէր նաեւ տեղեկութիւն ստանալ Ստեփանի մասին եւ մտադիր էր ամէն ինչ խոստովանիլ եւ վստահիլ անոր բարեկամութեան։ Կարծես կարօտ ունէր հաստատուն նեցուկի մը, որուն իր տկարութիւնը պիտի կռթնէր։

Սոնիա զինքը ընդունեց զսպուած հանդարտութեամբ։ Հիւրեր կային իր մօտ եւ այնպէս ձեւացուց որ զբաղած է անոնցմով, բայց երբ Սաթենիկ ուզեց մեկնիլ, գրեթէ հրամայաբար պահանջեց որ մնայ։

Երբ մինակ մնացին, Սոնիա եկաւ Սաթենիկի առաջ, թեւերը ծալած կուրծքին վրայ եւ նայեցաւ երկարօրէն, առանց բառ մը արտասանելու, իր ժամանակէ առաջ խորշոմած դէմքը, սեւ մազերով շրջանակուած, որոնք պարզօրէն յարդարուած էին, իր մոլեռանդ կնոջ նայուածքը, իր սեղմ եւ անգոյն շրթները յանդիմանութիւն էին այն նրբին, փափուկ գեղեցկութեան, որ Սաթենիկ կը ներկայացնէր եւ որուն դէմքը տխրութենէն ոչ միայն չէր նսեմացած, այլ տառապանքի լուսապսակը ստացած էր կարծես։

— Է՜հ, ի՞նչ ես մտադրել այժմ անել, ըսաւ վերջապէս։

— Չգիտեմ… ոչի՜նչ…

— Մի քանի օրից Ստեփանը գալիս է, կը խօսենք նրա հետ եւ կը վճռենք մի բան։

— Ա՜հ չէ, խնդրում եմ, ոչ մի խօսք Ստեփանին. եթէ ես կարենամ, եթէ հարկ լինի, ես ինքս կը խօսեմ նրա հետ։

— Սաթենիկ Գրիգորովնա, պէտք է այդ խայտառակութիւնից դուրս գալ…

— Դուրս եմ եկել իսկ, Սոնիա…

Ձայնը դողաց յուզումէն եւ աչքերը լեցուեցան արցունքներով. երբ թարթիչները բարձրացուց եւ նայեցաւ Սոնիային, անիկա չդիմացաւ այլեւս, իր խստութիւնը մեղմացաւ եւ իր թեւերուն մէջ սեղմած երիտասարդ կինը սկսաւ թոթովել.

— Անպիտան աղջի… արդեօք մտածո՞ւմ ես թէ ի՜նչ հոգս եւ վիշտ պատճառեցիր մեզ ամենիս… լաւ ուրեմն վերջացաւ, ժամանակ էր… Ախր ինչպէս կարելի էր, որ ինչ որ պուրժուա… եթէ Ստեփանը լսի, դու կը տեսնես…

— Ո՛չ, Ստեփանը չպետք է լսէ եւ քեզ խնդրում եմ Սոնիա…

— Լաւ, լաւ, ես ինքս չեմ ուզում Ստեփանը վշտացնել… որովհետեւ պարզ է որ նա այնչափ պիտի տխրի երբ այդ բոլոր լսի…

Սոնիա հակառակ իր առերեւոյթ խստութեան իր հոգիին խորքը ունէր գթառատ ներողամտութիւն եւ մայրական անսպառ գորովանք։ Որոշեցին որ Սաթիկ ջանը իր մօտ մնայ մինչեւ Ստեփանը վերդառնայ եւ յետոյ «մի բան որոշեն»։

— Սաթիկը այստեղ է, Ստեփա՛ն։

Կողքի սենեակէն Սաթենիկ լսեց Սոնիայի ձայնը եւ լսեց նաեւ յաջորդող լռութիւնը։ Պատշգամի վրայ սեղանի շուրջ հաւաքուած թէյ կը խմէին եւ ինքը ապակեպատ դռան ետեւ ուրուականի պէս կեցած կը սպասէր, ինքն ալ չէր գիտեր ի՞նչ բանի։ Յուսացեր էր որ Ստեփան, ինքը, կը հետաքրքրուի իրմով եւ իրենց հանդիպումը այս սոսկալի պատմութենէն յետոյ դիւրին եւ բնական կը դառնայ։

Լսե՞ր էր արդեօք եւ եթէ ոչ, ինչո՞ւ այդ ցրտութիւնը, հապա եթէ չէր լսեր ու նոր պիտի լսէ՜ր… Ուրեմն ամէն շշուկ, ամէն ձայն, ամէն շարժում իրեն երկիւղ պիտի պատճառէր, որովհետեւ իրեն պիտի թուէր որ նոյնիսկ ծառի սոսափիւն մը կրնայ յայտնաբերել իրականութիւնը։ Սաթենիկ ոչ միայն պէտք էր վախնար ուրիշներէն, այլ նաեւ ինքզինքէն, իր յուզումէն, իր ձայնի շեշտէն ու այդ տարտամ, յարատեւ երկիւղէն փրկուելու համար որոշեց առաջին յարմար պատեհութեան ինքն իսկ խօսիլ Ստեփանին իր հրաշալի եւ միանգամայն տխուր պատմութեան մասին։

Բայց ինչո՞ւ այդ հարկադրութիւնը, ինչո՞վ պարտական էր Ստեփանի բացատրութիւն տալ իր անձնական կեանքի մասին։ Ու ահա զգաց ներքին անբացատրելի եւ անգիտակից զօրութիւնով մը որ պարտական էր։ Յանկարծ այդ ճնշիչ եւ տիրապետող զգացումը անհետացաւ, բայց եւ յանկարծ կրկին վերադարձաւ եւ շրթները զգաց սառած ինչպէս ցուրտ համբոյրով մը։

Արագ-արագ, հեւասպառ հապճեպով մը միտքը մտաւ գործունէութեան մէջ, կարծես բնազդով զինքը պաշտպանելով անըմբռնելի խորհուրդէ մը։ Յիշեց ուրիշ անգամներ Ստեփանի վարմունքը այդ կարգի խնդիրներու մասին։ Անիկա ընդհանրապէս ներողամիտ էր եւ այդ ներողամտութիւնը արդիւնք էր բնական լայնախոհութեան, պատուաստուած գաղափարներու եւ անտարբերութեան։ Ըստ ինքեան եւ գլխաւորաբար անտարբեր էր անիկա, միտքը եւ հոգին զբաղած ըլլալով տարբեր ոլորտէ խնդիրներով։ Ստեփան պիտի հրաժարէր թանկագին ընկերոջ մը բարեկամութենէն եթէ անոր կեանքին մէջ ընկալեալ սովորութիւններու հակառակ դէպք մը պատահած ըլլար։ Զինքը հետաքրքրող բանը այն էր որ այդ դէպքը ու բոլոր դէպքերը առ հասարակ արգելք չըլլային ընդհանուր գործին։

Սրտապնդուած այս մտածումներէն, Սաթենիկ աւելի քաջութեամբ պատրաստուեցաւ Ստեփանը տեսնելու, բայց անիկա լուռ էր եւ կարծես բացակայ ըլլար։ Ժանեկային վարագոյրին ընդմէջէն կը տեսնէր սեղանին մէկ ծայրը եւ երկու անծանօթ մարդոց դէմքեր։ Պահ մը Սոնիայի շուքը երկարեցաւ պատշգամին վրայ. հեռուն տեղ մը արեւի ցոլք մը շողշողաց ու մարեցաւ։ Անծանօթ հորիզոնէ արագօրէն յառաջացող ստուեր մը ծածկեց լայն արօտով մը դիմացը բարձրացող Սուրբ Դաւիթ լերան կողը։ Երկինքը անամպ էր եւ արեւի ճաճանչներ կարծես բեկուած եւ մոլորուած կը խաղային միջոցին մէջ։ Կեանքը լի էր ուրախութիւնով, լոյսով եւ յոյսով, բայց իր հոգիին մէջ ալ անծանօթ հորիզոնէ արագօրէն յառաջացող ստուեր մը իր թանձր սուգը տարածեր էր անջնջելի արատի մը նման եւ հոգին զգաց դողահար անսահմանելի երկիւղով մը։

Երբ հիւրերը գացին, այն ատեն միայն Ստեփան եկաւ իր մօտ եւ անխօս, դէմքը կնճռոտ, ձեռքը ուսին վրայ դրաւ ծանրութեամբ. Սաթենիկ զգաց որ այդ գորովանքի շարժում մը չէր, այլ անզսպելի բրտութիւն մը ու իր խռովուած հոգիին բոլոր յուզումովը նայեցաւ Ստեփանին։ Ձեռքը թուլցաւ իր ուսին վրայ եւ յետոյ սկսան խօսիլ բռնազբօսիկ ճիգով մը, երկուքն ալ զգուշանալով արտասանել բառեր, որոնք կրնային վերյիշումներ յառաջ բերել։

Բայց հետզհետէ իրենց նախկին ընտանութենէն, շեշտ մը վանկի մը մէջ, շարժում մը, երկչոտ ժպիտ մը, որ կ’ուրուագծուի, աւելի ջերմութիւն տուին իրենց տեսակցութեան։ Նոյնիսկ Սաթենիկ զգացումը ունեցաւ որ Ստեփան մեկնելէ առաջ վերագտած էր իր առաջուայ մտերմութիւնը։

— Նիհարել ես, Սաթիկ, եւ շատ տժգոյն ես, բայց ոչինչ… քեզ սազում է այդպէս…

Սաթենիկ ժպտեցաւ յուզումով։

— Է՜հ, մնացիր բարով, մի քանի օր հանգստացիր, յետոյ կը խօսենք… մի բան պէտք է շինել, չէ կարելի այսպէս մնալ անգործ, աչքը յառած անցնող ամպերուն։

— Ի հարկէ՜, Ստեփան, ես էլ ուզում եմ, կը խօսենք այդ մասին։

— Մի քանի օրից, Սաթի՛կ, մինչեւ այդ ջանացիր վերագտնել քո ներքին խաղաղութիւնը։

— Ստեփան, համարձակեցաւ վերջապէս ըսել Սաթենիկ, միթէ՞ կարելի է այլեւս ինձ համար գտնել հոգեկան խաղաղութիւն…

— Մի՛շտ կարելի է, միայն թէ…

— Ստեփան, պէտք չէ ինձ թողուլ անօգնական։

Ստեփան իրեն նայեցաւ լուռ եւ մտամփոփ եւ նայուածքը հմայուած սեւեռեցաւ Սաթենիկի թարթիչներուն ծայրը դողդղացող արցունքի կաթիլներուն, յետոյ ընդոստ ըսաւ.

— Է՜հ, ցտեսութիւն, ես շտապում եմ, բայց այս գիշեր կրկին կը գամ այստեղ, կը խօսենք…

Սաթենիկ կարծես կը քալէր երկու անդունդներու մէջտեղէն։ Իր հոգին դեռ լիքն էր երջանկութեան երազով։ Գարեգինի հետ անցուցած օրերու եւ ժամերու շողշողուն յիշողութիւններով. այդ անցեալը դեռ այնքա՜ն մօտ էր, դեռ կարծես ձեռքը երկնցնէր կը հասնէր անոր, դեռ կապերը խզուած չէին եւ հակառակ իր կամքին, հակառակ իր որոշումներուն հոգին անձկութեամբ կը սպասէր այդ ժամերու վերադարձին։ Երբեմն այդ վերյիշումները այնքան կը տանջէին զինքը որ կը խորհէր անմիջապէս երթալ Բագու, ապրիլ այն մթնոլորտին մէջ, ուր էր նա եւ բաւականանալ հաւանականութեամբ որ դիպուածը կրնար շնորհել իրեն։ Հանդիպիլ նրան ոեւիցէ տեղ։ Անամոքելի կարօտը կը չարչարէր զինքը եւ առաւօտները զարթնումի առաջին ժամին իրենց բաժանման վիշտը իր ամբողջութեամբ կը ցցուէր իր դէմ։ Այդ ժամերուն խոնարհ կը զգար ինքզինքը եւ համակերպող։ «Ոչ մի բանով պիտի չխանգարել նրան. ուզում է իր տունը խաղաղ պահել, ես ինքս կ’օգնեմ նրան որ այդ խաղաղութիւնը չվրդովուի։ Կը համարենք որ Նաթալիա Վասիլիեւնա մի ինչ որ չար ու բռնաւոր Աստուծոյ կուռքն է եւ հարկ եղածը կ’անենք որ նրա ցասումը չբորբոքի մեր վրայ։ Մենք կը տեսակցինք գաղտնի եւ եթէ հարկ է ոչ ոք կը գիտնայ որ ես Բագու եմ. կը մնամ փակուած իմ սենեակի մէջ եւ միակ լոյսը ու արեւը նա կը լինի, նրա անսպասելի կամ ակնկալուած այցելութիւնը»։

Այո, բայց այդ բոլորը իրագործելու համար անհրաժեշտ էր Գարեգինի համաձայնութիւնը եւ անիկա հեռու էր, զբաղած իր գործերով եւ զբաղած մանաւանդ իր սրտմտած կինը սիրաշահելու։ Եւ ոչ իսկ նամակ մը այն ցուրտ ու վիրաւորական նամակէն յետոյ… ուրեմն ամէն ինչ վերջացած էր… «Ի հարկէ, կը մտածէր Սաթենիկ սրտմտութեամբ, Գարեգին քեզ չէր սիրում, Սաթենիկ, այլ հետաքրքրուած էր քեզմով։ Դու իր սովորաբար տեսած ու հաւանած կանանցից տարբեր տեսակի կին էիր, արժէր զբաղուիլ քեզմով որոշ ժամանակ, մանաւանդ որ ոչինչ չէր խանգարում նրան. Նաթալիա Վասիլիեւնան բացակայ էր, յետոյ վերադարձաւ։ Երբ տանտիրուհին գալիս է ու հրամայում է, հարճը պէտք է լռի ու համակերպի իր դրութեան։ Սաթենիկ Գրիգորովնա՛, պէտք է լաւ մտածել, դու արձակուած հարճ ես… »։

Այս դառն մտածումները կը խարազանէին զինքը ու իր արժանապատուութեան մէջ վիրաւորուած, հոգին լիքը ատելութեամբ եւ զզուանքով՝ կ’ապաստանէր Սոնիայի եւ Ստեփանի բարեկամութեան մէջ։ Երկուքն ալ հետզհետէ մեղմացած էին իրեն նկատմամբ եւ զինքը կը շրջապատէին փափուկ հոգածութեամբ ու գորովանքով։ Հետզհետէ Ստեփան իր հետ ունէր նախկին սրտագին վերաբերումը։ Երբեմն սպասելով Սոնիային կը խօսակցէին իրարու հետ հին եւ նոր բաներու ջերմ մտերմութեամբ։ Բայց յանկարծ երբեմն երկուքն ալ կանգ կ’առնէին եւ կարծես տեսակ մը օտարոտի բան կ’անցնէր իրենց միջեւ։ Անջատ մտածում մը կամ անհարկի յիշողութիւն մը։

Ստեփան մինչեւ այդ ուղղակի Գարեգինի խօսքը չէր ըրած, բայց յաճախ ակնարկեր էր եւ վերջապէս օր մըն ալ, չկարենալով զսպել իր զգացումները, պոռթկաց.

— Սաթիկ ջան, պէտք է լաւ մտածել, այդ կարգի մարդիկ մարդ չեն, քանի որ իրենց հոգու ազատութիւնը չունեն։ Անոնք շղթայակապ են իրենց աւանդական սովորութիւններով, իրենց նախապաշարումներով ու իրենց ստեղծած պուրժուական կեանքի կարգ ու սարքով։ Նրանք իրենց սեղմ շրջանակը ունեն եւ չեն համարձակում այդ շրջանակից, այդ բանտից դուրս գալ։ Նրանք մեռած են ու կարծում են թէ ապրում են կեղծիքով ու ստութեամբ յօրինուած մի ինչ որ արուեստական կեանքում, որ իսկական կեանքը չէ։ Իսկ դու ուզում ես կենդանացնել այդ հազար հազարաւոր դիակներից մէկին. ինչի՞… ափսոս չէ՞ քո հոգեկան ուժերին դառնալ գերի մի ինչ որ պուրժուա յի։ Թողէք մեռելոց թաղել զմեռեալս, եւ քո սիրուն երեսը դարձրու դէպի կեանքը, դէպի ուրախութիւնը կեանքին։ Ափսոս է, եւ դա իսկ է մեղքը… դու նոյնիսկ իրաւունք չունես քո ազատ հոգին կաշկանդել մի այդպիսի անարժան կացութեան մէջ։ Փշրի՛ր այդ շղթաները, ազատուի՛ր մի անգամից եւ դու ինքդ այն ատեն կը նայես ետեւ եւ կը ժպտաս արհամարհանքով։

— Բայց, Ստեփան…

— Լռիր եւ մի համարձակուիր պաշտպանել նրան։ Նա արդէն իր վարմունքով ցոյց տուեց իր հոգու չափը. նա շատ արժանի ամուսին է Նաթալիա Վասիլիեւնայի… բայց քո եւ նրան մէջ առնչութիւն չկայ… Նա ինքն է ասում, ի հարկէ անգիտակից յայտնում է թէ Նաթալիա Վասիլիեւնան այնպիսի կին չէ, որ գոհացում տար իր հոգեկան պահանջներին… Նրանք իսկ եւ իսկ արժանի ամուսիններ են… եթէ իր հոգին պահանջքներ ունենար, նա չէր մնար տասնեակ տարիներով այդ մութ ու մգլոտ բանտի մէջ, որ իրենց սարքած կեանքն է. նա հազար առիթ ունէր ազատագրուելու, բայց այդ մարդիկ այն ստրուկներից են որ չեն ցանկանում ազատագրուել։ Նա ոչ մի գնով չի կարող հրաժարուիլ իր տան հանգստաւէտ կեանքից։ Նրա մարմինը կապուած է տան այս կամ այն անկիւնին, նա Ֆետիշ ի նման պաշտում է իր ընտանի առարկաներին…

— Բայց, Ստեփա՛ն, ո՞վ կ’արգիլէ նրան ուրիշ հանգստաւէտ տուն ունենալ։

— Դու չես հասկանում, Սաթիկ ջան։ Նա ուզում է պահպանել այն ինչ որ ունէ քսան տարուց ի վեր, նա հակառակ իր խօսքերին, եւ ուզում է պահպանել Նաթալիա Վասիլիեւնան, որ մարմնացնում է նրա աչքին իր կառուցած կեանքը, համապատասխան իր դրացիի կառուցած ընտանեկան շէնքին, նա պէտք է պահէ Նաթալիա Վասիլիեւնան, առանց նրան ինքը նման չէ իրան։ Նա պէտք ունի նրա խստութեան եւ բիրտ հեղինակութեան։ Նա պէտք ունի նրա ամուլ շունչին, որովհետեւ վախենում է որ իր հոգին բեղմնաւորուի մի ոեւէ արտակարգ զգացումով. նրանք խուլ պայքարում են իրար հետ. բայց այդ ատելութիւնը հարկաւոր է իրանց։ Նրանք սովոր են իրարու եւ չեն ուզում իրանց սովորութիւնները փոխել։ Դա իսկ է հիմքը իրանց պուրժուական կեանքին. ոչինչ չփոխել եւ իրանց կեանքի մոռացած գետը երբեք դուրս չհանել տղմուտ հունից։ Նրանք կարծում են որ դադարում են ապրելուց երբ հոգինին խաղաղ է եւ լեցուած լոյսով եւ աստուածային ուրախութիւնով, ինչպիսին քո սէրը կարող է ընծայել…

Ստեփան լռեց եւ ներզօր նայուածքով նայեցաւ Սաթենիկի յուզուած դէմքին ու այդ յուզումը եւ ցաւը, որ ինքը յառաջ բերեր էր անոր սրտին մէջ զինքը խռովեց ու զգաց գրեթէ տառապագին հաճոյք եւ անօրինակ ցանկութիւն մը անսահման գորովանքի։

Բայց ինչպէս լոյսը կը հանգի, յանկարծ այդ բոլորը անհետացաւ։ Իրիկունը յառաջացած էր եւ Սաթենիկ յոգնած շարժումներով ելաւ լոյսը վառելու։

Սոնիան ուշացաւ, մրմնջեց բան մը ըսելու համար, բայց զգաց որ իր ձայնը կը հնչէր օտարոտի եւ լիքը զսպուած սրտմտութիւնով, բայց ինքն ալ չէր գիտեր թէ իր զայրոյթը կ’ուղղուէր Ստեփանի՞ն թէ Գարեգինին։

Կեանքը իր սովորական ընթացքով եւ ամէն օրերու, ամէն ժամերու ընծայած դոյզն յուզումներով եւ տպաւորութիւններով սկսեր էր արդէն իր աննշմարելի մոխիրը ցանել Սաթենիկի զգացումներուն վրայ, երբ յանկարծ եւ բոլորովին անսպասելի կերպով Գարեգինի նամակը հասաւ։

— «Ախ, Սիրելի՜ս, Սաթիկ ջան, ինչպէ՞ս կարողացայ թողուլ որ մեկնես եւ ինչպէ՞ս կարողացար դու ինքդ հեռանալ. կարծում եմ թէ մի ինչ որ չար երազէ արթնցեր եմ եւ քեզ եմ որոնում, բայց դու չկաս… Աչքերս… հոգիս քեզ են կարօտել եւ քո տեսութեան ծարաւը ունեն։ Ի՞նչ պատահեց քեզ, Սաթիկ ջան, ինչո՞ւ այսպէս։ Ես ոչինչ չեմ հասկանում, ես միայն մի բան եմ հասկանում թէ չեմ ուզի քեզ կորցնել, թո՛ղ պատահէ ինչ որ պիտի պատահէ։ Ես չեմ կարող ապրել առաց քեզ, Սաթի՛կ ջան, եւ ես գալիս եմ քեզ վերստին գտնելու։

Ների՛ր ինձ, սիրելիս, այն օրերին համար. ես ինքս պարզ չեմ կարող տեսնել թէ ի՞նչ պատահեց, ես մի տեսակ անգիտակցութեան մէջ էի որ տեւեց եւ ահա սթափուեցի… ես կարծես ստացեր էի արուեստական թմրեցուցիչ եւ այդ միջոցին դիակի նման անշարժացեր էի ու դու ինձ կարո՞ղ ես մեղադրել այդ անպատասխանատու օրերի համա։ Չէ՛, Սաթիկ ջան, հոգուդ մատաղ, ես համարեա տեսնում եմ քո ուրախութիւնով փալող աչքերը, զգում եմ քո հոգու բոյրը… ես ահա նոյնիսկ լսեցի քո ձայնը… իմ հոգիս նման էր թափուր տաճարի, որի աստուածուհին հեռացեր է, բայց ահա աստուածուհին վերադարձաւ ու ամէն ինչ լիքն է լոյսով, բոյրով եւ ապա ուրեմն ամէն ինչ հնարաւոր է։

Ահա թէ ինչ եմ մտադրում, Սաթի՛կ ջան… կը գամ Թիֆլիս… կը գամ ինչպէս որ է… այս րոպէիս իմ գործերը այնպէս են որ համարեա թէ բացակայութիւնը անկարելի է… բայց սատանան տանէ՜ այդ բոլորը… թո՛ղ կործանուեն եւ այս անգամ ես քեզ հետ կրկնում եմ, թո՛ղ կործանուեն։

Ինչքա՜ն խորապէս զգում եմ որ իրաւունք ունես, ամէն բանի համար իրաւունք ունես։ Ես կը գամ քեզ մօտ եւ դու կը վճռես ու ես կը հնազանդեմ։ Կը հնազանդեմ կուրօրէն ու ամէն ինչ լաւ կը լինի, քանի որ քեզ հետ կը լինեմ։

Հենց որ վճռեցի մեկնումի ժամը քեզ կը հեռագրեմ եւ կը հանդիպենք կայարանում եւ երբ մի անգամ քո գեղեցիկ հասակը տեսնեմ, քո սքանչելի աչքերուն նայեմ ամէն ինչ կը կարգադրուի եւ ամէն ինչ կը լինի այնպէս ինչպէս մեր հոգին ցանկանում է։ Ցտեսութիւն ուրեմն, Սաթիկ ջան, եւ համբուրում եմ քո քնքոյշ ձեռքը կարօտով եւ սիրով»։

Սաթենիկ տասն անգամ կարդաց այս նամակը եւ ամէն անգամուն հոգին լեցուեցաւ բերկրանքով. իր առած որոշումները, իր բարեկամներու հանդէպ պարտաւորութիւնները, անցեալի դառն յիշողութիւնները եւ ապագայի երկիւղները ցնդեցան յանկարծակի, ինչպէս գորշագոյն եղեամ արեւի տիրական լոյսի ազդեցութեամբ։

Ոչ իսկ ներքին պայքար ունեցաւ, ոչ իսկ վշտացաւ այն վստահութենէն, որ Գարեգին ունէր իր հոգեկան տրամադրութեան մասին. «Կը հանդիպենք կայարան», ինչքա՜ն իրաւացի էր Գարեգին այդ բացարձակ վստահութեան մէջ, ոչ իսկ րոպէ մը վարանումը երեւցաւ Սաթենիկի մտածումներուն մէջ։

Ընդհակառակը կարծես հոգին ազատուած էր ճնշիչ բեռէ մը, կարծես բոլոր զիջումները եւ ամօթները անհետացեր էին եւ երբ երբեմն կը մտածէր Ստեփանի խօսքերուն վրայ Գարեգինի վերաբերմամբ, կանգ կ’առնէր այն կարծիքին վրայ թէ Ստեփան սխալած է, բայց զարմանալին այն էր որ Ստեփանի նկատմամբ եւս քէն չունէր։

«Երեւի Գարեգին նման բաներ կ’ասէր Ստեփանի վերաբերմամբ եթէ առիթը ներկայանար», մտածեց իւրովի եւ ներողամտութեամբ ժպտեցաւ։

Թէ՛ Սոնիա եւ թէ Ստեփան անմիջապէս անդրադարձան Սաթենիկի հոգեկան փոփոխութեան առանց պատճառը գիտնալու։ Երջանկութեան յոյսը, երջանկութեան վերադարձը եռանդուն ոգեւորութիւն յառաջ էր բերեր անոր մէջ, դէմքը ստացեր էր ժպտուն պայծառութիւն, կարծես անտեսանելի ճաճանչով մը զարդարուած. իրենց ուշադրութենէն չէր վրիպեր նաեւ անոր անհամբերութիւնը, ընդոստ եւ յուզումնալի հետաքրքրութիւնը երբ նորեկ մը կու գար, երբ դուռը կը զարնուէր. որոշապէս զգացեր էին որ Սաթենիկ կը սպասէր, ինչի՞, որո՞ւ, ահա ինչ որ երբեմն իրենց խօսակցութեան նիւթ կը դառնար։

— Իրողութիւնը այն է որ ոչինչ չգիտենք պատահածի մասին… ի՞նչ կատարուեց այնտեղ, այդ անախորժ պատմութիւնը վերջ գտա՞ծ է բոլորովին թէ չէ… դեռ ի՞նչ կը սպառնայ խեղճ աղջկան…

 Ստեփան տարակոյսի տարտամ շարժում մը կ’ընէր.

— Ես մտածում եմ, Ստեփա՛ն, որ մենք պարտաւոր ենք ամէն գնով Արտաշէսի քոյրը փրկել այդ դժբախտութիւնից։

— Ախր, չենք կարող բռնանալ նրա վրայ։

— Չէ՛, ի հարկէ… այ քեզ ասում էի, պէտք էր վաղուց նրան մարդու տալ…

Ստեփանի դէմքը կը մռայլուէր, եւ լռութիւնը տաժանելիօրէն խզելով կը մրմնջէր, ինչպէս եթէ առանձին ըլլար։

— Եթէ սիրում են իրար, սիրում են շա՜տ, անդիմադրելի կերպով։

— Սիրո՜ւմ են… սիրո՜ւմ են… ահա թէ ի՞նչ չեմ հասկանում ես։

— Սոնիկ, կը պատասխանէր Ստեփան, ժպտուն բարութեամբ, շատ բան կայ այս աշխարհում որ դու չես հասկանում։

Երբեմն Սաթենիկ յանկարծ կը յայտնուէր եւ կը խանգարէր իրենց խօսակցութիւնը։ Երջանկութեան յոյսը զինքը դարձուցեր էր համարձակ եւ անփոյթ։ Իր զուարթութիւնը կը վարակէր միւսները եւ նոյնիսկ Սոնիայի տրտում եւ անճառագայթ հոգիին մէջ տեսակ մը հիացում կու գար հետզհետէ, ի տես այն երիտասարդ կնոջ, կեանքով, յուզումով եւ սիրով լեցուն։

Հեռագիրը հասաւ վերջապէս. անիկա ուղղուեր էր քեռկնոջ հասցէին, ուրկէ ղրկուեր էր Սոնիային։ Սաթենիկ դուրս ելած էր, վերադարձին Սոնիա ըսաւ իրեն.

— Սաթի՛կ, հեռագիր կայ քեզ համար, Բագուից։

— Ա՜խ, Սոնիա…

Հեռագիրը բռնած ձեռքը, դեռ չբացած Սաթենիկ յուզումէն դողդոջուն նետուեցաւ Սոնիայի վիզը։

— Սոնիա ջան, ներողամիտ եղէք իմ ուրախութեան համար… Սոնիա, լսո՞ւմ ես ինձ, ես քեզանից խնդրում եմ մի ահագին ծառայութիւն։

— Բայց մէկ բաց հեռագիրը եւ տե՛ս ինչ է։

— Գիտեմ, Սոնիա, գիտեմ…

—Ա՜հ…

— Այո՛, գիտեմ… Սոնիկ ջան, լսէ՛ ինձ. այնպէս համարէ որ քո քոյրն եմ եւ շատ երջանիկ եմ։ Պիտի չուզենայի՞ր բաժանել իմ ուրախութիւնը։

— Այո՛, այո՛, Սաթիկ ջան, բայց ես յիշում եմ քո վերադարձը Բագուից, քո տժգոյն դէմքը, քո վիրաւոր եղնիկի աչքերը… այդ բոլորից լաւ հոտ չէ գալիս. ես վախենում եմ քեզ համար… ի հարկէ ես կ’ուզենայի քեզ տեսնել ուրախ եւ երջանիկ, բայց ոչ այդ հանգամանքում։

— Սոնի՛կ ջան, լաւ իմացիր, ամէն մէկը ինքը կարող է որոշել թէ ինչ հանգամանքում երջանիկ կը լինէ… նոյնիսկ երբեմն այդպէս էլ անկարելի կը դառնայ յաջողիլ… ի՞նչ փոյթ վերջէն գալիքը… այսօր երջանիկ եմ եւ բաւական է այդքանը։

— Ո՛չ, բաւ չէ… պէտք է մտածել վաղուան մասին։

— Վաղը՜… վա՜ղը… անիմաստ բառ է ինձ համար։

— Ոչ ինձ համար։ Եւ քանի որ խօսեցինք այդ հարցի մասին, ուզո՞ւմ ես խօսենք աւելի լուրջ։

— Լո՞ւրջ… վախեցնում ես ինձ, Սոնիկ, ի՞նչ լուրջ բան կարող ենք խօսել այդ հարցի վերաբերմամբ։

— Ա՜յ, անպիտան աղջի… խորհի՛ր ապագայի մասին, ի՞նչ ես մտածում անել, կամ աւելի ճիշդ, ի՞նչ էք մտածում անել։

— Ոչինչ… չգիտեմ…

— Դու սիրում ես մի ամուսնացած մարդու, երեւի նա էլ սիրում է քեզ… Լա՛ւ. դա մի դժբախտութիւն է, բայց անդարմանելի չէ։ Ենթադրում եմ որ եթէ նա սիրում է քեզ, այլեւս չի սիրում կնոջը։

— Այ… Սոնիկ, միայն այն էր պակաս որ դու էլ խօսէիր ինձ Նաթալիա Վասիլիեւնայի մասին։ Ես ուզում եմ այնպէս համարել որ նա չկայ, որ երբեք չէ եղել… եւ դուք ամէնքդ, բարեկամ թէ թշնամի, նրա պատկերը ցցում էք իմ առաջ… ես ուզում եմ ժպտալ իմ երազներին… բայց դուք ամէնքդ ինձ ասում էք. — Նախ նայիր Նաթալիա Վասիլիեւնայի պատկերին եւ յետոյ վճռիր թէ կարո՞ղ ես ժպտալ թէ ոչ։ Սոնի՛կ, ես ուզում եմ մոռանալ նրան… ես երջանիկ կը լինէի եթէ երբեք տեսած չլինէի նրան… այդ հաստամարմին կինը, իր ցուլի նման լայն ծոծրակով եւ կուռքի պէս զարդարուած անդամանդներով… Նա ինձ վախեցնում է, նա սարսափ է պատճառում։ Ես երեւակայում եմ նրան ինչպէս մի անողոք եւ դաժան չաստուած, որ կանգներ է ոչ միայն իմ ճանապարհի վրայ, այլ բոլոր սիրող մարդոց ճանապարհի վրայ։ Նրան կարելի չէ տապալել, բայց թերեւս կարելի է ողոքել… նրան զոհեր են հարկաւոր… ինձ թւում է որ նա ծարաւի է արցունքի…

— Ի՜նչ յիմար-յիմար դուրս ես տալիս, Սաթի՛կ, ա՜յ սթափուիր եւ նայէ նրան ինպէս որ է։ Նա քո սիրած մարդու օրինաւոր կինն է, ուրիշ ոչինչ։ Եթէ նրա ամուսինը այլեւս չի սիրում նրան եւ սիրում է ուրիշ մէկին, պէտք է այդ արգեքը վերացնել։

— Ինչպէ՜ս, Սոնիկ, ինչպէս՜…

— Պարզապէս ապահարզան խնդրելով. դժուար կլինի թերեւս… բայց անկարելի չէ, ես ենթադրեցի որ այդ մասին ուզում էիր ինձ խօսել, ասացիր թէ մի ահագին ծառայութիւն ուզում ես խնդրել ինձանից։

— Չէ, Սոնիկ… իմ ասածը ուրիշ բան էր… ա՜յ փորձեմ քեզ բացատրել։ Ես սիրում եմ նրան, Սոնիկ, չեմ կարող նոյնիսկ բացատրել թէ ի՜նչպէս… բայց թողունք այդ… ես սիրում եմ եւ կեանքս լի է ժպիտով ու արցունքով… այդ արգելքը սեւ ամպի նման խափանում է մեր երջանկութիւնը, նա սեւացնում է մեր արեւը… բայց այդ չէ իմ ասելիքը։ Ես իմ դժբախտութեան օրերին մենակ եմ բոլորովին եւ անօգնական, ես չեմ համարձակում նոյնիսկ ձեր երեսը նայել, որովհետեւ դուք երկուքդ ալ ատում էք Գարեգինին եւ յանդիմանութեամբ խօսում էք ինձ նրա մասին։ Ես ուզում էի, Սոնիկ ջան, որ դու լինես իմ մտերիմը, իմ խորհրդականը այս խնդրում, որ գիտենամ թէ կայ մէկը որի կարող եմ խօսել բաց սրտով… եթէ ինձ ոեւէ յուսախաբութիւն պատահէ, ես ուզում եմ որ դու ինձ չասես համարեա ուրախութեամբ որ իրաւունք ունէիր։ «Այ քեզ ի՞նչ էի ասում»։ Ես ասում եմ իրաւունք ունեցողներին։

— Ա՜հ…

— Սոնիկ… դեռ այդ էլ չէ… ամէն ինչ շփոթ է իմ մէջ եւ պատճառը այն է որ ես ինքնիրենս որոճում եմ իմ ցաւը կամ ուրախութիւնը։ Ես քեզանից խնդրում եմ ոչինչ ասել Ստեփանին… նա մի ինչ որ զարմանալի վարմունք ունէ այս խնդրի մէջ։

— Ոչինչ կա զարմանալի։ Նա ցաւում է տեսնելով քո անել դրութիւնը. նա, ես գիտեմ, անկեղծ կերպով սիրում է քեզ… նա քեզ սիրում է հարազատ եղբօր նման։

— Այո՛, Սոնիկ, բանը նրանումը չէ… ի՛նչպէս բացատրել քեզ… ինձ թւում է որ եթէ Ստեփանը ինձ դադրի ոչ թէ սիրելուց, այլ դառնայ ինձ համար անտարբեր, դա կը լինի մի անբացատրելի եւ տարբեր դժբախտութիւն, մի ինչ որ անկարելի բան… ես ինքս սիրում եմ նրան։

Սոնիա ընդոստ դէմքը Սաթենիկի դարձուց եւ երկու կիները նայեցան իրարու կարծես սոսկալով այն մտքէն, որ իրարու նայուածքի մէջ կը կարդային… այդ բառեր մեքենաբար արտասանուած, «Ես ինքս սիրում եմ նրան», կարծես մի արտակարգ եւ անկախ կեանք կը ստանային, կը դառնային այն անյաղթելի եւ անիմանալի լծակներէն մէկը, որ կը խախտեն մարդուս ճակատագիրը իր նախորոշուած գիծէն։

Սաթենիկ դէմքը ծածկեց երկու ձեռքերով եւ մտախոհ մնաց պահ մը, բայց իր միտքը տարտամի մէջ կը վարանէր եւ կարծես զայն սանձելու համար, յիշողութեան մէջէն խուճապով անցնող պատկերներէն մեկուն կառչեցաւ… հեռաւոր պարտէզ մը, հնամենի ծառերով ստուերոտ… արահետ մը օձապտոյտ կը զիկզակի դիմացը, իր քայլերը կը վարանին յառաջանալու. խոնաւ հողի եւ թառամած ծաղիկներու խառն հոտ մը… Ու ամէն ինչ կը գահավիժի անորոշութեան մէջ… բնանկարին գիծերը կ’անհետին եւ միտքը ճիգեր կ’ընէ յիշողութիւնը սեւեռելու… ամէն ինչ անհետացած է այլեւս ու միայն գետինը կը տեսնայ, որուն մակերեսէն քիչ բարձր փոսփորային լոյսի պղպջակներ կը սահին ու կ’անցնին։

Երբ գլուխը բարձրացուց, տեսաւ որ Սոնիա լամբարը կը վառէր… կարծես ամոքուած հառաչեց ու ըսաւ յոգնած ձայնով։

— Դու հասկանում ես այժմ, Սոնի՛կ, որ Ստեփանի ոչինչ պէտք չէ յայտնել…

— Ա՛յո, պատասխանեց Սոնիա, պէտք չէ յայտնել… բայց ինչպէ՞ս, ահա հարցը… նա կը լսի եւ կը վշտանայ թերեւս մեր գաղտնապահութեան համար։

— Չէ, նա չի վշտանայ եթէ նոյնիսկ լսի… նա լաւագոյն կը համարէ առիթ չունենալ խօսելու այդ մասին։

Սոնիա նստեցաւ սեղանի առաջք մտատանջ։

— Դու թերեւս, Սաթի՛կ, նախընտրում ես Ստեփանին յայտնել, այն ատեն երբ հնարաւոր կը դառնայ քո կացութիւնը կանոնաւորել…

— Ի՞նչպէս։

— Երբ Գարեգին Միքայէլեան ապահարզան կը ստանայ։

Սաթենիկ ջղագրգռուեցաւ, բայց ահա յանկարծ զգաց որ այդ գաղափար մըն էր որին կարելի էր կառչիլ գոնէ Սոնիան իրեն նեցուկ ունենալու համար։

Այո՛, մրմնջեց անհաստատ ձայնով, այն ատեն միայն երբ նա… այո, այն ատեն դու կը խօսես կամ ես կը խօսեմ Ստեփանին։

Ամառնավերջի տաք եւ նուաղկոտ երեկոյ մըն էր… տենդագին ջերմութիւնը օրուան մեղմացեր էր, որովհետեւ թեթեւ հով մը մայրամուտէն անմիջապէս յետոյ բարեխառներ էր մթնոլորտը։ Սաթենիկ եւ Գարեգին ճաշեցին ամառնային քլիւպ ը, բայց յետոյ յոգնած բազմութենէն, ամէն քայլից ծանօթներու հանդիպելիու ձանձրոյթէն, որոշեցին մեկնիլ եւ կառք մը առնելով բարձրանալ Կոճոռի ճամբէն։ Հետզհետէ լեռան կողին բացուած խխնջաձեւ ճանապարհէն բարձրանալով կը մտնային աւելի զով, գրեթէ ցրտին մթնոլորտի մէջ։ Ամէն անգամ որ կառքը իր անվերջ վերելքին մէջ քաղաքի կողմը կը վերադառնար, կը տեսնէին Թիֆլիսը լուսեղէն ծովի մը պէս տարածուած հովտին մէջ եւ սովորական կեանքը իրենց կը թուէր հեռաւոր, աւելի անիրական քան իրենց երազը։

— Չեմ հասկանում, Սաթի՛կ ջան, կ’ըսէր Գարեգին, չեմ հասկանում այն երկիւղը, այն մի ինչ որ խռովքը, որ դու կրում ես Ստեփանի ներկայութեան… ինչի՞… նա քո ընկերն է եւ որոշ հեղինակութիւն ունեցել է քո վրայ… այդ հասկնալի է. նոյնպէս շատ լաւ եմ ըմբռնում որ անախորժ է քեզ համար քո մտերիմ կեանքը տարածել ամէնի աչքի առաջ… բայց այդ յուզուած երկիւղը… ես դիտում էի քեզ երբ հանդիպեցանք նրան քլիւպ մտած րոպէին… եւ յետոյ դու մտազբաղ էիր ու գրեթէ մռայլ ճաշի միջոցին։

— Տեսա՞ր նրա նայուածքը, Գարեգին… ես շատ բան կը զոհէի, այդ նայուածքին չհանդիպելու համար։

— Ո՛չ, առանձին ոչինչ, նա շատ բնական էր եւ հանդարտ։ Հենց որ մեզ տեսաւ կանգ առաւ ու բարեւեց… ի՞նչ կայ տարօրինակ, վաղուց նրան չէի հանդիպեր, բայց նա իմ դպրոցական ընկերներից է. ուզում էի ձեռք տալ նրան եւ խօսել, բայց հենց որ քեզ տեսայ ուրուականի նման տժգոյն եւ դեդեւուն…

— Ուզո՞ւմ ես, Գարեգին, չխօսենք Ստեփանի մասին, ամբողջ օրը անցկացրինք երջանկութեան գերագրգռութեան մէջ եւ ի՜նչ լաւ կը լինէր որ յոգնութենէ օրօրուած քնէի առանց ոեւէ մտահոգութեան… բայց ոչինչ, սիրելիս, կը մոռանամ այդ նայուածքը, կը մոռանամ ամէն ինչ եւ թեթեւ հոգիով կը վայելեմ քո ներկայութեան ուրախութիւնը։

—Սաթի՛կ ջան, ահա մի շաբաթ է Թիֆլիս եմ եւ ոչ մի օր մեր ուրախութեան պայծառութիւնը չպղտորուեց։ Եթէ այսպէս կարելի լինէր շարունակել… մենք վերստին գտանք մեր առաջին օրերու անդորր երջանկութիւնը։

— Գիտե՞ս ինչ մտածում էի երեկ, Գարեգին, մտածում էի մի շատ կարեւոր բանի մասին։

— Ասա տեսնեմ այդ շատ կարեւոր բանը։

— Մտածում էի որ մեր հոգիները համերաշխ են բացարձակապէս, թէ մեր սէրը հետեւանք է մի ինչ որ ներքին եւ խոր ներդաշնակութեան, թէ մենք նախասահմանուած էինք իրարու… մենք, սիրելիս, ոչ թէ դիպուածով իրարու հանդիպեցանք, այլ գտանք իրար մղուած մեզնից անկախ ձգողութեամբ եւ եթէ կարելի լինէր որ ոչինչ չխանգարէր այդ ներդաշնակութիւն, մենք երջանիկ կը լինէինք անբաւ, անսահման երջանկութիւնով։ Մեր հոգիները իրարու միանալով յագեցած են իրենց ամբողջական ցանկութեան մէջ եւ իրանց բնական վիճակը զուարթութիւնն է։

— Ի՜նչ քաղցր եւ սիրելի կին ես, Սաթիկ ջան… ի՜նչպէս ամէն ինչ պայծառ է քո մօտ… ա՜խ, սիրելիս, հազար անգամ ես ինքս եմ մտածեր. քո ներկայութիւնը ինձ բարձրացնում է. ինձ թւում է որ քո հոգեկան ոյժի զօրութիւնով ինձ վեր ես պահում կեանքի առօրեայ տղմուտ եւ սնոտի հոգերից… քեզմով մտնում եմ լուսաւոր ոլորտի մէջ… արդ ուրեմն իրաւունք ունե՞մ դաւաճանել իմ հոգուն եւ այն պատճառաւ միայն որ իմ ապրած պուրժուական կեանքի կեղծ բարոյականով…

— Գարեգի՛ն, սիրելիս, մենք վճռեր ենք երբեք այլեւս չանդրադառնալ այդ խնդրին։ Լաւ է այսպէս եւ ես բաւականանում եմ այսքանով։ Եւ հետզհետէ ուզում եմ հասնել այն վիճակին երբ իմ սեփական հոգու յուզումը, իմ սէրը, ինձ բաւական կը դառնայ։ Ես քեզ սիրում եմ անսահման սիրով եւ այդ իսկ է երջանկութիւնը… ի՜նչ փոյթ թէ դու ինչքան եւ ինչ կերպով կարող ես պատասխանել իմ զգացումին։

— Ես ինքս քեզ սիրում եմ այնպէս, ինչպէս երբեք չեմ սիրեր ոչ ոքի։ Նման զգացում երբեք չէ դղրդեր իմ հոգին… Սաթի՛կ ջան, բայց ես չեմ բաւականանում այդքանով եւ եթէ նշմարէի որ նոյնիսկ հարեւանցի կերպով քո ուշադրութիւնը կանգ է առել մի ոեւէ ուրիշ մարդկային արարածի վրայ…

— Այդ ի՜նչ մտածումներ են, Գարեգին, որտեղի՞ց ես դուրս բերում այդ պղտոր մտածումները…

— Չէ՛, Սաթիկ ջան, ի զուր եմ խօսում այսպէս։ Այդպիսի մտածում չկայ… այնպէս ենթադրում եմ…

— Ոչ իսկ պէտք է ենթադրել… մեր կասկածները եւ ենթադրութիւնները յաճախ իրանք են ստեղծում անախորժ իրականութիւններ։

— Ա՜յ… սպառնալիք…

— Գարեգին, սիրելի՛ս… ուզո՞ւմ ես, վերադառնանք, ցուրտ է, արդէն ես մրսում եմ։

Սաթենիկ սեղմուեցաւ Գարեգինի մօտ, գլխարկը հանած եւ բռնած ծունկին վրայ. գլուխը դրած էր Գարեգինի ուսին եւ բուրումնաւէտ խոպոպները հովէն ցանուցիր կը բարձրանային մինչեւ անոր դէմքը։ Մութին մէջ իր աչքերը լայն բացած կը սեւեռէր անորոշ կէտի մը ու մինչ զառիվարէն կ’իջնէին արագութեամբ, անիկա գերբնական ջանքեր կ’ընէր փորձութեան չենթարկուելու համար։ Այդ պահուն կը զգար որ կարող էր զայն պահել Թիֆլիս, երթալ անոր հետ ուրիշ տեղ եւ թոյլ չտալ որ վերադառնայ Բագու։ Կը զգար որոշապէս որ տէրն էր կացութեան, բայց նոյնիսկ այդ ուղղութեամբ ոեւէ առաջարկութիւն ձեւաբանելը իրեն կը թուէր անկարելի եւ տարօրինակ խորշանք կ’ազդէր իրեն։ Բայց եւ կը զգար որ Գարեգինի այդ տրամադրութիւնը կարող էր հակազդեցութեան ենթարկուելու, անմիջապէս որ նրանից մի ոեւէ կորովի քայլ առնուէր. ինչի՞ էր լռեր Նաթալիա Վասիլիեւնան եւ ի՞նչ էր նրա դիտաւորութիւնը… արդեօք հնարաւո՞ր էր մտածել որ երկուսն ալ իրարմէ հեռանային առանց գայթակղութեան, առանց աղմուկի։ Եթէ այդ այդպէս լինէր, այն ատեն կարելի էր յուսալ երջանկութեան օրերու անվերջ շարքի մը, բայց եթէ դիմադրէր, ինքը Սաթենիկ անկարող կը զգար մտնելու այդպիսի պայքարի մը մէջ… իր հոգիին ճերմակ եւ թափանցիկ թեւերը չէր կարող իջեցնել եւ մտնել կռուի ասպարէզ, ուր ճիրաններ ու ժանիքներ հարկաւոր էին յաղթական դուրս գալու համար այդ հողին վրայ մղուած պայքարէ մը։

Հետեւեալ առաւօտուն իսկ առիթը ունեցաւ տեղեկանալու թէ ի՞նչ էր պատահած Բագու եւ ինչ բանի պարտական էր իր համեմատական եւ առժամեայ անդորրութիւնը։

Ժամը տասնի ժամանակները Սաթենիկ եկաւ Օրիանդ պանդոկը Գարեգինը գտնելու, ինչպէս կանխաւ որոշեր էին, բայց անմիջապէս որ թրամուա յէն իջաւ տեսաւ զայն պանդոկէն քանի մը քայլ ասդին եւ անհամբեր դիտելով թրամուայէն իջնող կիները։

— Անհամբեր էի, Սաթի՛կ ջան, քեզ տեսնելու, ինձ թուեցաւ որ ուշացար։

— Չէ՛, չեմ ուշացեր։

Գարեգին նայեցաւ ժամացոյցին։

— Ճիշդ է չես ուշացեր, բայց այնքա՜ն անհամբեր էի… մի սարսափելի չարչարանք է իր սիրուհուն սպասելը։

— Ա՜հ…

— Էհ, ասա տեսնեմ, ինչպէ՞ս անցկացրիր գիշերը։

— Լա՛ւ, ոչինչ։ Սոնիան քնել էր արդէն երբ տուն մտայ եւ այս առաւօտ ինձանից առաջ դուրս եկաւ… այնպէս որ…

— Ուզո՞ւմ ես գնանք մի ոեւէ տեղ ուր կարենանք հանգիստ խօսել։

— Գնանք ուր որ ուզում ես։

— Վրացական «Չաշկա չայ»ը։ Այնտեղ ոչ մէկ ծանօթի չենք հանդիպիր։

— Լա՛ւ, ինչպէս որ ցանկանում ես։

Սաթենիկ չնշմարեց որ տեսակ մը բեկուած բան կար Գարեգինի ձայնին մէջ եւ անոր դէմքը քօղարկուած էր տխրութիւնով։ Ընդհանրապէս շատ զգայուն, այդ առաւօտ անուշադիր էր, որովհետեւ առանձնացած էր իր սեփական երազին մէջ։ Անիկա հագած էր սեւ եւ ճերմակ քառակուսիներով պարզ հագուստ մը եւ կը կրէր կարմիր գլխարկ, կեռասի փունջերով զարդարուած։ Անանցանելի երիտասարդութեան եւ թարմութեան զգացում կը ներշնչէր իր վայելուչ հասակով եւ մարդոց աչքերը հաճոյքով կը դանդաղէին իր վրայ։ Թարմ դէմքը լուսաւորուած կապոյտ աչքերով լոյսով եւ գեղեցկութիւնով ողողուած է, ինչպէս մայիսեան առաւօտ մը։

Երբ «Չաշկա չայ» մտան եւ սեղանի մը առաջ տեղաւորուեցան, Գարեգին սկսաւ խօսիլ դժուարաւ։

— Սաթի՛կ ջան, չգիտեմ լաւ եմ անում թէ վատ, քեզ խօսելով իմ գործերի մասին… երկար վարանեցի… բայց յետոյ եկայ սա եզրակացութեան՝ որ իրաւունք չունեմ քեզանից ծածկելու ինչ որ ինձ պատահում է առ հասարակ եւ մանաւանդ այն ինչ որ կարող է փոփոխութիւն մտցնել, թէկուզ առժամանակեայ, մեր կեանքի մէջ։

Սաթենիկ սթափեցաւ իր երազէն եւ իր նայուածքը սեւեռեց Գարեգինի վրայ հարցական։

— Նորութիւններ կան, Սաթիկ… եւ ես ուզում եմ ամէն ինչ պարզել քեզ։

— Ա՜հ, ի՞նչ նորութիւն։

— Մի ահագին նամակ եմ ստացել իմ փոխանորդից… գործերը դիզւում են, բաներ կան որ առանձին չեն կարող վճռել, կայ եւ ուրախ լուր. շատրուան է խփել եւ իմ ներկայութիւնը անհրաժեշտ է…

Ծանր լռութիւն։

— Իմ ներկայութիւնը երկար ժամանակով չէ որ անհրաժեշտ է, հենց առաջի օրերին…

— Ուրեմն պէտք է գնաս անմիջապէս։

— Եթէ չես ուզում, չեմ գնայ եւ անմիջապէս իմ վերջնական հրաժարականը կը հեռագրեմ Մոսկուա։

Սաթենիկ մէկէն տխրեցաւ եւ դառնութեամբ ժպտաց։

— Եթէ ինձ ես հարցնում, այդ նշանակում է որ յոյս ունես իմ համաձայնութեան վրայ քո Բագու մնալու մասին։ Շատրուան է խփե՜լ… լաւ չեմ հասկանում թէ ինչ է այդ բոլորը, բայց եթէ ուզում ես, գնա՛։

— Կը գնամ եթէ դու էլ գաս ինձ հետ։

— Չէ՛, Գարեգին, ես չեմ ուզում վերսկսել այն կեանքը որ գիտես։

— Սաթի՛կ ջան, շատ բան է փոխուած այժմ… ես քեզ չուզեցի խօսել, որպէսզի մեր կրկին տեսութեան ուրախութիւնը չպղտորեմ թէ քեզ, թէ ինձ համար, անախորժ յիշողութիւններով… այլ սակայն ինչ որ ունէի ասելիք ինձ ճնշում էր եւ ես զգում էի որ պէտք է խօսեմ։ Հազար անգամ ասել եմ, կրկին կ’ասեմ. ես ուզում եմ անկեղծ ու անվերապահ լինել քեզ հետ, ես ուզում ես ամէն ինչ յայտնել քեզ, խնդրում եմ որ դու էլ…

— Ես ոչինչ ունեմ ասելիք… իմ կեանքս հարթ ճանապարհի նման տեսանելի է մինչեւ հեռաւոր հորիզոնները…

— Ուրեմն երջանիկ ես, Սաթիկ ջան… դու գիտես թէ որտեղի՞ց ես գալիս եւ ո՞ւր ես գնում, իսկ ինձ համար նոյնը չէ… կարծես դուրս եմ եկել թանձր ամպերի միջից եւ ճանապարհս կտրուած է մացառուտներով…

— Պէտք է գտնել մի ոեւէ հարթ ճանապարհ, բայց այդ անելու համար պէտք է շեղիլ թերեւս…

— Այո՛, շեղիլ… ախր ուզում եմ շեղիլ, բայց դու ինձ թողնում եմ անօգնական, դու ինձ թողնում ես մենակ, հենց որ հարկ է քո օգնութեան. քո գեղեցիկ շրթները ասում են. «Արա ինչպէս որ ուզում ես»։

Սաթենիկ ցնցուեցաւ եւ փորձեց ժպտիլ, ինքն ալ կ’ուզէր վստահութիւն ներշնչել Գարեգինին, օգնել իրեն, բայց ինչ որ իրեն յուսահատութիւն կը պատճառէր այդ հարցի մէջ անոր տրամադրութեանց փոփոխութիւնն էր։ Բաւական էր որ արտաքին ոեւէ ճնշում ըլլար որպէսզի անիկա իյնար վարանման մէջ։ Սաթենիկ չէր կրնար ըմբռնել որ կեանքի մը կառուցուածքը քանդելու եւ նոր ճամբայ մը որոշելու համար բնական էին այդ տատանումները։ Ներքնապէս վշտացաւ եւ փորձեց անտարբեր երեւալ, բայց արդէն իր աչքերուն հուրքը եւ իր ժպիտին զուարթութիւնը մարեր էին։

— Ահա, ես ուզում եմ քեզ պատմել ամէն ինչ… եւ պիտի տեսնես որ այժմ համարեա թէ ազատ եմ։ Իմ մեկնելէ առաջ լուրջ խօսակցութիւն ունեցայ Նաթալիա Վասիլիեւնայի հետ… նա հասկացաւ որ աւելի խելօք բան է իր կողմից համակերպել դրութեան։

Յոյսի նշոյլ մը պլպլալով բեկբեկ անցաւ Սաթենիկի մտածողութեան մէջէն, եւ իր հետաքրքրութիւնը արթնցաւ։

— Քեզ պատմեմ ինչ որ պատահեց իր բոլոր մանրամասնութիւններով։ Ես ուզում էի այդ անել հենց որ եկայ Բագուից, բայց երբ քեզ հանդիպեցի կայարանում այնքան տխուր եւ յուսահատ օրերից յետոյ, շլացայ քո ներկայութիւնից եւ ինձ թուաց որ անցեալը թաւալգլոր կորչում էր անյատակ վիհի մէջ… բայց այդ անիծեալ անցեալը կրկին ու կրկին յայտնւում է. դա կարծես մի անխզելի շղթայով կապուած է իմ ոտքերին եւ ինձ դարձնում է կալանաւոր…

Գարեգին անհանգիստ Սաթենիկի մտամփոփ լռութենէն խօսքը ընդհատեց։

— Ի՞նչ ես ուզում խմել, սիրելիս… ի՜նչ գեղեցիկ առաւօտ է, կեանքը քեզ հետ դառնում է մի ինչ որ սքանչելի հեքիաթ… Սաթի՛կ ջան, ուզում եմ տեսնել միշտ քո ժպիտը ու քո գեղեցիկ աչքերը ուրախութեամբ լիքը։ Երբ դու մռայլ ես, ինձ թւում է որ աշխարհս մթնում է եւ իր իմաստը կորցնում է։

Պահ մը զբաղուեցան թէյը լեցնելով բաժակներու մէջ։

— Գարեգին դու ինձ ասելիք ունէիր, ասա՛ ու վերջանայ… իմ սրտիս խորքը զգում եմ դառնութեան թոյնը, մոռացել էի որ ինձ համար անհնարին է բացարձակ ուրախ լինել… բայց Գարեգին, գիտես որ ես ինքս համակերպել եմ կացութեան… ասա՛ թէ ինչ պատահեց, ըստ այնմ կը կարգադրենք եւ վստահ եղիր որ ինձանից վախնալու բան չունես… ես շատ լաւ ըմբռնում եմ իմ տեղը… կը ջանամ չգրգռել Նաթալիա Վասիլիեւնայի ցասումը… ինձ բաւական է որ…

— Ի՜նչ լաւն ես, Սաթի՛կ ջան, ի՜նչ քաղցր ու սիրելի կին ես դու, ափսոս…

— Վերադառնանք, Գարեգին, մեր պատմութեան։

— Հա՛, Սաթիկ ջան, ես քեզ պատմեմ մանրամասն։ Ուրեմն վճռել էի գալ Թիֆլիս եւ այլեւս ոչինչ ինձ արգելք չէր լինի։ Նաթալիա Վասիլիեւնա վարպետ կին է. հասկացաւ որ այդ րոպէին արցունքները, ուշքը կորցնելը, ջղային տագնապները, նոյնիսկ անձնասպանութեան սպառնալիքը օգուտ չունեն… Ես պիտի գայի ու կը գայի… մեկնումիս նախորդ երեկոյին ասաց. «Գարեգի՛ն, ինչի՞ ինձանից ծածկում ես թէ մեկնում ես։ — Որովհետեւ չեմ ուզում պատմութիւն սարքել։ — Իսկ դու գտնում ես որ զուարճալի բան է ինձ համար էգուց առաւօտ պատասխանել ինձ հարցնողներին։ Չգիտեմ ուր է Գարեգինը։ Դու կարող ես խնայել գոնէ իմ անձնասիրութիւնը։ — Ձայնը մեղմ էր եւ համակերպած, իր դէմքը կրում էր առանձին թափած արցունքների հետքերը, մի ինչ որ խղճահարութիւն զգացի, վաղուց էր, շատ վաղուց որ Նաթալիա Վասիլիեւնա ինձ չէր խօսեր այդ խոնարհ շեշտով։ — Նաթալիա՛, ասացի նրան, եթէ միշտ դու այդպէս խօսած լինէիր ինձ հետ, վստահ եղիր որ թէ՛ քեզ եւ թէ ինձ շատ բան խնայած կը լինէիր։ Տեսայ որ կրկին արցունքները ողողեցին իր դէմքը։ — Իմ կեանքը խորտակուեց, իմ տունը քանդուեց, Գարեգին, եւ այդ էս տարիքիս… Ես իմ երիտասարդութիւնը ու գեղեցկութիւնը շնորհեցի քեզ… արդա՞ր է միթե ինչ որ պատահում է… Չես մտածում որ ես էլ իրաւունք ունէի կեանքս տրամադրել ուրիշ կերպ, այն ժամանակից… դու ինձ հաւատարմութիւն խոստացար, ես քեզ հաւատացի ու այն պահուն որ համարեա թէ ծերութեան սեմին վրայ ենք, երբ միասին ուրախացեր ու տխրեր ենք, երբ միասին հիմներ ենք մեր բոյնը, մեր ընտանիքը… այդ բոլորը կորցնում են իրանց արժէքը քեզ համար եւ մեր ընտանիքը կորչում է անպատուութեան եւ խայտառակութեան մէջ։ Գարեգի՛ն, ինձ թւում է որ ոչ միայն իրաւունք չունեմ տեղի տալ, այլեւ պարտաւոր եմ դիմադրել… ինձ թւում է թէ մի ինչ որ անբացատրելի յիմարութիւն քեզ մոլորեցնում է, բայց յոյս ունեմ որ դա անդարմանելի չարիք չէ, դա մի առժամանակեայ դժբախտութիւն է։ — Հենց այդտեղ է որ սխալւում ես, ասացի նրան, սա վերջնական եւ անփոփոխելի զգացում է։ — Ուրեմն սիրո՞ւմ ես նրան։ — Այո՛, Նաթալիա Վասիլիեւնա, սիրում եմ ջերմ սիրով եւ ինձ համար աւելի դիւրին է մեռնել քան հրաժարուել այդ սիրուց։

Սաթիկ ջան, առաջին անգամն էր որ այսպէս պարզ խօսում էինք իրարու հետ. ինձ թուաց մի ինչ որ սոսկալի փոթորիկ պիտի պայթէ, բայց Նաթալիա Վասիլիեւնա ընկճուած էր։ Արմունկները դրաւ ծունկերին եւ դէմքը ծածկեց ձեռքերի մէջ… Ձայն չէի լսում, բայց նրա մարմինը ցնցւում էր լուռ հեծկլտանքներից։ Յետոյ իր աւերուած դէմքը բարձրացուց ինձ եւ ասաց։ — Գարեգին Իվանովիչ, հարկ չկա այլեւս ծանրանալ այս հարցին վերայ, բայց ինձ ասա խնդրում եմ, ի՞նչ ես մտածում Արմիկի մասին։ — Արմիկի մասի՞ն… ոչինչ չեմ մտածում, բաւական է ինչ որ ունեմ արդէն մտածելու։ — Պէտք է մտածել Արմիկի վրայ, նա եթէ լսէ այդ խայտառակութեան մասին։ Այդ բառերը ինձ ջղագրգռեցին։ — Նաթալիա Վասիլիեւնա, պատասխանեցի, այս խնդրում ոչ մի խայտառակութիւն չկայ։ Ես ախր չեմ զուարճանում ինչպէս քո քրոջ ամուսինը, ինչպէս քո եղբայրը, ամենագռեհիկ վայրերում, ինկած եւ ծախու կանանց հետ, այլ սակայն դուք այդ մարդիկը համարում էք պատուաւոր մարդիկ, սեղանակից էք լինում եւ հենց դու ինքդ նրանց խորհուրդին ես ապաւինում երբ հարկ տեսնում ես… ես ապրել եմ մինչեւ այժմ կանոնաւոր եւ հանդարտ կեանքով, ոչ ոք բան ունէ ինձ մեղադրելիք… դուք չէք հասկանում եւ չէք կարողանայ հասկանալ իմ առանձին հոգեկան վիճակը. հենց որ խօսում էք մի ոեւէ կնոջ մասին, դուք նրանց շփոթում էք ամենախայտառակ կանանց հետ։ Աշխարհիս բոլոր գեղեցկուհիները կարող էին ինձ անտարբեր թողուլ, բայց նա իմ քնած հոգին զարթնացուց, նա միայն կարողացաւ իմ հոգու պահանջքներին գոհացում տալ… իմ հոգին ծարաւի էր…։ — Ասա՛, ուղղակի, որ դու հոգեկան հիւանդութիւն ունես։ — Ենթադրենք այդպէս։ — Նախընտրում եմ ենթադրել այդպէս։ — Պահ մը մտախոհ մնաց եւ յետոյ հետզհետէ գրգռուած ձայնը բարձրացուց։ — Այդ բոլորը կեղծիք են ու խաբեբայութիւն, այդ բոլորով դու ինձ դաւաճանում ես։ — Դաւաճանութեան հարց չի կարող լինել Նաթալիա, ասացի համոզուած։ Որովհետեւ, Սաթի՛կ ջան, այդ րոպէին անկեղծ կերպով մտածում էի։ Դաւաճանութիւնը այն կը լինէր որ իրան նման մի կնոջ հետ կապ ունենայի, որ ես ցանկանայի ունենալ այն բոլորը, որ ինքը կարող էր ընծայել ինձ… բայց ի՜նչ դաւաճանութիւն, երբ քեզ հետ կեանքը ինձ թւում էր տարբեր, կարծես ապրում ենք տարբեր ոլորտի մէջ…։ Բայց իմ խօսքերս զինք երկդիմութեան մատնեցին. իր նայուածքը փայլատակեց մի ինչ որ անհնարին յոյսով։ — Գարեգին Իվանովիչ, աւելցուց հաշտարար ձայնով, եթէ դաւաճանութիւն չկայ, դա ուրիշ բան… այո՛, ես պիտի ջանամ ըմբռնել քո հոգեկան դրութիւնը… ես անծանօթ եմ այն բաներին… բայց քանի որ լինում է, ուրեմն եւ կարելի է։

Միջոց մը լուռ մնաց եւ դանդաղութեամբ սրբեց արցունքով ողողուած այտերը, յետոյ աւելի հանդարտած ու բնական ձայնով ինձ ասաց. — Կարո՞ղ եմ քեզանից մի բան խնդրել, միակ բանը որ պիտի խնդրեմ, մեր որդուն համար եւ թերեւս քեզ համար… աւելի ուշ դու ինքդ դժգոհ չես մնայ։ — Ասա՛, Նաթալիա Վասիլիեւնա։ — Ես պաղատելով խնդրում եմ քեզանից այնպէս անել որ ոչ ոք չհասկանայ… ես խոստանում եմ քեզ չխանգարել, բայց ի փոխարէն չխնագարես նաեւ մեր տան կարգ ու սարքը. դու ասում ես հոգեկան բաւականութեան համար… լաւ, հոգեկան բաւականութեան համար, ինձ թւում է հարկ չկայ այնպէս անել որ ամէն մէկը խօսի քո վրայ եւ ինձ նայեն ինչպէս արձակուած կնոջ։ — Լա՛ւ, լա՛ւ, ասացի, այլեւս վերջ դնելու համար այդ դժուարին խօսակցութեան։

— Ուրեմն, ասաց ոտքի ելլելով, ես կը յայտնեմ Արմիկին եւ ծանօթներու որ ընտանեկան գործերի համար դու ստիպուած էիր Թիֆլիս գնալ։ — Լա՛ւ, ընտանեկան գործերի համար։ — Ու երբ վերադառնաս, ինձ կը հեռագրես ու ես կ’ասեմ Արմիկին ու մեր ընտանիքի բարեկամներուն «Գարեգին այսինչ օր վերադառնում է»։ — Լա՛ւ, կը հեռագրեմ։ — Եւ այլեւս ոչ մի խօսք. Աստուած լինի քեզ հետ, Աստուած քեզ պահպանի մեզ համար։

Ահա, Սաթիկ ջան, այս դրութեան մէջ ի հարկէ ազատ ենք… թերեւս հարկ լինի որոշ զգուշութեանց, չար դեւը չարթնցնելու համար, բայց ինձ թւում է որ այլեւս ազատուած ենք այն գլխաւոր բեռից, որ ճնշում էր մեր վրայ։

Սաթենիկ լուռ եւ տխուր կը լսէր։ Գարեգին մտահոգ արտայայտութենէն, ըսաւ հարցական.

— Հա՞ ջան։

Սաթենիկ նայուածքը Գարեգինին դարձուց եւ հակառակ իր կամքին արցունք մը դողաց թարթիչներուն վրայ, բայց հետեւելով ներքին կարգ մը մտածումներուն, փորձեց ժպտիլ։

— Գո՞հ ես, Սաթի՛կ ջան։

Սաթենիկ գլխով հաստատական պատասխան տուաւ։

— Էհ, լաւ ուրեմն, բաւական է, երթանք Վերայի պարտէզները, այնտեղ կը ճաշենք ու ամբողջ օրը կ’անցընենք քեզ հետ, բնութեան գեղեցկութեան մէջ, բայց խնդրում եմ, Սաթիկ ջան, մի մռայլուիր, ամբողջ օրը այլեւս չենք զբաղուիր ոչ մի բանով, գործերը վաղ առաւօտից… այսօր մեր օրն է, գեղեցիկ ու արեւոտ երկինքը նման է քո աչքերին, երբ ինձ ժպտում ես լիուլի ուրախութեամբ… Հա՞ ջան, ուզո՞ւմ ես երթանք Վերայի պարտէզները։

Սաթենիկ դարձեալ գլխովը հաւանութեան նշան ըրաւ։

Գարեգինի եւ Սաթենիկի միջեւ այս կերպով տեսակ մը դաշինք կազմուած էր եւ երկուքն ալ անկեղծօրէն կը ջանային հաւատարիմ ըլլալ այդ դաշինքին, բայց կեանքը ու իրենց զգացումներուն անսանձ ուժգնութիւնը յարատեւ կերպով կը խզէին զայն… ու այն ատեն երկուքն ալ ապշած կը մնային յառաջ եկած հետեւանքներուն վրայ։ Երբեմն իրարու դէմ կը սրտմտէին ու երբեմն ալ իրենց ատելութիւնը կը կեդրոնացնէին արգելքի դէմ։

Գարեգին Բագու վերադառնալէ քիչ ետք կրկին եկաւ Թիֆլիս, ուր երեք օր մնալէ ետքը Սաթենիկի հետ վերադարձաւ Բագու։ Որոշ ժամանակ այնտեղ մնալէ ետքը գրեթէ ծածկուած աշխարհէն, Սաթենիկ վերադարձաւ Թիֆլիս, այլեւս չկարենալով տանիլ այն քաշքշուք եւ հաշուուած կեանքը, որուն կնճիռին մէջ մտեր էին անզգալաբար։

Նաթալիա Վասիլիեւնա, սկիզբները բաւական թոյլատու գտնուելէ յետոյ, սկսեր էր հետզհետէ աւելի պահանջկոտ դառնալ. անիկա զգալաբար կը սեղմէր սանձերը։ Եթէ Գարեգին քիչ մը ուշանար ճաշի պահէն, կամ ընտանիքի յատկացուած ժամերէն ուզէր կորզել Սաթենիկի մօտ երթալու համար, Նաթալիա Վասիլիեւնա կը ստանար այն դէմքը, որ փոթորիկի մը նախանշանն էր։ Այլեւս երբեք առաջին անգամուան ահեղ տագնապը չէր կրկնուած երբ Նաթալիա րոպէի մը յստակատեսութեան մէջ տեսեր էր որոշակի՝ թէ իր ընտանեկան ամուր հաստատութիւնը կը ցնցուէր ու կը փլչէր ինչպէս երկրաշարժէ քանդուող քաղաք մը։ Միայն յիշողութիւնը այդ օրերուն Գարեգինի արիւնը կը սառեցնէր։ Այլեւս երբեք Գարեգին միտքը չէր կեդրոնացներ նոր կեանքի ճամբայ մը ընտրելու անհրաժեշտութեան վրայ, որովհետեւ անդրադարձեր էր ինքն իսկ որ անգիտակցաբար եւ յիմարաբար կապուած էր իր տունին։ Այդ գրեթէ ֆիզիքական կապը նոյնիսկ անշունչ առարկաներու հետ զինքը կը զայրացնէր։ Բայց եւ միեւնոյն ատեն կը զգար որ անկարող էր խզելու։ Կարծես տարիներու ընթացքին անհամար թելերով կապուած էր իր տան այս եւ այն անկիւնին հետ եւ եթէ մտքովն իսկ որոշէր խզուիլ, ամէն մէկ թելը առանձին գրեթէ ֆիզիքական ցաւ կը պատճառէր իրեն։ Ամենավատը այն էր որ, եթէ անգոսնելով այդ բոլորը ճիգ մը ընէր խզուելու, կը զգար թէ իր բոլոր ծակտիկներէն իր յատուկ կեանքի աւիւնը կորսնցնելով այլեւս պիտի չմնար նոյնը։ Ինքզինքը չէր կարող նոյնիսկ երեւակայել այդպիսի քայլէ մը յետոյ. իր տունը, իր ընտանիքը մաս կը կազմէին իր դիրքին, իր գործունէութեան, իր փառասիրութիւնները սերտ կերպով շաղկապուած էին իրարու։ Եթէ այդ կառուցուածքին մէկ անկիւնաքարը դէն շպրտէր, ամբողջ կառուցուածքը կը քանդուէր։

Ամէն օր եւ ամէն ժամ առիթներ կ’ընծայէին շօշափելի կերպով մը զգալու այն առնչութիւնները, որ կային ընտանիքին եւ իր ընկերական դիրքին մէջ։ Երբ մարդիկ իրեն կ’ըսէին. — Խնդրում եմ յարգանքներս յայտնեցէք Նաթալիա Վասիլիեւնայի, կամ — Եթէ Տիկինը թոյլ կու տայ անձամբ գալ յարգանքներս յայտնելու — չէր կարող չժպտալ քաղաքավարութեամբ եւ որոշ բաւականութիւն կը զգար մանաւանդ երբ այդ ըսողը կարեւոր անձնաւորութիւն մըն էր։

Բայց հակառակ այդ բոլորին վճռած էր մտքովը ընել այդ զոհողութիւնը Սաթենիկի համար։ Այդ վճիռին գործադրութիւնը թեթեւ եւ դիւրին կը թուէր իրեն երբ Սաթենիկի մօտ էր եւ անկեղծ էր երբ անոր կ’ըսէր «հրամայիր եւ կը կատարեմ», իրեն անհրաժեշտ էր արտաքին ոյժ մը, որ զինքը խլէր այդ կնճիռէն եւ տանէր հեռուն առանց ետեւ դառնալու։ Բայց Սաթենիկի դիւրազգացութիւնը եւ իր զգացումներուն նրբութիւնը թոյլ չէին տար իրեն այդպիսի գործնական նախաձեռնութիւն առնելու։ Միւս կողմանէ այն արտաքին համակերպութիւնը, որ Սաթենիկ ցոյց կու տար, վիշտը պահելով իր հոգւոյն խորքը, հնարաւոր կը դարձնէր իրաց վիճակ մը, որուն յարատեւման կը մեղսակցէին թէ՛ Նաթալիա, թէ՛ Գարեգին եւ թէ Սաթենիկ տարբեր պատճառներով եւ տարբեր նպատակներով եւ որուն մէջ երեքն ալ կը տագնապէին ինչպէս դժոխքի մէջ։

Այսուամենայնիւ Գարեգին կը զգար որ նախաձեռնութիւնը իրեն կը պատկանէր եւ այս կեղծ կացութիւնը պարզելը իր պարտականութիւնն էր։ Կը զգար երբեմն նոյնիսկ որ իրենց երեքին համար ալ վերջ ի վերջոյ աւելի լաւ կ’ըլլար յստակ կացութիւն մը քան այս անորոշութիւնը, բայց երբ իր տունը կը դառնար, երբ կը մտնար այդ սառուցիկ մթնոլորտին մէջ, մէկ ֆիզիքական պահանջքը կը տիրապետէր իրեն։ Քիչ մը ջերմութիւն ստեղծել, տանը ընտանի մթնոլորտը վերագտնալ։ Այդ պատճառաւ կը հրաւիրէր բարեկամներ եւ երբ կը տեսնէր Նաթալիա զբաղուած տանտիրուհիին պարտաւորութիւններով, երբ անիկա կը տեսնէր ոգեւորուած, եւ շեղած իր դժնդակ ուշադրութենէն, որով կարծես Գարեգինի դէմքին վրայ կ’որոնէր հետքերը միւս կնոջ համբոյրներու, Գարեգին ամոքուած կը զգար ինքզինքը։ Անկարելի երազ մը կ’օրօրէր իր մտատանջ ուղեղը։ Եթէ իսկապէս Նաթալիա համակերպէր կացութեան եւ դուրս գար այդ սպասողական անհամբերութենէն, եթէ հասկնար, վերջապէս թէ ինքը չէ կարող բաժնուիլ Սաթենիկէն, թերեւս հարկ չէր մնար ծայրայեղ միջոցներու դիմելու։ Եւ իր կեանքը այն ատեն բաժնուած կ’ըլլար իր սիրոյն եւ ընտանիքին մէջ։ Արդար կ’ըլլար երկուքին համար ալ եւ Սաթենիկին հետ կը ջանային խաղաղութեան գիծ մը գտնել։ Թէ՛ խորշանքը նոր պատմութիւններ սարքելու եւ թէ հետապնդումը այդ նպատակին, Գարեգինը կը մղէին հետզհետէ աւելի զգոյշ ըլլալ Նաթալիայի վերաբերմամբ։ Իր բոլոր գործելակեպի ճարտարութիւնը կը կայանար բուռն եւ սուր վիճակ չստեղծել երբ հարկադրուած պիտի ըլլար կտրուկ որոշում մը առնելու։ Նաթալիա զգալով Գարեգինի այս տկարութիւնը հետզհետէ եւ անզգալաբար խստապահանջ կը դառնար եւ Գարեգին նոյնքան անզգալաբար կը հնազանդէր այդ խստապահանջութեան։ Քանի-քանի անգամներ երբ որոշուած ժամը կը հասնէր Գարեգին ընդոստ մեկնած էր Սաթենիկի մօտէն, առանց ուշադրութիւն դարձնելու անոր տխրութեան… քանի անգամներ վէճի չբռնուելու եւ ժամանակը չկորսնցնելու համար խոստացած էր երեկոյին վերադառնալ, գիտնալով որ անհնարին է իրեն հեռանալ տունէն։ Այդ կցկտուր կեանքը, ընդհատ ջերմի ընթացքը Գարեգինի վարմունքին մէջ, սպասման անվերջանալի ժամերը, ի զուր սպասման դառնութիւնները հոգեկան սոսկալի տանջանքներու կը մատնէին Սաթենիկը, որ երբեմն խուսափելու համար այդ ստորնացուցիչ դրութենէն կը վճռէր հեռանալ։ Վերջին անգամ հինգ ամիսի չափ հեռու մնացեր էր սիրելիէն։ Եւ որովհետեւ երկուքն ալ չարաչար յոգնած էին իրենց ստեղծած անբնական կեանքէն, առաջին անգամ ըլլալով երկուքին համար ալ մեծ ամոքում եղեր էր այդ հեռացումը։ Բայց քանի ամիսները կ’անցնէին, կը մոռանային դառնութիւնները եւ տխրութիւնները եւ կը վերյիշէին միմիայն իրենց սիրոյ գեղեցիկ օրերը եւ ժամերը։ Իրենց նամակագրութիւնը կը սնուցանէր այդ պատրանքը… այո՛, գոնէ զիրար կը տեսնէին եւ այս անգամ ալ փութկոտութիւնով պատասխաներ էր Սաթենիկ երբ ստացեր էր Գարեգինի նամակը։

«Ինչքան ալ արգելք լինեն, մեզ չեն կարող արգիլել որ աչքերս տեսնեն քո հրաշալի աչքերը, որ քեզ զգամ իմ մթնոլորտի մէջ, որ արբենամ քո հոգու բոյրով…»։

Սոնիա, նպատակ մը հետապնդելու գործնական եւ ուղղահայեաց իր սովորութեամբ, դասաւորեր էր Սաթենիկի խնդիրը իր մտքին մէջ եւ կը սպասէր բնական հետեւանքին։ «Գարեգին, քանի որ սիրում էր Սաթենիկին, կը խզէր իր կապը կնոջը հետ եւ կ’ամուսնանար Սաթենիկի հետ։ Լաւ կը լինէր, վատ կը լինէր, դա իրանց գործն էր»։ Իր հոգեկան հարթ տրամադրութիւնը չէր կարող նոյնիսկ ըմբռնել զգացումներու այն բարդութիւնները, որ գոյութիւն ունէին թէ՛ Սաթենիկի եւ թէ Գարեգինի մէջ։ Իր սկզբունքներուն համեմատ, բարոյական ոեւէ նկատողութիւն չէր կարող կանգ առնել տալ իրենց։ Անբարոյական կը լինէր սիրել մէկուն եւ կապուած մնալ միւսին հետ. «Երախան… հենց երախայի համար աւելի լաւ է գտնել յստակ դրութիւն քան թէ ապրել այն դժոխքին մէջ, որ անհամաձայն ամուսինները ստեղծում են։ Այդ դրութեան անհրաժեշտ կեղծիքը, սուտը, հօր եւ մօր միջեւ եղած անվստահութիւնը եւ փոխադարձ ատելութիւնը, մանկավարժական տեսակէտից շատ աւելի վնասակար է երախայի հոգեկան կազմութեան քան բաժանումը»։

Ուրեմն պէտք է շտապէին։ «Ինչի՞ են սպասում», եւ Սոնիա զայրոյթով կը խօսէր Գարեգինի դանդաղութեան մասին թէ՛ Ստեփանին եւ թէ Սաթենիկին առանձին-առանձին։ Սակայն այդ վերջի քանի մը ամսուան ընթացքին կարծես թէ այդ հարցը կորցրել է իր կարեւորութիւնը։ Սոնիա նոյնպէս զարմացած անդրադարձաւ որ Ստեփան գոհ էր իր այդ գնահատութենէն։ Վերջի ի վերջոյ որոշեցին Սաթենիկը իրենց հետ տանիլ յառաջիկայ մէկ ճամբորդութեան։ Պիտի անցնէին պարսկական սահմանը եւ կը մտադրէին Սաթենիկը թողուլ Ուրմիա, իրենց մէկ ընկերոջ տանը, ազդեցիկ խան, եւ կալուածատէր ընդարձակ սեփականութեանց։

— Ճամբորդութիւնը եւ կեանքի նորութիւնը կը թարմացնեն նրան. Սաթիկը այնքան պէտք ունի կազդուրուելու։

— Այո՛… կը պատասխանէր Ստեփան հաճութեամբ։

— Այնտեղ ոչ մի վտանգի չ’ենթարկուիր եւ յետոյ չեմ ուզում նրան մենակ թողնել Թիֆլիս… նա համարեա այլեւս ընտանիք չունէ, բարեկամ չունէ։

— Մենք նրան երբեք չենք լքի ինչ որ էլ պատահի։

— Ի հարկէ, Ստեփան, ինչ ասելու բան է. հաւանական է նաեւ որ այդ յիմար պատմութիւնը վերջ գտնէ։

— Կարծո՞ւմ ես, Սոնիկ։

— Ի հարկէ… քանի որ այդ անձնասէր պուրժուան չէ կարող հրաժարել իր անցեալից…

— Նա չէ կարող հրաժարել իր անցեալից… ես համոզուած եմ, վաղուց եւ սկիզբից համոզուած եմ, բայց Սաթենիկը նոյնպէս, վախենում եմ որ չէ կարող հրաժարել նրանից…

— Է՜հ, կը տեսնենք, ջահել կին է, եւ մի քիչ փոփոխական, մենք այդ լաւ գիտենք, Ստեփան… պէտք չէ երեւակայել… նա շատ սիրում է մէկ ոստից միւսը թռչկոտել… չգիտեմ ով ինձ ասում էր որ ծովեզրը ծնած կանայք… փոփոխական կը լինեն ինչպէս ծովը… նա թերեւս կանգ առնէ մի տեղ վերջ ի վերջոյ, բայց նրա հոգին դեռ չի գտել իր կայանը… Ստեփան, նա կարող է մէկ օրից միւսը մոռանալ, եթէ…

— Լաւ, Սոնիա, լաւ, կը տանենք մեզ հետ։

Այս որոշումը արդէն կայացած էր եւ պիտի հաղորդէին Սաթենիկին երբ անիկա յայտնեց թէ պիտի երթայ Բագու։ Սոնիա զայրացաւ եւ Ստեփան վրայ հասնելով միջամտեց անմիջապէս։

— Ես ինքս գնում եմ Բագու, կը գնանք միասին։

Սոնիան զարմացած Ստեփանին դարձաւ։

— Ահ, ես չգիտէի… ես կարծում էի թէ դու այստեղ գործ ունես։

— Այո՛, բայց մի քանի օրով անհրաժեշտ է, շուտով կը վերադառնամ։

— Յոյս ունեմ միասին։

— Թերեւս… ըսաւ Սաթենիկ, տխրութեամբ դիմաւորելով դառն հաւանականութիւններ։

Ստեփան իր հետ վարուեցաւ քնքուշ հոգածութեամբ։ Ինքը գնաց գնելու տոմսակները եւ միասին կայարան գացին գրեթէ անփոյթ զուարթութեամբ։ Ստեփանի ճամբորդութիւնը անբացատրելի էր Սաթենիկի համար եւ անիկա թէ ուրախ էր եւ թէ մտահոգ որ նա կ’ընկերանար։ Եթէ իրեն հարցեր տար իր դիտաւորութիւններու եւ Գարեգինի մասին…

Բայց Ստեփան մինչեւ Բագու հասնիլը ոչ մէկ ակնարկութիւն ըրաւ Սաթենիկին։ Անիկա վարուեր էր իրեն հետ ջերմ բարեկամութեամբ եւ ինչպէս եթէ պատահմամբ հանդիպէր իրեն գնացքին մէջ, առ երեւոյթս հետաքրքրուելու Սաթենիկի ճամբորդութեան նպատակով։


****


Երեկոյեան ստուերը կը թանձրանայ։ Տօթագին օրուան մը ճնշիչ ժամերէն ետքը, ահա իրիկունը կը ծանուցուի զով, թեթեւ քամիի պատճառաւ, որ կարծես խաղալով կ’անցնի պատշգամի պատատուկ բոյսերուն վրայէն։ Դուրսը աւելի հեռուն քաղաքի հեռապատկերը հետզհետէ կը նսեմանայ մշուշանման գորշ շոգիի մէջ եւ լոյսերը կը խեղդուին աստիճանաբար։

Ստեփան թուղթերով դիզուած սեղանը աւելի յառաջ կը քշէ դէպի պատշգամը, իր ընդհատած գիրը սկսելէ առաջ պահ մը կանգ կ’առնէ եւ իր խոժոռ, թուխ եւ խիստ կիսադէմքը կ’արձանանայ սենեակին կիսաստուերին մէջ։ Սաթենիկ խորքը տախտին վրայ երկարած կը նայի այդ դէմքին, կը նայի պատշգամին եւ անկէ դուրս հետզհետէ երեկոյեան մշուշին մէջ ընկղմող քաղաքի սիլուէթ ի շէնքերու խճողումին։ Իրեն կը թուի որ եթէ ոեւէ աշտարակ, ոեւէ սլացիկ գիծ դուրս ժայթքէր այդ քարակոյտէն, կեանքը նուազ դաժան պիտի ըլլար։ Իրեն կը թուի նոյնպէս որ երկիւղալի, սպառնական բան մը կայ Ստեփանի արձանացած կիսադէմքին մէջ, ու այդ երկիւղը իր սրտին մէջ յառաջ կը բերէ կրկին այն ցաւագին զգացումը, որուն տպաւորութիւնը կրած է քանի մը անգամներ։ — Թեթեւ բաղխում մը եւ բան մը կը քանդուի… նեարդ առ նեարդ… ահա այս պահուս վէրք մը եւս իր ներքին կեանքի հիւսկէնէն խուսափեցաւ ընդհանուր յօրինուածքէն ու անմիջապէս յետոյ ամոքման տպաւորութիւն մը… Հանգիստ ու անդորր, տենդագին եւ ցնորական կեանքի տեսիլքը կը ցնդի ինչպէս մղձաւանջ մը լոյս առաւօտուն… ահա նաեւ անել բաւիղներու կնճիռների մը մէջ մոլորած իր հոգին բաց ճանապարհը կ’ընդնշմարէ անսահման եւ անվերջ, ինչպէս ճանապարհը մահուան, ինչպէս ճանապարհը յաւիտենականութեան։

Բայց այդ բոլորը շատ շփոթ են եւ հազիւ իմանալի ու իր միտքը խելայեղած ետ կը դառնայ ու կ’ուզէ ապաստանիլ յիշողութիւններու հաստատուն հողին վրայ։ Բայց յիշողութիւններու այդ աշխարհն իսկ է ցնորք եւ կնճիռը անել բաւիղներուն, երկու խորհուրդեր ներհակ աղբիւրներէ բղխելով կը հանդիպին կարծես իր խելայեղ սրտին եւ այնտեղ է որ անոնց առեղծուածը պիտի վճռուի։

Յոյս մը կը բեկբեկի… իր ներքին էութիւնը կը յուսայ այն բարերար ոգին, որ զինքը պիտի կրնար առաջնորդել կողմնակի եւ ապահով շաւիղի մը մէջ, բայց նաեւ իր անգիտակցութեան խորքէն նախագիտութիւնը ունի որ այդ յոյսը ի զուր է։

Ահա հանդիպակաց եւ ներհակ խորհուրդը կ’ողողէ զինքը եւ իր հոգին կ’ընդլայնի անսահման ժամանակներու համար… սարսուռը, որ կ’անցնի անոր վրայէն կրօնական զգացումի մը վերացական յուզումը ունի եւ բոլոր նպատակները կ’ընկրկին կեանքի սեմէն անդին… անոնք իմաստ չունին այս աշխարհին համար եւ այդ պատճառաւ իրենց մէկ կողմը միայն կը յայտնաբերեն ու ամէն ինչ իրեն կը թուի վեհաշուք, ահաւոր եւ անիրական։

Իր մարդկային աչքերը կրկին կը սեւեռեն Ստեփանի կիսադէմքը։ Անիկա կը համադրէ այս բոլորը եւ իրեն կը ներշնչէ անբացատրելի զգացում մը։ Անիկա կը տիրապետէ ներքին էութեան եւ կը զգայ որ չէ կարող եւ նաեւ չի ցանկանար դիմագրաւել այդ տիրապետութեան։ Ու իր սիրտը յորձանավար նաւակի մը նման կը քշուի բացերը, կը հեռանայ հետզհետէ ափունքէն եւ կը զգայ որ պիտի ընկղմի ցուրտ եւ պայծառ տարածութեանը մէջ անսահմանութեան։

Մութը հետզհետէ աւելի կը խստանայ։ Քաղաքին այդ հեռաւոր թաղին մէջ լռութիւնը կատարեալ պիտի ըլլար եթէ տակաւին տուն չվերադարձած տղեկի մը առանձին խաղին ճիչերը չբարձրանային բակէն։ Երեւակայական ձի մը կը քշէ անիկա, որ կ’երեւի չ’ուզեր երթալ իր փափաքած ուղղութեան… բայց քանի որ ամբողջ խաղը երեւակայական է ու թէ՛ ձին, թէ՛ ճանապարհը եւ թէ իր ցանկութիւնը իր ազատ կեանքի ստեղծագործած պատրանքներէն են, ինչո՞ւ ձին չ’երթար այն ուղղութեամբ որ տղեկը կը ցանկայ… ինչո՞ւ այդ աններդաշնակութիւնը ցանկութեան եւ նպատակին մէջ… ո՞վ կ’արգիլէ տղեկը իր երեւակայական աշխարհը ստեղծել իր ցանկութեան համեմատ։ «Այդտեղ անբացատրելի մի արգելք կայ… ու այդ արգելքը պիտի լինի թէ այսօր, թէ վաղը եւ թէ այն ժամանակ երբ կեանքը իրեն ընծայէ ուրիշ խաղեր, աւելի բարդ խաղեր, ինչպէս սէր, փառասիրութիւն, անձնազոհութիւն, պայքար»։

Բայց եւ առանց այդ արգելքին խաղը գոյութիւն չունի… առանց այդ արգելքին խաղը իր սկզբնաւորութեան մէջ կը հասնի իր վախճանին ու երեխան իր խաղը ստեղծած պահուն ստեղծեր է նաեւ բնազդմամբ հարկ եղած արգելքը…։

Շփոթը եւ հեռաւոր աղմուկը քաղաքին յանկարծ ալիքի մը պէս կը հասնի մինչեւ իրենց… մթնոլորտի լռութիւնը կը խզուի… փոխն ի փոխ աւելի մեղմ ու խտացած քաղաքին անորոշ ժխորը կու գայ զարնելու իրենց լռութեան ու ջերմութեան շոգին ալ կ’անօսրանայ հետզհետէ։ Երկնակամարին վրայ աստղերը կը յայտուին տակաւին տժգոյն եւ անհաստատ եւ տմոյն լոյսի թրթռացում մը կը պայքարի մեղմօրէն հետզհետէ թանձրացող գիշերուան ստուերին հետ։

Բակին վրայ պատուհան մը կը բացուի եւ կանացի ձայն մը կը կանչէ տղեկը։ Խաղը կը դադարի… «Նա դադարեց առանձին արգելքին յաղթելու…»։

Աւելի մարդկային զգացում մը ընկերացած կարօտով, ցաւով եւ վիշտով կը դիմաւորէ Սաթենիկի միտքը… «Ես էլ խաղը դադարեցի առանց յաղթելու արգելքին»։ Ու յանկարծ կը մտածէ։ «Նաթալիա Վասիլիեւնան, միթէ՞ անհրաժեշտ չէր մեր խաղին, միթէ արգելքը մեր ստեղծածը չէ՞ր…»։ Բայց այդ միտքը կը մնայ առկախ իր մտածողութեան հորիզոնին մէջ եւ անիկա տեղ չի գտնար կառչելու, որովհետեւ իր ներքին աշխարհը ընդլայնած է արտակարգ կերպով։ Կարծես դուրսէն խուժող հոսանքներ քանդեր են բոլոր թումբերը եւ ինքզինքը իր մէջ օտար կը զգայ, շփոթած ու թափառուն։ Իր բոլոր ընտանի եւ նախասիրած անկիւնները, որ զարդարեր էր սիրով, յոյսով եւ տենչանքով, ողողուած են կարծես բաց ծովի լայն ալիքներով, իր խրտչած եւ խելայեղ հոգին կարօտը ունի իր մարդկային կաղապարին եւ մանաւանդ սահմանաւոր չափերուն… բայց բոլոր սահմանները ու չափերը ջնջուած են իրենց համար։

Կրկին կը նայի Ստեփանի անշարժ կիսադէմքին. ալ աւելի թուխ եւ ալ աւելի խոժոռ կ’երեւայ անիկա կէս մութին մէջ եւ գրեթէ անիրական։ Անիկա մարդկային ձեւ մը չէ կարծես, այլ չարաբաստիկ իմաստ մը ու Սաթենիկ զարմանքով կ’անդրադառնայ որ այդ կերպարանքը համապատասխան է իր այժմու հոգեկան դրութեան։ Անիկա նոյնիսկ անհրաժեշտ է եւ կրկին անբացատրելի երկիւղ մը կը համակէ զինքը։

— Ուզո՞ւմ ես, Ստեփան, լոյսը վառեմ։

— Կիսադէմքը կը ցնցուի եւ Ստեփան յամր շարժումներով դէպի իրեն կը դառնայ։ Անիկա անմիջապէս չի պատասխաներ, որովհետեւ յայտնապէս իր միտքն ալ կը վերադառնայ հեռաւոր ճամբորդութենէ մը. պահ մը յետոյ միայն անսպասելի քաղցրութեամբ եւ յոգնած ձայնով կը մրմնջէ.

— Սաթիկ ջան… եթէ ուզում ես։

Սաթենիկ ոտքի կ’ելլէ դողդղալով. անչափ յուզում մը զինքը կ’ահաբեկէ. ինքզինքը կը զգայ անպաշտպան եւ անձնատուր անբացատրելի զգացումի մը։ Կ’ուզէ հապճեպ դնել իր շարժումներուն մէջ, բայց ահա կը տեսնէ որ Ստեփան կու գայ դէպի ինքը. անիկա սենեակին կիսաստուերին մէջ ուրուականի նման է. Սաթենիկ անշարժ կը սպասէ ու ահա անոր ձեռքը կը զգայ ուսին վրայ… Սաթենիկի աչքերը կը մոլորին անոր դէմքին վրայ որ, ողողուած մութով, նման չէ ինքզինքին… բայց ներզօր ուժով մը կը զգայ որ այդ է իրական կերպարանքը անոր եւ կը զգայ նաեւ հոգեկան իմաստութեամբ մը որ այդ իսկ է, ու այդ դէմքը կրկին պիտի տեսնէ ու այն եղեր է ու պիտի լինի անսկիզբ ու անվախճան։

Սաթենիկ դէմքը ծածկած Ստեփանի ուսին կը զգայ անոր բազուկին սեղմումը մեջքին վրայ. խելայեղ շփոթութեան մը մէջ կը լսէ դժուարին շնչառութեան մը տաժանքը, ձեռք մը մեղմութեամբ կ’անցնի իր գլխուն վրայէն եւ համբոյրի մը հպումը կը զգայ մազերուն վրայ… սիրտը կը բաբախէ անկանոն, ինչպէս եթէ թռչկոտէր խելայեղ եւ խրտչած թռչունի մը նման. զարմացումի, երկիւղի եւ ցաւագին ու արտասովոր հեշտանքի զգացումներ կարծես իր մտքի բոլոր ուղիներէն ետ կը մղեն յիշողութիւններ եւ ընտանի զգացումներ։ Բազմաթիւ անգամներ Գարեգինի դողդոջուն եւ տժգոյն պատկերը կը յայտնուի ու անմիջապէս կ’անյայտանայ ու Սաթենիկ դեռ չսթափած այդ մոլորանքէն, դեռ ինքզինքը չգտած, կը զգայ յստակ կերպով որ իր ներքին էութիւնը յանկարծ կը մերկանայ անցեալէն… թափուր հոգիին մէջ յիշողութեան յետամնաց ստուերներն ալ կ’անհետին, ամէն ինչ լուռ եւ պարապ եւ ահա այդ լռութեան ու պարապութեան մէջ կը լսէ Ստեփանի զսպուած ձայնը, միեւնոյն ատեն որ մէջքին վրայ անոր բազուկը կը թուլնայ.

— Սաթենիկ, վառենք լոյսը։

Ու Ստեփանի այդ պահու կերպարանքն է որ տիրական եւ վերջնական կը դրոշմուի իր մտքի հայեցողութեան։ Կը զգայ որ ան է տէրը ու ինքը պիտի հնազանդի անոր, հլու եւ խոնարհ ամէն բանի մէջ եւ ամենուրեք. կը զգայ նաեւ որ գիտակցաբար թէ անգիտակցաբար իր բոլոր ուրախութիւնը պիտի կայանայ այլեւս գուշակելու եւ իրականացնելու նոյնիսկ անոր չարտայայտած բաղձանքները եւ իրեն կը թուի որ այս վճռական ժամը անակնկալ մը չէ, այլ կապուած է անցեալ ժամերու հետ մինչեւ այժմ աննշմարելի կապերով. ու րոպէի մը խուսափուկ յստակութեան մէջ կ’ընդնշմարէ եղերական ճշմարտութիւնը։

Ճաշը նոր աւարտեր էր եւ Ստեփանի պառաւ ճիոճան զբաղած էր սեղանը կարգի դնելով։ Ինչպէս գրեթէ միշտ Սաթենիկ եւ Ստեփան լուռ եւ մտամփոփ ճաշեր էին, մեքենաբար հետեւելով երբեմն պառաւ կնոջ խօսքերուն, որ կարծես պարտական կը համարէր ինքզինքը մանրամասն տեղեկութիւններ տալ «հայադ ում անցած դարձածի մասին»։ Անոր խօսակցութեան գլխաւոր հերոսներն էին մի ինչ որ Նինա եւ մի ինչ որ Գրիշա։ Ոչ Ստեփան եւ ոչ Սաթենիկ չէին ճանչնար եւ չէին իսկ տեսած խնդրոյ առարկայ այդ կինը, եւ պարոնը եւ ժպտուն բարեմտութեամբ կը լսէին իրենց մասին եղած խօսքերը։ Կային նաեւ երկրորդական անձնաւորութիւններ այդ գլխաւոր հերոսներուն շուրջը եւ մանաւանդ Նինայի ամուսինը, որ «հանքերում էր աշխատում եւ եթէ մի օր տուն դառնար անսպասելի…»։ Բայց անիկա տարիներէ ի վեր տուն չէր դարձեր անսպասելի եւ այդ հաւանական տրակետիան որ երկիւղով եւ զարմանալի հետաքրքրութիւնով կը զբաղեցնէր բոլոր տնեցիները, որ հազար անգամ յուսախաբ ըրած էր զինքը, տեսակ մը արհամարհանք յառաջ կը բերէր դէպի ամուսինը, որ «տուն էր գալիս միայն առաջուց յայտնած ժամերին եւ շաբաթը մի անգամ»։

Բայց պառաւ ճիոճան կը դադարէր խօսելէ երբ զբաղած էր տան գործերով. Ստեփան եւ Սաթենիկ հազիւ թէ կը խզէին լռութիւնը սովորական եւ առօրեայ խօսքեր փոխանակելով իրարու։ Ստեփան կարծես կը զգուշանար իրենց նախորդ մտերմութեան վերադառնալու շատ բարդ պատճառներով եւ Սաթենիկ տխուր եւ անյոյս սպասման մէջ էր… ի՞նչ բանի կը սպասէր. կարծես իր կենսունակութեան բոլոր զսպանակները խզուած էին բայց համակերպեր էր իր կացութեան բնական կերպով, զգալով որ հակազդեցութեան ոեւէ ոյժ չկայ իր մէջ։

Քանի ժամերը եւ օրերը կ’անցնէին իր մօտիկ անցեալը կը հեռանար իրմէ եւ կ’ընկղմէր մշուշի մէջ, բնազդական զգուշութիւնով մը միտքը կանգ չէր առներ յիշողութիւններու վրայ եւ այս անգամ քէն ու սրտմտութիւն ալ չունէր Գարեգինի նկատմամբ։ Անիկա պարզապէս աստիճանաբար կը հեռանար իր մտքի հորիզոններէն. ինչ որ պատահեր էր, ինչ որ դեռ քանի մը օր առաջ զինքը կը գալարէր անդիմադրելի ուրախութիւններով եւ դառն հոգեկան ցաւերով, կը թուէր հեռաւոր, անկախ իրմէ եւ կարծես պատահած տարբեր աշխարհի մէջ։ Այժմ Սաթենիկ ալ անհամբեր էր վերադառնալու Թիֆլիս եւ իր ու Ստեփանի միջեւ զգալու Սոնիայի հոգածու ներկայութիւնը։ Այն իրիկունէն ի վեր որ, անբացատրելի պատճառներով, այն րոպէն ապրեր էին խռովքով, դառնութեամբ եւ երկիւղով, կարծես կը զգուշանային իրարմէ եւ առանձնութենէ։ Եթէ պատահէր որ մինակ մնային, կը խօսէին, գրեթէ անընդհատ հալածելով լռութիւնը, որ կ’ուզէր տիրապետել եւ որու միջոցին իրենց հոգւոյն գաղտնիքը պիտի յայտնաբերուէր անառարկելի կերպով։ Ու այն ինչ որ պիտի յայտնուէր պայծառ ուրախութիւն չէր, այլ անօրինակ եւ անծանօթ զգացում մը, որուն կանխահոգութիւնը զիրենք կը խռովէր ու կ’ահաբեկէր։ Երբեմն, ակնթարթի մը մէջ իրարու ակնարկի մէջ կը վերագտնէին զայն, երբեմն հակառակ իրենց անիկա կը թեւածէր իրենց գլուխներուն վերեւ եւ աչքերնին խոնարհած կը մնային ինչպէս մեղսակից անյայտնելի գաղտնիքի մը։

Բայց երբեմն ալ ոեւէ արտաքին պատճառով կը վերադառնային մարդկային զգացումներու։ Երբ գթութիւնը երեւար Սաթենիկի պայծառ աչքերուն մէջ Գարեգինի վերաբերմամբ, Ստեփան գերմարդկային ջանքեր կ’ընէր զսպելու իր զայրոյթը եւ կիրքերը։ Այդ րոպէներուն Սաթենիկը կը տեսնար Գարեգինի հետ, հաշտուած ու սիրազեղ, կը վերյիշէր գոհունակութեան ժպիտը Սաթենիկի դէմքին վրայ եւ հոգին կը բոցավառուէր անխոստովանելի կիրքերով. նախանձով եւ սրտմտութիւնով կը խոժոռէր իր դէմքը եւ իրեն կը թուէր որ Սաթենիկ դեռ կը կրէ ոչ թէ իր հոգւոյն մէջ այլ իր անձին վրայ անոր համբոյրներուն հետքերը։ Այդ պահերուն իրենց աչքերը կը հանդիպէին իրարու թշնամական ակնարկով եւ միայն շնորհիւ Ստեփանի ինքնազուսպ կորովին էր որ փոթորիկը չէր պայթեր։

Ոչ թէ որովհետեւ Սաթենիկ փափաք ունէր վերադառնալու Գարեգինին… ոչ… հոգին սպառեր էր իր սիրոյ ոյժը անոր նկատմամբ եւ իր պատմութեան հիւսկէնին բոլոր վերտերը քակուեր էին այլեւս։ Բայց րոպէներ կային որ անհանդուրժելի կը գտնէր Ստեփանի բռնաւոր կամքը։ Անիկա իրեն ոչինչ ըսեր էր յայտնապէս, բայց Սաթենիկ կը զգար որ այս անգամ Ստեփան պիտի արտասանէր արգելքը եթէ հարկը ներկայանար… իր միտքը բանտարկուած թռչունի մը պէս թեւերը կը զարնէր Ստեփանի պարփակող, խիստ եւ անտեղիտալի կամքին եւ ինքզինքը կը զգար ջախջախուած իրմէ դուրս, իր վրայ պարտադրուած անխզելի ոյժէ մը։ Եւ երբ ինքն իր վրայ կ’ամփոփուէր համակերպած իր տկարութեան, այդ համակերպութիւնը ընդխառն էր ցաւագին հեշտանքով մը։ Ստեփանի անձը կը մեծնար, կը դառնար ահագին ինչպէս սեւ ստուեր, որ լոյսի որոշ հակադրութեամբ կը տարածուի գետնի վրայ եւ ներքին էութեան բոլոր հորիզոնները լեցուած կ’ըլլային այդ շուքով։ Հաղթահարուած կնոջ դողդոջուն յուզում մը սարսուռի պէս կ’անցնէր իր հոգիին վրայէն եւ այդ րոպէներուն պատրաստ էր ամէն հրաւէրի։

Պառաւ ճիոճան դառնութեամբ կը սարքէր սպասները դարանին մէջ եւ երբ սփռոցը հաւաքելով խոհարարուհիին տալէ ետքը ինքն ալ հեռացաւ սենեակէն, Ստեփան կը պտուտքէր պատի երկայնքին. երկու անգամ կանգ առաւ եւ նայեցաւ Սաթենիկին բայց ոչինչ ըսաւ։ Սաթենիկ անհամբեր կը սպասէր, վերջապէս անիկա յայտնեց.

— Վաղը չէ միւս առաւօտ կը մեկնենք Թիֆլիս։

— Լա՛ւ։

— Վաղ առաւօտից, կը վերցնենք ութի կէսի գնացքը…

— Լա՛ւ։

— Քեզ համար ոչի՞նչ, Սաթի՛կ, թերեւս չես ուզում այդքան վաղ մեկնիլ… բայց ամենից յարմարն է։

— Ոչինչ, վաղ առաւօտից վեր կենալը չէ որ ինձ կարող է անհանգստացնել։

— Հապա ի՞նչ։

— Ստեփա՛ն… կարծես փախչում ենք Բագուից… այլ սակայն…

Հեռախօսի զանգը ընդհատեց իրենց խօսքը. Ստեփան անցաւ կողքի սենեակը… Սաթենիկ յստակ կերպով կը լսէր, հակառակ որ Ստեփան կը խօսէր հնար եղածին չափ ցած ձայնով…

«Այո՛… ես եմ խօսողը… Ստեփանն է խօսողը… լա՛ւ… ասէք խնդրեմ… լաւ է առողջութեամբ… չգիտեմ ինչպէս կ’որոշուի… Ո՛չ, այդ անհնար է…»։

Ստեփանի ձայնը դողդղաց յուզումէն այս վերջին բառերը արտասանած միջոցին եւ յետոյ լռեց երկար լսելով խօսակիցը։

«Ես ձեզ ասում եմ անհնար է… լաւ թող ինքը վճռէ… կը յայտնեմ նրան… Եթէ ուզում էք… այո այստեղ է… էս րոպէիս…»։

Ստեփան հեռախօսի ընդունարանը դրաւ սեղանի վրայ եւ ոտքի ելաւ ճաշասրահ անցնելու, բայց տեսաւ Սաթենիկը մեռելի պէս տժգոյն, պատին կռթնած… քրտինքն աննշմարելի կաթիլներ կը բողբոջէին անոր ճակտին վրայ, երկու ձեռքով սիրտը բռներ էր ամուր եւ կը նայէր։ Ստեփան հեռացեր էր աթոռէն, բայց Սաթենիկի նայուածքը սեւեռած էր այնտեղ ու Ստեփան նստած էր պահ մը առաջ։

— Սաթենիկ Գրիգորովնա, արտասանեց Ստեփան գրեթէ օտար ձայնով… իր նայուածքը խստութեամբ կը ծանրանար Սաթենիկի յուզուած անձին վրայ եւ անոր շրթներուն տժգունութիւնը մասնաւորապէս զինքը կը գրգռէր զայրոյթով… բայց անգամ մըն ալ յաջողեցաւ ինքզինքը զսպել եւ յայտնեց.

— Գարեգին Իվանովիչ ուզում է քեզ հետ խօսել։ Նա պնդում է որ կարեւոր բան ունէ քեզ յայտնելիք… սպասում է հեռախօսի մօտ… ուզո՞ւմ ես իրան հետ անձամբ խօսել… ուզո՞ւմ ես, Սաթենի՛կ, նրան լսել…

Սաթենիկ լուռ մնաց, իր նայուածքը ընդլայնած հետզհետէ կը սեւեռէր աթոռը, որուն վրայ քիչ առաջ Ստեփանը նստած էր. եւ կարծես կը շարունակէր տեսնել ապշեցուցիչ բան մը… իր դիմագիծը քարացած էր սարսափի արտայայտութիւնով։

— Սաթենիկ, լսո՞ւմ ես թէ չէ…

Սաթենիկ գլխով հաստատական նշան ըրաւ։

— Ուզո՞ւմ ես խօսել Գարեգին Իվանովիչի հետ։

Սաթենիկ դարձեալ ժխտական պատասխանեց։

Այն ատեն Ստեփան ջղագրգիռ աճապարանքով մօտեցաւ հեռախօսի գործիքին։

— Այդ դո՞ւք էք, Գարեգին Իվանովիչ… լսեցէք ուրեմն։ Սաթենիկ Գրիգորովնա չէ ցանկանում ձեզ հետ խօսել։

— Ստեփան…

Ստեփան կախեց հեռախօսի ընդունարանը եւ եկաւ Սաթենիկի մօտ։

— Ստեփա՛ն…

Ու գետինը չոքած պատին առաջ, դէմքը ծածկուած ձեռքերուն մէջ, Սաթենիկ սկսաւ արտասուել հեծկլտալով։

Արցունքը կը ժայթքէր աչքերէն անօրինակ առատութիւնով, կ’ողողէր ձեռքերը ու բազուկը եւ մերկ արմուկէն կը կաթկթէր ծունկերուն վրայ։ Անսահման եւ անդիմադրելի գթութեան զգացում մը կը տանջէր զինքը, իր մտքին ներկայացնելով Գարեգինի յուսահատութիւնը եւ կրած վիրաւորանքը։ Կարծես անիկա ներկայ էր իր մօտ եւ կը տեսնէր անոր տխուր եւ տժգոյն դէմքը եւ ինքը անզօր էր մխիթարելու այն վիշտը, որ իր պատճառով կը կրէր, որ պիտի կրէր գալիք օրերուն։ Ի՞նչ ընել, ինչպէս ընել… ի հարկէ բանտարկուած չէր եւ կարող էր դուրս գալ եւ ուրիշ տեղէ հեռախօսել կամ պարզապէս երթալ իր մօտ գործատեղին… բայց այն իրիկուն, այն խուսափուկ համբոյրը, որ ստացեր էր իր մազերուն վրայ, եւ տեսակ մը դեռ անորոշ զգացում խզեր էին արդէն բոլոր կապերը իր եւ Գարեգինի մէջ… Բայց թերեւս յաղթահարելով բոլոր ամօթխածութեան, աւելի լաւ էր մէկ անգամ տեսնել զայն եւ եթէ հարկ է հրաժեշտ առնել անկեղծօրէն։ Յայտնել անոր իր վճիռը. վերջապէս տղամարդ էր, կ’ընդունէր իր որոշումը եւ ժամանակի ընթացքին գոնէ կ’ամոքուէր իր զգացումներուն մէջ… բայց այսպէս… խուսափիլ… չէ… սա շատ անարժան ու անվայելուչ բան էր, բայց ինչպէ՛ս յայտնել այդ բոլորը Ստեփանին անկարեկիր խստութեան. ինչպէ՜ս հասկցնել անոր այն հիւանդագին զգացումը գթութեան, որ իր աղիքները կը գալարէր եւ որ զինքը անզօր կը դարձնէր համակերպիլ այդ բիրտ բաժանումին։

Աւելի առատ արցունքներ կ’ողողէին իր դէմքը եւ ահա մէկէն ամոքուած զգաց ինքզինքը… կարծես իր առատ արցունքներուն հետ յետին զգացումները հոսեր, պարպուեր էին իր մէջէն, բայց այդ բոլոր ցնցումներէն ծայրայեղ կերպով տկարացած չէր կարող ոտքի կանգնիլ. իր հետզհետէ մեղմացած հեծկլտանքներէն օրօրուած կը լսէր նաեւ Ստեփանի ոտնաձայնը, որ սենեակին մէջ կը քալէր ջղագրգիռ քալուածքով, ամէն մէկ քայլի բախումը գետնի վրայ կ’արձագանգէր իր մէջ եւ անիկա կարծես իր սիրտը կոխոտելով կ’անցնէր ու կ’երթար։

Երբ իր հեծեծանքը լռեց վերջապէս, Ստեփանի քայլերն ալ կանգ առին։ Սաթենիկ գլուխը բարձրացուց երկչոտութեամբ եւ նայուածքով փնտռեց զայն։ Մազերը խանգարուած կը ծածկէին աչքերը, թոյլ շարժումներով յարդարեց ինքզինքը ու փորձեց ոտքի ելլել։ Կ’ուզէր մեկնիլ սենեակէն շփոթած ու վշտացած այդ լռութենէն, բայց ահա Ստեփան եկաւ իր մօտ։

Չափազանց տժգոյն էր, մահատիպ տժգունութիւնով մը եւ իր սեւ աչքերը յուսահատ տխրութիւնով լիքն էի։ Երբ խօսեցաւ Սաթենիկին, իր ձայնը անսպասելի կերպով քաղցր էր բայց լեցուն զսպուած յուզումով։

— Սաթենիկ, ուզո՞ւմ ես գալ տախտին վրայ… լաւ է մի քիչ հանգստանաս, ես դուրս կը գամ այս րոպէիս եւ մինչեւ ուշ ատեն կարող ես մնալ։ Լաւ կը լինի եթէ քնես… ես կը խնդրեմ ճիոճան էն որ քեզ տայ մի բաժակ թէյ… մի քիչ պէտք է հանգստանալ եւ կազդուրուիլ…

Օգնեց Սաթենիկին բարձրանալու եւ որովհետեւ անոր ոտքերը կը դեդեւէին, բռնեց թեւէն բայց յատկապէս կը ջանար չվարակուիլ այն յուզումէն, որ Սաթենիկի ֆիզիքական մերձաւորութիւնը յառաջ կը բերէր իր մէջ։ Ձեռքը, որ բռներ էր թեւէն, զգալիօրէն կը դողար, բայց անիկա կը ջանար իր ամրութիւնը պահել։ Երբ Սաթենիկ տախտին վրայ երկարեցաւ, գրեթէ մայրական գուրգուրանքով բարձեր հանեց դարանէն ու տեղաւորեց գլխուն տակ, եւ բրդեայ ծածկոցով ծածկեց անոր դողահար մարմինը։ Այդ կարգի խնամքներու անվարժ ձեռքերը բնազդով կը գտնէին հարկ եղած ճարտարութիւնը։ Յետոյ պահ մը կեցաւ Սաթենիկի մօտ եւ ճնշուած կուրծքէն խոր եւ ցաւագին հառաչանք մը արձակեց։ Սաթենիկ մեղմօրէն աչքերը փակեց, իր կարմրած կոպերը ծանրացեր էին եւ իրեն թուեցաւ որ քնելու փափաք ունի։ Յետոյ զգաց որ Ստեփան կը հեռանար զգուշութեամբ եւ երբ իր աչքերը բացաւ՝ սենեակը պարապ էր… պարապ էր եւ իր մտածումը եւ միակ հարցում մը փայլակի պէս կ’անցնէր այդ պարապութեան մէջէն.

— Ո՛չ, այդ անհնար է…

Ի՞նչն է որ անհնար էր։

Այն պահուն որ Ստեփան կը պատասխանէր Գարեգինին հեռախօսով, լսեր էր այդ բառերը ու բոլոր ժամանակը, անբաւ ժամանակ, որուն տեւողութեան զգացումը կորսնցուցեր էր Սաթենիկ իր ջղային տենդին ընդմէջէն, կարծես տարիներէ ի վեր, դարերէ ի վեր ինքզինքին կը հարցնէր սա միակ բանը։

— Ի՞նչն է որ հնարաւոր չէ։

— Ո՞ւր ես գնում, Սաթիկ…

— Գնում եմ…

Ձայնը կտրուեցաւ, բայց Ստեփանի նայուածքը սեւեռած մնաց իր վրայ հարցական։

— Դէհ, ասա…

— Գնում եմ Տիկին Աբգարեանի մօտ մնաք բարովի, զգում եմ որ այլեւս երբեք, բայց երբեք չեմ վերադառնալու Բագու։

— Ո՛չ, մնացիր, ես բան ունեմ քեզ ասելիք, Տիկին Աբգարեանին եթէ հարկ է կը գրես նամակ, նա խելացի կին է, կը հասկնայ… ուզո՞ւմ ես հեռախօսել։

— Ոչ, չեմ ուզում… Տիկին Աբգարեանի ոչ կարելի է գրել, ոչ կարելի է հեռախօսել… միայն իր ներկայութեանը որոշ հարցերի մասին կարելի է ակնարկել։

Ստեփան տատամսեցաւ. նստած էր սեղանի առաջքը եւ զբաղած էր գրելով։ Բոլոր այն ժամանակը որ Սաթենիկ կը պատրաստուէր դուրս գալու ոչ մէկ բառ չէր արտասաներ, բայց ահա վերջին երեկոն, որ կ’անցընէին Բագու, կը դառնար նշանակալի, յուզումներով եւ անակնկալներով լիքը, երկար մտածեր էր Սաթենիկի մասին եւ իր մտքին մէջ դառն տարակոյսներ կային։ Ի՞նչ էր անոր հոգեկան վիճակը. «Նա տանջւում է համարեա թէ ամէն րոպէ. նրա ձայնը, նրա աչքերը լիքն են զսպուած արցունքներից, նա մտածում է թերեւս որ ես բռնութեամբ հեռացնում եմ նրան սիրելուց… Բայց ի՜նչ բռնութիւն… միթէ նա ազատ չէ՞. նա ազատ է բոլորովին, բայց կարծում է թէ հարկադրուած է ինձ հնազանդել… ինչի՞ է կարծում… Ահա բոլոր պատահածը. նա ուզում էր խոյս տալ իր դժբախտութիւնից եւ զգում էր որ ինքը չէ կարող հեռանալ, իր սեփական կամքով ու ապաւինեց ինձ… նա եւ ուզում է որ նրան ազատեմ թէկուզ բռնութեամբ եւ տանջւում է այն մտածումից թէ ազատ չէ։ Ի՞նչ անել… թողնել նրան իր ճակատագրին. բայց այդ նոյնն է թողնել ջուրը ինկած մարդուն խեղդուել, երբ չէ կարող իր սեփական ոյժերով ազատուել… դա կը լինէր մի սոսկալի բարբարոսութիւն»։

Ստեփան իր մտքի վարանման մէջ կը զգար սակայն որ այդ պարզ ազատարարի դերէն դուրս ուրիշ դեր կը կատարէր, եւ խղճմտութեամբ կ’ուզէր քննել նաեւ իր սեպհական զգացումները։ Բայց անմիջապէս որ միտքը կը կեդրոնացնէր այդ կէտին վրայ, իր տրամաբանութիւնը, մտածողութիւնը կը խանգարուէին տարերային ոյժով յառաջ եկած զգացումներու եւ կիրքերու մէջ։ Մինչեւ այն օրը որ լսեր էր Գարեգինի եւ Սաթենիկի միջեւ եղած կապը, իր հոգին ժպտուն խաղաղութեամբ կը պահէր Սաթենիկի քաղցր յիշատակը։ Յաճախ այդ հեռաւոր եւ վտանգալի ճամբորդութիւններու միջոցին խորհեր էր իր վերադարձին եւ այդ վերադարձի գաղափարին մէջ միշտ տեսեր էր Սաթենիկի ցանկալի ներկայութիւնը։ Իր մտքէն չէր կրնար հեռանալ Դիլիճանէ մեկնած օրուան վերջին պահերը։ Զարմանալի մանրամասնութիւններով կը յիշէր ամէն ինչ. ճառագայթ մը, որ ինկած էր Սաթենիկի կուրծքին վրայ եւ մանիշակներուն բուրումը եւ անոր վերջին բառերը.

— Ուզո՞ւմ ես գնալ Բագու… Լաւ կը տեսակցինք Բագւում…

Այնտեղ արդէն կանգ կ’առնէին իր քաղցր տպաւորութիւնները։ Այստեղ Սաթենիկ կը դադարէր լինելէ այն քնքուշ եւ փափուկ կինը, որ գուրգուրանք կը ներշնչէր եւ պաշտպանութիւն կը հրաւիրէր։ Անիկա դարձեր էր գրեթէ թշնամի… անիկա կարծես նախագիտութեամբ հեգներ էր այդ խօսքերով, ծիծաղեր էր իր զգացումներուն վրայ։ «Արդեօ՞ք… նա երբեւիցէ գուշակել է իմ զգացումները իրա մասին…»։ Ոչ կարելի էր հաստատական պատասխան տալ, ոչ ժխտական այս հարցումին։ Բայց Ստեփան գիտէր եւ որոշապէս զգացեր էր որ թերեւս անգիտակցաբար բայց անտարակոյս Սաթենիկի մէջ կար խռովք եւ որոշ կարգի զգացում իր նկատմամբ… եւ այս ենթադրութենէն օգտուած՝ իր երեւակայութիւնը հապճեպ արագութեամբ կը հիւսէր ապագայ երջանկութեան պատկեր մը. այո՛, բայց այդ պատկերին գիծերը ընտանի չէին իրեն… նա մի անկարելի եւ անիրականանալի երազ էր, ճիշդ կարծես որ իր սահմանաւոր կեանքի շրջանակէն դուրս կ’ընկրկէր։ Ու զգացումը ունէր որ իր երջանկութեան այդ պատկերը տեսնելու համար՝ պէտք էր որ միտքը գլէր անցնէր մարդկային հասողութենէ դուրս ոլորտներ։

Բայց այն իրիկունը սենեակին կիսաստուերին մէջ… Սաթենիկի լայն բացուած աչքերը մոլորուն իր դէմքին վրայ ու անոր սիրտը կը բաբախէր կարծես իր իսկ կուրծքին մէջ ու ամբողջ անձը յանձնուած իր բազուկին եւ մազերուն բուրումը եւ ահա ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս յանկարծ զգացեր էր թէ անկարելի է. ուրկէ՞ կը բղխէր այդ անկարելիութիւնը… իր ցանկութենէն, իր տարփանքէն ու սէրէն դուրս մի ինչ որ խորհրդաւոր ազդարարութիւն ստացեր էր կարծես… Մի ինչ որ բան կար անյաղթելի… եւ հոգին հոգնած հեռաւոր եւ անիմանալի պատճառներէն կը վերադառնար անմիջապէս արգելքներուն։ Այս, թերեւս այն պատճառաւ որ վստահ չէր Սաթենիկի բուն տրամադրութեան մասին. անոր հոգին փոփոխական դեռ իր կայանը չէր գտեր։ Ներքին եւ անխախտելի գիտակցութեամբ մը կը զգար որ Սաթենիկի ճակատագիրը չէր կապուած Գարեգինի հետ… «Նրանք կարծեցին զիրար գտնել, բայց նրանք իրարու սահմանուած չէին… ինչ որ պատահեց այդտեղ, մի դժբախտ թիւրիմացութիւն է… եթէ այդ արգելքը չլինէր, նրանք վաղուց կ’անդրադառնային. յամենայն դէպս Սաթենիկ կը հասկնար։ Նա իր ցանկութեան համեմատ մի բարոյական պատկեր է կազմել Գարեգինից եւ նա սիրում է իր ստեղծած մարդուն։ Եթէ այդ արգելքը չլինէր, նա շուտով կը հասկնար տարբերութիւնը իր երեւակայած մարդու եւ իրականին… բայց ամէն անգամ որ իր հոգին էր վիրաւորում, ամէն անգամ որ նրան զգում էր օտար, բոլոր մեղքը բարդում էր արգելքի դէմ, նրանք պայքարում էին արգելքի համար եւ այդ մի տեսակ նպատակ եւ հաստատութիւն էր տալիս զգացումներին։ Բայց Գարեգին երբեք չի յաջողի յաղթել։ Նա եթէ անէ այդպէս մի բան, նա պիտի գնայ իր սեպհական ճակատագրի դէմ եւ նա պիտի ջախջախուէ։ Այդպիսի արարքից յետոյ, նա կը լինի մի մարդկային բեկոր, մի պարտուած եւ ողորմելի մարդ…»։

Ուրեմն իր ենթադրութեամբ Սաթենիկ ազատ էր եւ այդ պատահարը, այդ թիւրիմացութիւնը կը կորսնցնէր իր նշանակութիւնը։ Բայց կը բաւէր որ Ստեփան միտքը կեդրոնացնէր այդ պատահարին մանրամասնութեան վրայ, եւ ահա բուռն կիրքեր կ’արթննային իր մէջ, ցասում, նախանձ եւ ատելութիւն, եւ կը վարէին իր մտածումը եւ զգացումները։ Գերմարդկային ջանքեր կ’ընէր ինքզինքը զսպելու եւ իր բուն մտածողութեան համապատասխան վարմունք ունենալու։ Անիկա կը մօտիկնար Սաթենիկի քաղցրութեամբ խօսելու համար եւ ահա ձայնը կը հնչէր խիստ, ատելավառ եւ սրտմտութիւնով լիքը։ Եւ չարտասանելու համար այն բառերը, որ կը խուժէին շրթներուն վրայ, կը լռէր եւ ինքզինքին մէջ ամփոփուած կը մնար, դէմքը խոժոռ՝ ըրած ջանքէն եւ աչքերը՝ խիստ ու աններող… Սաթենիկ չէր կարող ըմբռնել որ Ստեփան իր կիրքերուն էր որ կը նայէր այդ խստութեամբ եւ ոչ թէ իրեն… այդ էր պատճառը որ անիկա միշտ շնորհի մը պէս կ’ընդունէր այն դժուարին, գրեթէ տաժանելի ժպիտը, որ վերջապէս կը ծաղկէր դէմքին վրայ, երբ իր հայեցակէտէն կը հեռանային իր վատ զգացումներու կերպարանքները։

Ստեփան համոզուած էր որ եթէ անգամ մը հեռանային Բագուէն, այս անգամ մթնոլորտը պիտի պարզուէր։ Շատ բարդ պատճառներով անիկա կը վախնար որ Սաթենիկ եւ Գարեգին իրարու հանդիպին մեկնումի օրէն առաջ։ Իրեն կը թուէր որ այս անգամ, բաժանման լուրջ վտանգէն յետոյ, Գարեգին պատրաստ կ’ըլլար ամէն բանի եւ դէպքերը կը գահավիժէին։ Բայց ինչպէ՞ս արգիլել, ի՞նչ իրաւունքով գործածել այդ բռնութիւնը Սաթենիկի կամքին վրայ, որ իր ղեկը կորսնցուցած կառչելու տեղ կը փնտռէր։ Գիտէր որ Սաթենիկ անկեղծօրէն որոշած է հեռանալ, բայց ի՞նչ նշանակութիւն ունին այդ որոշումները եթէ տակաւին յոյսի լար մը իր քաղցր երգը կ’երգէ իր հոգիին մէջ… Եթէ իրարու հանդիպին… եւ այդ կարող էր պատահել մէկ րոպէէն միւսը։ Գարեգին չորս-հինգ անգամ հեռախօսեր էր իրեն, խնդրելով ժամադրութիւն մը Սաթենիկի հետ «որին շատ լուրջ բան ունէր յայտնելիք»։ Ստեփան սկիզբները պատասխաներ էր որ, Սաթենիկի առողջական վիճակը նկատի առնելով եւ Սաթենիկի մերժումը, անյարմար կը նկատէր այդ տեսակցութիւնը։ Ամէն անգամուն իր մերժողական պատասխանը տալէ առաջ ստացեր էր Սաթենիկի հաւանութիւնը, բայց ինքը շատ լաւ գիտէր որ այդ հաւանութիւնը խլեր էր աւելի քան թէ ստացեր։ Եւ հիմակ եկեր էր այն եզրակացութեան որ Սաթենիկ ազատ կամքով պէտք էր հեռանար Բագուէն. խոստացեր էր ինքզինքին տալ այդ ազատութիւնը եւ այդ մասին է որ կ’ուզէր խօսիլ Սաթենիկի հետ երբ տեսաւ որ անիկա կը պատրաստուէր դուրս գալու։

— Ուրեմն, Սաթի՛կ, անհրաժեշտ ես համարում Տիկին Աբգարեանի ակնարկել որոշ հարցերի մասին…

— Ոչ… ի հարկէ անհրաժեշտ չէ, պատասխանեց Սաթենիկ յոգնած ձայնով։

Գլխարկը հանեց նետեց սեղանի վրայ եւ ընկճուած տխուր համակերպութենէ գնաց նստաւ տախտի եզերքին։ Ձեռքերը միացուցեր էր ծունկին եւ գլուխը խոնարհած էր շատ ցած. երկու կողմերէն մազերու գանգուրները կը ծածկէին իր այտերը։

Ստեփան իր աթոռը դարձուց դէպի անոր կողմը… յետոյ ժամացոյցին նայեցաւ.

— Սաթիկ ջան, ըսաւ սրտագին ձայնով, ինչո՞ւ իմ խօսքերը եւ խորհուրդները ընդունում ես խիստ հրամանների նման եւ ինչո՞ւ կարծում ես, որ ստիպուած ես ինձ հնազանդիլ… դու ուզում էիր երթալ Տիկին Աբգարեանի մօտ… այնպէ՞ս է թէ չէ…

— Չեմ կարծում, Ստեփան, որ իրաւունք ունես կասկածելու իմ խօսքերի ճշդութեան մասին…

Գլուխը ընդոստ բարձրացուց եւ ձայնին մէջ մեղադրանքի շեշտ կար։

— Չէ, Սաթիկ, չեմ էլ կասկածում… բայց ահա թէ ինչու ասում էի։ Ժամը ութն է եւ նա շատ հեռու է բնակում։ Այս ժամին ինչպէ՞ս կարող ես մենակ գնալ եւ վերադառնալ, իմ պարտականութիւնս է հոգալ այդ մասին. այս մէկ։ Երկրորդ՝ ես քեզ ասելիք ունեմ եւ եթէ համբերութիւն ունենաս ինձ լսելու, թերեւս դու ինքդ կը վճռես որ հարկ չկայ մութ գիշերով գնալու Տիկին Աբգարեանին… թէ դու թերեւս ժամանակ կ’ունենաս գնալու ուրիշ ատեն։

— Ի՞նչպէս… քանի որ վաղ առաւօտից մեկնում ենք։

— Այ, քեզ այժմ կը խօսեմ ու դու կը վճռես, դու ինքդ կ’որոշես քո անելիքը։

Սաթենիկ դէմքը ծածկեց ձեռքերուն մէջ եւ յետոյ հատկտեալ ձայնով ըսաւ.

— Չէ, Ստեփան, այլեւս ոչ մէկ խօսք այդ խնդրի վերաբերմամբ։ Ես ինքս ուզում եմ մեկնել այս անիծեալ քաղաքից։ Ես տանջւում եմ անընդհատ… իմ հոգին գալարւում է ցաւով եւ դու չես իսկ նկատում այդ բոլորը։ Ես ուզում եմ մեկնել, գնալ հեռու, շատ հեռու, ուր որ ուզում էք… իմ մէջ միակ փափաք է մնացել… խուսափել… խուսափել անվերջ, առանց դադարի, առանց նպատակի։

— Սաթենիկ, լուրջ չէ ինչ որ ասում ես… թող այդ բոլորը, ուզո՞ւմ ես խօսենք պարզ…

— Ստեփա՛ն, գոչեց Սաթենիկ ցաւագին աղաղակով, խօսենք… լա՛ւ խօսենք… բայց ի՞նչ օգուտ խօսքերից… անոնք երբեմն իմ ականջիս հնչում են ինչպէս դատարկ ամէն իմաստից, եւ երբեմն վիրաւորիչ ինչպէս անգութ ծաղր։

Ստեփան կանգ առաւ, դէմքը կարմրեցաւ եւ այդ կարմրութիւնը կը տարածուէր մինչեւ վիզը, որուն երակները պարաններու պէս ձգտուեցան, զայրոյթի յանկարծական գերագրգռութեան մէջ, որ այս անգամ չէր կարողացեր զսպել, աչքերը հրացայտ, կզակը սեղմած, խուլ ձայնով մրմնջեց.

— Արա՛ ինչ որ ուզում ես… կորիր եթէ այդպէս ես ցանկանում, բայց այլեւս ոչ մի ուրիշ անգամ… իմանո՞ւմ ես, Սաթենիկ Գրիգորովնա, այլեւս չհամարձակուես ոչ մէկ պարագայի մեզ զբաղեցնել քո յիմար պատմութիւնով։

Սաթենիկ ապշած այդ զայրոյթէն ոտքի ելաւ, փախչիլ թէ՞ մնալ ու ողոքել Ստեփանը… փախչիլ ու յանձնուիլ իր բախտին… «Կը մեռնեմ առանձին ու այլեւս չեմ զգար իմ հոգու վրայ նրա զայրոյթի ճնշումը»։ Կը մեռնեմ առանձին, դիւրին է ըսել, բայց երբ դրան սեմին վրայ էր, ընկրկեցաւ, ինչպէս յուսահատը իր անձնասպանութեան դիտաւորութեան մէջ։ Այդ սեմը իրեն թուեցաւ անանցանելի. քայլ մը եւս եւ ահա պիտի նետուէր փոթորկայոյզ ծովու մէջ։

Այդ րոպէի մը դանդաղութիւնը որոշեց կացութիւնը։ Ստեփան այլեւս իր շարժումներուն տէրը չէր։ Քունքերը կը պայթէին արեան արագ շրջանէն եւ տարօրինակ աղմուկ մը, ինչպէս կատղած խուժանի վայնասուն կը լեցնէր իր լսելիքը։ Բրտութեամբ բռնեց Սաթենիկի ուսէն եւ դէպի իրեն դարձուց անոր դէմքը. մէկ բռունցքը ազատ կը սեղմուէր անխոստովանելի մտադրութեամբ։ Անգամ մը եւս խորապէս զգաց թէ ինչպէս մարդուս ձեռքը կը զինուի սիրելիին դէմ եւ այդ մահուան ցանկութիւնը սիրով եւ տարփանքով ահաւոր արտայայտութիւն մը տուաւ իր դէմքին։ Սաթենիկ աչքերը փակեց եւ հազիւ կարող էր ոտքի մնալ, բայց եւ իր էութեան մէջ այս անգամ որոշապէս անցաւ բուռն յուզմունքի սարսուռը, եւ ինչ որ տարտամ էր ու անորոշ դարձաւ ստուգութիւն։ Անիկա այս անգամ հասկցաւ եւ իր հոգին լեցուեցաւ դառն եւ հեշտագին զգացումով, «կարող ես զիս սպաննել». երկիւղ՝ խառն հիացումով եւ անխոստովանելի խռովքով։

Ի՞նչ պիտի պատահէր եթէ ճիոճան չգար ճիշդ այդ պահուն ըսելու թէ թէյը պատրաստ է եւ եթէ անոր յոյլ եւ քսուող մանրիկ քայլերուն աղմուկը չլսէին կողքի սենեակէն։ Սաթենիկ եւ Ստեփան լուռ մնացին պահ մը, յետոյ սեղանին առաջ նստած մտահոգ սպասեցին. ի՞նչ բանի։ Խօսք մը թերեւս բանաձեւէր իրենց հոգիներուն խռովայոյզ զգացումները, բայց այդ խօսքը իրենց շրթներուն վրայ լռեց։ Այն ինչ որ կարող էր պատահել եւ չպատահեցաւ արտաքին չնչին պատճառով մը, արդէն իսկ պատահեր էր իրենց մտադրութեան եւ իրենց հոգիներուն մէջ եւ երբ սենեակէն դուրս եկան՝ զգացին որ իրենց ճակատագրի մէկ հանգրուանին հասեր էին, ինչպէս եթէ առաջուց ժամադիր ըլլային, մահուան եւ սիրոյ բուռն ցանկութիւններով. ինչ հարկ փնտռել ինչպէսը եւ ինչուն, այդ այդպէս էր անառարկելի կերպով եւ բոլոր մնացեալը կը կորսուէր ինչպէս աննշան պատահարներու շարք մը անցեալի մշուշին մէջ։

Ճաշասրահը, սեղանին շուրջ նստած կը լսէին ինչպէս երազի մէջ ճիոճա յի անվերջանալի պատմութիւնը Նինայի եւ Գրիշայի մասին։ Բայց իրենց միտքերը կը թեւածէին ներկայ վայրկեանէն ապագայի խորհուրդներու մէջ եւ ամէն տեղ, ու իրենց երեւակայութեան բոլոր քառուղիներու մէջ ոլորուելէ յետոյ, ահա մեծ ճանապարհին վրայ ձեռք ձեռքի էին ու անիկա կը տարածուէր իրենց դիմաց անսահմանօրէն անվերջ, առանց հանգրուանի եւ կայանի։ Բայց Սաթենիկի համար այդ բոլոր տեսիլքները լեցուն էին դառն տխրութիւնով եւ տեսակ մը անբացատրելի անձկութեամբ։ Բայց այդ տխրութիւնը եւ անձկութիւնն ալ նման չէր արդէն իրենց ծանօթ մարդկային զգացումներու եւ ոգին, նոր յուզումներու ակնդէտ, ցաւագինօրէն անհամբեր կը սպասէր գալիք օրերուն։

Ճիոճա յի ձայնը լռեր էր, անիկա կը մրափէր իր թիկնաթոռին մէջ, ժամը յառաջացած էր եւ Սաթենիկ պիտի երթար իր սենեակը. Ստեփան զինքը կեցուց սեմին վրայ։ Անսահմանելի գորովանքով մը մեղմացած էր անոր դէմքը, որուն վրայ սովորական տխրութիւնը վերածուած էր հիւանդագին քաղցրութեան։ Անիկա առաջին անգամ ըլլալով գրեթէ վախով կը խօսէր Սաթենիկի հետ, որ իր սենեակի սեմէն ներս, մութին մէջ, թէ՛ շատ մօտ էր իրեն եւ թէ շատ հեռաւոր. կարծես Ստեփան երկիղ ունէր շատ դիւրաբեկ բան մը խորտակելու ու անոր ձայնին զգուշութենէն զգացուած Սաթենիկ կը ժպտէր մեղմօրէն…

— Այսպէս ուրեմն, Սաթիկ ջան, խնդրում եմ զգաս քեզ ազատ… բոլորովին ազատ… Ներիր ինձ իմ խիստ ու անարդար խօսքերի եւ վարմունքի համար… վաղ առաւօտ կանուխ ես կը մեկնեմ Բագուից… ես չեմ գայ քեզ արթնցնելու… եթէ վճռես մնալ… ոչինչ, ես կը հասկանամ ու կը մեկնեմ առանձին։

Սաթենիկ լուռ մնաց ու իր դէմքին վրայ ժպիտը կարծես իմաստ մը ստացաւ, հակառակ կէս մութին անիկա տեսանելի էր Ստեփանին։ Աւելի ճիշդը Ստեփան Սաթենիկի բոլոր անձէն միայն այդ ժպիտը կը տեսնէր, զայն կ’իրացնէր, կ’արբենար անով եւ հոգին կը լեցուէր դողդոջուն եւ անձկալի ուրախութիւնով… բայց դիմագրաւելով այդ երջանկութեան, երեսը անդին դարձուց եւ մրմնջեց հպատակելով իր հաստատ որոշումին.

— Թերեւս եւ քեզ համար աւելի լաւ է որ մնաս… դու ինքդ վճռիր այդ մասին… ես ուզում եմ որ դու գնաս այն ճամբով, ուր կարծում ես երջանկութիւն գտնել, նոյնիսկ անկատար եւ դոյզն երջանկութիւն…

Սաթենիկ ձեռքերը երկարեց հրաժեշտ առնելու համար։

— Ուրեմն այսպէս, Սաթիկ ջան, եթէ վաղ առաւօտեան քեզ չտեսնեմ, մնացիր բարով եւ Աստուած լինի քեզ հետ։

Սաթենիկի ձեռքը իր ձեռքին մէջ դողաց։ Բայց Ստեփան բնազդով սեղմեց զայն եւ յետոյ յամրօրէն կարծես վարանելով տարաւ շրթներուն։

Կէս գիշերէն յետոյ միայն Սաթենիկ գտաւ տեսակ մը հոգեկան խաղաղութիւն, որովհետեւ կարծես թէ իր որոշումը առեր էր եւ այլեւս քնեց ծանր քունով։

Բայց զարթնումի առաջին պահուն երբ յիշեց, տխրութիւնը թանձր ստուերի նման երկարեցաւ իր էութեան վրայ։ Հիւանդագին աճապարանքով մը ուզեց հաշտուիլ այդ տխրութեան հետ եւ հոգիին խորքէն ձայն մը մեծաբարբառ եւ տիրական խօսեցաւ իրեն.

«Տառապի՛ր ու լռիր. մի խօսիր քո ցաւի մասին. միակ բանը որ պատշաճում է նրան լռութիւնն է։ Թոյլ մի տար որ քո վիշտը բարձրանայ քո դէմքին եւ աչքերին եւ թոյլ մի տար որ մարդիկ նայեն վատ հետաքրքրութեամբ եւ ծաղրանքով։

Լռիր ու առանձնացիր քո ցաւի մէջ եւ արժանի դարձիր նրա մեծութեան։ Դու կը յաղթես նրան ոչ թէ հալածելով, այլ աւելի լայն հորիզոն ընծայելով։ Մի՛ խուսափիր նրանից եւ որոնիր ապաւէն քո հոգիէն դուրս. ետ դարձրու աչքերդ բոլոր այն տարտամ եւ երկբայելի մխիթարութիւններից, որոնց ուզում ես կառչել թուլութեամբ։

Տառապանքը, որ կայ եւ լինելու է քո մէջ օտար չէ քեզ եւ քո ոգին է որ ծներ է նա. ի՞նչ փոյթ թէ ով է դրեր սերմը այնտեղ. քո էութիւնը դղրդւում է երկունքով նրա ստեղծագործութեան համար։

Մի՛ խուսափիր նրանից, նա տաժանելի է եւ լիքը ահաւոր խորհուրդներով միայն այն ժամանակ երբ աչքերդ դարձնում ես նրանից… թող նա հպատակուի քեզ, քոն դառնայ փոխանակ որ դու նրան կրես, ինչպէս դուրսից հասնող մի հարուած։

Ամուր ձեռքով բռնիր նրա սանձերից ու վարիր նրան սրարշաւ, բայց թոյլ մի տար որ նա քեզ վարի եւ գետնահարի քեզ նուաստութեամբ։

Տառապիլը անկում չէ, այլ թերեւս յաղթանակ… մի՛ մտածիր որ դու կանգնած ես վերջաւորութեանը բախտաւոր մի շրջանի, այլ սկիզբը թերեւս անծանօթ եւ նոր ուրախութիւնների, որոնք իրենց մէջ կրում են եւ իրենց հետ պիտի բերեն նոր ցաւեր եւ որոնց եղերական գեղեցկութեան համար պէտք է հոգիդ լինի յօժար»։

Այգը նոր է բացուել եւ տունը լուռ է տակաւին, դեռ կանուխ է եւ Սաթենիկ յետին դիմադրութեամբ մը կը մտածէ թէ իսկապէս չէ որոշած ընելիքը։ Կարծես իր մտքի մէկ անկիւնին մէջ պայքարը կը շարունակուի… բոլոր ամրութիւնները գրաւուած են բայց դիրք մը դեռ յուսահատօրէն կը պաշտպանէ ինքզինքը։ Տակաւին մէկ-մէկ հակընդդէմ կարծիքներու եւ զգացումներու խուլ եւ հեռաւոր որոտումը լսելի կը դառնայ, բայց անոնք ալ պիտի լռեն եւ գիտէ ինքը որ իր որոշումը առած է ոչ այս առաւօտ, ոչ երէկ երեկոյ, այլ անցեալ եւ անծանօթ ժամու մը մէջ եւ այդ որոշումն է որ այս պահուս հարկեցուցիչ կը դառնայ։ Ինչպէս գիշերաշրջիկ մեքենաբար կ’ելլէ անկողնէն, կը հագուի հապճեպ եւ ահա կ’անդրադառնայ որ իր ծրարները պատրաստ են։ Անիկա անգիտակցաբար եւ փախուստի անհնարին միջոցներ փնտռելով հանդերձ, ամէն օր աստիճանաբար պատրաստուեր է այդ ճամբորդութեան։

Արեւի ճառագայթ մը կը մտնէ իր պատուհանէն ներս եւ ամէն ինչ կը լուսաւորուի նոր լոյսով։ Բայց յանկարծ վախ մը կը շփոթեցնէ զինքը։ Թերեւս ուշ է եւ Ստեփանը մեկնած է արդէն։ Հապճեպով կը դնէ գլխարկը եւ կը բանայ ճաշասրահի դուռը։

Ստեփան այնտեղ է եւ պատրաստ մեկնելու, կը նայի ժամացոյցին եւ Սաթենիկին կ’ըսէ ուրախութենէն բեկբեկ ձայնով.

— Ճիշդ ժամանակն է եւ հազիւ կը հասնենք գնացքին։

Կառքը պատրաստ է դրան առաջ. Սաթենիկ հրաժեշտ կ’առնէ ճիոճա յէն եւ կ’իջնայ սանդուխներէն։

Ահա ամէն ինչ պատրաստ է եւ ճամբայ կ’ելլեն, երա՞զ է արդեօք այդ բոլորը։ Երբ կայարան կը հասնին, այնտեղ միայն Սաթենիկ յուզուած տխրութիւնով կ’անդրադառնայ բիրտ իրականութեան, կը դանդաղի մուտքին առաջ, սանդուխներուն վրայ։ Ստեփան կը քալէ իր առաջքէն առանց ետեւ դառնալու։ Հակառակ որ ան ալ դանդաղ կը բարձրանայ, այսուամենայնիւ Սաթենիկ կը ճգնի շտապել, անմիտ հոգով մը բռնուած։ Կարծես պիտի չհասնի Ստեփանին։ Յետոյ տարբեր մտածում մը կը ստուերոտէ աչքերը. «Ինչպէ՞ս կարելի է, ես ի՞նչ եմ անում»։ Այդ կայարանը, այդ սանդուխները, որ կարծես իրենց քայլերուն տակ կը հեծեն գանգատով, «Աս ի՞նչ ես անում»։ Ծունկները կը կքոտին ու կը զգայ որ մարմինը տկար է եւ կ’ուզէ կանգ առնել, թերեւս վերադառնալ։ Աչքերը պահ մը կը գոցէ, ինքզինքը տեղաւորելու համար նոր կացութեան մէջ եւ երբ կը բանայ արտաքին աշխարհն իսկ իր կերպարանքը փոխած է. այս նոյն կայարանը չէ, նոյն սանդուխները չեն եւ միակ հոգ մը կը տիրապետէ իրեն. շտապել Ստեփանին հասնելու, եթէ անոր նայուածքին տիրապետութիւնը զգայ իր վրայ, ամէն ինչ կը դառնայ դիւրին եւ հասկնալի, Սաթենիկ կը հետեւի անոր մանկան պէս հլու հնազանդութեամբ, բայց Ստեփան առանց ետեւ դառնալու հասեր է սանդուխին գլուխը եւ կը յամառի կռնակը դարձնել իրեն։ Սաթենիկի կը թուի որ այն փոքրիկ միջոցը, որ կայ իրենց միջեւ, քանի մը քայլ հեռաւորութիւն, կ’աճի, կը զարգանայ, կը տարածուի եւ Ստեփանը կը դառնայ հեռաւոր… անհասանելի։

Այն րոպէէն որ Գարեգին Սաթենիկի սենեակին մէջ Ստեփանին հանդիպեր էր եւ իրենց նայուածքները խաչաձեւեր էին ցմահ պայքարելու համար, այն րոպէէն արդէն հոգւոյն խորքը զգացեր էր որ ինքը առաջուց պարտուած է։ Տուն վերադարձեր էր յուսահատ եւ անյաղթելի տխրութեամբ եւ մտադրեր էր այլեւս չերեւալ մինչեւ որ Սաթենիկ իրեն հետ չհաղորդակցի ոեւէ կերպով։

Օրեր կ’անցնէին այդպէս անցկալի սպասումի մէջ։ Նաթալիա Վասիլիեւնա զարմացած Գարեգինի գրեթէ յարատեւ ներկայութենէն հետզհետէ հաշտուեր էր այն գաղափարին հետ թէ «մոլորեալ ոչխարը փարախն է վերադառնում»։ Այս զգացումը փոխանակ ներողամտութիւն ներշնչելու իրեն, դարձուցեր էր արհամարհական եւ ամէն առիթի գոհ էր ցոյց տալու յայտնի կերպով որ Գարեգին գահընկեց եղած է իր տանտիրոջ իրաւունքներէն։

Երբեք, ոչ մէկ անգամ Գարեգին այնքան որոշակի չէր զգացեր թէ այն բոլորը, որ ուզեր էր պաշտպանել իր անսանձ զգացումներուն դէմ, իր տունը եւ ընտանիքը, որոնց համար գերմարդկային զոհողութիւններ ըրեր էր, որոնց համար ինքն իսկ չարաչար խորտակուեր էր, այդ բոլորը արդէն քանդուեր էին անվերականգնելի կերպով։

Սա այլեւս տուն չէր, ընտանիք չէր, այլ երկու մահացու թշնամիներու կռուի ասպարէզ. բայց որքան ատեն որ որդին հիւանդ էր, ջանաց չնկատել այդ բոլորը եւ եղան օրեր երբ երախտապարտ մնաց, ինքը՝ հայրը, Արմիկի մէկ ժպիտին ու սիրալիր ակնարկին։ Որովհետեւ Նաթալիա Վասիլիեւնայի արհամարհական ատելութենէն աւելի վիրաւորիչ կը գտնէր եւ գրեթէ անտանելի՝ որդւոյն ճիգերը ներողամտութիւն ցոյց տալու իրեն համար։

Իր գործի ասպարէզին մէջ ալ մասնակի անյաջողութիւններ իրարու կը յաջորդէին։ Եւ ինքը գիտէր որ շատ բան հետեւանքն էր իր անփութութեան, ատոր յաջորդող ապշահար վիճակին։ Կարծես բոլոր կենսական լարերը խզուած էին իր մէջ։ Անիկա թէեւ աւելի կանոնաւոր կերպով եւ աւելի երկար ժամանակ կը մնար գործատեղին, բայց միտքը ցրուած, անուշադիր եւ անկենդան, ստիպուած էին զինքը գրեթէ բացակայ համարել։ Իր ֆիզիքական երեւոյթն ալ զգալի փոփոխութեան կ’ենթարկուէր։ Մազերուն ճերմակ թելերը աճեր էին յանկարծ ու աչքերը մարած էին ակնոցներուն ներքեւ։ Դանդաղ քայլերով, գրեթէ տատանելով կը քալէր եւ կը նմանէր մէկու մը, որ առանձին խօսելու սովորութիւն ունի։ Երբեմն անձնական քարտուղարը կը մտնար իր սենեակը եւ, քանի մը անգամ կրկնելէ ետքը «Գարեգին Իվանովիչ…», դուրս կու գար առանց պատասխան ստանալու։

Իր փոխանորդը հետզհետէ աւելի եռանդով ձեռք կ’առնէր գործի ղեկավարութիւնը. անի աստիճանաբար սովորութիւն ստացաւ ձեւի համար միայն տնօրէնին հաւանութիւնը առնելու։ Ամէն ինչ գրուած եւ պատրաստ կը բերէին իր դէմ եւ Գարեգին կը ստորագրէր անուշադիր։ Անգամ մը հաշիւի սխալ մը պատճառ եղաւ որ կարեւոր գումար մը կորսնցնէ. փայտի եւ երկաթի մեծաքանակ գնումի մը առիթով, որ ինքը անձամբ համաձայներ եւ ստորագրեր էր, փոխանորդը նկատեց թէ մեծ տարբերութիւն մը կար իր տուած գինին եւ ուրիշ ֆիրմա ներու տուած գինին մէջ։ Գարեգին ստիպուած հրամայեց տարբերութիւնը իր անձնական հաշիւին անցընելու։

— Հիւա՞նդ էք, Գարեգին Իվանովիչ, ըսաւ փոխանորդը, պահ մը վարանելէ յետոյ։

— Չգիտեմ, լաւ չեմ զգում ինձ։

— Թերեւս աւելի լաւ է մի քիչ հանգստանալ, լաւ կը լինէր որ հեռանայիք մի քանի օրով։

— Այո, լաւ կը լինէր… երբ որդիս առողջանայ մտադիր եմ գնալ հանքային ջրերը։

Ամէն ոք կը գուշակէր Գարեգին Միքայէլեանի մտային այս կազմալուծման պատճառը եւ ամէնքն ալ խիստ կերպով կը քննադատէին զինքը. իրեն անձամբ ցոյց տալով գրեթէ նախատական կարեկցութիւն։

Գարեգին իր մտքի պայծառութիւնը կը գտնէր միայն այն ժամերուն երբ սենեակը կ’առանձնանար եւ կը մտածէր Սաթենիկի մասին. բայց այդ ժամերն ալ լեցուն էին կարօտով, ցաւով եւ տառապանքով։ Եկեր էր վերջապէս որոշումի, բայց երբ այլեւս սիրտը խորտակուեր էր այնքան անգութ կերպով։ Ստեփանի եւ Սաթենիկի յարաբերութիւնները երբեմն իրեն կը թուէին շատ սերտ, երբեմն պարզ ընկերական։ Բայց ինքզինքը չէր կարող արգիլել տանջուելու այդ մտերմութենէն։ «Մի բան կայ». կը մտածէր յամառ կերպով եւ աւելի հակում ունէր խորհելու թէ մի բան եղեր է անցեալի մէջ։ Երբեմն կը մտաբերէր Սաթենիկի սիրազեղ վարմունքը իրեն հետ, դեռ այդ կոպիտ խզումին նախորդ երեկոն, անոր բոլորանուէր սէրը, ամէն բանի պատրաստակամութիւնը։ Չէր կարող ընդունիլ թէ մէկ օրէն միւսը, համարեա թէ մէկ ժամից միւսը, Սաթենիկի սիրտը տուած ըլլար ուրիշ մարդու։

«Մի բան եղեր է անցեալում», կը մտածէր յամառօրէն եւ իր այդ մտածումին հաստատութիւն կու տային Ստեփանի վարմունքը իր նկատմամբ, տհաճութիւնը զինքը բարեւելու եւ Սաթենիկի յուզումը երբ հանդիպէին անոր։ «Նա սիրում էր Սաթենիկին եւ ինձ ատում էր բնականաբար, հենց որ առիթը ներկայացաւ նա իր վրէժը լուծեց. նա օգտուեց Սաթենիկի րոպէական տկարութիւնից»։ Այս դառն մտածումը առիթ կուտար որ անդրադառնայ իր վարմունքի վրայ. «Ո՞վ տուեց իսկապէս այդ առիթը, ո՞վ յառաջ բերեց Սաթենիկի այդ տկարութիւնը։ Ես ինքս, յիմա՛ր, չկարողացայ պահպանել, ինչ որ համարում էի ամենից թանկագին ինձ համար. ես կարծեցի թէ կարելի է պահպանել, թէ՛ ընտանիք եւ թէ նրան եւ համարեա թէ կորցրի երկուսը միանգամայն…»։

«Ի՞նչ անել…» Եթէ միայն կարելի ըլլար խօսել Սաթենիկի հետ… մէկ անգամ, տասը րոպէ, իրեն կը թուէր որ ամէն ինչ կրկին հնարաւոր կը դառնար։ Բայց հինգ անգամ փորձեր էր հեռախօսել եւ մերժումի էր հանդիպեր։ Իրեն կը թուէր որ Սաթենիկ դեր չունէր այդ մերժումին մէջ, բայց ի՞նչ ընել… Չէր կարող բռնի մտնել ուրիշի բնակարանը եւ կը զգար որ ոյժ չունէր տարբեր եղանակներով հետապնդելու տեսակցութեան մը հնարաւորութիւնը։

Տասը ծանր եւ տաժանելի օրեր էին անցեր այդպէս, երբ բժիշկը յայտնեց թէ ամէն վտանգ հեռացեր էր Արմիկէն։ Այդ ուրախութիւնը խաբուսիկ մերձաւորութիւն յառաջ բերաւ իր եւ Նաթալիայի մէջ եւ իրիկունները վարժութիւնը վերստացան խօսակցելու իրենց ընելիքներուն մասին։ Կ’երթային հանքային ջրերը, եւ Արմիկը կը կազդուրուէր բոլորովին Ժերեզնավոցքի մէջ, ինչպէս յանձնարարեր էր բժիշկը։

Որոշեր էին որ նախ մայր ու որդի պիտի երթային, Գարեգին պիտի միանար իրենց աւելի ուշ, երբ մէկ ամսով արձակուրդ ստանար։

— Եթէ կարելի լինի մէկ երկու շաբաթով յետաձգել մեր ճամբորդութիւնը, ես կը գամ ուղղակի ձեզ հետ, մրմնջեց Գարեգին։

Նաթալիա Վասիլիեւնայի աչքերը փայլատակեցին յոյսով. անիկա այլեւս ոեւէ համարում չունէր իր ամուսնոյն նկատմամբ, անիկա Գարեգինը կը համարէր թոյլ եւ ողորմելի արարած, բայց երջանիկ էր միւս կնոջ վրայ տարած իր յաղթանակով։ Ինքը ջախջախեր էր միւսը, ինչպէ՞ս, ինքն ալ չէր գիտեր, բայց յաջողեր էր եւ այլեւս այդ յիմար պատմութենէն յետոյ ինքը ձեռքը կ’առնէր իր ընտանիքի բացարձակ իշխանութիւնը եւ գոնէ մարդոց աչքին իրենց պատիւը կը վերահաստատուէր։

Բայց Գարեգին այդ փափաքը յայտներ էր տարբեր մտադրութեամբ։ Անիկա որոշեր էր տունէն հեռանալ եւ Սաթենիկի հետ մեկնիլ արտասահման։ Ամէն օր եւ ամէն ժամ կը հաստատուէր իր այդ որոշումին մէջ եւ քանի իր մտադրութիւնը վճռական կը դառնար այնքան կը վերադառնար կեանքին։ Նոր աշխոյժ, նոր եռանդ կը զգար իր մէջ եւ միամիտ հաւատքը ունէր՝ թէ անմիջապէս որ այդ վճիռը յայտնէր Սաթենիկին ամէն ինչ կը կարգադրուէր։ Նա ուրախութեամբ կու գար իր մօտ եւ միասին կը մեկնէին։ Երբ կ’անդրադառնար իր որոշումին, շրթներուն վրայ կու գային գորովագին խօսքեր.

— Հա, Սաթիկ ջան, ես էլ տառապեցի դու էլ, բայց ամէն ինչ վերջացաւ։ Դու իրաւունք ունէիր հենց սկզբից, դու ոչ մէկ օր ինձ չարտայայտեցիր քո միտքը, բայց ես քո իմաստուն աչքերի մէջ տեսնում էի թէ դու չես կարող ապրել այնպէս, ինչպէս ես յիմարաբար կարելի էի համարում։ Ի փոխարէն այն արցունքներին, որ գեղեցիկ աչքերից ժայթքում էին, ի փոխարէն քո տխրութիւններին, ես ահա զոհում եմ ամէն ինչ, ոտնակոխ եմ անում իմ կառուցուած կեանքը եւ գնում եմ քեզ հետ… գո՞հ ես, Սաթիկ ջան։

Գարեգին կ’երեւակայէր անոր գոհունակութեան ժպիտը եւ սիրտը կը լեցուէր խանդաղատանքով։ Տեսնել այդ ժպիտը… ամէն գնով եւ անմիջապէս. նոյնիսկ իր տունէն հեռախօսեց։

— Ուզում եմ տեսնել Սաթենիկին, ես շատ կարեւոր բան ունեմ յայտնելիք նրան։

Կը յիշէր անկարեկիր պատասխանը Ստեփանի բերնով։

— Սաթենիկ Գրիգորովնա չէ ցանկանում ձեզ հեզ խօսել։

Տաժանելի գիշեր մը անցնելէ ետքը, առաւօտուն Գարեգին կարծեց թէ միտքերը կը պարզուին։ Անիկա հազար ենթադրութիւններէ ետք կարգ էր առեր այն մտածումին վրայ որ Սաթենիկ դեր չունի այդ մերժումներուն մէջ եւ թէ անոր կամքը բռնաբարուած էր։ «Պարզ է թէ նա էլ չարչարւում է եւ թերեւս վշտացած է ինձ դէմ, որ չփորձեցի արգելքներին յաղթել եւ տեսնել իրան։ Այն մտածումը թէ այսպէս կամ այնպէս Ստեփան բռնի կը հեռացնէր» Սաթենիկը իրմէն զայրոյթով լեցուց զինքը եւ վերջապէս վճռեց երթալ տեսակցիլ։ «Նա գամբռի նման պահպանում է Սաթենիկին, ես կը գնամ եւ կը տեսնենք… լինի ինչ որ պիտի լինի… կուրծք կուրծքի կը կռուենք, ցմահ կը կռուենք ու մեզանից մէկը միայն կը մնայ կանգուն»։

Այս զգացումներով եւ դիտաւորութիւններով տոգորուած օրերը կ’անցնէին անդադար տեւող ցասումի մէջ։ Հազիւ թէ կը զբաղէր իր գործերով եւ մեքենաբար տունէն կ’երթար գործատեղի եւ անկէց ալ տուն, յարատեւ կերպով որոճալով իր ընելիքը։ Անիկա ժամէ ժամ կը յետաձգէր գործադրել իր մտադրութիւնը՝ ոչ թէ զգուշութեամբ այլ վայրենի բնազդով. կարծես կ’ընկրկէր աւելի ճիշդ ոստում գործելու համար։ Առաւօտ մը արթնցաւ այն հաստատ զգացումով որ այդ օրն էր վճռական օրը։ Առանց նախաճաշելու գնաց գործատեղի երբ նոյնիսկ ստորադաս պաշտօնեաները չէին եկած։ Յետոյ անընդհատ պտուտքելով իր քապինէ ին մէջ սկսաւ սնուցանել եւ հրահրել զայրոյթը։ Չափազանց տժգոյն էր եւ հոգին կը սարսռար սպառնական մտադրութիւններով։ Իր մէջ կը ծագէին նաեւ սոսկալի կասկածներ եւ Սաթենիկի նկատմամբ իր զգացումները կը թունաւորուէին սրտմտութիւնով։ Հրամայեց որ վարձու կառք մը բերեն իրեն եւ ինքը, որ օրերով եւ գիշերներով սպասեր էր անձկալի համբերութեամբ մը, անհամբերութեան տագնապով տասը անգամ կը կանչէր ծառան հարցնելու.

— Դէհ, ասա ինձ անմիջապէս երբ կառքը կը հասնի։

Վերջապէս չուզելով սպասել, երբ կը պատրաստուէր իջնելու հեռախօսի զանգը հնչեց սենեակին մէջ։

— Սատանան տանէ այդ բոլորը, մրմնջեց կատաղութեամբ եւ ոտքի վրայ գործիքը ականջին դրաւ։

— Ալօ… ալօ… Նաթալիա… կարող ես ինձ հանգիստ թողնել… լա՛ւ… բաւական է, կորէք ամէնքդ ալ… համարեցէք թէ ես չկամ։

Գործիքը նետեց սեղանի վրայ, ծառան մտաւ ըսելու թէ կառքը պատրաստ է եւ ահաբեկած Գարեգինի երեւոյթէն մեքենաբար գործիքը կախեց իր տեղը։ Անմիջապէս գրեթէ հեռախօսի զանգը կրկին հնչեց, երկարատեւ յամառ զանգով մը։

— Լաւ, լաւ, Իվա՛ն, տես թէ ինչ է… յետոյ կը յայտնես փոխանորդիս…

Գարեգին հապճէպով փնտռեց գլխարկը եւ գործատեղիէն դուրս պիտի գար երբ ծառան շնչասպառ վազեց ետեւէն։

— Գարեգին Իվանովիչ… Մոսկուայի ներկայացուցիչը…

Գարեգին մեքենաբար ետ դարձաւ։ Մօտեցաւ հեռախօսին եւ գործիքը դրաւ ականջին։

— Ալօ… այս ես եմ… Նաթալիա շտապիր ասելու… հեռագիր է ստացե՞լ… ստո՞յգ է… ի հարկէ, կը հեռախօսեմ այս րոպէիս, չէ՛ չեմ կարող գնալ իր մօտ… դա իմ գործն է… լա՛ւ… բաւական է։

Գարեգին Միքայէլեան գործիքը կախեց իր տեղը եւ պահ մը մնաց ապշահար։ Յետոյ դէմքը ծածկեց ձեռքերով եւ խորասուզուած դառն մտածումներու մէջ անդրադարձաւ պատահածին. դեռ նոր կը հասկնար կարծես։ Իրենց ֆիրմա յի ծերունի ներկայացուցիչը հեռագիր էր ստացեր Մոսկուայէն. Գարեգին Միքայէլեան կը դառնար Մոսկուայի լիազօր ներկայացուցիչը ինչպէս կ’ակնկալէր տարիներէ ի վեր։ Ահա իր հետապնդած կենսական նպատակներէն մէկը կ’իրականանար։ Նա կը դառնար ամենահեղինակաւոր անձնաւորութիւններէն մէկը մեծ եւ հարուստ արդիւնաբերող քաղաքին… Տարիներէ ի վեր վարժուեր էր մտածելու թէ «դա կը լինէր իր կեանքի շատ բախտաւոր օրերից մէկը»։

Բայց ամէն ինչ գունաթափ եղեր էր իրեն համար եւ ամէն բան իր արժէքը կորցրել։ «Մի չար դեւ հալածում է այլեւս ինձ», մտածեց դառնութեամբ։ Այսպէս թէ այնպէս խաղաղութիւնը կորսուած էր եւ ահա յանկարծ անդրադարձաւ որ ինքը քիչ առաջ պատրաստուած էր երթալ այնտեղ ոճիրի ախորժակներով։ Ուրկի՞ց եւ ինչպէ՞ս արթնցեր էին իր մէջ մինչեւ այդ անծանօթ բնազդներ, ի՞նչ էր մտադրեր ընել։ «Սաթիկ ջան», մրմնջեց խղճալով թէ իր եւ թէ անոր վրայ եւ յանկարծ սիրտը փղձկեցաւ։ «Ես խելագարուեր եմ բոլորովին եւ ես ինքս չգիտեմ թէ ի՞նչ եմ անում. ես սովոր չեմ բուռն զգացումներին եւ գլխիս պտոյտ է գալիս երբ մտածում եմ թէ ինչ կարող էի անել»։

Երկար մնաց մտախոհ եւ հետզհետէ կառչեցաւ ուրիշ կարգի մտածումներու։ «Ես չեմ կարող ընդունել այդ բաժանումը, լա՛ւ… ճիշդ է… իմ կեանքը կը խորտակուէ, ես կը դառնամ ողորմելի արարած, մարմին առանց կենսատու հոգու։ Լա՛ւ, ես չեմ թողնի նրան որ բաժանուի ինձանից։ Կը կարգադրեմ այսպէս։ Կը մեկնենք հանքային ջրերը եւ ես կը դառնամ առանձին։ Ես կը ստիպեմ Նաթալիա Վասիլիեւնան որ ապահարզան խնդրէ ինձ դէմ, քանի որ ես եմ յանցաւորը։ Եթէ մերժէ, էլի կը մեկնեմ… աւելի վատ նրա համար…»։

Կրկին միտքը խորասուզուեցաւ հաւանական արգելքներու մասին։ «Կը յաղթեմ բոլոր արգելքներին»։

Մտքին պատկերացաւ ապօրէն կենակցութիւնը Սաթենիկի հետ, եթէ Նաթալիա մերժէր ապահարզան խնդրել… յետոյ տարտամ շարժում մը ըրաւ։ «Ոչ առաջինը պիտի լինեմ, ոչ ալ վերջինը… մարդիկ պիտի համարեն այդ զարմանալի, թո՛ղ զարմանան»։

Յետոյ մտաբերելով իր ծանօթները մէկիկ-մէկիկ, իր գործակիցները, իր սովորական բարեկամները, ծիծաղեցաւ արհամարհանքով։

«Ես այնպիսի դիրքի վրայ կանգնած կը լինեմ որ ոչ ոք կը համարձակուի շեղ նայել ինձ… խօմ ստորադաս պաշտօնեայ չեմ որ մի կից տան ու դուրս շպրտեն իրանց շրջանակից։ «Անդրկովկաս» ֆիրմա յի լիազօր ներկայացուցչին, շան նման կը քծնեն… եւ կը քծնեն նոյնիսկ Սաթենիկին»։

Իր գիտակցութեան մէկ հեռաւոր անկիւնին մէջ անախորժ աղմուկ մը լսելի եղաւ… թեթեւ բայց յամառ, ինչպէս բան մը ճմռթկուէր…։

«Հապա Սաթենի՞կը»։ Գարեգին անմիջապէս ապաստանեցաւ իր յիշողութիւններուն. յիշեց իր սիրելիին անսպառ եւ յուզումնալի սէրը, անշահախնդիր եւ բոլորանուէր զգացումները. «Նա ինձանից խնդրում էր մէկ բան, մենակ չթողնել, նա գանգատում էր միակ բանից, առանձնութիւնից… ես կը գնամ եւ իրան կը յայտնեմ… ։ Այս անգամ վերջնական եւ անդառնալի որոշում է. կը գնամ Նաթալիայի եւ Արմիկի հետ հանքային ջրերը եւ կը վերադառնամ առանձին ու այլեւս երբեք չենք բաժանուիր միմիանցից»։ Այս մտածումներէն ամոքուած՝ Գարեգին որոշեց երթալ նախ տեսնել ծերունի ներկայացուցիչը ինչպէս անիկա հեռախօսով խնդրել էր Նաթալիայէն։ Յետոյ կը վերադառնար քանդոռ եւ ժամը մէկին կ’երթար Սաթենիկի այցելութեան։ Յանկարծ իր մտքին ներկայացաւ Ստեփան եւ կրկին արեան տաք ալիք մը բարձրացաւ գլուխը, բայց նորէն հանգստացաւ մտածելով։

«Նա վերջապէս վայրենի չէ եւ ոչ ալ բանտապահ, կը գնամ այցելութեան… կը բարձրանամ սանդուխներէն եւ ճիոճա յին կը յայտնեմ. — Ուզում եմ տեսնել Սաթենիկ Գրիգորովնան… Ենթադրում եմ նաեւ որ Ստեփան այնտեղ յարատեւ կեցած չէ դրան առաջք եւ կարող է նոյնիսկ այնտեղ չլինել… ու կը տեսնեմ իմ Սաթենիկին…»։

Քանի մը ժամէն Սաթենիկը տեսնելու յոյսը իր սառած հոգին լեցուց ջերմութեամբ եւ անգիտակցաբար ժպտեցաւ, դիմաւորելով նոր երջանկութեան մը հեռապատկերը։

Երբ Գարեգին կէսօրի մօտ գործատեղին եկաւ, արդէն ամէնքը լսեր էին բախտաւոր լուրը. ուրիշ ֆիրմա ներու տնօրէններ, փոխանորդը եւ Արամայիս անհամբեր կը սպասէին իրեն աղմկելի խօսակցութեան մը բռնուած։ Ժամանակաւոր եւ շատ կարճ վարկաբեկումէ մը յետոյ Գարեգին կը հաստատուէր ուրեմն այնպիսի դիրքի մը մէջ որ ամէն մէկը պարտաւոր կը զգար բարեկամութիւնը ամրացնել։ Անիկա այլեւս գրեթէ տէրն է ֆիրմա յին եւ ահագին շահաբեր գործերով կրնար կապուիլ մէկին կամ միւսին հետ։ Փոխանորդը մասնաւորաբար յոյս կը սնուցանէր իրեն յաջորդելու իբր տնօրէն, քանի որ Գարեգին այլեւս իր ընդհանուր ներկայացուցչի հանգամանքով կարող էր բացակայիլ, ճամբորդութիւններ ընել, երթալ Մոսկուա երկար ժամանակով։

Երբ սրահ մտաւ, ամէնքն ալ լռեցին եւ մէկիկ-մէկիկ եկան զինքը շնորհաւորել։ Այդ յաջողութիւնը եւ շուրջը իր նկատմամբ եղած յարգանքը կը կազդուրէին զինքը։ Դեռ տժգոյն էր առաւօտեան կրած յուզումներէն, բայց իր աչքերը վերստին գտեր էին իրենց սովորական ոգեւորութիւնը։ Հետզհետէ սկսաւ գունաւորուիլ եւ նոյնիսկ այտերը եւ ականջները կ’այրէին անսովոր կերպով։

Գարեգին գրասեղանին առաջ նստեցաւ, հանդարտ եւ վայելուչ կերպով պատասխանեց իրեն եղած քաղաքավարութիւններուն. նոյնիսկ կատակեց ծանօթի մը հետ, որ փութացեր էր իր մօտ, եւ որու հետ անախորժ պատմութիւն ունեցեր էր գործի վերաբերմամբ։ Իր շուրջը եղող մարդոց մեծարանքի ժպիտները, փութկոտութիւնը կը զուարճացնէին զինքը եւ երբեմն արհամարհանքի խուսափուկ ծամածռութիւն մը յառաջ կը բերէին դէմքին վրայ։ Բայց աւելի յաճախ անձնատուր կ’ըլլար իր փառասիրութեան գոհացումին։

Գարեգին պատմեց իր տեսակցութիւնը ծերունի ներկայացուցչին հետ։ Նա կը քաշուէր գործէ եւ կը վերադառնար իր բնիկ կուպեռնադորը հողային կալուածներուն մէջ։ Իր անուանումին համար շատ ջերմ կերպով աշխատեր էր Մոսկուայէն եկած ռուս ներկայացուցիչը, նա մեծ համարում ունէր իր մասին։ Մտքով անդրադարձաւ այդ օտար բարեկամի ջերմ համակրութեան եւ Սաթենիկի նկատմամբ ցոյց տուած սիրալիր բարեկամութեան եւ մտադրեց յուսախաբ չընել զայն։ Զգաց այդ բանը ինչպէս պարտականութիւն, որ չէ կարելի զանց առնել անոր համարումը եւ աւելի հաստատուեցաւ այն գաղափարին մէջ թէ հարկ չկայ գործը քանդել։ Ընդհակառակը, իր դիրքը կ’ըլլար իր պատուանդանը։ Ահա թէ ինչ կը յայտնեմ Սաթիկին, կը մտածէր իւրովի, մինչ շուրջը խօսակցութիւնները կը շարունակէին եւ ինքն ալ կրկին մտազբաղ կը պատասխանէր այո կամ ոչ իրեն կ’ուղղէին, առանց որոշ կերպով ըմբռնելու թէ ինչ կ’ըսեն։

«Երկու շաբաթ միայն եւ յետոյ կը տանեմ Նաթալիան եւ Արմիկը հանքային ջրերը։ Այնտեղ կը յայտնեմ Նաթալիայի թէ ամէն ինչ վերջացած է։ Ես եմ մեղաւորը, լա՛ւ, թող պահանջի ապահարզան։ Յետոյ ռուսական օրէնքով կ’ամուսնանամ Սաթենիկի հետ։ Ես կ’ապահովեմ լայն կերպով Նաթալիայի եւ Արմիկի նիւթական վիճակը եւ Աստուած իրենց հետ… Եթէ Նաթալիա դիմադրէ եւ չուզէ ապահարզան… ոչինչ… — Սաթենիկի հետ կը մեկնենք Մոսկուա, կը մնանք այնտեղ որքան կարելի է երկար եւ միասին կը վերադառնանք Բագու։ Կը վերցնեմ ուրիշ բնակարան եւ Նաթալիա կ’անէ ինչպէս որ ցանկանայ։ Կը մնայ իր տան մէջ Բագւում թէ կը գնայ իր ազգականներուն մօտ, այդ իր գործն է։ Վերջ ի վերջոյ նա կ’ըմբռնէ թէ պէտք է խնդրէ ապահարզան»։

Անհամբերութեամբ ժամացոյցին նայեցաւ եւ հիւրերը ոտքի ելան։ Երկար քաղաքավարական հաւաստիքներով հրաժեշտ առին ու մեկնեցան։ Փոխանորդը եւ Արամայիսը կը մնային։ Փոխանորդը իր գլխի մէջ անհանգստութիւն ունէր։ Նա թէեւ ոչ մէկ անախորժ բառ ըսած էր երես երեսի, բայց շատ ցուրտ վերաբերեր էր Սաթենիկի հետ, մանաւանդ այն միջոցին երբ Գարեգին հիւանդ էր։ Այն պահուն որ Գարեգին հիւրերը կը ճամբէր, փոխանորդը Արամայիսի հետ կը խօսակցէր պատուհանի առաջ եւ կը ջանար անոր աջակցութիւնը ապահովել։ Շատ լաւ զգացեր էր Գարեգինի տկարութեան պատճառը եւ զգացեր էր նաեւ որ Նաթալիայի գործը վատ է։ Կը գուշակէր գրեթէ Գարեգինի մտադրութիւնները եւ այն պահուն որ անիկա ժամացոյցին նայեցաւ անհամբերութեամբ, ինքը ընտանի էր այդ շարժումին եւ գիտէր անոր նշանակութիւնը, անմիջապէս մտածեց. «Այդ Սաթենիկը դեռ նրան զբաղեցնում է, եւ թերեւս աւելի քան երբեք»։

Իր քօղարկուած ակնարկութիւններուն Արամայիս կը պատասխանէր չարաճճի ժպիտով։

— Նոր բան կայ, ըսաւ վերջապէս փոխանորդին։

— Հա, ի՞նչ բան։

— Սպասիր, կը լսես։

— Դու նրան տեսնո՞ւմ ես։

— Չէ… հանդիպեցի այնպէս դիպուածով։

— Ահ, որտե՞ղ…

— Սպասիր էլի…

Երբ Գարեգին սրահ մտաւ, Արամայիս, որ մինչեւ այդ գրեթէ լուռ մնացեր էր, ըսաւ ժպտելով.

— Գարեգին Իվանովիչ… ես լսեցի լաւ լուրը ժամը եօթին, թերեւս ձեզանից առաջ… բայց ստիպուած էի շտապել կայարան իմ քեռորդւոյս ընկերանալու. նա այսօր մեկնում էր Թիֆլիս, իր մօր մօտ… մտադրել էի ձեզ հեռախօսել կայարանից երբ ահա տեսայ Սաթենիկ Գրիգորովնան, որ նոյնպէս մեկնում էր Թիֆլիս…

Յանկարծական կարմրութիւն մը շառագունեց Գարեգինի դէմքը, յետոյ նոյնքան յանկարծապէս տժգունեցաւ բնազդմամբ փնտռեց աթոռը եւ դեդեւելով ինկաւ անոր վրայ, յետոյ նայուածքը սեւեռած հեռուն լսեց մնացեալը առերեւոյթ անտարբերութեամբ։

— Մտածեցի որ դուք էլ այնտեղ կը լինէք, եւ փնտռեցի ձեզ կայարանում, բայց չգտայ։

— Արամայիս Եակովիչ, ըսաւ Գարեգին կարծես խոր մտածումէ դուրս գալով, դու չես մոռանար ինձ յիշեցնել որ պէտք է մի ընթրիք սարքեմ մեր բարեկամների համար, իմ պաշտօնը պիտի տօնել… եւ դու գիտես որ միշտ քեզ համարեր եմ իմ սրտակից բարեկամներից…

Ծառան մտեր էր այդ միջոցին թէյի բաժակները հաւաքելու։ Գարեգին յանկարծ զայրոյթի գերագրգռութեան մէջ բռունցքը զարկաւ սեղանին…

— Իվան, ես քեզ հազար անգամ ասեր եմ, չմտնես այստեղ մինչեւ չկանչեմ, գլուխդ կը ջախջախեմ…

Իվան շուարած թողուց ամէն բան եւ խուսափեցաւ։ Արամայիս եւ փոխանորդը ցնցուեցան Գարեգինի բռունցքի հարուածէն։

— Կորիր, պոռաց անիկա Իվանի ետեւէն, կորէք ամէնքդ ալ եւ ինձ թողեցէք հանգիստ…

Փոխանորդը բարեւեց գլխով եւ կը դիմէր դէպի դուռը. Գարեգին մոլորուած աչքերով նայեցաւ երկուքին առանձին-առանձին, կարծես անծանօթներ ըլլային եւ յետոյ ճիգ մը ընելով ըսաւ Արամայիսին.

— Հա՜, ի՞նչ էի ասում… դու առանձին շնորհ ունես հանդէսներ սարքելու… դու եթէ ուզում ես զբաղուիր այդ բանով… կազմիր ցանկը մօտիկ անձերի… ոչ աւելի քան քսան… կը խորհրդակցիս մանրամասնութեանց համար Նաթալիա Վասիլիեւնայի հետ։


Ընդարձակ եւ շքեղ կերպով կահաւորուած ճաշասրահին մէջ ընթրիքը իր վերջաւորութեան կը հասնէր։ Կախէթի եւ Երեւանի գինիներու ազդեցութեան տակ հիւրերը ոգեւորութեան մէջ էին եւ հակառակ որ բաժակաճառերը սպառեր էին, նոր առիթներ կը փնտռէին խմելու. խնճոյքին առատ սեղանէն լիացած եւ գլուխները տաք, տակաւին ձեռքեր անյագօրէն կ’երկարէին գինիի շիշերը եւ ոսկեգոյն ու կարմիր հեղուկը փալփլալով իր ցոլքերը կը ցրուէր ելեկտրական լոյսերով լուսազարդուած սեղանին վրայ։

Թամատան ընտրուեր էր փոխանորդը, որ Գարեգինի պաշտօնի բարձրացումով տնօրէնը կը դառնար «Անդրկովկաս» նաւթ արդիւնաբերող ֆիրմա յին. անիկա ճարահատ եւ գոհացում տալու համար ծարաւիներուն բաժակ առաջարկեց բացակայ բարեկամներու կենացը։

Երբ լիքը բաժակները պարպուեցան, Արամայիս կրկին լեցուց իր բաժակը եւ խնդրեց թամատային.

— Թոյլ կու տաք ինձ, բաժակ ունեմ առաջարկելու։

Եւ գլուխը տաքցած արբեցութենէն, իր լայն եւ խնդում դէմքը շողշողուն ուրախութեամբ, առանց պատասխանի սպասելու, ոտքի ելաւ եւ մէկ ձեռքը կռթնցուցած սեղանին, միւսով բռնած կարմիր գինին, ըսաւ.

— Գարեգին Իվանովիչ, քեզ համար առաջարկեցին շատ բաժակներ, քեզ գովեցին եւ քեզ համար արին շատ մաղթանքներ. ես բոլոր սրտով միացայ նրանց… ես քո ամենամօտ բարեկամներից եմ. եւ դու նոր ոտդ դրեր էիր Բագու, երբ իրար հանդիպեցինք նոյն քանդոռում։ Գարեգին Իվանովիչ, դու աւելի արագ բարձրացար քո յաջողութեան սանդուխներից քան մենք, դու այժմ գտնւում ես ամենաբարձր եւ համարեա թէ անմատչելի գագաթի վրայ գործի աշխարհում։ Բայց թոյլ տուէք ինձ մի րոպէ մոռանալ այդ բոլորը եւ խօսք ուղղել ինչպէս սովոր էինք այն երիտասարդական եռանդուն օրերին… երիտասարդութիւնը քեզ սազում է բոլորովին… Գարեգին Իվանովիչ։ Ուրեմն ասում եմ. ամէն մարդ եւ ամէն մէկը մեզանից այստեղ իր սրտի խորքում մի սիրելի անուն ունէ։ Կեանքը առանց այդ գաղտնի անունին անծաղիկ անապատ է… Գարեգին Իվանովիչ, վա՜յ նրանց, որոնց սրտում չէ ծաղկեր այդ ծաղիկը։ Ուրեմն առաջարկում եմ բաժակս անծանօթ եւ բացակայ սիրելիների կենացը, թող ամէն մէկը ինքը գիտնայ թէ որու համար խմում է գինին։

Բաժակները պարպուեցան ուրախութեան ժխորի մը մէջ եւ ոչ ոք անդրադարձաւ որ Նաթալիա Վասիլիեւնան մինչեւ ականջները շառագունեցաւ զայրոյթով։

Անմիջապէս գրեթէ Գարեգին ոտքի ելաւ եւ հիւրերը շնորհակալութիւն յայտնելով տանտիրուհիին անցան հիւրասենեակը։

Նաթալիա միշտ կակաչի նման կարմիր, ցուրտ անտարբերութեամբ ընդունեց հիւրերուն մեծարանքը։ Շրթները սեղմած, աչքերը խիստ, անիկա կը նայէր ամէն մէկի վրայ ինչպէս թշնամիներու։ Երբ ամէնքը անցան ու մտան սրահ, ֆիզիքական ամոքում մը ստացաւ, բայց ահա արցունքները խուժեցին աչքերը եւ գրեթէ խուսափելով մտաւ իր ննջասենեակը։

Սալոնին մէջ հիւրերը արդէն խումբեր կազմեր էին եւ թղթախաղի համար ակնթարթի մը մէջ սեղաններ սարքուեցան։

Գարեգին անհանգիստ ջղագրգիռ, կ’անցնէր մէկ խումբէն միւսը առանց բռնուելու խաղի։ Ինքը միայն նշմարեր էր Նաթալիայի զայրոյթը եւ միտքը ցրուած էր զանազան ենթադրութիւններով։ «Եթէ զգում է որ սա վերջի երեկոն է… եթէ կարողանայ տէր դառնալ ջղերին եւ մի ոեւէ խայտառակութիւն սարքէ»։ Ուզեց հեռանալ աննկատելի կերպով եւ տեղեկանալ, բայց իր բարեկամներէն մէկը, մեծ ֆիրմայի մը տէրը, զինքը կեցուց իւղաներկ մեծադիր ծովանկարի մը առաջ.

— Գարեգին Իվանովիչ, ո՞ւր էք գնել։

— Այո՛, Հայկական նկարչահանդէսէն, հետաքրքրական է, չէ՞…

— Այո՛, շատ լաւն է. երիտասարդ նկարիչը տաղանդ ունէ։

Անցողակի խօսեցան հայկական գեղարուեստներու համար կազմուելիք ֆոնտի մը մասին։ Գարեգին հարցուց.

— Յանձնախումբի անդամ էք, չէ՞։

— Այո, ընտրել էին ինձ։ Աւելի ճիշդը որոշեր էին որ իմ գանձէս երկու հազար ռուպլի անցնի այդ ֆոնտին մէջ։

— Ինձ համար էլ գրեցէք հինգ հարիւր, ըսաւ Գարեգին Միքայէլեան։

— Այո՛, առ այժմ, կը գտնեմ եւ ուրիշ գումարներ իմ շրջանակի մէջ… աւելի ուշ… ա՜յ խօսեցէք նաեւ այդ մասին Արշակ Արտէմիջին։

Մատովը ցոյց տալով տարեց եւ գէր մարդ մը, որ ուշադրութեամբ կը հետեւէր փրեֆերանս ին առանց մասնակցելու, Գարեգին վերջապէս յաջողեցաւ հեռանալ։

Երբ Նաթալիայի սենեակը մտաւ, տեսաւ որ անիկա նստեր էր ցած աթոռի մը վրայ եւ կը հեծկլտար։ Չափազանց կարմրած դէմքը արցունքով ողողուած էր եւ իր գէր մարմինը կը ցնցուէր մասնաւորաբար ուսերէն. աչքերը խելագարի նայուածքով կը դառնային մէկ աջ եւ մէկ ձախ։ Երբ Գարեգինը տեսաւ սկսաւ գոչել.

— Տունդ քանդուի, տունս քանդեց…

Եւ այլեւս Գարեգինի բոլոր ամոքիչ խօսքերուն կը պատասխանէր միօրինակ ձայնով։

— Տունը քանդուի, տունս քանդեց… հալխին բերանը ընկեր ենք… խայտառակուեր ենք ամէնի առաջ։ Ամօթիցս մեռնում եմ… համարձակում են նոյնիսկ ինձ մօտ, իմ տանը, իմ որդու ներկայութեան բաժակ առաջարկել այդ…

Բառը չարտասանեց ինչպէս միշտ, վախնալով Գարեգինի բռնելիք դիրքէն, բայց իր սրտմտած աչքերը արցունքներուն մէջէն շեշտակի նայեցան ամուսնոյն կարծես դիմագրաւելով զայն։

Ճաշասրահին մէջ ծառաները կը վերցնէին սեղանը եւ սպասներու զուարթ աղմուկը, հիւրասենեակէն եկած ծիծաղի մը ձայնը կամ ուրախ բացագանչութիւն մը կը խառնուէին Նաթալիայի անզօր հեծկլտանքին եւ անէծքներուն։

Գարեգին, զգալով որ իր ներկայութիւնը պիտի արծարծէ կնոջը զայրոյթը, սենեակէն դուրս եկաւ եւ պահ մը դանդաղեցաւ ճաշասրահին մէջ, որպէսզի ժամանակ ունենայ յուզմունքը զսպելու եւ բնական երեւոյթ մը ստանալու։ Իր աչքերը սեւեռեց մեքենաբար դեղնորակ եւ փակ վարագոյրներուն։

«Պեզարեր եմ դրանցից, մտածեց, գունաթափ են եղել, պէտք է փոխել…»։

Յանկարծ յիշեց որ հետեւեալ օրը կը մեկնէին եւ այլեւս երբեք այս նոյն տունը, իր տունը պիտի չվերադառնար։

Իր կեանքի պզտիկ նաւը դուրս պիտի գար խաղաղ եւ ապահով նաւահանգիստէն, որովհետեւ յանկարծ իր հոգին բացուեր էր լայն եւ փոթորկալի ծովերու կարօտին… Անիկա պիտի բանար իր առագաստները նոր ափունքներու համար, թերեւս կորստեան համար, բայց բախտը վճռուած էր, իր կեանքի պզտիկ նաւը դուրս պիտի գար անվերադարձ ապահով նաւահանգիստէն եւ կարծես արդէն բաց ծովու աղի եւ բուռն քամին կը զարնուէր իր երեսին…

Միտքովը դիմաւորելով ապագան, սարսռաց երկիւղով եւ հեշտանքով… եւ յետոյ զգաց տեսակ մը հպարտութիւն։

«Ա՜յ, Սաթիկ ջան, դու կարծում էիր թէ ես չեմ կարող… ա՜յ, դուք ամէնքդ կարծում էիք թէ չեմ կարող եւ ես այդ անում եմ իմ կեանքի այնպիսի մի րոպէին…»։

Սպասուհին անցաւ իր մօտէն եւ զինքը անհանգիստ չընելու մտահոգութեամբ զարնուեցաւ դարանին։

— Վառիա, զգոյշ, դու փճացնում ես կարասիները… ախր ի՜նչ հարկ…

Յետոյ սթափուեցաւ։

«Կարասիները… կարծես իմ բոլոր մկանունքներով կապուած եմ այդ առարկաներին, այո՛, ֆիզիքապէս կապուած եմ իմ տան, իմ կարասիներին… ի հարկէ դա մեղք չէ… բայց բանը նրանում է որ պէտք է խզել այդ բոլոր կապերը… մարդիկ չեն իսկ մտածում… հարկ է ինքզինքը խլել այսպէս բիրտ կերպով իր ընտանի անկիւններից որպէսզի հասկանան թէ ինչպէ՞ս եւ ինչքա՞ն տեղերից արիւնը հոսում է»։

Միտքը մոլորեցաւ զանազան կարգի խղճահարութիւններով։

«Ես համարեա թէ արնաքամ պիտի հասնեմ քեզ, Սաթի՛կ, բայց պիտի հասնեմ, քանի որ այդպէս է հարկաւոր»։

Բռնազբօսիկ անփութութեան շարժում մը ըրաւ եւ եզրակացուց իրեն ընտանի մտածումով։

«Ոչ առաջինն եմ, որ վերջինը պիտի լինեմ… հարկ է հաշտուիլ այս դրութեան»։

Բայց գրեթէ անմիջապէս, բնազդական հապճեպով մը միտքովը կը կառուցանէր ուրիշ տուն մը, Սաթենիկին հետ, եւ ուղեկորոյս երեւակայութիւնը կը հանգստանար, յենակէտներ կը գտնէր, առարկայական մանրամասնութիւններով ներկայացնելով ինքզինքին, իր նոր բոյնը։

Բայց արդեօք Սաթենիկ ընդունակ պիտի ըլլա՞ր իր, Գարեգինի ըմբռնած ձեւով նոր բոյնը շինելու։ «Նա ընտանի թռչուն չէ, նա կարծես հազիւ թէ իր թեւերուն ծայրերով հպում է երկրին… բայց ես նրան կը կապեմ ու կ’ընտելացնեմ… նրան կարելի է բանտարկել սիրոյ վանդակի մէջ եւ ես նրան սիրում եմ անչափ, աներեւակայելի անչափ»։

«Յանկարծ իր աչքին պատկերացաւ Սաթենիկի շնորհալի պատկերը եւ անսահման ցաւով մտածեց. «Եթէ այստեղ լինէր, եթէ նա լինէր իմ տան տիրուհին… բայց դա մի անհասանելի երջանկութիւն է… մտածենք միայն ապագայի մասին…»։

Հիւրասենեակ մտնելու պահուն դէմ առ դէմ եկաւ Արամայիսի հետ։

— Ո՞ւր է Տիկինը, իրան բան եմ բերել Սեւ քաղաքից։

— Սթափուեցիր, յոյս ունեմ, պատասխանեց Գարեգին կէս կատակով… ինչ յիմար-յիմար դուրս ես տալիս… ա՜հ հանգիստ թող Տիկինը։ Լաւ ընդունելութիւն կը գտնես իր մօտ այս րոպէիս. կարող եմ խոստանալ…

Եւ Արամայիսի թեւէն բռնած մտցուց հիւրասենեակ։

Այլեւս ամէն ոք զբաղած էր թղթախաղով եւ Գարեգին մտազբաղ կը կորսնցնէր կարեւոր գումարներ։ Յանկարծ ծրար մը դրամ նետելով սեղանին վրայ ոտքի ելաւ։ Յետոյ գլուխը դարձուց նայելով խաղակիցին։ Թղթադրամի ծրարը սեղանին վրայ լքած՝ անիկա զբաղած էր խօսակցելով փաստաբանի մը հետ կարեւոր դատի մը վերաբերմամբ։

Գարեգին գիտէր իր հարուստ բարեկամին պատմութիւնը։ Անիկա հարստացեր էր հինգ տասը տարուան ընթացքին իր հողերուն արդիւնաբերութեամբը։ Նաւթը ժայթքեր էր իրար ետեւէ եւ ոսկիի անձրեւով ողողեր էր զինքը։ Անոր համար հազարները, ատոր հազարները իրենց արժէքը կորսնցուցեր էին. ինչ աստիճանի շռայլութեամբ որ մսխէր ոսկիի տեղատարափը, դարձեալ չէր յաջողեր իր օրական եկամուտը սպառելու։

Մնաց որ անիկա կ’ապրէր գրեթէ ժլատ միջակութեամբ, չկրնալով հրաժարիլ իր արդէն ստացած գրեթէ գռեհիկ սովորութիւններէն։ Բայց իր կեանքին նպատակը դարձեր էր այդ դատը շահիլ։ Հեռաւոր եւ աղքատ ժառանգորդներ դուրս եկեր էին. անոնք կը պնդէին թէ օրինաւոր իրաւունքներ ունին այն հողամասին համար, որ տարիներով համարուեր էր անարժէք. եւ հիմա ինքը չէր ուզեր տեղի տալ… Գարեգինի աննպատակ եւ սեւեռեալ նայուածքէն ենթադրելով որ կը հետաքրքրուի իր դատով, դարձաւ դէպի ան եւ բացատրեց.

— Իմանում էք Գարեգին Իվանովիչ, այն հողը, որի ժառանգորդն են համարում նրանք իրանց, խոպան եւ անարժէք հող էր… ուզում են, գնեմ իրենց համար տասն անգամ աւելի ընդարձակը եւ շնորհեմ իրանց… բայց այս հողը ո՞վ արժէքաւոր դարձուց, ո՞վ զբաղուեց… ե՛ս, միմիայն ե՛ս… ես տաքացրի իմ կուրծքով, իմ հաւատքով, իմ ցանկութիւնով այդ հողը մինչեւ որ նա տրաքուեց ու նաւթը ժայթքեց… Նրանք լքել էին իրանց պապենական ժառանգութիւնը եւ գնացեր էին նոյնիսկ այս երկրից, ես մնացի նրա մօտ, եւ սիրուհու նման սիրեցի… եւ այժմ ուզում են խլել ինձանից… Դու իմանո՞ւմ ես Գարեգին Իվանովիչ, նրանք ուզում են խլել իմ սիրուհուն…

Փաստաբանը հաւաստիացուց.

— Դուք կը տանէք… անպատճառ… բայց պէտք է կաշառել շատ շատերին…։

— Կը կաշառեմ, այդ ոչինչ, փողը չէ որ կարեւորն է։

Իր ընչաքաղցութեամբ պրկուած դէմքը պարզուեցաւ։ Հեռաւոր ժառանգորդները նոյնիսկ անծանօթ էին իրեն, բայց կարծես միջոցին մէջ կը տեսնար զանոնք եւ կը դիմադրէր աներեւոյթ ուժերու։

Գարեգին գիտէր որ այդ ժառանգորդները օրէնքով իրաւունք ունէին եւ ինքը ներքնապէս կը դատապարտէր ծերունի հողատէրին յամառութիւնը, բայց նաեւ միեւնոյն ատեն կարեկցութիւն չունէր զրկուածներուն համար։ Անիկա միայն մտածեց որ եթէ դատի եւ կաշառքի համար ծախսուած անհաշիւ փողերը տային աղքատ ազգականներուն, թերեւս անոնք այդքանով կը բաւականանային եւ զինքը հանգիստ կը թողնէին։

Բայց իր մտածումը չըսաւ բարձրաձայն, որովհետեւ զգաց անմիջապէս որ իր բարեկամ հողատէրը «ապրում էր այդ դատով, նա իր պարապ կեանքը լեցնում էր այդ կիրքով»։ Եւ կարծես ի պատասխան իր մտածումին լսեց։

— Կը մսխեմ, ռուպլի կու տամ դէզերով, բայց ճգրու համար այդ դատը կը տանեմ…

Յետոյ յուզմունքէն դողդողացող ձեռքերով, առանց վրան նայելու վերցուց Գարեգինի թողած թղթադրամները եւ գրպանը դրաւ, պատրաստուելով թղթախաղը սկսիլ ուրիշներու հետ։

— Գարեգին Իվանովի՛չ…

Երիտասարդ մը, որդին իր մէկ վաղեմի բարեկամին, ժպտուն համարձակութեամբ խլեց Գարեգինի ուշադրութիւնը։ Գրադարանի առաջ գացին եւ խօսեցան պահ մը սպառած գրքի մը մասին, որ Գարեգին փոխ տուեր էր իրեն։

— Ես ձեզ կը բերեմ գիրքը անպատճառ երբ կը վերադառնաք Բագու… ե՞րբ մտածում էք…

— Չգիտեմ, սիրելիս, չգիտեմ… ոչինչ չգիտեմ…

Յանկարծ Գարեգին զգաց ինքզինքը հեռու այդ միջավայրէն, արդէն իսկ օտար, արդէն իսկ խզուած… Ասիկա իրական կեանքը չէր կարծես. իրեն թուեցաւ որ թատրոնի բեմի վրայ են եւ կատակերգութեան մը դերակատարները։ Զգուշութեամբ սպրդեցաւ հիւրերու մէջէն, ժպտելով մէկին, բառով մը պատասխանելով միւսին եւ անցաւ իր աշխատութեան սենեակը, մեքենաբար դիմեց իրեն ընտանի եւ հանգստաւէտ թիկնաթոռին եւ տեղաւորուեցաւ։

«Ե՞րբ պիտի վերջանայ այս բոլորը, մտածեց ջլատիչ յոգնութեան զգացումով։ Ամէն ինչ իր արժէքը կորցնում է ինձ համար, ամէն ինչ անցնում է. միայն Սաթիկի սիրազեղ նայուածքն է որ իր արժէքը չի կորցրել… Ա՜հ, եթէ այստեղ լինէր… եթէ կարելի լինէր…»։

Սուր կարօտ մը գրեթէ ֆիզիքական ցաւ պատճառեց իրեն եւ սիրտը գալարուեցաւ անձկութեամբ։ Մտաբերեց Սաթենիկի գլուխը, ողորկ ճակատը եւ ուսին վրայ ինկած գանգուրի մը երերուն ոլորտը եւ խորապէս, ցաւագինօրէն հառաչեց։

— Գարեգին Իվանովիչ…

— Ա՜յ մեռնէք դուք…

Ցնցուեցաւ ու ոտքի ելաւ ու գրեթէ դժկամութեամբ անցաւ հիւրասենեակ։ Ստիպուած զգաց ինքզինքը յորդորելու.

«Սա կոմետիայի վերջին արարուածն է, համբերիր եւ դերդ կատարէ մինչեւ վարագոյրը իջնէ… եւ այլեւս երբե՛ք, Գարեգի՛ն, դիմակ չդնես դէմքիդ ու բեմի վրայ դուրս չգաս… դա չէ սազում քեզ… դու շատ անպետք դերասան ես…»։

Աշունը կ’երկարաձգուէր գաղջ եւ արեւոտ օրերով եւ Թիֆլիս քաղաքը իր լոյսով եւ բոյրով զարդարուած, կը խայտար իր սեպհական գեղեցկութիւնովը։ Կալավէնսքի սիրուն եւ լայն փողոցի երկու կողմերը անհամար ծաղկավաճառներ, յետամնաց ծաղիկներու փունջերով եւ կողովներով, տօնական երեւոյթ կու տային անվերջ անցուդարձին։ Տօթագին ամիսէ մը ետքը, ամառանոցներէ վերադարձող կենսուրախ քաղաքացին հաճոյքով կը վերագտնար կարծես որ ընտանի մայթերը եւ անակնկալ ու ուրախալի հանդիպումներ կը դանդաղեցնէին քալողներու ընթացքը։ Երգի ծուէններ դուրս կ’ելլէին լոյսով շողշողուն եւ խճողուած թէյատուներէն եւ տեղ-տեղ սազի լարային հնչիւնները սրտագին ձայներու պէս կը թրթռային ժողովրդական եւ սիրային վանկերով։

Սաթենիկ եւ Սոնիա ամէն րոպէ բազմութեան ընդհարուելով, կը շտապէին տուն վերադառնալ։ Դուրս եկեր էին գնումներ ընելու իրենց յառաջիկայ ճամբորդութեան պատրաստութեան համար եւ հիմակ մտահոգ էին ուշ մնալու որովհետեւ Ստեփան իրենց պիտի սպասէր։ Թրամուէյները լիքը կ’անցնէին առանց կենալու։ Եկան մինչեւ Երեւանեան հրապարակը եւ վերջապէս յաջողեցան կառք մը վերցնել։

Երբ տուն հասան Ստեփանը արդէն այնտեղ էր եւ յամրօրէն կը պտուտքէր սենեակի երկայնքին։ Սաթենիկ առաջ մտաւ, թողուց ծրարները տախտի վրայ եւ երկու ձեռքերը երկնցուց Ստեփանին։ Հազիւ թէ իրենց սրտագին եւ լուրջ նայուածքները հանդիպեր էին իրարու երբ Սոնիա մտաւ իր կարգին անվերջ գանգատներ մրթմրթալով եւ մազերը յարդարեց, յետոյ կրկին նայեցաւ Ստեփանին ու երկար ժպիտով մը պատասխանեց անոր ժպիտին։

Քանի մը օրերէ ի վեր միայն Սաթենիկ զգացեր էր որ հոգին խաղացած է։ Ու իր խռովայոյզ եւ հակասական զգացումները կարծես թէ վերջապէս մեղմացեր ու նուազեր էին, հնարաւոր դարձնելու այն հազուադէպ ներքին լռութիւններէն մէկը, որ այնքան նման է յուսահատ սպասումի մը։ Իր անցեալի յիշողութիւններէն եւ զգացումներէն իր մէջ մնացեր էր տարտամ եւ աննպատակ տխրութիւն մը, տեսակ մը լրջութիւն եւ իրեն համար ալ պարզ չէր թէ այդ տխրութիւնը կը վերաբերէր անցեալին թէ ապագայի նախազգացումներու։ Անիկա դարձեր էր տեսակ մը հոգեկան վիճակ, որուն ընտանեցեր էր արդէն եւ որը իր մասնաւոր եւ շատ փափուկ քաղցրութիւնը ունէր։

Քանի մը օրերէ ի վեր միայն իր մէջ ուրեմն լռեր էին բուռն զայրոյթները եւ խղճահարութիւնները եւ երբ Գարեգին իր յիշողութեան կը ներկայանար, այլեւս Սաթենիկ ինքզինքը չէր պաշտպաներ այդ յիշողութեան դէմ երկիւղալի յուզումով մը։ Նոյնիսկ շնորհակալութեան զգացում ունէր այն գեղեցիկ օրերուն համար, որ միասին անցուցեր էին, իսկ օրերը հետզհետէ գունաթափ կ’ըլլային եւ իրենց բովանդակած վիշտերէն պարապ կը ներկայանային։ Այդ բոլորը կարծես յոգնեցուցեր էին զինքը եւ սպառեր էին իր բոլոր ոյժերը։ Անիկա իր սիրոյ, կարօտի եւ վիշտի ժամերուն եւ րոպէներուն մէջ այնքան ուժգնութիւնով ապրեր էր որ կարծես իր բոլոր կենսունակութիւնը մէկ անգամէն շռայլեր էր։

Երեք անգամ Գարեգին նամակ ղրկեց հանքային ջրերէն բայց հակառակ իր բոլոր բարի կամքին Սաթենիկ չկարողացաւ պատասխանել։ Քանի անգամ որ փորձեց, քանի մը տող գրելէ յետոյ ստիպուեցաւ ջնջել։ Սաթենիկ անկարող էր իր հոգեկան այժմու տրամադրութիւնները հարազատօրէն արտայայտող նամակ մը գրել, իսկ ուրիշ կերպ գրել կը համարէր անարժան կեղծիք։ Մնաց որ այն հանգամանքը թէ Գարեգին Նաթալիա Վասիլիեւնայի հետ Ժերեզնավոցք էր, Սաթենիկի սիրտէն կը վերցնէր խղճահարութեանց բեռը։ Թէեւ Գարեգին իր նամակներուն մէջ կը հաւաստէր ջերմօրէն թէ վճռած է վերջնականապէս խզել իր կապերը ընտանիքի հետ, բայց Սաթենիկ այդ հաւաստումներուն պատասխանները կը գտնէր Գարեգինի անցեալ վարանումներուն մէջ եւ կ’ենթադրէր թէ այդ բոլորը անզօր գալարումներ են որ պիտի վերջանան իր կացութեան համակերպութեամբ։

Ամէն անգամուն Սաթենիկ իր նամակները ցոյց կու տար Սոնիային եւ գրեթէ միշտ վէճի կը բռնուէին։ Սոնիա կը կարծէր որ Սաթենիկ պարտական է իմացնել Գարեգինի թէ ինքը վերջնականապէս հեռացած է անկէ։ Սոնիա կը կարծէր նաեւ որ Սաթենիկ պարտաւոր է իմացնել յստակ կերպով Գարեգինի թէ այլեւս հարկ չկայ քանդելու անոր ընտանեկան կեանքը։

— Սոնիկ ջան, հեշտ է ասել, գրէ՛… դու երեւակայում ես երբ եւ իցէ այդպիսի նամակ… աւելի լաւ է լռել, եւ նա կը հասկնայ… ինչ որ կարող է լինել կոպիտ եւ վիրաւորիչ խօսքով կամ գրով կը դառնայ մեղմ եւ աննկատելի… նա այս րոպէիս արդէն իսկ գիտէ, բայց չի անդրադառնում իր գիտակցութեան… մէկ օրից միւսը, մէկ ժամից միւսը, իր մտածմունքի խորքից, իր հոգու խորքից ճշմարտութիւնը կը յայտնուի եւ այդ նման չի լինի դրսէն ստացած հարուածի։

— Հապա եթէ նա յաջողի Նաթալիան համոզել որ ապահարզան խնդրի…

— Ո՛չ, նա չի համոզիր եւ Նաթալիա չի համաձայնիր… ինչ որ կարելի էր մի տարի առաջ, էն օրերին, նոյնիսկ էն օրերին անհնար դարձաւ… ուրե՞մն։

— Այ եթէ ես քո տեղ լինէի ուրիշ կերպ կը մտածէի եւ ուրիշ կերպ կը գործէի։ Կը գրէի պարզ… եւ յետոյ պրծաւ…

— Չէ՛, Սոնիկ ջան, անկարելի է ինձ համար, եթէ ուզում ես դու գրիր։

— Ե՞ս… հապա էն էր պակաս… ես ապրեր եմ հեռու այդ կարգի փոթորիկներից եւ նոյնիսկ չգիտեմ որ այն մարդիկ, որ սիրեր են իրար, ինչ կարգի բառեր գործ կ’ածեն…

Սաթենիկ կը խնդրեր բարեմտութեամբ։

— Տեսնո՞ւմ ես, Սոնիկ, դու փորձութիւն չունես… թո՛ղ այդ գործերը մեզ կարգադրել, ինչպէս մենք զգում ենք…

— Այսինքն ոչինչ չկարգադրել։

— Էհ, Սոնիկ, կեանքը գնում է ինչպէս որ ուզում է, իր ընթացքում… ոչինչ չենք կարող փոխել… ո՜վ կարող էր երեւակայել…

Իր սեպհական կեանքի տեսիլքը ունենալով աչքի առաջ, Սաթենիկ խռովեալ ուշադրութեամբ մը մտքովը կը սեւեռէր Ստեփանի պատկերը։ Ո՞վ կարող էր երեւակայել… Յուզմունքի սարսուռ մը խառն, անբացատրելի կ’անցնէր իր էութեան մէջէն։ Ամէն անգամուն երբ մտքովը եւ Ստեփանի բացակայութեան կ’ուզէր տեսնել զայն, երբեք անիկա նման չէր Ստեփանի պատկերին։ Անիկա իրեն կը ներկայանար այն իրիկուան կիսադէմքով, Բագու ճիոճա յի տունը, աղօտ երեկոյեան ստուերին մէջ եւ ուրուականի նման կը յառաջանար դէպի իրեն։ Ինչպէս այն օրը անշարժացած մնացեր էր, այնպէս ամէն անգամուն հոգին կ’անշարժանար եւ կարծես կը սպասէր դժբախտութեան մը։ Բայց այդ դառն ու երկիւղալի զգացումը խառն էր անբացատրելի հեշտանքով։ Անիկա բնաւ նման չէր իր սիրային բուռն զգացումներուն, որոնցմով հոգին տոգորուած էր Գարեգինի հետ, այլ ուրիշ կարգէ աւելի ուժգին, բայց եւ աւելի տխուր զգայնութիւն մըն էր, կարծես հոգին երկունքի մէջ էր եւ կը հեծեծէր դաժան եւ տաժանելի գալարումով մը։

Բայց երբ Ստեփանը ինքը անձամբ ներկայ էր, այդ բոլորը կ’անհետանային եւ քաղցրօրէն կ’ենթարկուէր անոր ամոքուած հոգիին մտերմական ջերմութեանը։ Կը զգար որ Ստեփան երջանիկ էր իր մօտ, երջանիկ էր իրմով եւ այդ զգացումը իր կարգին գողտր ուրախութիւն կը պատճառէր Սաթենիկին։ Բայց միեւնոյն ատեն կը զգար թէ Ստեփանի ֆիզիքական ներկայութեան աւելի հեռու էր անկէ քան այն ժամերուն երբ բացակայ էր եւ միայն իր հոգու աչքերով կը տեսնար զայն։ Այդ հեռաւորութեան զգացումը վերապահ կը դարձնէր Սաթենիկը եւ ակամայ ցուրտ, բայց Ստեփան իր կարգին գոհ էր Սաթենիկի պարզ ներկայութենէն։ Անոնք նոյնիսկ կարծես կը զգուշանային մինակ մնալու եւ երբ քանի մը րոպէով այդ առանձնութիւնը ստեղծուէր, տարօրինակ վախով մը կը խօսէին տարբեր բաներու վրայ եւ երկուքը միացած կը հալածէին լռութիւնը, յղի այն բոլոր դեռ չարտասանուած բառերով եւ չարտայայտուած զգացումներով։

Երբ աղախինը սամավարը բերաւ, արդէն երեքն ալ բոլորուած էին սեղանի շուրջ. Սոնիան հարկ եղած բոլոր ձեւակերպութիւնները կատարելէ յետոյ թէյի բաժակները լեցուց, եւ վերջապէս սկսան խօսակցիլ։

— Ուրեմն, Ստեփան, վճռեր ես այդպէս…

— Այո՛, անհրաժեշտ է, ես վաղ երեկոյին կը մեկնեմ եւ իմ շրջանը կատարելէ յետոյ ձեզ կը սպասեմ Աղեքսանդրապոլ, ուրկէ ետք միասին կը ճամբորդենք։

— Ախր, Ստեփան, այդ բոլորը լա՛ւ, բայց եթէ գանք քեզ հետ եւ Աղեքսանդրապոլ սպասենք։

— Չէ՛, Սոնիա, հարկ չկայ… ինչի՞ մնանք մի շաբաթ Աղեքսանդրապոլում… Ես ստիպուած եմ նախ իջնել Գարաքիլիսէ… չէ՛, չէ, աւելի լաւ է այդ մէկ շաբաթը անցկացնէք Թիֆլիս, ձեր տան մէջ հանգիստ…

Մտքովը հաշուեց։

— Էգուց Չորեքշաբթի է, հենց յառաջիկայ Չորեքշաբթի իրար կը գտնենք Աղեքսանդրապոլում, Արշակի տանը։

— Չգիտեմ ինչո՞ւ ինձ դուր չէ գալիս…

Բայց այլեւս Ստեփան ուշադրութիւն չդարձուց Սոնիային։ Շաքարամանը առնելու միջոցին իր մատները դպեր էին Սաթենիկի ձեռքին ու յանկարծ անսպասելի յուզումով մը խռովուած, երկար եւ խոր նայուածքով կը նայէր Սաթենիկին։ Անիկա աչքերը խոնարհեց բայց դեռ կը զգար Ստեփանի նայուածքը իր վրայ եւ կը զգար նաեւ որ արեան ջերմ ալիք մը կը բարձրանար իր այտերը։

Դուրսը պատշգամին վրայ քայլերու աղմուկ մը Սոնիային ուշադրութիւնը գրաւեց եւ նոյն միջոցին աղախինը ներս մտաւ ծանուցանելով.

— Մի անծանօթ երիտասարդ ուզում է խօսել Սաթենիկ Գրիգորովնայի հետ։

— Ինչպէ՜ս թէ անծանօթ երիտասարդ։

Ստեփան հարցուց.

— Հա՞յ է։

— Ի հարկէ հայ է… ուզում է տեսնել… ասում է…

— Լա՛ւ, թող մտնէ այստեղ։

Երբ անծանօթը ներս մտաւ, շուարած նայեցաւ երեքին եւ յետոյ շիտակ ուղղուեցաւ Սաթենիկին անունը յայտնելով.

— Նիկիտ Նիկիտիչ, գալիս եմ հանքային ջրերից… պատուէր ունեմ ձեզ տեսնել առանձին… եթէ կարելի է… ասենք ձեզ բան ունեմ յայտնելիք։

— Լա՛ւ, լա՛ւ, պարոն, համեցէք, ըսաւ Սոնիա միջամտելով։

Ստեփան մռայլեցաւ եւ աչքերը սեւեռեց իր թէյի բաժակին։ Սաթենիկ գրեթէ մրմնջելով ծանօթացուց իր սեղանակիցները։

Պահ մը լռութիւն տիրեց։ Սոնիա համարձակեցաւ խզել այդ լռութիւնը.

— Ուզո՞ւմ էք մի բաժակ թէյ։

— Շնորհակալութիւն… ես եկել եմ յանձնելու…

Ստեփանը ընդոստ ոտքի ելաւ։

Սաթենիկ յամրաբար աչքերը բարձրացուց դէպի Ստեփանը եւ այդ աչքերը պայծառ էին գրեթէ թափանցիկ… հանդարտ ձայնով անիկա հարցուց.

— Ո՞ւր ես գնում, Ստեփան, արի ինձ մօտ։

Եւ դառնալով դէպի նորեկը.

— Նիկիտ Նիկիտիչ, դուք կարող էք յայտնել ամէն ինչ իմ մտերիմ բարեկամներու ներկայութեան. ասացէք կըխնդրեմ։

— Սաթենիկ Գրիգորովնա, ահա թէ ինչ… Ես հանքային ջրերում էի… ես այժմ անձնական քարտուղարն եմ Գարեգին Իվանովիչի… նա ինձ խնդրեց այս նամակը ձեզ բերել։

Գրպանէն հանեց կնքուած նամակը եւ աւելցուց.

— Մասնաւոր խնդրեց որ անձամբ ձեզ յայտնեմ։

— Սպասո՞ւմ էք պատասխանին։

— Ոչ, առանձին բան չասեց այդ մասին, չգիտեմ…

— Լաւ ուրեմն, յետոյ կը կարդամ։

Սաթենիկ նամակը դրաւ սեղանին վրայ իր ձեռքին տակ։ Հետզհետէ Ստեփանի թափանցող նայուածքին տակ զգաց որ յուզումը կը գրաւէր զինքը. տեսակ մը պղտոր զգացում՝ խառն անցեալ եւ ներկայ տպաւորութիւններով։ Իր մատները փակ պահարանին վրայ անհանգիստ շարժումներ ունէին։

Սոնիան բնազդաբար զգալով կացութեան դժուարութիւնը, ուզեց ցրուել վատ տրամադրութիւնները խօսքի բռնուելով երիտասարդին հետ։

— Ժերիգնովոցք էիք ուրեմն… շատ գեղեցիկ է գիտեմ… բայց այժմ արդէն պէտք է ամայացած լինի։

— Ոչինչ մենք չէինք նկատում։ Առանձին տաչայում[2] էինք բնակում։ Կը ճանաչէք անշուշտ Գարեգին Իվանովիչը… նրա որդին բոլորովին լաւ է… Նաթալիա Վասիլիեւնան շատ յոգներ էր խնամելով որդուն, բայց նա էլ լաւ է…

— Հիւա՞նդ էր Նաթալիա Վասիլիեւնան, հարցուց Սոնիա բան մը ըսած ըլլալու համար։

— Նա չգիտեմ մի ինչ որ ջղային անհանգստութիւն ունէր, բայց վերջի օրերը լաւ էր։ Իմ մեկնած օրը… վերջին անգամ երբ խօսում էի Գարեգին Իվանովիչի հետ նա պատշգամը եկաւ… հիւրեր կային սրահը… նրա ձեռքին կային քարթեր, նա շտապեցնում էր ամուսնոյն ըսելով. «Գարեգի՛ն, քեզ ենք սպասում»։

Սաթենիկ շառագունեցաւ յուզումէն։ Իր անցեալ ամենադառն ժամերէն մէկը իրեն կը վերադառնար կարծես իր բովանդակած վիշտով, ցասումով եւ նախատինքներով. խռովայոյզ արագութեամբ մը մտածեց. «Բնակւում են տաչա յում, հիւրեր են ընդունում եւ իրանց մեռելական կեանքը լեցնելու համար զբաղւում են թղթախաղով։ Ահա թէ ինչ բանի համար Գարեգին չուզեց քանդել իր տունը… Նա չի կարող ապրել տարբեր կեանքով եւ ինձ գրում է՜… ի հարկէ. երբ Բագու վերադառնայ անախորժ չէ իրան համար մի քանի շաբթուայ հանգիստէ յետոյ գտնել իր նախկին սիրուհւոյն…»։

Ամօթի եւ զայրոյթի խառն զգացումներ բարձրացան, խեղդեցին զինքը։ Կարծես դառն հաճոյք մը կը զգար ինքզինքը մտրակելով նախատինքով, իր հպարտութիւնը վիրաւորելով մահացու հարուածներով։

— Իր նախկին սիրուհին։

Սաթենիկ իր տխրած աչքերը աղերսանքով դարձուց Ստեփանին, բայց անիկա իր բաժակին կը նայէր անխօս եւ անշարժ։

— Լա՛ւ, լաւ, կ’ըսէր Սոնիա, անզօր ջանքեր ընելով դադրեցնելու երիտասարդը։ Բայց անիկա հպարտ այն մտերմութենէն, որ իր ղազէյիներու[3] մօտ կը վայելէր, կը պատմէր ուրիշ եւ ուրիշ մանրամասնութիւններ։ Ամէն անգամ որ Նաթալիայի եւ Գարեգինի անունները իրարու հետ կ’արտասանէր, Սաթենիկ կրկին կը ցնցուէր եւ ի զուր կը ջանար իր յուզուած էութիւնը խաղաղեցնել ցուրտ տրամաբանութեամբ։

— Աւելի լա՛ւ, աւելի լա՛ւ, ինչի՞ եմ յուզւում. սա ի՞նչ վատ զգացում է… այր ու կին լաւ իրար հետ, աւելի լաւ։ Ստեփանը իրաւունք ունէր։ Նրանք իսկապէս միմիանց լաւ յարմարած զոյգ են։

Սաթենիկ իր վիրաւորուած արժանապատուութեան այդ սրտմտութեան մէջ կրկին իր աչքերը յառեց Ստեփանին ու իրեն թուեցաւ որ անոր երեւոյթն իսկ կը վերահաստատէր զինքը իր պատուին մէջ։ Անոր տխրութիւնը, անոր խստութիւնը առաջին անգամ իրենց արժէքով ներկայացան իրեն եւ երախտապարտ զգաց ինքզինքը անսահման զգացումով։ Ջերմեռանդութեամբ խոստացաւ ինքզինքին արժանի ըլլալ Ստեփանին իրեն համար ունեցած զգացումներուն եւ իր հոգին մաքրել անցեալի բոլոր ստուերներէն։ Եթէ առանձին ըլլային այդ միջոցին, Սաթենիկ իր այդ մտածումները կը յայտնէր՝ ապաւինած իր յուզումին անկեղծութեանը։ Կը զգար շատ լաւ որ իր հոգին խռովող բոլոր զգացումները կարող էր արտայայտել հեզասահ դիւրութեամբ, եթէ առանձին ըլլային։ Բայց այս անգամ ալ արտաքին պատճառներ արգիլեցին զինքը։

Երբ երիտասարդը մեկնեցաւ, պահ մը լուռ մնացին, յետոյ Ստեփան աչքերը բարձրացուց Սաթենիկին, բայց անոր յուզումը սխալ մեկնելով անկարեկիր խստութեամբ խոժոռեցաւ։

Մէկէն ոտքի ելաւ եւ սկսաւ պտուտքիլ սենեակին մէջ, յետոյ Սոնիային դառնալով ըսաւ.

— Անցնինք կողքի սենեակը, մեկնելէ առաջ դեռ բան ունէի ասելիք։

Սաթենիկ շուարուն կը նայէր Ստեփանին եւ երբ Սոնիա ոտքի ելաւ, փղձկեցաւ.

— Չէ՛, Սոնիա, չէ, Ստեփան, ինչի՞ ինձ թողնում էք առանձին։

Ստեփան կանգ առաւ եւ նայեցաւ խստութեամբ, ուզեց բան մը ըսել, բայց լռեց։

Սոնիա միջամտեց.

— Ախր, նամակ ունես կարդալիք… ես չեմ հասկանում, ոչինչ չեմ հասկանում…

— Ստեփան, ըսաւ Սաթենիկ փաղաքշական ձայնով, նստեցէք էլի… կը կարդամ, լա՛ւ, ձեր ներկայութեան։

— Քեզ համար անախորժ կը լինի, պատասխանեց Ստեփան խուլ ձայնով։

— Չէ՛, Ստեփան, դու սխալւում ես, շատ սխալւում ես…

Ձայնը դողաց եւ արցունքներ պղտորեցին աչքերը։

— Լա՛ւ, լա՛ւ, Սաթիկ ջան, ըսաւ Սոնիա անհամբերութեամբ. զարմանալի մարդիկ էք, ամենապարզ բանը դարձնում էք ողբերգութիւն… Ա՜յ… քեզ մի բաժակ թէյ, դարձաւ դէպի Ստեփանը հաշտարար ձայնով… Արի Ստեփա՛ն, նստիր էլի… ա՜յ քեզ բան…

Երբ Ստեփան նստեցաւ, Սաթենիկ վարանող մատներով բացաւ նամակը եւ իր հակասական զգացումներու յուզումին ընդմէջէն պղտորուած մտքով կարդաց։

«Իմ սիրելի եւ անմոռանալի Սաթիկ,

Այս արդէն վերջին նամակն է որ գրում եմ քեզ։ Երբ այս գիրս քեզ հասնի ամէն ինչ վճռուած կը լինի արդէն։ Այս երեկոյ պիտի յայտնեմ իմ որոշումը Նաթալիայի։ Նա կը համաձայնի թէ ոչ միեւնոյնն է։ Ապրիլ այս դրութեան մէջ ինքնասպանութիւն է ինձ համար եւ ես համարում եմ այդ մահացու մեղք։ Ես քեզ նկատմամբ անցայ մի շարք զգացումներից, եղան օրեր, որ շատ վատ կերպով դատեցի քո վարմունքը. թէ որքան վիշտ ու ցաւ պատճառեցիր ինձ, Սաթիկ ջան, այդ չեմ ուզում ասել այժմ։ Երբ ես քեզ կը տեսնեմ կրկին, ազատուած անցեալի բոլոր կապանքներից, այն ատեն միայն իրաւունք կ’ունենամ խօսել քո ինձ պատճառած տառապանքի մասին։ Բայց հենց որ քո գեղեցիկ աչքերը տեսնեմ, ջան, կը մոռանամ ամէն ինչ… Եթէ ինձ պատասխանես երկու տողով, անչափ երախտապարտ կը լինեմ քեզ… բայց եթէ չի զիջես, էլի ոչինչ։ Կը տանեմ ու այդ վիրաւորանքը, որովհետեւ հոգու խորքից զգում եմ որ իրաւունք ունես քո անվստահութեան մէջ։ Իրաւունք ունես եւ քո լռութեանդ մէջ, լսում եմ թէ ինչ պահանջում ես ինձանից։

Ուրեմն ցտեսութիւն. յուզումով եւ անչափ սիրով համբուրում եմ քո քնքուշ ձեռքը»։

Հետզհետէ նամակը կարդացած ժամանակ Սաթենիկ զգաց տարօրինակ սառնութիւն, իր պաղ ճակտին վրայ, իր ողնայարի երկայնքին կը զգար ինչպէս ցուրտ քրտինք… երբ վերջացուց չափազանց տժգունած էր եւ կարկամած շարժումով մը բաց նամակը երկարեց Ստեփանին եւ յետոյ տուաւ Սոնիային։

Սոնիա կարդալէ յետոյ հակառակ իրեն յուզուած էր, յետոյ պարզամտութեամբ հարցուց Ստեփանին.

— Էհ, ի՞նչ ես ասում, Ստեփան։

— Ես, ոչինչ. դա մի այնպիսի խնդիր է, որ Սաթենիկը միայն կարող է լուծել։

— Բայց այդ մարդը պատասխանի է սպասում։

— Չէիք ուզենայ, կարծում եմ, որ ես գրէի պատասխանը։

— Ի հարկէ չէ, բայց մի բան ասա՛. էլի…

Սաթենիկ անշարժ դիմագիծով կը նայէր իր դէմքը, կարծես կը սպասէր դատավճռի։ Բայց ահա իր հոգւոյն ցուրտ լռութեան մէջ յայտնուեցաւ Նաթալիայի եւ Գարեգինի պատկերը կողք կողքի։ Անգութ յստակութեամբ մը վերյիշեց նամակաբերին խօսքերը եւ միտքը ընկղմելով, գրեթէ յիմարութեան մէջ ծիծաղեց։

Այդ ծիծաղը կը հնչէր տարօրինակ կերպով օտար եւ տխուր. Սոնիա վազեց Սաթենիկի մօտ։ Անիկա գլուխը կռթնցուց Սոնիայի ուսին եւ սկսաւ հեծկլտալ. անգամ մը եւս Գարեգինի համար արցունքը առատ ժայթքեցաւ իր աչքերէն, բայց գրեթէ անմիջապէս ամոքուեցաւ եւ յոգնած ձայնով ըսաւ՝ թէ՛ Ստեփանի եւ թէ Սոնիայի ուղղուելով.

— Գարեգին Իվանովիչ ի զուր ինձ ենթարկում է այս յուզումներին… ինչ որ եղած է… ես այլեւս ոեւէ հանգամանքում չեմ կարող…

— Լա՛ւ, ընդհատեց Սոնիա, գրիր էլի, գրիր նրան որ չես ուզում. նա քանդում է իր տունը եւ ընտանիքը քեզ համար… նա սպառնում է այդ անելով… գոնէ գրիր քանի ուշ չէ։

Սաթենիկ կրկին ծիծաղեց։

— Ո՜ւհ, ինչ չարն ես. Սաթի՛կ, դու ինձ վախեցնում ես…

— Բանն այն է, Սոնիա, որ չեմ հաւատում, չեմ կարող այլեւս հաւատալ…

— Ինչպէ՞ս թէ չես հաւատում… այդ նամակը անկեղծ շեշտով է գրուած։

— Ես ոչ թէ չեմ հաւատում իր անկեղծութեան… ո՜հ ոչ… նա միշտ էլ եղել է անկեղծ, բայց չեմ հաւատում որ կը կարողանայ…

— Բայց եթէ կարողանայ… մտածիր մի անգամ։

— Միշտ ժամանակ կայ մտածելու… նա ինձ սովորեցրել է իր դիտաւորութեան անվերջ փոփոխութիւնների… եթէ կարողանայ… լա՛ւ կը տեսնենք…

— Դա պարկեշտ վարմունք չէ, Սաթիկ… եթէ նրա կինը ապահարզան խնդրէ… յետո՞յ…

— Ախր, նա չի ստանայ ապահարզանը շանթի արագութեամբ… ինչ էլ որ լինի ժամանակ կայ նրան յայտնելու…

— Ստեփա՛ն, ախր մի բան ասա, չէ կարելի այդպէս… այստեղ հարցը պարզ է…

— Դու Սոնիա, միջամտեց Սաթենիկ, ամէն ինչ պարզ ես տեսնում, ե՛ս ոչ…

Սոնիա նեղացած անցաւ կողքի սենեակը։

Սաթենիկ եւ Ստեփան իրարու նայեցան երկարօրէն եւ իրարու նայուածքի մէջ զգացին որ ամէն բան, որ իրենցմէ դուրս էր, կ’ընկղմէր տարտամ անորոշութեան մէջ։ Այդ փոխադարձ վստահութեան արտայայտութիւնը սփոփեց զիրենք իրենց առանձին զգացումներուն մէջ եւ աւելի ուշ, երբ հրաժեշտ առին իրարմէ, Ստեփան գիտէր որ այլեւս կասկածելի բան չկայ Սաթենիկի մէջ։ Ստեփան անոր ձեռքը ամուր սեղմած ժամադրութիւն տուաւ հետեւեալ առաւօտեան համար, ուրկէ յետոյ պիտի մեկնէր Թիֆլիսէն։

— Յոգնած ես, Սաթիկ ջան, ըսաւ մեղմ ձայնով, եւ աւելի լաւ է որ անմիջապէս հանգստանաս։ Էգուց առաւօտուն կը խօսենք, ցտեսութիւն։

Պատշգամին բաց դրան առաջք, գիշերուան զովութենէն դողդղալով, Սաթենիկ լսեց Ստեփանի քայլերը սանդուխներուն վրայ, յետոյ բակին մէջ եւ յետոյ կորսուեցան հետզհետէ։ Հոգին լեցուած անասելի անձկութիւնով Սաթենիկ գոցեց դուռը, լոյսը մարեց եւ անցաւ Սոնիայի սենեակը, ու կը քնէր ընդհանրապէս։ Զգուշացաւ խօսքի բռնուիլ Սոնիայի հետ եւ շտապով հանուեցաւ ու պառկեցաւ։ Կ’ուզէր մինակ մնալ իր զգացումներուն հետ, բայց անոնք կը բարձրանային ինչպէս քամիէն մղուած առագաստներ եւ կը հեռանային դէպի անծանօթ եւ մարախլապատ հորիզոններ։


*****


Լոյսը ողողեր էր այն սենեակը, ուր առաջին անգամ Սաթենիկ հանդիպեր էր Ստեփանին։ Նոյն սեղանի առաջք էին եւ Ստեփան չափազանց նման էր այն օրուան իր ճամբորդութեան հագուստներով։ Սաթենիկի ձեռքը բռնած քնքշութեամբ, կը խօսէր մեղմ ձայնով, հոգին լեցուած բարութեամբ եւ գորովանքով։ Ինչպէս այն առաջին օրը ինքզինքը կը զգար մեծ եւ զօրաւոր եւ կարծես բարեմտութեամբ կը զբաղէր բարեկամ տան մէջ հանդիպած երեխայի հետ։ Սաթենիկ ջերմեռանդ հիացումով եւ վստահութեամբ կը լսէր զայն։ Ստեփանի մէջ կիրքերը լռել էին այս միջոցին, նոյնիսկ սիրոյ զգացումը խառնուեր էր աւելի ընդհանուր, աւելի համապարփակ զգացումի մը։ Իր աչքերը չունէին սովորական խստութիւնը եւ տխրութիւն եւ լոյս կու տային նոյնիսկ անշունչ առարկաներուն երբ իրենց նայուածքը կ’անցնէր անոնց վրայէն։ Կարծես հանդիսաւոր եւ չափազանց ծանրակշիռ րոպէի մը մէջ էին եւ անվերադարձ բաժանումի սեմին վրայ։ Սոնիա կը մտնէր եւ կ’ելլէր սրահէն հապճեպով եւ իրենց առանձնութիւնը կը խանգարէր անգիտակցաբար, բայց այսօր անոնք չէին իսկ նշմարեր անոր ներկայութիւնը. կարծես առանձին էին ու տարբեր աշխարհի մէջ, բայց անմիջապէս որ կը խօսէին իրականութեան կը վերադառնային եւ մարդկային ուրախութիւնը կամ տխրութիւնը կը հպանցէր իրենց հոգիներէն։

— Սաթի՛կ ջան, կ’ըսէր Ստեփան, ես քեզ այսօր տեսնում եմ այնպէս, ինչպէս սովոր էի տեսնել իմ հոգու աչքերով։ Մեկնում եմ վստահ եւ հանգիստ սրտով… դու վերստացար քո հոգեկան կուսութիւնը, դու նման ես այն պատկերին, որ կազմեր էի քեզանից։

— Ստեփա՛ն, ճիշդ է որ քո վստահութիւնը արդարացի է, ես էլ չգիտեմ ինչպէ՞ս… բայց…

Վարանելով նայեցաւ Ստեփանին, յետոյ գրեթէ մրմնջելով՝

— Պիտի մոռնա՞ս ամբողջովին ինչ որ պատահեց անցեալում…

— Չխօսենք անցեալի մասին… դա դժբախտ մի թիւրիմացութիւն էր… անցեալը այլեւս գոյութիւն չունէ… քո նայուածքը այլեւս, Սաթիկ ջան, յստակ է ու անխարդախ ինչպէս երեխայի նայուածքը… եւ եթէ պատահի որ յետագայում մի ինչ որ չար դեւ ինձ յիշեցնէ անցեալը… կը նայեմ քո պայծառ ու լուսաւոր աչքերին…

— Ես քո աչքերին մէջ, ինչպէս յստակ պատկեր տեսնում եմ քո մաքրագործուած հոգին։

Սոնիա, որ այդ միջոցին սենեակ մտաւ, պահ մը կեցաւ ու լսեց։ Ինչ որ զինքը ապշահար զարմացումի կը մատնէր Ստեփանի վերջին խօսքերը չէին, այլ անոր ձայնը։ Այդ ձայնը ինքը երբեք չէր լսած ու սիրտը սեղմուեցաւ անորոշ եւ անբացատրելի տհաճութեամբ մը։

Իր ներկայութեան Ստեփան եւ Սաթենիկ լռեցին, բայց անիմջապէս որ հեռացաւ կրկին խօսեցան…

— Մի շաբաթ միայն… եւ այլեւս երբեք չենք բաժանուիր իրարից… կը գնանք, Սաթիկ ջան, քեզ հետ մինչեւ…

— Մի շաբաթ… Ստեփան, եւ այդ մի շաբաթը ես կ’անցկացնեմ մի միայն հոգեպէս պատրաստուելու մեր կրկին տեսութեան…

Ձեռքը դրաւ ինքնաբերաբար Ստեփանի ձեռքին մէջ եւ անիկա իր շրթներուն տարաւ երախտապարտութեամբ։ Յետոյ իր յուզուած աչքերը սեւեռելով Սաթենիկին, ժպտեցաւ ան այս անգամ դիւրին եւ սիրազեղ ժպիտով։

Նոր լոյս մը զիրենք պարփակեց կարծես, ողողեց իրենց մտածումները… բայց Ստեփանի սրտին մէջ յանկարծ տեսակ մը հոգ եկաւ, առանց պատճառի, անտրամաբանական։

— Թերւես աւելի լաւ կը լինէր… մտածում եմ… Սոնիա թերեւս իրաւունք ունէր… այդ մէկ շաբաթը… լաւ կը լինէր անշուշտ, եթէ միասին մեկնէինք… բայց այլեւս չէ կարելի։

Սաթենիկ սխալ մեկնեց այդ հոգը եւ ուզեց անմիջապէս ցրուել։

— Չէ, Ստեփան, մեկնիր հանգիստ եւ ուրախ սրտով, այն ինչ որ կարծում ես…

Աչքերը դարձուց ամօթով ու գլուխը հակեց վզին վրայ… յետոյ համարձակութեամբ սեւեռեց նայուածքը Ստեփանին եւ ըսաւ մեղմ ձայնով.

— Ինչ որ մեռած է, մեռած է Ստեփան… անկախ քեզանից եւ անկախ իմ նոր զգացումներից հաւատացիր ինձ, նա…

— Հաւատում եմ, Սաթիկ ջան, եւ այդ չէր որ ասում էի, բայց ոչինչ. դէ՜հ ցտեսութիւն… Սոնիկ, ամէն ինչ պատրաստ է չէ՞… լաւ Սաթի՛կ ջան…

Ոտքի ելան երկուքն ալ եւ իրենց ձեռքերը սարսուռի մը մէջ միացան իրարու, պահ մը վարանեցան եւ յետոյ Ստեփան փափկութեամբ բռնեց Սաթենիկի մէջքէն եւ կուրծքին վրայ սեղմեց զայն։ Սաթենիկ գլուխը դէպի ետ հակեց, աչքերը գոցեց եւ իր շրթներուն վրայ զգաց տաք եւ երկար համբոյրը Ստեփանին։ Ուզեց պատասխանել այդ համբոյրին, բայց Ստեփանի ձեռքը թողուց զինքը եւ երբ Սաթենիկ աչքերը բացաւ՝ տեսաւ որ անիկա հրաժեշտ կ’առնէր Սոնիայէն։ Բռնազբօսիկ եւ օտարոտի բան մը կար երկու վաղեմի ընկերներու մէջ եւ անոնք, իրենց սովորութեան հակառակ, քաղաքավարական ձեւակերպութիւններու դիմեցին դուրս գալու համար դժուարին կացութենէն։ Սոնիա կարմրած էր եւ աչքերուն մէջ տարօրինակ զարմացում կար, այնքան խոր զարմացում, ուրկէ կարծես երբեք պիտի չսթափուէր։ Սաթենիկ կարծես երազի մէջ լսեց Ստեփանի վերջին հրահանգները, եւ վերջին խօսքը… ցտեսութիւն Սաթի՛կ, ցտեսութիւն Սոնիա՛… վերջին վանկը… ու անոր լռին ստուերը անցաւ պատշգամէն։

Սոնիա եւ Սաթենիկ ետեւէն գացին, տեսան որ կ’իջնէր սանդուխներէն եւ անցաւ բակէն։ Դրանը շուքին մէջ աւելի թանձր ստուեր մը երերալով անհետացաւ։ Երկար մնացին երկու կիները պատշգամի եզերքին կռթնած ու երբ մտան սրահ, Սաթենիկ տեսաւ որ Սոնիա կը խաչակնքէր…

Առաջին անգամը չէր որ Ստեփան կը մեկնէր այդպէս եւ այս անգամ շաբաթէ մը պիտի երթային գտնելու զինքը։ Ինչո՞ւ խռոված էին երկուքն ալ իրենց էութեան խորքերէն… Սաթենիկ տաշտին վրայ նստած կը մխրճուէր իր յուզուած զգացումներուն մէջ… կ’ուզէր մտածել եւ ժպտիլ ապագային… շաբաթ մը յետոյ… բայց միտքը չուզեց սուրալ դէպի ապագայի երազները… անիկա յամառ կերպով կը տեսնէր խուսափուկ պատկեր մը, դրանը շուքին մէջ աւելի թանձր ստուեր մը որ դողդղալով կ’անհետի…

Հազար բան ունէին ընելիք, բայց երկու կիներն ալ անդամալուծուեր էին անգործութեամբ։ Կը զգուշանային իրարու խօսիլ եւ նոյնիսկ իրարու նայիլ։ Սաթենիկ, ձեռքերը միացուցած, բարձրացած ծունկին վրայ, կ’օրօրուէր մեղմօրէն, իսկ Սոնիա հազիւ թէ կը մտնէր սենեակ, կը մեկնէր անմիջապէս շուարուն եւ խելայեղ. առանձին կը խօսէր միօրինակ մրմնջելով։

— Ա՜յ քեզ բան… եթէ կարող էի երբեւիցէ երեւակայել… ա՜յ քեզ բան… ահա թէ ինչո՞ւ… յիմա՛ր Սոնիա… եթէ կարող էիր երբեւիցէ երեւակայել… ա՜յ քեզ բան, ա՜յ քեզ նորութիւն…

Չորս օր անցեր էր Ստեփանի մեկնելէն ի վեր եւ Սոնիա հաշտուած կը թուէր նորութեան։ Անիկա սովոր էր արդէն իր հաւատարիմ եւ անձնազոհ գործիչի հանգամանքով ընդունիլ պատրաստ եւ կատարուած կացութիւնները եւ չփնտռել երբեք ինչուն։ Այլեւս նոյնիսկ գերմարդկային ջանքեր կ’ընէր սթափեցնելու Սաթենիկը, որ կարծես անշարժացած մնացեր էր մինակ եւ անփոփոխելի հոգեկան դրութեան մէջ։

Երկու օրէն պիտի մեկնէին Թիֆլիսէն եւ դեռ իրենց պատրաստութիւնները չէին լրացուցած։ Կիսատ կարուած հագուստները կը դիզէին արկղի մէջ եւ Սաթենիկ, որ ընդհանրապէս այնքան հոգածու էր իր արդուզարդին, դարձեր էր անտարբեր եւ կը թողուր որ Սոնիա ամէն ինչ կարգադրէ առանձին։

Այն իրիկունը սակայն իրենց նախկին մտերմութիւնը վերադարձաւ։ Սեղանին առաջք դէմ առ դէմ նստած Սոնիա ակնապիշ կը նայէր Սաթենիկին։ Անոր գեղեցկութիւնը իր փայլը կորսնցուցեր էր. դալկահար դէմքը հիւանդագին երեւոյթ կու տար իրեն, աչքերը շրջապատուած էին սեւ լայն ծիրով եւ անխնամ մազերը ցիր ու ցան կ’իյնային ուսերուն վրայ, որոնք թեթեւ մը կքած էին։ Անիկա կարծես կարօտը ունէր սիրալիր վերաբերմունքի կրկին ծաղկելու համար։

Սոնիա կը զգար այդ բոլորը եւ անկեղծօրէն խղճահարուելով իր ցրտութենէն, գլուխը շարժեց եւ մրմնջեց.

— Անպիտան աղջի…

Սաթենիկը գլուխը բարձրացուց եւ նայեցաւ Սոնիային։ Յետոյ ինքնաբուխ շարժումով մը տեղէն ելաւ եւ նետուեցաւ Սոնիայի վիզը։

— Ա՜խ, Սոնիա, ինչպէս դժուար ու բարդ է կեանքը…

— Դու ինքդ դարձնում ես կեանքը դժուար ու բարդ։

— Կարծո՞ւմ ես, Սոնիա։

— Ա՜յ քեզ բան… եթէ երբեք կարող կը լինէի մտքովս իսկ անցկացնել… Ստեփան…

Սաթենիկ ձեռքովը ծածկեց Սոնիայի բերանը։

Բայց այդ րոպէէն յետոյ մտերմութիւնը վերահաստատուեցաւ իրենց մէջ։ Սոնիա կը պատմէր հետզհետէ լինելիքները…

— Կը գնանք Աղեքսանդրապոլ… կը գտնենք Ստեփանին ու կը մեկնենք միասին… յետոյ կ’անցնենք Պարսկական սահմանը… ես եղեր եմ մի անգամ Պարսկաստան, Ատրպատականում… հիանալի է… քեզ կը թողնենք Ուրմիա…

— Չէ, Սոնիա, ես վճռեր եմ գալ ձեզ հետ։

— Ա՜յ քեզ բան… դու չես կարողանայ դիմանալ դժուար պայմաններին։

— Կը դիմանամ, Սոնիա… դուք չեք կարող երեւակայել թէ ֆիզիքական ուժը ինչպէս կը հպատակուի հոգեկան պահանջներին… ինձ տեսնում էք թոյլ, վախկոտ, քաղաքում… ես գիտեմ, դուք մտածում էք որ չեմ կարող նոյնիսկ երկար քալել… սխալում էք… այդ ինձ երբեք չէ պատահել, գիտեմ… բայց եթէ հարկ լինի կը տեսնէ՛ք…

— Երեխայի նման ես տրամաբանում, Սաթիկ… լաւ է որ վճռես հենց Թիֆլիսից թէ դու կը մնաս Ուրմիա, մի շատ սքանչելի ընկերոջ ընտանիքում… որովհետեւ ես վախենում եմ, Սաթենիկ… դու կարող ես եւ այդ խնդրում գլխահան անել Ստեփանին… ինձ թւում է որ դու ամէն բանի կարող ես…

— Սոնիա՛…

— Ճիշդ եմ ասում… պէտք է ենթադրել որ քո մէջ կայ մի ինչ որ թաքուն զօրութիւն… ես իմ հաշիւը կորցնում եմ քեզ հետ…

— Հենց այդ թաքուն զօրութիւնով ե՛ւ կը քալեմ, ե՛ւ կը պառկիմ հողի վրայ… եթէ հարկ լինի։

— Հանաքը մի կողմ, Սաթիկ։ Սա լուրջ բան է, պէտք է Ստեփանը զգայ ինքն իրան ազատ…

— Ի՞նչ հարկ, Սոնիա, վիճել այդ մանրամասնութեանց վրայ, կը գնանք Աղեքսանդրապոլ, յետոյ կը տեսնենք…

Սաթենիկի աչքերը վառուեցան հրայրքով, ուրախութեան նման զգացում մը քիչ մը գունաւորեց այտերը։

— Սոնիա, ես չեմ յիշում եւ նոյնիսկ չլսեցի Ստեփանին խօսքերը… նա կը գայ կայարան, չէ՞, մեզ դիմաւորելու։

— Կը գայ, ի հարկէ, եթէ արդէն Աղեքսանդրապոլ է. եթէ ոչ մենք կը գնանք Արշակի տունը։ Նա նոյն երեկոյին իսկ կը գայ մեզ վերցնելու։

Այդ կարճ բաժանումէն յետոյ, Ստեփանին հետ իրենց կրկին տեսութեան րոպէն Սաթենիկը կը լեցնէր բուռն յուզումով։ Երբ միտքը կը փորձէր կանգ առնել այդ ցանկալի եւ գալիք պահու վրայ, կարծես աւելի տաք արիւն մը, աւելի արագ շրջան կ’ընէր իր երակներուն մէջ։ Այդ պահը իր բովանդակած ուժգին զգացումներովն իսկ անկարելի կը թուէր իրեն։ Բայց ահա օրերը եւ ժամերը կը մօտենային եւ Սաթենիկ անհամբեր էր պատասխանելու այն վերջին համբոյրին, որ ստացեր էր շրթներուն վրայ։ Անհամբեր էր իր մէջ կուտակուած զգացումներով երջանկութիւն եւ ուրախութիւն շնորհելու Ստեփանին։ Միայն թէ կրկին տեսնէր զինքը… որ այդ ժամը հասնէր… այս անգամ ինքը պիտի խօսէր… Ու Սաթենիկի շրթները յուզուած էին հիմակուց իր արտասանելիք վճռական ու սրտագին բառերով եւ այն համբոյրով, որ կը խոստանար Ստեփանին։

Մինչեւ ժամը տասը, երկու կիները խօսակցեցան իրենց ընելիք ճամբորդութեան մասին։ Գիշերը գաղջ էր եւ պատճգամին դռները բաց էին։ Մթնոլորտային սարսուռի նման հաճոյալի զգացում մը կը թեւածէր միջոցին մէջ… կարծես աննշմարելի լոյսի թրթռացում մը կար, կամ անլսելի ձայնի մը մրմունջը…։

— Գնանք, Սաթիկ, հանգստանանք…

— Օհ, չէ՛, Սոնիա, այնքան լաւ է այսպէս…

Էգուց առաւօտ ստիպուած ենք վաղ վեր կենալ…

— Ի՜նչ փոյթ, Սոնիա, մի քիչ եւս…

Սաթենիկ ելաւ սեղանէն եւ գնաց մինչեւ պատշգամը։ Սոնիա ելաւ եւ հիւսուած շալով մը ծածկեց Սաթենիկին ուսերը։

— Օդը լաւ է, բայց պէտք է զգուշանալ, Սաթիկ… մի ինչ որ խարդախ բան կայ մթնոլորտում, նա կարծես խաբում է։

Լուռ եւ մտախոհ մնացին բաց պատշգամին առաջ երկինքին նայելով։ Հանդարտ եւ լռին թաղին մէջ ոչ մէկ շշուկ. ամէնքը քնած են արդէն… հարեւաններուն ճրագները հանգած են եւ իրենց կախ լամբարին լոյսը՝ կարմրած վարդագոյն լուսամփոփէն՝ սիւնի մը պէս դուրս կու գայ եւ կ’երկարի մինչեւ բակը… իրենք միայն արթուն կը հսկեն։

Եթէ իրենց ականջները սովոր ըլլային լսելու անլսելին, թերեւս արդէն զգայնութիւնը ունենային քիչ յետոյ արտասանուելիք բառերուն։ Բայց ճիշդ այդ միջոցին իրենց հոգիները խաղաղ էին եւ անշարժ, նման փոթորիկներէ յետոյ խաղաղած ծովերու… իրենց հոգիները անշարժ էին որովհետեւ տարօրինակ եւ իրենց համար անըմբռնելի սպասումի մը մէջ էին։

Հեռաւոր եւ լռին թաղը, ուր կը բնակէին, քնած էր արդէն, ոչ մէկ շշուկ… բայց ահա հեռուն շուն մը կը հաչէ եւ յետոյ յուսահատօրէն կը կաղկանձէ… սեւ ստուեր մը կ’անցնի աստղազարդ երկինքին վրայէն եւ աստղերը արագ-արագ կը քթթեն վերագտնելով իրենց պսպղուն պայծառութիւնը։ Կարծես մերձակայ ծառեր կը սօսափեն… լռութիւնն է կը փսփսայ եւ Սաթենիկ յանկարծ կը ցնցուի սարսուռով։

Աւելի մերձաւոր տան սենեակի մը մէջ ճրագ մը կը վառի ու անմիջապէս կը մարի… ոտնաձայներ… այո՛, ոչինչ կայ զարմանալի… քլիւպ ներէն, թէյատուներէն ուշ ատեն վերադարձող մարդիկ են անշուշտ, քայլերու աղմուկը ցցուն քայլախազներով սալայատակին վրայ կը մերձենայ հետզհետէ, անոնք կը յառաջանան դէպի իրենց փողոցը, կը մօտիկնան ու ահա կը կանգնին։ Տուորնիկը[4] մռլտալով դուրս կու գայ իր խուցէն։ Սաթենիկ եւ Սոնիա նոյնպէս դուրս կու գան կը կախուին պատշգամէն. Սոնիա կը մրմնջէ.

— Տնեցի չեն, դա ի՞նչ բան է։

Յանկարծ կը լսեն մեղմ սուլոց. առաջին տողը ծանօթ երգի մը… Սա իրենց մէջ ընդունուած կարգախօս է…

— Սաթիկ, լսո՞ւմ ես… մեզ համար է… ի՞նչ կարող է լինել…

Սոնիա ի պատասխան կը փորձէ սուլել։

— Սոնիկ, կը լսուի բակէն առնական ձայն մը։

— Այդ դո՞ւ ես, Սարգիս…

—Հա՛, չէ՞ք քներ։

— Չէ՛… ի՞նչ կայ։

Երկու հոգի են եւ բակին մէջ իրենց մութ սիլուէթ ը կը ցցուի։

Այլեւս ոչինչ կը պատասխանեն եւ կը բարձրանան սանդուխներէն։ Սաթենիկ կը մտնայ սենեակ եւ կը նստի տախտին եզերքը. Մէկ ծունկը ծալլած է եւ աչքերը սեւեռած պարապին մէջ կը սպասէ… կը զգայ որ ամէն բան կարելի է… ճակատագրին խորախորհուրդ գաղտնիքը իր բոլոր դռները բացած է եւ կարծես ցուրտ հով մը կու գայ այդ ընծայուած կարելիութիւններէն… այսուամենայնիւ տարօրինակ, անանձնական, ակամայ ժպիտ մը կը լուսաւորէ իր տժգոյն դէմքը, կարծես ի պատասխան ուրիշ եւ անտեսանելի ժպիտի մը…

Երբ Սարգիս եւ Աբրահամ, երկու վաղեմի եւ հաւատարիմ ընկերներ սենեակ մտան, միայն իրենց տեսքը, միայն իրենց ներկայութիւնը արդէն իսկ յայտնաբերեց դժբախտութիւնը եւ երբ Սոնիա, շփոթուած եւ յուզուած հարցումներ ուղղեց մէկը միւսին ետեւէն, առանց գրեթէ պատասխանի սպասելու, պատճառը միայն այն էր որ կ’ուզէր մանրամասնութիւններ իմանալ… կարեւորը գիտէին արդէն, առանց գիտնալու եւ այդ էր թերեւս պատճառը որ ոչ Սոնիա, ոչ Սաթենիկ անակնկալ հարուած մը ընդունող կանանց տագնապներուն մէջ չինկան։

Երկու տղամարդիկը յառաջացան եւ նստեցան սեղանի առաջ, անոնք նոյնիսկ ուշադրութիւն չդարձուցին Սաթենիկին, որ մեկուսացած էր, իր առաջին դիրքին մէջ անշարժացած կը լսէր գրեթէ անգիտակցաբար, գլուխը դարձուցած ուրիշ ուղղութեան։

— Ես ուղղակի դուրս եմ Գարաքիլիսայից, թոթովեց Սարգիս…

— Այո, այն իրիկուն իսկ որ հասաւ… ես հենց նոյն սենեակում էի։

Ձեռքը զարկաւ ճակտին եւ շառագունեցաւ. ստորին կզակը կը շարժէր աջէն ձախ, անզօր ջանքեր ընելով յուզումը զսպելու։

— Ես մտածում էի, ըսաւ Աբրահամ, ձեզ չխանգարել այս երեկոյ… մտածեցի քնած էք բայց Սարգիս պնդում էր, հենց յարգելու համար Ստեփանի կամքը…

—Բայց ի՞նչ պատահեց, հարցուց Սոնիա խուլ ձայնով։ Երկիւղէն ակռաները կը կափկափէին եւ արտասանած բառերը կարծես կ’ընդհարուէին անոնց։

Աբրահամը ելաւ ոտքի եւ պատշգամին դուռը գոցեց։

— Ի՞նչ պատահեց, հարցուց կրկին Սոնիա, իր կարգին նստելով սեղանի առաջ։

Սարգիս իր թուխ եւ աւերուած դէմքը դարձուց Սոնիային։ Աչքերը լայն բացած կը նայէր եւ կարծես կը տեսնէր սոսկալի տեսարան մը։ Սոնիա այդ դէմքին վրայ եւ այդ աչքերուն մէջ տեսաւ ճշմարտութիւնը։

— Ստեփա՜նը… գոչեց աղիողորմ ճիչով։

Յետոյ լռեց իր իսկ եղերական աղաղակէն։ Ձեռքերը կը գալարուէին ծունկերուն վրայ եւ շունչը կը կտրուէր ու իր չոր աչքերը կ’այրէին տենդով։

Սոսկալի լռութիւն մը յաջորդեց այդ աղաղակին ուրկէ յետոյ Սարգիս դէպ առաջ ծռած մրմնջեց.

— Ոչ ոք չի՞ լսում մեզ… հարեւաններից։

— Ոչ ոք, Սարգիս… ասա, խնդրում եմ. ի՞նչ պատահեց։

Աբրահամ զայրոյթով բռունցքը զարկաւ սեղանին։

— Սաքօ, դու չես կարող ինձ հաւատացնել թէ դա մի արկած էր… այդտեղ անշուշտ թէ կայ դաւադրութիւն…

— Չէ, Աբրահամ… դու ի զուր փնտռում ես մխիթարութիւն քո վշտին, սա մի անակնկալ ու ճակատագրական հարուած է։

— Բայց ի՞նչ պատահեց, կը կրկնէր անվերջ Սոնիա լացող ձայնով։

— Ահա թէ ինչ իր բոլոր մանրամասնութիւններով։ Ստեփանը հասաւ Գարաքիլիսա եւ նոյն իրիկունն իսկ կայարանէն ուղղակի եկաւ հաւաքատեղին։ Տղերքը այնտեղ էին իրանց զէնքերով։ Արմօն մէկ-մէկ քննում էր զէնքերի վիճակը… նա նկատողութիւն էր անում մի ճահիլ տղու եւ պնդում էր որ ատրճանակը ժանգոտ է. «Ա՜յ յիմար, ասաց Արմօն, հենց հարկ եղած րոպէին դու պիտի տեսնես որ բլթակը չի շարժւում»։ — Չէ, ասաց երիտասարդ ընկերը, քանի անգամ փորձեր եմ արդէն… եւ երեւի մատը դրաւ բլթակի վրայ… Զգո՛յշ, ճւաց Արմօն… լսեցի յստակ կերպով այդ ձայնը։ Մենք առանձին խումբով լսում էինք Ստեփանին, հենց այդ րոպէին Ստեփան ձեռքին բռնած մի դէզ թուղթ խօսում էր, թեւը բարձրացուց, մի բուռն շարժումով, թղթերը թռան ձեռքից եւ անմիջապէս հուպ եկաւ հաւաքելու համար… հազիւ ծռեր էր, գնդակը տրաքեց… Ստեփան բարձրացրեց գլուխը եւ նայեցաւ շուրջը… Արմօն ատրճանակի կոթով խփում էր անզգոյշ երիտասարդի ուսին։ — Ա՜յ քեզ յիմար… մէկ էլ պնդում ես թէ փամփուշտ չկայ…։ Առաջին րոպէին ոչինչ չհասկացանք, կարծեցինք թէ գնդակը կորաւ մի տեղ, մեր մտահոգութիւնը այն էր թէ հարեւանները լսած կը լինեն տրաքոցը։ Պահակները վազեցին դէպի… եւ այդ առաջի իրարանցման ու շուարումի մէջ ոչ ոք մտածեց… յանկարծ ես եւ կողքի ընկերը նշմարեցինք… Ստեփան չափազանց տժգոյն եւ կզակը սեղմած տատանւում էր աթոռի վրայ, ձեռքովը բռներ էր կողը… իր մօտ եկանք եւ երբ ձեռքը բարձրացուց, ողողուած էր արիւնով…

Սոնիա մահատիպ տժգունութիւնով կը լսէր եւ հազիւ թէ կը յաջողէր ինքզինքը զսպել։ Ամբողջ մարմինը կը ցնցուէր դողով… յանկարծ անկարելի յոյս մը խրախուսեց զինքը…

— Յետո՞յ, յետո՞յ, Սաքօ… հոգուդ մատաղ… Սարգիս օդին մէջ տարտամ շարժում մը ըրաւ։

Աբրահամ կրկին բողոքեց.

- Այդ երիտասարդը խիստ հարցաքննութեան պէտք է ենթարկել… ասէք ինչ որ ուզում էք, այդտեղ մի ինչ որ կասկածելի բան կայ։

— Սատանան տանէ այդ յիմարը ու մնացածը… ախր, դու չես հասկանում, Աբրահամ… եթէ ճիշդ այդ րոպէին Ստեփանը գետին չհակէր… գնդակը կը դպէր թերեւս իր ոտին, սրունքին, բայց ոչ կողին. այդ յիմարը արդէն մատը դրեր էր բլթակի վրայ եւ Ստեփանը հուպ եկաւ. այդ բոլորը կատարուեց միեւնոյն ատեն. տղան նստեր էր գետին, իսկ Ստեփանը աթոռի վրայ… ատրճանակի փողը հազիւ թէ գետնի երեսից բարձրացած էր։ Եթէ Ստեփանի ձեռքից թղթերը չընկնէին… նա չէր կարող ստանալ հարուածը… նա երեսը մեզ էր դարձուցած եւ երբ ուզեց հաւաքել, ինքը Ստեփանը մի երկու քայլ հեռացաւ աթոռից… Սոնիա՛, ըսաւ Սարգիս դէպի ընկերուհին դառնալով, պէտք էր այնտեղ լինել հասկնալու համար… Ստեփան կարծես գնաց փողի դիմաց եւ հուպ եկաւ գնդակը ստանալու… Նա չէր գիտեր ու ուշադրութիւն էլ չէր դարձնում այն կողմը. նա զայրացած մեզ խօսում էր մի հարցի մասին… թեւը շարժեց բուռն կերպով եւ թղթերը թռան… ուրիշներ կը հաւաքէին անշուշտ, բայց նա նոյնքան բուռն եւ անսպասելի շարժումով ոտքով հրեց աթոռը եւ մէկ երկու քայլ յառաջացաւ…

Սարգիս գլուխը առաւ երկու ձեռքերուն մէջ եւ պահ մը մնաց, խորասուզուած այդ րոպէի յիշողութեամբ։

— Սաքօ ջան, ըսաւ վերջապէս Սոնիա, ասա խնդրում եմ, այժմ ինչպէ՞ս է Ստեփան։

— Հէ՞… բացագանչեց Սաքօ, գլուխը բարձրացնելով եւ ապշած նայելով Սոնիային, յետոյ սթափեցաւ եւ մրմնջեց։

— Հա, ես ձեզ չասացի դեռ ամբողջ. Սոնիա, պէտք է մինչեւ ծայրը գնալ… սա մի սոսկալի եւ անհաւատալի դժբախտութիւն է։

Գլուխը շարժեց տարակոյսով։

— Ես ինքս դեռ գլխի չեմ գալիս… ես ինքս դեռ չեմ հաշտւում պատահածի հետ… բայց լսիր, հարկաւոր է պատմել ամէն ինչ… հա՜… ի՞նչ էի ասում… հենց որ տեսանք արիւնը, տղերքը ցրուեցինք… մնացին երեք հոգի… Յովհաննէսը գնաց հայ եւ մեզ ծանօթ բժիշկ բերելու… հարկ էր ծածկել պատահածը եւ այդ դժուարացնում էր մեր գործը։ Մինչեւ բժիշկի գալը Ստեփանը պառկեցրինք տախտի վրայ եւ շորերը հանեցինք զգոյշ։ Վէրքը մեծ չէր եւ հազիւ թէ արիւն էր դուրս գալիս… ինքը նոյնպէս հանգիստ էր սկզբում, նա մեզ քաջալերում էր եւ ասում էր. «Բան չկայ, ոչինչ…», բայց քիչ յետոյ զգաց շնչառութեան դժուարութիւն եւ մի սոսկալի դող… նա այսուամենայնիւ իր քաջութիւնը չէր կարցնում եւ էլի ասում էր՝ «բան չկայ, ոչինչ»։ Ծածկեցինք նրան մեր շորերով եւ սպասում էինք բժիշկին… նա դողում էր եւ ուզում էր քնել, աչքերը փակւում էին եւ երբեմն նա բաց էր անում զօրով եւ նայում էր մեզ զարմացած… Մօտեցայ իրեն եւ հարցրի.

— Ստեփան, ցաւո՞ւմ է վէրքը։

Նա գլխով ժխտական պատասխանեց, յետոյ ժպտաց երկար ամէն մէկիս… Սոնիա, նա երբեք ոչ ոքին չէ ժպտացեր այնպէս ինչպէս այդ րոպէին… Սիրտս տրորւում էր, բայց ես էլ ժպտում էի… նա ինձ նայեց երկար եւ յետոյ ասաց.

— Կը գնաս Թիֆլիս, կ’ասես Սոնիային…

— Ա՜խ, Ստեփան, հառաչեց Սոնիա, եւ յետոյ Սարգիսին դառնալով.

— Առաջին գնացքով կը մեկնեմ, կ’երթամ իր մօտ…

Սարգիս առանց ուղղակի պատասխանելու Սոնիային, շարունակեց.

— Հենց որ բժիշկը եկաւ մեզ հանգստացուց, մանրամասն քննեց եւ յայտնեց թէ գնդակը անցեր էր թոքի վարի մասից, կողերի արանքից, թէ անհրաժեշտ է պահել վիրաւորը այնտեղ, չփոխադրել եւ գործադրել պատուէրները. գնդակը մնացեր էր մարմնի մէջ, բայց բժիշկը պնդեց թէ այդ ոչինչ…

Սրտերնիս հանգստացած որոշեցինք մնալ Ստեփանի մօտ մինչեւ հետեւեալ առաւօտ. բժիշկն ալ մնաց. նա իր հետ բերել էր հարկ եղածը, վէրքը մաքրեց, կապեց, յետոյ տուաւ խմելու մի ինչ որ ճար, եւ քիչ յետոյ արդէն Ստեփան հանգստացաւ եւ քնեց…։

Հետեւեալ առաւօտուն նա լաւ էր, խօսեց մեզ հետ քիչ, բայց բնական։ Ուզում էի նրան յիշեցնել թէ ի՞նչ ունէր ասելիք Սոնիային, բայց զգուշացայ… նաեւ վախենում էի որ ինձ կ’ուղարկէ Թիֆլիս… մինչ ես վճռեր էի իր մօտ մնալ մինչեւ աողջանայ։ Օրը անցաւ հանգիստ։ Ես դուրս եկայ եւ ահա երեկոյին երբ վերադարձայ իր մօտ զգացի անմիջապէս որ ամէն յոյս կորած է… ի՞նչ էր պատահել… սատանան գիտէ… եւ չէր կարելի ուրիշ բժիշկ կանչել, խորհրդակցել… ոչի՜նչ, ոչինչ, նրա դէմքը եղեր էր կապարագոյն եւ կարմիր արատներ կային դէմքին եւ ճակատին վրայ։ Երբ ձեռքը առի սառած էր եւ աչքերը մոլորած էին… նա նայում էր մի ինչ որ միտքից… փորձում էր խօսել ու ձայնը կորչում էր խռպոտ հեւքի մէջ։ Երբ բժիշկը եկաւ, տեսաւ վիրաւորը, յօնքերը կիտեց… նայեցաւ բազկերակին եւ անմիջապէս սրսկում արեց։ Երբ իր քննութիւնը կատարեց, նա աթոռի վրայ կուզ եկած նայում էր Ստեփանին յուսահատ նայուածքով։ Նշան տուի եւ դուրս եկաւ ու անմիջապէս յայտնեց.

— Ժամերի խնդիր է այլեւս, ամէն յոյս կորած է։

— Բայց բժիշկ, ասացի անհամբերութեամբ, դուք երէկ ասում էիք…

— Ասում էի… ասում էի… երէկ երեկոյ լաւ էր, բայց այսօր… արեան թունաւորում…

Երրորդ օրը ժամը 11ին Ստեփան վախճանուեց… նա համարեա թէ չկարողացաւ ոչ մէկ միտք յայտնել… սրսկումներ անվերջ… հանգստացաւ եւ աչքերը փակեց ինչպէս երեխայ, որ քնում է… էլի երկու անգամ բացաւ եւ սկսեց.

— Կ’ասես Սոնիային… եւ յետոյ լռեց..

Նա արդէն հոգին տուեր էր երբ իր վրայ ծռած, շունչս բռնած ուզում էի մի բան լսել… նա աչքերը փակեց այդպէս առանց ցնցումի, առանց ցաւի… շուրջը բոլորուած չէինք հաւատում… նրա դէմքը մաքրուեց տժգունեց։ Նա սպիտակացել էր եւ ժպտում էր… Սոնիա, դու շատ լաւ գիտես… նա սովոր չէր ժպտալու առ հասարակ… բայց ահա քեզ բան… ես իմ կեանքումս դեռ եւս չեմ տեսեր այնքան քաղցր ու բարի ժպիտ ինչպիսին տեսայ նրա մեռելական դէմքի վրայ… ։

Երկու ծանր ու տաժանելի ամիսներ անցեր էին արդէն Ստեփանի մահէն ի վեր։ Անիկա կը հանգչէր Խոջեվանքի հինաւուրց գերեզմանատան մէջ։ Իր հողակոյտը դեռ ծածկուած էր թառամած ծաղիկներով եւ գունատած ժապաւէններով, որոնց վրայի ոսկետառ ուղերձները ջնջուեր էին բոլորովին։ Ծերունի կաղնի մը իր լայն հովանին կը տարածէր այդ հողակոյտին վրայ եւ իրիկունները, երբ զով քամին կ’անցնէր անոր հանգուցաւոր ճիւղերուն մէջէն, դաշն սօսափիւնը իր տերեւներուն կարծես դեռ կը խօսէին անանցանելի եւ յաւիտենական բաներու մասին… Երբեմն թռչնիկ մը կը ճչէր եւ դեղնած տերեւներ անոր ոստումի թեթեւ ցնցումէն կ’իյնային եւ կը խառնուէին թառամած ծաղկեպսակներուն։

Բացի Սոնիայի կանոնաւոր այցելութիւններէն, դեռ երբեմն հեռու տեղերէ եկող բարեկամի մը կամ ընկերոջ մը քայլերը կ’ուղղուէին դէպի այդ հողակոյտը, երբեմն ալ խումբ մը պատանիներ մտամփոփ եւ յուզուած կու գային մինչեւ հոն եւ կը վերադառնային, դեգերելով գերեզմանատան հին ճամբաներուն մէջ։ Երեք անգամ, ուշ ատեն, երիտասարդ եւ նիհար կնոջ մը սիլուէթ ն ալ երեւցեր էր այդ գերեզմանի ճամբուն վրայ, բայց արդէն իսկ անիկա առանց այցելուի կը մնար եւ մօտալուտ ձմեռուան բուռն քամիները ցիր ու ցան կ’ընէին թառամած ծաղկեփունջերուն չոր տերեւները։

Իր ընկերները, գործակիցները ստիպուեր էին փոփոխութիւն մտցնել իրենց գործունէութեան ծրագրին մէջ։ Ստեփանի անհետացումը լայն բացուածք մը կը բանար իրենց կազմակերպութեան մէջ եւ թէեւ համոզուած էին որ այդ երբեք պիտի չկրնան լեցնել, այսուամենայնիւ կը ջանային այսպէս թէ այնպէս այդ պարապը կարկտել եւ կեանքը իր հրամայական պահանջքներով եւ սկսուած գործը իր արդէն ստացած մղումով կը ստիպէին զիրենք քալել այն ճանապարէն, որ ընդգծեր էին։

Սոնիա եւս համակերպած կը թուէր դժբախտութեան։ Անիկա երկար ատեն դիմադրեր էր եւ կարծես մերժեր էր ընդունիլ դառն ճշմարտութիւնը։ Բայց այժմ, յոգնած լալէ եւ ափսոսալէ, կը ճգնէր մխիթարութիւն գտնել հաւաքելով եւ պահպանելով այն բոլոր առարկաները, նոյնիսկ ամենէն չնչինները, որ վերաբերած էին Ստեփանին։ Իր յիշատակներու թանգարանը շատ աղքատ էր, բայց իրեն կը պատճառէր տեսակ մը ջղային ոգեւորութիւն, որ կարծես արուեստական կերպով կը հրաւիրէր իր ուղեկորոյս կեանքը եւ զայն կը դնէր շաւիղի մը մէջ։ Անմիջապէս որ կը լսէր թէ Ստեփան թաշկինակ մը կամ տուփ մը թողած է այսինչին կամ այնինչին տունը, գործի կը սկսէր։ Առաւօտ կանուխէն կը մեկնէր, կ’երթար վիճելու, բանակցելու կամ պնդելու եւ եթէ յաջողէր վերջապէս խեղճ իրեղէն մը բերելու տուն, նոյնիսկ կը համարձակէր ուրախանալ եւ իր յաղթանակի մասին պատմել ոգեւորութեամբ։

Բայց Ստեփան միշտ ապրեր էր գրեթէ աղքատ, անտուն, թափառական… անիկա նոյնիսկ կարգին լուսանկար մը չունէր եւ յիշատակներու թանգարանին գլխաւոր հարստութիւնը կը կազմէր թուղթերու այն դէզը, ծածկուած իր ձեռքով եղած նոթագրութիւններով, որոնք ձեռքէն ինկեր եւ որոնք իր մահուան պատճառ եղեր էին… կար նաեւ իր ժամացոյցը՝ պարզ, ճերմակ, մետաղեայ, որ գրպանէն գտեր էին մեռած իրիկունը։

Ընկերները գիտնալով Սոնիայի այդ տենդագին ախորժակը Ստեփանի պատկանած իրեղէնները հաւաքելու, կը ջանային զինքը ուրախացնել եւ յաճախ կու գային իր մօտ, բերելով հին նամակ մը կամ ոեւէ ձեռագիր… Այն հանգամանքը թէ Ստեփան իր մեռնելէ առաջ միայն ակնարկեր էր Սոնիային, թէ անիկա մի բան ունէր ասելիք Սոնիային, զինքը կը դարձնէր առանձնապէս հետաքրքրական։ Անիկա կերպով մը մասնակից էր Ստեփանի յետ մահու փառքին. ջերմեռանդութիւնը, որ յառաջ կը բերէր Ստեփանի յիշատակը, այն հոգածութիւնը, որ ունէին իր ընկերները եւ աշակերտները վերյիշելու իր արտասանած բոլոր բառերը նոյնիսկ առօրեայ եւ չնչին բառերը եւ մանաւանդ իր կեանքի վերջին օրերուն արտասանածները, կարեւոր եւ ահագին նշանակութիւն մը կ’ընծայէին Սոնիային։

Սոնիա զգալի կերպով փոխուած էր ֆիզիքապէս։ Իր մորթը խորշոմեր էր յանկարծ եւ ագռաւի թեւի նման սեւ եւ ողորկ մազերը թէեւ կը յամառէին չսպիտականալ բայց կը թափէին։ Իր մանր աչքերը ամէն տեղ եւ ամենուն վրայ կարծես կ’որոնէին Ստեփանի պատկանող իրեղէններ։ Անիկա նման էր մէկու մը, որ այլեւս կեանքի մնացեալ տարիները առաջուց եւ մէկ անգամէն նուիրած է նպատակի մը եւ այլեւս մնացեալը մեռած է իրեն համար։

Յաճախ կ’երթար Խոջեվանքի գերեզմանատունը, բայց հակառակ իր բուռն փափաքին չէր համարձակեր նոյնիսկ չորցած տերեւիկ մը վերցնել Ստեփանի գերեզմանին վրայէն։ Անիկա կը կենար քանի մը քայլ հեռու, կը նայէր, գլուխը կը շարժէր ափսոսալով եւ կարծես դիմադրելու համար իր ցանկութեան, որ ընչաքաղցութեան նման մանրիկ աչքերը կը վառէր տենդով, ետ կը դառնար եւ հապճեպով կը մեկնէր։

Օր մը վերջապէս անդրադարձաւ որ Ստեփանի ամենէն կենդանի յիշատակը Սաթենիկն էր։ Կը շարունակէին միասին ապրել, բայց այլեւս հոգեպէս բաժնուած իրարմէ, որովհետեւ երկուքն ալ ամրափակուած էին իրենց առանձին սեւեռեալ գաղափարին մէջ։

Մարդոց ընդհանուր հայեցողութեամբ Սաթենիկ այս սոսկալի օրերուն պահեր էր իր պաղարիւնութիւնը։ Մնաց որ բացի Սոնիայէն ոչ ոք գիտէր այդ խորհուրդը, որ գոյութիւն ունէր Ստեփանի եւ Սաթենիկի մէջ։ Ընկերները եւ բարեկամները զայն տեսնելով կրկին իրենց շրջանակին մէջ, միշտ Սոնիայի հետ, վերսկսեր էին վարուիլ սիրալիրութեամբ եւ ջերմութեամբ։

Անիկա կարող էր այլեւս աննշմարելի մնալ, այնքան կատարելապէս կորսնցուցեր էր իր երիտասարդ կնոջ հրապոյրը եւ փայլը… կարծես բոլոր լոյսերը մարեր էին իր մէջ. իր դէմքն իսկ անճանաչելի դարձեր էր մանաւանդ մկանունքային ցնցումի մը պատճառաւ, որ կը կծկէր յաճախակի աջ այտը ճակատէն մինչեւ ծնօտը եւ որ ունեցեր էր առաջին անգամ այն իրիկուն, որ լսեր էր Սարգիսի պատմութիւնը։

Սաթենիկ, Սոնիայի յաճախակի բացակայութիւններուն պատճառաւ, գրեթէ միշտ առանձին էր։ Անկենդան, անտարբեր ամէն բանի, անիկա կը նստէր տախտին վրայ եւ աչքերը սեւեռած տարտամ կէտի մը՝ կը ջանար միտքը կեցնել կցկտուր յիշողութիւններու վրայ։ Այդ բոլոր սոսկալի օրերէն իր յիշողութեան մէջ պատառատուն բեկորներ մնացեր էին… կը յիշէր այն օրը երբ Ստեփանի մարմինը փոխադրեր էին Թիֆլիս… կը յիշեր այն գերբնական յոյսը, որ զինքը ոգեւորեց կարծելով թէ պիտի վերագտնէր Ստեփանը, պիտի տեսնէր զայն… բայց այդ անշունչ մարմինը տարածուած մահուան անկողնի վրայ, Ստեփանի անշուք սենեակին մէջ, ուր երբեք ոտքը չէր դրած… այդ չէր Ստեփանը… աւելի ճիշդ, Ստեփանը այլեւս այնտեղ չէր։ Սաթենիկ մնացեր էր երկայն, մոռացուած ամենէն եւ չոր աչքերով տեսել էր ընկերներու տողանցը… հազար հազարներով եկեր էին, վերջին անգամ Ստեփանը տեսնելու։ Անմիջապէս որ գուժը լսուեր էր, նոյնիսկ հեռաւոր վայրերէ ընկերներ գունդ առ գունդ եկեր էին անոր մահուան մահճին մօտ… լսեր էր հուժկու տղամարդոց հեծեծանքը, մարդոց, որոնք իրենց մանկութենէն ի վեր լալու սովորութիւնը կորսնցուցեր էին եւ որոնք միայն Ստեփանի անշունչ մարմինին քով կը մոռնային իրենց կտրիճ տղամարդու բոլոր պարտութիւնները։ Սաթենիկ կը յիշէր որ ինքը նոյնիսկ զբաղեր էր սնոտի բաներով. սեղանին սփռոցը կը յարդարէր ամէն անգամ որ մարդիկ քսուելով կ’անցնէին եւ կը խանգարէին, կը յիշէր Սոնիան եւ իր հեծկլտանքները, կը յիշէր պառաւ կնոջ մը ողբագին երգը, գետինը նստած ծալլապատիկ եւ որ ձեռքերը ծունկերուն զարնելով կ’երգէր ու կու լար, կու լար երգելով… ու Ստեփանի տեղ հետզհետէ կ’արտասանէր իր որդուն անունը, որ կուրծքէն զարնուած մեռեր էր սահմանագլխէն անդին։

Կը յիշէր մոմերուն լոյսերը, որ կը տժգունէին օրուան լոյսէն եւ յետոյ հետզհետէ ուժգնութիւն կը ստանային երեկոյեան ստուերներուն մէջ։

Երբեք արեւը այդպէս մայրը չէր մտած… խաւարը, որ կ’իջնար երկրիս վրայ, լեցուն էր սպառնալիքներով եւ անյաղթելի մռայլով… կարծես երբեք այլեւս արեւը պիտի չծագէր, սա վախճանն էր ամէն բանի եւ Սաթենիկ կը յիշէր որ սիրտը քարացած, աչքերը չոր, արձանացեալ մնացեր էր Ստեփանի մահիճին մօտ, ոտքերուն կողմը։

Անոր դէմքը հետզհետէ, զգալիօրէն կը փոխուէր, այտերը կը խոռոչանային եւ ճակատը կը կաղապարուէր… արեան փրփուրի նման պղտոր հեղուկ մը մաղձով խառն պղծեց անոր շրթները եւ մեռելի դէմքին վրայ կարծես անշարժ ու քարացած ժպիտը անհետացաւ… այն ատեն Սաթենիկ դողահար խռովքով մօտեցաւ դէմքին… կը յիշէր որոշապէս… այդ պահուն բազմութիւնը անցեր գացեր էր եւ միայն սենեակի խորքին մէջ քանի մը ընկերներ հազիւ լսելի շշուկով կը խօսէին։ Սաթենիկ մօտեցաւ Ստեփանի եւ իր թաշկինակով սրբեց անոր շրթները… մատներուն ծայրերը նուրբ կտաւին ընդմէջէն զգացին ցուրտ խոնաւութիւնը եւ նաեւ մեռելական սառնութիւնը եւ կարծրութիւնը շրթներուն։

Ծունկի եկաւ անկողնին քով եւ ահա կիսադէմքը յայտնուեցաւ իրեն ընտանի, եւ նման այնքան… ո՞ր օրն էր… ա՜հ Աստուած… այն իրիկունը, Բագու, սենեակին կիսաստուերին մէջ… այն իրիկունը արդէն տեսեր էր այս կիսադէմքը, թուխ, խիստ եւ ուրուականային… ինչպէս եղաւ ինքն ալ չէր գիտէր… կարօտը անոր կենդանի ձայնին, ցաւը ըսած չըլլալուն այն բառերը, որ Ստեփան կ’ակնկալէր, անդարմանելի վիշտը անոր վերջին համբոյրը փոխարինած չըլլալուն… այդ բոլորը եւ նաեւ անզսպելի, անդարմանելի, բնազդական զգացումը մասնակցելու անոր մահուան… Սաթենիկ ոտքի ելաւ ու կրկին տեսաւ անոր տժգոյն դէմքին վրայ գերմարդկային ժպիտը, աչքերը փակեց եւ իր տաք շրթները խարխափելով գտան Ստեփանի շրթները… Անիկա այսօր կը պատասխանէր Ստեփանի հրաժեշտի համբոյրին… ։

Ձեռքերը ուսէն բռնած մեղմօրէն հեռացուցին զինքը… անծանօթ ընկեր մըն էր, հեռու տեղէ եկած… անոր թախծալի աչքերը կը նայէին իրեն։ Սաթենիկ կ’ուզէր դիմադրել ու մնալ ու խելայեղ աչքերը կը փնտռէին Ստեփանը։ Այստեղ մեռել մը կար պառկած, բայց այլեւս Ստեփանը չէր, Սաթենիկ, որ խուսափուկ պատրանքի մը մէջ վերստին գտեր էր զայն, զգաց որ անիկա կրկին բացակայ է այդ վայրերէն։ Այն, որ տարածուած է մահուան մահիճին վրայ, անտարբեր էր իր յուզումին, իր սիրոյն, իր հրէշային տարփանքին, բայց ուրիշ անշօշափելի եւ անտեսանելի բան մը, անգոյ իսկութիւն մը կը պատասխանէ իր հրայրքին եւ հոգին սփոփուեցաւ այդ որոնումով։

Այլեւս հնազանդ եւ հլու հեռացաւ. անծանօթ ընկերը իր ձեռքէն բռնած էր եւ երբ անիկա բան մը կը հարցնէր իր ընկերներուն Սաթենիկ վերջին անգամ մը եւս նայեցաւ Ստեփանին… գիշերուան ստուերին մէջ, մոմերու երերուն լոյսով, անոր այտոսկրերը եւ ճակատը կը ցցուէին ա՛լ աւելի խոռոչացնելով ականողիքը եւ այտերը… անիկա այլեւս անճանաչելի էր եւ ժպիտը անհետացած… անիկա այլեւս նման էր բոլոր մեռելներուն, խոկուն իր անշարժութեան մէջ եւ դաժան սառնութեամբ։

Սաթենիկ, բուռն տենդէ մը բռնուած, չմասնակցեցաւ յուղարկաւորութեան, յետոյ նկատի առնելով Սոնիայի հոգեկան դրութիւնը, զինքը փոխադրեցին Արամեան հիւանդանոցը։ Կը յիշէր միայն վերադարձը Սոնիայի հետ եւ անոր արցունքներէ կարմրած կոպերը։ Իրեն խօսեր էին նաեւ ճամբորդութեան մը մասին դէպի արտասահման։ Այդ մէկ այտի մկանունքային կծկումը կը կարծէին բուժել ելեկտրականութեամբ։ Սաթենիկ ոչ համաձայներ էր, ոչ ալ մերժեր։ Քեռկինը զգացուած իր ֆիզիքական վիճակէն, սկսեր էր զբաղուիլ իրմով։ Կը պատրաստէին հարկ եղած փողը եւ անցագիրները։ Սոնիա պիտի ընկերանար իրեն եւ յետոյ վերադառնար՝ Սաթենիկը յանձնելով արտասահման տեղաւորուած ընկերուհիներու։

Օրերը կ’անցնէին սակայն, անգոյն, մռայլ եւ Սաթենիկի համար լիքը արհաւիրքով։ Առ երեւոյթ հանդարտութիւնը պահած էր անիկա եւ իր հոգեկան տագնապը կը յայտնուէր միայն իր անկենդան անշարժութեամբ եւ նայուածքի սեւեռումով, որ իրապէս ուրուականային երեւոյթ կու տար իրեն։ Կարծես անիկա ստուերի մը պէս պիտի անհետանար աշխարհիս վրայէն, միակ կենդանի բանը իր վրայ աջ այտի մկանունքի կծկումն էր որ չափազանց անախորժ եւ անհանգստացնող տպաւորութիւն կ’ընէր։ Սոնիա զբաղած էր իր յիշատակներու թանգարանով, ընկերները անձնատուր էին իրենց հոգերուն եւ քեռկինը ջանքեր կ’ընէր հարկ եղած փողը ամբողջացնելու, այնպէս որ հարեւանցի ուշադրութիւն մը կը դարձնէին Սաթենիկին։

Բժիշկը կու գար այցելութեան եւ ամէն անգամուն մտահոգ գլուխը կը շարժէր եւ կ’ըսէր Սոնիային։

— Պէտք է որքան կարելի է շուտ մեկնիլ… ճամբորդութիւնը, փոփոխութիւնը, նոր կեանքը կարող է հակազդեցութիւն առաջ բերել…

— Ի հարկէ, ի հարկէ, կը պատասխանէր Սոնիա եւ շտապով դուրս կու գար, հետապնդելու ընդնշմարուած հետք մը։


Իրիկուն մը երբ Սաթենիկ կը ջանար կայուն վիճակ մը ստեղծել իր հոգեկան խռովայոյզ տրամադրութեան մէջ, յանկարծ արեւը մայրը մտնելէ առաջ դուրս ելաւ կուտակուած ամպերէն եւ ճաճանչեց։ Վարդագոյն լոյս մը ողողեց մռայլ հեռանկարը եւ տանիքներու վրայ յետամնաց ցոլքեր փալփլացին… կարծես կենսատու եւ տաք ալիք մը խուժեց Սաթենիկին ներքին էութեան մէջ։ Յուլօրէն յօրանջեց եւ աչքերը կրկին բացաւ, տեսնելու համար լուսաւորուած մթնոլորտը։ Տարօրինակ թմրութիւն մը ծանրացուց իր անդամները եւ դէմքը գունաւորուեցաւ։ Տարտամ եւ հաճոյալի զգացումով մը զգաց սրտի բաբախումը եւ ինքզինքը մտիկ ըրաւ կարծես սթափելով խոր քունէ։ Կարծես հիացիկ ուշադրութեամբ կը զգար իր ներքին գործարանաւորութեան կենդանի ձայները եւ ապրելու բնազդական հաճոյքը ողողեց իր մտածողութիւնը։ Վարդագոյն լոյսը տանիքներու վրայ կը տժգունէր եւ ծխաններէ ձիգ բարձրացող ծուխերը նախ կանգուն եւ յետոյ կը հակէին քամիին ուղղութեամբ։

Յիշողութիւններ այցելեցին իրեն. անցեալ ժամեր, ուրախ եւ տխուր բայց ամէնքն ալ գունաթափ եւ կարծես նոյն գորշութեան մէջ համարժէք… սիրտը աւելի արագ կը բաբախէր, կարծես կը զարնէին իր ներքին էութեան դռներուն եւ անոնք ահա բացուեցան լայն եւ Ստեփան ներկայացաւ կենդանի, ժպտուն եւ դէմքը վառուած խաղաղ ուրախութիւնով…

Սաթենիկ իր մտքի աչքերով կը նայէր այդ յայտնութեան եւ կը զգար որ անիկա աւելի կենդանի էր քան որեւիցէ ատեն… անոր աննիւթական ներկայութիւնը լոյսի մը պէս կը պլպլար եւ իր հոգեկան խաւարը կը լուսաւորէր. Սաթենիկի դալկահար շրթները շարժեցան եւ ուզեց խօսիլ, բայց հոգիին մէջ լռութիւնը հրամայական տիրապետեց եւ հետզհետէ լսեց Ստեփանի մրմունջը… յետոյ ամէն ինչ լռեց եւ մաքրագործող բուրումի նման բան մը տարածուած մնաց մթնոլորտին մէջ… Սաթենիկ զգաց որ ան պիտի վերադառնար եւ այլեւս իր տկար մարմինը լեցուեցաւ նորոգ կեանքով, ոգեւորուած սպասումի յուսաւէտ անհամբերութեամբ։

Այն իրիկուն Սոնիա նշմարեց Սաթենիկի այլափոխութիւնը։ Սեղանը դրուած էր թէյի համար եւ պառաւ աղախինը սամավարը բերաւ անմիջապէս որ Սոնիա բարձրացաւ սանդուխներէն։ Երբ երկու կիները դէմ առ դէմ նստեցան, նշմարեցին որ երրորդ աթոռ մը թափուր կը մնար։ Իրարու նայեցան, յետոյ սկսան արտասուել։ Արցունքը կ’իջնար իրենց այտերէն հեզասահ, սփոփարար եւ կարծես ահագին բեռ մը, ճնշիչ եւ քարացած բեռ մը, որ չոքեր էր իրենց վրայ, կ’անօսրանար, կը թեթեւնար եւ կ’անհետանար։

Այդ իրիկուն էր որ Սոնիա զգաց թէ Ստեփանի ամենէն կենդանի յիշատակը Սաթենիկն էր։ Անհետացող ընկերոջ սիրով ծանր նայուածքը հանգչեր էր Սաթենիկի վրայ, անոր շրթները համբուրեր էին այդ շրթները, աննշմարելի եւ անկշռելի բան մը Ստեփանի մարդկային զգացումներէն դեռ կը յամենար Սաթենիկի վրայ, անոնց անմահ յիշատակովը օծուած էր այդ վատուժ եւ դիւրաբեկ մարմինը։ Եւ ահա զգաց թէ ինքը անփոյթ գտնուած էր Սաթենիկի առողջութեան եւ վերադարձաւ իր սովորական գորովանքին եւ հոգածութեան։

— Սաթիկ ջան, խեղճ Սաթիկ… ահա թէ ինչ… ո՞վ կարող էր երեւակայել… ո՞վ կարող էր երբեւիցէ մտածել…

Սաթենիկ իր պայծառացած աչքերը բարձրացուց Սոնիային եւ բեկբեկ ժպիտ մը երեւցաւ իր վտիտ եւ արցունքով ողողուած դէմքին վրայ։ Սոնիա չզարմացաւ այդ ժպիտին ի տես… ընդհակառակը կարծես անոր մէջ կը գտնէր իրեն շատ ընտանի եւ շատ սիրելի անցեալ արտայայտութիւն մը… յետոյ կարծեց յիշել. այդ ժպիտով Սաթենիկ… տարօրինակ նմանութիւն ունէր Ստեփանի որոշ արտայայտութեան հետ։

Քիչ մը ջերմութիւն եւ քաղցրութիւն մտաւ իրենց սառն եւ յուսահատ կեանքին մէջ… այլեւս Սոնիա ինչպէս ուրիշ անգամներ կը գուրգուրար Սաթենիկի վրայ, կը խնամէր զայն եւ այդ հոգածութիւնը զինքը կը վերադարձնէր իր մարդկային զգացումներուն։ Ամէն անգամ որ քաղցր խօսք մը ընէր Սաթենիկին, կը կարծէր գոհացում պատճառել Ստեփանին. օր մը յանկարծ գլխի եկաւ…

— Գիտե՞ս ինչ, Սաթիկ ջան, նա ասեր էր, չէ՞ վերջին պահուն, «Սոնիային ասա», լաւ, ես գուշակում եմ թէ ի՞նչ էր ուզում ինձ յանձնարարել… նա ուզում էր խօսել քո մասին…

Սաթենիկ այդ գիտէր արդէն։ Անիկա այդ մասին մտածեր էր առանց որոշ կերպով մտածելու… այդ գաղափարը ունեցեր էր ինք այն առաջին երեկոյին իսկ, երբ Սարգիս պատմեր էր պատահածը։ Գիտէր նոյնիսկ թէ ինչ ըսել կ’ուզէր Ստեփան։ Գիտէր առանց կարենալ բանաձեւելու։ Անոր մահամերձի գերագոյն մտածմունքը հոսանուտի մը նման հասեր էր իրեն, առանց սահմանելու բառերով… բայց այդ մասին չխօսեցաւ Սոնիային։

Աչքերը լեցուեցան տաք արցունքներով, եւ խոշոր կաթիլներով ինկան այտերուն վրայ։ Այլեւս Սաթենիկ յաճախ դիւրութեամբ կ’արտասուէր եւ այդ յորդող արցունքները մեծ ամոքում յառաջ կը բերէին իր վիրաւոր սրտին։

Իր առանձնութիւնը լիքն էր Ստեփանի յարատեւ ներկայութեամբ։ Այդ թաքուն երջանկութեամբ վերստին կ’ապրէր անցեալը, եւ կը հիւսէր տեսակ մը երեւակայական ներկայ եւ ապագայ։ Իր պատմութիւնը կը սկսէր իրենց հանդիպման առաջին օրէն, ճիշդ այն սենեակին մէջ… կը յիշէր անծանօթ ճամբորդը եւ անոր դժուարին ժպիտը… յետոյ երեկոյին իրենց մեկնումը միասին դէպի հեռաւոր թաղ մը… կը յիշեր իր հիւանդութեան շրջանը քեռկնոջ տանը մէջ եւ Ստեփանի ամենօրեայ այցելութիւնները… այն իրիկունը… համբոյրը ձեռքին վրայ… յետոյ Դիլիճան մեկնումի ժամը… յետոյ Բագու…

Ինչո՞ւ այդքան երկար ատեն մնացեր էր խուլ եւ կոյր… կարծես թանձր քօղով մը կապուած մնացեր էին իր աչքերը… տեսեր էր առանց տեսնելու, լսեր էր առանց լսելու եւ ժլատ կեանքի ընծայած ուրախութիւնները, բուն ուրախութիւնը ներկայացեր էր իրենց, բայց իրենց անկարող եղեր էին իւրացնելու զայն։

Դառն կսկիծ մը, խառն անդարմանելի կարօտով կը գալարէր իր սիրտը, բայց ահա իր յուզուած էութեան կը ներկայանար Ստեփան իր հոգեկան անանցանելի գոյութիւնովը։

Եւ հիմակ այլեւս անոր հոգեկան մրմունջին կը պատասխանէր իր հոգին կարծես ողոքելու համար զայն։

Երբեմն Սաթենիկ իր ոգեւորութեան մէջ կանգ կ’առնէր, որովհետեւ յանկարծ կը զգար որ Ստեփան հեռացեր է իր մտածողութեան հորիզոններէն ինչպէս լոյս, որ մեղմիւ կը հանգի։ Այն ատեն լուռ եւ ուշադիր կը սպասէր մինչեւ որ ան վերադառնար կրկին։


«Երբոր թառամին, հոգի՛ս, այն ծաղիկները, որ ծաղկեցան սրտիս մէջ…»։

Կը շարունակէին խօսիլ սենեակին մէջ բայց Սաթենիկ մտիկ կ’ընէր առանց հետեւելու խօսակցութեան, կարծես քաղցր եւ տխուր լար մը, միակ լար մը կը հնչէր իր հոգւոյն մէջ…

Առաւօտուն Սոնիային հետ բժիշկին այցելութեան գացին եւ անիկա յայտնեց.

— Այլեւս պիտի չդանդաղիլ… պէտք է մեկնիլ որքան կարելի է շուտով։

Երբ դուրս կ’ելլէին, բժիշկը յետ կանչեց Սոնիան եւ բան մը փսփսաց անոր։ Սոնիա դուրս եկաւ մտահոգ. անիկա ակնյայտի ջանքեր կ’ընէր իր մտահոգութիւնը ծածկելու համար, բայց Սաթենիկ հասկցաւ։ Ինքը իր կարգին Սոնիան հանգստացնելու համար, ձեւացաւ անփոյթ եւ ինքնավստահ… նոյնիսկ վերադարձին երկու անգամ կառքը կեցնել տուաւ գնումներ ընելու համար։ Երբեմն կ’ընդնշմարէր Սոնիայի խուզարկու եւ յուսահատ նայուածքը իր վրայ եւ հոգին կը բացուէր նոր ակնկալութեանց։

Հաւանական մահուան գաղափարը ներկայացաւ իրեն ընտանի եւ դիւրին եւ պահ մը նոյնիսկ կարծեց յուսալ թէ մահ զինքը կը մօտիկցնէր Ստեփանին… Բայց անոր տժգոյն դէմքը երեւցաւ իրեն եւ նա գոհ չէր… ո՛չ, այդ չէր ճանապարհը. «Նա ապրում է տակաւին ինձմով, իր մէջ… եւ եթէ թառամին այն ծաղիկները, որ ծաղկում են սրտիս մէջ… նա եւս կը մեռնի երկրորդ անգամ»։


Երբ հիւրերը մեկնեցան Սոնիա ըսաւ լրջութեամբ.

— Ահա՛, Սաթիկ, պէտք է որոշել… պէտք է գնալ արտասահման, դարմանուելու…

— Այստեղ թէ այնտեղ միթէ նոյնը չէ՞, Սոնիա՛…

Սոնիա հասկցաւ ակնարկութիւնը եւ տխրած նայուածքը հեռացուց Սաթենիկէն. երկուքն ալ այլեւս լուռ մնացին. Սոնիա իր մտքին մէջ հասկցաւ.

— Ճշմարիտ է… բժիշկները ոչինչ չեն հասկանում. այստեղ թէ այնտեղ նոյն բանն է…։

Քանի մը օր յետոյ երբ այլեւս յուսահատած ոեւէ կարգադրութենէ, Սոնիա վերսկսած էր իր յիշատակներու որոնումին եւ կեանքը կը քաշքշէին այսպէս մռայլ տրամադրութիւններով… իրիկուն մը Սաթենիկ անհամբեր կը սպասէր իր ընկերուհիին վերադարձին։

Անմիջապէս որ Սոնիա սենեակ մտաւ, զգաց որ Սաթենիկ մտատանջ էր եւ ջղային։ Սոնիա դեռ գլխարկը չէր հանած երբ Սաթենիկ հարցուց.

— Ե՞րբ մեկնում ենք արտասահման։

— Երբ որ ուզում ես, Սաթիկ, ըսաւ Սոնիա փղձկած ձայնով եւ նայուածքը դարձաւ հարցական։

Սաթենիկ գնաց պատուիրելու աղախինին, որ սամավարը բերէ։ Երբ սեղանի առաջ տեղաւորուեցան, Սաթենիկ յայտնեց բեկուած ձայնով.

— Սոնիա, նամակ եմ ստացել…

— Ա՜հ, ո՞րտեղից…

Սոնիա արդէն հասկցաւ եւ հակառակ Սաթենիկի վարանումին հարցումը չկրկնեց։

— Նա ինձ գրում է…

Սաթենիկին ձայնը խզուեցաւ եւ կարծես մտքովը դիմաւորեց անցեալ եւ մեռած ժամեր… այդ բոլորը կարծես կատարուեր էին ուրիշ աշխարհի մէջ եւ ուրիշ մարդոց համար… Սաթենիկ գլուխը ցնցեց վանելով անհարկի զգացումներ եւ ոտքի ելաւ։

— Պէտք է պատասխանել… անհրաժեշտ է… կը տամ քեզ նամակը, կարդա ու կը տեսնես…

Անսովոր աշխոյժով Սաթենիկ ոտքի ելաւ եւ նամակը բերաւ. հակառակ իր առ երեւոյթ տհաճութեան տեսակ մը ոգեւորութիւն կար դէմքին վրայ, աչքերը կը փայլէին եւ այտերը թեթեւ մը վարդագունած էին։ Սաթենիկ գանգուրները մատի ծայրովը կը դարձնէր մեքենաբար երբ Սոնիա բացաւ նամակը եւ կարդաց.

«Իմ սիրելի եւ անմոռանալի Սաթիկ,

Իմ վերջին նամակից յետոյ այլեւս չգրեցի… օրերը անցան դարերի ծանրութեամբ, որովհետեւ սպասեցի քո երկտողին, այդ քո յամառ լռութիւնը ինձ սպաննեց, բայց քեզ համար ունեցած զգացումներս անխախտ մնացին… ի՜նչ եմ ասում, Սաթի՛կ… նրանք աճեցան հետզհետէ եւ այլեւս մահը ինձ համար աւելի հեշտ է քան այս բաժանումը։

Դու ինձ դէմ վշտացեր ես եւ չես ուզում ներողամիտ լինել… միթէ այդքան երկար ժամանակում, մեր մասին անցուցած օրերի միայն վատ ժամե՞րը ներկայացան քո յիշողութեանը։ Միթէ այնքա՞ն անբախտ եղայ ես որ մեր գեղեցիկ րոպէներից ոչ մէկը անցեալի մոռացութիւնից դուրս չեկաւ եւ չդիմաւորեց քեզ…

Ինձ թւում է որ հասկացայ քո անհաշտ վարմունքի պատճառը եւ վճռեցի գրել կամ ներկայանալ քեզ միայն այն ատեն երբ ամէն ինչ վերջնականապէս որոշուած կը լինի… այն ինչ որ կարծեցի թէ օրերի խնդիր է, ամիսներ տեւեց… բայց ահա վերջապէս ամէն ինչ կատարուած է։

Նաթալիա Վասիլիեւնա երէկ երեկոյ ստորագրեց ապահարզանի խնդիրքը։ Իմ բարեկամներից մի փորձառու ճարտար փաստաբանի յանձնեցի գործը. նա անմիջապէս մեկնում է Էջմիածին եւ յոյս ունեմ վճիռը կը ստացուի շուտով։

Ի հարկէ այլեւս չեմ կարող մնալ այստեղ եւ մեկնում եմ վաղ առաւօտից։ Մի շաբաթ կը մնամ Բագու, ուրկից յետոյ գալիս եմ Թիֆլիս…

Չափազանցութիւն կը լինի եթէ քեզ ասեմ որ յոյսով եւ ուրախութեամբ լիքը գալիս եմ քեզ… մի ինչ որ անյաղթելի նախազգուշացում ջլատում է իմ ապագայ երազները… բայց գալիս եմ, Սաթի՛կ ջան, եւ թող լինի այնպէս որ քո սիրելի շրթներից լսեմ իմ դատավճիռը… ինչքան էլ ծանր լինեն իմ յանցանքները, այսուամենայնիւ մտածում եմ։ Մեղապարտն իսկ չէ կարելի դատապարտել առանց լսելու։

Անխախտ զգացումներով համբուրում եմ քո ձեռքը»։


Սոնիա նամակը դրաւ սեղանի վրայ եւ մտախոհ մնաց։ Անիկա կարծես ինքն իրեն կը վճռէր եւ կը ջանար յաղթահարել մասնաւոր զգացումի մը։ Յետոյ կողմնակի նայուածք մը նետեց Սաթենիկի վրայ, այս վերջին օրերը Սաթենիկ կարծես զարդարուեր էր կրկին կանացի շնորհներով եւ հրապոյրով։ Իր մէկ այտի մկանունքային կծկումը, որ բոլորովին կ’այլանդակէր անոր սիրուն դէմքը, քանի օրերէ ի վեր անհետացեր էր։ Շրթները գունաւորուեր էր եւ սեւ հագուստին բաց օձիքէն ճերմակ վիզը շնորհալիօրէն կը կրէր յարդարուած գանգուրներու ոլորտները։ Սոնիա մտածեց՝ «ճահիլ կին է եւ կարօտ ունի կեանքի… նա չէ կարող երկար մնալ անմխիթար… հենց բժիշկը նոյն բանն է ասում։ Նա կամովին դուրս է եկել կեանքից եւ ինքն իրան կրծում է… պէտք է նրան կրկին մղել կեանքի ճանապարհի վրայ»։

— Պիտի գրել նրան, ըսաւ Սաթենիկ վհատած ձայնով։

— Ի հարկէ պիտի գրել… Սաթի՛կ ջան, ըսաւ վերջապէս Սոնիա, լսիր ինձ եւ մի անգամ գոնէ քո կեանքումը խելօք բան արա։

Սաթենիկ զարմացած նայեցաւ Սոնիային։

— Ես զգում եմ շատ լաւ քո հոգեկան թշուառ դրութիւնը… մեր Ստեփանի մահից յետոյ…

Սաթենիկ ընդոստ շարժում մը ըրաւ եւ հետաքրքրուած երեսը դարձուց Սոնիային, իր պայծառ ու կապոյտ աչքերը լոյսով ողողուած կրկին սեւեռեց Սոնիային։

— Գարեգինը քեզ սիրում է անկեղծ… նա քանդեց իր տունը եւ ընտանիքը քեզ համար…

— Հենց հարցը դրանում է Սոնիա… հաւատացիր ինձ, անկեղծ եմ ասում, բոլոր սրտով ցաւում եմ… դա մի անօգուտ զոհողութիւն է…

— Ինչպէ՞ս թէ, Սաթիկ… լաւ մտածիր… նա քեզ գրել է ամիսներ առաջ, դու ոչինչ չես պատասխանել. նա ամիսներ շարունակ պայքարել է ու հասեր իր նպատակին… պէտք է հաշուել թէ այդ բոլորը եղեր են ի գին սոսկալի եւ անտանելի անախորժութեանց։

— Ի հարկէ… իրաւունք ունես. ես հենց այն րոպէին պէտք էր գրէի… նախ որ չհաւատացի. այնքան, այնքան անգամներ լսեր էի նոյն բանը… եւ յետոյ այս վերջի ամիսները, իմանում ես շատ լաւ, Սոնիա՛, որ շատ հեռի էի մտածելուց Գարեգինի եւ նրա ընտանեկան կնճռոտութիւնների մասին… Ես անկեղծ ցաւում եմ, Սոնիա… դեռ եւս ուշ չէ, պէտք է անմիջապէս գրել… Նաթալիա Վասիլիեւնա ետ կ’առնէ իր խնդիրքը…

Սոնիա պահ մը մտացիր մնաց եւ յետոյ աւելցուց.

— Լաւ մտածիր, Սաթիկ… դու սիրում էիր Գարեգինին անկեղծ եւ բուռն սիրով։

Սաթիկ գլխով հաստատական պատասխան տուաւ։

— Դու այժմ էլ, թէկուզ անգիտակցաբար սիրում ես նրան… ախր մի ոեւէ հետք մնացեր է այդ անցեալից… եթէ չես զգում այդ այժմ, հասկանալի է, բայց հենց որ նրան տեսնես անձամբ։

Սաթիկ ժպտեցաւ տխրութեամբ։

— Ինձ անկարելի է նրան տեսնել անձամբ…

— Հենց դրանից յայտնի է որ դու վստահ չես քո զգացումների վրայ։

— Թերեւս… մրմնջեց Սաթենիկ խոնարհութեամբ, թերեւս Սոնիա… ո՞վ կարող է յանձնապաստան յանդգնութեամբ վճռել։ «Ես երբեք այսպէս, երբեք այնպէս, ո՞վ կարող էր երեւակայել ինչ որ պատահեց…»։

— Ա՛յ, տեսնո՞ւմ ես…

— Ես վշտացած եմ Գարեգինի դէմ… այդ կ’ուզէի որ դու գրէիր նրան… ես նոյնիսկ խղճալով մտածում եմ Նաթալիա Վասիլիեւնայի մասին…

— Շատ ուշ մնացած խղճահարութիւններ են դրանք, Սաթի՛կ, ինչ որ լինելու էր կատարուեց։ Դու ուզենաս թէ չուզենաս, նրանց ընտանիքը քանդուեց… նրանք այլեւս չեն վերագտնել իրենց ընտանեկան կեանքի անդորրութիւնը. … սա վերջացած պատմութիւն է, չարժէ խօսել այդ մասին։

— Հարցը նրանում չէ, Սոնիա, դու ինձ չես հասկանում։

— Ես մի բան եմ հասկանում… Գարեգինը գալիս է, լա՛ւ թող գայ… դուք չէք կարող ամուսնանալ մէկ օրից միւսը… արդէն այդ անկարելի է օրէնքով… կը գնանք արտասահման, նա կը հասկանայ քո հոգեկան դրութիւնը, նա քեզ կը խնամի քնքշութեամբ եւ ժամանակի ընթացքում դուք վերստին կը գտնէք ձեր անցեալի երջանկութիւնը… քանի որ այլեւս ոչ մի արգելք չկա։

— Սխալւում ես, Սոնիա… եւ էս անգամ արգելքը ուրիշ է. նա անյաղթելի է…

— Ես հասկանում եմ թէ ինչ բանի եւ որի ես ակնարկում… նա ինքը գոհ կը մնար…

Սաթենիկ ներշնչուած նայեցաւ պարապին մէջ եւ յետոյ ինքնաբուխ ոգեւորութեամբ.

— Ես նրան տեսնում եմ աւելի կենդանի եւ աւելի մօտ ինձ… դու չես կարող երեւակայել, Սոնի՛կ, թէ ինչ յստակութեամբ եմ տեսնում նրան եւ լսում եմ իր ձայնը…

Սոնիա տժգունեցաւ… կարծես իր աչքերն ալ տեսան ուրուականի մը խուսափուկ անցքը…

— Դու չես կարող երեւակայել, Սոնիա, թէ իմ ներքին եւ առանձին կեանքս ինչպէս լեցուած է նրա ներկայութեամբ։ Ես նրան կրում եմ սրտի մէջ, իմ հոգու մէջ… ես երբեմն նոյնիսկ զգում եմ նրա շրթները իմ շրթների վրայ։

Սոնիա ապշած նայեցաւ Սաթենիկին եւ յետոյ պատասխանեց.

— Դա մի սոսկալի բան է, Սաթիկ, դա մի հոգեկան ախտ է… դա իսկ է քո հիւանդութիւնը, պէտք է բուժել քեզ։

— Դա իմ թաքուն երջանկութիւնն է, եւ իմ թաքուն վիշտն է։

Սոնիա սրտնեղեցաւ։

— Որոնեցիր եւ գտար. դա շատ նման է քեզ. դու քեզ համար անընդհատ ստեղծում ես հետզհետէ էլ աւելի անբուժելի դժբախտութիւն։ Չի կարելի այդպէս, տես ես լուրջ եմ ասում։

Սաթենիկ խօսքը ընդհատեց.

— Իմ մտածումով կրկին կեանք տուի նրան եւ այժմ ես նրան տեսնում եմ այնպէս ինչպէս երբեք չէի տեսել եւ նրան զգում եմ այնպէս ինչպէս երբեք չէի զգացել… Այն մշուշը, որ կուրացնում էր ինձ, փարատուեց, իմ աչքերը բացուեցին, իմ մէջ, իմ անմխիթար ցաւից բարձրացաւ մի ազնուագոյն ոգի, որ հանդիպեց նրան…

— Սաթիկ, լսիր է՜հ…

— Սոնիա, դու չես կարող հասկնալ… նա ինձ համար աւելի կենդանի է քան այն օրերը երբ ապրում էր… այն խօսքերը, որ չարտասանեց երբեք, այն միտքերը, որ չյայտնեց, այժմ ինձ լսելի են եւ իմանալի։

— Սաթիկ, դու այդպէս կարող ես շարունակել մինչեւ առաւօտ… այ քեզ բան եմ ասում… մենք կարծում ենք հասկանալ ու գիտնալ շատ բան, բայց մահուան սեմի առաջ ամէնքս ալ դառնում ենք անփորձ երեխայ… Այն ինչ որ ասում ես ինձ, ես լսեր եմ արդէն իմ մանկութեան, մեր գիւղում. գիտես ի՞նչ, Սաթիկ ջան, պէտք է անել այնպէս ինչպէս մեր մամիկները անում էին… Ստեփանը մեռաւ պեմուրատ եւ նրա հոգին չէ խաղաղած… պէտք է գնալ իր գերեզմանի վրայ աղօթել, քահանայ տանիլ եւ օրհնած ջուր սրսկել իր հողակոյտի վրայ։

— Սոնիա, այդպէս չէ, ես հեռու եմ իր գերեզմանից, բայց երեք անգամ փորձեցի… Արցունքը, որ ժայթքում էր աչքերիցս, ուզում էի ողողէր եւ տաքցնէր նրա սառն հողակոյտը… ուզում էի իմ ձեռքերով դպնալ այդ հողին եւ մտածում էի թերեւս իմ սրտի ձայնը, զղջումի, սիրոյ, կարօտի աղաղակը, որ գոռում է հոգուս մէջ, կը հասնէ նրան… բայց նա այնտեղ չէ, նրան ոչ մէկ անգամ չգտայ գերեզմանում…

— Սաթենիկ, Սաթենիկ…

— Եւ ես ատում եմ գերեզմանատունը, ուր նա չկայ… իմ ոտները չեն կարող յառաջանալ այն ճանապարհի վրայ, որ մի անգամ ինձ երեւցեր է արդէն եւ որը կարծես ես եմ ստեղծեր իմ կոշմարում…

— Նա իմ հոգւոյս մէջ է, Սոնիա, աւելցուց Սաթենիկ գերագրգռուած ձայնով, նա պատսպարուել է իմ մէջ եւ նա միշտ ինձ հետ է, ես ինքս եմ նրա գերեզմանը…

Սոնիա ականջները խփեց ձեռքերովը եւ ահաբեկած աչքերով կը նայէր Սաթենիկին, որ իրեն կ’երեւէր այլափոխուած եւ ուրուականային… քանի մը անգամ մրմնջեց.

— Ի՞նչ անենք… Տէր Աստուած, ի՞նչ անենք…

— Այ, Սոնիկ ջան, ինձ լսիր, եւ խնդրում եմ արա ինչ որ ասում եմ։ Գրիր այս երեկոյ եւեթ Գարեգինին. նրան յայտնիր որ ես չեմ վշտացեր իր դէմ եւ ոչ ալ իրաւունք եմ տալիս ինքս ինձ դատել նրան… Գրիր որ նոյնիսկ ներողութիւն եմ խնդրում իմ պատճառած անցեալ եւ ներկայ հոգսերի մասին։ Նա կը ների ինձ եթե գիտենայ թէ որքան եմ տառապել… ասա նոյնիսկ որ շնորհակալ եմ իր յայտնած զգացումների համար, եւ թէ ես ինքս կը ցանկայի մի քիչ խաղաղութիւն եւ ուրախութիւն տալ նրան… բայց չեմ կարող… չեմ կարող… ես չեմ կարող գնալ իր հետ հոգւոյս մէջ կրելով մի այսպիսի ներկայութիւն. սա մի այնպիսի արգելք է որի չէ կարելի յաղթել… սա մարդկային օրէնքներով յառաջ եկած արգելք չէ… ես կը շանթահարուեմ եթէ նոյնիսկ մտքովս անցկացնեմ յաղթել այս արգելքին։ Ես այդ անելու համար պէտք է յուսամ որ նա երկրորդ անգամ մեռնէ իմ հոգւոյս մէջ։ Գրիր նրան, Սոնիա, ամէն ինչ…

— Սաթենի՛կ, Սաթենի՛կ, հեծեծեց Սոնիա, անզօր յուսահատութեամբ եւ երեսը ծածկեց ձեռքերով ու սկսաւ հեծկլտալ։

Երբ վերջապէս յոգնած արցունքներէն Սոնիա ուզեց ոտքի ելնել, մութը իջած էր սենեակին մէջ։ Ամեն ինչ ստուերով քօղարկուած էր եւ միայն Սաթենիկի դէմքը պատուհանին դարձած կ’երեւէր չափազանց տժգոյն եւ վերացած գերբնական զգացումի մը մէջ եւ անիկա կը ժպտէր ներշնչուած ինչպէս բացակայ մէկի։

Սոնիա ահաբեկած նայեցաւ անոր… տեսակ մը սոսկում եւ միեւնոյն ատեն կրօնական զգացում համակեց զինքը… խօսիլ Սաթենիկի հետ, խանգարել զայն իր հոգեզմայլութենէն, իրեն թուեցաւ մի տեսակ սրբապղծութիւն։ Ստուերի պէս անցաւ աննշմարելի, խուսափեցաւ գրեթէ այդ տեսիլքէն եւ հոգին դղրդուած անսահմանելի զգացումով մը, սենեակին սեմին վրայ անգամ մըն ալ նայեցաւ եւ խաչակնքեց։ Իր շրթները մեքենաբար բայց ջերմեռանդութեամբ արտասանեցին աղօթք մը, որ իր մանկութեան տարիներուն լսած էր մամիկին դողդոջուն շրթներուն վրայ, մեռելներուն հոգւոյն խաղաղութեան համար։

Այդ պահուն Սաթենիկ ցնցուեցաւ եւ իրեն նայեցաւ, տխրօրէն ժպտեցաւ եւ յանձնարարեց.

— Սոնիկ ջան, մեղմ եւ քաղցր շեշտով գրիր Գարեգինին…


******


Գնացքը մտաւ Պալաճարիի կայարանը, դանդաղեցաւ եւ կանգ առաւ կառաշարը ցնցելով գիծերուն վրայ։

Քարափին վրայ մարդոց բազմութեան ժխորը սթափեցուց Սոնիան, որ դէպի պատուհանը եկաւ եւ բացաւ։ Արեւը կը ճաճանչէր եւ մերձաւոր նաւթահորերու արտաշնչումը խառնուած բարձրացող փոշիին մտաւ վակոն էն ներս։

Սաթենիկ երկարած նստարանին վրայ կը ջանար պահպանել իր առ երեւոյթ հանդարտութիւնը։ Յանկարծ կարծես մթնոլորտը տիրապետեց իրեն եւ շառագունեցաւ շփոթ եւ պղտոր յուզումով մը։

Նաւթի այդ հոտը, կայարանի յատուկ այդ ժխորը, արեւի ճերմակ լոյսը, որ սարսռալով կը տարածուէր մինչեւ իրեն, գրեթէ բռնութեամբ վերադարձուցին զինքը անցեալ յիշողութիւններու։

Սոնիա ետեւ դարձաւ եւ հարցուց.

— Ուզո՞ւմ ես, Սաթիկ ջան, իջնանք թէյ առնենք։

Սաթենիկ ժխտական շարժում մը ըրաւ։

— Կը մնանք այստեղ քսան րոպէ ժամանակ ունենք, պնդեց Սոնիա։

— Չէ՛, Սոնիա, դու գնա եթէ ուզում ես։

Սոնիա գլուխը շարժեց դժգոհութեամբ.

— Եթէ այսպէս շարունակենք մեր ճամբորդութիւնը, Սաթիկ, դու դեռ սահմանը չհասած կը ստիպուես ընդհատել։

Սաթենիկ ժպտեցաւ տխրութեամբ եւ ահա յանկարծ աւելի ուժգին դուրսի աշխարհը եւ այդ իրեն շատ ընտանի մթնոլորտը խուժեց իր ներքին էութեան մէջ։ Խռովայոյզ հապճեպով մը հակասական զգացումներ գալարեցին հոգին եւ Սոնիա կը պատրաստուէր դուրս գալու, Սաթենիկ մրմնջեց տաժանելիօրէն։

— Սոնի՛կ…

— Հա՛ ջան.

— Փակէ պատուհանը եւ իջեցուր վարագոյրները… խնդրում եմ… լոյսը ինձ խանգարում է…

Սոնիա մեքենաբար կատարեց Սաթենիկի խնդրանքը եւ շտապեց դուրս գալու։

Կէս մութի մէջ, աստիճան մը ամոքուած, Սաթենիկ ուզեց վանել իր հոգիէն յիշողութիւններու խռովիչ պարը։ Աչքերը փակեց եւ ձեռքը տարաւ տենդագին ճակատին։

Դուրսի ժխորը աւելի խուլ կարծես հեռացաւ… հակառակ ուղղութեան եկող կառաշար մը թաւալեցաւ մերձաւոր գիծի մը վրայ եւ աւելի հեռուէն վայրաշարժի մը սուլոցը երկար եւ բեկբեկ խափանեց բոլոր ձայները։ Նման չարաբաստիկ ազդարարութեան մը՝ այդ երկարաձգուող սուլոցը տիրապետեց միջոցին եւ յանկարծ լռեց։

Այն ատեն Սաթենիկ զգաց որ ոյժովը իր տառապանքին եւ զօրութիւնովը իր սիրոյն, գերագոյն սարսուռով մը հաղորդակցութեան կը մտնէր տիեզերական խորհուրդի մը հետ. խաղաղութիւնը համակեց իր հոգին, լռեցնելով իր ներքին էութեան բոլոր ձայները եւ մարելով բոլոր փայլատակող լոյսերը։

Երբ Սոնիա վերադարձաւ կարծեց որ Սաթենիկ կը քնէր։ Զգուշութեամբ նստեցաւ իր անկիւնը եւ աչքերը հոգածութեամբ սեւեռեց անոր տժգոյն դէմքին։ Քանի մը րոպէ ետքը գնացքը ճամբայ ելաւ եւ ի պատասխան Սաթենիկի անորոշ մէկ շարժումին՝ Սոնիա մրմնջեց.

— Պիտի չանցնենք Բագուից։

Այլեւս հետզհետէ աւելի արագութեամբ կը հեռանային ընտանի շրջաններէ։ Սաթենիկ ոտքի ելաւ, մօտեցաւ պատուհանին եւ վարագոյրը բարձրացուց։

Տափարակ եւ անապատային դաշտի հեռաւորութեան մէջ, քաղաքի մը անորոշ սիլուէթը կը խուսափէր իր տեսողութենէն։ Հետզհետէ ալ աւելի անորոշ քարակոյտ. եւ այդ խուսափուկ եւ անկայուն գիծերով հազիւ նշմարելի թանձրութիւնը, որ ահա կորսուեցաւ իր տեսողութենէն, լիքը փայլատակող ուրախութիւններով, որոնցմով իր հոգին գալարուեր էր այնքան սոսկալի եւ այնքան գեղեցիկ ժամերու մէջ։

Գնացքը ալ աւելի արագութեամբ կը թաւալէր առանց կանգ առնելու կայարաններու մէջ. մութը կ’իջնար դանդաղութեամբ տափարակ դաշտերու վրայ եւ գիշերը ահա կու գար կարծես ամբողջ աշխարհի մը յետամնաց ճաճանչները մարելու։ Այն ատեն Սաթենիկ հեռացաւ պատուհանէն, կրկին երկնցաւ նստարանին վրայ եւ աչքերը փակելով, յուսահատ անհամբերութեամբ սպասեց Ստեփանի այցելութեան…։


  1. Լերմոնտով։
  2. Ամառանոց
  3. Փաթրոն
  4. Դռնապան