Jump to content

Ափսոսանք

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից

ԱՓՍՈՍԱՆՔ


Երբեմն հոգիս ընդվզումի շեշտով մը գոռ,
Հառաչանքի սուր տէգեր
Կը սլացնէ երկինքն ի վեր,
Անոր համար վառ կապուտակն եթերին
Այլեւս հիմա՝ պատառատուն, տրտմագին,
Սեւ շղարշներ է հագեր,
Ու ամպերն ալ՝ յուղարկաւոր՝ դիակնացած սէրերու,
Քայլամոլոր, սըգակիր,
Վշտակցութեան թոթով բառեր կը փըսփըսան իրարու։
Եւա՛ պչրոտ, տարփանքներուդ քմհաճոյքին
Ես նշաւակ յարաժամ,
Այսօր միայն, աւա՛ղ, կըզգամ,
Թէ քու սիրոյդ մռայլամած ու տարտամ,
Զոհ տարուածի գիտակցութիւնն տրտմաքամ,
Ահեղ լլկանքն է իմ կեանքին։
Պատանքըւած սիրտերն ափսո՜ս,
Ի՜նչ ըղձանքներ թաղեն անխօս,
Լուռ սէրերու ինչ ծընունդներ անարիւն
Դեռ սաղմի մէջ կ՚իջնեն փոս։
Երբեմն խորունկ ապաշաւի լացն մոլար,
Այտերուս ցից գահավէժէն բռնավար
Կը գլտորի դար ու վար,
Ու կ՚ափսոսամ երազկոտի այն օրերս եդեմային
Երբ ցանկայի աղուորներուն
Տեսնել քեզ պերճ տիրուհին։
Թեւ ու թռիչ տուած գրչիս ապերասան,
Ուզեցի որ օթեւաններն եթերային
Քեզ հիւրընկալ ըլլային.
Պատուանդանի աստիճաններն այլեւս հատան,
Բայց դեռ հեռուն,
Բարձրութեանց մէջ կ՚ուզէի որ բազմիս դուն,
Շղարշին տակ լուրթ ամպերուն
Մի՛շտ հմայքոտ, մի՛շտ տեսլական, բարբառուն։

Դաշնակաւոր երգիչներու հոյլն երկնային,
Նոր յուզումի տաղերովը խանդավառ,
Կ՚ուզէի որ քեզ դրացի ողջունէին մեծափառ.
Եւ լուսինը, խնդամոլիկ պչրուհին,
Միշտ միամիտ, անյիշաչար,
Ճառագայթի բոց թելերով լուսապսակէր
Փըրփօշ դէմքըդ մատօննային։

Եւա՛ պչրոտ, տարփանքներուդ քմահաճոյքին
Ես նշաւակ յարաժամ,
Այսօր միայն, աւա՜ղ, կըզգամ
Թէ քու սիրոյդ մռայլամած ու տարտամ
Զոհ տարուածի գիտակցութիւնն տրտմաքամ,
Ահեղ լլկանքն է իմ կեանքին։

1904 Պօլիս