Գրոց ու բրոց եւ Սասունցի Դաւիթ կամ Մհէրի Դուռ

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Գրոց ու բրոց եւ Սասունցի Դաւիթ կամ Մհէրի Դուռ

Բանահյուսական

Բարեկամ.

Մարդկային ընկերավարութեանց սովորութիւնն է, երբ հեռաւոր տեղէ մը գան, իրենց գտնուած երկրի բարիքներէն կամ հազուագիւտ իրերէն ընծայ մի կը բերեն բարեկամին։ Հետեւելով այսմ, երբ Պօլիս եկայ, այս անգամ ուզեցի ընծայ բերել Ձեզ իմ երկրէն։ Ի՜նչ։

Ի՜նչ կը գտնուէր հոն, ուր ես էի. հող եւ ջուր միայն, եւ հողով ու ջրով եւեթ կեանք վարող հայ ժողովուրդ։

Գրոց եւ բրոց ծրար մ՚ընծայ բերի Ձեզ այն հողէն ու ջրէն, որ Հայաստանի անունը կը կրեն տակաւին, ժողովրդէ մը, որ սերունդ եւ անուն Հայութեան ունին։ Այս հողն եւ ժողովուրդ կամ, այսպէս ըսեմք, Հայաստանն ու Հայ, որ հազար անգամ խորամանկութեան ու բռնաւորութեան փորձեր անցուցեր են, փորձեր՝ խլելու այս ազգի արմատը այդ արտէն, կամ փոխելու այն հողի յատկութիւնը, որ այլեւս չբուսցընէ զՀայ եւ չերեւի Հայութեան նշոյլ մը։ Բայց հայերը մանգաղով հնձուած ժամանակ սերմերը թափեր են փոշիներուն մէջ, արմատէն խլուած ժամանակ ջեղ մը թողուցեր են քարի մը տակ, ձորի մը մէջ եւ նորէն բուսեր, ծլեր, արմատ ձգեր, ոստ արձակեր, ծաղկեր ու պտղաբերեր են անդրէն։ Անկարելի է գտնել աշխարհ մը եւ ազգ մը, որ համեմատուի հայուն եւ իւր երկրին, որ այնքան աւեր, մահ, սուր, ուրացութիւն, արիւն, գերութիւն կրած լինի ու նորէն ցայսօր ապրի։

Իւր քաղաքականն ու կրօնականը, իւր նիւթականն ու հոգեկանը առհասարակ կողոպտուած. գանձն ու զէնքը առնելէն զկնի, մարդն ու իւր բնակարանը, տաճարներու քարերը եւ լեզուն ու մագաղաթներն անգամ գերի գնացած են, ստրկութեան ենթարկուած են։ Բայց մեր երկրի հողն ու ջուրը, օդն ու եթերքը օծուած են հրեղէն լեզուով, հրեղէն հոգւով, որք ո՛չ միայն վերաստեղծեր են զհայեր, այլ եւ վերապատմեր են հետագայից Հայաստանի նահապետաց, դիւցազանց, թագաւորաց եւ առաքինեաց անուններ ու գործերը։ Այս լեռները, հովիտները, ձորերը, գետերը, շէները, աւերները, հողմերը, աստղերը, ամենքն ալ խորհրդաւոր անուն մը ունեցած են. եւ այդ ամէն մէկ անունը կը պարունակէ իւր մէջ անձի մը կամ անցքի մը պատմութիւն, թէ առասպել համարուի այն առ այժմ եւ թէ իրական, եւ այսպիսեաց շարունակութիւնը մագաղաթներէն աւելի տոկուն եւ անջինջ մատեան մը շարունակած է. այն է՝ բնակչաց բերանացի աւանդութիւնք կամ վէպք եւ զրոյցք։

Ասոնց մէկ նշմարն է իմ ընծայս։

Միտքս այն չէ, որ ընդարձակեմ տեսութիւնս այս ընդարձակ եւ ցանկալի խնդրոյն վրայ, եւ ոչ քրքրել կ՚ուզեմ հնախօսութեանց թերթերն ու միտքերը։ Ոչ վ. հ. Ղ. Ալիշանեանի Յուշիկն ունիմ, ոչ Տ. Ս. Երեմիա եպիսկոպոսի Հայրենասիրութիւնը եւ ոչ ասոնց նմանները։ Անոնք արդարեւ ուժ եւ եռանդ ունեցող անձանց գործքեր են։

Ես իբրեւ մեղու ապրած ու աշխատած եմ. զիս փեթակի մէջ կը պահէին եւ դրսէն դուռը կը ծեփէին։ Իմ օրերու մեծ մասը անլուսատես եւ փականքի տակ անցուցեր եմ, բայց երբ բաց գտեր եմ դուռը, փութացեր եմ ծաղիկներուն վազել, մասիկ-մասիկ անոնցմէ առնուլ, թուփէ թուփ թռչտելով, եւ հաւաքածներէս շատը, քամիին եւ պիծակներուն դէմ պատահելով, կորսնցուցեր եմ։ Ահա ինչ որ մնացած էր բերանս, կը ձօնեմ ազգիս բանասիրաց՝ ձեր ձեռքով մատուցանելով զայն, ո՛վ իմ բարեկամ։

Ընծայիս վերջին մասը, որ է ԴԱՒԻԹ ՍԱՍՈՒՆՑԻՆ կամ ՄՀԷՐԻ ԴՈՒՌԸ, առանձին հրատարակելու մտադիր էի։ Գրիչ ձեռքս առի անոր իբրեւ յառաջաբանութիւն մը գրելու. միտքս զանազան յիշատակութիւններ եկան։ Թող տուի գրիչս մտքիս հոսանքին առջեւը, բայց, միշտ ձգելով եւ կարճել ուզելով, շարունակեցի, թէպէտ առանց յօժարութեան կը գրէի։ Ընկերս՝ պ. Ս. Տ. Ս., որ բանասէր եւ ուսեալ հայրենակից ազնիւ երիտասարդներէն մինն է եւ քաղցր ճաշակ ունի հայրենեաց պատկերներ եւ հնութիւնները օրինակելու, դիպեցաւ գրելուս եւ, իմ թագուցանելուս հակառակ, կորզեց ձեռքէս։ Ընթերցաւ եւ զմայլում մը ցոյց տուաւ՝ հարկադրելով, որ չյապաւեմ այդ գրածներս, այլ, ընդհակառակն, աւելի ընդարձակեմ։ Ես նոյնը թողուցի՝ ոչ թէ իրօք արժէք մը տալու համար, այլ նոյն ընկերիս պատւոյն համար միայն հաւանած եմ տալ հրատարակութեան այս գրածներս, որք բոլորովին անարուեստ, անդասակարգ լեզուով, մասն մասին չյարակցող նիւթեր են։ Թողի այնպէս՝ առանց ի գործ դնելու անոնց մէջ ձեւք եւ պերճութիւնք բառից եւ բանից, առանց Հոմերական եւ Վիրգիլիական ճարտար հիւսուածոց եւ պաճուճանքներու եւ առանց նոյնիսկ հայոց պատմութեանց եւ բանաստեղծութեանց զարդն ու նմանութիւնը անոնց տալու, այլ մերկ, պարզ եւ ինչպէս գտած ու ըմբռնած էի, նոյն վիճակով ներկայացուցի։ Մտածելով, թէ փայտերը, քարերը եւ ամենայն ակունք ու այլ նիւթերը նախքան զարուեստաւորել՝ իրենց բնական բոյսին ու կազմին մէջ թէպէտ անվայելուչ եւ անշնորհք երեւոյթ մը ունին, բայց արուեստաւորք զանոնք թանգ կը գնեն։ Եւ ինչո՞ւ ամէն արհեստական նիւթը իրեն նախնականը պատրաստողն ու վաճառողն ունի, ինչո՞ւ գրարուեստն ալ չունենայ։ Թէպէտ ժամանակէ մը հետէ կը նշմարենք առաւել Ռուսաստանի հայ բանասիրաց մէջ ծաղկեալ այս ճաշակը, ուր ժողովրդական կեանքէն նկարագիր կ՚ընեն, Հայաստանի տեղագրութիւնք, ռամկական երգերը եւ զանազան ծէսերը, վէպերը, առածները կը տպագրեն։ Ահա այս խորհրդով իմ երկրէս իբրեւ ընծայ այս գրուածքս կը նուիրեմ, զոր ընտրեցի ոչ որպէսզի այսու ես պատիւ մը կամ անուն մը ձեռք բերեմ, այլ գիտելով, թէ դուք ունիք ճաշակ այսպիսի պտուղներու, զորս քաղած եմ հայրենի մրգաստանէն այն ձեռներով, որոյ մատերը ձեզնէ քաջալերուած եղեր են գրիչը շարժելու։ Եւ ահա բարի լուսոյ առաւօտ մը կը հանդիպիմ Ձեզ՝ փոխարինել ողջունիւս հանդերձ։

1874 սեպ. 3
Կ. Պօլիս
ԾՐԱԳՐՈՂ Սրուանձտեանց Գ. Վ.


ԻԲՐԵՒ ՆԱԽԵՐԳԱՆՔ[խմբագրել]

ՄԻ ՄԱՍՆ
Մշեցւոց վրայ ընդհանուր տեսութիւն գրածիս
(Մանզումէի միջոցաւ 1869-ին հրատարակուած)

…Մամիկոնեանք դեռ Մշոյ աշխարհին տէր չեղած՝ այս աշխարհի զաւակը սրտի քաջութեան եւ ազատասիրութեան մէջ նշանաւոր էր։ Ես կ՚ըսեմ՝ Մամիկոնեանք եկան այս աշխարհին մէջ եւ այս աշխարհի բնակիչներով քաջութեան անունը միշտ ժառանգեցին, քան թէ զայն իրենց հետ բերին ու ասոնց տուին։ Կրօնասիրութիւնն ալ սեպհական ձիրք մ՚ էր այս տեղի Հայոց՝ թէ՛ կռապաշտութեան մէջ եւ թէ՛ ճշմարիտ աստուածպաշտութեան մէջ, եւ զայս կ՚ապացուցանէ թէ՛ քուրմերու պատերազմը Տրդատայ եւ Լուսաւորչի դէմ, եւ թէ՛ Վարդանայ, Վահանայ, Մուշեղի, Գայլ Վահանին եւ անոր կորեանց նահատակութիւնները՝ պարսից մոգակրօնութեան դէմ։

Մշոյ հայերը պէտք էր քաջ լինէին՝ նայելով իրենց հայրենեաց դիրքին։ Այն ամեհի բարձրաբերձ լեռները մեծութիւն մը կ՚ազդէին անոնց սրտին. անտառներով, մացառներով զարդարուած սարերու գագաթներ եւ ծոցերը, նոյնպէս եւ շամբերը, որոց մէջ լեցուն գազաններ են, զիրենք կ՚ստիպէին զէնքի վարժուիլ՝ թէ՛ որսալու համար եւ թէ՛ պաշտպանուելու համար։ Այս ընդարձակ դաշտը եւ այն մեծատարած երկինքը վեհութիւն եւ վսեմութիւն կ՚ազդէին անոնց հոգւոյն, եւ այն պատուական կլիմայն արդէն զօրաւոր եւ յաղթանդամ կը կազմէր անոնց իրանները։

Ջուրերը բոլորն ալ գետեր են, որ չորս կողմի լեռներէն սուր ընթացքով եւ գոռուն-գոչուն ձայնով կը վազեն, կը թափին Եփրատին ծոցը. եւ թէպէտ Մեղրագետն ու Եփրատ անձայն կ՚ընթանան, բայց այնպէ՛ս արագ եւ այնպէ՛ս ահարկու եւ լայնածաւալ պտոյտներով ու հոսանքներով կ՚անցնին, որ կարծես ահեղ թագաւոր մի է Եփրատ եւ անոր սպարապետն է Մեղրագետը, որք ջրային զօրաց մեծ բանակ մը առած՝ գաւառները տիրելով կը վարեն, կը դիմեն ի կռիւ ուրիշ տիրապետաց հետ։ Այսպիսի երկիր մը, որքան իւր բնակչաց նպաստաւորիչ է, այնքան ալ իւր մերձաւորաց եւ ծանօթից նախանձը կը գրգռէ, եւ այս պատճառաւ, գրեթէ շարունակ կռիւի մէջ ծնած ու մեծցած ըլլալով, մահուանէ չվախցող մարդիկ էին Մշեցիք։

Այս կարգի մարդիկ եղած են նաեւ այն ինքնագլուխ պէյերը, որ կը տիրէին երբեմն Մշոյ երկրին եւ միեւնոյն կերպ քաջութիւն կը գործեն եղեր թէ՛ իրենք եւ թէ՛ իրենց ձեռքի տակ եղած Հայերն ու Քիւրդերը։

Մշոյ աշխարհ լի է եղեր բանաստեղծներով, երգասացներով, բազմաթիւ աշուղներու տեղ է եղեր այս երկիրը. եւ այս բնական հետեւութիւն է այն քաջաց եւ քաջագործութեանց, որոց դիւցազնագործութիւնները կը դիւցաբանէին եւ անոնց թանկագին մահը պէս-պէս երգերով կ՚եղերերգէին։ Մշոյ այն գեղեցիկ հորիզոնը աչք ձգողին սիրտը ինքնին կը թրթռայ, արիւնը կ՚եռայ եւ հոգին կը բարձրանայ։ Բայց այսօր այս նշանները ազգային չեն. Մշոյ քաջերը քրդերն են, եւ բոլոր երգեր ու խաղերն ալ քրդերէն լեզուով են։ Մեր ըրած դիտողութիւնն ընդհանրապէս է։ Իհարկէ, մասնաւորները պակաս չեն ու կը տեսնուին Մշոյ ազգայնոց մէջ։

……………………………………………………………………………….

Կարող էին արդի հայերն ալ առաքինի եւ նշանաւոր մարդիկ հանդիսանալ, քանի որ երկիրը նոյն դիրքն ունի եւ նոյն ազդումը կ՚ազդէ բնակչաց։ Հայո՛ց մանաւանդ կ՚ըսեմ, որոց չորս կողմը նախնեաց գերեզմաններ են։ Տեսնաս ձորի մը մէջ բոյլ մի ծառ եւ աղբիւր մը. աւերակ մը հոն։ Գերեզման մը այս բլուրի վրայ։ Խաչքար մը այն ինչ տեղ։ Ամէն տեղերն ալ ուխտի կ՚երթայ Մշոյ ժողովուրդ՝ առանց գիտնալու, թէ ի՞նչ կայ այնտեղ։ Բայց մտածողին խորհիլ կուտան, թէ այն տեղերը կա՛մ մեծ յիշատակ մ՚ է կատարուած, կա՛մ մեծ նահատակ մ՚ է ինկած, կամ հրաշք մ՚ է տեսնուած։ Գեղեր եւ վայրերը, որոց կոչումն ու անունը մէկ-մէկ պատմութիւն են նախնեաց գործոց։ Տաճարներու եւ բերդերու աւերակները, հին եկեղեցիները, որոց մէջ նախնեաց անուն կամ յիշատակ, կամ նշան մը կը տեսնուի, մանաւանդ այն մեծաշէն եւ հռչակաւոր վանորայք, որ նախնի մշեցի հայոց աստուածպաշտութեան վկայներ ու վկայարաններն են։ Այստեղ հայրենեաց պաշտպան մ՚ է պառկեր, հոն՝ կրօնից մեծ պաշտօնեայ մը եւ մարտիրոս մը։ Թարգմանչաց շիրիմները Առաքելոց վանքն են, Մուշեղին եւ Վահանեանց դամբարանը՝ Ս. Կարապետի մէջ, Սահակ Պարթեւ հայրապետը եւ Շուշանիկ՝ Աշտիշատու նեղ մատուռին մէջ։ Հոս է Ցրօնք, Տաղօնք, Օձ քաղաք, Վիշապ քաղաք, Խորօնք, Հացիկ, Մեղտի, Կվարս, Տոմ, Բարեխ, որ եւ Բաղլու, Մուշեղշէն եւ այլն, որոց մէջէն փրկիչներ եւ լուսաւորիչներ ելած են ազգիս։ Ա՜հ, ո՞ր ազգի հայրենիքը այսչափ անմահ եւ պանծալի յիշատակներ դեռ կենդանի ունի։ Մշոյ դաշտի մէկ կողմը Սասնոյ քաջաբեր լեռներն են, Տօրոսի շղթան։ Միւս կողմը Բզնունեաց ծովը ծիծաղախիտ կը ծածանի, եւ Ծովասար ճակատը[1] Մշոյ վերեւն է, միւս կողմերը՝ Բիւրակնեան լերինք եւ անոնց գօտիները՝ անմահացուցիչ ջրերով եւ ծաղիկներով զարդարուած։ Ասոնց բնակիչները ի՜նչպէս կայտառ, ի՜նչպէս զուարթադէմ մարդիկ են։

Մէկ կողմը Եփրատէս խշալով, խոխոջալով Գուռգուռէն վար կը հոսէ։ Իւր խոր եւ սառնորակ ծոցին մէջ կը կայտռին անթիւ ձկունք եւ կը խաղան վտակաց մէջ, բադն ու սագը կը ծփծփան իւր ալեաց վրայ, իւր գետափունքները լի են խոշոր եւ մանրիկ թռչուններով։ Արագիլ ամէն գեղի տուներուն երդիքը եւ բարձր շէնքերու պարիսպներուն եւ ծառերուն գլուխը իւր բոյնը դրած է, եւ հազարաւոր ճնճղուկները անոնց բոյներուն բոլորը ապաւինած։ Դաշտի խոտերուն հետ բուսած եւ ձորերու մէջ ծաղկած վարդենեաց թուփերուն մէջ սոխակներ կը ճըլուըլան։ Գարնան‚ ամրան եւ աշնան առաւօտները այնպէ՜ս սքանչելի տեսարան եւ լսարան կը կազմեն այս թռչնոց երամը, որ կ՚ըսես բնութեան տաճարին մէջ Արարչին փառաբանիչ կարգուած են ասոնք հրեշտակաց տեղ։ Արեւելեան կողմէն Գրգուռ լեռը կոթողաձեւ տնկուած կ՚երեւի, որոյ ստորոտը տարածուած է մէկ կողմը Մշոյ դաշտը, միւս կողմը՝ Վանայ ծովը։ Առաւօտեան արեգակը երբ նոր կը ծագի, իւր ճառագայթները զարնելով ծովուն ալեաց եւ դաշտի գոլորշեաց վրայ, կանանչ-կարմիր պսակ մը մանեկաձեւ կը ձգէ այս Գրգուռայ գլորակ եւ լերկ գլխին։ Կը զմայլի անոր նայողը։ Գրգուռայ թիկանց ի վեր կը բարձրանայ Նէմրութ կամ Նեբրովթ լեռը, որոյ գլուխը նման է բոլորակ սեղանի մը, մէջտեղը՝ հրաբուղխի մարմրուքը եւ անոր շուրջ՝ պսակաձեւ շարուած աղբիւրներ բարեհամ եւ ծաղկունք անուշահոտ։ Կարծես այս աղբիւրներ իբրեւ զովացուցիչ բաժակ դրուած են այս բնութեան սքանչելի սեղանին շուրջը, որոց ջրերը, ժողվելով մէկտեղ, աւազան մը կը կազմեն Նեբրովթայ գլխու սկաւառակին մէջ եւ, անկից իջնալով, ինչպէս կ՚աւանդեն տեղացիք, Մեղրագետ կը բղխէ իւր ոտքի տակէն։ Այս Նեբրովթ լեռը իւր ճակտէն կախած ունի Բէլայ դիակը՝ «ի տեսիլ կանանց եւ որդւոց» եւ ի նշան յաղթանակի մեր Հայկին՝ առաջին Հայուն, առաջին յաղթողին ազատութեան թշնամւոյն։ Այս տեղն է, ըստ ամենայն հաւանականութեան, գերեզման Բէլայ, որոյ վերայ երկար խօսելու ժամանակ չէ այժմ։ Մշոյ դաշտի միւս կողմի լեռներու վրայ բարձրացած են գմբէթայարկ վանքերը՝ Սուրբ Առաքելոց վանք, Սուրբ Յովհաննու վանք եւ Սուրբ Կարապետին, որոց ամպամած եւ արեւով ոսկեզօծուած կաթուղիկէից խաչերը ամէն կողմէն հովանի կը սփռեն դաշտի գեղերուն վրայ նայելով եւ ամէնուն սիրտերը իրենց կը քաշեն…։

Ծրագրողն


ՄԱՍՆ Ա. ԳՐՈՑ ՈՒ ԲՐՈՑ[խմբագրել]

Ա

Այն օրուընէ, երբ մեր դպրոցներու սեմէն ներս մտաւ օտար լեզուաց ուսումը, եւ բաւական ուսանողներ հասան, այդ լեզուաց մէջ իրենց ունեցած յառաջադիմութեան հետ նոր եւ կարօտալիր ճաշակ մ՚ ալ ունեցան այն լեզուներով գրուած մատեաններուն, ծանօթացան եւ ընտելացան անոնց պարունակած գաղափարին եւ նկարագրին, սիրեցին զայն, յարմարեցան անոնց եւ յետս թողին իրենց բնիկն, հայրենին, ազգայինն ու ընտանին։

Կը խօսին այդ պարոններն ու օրիորդները քաջ-քաջ եւրոպական լեզու մը, իսկ հայերէնն խօսելու ժամանակը կը հանգռին ու կը կանգռին, օժանդակ կը խնդրեն ու կը կոչեն գաղղիերէն մը, ռուսերէն մը, տաճկերէն մը՝ միեւնոյն րոպէին մեղադրանք մ՚ ալ ձգելով հայկականին վրայ, թէ. «Է՜հ, սա մեր հայերէն լեզուն ո՜րքան պակաս եւ կրճատ է»։ Գլխացաւ մը քաշելու չափ ունկնդիր եղած եմ շատ անգամ այնպիսեաց, որոնք երկարօրէն ճառած են եւրոպացի լեզուաց բառերուն ստուգաբանութեան, արտասանելու փափկութեան, ոճերու քաղցրութեան եւ բարձրութեան, իսկ նիւթի ընտրութեան ու թանգութեան աստիճանը բացատրելու բառեր չեն կարող գտնել մեր լեզուով. կը կարկամին։ Եւ լսողը կը հիանա՜յ։

Չեմ նախապաշարուիր, չեմ կարող բոլորովին երկրորդ համարել ադոնց գովածը իմ գովածին, այսինքն՝ եւրոպականն հայկականին. յառաջ գնացած է այն տեղ արհեստն ու գիտութիւնը, յառաջ վարած է իւր մտքին հետ անշուշտ իւր գիրն ու լեզուն, բայց միթէ անոնց յառաջադիմութեան համար թաղե՞նք պիտի մեր սեպհականութիւնը։ Ի՛նչ միջոցներ որ անոնք ի գործ դրած են, զայն վեր առնենք եւ մեք, կը հասնինք անոնց։ Ո՞վ եւ քանի՞ք մեզմէ յանձն առին գրաբառի մշակութիւնը, անոր պատմականին, փիլիսոփայականին եւ աստուածաբանականին, երգին ու մեղեդիին, ընտանեկան վէպին, գեղջկական, ռամկական ասողին (աշուղ), արանց եւ կանանց, գրոց եւ բրոց, ասութեանց եւ աւանդութեանց, առածներու եւ առակներու, բանուասանքի եւ գովասանքի եւ այլն, գործածած ոճերը, դարձուածքները, ստոյգ բառերը եւ մինչեւ անգամ արտասանելու եղանակը, որ ուժ կամ լքում, սաստ կամ ողոք, հեգն կամ լուրջ, մաղթողական կամ բերկրական եւ այլ տարբեր-տարբեր նշանակութիւն տալու համար, զորս ի կիր կ՚արկանեն։

Բ

Եղեր են, բայց քիչ մարդիկ մեր մէջ մեր լեզուին համար աշխատութիւն յանձն առնող։ Դեռ մեր վարժարաններու մէջ չկրցան տառերու հնչումն անգամ ուղղել կամ ուղիղ արտասանել գիտնալ ու սովրեցընել նոյն տառերը եւ նոյն տառերով կազմուած ամբողջ բառերը. զորօրինակ՝ Դ. տառի ձայնը պօլսեցին եւ պօլսեցւոց վարժութիւն ունեցող անձինք կը հնչեն թ-ի ձայնով, ռուսաստանցիք եւ Տաճկաստանի գաւառացիք՝ բուն Հայաստանի մէջ ծնած ու բնակածները կը հնչեն զայն թ-ի եւ տ-ի ձայնէն տարբեր, ճիշդ գաղղիերէն d‚ եւ տաճկերէն د տառերու ձայնով։ Ջ տառը չ-ի ձայնով կը հնչեն պօլսեցիք, իսկ միւսները ճիշտ տաճկերէն ج ջիմ-ի ձայնով։ Բ-ը կը հնչուի հոս փ-ի ձայնով, իսկ նոքա կը հնչեն գաղղիերէն b‚ եւ տաճկերէն ب‎ ձայնով։ Գ-ը ք-ի ձայնով կը հնչեն ի Պօլիս, իսկ գաւառները ք եւ կ ձայներէն տարբեր, տաճկերէն ك գեաֆ-ի ձայնով։ Ձ տառը ց-ի ձայնով հնչելու տեղ հայաստանցիք եւ ընդհանրապէս դուրսեցիք գաղղիերէն բաղադրեալ gz-ի ձայնով կ՚արտասանեն։

Մենք կը սխալինք, այո, երբ Բ, Գ, Դ, Ձ, Ջ տառերը Փ, Ք, Թ, Ց, Չ տառերուն տեղ կը գործածենք. եւ կրկին կը սխալինք երբ Պ, Կ, Տ, Ծ, Ճ տառերն ալ Բ, Գ, Դ, Ձ, Ջ տառերու բուն ձայներով կը հնչենք, որով մէկ կարգն բոլորովին աւելորդ կը մնայ։ Դիտողութիւն կը վերցընեն նաեւ Ղ եւ Խ, Հ եւ Յ, Ւ եւ Վ տառերու հնչմունքը եւ այլն։

Գ

Ասոնք մանկավարժական առարկայներ են։ Օ՜, բուն այդ սրահէն, բուն այբէն սկսելու է արդէն ուղղութիւնը, որուն մեր ազգը կարեւորութիւն չտար. եւ չը տալով ալ կարող չլինիր զինքն ուղղել. չուղղելով կարող չլինիր յառաջ ընթանալ։ Այո՛, ամէն բանը սկիզբէն, այբէն‚ մանուկէն, առաջին սրահէն ուղղելու ենք։

Դասագիրքեր պէտք են մանուկներուն պատշաճ, հասկանալի եւ սիրելի բառերով եւ առարկաներով. զորօրինակ՝ գեղացւոյն համար կով, հորթիկ, այծ, ոչխար, ուլն ու գառն, դաշտ եւ խոտ, լեռ եւ ձոր, ծառ ու ծաղիկ, արտ ու ցորեան, եզն ու լուծ եւ այլն։ Քաղաքացւոյն ալ՝ իւր ծանօթ առարկայներով։ Իսկ Աստուած, երկինք, լուսին, աստղ, ցերեկ, գիշեր, ամառ, ձմեռ, հայր, մայր, քոյր, եղբայր, հաց, ջուր եւ այլն, առհասարակ քաղաքացւոյն ու գիւղացւոյն։

Երբ մանուկը իւր ծնած տունը եւ տան մէջ եղածները կը ճանչնայ‚ այնուհետեւ տան դռնէն դուրս կ՚ընթանայ ափսաթաթիկ. արեւու շողին, ջրի կուժին, կատուին ու շնիկին, ճրագին ու կրակին արդէն ծանօթ է նա, դուրսը տեսածներուն ալ հետաքրքիր կը լինի։ Եթէ պարտէզ ունի, հողերը կը փորփրէ, խոտ եւ ծաղիկ կը տնկէ ու կը խլէ. քարի մը կամ ապակիի մը կտոր կը գտնէ՝ ձեռքը կ՚առնէ, խորհելու եւ իմանալու կարող եղողի մը պէս հետաքրքիր կը լինի. տեսածներու անունը կը հարցնէ. ագլօրն ու հաւերը կը ճանչնայ, ճետերու հետ ընկեր կը դառնայ։ Դուռը, դրկիցը, փողոցը կը նկատէ եւ կ՚որոշէ։ Ծնողաց հետ զբօսանքի կ՚երթայ‚ եկեղեցի կ՚երթայ, եւ ուր որ երթան, կ՚երթայ, ինչ որ ընեն ու ըսեն, կը սովրի։ Այս սովորոյթից հետ լեզուն ալ կը բացուի, կ՚ընդարձակի[2]։

Այս խնդրոյն յատուկ ուշադրութիւն տալ պէտք է, փափուկ եւ խորին ուշադրութիւն։

Դ

Դասագրքեր շինելու է՝ ընտանեկան կեանքի նկարագրութիւն ընելով, ազգային սեպհական սովորութիւնները գրելով, եկեղեցական տօները եւ ծէսերը, իւրաքանչիւր գեղին, քաղաքին, գաւառին տեղագրութիւնները, անոնց մօտ եղած լեռան, բլրին, ձորին, պրակին, վտակին, արտերուն, մարգերուն, շէնքերուն, բերդերուն եւ աւերակներուն անունները, տեղերն ու ձեւերը ծանօթացնել մանկան։ Ասոնք ոչ միայն զուարճալի եւ պիտանի կը լինին ուսանողին, այլ եւ նոր ու մեծ լոյս կուտան մեր հայկական լեզուին, մեր ազգային հնագիտութեան ու պատմութեան, որք լի են թիւր հասկացողութեամբ։ Ձեռքդ ա՛ռ մէկ պատմութիւն մը՝ նկարագրող մէկ տեղի կամ գաւառի, ձեռքդ ա՛ռ Հայաստանի աշխարհագրութեան տախտակ մը եւ գնա՛ շրջէ ատոնց ցոյց տուած տեղը։ Տե՛ս, ատոնց ի հիւսիս ցոյց տուածն ի հարաւ կը գտնես, անոնց ցոյց տուած Հայոց ձորն՝ քո տեսածէն տարբեր կողմ մը, անոնց Աշտիշատը՝ քո տեսած Աշտիշատէն զատ եւ տարբեր. ո՞ւր Ողկան բերդը, ո՞ւր Սասունք, ո՞ւր Հարք եւ Ապահունիք, ո՞ւր Հաշտեանք, եւ այլն, եւ այլն։

Այնքան առարկաներ կան գրելու եւ սրբագրելու‚ այնքան թագուցեալ գանձեր կան հետաքրքրելու եւ ի լոյս հանելու, մեր լեզուին եւ պատմութեան ճոխութիւն տալու նիւթեր եւ ուղղելու շատ մը սխալներ, որոց մասին միայն առաջարկութիւն մը շինելու ծրագիրը ստուար հատորներ կը կազմէ։ Ցաւալի է, որ փոքր ի շատէ հասկնալու եւ գրելու շնորհք ունեցող ազգայինները այսպիսի արդիւնաւոր եւ պարծանք բերող աշխատութիւնը սիրած ու գործ ըրած չեն իրենց։ Պօլսոյ մեր լրագիրներն ալ յատուկ նշանակութիւն մը տուած չեն այսպիսի խնդրոյ մը։ Պատմութեան, աշխարհագրութեան դասագիրք շինողները հետեւող եղած են առաջուց գրուածներուն միայն եւ զայն շատ տեղ կրճատած, տարակուսելի տեղերու եւ դէպքերու անուններուն վրայ տարակոյս մ՚ ալ իրենք թողած են մեզ։ Բառարան շինողները շատ մը գրաբառ բառերուն յարմարական նշանակութիւն մը տուած են քմածին եւ շատ մը իրաց ալ նոր բառ, նոր անուն յօրինած են՝ հետեւելով ուրիշ ազգաց նոյն իրին տուած բառի նշանակութեան կամ ստուգաբանութեան։ Հարկ չկայ, կարծեմ, ապացոյցներ մէջ բերել։

Ե

Մենք կը շուարինք՝ տեսնելով նաւի մը կազմածքը այնքան մասունքներէ եւ տեսակներէ, որոց բառարանը նաւապետն ու նաւաստիքն են։ Բայց Նարեկացին ընթերցողաց յայտնի է անոնց յատուկ հայերէն բառերով անունները։ Գնա նաեւ Վանայ Աւանց գիւղը, այն տեղի գեղացի նաւավարներուն մտիկ արա եւ տե՛ս ու ուսի՛ր բառեր։

Հետաքրքիր եղողին զարմանալի է տեսնել հօտաղ մը ու մաճկալ մը, երբ գարունը գետին հերկելու, ամառը հնձելու եւ սայլով կրելու, աշունը դիզելու, կալսելու, ամբարելու աշխատութեանց միջոցին քանի՞ մասերէ ու տեսակներէ գործիքներու անուններ կուտան. ամէնն ալ հայերէն։ Գիւղացիի տունն իւր միջի կահ-կարասեաց եւ շէնքի ձեւին, ամէն մէկ կտորին ու տեսակին զատ անուն կուտայ, թէպէտ ամէնն ալ պարզ հողէ ու փայտէ շինուած են։ Անոր ստաքանը, որով ջուր ու գինի կը խմէ, հողէ կուռիկ է, անոր թոնիրը ակ ունի եւ ակուկայ, ուստի օդը կը մտնէ եւ կրակը կ՚արծարծէ, ու այդ օդը բուրբոք կը կոչեն։ Անոր պուտուկն ու ճլօրն թոնիրին վրայ դնելու համար խաչերկաթ ունի երկաթէ, եւ փայտէ անթրոց կամ պողվատէ շիշ, որով կրակը կը խառնէ. եւ միանգամայն այս խաչերկաթն ու շիշն պատրաստական զէնք է իրեն համար. երբ մթան թոյլ գող մը բռնէ տան մէջ, ատոնցմով կը զինի ու կը զարնէ, ինչպէս նաեւ իրեն հող վարող խոփն, խոտ ու հատ քաղող գերանդին եւ մանգաղն ալ իրեն իբրեւ զէնք կը գործածէ, երբ դաշտի մէջ կամ տնէն դուրս յափշտակիչներու հանդիպի։ Մեծ կարասներ կամ ամբրոցներ[3]՝ ունի հողաշէն, որոց մէջ ալիւր, ծաւար, կորկոտ, սիսեռ, գլուլ, բագլայ եւ այլ ուտելու չոր արմտիք կը լեցընէ. կարաս եւ տուճիկ, որոց մէջ գինի կը լեցընէ, եւ նուկանոցն, որ գինւոյ չափամանն է. կաթալիք, սեռիկ, կթոց, բղեկ, տլուզ, որոնք գործ կ՚ածէ կաթի, եղի, մածնի, թանի, պանրի, ժաժկի, մաստրոնի, պինդ թանի կամ թանհատի պահելու համար եւ զանազան բանջարեղինաց եւ պտղոց թթու բռնելու համար։ Սախ, քասայ, մաթրաթ, եղահալ‚ որք կերակուրի ամաններ են։ Կուժ, փարչ, յամալիք, պողիկ, բղբղիկ‚ ջուր խմելու համար։ Տաշտ հողէ կամ փայտէ, հալաւը եւ անձը լուալու աման։ Կոտ, որ կլոր փայտէ փորուած կը լինի, մեծ եւ փոքր, կիսագանգի ձեւով, զոր ջուր խմելու եւ այլ զանազան իրաց ի պէտս կը գործածեն։ Գրդնակ, որով խմորի գունտերը սեղանտախտակի վրայ կը բանայ եւ պատուական բարակ լօշ հաց կը շինէ եւ մազրակայի վրայ դնելով՝ թոնիրի կողը կը թխէ կ՚եփէ։ Ջնջոցը այն լաթն է, որով ամանները կը լուայ, կը մաքրէ։ Թնթոց, որով ճաշ կամ հարիսայ կը խառնէ։ Փարատիկը այն շորն է, որով իւր թոնիրը կը փարատէ, կը սրբէ։ Դմփիկը, որ իւր թոնիրի շուրթը կը ձգէ մինտարի տեղ եւ վրան կը նստի։ Փայտէ տաշտն այն է, որոյ մէջ խմոր կը շաղախէ եւ եփած հացերը անոր մէջ կը դնէ, կը պահէ։ Եփուած հացին զանազան ձեւերուն զանազան անուններ կուտան, փուռնիկ, կլօճ, թափթափայ, տօղիկ, լօլիկ եւ այլն։

Զ

Իմ ձեռնհասութենէս առ այժմ վեր է այս կարգով գոհացուցիչ գործ մը պատրաստել, միայն յիշելու համար գրեցի։ Յիշելու, թէ հովիւն իրեն ոչխարի գոմին կազմութեան կերպին եւ տեղւոյն անուններն ունի, իւր ոչխարներու տեսակին եւ անոնց մէջ երեւցած ախտերուն անուններ կուտայ. ցաւ կայ, որ խոտերու արմատներէն կաթ կը հանէ, անով դեղ կ՚ընէ իւր գառնուկի վէրքին կամ ցաւին. զորօրինակ՝ պողի կաթը քսելով՝ ոչխարի վրայ եղած որդերը կը սպաննէ, եւ որդերու կերած մսին տեղ նոր միս կը շինէ։

Այսպէս, հարսն իւր զարդերուն իւրաքանչիւրին անունը զատ-զատ գիտէ, որոցմով կը զարդարուի ժամը կամ վանքերը ուխտ գնալուն կամ հարսանիք եւ պար հրաւիրուելուն. եւ պառաւն իւր բժժանքները մի առ մի կ՚անուանէ, զոր մեծ խնամով կը պաշտպանէ[4]։ Հիւսն եւ դարբինն՝ իրենց գործիքներու անունները, ջաղացպանն՝ ջաղացքին, դերձակն՝ իւր ձեւածներու կտորներուն եւ կարած տեսակներուն, ոսկերիչն՝ իւր շինած զարդերուն, տուն շինողն՝ տան զանազան մասերուն եւ ձեւերուն զատ-զատ անուններ կուտայ. զորօրինակ, տան մը այն մասին վանեցիք երեսբաց կը կոչեն, որ պատշգամն է։ Արապահ, որ տանիքներուն շրջապատը իբրեւ պարիսպ կը բարձրացնեն, որով աւելի կը բարձրանայ շէնքն եւ ոչ միայն կը պատսպարուի գողերէն, այլ եւ ծակեր ունենալով՝ իբրեւ ամրոց կը ծառայէ։ Եւ կամ, որպէսզի փողոցէն չտեսնուին տան ընտանիքը, երբ տանիքը կ՚ելնեն գարնան ու հոն տեղ կը նստին իրենց ճախրակը կը մանեն, սանդերքով բուրդ կը գզեն, թաթ, թաթպան կը հիւսեն, միջան կը քրքրեն, ասեղով շապիկ ու գտակ կը նխշեն, խօնջան կը շինեն, ուլնիկ կը շարեն եւ այլն։

Ջորոթան, տանիքներու վրայ դրուած փայտէ խողովակ է՝ կէս տապակած, յորում ժողվելով անձրեւի ջրերը եւ հալած ձիւները, յորդ եւ շառաջ ձայնիւ կը թափին փողոցը։ Կան այնպիսի իրեր, որք Վասպուրականի մէջ ուրիշ բառով կը կոչուին, Տարօնոյ մէջ ուրիշ, Կարնոյ մէջ ուրիշ, թերեւս ուրիշ տեղեր ալ բոլորովին ուրիշ. զորօրինակ կարնեցւոց եւ բասենցւոց անուանած գուլպան մշեցին կ՚անուանէ բուջ, վանեցին՝ թաթ. ձեռնոցը մշեցին կը կոչէ թաթնոց, վանեցին՝ թաթպան։ Առջկան վասպուրականցւոց բառով այն գործիքն է, որով բուրդ, բամպակ‚ ապրշում կը մանեն ոտքի վրայ, բուրդի կամ բամպակի գզակը բազկին վերայ ունենալով եւ թել եղած կաժը առջկանի կոթին վրայ փաթթելով. եւ որովհետեւ այս գործիքին բարակ պոչը առջեւէն ծունկին վրայ գլորելով՝ թող կուտայ օդին մէջ, ասով թելը կը մանուի եւ կանել ու մանել միեւնոյն նշանակութեամբ գործ կ՚ածեն։ Այս կ՚ստուգաբանուի առաջքով կանել. այս բառը մշեցիք կը կոչեն քարման։ Կտաւագործի սանտեռք, մասրան, վիլակն, շուղ, հինածն, ստեծն. բամպակ գզելու լարն ու աղեղն եւ այլ մանր մունր գործիքներն զանազան պէտքերու եւ արհեստներու՝ իրենց անունով։

Է

Այս ակնարկը տնական եւ արհեստական իրեղինաց վրայ միայն ձգելով՝ դուրս կը մնան տակաւին կերակուրներու, մշակած գետնի եւ ծառի պտուղներու, շորեղէն‚ մետաղեայ‚ քարեղէն եւ ազգի-ազգի հագուստի ու զարդի նիւթերու, տնտեսական այլ եւ այլ պէտքերու վրայ խօսիլ, որոնք անհուն ու զբօսալի նիւթ կը մատակարարեն գրագիտի մը։ Իսկ թէ քանի՞ տեսակ կայ թռչնոց, եւ ի՞նչ անոնց անունները, անոնցմէ իւրաքանչիւրը ո՞ր գաւառին մէջ շատ կայ, ի՞նչ գիտելիք անոնց վրայ. նոյնպէս եւ ընտանի կենդանեաց եւ վայրի գազանաց տեսակները, անոնց անունները։ Քանի՞ տեսակ կայ ծառոց‚ ի՞նչ անուն անոնց, ի՞նչ յատկութիւն եւ ի՞նչ պտուղ, քանի՞ տեսակ եւ անուն կայ խնձորին, տանձին, քանի՞ խաղողին։ Այսպէս նաեւ ծաղկանց, բանջարեղինաց, բաւականին ձեռք բերած եմ այսպիսեաց հաւաքում մը։

Պառաւները, որ մէկ-մէկ Հիպոկրատէս են նախնական բժշկականութեամբ, կրակով խարածին, գնդակով զարնուածին, սրով վիրաւորուածին, քարով ջախջախածին‚ զանազան խոտեր եւ արմատներ իւրաքանչիւր ցաւին ու վէրքին զատ զատ ի գործ կ՚ածեն եւ զանազան չոր ծաղիկներէ, տերեւներէ եւ արմատներէ փոշիներ ունին թէ՛ վէրքի եւ թէ՛ ցաւի, պէս-պէս մալհամներ կը շինեն թարախ եւ արիւն մաքրելու, ցամքեցնելու, խոցերը բուժելու. այդ խոտերուն եւ արմատներուն ոչ միայն անունները կուտան, այլեւ հրաշալիքներ ալ կը վիպասանեն. աւանդութեամբ ուսած եւ կ՚ուսուցանեն. կոտրած ոսկորը կը կապեն‚ կը դեղեն եւ կ՚ողջացնեն. այն ինչ մեր եւրոպական տօքթօռներն ալ հազիւ թէ պիտի կրնային այսչափ դարմանել։

Խօսքի կարգն եկաւ գրելու. տարի մը չկայ, որ Պօլիս կը գտնուիմ եւ բաւական շատ նոր հարսներ եւ մատղաշ տիկիններ լսեցի մեռնիլ ծննդաբերութեամբ, այստեղ‚ ուր այսքան վկայականով դայեակ տօքթօռներ կան։ Բայց մեր աշխարհները պառաւ դայեկներու խնամքով‚ հազարէն մէկը չպատահիր զոհ լինել այդ առթիւ։

Լօշտակ անունով բոյս մը կայ, որ Մշոյ աշխարհին մէջ յաճախ կը գտնուի, առաւելապէս Ս. Կարապետի վանքի բոլորը։ Մացառներու մէջ կ՚արձակէ իր ոստղերը, որոնք կը բարձրանան եւ կը պատատուին փայտերուն եւ անոնց թանձրախիտ տերեւներուն կը խառնեն իրենց լայն տերեւները, որոնք ձեւով նման են խաղողի որթի տերեւի, իրենց ցօղունը նման որթի բարունակի եւ խաղողոյ ողկոյզի ալ շատ նման ողկոյզներ ճութ ճութ կը կախէ. միայն թէ ասոր պտուղները մանրիկ են, քան զխաղողին։

Այս այն բոյսն է, որոյ արմատը մարդանման ըլլալ կը համբաւեն. եւ թէ մինչեւ անգամ անոնց մէջ արուն ու էգն ալ յայտնի են։ Թէ՝ այս արմատը հանելու համար յատուկ աղօթք մը ունին. եւ, թէ երբ կը կտրեն իւր միւս կտորներէն, ահագին ձայնով կը ճչայ։ Ուլ մը կամ հաւ մը կը կապեն այդ մարդարմատին, որպէսզի երբ ճչայ, այն ուլը կամ հաւը անոր ձայնին զոհ լինի։ Եթէ այդ հնարը չլինի, արմատ հանող մարդը պիտի մեռնի։- Այս հնարքով ուլ մը կամ հաւ մը կ՚ուտեն հանող թշուառականները։- Ամենավերջին աստիճանի դառնութիւն ունի այդ արմատը եւ ԻԴ կերպ ցաւոց ու ախտից դարման է։ Բաւական փափաքանօք եւ թանգ գնով կը գնեն զայն Նոր Նախիջեւանէն, Հին Խրիմէն եւ այն կողմերէն Մշու Ս. Կարապետ եկող ուխտաւորներ, որք կը գնեն նաեւ քուդրաթ հէլվասի գազպին, որ յունիս եւ յուլիս ամսոց շոգ օրերուն պղտորագոյն ու անքամի օդերուն կ՚իջնէ մացառներու տերեւներուն, փշոտ գազերուն եւ մատուտակ ըսուած խոտերուն վրայ, թանձրացած մեղրի նման, ամենաղուտ եւ քաղցր։ Նոյնպէս ամէն ուխտաւորներ կը գնեն սպիտակ ձիւթ կամ Ս. Կարապետի ծամոն ըսուածը, որ կանգառ փուշի ընձիւղները կտրելով մայիս ամսուն՝ անկէց ելած կաթն է, զոր կը ժողվեն, կը չորցնեն եւ տաս փարանոցի մեծութեամբ, բայց անկէց բարակ, կլոր նշխար կը շինեն Մշոյ դաշտի աղջիկներ ու հարսները։

Կայ եւ մի տեսակ խոտ, ճարճրտուկի նման, որ աւելի Վանայ գեղացիներուն ծանօթ է, կերդ կ՚ըսեն։ Ասկէց կաթ կը հանեն, թանձրացընեն, եախու կը շինեն, մարմնոյ ո՛ր տեղ որ քամին բռնած լինի, կը փակցընեն վրան։ Այնքան կը պրկի մնայ, մինչեւ քամին ծծէ հանէ, ապա կը փրթի։

Ը

Աղջիկներ եւ նոր հարսները, որ գարնան կ՚ելլեն դաշտն ու հովիտը, ձոր եւ լեռը՝ բանջար ժողվելու եւ նստած զըղզըղուն աղբերակաց եզերքը, այդ ծաղիկներու փունջ, խուրձ եւ հիւսկէնը կը պատրաստեն, իրենց գոգնոցը լցած, մանեակը շինած եւ պարանոցն ու բազուկը անցուցած՝ գեղը կը դառնան՝ մրմնջելով այդ զանազան ծաղկանց անուանց, գոյնին, հոտին եւ տեսքին վրայ յօրինուած հովուերգական խաղերը։ Ամէն մէկ ծաղկին զատ զատ վէպեր ունին։ Անոնցմէ մէկը քոյր է, միւսն եղբայր. կամ երկու քոյր՝ մէկ մայր. մէկը քաւոր՝ միւսը սանամայր. մէկը տէրտէր՝ միւսը տիրուհի. մէկը սիրող՝ միւսը սիրուած. Աղբրանց արիւն. երկու որբ եղբայր. մէկը արնոտ սիրտ՝ միւսը օձու թուր կամ մխած խանջալ. մէկը կթոց լի կաթ է սպիտակ ու անարատ, միւսը թոյն թափող հրեղէն վիշապ. եւ այլն, եւ այլն։ Իմ միտքս է հասկըցնել, թէ այդ բազմատեսակ ծաղիկները, որ կը գտնուին հայոց լեռները, անոնց անունները մի առ մի գիտեն թուել բնակիչները հայերէն, ինչպէս նաեւ բանջարեղինաց, խոտեղինաց եւ պրակ պրակ գտնուած մացառներու տեսակաց մանր ու ոլոր ոստերուն, մորենեաց, ուռենեաց, փուշերուն, որոց ամէնուն անունները շատ պէտք են գիտնալ. պէտք են տեսնուիլ մեր գրքերու եւ բառարաններու մէջ, անոնք, որ դեռ չկան գրուած, հանդերձ իրենց նշանակութեամբ եւ ստուգաբանութեամբ, որոնք ոչ միայն կ՚ընդարձակեն մեր ազգային մատենագրութեան ասպարէզը, այլ եւ նոր գիտութիւնք եւ արուեստք ուսանելու փափագ եւ միջոց կ՚ընծայեն տնկաբանութեան եւ երկրաբանութեան իրենց ճիւղերով։ Մանաւանդ զբանաստեղծները կը փարթամացընեն։

Վէպերը, որ յօրինուած են իբրեւ խաղ, աշուղի ոճով եւ եղանակաւ, կամ իբրեւ հէքեաթ, արձակ ասացուածքով, թէպէտ այնքան փոփոխուած‚ աւելցած ու պակսած եղեր են, որ շատերէն մարդ չէ կարող բան մը հասկնալ. բայց եւ շատերն ալ կը պահեն իրենց մէջ ընտիր եւ բարձր գիւտ ու նիւթ, բանաստեղծութիւնը, դիցաբանութիւնը, կրօնական օրհներգութիւնը, սիրահարական տարփանաց բոցն եւ անոր հետեւանքն եղած աղէտն ու կսկիծը, որոց ենթակայ է մինչեւ այսօր միեւնոյն սերունդ մարդկութեան, անմոռանալի եւ բաւական բացայայտ իմաստներով պահած ու շարունակած են իրենց մէջ։

Թ

Հայաստանի լճակները եւ գետերը հրեղէն աղջիկներ ունին իրենց ալեաց մէջ. Վանայ մասին այդ հրեղինաց սրսկապանը Արջակու ծովն է թէպէտ, բայց գրեթէ ամէն լճեր ու գետերը մերթ ընդ մերթ կ՚երեւցընեն խանդով եւ սիրով յափշտակուածներուն երեւակայութեանը իրենց ըղձացած էակը. հրեղէն գոմէշ կը տեսնայ այն ջրերուն մէջ գոմէշի սիրահար երկրագործը, եւ հրեղէն ձի՝ ձիասէր երիտասարդը։ Փէրիները[5] կը հիւսեն ամեհի եւ աշխոյժ ձիերու բաշը, եւ չար ոգիները կը լլկեն հեթանոսաց եւ անզեղջ մեղաւորաց թաղեալ մարմինները՝ մտնելով անոնց մէջը, հանելով զանոնք գերեզմանէն, շրջեցընելով գիշերները չարագործ մարդու մը կամ շան, կա՛մ գայլի, կա՛մ արջու կերպարանքով, զոր գոռնադաբ կ՚անուանեն վանեցիք, եւ գոռնափշտի՝ մշեցիք։

Յատուկ աղբիւրներ կան տեղ-տեղ, որոց ական շուրջը բազմակերպ ծաղկունք, զանազան խոտ ու բանջար կան։ Ծերացած օձերը կուգան հոն, իրենց շապիկը կը փոխեն եւ ծաղիկներէն մէկը, զոր միայն օձեր կը ճանչնան, կը փրցընեն կ՚ուտեն. եւ անմիջապէս աղբիւրի ջուրը մտնելով՝ կը լուացուին եւ երեք անգամ կը խմեն, կ՚ելլեն՝ նորոգուելով իրենց կեանքը։ Եթէ ուշադիր լինին հովիւները կամ ցանկացողները ու պատահին օձի այս արարուածին, նկատեն ու ճանաչեն այդ ծաղիկը, թէ ո՞րն էր, ու իրենք ալ ուտեն եւ նոյն աղբիւրի ջրէն երեք անգամ խմեն, կ՚անմահանան այդ մարդիկը։

Մշոյ լեռան կամ Սեմ սարի ստորոտը կը գտնուի Մառնիկ գեղ։ Այս գեղի բնակիչներէն հայ մը՝ Մարգար անուն, ասկէց հինգ տարի յառաջ մեռաւ։ Սա իւր կենդանութեան կը պատմէր, թէ 250 տարեկան էր ինքն։ Մենք տեսանք զինքն 1866-ին. իւր ջիղերը պինդ, երկու անգամ նորոգուած էին ակռաները, եւ դեռ այն տարիքին մէջ կը տեսնար քաջ, կը լսէր, կը խօսէր, կ՚ուտէր, կ՚ընթանար երիտասարդի մը պէս եւ ամէն առաւօտ լեռան մացառներէն չոր փայտ կը ջարդէր, կը շալկէր բերէր Մուշ, կը վաճառէր ձիւն օրերը։ Իւր անդրանիկ որդին 80 տարեկան էր եւ ալեօք ծաղկեալ, այն ինչ Մարգարը իւր մօրուքի մէջ շատ քիչ ճերմակ ունէր։

Սա կը պատմէր, թէ. «150 տարու եղածս ժամանակ աշխարհի մեղաց մէջ ինկայ. այսինքն՝ կին առի։ Թէ՝ Ծովասարու մէկ աղբիւրի մէջ տեսայ մէկ օր, որ ցաւագար ու վիրաւոր օձ մի եկաւ լողցաւ եւ երեք թուփ ունեցող ծաղկէ մը կտրեց կերաւ, նորոգուեցաւ գնաց։ Դիտեցի, ես ալ նոյն ծաղկէն կտրեցի կերայ, նոյն ջուրը խմեցի եւ լողգցայ, աչքերս լուսաւորան. ուրիշ կերպ դարձայ։ Հովիւ էի ու ոչխարներս թողի, կթելու ժամանակն եկեր, ես ոչխարները չեմ տարեր բէր։ Ոչխարները ցրուեր են. գեղի աղջիկները ելեր են, եկեր են լեռը, ոչխարները ժողվեր են, կթեր են ու զիս չեն գտեր։ Դարձեր գացեր են, ուրիշ հովիւ մը դրեր են ոչխարի առջեւ, ու քանի մը մարդ առեր են հաց ու զատ, ինկեր սար զիս կը փնտրեն։ Ես ո՞ւր եմ։ Իմ վրէն անցեր է քանի մը օր, քանի մը գիշեր. ո՛չ մութ եմ տեսեր, ո՛չ անօթութիւն եմ իմացեր։ Ես, որ էն ջուրը խմեցի ու էն ծաղիկը բերանս դրի, տեսայ, որ բացուաւ իմ առջեւ մարմար կամարաշէն, լուսաւոր պալատ մը։ Աշխարհից ու մարդոց խելքից դուրս էր անոր շէնքն ու միջի փառքն ու բարիքն. անմահութեան տուն ու տեղ էր։ Բերնով չպատմուիր ինչ որ ես տեսայ։- Ասոնք պատմած ժամանակ ի խորոց կը հառաչէր։- Մէկ էլ ի՞նչ տեսնեմ. իմ գեղի դուր դրկից կը բօռան, կը կանչեն զիս։ Ձայն ինկաւ ականջս, դուրս ելայ, բայց շատ զղջացի։ Նեղացայ, թէ ինչո՞ւ կանչեցին զիս։ Հարցուցին, պատմեցի իրենց արածներս ու տեսածներս։ Շատ աղաչեցին, որ էդ ծաղիկը, էդ աղբիւրը ու էդ պալատի դուռը ցոյց տամ իրենց. հնար չեղաւ նորէն տեսնայի։ Այսպէս զրկուեցայ Աստուծոյ տուած շնորհքից։ Շատ լացի ու մէկ էլ գեղը չիջայ սարէն։ Իմ հաց ու զատ կը բերէին, ու ես իմ ոչխարներով կը մնայի սարը։ Շատ աղջիկներ քսուան յիս, շատ մարդ զօրեցին, թէ աշխարհ մտի, չմտայ։ 150 տարեկան էի։ Օր մը յաղթուայ մեղքից, խօսք տուի, աղջկան մը հետ պսակուանք ու ինկանք մեղաց մէջ, մեղաց զաւակ ունեցանք։ Բայց, փա՜ռք Աստուծոյ, մինչեւ այսօր իմ գլուխը բարձի վրայ չդրուեր ու իմ բերան վա՜յ չկանչեր,- այսինքն հիւանդութիւն չէ տեսեր,- իմ օրերը սարերու վրայ ու իմ գործը հովուութիւն է եղեր». եւ այլն եւ այլն։ Առասպել թող լինին այս տեսիլքները եւ ի շարս տեզէլք գնացողներուն դնենք տեսած ու լսածները։ Բայց ինքն Մարգար եթէ 250 տարեկան չկար, անշուշտ 150 տարեկանէն աւելի էր։ Ասոր ապացոյցը՝ ոչ միայն իւր տեսած փաշաները ու առաջնորդները կը թուէր ու գեղերու եւ Մշոյ շէնքերուն վրայ ծանօթութիւններ կուտար, այլ ինչքան որ հին զրոյց պատմէին Մշոյ մէջ Հայ եւ Քիւրտ ծերերը, վերջին խօսքը կ՚ըսէին. «Մառնիկու Մարգարին հարցուցէք, որ քան զիմ պապու պապն էլ մեծ է»։

Մառնիկու Մարգարի համբաւը Մուշէն դուրս եղած գաւառներն ալ տարածուած էր, եւ Կարին նստող ռուսական հիւպատոս վսեմ. Իվանով պէյը, հետաքրքիր լինելով, 1866 թուականին գրած էր յատկապէս Մշոյ առաջնորդ վանցի Տէր-Սարգիսեանց գեր. Երեմիա եպիսկոպոսին եւ ինձ, որ կանչել տալով Մարգարը, տեսնանք զանի եւ թէ՛ այլոց համբաւածը ու թէ՛ իրեն պատմածը գրենք, ղրկենք նորին վսեմութեան. այնպէս ալ ըրինք։ Վերոյիշեալ Իվանով պէյը այժմ Հալէպու հիւպատոսն է։

Աղբիւրներ կան, որոց ուխտի կ՚երթան քամոտ ու քոսոտ հիւանդները, այդ ջուրերով լուացուիլ կամ անոնց ջրով շաղախուած կաւը իրենց մարմնոյն վրայ քսելը՝ կը գործէ առողջութիւն։ Բայց պէտք է խունկ ու մոմ եւ յատուկ ագլօր մը մատաղ տանին. եւ այս թէպէտ շատ տեղեր կայ, բայց ես կը յիշատակեմ մէկը, որ Վանայ մօտն է, Ագրբի կը կոչեն, ուրիշ մէկը, որ Մուշն է, եւ քրդերէն լեզուով կը կոչեն գանէ դարման, որ ըսել է՝ աղբիւր բժշկութեան։

Ծառեր եւ թուփեր, որոնք սուրբ համարուած են, գրեթէ ամէն կողմը կը գտնուին։ Անոնց վրայ կը փաթաթեն ախտաւորներն ու տենդոտները իրենց հագուստէն մէկ պատառ դրօշ եւ կը համարին բժշկեալ։

Ծակ քարեր կան՝ նեղ եւ անձուկ։ Կանայք իբրեւ խորհուրդի եւ ուխտի կ՚երթան այն տեղերը, որոնք չբեր են, այսինքն՝ ամուլ։ Կը փորձեն զիրենք, եթէ կրցան մտնել այն ծակէն եւ դուրս ելնել, կը յուսան ուրեմն թէ պիտի ծնանին։ Զորօրինակ է, Մշոյ դաշտին մէջ Սերկու այ քարը եւ Աղձնեաց մէջ՝ Ընձաքար եւ այլն։

Ժ

Իսկ որ ինչ լեռներուն, քարայրներուն եւ զանազան վայրերուն վրայ վէպեր ու աւանդութիւններ կը խօսին, հիանալի եւ յատուկ ուշադրութեան առնելու բաներ են։ Յայտնի բան է դարձեր Աստղիկն Նոյի աղջիկը լինելը կամ եթէ Նոյին չէ, մէկ ամենահին Հայու եւ ամենամեծ Հայու՝ խելքով ու գեղով պերճացեալ աղջիկ մըն է եղեր, որոյ անունով գաւառ չկայ գրեթէ, որ բլուր մը կամ բարձր սար մը նուիրուած չլինի, ինչպէս կան եւ կը կոչուին Վանայ Վարագայ սարի մէկ մասը եւ Մշոյ Սուրբ Յովհաննու մօտ Տօրոսի գօտւոյն մէկ կտորը, զորս դիտողն կրնայ նկատել, թէ գոնէ այս երկու քն ալ սաստիկ սեպաձեւ, սեւ, լերջ եւ շաքարի գլխու պէս բարակ ցից գլուխ մը ունին, իրարու համանման։ Կը կարծեն ոմանք, թէ աստղերը դիտելու դիտարան ալ եղած են այս բարձունքները։

Մշոյ դաշտի հիւսիսային արեւմուտքը մէկ լեռ կայ միջակ, որոյ ստորոտով կը քերէ կ՚անցնի Եփրատէս գետը՝ չար պօհօրայ ջրերու հետ միացած ահաւոր եւ խրոխտ ընթացքով մը։ Այդ լեռան տակը Արտերտ գեղն է, եւ Արտերտ գեղէն բարձր՝ նոյն սարի սրտին վրայ, կանաչ ծառեր, ջրի աղբիւրներ, խաղողի որթեր, շէնքի հետքեր կ՚երեւին, զոր մինչեւ ցայսօր Դաղօնք կ՚անուանեն Հայ բնակիչները։ Այս Դաղօնք անունէն հետեւցնողներ կան նոյն գաւառին ՏԱՐՕՆ անուանիլը, որմէ քիչ մը անդին կ՚իյնայ նաեւ ՑՐՕՆՔ գեղը, որոյ համար Հնախօսութիւն կը պատմագրէ, թէ. «Սեմ իրեն որդիներով եւ տոհմականով բնակեցաւ, եւ անտի ցրուեցան. վասն որոյ եւ անուն տեղւոյն մնաց Ցրօնք. մինն յորդւոց Սեմայ՝ Դարբանդ անուն, բնակեցաւ անդ, եւ անուանեաց զտեղին Տարօն» եւ այլն։ Այս լեռը այժմ քրդաց լեզուով Քօսուր կը կոչուի։ Մօտ Դաղօնաց, այդ լերան ճակատը քար մը կ՚երեւայ, որոյ մէջ, կ՚ըսեն, շատ այրեր կան, եւ անթիւ օձեր կը բնակին այդ այրերու մէջ։ Օձերը ունին իրենց թագաւոր եւ թագուհի։ Թագաւորը արեգակի պէս քարակն ունի իւր գլուխը, այսինքն՝ թագ, եւ թագուհին՝ բոցագոյն բրչեր, բրչամ, այսինքն՝ վարս։ Ունին զօրապետներ, թիկնապահներ եւ ահագին բանակով կ՚երթան երբեմն Դիարբաքրու հողը. այն տեղը կան նաեւ օձերու ուրիշ թագաւորներ, բայց անոնք ասոր հարկատու են եւ ռայայ։ Երբ անոնք կ՚ապստամբին, կ՚երթայ սա ջանգ ու կռիւ ու շատ կոտորած կ՚անէ եւ աւարով ու գերիներով կը դառնայ։ Այսու Մշոյ բնակիչները եւ իրենց նախարարները Տիգրանակերտու գաւառներուն վրայ առաջները միշտ տիրապետելուն եւ զանոնք ծառայեցընելուն հետքն է կը պահեն թերեւս։

Օձեր ալ կան, որ Մշոյ աշխարհի պահապաններն են եւ գիւղացւոց վնաս չեն տար։ Տեսակ մը օձերու համար ալ կը պատմեն, թէ տները եւ ջաղացները կը բնակին, եւ իրենց բնակած տան բաղդը անոնցմով կը յաջողի եղեր։

Հետեւեալը իբրեւ առակ կը պատմեն, թէ. «Գեղացի մը, որ արտեր ունէր եւ ջաղացներ եւ գեղացւոց մէջ բաղդաւոր ու հարուստ մէկն էր, իւր յաջողութեան բաղդը կը պարտէր այն սեւ օձին, որ ասոր տան մէջ կը բնակէր։ Մէկ հատիկ զաւակ մը կ՚ունենայ այս գեղացին. եւ որովհետեւ օձը սովոր էր տան մէջ համարձակ շրջելու, երախան օր մը օձուն հետ խաղալով՝ անոր պոչը իւր ափին մէջ սաստիկ կը ճզմէ։ Որքան կը ջանայ օձը, կարող չլինիր իւր պոչը ազատելու տղուն ձեռքէն։ Ճարը հատած՝ կը խայթէ տղուն թաթիկը։ Տղան կը թողու պոչը ու կը թունաւորի միանգամայն. օձը իւր խայթածին ու թունաւորածին հետեւանքը գիտնալով՝ կը փախչի տան մէկ անկիւնը, կը կծկի, ժամեր կ՚անցնին‚ եւ տղան վերջապէս կը մեռնի։

Տղուն հայրը սաստիկ կսկիծէն ուրագը կը վերցնէ, օձին կը զարնէ. օձին պոչը կը կտրի, եւ օձը իւր գլուխն ու մնացեալ մարմինը առած կը փախչի տնէն ու գեղէն դուրս, քարերու մէջ կ՚ապրի։ Օրեր կ՚անցնին, բայց հետզհետէ այդ գեղացւոյ բաղդը կ՚աւրուի։ Օր մը իւր կնոջ հետ կը մտածեն, թէ. «Երթանք մեր օձը նորէն մեր տունը հրաւիրենք բերենք, որպէսզի մեր բաղդը դառնայ վերստին»։ Եւ կ՚երթան քարերու մէջ կը կանչեն իրենց օձին. օձը պատասխան կուտայ, թէ. «Ինչպէս ձեզ՝ նոյնպէս ինձ փափագելի է այդ, բայց ա՛լ անկարելի է, քանի որ դուք ձեր զաւակին մահը յիշէք եւ ես իմ պոչը, իրարու հետ չենք կրնար հաշտ ապրիլ»։

ԺԱ

Մշոյ դաշտի արեւելեան հիւսիսը կայ մէկ լեռ Նէմրութ անուն, որոյ մէկ երեսը կը նայի Պուլանըխայ եւ Մանզկերտու կողմը, մէկ երեսը Խլաթն է առ ափն Վանայ ծովուն, եւ միւս երեսը Մշոյ դաշտն է։ Իւր թեւի տակն ունի նաեւ մէկ փոքրիկ եւ իրմէն բաժան լեռ մը տանձաձեւ‚ սեւ եւ լերկ։ Այս փոքր լեռն է Գրգուռ, որոյ ներքեւն է Ջրհոր գեղը։ Ջրհորի ձախ կողմն է Շամիրամ գեղը, եւ առջեւը Դատվան գեղը՝ Վանայ ծովուն նաւահանգիստը։ Ռահվայ դաշտն, որ ահագին տարածութեամբ եւ ամայութեամբն կ՚երկարի այս լերանց ոտներէն մինչեւ Բաղիշոյ ձորը եւ մինչեւ Խոյթայ լեռը եւ որ իւր մէջ ունի քանի մը քարաշէն խաներ։ Այս Ռահվայի ձմեռը եւ ձիւները անասելի շատ են ամէն տարի, եւ բուքը պակաս չէ։ Ուղեւորները իրենց պատսպարան կ՚ընեն այդ խաները եւ շատ անգամ քանի մը օր կ՚արգիլուին անոնց մէջը փակուած։ Ասոնք կը լինին որջ աւազակաց, եւ շատ անգամ միամիտ եւ անճար ուղեւորները հոն ապաստանած ժամանակ կը լինին բաժին այդ չարագործաց։ Նաեւ զանազան արհաւրօք լի պատմութիւններ կան այդ խաներուն վրայ։

Դատվան գեղէն Ջրհորի սահմաններով դէպ ի Նէմրութ՝ ի դաշտակողմն գնալով՝ կը տեսնես կարգ մը տնկուածի կամ կանգնուածի պէս սեւ քարեր, որոնք հեռուէն եւ մութ ժամանակ կրնան խաբել զմարդ՝ թէ կարաւան են անոնք կամ մարդ եւ ուղտ։ Տեղացիք Բէլի ուղտեր եւ ուղտապաններ կ՚անուանեն զանոնք եւ որոց համար կը վիպասանեն ու կ՚ըսեն, թէ. «Կռապաշտ թագաւոր է եղեր Բէլը եւ մեծ զօրքով եկեր հայոց թագաւորի ու երկրի վրայ կռիւ։ Հայոց թագաւորը Աստուծոյ ձեռնով սպաներ է զԲէլ եւ հաներ Նէմրութայ գլուխ, այն տեղը փորեր, թոնիր շիներ, մէջը կախեր վառեր է։ Աստուծոյ հրամանքով այն կրակը ջուր է կտրեր, զմոխիրն հողի տակ իջուցեր, որ չեղնի քամին անոր փոշին տանի։ Բէլի մարդիկ եւ ուղտերն ալ իրենց վախէն քար են կտրեր։ Մինչեւ այսօր թոնիրն ու ջուրը կայ, եւ այն ջուրն է, որ սարի տակով կ՚իջնայ, Մեղրագետի ակնէն կը բղխէ եւ այդ գետը կը կազմէ»։ Մեղրագետի ակն կլորակ աւազան մի է Մշոյ դաշտին մէջ՝ Օձ քաղաքին մօտերը։ Աւազանի շուրջը սալարսած են քարերով, եւ անոր մօտ գմբէթ մը կայ։ Ջուրը այդ կլոր աւազանի ընդարձակ գոգէն կը բղխի՝ աւազներ հանելով իւր հետ, եւ պղպջալով կ՚ելնէ ոչ մէկ տեղէ, այլ բազմաչեայ։ Այս ակի բուն բղխման վրայ ընտիր վէպեր ունին տեղացիք։ Կը ցաւիմ, որ առ ձեռն չունիմ զանոնք գրելու։ Միմիայն ապացուցանելու համար, թէ այդ ջուրը Նէմրութայ գանգի լիճն է, հետեւեալը կը յիշեմ, որ կը պատմեն։ Իբրեւ թէ. «Հովիւ մը խաշինք կ՚արածացընէր Նէմրութայ լճին եզերքը։ Ոչխար դարձընելու համար, ըստ սովորութեան, իւր ձեռքի ցուպը կը ձգէ, ոչխարը կը դառնայ‚ հովուի փայտը լճին մէջ կ՚իյնայ եւ ջրի պտոյտքին մէջ կը կորսուի։ Օրեր կ՚անցնին։ Օր մը այդ հովիւն իւր ցուպը ուրիշ հովուի մը ձեռք կը տեսնէ, կը պահանջէ, հարկ կը լինի ապացուցանել։ Կ՚երթան գեղի մեծաւորին քով, եւ ցուպին բուն տէրը կ՚սկսի իւր ապացոյցը յառաջ բերել, թէ. «Ես յիսուն տարի է հովուութիւն կ՚ընեմ, ամէն մէկ տարին մէկ-մէկ ղազի քսաննոց ոսկի վարձք առեր եմ եւ, իմ ցուպին մէջը փորելով, ոսկիներս հոն լցրել եմ»։ Ցուպը կուտան իրեն, կը բանայ իւր փայտէ քսակի բերանը, իրօք 50 ոսկին վար կը թափի. կը տիրէ իւր ցուպին։ Եւ երբ գտնող հովիւին կը հարցնեն, թէ ուստի՞ ձեռքդ անցաւ այս փայտը, կը պատասխանէ. «Մեղրագետի ական բերանը մղլած էի ոչխարներս, ջուրը իւր փորէն դուրս հանեց զայն»։

Արդարեւ նայելով Հայոց ձորին, ուր Հայկի եւ Բէլի ճակատամարտը եղեր է, եւ զԲէլն սպաննելէն զկնի երբ Հայոց ձորէն Հարք գաւառը պիտի դառնայ Հայկը՝ իւր բնիկը, ուղին այս տեղով ուղիղ կուգայ, եւ այս Նէմրութ լեռը, ինչպէս անունն ալ Նեբրովթ է, որ Բէլայ անունն է, իւր դիրքով միայն յարմարութիւն ունի Խորենացւոյն ասածին, թէ. «Հանեալ կախէ ի լեառն մի բարձր զմարմինն Բէլայ ի տեսիլ կանանց եւ որդւոց»։

ԺԲ

Կայ այնպիսի քարակոյտ խումբ մը քարերու ալ Վանայ մօտ՝ Ագրփու քարեր ըսուած ժայռին կից, որ հեռուէն եւ ի մթան նայողները կը կարծեն, թէ խումբ մը մարդոց են այնտեղ։ Ասոնց կ՚ասեն Հարսն ու փեսայ։ Բայց որովհետեւ երկու չեն, այլ շատ, մէկալոնքն ալ կը համարին հարսնեւորները. եւ անոնցմէ երկու քը, որ թեւ թեւի, դէմ դէմի են, ասոնք են հարսն ու փեսան. ու որին գլուխը կլորաձեւ է, փեսան նա է, իսկ միւսը, որ ուղիղ է վերէն վար, քօղաւոր հարսն է նա. եւ իրենց առջեւը մեծ կլորագլուխ մ՚ ալ կայ, այն ալ տէրտէրն է, կ՚ըսեն, գօտիկ ի գլուխ։ Ասոնց քարանալու մեղքն ու պատճառը մանրամասն ու երկար կը պատմեն, բայց ես չեմ կրցած միտքս պահել, որքան կը յիշեմ բովանդակութիւնը այս է, թէ. «Ատոնք առանց իրենց հօր մօր կամքին պսակուեր են եւ, սովորութեան ու կրօնական աւանդութեան հակառակ, արեւու ծագմանէն առաջ ժամէն ելեր են։ Ասոր համար Աստուած եւ ծնողք զիրենք անիծեր են, եւ այսպէս քար կտրեր են»։

Ազդու օրինակ որդւոց՝ իրենց ծնողաց եւ օրինաց հնազանդութեան ու յարգանաց։

ԺԳ

Կայ եւ մի տեղ Վանայ հիւսիսային կողմ՝ Դռլաշէն գիւղին մօտերը, Շեղջայ դարը ըսուած հողային բլուրը, որոյ համար կը զրուցեն, թէ. «Մէկ հարուստ, բայց ագահ կալուածատէր քաղաքացւոյ ցորենի շեղջ է եղեր. կալի ժամանակ, ինչպէս սովորութիւն է մինչեւ ցայսօր‚ Քրդերու շեխեր ու ֆախիները, Հայոց տէրտէրներ ու վանականները գեղէ գեղ կը շրջին, ցորեն կը ժողվեն, նոյնպէս եւ ամէն կարգի աղքատները ու չունեցողները, մշակներ ու վարձկանները կալմաս կ՚ստանան կալատէրներէն։ Մրջիւններու կարաւանը եւ ճնճղուկներու երամը թիւ ու համար չունին, որք կը կրեն ու կը կրեն։ Իսկ այս ագահ տանուտէրը ամենայն խստութեամբ կը հսկէ իւր ցորենի շեղջին եւ ամենեւին ողորմութիւն չտար։ Խեղճ սարեկներ ու արտուտներն ալ կը քարոտէ։ Աստուած կը պատժէ ասոր խստասրտութիւնը, եւ բոլոր այդ ցորեն իւր տեղը կը դառնայ հողի շեղջակոյտ մը, որոյ շուրջը կը ցուցընեն նաեւ այս մարդու սայլը, որ որայները բարձուած կուգար, սայլորդներով ու սայլին լծուած գոմէշներով հանդերձ քար կտրած, նոյնպէս եւ կալուածատէրը, որոյ սիրտն արդէն քար էր»։

ԺԴ

Լէզքը, իւր անունով եւ հին պատմութեամբ յայտնի է, ուր Շամիրամի աստուածները մեր Արա գեղեցկին մեռած մարմինը լզեր ու կենդանացուցեր են եղեր. եւ Արայլէզք անունով կուռք ու աստուած շինեցին պաշտեցին այն ժամանակ Հայեր այս գեղի բարձր գագաթին վրայ, ուր այժմ Ամենափրկչի մատուռն է. եւ Աշխարհամատրան կիրակին մեծաժողով ուխտ կ՚երթան։ Ուր բեւեռագիրերով քարեր լցուն են. եւ ձուլածոյ հին պղնձէ կենդանեաց փոքրիկ արձաններ գտնուեցան մեր օրերը դեռեւս քանի մը տարի յառաջ։ Ուր եւ ինչե՜ր կան, եթէ Լէզքայ բերդիկը եւ անոր ստորոտները փորուին, քննուին։

Այս Լէզք գիւղի մօտերը կայ մի թոնիրի ձեւով աղբիւրի փոսակ կամ ջրհոր, որ Սուրբ թոնիր կը կոչեն, ուր յաճախ գնացողներ կան. շատերուն իբրեւ ուխտատեղի, ոմանց ալ հետաքրքրելի։ Միմիայն մէկ ձուկ կ՚երեւի այդ ջուրին մէջ, եւ որին որ երեւի, անոր բաղդն ու ուխտը կը կատարուի։ Դա կնկան կերպարանք ունի եղեր. եւ արծաթէ օղն ալ իւր քթին անցուցած՝ կը տեսնուի տակաւին։ «Երէցկին է եղեր դա, կին կարի գեղեցիկ։ Երբ նստած թոնիրի շուրթն հաց կը թխէ, աղքատ մը կուգայ հաց կ՚ուզէ, կուտայ։ Կերակուր կ՚ուզէ, կուտայ։ Գինի կ՚ուզէ, կուտայ։ Թշուառականը կը համարձակի նաեւ պագ մը ուզելու։ Երէցկինը կը վարանի, բայց կը մտածէ, թէ աղքատ թէմարզու է, ի՞նչ կայ, մե՛ղք է, գուցէ վարձք է։ Պագն ալ կուտայ։ Եւ յանկարծ նոյն վայրկենին երէցը ներս կը մտնէ։ Երէցկինը ամօթէն ու ահէն ինքզինքն կը ձգէ ի թոնիր՝ կրակին մէջ։ Տէրտէրն ալ զինքն ի վրէն։ Բայց տէրտէրը կը մրկի, իսկ երէցկինը, կրակն ջուր դառնալով, ինքն ալ ձուկ, Աստուծոյ հրամանքով յաւիտենական յիշատակ կը մնայ նոյն տեղ»։

ԺԵ

Սիփան լեռնադաշտի մը անունն է, որ Նէմրութի գօտին է՝ բարձրադիրք, եւ կ՚երկարի յարեւելս՝ կապուելու այն մեծ ու շատ բարձր սարին ոտքը, որ Սիփանայ սար կ՚անուանուի. որպէս թէ Նէմրութն լինէր Բէլը, եւ Սիփանը՝ մեր Հայկ, որ զԲէլն իր ոտքին տակ կապած է։

Վերին եւ Ներքին Սիփան անունով հայոց գեղեր ալ կան այս գօտիին վրայ, եւ ուրիշ զանազան գեղեր ալ։ Խիստ անուանի է՝ խոտաւէտ եւ օդաւէտ լինելով, ուստի կը տեսնուի ետեւէն Պուլանըխայ մէկ մասն եւ Մանազկերտ, իսկ առջեւն են Խլաթ եւ իւր գեղերը‚ Արծկէն եւ իւր գեղերը, Խոռանց մեծ գեղը, Սքանչելագործի վանքը եւ այլն։ Այս առջեւի մասն անուանածս Վանայ ծովու երեսն է, եւ ընդհանրապէս ծառազարդ են բնակութիւնները եւ, բաւական զառ ի վեր դիրք մը ունենալով, պատուական եւ առատ պաղ-պաղ ջրեր կը հոսեն։ Բնակիչը կը վայելէ Վանայ ծովու անմահական օդը, անոր գեղածիծաղ երեսը, Վանայ բերդին ու իւր այգեստանեաց, Արտամետու ծառաստանեաց եւ յայնկոյս եղած ծովեզերեայ բոլոր շինից եւ աւանաց սքանչելի տեսարանը, ամենացանկալին՝ Վարագայ լեռը, Հայոց ձոր, Ռշտունիք, Շատախու եւ Մոկաց լեռները, Նարեկացւոյ Առ տէրը, Աղթամարայ, Կտուց եւ Լիմ անապատաց կղզիները եւ սուրբ տաճարաց երկնանման գմբէթները։ Ծովու հարաւային կողմէն ալ Կարճկանից անտառները եւ ծովու երեսը լողացող առագաստաբաց նաւերը։ Ելիր մէկ վայրկեան այս Սիփանայ հովիտը, թաւալի՛ր, հանգիր, շնչէ անմահական ծաղկանց եւ դալարեաց մէջը, ուր վտակ կը խոխոջի, ուր սոխակը կը դայլայլէ, ուր կռունկը կը կռայ, ուր ծովը առջեւդ կը ծփծփայ, երջանկացիր քիչ մը։ Է՜, տէ ել, Քիւրդ Մողրովի խոտնոցն է այդ. այս տեղը Հասնանցի Քրդերու տեղն է։ Ե՛լ, քիչ մը յառաջ երթանք։ Ահա Սիփանայ սարը, այդ ահագին, բարձր մասիսակերպ սարը, զոր եւ Թովմաս Արծրունին Մասիք կ՚անուանէ եւ գերմանացի Վակները՝ Գոռոզ լեռ։ Բնակիչները մէկ բան կ՚երգեն այս լերան վրայ, իբրեւ հին երգ, եւ կ՚ըսեն.

-Նոյայ տապանն եկաւ ի Սիփան,
Ասաց.
«Սիփան, ա՛ռ զիս, ա՛ռ զիս»։
Սիփանն ասաց.
«Գընա՛ ի Մասիս, գընա՛ ի Մասիս,
Որ մեծ է, քան զիս, որ բարձր է, քան զիս»։

Տապանն Կորդուաց լեռներէն գալով առ Սիփան՝ Գրգուռայ գլխով անցեր եւ, քսուելով կամ գրգռուելով, այս լերան սուրուխ գլուխը տաշեր անցեր է եղեր։ Սիփան լեռը վեհափառաբար իւր ձիւնոտ գլուխը ամէն բարձր լեռներէն վեր կը ցուցընէ Վասպուրականի եւ Տարօնոյ բոլոր կողմերէն գրեթէ։ Իւր ծովային երեսը խիստ զուարթ է, բայց մէկալ կողմը, զոր տարածուած է երկարօրէն Մանազկերտու դաշտը, պստիկ-պստիկ ու կլորակ աստիճանաբար բլուրներ ունի ձեւացուցած, որ սեւ ու քարուտ են։

Միտքդ բե՛ր Յովբը, որ իւր ցաւոց օրերու մէջ պառկած լինէր մէկ կշտին, ծունկ ծունկի դրած, ոտները ձիգ պարզած, մէկ ձեռքի արմունկը գետին եւ թաթը երեսին, գլուխը բարձր պահելով՝ կրթնած տքար‚ թափէր արցունք իւր աչքերէն, եւ այդ էր Սիփանայ վտակները։

Եռային որդերը իւր անձին վրայ, եւ այդ էր Հասնանցի Քրդերը։

Թափէին իւր գլխու մազերը, տրորուէր գանգի մորթը, եւ երեւէր լերկ ոսկորն ուղեղին. եւ այդ էր Սիփանայ ձիւնապատ ու սառոյցի որդերով եռացած գագաթը։

Թշնամանէին զինք իւր հացն ուտողները, դրացիներն ու բարեկամները, եւ ատոնք էին Լաթառայ շեխեր ու աւազակ ֆախիները։

Իւր կշտին ու կողին վրայ հանէր խոցերը, ու այդ նման էր Սիփանայ սեւ-սեւ, կոյտ-կոյտ բլրակներուն։

Արդէն վաղուց մեռեր էին իւր դստերք ու որդիք. թալան տարեր էին իրեն ոչխարի հօտն, անդեայք, ուղտք, էշք եւ ջորիք։

Այն մեծ տարածութիւն Մանազկերտու դաշտին, որ քար ու քռայով (այսինքն մանր եւ մեծ ժայռերով) լի է, անբոյս, անմխիթար եւ տխուր, դա ասես լինէր Յովբայ աղբիւսը եւ խեցիները, որոնցմով իւր վիրաց թարախն է քերեր։

Այս է այդ լեռան համառօտ նկարագիր։

Բայց վէպը կը պատմէ բնակչաց բերնով, թէ՝ Սիփանայ սարը հայոց մեծ թագաւորի բերդն է եղեր։ Թէ՝ մէկ ծածուկ դուռն կայ այդ սարին, որ մանազկերտցի Քիւրտ մը միայն գիտէ, եւ ատոնց պապենական սեպհական աւանդութիւն է, որ միայն հայրն իւր տղային ծանուցանէ։ Թէ՝ տասն տարին մի անգամ այդ քիւրդը Սիփանայ դռնէն ներս կը մտնէ կ՚երթայ եւ քանի մ՚ օր դուրս չելլեր։ Թէ՝ այդ Քիւրտը, թէպէտ եւ դուռը ցոյց չտար, բայց կը պատմէ, թէ ահագին քաղաք մը կայ շինուած Սիփանայ տակ՝ կամարակապ ու հաստատ շէնք։ Սաստիկ քամի կը խաղայ մէջը, բայց լոյս չկայ։ Թէ՝ տներ, պալատներ, շուկայներ ու հրապարակներ կան մէջը։ Թէ՝ մէկ քանի երկաթէ դռներ կան, որ միշտ գոց են եւ մենք կը կարծենք, որ թագաւորի ճակերը (զէնքեր) այնտեղ լինին։ Թէ՝ ամբար մը լցուն եփած չոր հաց կայ, պաքսիմաթ։ Թէ՝ մեծ գետ մը քաղաքի մէջէն կ՚անցնի»։ Եւ այլ շատ աւելի բաներ, որոնք չկրցայ ամբողջն իմանալ ու գրել։ Ափսո՜ս։ Սիփանը այդ շրջապատող գաւառներու առհասարակ բնակչաց Ողիմպոսն է եւ Պառնաս. իրենց սէրն ու դիւցազնութիւնը անոր կը նուիրեն։ Մուսայից եւ քաջաց միանգամայն շնորհատու կը դաւանեն զայն։ Աւազակները անոր մեծ ու ընդարձակ խորշերու եւ այրերուն մէջ կ՚ապաստանին. զէնքի եւ ձիու կրթութիւնը Սիփանայ լեռնադաշտին մէջը կ՚ուսանին. գեղերու հօտաղները եւ դաշտը հաց բերող աղջիկները, երբ իրարու սիրահարին, կ՚առեւանգեն զիրար եւ Սիփանայ կ՚ապաստանին։ Սիփանայ դալարաւէտ մարգերու մէջ վրանի տակ բնակող ոչխար կթող Քիւրտ աղջիկները, երբ երիտասարդ Քիւրտ խոռթ հովուի մը սիրահարին, նախիրէն կը բռնեն կրտած ձի մը եւ, զոյգ հեծած անոր գաւակին, ուղղակի կը քշեն Սիփանայ սարի սարաւանդները։ Ձիու գլուխը ետ կը դարձընեն, վարոց մը կը զարնեն. ձին կը դառնայ իւր երամին՝ ամենայն հաւատարմութեամբ գաղտնապահ լինելով եւ ոչ ումեք պատմելով իւր բեռին ուր լինելը։ Թէպէտ գիտնան ալ փախուցելոց պապն ու մամը, բայց չեն երթար ետեւէն՝ պատկառելով կամ պատիւ պահելով Սիփանին, ինչպէս Լոնտրայէն ետ չեն առնուիր հոն փախչող եւ ապաստանող քաղաքական յանցաւորները։ Այս է պատճառը, որ այդ Հասնանցի Քրդերը իրենց քաջաց յաղթելուն երգը կամ քաջաբար մեռնելու եղերգը միշտ Սիփանայ կոչումով կ՚ոգեւորեն, անոր անունով կ՚օծեն իրենց տաղին տողերը, եւ բանին բառերն ու տուները, եւ անոնց սիրահարական շատ մը երգերու զարդն ու խանդն Սիփանայ սարն է. թէպէտ լինին ասոնք քրդերէն լեզուով, բայց շատերու յօրինողք Հայեր են։ Նշանաւոր է այն խաղը, որ կ՚սկսի այս բառերով. «Սարէ Սիփանէ՜…», որուն մէջ կը պատմուի սեւ տղայի մը ու աղջկան մը վէպը, որք, միմեանց սիրահարելով, փախած են Սիփանայ գլուխ եւ երեք օր, երեք գիշեր առանց հացի, զիրար սիրելով միայն ապրած են։ Բայց երբ քաղցը նեղեր է զիրենք, սեւ տղան հրացան առեր ելեր որս մը զարնելու, գոնէ զայն ուտեն ու քիչ մը կազդուրուին։ Աղջիկն ալ քարի մը վրայ կայնած կը դիտէ։ Սեւ տղան կը պատահի եղնիկի մը, հրացանը կը պարպէ, կը դիպցընէ եղնիկի կողին, արիւնը կը հոսէ, եղնիկը կ՚եղնի վիրաւոր եւ կ՚ուզէ վազել, բայց կ՚իյնայ…։ Սեւ տղէն զինքը կը ձգէ, որ եղնիկը բռնէ, չփախցընէ, եւ ահա ինքն ալ գահավէժ կը հոսի քարերէն եւ կտոր-կտոր կ՚իյնայ մեռեալ։ Աղջիկը, ծնկներուն զարնելով, վարսերը փետելով, կը նստի քարին վրայ, աջ ձեռքը երեսին, ձախ ձեռքը վէր ծծերուն դրած, կ՚սկսի սրտառուչ սարսուռով մը իւր ողբը ողբալ, յորում կը կշտամբէ սեւ տղայի խստասրտութիւնը, թէ. «Ինչո՞ւ մինակ ելաւ որսի»։ Թէ. «Ինչո՞ւ զարկաւ եղնիկին, որ գուցէ այն ալ սիրական մ՚ ունէր իրեն այս վայրերուն մէջ մեզ պէս»։ Թէ. «Ահա սիրոյ Աստուածը արդար ու վաղահաս ըրաւ իւր դատաստանը»։

Կ՚անիծէ խստասիրտ մարդիկ, որ արգելք կը լինին բնական սիրոյ եւ այսպիսի աղէտից առիթ կը լինին։

Թէ՝ Իրեն համար ելաւ լեռը ինքն, իրեն համար եւ իրեն հետ կը մեռնի։

Եւ ահա ինքզինքն ալ կը գահավիժէ քարերէն ի վայր սեւ տղայի սիրոյն ու մահուանը վրայ։

ԺԶ

Վանայ ծովու շրջապատէն ընթանալով՝ կ՚սկսի Ալատաղի գօտին, որ է Ծաղկէ լեռը, որոյ տարածութիւնը կ՚երթայ մէկ կողմէն Ալաշկերտ։ Բայց մենք Աղիովիտն՝ Արճէշն, Առբերանին եւ Բերկրին հանդերձ շատ մը Հայու անունով ու Հայու բնակիչներով լի գիւղեր ու գմբէթով վանքերը, եկեղեցիները, դալարախիտ հովիտները եւ արտ ու անդաստան, Բէնդի մահու գետը եւ աւազի չափ շատ ու մանր տարեխ ձուկերը տեսնելով՝ ի հիւսիսոյ դառնանք դէպ ի Վան։ Եւ ահա Բազ բլուրը հոս է՝ վայր աննման առ ծովուն, ջրով, խոտով եւ օդով անզուգական, ինչպէս նաեւ անուամբ նուիրական։ Ոչ այս կողմերու եւ ոչ Ալատաղի սարին ու քարայրներուն, ոչ Թոնրիկի հրաբուղխ լեռան եւ ոչ անոր կողմերէն բղխած ծծումբի ջրերուն, ոչ Աբաղու դաշտի 366 աւեր գեղերուն եւ անոր մէջ ցցուած ապառաժներուն վրայ եղած վէպերը չեմ կարող յիշել։ Ետ դառնանք նորէն Սիփանայ տակը եւ անցնինք Մանազկերտը։

Թաշգըն անունով Քրդու գեղ մը կայ հոս, եւ շեխ մը, որ անյիշատակ տարիներէ յետէ ատոր ազգ եւ տունը այս գեղն է իբրեւ թէ։ Ութն քայլ մեծութեամբ գերեզման մը կայ այս շեխի տան առջեւ՝ գեղի բերան, որ քարակոյտով մը բարձրացած է։ Անց ու դարձ ընողները եւ մերձաբնակ հայերը այդ գերեզմանին կ՚ըսեն Ազնաւուրին գերեզման, իսկ շեխը կ՚ըսէ՝ իմ նախնիս է, զոր կը մեծարէ իբրեւ մարգարէի շիրիմ։ Այդ գերեզմանը եւ Թաշգըն գեղը Մանազկերտու մէջն է, ուր էր Հարք. եւ այսպէս հսկայ գերեզման մը եւ ազնաւուր, որ է ազնաւոր, ազնիւ, ազն բառը՝ իբրեւ տոհմային գլուխ, տանուտէր ազգի՝ նշանակութիւնը կուտայ։ Ես չեմ կրնար վարանիլ ըսելու, թէ դա գուցէ Հայկին, կամ Հայկակի մը, կամ վերջապէս հայ նահապետի մը գերեզմանն է։ Այսպիսի մեծադիր եւ ազնաւուր անունով գերեզմաններ կը գտնուին ուրեք ուրեք, եւ այդ անունէն ու մեծութենէն ինձ կը թուին, թէ հայոց նշանաւոր Հարանց հսկայից, կամ նախարարաց շիրիմ լինին։ Իսկ շեխերու տիրելուն երբէք զարմանալու բան չկայ. ատոնք կամ հայութենէ դարձած են կամ անհայ գտնելով այդ տեղերը՝ եկեր տիրեր են եւ, իրենց բառովն ըսելով, օճախը շիներ են։ Շեխերը առհասարակ օճախ կ՚անուանեն իրենց տները, իբր թէ հաց, թանապուր մը եւ տաք ջուր մը վառած օճախին վրայ միշտ պատրաստ ունին տալ իրենց տուն եկող-գնացողին, ընդունիլ հիւր, լինել պաշտպան եւ պատսպարան իրենց դիմողներուն։ Բայց շեխութեան անունով շնորհ ունեցած են տէրութենէն շատ մը գիւղեր, ընդարձակ հողեր ունենալ իրենց, անոնց հողային տուրքերն ստանալ գեղացիներէն, որ իբրեւ տեսակ մը ճորտեր ունենալ է, եւ իրենք բոլորովին ազատ լինել հարկէ եւ այլն։ Այս տեսակներէն շատ կան Պուլանըխները, որ է Ապահունիք, Մշոյ դաշտը, Վանայ գեղերը, Խիզան, Մոգս, Ռշտունիք եւ այլն։

ԺԷ

Ապրի գեղը Պուլանըխայ մէջն է. մեծ օճախներ կան շեխերուն այս տեղը, որոց ծերերէն լսելով պատմողներ կան, թէ սոցա նախնիք եղեր են հոռոմ եպիսկոպոսներ։ Յոյները Հայաստանի մէկ բաժնին տիրած էին արդէն մեր Արշակունեաց անկման ժամանակները. իսկ միջին դարու սկիզբներէն մեծն Հայաստան, որ կարելի է ասել այսօրուան Տաճկի Հայաստանի մասը, բոլորովին յունաց բաժինն է եղեր։ Կարինը յունաց կուսակալութիւն էր եւ գաւառ։ Այս մեր ցոյց տուած վայրերն Կարնոյ թեւերն են։ Անբնական չէ, որ յունաց գաղթականներ եկած լինին այս կողմերը իրենց եկեղեցական ուխտիւ, որոնք Քաղկեդոնի բանակները կը կազմէին բարոյապէս եւ կ՚առաջնորդուէին անխնայ ջարդել եւ կորուսել տալու հայոց տուները եւ զաւակները, պաշտօնեայ գոլով Քրիստոսի, պաշտօն վարելով մոգերուն Յազկերտի։ Ադոնց թողուցած աւերակները դեռ կը մխան ու կը ծխան Հայաստանի հողին վրայ, հայոց սրտի եւ գլխի մէջ։ Ասոնք վանքեր եւ եկեղեցիներ ալ ունեցած եղեր են, ինչպէս մինչեւ այսօր ցոյց կուտան Շուշարայ գաւառի մէջ։ Վարդուայ Գոնտէմիր գեղը հերու բլուր մը քակեցին՝ եկեղեցին շինելու համար, քար հանելով։ Բլուրի տակէն տաճար մը երեւցաւ, որ բոլորովին յունական ձեւ եւ շէնք էր։ Ուրիշ շատ կան այդ Շուշարայ, Վարդուայ եւ Խնուսայ կողմերը։ Վերոյիշեալ Ապրի գեղի շեխերու տան (օճախի) մօտը, քար հանելու համար փորելով, գտած էին մէկ մարդաչափ բարձրութեամբ քարէ արձան մը՝ մարդակերպ քանդակուած, որուն վրայ յունարէն գրեր կան եղեր, զոր Մամիկոնեան Վարդան աղան վերցուցեր, տարեր էր՝ շեխերէն խնդրելով։ Արդ, այդ շեխերը, ինչպէս ըսած են, լինելով յունաց եպիսկոպոսներ եւ, ինչպէս որ են նոքա ցարդ, հողի, գեղի եւ ագարակի տէր ու ճոխ մարդիկ, արաբացւոց արշաւանաց ժամանակները, չուզելով իրենց ունեցած կացութիւնը կորսնցընել, փոխեր են կրօնքնին եւ իրենց առջի վիճակը պահելով, միանգամայն եւ կին առնելով՝ վառ պահեր են իրենց օճախը եւ շարունակեր են մինչեւ ցայժմ։ Ասոնք են սաստիկ մոլեռանդ եւ տէրութեան օրինաց հակառակ՝ շատ անգամ զՀայերը կեղեքող։ Եւ այս ախտը կամ բնաւորութիւնը աւելի քաղկեդոնականաց թշնամութեան յատկութիւնն է, քան մահմետականաց։ Ես կը հաւանիմ ընդունել այսպէս…

ԺԸ

Մանազկերտ Բօստան խայա անունով մէկ գեղ կայ, եւ այդ գեղին կուշտը դարձեալ մի գերեզման ազնաւուրի, որոյ երկարութիւնը քսան կանգուն է, կ՚ըսեն տեղացիք, բայց քիչ մը չափազանց է։ Այդ քարերը, որ ակօս-ակօս իբրեւ պարտիզի թումբ եւ առու են, պարտէզ է եղեր. եւ Քարապարտէզէն գեղին անունը տաճկերէն ըսեր են Բօստան խայայ։ Ահա եւ անոր վէպը։

Այս մեռած ազնաւուրը հեռու տեղերէ մի չքնաղ եւ հուրի հրեղէն աղջիկ կը յափշտակէ կը բերէ այս գեղը։ Պալատ կը շինէ, կը նստեցընէ մէջը, պատուհանները կը բանայ մեծ դաշտին եւ Մուրատ գետին վրայ եւ ինքն պալատի շուրջը կը շրջի՝ հսկելու, որ իւր նախանձորդները չգան փախցընելու աղջիկը։ Աղջկան անունն է Շիրին՝ Սիրուն։ Բայց որքա՜ն ջանքեր ըրած է, չէ կրցեր յինքն յանկուցանել Շիրինի սէրը. նա միշտ զանազան եւ անհնարին պայմաններ կ՚առաջարկէ եղեր ազնաւուրին, որոնցմէ մէկն է նաեւ այն, եթէ ազնաւուր կարող լինէր փորել ու վարել այդ քարեր ու բօստան տնկել եւ խիյար հասցընէր Շիրինին, Շիրինը, ուտելով զայն, պիտի սիրէր զազնաւուրը եւ լինէր անոր կին։ Քսան լարանոց երկաթէ բահ մը ձեռք կը ձգէ ազնաւուրը, աշխատելով այդ քարերը կը փշրէ ու իբրեւ հող պարտէզ կը շինէ, խիյար կը տնկէ, կը հասցնէ, կը տանի Շիրինին մեծ վստահութեամբ եւ վերջին յոյսով, թէ լրացած են այլեւս պայմանները. ահա պիտի միանան միմեանց հետ։

Շիրինը կը խորամանկէ ազնաւուրին, թէ. «Քուկդ եմ այսուհետեւ. դէ՛ գնա՛, Սիփանայ դեւերէն մէկ աման հարիսայ բեր ուտենք ու զխիյարն ի վրէն ու մեր հարսնիքն ընենք»։ Ազնաւուրը յարբած ու շըշկռած Շիրինի սիրով, կ՚երթայ ու ապարանքի դռները բաց կը թողու։

Ղովտ, որ Շիրինի բուն սիրահարն է ու միշտ ազնաւուրի պոչին ետեւէն ու ստուերի տակէն կը շրջէր ու աչքով, ընքով պատուհանէն Շիրինի հետ կուտար կ՚առնէր, այս առթիւ կը մտնէ ապարանքը, կը գրկէ զՇիրին, եւ զիրար կ՚առնեն ու կը փախչին։

Ազնաւուրը ետ դառնալուն կ՚իմանայ բանը ու զարմանալով կնկան անհաւատարիմ եւ խորամանգ բնաւորութեան վրայ, թէ ինչպէ՛ս կը խաբեն ու կը յաղթեն աշխարհի ամէնէն զօրաւորներուն, ալ չուզեր ետեւէն երթալ, ալ չուզեր այնուհետեւ ապրիլ անգամ։

Իւր բահովն ինքզինքն կ՚սպաննէ, ու գեղի կնկտիքը շէր կը կապեն ազնաւուրին վրայ, եւ երիտասարդները կը վերցնեն կը թաղեն։

Ազնաւուրին դեւ ալ կ՚ըսեն վիպասանք։

ԺԹ

Դեւը, սովորաբար ժողովրդական վէպերու մէջ դիւցազնի նշանակութիւն ունի կամ հսկայի, տիտանի։ Այսօր եւս, եթէ յաղթող եւ հսկայ մէկի մը նկարագիրն ընեն, դեւ կամ աժտահար բառերը կը գործածեն. եւ միշտ այսպէս հասկըցուած է, թէ դեւերը լեռներ ու այրերը կը բնակին, անլոյս գբերը, անջուր հորերը եւ անջրդին անապատները։

Թէ՝ անոնցմէ մէկը հազար մարդու կրնայ յաղթել։

Թէ՝ լեռներու չափ քարեր կրնան վերցընել դնել։

Թէ՝ մարդու միս կ՚եփեն, կ՚ուտեն։

Թէ՝ թագաւորի աղջիկ կը գողնան, կը տանին իրենց կին ընելու համար եւ այդ աղջկանց առջեւ շատ անձնանուէր եւ հպատակ կը մնան։

Թէ՝ աղջիկները միշտ անկարելի պայմաններ կ՚առաջարկեն դեւերուն. զորօրինակ, կ՚ուզեն ոսկի մուկ՝ ոսկի կատու. ոսկի ագլոր՝ ոսկի աղուէս. ոսկի նապաստակ եւ ոսկի որսկան, որոնք այնպէս շինուած լինին, որ կենդանի եղածի պէս իրարու ետեւէն վազեն, բայց չկարենան իրարու հասնիլ ու բռնել։

Խորհրդաւոր գործ աղջկան եւ դեւի վիճակին։

Նաեւ կա՛մ վիշապ մը սպաննելու, կա՛մ անմահական պարտիզէն ոսկի խնձոր բերելու պայման առաջարկելով եւ քաջի մը կամ թագաւորի մը գլուխն ուզելով ու հեռու տեղերը ղրկելով։ Ասոնցմով կ՚զբաղեցնեն զդեւերը, առանց տակաւին անոնց կին ըլլալու, մինչեւ դեւերը կամ սպաննուին, կամ ճատուկ պառաւներու հնարքով աղջիկները խոյս տան, ազատուին։

Դեւ արմատ է նաեւ դիւցազն բառին։

Ի

Թէքմէն Խնուսայ մէկ մասն է, որ քանի մը գեղեր կը պարունակէ իւր մէջը. եւ Խնուսը Մանազկերտին կցորդ է այն լեռներով, որոնցմէ կարմիր եւ սպիտակ աղի առատ եւ մաքուր աղբիւրներ կը հոսեն մշտաբուղխ. եւ այսու հաւանական է ասել, թէ Խնուսն է Մանանաղի։ Թէքմէնայ մէջ Օտապաշու չէվիրմայ ըսուած գեղին մօտ քառասուն գերեզման կայ խաչքարերով, զոր Խըռխլար կ՚ըսեն. եւ ամէն մէկ գերեզմանի երկայնութիւնը քսան կանգուն կը չափեն։ Ասոնք ալ իրենց վէպն ունին. բայց ես ձեռնհաս չեղայ հաւաքելու։

Խըրթ գեղին մօտ՝ լեռնապատ հովիտի մը մէջ, ջրի մեծ ակ մը կայ, որ աղ կը բղխէ տարուան երեք ամսուան մէջ միայն՝ մայիսին, յունիսին եւ յուլիսին. ջուրը առատ, զուլալ եւ պաղ, որ կը բաժնուի տասն եւ չորս առուի եւ կ՚երթայ ջրելու Խնուսայ դաշտի զանազան գեղերու արտերն ու մարգերը։ Ուրիշ ամիսներուն որ երթաս, բոլորովին ցամաք կը գտնես ակը։ Միայն առուները կրնան հաւատացընել քեզի գեղացւոց պատմածը։ Ամէն տարի Համբարձման տօնին Խնուսայ գեղերու բնակիչները՝ մասնաւորապէս այս ջրոյն շնորհքը վայելողները, մէկ-մէկ գառն կ՚առնեն կուգան այս ական վրայ եւ մատաղ կ՚ընեն, կը խնդան, կը պարեն, զԱստուած կը փառաբանեն ու կ՚երթան։ Ընդհանրապէս կը խօսին, թէ բուն Համբարձման օրը կ՚սկսի բղխել այդ ջուրը. եւ ո՛ր տարին որ պատահի չբղխել կամ սակաւ բղխել, այն տարին Խնուսայ բերքը նուազ է։ Միով բանիւ՝ Խնուսայ Նեղոսն է այս ջուրը, եւ Ամանորակի տօնը՝ Համբարձման տօն։ Ջրոյն ակն կոնքաձեւ աւազանի մը պէս է։ Այս աւազանի մէջտեղ կայ մի գերեզման՝ իբր երկու կանգուն բարձրութեամբ եւ հինգ կանգուն երկարութեամբ, քարով եւ հողով բռնուած եւ հողերու մէջ վարդի թփեր տնկուած։ Ջուրն ելած ժամանակ այդ գերեզմանը կը շրջապատէ լճակաձեւ, եւ շիրիմը կը դառնայ կղզի մը անոր մէջ։ Այս գերեզմանը իբրեւ սուրբ կը պաշտեն Հայերը Քառսուն մանկունք անունով եւ Քիւրտերը՝ Հալիլ բաբա։ Մէկ շեխ՝ Մուրատ անուն, կը նստի Խըրթ գեղը եւ կը համարի, թէ այդ գերեզմանի մէջ թաղուածին սերունդէն է ինքն. կ՚ուզէ հաստատել իւր տունը ու տոհմն այդ Հալիլ բաբայի օճախով ու անունով. եւ ատոր համար երկու տարի կայ միայն, որ տաճկական գերեզմանաքարի պէս երկու քար տնկել տուեր է գերեզմանին երկու ծայրը։ Է՜հ, միթէ կարելի՞ է գերեզմաններն ալ կրօնափոխ ընել։

Իսկ հայերու պատմութիւնը աւանդութեամբ այս է։ Թէ. «Տէրտէր մը իւր լոյս հաւատքն ուրացեր է եւ քառսուն հարամի անօրէն ընկերներով շատ տարի աւազակութիւն է ըրեր։ Տարուան մը մէջ, աւուր մէկը, մեծ Զատկին, այդ ուրացողն իւր ընկերներով կուգայ Էլբիս գեղը։ Գեղի երէցին պատարագ մատուցած ժամանակ կ՚ուզէ պաշարել եկեղեցին, տաճարը թալանել եւ աղջիկները ու հարսները գերի տանել։ Աւազակաց գլխաւորը՝ ուրացող քահանայն, հրաման կ՚ընէ իւր ընկերներուն, որ քիչ մը հեռուն կայնին, ու ինքը տաճարի լուսամտից որպէս թէ լրտեսելու համար ներս կը նայի, այն պահուն է, որ ժամարարը կը կարդայ. «Առէք կերէք… ի քաւութիւն եւ ի թողութիւն մեղաց», եւ ժողովուրդը մէկ ձայնով կը պօռան. «Մեղաւոր եմ քո առջեւ Աստուա՛ծ, խոստովանիմ եւ հաւատամ», ու կ՚իյնան քիթ բերնի վրայ՝ երկրպագութիւն ընելու։ Այս ձայներէն ու արարողութենէն զգացուելով ուրացողը ու յիշելով առաջուայ իւր ունեցած Քրիստոսի կարգն ու հրեշտակի կրօնը, Աստուած կը բանայ անոր սիրտը, զեղջի կուգայ, արցունք թափելով կը մտնէ ժամն, մեղայ կ՚ըսէ, կը խոստովանի, սրբութիւն կ՚առնէ, դուրս կ՚ելլէ, իւր դարձն ու արածը ընկերներուն կը պատմէ ու չթողուր, որ վնաս մը տան գեղացւոյն ու եկեղեցւոյն։ Կը հեծնեն կ՚երթան։ Ընկերտանք որչափ կ՚աշխատին, չեն կարող ուրանալ տալ։ Կը հասնին Խըրթայ մօտ, ու այն տեղը քառասունն մէկ եղած՝ կը նահատակեն զայն։ Լոյս կը ծագի վրան։ Գեղերու հայեր, երէցները կուգան կը թաղեն։ Ու Աստուած անոր գերեզմանի ու թափած արիւնի տեղը այս ջուրը կը պարգեւէ այդ գեղերուն»։ Գուցէ անոր անուան ուղիղն լինի Քառասուն ակունք եւ ոչ թէ Քառասուն մանկունք. եւ այդ նահատակի անունը իւր ուրացութեանը գուցէ Հալիլ փոխած լինի, եւ այդ անունով ալ Հալիլ բաբա ըսուած։

ԻԱ

Խնուսայ մէջ՝ Հարամիկ գեղին մօտ, դարափի մը վրայ, կ՚երեւան պրակ մը ծառեր, զորս Կայէնի ծառեր կ՚անուանեն բնակիչքը, եւ Խնուսայ դաշտի հարաւը մէկ բարձր եւ մեծ լեռ կայ, զոր Ղամէքայ բերդ կ՚անուանեն. իսկ Քիւրդն ու տաճիկը՝ Խամուռ ղալայ։ Այս լեռը մեծ բազկով մը կը կցուի Բինգէօլին։ Ժողովրդոց պատմածներէն սա կը հետեւի, թէ. «Բինկէօլն է եղեր Ադամայ դրախտը, որմէ կը բղխին գետերը Երասխն ու Եփրատը, եւ Խնուսայ դաշտն է այն երկիրը, զոր վարեր ու ցաներ է Ադամ։ Ղամէքայ բերդն է Աբէլի խաշնարածութեան վայրը. եւ երկրագործ Կայէնը Կայէնի ծառերու տակն է բնակեր։ Ադամայ որդիք բնակեր են այս սարի եւ դաշտի վրայ։ Կայէնի շինած քաղաքը այս սարի ստորոտն է եղեր, ուր է այժմ Քաղքիկ գեղը։ Քաղքիկայ մօտն է այն կլորաձեւ, բայց ամենապարարտ եւ վայելչադիր փոքրիկ հովիտը՝ Ախըր չիման (յաւէրժադալար) անունով, ուր սպաննուած է եղեր Աբէլը։ Որսորդ Ղամէքը իւր բերդէն այս սարէն շրջելու իջած ատենը հանդիպեր է Կայէնին ու սպաններ»։ Բլրակ մըն ալ ցոյց կուտան, զոր Կայէնի գերեզման կ՚անուանեն։

ԻԲ

Աղջամելիք գիւղը մօտ է Քաղքիկու, որ Ղամէքայ բերդի ստորոտն է շինուած։ Այս գեղէն դէպ ի լեռը բարձրանալով մէկ քառորդ ժամու ճանապարհ՝ հեղեղատի մը փոս կայ բացուած։ Այս հեղեղատին բերանը, ասկէց իբր քսան տարի յառաջ գեղի հովիւներ եւ եզնարածները գտան մէկ տարօրինակ մեծութեամբ գլխու մը ոսկոր, որոյ գանգը, ծնօտները եւ կզակը ամբողջութեամբ միացեալ էին, ինչպէս մորթով ողջ գլուխ մը կենդանի եղած ժամանակ։ Գեղացիները իրենց քննութեամբ հիանալով ադոր անհեթեթ մեծութեան եւ ձեւոյն՝ վճռեր են իրենց մէջ, թէ սա դեւի մը կամ ազնաւուրի մը գլուխ է։ Միջոցէ մը զկնի գեղացիները կ՚երթան այն փուլէն կաղճին հող հանելու՝ իրենց համար թոնիր եւ պուտուկ շինելու համար։ Քիչ մը կը փորեն եւ կը տեսնեն շարք մը մեծամեծ ոսկերաց։ Գեղի կտրիճները կը ժողովին, յարդի սակառները կ՚առնուն կուգան, եւ քանի մը հատ ալ չուան, կը ժողվեն ոսկորները կը բերեն գեղը։ Ամէն մէկը իւր բերածն իւր տունը կը տանի, կը պահէ։ Այն միջոցին Մշոյ Ս. Կարապետի վանքէն իւղ, մատաղ, պտղի եւ այլ հոգեւոր նուէրներ հաւաքելու համար եկող նուիրակ վարդապետը կը հանդիպի այն գեղը։ Գեղացիք կը պատմեն եւ կը ցուցընեն հայր սուրբին այդ գիւտը եւ իրենց ունեցած կարծիքն։ Ոսկորներէն մէկ կտորը կ՚ընծայեն հայր սուրբին, ու հայր սուրբն, առանց իրմէն դիտողութիւն մը աւելցընելու, «Գուցէ ձեր ասածն ուղիղ է»,- կ՚ասէ եւ այդ ոսկորը իւր հաւաքած պտղիներուն հետ Սուրբ Կարապետի վանքը կը խրկէ, որոյ մէջտեղէն բեւեռ մը անցընելով՝ վանքի բակին մեծ դրան ճակատին կը մխեն. եւ ամէն տեսնողք հետաքրքրաբար կը հարցընէին, միաբաններն ալ իրենց գիտցածը կը պատմէին։ Եղան օրեր, որ վար առնելով դրան ճակատէն այդ ոսկորը, իբրեւ աննշան եւ անպէտ բան, ձգեցին ասդին անդին։ Եւ մէկ տարի ալ տեսայ, որ վանքի մէջ ուխտաւորաց բազմութեան օրերը մշեցի մրգավաճառները իբրեւ կշեռքի քար գործ կ՚ածէին՝ երկու նուկոյ կշիռ, այսինքն՝ մէկ օխայ։ Հազիւ կորզեցինք ձեռքերնէն եւ մեր օրով յարգանօք պահել տուինք թանգարանի մէջ։ Մեկնածս ժամանակն ալ, իբրեւ առաջնորդարանի թանգարանի մէկ նիւթ, գրուեցաւ ցուցակին մէջ։ Այս կտոր ոսկորը, վանքեցիք կ՚ըսէին, որ ծունկի խուփն է, բայց աւելի նման է մէջքի ողնաշարի ոսկորներէն մէկին։ 1875 յունուար ամսուն Աղջամէլիք գեղը հանդիպեցայ, բաւական հետաքրքիր եղայ գեղացիներէն, որոց պատմութիւնն է այս։ Թէ՝ «Այդ մեծ գլուխը եւ շատ մը ոսկորները գեղը բերելէն ետք, ձայն տարածուեցաւ։ Թէ՝ Էրզրումէն ղրկեցին ուզեցին մէկ քանի կտոր ոսկոր ու բերնի ակռաներէն։ Թէ՝ ամէն մէկ ակռան մեզ պէս մարդու ձեռաց բոյթ մատէն մեծ էին։ Թէ՝ ամէն մէկ ակռան վեց ճիւղ ունէր։ Թէ՝ անոր մէկ ոտքի սրունքի ոսկորը երեսփոխանի տանը մէկ գոմշու մսրակապ շինեցին։ Թէ՝ մէկալ սրունքի ոսկորն ալ տիրացու Մխէենց դրան կշտանոց ըրին։ Թէ՝ միջոց մը անցնելէն ետքը Էրզրումայ փաշայէն ղավազներ, Խնուսայ միւտիւր եւ երկու ալ ինգլիզ եկան, գեղացիները տարին այդ գօռը փորել տուին, երկայնութիւնը յարեւելս էր թաղուած, ոսկերտանք՝ ամէնքն ալ հանին։ Ու մէկ հաստ ու երկար ինգլիզ կար, չափ ու կշեռք ունէր ձեռք, կը չափէր ու կը գրէր թղթին վրայ։ Թէ՝ այդ փուլի բերան ուրիշ շատ տեղեր էլ փորեցին, բան չգտան. մինակ իրենց ձեռք ինկած ոսկորները, քիչ մըն ալ գեղացիներու հանածէն ու գլուխը, առին տարին։ Եւ թէ՝ մեր ձեռք մնացած ոսկորներէն, որ մանր կտորներ էին, հորերու մէջ թաղեր ենք», եւ այլն։

Սաստիկ եւ թանձր ձիւն կար գեղը, եւ ես շտապաւ պիտի անցնէի։ Գեղացիները միայն իրենց հողային յափշտակութեանց՝ բլկցի Քիւրտ Շահոյի հարստահարութեանց վրայ կը խօսէին եւ անոնց դարմանը կը հարցընէին։ Չկրցայ ժամանակ ունենալ աւելի մանրամասն տեղեկութիւններ առնելու եւ տեսնալու, միայն խնդրեցի եւ մէկ կտոր այն ոսկորներէն տուին ինձ, զոր ըսին, թէ կողի ոսկորին կտորն է, ղաբուռղայ։

Ուզեցի իմանալ, թէ արդեօք չորքոտանւո՞յ ձեւ ունէր, թէ մարդու, ակռաներէն եւ ձեռքի ու ոտքի ոսկորներու դիրքէն մակաբերելով,- չկրցան գոհ ընել հետաքրքրութիւնս։ Եւ թէ ո՞վ եւ ի՞նչ անուն էր այդ եւրոպացւոց, չկրցան պատմել վերոգրեալէն աւելի։

Հայաստանի կողմերը այդպիսի գիտնական եւրոպացիները ի՛նչ ազգէ կը լինին թո՛ղ լինին, առհասարակ ֆրանսըզ ու ինգլիզ կը կոչուին։

Ո՞ր դարերէն մնացեալ կմախք է այս։ Հսկայ մարդու մը լինի, թէ վիթխարի կենդանւոյ մը, ատոնց սերունդը չեն տեսնուիր այժմ։

Ո՜վ հողեր, արդեօք ձեր խաւերու եւ անդունդներու տակ ի՞նչ յաւիտենական գիտութիւններ ու ծանօթութիւններ կը պահէք մարդոց, կենդանեաց եւ ամէն կարգի արարածոց վրայ, որոց հետքը մշուշատես կը նշմարուի տակաւին երկրի ժողովրդոց բերնէ բերան հասած վէպերուն եւ աւանդութեանց մէջ։

Կը յիշեմ հոս նաեւ, որ իբրեւ 14 տարի յառաջ Վանայ Վարագայ սարի ստորոտները՝ Կարմրւորայ վանքի առջեւը, գտնուեցաւ մէկ անհեթեթ մեծութեամբ գլուխ մը՝ վանահայր ծեր Բարդուղիմէոս վ.-ի ձեռքով, այն տեղը, ուր այգի փորեց ու տնկեց եւ այդ գլուխը նոր շինած ջաղացքին մօտը անյայտ թաղեց։ Եթէ քրքրուէին հոն եւ շատ մը տեղեր յայտնի երեւցած դերբուկները, ինչե՞ր պիտի դուրս գային գիտութեան ի պէտս։

ԻԳ

Բինգէօլ՝ այն բարձր եւ աննման լեռն է, որ մեծ եւ փոքր Հայաստանի կեդրոնը կամ սրտի վրան բուսած է եւ որ ամէն հիներէն եւ նորերէն կը համարուի Ադամայ Եդեմ դրախտը։ Ինքն անկցորդ է Տօրոսի լեռներու գօտւոյն եւ Ծաղկեայ լերանց շղթային։ Ասոր գագաթն ելլողը կը վայելէ անապական օդ։ Շատ ջինջ կ՚երեւայ իրեն երկնից եթերը եւ, քիչ մը ի խոնարհ առնելով իւր աչքերը, շուրջանակի կը տեսնէ Հայաստանի ամէն կողմերը, կ՚ողջունէ Մասիսները եւ Արագած հանդերձ համայն հիւսիսականօք եւ արեւելեան կողմամբ։ Արմաւրի եւ Դւնայ աւերակաց փոշիները կը նշմարէ իբրեւ արեւուն շողին շամանդաղը, որք կուգան հոտաւէտելու այս լերան անթիւ ծաղկանց կոկոններն ու թերթերը։

Այստեղ Անիին գմբէթներուն ու բերդերու բեկորներուն վրայ վայող բուերու արձագանգն ու սոյլը կը բերէ գարնան սիւքը եւ կը խառնէ Բինգէօլի բիւլբիւլներուն եւ հովուաց սրինգներու ձայները անուշցընելու. Վասպուրականի ծովը, Տիգրանակերտն իւր Միջագետով, Ծոփք, Բալա հովիտն, Երիզա՝ Դերջանով, Կարինը՝ կրկին Բասէնով, Բինգէօլէն կ՚երեւին սրատեսաց. եւ ասոնք Բինգէօլէն ջուր կ՚ընդունին։

Արդէն Վարդօ, Խնուս, Շուշար, Գօյնուգ, Քղի, Ճապաղջուր, Կարնոյ հովիտը, ասոնք բոլոր Բինգէօլի ածուներն են, եւ բնակիչքը անկէց իրենց հացն ու ջուրը կ՚ընդունին։ Տեսե՞ր ես հայոց հին քերականներուն մէջ հալւոր Յակոբ նահապետի պատկերը, որ ընկողմնած կը քնանայ, եւ իւր պորտէն մէկ ծառ կը բարձրանայ բազմոստեայ. եւ ոստերուն վրայի պտուղներն են Իսրայէլի նահապետք եւ թագաւորք։ Տո՛ւր Հայաստանին ալ մի այդպիսի այրական պատկեր, որ ընկողմնած լինի իւր պառեկին վրայ, անոր գանգն արա՛ Մասիսը եւ աղեղնաձեւ դաշտն Արարատայ՝ անոր յօնքեր։ Պինչերը կամ ռնգունք՝ ծով Կապուտան եւ ծով Գեղամայ, իսկ աչերը՝ դառն ու աղի լիճեր Որմեայ եւ Աղթամարայ։ Իւր մէկ թեւը տարածէ հիւսիսէն Կասպից ծովի ափերով եւ ձեռքի մատները ցից պահելով, կը ձեւանայ Կովկասը։ Հարաւէն Վասպուրականի սահմանագլխով պարզէ իւր միւս թեւը մինչ ի Ծոցն Պարսից եւ թաթիկն բաց արած լինի՝ Միջագետք է դաշտն Թէերայ։ Իւր ոտները ձիգ երկարցուցած հասնի մինչեւ ի Կապադովկիա եւ Կիլիկիա, եւ այն ժամանակ Բինգէօլը այդ պառկածին ճիշդ պորտն եղած կը լինի։ Միւս լեռները դիւրին է յարմարցընել կողերուն, սրտի տախտակին, թոքին, պօլօճիկներաց, ողնաշարին։ Գետերն արա՛ արեան երակ եւ անտառ ու մացառ՝ անոր մորթի մազերը եւ այլն։ Բայց ի քուն եւ ընկողմնած լինի նա, ոչ արթուն եւ ոչ ոտքի վրայ, ոչ աշխատի, ոչ ուտէ, ոչ իւր տեղէն ու դիրքէն երերայ։ Շնչէ միայն, եւ թոքերը տրոփեն, սիրտը բաբախէ, բազկերակը զարնէ, պորտը բաց ու խուփ անէ։ Բինգէօլը դժնդակ տարտարոս մ՚ է ձմեռուան եղանակին եւ դրախտ բացեալ՝ ի գարնան եւ ամռան։ Բինգէօլը վեհ եւ ահաւոր չէ, այլ սիրուն։ Թագաւորի չի նմանիր, այլ թագուհւոյ. քնքուշ է եւ փափուկ, կոյս մ՚ է պճնազարդ եւ փափկասուն. շնորհաց լեառն է, քան թէ քաջաց եւ դիւցազանց. ասոր համար իւր վրայ եղած վէպերը ոչ ազնաւուրի, ոչ դեւի, ոչ յաղթողի եւ ոչ զինուորի ու թագաւորի են. այլ սիրոյ, զուարճութեան, առողջութեան, գեղոյ եւ զարդու, անուշութեան, պարարտութեան, գուսանութեան։ Որովհետեւ ասոր բիւրաղբերաց եւ հազար ականց բոլորը բիւր տեսակ բուսոց եւ ծաղկանց փռուած են։ Ջրարբի մարգեր, ամենադալար բանջարներ եւ խոտեր իրենց արմատներով, ուտելու, բուժելու, գոյն գոյն ներկելու կը գործածեն։ Իւր վայրի կենդանիները առիւծ եւ վագր չեն, այլ եղնիկ եւ այծեամն։

Հոն նախրի կովերը, մատակ ձիերը, խաշանց մաքիները հօտով կ՚արածան. հորթ, քուռակ եւ գառներ կը ծնանին։ Հաւերը, իրենց ձուերը ծաղկանց բոյլերու մէջ ածելով, թուխս կը նստին եւ ձագերով կը թռչտին։

Հոս զբօսասէրները կուգան ուրախանալու, հիւանդները, օդ եւ ջուր ծծելով, կեանքը նորոգելու‚ կոյսեր եւ հարսները՝ ձեռագործի թելերը ներկելու համար ծաղիկ եւ արմատ ժողովելու, ժրաջան տանտիկինները՝ բանջար ժողվելու, բժիշկները՝ դեղ ու դարմանի համար ամէն բոյսէն ծիլ մը կամ ծաղիկ մը կամ թուփ մը առնելու. իսկ մեղուներու տզզոցն ու բզզոցը հիանալի ներդաշնակ մը կուտան մարդկանց եւ թռչնոց երգերուն, անասնոց բառաչին, գորտերու կառաչին, գլգլացող առուակին եւ սուլացող սիւքի ձայնին։ Անթիւ անհամար մեղուներ։ Բայց միեւնոյն ժամանակ օձերն ալ կը սողոսկին այդ ծաղկանց կողակի քովերէն, իրենք ալ կ՚առնեն միեւնոյն ծաղիկներէն հիւթը եւ կը վայելեն սուրբ օդը։ Հոս մեղուներով մեղր կը շինուի եւ օձերով՝ թոյն։

Տաճկերէն լեզուով գովասանք տէստէն խաղ մը կայ Բինգէօլի վրայ, զոր շատ գաւառներու բնակիչներ գիտեն եւ սրտագին ու մխմխուն եղանակաւ մը կ՚երգեն, որոյ սկիզբն է «Աղալ բահար աղըլտի», եւ նագարաթն է «Ախար կիտէր Բինգէօլի»։ Սքանչելի նկարագիր եւ դիմառնական ոճ մը ունի այս խաղը, որով լերան բարեվայելչութիւնը կը գովէ երգիչը, եւ արարածները կը հրաւիրէ հոն Աստուծոյ սքանչելիքը տեսնել վայելել, կեանք առնուլ, եւ թէ ի՛նչպէս անմահական ջուրեր կը բաշխէ երկրին եւ այլն։

Շատ ցաւ է ինձ, որ ինչպէս շատ տեղերու, նոյնպէս եւ Բինգէօլի բազմամասն վէպերը ամբողջ չեմ կրցեր ձեռք բերել։ Մէկը միայն պատմեմ հոս։

Մի քիւրդ հովիւ Բինգէօլի լեռը գառներ կ՚արածայ եղեր։ Օր մը կը տեսնէ, որ մէկ վիրաւորուած, մէկ ջախջախուած եւ մէկ ալ քոսոտած երեք օձեր կուգան ջրերու ակունքներէն մէկին ափը, ծաղիկէ մը մէկ-մէկ թերթ կը փրցընեն կ՚ուտեն եւ, մտնելով այն ջուրին մէջ, կը լողանան՝ բաւական միջոց մնալով ի ջուր։ Հովիւը, որ անթարթ աչօք կը նայէր անոնց, յանկարծ կը տեսնայ, որ երեքը մէկէն առողջ, առոյգ եւ աշխոյժ սողալով դուրս կ՚ելլեն ջրէն՝ ապաքինած, եւ արագ-արագ կը սահին կ՚անցնին հովուի աչքէն անհետ։ Այս հովուի տէրը երեւելի հարուստ մի Քիւրդ է եղեր՝ երկար ժամանակէ հետէ քոսոտած, ախտացած։ Կը վազէ հովիւը եւ իւր տեսածը պատմելով, կը վերցընեն տէրը, կը բերեն այն տեղ, բայց անհնարին կը լինի հովուին ճանաչել, թէ ո՞րն էր այն ծաղիկն եւ այն ակն։ Եւ որովհետեւ մէկ չէ, հազար չէ աղբիւրն ու ծաղիկն այն տեղին, որ փորձի համար ուտէր եւ խմէր, ու միանգամայն թունաւոր լինելէ ալ կասկած ընելով, խեղճ քոսոտ Քիւրդը կը նեղանայ հովուին, թէ ինչու չէ կրցեր նշանել, միտ պահել ծաղիկն ու ակն։ Հովիւը կը պատասխանէ. «Բինգէօլ, հէզար գէօլ. աղ չի՞ զանըմ քիժան գէօլ» (Բիւր ակն, հազար ակն, ես ի՞նչ գիտեմ՝ ո՛ր այն ակն)։ Եւ այս է եղեր իբր թէ տեղւոյն անուանակոչութեան սկիզբը՝ ըստ պատմելոյ ոմանց։ Բայց այդ լեռն իւր հին անունն ունի եւ իւր հնագոյն վէպերը։ Այս վէպիս մէջն ալ եթէ դերասանները Քիւրդ կը ներկայանան, ինչպէս շատ քրդերէն ու տաճկերէն լեզուով ասացուածքներ, թէ՛ երգ եւ թէ՛ զրուցատրութիւն եւ թէ՛ բառեր ու բառերու յարմարական ստուգաբանութիւնք կան։ Ադոնց հեղինակ Հայ եղած են անշուշտ։ Բայց երբ շատ անգամ հայերը գաղթեր ու փախչեր են կամ կրօնափոխ եղեր են‚ ասոնց տեղը գրաւող Քրդերը իրենց լսածը իրենց լեզուով սկսեր են պահել ու պատմել. կամ կրօնքն ու լեզուն փոխող հայերը այս վէպերն ալ իրենց լեզուին հետ փոխած են։ Որչափ խաղեր կան քրդերէն ու տաճկերէն լեզուով, բայց ըստ որում, անոնց նիւթը հայոց տեղեր, հայոց դէպքեր եւ անձինք կը ներկայացընեն, անոնց յօրինողներն Հայ եղած են, սակայն օտար լեզուով յօրինած, ինչպէս որ մինչեւ այսօր ալ յօրինողներ կան։ Նոյնիսկ Քրդերու եւ Տաճկաց կեանքին վերաբերեալ խաղերէն ալ շատը կը յօրինեն Հայեր։ Ընդհանրապէս քիչ են Քրդերէ ու Տաճիկներէ աշուղները Հայաստանի մէջ. այդ երկիրը եւ այդ կլիման Հայուն է թողուցեր այդ միակ ձիրքը, որ անկողոպտելի է մնացեր։ Այդ երկիրը կ՚ըսեմ, որ Քիւրդիստան չէ, ինչպէս անգթութեամբ եւ անգիտութեամբ կ՚անուանեն ոմանք, այլ տակաւին մինչեւ այսօր եւ մինչեւ յաւիտեան Հայաստան է ու Հայաստան պիտի մնայ։

ԻԴ

Բինգէօլէն վար եղած Արօս եւ Սարլու գեղերէն անցնելով՝ կը մտնանք այն ձորը, որ Ղզլճու ձոր կ՚ըսուի, եւ գետ մը կ՚անցնի ձորամիջով։ Գետնատակի ճանապարհ մը կայ հոն։ Ելլելով անկէց՝ կը բարձրանայ ուղեւորը լերան այն գօտիին վրայ, որոյ ստորոտն է Վարդուայ հովիտը։ Տեղագրութիւն չպիտի ընեմ ես. այս ձորերու, ջրերու, գեղերու վայելչութիւնը չպիտի գրեմ։ Վարդօն շրջապատող գեղեցիկ լեռնագօտիէն, որ Բինգէօլի մասերն են կամ նոյն իսկ Բինգէօլը, կը տեսնուի այդ լեռներու քարեայ մասերուն մէջ բազմաթիւ քարայրեր։ Ադոնցմէ ո՛րը աւազակաց վայր է, ո՛րը վայրի կենդանեաց եւ աղուէսուց որջ են եւ թռչնոց բոյն, ո՛րը գեղի ոչխարաց իբրեւ գոմ կը ծառայեցընեն, գոմ՝ քանի մը հազար ոչխարաց բաւական, ո՛րը ճգնաւորի տեղ կը կարծեն։ Իսկ մէկ քանիները մեղուներուն փեթակ են, որոց մէջ յաւիտենից շինուած կուտուած մեղրերը, մերթ ընդ մերթ զեղլով, ծակերէն դուրս ծորած են, եւ տեղ-տեղ ալ այրերուն դռները ժամանակի ծանր ձեռքով անյայտացած եւ ընդ հողով ծածկուած ըլլալով, զայն կամ հեղեղ մը, կամ վայրի խոզի կնճիթ մը, որ միշտ հող կը փորէ, կամ կռուան գոմէշի մը կոտոշները, որ գարնան նոր արեւ հանուած ժամանակ կը փնչփնչայ եւ, ճակատը ու կոտոշները ուժգին դափրելով, ծառերու արմատին, քարին կամ հողին կը զարնէ, ուժով կը քրքրէ, այս առիթներով կը գտնուին։ Այդ այրերը ինձ շատ հնագոյն կը թուին կամ այն ժամանակուան մարդոցմէ մնացած, որոց մէջ տուն շինելու ճաշակն ու ճարտարութիւնը չէր տարածուած եւ ընդհանրացած եւ, միայն հողը փորելով եւ այսպէս քարայրներ գտնելով կամ շինելով, մէջը բնակած են. կա՛մ անթիւ ու ամեհի գազաններէն պաշտպանուելու համար ըրած են, կա՛մ, ինչպէս մեր պատմութիւնները ցոյց կուտան, բարբարոս ազգաց արշաւանաց ու ասպատակութեանց օրերու մէջ մարդիկ իրենց գոյքը եւ ստացուածքը, շատ անգամ ալ կանայք ու մանկտիք, ապաստան դրած են հոն ու իրենք դիմեր են ի ճակատամարտ։

Այս վերջին ակնարկս շատ տեղեր յայտնի կը գրեն պատմիչները, ինչպէս Փարպեցին, Վարդանանց պատերազմէն ետքը, կ՚ըսէ. «Մնացեալքն փախեան ի ծերպս եւ ի խորշս լերանց Խաղտեաց յապաստան անմատչելի»։ Թաթարաց արշաւանաց ժամանակ, նոյնպէս կը յիշուի մեր պատմիչներէն եւ այլ ուրիշ տեղեր ու ժամանակները։ Քարայրերը միայն Վարդօ չեն, այլ գրեթէ Հայաստանի ամէն գաւառներու մէջ լցուն են։ Այրեր, որոնք ո՜վ գիտէ ո՛ր դարու յիշատակները եւ կեանքի ու դէպքերու պատմութեան ի՞նչ թանգ ու հետաքրքրական գանձեր ունին թագուցած իրենց մէջ, որք կը մնան անհետազօտելի։ Այս տեսակ այրերէն շատը բնական եղած կը թուին։ Շատեր ալ կան, որոց մէջ կռաններու հետքը կը նշմարուի։

ԻԵ

Տարօնոյ դաշտի բերանը՝ Աշտիշատայ մօտ, կայ մի գեղ, զոր այսօր Բաղչայ կը կոչեն տեղացիք, բայց Տարօնոյ պատմիչ Յովհաննէս եպիսկոպոսը Վիշապն անուն կուտայ այն տեղին եւ քաղաք կը կոչէ, ինչպէս նաեւ Գայլ Վահանի ժամանակ Օձ քաղաք կը պատմէ Տարօնոյ դաշտի արեւելեան հարաւի կողմը, ուր շամբեր կան, Մեղրագետի ական քով։ Օձ քաղաքի հետքերը, աւերակները, ինչպէս նաեւ անունն ալ կան ցայսօր, եւ քանի մը տուն ալ բնակիչ ունի մէջը, իբրեւ գեղացի, Մուշեղշէն անունով գեղին մօտ։ Օձ եւ վիշապը երբեմն Հայկազն Երուանդեան Տիգրանի ժամանակ հայկական դրօշակի նշանն էր, Աժդահակը սպաննելուն յիշատակ։ Բայց, ինչպէս առիթ ունեցանք Դաղօնաց օձերու թագաւորութիւնը յիշելու, հոս միտքս կուգայ, թէ միեւնոյն կերպով վէպեր կան նաեւ Հայաստանի ուրիշ գաւառաց մէջ ալ։ Եւ երբ զօրաւոր ու հուժկու մարդու նմանութիւն տալ ուզեն, օձու եւ վիշապի կը նմանցընեն։ Օձը հմայութեանց արհեստին մէջ ալ գործածուած է միշտ։ Մինչեւ ցայսօր ալ օձու շապիկ կը դնեն իրենց ծոցերը կամ գլխարկին մէջ, որպէսզի օձերը չխայթեն զիրենք։ Կայ եւ մի սովորութիւն ալ, որ օձու, կարիճի եւ այլ այսպիսեաց ձեւը մանր ուլնիկներով կը շարեն եւ կը կարեն երախայից գտակին կամ հագած հագուստին վրայ։ Իհարկէ օձն ու կարիճը իբրեւ զարդ չեն գործածեր, այլ ուրիշ խորհուրդ մը ունին։ Վիշապը թերեւս իւր ահաւորութեամբ ի հնումն պաշտուած ալ լինի ի Հայոց։ Արդէն սովորաբար մարդիկ Աստուծոյ տեղ կը դնէին մէկ մը զայն, որ հաճոյք եւ բարիք կը սփռէր, մէկ մ՚ ալ զայն, որմէ երկիւղ եւ պատուհաս կը կրէին. վերջինէն են օձն ու վիշապ։ Օձերու եւ վիշապներու վրայ ընդհանրապէս հայ ժողովրդեան վէպերուն մէջ կարծիք կայ, թէ անմահ են անոնք, եթէ չսպաննուին մարդերէ, եւ այս կարծեաց համաձայնելու համար կը խօսին, թէ օձը իւր շապիկը փոխելով կը նորոգուի, եւ թէ աղբիւր եւ ծաղիկ մը կայ, զոր կը ճանչնան օձերը, որ օձերուն անմահութիւն կուտայ։ Վանայ պառաւներուն մէկ վէպը կայ, թէ վիշապը, երբ հազար տարեկան լինի, շատ սարսափելի կը մեծնայ։ Հրեշտակները երկինքէն կ՚իջնեն‚ շղթայով կը կապեն ու կը քաշեն վեր, այնքան կը բարձրացընեն մինչեւ արեւուն մօտ հանելով, ուր կիզիչ հուրը կը վառէ ու մոխիր կը դարձընէ զայն։ Կը յաւելուն, թէ մեծ շառաչիւնի ձայներ կը լսուին երկինքը քաշած ժամանակ։ Թէ՝ երբեմն այնքան կը գալարի, որ պոչը կը փրթի, վար կ՚իյնայ։ Եւ որովհետեւ, ինչպէս օձին ջրայինն ու ցամաքայինը կայ, նոյնպէս ալ վիշապին, ուստի կ՚ըսեն, թէ տեսնուած է երբեմն Վանայ ծովուն մէջէն, երբեմն ալ ամայի լեռներէն վիշապներուն երկինք քաշուիլը։ Գուցէ թաթառ հողմի նկարագիրն է սա, որ ծովէն ջուր եւ ցամաքէն փոշի, ծառ ու քար կը բարձրացընէ յամպս եւ ի վայր կը թափէ։

Կ՚ըսեն նաեւ, թէ այդ վիշապը վարսեր եւ թեւեր ունի։ Թէ՝ երբեմն սաստիկ ջուր կը փչէ երկրի վրայ։ Թէ՝ վառուելէն ետք մոխիրը վար կը թափի կը տեսնուի։ Թէ՝ երբեմն ալ երկնքի բարձրութենէն կը թողուն հրեշտակները, որ իյնայ վիշապը սարի մը վրայ, եւ ամենամանր փշրուի, թէ՝ եթէ երկինք չքաշեն, երկիրը պիտի կուլ տայ։ Թէ՝ Վանայ ծովու մէջ կայ վիշապի բոյնը, այն տեղը ահագին վիշապ մը կայ, որ բոլոր ծովու յատակը բռներ է, ու հրեշտակները միշտ կը զարնեն, կը վիրաւորեն անոր պոչը, որ չմեծնայ եւ ծովն ու ցամաքը կլլէ եւ այլն։ Կարծես Յոբայ պատմած Լեւիաթանի նմանութիւնը կուտան այս վիշապին։ Ընդհանրապէս քարայրերու համար կը վիպեն, թէ վիշապի բոյն է, եւ թէ հազարաւոր օձեր կը լինին այն տեղերը։

ԻԶ

Զիզեռն կամ Ծիծեռն աւան մի է՝ յիշատակուած Տարօնոյ պատմութեան մէջ։ Մինչեւ ցայսօր ալ Զիզեռն կ՚անուանեն այն աւերակին‚ որ Ս. Կարապետի վանքի ստորոտը՝ Մշոյ դաշտի ծայրը, Զիարաթ գեղին եւ Խարաբէգ գեղին մէջտեղը կ՚իյնայ։ Զիարաթու բնակիչները կը պատմեն, թէ. «Գիշերները սանդի քար մը կ՚երեւայ Ծիծեռնի աւերակին մէջ, եւ շատերս տեսեր եմք, երբ ամառ գիշերները այն տեղերը լուսնակի լուսուն խոտ կը քաղեմք, բայց ցերեկները չտեսնուիր. քանի մը անգամ գնացեր եմք սայլ բերելու, որ բառնանք այդ սանդը, տանինք գեղը, անտես եղեր է», եւ իբր թէ աւանդութիւն կայ եղեր, թէ այդ տեղը գանձ կայ թաղուած, բայց անոր թըլըսըմը գիտնալու է, որ հանուի։ Այս կարծիքը ամէն գաւառի բնակիչներն ունին. ուր որ բլրակ մը, կամ աւերածակոյտ մը տեսնաս, անոր վրայ կ՚սկսին պատմութիւն ընել, թէ գանձ կայ, բայց թըլըսըմը գիտնալու է, ռամ ձգելու է, որ գտնուի։ Ռամն ու թըլըսըմը մէկդի թողլով, որ խաբէութեան խօսք եւ հնարք մի է, բայց, գանձ կայ ըսելէն, այս ընդհանուր կարծիքէն, կարելի է հետեւցընել, թէ նախնիք իրենց ոսկին ու արծաթը, դրամն ու ակունք, զարդեր եւ թանգ նիւթերը նշանով տեղ մը կամ իրենց տանց հիմերու տակը, կամ գերեզմանները կը խորէին, ինչպէս պատմագրութեանց մէջ ալ ըսածիս վկայութիւնը կը տեսնուի շատ տեղ։ Զորօրինակ, Վասակայ համար կ՚ըսէ Սուրբ Եղիշէն. երբ Յազկերտի բանտը ձգուած էր եւ անոր ամէն զարդն ու հարստութիւնը կողոպտեցին, կ՚ստիպէին, որ եթէ նախնեաց գերեզմանները թաղուած գանձ մնացեր է, հանել բերել տայ։ Ընդհանրապէս ալ այս կարծիքն էր Պարսից, երբ Երիզու Անի ամրոցէն, Թիլէն եւ Թորդանէն Արշակունի թագաւորաց գերեզմանները կը կրկտէին ու ոսկորները կը հանէին։ Ցայսօր ալ նշանաւոր շիրիմ մը եւ դամբարան մը ուր որ գիտեն Հայերը, կը կարծեն, թէ գանձ կայ անոր մէջ կամ անոր կից։ Այս սովորութեան առիթ տուած է կա՛մ բարբարոսաց ու յափշտակողաց երկիւղը, կա՛մ ագահութիւնը։ Ես գիտեմ, որ 1872-ին Վանայ պարսպէն դուրս հին գերեզմաննոցի մը մէջէն տղաքները, գետնափոր խաղալով, պուտուկ մը լեցուն արծաթէ դրամ գտան։ Մշոյ Փողրկով գեղի առջեւ մեծ առուի մը շուրթն դարափուլ մը կար, ուր հորթարածները բղիկով մը ոսկի գտած էին. եւ Կնճայ լեռներուն ամրոցներու աւերակներէն հին ոսկիներ գտած էին Քրդերը, որոցմէ քանի մը հատ գնած էր Զիարաթ գեղի ոսկերիչ Ովէն։

1869 թուին Գլակայ վանքի միաբան իննսունամեայ Մեսրովբ վարդապետը վախճանեցաւ, որ հողէ բղիկ մը լցուն արծաթ մէճիտիյէ եւ ռուսի արծաթ մանէթները անշէն սենեկի մը մէջ ընդ հողով թաղած էր։ Կայ մարդ, որ իւր տանը պատին մէջ կը դնէ իւր գանձը եւ քարով աղիւսով կը շարէ, կայ, որ սենեկի կամ բակի յատակի աղիւսին կամ սալի մը ներքեւ կը փորէ, կը խորէ եւ այլն։

ԻԷ

Եթէ Տարօնոյ շուրջը գտնուած Կինճայ եւ Ճապաղջուրայ լեռներուն ու ձորերուն մէջ եղած զանազան անուն եւ վէպ ունեցող գեղերը, տեղերը, ջրերը ու քարայրերը մեր տեսութեան ու գրութեան ենթարկենք, ասոնք ամէնն ալ երկարապատում զրոյցներու նիւթ ունին, որք արժանի են յատուկ մանրամասն նկարագրութեան եւ վիպագրութեան։ Թէ՝ ի՞նչպէս Եփրատը, երբ Մշոյ դաշտը կը մտնէ, Կնճան սարերու մէջ զարնուելով քարերուն, նեղ կիրճով մը սղմուելով՝ գո՜ւռ-գո՜ւռ ձայն մը կ՚արձակէ, եւ այդ տեղը կը կոչուի Գուռգուռայ, ուր Աստղիկի լոգարանն է եղեր։ Եւ քանզի գիշերները լուացուելու սովորութիւն ունէր Աստղիկը, Դաղօնայ սարին վրայ մեծ կրակ կը վառէին տարփաւոր կտրիճները, որոյ լուսով կը դիտէին Աստղիկի չքնաղ գեղեցկութիւնը։ Հնարած է Աստղիկը, որ մշուշ պատէ այն ամբողջ միջավայրը, այսինքն Մշոյ դաշտն ծագաց ի ծագս, թէ ամառն, թէ ձմեռն, մինչ ի ծունկս սարերուն, որով անհնարին կը լինի որեւիցէ կողմի լեռներէն տեսնուիլ. եւ գուցէ այս շարունակ եւ թանձր մշուշէն այդ երկիրը կոչուած լինի նաեւ Մուշ։ Արդէն բնակիչք այս երկտող հագներգը կ՚երգեն.

«Մշոյ սարեր մշուշ է‚
Իւր հողն ու ջուրն անոյշ է»։

ԻԸ

Եփրատի հետ ներս երթալով՝ կիրճի կապաններով եւ ջրափի մացառներու եւ ձորավայրի միջով կը հասնիս նեղ ու պստիկ երկնքի մը տակ ի լեռնամէջ։ Հոն կ՚երեւի բերդ մը կլորաձեւ, մէկ կողմէն ցամաքին կից, իբրեւ հրուանդան եւ երեք կողմով Եփրատի լճացած ջրերով շրջապատ. ջրէն պատուած երեք բաժինն ալ լերջ եւ սահուն ապառաժ են, իսկ գագաթը տափարակ, ինչպէս գլուխէն դանակով կտրած խնձոր մը։ Եփրատին ջուրը ճիշդ օղակ կամ օղամանեակի ձեւով կը փաթթուի այդ բերդին ու կ՚անցնի կ՚երթայ իւր երկայն ուղին. այս բերդն է անառիկն եւ անմատչելին Ողկան՝ միշտ նշանաւոր Տրդատէն յառաջ, Տրդատին ժամանակ եւ Մամիկոնեանց օրերուն, որ իւր հետն ունի դարաւոր պատմութեանց յիշատակները։

Գուռգուռին մէկ քովն է Սեղանսար, որոյ գագաթը ուղիղ տափարակ է ճիշդ սեղանաձեւ, իսկ Գուռգուռին միւս ափն է Սեւ սարն կամ Սեմն, այն է Տօրոսը, որ Մշոյ սար ալ կ՚ըսուի՝ զանազան գլուխներու բաժնուած, բայց, իբրեւ մէկ տան մէջ մէկ գերդաստանի անդամք, իրարու մօտ ծունկ ծնկի, դէմ դէմի պուպուզած, ձորերով, վտակներով, դեղերով լի։ Անթովք լեառն այս լերանց մեծ եղբայրն է ամէնէն բարձր։ Մարութան կամ Մարաթու լեառն ասոնց մէջ սուրբ եւ բարեպաշտն է, որ Մարութա ճգնաւորին եւ եպիսկոպոսին անունով յորջորջուած կը թուի. այն՝ որ սուրբ Շմաւոն եպիսկոպոսի եւ Արեւելեան վկայից նշխարները ի Պարսից բերաւ եւ բիւրաւոր մասունքներ ժողովեց ու մարտիրոսաց քաղաք Նփրկերտը շինեց, որ հեռի չէ այս լեռնէն։ Սասունք կամ Սասնոյ լեառն, որ եղբարց մէջ ամէնէն զօրեղն է եւ անպարտելին՝ երկաթէ կողերովն ու քարոտ գլխովն, եւ որ ասպնջական եղած է Ասորւոց Սենեքերիմ արքայի որդւոց՝ Ադրամէլիքին եւ Սանասարին, Քրիստոսէն հազարաւոր տարի յառաջ։

Ծովասար լեառն անոնց գեղեցիկ քոյրն է, որ Առաքելոց վանքին մօտ է եւ պստիկ ծով մը ունենալով իւր գագաթը՝ այս անունով կոչուած է։ Այս ծովակին շուրջ բուսած պարկեշտ մանիշակները երկնագոյն մարգեր կը ցուցընեն, եւ անթիւ են տեսակ ու գոյն զանազան ծաղկանց, որ կ՚զմայլեցընեն արարածները իրենց տեսքով ու գոյնով։ Իսկ խաւարծիլն աննման ու յոյժ պատուական է այս սարին։

Խոյթը, թէպէտ անոնց մէկ կտորն է, բայց խորթ է. դար ու փոս եւ քարուտ դիրք մը ունի՝ կարծր եւ ծուռ ու մուռ փայտերով սաղարթալի, որոյ բնակիչներն ալ նոյնպէս կոշտ, սոպռ եւ ամեհի մարդիկ են մինչեւ ցայսօր։ Խոյթէն կ՚իջնաս Սալնոյ ձոր, ուր Բաղէշն է։ Եւ Ազնուաձոր, որ Գիւզէլտէրէ կը կոչուի։ Կ՚երթաս Կարճկան, Վանայ ծովափը եւ, Սորփ գեղէն անցնելով, մի երկար եւ ձիու կողի ձեւ ունեցող կապուտ գունով լեռ մը կը տեսնես։ Այն է Կապուտկող։ Անկէց Ռշտունիք, Արտօս լեռը, Ոստան, Հայոց ձոր, Վան կամ Տոսպ գաւառը։

ԻԹ

Ընթերցողին յայտնի է, թէ ո՞րչափ շտապաւ կը թռչի գրիչս՝ առանց ուշադրութիւն ընելու վերոյիշածս եւ չյիշածս լերանց, դարեւանդաց, բլրոց եւ ամենայն վայրաց նկարագիրն ու վէպերն ներկայացընելու։ Ես նպատակ ունիմ յառաջ վազելու։ Եւ որովհետեւ այս իմ գրական գործս իբրեւ յուշարար եւ ծրագիր կ՚ուզեմ ներկայացընել, բաւականէն աւելին չեմ ուզեր երկարել։ Որքան ձեռնհաս եղեր ու հաւաքեր եմ եւ որքան եւս պատեհութիւն ունենամ հաւաքելու, զանոնք ալ զատ գործ կ՚ընեմ, կամ այլոց քան զիս հմտագունից եւ աշխատասիրաց կ՚առաջարկեմ։

Ես չյիշեցի այն կողմերը գտնուած հանքային ջրերը, որոց մէջ նշանաւորն է ի Վարդօ Լալուզարոյ ջերմուկները։

Ես չյիշեցի Ճապաղջուրի մէջ եղած զռնեխի ու զաճի հանքեր եւ այն երկրի ստորագրութիւնը եւ աւանդական խօսքերը։

Ես չյիշեցի Կինճ լերանց եւ անոր բերդերուն ու ձորերուն անունները, անոնց բնակչաց նախկին եւ արդի անկախ, բայց վայրենական ապրուստը. ուր քրդերու բազմաթիւ ամիրաները կը բնակին։

Ես չյիշեցի Սասնոյ եւ Խոյթայ հին ու ներկայիս բնակիչները. եւ թէ անոնց ծոցերու մէջ ի՞նչ գեղեր, ի՞նչ կտրիճներ կը գտնուին հայոց եւ քրդաց, որոց կանայքն անգամ զինեալ են, եւ իրենց զէնքն ու վառօդն իրենք կը շինեն։ Թէ՝ ի՞նչ սքանչելի բան կը լինէր այս ամէնուն կենցաղավարութեանը նկարագրին հետ եւ իրենց զգեստուց ձեւն ու կեանքի զբաղմունքը ստորագրուէր, կամ անոնց պատկերները լուսանկարով հանուէր։ Թէ՝ Մշոյ լերանց շղթային վրայ քանի՛ քանի՛ բերդեր կային‚ անոնցմէ քանիսը Մուշեղի անունով են. եւ մնացեալները որո՞ց անուն կը կրեն։ Թէ ո՞րն է Ոսպան բլուրն։ Թէ քանի՞ գեղեր կան այդ լերանց ստորոտները եւ դաշտի մէջը՝ հնագոյն, որոց անունները կ՚ստուգաբանուին, եւ ամէն մէկ անունը մէկ-մէկ պատմութեան մատեան են անցելոյն։

Ես չյիշեցի Սլկունեանց ցեղի տիրապետութիւնը Տարօնոյ երկրին, թէ որքա՜ն հին եւ քաջ եղած են Մամիկոնեանց հոն գալէն յառաջ, թէ ի՞նչ զրոյցներ կան անոնց վրայ եւ թէ ի՞նչպէս դեռ կայ գեղ մի հայոց Սալքան կամ Սալկուն անունով։

Ես չյիշեցի այդ երկիրներու մէջ եւ սարերու վրայ բնակող քրդերու թիւն ու ցեղերը, եւ թէ ի՞նչ են այդ ցեղերու անունները եւ ի՞նչ գիտելիք անոնց ծագման ու կեանքին վրայ։ Զորօրինակ‚ Հասնանցիք, որ Մըմըկանի ալ կ՚ըսուին. «Մամիկոնեան տունն ենք մենք»,- կ՚ըսեն։ Պըչըգցիք, որ ծեք հայերէն կը խօսին, նոյնպէս. «Հայ եմք եղեր‚ կ՚ըսեն,- ու մեր ազատութեան համար զէնքը չձգեցինք, հաւատքը փոխեցինք»։ Թէ ուստի՞ են եւ որքա՞ն Զազայ Քրդերն եւ ի՞նչ անոնց կեանքը։

Ես չյիշեցի այն ամէն շէյիդ ըսուած գերեզմանները, զորս Քրդերը կը պատուեն, եւ շատ տեղ Հայն ալ Քրդին հետ ուխտի կ՚երթայ հոն։ Բայց ո՞վ են այդ գերեզմաններու ննջեցեալները, որք առհասարակ ծառերու պրակներով շրջապատուած կը լինին եւ դարերու վրայ բարձրադիր։ Ասոնք կա՛մ հայոցմէ պատուուած ճգնաւորի մը, կա՛մ նահատակի մը շիրիմ են, կա՛մ կռուի մը մէջ ինկած քաջի մը. թշնամեաց գնդէն, կամ հայրենեաց ու կրօնի պաշտպաններէն, ինչպէս է այն շէյիդը՝ Գլակայ վանքի եւ Կըվարսայ մէջտեղ, ուր ըստ պատմութեան Զենոբայ՝ կա՛մ Արձան Քրմապետն է, որ արձանացաւ Արծրունի նախարարին զարկէն, կամ Գեթռեհոնն է, որ թաւալեցաւ Տրդատի բազուկէն։ Տեսած եմ հին Նախիջեւանու գերեզմանատան մէջ մի ցած կամարով ծածկուած շատ հին գերեզման, զոր Հայք եւ Պարսիկք Նոյի գերեզման կ՚անուանեն։ Նոյն օրինակ մի գերեզման եւս Մարանդ քաղաքի մէջ կայ, ուր բնակիչք բոլորովին Պարսիկ են, բայց ճրագալուսով կը պատուեն այն շիրիմը եւ կը պատմեն, թէ Նոյայ կնոջ գերեզմանն է, ինչպէս որ մեր հնագէտքն ալ Մարանդ անունը կ՚ըստուգաբանեն ՄԱՅՐ ԱՆԴ։

Ես չյիշեցի այնքան աւեր եւ շէն եկեղեցիները, վանքերը, մատուռները եւ անոնց վերաբերեալ պատմական հրաշքները եւ աւանդական խօսքերը։

Լ

Զորօրինակ։

Մշոյ Սուրբ Կարապետի վանքը կայ մի կաղ դեւ, որ վառուած կրակներու մոխիրը կը շալակէ, գետնի տակով կը տանի երկու աւուր ճանապարհ դէպ ի Տիգրանակերտ։ Փրէբաթման գեղին մօտ կը թափէ, որմէ մեծ բլուր մը ձեւացեր է։ Ահա աշուղներու այս մասին շինած երգը.

«Լուսաւորիչը ժողվեց դիւան լըցեց զընդան։
Կաղ Դեւն եկաւ ասաց, եաման.
Զիս մի՛ դներ զընդան.
Ես կ՚եղնիմ Սուրբ Կարապետու փոշեհան,
Տանիմ թափեմ Փրէբաթման,
Մինչ օր Քրիստոս գայ դատաստան»։

Դիւաց ահագին բանակ մ՚ ալ սուրբ Կոնոնոսի վանքը կայ՝ կարասներու մէջ լցած ու գետնի տակը թաղած, բերանները զմռած մինչ օրն դատաստանին։ Իսկ Հոգւոց վանքը, որ Վասպուրականի մէջն է, հոն ալ Ղուդրաթ խաթուն անունով դեւ մը կայ, որ նոյնպէս թոնիրի մոխիրները կը թափէ, եւ շատ անգամ ալ փափագողաց կ՚երեւի եղեր եւ այլն։ Վանայ Արտամետու մօտ Կռնկու վանքին պատմութիւնը կ՚ըսէ, թէ կռունկի մը կոտրած ոտքը վարդապետն ողջացուցեր է, եւ կռունկը Համբարձման տօնին ողկոյզ մի հասած խաղող բերեր է վարդապետին, որ պատարագ պիտի ընէր ու բաժակացու չունէր։ Եւ թէ՝ օր մը վանքի մշակաց դաշտի մէջ ցորեն հնձելուն՝ հարիսայ եփել տուեր է վանահայրը։ Օձ մը մէջն ինկեր, առանց գիտնալու պիտի ուտեն եղեր, կռունկը զինքն զարկեր հարիսային մէջ օձը հանելու, ինքն ալ մէջը մնացեր մեռեր է, ու, հարիսան թափելով, օձէն թունաւորուելէ ազատուեր են։

Փութկու Սուրբ Գէորգի վանքը, որ Մոկաց բարձր ամայի եւ ձիւնոտ լերան մը վրայ շինուած է, ուր անցորդները բքարգել կը մնան շաբաթներով եւ կը խնամուին՝ Ալբեան լերան Դոմինիկեանց վանքին պէս։ Հոս ագլոր կայ, որ գուշակողի պաշտօն կը վարէ. երբ նա խօսի, ուղեւորները կը վստահին ճամբայ ելլելու։ Երբ օդը վտանգաւոր թուի, քանի մ՚ օր բոլորովին անխօս կը մնայ եւ այլն։

Ես չյիշեցի Կարճկանից, որ Կորճեայք կամ Կորդուաց լերինքն են, ու Մոկաց եւ Շատախու լերանց պէտ-պէտ քարերաց վրայ եղած հին զրոյցները։ Ոչ Կաճէտայ աղբիւրը, որոյ ջուրը խմողները խելաթափ կ՚ըլլան եղեր, եւ այդ Կաճէտայ գեղացւոց վրայ շինուած հազար առասպելներ, Կապուտկողայ վրայ խօսուածները։ Արտամետու Ծամքար ըսուած ահագին ապառաժը, զոր Շամիրամ իւր ծամերուն կապեր եւ Վանայ բերդէն պարսէտի պէս նետեր է մինչեւ հոն։

ԼԱ

Վարագայ լեռը, որոյ գագաթին վրայ ելլողը կը տեսնայ եղեր, թէ ի՛նչպէս արեւը վերջնալոյսին կը մտնէ ծովը, կը լողանայ, մաքրուելու եւ հանգչելու ըրած ուղեւորութենէն։ Թէ՝ այն ժամուն յարեւմուտս երեւցած շառագոյն, մոխրագոյն եւ ձիւնագոյն ծալ-ծալ ամպերը արեւուն անկողնոյ քօղը եւ վարագոյրներն են։ Թէ՝ անոր անկողինը ծովուն տակը ձգուած է փրփուրի վրայ։ Թէ՝ արեւը թագաւորն է, ու լուսինը՝ թագուհին։ Թէ՝ աշխարհ արարած քնացած ժամանակը լուսին կ՚ելնէ շրջելու, որ չտեսնան զինքը, ու բարիքներ կը սփռէ արարածոց եւ ամօթխածութեան համար երբեմն ամպէ քօղ կը ձգէ երեսին։ Թէ՝ աստղերը լուսնոյ կոյս ընկեր եւ նաժիշտներն են. հարօրաձեւ աստղերը՝ նշան կուտան, որ ժամանակին վարողն ու ցանողը՝ բազում արդիւնք կ՚առնու։ Յարդգողը նշան է, որ ժամանակով ուրիշ արարածոց աստուած իւր մշակները ղրկէր մեր երկրի աստուծոյ կալէն յարդերը գողցեր, ու մեր աստուծոյ հրեշտակները նետ աղեղով զարկեր սպաններ են գողերը‚ յարդը թափեր երկնից երեսն ու մնացեր։ Կշեռք աստղերը նշան են, որ Աստուած ամէն աշխատաւորին իւր վարձքը կը կշռէ կուտայ։ Ցոլացող ասուպները նշան են, որ այնքան մարդ մեռան. վասնզի ամէն ծնած ու ողջ մարդոց մէկ մէկ աստղ կայ երկինքը, եւ մեռած վայրկենին կը սուզանի աստղը։

Եւ որովհետեւ Հայաստանի մէջ կանանց սեռէն միայն երախայից եւ պառաւանց արտօնութիւն կայ երեսբաց երեւնալու եւ բարձր ձայնիւ խօսելու, իսկ հասած աղջկունք, նոր հարսներ եւ մանկամարդները թէ՛ շորով կը փաթթուին կը ծածկուին եւ թէ՛ մունջ ու նշանացի կը խօսին մարդոց հետ։ Այսպէս է մեր լուսինն ալ, թէեւ թագուհին լինի, մութ ժամերուն այցելութիւն կուտայ տիեզերաց եւ մարդոց աշխատասիրութիւնը նշանացի կը քաջալերէ։

Վարագայ սարէն կ՚երեւայ արշալոյսէն առաջ յարեւելս արեւուն ծագումն։ Ահագին լերան մը տակէն կ՚ելլեն նախ 12 ղավազներ՝ սեւ-սեւ արաբներ, եւ այդ լերան վրայ լուսեղէն ճպոթներով ճառագայթի պէս կը զարնեն։ Լեռը կը ցածնայ, ամէն սարերը իրենց գլուխը կը խոնարհեն։ Արեւը իւր երեսը լուացած ժամանակ ջուրի ցօղերով կը սրսկուին սարերը եւ դաշտերը, հաւքերը ամենքը վեր կը թռնին այս ջրի սրսկումէն, կ՚արթննան, կը ճըվլան։ Յանկարծ արեւու ոսկի գլուխն ու հրեղէն բրչամն կ՚երեւայ։ Թէ՝ հրեշտակները կը հանդերձեն արեւուն անկողինը եւ կը հանեն ու կը հագուեցընեն անոր հրեղէն հալաւը։ Թէ՝ արեւու անձն ջաղցի ջրտան ճախրին կամ գունդին ձեւն ունի, որ գլորուելով կը դառնայ ու կ՚ընթանայ, եւ այդ գունդի փառերէն լուսոյ ճառագայթներ կը ցոլանան, ինչպէս ջուրի ցնցուղը ջաղացի գունտէն։ Թէ՝ սատանաները բիւրբիւրոց կը ժողովին երբեմն եւ կ՚ուզեն հակառակ կայնել արեւուն, որպէսզի անոր լոյս երեսը չտեսնան մարդիկ։ Բայց հրեշտակները հրեղէն սրով կը պատերազմին, կը զարնեն, կը վանեն զանոնք սեւ ամպերու մէջէն, եւ այս կռիւի ձայնն է ամպերէն ելած որոտումն։ Փայլակը Գաբրիէլ հրեշտակի սուրն է, կայծակը՝ հրեղէն նետն, ու ծիածանը՝ աղեղն։

Վարագայ լեռը, որ լի է զանազան ծաղիկներով, պաղորակ աղբիւրներով, էրէներով եւ ոչխարաց հօտերով, իւր մէկ կողի վրան ունի Քէշիշ գէօլը եւ անոր շուրջը՝ Սուլթան եայլասին. արքայական հովանոց, տեղի դրախտանման։ Հոն է Ոսկիբակ գեղը։ Վարագայ լերան գլուխն է Հռիփսիմեանց խաչին պահուած ու յայտնուած կարմիր ապառաժը՝ Գալիլեա անուամբ։ Այն տեղէն պարզ կ՚երեւի Մասիսը եւ Հայաստանի շատ տեղերը։ Ճակատին վրայ է վերին Վարագը կիսափուլ, եւ այս փլածի շուրջը՝ առուակներ, վտակներ, մարգեր, դալարիք՝ հողէն շատ. Քրիստոսի աղբիւրը, Կաթն աղբիւր, Խաչ աղբիւր, անմահացուցիչ ջրեր։ Մէկ կողմը ձորամէջ է զառ ի վայր կուգայ յեօթնագմբէթ տաճարն Վարագայ, միւս կողմը՝ Սուրբ Գրիգորի աղօթատեղին եւ վանքը՝ նոյնպէս ձորամէջ պրակներով զարդարուն։ Զառնապատայ ջուրը խխջալով լեռնէն ի վայր կը հոսէ‚ եւ այս տեղերը Ս. Գրիգորն ու Վարագ, գառն ու մաքին, հաւքն ու ճետը, կովն ու հորթիկ, ուխտաւորն ու տարփաւորը, զուռնան եւ նաղարան, սերն ու մածուն, եղն ու կարագ, խորովածն ու գինին, պարն ու կռիւը, ժամն ու պատարագը, ամէնը տեղի կ՚ունենան գարնան կենաց օրերուն մէջ՝ բարեպաշտներուն եւ վայելչասիրաց միանգամայն ցանկալի եւ գոհացուցիչ։

Այս լեռը բոլոր վանեցւոց ինչպէս զբօսանաց, նոյնպէս եւ բանաստեղծական երգասացութեանց առարկան եւ նիւթն է։ Ունի նա իւր հին պատմութիւնը՝ քաղաքական եւ սրբազան։ Ունի հրապուրիչ եւ ազդեցիկ բնութիւն վայելչական, որոյ քարերն անգամ ձայն եւ բարբառ ունին։ Սերովբէից, մուսայից, քաջաց եւ փարելեաց վայր ճանչցուած է նա։ Շուշանիկի Շուշանց գեղը եւ անոր գերեզմանը, զոր Շուշան խաթունի գերեզման կ՚անուանեն ցայսօր, Ապարանջան աղբիւրը, այդ արքայադուստր Շուշանիկին օժիտը, Պղնձէ քաղաքը՝ Վարագայ դաշտին մէջ. եւ յամենայն կողմանց շէնքով, աւերակով, նշանաւոր անուններով պարփակուած այս լեառն. ամէն կողմէն իրեն կը նայուի, ու ինքը կենսատու օդ եւ առատ ջուր կը բաշխէ երկրին։

Գայլ գետը, որ Վարագայ սարի տակէն կը բղխի‚ եւ անյիշատակ ժամանակներէ հետէ իմաստունները հնարեր են խրամով մը գետնի տակէն անցընել անոր ջուրը, որ Ձորովանք, Զրուանդանց եւ Սղգայ գեղերու առջեւէն իւր ընթացքը կ՚առնու եւ կ՚երթայ Վանայ բերդի ներքեւէն մինչեւ ծովուն միջակէտը ու այնտեղ դուրս կուտայ իւր ջուրը։ Թէ՝ այնքան ահագին եւ անհուն է այս գետը, որ եթէ բացուի իւր ծածկոյթը, պիտի ջրասուզէ այդ բոլոր երկիրը։ Թէ՝ յառաջ այդ ջրով ծածկուած է եղեր բոլոր Վանայ հովիտը՝ ծովի բերնէն մինչեւ Վարագայ սարը։ Թէ՝ ի՛նչպէս մինչեւ ցայժմ տեղ-տեղ գետնի վրայ ականջ կը դնեն եւ այդ գետի ընթացքի շառաչիւնը կը լսեն։ Թէ՝ ինչպէս երբեմն տեղ-տեղ ծածկոյթը ծակուեր է, եւ մարդ կամ անասուն անկէց ջուր խմած, երբեմն ալ լուացուած ժամանակ, ջուրը զիրենք քաշեր կլլեր կամ խեղդեր. արդէն ասոնց համար է, որ Գայլ գետ կ՚ըսեն։

Թէ՝ ի՛նչպէս Վանայ բերդի արեւմտեան ծայրը ապառաժի մը տակէն մեծ ակ մը կը բղխի այդ ջրէն, եւ անունը Խոռխոռ է։ Այս ջրի մէկ մասն է միւս ակ մը, որ կը բղխի մօտ Խոռխոռին Ուլու ջամի ըսուած հին մզկիթի մը քով, որ ըստ Թովմայի Արծրունւոյ, Գագիկի շինած չքնաղակերտ Ս. Սիօնն է. եւ այս ջուրը կ՚երթայ խաղախորդարանը, ուր կանայք ուխտի կ՚երթան լուացուելով բաղդ բացուելու եւ տղայ ծնանելու համար։ Այստեղ գայլութիւնը կը փոխէ այդ ջուրը։

ԼԲ

Վանայ մէջ մէկ թաղ կայ բնակչաց, բերդի պարսպէն դուրս, որ մինչեւ ցայսօր ՀԱՅԿԱՎԱՆՔ կը կոչուի։ Ստուգաբանէ այս անունը եւ կը գտնես, որ Հայկը իջեւանած է այն տեղ։ Գուցէ Վան թագաւորէն եւ Շամիրամէն յառաջ Վան քաղաքը Հայկավանքէն կոչուեր է Վան։

Հայոց ձոր, ուր Հայկին ու Բէլայ պատերազմն եղաւ, մինչեւ ցայսօր Հայոց ձոր կը կոչուի։ Այն տեղն է Տըրշող գեղը, ուր Հայկի լայնալիճ նետով բացուած հսկայ Բէլի զրահապատ կողի պատուհանէն արեւուն շողը կը տեսնուէր։ Այն տեղ է Հայկ5 եւ Աստուածաշէն անունով գեղերը։ Աստուածաշինու առջեւն կայ մի հնաշէն բերդաձեւ մեծ բլուր‚ հաւանականաբար Հայկի դաստակերտ ամրոցն է, որոյ վրայ գեղին ուլերը կ՚արածան այսօր. եւ քանի մը տարի յառաջ ուլարած մանկտին մի քանի հատ երկաթէ նետի գլուխներ գտած էին, զորս գեղացիները իրենց խոփ եւ գերանդի շինել տուած էին։ Ի՜նչ անգին գիւտ. ի՜նչ խորհրդաւոր գործիք։

Ո՞ւր տարաւ եւ ո՞ւր բերաւ զիս այս նկարագիրը, զոր միայն իբր ծրագիր կը գրեմ։ Դառնամ պիտի, դադրիմ պիտի, քանզի անսահման են այսպիսի վայրերը եւ անսպառ՝ անոնց վրայ խօսուածներն ու երեւցածները։

Աշխարհ մը, որուն դիւցաբանականը քրիստոնէականի փոխուած, մեհեանը՝ սուրբ տաճարի, զոհը՝ մատաղի, կուռքերը՝ խաչքարի, եւ ամէն ինչ որ դիցանուէր էր, քրիստոսանուէր եղած եւ սրբազնագործուած, բայց աւանդապահներն անհետ ալ չեն թողած իսպառ հնոց զրոյցները եւ ծէսերուն ու արարողութեանց պատմութիւնները, առասպելները։ Ասոր իւրաքանչիւր գաւառը զատ-զատ անձանց գործ է ստորագրել եւ զատ-զատ մատեան կազմել։ Միայն թէ չեմ կարող զանց առնել նաեւ թուխ մանուկներու եւ ցասման խաչերու վրայ ալ բացատրութիւն գրել համառօտ մը, որոցմով լիքն է Հայոց աշխարհը։

ԼԳ

Հայաստանի մէջ իմ տեսած տեղերը հազիւ գրեթէ կը գտնուի գեղ մը, որ թուխմանուկ չունենայ. թէպէտ քաղաքներու մէջ ալ կը գտնուին։ Ամենափոքրիկ մատուռ մը կամ առանց կաւաշաղախի շարուած քարերով շէնք մը, որոյ մէջ տղայ մ՚ անգամ չպարունակիր, խաչքար մը, ողջ կամ կոտրած, կամ գերեզմանաձեւ շէնք մը, եւ ադոնց մէջ ճրագ ու խընկանոց, ուր կ՚երթան բարեպաշտ կանայք եւ ցաւագար կամ ախտաւոր անձինք՝ ձէթ եւ մոմ վառելու‚ խունկ ծխելու, ծունկ դնելով, կուրծք ծեծելով, լալով եւ պաղատելով իրենց ուխտը կը կատարեն։ Թուխ մանուկն այս է։ Թէ փողոցներու մէջ լինի այն, թէ տուներու մէջ եւ թէ այնպիսի տան մը եւ այգիի մը կամ արտի մը մէջ, զորս Հայոցմէ առած լինին Տաճիկները, այսու ամենայնիւ Հայերը ազատ են իրենց սուրբին ուխտի երթալու, սուրբին հրաշքները հռչակելու, որում վկայ կը կոչեն զնոյն իսկ Տաճիկները. եւ այս աւանդապահութեամբ եւ տաճկաց վկայութեամբ՝ թուխ մանուկներէն շատերը շինուած են եկեղեցի, ժողովրդանոց՝ նոյն անունը պահելով թուխ մանուկ։ Իսկ թէ ի՞նչ սկիզբն ունի այդ աւանդապահութիւնը։ Ինձ կը թուի, թէ կամ իրօք Ս. եկեղեցեաց տեղ են եղեր այդ տեղերը, զորս բարբարոսութիւնը քարուքանդ է ըրեր՝ անհետացընելու նպատակաւ Հայոց աշխարհէն քրիստոնէութիւնը։ Բայց սրտի տաճարները, մնալով կենդանի եւ անմահ, նշանակած են այն տեղերը եւ որդւոց յորդի ցոյց տուած ու պաշտած, շէնքին տեղը եւ անոր հողն ու քարը նուիրական են պահած։ Եւ կամ, հալածանաց դարերու եւ տարիներու մէջ‚ սուրբ հաւատքի համար նահատակուողներու արիւնը թափուած կամ անոնց թաղուած տեղերն եղած են‚ զորս նոյնպէս պաշտելի պահած են։ Եւ եթէ թուխմանուկ կոչուելուն եւ անուան ուշադրութիւն տանք, թերեւս լինին դոքա մանուկներ՝ խլուած իրենց մայրերու ձեռքէն կամ կպած անոնց ստինքին եւ գրկին մէջ, մորթուած քրիստոնէութեան անուան եւ սիրոյն համար, թուխ գոյն ստացած՝ բոսորային արեան մէջ թաթախուելով, որոց յիշատակի համար յատուկ պատմութիւն մը չկայ, բաց ի այն սրբազան երգէն Շարականոցին, որ է. «Կամաւոր պատարագք, մանկունք տիօք եւ կատարեալք իմաստութեամբ, որք փոխանակ կաթին արբիք զգինին զմայլեցուցիչ, բարեխօսեցէք առ Տէր վասն մանկանց եկեղեցւոյ»։

ԼԴ

Ցասմանխաչ այն խաչքարերն են, որ քաղաքից դուրս ու ըստ մեծի մասին վանքերուն մօտ, գեղերուն մօտ, արտի, անդաստանի բոլորը գտնուած բլուրներուն վրայ տնկուած են։ Այդ խաչքարերը կա՛մ առհասարակ գեղացիք միանալով, կա՛մ իշխան մը միայն իւր քսակով‚ ծախս կ՚ընեն, կը տնկեն, օծել կուտան մեծ հանդիսիւ այդ քարին վրայ քանդակուած խաչը եւ կը տնկեն ի պահպանութիւն իւրեանց գեղին։ Մեծ հացկերոյթ կը կազմեն, եզներ կը մորթեն, հարիսայ կամ մատաղ կ՚եփեն, բոլոր հասարակութեան անխտիր կը կերցընեն։ Այս բարեպաշտ սովորութիւնը մինչեւ այսօր եւս պահուած կայ հայոց մէջ։ Թէ ինչո՞ւ համար ըսուած է ցասմանխաչ. վասնզի երբ տարաժամ ձիւն կամ կարկուտ տեղայ, բերքերուն վնասէ, երբ մարախն ու թրթուրը բոյսն ու կանանչը գօսացընեն, երբ երաշտութիւն լինի, երբ ցաւ ու մահ պատահին մարդոց եւ անասնոց, երբ երկրաշարժ լինի, եւ ինչ վնաս որ պատահի երկրին, այն որ մարդոց ըրած չէ, Աստուծոյ ցասումն կը համարին. եւ այդ ցասման դէմն առնելու համար Քրիստոսի խաչին պատկերը կը բարձրացընեն այսպէս երկնից առջեւ, որ պատուհասիչ հրեշտակը պատկառի խաչէն, եւ Աստուած հաշտուի։ Ու, բաշխելով հաց եւ մատաղ հասարակութեան, իրենց սրտի ներողութիւնը միմեանց եւ գթածութիւնը ի գործ կը դնեն, որպէսզի եւ Աստուած ներէ իրենց յանցանաց, ետ առնու իւր ցասումն երկնաւոր Հայրն գթած։

ԼԵ

Թէպէտ ճիգ կ՚ընեմ շտապել հասնիլ վերջաբանիս կամ բուն գրքիս նպատակին, բայց նիւթերու առատութիւնը հարկ կը դնեն երկարել խօսքը։ Հիմա նորէն միտքս եկաւ, քանի որ մեր մտադրութիւնն է ժողովրդական կեանքէ ծանօթութիւններ յիշել, որոնք լոյս կարող են տալ մեր ազգային պատմութեան եւ լեզուին կամ գրականութեան, ուշադրութեան առնելու է ուրեմն անոնց մէջ եղած տնական, գեղջկական‚ քաղաքական եւ կրօնական արարողութիւնները, առածները, երդումները, անէծքները, օրհնէնքները, երգերը, պարերը, տղայոց խաղերը, որոնք առհասարակ կեանքի եւ լեզուի պատմութիւնը կը կազմեն։ Օրինակ. փեսային թագաւոր կ՚ըսեն, անոր գլուխը փետուրէ ջղաց կը զարնեն։ Պսակի ժամանակ մէկը թուր կը բռնէ՝ իբրեւ մաղխազ կամ զինակիր թագաւորին, մէկը թագաւորին հալաւ կը հագցընէ, մէկը բոլոր հարսանեաց սեղանին կերուխումը կը տնօրինէ, խաղն ու հանդէսը կը կարգադրէ։ Փեսայն ժամէն ելած ժամանակ ձի կը նստեցընեն եւ այն տեղը իւր ափերով դրամ կը սփռէ, աղքատներ եւ մանկտին հրճուելով կը հաւաքեն՝ «Աստուած շատ արեւ տայ մեր թագաւորին ու թագուհւոյն» բօռալով՝ ի յիշատակ «Տեղ ոսկի տեղալոյն ի փեսայութեան Արտաշիսի եւ Սաթինկան…»։

Զուռնայի եւ նաղարայի ձայնով եւ պարողաց առաջնորդութեամբ կ՚ընթանայ փեսայն։ Եւ երբ տան առջեւը կը հասնի, շեմին վրայ մէկ խոյ կը մատաղեն, եւ թագուհւոյն թեւէն բռնած ներս կը մտնեն։ Այս վայրկենիս տէրտէրն ու տիրացուն «Արեգականն արդարութեան ծագման արուսեակդ» շարականը կ՚երգեն, զուռնան կը փչէ, պարողք կը պարեն, թագաւորի մայրն ալ քաղցր փոխինդ ու եղով բաղարջ եւ զանազան միրգեր կը հանէ եկաւորաց առջեւ՝ վառած մոմերով։ Ուրիշ մէկը «Թագուորի մէր դուրս ելիր, քեզ ի՛նչ ու ի՛նչ եմ բերեր» խորհրդաւոր խաղը կ՚երգէ, որուն մէջ հարսի տնական պաշտօնները կը թուեն։ Թագաւորի մայրը խանդաղատեալ, արտասուալից կը համբուրէ իւր թագաւորեցեալ որդին եւ հարս թագուհին, որ գլխէն մինչ ոտքը քօղարկեալ ծածկուած է։ Եւ յայլ շատ արարողութիւններ կան, զորս չգրեցի մանրամասն։

ԼԶ

Տղայոց եւ երիտասարդաց խաղերու մէջ այնպիսի տեսակներ կան‚ որք պարզաբար մարմնամարզութիւն են, եւ քանիներն ալ՝ մարտադիր պատերազմիկ կրթութիւն։ Խիստ ճարտար հանելուկներ յօրինած ունին եւ բաղդի խաղերը, որոցմէ է՛ն նշանաւորն է Վիճակի խաղը։ Վիճակը կոյս աղջիկները կը պատրաստեն Համբարձման տօնին՝ եօթն աղբիւրէ ջուր լեցընելով մէկ ամանի մէջ, եւ վարդով, ռէհանով եւ ամէն բացուած անուշահոտ ծաղիկներով կը զարդարեն զայն։ Իւրաքանչիւր կոյս մէկ խորհրդաւոր նշան կը դնէ վիճակ։ Գիշերները աստղունք կը դնեն զայն եւ ամենայն զգուշութեամբ կը հսկեն, վասնզի երիտասարդները հետամուտ են գողնալու։ Սքանչելի է այն տաղը, զոր վիճակի բացման ժամուն կը նուագեն օրիորդները. իղձերով լի տաղ, յորում իւրաքանչիւր ոք կոյս իւր ապագայն, իւր կեանքը, իւր սէրը կ՚ամփոփէ ի մի երիտասարդ, որ լինի ազնիւ ձիրքերով, ազնիւ մարմնով, արի, վեհանձն, յաջողակ, բարեպաշտ, իմաստուն, զոր կը խնդրէ բաղդէն տալ իրեն համար ամուսին կամ փեսայ. եւ ահա երջանիկ է նա։ Իւրաքանչիւր աղջկան ըղձացած հանգամանքները, որոցմով համակիր պիտի լինի փեսայն օրիորդին, եւ այն հանգամանքները, որոցմով երջանիկ պիտի լինին երկոքին, այդ տաղերգի մէջ կը թուեն։ Մեծ հանդէս է վիճակի բացումն եւ որքան օրիորդաց, այնքան եւս երիտասարդաց ցանկալի ու հետաքրքրական է այն օրը եւ այն հանդէսը։

ԼԷ Խօսիմ մէկ քանի աւանդութեանց վրայ եւս։

Վարդավառի տօնին, այնինչ եկեղեցին Քրիստոսի պայծառակերպութեան աստուածային տօնը կը տօնէ, նոյն օրը‚ բոլոր ժողովուրդն Հայոց՝ արք եւ կանայք, ծերք եւ մանկտիք, ջրախաղութիւն կը կատարեն. թէ՛ տուներու մէջ եւ թէ՛ փողոցները, կամ դաշտերու մէջ, գետերու ափին կամ աղբիւրներու ակին ու առուակին մօտ խմբուած զիրար կը դնեն ի ջուր կամ գոնէ կուժերով իրարու վրայ ջուր կը թափեն։ Հայոց նաւասարդն է Վարդավառը։ Թողլով Վահեւունեանց տօնի հանդէսն ի Տարօն, զոր կը դիւցաբանեն հնագէտն եւ բանագէտն Մ. Թաղիադեանց իւր Սօս եւ Սօնդիպիի մէջը։ Նաւասարդը հայոց առաջին ամիսն է, այսինքն՝ երբ մարդկութեան երկրորդ սկիզբն եւ հայրն Նոյ նաւով հասաւ ի Մասիս՝ փրկուելով ջրհեղեղէն Աստուծոյ նախախնամութեամբ, եւ երբ իջաւ Նախիջեւան, զոհեց Աստուծոյ, այն օրէն առաջին ամիսն սկսաւ նորոգեալ աշխարհին՝ անուանուելով Նաւասարդ։ Եւ Նոյ, որպէսզի ջրհեղեղին յիշատակը անմոռաց պահեն մարդիկ, պատուիրեց իւր որդւոց ջրով ջրոտել զիրար։ Ինչպէս նաեւ կայ Վանայ մէջ մէկ արարողութիւն մը եւս, որ նոյն Վարդավառի օրը բնակիչք թաղ թաղ բանակ կը կազմեն եւ իրարու դէմ պարսետով եւ փայտէ նետով ու աղեղով կռիւի կ՚ելլեն՝ իբրեւ խաղ։ Այս եւս կարելի է Հայկավանից բնակչաց հին աւանդութիւն համարել՝ իբրեւ յիշատակ պատերազմին Հայկայ ընդ Բէլայ։

Վարդավառի տօնին աղաւնի թռցունելու աւանդական յիշատակն ալ յայտնի է, որ միայն հայոց սեպհական արարողութիւն է՝ ի յիշատակ Նոյի արձակած աղաւնւոյն, զոր կը շարունակեն Հայաստանի շատ գաւառները, եւ ի Պօլիս Իւսքիւդարի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ տօնախմբութեան օրը, Վարդավառին աղաւնի կը թռուցանեն, եւ այդ տօնը ուրիշ ազգերէն անուանուած է գիւվերջին փանայիրի՝ տօն աղաւնեաց։ Նոյայ որդւոց, Նախիջեւանու բնակչաց հայոց գաղթականութեան հետ, այս ջրհեղեղեան եւ աղաւնեթռուցիկ տօնն ալ գաղթական եկած է մինչեւ ի Վոսփոր։

ԼԸ

Բանասիրաց հետաքրքրութիւնը գոհացընելու փափագով կը փութամ ծանուցանել, թէ վանեցի Տ. Սարգիսեան գեր. Երեմիա եպիսկոպոս, արժ. Ղեւոնդ վարդապետ Փիրղալէմեան եւ արժ. Գրիգորիս վարդապետ Աղուանեանն քանի մը տարիէ հետէ նախանձելի աշխատութիւն մը ստանձնած են, որոնք իրենց հանդիպած տեղերու հնութեանց ստորագրութիւնը, վանքերու եւ եկեղեցեաց կամ տուներու եւ աւերակաց մէջերը գտնուած խաչքարերուն, հին ձեռագիր մատեաններու յիշատակագրութիւնները օրինակած ունին եւ ասոնց հետ մէկտեղ ժողովրդեան մէջ խօսուած հէքեաթները, անէծքները, առասպելները եւ գաւառական շատ մը բառեր հաւաքած ունին ի գիր՝ անշուշտ օր մը ի լոյս հանելու համար։ Սոյնպէս եւ տրապիզոնցի գիտնական Պօղոս պատուելին Թովմայեանց, որ Տրապիզոնի եւ Տարօնոյ ստորագրութիւնները աշխատասիրած է յանձնարարութեամբ Ս. Հայրիկին, հանդերձ կարեւոր լուսաբանութեամբ հին աւանդութեանց եւ անուանակոչութեանց զանազան վայրաց, որք կը գտնուին այդ երկու աշխարհին մէջ, եւ հանդերձ նկարագրութեամբ Տարօնոյ բնակչաց սովորութեանց եւ լեզուին։

Դեռ տպագրուած չեն այս գործքերը։

ԼԹ

Ես ինքս ալ վաղուց սկսած էի ճաշակս եւ գրիչս սիրել տալու այդպիսի առարկայից, եւ Արծուի Վասպուրականի մէջ ի Վարագ տպագրել տուի Վանայ պառաւանց աղօթքը եւ այլն։ ՚Ի Մուշ ալ Տարօնոյ Արծուիկի մէջ մշեցւոց լեզուով գրուածքները եւ քանի մը երգեր տպագրեցի։ Բայց որովհետեւ միշտ Արծւոյ թռիչը խափանեցին, եւ Արծուիկը խոցոտեցին‚ երկու քի շարունակութիւնն ալ վատութեանց եւ մատնութեանց զոհ ընելով։ Սակայն որպէսզի չխոտորիմ գրութեանս ընթացքէն, ուրիշ բան մը չեմ ըսեր այս մասին։ Իսկ ես երբեմն ի Վան, երբեմն ի Մուշ, երբեմն ի Պօլիս, երբեմն ի Կարին, յաճախ եւ ընդ փոյթ կը տեղափոխուէի վրաս եղած հարկէն եւ իմ նուիրական բաղձանքիս՝ գրասիրութեանս հակառակ միշտ դատապարտեալ էի այնպիսի պաշտօնական ծառայութեանց, որ էր մշակութիւն, տնտեսութիւն եւ … անձանց վարչութիւն… վասն որոյ հաւաքածներէս եւ աշխատասիրածներէս բաւական բան կորուսած եմ եւ ամէն բանէն աւելի ժամանակս։ Այսուամենայնիւ, տակաւին ի ձեռին ունիմ հրատարակելու արժանի բաներ՝ թէ՛ հին, թէ՛ նոր, զորս կը խոստանամ հետզհետէ ի լոյս ածել։

Խ

Մինչեւ ցաստ ինչ որ գրեցի, անոնց եւ ոչ ստուերագիրն ունէի, այլ որքան միտքս առաջնորդեց, յիշեցի եւ գրեցի։ Այժմ, իբրեւ բուն նիւթ այս գրքոյկիս, պիտի կցորդեմ Դաւիթ Սասունցի կամ Մհերի դուռ վէպը, զոր երեք տարի հետամուտ եղայ ձեռք բերելու եւ ոչ ոք գտայ, որ ամբողջապէս գիտենար, մինչեւ 1873 յունիս ամսոյն Մշոյ դաշտի Առնիստ գեղի երեսփոխան պ. Կրպօն ներկայացաւ ինձ արժ. Օհան վարդապետի միջոցաւ։ Սա կը պատմէր, թէ իւր վարպետը շատ ընդարձակն գիտէր այս պատմութեան, եւ թէ մէջ ընդ մէջ շատ տեղեր ոտանաւոր խաղեր կային, որ ձայնով կ՚երգէր։ Թէ՝ այդ վարպետը երկու վռշիկ աշակերտ ունէր, որոնք շատ կատարեալ սորված էին, եւ թէ ինքն՝ բաւական ժամանակ պատմած չլինելով, շատ կտորները մոռացած էր։ Այսուամենայնիւ, երեք օր զինքը պահեցի, խնդրեցի, պատուեցի, պարգեւատրեցի, եւ նա ինքզինքը կազդուրելով, պատրաստելով, պատմեց բերանացի, զոր իրեն բարբառով ի գիր անցուցի։ Պատմիչի լեզուին մէջ բաղիշեցւոց բառեր կան գործածուած։ Պատճառն այն է, որ պատմիչի գեղը թէպէտ Մշոյ կը պատկանի, բայց Բաղիշոյ մօտակայ է. ընդհանրապէս Խոյթայ եւ Չուխուրայ գեղերու հայոց լեզուն այս տիպն ունի։

Պատմածին նիւթը Արծրունեաց նախարարութիւն եւ Սասնոյ գաւառի շինութիւն ու սկզբնաւորութիւնն է։ Աստուածաշունչէն եւ մեր ազգի պատմութենէն յայտնի է, որ Ասորւոց Սինեքերիմ արքան իւր Ադրամէլէք եւ Սանասար որդիքը կուռքին զոհ պիտի մատուցանէր։ Ասոնք ալ իրենց հայրը զոհեցին եւ փախստեայ եկան ի Հայս մեր Սկայորդւոյ ժամանակը։ Սանասարը բնակեցաւ ի Սասուն, եւ Ադրամէլէք՝ Վանայ ծովու կողմերը՝ Կապուտկողայ մօտերը։ Ասոնց պատմութիւնը թէ՛ Խորենացին, թէ՛ Թովմաս Արծրունին եւ թէ՛ այլ պատմիչներ ընդարձակ կը գրեն։ Հարկ չկայ մեզ կրկնել, թէ որքան յաջողութիւն եւ մեծութիւն գտան Հայաստանի կառավարիչներէն եւ ինչ ծառայութիւն եւ քաջութիւն ըրած ունին իրենք եւ իրենց սերունդ։

Կը տեսնուին այս ասացուածքին մէջ այնպիսի կտորներ, որ պատմագրութեանց կը համաձայնի, բայց կտորներ ալ կան, որ բոլորովին ժամանակագրութեան, տեղագրութեան եւ ամէն հանգամանաց հակառակ են։ Դէպքեր, որ յառաջ քան զՔրիստոսն են, քրիստոնէաբար կը զրուցուին, եւ Սանասարի ու Ադրամէլէքի ժամանակը Մշոյ Ս. Կարապետի վանքն ու հայերը խաչապաշտ կը ներկայացուին։ Ասոր մէջ յիշած Մըսըր գուցէ Մուսլ կամ Մուսուլ լինի, որ հաւանականութիւն կը վերցընէ եւ Սասնոյ տիրապետութեան սահմանէն շատ հեռու չէ։ Բաղդադն Բաղդադ է, Խլաթն՝ Խլաթ, Կապուտկողն՝ Կապուտկող։ Նոյնպէս եւ միւս ամբողջ յատուկ անունով տեղերը ուղիղ են։ Իսկ Կաղզուանը Կարսայ մերձ է, եւ յայտնի է, որ վրաց իշխանութեան տակ գտնուեր է այն գաւառը։ Խանդուդ խանում եւ Շըբըգան Խոռասական, Հըմզայ Լօռայ փէհլիվանները (ըմբշամարտները), որ այս խօսքերուն մէջ կ՚երեւնան‚ գուցէ վիպասանից ծանօթ լինին եւ աւելի՝ Վրաստանի բնակչաց։

Ադրամէլէքի կամ, պատմողի բառովն ըսեմք, Աբամէլէքի որդւոց անուններէն երեքը բոլորովին բանաստեղծական անուն կը թուին. Ճնճղափոքրիկ, Ցռանվէգին եւ Խորգուսանն։ Գուսանը երգիչ կը նշանակէ, իսկ առաջին երկու անունները չեն բացատրուիր։ Ձէնով Օհան եւ Դաւիթ Հայոցս ծանուցեալ եւ հասարակացեալ անուններ են, բայց քրիստոնէութեան դարուն մէջ։ Արդէն Դաւիթի կեանքը եւ գործերը միջին դարուն կը վերաբերին, բայց անմիջական զաւակ լինել Ադրամէլէքին, այդ յաւիտենական առասպել է։ Ամբողջ այս զրոյցքը նկարագիր է քաջութեան, ընտանութեան, բարեպաշտութեան եւ պարզ ու անխորամանկ յարաբերութեան Դաւիթին իւր սիրուհւոյն հետ, իւր ախոյեանին հետ։ Այս գրուածքը, իւր բոլոր անկանոնութեամբ հանդերձ, հիանալի ոճեր ունի ասացուածքի։ Դիւցազնի բազկի ուժը անհամեմատ ցոյց տալու համար, երբ Դաւիթին խլել կուտայ Ջօրջիզի ձեռքէն գուրզը, նետել կուտայ այնպէ՛ս ուժգին, որ տակաւին մինչեւ ցայսօր կ՚երթա՜յ նետելու թափէն՝ Դաւթի ուժոյ անսահմանութիւնը եւ տիեզերաց անհունութիւնը ցուցընելով։ Այս գրուածքի մէջ կը տեսնէ հետաքրքիրն՝ գեղջկական կեանքի հանգամանքները. Աբամէլէքի մահուան համար սասունցւոց սուգը, Քեռի Թորոսի ուխտը, «Հացն ու գինի, տէրն կենդանի» երդումն, հպատակեցընելու համար թուրի տակէն անցընելու սովորութիւնը, Դաւթի եւ իւր հորթարած ընկերին մտերմութիւնը, Խանդուդ խանըմին աշուղ ղրկելը՝ Դաւիթը իրեն վրայ սիրեցընելու, Դաւիթի անվեհերութիւն եւ վեհանձնութիւնը, երբ Մսրամէլէքի հետ կը զարնուին, Խանդուդի քաջութիւնը եւ փէհլիվաններուն ճիւաղական նկարագրի ահագնութիւնը։ Ձէնով Օհանի ձայնի ոյժն եւ ահաւորութիւնը, եւ Մհերի զօրութիւնը, որ իսպառ անհամեմատ մարդկանց կը կացուցանէ եւ երկրագունդն ալ զայն կրելու անբաւական։

Այս գործիս հրատարակութիւնը հասկացողին համար արժէք կ՚ունենայ, բայց կարծեմ արհամարհողներ աւելի պիտի լինին եւ այպանողներ, ոչ միայն այս գրուածին կտորը, այլ ամբողջ սոյն գրքոյկը, ընդ որ եւ իմ անձը։ Ասոնք չհասկըցողներն են։ Բայց մեր փոյթը չէ։ Քաջալերուած կը համարիմ զիս, եթէ համրանքով քսան հոգի եւեթ լինին հաւանող այս գործոյն, եւ կը շարունակեմ՝ խրախոյս տալով այլոց, որ հետեւին, աշխատասիրեն ձեռք բերել, ի լոյս ածել այսպիսի գրուածքները։

Մի քանի խօսք ալ Մհերի դրան վրայ։

Վանայ բերդէն դէպ յարեւելս նայելով՝ Այգեստանեայց հիւսիսակողմը փոքրիկ լեռնագօտի մը կայ, որոյ արեւելեան գլուխը կ՚ըսուի Զըմփզըմփ մաղարայ, արեւմտեան ծայրը՝ Ագրփի, եւ մէջտեղը Մհերի դուռը։ Լեռան այս երեսն են անուանածներս, որ կը նային Այգեստանեայց վրայ։ Զըմփզըմփ մաղարան քարայր մի է ընդարձակ, որուն մէջ կ՚երթան մարդիկ շրջելու, ուր ձայն արձակած ժամանակ զըմփ զըմփ արձագանք կուտայ։ Այն քարայրին դէպ ի արեւմուտք՝ ամենամութ անկիւնը, քարէ փորուած բաց դուռ մը եւ անկից ներս ճանապարհ մը կը ցուցընեն, յորմէ սաստիկ քամի կը փչէ։ Կը պատմեն, թէ այդ լեռնափոր ուղին կը տանի մինչեւ Վանայ բերդի մէջ. գուցէ հաւանական կամ ստոյգ լինի։ Արդէն Զըմփզըմփ մաղարայի լեռնագագաթը բերդաձեւ է, եւ այս քանի տարիէ հետէ, այն տեղերէն փորելով, շէնքի համար քար կը հանեն։ Հողակոյտներու տակ երեւցան կոփածոյ քարերով շէնքեր, հողէ կարասներ եւ կուժեր, որոց մէկ քանիին մէջ ցորենի չոր հատիկներ լցուած էին. ոսկեզօծ պղնձէ շինուած արհեստական աթոռի կտորներ եւ մէկ խոյ ու խոյի վրայ հեծած մարդ՝ նոյն պղնձէն թափծու՝ արձանի կերպով։ Այս վերջին կտորը Եդեսեան գեր. սրբազանը, այն ժամանակ Վան գտնուելով, իւր հետն առած Պօլիս բերած է։ Տակաւին քար հանել կը շարունակեն, եւ շէնքեր կը բացուին ու կը պատմեն, որ երկաթէ նետեր ալ կը գտնուին։

Մհերի դուռը ամենալերջ քար է, զոր տաշեր եւ կոկեր են մեծ դրան ձեւով եւ վրան բեւեռագիրեր գրած են, խիստ յստակ։

Բեւեռագիրերը նկատողութեան արժանի են, որ Հայաստանի ամէն նահանգներէն աւելի յաճախ Վասպուրականի մէջ եւ անոր մօտակաները կը գտնուին։ Ես բաւական հետաքրքիր եղած եմ Մշոյ, Մանազկերտու, Բասէնու եւ Կարնոյ կողմերը տեսնելու, գրեթէ երբէք չեն գտնուիր. այն ինչ Վանայ բերդին, Մհերի դրան եւ այլ շատ մը այսպէս կոթողաձեւ լեռներու վրայ տաշած ու գրածէն զատ, շատ մը գեղերու եւ վանքերու մէջ կտոր-կտոր քարեր կը գտնուին, որոց վրայ նոյնպէս բեւեռագրեր կան։ Վանայ քաղաքամիջի Սուրբ Առաքեալք եկեղեցւոյ տաճարի ներքին պատին շարուած քարերու վրայ բոլորովին առողջ բեւեռագրեր կան, Վարագայ տաճարի շէնքին մէջ գործածուած քարերուն վրայ, Կարմրուորայ վանքը եւ այլ տեղեր։ Շատ տեղեր ալ, հին դերբուկներ փորելով, կլոր կամ քառակուսի երկար քարեր կ՚ելնեն բեւեռագրերով։ Լէզք գեղի եկեղեցւոյ Ս. սեղանի վէմ քարը կլորաձեւ եւ մէջտեղը ծակ, ու շրջապատը ամբողջ բեւեռագիր են։ Ճիշդ ասոր նման քար մ՚ ալ Վարագ կայ։

Մհերի դրան վերէն սեւ ջուր մը կաթ-կաթ կը ծորի։ Եւ կ՚ըսեն. «Մհերն եւ իւր ձին Աստուծոյ հրամանով փակուեր են այն տեղը։ Այս սեւ ջուրը Մհերի ձիու շեռն է։ Այդ դռնով ներսը ճախրի ֆալակ կը դառնայ, այսինքն աշխարհի մարդկանց կամ երկրագնդին ճախրը, անիւը։ Մհերը շարունակ անոր վրայ կը նայի. երբ այդ ճախրը դադարի, այն օր Մհեր կ՚ազատի, դուրս կ՚ելլէ ու աշխարհը կ՚աւրէ»։ Եւ թէ. «Ամէն տարի Համբարձման գիշերը երկինք գետին իրար կը համբուրեն, եւ այդ րոպէին Մհերի դուռը կը բացուի։ Ո՛վ որ արթուն մնացեր եւ այդ վայրկեանը տեսեր, ինչ որ սիրտն ուզեր, այնպէս եղեր է։ Եւ որովհետեւ Մհերի դուռը բաց է այն րոպէին, ո՛վ որ ներս մտնէ, որքան ոսկի ուզէ կ՚առնէ, դուրս կ՚ելլէ, վասնզի հոն աշխարհի ոսկին կուտուած է։ Թէ՝ քանի մը մարդիկ փորձեր են եւ, ագահ լինելով, շատ վերցընելու համար յուշացեր, դուռը գոցուեր, ներսը մնացեր են»։

Ուրեմն այս կերպով Մհեր կը լինի աշխարհի բաղդը դարձընող ու ոսկի բաշխող չաստուած մը։ Գուցէ Մհերն ինքն Միհր մեծն լինի, եւ իւր դուռը ուղղակի հարաւոյ հանդէպ կամ արեւու լինելով՝ պաշտելու պատշաճ։ Բայց ներկայ վէպը այլապէս կը պատմէ։

ՄԱՍՆ Բ. ՍԱՍՈՒՆՑԻ ԴԱՒԻԹ ԿԱՄ ՄՀԵՐԻ ԴՈՒՌ[խմբագրել]

Ա

Բաղդըդու Խալիֆէն շատ զօր ու զօրընդեղ կ՚եղնի. ազգար կ՚ենէ՝ կ՚իգայ վըր մըր Սուրբ Կարապետու. շատ զմըր ազգ կը նուազցու ու շատ հէսիր կը բռնէ տանէ։

Աղջիկ մի ուրնէ շատ խորոտիկ կ՚եղնի. Բաղդըդու Խալիֆէն զըդ աղջիկ կ՚առնէ կը քեբնէ վըր ուրան։ Մէկ ժուկ մ՚ ու ժամանակ մէջ կ՚ընցնի, երկու տղայ ուրնէ կ՚եղնի. մէկի անուն կը դնեն Աբամէլիք, ու մէկին՝ Սանասար։

Պապ կռապաշտ է, ու մամ՝ խաչապաշտ (չունքի զմամ մըր ազգէն տարաւ)։

Ըդ խալիֆէն հեղմ՚ լէ ազգար էրեց ու եկաւ վըր մըր ազգին։ Մըր ազգ (մեռնիմ ուր սուրբ հրաշքին, սուրբ Կարապետ) ըդ անգամ զինք շատ նեղ լծեց։ Ու ըդ նեղութենի մէջ Խալիֆէն կանչեց զուր կուռք ու ասեց.

-Եա՛ ճոչ կուռք, դու զիս ազատ էնես էդա ազգից, ու յեբոր ես սալամաթ իգամ, զիմ երկու տղէն լէ քըզի մատաղ տ՚էնեմ։

Ուրանց մամ քնաւ, տեսաւ էրած։ Տեսաւ, որ ուրան երկու ճրագ կէր, կ՚իգէր առջեւ ընցնելուն, որ ընցնէր, ու կը դառնէր հեղմ՚ լէ լուս կ՚իտէր։

Ելաւ առւըտուն, եբոր ախլաւ, զուր էրզի եղելութեն խստ էրեց ուր տղէկներուն ու ասեց.

-Էս գիշեր, սըբ Կարապետ ընձի էրած էկաւ, ասեց, որ ձըր պապ ընկեր է նեղութենի մէջ, ու զձըզի մատաղ է կանչե ուր կռքերուն։ Յեբոր էկաւ, զձըզի կը մատղէ։ Դուք ձըր ճարէն գտէք։

Երկու աղբէր կանչեցին զուրանց Աստուած, ելան վերցին զուրանց ղաւատէն ու լցեցին յագուբէ մի փարայ ու ընկան ճամբահ։ Ընկա՜ն ու շատ պըտըտուան. զարկեցին էկան ղարիպ երկիր։ Էկան գացին նեղ ձոր մի։ Տեսան, որ գետ մի կ՚իգէր կ՚ընցնէր։ Առու մի ընդիէն կ՚իգէր կը զարկէր մըջ ըդ գետին, կը կտրէր զըդ գետ ու կը շերտէր չուր ի մէջտեղ ու հըպամ՚ լէ կը խառնուէր մէջ ըդ գետին ու կ՚երթէր։

Սանասարն Աբամէլիքին ասեց.

-Թը՝ որն որ զըդայ ջրի ակ գտնէ ու զուր տուն լէ սուկէ վըր իդա ջրին, ընդրայ ավլատ լէ որ եղնի՝ հըմլայ զօրեղ կ՚եղնի։

Էլան, առան զառուն ու գացին երկու աղբէր։ Գացին ու գտան զաղբուր։ Ըդ աղբրի ջուր՝ լուլէ մի ջուր է. կ՚իգայ կը կտրէ թըմամ զուր տըկու առուն ու հեղմ՚ լէ կը դառնայ, հեղմ՚ լէ կը խառնուի առուն։

Կը նստին վըր ըդ ական ու զուրանց բերդի հիմ կը թապլեն։

Սանասար կ՚երթէր նէջիր ու Աբամէլիք կը դատէր վըր բերդին։ Շէնլիք ըդ վէրքեր չկէր։

Մէկ տաս, քսան օր բանան վըր ըդ քօշկին։ Աբամէլիք էկաւ ընմէկ օր, տեսաւ, որ Սանասար թաշկեր է՜ր ու քուն ընցեր էր վրէն. արընդոտ նէջիրներ հըմալ անեփել թալեր էր ի գետին ու քներ էր։ Շա՛տ կսկծաց ըդուր օղուրին ու ասեց.

-Աղբէր, էլի էրթանք, յար ի յե՞բ պիտի մնանք մենք հուդայ ու անլի միս ուտենք։ Աստուած՝ որ իտէր մըզի, մըր պապու քօշկն ու սարէն կ՚իտէր։

Երկու աղբէր հեծան ու խըստ էրեցին Արզրոմայ նստողին ու էկան։ Էկան գացին ըդ մարդուն երկու աղբէր, թամանայ էրեցին ու կ՚այնան էռաջ։ Ահագին ու քու քէֆով զըռբըդըսդ (զարբը դէսդ) մարդ են ըդ երկու աղբէր։

Արզրոմ նստող Ամիրէն շատ հըզ էրեց ըդունց մօտէն, հարցուց զուրանց ինս ու ջինս ու ասեց.

-Դուք ի՞նչ մարդ էք։

Սանասարն ասեց.

-Մենք Բաղդըդու Խալիֆի տղէկներն ենք։

Ըդ Ամիրէն ասաց.

-Հա՜յ, հա՜յ, հա՜յ…. (ու թօթուեց զուր փողպատ ըդունց մօտէն)։ Մենք ըդունց մեռըլներուց կը փախնինք, ըդունց կենդնուն ռաստ կ՚իգանք։ Մենք ձըզի տէր չընք կռնայ եղնի. յո՛ւր վէ կ՚երթաք, գացէ՛ք։

Սանասարն ասեց Աբամէլիքին.

-Աղբէր, մենք ըդ պապու մօտէն կը փախնինք. զըդոր անուն մըր վրէն հօրի՞ ենք դրի. ըստիր յուր որ գացինք, որն որ հարցուց, տ՚ասինք՝ Մըզի բան չկայ, նը պապ, նը մամ, նը տուն, նը վաթան։ Բըլքէմ խըլխ զմըզի տիրեն։

Հոնկուց դարձան ետեւանց, զարկին գացին մօտ Ղարսայ նստող Ամիրէն։ Էն լէ զըդ պատճառ տուեց ըդ տղէկներուն։ Ու ընոնք ըդ տեղէն դարձան, խըստ էրեցին իդա հեղ Կապուտկողի թագաւորին ու գացին։

Կապուտկողի թագաւոր զըդ մարդիկ տեսաւ, շատ հըզ էրեց ըդունց մօտէն։ Աբամէլիք թամանայ եղաւ ու կայնաւ ըդուր առջեւ, շատ դուր էկաւ ըդ թագաւորին։

Հարցում էրեց ըդունց մօտէն, թէ.

-Օղուլ, դուք յուստա՞յ էք. ի՞նչ ունիք. ի՞նչ չունիք։

-Թո՛ւյ բանմ՚ լէ չունինք,- ասեցին,- նը մամ, նը պապ, թու թաբայ չունինք։

Սանասարն եղաւ չըբուղջի, ու Աբամէլիքն եղաւ ղայվաջի։ Մէկ ժամանակ ըդունք հըմլայ կեցան։

Օրերուց մէկ՝ Սանասար Աբամէլիքին ասեց.

-Ըդ խըտար ամագ կերանք ու մըր խըռբէն հըմալ մնաց։ Լուսուն,- ասեց,- ոչ դուն ղայվա եփէ, ոչ ես չըբուղ կպում իտամ, առուըտուն չերթանք ուրան երեւան։

Կապուտկողու ըդ թագաւոր քնուց իմցաւ։ Նը էն կայ, նը էն։ Ըդ հաղ կանչեց զըդ մարդիկ, առեց էկաւ թագաւորն ու ասեց.

-Օղուլ, ախըր ես էռաջ ասեցի ձըզի, թէ ձըզի ի՞նչ կայ, մա՛մ, պա՛պ. ու դուք պատմութեն էրիք, թէ մըզի բան չկայ։ Դուք զձըր մադէն ինչի՞ վրայ էք էրե։

Ասեցին.

-Թագաւորն ապրած կենայ. մենք՝ ողորթմայ է, մամ ու պապ չունինք, մա՝ քենէ պահենք, Աստըծուց ի՞նչ պահենք. ամագ մէկ խռբի մի տըւեր ենք մէ քիչ, ու թորկեր ենք էկե։ Իդա օրինակ աղբուր մի։

Ու նաղլ էրեցին ուրան։

Թագաւորի սիրտ կըռչաց վըր ըդունց, ասեց.

-Օղուլ, չընքի հըմալ է, առւօտուն ձըզի քանի մի տուն կ՚իտամ, ու գացէք զձըր բերդ շինէք։

Ըդ թագաւորն էլաւ տուեց ըդունց քառսուն տուն։ Հէ՜յ գըտի տուն… ամէկուն մէկ է՜շ ու մէկ ճախրակ։

Առաւտուն էլան բարձան զուրանց տներ, ու երկու աղբէր խըստ էրեցին ուրանց խըռբին ու գացին։ Գացին էլան վըր ուրանց աղբրին ու վըր ուրանց հիման։

Սանասարն ասեց Աբամէլիքին.

-Ավալ զիդա բե՞րդ շինենք, թէ չէ զիդա ֆախիր ֆուխարի ավահիք։

Աբամէլիք ասեց.

-Առաջ շինենք զէդոնց ավահիք ու նոր շինենք զմըր բերդ. ըդ ֆուխարէք չըն կռնայ արեւուն առջեւ կենայ։

Ու բաշլայեցին զավահիք։

Աբամէլիք ընդար զօրեղ էր, որ օր տասն տան տեղ կը փորէր ու տասն տուն կը շինէր. ըն մէկէլ լէ զփէտեր կը բերէր. ու բանուածքը երկու սով կը շինէն. չորս աւուր մէջ լման զքառսուն ավահիք շինեցին երկու աղբէր։

Սօրայ կրկին բաշլան զբերդ շինեցին ու թամամ էրեցին։ Ընքան զօրեղ են, որ քարէ սան քարէ սուն զարկեցին, ձաք թալեցին, թամամեցին զբերդ։

Աբամէլիք էլաւ էկաւ մօտ ուր Կապուտկողի թագաւոր, ասեց.

-Մենք քո ավլատն ենք ու շիներ ենք ու թամամե զմըր բերդ. էկեր ենք քու մօտ ու խնդիրք կ՚էնենք քեզանէ, որ իգաս ու մըր բերդին անուն դնես։

Ըդ Կապուտկողու թագաւոր շատ սիրեց ու ընդունեց զԱբամէլիք ու ասեց.

-Գա՛յ որ զիս չըք մոռցերի…։

Ու էլաւ զուր աղջիկ տուեց Աբամէլիքին, չըրաղ էրեց։ Զաղջիկ որ պսակեցին վրէն, էլան թագաւորն, աղջիկն ու տղէն ու քեռի Թորոս լէ ուրանց հետ գնաց։ Հեծան ու գացին։

Ընկաւ ուրանց առջեւ Աբամէլիք, ու գացին էլան վըր բերդին։ Հոնկուց թագաւոր տուեց ձիու գլուխ, որ պըտի դառնէր, ասեց.

-Դուք ձըր բերդին անուն դրեր էք ու խաստի զիս կը կանչէք ու կը փորձաք։

Աբամէլիքն ասեց.

-Թագաւորն ապրած կենայ. իտխաթ էրա, որ մենք ըդ բերդին անուն չենք դրե. զէն կ՚ինանք, որ բերդ մը շիներ ենք, կանգնցե։

-Էլա իսա, չընքի որ անուն չըք դրերի, քարէ սան սուն էք զարկե, ըդրա անուն տ՚եղնի ՍԱՆՍՈՒՆ, Սասուն։

Մէկ ժամանակ մանցին հոդի, քեռի Թորոս լէ կարգեցին, ու էն լէ մնաց հոնի, ու թագաւոր դարձաւ ուրան տեղը։

Աբամէլիք շատ զօրընդեղ մարդ էր։ Սեւսարի բոլոր ու չուր ի Ծծմակայ քիթ՝ Մշու վերեւով պատան քաշած եղած են չուրի Սեղանսըրու գօտէնը վի Ճապաղջրու դուրան ու զըդ բիթուն լէ զավթեց։ Չորս դարգահ լէ թողեց. ու միշտ հանապազ կը զարկէր զուր դարգահ ու կը հեծնէր զուր ձին ու ինչ խտար ջին ու ջանավար եղնէր, կը բռնէր։

Օրերուց օրմ՚ լէ զարկեց գնաց չուրի Մըսըր ու Մըսըր լէ զավթեց։ Գնաց գիշեր ըդ Մսրայ կեղոցի կնկան խեչ պառկաւ, ու եղաւ իրնէ ավլատ մի։ Ու Մսրայ թագաւոր լէ իմցաւ, որ ըդ տղէն Աբամէլիքիցն է, չընքի ընդրայ անուն Աբամէլիք էր, զտղի անուն լէ դրեցին Մսրամէլիք։ Ու Աբամէլիք լէ սպանեց զՄսրայ թագաւոր, առաւ զընդրա կնիկ ու նստաւ Մըսըր, եղաւ թագաւոր։

Ըդի թող մնայ ըդ տեղ նստուկ։

Բ

Սանասար նստուկ էր Սասուն. ուր պապու կռքեր չըն թողի, որ ըդի սըթրէր, ու ելաւ խըստ էրեց ուր պապուն ու մամուն ու գնաց Բաղդադ։ Ուր պապ նստուկ էր փանջարէն, տեսաւ, որ ուր տղէն Սանասար կ՚իգէր. ու ճանչցաւ ու ասեց.

-Է՜յ մեռնիմ քըզի մեծ կուռք, ի՛մալ զքո մատաղ քաշիր բերիր. յար յեբ է մանցե՝ զմըկէլ լէ քաշես բերես։

Մամ, չընքի խաչապաշտ էր, նստաւ ուր տղէկներն ապով արսունք թափեց։

Պապ առեց թուր ու սուր ու գնաց։ Կանչեց ու ասեց.

-Արի երթանք, որդի, երկրպագութեն արա մեծ կըռքին, որ զքզի մատղեմ։

Ասեց տղէն.

-Աբօ՜, քո ճոչ կուռք շատ զօրաւոր կուռք է. գիշեր լէ չըր թողնե, որ մենք ընտեղ սըթըրվենք. յար յե՞բ է մանցե՝ զուր մէկէլ մատաղ լէ կը քաշէ ու կը բերէ։

Առաւ զտղէն, ու մտան կռքատուն։

Տղէն պապուն ասեց.

-Աբօ. չէ՞ դու գինաս, որ մենք գացինք՝ մենք պստիկ էինք. մենք զքո կռքի զօրութեն չընք գինե. դէ՛ դու կզի, քո կըռքին երկրպագութեն տուր, իշեմ ի՛մալ կ՚իտաս, ուսնեմ։

Պապն ասեց.

-Հըմլայ, լաօ՛‚- ու կզաւ, երկրպագութեն տուեց։

Տղէն ասեց.

-Աբօ, քո կուռք ի՞նչ զօրաւոր կուռք էր, որ դու յեբոր կզար, իմ աչքեր մթնեց, չտեսայ իմալ էրեցիր։ (Չընքի չհասաւ, որ առաջի դրբին զարկէր, մալութի կոճկներ չարձկվաւ)։

Ասեց.

-Աբօ, աբօ, իդա հաղ լէ երկրպագութեն էրէ, տեսնենք ի՚մալ կ՚էնես, որ ես լէ էնեմ։

Ու հեղմ՚ լէ յեբոր կճաւ պապ, տղէն ասեց. «Եա՛ հացն ու գինի, տէրն կենդանի», ու կուրզ մի իջաւ, ու զուր պապ Խալիֆէն եօթն գազ գետին վե իջուց։ Առեց զկուրզն ու ինկաւ մէջ կռքերուն, զըմէն լէ ջարդեց ու առաւ զարծըթներ լցեց ուր մալութի փէշ ու բերեց տուեց ուր մամուն ու ասեց.

-Մամօ, իդոնք էրէ քըզի զենաթ։

Մամ լէ կզաւ վըր քիթ ու բերնին, երկրպագութեն էրեց ու ասեց.

-Գոհանամ քենէ երկնի ու երկրի ստեղծող, գա՛յ որ զմըզի ազատ էրեցիր էն զալըմի ձեռնէն։

Բերեց զՍանասար փսակեց ու պապու տեղ դրեց վըր թախթին։ Ընի ընտեղ մնաց։ Դառնանք Աբամէլիքի վրէն։

Գ

Աբամէլիք, որ նստուկ էր Մըսըր, զուր մօտից եղող տղէն զՄսրամէլիք թողեց ուր տեղ ու ինքն էկաւ ի Սասուն։ Մէկ ժուկ մ՚ ու ժամանակ ըդ մէջ ընցաւ. քընիմ՚ տղայ ըդուրա մօտից եղան. մէկի անուն դրեց Ճնճղափոքրիկ‚ ճոչ տղի անուն դրեց Ցռանվէգի‚ մէկին՝ Ձէնով Ովան, մէկի անուն լէ՝ Խոր Գուսան, ու յըմնու պստկի անուն լէ՝ Դաւիթ։

Էդ տղէկներու մէջ Ճնճղափոքրիկն ու Ցռանվէգին իսկ բանի պէտք չիգէն։ Ըմա Ձէնով Ովան հըմալ ձէնով էր, որ եօթն գըմշու կաշի կը թալէր արեւ չորցընէր, ու կը փաթթէր զինք, ու կը բօռէր, որ չեղնէր պատռուէր։

Դաւիթ քընց զըմէնլէ հընարով էր, ուր զօրութեն՝ էլ լեզւով թարիֆ չեղնի։

Իդա անգամ մէկ ժուկ ու ժամանակ մնաց, հալւորաւ Աբամէլիք։ Օր մի օրերուց ինք ու յինք նստաւ ու դուշուրմիշ եղաւ, ասեց.

-Չորս կողմ եղաւ ընձի դուշման, ետեւ իմ անցման էլ ո՞ր իմ ճժերուն տիրութեն տ՚էնէ. թէ որ էնէ՝ պտի Մսրամէլիքն էնէ. էլ բաշխա մարդ չկռնայ դիմանայ իմ դուշմներաց։ Էլաւ խըստ էրեց Մսրամէլիքն ու գնաց։ Ծեր ժամանակն էր։ Ասեց.

-Մսրամէլիք, օղուլ, դու լէ իմ ավլատն ես։ Թէ ես շուտ մեռայ, իմ ճժեր ամանաթ քըզի, թէ դու շուտ մեռար, քու ճժեր ամանաթ ընձի. ես կը պահեմ։

Դառձաւ ու էկաւ, մնաց ուր բերդ։ Մահու օրն էկաւ, մեռաւ։

Մսրամէլիքն էկաւ, զըդրա ճժերն առաւ ու գնաց. չունքի զուր պապու թամբիհ չըր մոռցի։ Եօթն տարի Սասուն սուգ մնաց Աբամէլիքի մեռնելուց ետեւ։

Օրերուց մէկ նստան ու դրեցին գինեխում քեռի Թորոսն ու գեղացիք։

Գեղացիքն ասեցին.

-Քեռի Թորոս, մըր տղէկներ հալւորան, ու մըր աղջըկտիք պառուան. թը դու կ՚ինաս թը մըր եօթ տարի սուգ պահելով մըր Աբամէլիք կը սաղնայ, եօթ լէ աւլի կը պահենք։

Քեռի Թորոս իզին տուեց դուր դրկցներուն ու ասեց.

-Կարգէք զձըր տըղէկներ ու աղջըկտիք. սուգ պահելով բան չեղնի։

Դրեցին զուրանց գինուխում ու քէֆ էրեցին։ Քեռի Թորոսն առեց զկթխէն ի ձեռք, կայնաւ ու միտք արեց. նը կը խմէ, նը կը դնէ։ Թորոսի տղէն ի փողանէն ձէն տուեց պապուն ու ասեց.

-Աբօ, ըդունք Սասնոյ ծռերն են. մկայ մէկ քամ խօսք քե կ՚ասեն, եա՛ խմէ, եա՛ դիր գետին‚ քէլէ։

Պապ վերուց տղին ասեց.

-Հէ՜յ շան որդի. ես նստիմ հոդայ կերուխում էնեմ, Մսրամէլիքն իգայ տանի զմըր ճժեր. զԱբամէլիքի տղէկները դըրթըփէ, ես նստիմ հոդայ կեր ու խում էնեմ. ամօթ չէ՞ մըզի. «Հաց գինի ու տէր կենդանի»‚ քըն զըդ կըթխէն էւել խմած չեղնիմ, ելնեմ երթամ իմ ճժերուն երեւան։

Քեռի Թորոս Սասնու զարկեց ու գնաց ի Մըսըր. ղօնըշմիշ եղան ինք ու Մսրամէլիք ու նստան. ասեց.

-Հայդէ՛, ես ու դու Աստծու դատաստուն։ Ղորդ է, դու ու Աբամէլիք իրար հետ սանատլաշմիշ եղեր էք, ամա գերին գին եղնի, տիրուն կը հասնի։

Էլան ու գացին շարեաթ. ճժեր հասաւ քեռի Թորոսին։

Մսրամէլիքի աչք շատ կը վախենայ ըդ ճժերուց. քեռի Թորոսին ասեց.

-Բե ւ՚ արի զըդ ճժեր ընցու իմ թրի տակն ու առ ու գնա։

Էկաւ ու թարիֆ էրեց տղէկներուն քեռի Թորոսն։

Ցռանվէգին ասեց.

-Երթանք ընցնինք ուր թրի տակն ու երթանք։

Մըկէլ երկու սլէ հմալ ասեցին։ Ըմա՝ Դաւիթն ասեց.

-Կը սպանէ՝ թող ըսօր սպանէ, որ խըլխ ասեն ճիժ մ՚ սպանեց. ես ընդրայ թրի տըկով չըմ ընցնայ. հըմալ կ՚էնէ, որ վաղ ես մեծնամ՝ սուր չքաշե՞մ ուր վրէն։

Ուր ահուն քեռի Թորոս զըդոնք թօփ էրեց, որ տանի ընցու թրի տըկով։ Դաւիթ զընկռաւ ու կայնաւ ու չերթայ թրի տըկով։ Քեռի Թորոս բռնեց զԴաւիթի պառեկն ու հլոտեց, որ ընցնայ թրի տըկով։ Դաւիթ չգնաց թրի տըկով, կշտով ընցաւ, ուր ճոչ բոթ քիսաւ ի ջարդու քար՝ կրակ էլաւ մօտէն։ Յեբոր Մսրամէլիք տեսաւ, շատ վախեցաւ ու ասեց.

-Իդա պզտիկ է, էսքան է, որ մեծցաւ, ի՞նչ տ՚եղնի։ Թէ որ ընձի զաւալ մի եղնի՝ ըդրա մօտէն է։

Քեռի Թորոս առաւ զճժեր ու էկաւ ի Սասուն։ Ցռանվէգին դրեց բերդի մէջ ուր պապու տեղ ու Դաւիթ, որ ըմնու պստիկն էր, դրեց հորթերու առէջ։

Դ

Դաւիթն էր, օր կօպալ մի կը զարկէր հորթերուն, քառսուն հորթիկ լէ հետ կը գլորտուէր։

Օրերուց օրմ՚ լէ քշեց զհորթեր հանեց սարի գլուխ։ Տեսաւ, որ հորթրածի մէկ լէ ուր հորթերուն կը քըֆըրտէր, ու ընդիէն էկաւ։ Դաւիթն ասեց.

-Օ՛ մարդ. դու ընձի կը քըֆըրտե՞ս. դու կայնի որ ես իգամ՝ կօպալ մի զարկեմ, որ դու սասանես։

Ըդի ասեց Դաւիթին.

-Գլխուդ արեւուդ մեռնիմ. ես լէ քո պապու գեղի հորթրածն եմ. ու իդա՝ ռըմկայ հորթերն են։

Դաւիթն ասեց.

-Էլա իսա, ես հորթերու վախտ չըմ գինայ. զիմ հորթեր լէ դու պահէ. յեբոր երթլու վախտ կ՚եղնի, տուր իմ առէջ, տանիմ։

Ու ըդ օր առեց զհորթեր վախտի հետ ու էկաւ ի գեղ։ Խնդացաւ քեռի Թորոս ու ասեց.

-Որդի, հըմլայ ֆասալով եղի. ըմըն օր վախտի հետ արի գնա։

Դաւիթն ասեց.

-Քեռի, իմ հընար չէր էդ. ընձի աղբէր մի բռներ եմ. ըմն օր տի պահէ զիմ հորթեր. ըսդիր աղէկ տը տիրապըտեմ։

Օրերուց մէկ ուր ընկեր անգըցաւ. Դաւիթ շատ վիրաւորաւ։ Ըդ տղէն լէ, մ՚ ասի, ըդոնց գեղ ցասման ժամ է, պատարագ է, տղէն էդ ապով անգցեր է. էկաւ։ Դաւիթ ըդրան ասեց.

-Ըսօր դու իմ ձեռնէն իմա՞լ պտի ազատուիս։

Տղէն ասեց.

-Դաւիթ, գլխուդ արեւուդ մեռնիմ. ես քո ահուն հեղմ՚ լէ չկայնայ ու զըն ցասման ճաշից գդալմ՚ լէ չկերայ, քշեցի զհորթերն ու էկայ. ընուր ապով քիչմ՚ անգցեր եմ։

Դաւիթն ասեց.

-Դու նստի հոդայ, ես երթամ, քե ճաշ առնեմ իգամ։

Դրեց զկօպալ վըր թեւին ու գնաց. զարկեց ինկաւ ի ռըմիկ, տեսաւ որ զհէրիսէք զըմէն հանած են դրած ի կալ. երէցներ էկած են կ՚օրհնեն։ Գնաց զկօպալնի էձգեց ի չորս կանթէն պղինձ մի՝ հըմալ լըքցուկ, ու դրեց վըր թեւին։ Զարմցան ըդ երէցներ ու ըդ մարդեր որ հոդ էն։ Մարդու մէկ կանչեց թէ.

-Ըդի ախըր զպղինձ տարա՜ւ հէ՛։

Երէց կանչեց.

-Քո Աստծու սէ՜ր, ձէն մ՚ էնէ. ըդի Սասնու ծռերուցն է. կը դառնայ զմըզի ջարդ ու բուրդ կ՚ենէ. զուր գլուխն ուտի‚ թըղ տանի։

Դաւիթ լէ առեց զպղինձ լքցուկ ճաշով, էկաւ մօտ ուր ընկեր։ Նըստեր է ընկեր ու կ՚իլայ։

-Հէ, հէ,- ասեց,- գինամ դու յօրի՞ կ՚իլաս, զճաշ բերեր եմ, զաղ ու զեղ չըմ բերերի. էն ապով կ՚իլաս։ Կե հըմկայ զճաշ, իրկուն գնա զեղ ու զաղ կե վրէն։

Ասեց տղէն.

-Դաւիթ, գլխուդ արեւուդ մեռնիմ։ Զեղ ու զաղն ես ի՞նչ էնեմ։ Դեռ էլան քառսուն հարամի (խարամանի) դեւ, զարկեցին զմըր հորթեր տարան ու գացին։

Դաւիթն ասեց.

-Դու հոդա կեցի, իդա տեղու հորթերուն իշէ, ես կ՚երթամ զմըկլտոնք կը դարձում։

Ու ընկաւ հորթերու ետեւն ու գնաց, առեց զըռէջք, գնաց էրի մի դուռ ու կայնաւ։ Դաւիթ հոդի մէկ ձէնով բօռաց, սարսափ թափաւ վըր ըդ դեւերուն. (Իմալ որ Քրիստոսի ձէն ընկաւ դժոխք ու սատանէք խըռգլան)։ Էդ հրամիներու մեծ յեբոր լսեց, ասեց.

-Գիդի‚ ըդի Դաւիթ՝ Աբամէլիքի տղէն է. ելէք խզմաթ էրէք, որ չսպանէ զմըզի։

Մէկ-մէկ դուրս էլան, ու Դաւիթ մէկ-մէկ կօպալ զարկեց, ու քառսունի գլուխ լէ գնաց, ու ջանդակ մնաց. զըդ քառսունի ականջ լէ կըտրեց ու տարաւ էրի մօտ, քարու մի տակ պահեց։ Դաւիթ զկօպալ ողմըցուց ի դուռ ու մտաւ էրի մէջ, տեսաւ որ գօլօն մի ոսկի է, մէկ՝ արծաթ, աշխըրքի մալ ու տօլվաթ. քանի որ ուր պապ մեռեր է‚ ըդունք աւերութեն էրած են ու լցած էդ էր։ Դուռ մի բացեց, որ ձիու քուռակ մի կապուկ էր յինք։ Ինք ու յինք դուշուրմիշ եղաւ ու ասեց.

-Քեռի‚ իդա մալ ըմէն քըզի, ու իդա ջանավար ընձի. կ՚իտաս՝ տուր‚ չըս իտա՝ զքըզի լէ կը հասում իդունց։

Հեղմ՚ լէ ինք ուր գլխուն կ՚ասէ.

-Լաօ, մալ լէ քըզի, ջանավար լէ քըզի. ես ի՞նչ կ՚էնեմ։

Դարձաւ իշեց, որ քառսուն կանթէն պղինձ մի դրուկ էր օճախի վրէն, քառսուն հորթիկ լէ մէջ։ Զկօպալ կը մտու կանթներ ու կը վերցու, ջուր կը դարտկէ ու հորթերու ոտքեր լէ կը լըլայ մէջ. կը շալկէ ու կ՚երթայ։ Առ ու էկաւ մօտ ուր ընկեր. առեց զընկեր ու զմնացած հորթեր ու դարձաւ էկաւ ի ռըմիկ. կանչեց զհորթերու տէրվըտանք ու բերեց, ասեց.

-Թէ որ իմ աղբօր ճանկ մի հախ կտրէք, վա՜յ վաւլէր ձըր ջանին։ Զըդա պղինձ լէ ծախէք, թող եղնի ձըր հորթերու տեղ։

Ինք լէ ջոկեց զուր հորթեր ու կէսօրին էկաւ տուն, քեռի Թորոսին ասեց.

- Քէլէ, առ քսանըմ ջորի, ու երթանք մալ բերենք, որ դու լէ ուտես ու քո եօթը պորտ լէ. յար յե՞բ ես տ՚եղնիմ հորթրած։

Ու առան զջորէք ու գացին։ Գացին մօտեցան էրին. քեռի Թորոս տեսաւ որ դեւեր բիծած են էրի դուռ, ուռա՛ծ են, եղած ամէկ քընց Պող բլուր։ Քեռի Թորոս վախենալուն պըրծուց զուր ջորին մըկէլ ջորեցներուց ու փախաւ։

Դաւիթն ասեց.

-Տնաւե՛ր, ես ըդունց սաղերուց չըմ փախի, դու ըդունց մեռլներուց հօրի՞ կը փախիս,- ասեց,- թէ չըս աւատայ, դարձի քո ետեւ, պալի տակ իշէ, զըմընու ակընջներ լըլեր եմ հոդի։

Քեռի Թորոս տեսաւ ու դարձաւ առ զջորեստան ու մտաւ յէր, ինչ կէր չկէր ժողվեցին, զբեռներ բռնեցին։

Ասեց.

-Քեռի Թորոս, իդա մալ ըմէն քըզի, ու իդա ջանավար ընձի. կ՚իտաս՝ տուր, չըս իտա՝ զքըզի լէ կը հասում ըդունց։

Ասեց.

-Լաօ, մալ լէ քըզի ու ջանավար լէ քըզի, ես ի՛նչ կ՚էնիմ։

Թախրիր առեց քեռու բերնից ու էլաւ հեծաւ զքուռակ խառ կ՚իտայ, մէկ կ՚երթայ դինայ, մէկ կ՚երթայ դիտայ։ (Քուռակ չէ. դիլ իլան թարիֆ օլմազ քուռակի զօրութեն)։

Հըմլա մալով թամալով էկան ի Սասուն։ Դաւիթ գտաւ աղէկ բազէ մի ու ընկաւ արտեր նէճեր կ՚էնէր։ Էլ հորթեր թորկեց։

Օրերուց մէկ եկաւ աղքըտի մ՚ արտի հանպըտաւ, որ եօթ նըֆս քուլֆաթ ունի ու եօթ կորի կորեկ։ Զչորսն աւրեց, մնաց երեք։ Մէկ էկաւ ջուաբ բերեց աղքատ հալւորուն, ասեց. -Քո տուն աւրի. էլի գնա արտուդ երեւան. գիշեր կ՚իգայ զէն երեք կորին լէ կ՚աւրէ։

Հալւորն էր, առաւտուն ըն գլխուց չուր աղօթք կ՚էնէ, ու կ՚ելնայ կ՚իշէ զարտն աւրեր է։ Մէկէլ կը տեսնայ, որ Դաւիթ՝ բազէն ի ձեռք, հեծուկ զքուռակն, էկան։ Հալւորն ըդ տեղ անիծեց Դաւիթին ու ասեց.

-Դու Աստըծուց ըսկի չը՞ս վախնայ. դու վըր իմ կորեկի՞ն ես կտրիճ. եօթ նըֆս ունիմ, եօթ կորի կորեկ. չորսն աւերեր ես, մանցեր է երեք։ Կտրիճ ես, գնա զքո պապու մուլքն առ, որ Ծծմակայ գլխէն կ՚երթայ հար ի Սեղանսարու գօտին՝ զավթեր է Մսրամէլիք ու կ՚ուտէ։ Գնա զէն առ։ Վըր ընձի՞ ես կտրիճ։

Ասեց.

-Հալւոր, մ՚ անիծի ընձիկ, առ բուռ մի ոսկի, զքո իդարէն էրէ։ Ու զարկեց զբազէն։

Խօջայ Դաւիթն էր, ասեց.

-Քեռի Թորոս, էլի զիմ պապու կուրզն ու քէմալ տուր ընձի, որ կ՚երթամ կռիւ. զիմ պապու մուլք խըլխ կ՚ուտեն, դուք ընձի չը՞ք ասե։

Էլաւ քեռի Թորոս, գնաց մօտ Ցռանվէգին, ուզեց զուր պապու կուրզն ու քէմալ։

Ցռանվէգին չտուեց։ Հեղմ լէ դարձուց ու ասեց.

-Կ՚իտաս՝ տուր, չըս իտա՝ կ՚իգամ կը մարմնեմ, գլուխդ կ՚երթայ, ջանդակդ կը մնայ։

Ցռանվէգին վախուն տուեց ուր պապու կուրզ ու քէմալ, ու քեռի Թորոս բերեց տուեց Դաւիթին։

Ըդ գիշեր Դաւիթ քնաւ, տեսաւ էրած. առաւ քառսուն երինջ ու գնաց վըր սըբ բանձրիկ Մարաթուկայ. մատղեց զերընջներն ու լողգցաւ մըջ արունին. շատ լաց ու աղաչաց Աստծու երեսն ու վե. իջաւ Աստըծուց ուրան սուրբ Նշան մի ու սանդր մի. (ու հմկայ լէ ըն սուրբ Նշան՝ հանդէ ի գաւառ՝ Զօրկայ տուն) համբուրեց զսուրբ Նշան, դրեց աջ ծոցքի թարաֆ ու սանդր լէ դրեց ձախ ծոցք։

Ե

Ըդ Մսրամէլիք լսեց, որ Աբամէլիքի տղէն հասեր է ու էլե կ՚իգայ ուր վրէն կռիւ. ուրան թարաֆից լէ Խօլբաշին էլաւ առաւ զուր ազգար, էկաւ որ տի գէր ի Մարաթուկ, Դաւիթի վրէն, տեսաւ որ կընկտիք կայնած են ճամբու վրէն, ասեց ըդունց.

-Ձըզի պար ասէք, խաղցէք, չուրի ես իգամ։

Ասեցին.

-Մենք զի՛նչ ասենք ու խաղանք. չէ չը՛նք գինայ, թէ զի՛նչ ասենք։

Խօլբաշին ուրանց ասեց.

-Կարճ կընկտիք էրկանք աղան‚

Երկէն կընկտիք զուղտեր բառնան.

Մեր Խօլբաշին գացեր Սասուն ի բան,

Մուղալ եզներ բերէ լըծան.

Զկարմիր կովեր բերէ կըթան,

Գարուն բօլ կը շինենք եղ ու չորթան։

Մէկլէ կ՚իշէ, որ կնկտիք ուրանց զըդի կ՚ասեն ու կը խաղան։ Ըդոնք լէ կ՚առնեն զասգար, կ՚իգան ու կը լցուին Մարաթուկայ բակ։

Ըդ Մարաթուկայ երիցու աղջկան լէ աչք կայ Դաւիթի հետ. երիցու աղջիկ էկաւ խաբար բերեց Դաւիթին ու ասեց.

-Դաւիթ, խուրբան գըլխուդ ու արեւուդ, էլի տես ինչ խըտըր ազգար է եկե բակի մէջ, անթի ասգար են։

Երիցու աղջիկն ասեց, գնաց ետեւանց ու դռան դրկափակ քաշեց։

Դաւիթ թըռաւ էլաւ ու ասեց. «Եա հաց գինի, տէր կենդանի». ու բռնեց զասգրի մարդերու հըման զգլխներ, մարմնեց, ջանդակ գնաց պատնից դուրս, ու գլուխ մնաց բակի մէջ։ Բռնեց զԽօլբաշին լէ, քակեց զակռէք ու շարեց ի ճակատ. ու զմզրաղ լէ էրեց քընց շան խառան‚ կախեց վզից, ու ասեց.

-Դէ գնա ջուաբ տար Մսրամէլիքին. ուրան մարդ կայ՝ թըղ գոմէ, չուրի ես իգամ։

Խօլբաշին հեղմ՚ լէ էկաւ մէջ ըդ կընկտոնց, հեղմ՚ լէ կ՚ասեն ու կը խաղեն։ Կնկան մէկն ասեց.

-Խօլբաշի ջան, Խօլբաշի,

Իդա դիէն գացիր քընց գէլ գազան,

Ընդիէն էկար քընց շուն վազան.

Մզրաղդ է վիզդ քընց շան խառան,

Բերանդ է բաց քընց պատուհան,

Բերնէդ կ՚երթայ քընց չոբկի տըկի թան,

Ճանճեր վըրէն կապած գարուան։

Խօլբաշին ասեց.

-Տօ շընացած, գէլ անզգամ,

Ես գիցայ, թէ Սասուն դաշտ ու դուրան էր.

Չը գիցայ, թէ քար ու քար ու կապան էր.

Ըն ճըժեր որ նոր են էլած դիւանական են։

Ուրանց նետ կայ քընց ձիթխըցի գերան,

Որ կը զարկէն, բերան կը բացուէր քընց պատուհան.

Ըն մանկտիք որ հետս էր, ժողվան լցուան ի Խարաման։

Գարուն որ ջուրն էլաւ, կը ժողվէ բերէ ճոճ ու բլոր արմաղան,

Ըն ժամանակ ձըզի բօլ շինէք եղ ու չորթան։

Իդա անգամ Դաւիթ էլաւ խըստ էրեց, գնաց Մսրամէլիքի վրէն։ Էկաւ որ՝ ահագին ասգար ժողվեր են ու նստեր Սեղանսըրու գօտին։ Դաւիթ ասեց.

-Ուխտ եղնի, չուրի ես կանանչ կարմիր չատրի տակ եօթն օր բըրընձ փլաւ չուտեմ, կռիւ չէնեմ։

Էս անգամ ըդ տեղէն Դաւիթ զարկեց գնաց, արեւպտոց դիէն ֆըթլաւ էկաւ, էկաւ ու չատրի դէմ կայնաւ։ Յեբոր ըդ ասգար տեսաւ զըդ ձիաւոր, զանգայ բռնեց ու վախեցաւ։ Մէլիք հարցուց.

-Դու ի՞նչ մարդ ես։

Ասեց Դաւիթ.

-Ես արեւպտոց թագաւորի տղէն եմ. էկեր եմ ձըզի յօգ։

Մէլիք չատըր զարկեց. եօթն օր հըտիրաց հաց կերան. վըր ութնին էլաւ զուր ձին հեծաւ, երկու մէյդան գնաց եկաւ, ասեց.

-Էլի՛, որ ես էկեր եմ քո վրէն կռիւ. յար յե՞բ դու ուտես զիմ պապու մուլք։

Կռիւ կցեցին։ Դաւիթ կանչեց. «Հացն ու գինին, տէր կենդանին»։

Աղա՛, քեռի Թորոս լսեր է զըդունց կռիւ, քաշեր է մէկ բարդի ծառ, դրեր է վըր բիջին ու էկաւ։ Ինք կայներ է ձուրու գլխուն, ու ըդունք ձուրու մէջ կռիւ կ՚էնեն։ Որն որ կը փախնի, վեր կ՚ելնէ, Դաւիթ կը բօռայ.

-Քեռի Թորոս, դու ձորէ, ես ձորթփեմ։

Ասգար կայնան ու դաւա էրեցին, թէ. «Լազըմ է, որ մինակ դուք երկու ս կըռուէք, որն որ զօր կ՚եղնի, թող կըռիւ էնոր եղնի»։

Էն կ՚ասէ՝ դու նստի, ես զարկեմ, էն կ՚ասէ՝ դու։ Շուրուտ կապեցին, որ պստիկ աղբէր Դաւիթ նստի։

Դաւիթ քաշեց զխալխան ի գլուխ, բռնեց զսուրբ Նշան խալխընի տակ ու նստաւ։ Մսրամէլիք երեք սհաթի ճամբայ մեկնաւ ու իշտապով էկաւ, կուրզ մի զարկեց ու ասեց.

-Հող ես, հող դառնաս։

Դաւիթն ասեց.

-Հաւատամ, խոստովանիմ բանձրիկ Մարաթուկ սուրբ Նշան, ես հըմալ եմ՝ քընց կանանչ կարմիր չատրի տակ բրընձ փիլաւ կ՚ուտեմ։

Իրեք անգամ ըդ աւա գնաց էկաւ, զարկեց ու ասեց.

-Հող ես, հող դառնաս։

Դաւիթ լէ իրեք անգամ «Հաւատամ խոստովանիմ» ասեց։

Իդա անգամ դօր էկաւ նստելուն Մսրամէլիքին։ Մսրամէլիք հընգռաւ, կայնաւ, չըր նստի։ Ասգար մեղադրեցին զինք։ Էկաւ առաւ զխալխան վըր գլխուն ու նստաւ։ Իդա անգամ Մսրամէլիքի մամ մեղդրեց ու ասեց.

-Դաւիթ, ղուրբան գլխուդ արեւուդ. չէ՞ էդ լէ քո աղբէրն է. մը՚ զարկի, խեղճ է։

Ասեց Դաւիթ.

-Հէ՜յ անզգամ, չուրի հըմկայ որ էդ կը զարկէր, հօրի՞ չըր ասի՝ քու աղբէրն է։ Բըլէ, ըդ աւա թըղ եղնի։ Մէկ դըրբ թըղ եղնի Աստծու խաթըր, մէկ լէ՝ քու խաթըր, ըմա զիմ ետի դըրբ կը զարկեմ, եա կը մեռնի, եա կը մնայ։

Գնաց էկաւ, կուրզ մի զարկեց. եօթ գազ ի գետին տարաւ զՄսրամէլիք։ Ու գնաց զավթեց զՄըսըր ու նստաւ թագաւորի թախտ։

Ըդի հոդ մնաց։

Զ

Գաղզուանու Ամիրին աղջիկ մի կայ, անուն Խանդուդ խանըմ։ Ըդի լսեց Դաւիթի զօրեղութեն, հախ տուեց աշողի մ՚ ու ասեց.

-Գնա զիմ գովասանք էրա Դաւիթին. բըլքըմ իգայ հոդա, զիրար առնենք։

Աշողն էր էլաւ գնաց ի Սասուն, գինէր խը՛յ Դաւիթն ի Սասուն էր։ Էկաւ ու էլաւ Ցռանվէգու բերդ, գինէր թը Դաւիթն է ընտեղ նստուկ։ Նստաւ դամ էրեց Ցռանվէգուն։ Ցռանվէգին ասեց.

-Գիդի՛, ելէք զըդի ծեծէք, էրէք դուրս. էդի էկեր է զիմ աղբէր խաբէ տանի։

Ծեծեցին ու տարան ձոր մի զըդ աշող, վըր ճամբուն թալեցին։ Իրիկուան հօտըղներ զուրանց եզներ հեծած են կ՚իգան գեղ։ Մէկի եզ խրտաւ, հօտաղ պատաւ վրաւէն. ոլըրդան գտան զաշող։

Աշող լաց ու աղաչաց ըդ հօտըղներուց ու հարցուց.

-Ըդ ո՞րն է նստուկ մէջ էդա բերդին։

Հօտըղներ ասեցին, թէ.

-Ըդի Ցռանվէգին է։ Դաւիթ հանդ է Մըսր։

Էլաւ աշող ոսկի մը տուեց հօտըղներուն։ Հօտըղներ գոմեցին զուր դամբուռի կտորտանք տուեցին ուրան, ճամբէն ցըցուցին, ու աշող դէմ էրեց ի Մըսր։ Գնաց զխանըմի հիմաթն էրեց Դաւիթին։ Դաւիթ շատ բէշգէշ (բաշխիշ) տուեց ըդ աշողին ու ասեց.

-Դու գնա, ես կ՚իգամ։

Աշողն էկաւ, Խանդուդ խանըմին ասեց։

Դաւիթ լէ Մըսրայ էլաւ շիտակ էկաւ ի Սասուն։ Սասնու էկաւ հասաւ ի Ծծմակայ քիթ, տեսաւ որ գութան մի վըր ճամբուն էր։ Արձկեց զտաւար, էրեց դէն, բըռնեց զզընջիլ, հեծաւ զձին, իտա դիէն կը քաշէր զգութան, կը հանէր Սարու գլո՜խ ու ընդիէն քաշէր բերէր ցած. ու ըդ հըմալ Սեւ սարու գլուխնը վե գլխվրաւ, էկաւ վըր Մառնիկ գեղի հնին։ Էկաւ տեսաւ, որ գըմէշ մի պրծեր է էկե ճամբու վրէն ու թըրքեր է։ Ըդուր թրիք կը տեսնայ, կ՚ասէ.

-Ընձի թ՚ որ զաւալմ՚ եղնի՝ ըդուր թըրքողիցն է, չեղնի՝ ըդուր թրքողիցն է։

Տեսաւ գըմէշ մի տըլի մէջէն էլաւ։ Դաւիթ, որ հըմլայ բան ըսկի չըր տեսե, քաշեց զկուրզն ու կայնաւ, որ գըմշուն զարկէր։ Մէկ հօտաղ ընդիէն էկաւ ու գըմշուն կը քըֆրէր։ Դաւիթ գիցաւ խը՛յ ուրան կը քըֆրէ. ասեց.

-Լաօ, ես քեզ ի՞նչ եմ էրե, որ ընձի կը քըֆրես։

Հօտաղն ասեց.

-Հըդ քըզի ո՞րն է, աղբէր. դու Սասնու ծո՞ւռն ես, դու տունեա չըս տեսեր ես, ես իմ գըմշուն կ՚ասեմ։

Ասեց.

-Լաօ, հօրի՛ կը ռըգես, ամօ՞թ բան է. ես հըմլայ բան չըմ տեսե. ընդուր ինէ շատ կա՞յ ձըր երկիր։

Հօտաղն ասեց.

-Արի քըզի նշանց տամ։

Գացին Աւզուտայ դաշտ, որ ընտեղ գութան մի գոմըշներով լծեր են ու կը քշեն։ Էկաւ տեսաւ, որ գոմըշտան շոքուց զուրանց լեզուն թալեր են դուրս ու գութան կը քաշեն։ Դաւթի խեղճ էկաւ ըդունց վրէն, արձակեց զգոմշտանք ու տարաւ գօլ. ու մանճկալն առ անիծեց ըդուր։

Ասեց Դաւիթ.

-Մանճկալ, մ՚ անիծէ զիս. զըդ գութանի զընջիլ տուր իմ ձեռք։

Բռնեց զզընջիլ ու քաշեց. մանճկալ կայնաւ վրէն՝ ինն փաթ զըվըրցուց զգութան։

Հօտաղն ասեց Դաւիթին.

-Ըդի քո հընար չէ, իջի ձիու վրաւէն, քաշէ տեսնենք, քո հնա՞րն է, թէ չէ քո ձիուն։

Իջաւ, տասն փաթ լէ առանց ձիու քաշեց։

Ըս անգամ մանճկալն ասեց.

-Դաւիթ, ղուրբան քըզի‚ կէս օր է, նստի հաց կե ու նոր գնա։

Դաւիթն ասեց.

-Չէ, ես կ՚էրթամ. թըղ հաց ձըր ճժեր ուտեն. ես ուտեմ՝ ուրանց բան չմնայ։

Ախըր նստաւ։

Ու յեբոր հաց դրեցին, ինչ ղըդըր հաց կէր, ժողվեց ու մէկ հաղ սրբեց զքասէք ու դրեց բերան։

Հօտաղն ասեց.

-Եըմա՜ն, ելէք փախէք, էդի մարդ կ՚ուտէ հպա։

Դաւիթն ասեց.

-Լաօ, հըլբա՜թ գութան քաշող հաց կ՚ուտէ, ի՜նչ կ՚էնէ։

Ու էլաւ ըդ տեղէն, խըստ էրեց Խանդուդ խանըմն ու գնաց։

Է

Գնաց Խանդուդ խանըմի խանի դուռ (ընտեղն է, որ ըմէն ուզընկներ կ՚իգան կ՚իջնեն). էդ լէ գնաց, որ մարդու մէկ՝ թօփուզ մի ձեռք կայներ է դուռ։ Դաւիթ հարցուց ըդուր. -Տօ տըղա՛յ, քո անուն ի՞նչ պտի եղնի։

Ասեց.

-Իմ անուն Գօրգիզ է։

Դաւիթն ասեց.

-Գօրգիզ, ես Դաւիթն եմ։ Յեբոր ես Խանդուդ խանըմն առայ, զքըզի կ՚էնեմ ընձի քաւոր։

Իդա անգամ ասեց.

-Քաւո՛ր Գօրգիզ, ո՞ր կայ ներս։

Ասեց.

-Շըբըգան Խորասական, Հըմզայ Լօռայ փահլէվըներու ուզընկներն են էկե։

Ասեց.

-Զիմ ձին քաշէ կապէ դու։

Քաշեց կապեց։ Հարցուց.

-Իդա ի՞նչ թօփուզ է դրած են քո ձեռք,- ասեց,- հըմ իշեմ։

Ու ձեռքէն առեց զթօփուզ ու թալեց. ու դըռ հըլա՜յ կ՚երթայ…

Ու ասեց.

-Քաւոր Գօրգիզ, ներս էրթանք, էնենք կեր ու խում։

Դաւիթ նստաւ, թաշկուկ ու անօթի է։ Մէկ-մէկ կթխայ գինի կը վերուն ըն մարդեր ու կ՚իտան Դաւիթին. Դաւիթ լէ չկռնայ համբերէ, հըմա կը վերու զգինու տաշտն ու զըմէն լէ կը խմէ ու կ՚ասէ.

-Դէ ասէք՝ Անուշ եղաւ։

Գինին զԴաւիթ վերուց ու զԴաւիթ տարաւ։ Յեբոր Դաւիթ հըմլա կ՚եղնի ու գինուց գլուխ կը ցածցու գետնի վրէն, ըն մարդեր զուրանց թրեր կը քաշեն, որ զարկեն,ու յեբոր գլուխ վի կը վերու, զթրեր կը դնեն ուրանց չոգի տակ։

Հեղմ՚ լէ որ հըմալ եղաւ, քաւոր Գօրգիզ կանչեց.

-Սանհէր Դաւիթ, հոդի վնասատուն է, վրաստուն չէ։

Դաւիթ յեբոր լսեց, ասեց.

-Գիդի զդուռ բռնէ։

Հմա ըդ մարդեր էլան ու փախան. ամէկ ջլոթ մի զարկեցին Գօրգիզին ու փախան։

Ու Դաւիթ նոր կանչեց զԳօրգիզ, հարցուց զԽանդուդ խանըմ թէ.

-Յո՞ւր տեսնանք։

Գօրգիզն ասեց.

-Խաս բաղչէն։ Ըսօր ուրբաթ է, քսան ջառեա ուր առջեւն է ու քսան լէ՝ ետեւն է, ըսօր կ՚երթանք տեսնանք։

Գացին ողման բաղչի պատին ու կայնան Դաւիթն ու Գօրգիզ։

Ջառէք մէկ-մէկ ընցան. էկաւ Խանդուդ խանըմ։ Ձեռք թալեց Դաւիթ Խանդուդ խանըմի վիզ ու երեք պագ առեց խանըմից։ Խանըմ չխօսաց։ Հեղմ՚ լէ, ու Խանդուդ բռնեց զԴաւթի փողպատ, զարկեց ի պատ, արուն թալեց քթէն։ Հէրսոտաւ Դաւիթ։

Ու ըդ տեղէն դարձաւ խոստ ուր սուրբ Նշանին ու ձիուն, որ հեծնի։ Ու ասեց.

-Քաւոր Գօրգիզ, քաշէ զիմ ձին, որ աւրեմ զիդա քաղաք։

Գօրգիզ աղաչանք էրեց, թէ.

-Կը խնդրեմ քենէ, իդա վախտ թըղ մնայ, մութն է, լուսուն. լուսուն էլի, աւրէ ու գնա։

Դաւիթ լէ իր հէրսից պառկեր է վըր մահճքին. էլ քուն լէ չտանի, թէ՝ յե՞բ կ՚եղնի, որ լուսնայ, ես ելնեմ աւրեմ զիդա քաղաք ու երթամ։

Խանդուդ խանըմ լէ բաղչի մէջ սէյրան կ՚էնէ, թօփալ ջառէն էկաւ, ասեց.

-Սեւ սէյրան էկե քո վրէն. Դաւիթ հանդէ ըմկայ զքո պապու քաղաք կ՚աւրէ ու կ՚երթայ։

Կապեցին զուրանց բողչէն ու դարձան, ու շիտակ էկան խանի դուռ զարկեցին, որ բանան։

Դաւիթն ասեց.

-Ուհա, ուհա, ըդ ի՛նչ արսըզ են իդա քաղքցիք, սըթր չըն էնե յար առւըտուն, կ՚ասեն ըմկայ էլի աւրէ ու գնա։

Գօրգիզն էլաւ տեսաւ, դարձաւ Դաւիթին ասեց.

-Ըդունք քօլ են, կոտշով չեն։

Դուռ բացեցին։

Խանդուդն էկաւ մօտ Դաւիթ։ Խանդուդն ասեց.

-Դաւիթ, դու պագ մի առար քո ճամբու խաթըր համար։ Մէկ լէ առար քո խաթրի համար։ Մէկ լէ առար Աստծու խաթրու համար։ Զէւելի պագն հօրի՞ առար։ Դու քո պապու կտրիճն ես, ես՝ եմ պապուն։ Ասած են՝ Զաղջիկն ա՛ռ եզդինուց, որ տղէն եղնի քեռիստան։ Խըյ, Շըբըգան Խորասական, Լօռայ Հըմզայ փահլէվներու գլո՞ւխն ես բերե ընձի, որ էւելի պագ կ՚առնես իմ մօտէն։

Իդա անգամ Դաւիթ կակղցաւ, ու ասեց.

-Չունքի հմալ է, լուսուն ես կ՚երթամ զընոնց գլուխ կը բերեմ քըզի,- ու ասեց,- ես հանդէ կ՚էրթամ։ Եղաւ որ՝ ըդոնք եմ վրէն զօռ եղան, թէ զիս սպանեցին, թը դու զքո Աստուած կը սիրես, արի զիմ ջանդակ ճանչցի. վըր իմ աջ թեւին մսէ խաչ մի կայ, ճանչցի‚ վերու, բի, արի, պահէ։

Դաւիթն էր, էլաւ ընկաւ ճամբէն. փէհլիվաններ տեսան, որ ձիաւոր մի ընդիուց կ՚իգայ. ձիու թօզ երկինք կ՚ելնի։ Ասեցին.

-Ըդ ձիաւոր կռուի համար կ՚իգայ. չգինանք ըդի Սրգօյի (Սուրբ Սարգսի) ջորդերուցը՞ն է։

Կանչեցին հարցուցին.

-Ա՛յ մարդ, դու ի՞նչ մարդ ես, յո՞ւստայ կ՚իգաս։ Չընք գինայ դու զԽանդուդ խանըմ կը ճանչնա՞ս. զըդա մատնիկ չը՛ս կռնայ հասու ուրան։

Դաւիթն ասեց.

-Աղէկ կը ճանչնամ, ըմա ես էկեր եմ, որ ձըր գլուխ տանիմ Խանդուդին. ես չըմ էկի մատնիկ տանելու։

Ըդ Շըբըգան Խորասականի վերին ունք (յօնք) էնքան էր կախուի, որ էկեր էր հասե վըր սրտին. ու չանգալով կապեր էր ու զարկե ետեւանց վըր պառեկին։

Ըն մըկէլ Լօռայ Հըմզայ փահլիվանի ներքեւի մռութ զգետին կ՚աւլէր ու կ՚երթէր։

Առան իրար Դաւիթն ու էդ երկու փահլիվան՝ կուրզ ու քէմալով, օր մի յար իրիկուն։ Դաւիթ կանչեց. «Եա՛ հաւատամ խոստովանիմ բանձրիկ Մարաթուկ սուրբ Նշան, Յիսուս որդի դու օգնական»,- ու զարկեց զերկու սի գլուխ լէ կտրեց ու զերկու սի բրչամ լէ կապեց յիրար ու խուռջինի աւա թալեց վըր թարքին. ու ընդունց լեզուն կախուած՝ զգետին գութնի ակօսի աւա կը վարէր։

Բերեց զըդունց գլխներ, էկաւ ճամբու կէս, տեսաւ, որ մէկ ձիաւոր մէջ երկինք, մէջ գետին խառ կ՚իգայ ընդիէն, կանչեց վըր Դաւթին.

-Հօ՜՜՜, զքըզի քո վախտին հազըր պահէ. Շըբըգան Խորասական, Լօռայ Հըմզայ փահլիվընի՞ն ես ռաստ էկե։

Պառեկի թարաֆն առաւ Դաւիթից, կուրզ մի զարկեց։ Դաւիթ զթամք դարտկեց։ Կուրզն առաւ ձիու զանգուն, տարաւ գետին։

Դաւիթ մէկ լէ շիտկաւ վըր թամքին, ասեց. «Եա հացն ու գինի, տէր կենդանի»։ Զկուրզ տարաւ, որ զարկէր գլխուն, ըդի գճաւ, ծամեր թափաւ առջեւու։ Դաւիթ տեսաւ ու ճանչցաւ, որ Խանդուդ խանըմն էր, ուր խըլըխ փոխեր էր, էկե Դաւիթի առէջ։ Դաւիթ ասեց.

-Դէլ անզգամ, գլուխս կ՚իգայ, որ կուրզ մի զարկեմ զքըզի, իտամ գետնի տակ. ըդի լէ երկու հեղ եղաւ, որ բէնամուս կ՚էնես զիս։

Առան զիրար ու դարձան Խանդուդի քաղաք ու էկան իջան։ Իդա անգամ կանչեցին զԽանդուդ խանըմի պապ։

Դաւիթն ասեց.

-Քու աղջիկ չը՞ս իտար ընձի։

Պապն ասեց.

-Չըմ իտար։ Թէ կ՚առնես ու կը մնաս հոդա, կ՚իտամ, թէ կ՚երթաս՝ չըմ իտար։ Հօրի՞, իմ դուշման շատ են, կ՚աւրեն զիմ քաղաք։

Դաւիթ լէ ասեց.

-Կ՚առնեմ, մնամ հոդա, չըմ տանի երթայ։

Ըդրա վրէն բերեցին տուեցին, զուրանց պսակն էրեցին, ու եօթն օր‚ եօթ գիշեր հարսնիք էր։

Ը

Մէկ ժամանակ յինք ընցաւ. ինն ամիս, ինն օր, ինն սըհաթ որ թըմաւ, Աստուած ուրանց տղէ մի տուեց։

Դաւիթն ասեց Խանդուդ խանըմին.

-Թէ որ ըդ տղէն ընձնից է, ուր վրէն նշան մի, զօրութեն մի տ՚եղնի։

Բերեցին զտըղէն խօնդախ էրեցին ու բերեցին զգութնի զընջիլ պընդի տեղ փաթթեցին վըր տըղին։ Տըղէն էր, յեբոր լաց ու ճմլտկաց մէջ ճղօրին, ըդուր վրաւու փաթուկ զընջիլ կտոր-կտոր եղաւ։ Ջուղաբ գնաց Դաւիթին, թէ.

-Տղէն լաւ տըղայ է. զզընջիլ կտրտեց. ըմա ուր մէկ ձեռք սաղատ է, խփուկ է, ու մարդ չկռնայ բանայ զուր ձեռք։

Էկաւ Դաւիթ նստաւ ու զմանուկի ձեռք մաժեց ու բացեց։ Տեսաւ, որ ղուլանթ մի արուն ուր ձեռվու մէջն էր, ասեց.

-Հա՜յ, հա՜յ… զաշխարք արեր է կաթ մի արուն, դրեր է ուր ձեռվու մէջ։ Թ՚որ ըդի մնաց, ըդուր մօտէն զարմանալի բան տ՚եղնի։

Բերեցին զտըղէն լէ կնքեցին ու զանուն դրեցին Մհեր։

Մնաց ժուկ մ՚ ու ժամանակ մի, տըղէն մեծցաւ։ Դաւիթ էլաւ զտըղէն թողեց ի Գաղզուան մօտ ուր մեծ պապ ու ճոչիկ, ու առաւ զԽանդուդ խանըմն ու խըստ էրեց ի Սասուն։ Խլաթցիք լէ ազգար ժողվեցին ու պատան կապեցին ուր դէմ, ու սէլերով մադարիս շինեցին, կռիւ կցեցին։ Խանդուդ խանըմ զմըզրըղի սուրուղը կը զարկէր, զպատան կը քակէր ու զսէլեր կը թալէր երկու սհաթուան ճամբայ։ Դաւիթ լէ կը ջարդէր զազգար ու կ՚երթէր։ Դարձաւ Դաւիթն ասեց.

-Խլաթցի՛ք, դուք ի՛նչ բէնամուս մարդ էք, որ արզի դէմ կռիւ կ՚էնէք։ Թողէք զիմ արզ տանիմ Սասուն ու հըպամ՚ լէ իգամ՝ կռուինք։

Ու ըդունք չհաւտըցան.

-Որ հմալ է,- ասեցին,- դէ երդըվցի քո ծոցի սուրբ Նշան, որ աւտանք։

Դաւիթ լէ ձեռք զարկեց վըր սանդրին, որ ուր խելքով զսանդր տ՚երդուէր, ձեռք առ սուրբ Նշանին։ Ու սուրբ Նշանի հունար լէ էն էր, որ զինք պիտի չերդուընէր։

Ու Դաւիթ առաւ զԽանդուդ ու տարաւ ի Սասնու բերդ։

Ձեռք մտուց ի ծոցք, տեսաւ, որ սուրբ Նշան էր ընկի ըն թարաֆի ծոցք, ու ինք զէն էր երդուըցե։ Ասեց.

-Է՜լ իմ բան բաթալ է, երթամ լէ բօշ, չերթամ լէ։ Ըմա ախըր տ՚երթամ։

Զարկեց էկաւ ի կռիւ, ու խըլաթցիք զըդի նեղ լծեցին։ Ձին լօրխաւ ի Չըղուրայ շամբ, մէջ տըլին. վար հասըլ ըդ տլի միջէն խըլսաւ, էկաւ Լօխօրայ ջրի վրէն։

Ըն վախտին, որ Աբամէլիք սաղ էր, Աբամէլիք էկեր էր Իբրահիմ աղի տուն ու զօրով գացեր էր էդ աղի կնկայ մօտ, ու էդ կնկայ անուն լէ Շըմշըմ խանըմ էր. ու ըդուր մօտէն եղեր էր աղջիկ մի, որ էն լէ ըդունց ազգէն էր։ Էդ լէ շատ հունարով էր։ Հա՛ ըդ աղջիկն էր առեր մէկ նետ ու աղեղ, էկեր էր ըդ տեղու փըլերու մէջ թափըլտուեր էր։ Դաւիթ ըդ Լօխօրայ ջրի մէջ կը լողգնէր։ Ըդ աղջիկ գողտուկ նետ մի զարկեց Դաւիթի պառեկ. Դաւիթ էլաւ կայնաւ ու բօռաց. որ բօռաց, ձէն գնաց ի Սասուն։ Ձէնով Ովան, Խորգուսան, քեռի Թորոս, Ճնճղափոքրիկ ու Ցռանվէգին ժողվին զիրար։ Ձէնով Ովան լէ Սասնու բօռաց.

-Դաւի՜թ, մընք էկանք։

Ու էկան Դաւիթի հաւարին։ Դաւիթ լէ ըդ ջրի մէջ զուր աղբօր ձէն լսեց։ Ըդունք լէ էկան էդ ջրի խեչ, հասան Դաւթին։ Դաւիթն ասեց.

-Ձէնով Ովա՛ն, մենք որ բօռացեր ենք, ըդի ահու հըմկայ չորցեր է։ Գաշէք զըդի գտէք։

Գաշեցին գտան, որ մէկ չինի աչքեր աղջիկ մի։ Բռնեց Դաւիթ, զոտք դրեց վըր մէկ ոտվուն ու քաշեց ճըւտեց, թալե՛ց սարու տըկու գեղ։ Ու զըդ գեղի անուն դրեց Ճըւտիս ճապկիս։ Ու էդ գեղ լէ յար հմկայ յանգէ Չըղուրայ բերան, ու անուն լէ՝ Ճապկիս։

Ու ըդունք առին զԴաւիթ, էլան ի Սասուն։ Չորս աւուր լըման, Դաւիթ մեռաւ։

Էլան ըդոր աղբրտանք շէվր էրեցին, որ դլըմընի իտան Խանդուդին ու ընդուր սաղութեն ասեցին։ Խանըմ լէ ասեց.

-Հը՜յ հո՜ւ… Դաւիթից ետ ես տ՚եղնիմ իդոնց հաւջայ…։

Ճնճղափոքրիկն ասեց.

-Խանդուդ խանըմ, բը մըշ, բը մըշ,

Դաւիթ մըր, սարէմըն խօշ։

Իդա անգամ Խանդուդն էլաւ բերդի գլխուն ու յոնգցայ զինք թալեց։ Ուր գլուխն առաւ վըր քարին, ուր գլուխ ծակեց զքար, ու գլխու տեղ՝ Սասնու կէս շնիկ (չափ) կորեկ կը լլեն յինք ու ծեծեն, սանդի տեղ։ Ուր եօթ ճիւղ ծամի տեղ լէ՝ հմկայ կ՚երեւայ, ու մկայ լէ ըդ սանդ յանդ է բերդի առէջ։

Թ

Գոման Դաւթի աղբըրտանք ու էկան վըր Խանդուդ խանըմին։ Ձեռ տուեցին խանըմի ծիծք, որ կաթ կէր. չընքլի որ ճիժ կէր։ Էլան ժողվեցին զիրար, ասեցին.

-Բըլքէմ ինչ որ եղեր է, ըն տեղն է։

Ու գացին հասան ի Գաղզըվան ու տեղու նստողին ասեցին.

-Մըր աղբօր ու հարսին ըդ տեղ ճիժ կայ, ո՞ւր է։

Ըդոնք լէ ասեցին.

-Բան չկայ։

Ըդ մարդիկ ասեցին թը.

-Մըզի նշան կայ. մըր հարսի ծիծ կաթ կէր։

Մըկըլոնք ասեցին սօրա թը.

-Աղջիկ մի ուր մօտից եղեր է ու մեռեր է։

Ըդոնք լէ ասեցին.

-Մըր մեռելնուն նշան կայ. մըր մէկ տարեկան՝ մէկ շէնքով է. երկու տարեկան՝ մըր երկու շէնքով է, ու հըմլայ։

Էլան գացին գերեզմըններ՝ որ ուրանց շէնքով գերեզման չկէր։ Ձէնով Ովան ասեց.

-Բերէք զկաշիք փաթէք յիս, որ ես բօռամ։

ԶՄհեր մաղազայ է շինած գետնի տակ, պահապան է դրած վըր ուրան ու զընի դրած ի ներս։

Ձէնով Ովան փաթեցին կաշով, ու բօռաց։ Մհեր զուր ձէն հասկցաւ։ Մհեր էրեց, որ պըտի ելնէր, ճոչիկն ասեց.

-Ըդի ձըր ջընսի ձէն չէ. ճըժերն են ու դահօլներն են. ըդոնց ձէնն է։

Մհեր երեք հաղ որ զձէն հասկցաւ, զարկեց զդարգէն կոտրեց, էլաւ դուրս։ Դարգէն՝ զդարգէն կոտրեց. լանգէն որ զարկեց առջի դարգին, ընի առաւ մըկէլին, մըկէլ մըկէլին. զեօթ լէ ջարդեց‚ էլաւ դուրս։

Տեսաւ, որ ուր հօղբրտանք հոդ են, ուր պապ հոդ չէ։ Հարցուց հօղբըրտանց, որ խլաթցիք զուր պապ սպանած են։ Լա՛ց ու վըր քիթ ու բերնին ընկաւ գուճ։ Որ ընկաւ վըր գետնին, ըդուր հօղբրտանք թափան վրէն՝ իմալ էրեցին, չկռցան շիտկեցին։

Մհերի արտսուք զգէտին էրեց հանդակ ու գնաց։ Իրեք օրն որ թըմաւ, Մհեր նոր շիտկաւ։ Հեծաւ զպապու քուռակ ու գնաց ի Խլաթ, քար ու քանդ էրեց։ Հըմլայ կ՚աւրէ՜… ու կ՚ելնէ Նըմրութայ գլուխ, կ՚իշկէ, որ ծուխ կ՚ելնէր, հաղմ՚ լէ կը դառնէր։ Տեսաւ, որ պառւուկ մ՚ էր մանցի, զէն լէ բռնեց. զամէկ ոտք կապեց մէկ ծառ ու զծառեր թողեց. զէդ լէ հմալ սպանեց, Խլաթայ ծուխ ու մուխ կտրեց։

Ու ըդ տեղէն իզին տուեց հօղբրդանց, գացին ուրանց տեղ, ու ինք գնաց Տոսպան բլուր։ Ու յարի մկա լէ, կ՚ասեն, էն տեղն է, ու օմեա լէ զուր ձին կը տեսնան, ու ըդուր ձիու շեռ օմեա լէ քարուց կ՚իգայ։

Ժ

Համբարձման գիշեր Մհերի էրի դուռ կը բացուի, ու հրամանք չկայ, որ ելնայ. գետին զինք չվերու. ոտքեր ի գետին կը ճըկի։

Օր մ՚ լէ, նախրորդ մի, Համբարձման գիշեր կը տեսնայ, որ Մհերի դուռ կը բացուի, նախրորդ կը մտնէ ներս. Մհեր ըդուրից կը հարցու, թէ.

-Ի՞մալ դուք զաշխար կ՚ուտէք։

Էն լէ կ՚ասէ.

-Խելքով։

Կը վերու Մհեր ու կ՚ասէ.

-Ձըր խելքն ի՞մալ է. դէ զըդա ձիու տոպրակ վերու զար գլուխ։

Նախրորդ իմալ էրեց, չկռցաւ վերուց. բերեց զձին տոպրկին մօտ, բերան բացեց, զձիու գլուխ մտուց յինք ու զթել թալեց վըր ձիու վզին. ու ձին բանձրցուց զգլուխ. ու նախրորդ քաշեց տարաւ ուր տեղ կապեց ու ասեց.

-Մըր խելք հըմլա է. մենք հըմլա կ՚ուտենք զաշխար։

Ու նախրորդ հարցուց.

-Մհե՛ր, դու յե՞բ տ՚ելնես ըդ տեղէն։

Էն լէ ասեց.

-Յեբոր ցորեն եղաւ քընց ալուճ, ու գարին եղաւ քընց մասուր մի. հըպամ՚ լէ հրամանք կայ, որ էլնանք իդա տեղէն։

Իրեք խնձոր իջաւ յերկնուց.

մէկն ասողին, մէկ լսողին,

մէկ լէ ալամ աշխարին։


ԲՐԴՈՒՃ ՄԸ ՎԱՆԱՅ ԺՈՂՈՎՐԴԱԿԱՆ ԱՆԳԻՐ ԲԱՆԱՀԻՒՍՈՒԹԵՆԷՆ[խմբագրել]

ԱՒԱԳ ՄԿՆԻԿ[6]

Աւագ մկնիկ խաթունի աշմաղ կը քաշէ վեր գլխուն, կ՚երթայ։
Հովիւ կուգայ դէմ, կ՚ասի.
-Խէր էլնի, Աւագ մկնիկ, էդա ալայով դո՞ր կ՚երթաս։
-Խէր բարին վէրէդ էլնի, պիտի երթամ իրիկ անեմ։
-Գնա, Աստուած ռաստ բիրի։

Կ՚երթայ կ՚երթայ, բէրւորիկ կուգայ դէմ, կ՚ասի.
-Խէր էլնի, Աւագ մկնիկ, էդա ալայով դո՞ր կ՚երթաս։
-Խէր բարին վէրէդ էլնի, կ՚երթամ իրիկ անեմ։
-Գնա, Աստուած ռաստ բիրի։

Կ՚երթայ կ՚երթայ, ծով կուգայ դէմ, կ՚ասի.
-Խէր էլնի, Աւագ մկնիկ, էդա ալայով դո՞ր կ՚երթաս։
-Խէր բարին վէրէդ էլնի, կ՚երթամ իրիկ անեմ։
-Գնա, Աստուած ռաստ բիրի։

Կ՚երթայ կ՚երթայ, ահագին սար կուգայ դէմ, կ՚ասի.
-Խէր էլնի, Աւագ մկնիկ, էդա ալայով դո՞ր կ՚երթաս։
-Խէր բարին վէրէդ էլնի, կ՚երթամ իրիկ անեմ։
-Գնա, Աստուած ռաստ բիրի։

Կ՚երթայ կ՚երթայ, մէկ չինարի ծառ կուգայ դէմ, կ՚ասի.
-Խէր էլնի, Աւագ մկնիկ, էդա ալայով դո՞ր կ՚երթաս։
-Խէր բարին վէրէդ էլնի, կ՚երթամ իրիկ անեմ։
-Գնա, Աստուած ռաստ բիրի։

Կ՚երթայ կ՚երթայ, անծեղ կրկչալէն կուգայ դէմ, կ՚ասի.
-Խէր էլնի, Աւագ մկնիկ, էդա ալայով դո՞ր կ՚երթաս։
-Խէր բարին վէրէդ էլնի, կ՚երթամ իրիկ անեմ։
-Գնա, Աստուած ռաստ բիրի։

Կ՚երթայ կ՚երթայ, թագաւորու ագլոր կը թռնի կուգայ դէմ, կ՚ասի.
-Խէր էլնի, Աւագ մկնիկ, էդա ալայով դո՞ր կ՚երթաս։
-Խէր բարին վէրէդ էլնի, կ՚երթամ իրիկ անեմ։
-Արե ձիկ ա՛ռ։
-Ձիկ ինչո՞վ կը պախես։
-Կըտըցովս։

Մէյմէկու կը խաւնեն. կ՚երթան, եօթն օր եօթն գիշեր խարսնիս կ՚անեն, կը փսակուեն։

Խարսնիսից կը պռծնեն. ագլոր կ՚երթայ քճէճ անելով դատում ճարել։

Աւագ մկնիկն ի կը մտնի թոնէր, որ թոնէր վառի, թոնէր կպե, մնացէ մէջ թորուան, վառուե՝ էլե ճժտիկ վժտիկ։

Ագլորն իրիկուն իկե տուն, տիսե, որ Աւագ մկնիկն ինկե թոնէրն, էլե ճժտիկ վժտիկ։ Գնացե կատար կտրե, կրամոխիր տուե վէր գլխուն, նստե։

Անծեղն իրե, տեսաւ, ասաց.

-Ագլորիկ, դու հէ՞ր կատարկտրիկ, մոխրաչափիկ։

-Ո՜ւյ, Ագլորիկ կատարկտրիկ, մոխրաչափիկ։ Աւագ մկնիկն ինկե թոնէրն, էլե ճժտիկ վժտիկ։

Անծեղն ի փետուրներ կը թափի, կ՚երթայ նստի վէր ծառին։

Ծառիկն ասաց.

-Անծղիկ, դու հէ՞ր թեւաթափիկ։

-Ո՜ւյ, Անծղիկ թեւաթափիկ, ագլորիկ կատարկտրիկ, մոխրաչափիկ, Աւագ մկնիկն ինկե թոնէրն էլե ճժտիկ վժտիկ։

Ծառ կոտրաւ, ինկաւ վէր քարին։

Քարն ասաց.

-Ծառիկ, դու հէ՞ր ճղակուտոր։

-Ո՜ւյ, ծառիկ ճղակուտոր, Անծղիկ թեւաթափիկ, Ագլորիկ կատարկտրիկ, մոխրաչափիկ, Աւագ մկնիկն ինկե թոնէրն, էլե ճժտիկ վժտիկ։

Քար գլորվաւ, գնաց ինկաւ ծով։

Ծովն ասաց.

-Քարիկ, դու հէ՞ր գլոր-մլոր։

-Ո՜ւյ, քարիկ գլոր-մլոր, ծառիկ ճղակուտոր, Անծղիկ թեւաթափիկ, Ագլորիկ կատարկտրիկ, մոխրաչափիկ‚ Աւագ մկնիկն ինկե թոնէրն, էլե ճժտիկ վժտիկ։

Ծովն էր մէկէցմէկ բրորաւ։

Բէրւորիկն ասաց.

-Ծովիկ, դու հէ՞ր բրոր մրոր։

-Ո՜ւյ, ծովիկ բրոր-մրոր, քարիկ գլոր-մլոր, ծառիկ ճղակուտոր, Անծղիկ թեւաթափիկ, Ագլորիկ կատարկտրիկ, մոխրաչափիկ‚ Աւագ մկնիկն ինկե թոնէրն, էլե ճժտիկ վժտիկ։ Բէրւորիկն կթոցն իզարկ ոռին, գնաց։

Հովիւն իրե դէմն, ասաց.

-Բէրւորիկ, դու հէ՞ր կթոց ոռիկ։

-Ո՜ւյ, բէրւորիկ կթոց ոռիկ, ծովիկ բրոր-մրոր, քարիկ գլոր-մլոր, ծառիկ ճղակուտոր, Անծղիկ թեւաթափիկ, Ագլորիկ կատարկտրիկ, մոխրաչափիկ, Աւագ մկնիկն ինկե թոնէրն, էլե ճժտիկ վժտիկ։

Հովիւ որ լսեց, ոչխարն իթող, գնաց։ Մաքին մկկալով ինկաւ իտեւ, դառձուց իբե. եօթ տակ պըտըտաւ ոչխրի բուլոր, պտըտրեց, ասաց.

-Վէր Աւագ մըկան կողին.

Վէր Աւագ մըկան կողին.

Վէր Աւագ մըկան կողին։

ՎԵՐՋԱԲԱՆ[խմբագրել]

Կը հրաւիրեմ ընթերցողի ուշադրութիւնը այս վերջին Բրդուճին վրայ, որոյ նիւթը թէպէտ ըստ ինքեան չնչին, բայց բանահիւսութեան ճարտար ձեւը իւր յեղյեղումով եւ արուեստաւոր կապերով գեղեցիկ ու վայելուչ ոճ մը տուած է շարադրութեան, միանգամայն եւ ներդաշնակ։

Որոնք հանդիպած են այն հագներգութեան, որ տպագրուած է արդէն երգարանաց մէջ.

«Ելէք տեսէք զի՞նչ կայր ծովուն,
Որ նաւն ուռմամբ գայր»։

Դիտած են, թէ միեւնոյն բազմայեղանակ ոճն ունի այս Բրդուճն ալ. ինչպէս նաեւ բաւական շատ կայ այդ ոճով զրոյց կամ հագներգ Վանայ ժողովրդեան բերանը։ Որոց մէկն է այն խաղը, որոյ սկսուածքն է.

«Որ՞ն է կերեր մեր էծ‚
Գէլն է կերեր մեր էծ»։

Կ՚արժէ որ ընդհանուր հաւաքում մը շինուի այսպիսի խօսից եւ հիւսից, իրենց բնական կերպարանքով տպագրել տալով զանոնք, որոց հարստութիւնը, ինչպէս ինձ կը թուի, Վասպուրականի եւ Սիւնեաց գաւառի հայոց մէջ առատ կայ։

Իրաւ է, որ Հայաստանի հայք բառերու հնչմանց այլեւայլութիւն մը տուած են. զորօրինակ, մայր՝ մէր հնչելով, եղբայր՝ աղբէր, մարգարէ՝ մարգարայ, անկաւ՝ ինկաւ‚ որոց մէջ կը տեսնուի այ՝ է-ի, ե՝ ա-ի, է՝ ա-ի‚ ա՝ ի-ի փոխուած. եւ՝ ուրիշ շատ տառափոխութիւններ ալ ունին, բայց եւ այդ ալ լեզուի մը յատկութիւնն է։ Ունին բառեր ալ, որ ըստ մեծի մասին կրճատ կ՚արտասանեն, բայց արմատները հարազատ կը պահպանեն. ըսածիս օրինակները շատ կան Սասունցի Դաւիթին եւ Բրդուճին մէջ։ Խօսք մը կազմելու համար բառերու ամէնէն կարեւոր մասն է բայն։ Դարձունելով ուշադրութիւն գաւառացւոց լեզուին վրայ՝ կը տեսնենք, որ բաղիշեցին այսպէս կը կազմէ կամ կը խոնարհէ այն.

«Ես եմ շիներ եմ այս տունը»,
«Դու ես կոտրեր ես մեր ծառը»,
«Մարգարն էր տարեր էր հացը» եւ այլն։

Դաւրիզեցին այսպէս. «Գնացիմ, տեսամ, ասամ, էկամ» այսինքն է՝ գնացի, տեսայ, ըսի, եկայ։

Ղարաբաղցին այսպէս. «Գամ եմ, գամ ես, գամ է», այսինքն է՝ գամ, գաս, գայ, եւ այլն։

Մշեցիք բայի հայցական խնդիրի զ նախդիրը մինչեւ անգամ յատկացուցչի վրայ ալ չեն զանց ըներ դնել, օրինակ. «Զքո պապու մեռլի գլխու վարշամակն…»,- կ՚ըսէր մշեցի մը մշեցւոյ մը։

Ինչպէս բայերուն, նոյնպէս բառերուն հոլովներն ալ այլ իմն են ժողովրդեան բերանը. զորօրինակ, եզակի բացառականներ գաւառացին ից, ուց յոգնականացուցիչ մասնիկերով կը կազմէ։ Օրինակ, տընից՝ ի տանէ, Աստըծուց՝ յԱստուծոյ, մարդուց՝ ի մարդոյ եւ այլն։ Մէկալ հոլովներն եւս այլափոխութիւն ունին։

Իսկ անցեալ դերբայի ձեւն ու նշանակութիւն տուող բառերը, կրաւորականն ու չէզոքը, գրեթէ մեծաւ մասամբ ՈՒԿ լծորդով կամ մասնիկով գործ կ՚ածեն։ Օրինակ. պառկուկ՝ պառկած, ցանուկ՝ ցանուած, հասուկ՝ հասունցած, բիծուկ՝ բիծած, սատկած եւ այլն։

Ունին գեղեցիկ ոճ զեղջման, աւելադրութեան‚ բակառութեան, կրկնութեան եւ փոխաբերութեան՝ համաձայն մեր գրական լեզուին։

Գաւառական լեզուի ոճերուն եւ բառերուն վրայ ընդարձակ գաղափար առնուլ ուզողը պէտք է ընթեռնու Սէյադ Նովայի երգարանի սկիզբն, նոյն երգոց հրատարակիչ գիտնական պ. Գ. Հախվէրդեանցի հմտալից գրածները, որ թիֆլիզցւոց հայերէն լեզուին վրայ քերականութիւն մ՚ ալ յօրինած է. գործ՝ արդարեւ հանճարեղ եւ իմաստասէր անձին, բայց ափսո՜ս, որ այնքան ընդհանրացած չէ Տաճկաստանի Հայ բանասիրաց մէջ։

Իմ փափագս եղած է, որ բանասէրք ուշադրութիւն դարձունեն Հայաստանի մէջ բնակած հայոց ժողովրդական լեզուաց եւ այն լեզուներով հրատարակեն վէպեր, տրամախօսութիւններ եւ այլն. եւ այսպէսով սիրելի եւ ծանօթ կացուցանեն զանոնք գրագիտաց, որպէսզի նոցա ձեռքով հետզհետէ ի կանոնաւոր գործածութիւն վերածին այն լեզուները. եւ ժամանակին մաշող ժանիքէն զերծանին ազգային դարաւոր բանից եւ աւանդից յիշատակները, որոց արժէքը կորսուելէն յետոյ կ՚զգանք, զանոնք աւաղելու համար միայն։

  1. Գիտնական Կարապետ վարդապետ Շահնազարեանց‚ ի շարս հայ պատմագրաց տպագրած Թովմաս Մեծոփեցւոյ պատմութեան վերջ՝ 13 ծանօթութեան մէջ, կ՚ըսէ. (Գաղղիոյ) կայսերական գրատան օրինակն Ժողովասար գրած է եղեր, իսկ Ս. Էջմիածնի մատենադարանի օրինակն‚ որ իրեն տպագրածն է‚ 23-րդ երես՝ 23-րդ տողին մէջ գրած է Ժողովարան։ Երկուքն ալ սխալ են։ Անշուշտ կ՚ուղղէր զայս‚ եթէ գիտնար, թէ Ծովասար անունով լեռն է այն‚ ինչպէս որ պատմութեան կարգը կը ցուցնէ‚ եւ մինչեւ ցայսօր Մշոյ հայն‚ քիւրտն ու տաճիկն ալ Ծովասար անունը կուտան այդ լեռին‚ որ Առաքելոց կամ Ղազարու վանքին վերեւն է‚ եւ Մարաթու լեառն երթալու ճանապարհն է այն։
  2. 1866-ին երկու կտոր դասագիրք շինեցի՝ այս ոճով տպագրեալ‚ որ շատ տեղերէ լաւ ընդունելութիւն գտաւ, եւ շնորհակալութեան գրեր ալ ստացայ ուսուցիչներէն։
  3. Ամբրոց‚ ամբարանոցն է։ Կայ եւ մի բառ՝ ամրոց‚ զոր գեղացիք անասնոց չորցուցած աղբերով կը շինեն բրգաձեւ‚ մէջը պարապ‚ հոն կը լեցընեն վառելու փթիրը‚ քակոռը‚ պտտուրը եւ առհասարակ վառելիք չոր կոյերը։ Այս ամրոցները գեղերուն շուք տուող շէնք մը կ՚երեւին հեռուանց։
  4. Տարակոյս չկայ‚ որ արդի մօտաներուն անունները հայկական կեանքի մէջ չլինիր‚ ինչպէս նաեւ արուեստներու շատ մը գործիքներ եւ շէնքի ու զգեստուց ձեւեր ու անունները‚ որոնք նախնական կեանքէն դուրս են եւ նոր դարու կամ Եւրոպային կը պատկանին։
  5. Փէրի գուցէ լինի բարի‚ ինչպէս ռամկաց մէջ այդպիսի աներեւոյթ ոգիները կը կոչուին քան զմեզ աղէկները։
  6. Բնակիչք Խեկ կ՚անուանեն այս գեղը եւ Խաւու ձոր կ՚անուանեն զՀայոց ձորն‚ որ կրնայ ըսուիլ նաեւ Հաւոց ձոր։ Յայտնի է‚ որ վանեցիք Հ տառը Խ կը հնչեն։ Իսկ Աստուածաշէն գուցէ լինի Հայկաշէնն, թէեւ պատմիչները զՀայկաշէնն Մանազկերտի մօտերը ցոյց կուտան։