Jump to content

Արդիական դաստիարակութիւն

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Արդիական դաստիարակութիւն
Հրապարակվել է «Հայ կին» (Կ. Պոլիս) հանդեսում՝ 1920, թիւ 16 (հունիսի 16):

Այն հսկայական պայքարը որ տեղի կ'ունենայ արդիական ըմբռնումներով սնած մանկամարդուհիներու մտքին մէջ, զանոնք կ'առաջնորդէ մտաւորական անվերծանելի իտէալներու ուր անոնք առ խարխափ կ'ընթանան ի խնդիր նորանոր կոչումներու, այլազան մշակոյթներու և ասպարէզներու. միշտ աւելի հեռուն, միշտ աւելի բարձր և կատարեալ ըլլալու ըղձանքով. առ այս մանկամարդուհւոյ[1] կը մօտենայ գիտութիւններու, կը հմտանայ լեզուաբանական նրբութիւններու, ուշագրաւօրէն կը նուիրուի այն ամէն բանի որ զինքը վեր պիտի բարձրացնէր հասարակ ճաշակներու և մտքերու մակարդակէն:

Արդիական դաստիարակությունը մշակոյթային ահագին բեռ մ'է մանկամարդուհւոյ ուսին, որուն համար ան պէտք ունի ֆիզիքական և մտաւորական մեծ ուժի. ան կը թօթափէ իր հոգիին բոլոր ընձանքները և իր երազանքներուն կապուտակ հորիզոնը կը մթագնէ խորհուրդի և մտածման թարթափումներով և խճողումովը այլազան իմաստասիրութիւններու որոնց հակընդդէմ վարդապետութիւնները իր լաւ կամ յոռի բնազդները կը վարեն մինչև անդրագոյնսահմանները լինելութեան. ուրիշ կերպ ըսելով կամ անոր խորհողութիւնը կը դառնայ ծայրագոյն բարւոյն և կամ իր խանդավառ հոգին սկեպտիկութեան ցուրտ շունչին տակ կը սառի` իր ճակատը կը մթագնի, կենսաշող ժպիտը հեգնօրէն կ’ուրուագրուի շրթունքներուն վրայ. ան մտաւորապէս հասուն կինն է. Արդիական ըմբռնումներու, իմաստասիրութիւններու հոյզովը հասունցած` որոնք կը վարեն իր տեսութիւնները առանց որ ինք անդրադառնայ անոր. ահա թէ ինչ է գիտականապէս պատրաստուած կինը:

Սա այն դասակարգն է որ կ’աշխատի իր հոգեկան բարձրացումին համար. կը նուիրուի ասպարէզի մը ուր միայն receptive կրնայ ըլլալ. շատ անգամ կը հրաժարի իր կնոջական պարտականութիւններէն ցնորքի մը համար որ պատանեկութենէն մեծցուցեր է իր հետ. ան կամ իսպատ կը մոռնայ իր իգական կոչումը (vocation), կամ կը փնտռէ եզական բարձր մարդ մը անոր վրայ մագլցելով բարձրանալու համար, ինչ արժէք ունի բարձրութիւն մը որ յենարանի մը կռթնած է. և ի՞նչ տարբերութիւն անոր և մագլցող բոյսի մը ընդ մէջ:

Կայ ուրիշ դասակարգ մը ևւս արդիական կիներու որոնք թեթեւօրէն ափյափոյ կ,ստանան երեւութական մշակոյթ մը. ասոնց գիտական կամ լեզուաբանական հմտութիւնը այնչափ ինչ է որչափ պէտք է դուրս գալու ժողովրդի զանգուածային խաւերէն. արդիականութեան բոլոր պահանջները, կենցաղագիտական յետին նորութիւնները ուսումնասիրած են, իւրացուցած և կիրարկած. կատարելագործած թիփերը թեթեւ դաստիարակութեան. մտքի և գաղափարային բարձրութեան ոլորտները զիրենք կ’ահաբեկէ. լուրջ աշխաըութիւններու յօհնավաստակ տքնութիւններու արդիւնաբերութիւնը իրենց համար չհաւասարիր, ոչ մէկ կերպով, ժամանակակից նորութիւններու, ընթացիկ նորոյներու գիտութեան. Անոնք սակայն կ’ընդունին կեանքը առանց մեծ իտէալներու. անոնք սակայն կ’ըմբռնեն իրենց իգական կոչումը:

Ապա ուրեմն արդիական կինը կարելի է բաժանել երկու որոշ դասակարգի, որոնց հոգեկան տրամադրութիւնները զիրենք կ’առաջնորդեն տարբեր ուղիներու. մին կը ձգտի իրական կատարելութեան, միւսը երեւութականին. մին կ’ուզէ հասնիլ իր իտէալին բարձունքները միւսը արդէն հասած կը համարէ զինքը մշակութային որոշ սահմանի մը մէջ. միայն հասկացողութիւնը այնքան լայն է որ կը կասի մեծ մտքերու հայակապ արտադրութիւններու առջև, հիացումով կը նուիրուի անոնց, միւսը առանց ահաբեկումի, առանց կշռոյթի սիրուն էջեր կ’արտադրէ, կը կարդայ արդիական գրուածքներ, չի հետաքրքրուիր իմաստասիրութիւններով. թերեւս կ’զգայ թէ այդ իր vocationը չէ, իր գիտական իտէալն ալ այնքան բարձր չէ որուն չի կարենայ հասնիլ. ինչ փոյթ իրեն Շօփէնենհաուէրեան, Նիջէեան վարդապետութիւնները. իր ջանքն է ամէն ինչ արդիականացնել և երբ յաջողի ատոր հասած կը կարծէ իր իտէալին. որովհետեւ կ'զգայ թէ իբր կին receptive էակ մ'է և թէ իր կեանքի նպատակը պէտք է ըլլայ իր իգական կոչումը:

Կնոջ միտքը երբ բաւականէն աւելի լեցուած է գիտութիւններով ի՞նչ բանի կ'ուզէ ծառայեցնել զայն. հոգեկան բարձրացումի՞. ատոր համար լուրջ կամքը բաւական է. ուսումնասիրութիւն ընել կեանքի միջուկը, լաւ. բայց միթէ իգական կոչումը շատ աւելի բարձր չէ՞: Ես այնպէս կ'ըմբռնեմ թէ կինը շատ աւելի բարձր գործեր ունի մարդկային ընկերութեան մէջ քան այրը. հոս դասակարգի խնդիր ալ չեմ տեսներ. մարդ պետք չէ ուրանայ միջավայրը ուր ծնած է. պետք չէ խոյս տայ անկէ. ընդհակառակը ջանալու է միջավայրը բարձրացնել. կինը կարող է այդ բանին և պէտք է ար աշխատի այդ ուղղութեամբ: Ես շատ բարձր կը գտնեմ իգական կոչումը. մարդիկ խմորել և կերտել, այն միակ ընդունակութիւնը որում մէջ կինը այրը կը գերազանցէ. և ըսել որ կը ջանան այս իրական մեծարժէք պարտականութիւնը մէկ կողմ ձգել ուրիշ ասպարէզի նուիրուելու համար:

Բարոյական բարձրութիւնը կնոջ մը միակ արժէքն է, արդիական կնոջ պարտականութիւնն է բարոյական բարձրութեան հասնիլ և հասցնել. իր շուրջը այնքան փոքրոգութիւններ կան, այնքան քասքնելի իրականութիւններ, ինք այնքան մեծ պարտքերու առջև կը գտնուի որ իր մտաւորական կնոջ հպարտութիւնը կը վիրաւորուի ձգել անցնելու համար:

Բարոյական բարձրութեան մը հասնելու համար հարկ չէ օտար յենարաններու, գիրքի մէջէ քաղուած օրինակներու կամ բարձր միտքերու ազդեցութեան, այդ կերպով ստացուած բարձրութիւնը հետեւողական է, և ինչ որ հետեւողական է կեղծիքի դրոշմը կը կրէ ու չի տեւեր:

Ես կը խորհիմ թէ կինը պէտք է իր կեանքին տայ իր անձնական իտէալները և ջանայ լուրջ ըլլալ և ճշմարիտ իր խղճին առջև, և երբ իր հոգիին խորը նայի պէտք է որ իր զգացումները արծաթափայլ ալիքներու երանգը կրեն և վճիտ ջրերու երգը երգեն, հոգիի յաւիտենական երիտասարդութիւն թարմագեղ և երջանիկ:

Ծանոթագրություններ
  1. Հոդվածում գրված է մանկամարդուհիների, սակայն թերթի հաջորդ համարում («Հայ կին», թիւ 17, հուլիսի 20) այն հատուկ ծանուցմամբ ուղղված է: