Դարերու վրեժ

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Դարերու վրեժ

Սիամանթո


Դարերու վրեժ


Յոյսերու երկաթէ սանդուխին կատարներէն է որ
աւետիսս կ'արձակեմ,
Մոխիրներու, դիակներու եւ վշտերու հովիտներէն է որ
հասայ ի քեզ,
Եւ, աւա՜ղ, քղամիդիս թեզանիքներէն իմ շքեղ ցեղիս
արիւնը ահաւասի՛կ դեռ կը թորայ...
Բայց քայլերս անխոնջ են եւ կամքս գերազօր եւ ձայնս
դաԺանօրէն ամեհի...
Գլուխս սուգերէն եւ վրէԺէն եւ ճակատագրէն թէեւ
ալեհեր,
Բայց, տե՛ս, աչքերս դիւցազնի մը աչքերուն չափ
կարմիր եւ կերպարանքս է սոսկատեսիլ։
Իմաստութեանս եւ ցասումիս արեգակին տակ իմ
հուԺկու իրանս անկիւնաքար,
Այլեւս չ'ուզեր այդ սնոտի փառքը յաւերԺօրէն իր վրայ
կրել
Եւ պաղատանքի, աղօթքի, լաց ու կոծի եւ ողբի այն
մատեաններուն մէջ,
Ուր դար առ դար իմ սերունդներս իրենց արիւնը եւ
տառապանքն են լացեր,
Մէկ կողմ նետեցի ես զանոնք, պարտութենէ ստրկացում
եւ աղաչանքէ արցունք չերթալու համար...
Եւ մտածումովս եւ զայրոյթովս ձեր ցաւերուն
ամենախոր արմատները չափեցի.
Տեսա՛յ որ ձեր փրկութիւն մուրացողի բոպիկ ոտքերն
աւերակներու մոխիրներէն այրեցան...
Տեսա՛յ որ դուք արցունքին մէջ երջանիկ էիք եւ
կենսաբեր կռիւին դէմ ահաբեկ...
Տեսա՛յ որ արդարութիւնը ստեղծել պէտք էր եւ
ազատութիւնը մոլեգնաբար յափշտակել։
Եւ այսօր, ահաւասի՛կ, իմ անկշռելի բարկութիւնս իր
բոլոր հուրերը վառեց...

«Ահա՛ քեզ ալ կը դիմեմ, եկո՛ւ եւ ճամբուս վրայ ոտքի ՝
երգէ՛ որ արձակե՛մ,
Ճամբուս վրայ ռազմերգէ՛ որ քինայոյզօրէն եւ առյաւէտ
արձակե՛մ
Իմ հաւատքի զաւկըներուս վայրենալանջ երիվարները
փոթորկապար...
Ըսէ՛, որ գաղափարիս փարոսները հրդեհեմ չորս
ծագերուն դիմաց,
Ըսէ՛, որ թաւալե՛մ ապառաԺներուս կոյտերը
անիրաւութեան կուրծքերուն,
Եւ ոտքի հանեմ հողիս հրեղէն եւ ըմբոստ մարտիկներուն
հետ,
Քինախնդրութեան եւ սարսափի բանակներուս
արշաւանքն ալ ահեղաշար...
Ըսէ՛, որ շեփորներս հինաւուրց հերոսներու հագագովը
շեփորել տամ...
Ըսէ՛, որ երկաթներս կռանեմ եւ պողպատներս
շողացնեմ,
Ըսէ՛, որ ես ալ իմ արիւնախում նԺոյգս շքեղօրէն
թամբեմ,
Ըսէ՛, որ անոր սմբակները ձորերէն վեր ՝ լեռնէ ի լեռ
միայն կայծեն...
Երգէ՛, ահա, բոլորին արիւնը արեւ է դարձեր եւ
կամքերն ու դաստակներն են պղնձուեր.
Երգէ՛, Եղբայրութիւնը տօնուեցաւ եւ շունչերն ու
հոգիները նոյն դարերու վրէԺովը պսակուեցան...
Ահա՛ թափուող արցունքները յե՛տ դարձան եւ
կուրծքերու կոծումը դադրեցաւ,
Ահա՛ բոլորը մէ՛կ, բոլորը մէ՛կ, իմ Գերիշխանի
թեւերուս տակ յառաջացան.
Արբեցո՛ւր զանոնք դեռ, եթէ կրնաս, եւ արԺանաբար
դիւցազներգէ զիս, ո՜վ քնարաւոր,
Ես գիտեմ որ քու տաւիղդ Հայրենիքին ծարաւն ունի
ինչպէս վրէԺն այնքա՜ն դարերու...
Ուրեմն լարերդ զենիթին շանթերէն յափշտակէ,
տրցակ առ տրցակ,
Բարձրացո՛ւր ձեռքերդ եւ զանոնք գիշերուան
կապոյտներու կամարին կարկառէ՛,
Եւ փառազարդէ գլուխս առաւօտեան աստղերու բոյլով
մը լուսածոր,
Խնկարկէ՛ զիս եւ անմահութեան տաճարներուն էն
փառակերտը կառուցո՛ւր,
Ծնրադրէ՛ եւ պաշտէ՛ զի՛ս ՝ եւ երբ Ժամը հասնի
ողջակիզուէ՛ ինծի համար,
Եւ փշրէ՛ քու հողեղէնի ճակատդ իմ կոթողիս
մարմարներուն դիմաց,
Որովհետեւ. Ե՛ս եմ, Ե՛ս եմ, Ե՛ս եմ, իմ անունս է
Պայքար եւ վախճանս Յաղթանակ»։