Jump to content

Արտերուն հրավերը

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Արտերուն հրաւէրը

Արտերուն հրաւէրը


Գիւղակներէն հորիզոնները մինչեւ
Կը տարածուի մեր մայրութիւնը հողի:
Գարունն եկա՛ւ. – չի բաւեր ձիւնը թեթեւ
Ա’լ ծածկելու մեր մերկութիւնը յըղի:

Վերադարձէք մեր ծոցը, ո՛վ մըշակներ,
Առաւօտներն արդէն Ապրիլ կը բուրեն.
Սառէն լուծուած կը կարկաչեն առուակներ.
Մեր տաք կողէն ծլաւ նարգիսը արդէն:

Մեզի եկէք. – ձեր սերմով լի բուռերուն
Մենք կը սպասենք կիներու լուռ ըղձանքով.
Ճաճանչն արդէն խրուեցաւ մեր սիրտերուն:

Պիտի լեցուին քըրտինքներու համրանքով
Հասկերը շէկ, ու պիտի ո՛րքան բերկրինք,
Երբ առջի հեղ խոփը ճըմլէ մեր ըստինք: