Jump to content

Դրախտի ընտանիք

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից

ԴՐԱԽՏԻ

ԸՆՏԱՆԻՔ



ԳՐԵՑ

ԽՐԻՄԵԱՆ ՀԱՅՐԻ

Ի ՊԷՏՍ ՀԱՅՈՑ ԸՆՏԱՆԵԱՑ

ՆԱԽԱԲԱՆ

ԱՌ ԸՆԹԵՐՑՈՂՍ

Բարեկամ ժողովուրդ Հայոց, ձեզ կը նուիրեմ դուզնաքեայ երկասիրութիւնս, որոյ մակագիրն է ԴՐԱԽՏԻ ԸՆՏԱՆԻՔ: Այս անուն քաղցր ու ժողովրդական է. թերեւս զարմանաք եւ մեղադրեք զիս, զի գրքիս առարկաներն առւաել աշխարհիս առարկայից վերայ ես քան թե երկնից արքայութեան: Զիս պիտի դատե՞ք արդեօք, երբ Եկեղեցայ վարդապետ, Աւետարանի աշակերտ, կենաց Հացին տնտես, թողու իւր բարձրագոյն պաշտօն, Պօղոսի քարոզած երկնից անճառ դրախտը, եւ երկրի ընտանեկան Դրախտի համար ճառէ:

Ճշմարիտ կը լիներ քո այդ դատաստան, եթե երկնից դրախտ մոռնայի, ու չը կապեի զայն երկրիս դրախտի հետը, որ իսկապէս երկնից դրախտին հիմն է: Ես Եկեղեցւոյ համար կը խօսիմ, որ Քրիստոսի տնկած դրախտն է, եւ նորա սուրբ ընտանիքն են Նոր Եկեղեցայ զաւակները: Ահաւասիկ այդ նոր Դրախտի ընտանեաց համար է դոյզն վաստակս, յոր տքնեցայ, որպեսզի Դրախտի ընտանեաց կեանք բարւոքի:

Գիտնալ ու հաւատալ պէտք է, որ աշխարհիս ընտանեկան դրախտին մեղապարտ եւ անհնազանդ զաւակներն՝ երկնից դրախտը կարող չեն ժառանգել:

Ուստի այս ընտանեկան կեանքի սեղանին վրայ ես միայն սոսկ հաց չպատրաստեցի, եւ թէ պատրաստեի եւս՝ Յիսուս հրաման կուտար, ինչպես տուաւ իւր աշակերտաց, երբ անապատի մեջ ժողովուրդ քաղցած հաց կը խնդրեր՝ ասաց Յիսուս «Դուք տաք դոցա ուտել»: Աստի յայտ է թէ, կենաց բանին հետը մերթ եւս ժողովարդին հաց մատակարարել. Աւետարանին հակառակ տնտեսաթիւն չէ:

Ժողովուրդ Հայոց, քեզ համար նկարեցի Դրախտի ընտանիքը, կաղաչես, որ իբրեւ հայելի դնես աչքիդ հանդէպ, հայիս ու տեսնաս հիւանդ եւ հիւծեալ կերպարանքդ: Կարկի բերանս, թէ չարագուշակ լինիմ քեզ համար, մահդ ինքնին կը կոչես, ու պիտի մեռնիս, եթե չվաղվաղես դարման տանել այդ համաճարակ ու մաշող մահաբեր ախտիդ, որ թէ կանուխ թե անագան զքեզ դեպի թշուառութեան գերեզման կը տանի:

Կը խոժոռիս թերեւս երբ խիստ կը խօսիմ եւ խստութեամբ կը դատեմ զքեզ, եւ միթէ կը կարծե՜ս թէ ես միայն եմ եւ դու ինքնին զքեզ չե՜ս դատեր: Հապա ի՜նչ է այն, որ զօրհանապազ տրտունջ կը բառնաս, կաղաղակես, թէ ահաւասիկ կը կորնչիմք: Հրէամիտ մի լինիր, զայլ ոք պատճառ մի դներ, ո՛չ ոք զքեզ կը կորուսանէ. կորուստ քո ի քեն է, քո տնէն է, եւ քո ընտանիքէն: Ուրեմն եթէ ստոյգ է եւ կզգաս դու թէ կը կորնչիս եւ թէ թշուառութեան օրերը մօտալուտ են, պիտի հասնին քեզ, եւ դու ամեն օր աչքիդ առաջ կը տեսնաս անկեալ ընտանեաց վշտագին տառապանքն: Այո՛, կը տեսնաս եւ տակաւին չես խելաբերիր. թողեր ես զքեզ վարեն ու տանին, եւ ո՜ւր, դու գիտե՜ս, ես կանխաւ ասացի քեզ, թէ ուր կը տանին:

Յո՜ւշ, յո՜ւշ, յետս դարձիր. թող տուր, մահ է, մի հպիր, ձեռներդ թօթափէ այդ զեղծմանց փոշիներէն. ընտանեկան սրահիդ սեմոց վրայ այս առած գրէ ԾԱՆԻՐ ԶՔԵԶ: Այդ իմաստուն առածը մի՛ մոռնար, կարդա՛ միշտ, չափ ու սահման դիր տնտեսական կառավարաթեանդ, հացդ չափով կեր, ջուրդ չափով խմէ, հանդերձդ չափով հագիր, թող Հայոց տիկնայք քառասուն կանգուն հազար թերթիկ շրջազգեստը տասն կանգունի փոխեն, որ բաւ եւ շատ է այնչափ մարդու հասկի վայելչութեան. զոր Արարիչը չափով ստեղծեր է: Թող այր մարդիկ իրենց սպրպիկ նեղ ձեւ հանդերձը փոքր ինչ ընդլայնեն, որ անձկութենէն չպատոի: Թող չափ դնեն դարձեալ ընտանեկան այն ամէն պէտքերուն. գիտնալով թէ պէտքերն անսպառ են, զորս օր ըստ օրէ կը հնարէ Եւրոպիոյ ձեռարուեստ հանճարը, եւ մարդուն ցանկութիւն եւ հաճոյքը անհուն անսահման են, եթէ չափ չի դնենք՝ մարդ մի անգէտ մանուկ է, կը վազէ միշտ դէպի սիրուն խաղալիքները:

Ուրեմն պէտք է խոհական ու կատարեալ մարդ լինինք. սանձ դնենք մեր մանկաստութեան. փորձաոութեամբ եւ մեծամեծ տուժերով տեսանք եւ կը տեսնամք մեր ընտանեկան բիւրաւոր աղէտները թէ նիւթապէս եւ թէ բարպապէս:

Ժամ հասաւ, խոստովանին քեզ. ով ազգ Հայոց, չորս տարուան Պատրիարքութեանս շրջանին մէջ, քո ընտանեկան բազմապատիկ աղէտները ես ինքնին տեսայ. եւ այդ աղէտներուն մէջ՝ առաւել աղէտաւոր էին ամուսնական խնդիրները, որք թէ ո՜րչափ եւ քանիպատիկ ծանրալուր են. ես կը ծածկեմ այդ թուանշանը եւ խնդրոց պատմութիւնը չեմ յայտներ քեզ: Եթէ կը դժուարիս հաւատալ՝ ինձ վկայ եւ ապացոյց կը կոչեմ աստ Պատրիարքարանի Դատաստանական Խորհրդոց արձանագիրը: Սակայն մեր ընտանեկան զեղծմունքներու բովանդակ ցանկը պէտք չէ որ միայն այդ արձանագրէն կշռենք, վասնզի մեր այս աւուր իւրաքանչիւրին ընտանեկան կեանքը կենդանի արձանագրութիւն է. մարդ որ աչք ունի՝ կարող է զայն կարդալ առտնին եւ հրապարակաց մէջ. ուր ցուցամոլ շռայլութիւն կը շրջի նազելով իբրեւ Անգլիացի լորտ եւ թագուհի, կարծելով թէ իւր հարստութիւն՝ Անգղիոյ անսպառ ոսկին է:

Ո՛չ, ո՛չ: Այնպէս մի՛ կարծէք, ո՛վ Հայոց ընտանիք, ճանչցէք ձեր չափն ու վիճակը, դուք շատ աղքատ էք ոսկւով ու մտքով, աղքատ էք դաստիարակութեամբ եւ ազատութեամբ. աղքատ էք գործունեայ աշխատասիրութեամբ. աղքատ էք արուեստական հանճարով, աղքատ էք իմաստուն տնտեսագիտութեամբ: Առանց մտաւոր եւ նիւթական հարստաթեան՝ դու միթէ արժանի կը համարի՜ս զքեզ նոյն Եւրոպական ժողովրդոց ճոխ կեանքը վայելել: Ծանիր, այդ կեանքը, այդ յառաջդիմութիւնը՝ ճակատի անխոնջ քրտինքով բազմակերպ արեան զոհերով, հարիւրաւոր տարիներու հազիւ հազ կազմուած է, եւ դա դեռ երէկ սկսեցիր նոր երախայի պէս քերական կարդալ. կը կարծես ու կը հաւատա՜ս թէ ուսեալ եւ քաղաքակիրթ Եւրոպացի դարձար:

Ես կը գովեմ քո եռանդը, որ կը ձգտիս դեպի յառաջդիմութիւն եւ քաղաքակրթութիւն, միայն թէ սխալ ըմբռնած ես, որպէս թէ զեղխութիւն, զեղծմունք, նորասիրութեան բուռն տենչանքը, ճշմարիտ քաղաքակրթութեան նմանողութիւն է: Այդ նոյնիսկ քաղաքակիրթ ժողովրդոց մեջ սինլքոր մասին կարծիքն է եւ վարք: Դու ազնիւ եղիր ու ազնիւ ժողովրդոց քարի ու պարկեշտ օրինակին նետեւի՛ր. որոց ամենայն ինչ կշռով ու չափով է. որոց ընտանեկան կեանքին լոյս եւ առաջնորդ՛ ուսումն, դաստիարակութիւն եւ տնտեսութիւնն է: Քաղաքակիրթ ժողովուրդ այս երեք բառերով կը վարէ իւր ընտանեկան կեանք, այս երեք բառերն են, որով նոքա բարեբաստիկ եւ երջանիկ կապրին աշխարհիս վրայ, վասն զի ուսման լուսով հաց կը գտնեն, դաստիարակութեամբ հոգին եւ սիրտ կրթելով բարի ընտանիք կը կազմեն, իսկ տնտեասթեամբ հացին սեղան եւ այլ կեանքի պիտոյքները չափով ու կշռով կը մատակարարեն միշտ հոգալով ապագայի անստոյգ օրերն, որ անշուշտ կը պատրաստեն մարդոյն համար կամ երջանիկ բախտ կամ թշուառ կեանք: Բայց մարդ իւր ներկային մէջ կամ զգաստութեամբ կամ ապշութեամբ իւր ապագայ օրերն ինքնին ձեռօք կը պատրաստէ. զի ներկան ապագային հիմն է եւ ապագան ներկային յաջորդութիւն եւ շէնք:

Բովանդակենք մեր յորդորական ճառը, ով դուք ընտանիք Հայոց, ուղղեցեք ձեր ներկան, որ ապագան ուղիղ լինի. տնտեսեցե՛ք ձեր ներկան, որ ապագային հացը չպակսի: Մի մոռնաք վերոյիշեալ երեք պայմանները

որ մեր թշուառ կեանքը կը բարւոքեն եւ այս է՛ լասով հաց գտէք, դաստիարակութեամր բարի ընտանիք կազմեցեք, իսկ իմաստուն տնտեսութեամբ հոգացեք միանգամայն ձեր ներկան եւ ապագան:

ԴՐԱԽՏԻ ԸՆՏԱՆԻՔ

Ա.

ՍՈՒՐԲ ԳՐՈՑ պատմութենէն կիմանանք թէ՝ Տէր Աստուած տիեզերաց ճարտարապետ երբ մեր բնակած աշխարհին շէնքը ու հրաշալի զարդերը բովանդակեց. նախապէս պատրաստելով զայն իբրեւ բնակութիւն եւ սահման թագաւորութեան Մարդոյն, Աստուած, որ բանիւ միայն կարարչագործէր, Եդեմական դրախտը իւր ձեռքով տնկեց. եւ իբրեւ արքայական պալատ զարդարեց զայն ի պատիւ առաջնաստեղծ Մարդոյն, որ իւր տիրական պատկեր կը կրէր. եւ ինչպէս յերկինս իւր պետական աթոռ դրած էր, երկիրն եւս Մարդոյն պարպել տուաւ, եւ դրախտին մէջ հաստատեց Ադամ թագաւորին անմահութեան գահը։

Չգիտեմ, երբ կենդանի շնչով ու բանականութեամբ հոգիացաւ հողն ու կաւն, ու յանկարծ աչք բացաւ տեսաւ նախ իւր ստեղծող Արարիչն, երկինք, երկիր, եւ իւր բոլոր շրջապատը՝ զարմանազան արարածները, զգա՞ց արդեօք ու համբուրե՞ց այն մեծագործ ձեռք, որ զինքն յանարգ կալէն մարդ նկարեց. իմացա՞ւ թէ ինքն երկրի թագաւոր էր եւ պիտի իշխէր ծովուն, ցամաքին ու բոլոր հպատակ արարածոց։

Այո, այս տիրական իշխանութեան բարձրագոյն հրամանն ընդունեց իւր Արարչապետէն. թէ «Աճեցէ՞ք եւ տիրեցէք երկրին». Բայց անզոյգ մարդն ի՞նչով պիտի աճէր ու բարգաւաճէր։

Ադամ թագաւոր էր, այլ թագուհի չկար. ուստի, կըսէ Սուրբ գիրք, թէ Տէր Աստուած համաշխարհական հանդէս կազմեց, բոլոր ազգ թռչնոց ու անասնոց հրաւիրեց դրախտի ծառազարդ սրահը. հրաման տուաւ Ադամայ, որ իւր հպատակ արարածոց վայելուչ անունները ինքը դնէ. յորմէ յայտ է թէ մեր մանուկ Նախահայր դրախտի դպրոցի մէջ բնագէտ իմաստուն էր. զի վարդապետն Աստուած էր, որ փչեց նորա երեսը ու ճառագայթեց գիտութեան լուսով։ Երբ կը տեսնէր ու կը դիտէր Ադամ կենդանեաց բոլոր ազգը՝ զոյդ զոյգ իւր առաջ կեցած, կը հնազանդին իրեն համբոյր եւ ընտանի բնաւորութեամբ, թերեւս իննին մտախոհ լինելով պահ մը տխրեցաւ իր միայնութեանը վրայ. ու երանի տուաւ անբան կենդանեաց. որ զուգակից ընտանութեամբ քան զինքն երջանիկ էին: Մանաւանդ երբ կը տեսնար որ սոխակ իւր վարդն ունէր, տատրակ իւր ամուսին, արորիկ իւր սիրանուէր ընկերը. առաւել եւս վարանեցաւ բանաւոր մարդն Ադամ. եւ այն ինչ նորապսակ թագաւորի մը պէս թագ կապած կիշխէր՝ հրամայեց Տէր Ասաուած, որ ընդհանուր կենդանեաց աղգէն իւր ազատ ընտրութեամբ հաւանելով իրեն համար կենակից ընկեր՝ հարսն ու թագուհի ընտրէ, զոր եւ կամի:

Քանի՞ ծանր եւ դժուարին էր անզուգական մարդուն համար, որ նա խոնարհէր ու ստրկանար անբանաւոր կենդաննաց սեռէն իրեն ընկեր ընտրէր: Եւ միթէ Տէր Աստուած կը փորձէ՞ր զինքն տեսնել թէ՝ իւր բանաւոր նախապատիւ մարդն, որ տիրական պատկերով կը փայլէր, եւ պատուով ու փառքով բոլոր ձեռակերտաց վրայ իշխան կարգուած էր, կը ճանչնա՞յ իւր ազնուականութեան շնորհ ու մեծութիւն. եւ թէ կը զիջանի՞ հաւասարիլ անասնոց։

Մեծանձն եւ հանճարեղ էր մեր նախահայր. համայն կենդանեաց սեռին մէջ չգտաւ համեմատ ինչ, որ իւր պատուոյն ու ընկերութեան արժանի լինէր: Թող այս, երբ սահմանադիր արարչապետ բոլոր կենդանեաց սեռը զոյգ զոյգ ստեղծեր էր. զրկանք եւ յափշտակութիւն չէ՞ր արդեօք եթէ հաճէր Ադամ մինն առնուլ եւ միւսն թողուլ։ Նա կը տեսնար թէ սիրուն երգիչ էր սոխակ, եթէ զայն խլէր վարդի թփէն, անշուշտ վարդն կը թոռմէր ու կը մեռնէր. թէ տատրակն առնուր, նորա ամուսնասէր ընկերն այլեւս ամուսին չընտրելով՝ այնպէս միայնակ զոր հանապազ կը սգար ու կը հառաչէր։ Զո՞վ ընտրէր Ադամ, զօրաւոր առի՞ւծը, որ կենդանեաց թագաւոր էր եւ անտառ կը սիրէր. զարծի՞ւն, որ բարձրաթռիչ լինելով ձեռք չէր հասներ, կապիկն եւս դիմաց կեցած հտպտանքով կը խաղար ու կը շողոքորթէր, իբր եւ թէ ինքն մերձաւոր ազգակից է Մարդուն, զայդ եւս թողուք Ադամ, որ երթայ վերջի գարուն իւր բնագէտ ու իմաստակ զաւակներուն հետ ամուսնանայ. որք արհամարհելով մարդուն տիրական պատիւը, բանականութեան գերագոյն շնորհն. եւ դի¬ մաց հրաշագեղ տիպարը, անմտացան կարծել թէ մարդն կապկի սերունդն է, եւ կապիկն է մարդուն նախահաւն։

Այսպէս անընկեր մնաց խեղճ Ադամ ու սկսաւ հոգալ ու տխրիր Բոլոր Դրախտի գեղազան վայելչութիւնք չկրցին զինքն սփոփել, նա միայնակ էր. ուստի, Տէր Աստուած փութաց նորա տխրութիւն փարատեր թանձր քուն թափեց նորա աչքին վրայ, եւ նորա կողերուն մի ոսկորն առնելով հրաշապէս նորաստեղծեց Եւան կենդանի հողէն նորահրաշ կենդանի մարդ կերտելով: Զարթեալ Ադամ քնաթաթախ աչքով, տեսաւ առընթեր իւր կեցած իւր մահատիպ պատկերը, հիացաւ, հաւանեցաւ, ու խայտալով գոչեց. «Ահա այժմ ոսկր յոսկերաց իմոց, եւ մարմին՝ ի մարմնոյ իմմէ». եւ այլն։

Ադամ, որ բոլոր կենդանեաց անունները վայելչապէս յորջորջեց, առանց վարանման գտաւ իւր ընկերին անունը. Աստուած զայն Օգնական կոչեց. իսկ Ադամ Կին. զոր բացատրելով կը մեկնէ իբր իսկական մասն իւր անձէն առնուած. որով մեղմով իմն կազդարարէ իւր արարչին, թէ ինչպէ՞ս հնար էր, որ ինքն օտար մարմին եւ օտար ոսկր իւր համար ընկեր ընդունէր, եւ կցէր պատուաստէր զայն իւր մարմնոյն միութեան հետը, որ անբնական էր։

Այսպէս աւարտեցաւ Դրախտին հարսանիքը, որոյ պսակադիր Քահանայն Աստուած էր, Եկեղեցին Դրախտն էր, Խաչ ու Աւետարան Կենաց ծառն էր. Շարական երգող Տիրացուն Սոխակն էր, վկայող ժողովուրդը բոլոր կենդանեաց սեռն էր. հարսնարանին խնճոյք կազմող մատակարարն ու մատռուակ՝ հրեշտակաց դասն էր. անմահ անուշահամ գինին՝ Դրախտի չորս գետերն էին. սուրբ եւ մաքուր առագաստ՝ հովանաւոր ծառաստանն էր։

Ահա այսպէս կազմեց Տէր Աստուած առաջին ընտանիքը. իւր արարչական աջով օրհնեց նորապսակ ամուսինները, եւ սիրոյ անխզելի կապով զիրենք, այնչափ ամուր եւ անբաժանելի, մինչեւ թողուլ հայր ու մայրը եւ ամուսնոյն ետեւէն երթալ. որ կը յայտարարէ դրախտին Քահանայապետն թէ, «Զոր Աստուած զուգեաց, մարդ մի մեկնեսցէ». այսինքն թէ պսակին խորհուրդը վեհ է. եւ թէ զայն Արարչին հզօր ձեռք կապեց, թող ստեղծուած մարդը իւր տկար ձեռքով չհպի յանդգնութեամբ քակել զայն։ Բայց աւա՜ղ, դրախտի ընտանեաց մէջ ուրիշ երկպառակիչ մարդ չմտաւ, զի դեռ չկար. միայն խորամանկ օձը կը նախանձէր երկու սիրելեաց երջանկութեան վերայ. ուստի նենգութեամբ խորհեցաւ երկու անփորձ ամուսինները ապերջանիկ վիճակի մէջ դնել. եւ դրախտին մէջ մահ բերելով, անեղծ մարդոյն անմահ կեանքը մեռուցանել։ Կեղծաւոր ու ստախօս կենդանին իւր պատերազմի ձեռնարկութեան գաղտնի յատակագիծը պատրաստելով՝ յարձակեցաւ նախ տկար կնոջ վերայ այն պահուն, երբ նա միայնակ էր ու առանց իւր մեծ թիկնապահին կը շրջէր. գիտութեան ծառին տակ իւր դարանը լարեց, կնոջ նորազգաց ցանկութիւնը գրգռեց դէպի գեղեցիկ պտուղը, գեղեցկովը՝ գեղեցիկը որսաց։ Նա քաջ մտաբերեց թէ երբ զկին խաբեմ հանեմ դրախտէն, անշուշտ Ադամ անոր ետեւէն կերթայ: Արարիչն այնպէտ պատուիրեց. կարելի չէ որ նա բաժնուի իւր կենակցէն. եւ թէ չերթայ եւս, դարձեալ ես կը շահիմ. զի ամուսնութիւն առանց աճման կը մնայ եւ Աստուծոյ օրհնութեան նպատակը ի գերել կը հանեմ։

Իմ օձն այսպէս յաղթանակեց. եւ իւր յաղթանակ տեւեց ցվեց հազար տարի. մինչեւ հասաւ Աստուածորդին, Խաչի ոտքի տակ ճմլեց դարանակալ օձը, եւ գոչեց՝ «Ո՞ւր է, մահ, խայթոց քո»:

Անխելամուտ մարդիկը դրախտի ընտանեաց եւ արդի Ադամարդւոց վիճակին վրայ կարեկցելով՝ զԱստուած կը դատեն, թէ նա խստութեամբ պատմեց իւր սիրելի ձեռակերտները, մահով եւ արիւնով գրեց նոցա վճռագիրը, փանաքի պտղոյն համար մահ սահմանեց. զոր իբրեւ ծաղր ու կատակ ի դէմս կը բերէր կոյր Յազկերտը՝ Հայոց նախարարաց առաջը։

Ափիբերան պէտք է լռէ աստ մարդոց կեղակարծ դատաստանը, զի անհուն անտակ է Աստուծոյ նախատեսութեան խորը, ով գիտէ, գերագոյն եւ բարերար դատաւորը՝ դրախտի յանցաւոր ընտանիքը պատմելով առաւել եւս բարերարեց, վասն զի մեր նախածնողք՝ Գիտութեան բարւոյ եւ չարի պտուղ ճաշակելէն յետոյ եթէ յաջողէին Կենաց ծառէն եւս ճաշակել, աներկբայ էր որ այնուհետև մեղաց մէջ անմահ կը մնային. որով իրենք եւ իրենց բոլոր սերունդները անիծեալ եւ տատանեալ կեանք պիտի վարէին աշխարհիս վերայ, եւ մահու ցանկանալով չգտնէին զայն։ Խնամակալն Աստուած մահով հանգոյց հողին մէջ իւր պատժապարտ ծառաները. մինչեւ իւր միածին որդին եւս ի գերեզման այցելելու ղրկեց. նա մահով քալեց իւր նախաhօր յանցանքը կրկին անգամ մեղապարտ ծառայն հողէն հանելով գրկեց վերբերեց տարաւ երկնից դրախտը։

Դրախտի տարաբախտ ընտանիքէն պէտք է օրինակ ու խրատ քաղենք նոր դրախտի որդիքներս, զգուշանանք չարանախանձ օձին հրապուրիչ թոյնէն. եթէ նա ջանաց, մահ մտոյց հին դրախտը ու մեր նախածնողքը մահացոյց , պիտի ջանայ նաեւ նոր դրախտի մէջ Ադամայ հաւատացեալ որդիքները երկնից դրախտէն հանել։ Հոն տեսանք. որ բարեխնամն Աստուած թէպէտ մեծագորով, այլ արդարութիւնը ի գործ դնելով չխնայեց երբեք իւր նոր ձեռատունկներուն, զոր վաղ խամրացոյց խորամանկ օձին շունչ։

Արժան է խելմատիլ անցելոյն աղէտներով, դիտել ու տեսնալ նենգաւոր օձին դարանամուտ հետքերը, թէ նա ինչպէս կը շրջի ու կը սողայ մեր մէջ. նա աշխարհիս չար մշակն է, որոմնացան թշնամին, նա ատելութիւն կը սերմանէ, նա միութիւն կերկպառակէ, ու վեր ի վար կը խռովէ ընտանեկան կեանքը։ Բայց հզօր մանուկն Յիսուս բռնեց եւ կապեց յաւիտենական շղթայով այդ մահաշունչ վիշապը, եւ խրախոյս կարդաց Եկեղեցւոյն ընտանեաց, որ զօրանան, քաջալերուին, կոխեն ու ջախջախեն նորա գլուխը, որ դրախտի օրէն սկսեալ դարանակալ օձը թշնամի դարձաւ մարդոյն, ու միշտ կսպասէ հարկանել նորա գարշապարը եւ թունաւորել մարդոյն կեանք։


Բ.

ԴՐԱԽՏԻ ԸՆՏԱՆԻՔ

ԱՐՏԱՔՈՅ ԴՐԱԽՏԻՆ

ՍՈՒՐԲ ԳՒՐՔԸ կը պատմէ թէ՝ երբ Տէր Աստուած դրախտի յանցաւոր ընտանիքը ղրկելով անմահ եւ ազատ վիճակէն, դուրս վարեց Եդեմի դռնէն ու դրաւ զիրենք յանդիման դրախտին. այն ապերջանիկ թշուառութեան մէջ, ով կարող է նկարագրել մեր նախածնողաց սուգն, ապաշաւ եւ ցաւագին ողբ, զոր ոմն հայ երգիչ կը յօրինէ պարզ ու սրտառուչ.

«Ադամ նստէր դուռն Դրախտին,
«Լայր եւ ձայնէր ողորմագին.
«Երէկ էի ի մէջ դրախտին,
«Լցեալ լուսով Աստուածային». եւայլ.:

Այո՛, պէտք էր լային ու անմխիթար ողբային փառաց վայելչութենէն տարամերժեալ ընտանիքը, որք միմիայն պահ մի դրախտի երջանիկ կեանք համբուրելէն յետոյ՝ աշխարհի թշուառութեան փուշը գրկերին, եւ այն առաւել եւս կսկիծ էր, որ աչքով մօտ կը տեսնային մի կողմ դրախտ երկնաւէտ, մի կողմ երկիր անիծեալ. մի կողմ բիւրազան ծաղկունք հոտանոյշ, մի կողմ քստմնելի տատասկ փուշ. մի կողմ ազատութիւն՝ Արարչին ազատ գաւազանին տակ, մի կողմ ստրկութիւն՝ Արարչին ազատ գաւազանին տակ, մի կողմ ստրկութիւն՝ աշխարհի բռնաւոր ձեռքին տակ. մի կողմ հանգիստ անաշխատ կեանք, մի կողմ քրտինք երես ար տաժանելի վաստակ. միով բանիւ, մի կողմ անմահ կեանք ու յաւէրժական փառք, մի կողմ մահ, հող, գերեզման եւ դժոխք։

Բայց իսպառ անմխիթար չէին տիրոջ ապերջանիկ ծառաները, բաւ է թէ հանդէպ դրախտին կը բնակէին, վասն զի մարդոյն խնամատար Արարիչը՝ խորհելով տնօրինեց այս վիճակը, որպէսզի իւր հէք ծառաները սփոփուին, որ կենաց ծառի անմահութեան ճաշակէն զրկուած էին. գոնէ յուսով մխիթարուին տեսնալով մօտ էն ազատարար կեանքը, որ կենաց ծառի բարձրածայր ճիւղերէն կախուած էր խաչանման, բազուկները տարածուած, յոյս կը ցոլար աչքերէն, կը հայէր առ նախածնողն Եւայ, եւ այս բան կաւետէր նմա. «Ես ձեր հանդերձեալ փրկիչ եւ բարեկամն եմ, պիտի գամ ու փրկեմ զձեզ. աներկբայ հաւատով սպասեցէք ինձ Երիքովի ճանապարհին վրայ, ես հոն կը գտնեմ զձեզ։ Դուք կը ցանկայիք Աստուած լինել, ես էլ այժմէն կը ցանկամ մարդ լինել։ Դու ինձ համար կոյս մի պիտի ծնանիս, Եւայ, եւ ես այն կուսէն պիտի գամ ու ծնանիմ էմմանուէլ Աստուած. քեզ նշան կուտամ, ճանչցիր այն կոյս. նորա անունը Մարիամ է, եւ նա միայն պիտի լուծէ քո վրէժը քո թշնամի ոխերիմ օձէն»։

Դրախտի ժառանգորդները թէպէտ զրկուեցան հայրենի անփուշ կեանքէն. բայց իրենց անկապտելի ժառանգութիւնն էր այն օրհնութիւնը, որով Աստուած օրհնեց իրենց ամուսնական պսակը թէ «Աճեցէք... ու լցէք երկիրը»։ Ուստի առաջին երկունքն սկսեց նախամօր Եւային, անդրանիկ որդի ծնաւ Կայէնն. եւ հետզհետէ նահապետական առաջին ընտանիքը կազմեց Ադամայ տուն՝ ուրիշ շատ զաւակները ծնելով։

Ադամայ տունկն եւ ընտանիքէն տարածելով բարգաւաճեցան բոլոր աշխարհիս սերունդը, եւ մի ընտանիք՝ բովանդակ երկրագունդը այլ եւ այլ ազգերով լցուց ու զարդարեց:

Չարկամ թշնամին բանսարկու օձը, մարդն ուր երթար՝ նա ետեւէն կը սողար, դրախտէն ելաւ, Ադամայ տունը մտաւ, եւ իւր բնածին չարութեան նպատակն էր խաղաղ ընտանիքը խռովել, նախանձ եւ ատելութիւն փչել նոցա սիրտը՝ թէ հնար լինէր. նա կը կամէր ամբողջ Ադամայ տուն եւ ընտանիքը կռուով սպանութեամբ սպառել: Սա թոյն թափեց նախ Կայենի ոխակալ սիրտը՝ հարազատը հարազատին դէմը զինեց, նախաձեռն սպաննութեան ոճիրը. առաջին ընտանեկան սուգ, առաջին մահն ու գերեզման, առաջին անգամ մտոյց Ադամայ տունը: Մեր նախածնողք կոծելով լացին, անմեղ Աբելին վերայ, իրենց ձեռքով փորեցին դժոխքիէն փոսը, ու իրենց աչքով տեսան առաջին նուագ չարաշուք մահուան սեւ դէմքը եւ գերեզմանին սոսկալի ստուերը։

Լացին միանգամայն Կայէնի ապիրատութեան վերայ մինչեւ Ղամեքայ նետը Աբելի անպարտ մահուան վրէժ լուծեց:

Ադամայ տուն եւ ընտանիքը անմխիթար սրտով ու սգով կանցնէին դառնաբեր օրերը, մինչեւ ծնաւ մխիթարութեան որդին Սէթ նահապետը, որ իսկական նախատիպար էր Աստուածորդւոյն. եւ ինչպէս Սեթայ սերունդը Աստուծոյ որդիք կոչուեցան, Քրիստոս եւս իւր հաւատացեալ որդիքները այդ բարձր անունով կոչեց։ Աստանօր նկատել արժան է Կայենի տան ընտանիք եւ Սեթայ տան ընտանիքը։ Երկիւղած եւ աստուածապաշտ Սէթը իւր սերնդոց առաքինութեան օրինակ եւ դաստիարակ կը հանդիսանայ. իսկ Կայէն, ագահ ինքնասէր ու վայրագ մշակը՝ չարութիւնը կը սերմանէ ընտանեկան անդաստանին մէջ, մեծամեծ հսկաները կը բուսնին, որք աճելով զօրանալով, հեղձուցին Սէթ նահապետի բարերոյս ծաղիկները. եւ նորա ընտանեկան անխառն անդաստանը՝ խառնագնաց անառակութեամբ ապականեցին։ Աստուծոյ որդիքները խնամութեան խառնուելով Մարդկան որդւոց հետը՝ գայթակղութեան չարութիւնը զբարին յաղթահարեց. որով այս երկու սերնդոց խառնածնունդ զաւակները միահամուռ մոլորեցան Աստուածապաշտ նահապետաց ուղիղ ճանապարհէն։

Սեթայ ել Կայենի ցեղերուն այս նշանաւոր դէպքը ճշգրիտ ու անվրէպ օրինակ կընծայէ մեզ՝ չարերուն հետը չնտանենալ, եւ ոչ իսկ խնամութեամբ ազգակցութիւն կապել։ Չարերը միշտ մարդկային ընկերութեան գայթակղութիւն են, եւ միշտ կան ու կուգան մեր կենաց ճանապարհին վրայ. յորմէ խուսափիլ անկարելի է. զի ասաց քրիստոս. «Ոչ է մարթ չգալ գայթակղութեան»։ Ուստի ամենայն խնամով զգուշանալ պէտք է, մանաւանդ ընտանեկան կապակցութեան մէջ։ Մովսէս Աստուածախօս օրէնքներով պատուէր կուտար Իսրայէլի որդիներուն չխառնակել հեթանոսաց հետը. նոյնպէս եւ Յիսուս իւր Աւետարանով անդադար կը քարոզէ Եկեղեցւոյ որդւոց զգուշանալ չարերու գայթակղութենէն։

Աստուած երբեմն չարերու մէջէն եւս բարին կը հրաշագործէ, եւ նա է, որ կը հանէ պատուականն յանարգէն. վասն զի Սեթայ ցեղի մոլորուած զաւակներէն Ենովս նահապետ իբրեւ բարի շառաւիղ կը հանդիսանայ Սէթ նախահօր Աստուածպաշտութեան արմատին վերայ, եւ մինչդեռ նախադարուն զեղծեալ մարդիկ Աստուծոյ տեսչութենէն յուսահատեալ անտէրունչ եւ առանց օրինաց կը շրջէին՝ օրըստօրէ վատթարանալով ամբարիշտ գործոց մէջ, Ենովս միայն յուսացաւ կոչել զԱստուած, ինչպէս կը վկայէ Սուրբ գիրք։ Մարդիկ իրենց թանձր մոլութեան մէջ մոռցէր էին Աստուծոյ սուրբ անունը եւ նորա արարչական խնամք՝ երբ տակաւին ողջ էին Ադամ, Սէթ եւ Ենովս նահապետները. որք իբրեւ կենդանի քարոզ եւ օրինակ բաւական չեղան Աստուածպաշտութեան յիշատակը անմոռաց պահել ընտանեկան կեանքին մէջ։ Շատ զարմանք է որ Սուրբ գիրքը առանց յիշատակութեան անցած է եւ բնաւ չի յիշեր կնոջ մի անունը, որ երկիւղած բարեպաշտութեամբ հանդիսացած լինէր նա ընտանեկան կեանքին մէջ ինչպէս Աստուածահաճոյ նահապետներ։

Ենովսէն յետոյ չնաշխարհիկ առաքինութեամբ բարձրացաւ Ենովք նահապետ, որուն համար Սուրբ Հարց կարծիքն է, թէ նա ժուժկալութեան մ ջ գերազանցելով հաճոյացալ Աստուծոյ եւ իր անժուժկալ նախածնողաց պարտքը վճարեց լիովին։ Ուստի վերին նախախնամութիւնը փոխեց զինքն յերկնային Դբախտն, հանելով ամբարիշտ մարդոց կարգէն արդարոյն կեանքը. որպէս զի մարդկանց չարութիւնը նորա լուսաւոր վարքը չաղարտէ։

Սուրբ Գիրք՝ առաջին գարուն վերջի նահապետ եւ երկրորդին սկզբնահայր Նոյ վկայութեամբ կը հռչակէ, արդար ու կատարեալ կոչելով զինքն իւր ազգատոհմին մէջ։ Նոյին ժամանակը երկիրն ամբողջ ապականուած էր չարութեամբ. այլեւս չկարաց հանդուրժել Տէր Աստուած, ահաւոր աչքով գիտեց երկնքէ՝ երկրի ամբարշտութեան վերայ, մարդոց ապիրատ գործքերը չափեչով ասաց թէ «Ժամանակ ամենայն մարդոյ հասեալ է առաջի իմ», որով ցոյց կուտայ թէ առ հասարակ մարդկային ընտանիքը, հաւատք եւ Աստուծոյ ոգին մերժելով շաղախուած էին մարմնապաշտ մոլութեանց մէջ, երկնից արդարութիւնը պատուհաս ածելով պիտի ջնջէր ու բառնար իրենց կեանքը։ Ուստի Նոյ նահապետ եւ իր ընտանիքը միայն որոշելով ապականեալ մարդոց ընտանիքներէն, փակեց զինքն հրաշակերտն տապանին մէջ, ջրահեղձ առնելով կորոյս մարդկութեան սերունդը աշխարհիս երեսէն, միայնակ արդար Նահապետին տունը պահելով բաւական համարեց զայն, որ երկրորդ գարուն սկիզբն մարդկային նոր սեընդոց նախահայր անուանուեցալ։

Նոյայ տապանին նաւապետ Աստուածային տեսչութիւնն էր, որ վարելով զայն առանց ղեկի բերաւ հասոյց Այրարատայ լերանց վերայ Մասիսին բարձր գլուխ նաւահանգիստ կազմեց։ Ծովացեալ ջրհեղեղ կը ցամքի երկրիս երեսէն, ջրասոյգ կը ջնջուին նաեւ իսպառ մարդիկ եւ իրենց ամբարշտութեան գործքերը։

Սուրհանդակ Աղաւնին ձիթենին կանանչ ճըղիկ մի նշան բերելով կաւետէ թէ պատուհասի ձմեռն անցեր է, գարուն եկել աշխարհ։ Նոյ նահապետ իւր ողջ ընտանեոք տապանէն դուրս կելնէ, եւ կիջեւանի նախ նոյն Մասիսի կողերուն վերայ. յորում իւր վաղեմի ուխտին հաճոյական զոհ մատուցանելով կողոքէ զԱստուած ի հաշտութիւն։ Եւ ահա Ծիրանի գօտին կամար կը կապէ Այրարատեայ աշխարհին վերայ, ձգելով մէկ ծայրնի Մասիս եւ միան յԱրագած։

Աստուած Արդարոյն հետը յաւիտենական ուխտ կը կնքէ այլեւս չապականել երկիրը ջրհեղեղի պատուհասով։ Վաստակաւոր նահապետ յիշելով իւր արդար մշակութեան արուեստը, Մասեաց արեգդէմ դարեւանդին վերայ մի այգի կը տնկէ իւր ձեռքով, եւ օր մը կարբենայ գինւով, համեստ ծերունին գլուխ Մասեաց թեւին վերայ դնելով կը ննջէ եւ հովը կը հոլանէ նորա հանդերձը։ Համ կրտսեր որդին կը տեսնայ զայն, ծանակելով կը ծիծաղի. Սէմ ու Յաբեթ պատկառանօք կը ծածկեն իրենց հօր առականքը. ծեր Նահապետը կը զարթնու եւ կզգայ. կանիծէ Քանան մանուկը, եւ կօրհնէ Սէմ ու Յաբեթ։

Նահապետական ընտանեաց մէջ շատ նշանաւոր էր ծնողաց յարգանք ու որդւոց պատկառանք. երանի թէ այս վսեմ առաքինութեան օրինակը ել յիշատակը Յաբեթի տան անցեալ եւ ներկայ արդիներ անմոռաց պահէին միշտ ընկերական կեանքին մէջ, զոր չի մոռնար Մովսէս պատմել Սուրբ Գրոց կարգին հետը. ցոյց տալով թէ քանի՜ պատկառանաց ու համեստութեան շնորհ կը փայլէր Նահապետաց ընտանեկան կեանքին մէջ։


Գ.

ՀԱՅՈՑ ՆԱԽԱՊԵՏԱԿԱՆ ՏՈՒՆ

ԵԻ

ԸՆՏԱՆԻՔ

ԴԵԱԽՏԵ նախաստեղծ ընտանիքէն սկսելով միայն մի համառօտ նկարագրով յիշատակեցինք քանի մր Աստուածահաճոյ նահապետաց կեանքն, զոր կը պահանջէր գրոյս նպատակը։

Եւ թէպէտ Նոյէն յետոյ առաւել եւս կը փայլին հաւատացեալ ընտանիքով Աբրահամ Իսահակ եւ Յակոբ նահապետները, որոց վարք եւ ընտանեկան կեանքը սքանչելի է, եւ մարդ կը հիանայ երբ ուշադիր մտքով կը կարդայ Ծննդոց գիրքը:

Բայց շարադրածիս կարգ եւ առարկայն երբ պահանջեն, անշուշտ իբրեւ օրինակ յառաջ պիտի բերեմ, հին աշխարհի առաքինութեան այդ չքնաղ տիպարները, որոց ընտանեկան կեանքը զարմանալի է, ուր ոչ գիր, ոչ դպրոց, ոչ ուսումն կար, միայն խիղճ, երկիւղածութիւն եւ Աստուածպաշտութիւն կառաջնորդէր եւ կը դաստիարակէր զիրենք, արդի լուսաւոր եւ քաղաքակիրթ աշխարհի որդիքները պէտք է պատկառին նահապետաց պատկառելի շուքէն։

Մեր ազդին եւ Հայոց աշխարհին ընտանեկան կազմութեան առաջին հիմնադիր Նոյ նահապետն է, ինչպէս եւ ջրհեղեղէն յետոյ հանուր մարդկութեան նախահայն է, ուստի մեք Հայկայ անունով Հայ կը կոչուինք, Արամայ անունով Արմէնեան, եւ երբեմն եւս Թորգոմական կամ Ասքանազեան, բայց այս նահապետները բոլորն եւս Նոյի կրտսեր որդի Յաբեթի սկզբնական սերունդէն են, ասոր համար մերթ եւս Յաբեթական ազգ կը կոչուինք։

Ինչպէս որ կը կարծուի, դրախտը Հայաստանի մէջն էր, եւ կեանքն այդ աշխարհէն սկսեց, նախախնամ տեսչութիւն այնպէս կամեցաւ, որ դարձեալ մարդկութեան սերունդին աճումն՝ դրախտի մօտէն սկսի։ Ուստի Հայոց Արարատեան աշխարհը մարդկային ազգի նոր խանձարուր եղել, Նոյ նավապետ իւր բարեճոխ ընտանիքը Մասիսի հովանեաց եւ թեւին տակ հաստատեց, որ այժմ Նախ իջեւան կըսուի, գրեթէ հինգ Հազար տարիէն աւելի է այս աւանդական անունը անկորուստ պահելով մինչեւ ցայսօր նոյն անունով կը կոչուի։

Երբ Նոյի տան ընտանիքը, ինչպէս կը կարծուի չորս հարիւր տարուան միջոցը, այնչափ աճեցաւ ու բազմացաւ մինչեւ Արարատեան լայնատարած աշխարհի այլեւս բնակութեան տեղ չի մնալով, գաղթականութիւն սկսեց սփռել աշխարհիս ամէն կողմը, առաջին ընտանեկան դաղթականութիւնը դէպ ի Բաբիլոնի Սէնարայ դաշտ չուեց. չը գիտեմ թէ ի՞նչպէս այս գաղթական ընտանիքը վաղ եւ շուտ մոռցան Նոյ նահապետի արդար ծերոյն յիշատակը եւ նորա հաւատք ու Աստուածպաշտութեան երկիւղածաթիւնը. եւ սկսան նանրախորհուրդ մտօք երկնից ցասման դէմ մի հզօր ամբարտակ կանգնել, թերեւս յաւանդութենէ յուշի պահելով թէ ինչպէս բարձրագագաթ Մասիս Նոյայ տապանին ասպնջական եղել, այդ մեծագործ ամբարտակն եւս կարող է զիրենք ազատել, եթէ կրկին անգամ ջրհեղեղ գայ աշխարհ։ Իսկ հաւատացեալ Նոյին սիրելի պաշտեցեալ Աստուած՝ որ հաշտութիւն ուխտեր էր, պահ մի ծածկեց իւր հաշտութեան աղեղն, եւ Մասիսի գլխէն իջաւ’ի Բաբիլոն մի շնչով խորտակեց ամբարտակն ու խառնակեր միաբարբառ մարդկանց լեզուները, եւ ցրուեց չարաժողով միաբանութիւնը. որպէսզի ճանչնան Բաբելոնի ամբարիշտ ընտանիքը թէ իրենց մեծամիտ խորհուրդ եւ գործն ընդունայն եւ Աստուծոյ ընդդէմ էր. եւ այնուհետեւ այլեւս չժպրհին երկնից Բարձրելոյն դէմ թումբ կանգնել։

Մինչդեռ Բաբելոն կը խառնակէր, Բէլ կը տիրապետէր, Արարատեան աշխարհ խաղաղութիւն էր։ Հոն ազատութիւն եւ աստուածպաշտութիւն կը թագաւորէր, իւրաքանչիւր տոհմական նահապետները իրենց ընտանեաց վերայ կիշխէին տանուտէրական իրաւունքով։ Իսկ արդար Նոյ՝ նահապետաց նահապետն, որ դեռ ողջ էր, Մասիսի մեծաշէն պալատին դուռը իւր աթոռը դրած կը հովուէր Հայոց մտերիմ ժողովուրդը, որ իրենց բնակասնունդ հայրենիքը սիրելով երբէք չբաժնուեցան. որով իրենք անմասն մնացին Բաբելոնի պատուհասէն, անարատ պահելով հայրենի նախնական լեզուն, կրօն եւ երկիւղած Աստուածպաշտութիւնը։ Քանզի Նոյ նահապետ, որ պահապան էր աշխարհին, ինքն կենդանի օրինակ եւ քարոզ էր, արդարութեան լոյս կը ծաւալէր բոլոր ժողովուրդ ի կեանքին եւ ընտանեաց վերայ. որ բաւական կը լինէր մէկ արդար մարդ աշխարհին լոյս տալ, եւ ազգը մոլեկրօն ամբարշտութենէն ազատ պահել։ Նոյին արդարութեան լուսով զինուեցաւ մեր Հայկ նահապետ աշխարհակալ Բէլին դէմ, եւ զայն նշկահելով Բաբիլոնէն կրկին դարձալ իւր հայրենիքը, եկաւ համբուրեց հինաւուրց ալեւորեալ ծերոյն տապանաշէն աջը. եւ ես կը հաւատամ թէ նորա զօրավիգ օրհնութեամբ զօրանալով, յաղթանակ տնկեց Հայոց ձորին մէջ եւ կործանեց այն հսկայ որսորդը, որ կը խիզախէր Աստուծոյ առաջ եւ եղջիւր կ՜ածէր երկնից դէմը։

Աստի կը սկսի Հայկատուն եւ ընտանիքը, եւ հետզհետէ տանուտէրական իշխանութեամբ կը կառավարի ժողովուրդ։

Հայկայ կեանքէն եւ թուականէն սկսեալ մինչեւ ցայսօր գրեթէ չորս հազար այսքան տարի կը հաշուեն. օրհնեալ է Նախախնամութեան անունը, որ դեռ Հայոց ազգը եւ իւր յիշատակը կենդանի պահուած է։ Այսչափ ժամանակի ընդարձակ միջոցի մէջ. կան ուրիշ ազգերը որ հայրենիքէն գաղթականութեամբ ելած են, կան որ սպառած ու նուազած են, ինչպէս Հայոց դրացի Ասորին։ Հայոց ազգը եւ իւր ընտանիքը, որ մեծագոյն մասամբ իւր հին հայրենեաց մէջ, պահպաներ ու կը պահպանէ դեռ իւր նախնեաց հողն ու գերեզմանը։ Ամէն վիշտ ու տառապանք կրեց, աշխատեց նոյայ տնէն, Մասիսի սարէն չհեռանալ, ուր Քրիստոս Հայաստանեայց եկեղեցւոյ Կաթուղիկէն բարձրացուց:

Չգիտենք, եւ կը տարակուսինք թէ արդեօք Հայոց ազգը իւր նահապետին տուն եւ հայրենիքը չթողլով նոյն նախնի նահապետաց ընտանեկան կեանքին չնաշխարհիկ առաքինութիւններն ողջ ու անարատ պահեց։ Այդ ինքնին յայտնի է. եւ պատմութիւնը մեզ կուսուցանէ. երբ ազգ մի այլ եւ այլ ազգաց տիրապետութեան տակ կը նուաճի, անշուշտ նա կստիպուի օտարի կեանքին ու սովորութեանց հետեւիլ։ Սորա համար Աստուծոյ պատգամախօս Մովսէս օրէնքով կարգիլէր Իսրայէլի ժողովուրդին, որ զգուշանան եւ չխառնակին հեթանոսաց հետը, որպէսզի չսորվին նոցա անարժան գործերը։ Հայոց ազգը եւ իւր նահապետական ընտանիք այդ խառնակութենէն ազատ չմնացին, ոչ հեթանոսութեան գարուն մէջ եւ ոչ քրիստոնէութեան։ Պարթեւական Արշակունիք, Բագրատունիք, Ասորիք, Պարսիք, Մարք, Յոյնք, Թաթարք, եւ այլ փոքր ու մեծ ազգերը, կոխերին մեր հայրենեաց հողը, մերթ խառնուեցան ու ձուլուեցան, մերթ տիրեցին ու զօրացան, մերթ գերեցին ու կոփեցին, ո՛վ կը տարակուսի թէ այսքան խառնակութեանց մէջ ոեւիցէ ազգ մի կարող չէ իւր հին ընտանեկան կեանքը, ողջ ու անեղծ պահել։ Երբ այնչափ յեղափոխութիւնք մեր ազգային կեանքը իւր նախնի պարզութենէն հանելով այլափոխեր են. շատ դժուարին է ստոյգ եւ անխառն նկարագիրը հանել ժաղովուրդի կեանքին։ Մանաւանդ մեր ազգի հնութեան պատմիչները դուն ուրեք ժողովուրդի կեանքն ու բարք շօշափելով կանցնին, միտ դնելով միայն նկարագրել պատերազմի դաշտ, քաջաց գործը, եւ շատ եւս ողբ եւ կոծ ժողովուրդի աղէտներու համար, ուստի քննասէր ու բանասէր միտքը շատ դժուարութեամբ կարող է իրաց պարագաներէն գուշակել մեր նախնի ժողովուրդոց բուն նշխարները, դորա հաւատարիմ աւանդապահը մեր հայրենեաց ժողովուրդն է. վասն զի գաղթական հայոց մասն, ուր որ գնաց՝ հոն իւր մեռելոց հետը թաղեց նաեւ իւր հայրենեաց հին ու փառաց հետը՝ մոռցաւ նաեւ էջմիածնի բարձրագոյն Կաթուղիկէն։

Իսկ դուք, ո՜վ որդիք Հայոց, որ մեր հին Նահապետական տան ժառանգորդ զաւակներն էք. հոն հայրենի տունը կացէք, մի՛ հեռանայք, սիրեցէք Մասիսը, իւր տապան եւ սուրբ Գրիգորի Կաթուղիկէն. մշակեցէք Նոյայ ձեռատունկ այգին՝ Արարատայ դաշտը, մի՜ թողուք յաւիտեան Նահապետական տուն ընտանիքը. դուք Մասիսին հարազատ որդիքներն էք, Մասիսը ձեր հայրենի սեպհական տունն է. թող շէն մնայ ձեր տունը, շէն մնայ Նոյայ գերդաստանը, բարգաւաճին օրհնեալ Յաբէթը որդիները, արդար Նահապետին գերեզմանին աղերս եւ զոհին ծուխ մինչեւ երկինքը ելնէ, երկինք հաշտուի, եօթնագունեան աղեղն կամար կապէ դրախտի աշխարհին վերայ եւ դրախտի բնիկ որդիներ ցնծան թէ Աստուած ընդ մեզ է, իւր հզօր աջով կօրհնէ եւ կը պահպանէ Նոյայ տուն եւ նորա տարամերժեալ ընտանիք։


Դ.

Մ Ա Ր Դ

ԵԻ

Ա Մ Ո Ի Ս Ն Ո Ի Թ Ի Ի Ն

Մարդոյն Արարիչը ամուսնութիւնը միայն մարդոյն համար սահմաներ է. եւ ամուսնութիւն Աստուծոյ խորհրդաւոր, ձեռագործ եւ բնական օրէնք է։ Մովսիսին օրէնքները Տէր Աստուած Սինայի սարէն տուաւ, իսկ ամուսնական օրէնքը դրախտէն կը սկսի։ Անդրանիկ մարդն Ադամ եւ նորա ամուսին Եւայ երբ արարչութեամբ աշխարհ եկան, այս բնական օրէնքը իրենց գոյութեան հետն էր։ Եւ ի՜նչ է այս արարչադիր օրինաց զօրութիւն եւ նպատակը։ Այդ ինքնին յայտնի է, զօրութիւն բնական սէրն է եւ նպատակը մարդկային սեռին բարգաւաճումն ի փառս իւր Արարչին։

Այո՛, ամուսնութեան բուն օրէնքը բնական սէրն է, որ մարդուն բնութենէն անբաժանելի է։ Բնական սէրն հաւասար է նաեւ ամէն թռչնոց եւ անասնոց առանց ամուսնական պայմանին՝ որ միմիայն ազատ մարդոյն համար է։ Բնական սէրն է միայն բոլոր բնութեանց կենդանատու հոգին եւ զօրութիւն. եթէ չը կենդանացնէ սէրը՝ բնութիւնը կը մեռնի, ոչ մայր կը ծնանի եւ իր զաւկին կաթ կուտայ, ոչ հաւ, ոչ ճնճղուկ ձագեր կը հանեն եւ կուտ տալով կը սնուցանեն։

Ուստի, արժան է, որ ամենայն իրաւամբ ընդունիմք, թէ ամուսնական օրէնքը աշխարհի մարդկութեան հիմն է, բնութեան մէջ խորապէս հաստատեալ. եւ ոչ ձեռք մի կարէ խախտել զայն, եւ եթէ խախտի՝ մարդն իւր կեանքով կը չքանայ, եւ այլեւս չեն պէտք աշխարհ եւ իւր համայն զարդերը, որ տիրական մարդոյն սպաս տանելուն համար պատրաստուած են։

Ամուսնական օրէնքը յետ Աստուծոյ, մեր կեանքը շարունակող ստեղծագործ ձեռքն է, վասն զի արարչական միանգամ եւ եթ երկու նորաստեղծ ամուսիններ ի գոյ ածելով բաւ համարեց. թող տուաւ այնուհետեեւ որ ամուսնութիւն արարչագործէ եւ մարդիկ զիրար ստեղծեն։

Այլ թող չի պարծին մարդիկ որ ունին այդ արարչական շնորհը, որ չկտրեն մազ մի սպիտակ կամ թուխ փոխել, եւ թող հաւատան թէ մանուկը իւր մօր արգանդին մէջ պահող Նախախնամութիւնն է. մանուկ կը ծնանի, կաճի, կը զարգանայ. եւ մենք զարմանալով կը տեսնամք թէ մարդն զմարդն ծնաւ յաշխարհ։ Ամենայն պատկառանօք խոստովանիլ պէտք է թէ Նախախնամող ձեռքն է մարդոյն կենաց բուն սնուցիչ մատակարար, զի «ո՞վ կարէ յաւելուլ ի հասակ իւր կանգուն մի» ասաց Քրիստոս։

Ամուսնական կենաց արգասիքն է մեր բնակած աշխարհի շինութիւն եւ բարգաւաճումն, եթէ այսօր մեր լայնատարած երկրագունդը լի է մարդկային սերնդով, այդ եւս ամուսնական կենաց պտղաբերութեան անսպառելի հրաշքն է. զի դրախտին մէկ ծառը՝ բովանդակ աշխարհը ծառազարդեց։ Եթէ մարդոյն նախատես Արարիչն կինը իբրեւ կեանք եւ օգնական չըտար մեր նախահօրը, թէ որ չօրհներ ինք բերանով թէ «Աճեցէք ու լցէք երկիրը», եւ այլն, ի՞նչ կը լինէր Ադամ իւր միայնութեան վիճակին մէջ։ Նա կը մնար առանց կենակից ամուսնութեան, անծին, անծնունդ եւ անկեանք. զի Ադամայ եւ հանուր մարդկութեան կեանքը կինն էր, որուն համար կասէ սուրբ Գիրք թէ «Նա է մայր ամենայն կենդանեաց». այսինքն մարդկային սեռին։

Հին դրախտին մէջ Եւան որ կեանք էր, մահ ծնաւ, մարդոյն կեանքը մահացոյց. նոր դրախտին եկեղեցւոյ մէջ Սուրբ Կուսին զաւակ Յիսուս՝ հին մահացեալ կեանքը վերանորոգեց. եւ իւր Աւետարանին ազատ ու շնորհական օրինօք սրբագործեց ամուսնական խորհուրդը, եւ վերստին պնդեց նորա կապը, զոր կը խզէր միշտ հրէական խստասրտութիւն։

Սուրբն Պօղոս, որ Քրիստոսի հոգւով կը խոսէր, պատուական կը կոչէ ամուսնութիւն, եւ սուրբ կը համարի նոցա առագաստը։ Այնչափ մեծ նշանակութիւն կուտայ, մինչեւ կը համեմատէ զայն եկեղեցւոյ բարձր խորհրդոյն հետը. Յիսուս փեսային եւ իւր հարսին հետը։

Եւ մերթ եւս անձնուրաց Առաքեալը խաչակրութեան ազատ պաշտոնին եւ Աւետարանի քարոզութեան համար կամաւ ներքինի կը լինի, որպէսզի Եկեղեցւոյ հաւատացեալ ընտանեաց համար միայն հոգայ, վասն զի Աւետարան եւ Եկեղեցին խաչաբարձ խմբին առաջ վերագոյն համարուած էր։ Նոքա քաջ սորված էին Աւետարանի այս դասը, թէ «Որ ոչ առցէ զխաչ իւր եւ եկեսցէ զկնի իմ, չէ ինձ արժանի»։ Յիսուս խաչն ի յուս դէպի Գողգոթայ գնաց, զոհեց զինքն մարդկային սիրոյն համար. նոյն կը պահանջէր իւր ուխտադիր աշակերտներէն։ Յայտ իսկ է թէ սոյն անձնուէր խաչակրաց առաջ որչափ որ կը խոնարհի ու կը լռէ ամուսնական իրաւունքը, այլ երբէք չի եղծանիր. զի Աստուածային ձեռք եւ դրախտի օրհնութիւնը զայն անեղծ դրոշմեր են։ Թող ոչ ոք այնպէս կարծէ թէ ուրեմն Յիսուս եւ Պօղոս ընդդիմ ախօս են սոյն Աստուածական վճռոյն, մին իւր սիրոյն եւ Աւետարանին համար ընտանիք եւ աշխարհ թողուլ դաս կուտայ. եւ միւսն կը ցանկայ, որ ամէն մարդ իրեն պէս անամուսին կոյս լինի. եւ կամ թէ Կորնթացի հաւատացելոց կարծեաց կը հաւանի Պօղոս, որք կը գրէին թէ «Բարւոք է մարդոյ ի կին մարդ չը մերձենալ». յորում այնպէս կը թուի, թէ սոյն կարծիքը ուղղակի դիմախօսութիւն է դրախտի Աստուածային այն վճռոյն, թէ «Ոչ է բարւոք մարդոյդ միայն լինել». եւ այլն։ Պօղոս Ա. Կորնթացւոց եօթներորդ գլուխն ամբողջ ամուսնութեան եւ կուսութեան վիճակի վերայ կը խօսի, եւ խիստ ազատութեամբ կը վարդապետէ, պատասխան տալով Կորնթացի Ժողովրդոց գրոյն։ Մարդ կարող է ինքնին խորհրդածել, որ դրախտի վճռոյն եւ Պօղոսի վարդապետութեան մէջ անշուշտ մեծ խորհուրդ եւ նպատակներ կան։ Վասն զի մարդոյն Արարչութեան օր՝ Արարչին խորհուրդ եւ նպատակն էր, որ իւր պատրաստած ամայի երկիրը ամուսնական օրհնութեամբ լցնէր, եւ մարդն իւր աճեցեալ սերնդով փառաւորէր զԱստուած։ Իսկ Պօղոսին նպատակն էր, որ եկեղեցւոյ որդիները՝ նոքա որ կարող են իրեն պէս առաքինանալ, թողուն աշխարհ եւ ամէն բան, միայն Աստուած եւ եկեղեցին հոգան, ազատ մնալով ընտանեկան զբաղմունքէն։ Պօղոսի վեհ հոգին ըղձակերտ կը լինէր, որ Աւետարանի պաշտօնեայք ազատ զին ոլորներ լինին սկսեալ Երուսաղէմէն անարգել երթան մինչել աշխարհիս ծագը Աւետարան եւ հաւատքը ծաւալեն։ Թող այս, Պօղոս երբեմն վերանալով տեսաւ երկնից դրախտն եւ Աստուծոյ սիրելեաց համար պատրաստուած փառքն, ապշեցաւ հիացաւ թէ անճառ է եւ անպատում, ուստի զարմանալով կը պատմէ եւ ի նոյն կը յորդորէ որ վերթեւին եկեղեցւոյ զաւակները, ու կը խօսի այսպէս. «Եթէ ժամանակս կարճեալ է այսուհետեւ, զի որ ունեցին կանայս, որպէս թէ չունեցին... եւ որ վարեն զաշխարհս, որպէս թէ չը վայելիցեն, որ անցեալ է վայելչութիւն աշխարհիս»։

Երանելի Պօղոս, թող իւր տեսած դրախտէն նայի այժմ, թէ աշխարհիս վայելչութիւնը եւ կեանքը ո՞ւր հասած է եւ թէ երկրասէր մարզիկը կր հասկնա՞ն իւր խօսքը, կամ կը հաւատա՞ն թէ իւր տեսած դրախտը Փարիզի դրախտէն գերազանց եւ վայելուչ է։

Այո՛, Պօղոսին յափշտակեալ միտքը երազ չէ, այլ ճշմարիտ իրողութիւն է՝ միայն ճշմարիտ հաւատացելոց համար. զի երբ երկնից արքայութիւնը յայտնուեցալ, եւ երբ Յիսուս քարոզեց Աւետարանի որդւոց, թէ՝ «Դուք այս աշխարհէն չէք», այնուհետեւ աշխարհիս դրախտը կը քանդուի եւ երկնից դրախտը կը բացուի մարդոյն առաջը։

Այլ թէ այսպէս եւ թէ այնպէս, ոչ Աստուած, ոչ Յիսուս, ոչ Պօղոս եւ ոչ եկեղեցին բացարձակ վճիռ կուտան որ մարդիկը անժխտելի օրէնքով պէտք է ամուսնանան առանց երբէք բացառութեան, եւ կամ կուսական կեանք վարեն առանց երբէք ամուսնութեան։ Եթէ այսպէս լինէր, ամէն մարդ Պօղոսին հետեւէր, եկեղեցին ամուլ ել անծնունդ մնալով՝ վաղ ուրեմն սպառած էին իւր որդիքները, եւ կամ թէ Պօղոսի նման կամաւ ներքինիք եւ Աւետարանին անձնուէր պաշտօնեայք չը լինէին, ո՜վ կաւետարանէր անմախազ, անցուպ այն բարբարոս հեթանսսաց մէջ, ո՞վ կը շինէր քրիստոսի եկեղեցին, եւ ո՞վ կը թափէր արիւն հաւատոյ վկայութեան համար։ Մեք չենք ժխտեր թէ շատ ամուսնաւորք եւս առաքինացան այդ ասպարէզին մէջ, բայց Աւետարանի խաչակրաց խմբին գերազանցութիւն միշտ անհամեմատ է։

Ուրեմն յայտ է եւ պէտք է խոստովանիմք, որ մարդոյն երկու վիճակի կեանքն եւս իւր ազատ ընտրութեան ու կամաց թողուած է, իւրաքանչիւր մարդ իւր առանձին շնորհն ունի, ոմն այսպէս եւ ոմն այնպէս։ Քանզի եկեղեցւոյ դրախտի ծաղիկները մշակող հայրն՝ զանազան տնկեր է, եւ իւրաքանչիւրն՝ իրենց վայելուչ տեսքն եւ անուշ հոտն ունին։ Թէեւ Աւետարանի ազատ մշակները իրաւունք ունենան պարծենալ թէ իրենք առաւել վաստակեցին եւ կը վաստակեն, այլ ոչ երբէք իրաւունք ունին նոքա փարիսեցւոց աչքով նայել ամուսնական կեանքին վերայ, եւ այնպէս դատել որպէս թէ այդ կեանքը մեծ եւ հաճոյական չէ երկնից առաջ։ Սուրբ Գիրք եւ եկեղեցւոյ պատմութիւն ամուսնաւոր եւ չամուսնաւոր մարդոց նկարագիրը միանգամայն կը հանէ մեր առաջը, որուն վերայ եթէ մարդ ողջամիտ աչքով նայի, կը տեսնայ որ երկու դասի մէջն եւս առաքինեաց հանդէպ սքանչելի եւ հաճոյ է երկնից առաջը։ Աբրահամ իւր ընտանեկան վրանին տակ, աղօթաւորն Անտոն իւր խցին մէջ։ Ենովք եւ Եղիաս կենդանւոյն կարժանանան երկնից դրախտին, մին ընտանեաց Հայր եւ Նահապետ, եւ միւսն իբրեւ կոյս մարգարէ եւ այր Աստուծոյ։ Մեծ է Յովհաննէս Մկրտիչ կանանցածին ծննդոց մէջ, այլ ո՛վ է երկնից արքայութեան այն փոքրիկ հաւատացեալ արդարն զորս Յիսուս տեսնելով մեծ կը համարի, եւ մեր աչքէն կը վրիպի իբրեւ աննշան եւ փոքրիկ, չգիտենք նա կո՞յր է թէ ամուսնացեալ։

Ուստի կը պարտաւորիմք մեր կեղակարծ դատաստանը ուղղել, թէ այդ երկու դասն Աստուածահաճոյ առաքինիքը դարձեալ մի եւ Նոյն ամուսնական ծառի բարի պտուղներն են, քանի որ աշխարհ կայ՝ միշտ պէտք է կանաչազարդ մնայ այդ ծառը, զի Աստուծոյ օրհնեալ ձեռաց տունկն է. նորա սահմանադիր օրէնք եւ օրհնութիւն կը դարմանեն զայն, շարունակ աճելով իւր ընտանեկան ճիւղեըը արձակելով միշտ բազմապատիկ պտղաբերէ թէ աշխարհիս եւ թէ երկնից արքայութեան համար։

Սակայն թէ հեթանոսութեան եւ թէ Քրիստոնէութեան այլ եւ այլ դարերու մէջ այնպիսի չարածնունդ աղանդաւորները եկան աշխարհ, գրեցին ու քարոզեցին. յորոց ոմանք Շնական փիլիսոփայութեամբ ուզեցին հանել մարդոց անձէն ամօթոյ ու պատկառանաց հանդերձը, ու թող տալ, որ նա չամաչէ աշխարհի հրապարակի մէջ, արեւու առաջ անասնոց նման խառնագնաց լինելով, ծաղր ու ծանակ առնելով եւ քամահրելով սուրբ ամուսնութեան եւ մարդուն բանաւորութեան պատիւը։

Ոմանք եւս ծայրայեղ մոլեռանդութեամբ վարդապետերին թէ նոյն իսկ ամուսնական կեանքը չար անառակութիւն է, եւ լաւ է որ մարդիկ հրաժարին ամուսնութենէն, կիներէն խորշին իբրել չար արարածներէ, Դիոգինէսի նման անինչ, անտուն, անընտանի կարասաբնակ լինին այր մարդիկ՝ խոտելով միանգամայն մարդկային բանաւոր կեանքն եւ ընկերութիւնը։ Այսպիսի անլուր, այլանդակ եւ անօրինակ հայհոյութիւն մտաբերեցին այդ մոլորամիտ մարդիկը, եղծելով նաեւ մարդոյն սիրտն, զգացումն, բնական սէրն եւ բանաւորութեան լոյսն։

Իսկ Քրիստոնէական կրօն եւ եկեղեցին նզովիւք կը հերքէ այդպիսի աղանդաւորաց մոլորութեան հոգին ու վարդապետութիւնը։ Եւ Յիսուս երկնից վարդապետը Մովսէսէն առաւել կը նուիրագործէ սուրբ ամուսնութեան անեղծ իրաւունքն. բազմակնութիւն բոլորովին ջնջելով, եկեղեցւոյ նոր դրախտով հին դրախտ կը վերանորոգէ, մի Ադամին համար՝ միայն մի Եւայ բաւ համարելով։

Ուստի իբրեւ եկեղեցւոյ իշխանութեան ճշմարիտ եւ հարազատ հպատակ պարտաւոր են եկեղեցւոյ օրինաց թէ նախանձաւոր հայրերն եւ հովիւները եւ թէ Աստուծոյ տան ընտանեաց ճշմարիտ զաւակները ամենայն պատկառանօք պահել սուրբ ամուսնութեան օրէնք եւ իրաւունքը, արթուն աչքով հսկել այդ օրինաց ցանկին վերայ, զոր օրինադիր Արարչին ձեռք խնամով հիւսեր է. թող չը ժպրհի հեստող եւ ստահակ մարդը խրամատել անցնել Աստուծոյ պարսպած ցանկէն։ Եթէ միանգամայն քակուի այդ ցանկը, ընդարձակ ասպարէզ կը բացուի խստապարանոց մարդոց առաջ. այնուհետեւ ոտնակոխ լինելով ամուսնական օրինքը. կը խախտի ընտանեկան կեանքին այն յաւիտենական ու հաստատուն հիմն, որով եւ վերի վայր կը շրջին մարդկային ընկերութեան ամբողջ շէնքը. մարդիկ անասնակենցաղ լինելով՝ կեանք կը վատթարանայ աշխարհիս վերայ, եւ վատթարանալով կը մեռնի դրախտի եօթը հազար տարուան ընտանիքը իւր ամէն սերնդով։


Ե.

ՏՈՒՆ

ԵԻ

ԸՆՏԱՆԻՔ

Ինչպէս որ երկու պսակաւոր լծակիցներին ամուսնական միութիւն կը կազմուի, այսպէս նաեւ նոյն զուգակից միութենէն կը ծնի եւ կաճի ամբողջ ընտանիքը, որոյ նախածնող անդամներն են հայր եւ մայր. իսկ ծնեալ անդամներն են արու եւ էգ զաւակները քոյր, եղբայր. որք երբ ամուսնանան՝ փեսաներով, հարսներով եւ թոռներով կը յաւելուն ընտանեաց թիւը:

Ուստի ընտանեկան կեանքին եւ տան շինութեան հիմնաքարեր կը համարուին հայր եւ մայր։ Ո՞րչափ սքանչելի զարմանալի են ամուսնական պարտէզին մէջ այս երկու մանանեխի փոքրիկ հատիկները, որ ըստ Աւետարանի առակին՝ երթալով աճելով մեծ ծառ կը լինին եւ իրենց բազմապատիկ ճիւզերը կը համասփռեն բոլոր աշխարհը։ Վասնզի ամուսնական արմատին ընտանիքը կը հաստատուի, ընտանիքին ժողովուրդ, ժողովուրդէն այլ եւ այլ ազգերը, ազգեր էն իշխանական պետութիւնները եւ պետութիւններէն ընդհանուր մարդկային համաշխարհական ընկերութիւն։ Յորմէ դիւրաւ կիմաստասիրեմք թէ մեր ընկերական աշխարհին բովանդակ շէնքը ամուսնական եւ ընտանեկան պատուանդանին վրայ հաստատուած է. ժողովրդոց ոտքը եւ պետութեանց գահերը նորա վրայ դրուած են. եթէ քանդուի այս պատուանդանը՝ ժողովուրդ եւ գահերը ի միասին կը տապալին. այնուհետեւ ոչ եւս կայ, ոչ աշխարհ, ոչ ադամորդի, ոչ կեանք, եւ երկիր կը դառնայ Նոյն առաջին վիճակը, «Երկիր աներեւոյթ եւ անպատրաստ»։

Ոչ ոք հարէ ժխտել թէ այս այսպէս չէ, աշխարհիս հին ազգաց պատմութիւն, արդի ընկերական վիճակը՝ այո ընդհանուր ազգաց կեանքը ամէն կապացուցանեն թէ ոչ միայն մարդկային աճումն, այլեւ ժողովրդոց, ազգաց, հայրենեաց եւ թագաւորութեանց բախտը ընտանեկան կեանքէն կախումն ունի. թէեւ մեր ընկերական երջանկութեան եւ թշուառութեան մէջ կան արտաքին ուրիշ այլելայլ պատճառներ, բայց իմաստուն խելամտութեամբ նկատելով աշխարհիս իրողութեանց սկիզբն, միջոց եւ վախճանը. կը տեսնամք որ աշխարհիս չարեաց ու բարեաց սկզբնածնունդ մայր ընտանիքն է։ Հապա ընտանեկան կենաց թէ չարութեան եւ թէ բարութեան պատճառով է. դորա պատճառն եւս շատ մօտ եւ յայտնի է. այսինքն ծնողք՝ հայր ու մայր, որոց հպատակութեան տակ կապրի ամբողջ ընտանեկան գերդաստանը։

Տուն եւ ընտանիք մի փոքրիկ թագաւորութեան երկիր ու սահման է. որոյ նահապետական աթոռին վերայ կը նստին ծնողք, հայր իբրեւ թագաւոր, եւ մայրն իբր եւ թագուհի. եւ կը կառավարեն հպատակ ընտանիքը։ Սոյն ընտանեկան պալատին ու թագաւորութեան մէջ, ոչ ոստիկան կայ, ոչ սուր, ոչ բռնութիւն, ոչ գաւազան այլ ամենուն տեղ հայրական սէր եւ մայրական գորովն է. դաստիարակ եւ խրատ՝ ծնողաց կենդանի օրինակն է։ Այս օրինակը այնչափ բարի ու տպաւորիչ է, որ գիտես թէ լուսարուեստին պէս թափանցիկ կերպով ծնողաց պատկերը նոյնատիպ կը հանէ իւր զաւակաց վերայ եւ զաւակները այդ սկզբնական տիպարն առնելով կը մտնեն ժողովուրդին եւ ընկերութեան մէջ։ Այնուհետեւ տարածել կսկսի օրինակէ առ օրինակ, եւ այսպէս ընտանեկան կենաց բարի եւ չար օրինակներին, ժողովուրդին կեանքը կը բարւոքի կամ կը զեղծանի, կը շինուի կամ գայթակղութեամբ կը փլչի. կենդանի կը մնայ աշխարհիս վերայ կամ կենդանւոյն կը մեռնի, եւ իւր յիշատակ կը բարձուի աշխարհիս։

Ժողովուրդը եւ ազգերը միայն հացով չեն ապրիր. թագաւորութեամբ եւ ազատութեամբ չեն բարձրանար, այլ առաւել բարոյական կեանքով. եւ այդ կենսական կեանք տուողը ընտանիքն է։ Ուշադիր եղիր, եւ ես նկարագրեմ քեզ։

Ժողովուրդը եթէ կը յառաջդիմէ՝ իւր առաջին քայլը ընտանեաց սրահին կառնու. եթէ կը լուսաւորի, իւր լոյսը ընտանեկան ճրագէն է. եթէ կը միանայ, իւր ոգին եւ կապն ընտանիքն է. եթէ կը զօրանայ իւր ուժ եւ բազուկն ընտանիքն է. եթէ կը հարստանայ, իւր գանձարան եւ գանձապետն ընտանիքն է. եթէ իւր տուն եւ սեղան բարելից եւ առատ է, արդիւնաբեր անդաստանը ընտանիքն է. եթէ դրախտի գետերը կը վազեն իւր հրապարակը՝ աղբիւրը դրախտի ընտանիքն է. եթէ իւր կարասները լի են գինւով՝ կը խմէ կուրախանայ, խաղողաբեր այգին ընտանիքն է. եթէ բարեծնունդ զաւակներով օր ըստ օրէ բիւրապատիկ կաճի, իւր նախածնող խնամատար ընտանիքն է, եթէ իւր զաւակները բարեկիրթ քաղաքացի պատրաստել կուզի, իւր բարեկրթութեան առաջին համալսարան ընտանիքն է. եթէ աշխարհիս վերայ երջանիկ ապրիլ կուզի, թող հաւատայ, որ երջանկութեան կեանք բղխող աղբիւր ընտանիքն է. եթէ եըկրէս յետոյ երկինք եւս ժառանգել կուզէ՝ պահելով իւր հայրենի կրօն, հաւատ եւ եկեղեցին, այո այդ սուրբ աւանդները անեղծ անկորուստ պահելու խորանն ընտանիքն է։ Զի այդ գանձը եւ Աւետարանի անգիւտ մարգարիտը աշխարհիս շահավաճառութեան հրապարակին միջ, կառավարութեանց դահլիճներու մէջ, գիտութեանց ճեմարանաց մէջ անկորուստ չեն պահուիր, այլ միայն դորա հաւատարիմ աւանդապահ ընտանիքն է։

Տեսար, մտադիր ընթերցող, այս նկարագրին միջ քեզ յանդիման բերի. թէոեւիցէ ժողովուրդ իւր բարոյական կենաց տիպարը ուղղակի ընտանիքին կառնու, եւ պարծանօք ցոյց կուտայ աշխարհի թէ ինքն բարեկիրթ ընտանեաց զաւակ եւ ժողովուրդ է։

Տեսնանք նաեւ սորա հակադիր պատկերը, եւ աւագ աչքով նկատենք. որ չարաբաստ ապերջանիկ ժողովուրդ իւր կեանքի զեղծումները դարձեալ Նոյն ընտանեկան պատկերէն կընդօրինակէ եւ ի տես կը հանէ աշխարհի հրապարակը. եւ ահաւասիկ ցուցնեմ քեզ։

Ժաղովուրդ եթէ կը զեղծ անի՝ ներքին իւր զեղծման սկզբնաւորութիւնը ընտանիքէն է, եթէ բարոյական կենդանի կեանք չունի՝ մեռելութիւն ընտանիքէն է. եթէ դէպի կորուստ կը դիմէք իր կորստեան ճամբայ բացող ընտանիքն է. եթէ ծունկեր կթոտ են, իւր քայլերր յառաջ չեն երթար, լքումն ու կաղութիւն նտանիքէն է, եթէ երկու ձեռքով կը հարստահարուի՝ մէկ ձեռքն ընտանիքէն է, եթէ արտաքին թշնամիներէն պաշարուելով ապշած է, իւր ներքին մերձաւոր ու բարեկամ թշնամի իւր ատն ընտանիքն է, եթէ աշխարհիս կեանքի ճանապարհին մէջ ուղղութիւն չունի, յոռութիւն ընտանիքէն է. եթէ Եւրոպիոյ կախարդիչ նորասիրութիւնք զինքը պիտի կողոպտեն անխնայ, թող զգաստ լինի եւ տեսնայ որ մեծ կողոպտիչ ձեռք իր ընտանիքն է, եթէ իր զաւակներ օր ըստ օրէ հացի կարօտ թշուառ կը լինեն, այդ քաջ յայտնի է որ ընտանեկան մշակները անաշխատ հեղգ եւ անհոգացող են, եթէ առանց տնտեսութեան, առանց նախատեսութեան կը վատնէ իւր վաստակ եւ գանձը, ո՞վ չի գիտեր թէ շռայլութեան տնտեսապետն ընտանիքն է. եթէ իւր զաւակները առոյգ ազնուածնունդ չեն, ուրեմն ընտանեկան սերունդն հիւծելով ստրկացած է. եթէ իւր օրիորդը եւ երիտասարդը վարակած են մաշողական ախտով, ո՜հ, դոցա մահ եւ գերեզման փորող ընտանիքն է։ Ի վերջոյ եթէ ժողովուրդ, կրօն, հաւատ, եկեղեցին կը թողու, Աստուածպաշտութեան պարտիքները սրտէն կը հանէ եւ կը դառնայ դէպի ջրհեղեղին դարը, ամբարիշտ կեանք կը վարէ, դիտցիր այդ ապականութիւնը Կայենի դստերաց հետեւող ընտանիքէն է։

Տակաւին շատ ու բազում է զեղծեալ ժողովուրդի մի նկարագիրը, որ իւր սկզբնատիպ գաղափար իւր բնակած տան ընտանիքէն կառնու, մենք միայն այսքան բաւ համարեցինք, թող մնացորդ եւ ժամանակի նոր բերած զեղծմունքները սայրեր ու մայրեր ինքնին իմաստասիրեն, եւ ուշաբերելով ճանչնան թէ առանց բարի ընտանիք կազմելու, առանց հայրական ու մայրական դաստիարակութեան՝ անհնարին է բարեկեցիկ ազգ, ժողովուրդ կազմել։ Վասն զի ինչ որ շինենք, ինչ որ կազմենք, պէտք է գիտնանք, որ այդ կազմող առաջին տարերք ինտանիքն է։ Իսկ այդ ազնիւ ու պատուական տարերքը ո՛վ կը ստեղծէ, ով կը կազմէ եւ ո՛վ կը պատրաստէ զայն ժողովուրդին եւ ազգին համար, ես խօսիմ քեզ, այդ պատրաստող ձեռք՝ ուսումն եւ դաստիարակութիւնն է, որ պէտք է տարածի նախ այն ամէն յարկերուն տակ, ուր կը բնակի ընտանիքը։ Ճշմարիտ է, որ ժողովրդական դպրոցները լոյս եւ գիտութիւն կը սփռեն, սակայն բարի դաստիարակութեան տուրքը՝ միայն ծնողաց սեպհական է. զի առտնին դպրոցին ծայրագոյն եւ բնական վարժապետ նոքա են, ուրիշ ոչ ոք այդ վեհ պաշտօն չունի։ Ընտանեկան դաստիարակութեան մասին դարձեալ երկարօրէն պիտի խօսինք իւր տեղը, այժմ սկսինք խորհրդածել ընտանեկան միութեան եւ բաժանման, զարգացման եւ նուազման ներքին եւ արտաքին պատճառներու վերայ։

Ընտանեկան միութիւնը բուն նահապետական կեանքին օրինակն է, որով ընտանեկան ճիւղերը մի արմատէն շառաւիղելով միշտ մի ընտանիք կազմել եւ մի տան յարկի տակ բնակիչ. զոր կը դրուատէ Դաւիթը թէ «Զի՜ բարի կամ զի՞ վայելուչ, զի բնակին եղբարք ի միասին»։

Այս միութեան կեանքը առաւել գիւղացի ժողովրդոց համար փափաքելի եւ օգտակար համարուած է. վասն զի տան մի երկրագործ աշխատաւորները որչափ շատ լինին, այնչափ աւելի կընդարձակեն իրենց վարուցան, եւ արդեանց մեծ շահեկանութիւն կը ստանան։

Շինական ընտանիքը շատ ցաւ կզգան, եւ տան աւերումն եւ քանդումն կը գուշակեն եթէ ընտանեաց բաժանումն պատահի, եւ բախտ մեծ կը համարին, յորժամ տան ծերունի նահապետ ողջ է, ու կը կառավարէ որդի քները եւ աթոռները. նմանապէս մայր տանտիկին իւր հարսները եւ աղջիկները. ո՞րչափ փառք եւ պարծանք կը համարին, երբ նորածին մանուկներու օրօրոցներով կը լեցուի եւ կը ցնծայ տունը։ Դեռ մանուկ էի, աստի իբր 50 տարի յառաջ կը պատմէր հայրս, որ իւր ուղեւորութեան մէջ Մշոյ հացեաց գաւառը մի գիւղական մեծ ընտանիքի հիւր եղած է եւ զարմացեր է երբ քսանի չափ նորածին տղոց օրօրոցները համրած է. թերեւս ամբողջ ընտանեաց թիւը Յակոբ նահապետի ընտանիքէն աւելի եղած են։

Սակայն նկատել պէտք է, որ ամէն բաժանում ընտանեկան բարգաւաճման արգելք չէ՛. անշուշտ կարեւոր է, որ ընտանեաց ճիւղերը բաժանուելով նոր նոր ընտանիքներ կազմեն։ Ինչպէս Եւրոպիոյ քաղաքակիրթ աշխարհ աւելի բարւոք դատած է. որ չափահաս զաւակները բաժանուելով ուրիշ ընտանիքները կազմեն։ Այլ այս դրութիւնը միայն յարմար եւ օգտակար է այն ազգաց ու քաղաքացի ժողովրդոց, ուր դաստիարակութիւնն յառաջ գնացած է. եւ ուր բաժանեալ զաւկները հայրենի տնէն միայն ստացուածոց ժառանգութեան բաժին առնելույթ դուրս չեն ելնէր, այլ եւ միանգամայն գիտութիւն, ապրուստ եւ դաստիարակութիւն. որոց ժառանգութիւնը՝ առաւել անկորուստ եւ մեծայարգի է։

Իսկ մեր հայրենի աշխարհին եւ նոյնիսկ գաղթական Հայոց համար ընտանեկան անդէպ բաժանումն միշտ վնասակար է. մանաւանդ երկրագործ ժողովրդոց համար, որոց ուժ՝ արդիւնքը՝ ընտանեկան միութեան ու միաբան աշխատութեան մէջն է, եթէ բաժանուին՝ միացեալ զօրութիւնը կը ջլատի եւ իսպառ ուժաթափ կը լինին։ Ընտանեկան նահապետները միութեան հրաշքը՝ Նոյայ դարէն ի վեր փորձառութեամբ ճանչցած են։ Ուստի այդ առաքինի տան ծերունիք իրենց մահուան օրը վերջին կտակը միշտ այս կաւանդեն ողջ ընտանեաց. որ նոքա սիրով ապրին, միաբան կենան, եւ շրաժնուին, շէն տուն չաւրեն։ Թերեւս փորձառութեան հետ Աւետարանէն եւս սորված են այդ միութեան բարձրագոյն դաս, թէ «Ամենայն թագաւորութիւն բաժանեալ յանձն՝ կործանի, եւ տուն բաժանեալ յանձն աւերի»։

Թողունք արտաքին պատճառները, որ պատահար են, ի՞նչ է արդեօք ներքին պատճառը, որ կը խռովէ տունը եւ ընտանիքը կը բաժանէ. այդ ինքնին յայտնի է՝ ատելութիւն, նախանձ ու վայելմանը անհաւասարութիւն, խստութիւն, աչառութիւն, անհաւատարմութիւն, անվստահութիւն. ի վերջոյ մեծերու անխոհեմ ու յոռի ընթացք եւ փոքրերու ստահակութիւն եւ այլն։ Այս եւ սոյնպիսի առիթներով կը խռովի տունը, եւ կը բաժնուին զաւակներ ծնողքէն, եղբայր եղբօրմէն եւ մերթ եւս երկու ամուսինք իրարմէ:

Արդեօք ի՞նչ է հնար եւ դարման, որ ապրին եւ վարին միշտ սիրակապ միութեան եւ խաղաղութեան մէջ։ Նոր աշխարհ կուսուցանէ որ դորա միակ դարման է՝ մարդոց կատարեալ կրթութիւն տալ. չէ թէ միակողմանի կրթութիւնը, այսինքն մարդոյն կէսը կրթել, կէս մասին լոյո տալ, եւ նոքա միւս կէս մասն թողուլ կոյր, խեղճ, ստրուկ եւ ապուշ։ Իմացնել կուզեմ մարդոց երկու սեռին առանց խտրութեան կրթութիւն տալ իւրաքանչիւրին իւր կոչման պատշաճ, որպէսզի ընտանեաց մէն մի անդամը, իւր իրաւունք, իւր պարտիքը ճանչնայ, իրարու խօսքը հասկնան, միաբան խորհին, միաբան ընթանան առանց կաղալոյ. այր կամ կին, ծնողք կամ զաւակները, հարսն կամ սկեսուրն։

Այսպէս երբ նոր աշխարհի մէջ հաւասար կրթութիւն պէտք է ընտանեկան միութիւնը պահելու համար. մարդ կը զարմանայ թէ, հապա ի՞նչ բան էր եւ ի՞նչ զօրութիւն, որ հին աշխարհի նահապետական կեանքի մէջ անխզելի կը պահէր ընտանեկան միութեան կապը։

Զարմանալ պէտք չէ, այդ միութիւնը պահելու համար, բաւական էր տան կառավար նահապետին հայրական պատկառանք, մեծ տանտիկնոջ ժրագործ տնտեսութիւնն, զաւակաց ակնածութիւն եւ մեծարանք առ ծնողս, հարսներաց հլու հնազանդութիւն, եւ քան զամէն աւելի՝ կրօնի երկիւղածութիւն եւ աստուածպաշտութեան հաւատքը։

Այս կամայական եւ ազատ առաքինութիւնք նահապետական ընտանեաց համար իբրեւ բնական օրէնք եւ նախնական վարոյց բարի ժառանգութիւն համարուած էր, որ աւանդաբար յորդւոց յորդիս կը ձգէր ու միշտ ջանային անեղծ եւ անարատ պահել. որոց մնացորդ նշխարները դեռ հայկական աշխարհին մէջ կերեւին. մանաւանդ հողագործ ժողովրդոց մէջ։

Սակայն աշխարհ եւ ժամանակը ամէն բանը կը յեղաշրջեն. արեւմտեան նոր քաղաքակրթութեան կեանքը դէպ արեւելք կուցայ հեղեղի պէս. Կոստանդնուպոլսոյ եւ ծովեզերեայ քաղաքաց ընտանեկան հին կեանքը ողողեց. ո՛վ կարող է թումբ քաշել այս հեղեղին դէմը. անշուշտ այս հեղեղը պիտի երթայ հասնի մինչեւ Մասեաց ոտն՝ Նոյին գերդաստանը եւս ողողելով պիտի քշէ հետ տանի առ հասարակ բոլոր ազգերու հին կեանքը։ Երանի՜ թէ մեր կեանքի միայն յոռի մասն տանէր, ոչ, պարզ եւ ուղիղն եւս ի միասին կը տանի. շատ քաջ է այն ազգ եւ ընտանիքը, որ յոռին կը թողու եւ իւր նախնական կեանքին լաւ եւ ուղիղ մասն պինդ կը բռնէ։ Նկատել արժան է, որ արեւմտեան քաղաքակրթութեան այս հեղեղին ջուրը շատ խառնուրդ ու պղտոր է. չարն ու բարին, լոյսն ու խաւար, անկրօն գիտութիւնը իւր հետ զուգընթաց է։ Ուստի Հայոց ընտանիքը պէտք է այժմէն իրենց աչքը բանան գիտութեան լուսով եւ բարի դաստիարակութեամբ պատրաստուին, միայն այսու կարելի է քաղաքակրթութեան խառնուրդէն բարի մասն ընտրել։ Իսկ եթէ լոյս եւ դաստիարակութիւն թողու, ապուշ ու տգէտ լինելով բարի մասն ընտրել չգիտնայ, իւր բերան բանայ հեղեղին դէմ, ամէ՛ն ամէ՛ն ասեմ քեզ, մտադիր ընթերցող, Հայոց ընտանեկան կեանքը պիտի խեղդուի. աւա՜ղ կարդամ այն ընտանեաց, որ փոխանակ ի մի կողմ փախչելու, հեղեղի հոսանքին առաջ կեցած փորձ կը փորձեն. կը տեսնան իսկ իրենց աչքով որ շատ ընտանիք խեղդուելով իրենց դիակները դեռ այսօր Վոսփորի ծովուն երեսը կը տատանին. որով ջնջեցալ իսպառ իրենց ընտանեկան սեռն ու ճետն։ Այնպէս չը կարծենք թէ այդ արեւմտեան հեղեղը՝ միայն արեւելեան ընտանիքները կը խեղդէ իւր զեղխութեան հոսանաց մէջը, ոչ, այդպէս չխորհինք՝ Բաւաստի լինելով, որ նոյն իսկ Եւրոպիոյ քաղաքակիրթ աշխարհին մէջ շատ ընտանիքներ կը խեղդուին ու կը ջնջուին. միայն նոքա կապրին ապահով, որոց փրկութեան տախտակը միայն ընտանեկան կրթութիւնն է։

Հետեւինք ու հաւատանք ուրեմն թէ այդ է միայն Հայոց ընտանեաց ապաւէն, թող ամէն ընտանիքը գրկէ այդ կրթութեան փայտը, որ Քրիստոսի կենաց փայտին պէս պիտի պատսպարէ զինքն։


Զ.

ԱՄՈՒՍՆՈՒԹԵԱՆ

ԿԱՄ

ԸՆՏԱՆԵԿԱՆ ԿԵԱՆՔԻՆ

ԽԱՓԱՆԱՐԱՐ ԶԵՂԾՄՈԻՆՔՆԵՐ

Մարդիկ, որ ամուսնութեան պտուղ եւ արգասիքն են ի բնութենէ, եւ բնապէս կը սիրեն ամուսնութիւնը, ի բաց թողլով այն բացառութիւնք, որով մարդն իւր ազատ կամաց իրաւամբ կամ ուխտիւ կամ ուրիշ արդարացի առիթներով՝ խոյս կուտայ ամուսնութենէն։

Ուստի երբ աշխարհիս մարդոց ամենամեծ մասն կը սիրեն եւ կը պատուեն ամուսնական կեանքը եւ կը խայտան իրենց նախահօր պէս երբ առընթեր տեսնան իրենց նախատիպ պատկերը. զորս Աստուած մենաւոր մարդոյն իբրեւ ընկեր, օգնական եւ զուգակից տուաւ: Առ այս վկայ է աշխարհիս ընդհանուր ամուսնական եւ ընտանեկան կեանքն. թէ մարդիկ ընդհանրապէս կը ցանկան ամուսնանալ, որդիս ծնանել, ընտանիքը կազմել, միշտ կենդանի պահելով իրենց տան փառքն եւ տոհմական յիշատակն։

Իսկ արդ եթէ այս այսպէս է ինչպէս որ ճշմարիտ. այլ եւս ի՞նչ կան մարդոյն առաջ խափանարար առիթները։

Ընդարձակ մտքով եթէ քննենք, շատ բազմապատիկ են, որք առ հասարակ մարդոյն հնարած զեղծմունքներն են թէ ներքին եւ թէ արտաքին. որոց գլխաւորները թուեմ քեզ, դու ինքնին խելամուտ եղիր, եւ ահաւասիկ։ Սանձակոտոր ազատութիւն, անառակ կեանք, զեղխութեան պերճանք, չքաւորութիւն, ստրկութիւն, ծառայական վիճակ, պանդխտութիւն, քաղաքային օրէնք եւ երկրին հանգամանքները եւ այլն. որոց վերայ ես միայն համառօտ պիտի խօսիմ, մնացեալը կը թողում որ դու ինքնին ժողովուրդի կեանքին մէջ տեսնաս եւ իմաստասիրես։

Մեր ժամանակը վկայ է, թէ ինչպէս ոմանք սանձակոտոր ազատութեան մէջ ցանկասիրութեան ընդարձակ ասպարէզ գտնելով, այլ եւս հարկ չեն տեսնար համեստ կապուիլ. այլ առանց ուխտի եւ դաշին, առանց եկեղեցւոյ օրհնութեան, սուրբ եւ ողջախոհ առագաստէն դուրս ամենուրեք կգտնեն իրենց ցանկութեան կրից յագուրդ ու ճարակը. եւ այնուհետեւ մարդկային ամօթն համարելով՝ արձակ ու համարձակ վարիլ կուզեն աշխարհիս օրինակարգ ընկերութեան մէջ. որպէս թէ չը լինէին մարդոց համար պարտք եւ իրաւունք, չի լինէին ամօթ եւ պատուոյ զգացումն. մարդիկ մոլի սիրով ընկերանային առանց տիրապէս հայր ու մայր կոչուելու, եւ այն դժբախտ անծին կամ ծնած մանկիկները դատապարտուէին իրենց ապօրէն ու մեղապարտ ծնողաց պատճառաւ կամ արեւ տեսնալով չքանալ, եւ կամ իբրել անհայր անմայր անծանօթ որբերը՝ աշխարհիս հրապարակին վերայ անտէրունչ մնալով՝ եկեղեցին միայն գթար ու հոգար զիրենք։ Վասն զի սանձակոտոր ազատութեան կեանք ընտանեկան չէ. ոչ համեստութեան մէջ պատսպարուած է եւ ոչ եւս ամուսնութեան վկայագիր ունի. կամ այն սպիտակ անմեղութեան ծածկոյթը, որ կը ծածկէ մարդոյն առականք։ Նա մերկ կը շրջի հրապարակի մէջ. թէ գիտուն եւ մի անգամ այն իմաստակ է։ Շնական փիլիսոփայութեամբ կը համոզէ իւր միտքը, եւ թոյլ կուտայ որ իւր անժուժկալ կիրքը ազատօրէն վարի. եթէ նուաստ ու սինլքոր է, նա իւր ռամկութեամբ ոչինչ չզգար իւպատուոյ եւ անուան համար. թէ հարուստ է, ազնուական է, կը կարծէ թէ մամոնային զօրութիւնը կամ անուան փառքն ու վարկը կարող են ծածկել իւր առականքն, մարդկային ակնածութիւնը եւ մեղադրանքն, մանաւանդ նոքա, որք կը համարին զիրենք Եւրոպիոյ քաղաքակրթութեան հետեւող զաւակները, եւ իրենց մեծ ուսմունք, կեանքն ու զբաղանքն են սիրավառ վիպասանութիւնք եւ այլն։ Այսպէս ահա սանձակոտոր ազատութիւն եւ անառակութիւնը՝ խափանարար կը լինին ամուսնութեան։

Զեղխութեան մոլութիւնը թէպէտ անառակ եւ անհամեստ կեանքին ճարակելի նիւթն է, սակայն այս նիւթն սոսկ արտաքին անառակութեան համար չի ճարակիր. այլ Նոյն իսկ ընտանեկան կեանքին մէջ աւելի եւս կը ճարակի կեանքի ու տնտեսական պիտոյից համար. որ այնչափ բազմապատիկ շատցած են. որոց մէջ գրեթէ խեղդուած է ամուսնութեան պէտք ոխ կարիք, Միթէ չե՞ս հաւատար ընթերցող, թէ Հայ ընտանիքներէն շատերը պերճ ու փառասէր զեղխութեան մէջ պարանոցաթաղ եղած են։ Եւ ի՜նչ է նոցա սրտի եւ սիրոյ հաճոյք. գիտե՞ս շքեղ տուն, թանկագին կահ կարասիք, կառք ու սիգաճեմ ձիերը, անբաւ զարդ, անհուն նորասիրութեան ձեւերը, սնապարծ ցուցամոլութիւն, զբօսասիրութիւն, ունայնամիտ տենչանք եւ այլն։ Այս ամէն պերճանք՝ մի մեծ բանակ կազմելով կը զինուորին պարզ կեանքին դէմ եւ կը յաղթահարեն ամուսնական սէրը. ինչպէս մարախին բանակը ցորենի արտերը կը սպառէ. նոյնպէս այդ պերճանքն է, որ կուտէ կսպառէ ամուսնութեան բաժին սեղանին հացն. ոչ հարսին օժիտ կը թողու եւ ոչ փեսային վաստակ, եւ ինչ պէտք է երբ այս կարգի մարդիկ զեղխ ու մեղկ կեանքը աւելի նախադաս ու հաճոյական կը համարին քան ամուսնութիւն եւ ընտանիք։

Դու չե՞ս տեսնար, ընթերցող, այն ընտանիքը, որ առանց խնայելու ամենայն շռայլութեամբ կը հոգան զեղխութեան անպէտ պէտքերը եւ կը մոռնան ամուսնութեան կենաց պէտքն ու պարտիքը. զարդասիրութեան բուռն տենչ՝ ամուսնասիրութիւնը մեռուցեր է։ Չգիտեմ, զո՞վ առաւել մեղադրեմք. անփեսայ օրիո՞րդն թէ անամուսին երիտասարդն. որ ոց մինն կը պատասխանէ թէ ես հաճոյանալու համար զարդ կը սիրեմ. կամ թէ ես կին եմ, ի բնութենէ զարդն իմ վայելչութիւնս է. իսկ միւսն եւս իբրեւ իրաւացի փաստ յառաջ կը բերէ թէ նոյն իսկ ես ալ այդ զարդին համար կը խորշիմ ամուսնութենէն, նախատեսելով թէ ամուսնութենէ յետոյ ի՞նչպէս հոգամ ընտանիքը եւ ի՞նչպէս կարենամ փայտ հասցունել զեղխութեան կրակին. որ շատ ընտանեաց տուն վառեց մոխիր դարձուց. դեռ աւերակները կը մխան, ծուխ կելլէ. ես կը տեսնամ եւ այդ փորձերէն իրաւունք չունի՞մ խելաբերիլ եւ զգուշանալ ամուսնական վիճակէն եւ այլն։

Թող չարդարանան, երկուքն եւս հաւասար մեղադրանաց արժանի են. որոց դատաստան ու վճիռը գիտեն որոշել մեր ընտանեկան կեանքը դատող իմաստուն դատաւորները։

Շատ զարմանալի է որ երբ զեղխ մարդիկ ամուսնութենէն Կը խորշին, ընդհակառակն չքաւոր ժողովուրդ, մանաւանդ գիւղացի ընտանիքը ամուսնութիւնը կը սիրեն. ոչ նախատեսել կուզեն եւ ոչ ապագայի հոգ ու հաշիւը կընեն, իբրեւ հասարակ առած կը խօսին իրենց մէջ, «Ամուսնանանք, հացն Աստուած կուտայ». եւ հարսանեաց սեղանին վերայ դարձեալ այս օրհնութիւն կուտան. «Աստուած շատ հաց տայ մեր փեսային ու հարսին»։ Գիւղացի հողագործ ժողովուրդը անխորհուրդ չէ, իւր անուս վիճակի մէջ նախատեսութիւն ունի։ Նա ամուսնութիւն կը սիրէ, որպէս զի ընտանեաց մէջ աշխատաւոր մշակները շատնան. նորա համար շատ պէտք են մանչեր ու աղջիկներ։ Նա միշտ այնպէս կը դատի, որ ընտանեկան հարստութեան աղբիւրը՝ ժրաջան զաւակներն են. սորա համար է, որ հարկաւոր ու կանոնաւոր ամուսնութիւնը աւելի հասարակ ու շինական ժողովրդոց մէջ ընդհանրացած է քան թէ քաղաքակիրթ կարծուած Ժողովրդոց ու ազնուականաց մէջ։

Սակայն աշխարհիս տնտեսագիտաց կարեկցին հետեւելով՝ պէտք է համոզուիմք թէ չքաւորութիւն միշտ խափանարար է ամուսնութեան. վասն զի շքաւոր ընտանիքները թէեւ սիրեն ու բաղձան ամուսնութեան, այլ կարող չեն բարգաւաճել կամ ամուսնութիւնը արգասաւորել։ Փորձառապես կը տեսնամք ահա մեր հայրենեաց ժողովուրդի կեանքին վերայ. որոց չքաւորութիւն ու տառապանքը միանգամայն խափանարար եղեր են ամուսնութեան եւ բարգաւաճման։ Ա՜հ, թէ որ հաց չը լինի՝ մայրերը անօթի կը մնան, եւ երբ մայրերը անօթի մնան, նորածին մանուկներու կաթ կը ցամքի։ Երանի թէ այս լինէր միայն չքաւորութեան արկածն. թող աղքատութիւն տառապէր զիրենք, միայն թէ երկու ամուսինը իրարու հետ անբաժան ապրէին։ Ոչ, չքաւորութիւն չի խնայէր, նորապսակ ամուսիններն անգում քաղցր հայրենիքէ, սիրոյ գիրկերէն հանելով ի պանդխտութիւն կը վարէ. այսօր քսան հազարէն աւելի մեր հայրենեաց պանդուխտ զաւակները կը տառապին մայրաքաղաքիս մէջ, հինգ, տասն, տասնեւհինգ եւ մինչեւ քսան երեսուն տարի օտարութեան մէջ տառապելով՝ որոց շատերն եւս հայրենի հողէն եւ իրենց նախնեաց գերեզմանէն զրկուելով՝ օտար երկրին ու հողին տակ կը թաղուին. ով կը տնկէ նոցա վերա մի խաչքար եւ կը գրէ նոցա յիշատակը։ Եթէ ստուգիւ վիճակագրեմք Հայոց ժողովուրդին այս պանդխտութեան չարչարանաց վիճակը, շատ ողբալի է. վասն զի տիրապետող չքաւորութենէն կը սպառին ու կը չքանան ընտանիքը ու հետեւապէս կը նուաղի Հայոց հին ու բազմաճոխ ազգը։

Չքաւորութեան հետ մեծապէս խափանարար են ամուսնութեան ու բարգաւաճման նաեւ երկրին հանգամանքներ թէ բնական եւ թէ պատահական. այսինքն հող, ջուր, օդ, ժողովուրդին բարոյական եւ նիւթական կեանք, եւ այլն։ Սոսկ հաւատալով չենք խօսիր, ահաւասիկ կը տեսնամք, որ գիտութիւն եւ քաղաքավարութիւնը մարդոց ընտանեկան կեանքը կը բարւոքէ. ժողովուրդին զաւակները օր ըստ օրէ կը բազմապատկին. ամէն տարի Եւրոպիոյ ամէն ազգերէն հարիւր հազար ընտանիքները գաղթական կերթան դէպ յԱմերիկա։ Իսկ Ասիական աշխարհը կը թափուրանայ ժողովուրդէն. պէտք չէ երբէք զարմանանք ու հետազօտենք, քանզի սորա պատճառները խիստ յայտնի են։ Աշխարհ, որոյ ժողովուրդը դեռ տգէտ է, անուս է, անարուեստ է, կեանք՝ իւր հնութեան մէջն է, յառաջդիմութեան տարերք չունի, կը ճնշուի, կը հարստահարուի թէ իւր ձեռքով թէ օտարին, իւր հացը դառնութեան հաց է, իւր ջուրը՝ կարօտանաց, իւր օրերը վշտըմբեր են, իւր կեանքն ապերջանիկ. նա կը դողայ միշտ այն ամէն արհաւիրքէն որ զինքն շրջապատեր են. ինչպես կարելի է յուսալ թէ այդպիսի ժողովուրդը հարսանեաց թմբուկ զարնէ, պար խաղայ, ամուսնանայ, ընտանեաց հայր լինի, ժողովուրդին թիւ յաւելու, ազգ, Հայկայ սերունդ բարգաւաճի ու բարձրանայ։

Հայ ժողովուրդին այս անյուսալի վիճակը, որ մեծապէս արգելք ու խափանարար է իւր ամուսնական կեանքին ու բարգաւաճման համար, այլ եւս տակաւին կը մխիթարուիմ մեր հայրենի ժողովրդոց ընտանեկան կեանքին վերայ, որ թէպէտ տառապեալ է, աղքատ է թէ՛ հայրենեաց եւ թէ՛ պանդխտութեան մէջ. սակայն որչափ քաղցր ու նուիրական պարտիք է նոցա համար ամուսնասիրութիւն եւ ընտանիք։ Նոյ նահապետի հարազատ թոռները նոքա են տիրապէս, որ չեն մոռնար իրենց մեծ պապան այն սուրբ յիշատակները, որ նահապետական կեանքը ժառանգութիւն թողած է իւր մնացորդ զաւակաց։ Այդ Ժառանգութիւն ի՞նչ է, գիտե՞ս, գանձ չէ, ոսկի եւ արծաթ չէ, ադամանդ չէ, այլ դրախտի ամուսնական օրհնութիւնը, որ Ադամէն սկսեալ նահապետէ առ նահապետ անցնելով հասաւ մինչեւ Յաբեթի ու Հայկայ տունը, որոյ մնացորդ զաւակները այդ Աստուածապարգեւ հարստութեան տէր եւ ժառանգորդ են։

Դու չե՞ս զարմանար, մտախոհ ընթերցող, թէ ինչպէս այլ եւ այլ պատճառներէ եւ ա՜յնչափ ժամանակ գաղթականութեանց երեսէն, տակաւին շէն մնաց Հայկայ տուն. թէեւ իւր փառաց շուքը կողոպուտ տուաւ. բայց շատ պինդ պահեց այս օրհնութիւնը, որով մնաց ու դարձեալ պիտի անջինջ մնայ Հայկայ տուն եւ ընտանեաց յիշատակ Հայոց աշխարհէն։

Ո՜վ դուք անմահ ընտանիք հայրենեաց. խնամով պահեցէք այդ սուրբ օրհնութեան աւանդը, որպէսզի աճի կենդանի մնայ Հայկայ տան նահապետական սերունդը։

Ինչպէս տեսանք թէ դառն չքաւորութիւն եւ պանդխտութիւնը ստուգիւ մեծապէս խափանարար են Հայ ժողովրդոց ամուսնական կեանքին. այլ այս կեանքին հետ նկատել արժան է նաեւ գաղթական Հայոց վիճակը, թէ արդեօք նոցա համար ի՞նչ են խափանարար առիթները. որ հայրենիքէն դուրս մեծ մասամբ մայրաքաղաքիս մէջ կը բնակին։ Այս կարեւոր կէտն իբրեւ վիճակագրական խնդիր պէտք է ուշադրութեամբ առնումք։

Պատմութիւն կաւանդէ թէ Կոստանդնուպոլսոյ գաղթական Հայոց թուականը Յովակիմ Պատրիարքին օրէն կսկսի. որ հինգ հարիւր տարուան գրեթէ կը մօտենայ։ Այս միջոցը հինգ դար է ամբողջ. Կայսերական քաղաքին մէջ բնակող Հայոց աճումն մինչեւ ո՞ւր հասած է։ Ես այնպէս կը կարծեմ տասն եւ հինգ կամ շատ շատ աւելի քսան հազար ընտանիք, հազիւ կը կազմեն, որ պէտք էր կրկնապատիկէն եւս աւելի լինէր։ Եւ ի՞նչ է այս նուազական թուոյն պատճառը. պատճառներ շատ ու բազմադիմի են, թէ անցելոյն եւ թէ ներկայ ժամանակիս մէջ։

Եթէ պատմութեան միտ դնենք, Պօլսոյ գաղթական Հայոց անցեալ կեանքը ոչինչ տարբերութիւն չունէր բուն հայրենեաց ժողովուրդի կեանքէն. որովհետեւ ասոնք եւս միշտ քաղաքական փոփոխութեանց ենթարկուելով բարւոք վիճակ չունեցան եւ իրենց ընտանեկան կեանքն առանց բարգաւաճելոյ մնաց։

Ներկայ ժամանակիս մէջ թէպէտ հին խափանարար առիթները վերջացած են, սակայն նոր աշխարհը ուրիշ խափանարար առիթներ հանեց երեւան, որքան զհինն դառն ու դժուարին է։ Եւ ի՞նչ է այս, դարձեալ կրկնեմ քեզ, ընթերցող, պերճանք եւ զեղխութիւնն է, որ իւր անողոք արշաւանքներով քանդեց եւ դեռ պիտի քանդէ գաղթական Հայոց տուն եւ ընտանիք: Երբ պերճանք եւ զեղխութիւն կը քանդեն, հապա ի՞նչ բան կարող է շինել եւ վերջացնել միանգամայն այդ խափանարար պատճառները. եւ բուժիչ դարմանն ի՞նչ է այս աղէտալի հիւանդութեանն։ Շատ խօսեցայ եւ դարձեալ նոյն կը կրկնեմ, դորա զօրաւոր դարմանն է միայն, որ խելաբերելով զգաստանան գաղթական Հայոց ընտանիքը։ Իսկ եթէ տակաւին ծերոց խրատները քամահրեն, բարոյախօս դաստիարակաց խօսքերուն չհամոզուին, տնտեսագիտաց հաշիւները մերժեն, եւ շարունակեն իրենց կորստեան ճանապարհ, այնուհետեւ այլ եւս ոչինչ դարման կայ զիրենք ուղղելու. բայց միայն ապագայի թշուառաբեր օրերը. յորում նոքա պիտի վաղվաղեն դէպի զգաստութիւն, յիշելով Դաւիթին խօսքը. թէ «Յաճախեսցին հիւանդութիւնք նոցա, ապա վաղվաղեսցին»։ Դաւիթ Յակովբայ տան եւ նորա յամառ ընտանեաց համար խօսեր է այս բանը. իսկ կատարումն Հայկայ տան վերայ եւս կը յարմարի։ Կաղօթեմ ձեզ համար Հայոց գաղթական ընտանիքներ, բացուի ձեր զգաստութեան աչքը, դուք ներկայի մէջ տեսնաք այն կորստաբեր օրն, տեսնաք ու բարւոքէք ձեր ընտանեկան կեանքը։ Այս միայն կաղօթեմ ձեզ համար որդիք հայրենեաց, որ դուք ազատ մնաք այս աւերիչ զեղխութենէն, ձեր փառքն ու պերճանք թող լինին միայն հայրենեաց հողն ու դաշտ, ջուրն ու բիւրազան ծաղիկներ, եզնամոլը մաճն ու հարօր եւ շինականին անպաճոյճ խրճիթն։


Է.

ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆ

ԵԻ

ԻՐԱՒՈՒՆՔ ԿԵՆԱԿԻՑ ԱՄՈՒՍՆՈՅ

Ինչպէս տեսանք դրախտի ընտանեաց նկարագրին մէջ, որ Տէր Աստուած թոյլ տուաւ Ադամայ որ ինքնակամ ազատութեամբ ինքն իւր կենակից ընկերն ընտրէ եւ երբ նա ընդ այս դժկամակելով վարանեցաւ չգտնելով մի պատշաճագոյն ընկեր տարասեռ անասնոց կարգէն, յայնժամ խնամակալն Աստուած կինն ի կողէն ընտրելով՝ հարսնացոյց Ադամ փեսային հետ, որ իւր անդրանիկ ստեղծուած ամենասիրելի որդին էր։ Եւ ով պիտի լինէր Ադամայ համար հարսնընտիր հայր, երբ նա ամուսնական ծնողք չունէր, մի միայն իւր ծնող եւ հայր Արարչապետին խնամակալութիւնն էր։

Ուստի կենակից ամուսին եւ հարսն ընտրելու իրաւունքը՝ ամուսնացող փեսային անժխտելի իրաւունքն է, ինչպէս եւ հարսին անբռնադատ եւ յօժարամիտ հաւանութիւնն։ Վասն զի հարոցն ստրուկ չէ, այլ իբր եւ ազատ ընկեր իւր փեսային, նոյն հաւասար իրաւունքն ունի, որ իւր ազատակամ հաւանութիւնը նա եւս նուիրէ փեսային։ Որոյ գեղեցիկ օրինակը կը տեսնամք Ռեբեկային վերայ. զի երբ հարսնախօս ծառան Աբրահամ ու Եղիազար կը պնդէր առանց յապաղելոյ հետեւեալ օրը Ռեբեկայն առնելով ճամբայ ելնէ, հարսին ծնողք եւ եղբայր Լաբայն աղաչեցին զինքն որ կոյսն Ռեբեկայն այլեւս տասն օր մնայ իւր հօր տունը. եւ երբ չկարացին համոզել զինքն՝ պատճառեցին Ռեբեկայէն եւս հարցնել թէ կը յօժարի՝ երթալ. թերեւս այնպէս կարծեցին նոքա որ կոյսն առաւել ընտրէ ծնողական սէր քան փեսային անձկութիւնը։ Եւ երբ կանչելով կը հարցնեն թէ երթա՞ս, պատկառոտ կոյսն իսկոյն կը պատասխանէ, այո կէրթամ. եւ իսկոյն ծնողք զի ջանելով կուղեւորեն զիրենք։ Այս՛ հարսնախօսութեան դէպքը իմաստասիրել կուտայ մեզ թէ նահապետական դարուն մէջ կինը որչա՞փ ազատէր. կնոջ ազատութիւնը շատ հին իրաւունք է. Եւրոպիոյ իրաւագիտութիւնը զայն նոր չի հնարեց, այլ միայն վերանորոգեց։

Բայց կարող չենք ժխտել թէ ծնողքն եւս մեծ իրաւունք ունին այս պարագային մէջ. իբրեւ հայր ու մայր, իբրեւ փորձառուք եւ խելահաս։ Վասն զի բազում անգամ տեսնուած է. անցելոյն եւ ներկային մէջ շատ ապացոյցներ կան, որ թէ փեսացու երիտասարդն եւ թէ կոյսն յուով անգամ կը վրիպին իրենց ազատակամ ու եռանդավառ ընտրութեան մէջ: Իսկ ծնողաց ընտրութիւնը դուն ուրեք կը սխալի եւ սորա պատճառը խիստ պարզ է. վասն զի թէ երիտասարդն եւ թէ կոյսն գրեթէ միշտ կրից բերմամբ եւ բուռն սիրոյ զգացումով կը տեսնան ու կը հաւանին եւ շատ անգամ աչքը կը դիւթէ զիրենք: Իսկ ծնողջ ծանր խորհրդով ընդ երկար հետազօտութեամբ հազիւ ուրեմն կը հաւանին եւ կընտրեն։ Այլ ես կը խօսիմ այնպիսի ծնողաց համար, որ արդարեւ ընտանեաց գլուխ բարի հայր եւ բարի մայր հանդիսացած են, եւ որ արթուն եւ աչալուրջ են, գիտեն լաւապէս որոշել իրենց զաւակաց ամուսնութեան բախտն։ Բայց շատ մեղադրանաց արժանի են այն ծնողք, որ կամ աչալուրջ եւ խոհական ընտրութիւն չունին եւ կամ այլ եւ այլ շահու եւ գաղտնի հանգամանքներէ ստիպեալ իրենց զաւակները նոյն իսկ իրենց ձեռքով զոհ կուտան անյարմար ամուսնութեամբ չխնայելով եւ չնախատեսելով ապագայ ընտանեկան աղէտն։

Ամուսնական ընտրութեան մէջ առաջին զգուշաւոր պայմանն է, որ առանց արենակցութեան լինի ինչպէս օրինադրած է Աստուածային օրէնքը եւ Եկեղեցւոյ հարց կանոնական սահմանը։ Այս օրէնքը թէեւ կարծեն ոմանք թէ դրական է, կամ մարդոց մտացածին գիւտ. սակայն ոչ միայն բնական է, այլ եւ բանաւոր մարդոյն համար նաիրական եւ սուրբ է. նովաւ է, որ մարդոյն ազնուութիւնը կը բարձրանայ եւ կը զանազանի անազգի եւ խառնազոյգ անասնոց կարգէն եւ քաջառոյգ կը բեղմնաւորին ընտանեկան պարտիզին մատաղատունկ ծառերը։ Արենակցական ամուսնութիւնը ոչ միայն Եկեղեցւոյ օրինաց բարոյապէս հակառակ է, նաեւ բնապէս վնասակար է ազնուասերունդ ընտանիք կազմելու. եւ առ այս միաձայն կը վկայեն հին եւ նոր աշխարհ, տգէտ եւ իմաստուն առ հասարակ. եւ արդի ժամանակիս քաջափորձ բնագէտներ եւ բժիշկները փորձով կապացուցանեն ազգակից ամուսնութեան չար հետեւանքները։

Որչա՞փ անբարի է մեր ժամանակը. յորում այս վսեմ օրինաց գիրը սկսեր է հետզհետէ եղծանիլ եւ հին զեղծմունքն օր ըստ օրէ կը բազմանալ ազգին մէջ. զոր վերջացուց Մեծն Ներսէս, եւ տաժանելի աշխատութեամբ հազիւ հազ կարկատեց այդ օրինաց ցանկը։ Այլ գիտե՞ս, ուշիմ ընթերցող, թէ ո՞յք էին Հայոց ազդի կարգէն այդ Աստուածագիր ցանկ խրամատող ձեռք. հասարակ ժողովուրդ չէր, աղքատ ընտանիք չէին. հապա Հայոց նախարարներ եւ իշխանազուն ընտանիքը. որք առանց ակնածութեան կը հեստէին Եկեղեցւոյ սահմանադրութեան դէմ եւ հայրապետին հովուական գաւազանը խորտակելով՝ կամուսնանային. զաւակները կամուսնացնէին մերձաւոր ազգախառնութեամբ եւ սորա պատճառը չէ թէ միայն իշխանական պերճութիւնն էր, այլ առաւել վատ ագահութեան նախանձը. որ տոհմական հարստութիւնը պահուի ու չժառանգէ զայն ժողովուրդին արժանաւոր զաւակը։

Դատեցէք, ժողովուրդ Հայոց, այս եղծումն, որ այժմ եւս կը տարածի ազդին մէջ. ով է պատասխանատու, նոքա որ սոնքացեալ հպարտանալով իրենց զօրութեան վերայ կը ստահակին այս օրէնքին դէմը, չէ՞ մենք եկեղեցւոյ պաշտօնեաներս, որ չկրելով մեր այն վեհ նախնեաց սաստող ու նախանձաւոր հոգին՝ անկարող կը լինիմք հսկել օրինաց ցանկին վերայ. այլ կը խոնարհիմք ժամանակի կեղծաւորութեան հետը եւ սորա անունը կը դնեմք խոհեմութիւն, քաղաքականութիւն, ժամանակի պահանջման վարմունք, եւ մերթ եւս երբ յաջողի օրէնք ծանրագնով վաճառել, այդ եւս կը համարիմք մեզ համար պար¬ ծանք, գործունէութիւն եւ ազգին շահաբերութեան մի գիւտը։ Երբ ապիկար հովիւներս գաւազանին իրաւունքը մի կողմ դնելով՝ կը թոյլատրեմք, որ գործադրուին այդ զեղծումները, դու միթէ իրօք կը սրտմտի՞ս, ժողովուրդ հայոց։ Այո՛ պահ մի կը զայրանաս, կը բամբասես կղերը՝ ցոյց տալով թէ օրինաց շատ նախ անձաւոր ես, շուտ կանցնի քո այդ զայրոյթ, դու յետոյ կը մեղմանաս ու կը մոռնաս առջի դատաստանդ ու կը սկսիս զմեզ եւ մեր օրինազանցութիւնը գովել, թէ ժամանակի ազատութեան համեմատ վարուեցաւ, թէ ազգասիրութիւն գործեց, հոգ չէ թէ օրինաց ցանկը փոքր ինչ քանդուեցաւ, ազգին նիւթական շահն եւս նկատել պէտք է եւ այլն։ Թողունք այս դատաստանը ուրիշ անգամ տեսնալու, դառնանք ճառիս նպատակին վերայ։

Ամուսնական ընտրութեան երկրորդ պայմանն է համեմատութիւն երկուստեք կողման հանդամ անաց, համեմատութիւն հասակ առ հասակ, համեմատութիւն վիճակ առ վիճակ, համեմատել պէտք է նաեւ երկու ամուսիններու բարքն ու վարք, եւ երկու անմերձաւոր ընտանեաց կեանքն ու յարմարութիւնը։ Ամենայն զգուշութեամբ երկուստեք կողմէն նախապէս զուգակշռել պէտք է այս կարեւոր հանգամանքները ու այնպէս հաւանութիւն տալ իրարու։ Ապա թէ ոչ շատ անգամ ինչպէս յաճախ կը տեսնամք ընտանեկան կռիւներ, բաժանումներ, անհարմար ու անպատշաճ խնամութենէն յառաջ կուգան ու կը խանգարեն ընտանեկան հանդարտ ու խաղաղ վիճակը։ Այս դժուարին ապագայէն ազատելու համար, նոր խնամի եղող ընտանեաց պարտիքն է, որ չը մոռնան երբէք համեմատութեան չափն ու ճշդութիւնը, գիտնալով թէ բովանդակ տիեզերքը համեմատութեան չափով կը կառավարուի։ Որ չա՞փ անբնական է եւ մեծ խիղճ, երբ բռնութիւն կամ հրապոյր եւ կամ թէ շահ կը ջանան իրարու հետ պատուաստել երկու ամուսինները, որ մին դալար նորատունկ է եւ միւսն հինաւուրց հաստացեալ ծառ, որ աշնան մօտ է, իւր տերեւներ դեղնած պիտի թօթափին, բունը փտած է, եւ ստեղունք գօսանալ սկսած են։ Օրհնեալ լինին մեր եկեղեցւոյ սահմանադիր Հայրերը, որ օրինոք հաստատեր են կոյս ընդ կոյսի, այրին ընդ այրւոյ։ Ամուսնութեան այս համապատշաճ օրէնք դեռ մեր հայրենի գաւառներէն շատերը երկիւղածութեամբ կը պահեն։ Իսկ Պոլիս եւ ուրիշ ծովեզերեայ քաղաքները այդ օրէնքը իբր հին ու անպէտ համարելով բարձի թողի եղած է ժողովուրդէն եւ միանգամայն եկեղեցւոյ հայրերէն։

Եթէ մէկն յառաջ բերէ, եթէ որ կտրիճ նորապսակ երիտասարդ մը ամուսին մեռնի տարաժամ, նա պարտաւոր է մի այրի կնոջ հետ ամուսնանալ։

Այդ հարցմանն՝ ես ալ մի հարցումն յառաջ բերեմ, եթէ նոյնպէս ապաժամ մեռնի փեսայն՝ այրի մնայ իւր հարսն, որոյ կեանք նոր բացուած գարնան պէս դեռ ծաղկահասակ, կաղաչեմ, որ խօսիս ի՞նչ է քո արդար դատաստանը, դու որ խիղճ կընես նորատի փեսային համար. նոյն խիղճ չե՞ս զգար նորածաղիկ հարսին համար, եւ կհուզես, որ նա անամուսին, անպտուղ սեւաքօղ երթայ մինչեւ ի գերեզման։ Եթէ փեսայն կանձկայ որ դարձեալ կոյս ամուսին մի առնէ կամ ինքն կուսին փեսայ լինի. արդեօք այրի հարսն իրաւունք չունի՞ այդպէս անձկանալ. բիւր անգամ երջանիկ կը համարի զինքն, եթէ բախտաւորի. թող կոյս փեսային՝ գէթ այրի փեսային ամուսին լինել։ Մեծ զրկանք է այս կանանց սեռին. մեծ ոճիր է տառապեալ այրիներուն, քանի որ աշխարհիս դատաւորները այր մարդիկ են։ Խօսքիս միտքը չը լինի թէ խեղաթիւրես, մտադիր ընթերցող, ես չեմ ասեր, որ կիները դատաւորական աթոռ նստին, այլ ասել կուզեմ բանին ճշմարտութիւն, որ ալեւոր դատաւորները, այս դատաստանին մէջ աչառելով կը վարին, եւ այս բարոյական հարստահարութիւնը տակաւին պիտի ծանրանայ շատ մանկամարդ կիներուն վրայ, քանի որ ժամանակ յոռի ազատութեան զեղծմունքներ կը յաւելու։

Հարսն ընտրութեան կարեւոր պայմանները այս չափ միայն յիշելով՝ խօսինք այժմ Նշանադրութեան խորհուրդին վերայ որ հանդերձեալ պսակին նախօրհնութիւնն է. զոր կը կատարէ Եկեղեցին հանդերձ վկաներով, ցոյց տալով հրապարակաւ թէ խօսեցեալ կոյսն նշանեցաւ մի երիտասարդի համար. այլ եւս ոչ ոք իրաւունք ունի ուրիշի համար խռսել կամ նշան տալ։

Նշանադրութեան խորհուրդ շատ հին աւանդութիւն է, եւ կը տեսնամք զայն նահապետական ընտանեաց մէջ։ Աբրահամ նահապետ իւր հաւատարիմ Եղիազար ծառայն ի Խառան կը ղրկէ իւր հայրենի ազգատոհմին տունը, որպէս զի Իսահակայ որդւոյն համար հարսնախօս լինի։ Տէր կառաջնորդէ հաւատարիմ ծառային. Խառան ու ջրհորին գլուխ կը գտնէ պարկեշտ Ռեբեկայն, հոն Եղիազար կը հաւատայ թէ կոյսն ըղձակաթ է իւր փեսային. այլ եւս չսպասեր ծնողաց հաւանութեան. իսկոյն կը նշանէ դնելով մատնին ի մատն եւ ապարանջաններն ի բազուկ. որ ի կողմանէ փեսային կուղերձի առ հարսն իբր եւ ի նշան հաւանութեան եւ սիրոյ։ Այս ընտանեկան պարզ ու անկեղծ սովորութիւնը, որ Աբրահամէն յառաջ թերեւս Նոյի ընտանիքէն սկսեալ մինչեւ ցայսօր աւանդաբար հասած է։

Երանի՜ թէ մեր հարսնախօսք Եղիազար ծառային պէս հաւատարիմ լինէին, առանց կեղծելոյ, առանց նենգելոյ, առանց ոեւիցէ խարդախ միջոցներ ի գործ դնելոյ՝ սրտի պարզութեամբ կատարէին այդ զգուշաւոր պաշտօնը որ ընտանեկան միութեան առաջին կապն է. զոր պէտք է ամենայն հաւատարմութեամբ եւ լի սիրով ամրապնդել։

Նշանադրութենէն յետոյ՝ նշանուած կուսին սուրբ պարտիքն է, իւր աչքի խանդակաթ սէրը դարձնել միայն նշանի մատանւոյն վերայ. յիշել, միշտ յուշի պահել թէ ինքն նշանուած է, հարս պիտի լինի. այլեւս չիկայ աշխարհիս վերայ իրեն համար ուրիշ ոք բաց իւր փեսայէն, որոյ միայն պէտք է նուիրէ իւր մաքուր կուսական սէր։

Այս պարտիք փոխադարձական է, ոչ միայն հարսին համար, եւ փեսային, որ թէպէտ ինքն աւելի ազատ է, ազատ արար կը շրջի ամենուրեք հրապարակի մէջ, այլ պէտք է փակէ իւր աչքը, ամփոփէ իւր միտքը, պահէ իւր սրտին ամբծութիւնը եւ ոչ զոք տեսնալ ուզէ բացի իւր նշանած կուսէն։ Նա թէպէտ չունի մատանի յուշարար, ոսկի եւ ադամանդ. մատանի իւր հզօր սէրն է, որով կը կապէ նա իւր անձկալւոյն հետը, մահ եւ աշխարհ կարող չեն զայն քանդել, եթէ չքանդէ իւր ձեռք եւ մերթ եւս նենգաւորին դաւ։

Արեւմտեան քաղաքակիրթ ազգաց մէջ իբրեւ. ընտանեկան սովորութիւնը՝ թոյլատրուած է. նշանուած կոյսն եւ երիտասարդն ամուսնութենէն յառաջ կարող են իրարու հետ յաճախ եւ ազատարար տեսնուիլ, խօսիլ եւ զբօսնուլ ընկերութեան մէջ եւ առ տնին։ Պոլսոյ եւ ուրիշ մի քանի քաղաքաց մէջ եւս մտեր է այդ ազատ վարմունքը եւ հայ ընտանիքն եւս սկսած են սոյն ազատութեան փափաքիլ: Սակայն այսպիսի ազատ վարմանը ու տեսութեանց մէջ, կատարեալ կրթութիւն եւ դաստիարակութիւն պէտք է, առաւել եւս կրօնի երկիւղածութիւն եւ պատկառանաց շնորհը։

Թող չպարծի արդի աշխարհ թէ իւր ուսեալ եւ կրթեալ զաւակները Յակովբ նահապետի չափ ժուժկալութեան շնորհ ունին. որ եօթն տարի ամբողջ իւր նշանած ու սիրեցեալ Ռաքէլին համար հովուական ազատ կեանքով ժուժկալեց Խառանու արձակ դաշտերուն մէջ։ Այս պարզ հովուին սքանչելի ժուժկալութեան վերայ չգիտեմ արդի ազատավար երիտասարդութիւնը ի՞նչ դատաստան կընէ, կը զարմանա՞յ, թէ ծաղր կարձակէ որ Յակովբը ապուշ ու անզգայ մարդ եղեր է։

Իսկ մեր հայրենեաց այլ եւ այլ գաւառներու նախնական սովորութիւնք մանաւանդ քաղաքներու մէջ դժուարութեամբ կը թոյլատրեն այդ ազատ վարմունքը։ Բայց շինական կեանքի մէջ բնապէս եւ առ հարկի ազատ թողուած է թերեւս նահապետական դարէն ի վեր։ Վասն զի գեղերու փոքր վիճակ, դաշտային ազատավայր կեանք եւ աշխատութիւն միշտ կը ներեն, որ գիւղի աղջկունք բացերես խառն շրջին երիտասարդաց հետ. որոց համար գիւղական պարզ կեանք դաշտեր, լեռներ, աղբիւրներու գլուխները կը համարուին իբրեւ հասարակաց պարտէզ. ուր ընկերաբար կը վարին կը տեսնուին եւ կը խօսին. միայն թէ նշանուելէն յետոյ՝ կոյսն պարտաւոր է իւր պատկառանաց քօղով ծածկուիլ միշտ ի պատիւ փեսային. եւ միանգամայն ցոյց տալով թէ ինքն նուիրեալ է եւ այլ եւս ազատ չէ։

Բայց դարձեալ գիւղական պարզ ընտանեկան կեանքն եւս ազատ չէ պատահական զեղծմունքներէ. ուր մերթ ընդ մերթ առեւանգութիւնք կը լինին. որոց ըստ մեծի մասին պատճառը ծնողաց խստասիրտ յամառութիւնը եւ ընծայասիրութեան բաղձանքն է. որ շատ ու զանազան պարգեւները կը պահանջեն փեսային կողմէն. որով միայն կը զիջանին եւ կը հաւանին իրենց աղջիկը տալ։ Եւ երբ այս վատ սակարկութիւն չի յաքողի եւ միւս կողմէն երբ կոյսն ու երիտասարդը սրտիւ կապուած են իրարու հետը, անշուշտ սէրը կը յաղթահարէ եւ առեւանգող երիտասարդը մեղադրանաց արժանի է, այլ առաւել մեղապարտ կը համարուին աղջկան ծնողքը, որ իրեն ազատ զաւակը իբրեւ գերի ստրկաբար ի վաճառ կը հանեն ոտնահարելով մարդոյն եւ սիրոյն պատիւը. որոց թանգ եւ արժա֊ նաւոր գինը՝ միայն փեսային բարոյական արժանիք եւ սէրն է եւ ոչ թէ ուրիշ նիւթական վճարք։

Կարգ եկաւ, չի մոռնանք. խօսինք նաեւ Պոլսոյ եւ ուրիշ քաղաքաց ընտանեկան այս նորամուտ, օտար ուսումին եւ վատթար սովորութեան վերայ, որոյ սակարկութեան եղանակն առաւել պարսաւելի է։ Վասն զի անդ երբ գաւառացի գիւղական ընտանիքը հարսնախօսութեան մէջ իրենց աղջիկները ի վաճառ կը հանեն, աստ քաղաքակրթութեան մէջ բնակող ընտանիքը՝ երիտասարդները ի վաճառ կը հանեն։ Ձեզ հրաւէր կը կարդամ ազգի դատաւորներ, դատեցէք ու վճռեցէք, այս երկու վաճառահանութեան եղանակէն ո՞րն է առաւել վատթարագոյն. երկուքն եւս հավասար ստրկութիւն չէ՞։ Սակայն շինական ընտանիքը, ուր ռամկավարութեամբ հանդերձ թերեւս արդարանայ քաղաքակրթութեան առաջ, որ կնոջ պատիւ եւ արժանաւորութիւնը բարձրացոյց. գուցէ բնապէս զգալով այս գիւղացի ժողովուրդը թանկագին վաճառել կուզէ զայն։ Իսկ մեր քաղաքակիրթ ընտանիքը երբ երիտասարդները ի վաճառ կը հանեն ի՞նչ միտք ու նպատակ ունին. արդեօք այնպէս կը համարին թէ այր մարդ առաւել բարձր ու թանկագի՞ն է, յառաջ բերելով այն բանը՝ թէ Պօղոս գնահատեր է. այր մարդը՝ գլուխ կնոջ անուանելով, անշուշտ գլխոյն պատուականութիւն բարձր է. պէտք է մեծագնի վաճառել։ Երանի՜ թէ այդպէս լինէր, այր մարդիկ ճանչնային իրենց նախապատւութեան պարտիքը, ճանչնային ամուսնական սիրոյն անգին արժանաւորութիւնը եւ զայն չփոխէին նիւթական դրամին եւ ընչից հետը։

Այլ գիտեմ ես, ձեր նպատակն այդ չէ, ով դուք շահավաճառ ընտանիքը, կաղաչեմ մի զայրանաք, թէ այս անունով կը կոչեմ ըձեզ. շահագիտութիւն հրապարակի վաճառանոցէն ելաւ եւ ձեր սիրտը մտաւ, ամուսնական սէրը մեռցուց, ամուսնութիւնը առեւտուրի փոխեց, դուք օրիորդին չափազանց օժիտներով կամ սակարկեալ գումարով եւ այսպիսի անարգ ու նուաստ միջոցներով կուզէք ձեր որդւոց ապագայ կեանք պատրաստել։ Մեր իմաստուն նախահայրը միայն մի անօժիտ կին բաւ համարեց իբրեւ իւր կենակից ընկեր եւ զայն բարոյական կեանք կոչեց։ Դուք Աստուծոյ այս պարգեւած կեանքը շատ չհամարելով՝ կուզէք որ կնոջ բերած նիւթական կեանքո՞վ ապրիք, կուզէք որ կինը իւր հաց, իւր հանդերձը, իւր հայրենի տնէ՞ն բերէ։ Վա՛շ, որչա՞փ շատ գոհ կը լինիք եթէ իւր էրկան համար մեծագումար դրամագլուխ մի եւս հետը բերէ եւ նուիրէ. հոգ չէ թէ սիրտ եւ սէր չը նուիրէ. հոգ չէ թէ կրթութիւն եւ կնոջ վայելուչ արժանաւոր ձիրքերը չունենայ։

Թողում ձեր ծնողքը, ուղղակի ձեզ հետ խօսիմ, ո՜վ դուք ամուսնացող երիտասարդք Հայոց, չգիտեմ ձեր հայրեր, մայրեր եւ ընտանիքը, ձեր ամուսնութիւնը շահավաճառութեան միջո՞ց կը համարին, եւ բարւոք կը դատին առանց ձեր քրտանց՝ ձեր բախտը պատրաստել, դուք կը հաւանի՞ք, կը զիջանի՞ք եւ կը նուաստանա՞ք այնչափ, որ կնոջ հացով ապրիք, կնոջ շնորհիւ ընկերութեան մէջ պատիւ ունենաք եւ յայնժամ պարծի կին թէ ես հարստացուցի զայրս եւ այլն։

Եթէ ասէք թող մեր կիները մեզ հարստութիւն բերեն. թող նոցա բարոյական արժանաւորոլթիւնը պակաս լինի, այդ հաշիւը ներկայ աշխարհիս մէջ աւելորդ է. մարդիկ ինչպէս կուզեն թող դատեն։

Եթէ այսպէս, ուրեմն ցոյց կուտաք, թէ պարտուց եւ իրաւանց կշիռ չունիք. պատուոյ զգացումն չունիք, արութեան վայելուչ մեծանձն ոգի չունիք։ Ցոյց կուտաք նաեւ թէ անգործ էք. անարուեստ էք, անվաստակ էք. պարապորդ կը շրջիք, բախտի միայն սիրահար էք, հայրենի արհեստները կը մերժէք, ցածութիւն կը համարիք, որպէս թէ մտքով, կրթութեամբ բարձրանալով ազնուացած էք. երկաթագործի, կօշկակարի եւ դերձակի խանութէն անցնիլ չէք ուզեր, դէպի Բարձր դուռը կը հայիք, կառավարութեան պաշտօնեաները կուզէք. դոյզն քրտինքով ամսական առնել կը բաղձաք, չը տեսնալով նոցա վիճակը, որոց կեանքն եւ սկզբունքն այդ է միայն։ Կամ գէթ զիջանելով վաճառականութեան եւ կամ գրագրութեան կը ցանկաք։ Բարի է ձեր այս ցանկութիւնը, միայն թէ դրամագլուխ կը պակսի։

Արդեօք սորա համա՞ր դուք ամուսնութիւն կը սիրէք. թերեւս այդ միջոցով կարենաք մի դրամ ագլուխ ձեռք բերել, երանի թէ կարենայիք զայն իմաստութեամբ ի գործ դնել, երանի՜ թէ բախտի այն կորստական հրապարակը մոռնայիք, ընտրէիք միայն շահ ավաճառութեան վաստակը, ինչ որ արդար եւ ապահով է։

Երիտասարդք Հայոց, դուք սովորական խօսք մի ունիք, զոր յառաջ կը բերէք իբրեւ իրաւացի փաստ, ուստի տրտունջ բառնալով կըսէք, թէ մենք հարսնցու օրիորդներէն որչափ հարստութիւն պահանջեմք, այդ դարձեալ նոցա տարապայման պճնասիրութեան համար է, այլ քննենք արդ թէ պճնասիրութիւնն եւս որո՞ց համար է։ Փաստաբանող կիները քաջ պատասխան կու տան, թէ մեր պճնասիրութեան պատճառը՝ միայն մեր վայելչասէր բնաւորութիւն կամ խաբուսիկ նորասիրութիւն չէ, ինչպէս կը կարծուի, այլ առաւել այր մարդոց աչքին հաճոյասիրութեան կերպերով հաճոյանալ։

Ուրեմն յայտ է թէ դուք եւս հրապուրուած էք եւ իրօք կը սէրէք պճնասիրութեան կերպերով հաճոյանալ։

Ուրեմն յայտ է թէ դուք եւս հրապուրուած էք եւ իրօք կը սիրէք պճնասիրութեան ցոյցերը, միթէ կիներն ապո՞ւշ են, փորձել չգիտե՞ն։ Ապա թէ ո՛չ իշխանութեան կշիռը ձեր ձեռքն է. չափ ու սահման դրէք, դուք այր մարդիկ էք, կնոջ տիրական գլուխ էք, հեղինակութիւն ունիք, հանճար ունիք, ուսեալ էք, կրթութեամբ կը պարծիք, շահավաճառութիւն, վաստակ, գանձ. տնտեսութիւն, ամէն բան ձեր կամաց ձեռքն է. աշխատեցէք, հասկցուցէք կնոջ որ պճնասիրութիւնը՝ ձեզ համար հաճելի չէ, հասկցուցէք թէ ունայնասիրութիւն է, կարճմտութիւն է, սնոտի մսխանք է, տնաւերութիւն է, վախճանը չքաւորութիւն է, եւ ի վերջոյ ընտանեկան բարեկեցիկ կեանքն ու երջանկութիւն կը բառնայ եւ այլն։

Հասկցուցէք նաեւ թէ կնոջ ճշմարիտ փառքն ու զարդն արտաքին փայլող ու մաշածոյ հանդերձին վերայ չի կայանար, այլ առաւել նորա ներքին ոգւոյ արտափայլող գեղեցկութեան վերայ, որ է համեստութիւն, անկեղծ ամուսնասիրութիւն, հաւատարմութիւն, երկիւղածութիւն, հնազանդութիւն, զաւակաց դաստիարակութիւն, տան տիկնութիւն և տնտեսող խնայութիւն, եւ այլն։ Ցոյց տուէք թէ առաքինի կնոջ նկարագիրն այս է, եւ իսկապէս այս է միայն նորա ճշմարիտ գեղեցկութեան փառքն, որ ոչ կեղծանի եւ ոչ ծաղկի նման կը թոռմի։

Իսկ եթէ տակաւին չհամոզուին կիները, դուք անպարտ էք, թողէք, ձեռնթափ եղիք թող նոքա ունայն զարդին ել զեղխութեան հետն ամուսնանան, որոո անձնատուր եղած են սրտով ու հոգւով։ Այլ դուք սպասեցէք, երիտասարդք Հայոց, ժամանակ բերաւ այս զեղխութեան օրերը, ժամանակ դարձեալ պիտի բերէ զգաստութեան օրերը, յորում դուք եւ կիները պիտի սթափիք առհասարակ այս նոր խելագարութենէն, եւ անագան ուրեմն պիտի ճանչնաք, ձեր անցելոյն յոռի ընթացքը եւ պիտի գիտնաք թէ ճշմարիտ ամուսնութեան պայմանը սէրն է, որ սերտ կը կապէ երկու ամուսնեաց սրտերը ի միութիւն, ադամանդ, ոսկի, եւ այլն հարստութիւնները կարող չեն պինդ պահել այդ սուրբ կապը, երբ դոքա սպառին՝ իսկոյն կը քանդուին այն ամէն կեղծեալ կապերը, որ կամ փեսային ճոխութիւն եւ կամ հարսին հարուստ օժիտները կը կապեն։ Ես տեսայ Հայոց Պատրիարքարանի դատարանին մէջ եւ կը վկայեմ այսօր թէ այդպիսի կապերը որչա՞փ դիւրախզելի են։ Վասն զի երբ ամուսնական սէրը՝ նիւթին վերայ հաստատուի, նիւթը կը սպառի, սէրը տեղի կուտայ իսկ երբ բնական պարզ եւ ճշմարիտ սիրոյ վերայ հաստատուի, մինչ ի գերեզման անշարժ կը մնայ միութեան շէնքը, եւ ոչ երբէք սպառելով կը չքաւորի սիրոյ հարստութիւնը։ Երջանիկ են այդ սիրով միաւորեալ ամուսինքը, որ իրենց ընտանեկան կենաց հիմն՝ միայն սիրոյ վիմին վերայ կը հաստատեն, իմաստութեամբ խորհելով՝ թէ այդ կենդանի սիրոյ հիմն է, որ կարող է միայն անկործանելի հաստատուն պահել ընտանեկան կեանքին երերուն շէնքը՝ աշխարհին հողմերուն եւ հեղեղներուն բաղխման առաջ։

Բաւ համարելով այսքան՝ կաւարտեմ հարսնախօսութեան ճառը, կը յորդորեմ զձեզ եւ կաղօթեմ ձեզ համար, երիտասարդը եւ կուսանք Հայոց, որ դուք զգաստութեամբ խորհիք, դառնայք ներկայ կորստեան ճանապարհէն, ի բաց թողուք արտաքին նիւթական կապերն. ճանչնաք ամուսնական սիրոյ բարձրը խորհուրդը. եւ միայն եկեղեցւոյ պատուիրանին համեմատ սուրբ սիրով կապուիք. զոր կամրապնդէ Աստուծոյ բանին հզօր

ձեռքը, որով միայն կապեց դրախտի ընտանիքը։

Ը.

ՀԱՐՍԱՆԻՔ

ԵՒ

ԽՈՐՀՈՒՐԴ ՊՍԱԿԻՆ

ՀԱՐՍԱՆԻՔԸ՝ պսակի սուրբ խորհուրդին հրապարակական ու հանդիսաւոր արարողութիւնն է. եւ շատ վայելուչ է՝ թէ որ ասենք մարդոյն Նոր Կենար մուտն եւ տօնահանդէսն է, ուր կը համախմբին շնորհաւոր ուրախակցութեան համար, ազգականք, բարեկամք, ու դրացիք: Այս մարմնաւոր խմբին հետը կը խմբակցի Եկեղեցւոյ հոգեւոր խումբն, եւ իւր օրհնութիւն տալով կօրհնէ թագաւոր փեսային եւ թագուհի հարսին պսակը եւ Աստուածային օրհնութեամբ կը նուիրագործէ երկու ամուսնացելոց դաշնադրութիւնը, զոր ի մի մարմին զուգելով երկու լծակից ամուսինները՝ կը յայտարարէ թէ այսուհետեւ անբաժանելի են։ Միայն քահանային ձեռք չէ, որ կը կապէ զպսակն, այլ պէտք է հաւատալ թէ Աստուած դրախտին վճռով միացուց զիրենք, մարդ կարող չէ բաժնել մինչեւ ի մահ եւ գերեզման։ Այս խորհրդական դաշնագրին վերայ իբրեւ վկայ ձեռն կը դնեն Խաչն իւր թելով, Աւետարան իւր բանիւն, պաշտօնեայք օրհնութեամբ եւ սոցա հետ ժողովուրդը միաձայնելով կը գոչէ ամէն, եղիցի՛ եղիցի՛։

Դաւիթ իւր սաղմոսին երգը հարսին ականջ նուագելով կը հրաւիրէ զինքն ի տուն փեսային, «Լո՛ւր դուստր եւ տե՛ս, խոնարհեցո գունկն քո, մոռա զժողովուրդ քո եւ զտուն հօր քո, զի ցանկացաւ թագաւոր գեղոյ քո»։ Իսկ Սողոմոն իւր բարձրախորհուրդ երգով բարբառել կուտայ փեսային առ հարսն, «Ահաւասիկ կաս, գեղեցիկ մերձաւոր իմ, աչք քո աղաւնիք, բա՜ց ի լռութենէդ քումմէ»։

Եկեղեցին այսպէս աւարտելով պսակին մեծ խորհուրդը, այնուհետեւ ներելով կը թոյլատրէ որ հարսնելորք սկսին իրենց պարերգութիւն եւ թմբուկը։ Այդ եւս առանց նշանակութեան չէ, զոր վայելուչ կերպիւ կը բացատրէ Շնորհալի Սուրբ հայրապետ իւր Ընդհանրական թղթոց մէջ, թէ հարսանեաց թմբուկն բարձրագոչելով ձայն կուտայ լսող ժողովուրդին ու կիմացնէ. որ հարսանիքը խաւարին տակ ծածկուած գաղտնի չարութիւն չէ. այլ Եկեղեցւոյն առաջ, լուսոյն առաջ, հրապարակի մէջ, անպատրուակ ճշմարտութիւն է: Ահաւասիկ եւ մենք մեր ուրախութեան թմբուկը զարնելով իբրեւ մունետիկ բարձրաձայն կը քարոզեմք. թող լսէ ու տեսնայ բոլոր ժողովուրդը։ Վասն զի ամուսնութեան զաւակներ միայն ծնողաց սեպհականութիւն չէ. այլ եւ ժողովուրդին իրաւունքն է, յիշէ ու ճանչնայ իւր նորածին անդամները. թէ արդեօք հարազատ ծնունդ են նոքա սուրբ եւ պարկեշտ ամուսնութեան: Եկեղեցւոյ եւ ժողովուրդին զաւակները պէտք է սուրբ ամուսնութեան յայտնի դրոշմն ունենան. եւ ժողովուրդն այդ իսկական դրոշմով ճանչնայ եւ իւր զաւակները, ապա թէ ոչ, ոչինչ զանազանութիւններ չէին լինէր պոռնկորդւոյն եւ սուրբ ամուսնութեան ծնունդներու մէջ:

Կը խորհիմ թէ աշխարհիս ուրախութեան այլ եւ այլ մեծամեծ հանդէսները, կարելի՞ է համեմատել հարսանեաց ուրախութեան հետը: Ոչ թագաւորաց թագադրութեան աշխարհախումբ հանդէսը, ոչ պալատներոլ եւ իշխանաց մեծակոչ խրախճանք, եւ ոչ եւս ժողովրդոց դասին զուարճական խնճոյքները արժանի են համեմատելու: Ես այնպէս կը համարիմ թէ հարսանեաց սոսկ մի թմբուկը՝ Իտալական նուագներէն ուրախարար է. եւ շինականի փեսայն՝ բարձր է թագապսակ թագաւորէն։ Վասն զի աշխարհիս այլ ամէն ուրախութիւնք միայն զրաւական զբօսանք են մարդոյն ունայնասէր մտաց, յորում պահ մի հաճոյք, հրճուանք, փառք կր զգայ. այլ երբէք չանցնիր սրտի ցանկութեան անհուն բաղձանքը՝ դարձեալ կուգայ եւ կը տիրէ մելամաղձիկ տխրութիւնը։

Իսկ հարսանեաց ուրախութիւնը իւր սուրբ նպատակով հանդերձ՝ մարդոյն կենաց համար տիրապէս կեանք է եւ ուրախութիւն. զի միոյն մէջ կեանքը իւր անչափ ցանկասէր տենչանքներով վերջապէս կը մաշի եւ կը սպառի. բայց միւսին մէջ կեանքն անթառամ կը մնայ, եւ Եկեղեցւոյ պարտէզ իւր նորաբոյս ծաղիկներով կը ծաղկազարդի: Թէպէտ մարդոյն կենաց աշուն կը հասնի եւ կը թօթափէ զայն գերեզմանի մէջ, ինչպէս դեղնած տերեւն ի ծառէն: Սակայն առաքինի մարդ, որ հարսանեաց օրհնութեամբ իւր տոհմական ընտանիք եւ սերունդը կենդանի կը պահէ՝ նա միշտ կապրի եւ կենդանի կը մնայ. զի նորա կեանքը Հաջորդաբար իւր զաւակներն կը շարունակեն։

Խօսինք այժմ հարսանեաց ուրախութեան եղանակին եւ պայմանին վերայ։ Ճշմարիտ է, որ հարսանիքը ընտանեկան ուրախութեան մեծ օրն է. ո՞վ կարող է ասել, մի՞ ուտեր, մի խմեր, մի՛ երգեր, մի՛ պարեր, մի՛ զուարճանար, զի այդ ամէն հարսանեաց ուրախութեան կարեւոր պայմաններն են, միայն թէ չափով, կշռով եւ պարկեշտութեամբ լինին։

Երանի՜ թէ ծնողք, որ հարսանեաց կազմութեան հանդիսադիր են եւ հարսնեւորք, որ կամ ազգական եւ բարեկամ են առ հասարակ՝ լաւ ճանչնային հարսանեաց նշանակութիւն, պատիւ եւ նորա խորհրդական մեծութիւնը, որով թերեւս մեծ զգաստութեամբ զգուշանային անմեղ ուրախութեան հետը՝ մեղք չի խառնել։ Եւ դու գիտե՞ս, ընթերցող, թէ ի՞նչ է այս մեղք, որ հարսանեաց մէջ գիտես թէ մարդիկ սովորած են գործել եւ մեղք չի համարել։ Այս մեղքն է անչափաւորութիւնը ամէն վայելմանց մէջ, զեղխութիւն սեղանոյ, զեղխութիւն այլ եւ այլ հանդերձանաց, զեղխութիւն արբեցութեան. եւ այլ այսպիսի զեղծմունքները, յորոց շատ անգամ կռիւ կը ծնանի, եւ հարսանեաց տուն՝ սգոյ տուն կը դառնայ. մերթ եւս երկու խնամիներու նոր ընտանեկան ազգակցութեան կապը կը խզէ։ Արբեցութիւնը միայն կռիւ էի հաներ, այլ երբեմն եւս անհամեստ կերպեր եւ շարժմունքները յառաջ կը բերէ. զոր օրինակ անպարկեշտ խեղկատակութիւնք՝ ծաղրութեան համար. անվայել եւ լկտի խենեշանքները, որք առ հասարակ պարկեշտութիւն եւ պատկառանք սիրող ընտանեաց համար պէտք է զզուելի համարուին. եւ խորշին այդպիսի կատակերգու հարսնեւորներէն. որ հարսանեաց պատիւ եւ ընտանեկան ուրախակցութիւնը՝ խաղ կը համարին. քաղաքավարութեան, վայելչութեան շնորհը կարհամարհեն, եւ միանգամայն գայթակղութիւն կը լինին պարկեշտ ընտանեաց եւ իրենց մատաղ զաւկներուն. որք բնապէս ծաղր կը սիրեն եւ միշտ հակամէտ են կատակով զբօսնուլ։ Յոռի խեղկատակութիւնը միայն տղայոց համար հաճոյական խաղ կամ զբօսանք չէ. այլ առաւել տղայամիտ մարդկանց, որոց ճշգրիտ օրինակը կը տեսնուի թատրոններու մէջ. երբ ի վերջոյ զաւեշտական խաղ մի կսկսի, ինչպէ՞ս ամէնքն ի միասին ծաղր կարձակեն: Զարմանալ պէտք չէ. զի մարդիկ յաւէտ ծաղրի եւ կատակի կեանք կը սիրեն քան թէ լուրջ, ծանր եւ զգաստ կեանք։ Չմեղադրենք ժողովրդական ընտանիքը, թէ ոմանք իրենց հարսանեաց ուրախութեան օրը միայն դիպուածով այդ խեղկատակութեան կեղծմունքները կը սիրեն. երբ աշխարհիս պալատականաց, իշխանաց, ազնուականաց հաճոյական կեանքն խեղկատակութիւն է. սորա համար է իսկ, որ խեղկատակ աղուէս ու կապիկ միմոսները նոցա դռները կը յաճախեն։

Խօսիլ չեմ ուզեր ինչպէս խօսեցայ ու դրեցի վերը, որ հարսանեաց տօնը լուրջ եւ անձայն լռութեամբ կատարուի. ոչ. Եկեղեցին ներելով կը թոյլատրէ, որ հարսանեաց մանկունք երգեն ու պարեն, մինչ փեսան ընդ նոսա է, ինչպէս կը խոսի Յիսուս. միայն թէ քրիստոնէական պարկեշտութիւն, ընտանեկան պատիւ, եւ վայելուչ քաղաքավարութեան պարտիքները չմոռցուին, կարծելով թէ հարսանիքը՝ ծայրայեղ ազատութիւն եւ ուրախութիւն կը նշանակէ. որոյ վախճանը միշտ տրտմառիթ հետեւանքներն են։ Ցաւով ու փորձառութեամբ կը խօսիմ. որ հարսանեկան չափազանցութիւնք՝ ոչ միայն թագաւորին թագն ու պսակ քօղածածուկ հարսին պատկառանքը կը քամահրեն. այլ եւ Եկեղեցւոյ սուրբ խորհուրդի վեհութենէն չակնածելով՝ առանց երկիպածութեան կը վարին։ Բաւ չէ այս, շատ անգամ եւս պսակադիր սուրբ տաճարի գաւթին մէջ Բաղդասարի արբեցութեան խրախճան կը կազմուի. արբեցողաց բարձրաձայն աղաղակներով՝ պաշտօնէից աղօթքին եւ շարականին օրհներգութեան ձայները կը խանգարուին։

Այս ռամիկ եւ գռեհկական վարմունքը գրեթէ քիչ ժամանակ յառաջ առ հասարակ տիրած էր Հայոց այլեւայլ գաւառներու մէջէ բայց արդի ժամանակը բաւական չափաւորուած է, եւ այս զգաստութեան շնորհը՝ յայտ է որ դպրոց եւ ուսմունքը իրենց լուսով փոքր ի շատէ ծաւալեցին մեր Ժողովրդոց վերայ, եւ ժամանակին անձկութիւնը պարտաւորեց Հայոց աղքատ ընտանիքը իրենց յոռի ընթացքր ուղղել, եւ թողուլ նաեւ եօթնորեայ հարսանիքը, այն զեղխ ու շռայլ ծախքերը. որ միայն ուտելու եւ խմելու համար կը պատրաստուէին. հարսանեաց տունը իւր ամէն լիութենէն կը դատարկուէր։ Ո՛վ չի գիտեր թէ եօթնօրեայ հարսանեաց պատրաստութիւնը բաւական կը լինէր թերեւս մի ընտանիքը մինչեւ երկու տարի չափաւոր կեանքով պահել։ Ես չեմ յիշեր մեր գաւառացի ազգայնոց թէ քաղաքացի եւ թէ գիւղացի ընտանեաց այն մասն, որ պարտքով հարսնիքը կընեն. պարտքով այդ անպէտ ծախքերը կը հոգան. կ՛անցնի հարսանիքը, եւ ուրախութիւնը կը տեւէ մի փոքր ժամանակ. եւ ահա փեսան կը պարտաւորի թողուլ ընտանիքը եւ նորահարսին ամուսնական քաղցր սէրը՝ երթալ ի պանդխտութիւն, հոգալ իւր պարտքը եւ միանգամայն խեղճուկ ընտանեաց պարէն հայթայթել։ Երկու պսակաւորաց համար այս միջոցն քանի դառն ու գժուարին է. փեսան իւր պանդխտութեան մէջ, հարսն իւր սեւաքօղ առագաստին մէջ. սրտամաշ անձկութեամբ օրերը կանցնեն, որոց կեանքր լի է ամենայն դառնութեամբ. մանաւանդ երբ պանդուխտ ամուսին իւր պարտիքը կը մոռնայ, եւ իւր վշտացեալ կինը հացի կեանքկն եւս կը զրկէ, սիրոյ կեանքը զլանալէն յետոյ։ Ես չեմ ուզեր այս կեանքին դառնութիւնը իւր ամէն մասերով նկարագրել, այլ կը թողում այլում տեղւոջ դորա տխուր պատկերը հանել, կը թողում նաեւ որ մեր պանդուխտ եղբարք այդ կեանքին դառնութիւնը ինքնին ճաշակելով զգան, խղճան ու ճանչնան իրենց ամուսնական սուրբ պարտիքները։

Ժամանակ եւ ժողովոլրդի զարգացումն համառօտեց եօթնօրեայ հարսանիքն թէ գաւառաց եւ թէ նոյն իսկ մայրաքաղաքիս մէջ. ուտելեաց եւ ըմպելեաց ընդունայն ծախսերը գրեթէ կը վերջանան հետզհետէ։ Սակայն ժամանակն եւ անկատար ազատ քաղաքակրթութիւնն՝ զեղխութեան եւ շռայլութեան ուրիշ մասերը աւելի բազմապատկեց, հանդերձի եւ նորասիրութեան այլ եւ այլ պերճանքները. ոսկեկիտուած, ադամանդեայ եւ այլն մեծագին քարերով մատանի, պսակ, ոսկեշղթայ, մանեակ եւ այլ Եւրոպական նորանոր զարդերը մտցուց մեր ընտանեկան կեանքին մէջ. որով շատ ընտանիք այդ ճոխ հանդերձանաց պատրաստութեան համար ձեռնթափ լինելով՝ կը կառին ամուսնական կեանքէն. որպէս թէ ադամանդ եւ ոսկեզարդերը՝ ամուսնական կեանքին համար հացին չափ կարեւոր պիտոյք են։

Առաւել զարմանալին եւ ցաւալին այն է, որ հասարակ ժողովրդեան ընտանիքն եւս այդ պերճանաց բաղձանքն ունին առանց կշռելոյ իրենց չափն ու վիճակը, կը կարծեն թէ ադամանդն ու ոսկեզարդն անհրաժեշտ օժիտներ են հարսին, եւ թէ այս ինչ կամ այն ինչ հանդերձանքները պէտք են հարսանիք կազմելու համար։ Այդ ապրուստի կարօտ ընտանիքը այնպէս կերեւակայեն եւ կհրազեն միշտ թէ՝ կօշկակար, երկաթագործ, դերձակ եւ արհեստաւոր ժողովուրդներ կարող են աշխարհիս պալատականաց, հարուստ ազնուականաց հետը մրցիլ եւ նոյն պերճութեամբ ու կեանքով ապրիլ։

Մենք չենք մեղադրեր, գիտենք թէ մարդոց բաղձանքն ազատ եւ անզուսպ է. այլ ի՞նչ օգուտ ունի այդպիսի բաղձանաց ձգտումն. երբ մարդն բուն կեանքի հացէն եւ ամուսնութենէն կը զրկէ։ Ի՞նչ օգուտ ունին նմանապէս հարսանեաց պատրաստութեան այն մեծամեծ հոգերը, երբ ամուսնութենէն յետոյ ընտանեկան կեանքին վերայ բազում հոգերը կը յաւելնուն, հացի աշխատաւորներն մարմնով մաշուելէն յետոյ՝ չարաչար հոգածութեամբ եւս հոգի եւ կեանք կը մաշեն։ Եւ թէ հարցնես թէ ինչո՞ւ կը մաշիս, նա քեզ պատասխան կուտայ, թէ կին առի, ամուսնացայ, ծախուց հաշիւ ծանրացաւ, վասն զի ճոխ հարսանիք արարի, Ֆրանսիական սեղան յօրինեցի, թողլով Հայոց գինին, Պօրտոյի շիշերով շատ կենաց բաժակները պարպեցին հարսնեւորք, քսան տեսակ կերակուր եւ ուրիշ անուշեղէն համեմները պատրաստեցի եւ այլն։ Թող այս, որչափ գումար վատնեցի՝ ադամանդի ոսկեզարդուց եւ այլ կերպասեղէն զգեստուց համար։ Ամբողջ դրամագլուխս գրեթէ ոչնչացաւ, երջանիկ պիտի լինէի՝ թշուառացայ։

Խեղճ նոր ամուսնացող երիտասարդը անագան ուրեմն կը զղջայ կստրջանայ իւր ընդունայն ծախքերուն համար, երանի թէ նախատեսութեամբ գուշակէր այդ օրը, իւր հարսանիք եւ այլ ամուսնական ծախքերը, ու չտեսնէր այդ նեղ ու դառնաբեր ապագան. որ հարսանեաց ուրախութեան յաջորդող տխուր հոգածութեան կեանքն է։

Վերջ տանք հարսանեաց ճառին, եւ խրատ տանք ձեզ, Հայոց ընտանիք, նախատես ու սրատես եղիք. այդ չար ապագան հարսանիքէն ամուսնութենէն յառաջ գուշակեցէք. թողէք հարսանեաց զեղխութեան պէտքերը, թողէք զարդուց շռայլական պերճանքները, ճանչցէք պատուական եւ սուրբ ամուսնութեան ճշմարիտ պայմանները. որ ոչ հարսանեաց մեծամեծ պատրաստութիւնքն են, ոչ ոսկին է, ոչ ադամանդ է եւ ոչ եւս շքեղ զարդերու ցուցամոլութիւնք։ Դոքա իբրեւ փուշ կը հեղձանեն ամուսնացելոց ծաղկեալ սէրը: Մի հաւատաք նոցա, որք այնպէս կը կարծեն թէ կնոջ արտաքին շքեղ զարդը՝ կը յաւելու սէրը եւ կը զօրացնէ, ո՜չ, այդպէս չէ. փորձ եւ աշխարհ վկայ թող Ժնին, որ զարդն ու պերճանքը սէրը կը նուաճեն. սորա համար է որ շատ անգամ շատ ընտանեաց կեանքէն ծաղիկ սէր կը ցամքի եւ կը թօշնի, երբ կնոջ զարդն ու պերճանք պակսին։

Ուստի աղօթել պէտք է այդպիսի ընտանեաց համար որ զգաստանան, ամուսնութեան ներքին ու ճշմարիտ սէրը՝ արտաքին պաճուճանաց հետ չի խառնեն, ստոյգ կշռելով եւ համեմատելով, որ զարդի պաճուճանքը ամուսնական անբիծ սիրոյն հետ երբեք կշիռ եւ նմանութիւն չունի։ Բիւր մեղադրանաց արժանի է այն կինը որ կը դրժէ եւ կը մերժէ զսէր, եւ զարդն առաւել կը խնդրէ։ Իսկ բիւր գովութեանց արժանի է այն կինը, որուն համար զարդ, պերճանք, ադամանդ, ամենայն ինչ իւր ամուսին եւ նորա սէրն է եւ պատիւը։

Ուստի յորդոր կարդամ հայրաբար բոլոր ամուսնացելոց որ ի բաց թողուն ընդունայն պերճանքներ, որ սեղանին հաց կը բառնան, փոխանակ լիութեան չքաւորութիւն կը տիրէ եւ այնուհետեւ կսկսի խռովութիւն, վասն զի սիրոյ կեանք ամրապինդ պահելու համար, միթէ մի գլխաւոր պայմանն եւս հացի կեանք չէ՞։


Թ.

ԿՈՉՈՒՄՆ ՀԱՐՍԻՆ

ԵԻ

ՓԵՍԱՅԻՆ

Այս կոչումն սուրբ եւ նուիրական է։ Արարչին տիրական օրէնքն է, Դրախտի օրհնութեան ձայնն է, երկու զուգակցաց միութեան հրաման եւ հրաւէրն է, որով զհարսն ի մայրութիւն կը կոչէ, փեսայն ի հայրութիւն: Երկու պսակաւոր այս գորովալի եւ խորհրդական բարձր անունները նոր կստանան, եւ տիրապէս այն օրէն՝ երբ իրենց անդրանիկ զաւակը աշխարհի կընծայեն։ Շատ յարմար է թէ որ ըսենք, թէ այդ անդրանկածին պտուղն է իւր ծնողաց կնքահայր եւ անուանադիրը, որ առաջին սիրաշարժ բարբառը՝ հայր եւ մայրն է։ Չկան աշխարհիս վերայ այլ անուանք, կամ զանազան վայելուչ եւ փառաւոր տիտղոսները որ հաւասարին եւ համեմատին սոյն սքանչելի անուանց հետը։ Թագաւոր, կայսր իշխան, ժողովուրդ, ազգ եւն. այս մեծափառ անուանք իրենց բարձրանշան տիտղոսներով հանդերձ, ցած ու նուաստ են՝ հայր եւ մայր սիրելի ու պատկառելի կոչման առաջ։ Քանզի հայր ու մայր անուանքը՝ նախասկիզբն արմատ են այլ ամէն անուանց, թագաւոր, իշխան, ժողովուրդ, ազգ. հայր ու մայր փարելի անուանց ծնողական շառաւիղներն են. որ նոյն միացեալ արմատէն եւ երկճըղի բնէն կը բուսնին եւ կը սփռեն աշխարհիս վերայ։

Տես դու, թէ քանի՞ յատկանիշ եւ խորհրդական նշանակութիւն ունին այդ աշխարհանազ անուանք. սէր, ծնունդ, կեանք, գորով, գգուանք, գութ, որդեսիրութիւն, խնամք, եւ այլն։ Երկու նորապսակ ամուսինք մինչ երբեմն իբրեւ զաւակ եւ սոսկ իրենց մկրտութեան անունով միայն կը կոչուէին. իսկ այժմ այդ անուանց վերայ կը յաւելուն նաեւ հայր եւ մայր կոչումն, զաւակ ծնանելով նոցա՝ ընկերութեան կեանքին մէջ կը բարձրանայ իրենց կոչումն եւ կը միանայ երկնաւոր Հօր հետը, որ տիեզերաց հայր եւ հեղինակն է, եւ որ զԱդամ հայր, եւ զԵւան մայր իբրեւ նախածնողը մարդկութեան կանուխ ծնաւ Դրախտի մէջ իւր նորաստեղծեալ արարչութեամբ։

Ո՜վ, ի՞նչ զարմանալի է. Երկինք ու Երկիրը ի միասին կը մշակեն ամուսնական եւ խորհրդական դրախտն։ Երկնից հայր երկնքէն կօրհնէ. սոքա երկրիս վերայ զաւակ կր ծնանին ու կաճին. այլ չը դիտեն թէ ո՞րպէս։ Լուռ լեր, բնագէտ, դու եւս չը գիտես այն խոր ու անյայտ օրէնքները, թէ ի՞նչպէս մանուկ իւր մօր յարզանդ կը նկարի ի մարդ եւ ո՞ր ձեռքն է, որ այդ չքնաղ պատկերը անհուն ձեւերու տիպով կը նկարէ։ Ամենայն ինչ բնական է, բնական օրէնքով է կասես, ու կը վճռես. որպէս թէ՝ այդ օրէնքները հրաշք չեն մեր տգիտութեան առաջ. կամ թէ այդ յաւիտենական օրէնքներուն վարիչ չիկայ, օրէնք ինքնին կը հրաշագործէ։ Ո՛չ, այդպէս չէ, դու եւս խոնարհիր հպարտացող գիտութենէդ, եւ մեզ հետ խոստովանիր ու հաւատա. միայն Երկնից Հօր ձեռքն է, որ մանուկներու փոքրիկ հասակները ի վեր կը քարշէ. Երկրի ծնողք կաթն ու հաց կուտան. Երկնից Հայր բանաւորութեան լոյս եւ հանճարը, սոքա ձեռագործ ու շինովի հանդերձ կը պատրաստեն, իսկ նա բնական գեղով զարմանազան կը զարդարէ, սոքա մեծ աշխատութեամբ ուսումն եւ գիտութիւն կաւանդեն, եւ նա մանկան փափուկ ուղեղի մէջ խելքն ու հանճար կը զետեղէ։

Ահա այսպէս երկինք եւ երկիր միանալով մշտապէս կարարչագործեն մարդկութեան յարատեւող կեանքը. եթէ պահ մի դադրին դրախտի ընտանեաց մէջ այս արարչագործող եւ մշակող ձեռք՝ կեանքը կը մեռնի ու կը սպառի մարդն աշխարհէս։

Այսչափ մեծ եւ այսչափ բարձր է հարսին ու փեսային մայրութեան եւ հայրութեան կոչումն։ Երանի՜ թէ մտախոհ լինելով ճանչնային թէ յոր կոչումն նուիրուած են, եւ թէ ի՞նչ նպատակ ունի մարդոյն ամուսնութեան կեանքը։ Շատ ծանծաղամիտ ու կարճամիտ են նոքա, որ կը կարծեն թէ ամուսնութիւնը սոսկ մարմնոյ հաճոյք է, կամ խաղ ու զբօսանք եւ աշխարհիս շահավաճառութեան մէկ հաճոյական ձեւը. եւ կամ թէ բնաւ պէտք չիկայ հայր եւ մայր անուան, աշխարհիս վերայ սեպհական տուն եւ ընտանիք կազմելու, ամէն բան անորոշ անխտիր թող լինի, զաւակները՝ ժողովուրդին համարուին, ժողովուրդ մարդկութեան, եւ մարդկութիւն առ հասարակ աշխարհիս վերայ ապրի այնպէս, ինչպէս անտառին մէջ անասունք եւ երկնից մէջ թռչունք, որոց ոչ տուն, ոչ ընտանիք, ոչ տոհմական սերունդ, ոչ սեպհականութիւն կան, եւ այլն։

Նուաստ անասնաբարոյ եւ ամբարիշտ են այդ մոլորամիտ մարդիկ, որ այդպէս կը կարծեն, կը դատեն, ամուսնութեան, հայրութեան, մայրութեան եւ ընտանեկան իրաւունքները ջնջել բառնալ կուզեն մարդկային ընկերութենէն. այնուհետեւ այլ եւս զանազանութիւն չէր մնար խօսուն մարդոց եւ անխօսուն անասնոց մէջ։ Այդ մոլար կարծիքը՝ մարդոց կեանքը բանականութենէն կը հանէ. ընկերութիւն կեղծանէ, քաղաքակրթութիւն կը քանդէ. եւ կը թողու, որ մարդը լոկ իւր զգայական հաճոյքով վարի եւ ապրի։

Եթէ մարդոց կեանքը նուաստանար այդչափ, չիմանային հայրութեան ու մայրութեան պատիւ. չգիանային թէ ի՞նչ է մարդոց կոչումն հոգւոյն անմահութիւն եւ բանականութեանց շնորհ, վաղուրեմն պէտք էր որ երթային գտնէին առիւծին անտառը եւ աղուէսին որջը. հարկ չէր մնար այլ եւս տուն շինել, ընտանիք կազմել, քաղաք հիմնել, ընկերական կեանք վարել, եւ այլն, որոց վերայ փոքր ի շատ է գրեցի Ամուսնութեան յօդուածին մէջ։

Երկու ամուսինք հայրութեան եւ մայրութեան կոչումէն յետոյ՝ ունին տակաւին իւրաքանչիւր այլ եւ այլ կոչումներ եւ պարտիքը. զորս կը թողում հետեւեալ գլխոց մէջ յառաջ բերել ըստ պատշաճի նիւթոցն. միայն աստ չեմ մոռանար յիշել, որ այդ երկու նորապատուաստ Արմաւենիքը պէտք է ամենոյն խնամով եւ անբիծ սիրով պատատեն զիրար, հարսն իւր համեստ քօղով, փեսայն իւր բաց ճակատով, եթէ մէկն արել է եւ միւսն լուսին, երկուքն եւս առանց ստուերական բծի պէտք է փայլին անարատ սիրոյն պարզ ճառագայթներով։

Հարսին հաւատարիմ նշանաբան եւ բուն բարոյական եւ արժանաւոր օժիտը սէրն է միայն, սէր, որ անխառն է, անկեղծ է, եւ արտաքուստ շպարեալ չէ. սէր, որ խանդակաթ սրտով ու հոգւով կը միանայ սերելոյ եւ կեանք պահելոյ համար, եւ այլ ուրիշ նպատակ չունի։ Աշխարհիս բոլոր ադամանդները. բոլոր զարդուց պերճանքները, բոլոր հարստութեան գանձերը թէ ի կշիռ բերես, ամուսնական սիրոյն հետը չեն հաւասարիր, երբէք արժանաւորութիւն չունին այդ նիւթական օժիտները բնական ու բարոյական սիրոյ օժիտին տեղը բռնել։

Հարսին նուիրական պարտիքն է, որ նիւթական օժիտէն աւելի հսկէ իւր բարոյական սիրոյ օժիտին վերայ, չտալ երբէք զայն՝ կողոպուտ, եթէ միանգամ կողոպտուեցաւ, այնուհետեւ շատ դժուարին կը լինի զայն դարձնել վերստին։ Նոր ամուսինը իբրեւ բարոյական ճարտարապետ պէտք է որ սիրոյ հիմն ամրապէս ձգեն, եթէ առաջին անգամ քանդուի, այլ եւս հազար օժիտ կարող չեն զայն հիմնել ու հաստատել:

Ամուսնական սէրն անգին է, անգիւտ է, եւ քան զմահ զօրաւոր է. իր կոչումը սուրբ եւ խորհրդական է, նրա պատկեր պարզ եւ մաքուր է. թող չաղարտեն նորա պայծառ երեսը սիրոյ այլանդակ վիպասանները։ Սիրոյ ճշգրիտ պատկերահան Սողոմոն է, վայելուչ է որ հարսն ու փեսան փոխադարձ սիրոյ ձայնով երգեն առ միմեանս նորա խորհրդական երգը, զիս իբրեւ զկնիք ի վերայ սրտի քո, եւ իբրեւ զմատանի ի վերայ բազկի քո, վասն զի հզօր է սէր իբրեւ զմահ»։ Այո՛, հզօրագոյն է սէր երկու ամուսն աւոր սիրելեաց մէջ, երկու շնչով կը շնչէ, երկու ոգւով կ՛ապրի, երկու կեանքով կը զօրանայ. եթէ մին պակասի՞ սէր կը մեռնի, զի սիրոյ կեանքը երկու սրտից միութիւնն է։

Ուրեմն ամուսնացելոց մեծ կոչումն եւ պարտիքն այն է, որ երկուստեք կողմէն սիրոյ միացուցիչ վէմն անշարժ եւ անբաժանելի պահեն, ոչ ոք կարող է այդ վէմը շարժել, եթէ ինքնաշարժ լինելով չգլորի: Նոր ամուսնացելոց սէր գարնան եղանակն է. նորատունկ դրախտ է. ծաղկազարդ բուրաստան է. զոր ամենայն խնամով պէտք է կանաչ ու մշտադալար պահել. եւ չթողուլ երբէք, որ կամ ներքին ատելութիւն եւ կամ օտարաշունչ նենգութեան խորշակը փչէ ու խամրէ սիրոյ կանաչութիւնը. եւ թօթափէ ամուսնութեան դրախտի վարդի թուփն իւր սոխակովն հանդերձ. ինչպէս հին բանսարկուն Եդեմ դրախտին մէջ Աստուծոյ նոր ընտանիքը դաւաճանեց, մահ բերաւ աշխարհը։ Գիտնալ պէտք է թէ այդ բարակ սեւ օձն՝ սիրոյ եւ միութեան յաւիտենական ոսոխն ու թշնամին է։

Յիսուս սպաննեց հին օձն. բայց նորա օրինակին հետեւող արբանեակներն դեռ կը շրջեն աշխարհիս վերայ. եւ սողալով կը մտնեն ընտանեկան դրախտի հարսնարանը, թոյն թափելով հրապուրիչ լեզուով, սիրոյ կեանք եւ քաղցրութիւն ի մահ ի դառնութիւն կը փոխեն։

Ուստի ամուսնասէր փեսայն, որ ընտանեկան համեստութեան եւ հաւատարմութեան առաջին հսկող պահապանն է, եթէ կուզէ, որ ազատ մնայ օձերուն խորամանկութենէն՝ թող նախազգոյշ լինի յիշելով դրախտի պատմութիւն եւ արկածն, յորում այն պահուն մէջ Եւային կը մօտէր թելադիր օձն, երբ նա միայնակ կը շրջէր ու կզբօսնուր դրախտին դարաստանը ու կը դիտէր մի առ մի գեղազան ծառոց պտուղները։ Նա յայնժամ հրապուրեցալ, երբ տեսաւ մի նոր ծառի պտուղը, որ հաճոյ էր աչաց հայելոյ եւ գեղեցիկ ի տեսանել։

Աշխարհ իրաւունք կուտայ փեսային, որ իր հարսին ճանապարհը հսկելով շրջափակէ. այլ եւ պէտք է փակէ ու կապէ փեսային ճանապարհ եւ ոտքը. երբ նա արձակ է, ազատ է, կը շրջի ամենուրեք։ Հաւատարմութիւնը հաւասար է ամուսնական պարտուց եւ իրաւանց մէջ, եւ արդարութիւնը բողոք կը բառնայ, եթէ փեսայն ինքն եւս պահապան չլինի իւր անձին վերայ, չփակէ իւր աչքը հրապուրիչ օտար առարկայէն. եւ կրից ծարաւով չխմէ օտար աղբիւրին ջուրը, բաւ համարելով իւր սեփական աղբիւրը ինչպէս կը խրատէ Սողոմոնին առակը։ Ամուսնական հաւատարմութեան սուրբ պարտիքը ամենայն հաւատարմութեամբ պահելու համար բաւական չեն միայն աչք եւ հսկողութիւնը. այլ առաւել եւս լուսաւոր եւ մաքուր խիղճ, պատուոյ զգացումն, ապագային ամօթ եւ չարաղէտ հետեւանքն եւ այլն։

Եւ ի՞նչ են այդ ընտանեկան աղէտաբեր հետեւանքները. գնա՛ ի դատարանն եւ կը տեսնաս, զի այդ ամօթալի գործոց վախճանը մինչեւ հոն կը հասնին. որ երբ պատահին երկու ամուսնեաց մէջը՝ սէրն անդէն կը մեռնի, միութիւն կը քակուի, նախանձուն կրակը կը խանձէ սիրտ երբ, երկու ամուսինը իրարու դէմ անհաշտ ատելութեամբ կը վարին. եւ այնուհետել տես դու, ընտանեկան կագ ու կռիւ կսկսի, բողոք, դատաստան, մի զմիով անպատկառ չարախօսութիւն, եւ մերթ եւս չարաչար զրպարտութիւն, չխնայելով բնաւ ամուսնական պատուոյն, ամենայն ինչ մերկապարանոց հանելով, ընտանեկան քօղին տակ ծածկուած ամօթն եւ այլն։ Հուսկ ապա այս հետեւանքներով վախճանը կուգայ պատիժ, տոյժ եւ տան բաժանումն որով ընտանեկան քաղցր ու խաղաղ կեանքը թէ նիւթապէս եւ թէ բարոյապէս ապերջանիկ կը լինի, բաժանեալ ամուսնեաց պատիւն ու վարկը կազարտի ընկերութեան մէջ եւ եկեղեցւոյն առաջ։

Եթէ կան ամուսնական կեանքին մէջ ուրիշ շատ դառնահամ ճաշակները, զոր օրինակ աղքատութիւն, թշուառութիւն, զրկանք, զաւակաց կորուստ, եւ մերթ եւս նոցա, ստահակութիւն եւ աշխարհիս այլ եւ այլ պատահար ձախորդութիւնք եւ այլն, որք շատ անգամ ընտանիքները մոխրի վրայ կը նստեցնեն սակայն երբ ամուսնեաց սէր կենդանի է, քաղցր է, այդ ամէն դառնութիւնները կանուշացնէ, մոխրին կեանքը, դրախտ կը լինի, ապերջանկութիւնը՝ երջանկութիւն կը դառնայ։

Իսկ երբ մեռնի ու դառնանայ մտերիմ լծակիցներու սէրը՝ այնուհետեւ աշխարհ՛իս քաղցրութեան ամբողջ ճաշակները, երջանկութիւն իւր ամէն հանգամանքներով թէ ի միասին գան՝ կարող չեն դառնացած սէրը յանուշութիւն փոխել։

Եթէ այսպէս եւ աւս չափ աղէտաբեր է ամուսնական սիրոյ մահն ու դառնութիւն. որ իբրեւ օձահար թոյն ամբողջ ընտանեկան կեանքը կը թունաւորէ. ուրեմն ով Հայոց հարսներ եւ փեսաները, ձեր մեծ կոչումն եւ հաւատարմութեան սուրբ պարտիքն այն է. որ անմեղութեամբ շրջիք աշխարհիս ընտանեկան դրախտին մէջ. խղճի արթնութեամբ խոյս տուէք այն ազատաշրջիկ մարդոց խորամանկութենէն. որ եթէ ուսեալ վիպասան են՝ դրախտի օձէն աւելի գիտեն խորամանկել, եւ եթէ ռամիկ ու գռեհիկ են՝ գիտեն չամաչել։

Եւ դուք մանաւանդ, հայոց գաղթական ընտանիք, որ քաղաքակրթութեան մօտ կապրիք, որ թերեւս մերթ կը յիշէք հին ատենի հարսներաց քօղն ու եօթնամեայ անխօս լռութիւն. եւ փեսաներու յոտին կացեալ գօտեպինդ բարեւն, որ պատրաստ կը կենայ սպասաւորելու համար թէեւ ազնուական լինի, չգիտեմ ձեզ ինչպէս կը թուի հայկական ընտանեաց այս կերպն, կը հաւնի՞ք թէ կարհամարհէք իբրեւ վայրենութիւն համարելով նոր գդարուս ազատ աշխարհին առաջ։

Այնպէս համարեցէք, ես կը լռեմ. բայց դուք կը հաւատայք, եւ կը կարծէ՞ք, որ ազատ աշխարհին ազատութեան ճշմարիտ զաւակներն էք։ Դու ծանիր զքեզ, եւ ես գիտեմ քո այժմեան կեանք եւ կրթութիւն. դեռ խանձարուրէն նոր ելար, ազատութիւն կը կանչես, դեռ գայթ ի գայթ գետնի վերայ ուղիղ քալել չը գիտես՝ ազատութեան չուանին վերայ ելեր կը ճոճա՞ս, չանելով ձեռքդ դաստիարակութեան այն ձողն ու կշիռ, որով կարենաս անկասկած խաղալ ազատութեան բարակ լարին վերայ։

Ուշ կը դնէ՞ք, Հայոց ազատասէր ընտանիք, ձեզ քանի մի խրատ տամ ու կնքեմ այս ճառը։ Չեմ խոսիր ձեզ, որ հին թանձր քօղ ձգէք նոր հարսին գլխուն վերայ, որ նա կորանայ ու չը կրնայ ազատութեան լոյս տեսնալ, եւ կամ ընտանեկան կեանքին մէջ կարկել խօսուն մարդոյ լեզուն, որ նա կամաւ համր լինի։ Չեմ ասեր որ փեսայն եւս գօտեբարեւ ծառայէ ստորակարգ սպասաւորի մի պէս։

Այլ այս միայն կասեմ քեզ, որ ծայրայեղ ազատութեան չուանէն վար իջնաս, դու ինքնին գիտես թէ վստահ չես տակաւին համարձակ խաղալու. դու տեսար եւ կը տեսնաս թէ քանի՛ քանի՛ ընտանիքները այդ հրապուրիչ չուանէն վար ինկան ու ջախջախուեցան. որոց կորստական փորձը թող քեզ խրատ լինին։

Այլ դիտեմ, ու քաջ համոզուած եմ, դու միանցամ այդ չուանին վերայ ելար. աշխարհի խրատ եւ Աւետարան կարող չեն զքեզ վար իջուցանել. դու այդ ազատութեան խաղ պիտի շարունակես առանց դորա վտանգէն խուսափելու, եւ կ՛ասես թող տուէք զիս ազատ, ազատաբար խաղամ եւ խաղալով սորվիմ։

Առաքինութեան ասպարէզ ելած չես, որ թոյլատրէի եւ ներէի քեզ այդ, ոչ ոք կը հաւատայ թէ այդ օրինակի միջոցը զքեզ ազաաութեան մէջ կը կրթէ. թերեւս ասել կուզես, թողէք, որ մեծամեծ վնասներով եւ զոհերով խրատուիմ։

Աւա՜ղ, դեռ բաւական չե՞ս համարիր թէ անցելոյն եւ թէ ներկային մէջ Հայոց ընտանեկան զոհերը. աւելի ապահով, բարի, եւ բնական չէ՞, որ նախ բարւոք դաստիարակութեամբ կրթուիս. ազատութեան դժուարին արուեստին եւ իւր ամէն պայմաններուն մէջ քաջավարժ լինիս. եւ ապա վստահապէս ելնես այդ ազատութեան չուանին վերայ. յայնժամ ցոյց տաս աշխարհի առաջ թէ Հայոց ընտանիքն եւս գիտէ պարկեշտութեամբ ազատութեան խաղ խաղալ առանց կործանելու։


ժ.

ՓՈԽԱԴԱՐՁ ՊԱՐՏԻՔ

ԵԻ

ԻՐԱՒՈՒՆՔ ԱՌՆ ԵՒ ԿՆՈՋ

Տիեզերաց կարգադիր Արարիչը՝ բնութեան անյեղլի օրէնքով ինչպէս աշխարհիս ամէն բան կշռով ու չափով կարգադրեր ու հաստատեր է. նոյնպէս առն եւ կնոջ պարտիք եւ իրաւունք բաժներ է այն օրէն՝ երբ մարդն աշխարհիս վերայ ծնաւ։ Ոչ ոք կարող է Արարչին կարգադրութիւն շրջել եւ փոխել։

Նորա իմաստութիւնն է, որ զկին՝ կին ստեղծեր է, եւ տուեր է նմա ի բնութենէ ծնողական բուռն սէր, մեծագորով սիրտ, դիւրաշարժ զգացումն. որպէս զի զաւակ ծնանի, մայր լինի, մայրական սիրով ու կաթով սնուցանէ զայն։ Եթէ չլինէր կնոջ սրտին մէջ այս հզօրագոյն սիրոյ զգացումն, նա վաղուց կը խուսափէր ամուսնական կեանքէն, զիջելով երկանց ցաւն ու վիշտ։

Նախախնամութեան ստեղծող հանճարը կինը լի սիրով եւ փափկութեամբ կազմեր է, իսկ այր մարդը հուժկու բազկով ու ուժով. նա եւս հայր եւ ծնող է, սէր եւ ծնողական գորով ունի. միայն թէ կնոջ եւ մայրական սիրոյն հետը կարելի չէ համեմատել։

Ուստի այր եւ կին իրենց բնական յատկութեամբ եւ չափով միանգամայն Աստուծոյ եւ աշխարհիս ընդհանուր օրինաց համաձայն պարտք եւ իրաւունք ունին, եւ այս այն օրէն կսկսի երբ սուրբ ամուսնութիւնը զայր եւ զկին իրարու հետ կը կապէ կամաւոր եւ ազատ դաշնադրութեամբ։

Եւ ի՞նչ է այս փոխադարձական պարտք եւ իրաւունքը. որ ընդհանրապէս երկու իրաց մէջ կը կայանայ. այն է բարոյական եւ տնտեսական կենաց մէջ հաւասար արդարութեամբ։ Բարոյական առաջին մեծ պարտիք առն եւ կնոջ ամուսնական սէրն է. զոր ամուսնութեան իրաւունքով փոխադարձաբար կը պահանջեն իրարմէ. զի որչափ սիրէ այր՝ նոյնչափ խանդակաթ սէր կը պահանջէ իւր կնոջմէն. միայն այս փոխադարձ հաւասար սէրն է, որ սիրոյ կենակից երկու ամուսինները ի միութեան կը պահէ, որոց վերայ նախորդ ճառին մէջ խօսեցանք բաւական. աստ միայն պէտք է ուրիշ մնացած մասերու վերայ խօսիմ, որ ամուսնական եւ ընտանեկան կեանքին վարչութիւնն է, եւ այս բարոյական վարչութեան պարտք եւ իրաւունքը սուրբն Պօղոս այս կերպով կը բաժանէ։ Նա այր մարդը՝ գլուխ կանուանէ կնոջ, որով իրաւունք կուտայ, որ գլուխ տիրէ, վարէ, հրամայէ, եւ այլն։ Կնոջ իբրեւ պարտքը հնազանդութիւն կորոշէ, բարձր եւ խորհրդաւոր օրինակ մի տալով թէ ինչպէս եկեղեցին՝ Յիսուսին հնազանդ կը լինի. նոյնպէս եւ պէտք է, որ կանայք հնազանդ լինին իրենց էրիկներուն։

Թող ոչ ոք այնպէս կարծէ, թէ իրաւախօս Առաքեալը ինքնին իբրեւ հեղինակ եւ դատաւոր այնպէս կը վճռէ ամուսնացելոց պարտք եւ իրաւունքը։

Ո՛չ. Պօղոս, որ միշտ Քրիստոսի հոգւով կը խօսէր, այս Վճռին դասը՝ հին դրախտի պատժական վճռէն կբուսանի եւ կաւանդէ եկեղեցւոյն։ Քանզի Տէր Աստուած երբ յանցապարտ նախակնոջ համար պատիժ տնօրինեց, որ ցաւով ու տրտմութեամբ ծնի իր զաւակները՝ յարեց նաեւ այս բանը, թէ «Առ այր դարձ քո լիցի եւ նա սիրեսցէ քեզ»։ Չգիտեմ մարդ կարո՞ղ է իմաստասիրել, եւ այս բացորոշ խօսքէն հանել սոյն հետեւութիւնը. այսինքն եթէ մեր նախամայր կին առաջին մեղապարտ չը լինէր անշուշտ իւր հաւասարազատութեան իրաւունքը պահելով՝ Ադամայ տիրապետութեան տակ չէր ստրկանար։

Բայց Յիսուս եւ Աւետարանը կնոջ կորուսեալ իրաւունքը դարձեալ իրեն տուին. որոյ համար կը յայտարարէ նոյն Պօղոս թէ՝ «Այսուհետեւ չիք խտիր, ոչ արուի եւ ոչ իգի. զի ամենեքեան դուք մի էք ի Քրիստոս Յիսուս»։ Որով ցոյց կուտայ թէ ամէն Քրիստոնեայ հաւատացելոց պարտք եւ իրաւունքը միեւնոյն է. հաւասար է Աւետարանի ազատ կրօնին առաջ։ Պօղոսին այս բանը որչափ որ կինը իւր հին ստրկութենէն կը հանէ. այլ չի ջնջեր նորա հնազանդութեան պարտքը, որ բնական եւ բարոյական է։

Իսկ Եւրոպիոյ քաղաքակրթութիւնը, որ դարձեալ Քրիստոնէութեան շնորհիւ յարդեց այս ազատութեան սկզբունքը՝ անդր քան զչափն բարձրացոյց կնոջ արժանաւորութիւնը, ճանչցաւ նորա պատիւն եւ իրաւունքը, այն ինչ արեւելեան ազդաց մէջ դեռ շատ մասամբ ստրկացած է խեղճ կնոջ վիճակը իւր ամէն իրաւունքներով։

Խօսինք այժմ. Առաքեալը երբ կնոջ համար հնազանդութիւն կը պատուիրէ, արդեօք այնպէ՞ս է. ինչպէս ժողովուրդը իշխանին, զինուոր՝ զօրապետին, ստրուկ ծառան՝ իւր տիրոջ։ Ո՜չ այդպէս չէ, կին ոչ հպատակ է, ոչ զինուոր է եւ ոչ ստրուկ ծառայ։ Կին իւր ամուսնոյն ազատ ընկեր ու հաւասար լծակիցն է ամենայն իրաւամբ։ Ուստի կին աղախին չէ. այլ տան տիկին եւ թագուհի. թէպէտ եւ այր մարդ թագաւոր լինի, իշխան լինի, տէր եւ գլուխ լինիք բնաւ իրաւունք չունի եւ կարող չէ այնպէս իշխել, ինչպէս կիշխեն աշխարհիս այլ եւ այլ տիրող գլուխները իշխանական գաւազանով, վասն զի ընտանեկան կեանքին ու վարչութեան մէջ իշխանական սուր ոստիկանութիւն եւ գաւազան չկայ. այլ միայն սէր, խնամք եւ միութիւն։ Եւ ինչպէս կարելի է, որ այր մարդ բռնակալ լինի կնոջ վերայ, չարաչար ճնշէ ու նուաճէ իր կեանքն եւ ընկերը. երբ տիրապէս ճանչնաք թէ կինը բարոյապէս իւր մարմին, իւր սիրտ եւ ոգին է. եւ ամուսնական կապակցութիւնը՝ մի թիւ է, երկու չէ. եւ միթէ հնա՞ր է, իրաւո՞ւնք է. որ մարդը ինքզինքը եւ իւր իսկ անձին ազատութիւնը իբրեւ օտարի՝ բռնակալէ, մինչեւ իսկ հարուածէ. չարչարէ եւ խեղդէ, կարծելով թէ իրաւունք ունի. որովհետեւ ինքն զօրաւոր եւ ուժաւոր է թէ բազկով թէ բանիւ եւ միանգամայն աշխարհիս ատեանը իւր ձեռքն է. եթէ կին իւր զրկանայք համար բողոքէ. ո՞վ է իւր իրաւունքը լսող եւ դատաստան տեսնող, դարձեալ ինքն դատաւոր ու վճռատուն։ Հոն չէ արդար Յիսուս, որ անտէր կնոջ դատը պաշտպանէ եւ յանդիմանէ փարիսեցւոց անիրաւութիւնը, որ կեղծաւորեցան իբրեւ օրինապահ, մեղաւոր կին մի նորա ատեան հանել ուր տեսող Դատաւորին առաջը՝ իրենք կնոջմէն աւելի յանցաւոր ու մեղաւոր էին։

Սուրբն Պօղոս այր եւ կնոջ դատաստանին մէջ անիրաւ դատաւոր չէ. երբ մի կողմէն կնոջ կը պատուիրէ որ նա հպատակ ու հնազանդ լինի, միւս կողմէն եւս որպէս եւ քրիստոս սիրեաց զեկեղեցի եւ ղանձն իւր մատնեաց վասն նորա։ Որով կուսուցանէ բարձրախօս Առաքեալը. այր մարդիկ Յիսուսի սիրոյն եւ անձնանուիրութեան հետեւելով՝ նորա չափ առաքինանան. ընտանեաց սիրոյն եւ ազատութեան համար մինչեւ ի մահ անձնանուէր լինին։

Առանց խորհուրդի չէ երբ անձնուիրութեան այս մեծ պարտիքր՝ այր մարդոյն բաժին կը հանէ Առաքեալը. թերեւս այսպէս կը դատի նա. որ աշխարհիս իշխանական իրաւունք, սուրբ կռուոյ ասպարէզը՝ այր մարդոց ձեռքն է, ուր փառաց մրցանակը՝ նոքա միայն կընդունին. պարտաւոր են ընտանեաց համար մեռնիլ ինչպէս կը մեռնին հայրենեաց համար, ու բարոյական հայրենիքն՝ ընտանիքն է։ Այրեր միայն չեն մեռնիր. կիներն ալ կը մեռնին, հաւատքի եւ կրօնի համար, միթէ չմեռա՞ն ու գերի չվարեցա՞ն Ե. դարու Հայոց առաքինի կանայք. որոց առաքինութեան հանդէս պատմագրելով կը հռչակէ Սուրբ Եղիշէ Հայրն, եւ Եկեղեցին շատ կին նահատակներն ունի:

Ուրեմն պէտք չէ բոլորովին տկար համարել զկին, կարծէլով՝ թէ նա մի հողակերտ եւ դիւրաբեկ անօթ է. երբեմն հրացեալ երկաթ կը դառնա, երբ Սուրբ Կրօնին, ամուսնոյն եւ զաւակաց սէր զինքն կը բոցավառէ ու կը մղէ առ ամենայն վտանգ։

Ամուսնական միութեան մէջ այր եւ կինը՝ մի մարմին է. այլ կինը գլուխ չէ. կը հաւանինք հոգեխօս Առաքելոյն, թէ կնոջ գլուխ այրն է. սակայն ով կարող է մտաբերել թէ ուրեմն կինը նորա ոտքն է, պատուանդան է եւ այլն։ Ո՛չ, կին այր մարդոյն նուաստագոյն մասն չէ. այլ նորա կողի բուն միջակէտն է. նորա սրտին հոգւոյն մօտ. յորմէ Արարչապետին իմաստութիւնը խորհրդով մի ոսկր առաւ եւ ամուսնական մարմինը լրացուց։ Եթէ համարիմք, դարձեալ այր մարդ իբր տէր ամուսնական կեանքին մէջ, միթէ իրաւո՞ւնք ունի խստութեամբ իշխել, տիրապետութեամբ վարիլ, կամ կարծել թէ կինը իւր ստացուածն է եւ կամ արծաթագին ծառայ։ Եթէ զօրութիւն ունի, բուռն են իւր բազուկները, նա միթէ իրաւո՞ւնք կը ստանայ ջարդել փշրել իւր կողին մի տկար ոսկրը, իւր կեանք բառնալ ու չիմանալ։ Եթէ կը համարի զինքն իբրեւ հանճարեղ, իմաստուն, խոհական, քաղաքագէտ, աշխարհավար եւ այլն, իւր պարտիքն է իբրեւ նախաթոռ բազմելով ընտանեկան գերդաստանին գլուխն՝ կինն եւս իւր խորհրդակից առնելով կառավարեն ի միասին ընտանեկան կեանքը։

Իսկ եթէ իրաւապէս կը ճանաչէ, որ կինը իւր կենակից ամուսին է, մինչեւ ցմահ դաշնակից ընկերն է. իւր աշխատութեան հաւասար լծակիցն է, բախտին ու ապերջանկութեան մէջ անբաժանելի կարեկիրն է, իւր մահուան ու շիրմին վերայ լացող ողբերգուն է, իւր թողուցած որբ զաւակներուն խնամատար մայրն է. իւր գերեզմանն օրհնող եւ յիշատակն անմահ պահող ջերմեռանդ այրին է. ուրեմն պէտք է գիտնայ, երբ ամուսնասէր կինը այս պարտիքները կատարէ, այլեւս ի՞նչ պարտք կը մնայ։

Երկու ամուսնացելոց փոխադարձական պարտիքները մինչեւ ի գերեզման տեւելով անդրեւս կանցնին։ Վերը պահանջեցինք այր մարդէն սէր և անձնուիրութիւնը. միանգամայն զեկուցինք, որ իւր ուժը եւ զօրութիւնը չը չափէ կնոջ տկարութեան հետը, պէտք է իրաւապէս պահանջենք, որ կինն եւս իւր չափով եւ ուժով անձնանուէր լինի ու հաւատարմապէս հատուցանէ իւր փոխադարձ պարտիքները։ Սէր՝ սիրոյն փոխան, խնամք՝ խնամոց փոխան, սիրտ՝ սրտին փոխան, հաւատարմութիւն՝ հաւատարմութեան փոխան։

Թող այս, կնոջ համար մի առանձին պատուէր եւս կայր որ է Առաքելոյն պատուիրած կատարեալ հնազանդութիւն դէպ ամուսին իւր։ Վասն զի երբ այր մարդուն իրաւունք չը տուինք որ նա բուռն գաւազանով իշխէ կնոջ վրայ, նոյնպէս իրաւունք չենք տար կնոջ, եւ ոչ մի օրէնք այդ իրաւունքը կարող են տալ, որ կինը անհնազանդ լինի։

Այո՛, կնոջ պարտիքն է կատարեալ հնազանդութիւն առանց բնաւ ստրկանալոյ. չէ թէ այն պատճառաւ որ նա ընտանեկան կեանքին մէջ անոյժ եւ անզէն թողուած է, այլ առաւել բնութեան եւ խղճի օրէնքը զայս կը պահանջեն ի կնոջէն։

Այս աշխարհիս վերայ ուժովներ կը տիրեն թէ բարոյապէս եւ թէ ֆիզիքապէս, եւ տկարները բնականաբար կը խոնարհին։ Նոյն կը տեսնամք նաեւ ընտանեկան կեանքին մէջ. յորում կինը ստիպուած է հպատակիլ եւ խոնարհիր Վասն զի ինքն չէ թէ ուժին կողմանէ միայն տկար է, եւ զինակիր բազուկ չունի հապա մտաւորական զօրութիւնն եւս անհաւասար է եւ Նոյն մասին մէջ եւս կերեւի յայտնի իւր տկարութիւնն։

Սորա համար այր մարդիկ կը դատեն զինքն իբրեւ կարճամիտ, անխորհուրդ եւ մանաւանդ անհոգ եւ անհեռատես։ Միայն բացառութիւն համարել պէտք է այն մեծ դիւցազնուհի կիները, որք թէ հին պատմութեան եւ թէ նոր քաղաքակրթեալ աշխարհին մէջ հանճարով ու քաջագործութեամբ փայլեր են եւ այսօր նոր ի նորոյ կը փայլին Եւրոպիոյ այլ եւ այլ ազգաց մէջ իբրեւ դաստիարակ, իբրեւ մատենագիր եւ իբրեւ ժրագլուխ եւ տնտեսող կին։

Ոչ ոք կը տարակուսի թէ կինն եւս այր մարդուն պէս բանաւոր ու մտաւոր է։ Եթէ մշակողի նորա միտքը՝ նա կարող է հաւասար յառաջդիմել. բայց նկատել արժան է, որ կինը իւր տկար ոտքով մինչեւ մի փոքրիկ բլուրի գլուխ հազիւ կարող է բարձրանալ, կին կարող չէ Նեւտոն եւ Հերշել լինել երկնից աստեղատունը դիտելու համար։ Գիտութիւնը տաժանելի աշխատութեան վաստակ է. արդէն երկանց վշտով չարչարեալ կինն յանձն կառնու այդ գիտութեան ցաւոց երկունքն եւս կըրել. եւ միթէ իրաւո՜ւնք է. որ մայր մոռնայ կաթն մանկան, սէր գգուանք զաւակաց եւ պարապի բարձրագոյն գիտութեան։ Բաւ եւ շատ է նորա համար դաստիարակութիւն, ընտանեկան կրթութիւն եւ տնտեսութիւն առտնին կառավարութեան։

Այդ ճանչնալով մեր աշխարհ, մեր ժողովուրդ եւ մեր կեանքր՝ հարկ է, խոստովանիմք, որ այր մարդիկ եւս պակաս կարճամիտ չեն կնոջէն. եւ նոցա այս կարճմտութիւն պիտի տեւէ, քանի որ մայրեր կարճամիտ են եւ ո՞վ չի գիտեր, թէ կարճամիտէն՝ կարճամիտ կը ծնանի։ Լուսաւոր եւ քաղաքակիրթ աշխարհը սորա դարման միայն այս գտաւ. որ նախ մայրերու կարճմտութիւն կրթէ ու բժշկէ դաստիարակութեամբ. որպէս զի նոքա կատարեալ եւ առողջամիտ զաւակ ծնանին։

Երանի՜ թէ երկու կարճամիտ ամուսինները իրարու չպատահէին. որով ընտանեկան կեանքը կը դառնանայ իսպառ։ Եթէ միայն կին կարճամիտ լինի եւ այր մարդ բանգէտ եւ խոհեմ, իւր վերայ կը մնայ բարոյական մեծ պարտիքը, որ ամենայն խնամով ու երկայնամիտ համբերութեամբ դարման տանի իւր կենակրին կարճմտութիւնը բժշկելու համար։

Իսկ եթէ այր մարդն է կարճամիտ, որ յուով անգամ թէ կը պատահի, յայտ է յայնժամ այդ պարտքը իմաստուն եւ խոհեմ կնոջ բաժին կը մնայ. որ քաղցր հոգատարութեամբ դարմանէ իւր ամուսնոյն կարճմտութիւնը։

Բարի եւ ժրագլուխ կինը, միայն արժանաւոր ամուսնոյն համար իւր բարոյական պարտքերը չի կատարեր, այլ եւ նոյն իսկ անարժանին համար, որ չէ թէ միայն բնապէս կարճամիտ է, այլ եւ խստաբարոյ, դաժան եւ ստամբակ մարդ է. այսպիսւոյ համար եւս իւր վայելուչ պարտիքները նա չի մոռնար. այլ ի գործ կը դնէ եւ կը ջանայ միշտ իւր ընկերին խստութիւնը ողոքելու. որպէսզի չխռովի ամուսնական սէր, չի վրդովի տան խաղաղութիւն, եւ չը բամբասուի ընտանեկան պատիւն։

Հարկ չէ կրկնենք. ինքնին յայտնի է թէ սիրաշահական այս պարտիքները միայն կնոջ յատկացեալ չեն. զի մերթ եւս բարի այր մարդուն կը պատահի կին չար, կամակոր, լեզուանի ու անզգամ, յորմէ Սիրաք իմաստուն լաւ կը համարի խոյս տալ եւ անապատին մէջ անընկեր ապրիլ։ Սակայն ճշմարիտ Քրիստոնէութեան սիրոյ եւ մարդասիրական օրէնքը պարտք կը դնէ ամուսնացողին վերայ, որ իւր զընկերը ողոքելով շահի։ Մանաւանդ երբ Աստուծոյ Առաքեալը կը խրատէ. որ հաւատացեալ ամուսին՝ իւր անհաւատ ամուսին չարձակէ. թէ այր լինին նոքա եւ թէ կին։ Որչափ հնար է, պիտի ջանան նոքա միացեալ կեանքը չի բաժանել, անբաժան կենակցութեամբ ապրիլ եւ միշտ իրարու պակասութեանց համար ներողաբար վարուելով՝ զիրարողոքել ու շահել թէ ամուսնական սիրոյն եւ թէ ընտանեկան օգտին ու բարւոյն համար։

Բաւ կը համարիմ այսքան, թէ առն եւ թէ կնոջ բարոյական պարտուց եւ իրաւանց մասին համար, այժմ կը դառնամ փոքր ի շատէ գրել նիւթական եւ տնտեսական մասին վերայ. յորում միեւնոյն փոխադարձ պարտիքներով պէտք է վարուին երկու ամուսինք հաւատարիմ աշխատութեամբ։

Երբ կը տեսնամ հողագործի արտի մէջ, որ մի զոյգ ամոլակից եզները լծուելով գետին կը հերկեն, երբ կը տեսնամ, որ միակտուր լծնփայտ՝ եզներու վզի վերալ հաւասար դրուած է. որպէս զի հաւասար քալեն եւ հաւասար ուժով հարօրը քաշելով վարեն արտն, ճիշդ այս բնական օրինակէն՝ բարոյական օրինակ հանելով, կարի՛ պատշաճ է ընտանեկան կեանքին մէջ թէ առն եւ թէ կնոջ աշխատութեան պայմանները որոշել ու չափել։

Ընտանեկան ագարակին մէջ երկու գլխաւոր աշխատաւորներ կան. որոնց համար լծակից բառին նշանակութիւնը շատ յարմար ու ճիշդ է. որ ցոյց կուտայ առն եւ կնոջ հաւասար կեանք եւ ընթացքը։

Այր մարդ արտաքին վաստակաւորն է. եւ այս է ի սկզբանէ անտի նորա աշխատութեան բաժին ու պարտիքը: Իսկ կին մարդը՝ տան տիկինն է. եւ նորա պարտիքն է արդար ու հաւատարիմ տնտեսութիւն։ Այր՝ հաց ու հանդերձ կը բերէ, կինը կը մատակարարէ. այր՝ շահավաճառութեան խանութ կերթայ, կին առ տնին գործոց մէջ կզբաղի, այր՝ զանազան դժուար արհեստներու մէջ մարմնով ու մտքով միանգամայն չարաչար կը խոնջի, իսկ կնոջ մեծ ու առանձին արհեստն է տան կառավարութիւն, իմաստուն տնտեսութիւն, եւ մայրական դաստիարակութիւն։

Եթէ իրաւապէս դատելով խօսինք, աշխարհիս ընդհանուր կեանքին մէջ այր մարդոց աշխատութեան բաժին շատ ընդարձակ, ծանր, դծուարին ու տաժանակիր է. մինչդեռ կնոջ բաժին անձուկ շէնքին տակը շրջափակուած՝ միայն առ տնին աշխատութիւնն է, թող այս, այր մարդ քաղաքականութեան մէջ ամենամեծ ծանր հոգերով կզբաղի աշխարհ կը կառավարէ, զէնք կառնու, պատերազմի դաշտ կերթայ. արիւն կը թափէ, հայրենիքը կը պաշտպանէ եւ այլն։ Մերթ եւս կը ստիպուի գողութեան ոճիր գործել թէ ընտանեաց սիրոյն եւ թէ զաւակաց կարօտութեան համար՝ որով քաղաքային օրէնքը զինքն առանձին կը դատապարտէ բանտարկութեան պատիժ կրել, որ գողութեան հացն իւր ընտանեաց հետն ի միասին կերաւ։ Թողում, չեմ յիշեր այնչափ զարմանալի գիւտեր, մեծաջան արուեստները. որք միայն այր մարդոցն հանճարին եւ ձեռքին հրաշալիքներն են։

Արդ իբր եւ մի կողմ այսքան կը ծանրանայ այր մարդուն չարաչար աշխատութեան զբաղանքն եւ հաւասար պարտուց կշռոյն նժարը կը վայրահակի. որով ամուսնական ընկերութեան մէջ՝ կընկճ՝ զկին պարտուց բեռան տակը։ Բայց տեսնանք, միթէ ապիկար կնոջ վաստակն ու պարտիքները թեթե՞ւ են։

Մենք գիտենք, Մովսէս եւ հաւատքը կը պատմեն թէ վշտահար կինը՝ Դրախտի օրհնութեան հետը՝ մի անէծք եւս ժառանգեց. այսինքն ամուսնական սիրոյ քաղցրութեան հետը՝ ճաշակել նաեւ դառն երկունքը ցաւոց. որով նա դատապարտեալ է իւր ծննդաբերութեան մէջ ցաւ կրել ու զաւակ ընծայել աշխարհի ընկերութեան համար։

Չգիտեմ, ուղիղ դատաստանէն կը վրիպի՞մ եթէ ասեմ ու վճռեմ կնոջ համար։ Թէ իւր այս անփախուստ ցաւոց պարտիքը՝ այր մարդուն բովանդակ աշխատութեան դէմ հաւասար եւ շատ է։ Չեմ յիշեր նաեւ, որ մերթ եւս ցաւոց ու վշտաց մայր խեղճ կինը՝ իւր ծննդական բուռն ցաւոց մէջ կը մեռնի. կամ անմայր կը թողու իւր թշուառ տղեկն ի խանձարուրս կամ հետ իւր ի գերեզման կը տանի։

Ո՞ւր թողունք ապա կնոջ երկայնամիտ հոգատարութիւն իւր զաւակաց համար, որ ծնած օրէն սկսեալ մինչեւ պատանեկութեան հասակը, նա սրտով եւ կեանքով կը մաշի. այն ինչ հայրը տղուն լաց էն ձանձրոյթ կզգայ, կը զայրանայ եւ փոխանակ փայփայելու՝ օրօրոցի քովէն փախուստ կուտայ։

Այո՛, խոստովանիւ պէտք է, թէ ծնողական սրտին ու գորովոյն մէջ՝ կին կառաւելու քան զհայր միշտ պատրաստ լինելով՝ անտրտունջ կրել զաւակաց ցաւն ու կարիքը. մանաւանդ երբ ճշմարիտ ու հոգացող մայր է եւ լիովին կը ճանչնայ իւր մայրական պարտիքները։

Բայց իրաւունք կը պահանջէ, որ սա եւս խոստովանիմք. զի երբ կնոջ երկայնմտութիւն առտնին անձկութեան մէջ կամփոփի. այր մարդուն մտածութիւնը՝ խիստ կընդարձակի արտաքին զբաղանաց չարաչար հոգերով, չորս այնպէս կը տեսնուի փորձիւ, որ կինն անհոգ է եւ այս անհոգութեան համար չարաչար կը դատեն զինքն։ Սակայն ես խօսիմ, դու դատաստան արա, ուշիմ ընթերցող. կնոջ անհոգութիւնն ի բնութենէ է, թէ այր մարդիկ թողեր են, որ կինը անհոգ լինի ու չմտածէ, թէ ընտանեկան սրահէն դուրս ի՞նչ կայ աշխարհիս մէջ եւ ի՞նչ կը գործեն այր մարդիկ։

Ես այնպէս կը կարծեմ, որ կնոջ անհոգութեան պատճառը մեծ մասամբ այր մարդիկ եղած են, որ կամ այրական, ինքնահաւան հպարտութեամբ կնոջ կարեւորութիւն չտալովս նա սովորեր է անհոգ մնալ. կամ մեծամտութեամբ ստրկութիւն եւ նուաստութիւն կը համարին կնոջ խորհուրդ տալ, կամ առնուլ. եւ կամ օրուան ձախորդ անցքեր պատմել եւ ցոյց տալ իւր վիճակի կացութիւնը։ Թող այս, շատ անգամ սնապարծ լինելով՝ կնոջ անհոգութիւնը աւելի ընդարձակեր են։

Ուստի կինը իւր անհոգ վիճակէն հանելով ընտանեկան հոգածութեան մէջ կրթելու համար, այր մարդիկ պէտք է զայն արժանի համարին իրենց խորհրդակցութեան, ամօթ եւ նուաստութիւն չհամարին իրաց վիճակը ստուգութեամբ խօսիլ ու խոստովանիլ։

Եթէ այր մարդոց իրաւունքն է ընտանեկան ու առտնին գործոց վերայ խելամուտ լինել, միթէ կնոջ իրաւունք չէ՞ արտաքին իրաց վերայ տեղեկութիւն ստանալ ու գիտնալ թէ այլ մարդիկ ի՞նչ կը գործեն աշխարհիս կառավարութեան ու շահավաճառութեան մէջ։

Ստոյգ է որ առն եւ կնոջ իւրաքանչիւրին աշխատութիւնները յատկացեալ էն, զոր ի վեր անդր գրեցինք այլ համական խորհրդակցութեան մէջ երկուքն եւս պարտական են իրենց հաշիւները տալ. մին՝ վաստակին համար եւ միւսն՝ տնտեսութեան։ Առանց այս հաշւոյն երկու ամուսնեաց պարտուց եւ իրաւանց կշիռը կը շփոթի. 2ատ անգամ երկու կողմի պարտազանցութիւնք կը ծածկուին. այնուհետեւ այր եւ կին կը ջանան միշտ կեղծելով զիրար խաբել. միշտ ներքին վիճակը իրարմէ պահել եւ առերեւոյթն ցոյց տալ։ Այլ մինչեւ յե՞րբ, կարօտութեան դժբախտ օր կը հասնի, նոքա կը ստիպուին խօսիլ. մին կը խոստովանի, թէ շահավաճառութեան մէջ կորսնցուցի, գանձարանին մէջ դրամ չի մնաց, եւ միւսն թէ տաշտին մէջ հաց չիկայ. մառանը պարպուած է. սնտուկիս միջի թանկագին օժիտներս վաղուց ծախած եմ, իմ այլ եւ այլ պէտքերս հոգալու համար։

Ուրեմն պարտազանց է այր, որ իւր կեանքի ու գործոց վիճակը թագուցանելով, չի թողուր որ իւր կենակիցն՝ իւր հետ հաւասար ընտանեկան կեանքին վերայ հոգածէ։ Պարտազանց է կինը, որ իւր ամուսնոյն հոգածութեան բաժանորդ չի լինիր։

Պարտազանց է այր որ հեղգ ու պղերգ է իւր բաժին աշխատութեան մէջ. որ կը մոռնայ ընտանեաց հացն, կամ կը դեգերի գինարբուաց հետը կամ իւր հաց անառակ կեանքով կը վատնէ ու կը զրկէ ընտանիքը։

Պարտազանց է կին, որ աշխատող ու ժրագլուխ չէ. որ իւր էրկան դառն քրտինքով վաստկած հացն՝ ուղղութեամբ ու խնայութեամբ չի տնտեսեր, այլ կամ նենգութեամբ խորելով եւ կամ զեղխութեամբ շռայլելով՝ յումպէտս կը վատնէ հացի առատութիւնը, երբէք չմտաբերելով թէ իւր ամուսինը քանի՞ տաժանութեամբ այդ հացն վաստկած է. զօրհանապազ ծովու եւ ցամաքի վերայ տքնելով տառապելով։ Ես չեմ յիշեր, թէ ի՞նչպէս նոքա երբեմն կը ստիպուին ընտանեկան պիտոյից համար անպատիւ միջոցները ի գործ դնել, շահավաճառական գործոց մէջ խարդախութիւն խառնել, եւ ընտանիքը թշուառութենէն ազատելու համար՝ ուրիշի ընտանիքը թշուառացնել եւ այլն։ Որք մերթ եւս կամ յուսահատ զգացմամբ. անձնասպան կը լինին, լաւ կը համարին մահուամբ խփել իրենց աչքը քան տեսնալ ընտանեաց ողորմելի կեանքն ու թշուառութիւնն։

Պարտազանց է այր որ իսպառ կը մոռնայ ծնողական գութն, տուն եւ ընտանիքը, մեռցնելով իւր խիղճն ու պատիւ. ի բաց կը թողու կենակից ամուսինը եւ ընտանեկան պարկեշտ կեանքը՝ կերթայ ու կապրի անառակ ընկերութեան հետը, կը վատնէ իւր ամէն ինչքր կեանք, պատիւ ու հարստութիւնը. վերջապէս վատթարութենէ ի վատթարութիւն երթալով՝ նա օր մի կը մեռնի օտար փողոցներու անկիւնը առանց ընտանեկան սըգոյ, ու չարժանանար փառաւոր թաղման ու հայրենի գերեզմանին։

Բիւրանիծից արժանի է այնպիսիէն, որ կուրանայ ընտանիքը․ զոր Պօղոսը՝ հաւատուրաց ամբարիշտ կը կոշէ։ Այո՛, այնպիսին հանապազ նզովք կընդունի ընտանեկան տաճարէն, որ կարճի այնպիսւոյն կեանքը, նա շուտ բարձուի աշխարհէս, որ նախատինք է ոչ միայն ընտանեաց, այլ մարդկային ընկերութեան։

Տակաւին շատ ու բազմապիսի են ամուսնական կեանքիւն մէջ առն եւ կնոջ իրաւունք, պարտք եւ պարտազանցութիւնք․ այլ մեք այսչափ միայն յիշատակելով շատ կը համարիմք եը կը թողումք, որ պակաս մնացելոց վերայ՝ կենակից ամուսինը ինքնին իմաստասիրեն․ ճանչնան ու գիտնան իրենց պարտիքները ու խորշին ամենայն պարտազանցութենէ։


ԺԱ․

ՄԱՅՐ ԵՒ ԴԱՅԵԱԿ

Մանկիկ դեռածին երբ կը ծնի յաշխարհ կուգայ, ո՛վ է նորա կաթնտու սնուցիչ․ ծնող մայրն է միայն, որ երկունք կրեց ու զայն ծնաւ։ Մայրական այս պարտիքը այնչափ պարզ ու բնական է ծնողական սրտին ու գորովոյն․ որոյ համար ոչ վարժապետ պէտք է, ոչ դաս․ բնութիւնը իւր բուռն սիրով կուսուցանէ զայն։ Մայրենի արգանդէն ի լոյս ելած տղեկը՝ առաջին անգամ աչեր բանալով իւր մայր կը տեսնայ, նա դեռ անլեզու, անբարբառ մանուկ է, կարող չէ իւր կարօտութեան փափագը բացատրել։ Իւր կարկամ լեզուն լացն է միայն, այդ անորոշ ձայնով նա ամէն բան կը խնդրէ․ կաթ, գգուանք ու խնամք։ Կաթը՝ իւր կեանքն է, գգուանք՝ խնամք՝ մայրական պարտաւորութիւնն է․ զորս մանկիկը միայն իւր ծնողէն կը խնդրէ, եւ ուրիշ ոչ ոք չի ճանչնար, մանուկ անզօր իւր իրաւունքը լալով կը փաստաբանէ բանտարկուած խանձարուրին մէջ։

Եւ երբ փոքր առ փոքր կաճի ու կը զարգանայ մանուկն իւր նախաբարբառ ձայն՝ մայր անունը կը թոթովէ։ Անշուշտ այս անուան բնախօս ուսուցիչ մայրն է. ինչպէս նաեւ հայր անուան։ Ո՞վ, ո՞րչափ սքանչելի է բնութեան այս դպրոցը՝ որ գգուասէր մօր անուշակ գրկարանն է՝ մանուկը իւր քերականին առաջին դասը՝ այդ կենդանի բնութեան դպրոցէն կսկսի։

Ուստի ամուսնացող կին երբ զաւակ կը ծնի եւ մայր անունը կը ստանայ. ինչպէս նա եւ իւր այր՝ հայր անունը, այդ ինքնին յայտնի է բնութեան եւ աշխարհի օրինաց առաջ. թէ ինքն եւ իւր ամուսին են միայն իրենց զաւակաց ստացիչ եւ տէր։ Այս բնական իրաւունքէն անխուսափելի պարտիք մի կը ծնի ծնողաց համար եւ նոցա նուիրական պարտիքն է պահել, սնուցանել մանուկը կաթով, կերակուրով ու հանդերձով։

Այլ աստանօր միայն առանձին մայրական պարտուց վերայ պիտի խօսիմ, եւ կը թողում հայրական պարտուց մասն, որ սորա հետը կցորդութիւն չունին։

Մօր ու մանկան մէջ կամ ծնողին ու ծնելոյն մէջ այն օրէն պարտք եւ իրաւունք կսկսի երբ մայրն կը ծնի, մանուկն ի լոյս կուգայ։ Այո՛, այն օրէն պարտք եւ իրաւունքը մանկան հետը ի միասին կը ծնին. մանկան անդրժելի իրաւունքն է՝ կաթ խնդրել։ Եւ մօր բնական պարտքն է, կաթ տալ։ Վասն զի մեծագութ Արարչապետը միայն այդ պարտուց համար ամէն ծնող մօր կուրծքէն երկու ստինքները կախեր է, եւ քանի մեծ է Նախախնամողին հոգը. որ զկաթն մանկան հետ կը ստեղծէ ու այն պահուն կը սկսին մօր ստինքներուն երկու աղբերակները բղխել, կաթնածարաւ մանուկը իւր բերանը կաթի աղբերակներու դէմ կը բանայ։

Ուստի Աստուած եւ բնութեան անփոփոխ օրէնքը պարտաւոր կը կացուցանեն մայրը. որ իւր ծնած զաւակ ինքն իւր իսկական կաթով սնուցանէ։ Մայր մի կարող չէ այս պարտիքը եղծել, զոր թէ բնութեան օրէնք եւ թէ բնական սէր՝ անեղծ գծեր են մօր սրտին եւ կուրծքին վերայ։

Մայր մի եթէ մոռնայ այս ծնողական պարտիքր, եթէ եղծէ այս օրէնքր, այդպիսի մայր, անգորով, զրկիչ եւ պարտազանց է. թող թագուհի լինի, թող իշխանուհի, կամ քաղաքացի եւ շի— նական, աշխարհիս ո՛ր կարգէն կը լինի թող լինի, նա կարող չէ արդարանալ, երկնից նախախնամութեան դատաւորին առաջ միթէ արժանի՞ է մի կին մայր կոչուելու, երբ ստինքները լի են կաթով, նա մանուկն՝ օտար կաթին եւ օտար գրկին յանձնէ. եւ կամաւ թողու, որ ցամքի ու կտրի բանատուր կաթն։ Չգիտեմ, աշխարհիս մեծատանց ոսկիներուն այդ մի ազնուականութեան շնորհ ու նշա՞ն է. որ մայրական այդ մեծ ու առաջին պարտիքը նուաստութիւն կը համարին, որպէս թէ ամօթ լինէր այն իրենց տիկնութեան եւ կամ թէ այնպէս կը դատեն թէ մանկան կաթ տալը՝ աղախնական պաշտօն է. եւ այդ ծառայութիւնը դիեցիկ դայեկներու համար է միայն:

Մարդկային ընկերութեան ընտանեկան կենաց մէջ եթէ անօրինակ զեղծումն մի կայ՝ այս է. եթէ զրկանք մի կայ, այս է. որով մայրերը բուն իրենց զաւակները կը հարստահարեն. եթէ բանաւոր մարդ անբան անասնոց առաջ կը նուաստանայ ու կամաչէ՝ այս է։ Վասն զի բնութեան իմաստուն Արարիչ ինչպէս մարդոյն՝ նոյնպէս բոլոր կենդանեաց համար գութը՝ հաւասար բաշխեր է։

Թող տեսնան մայրերը, որ առիւծն անտառին մէջ իւր կորիւն կը դարմանէ, կովն՝ իւր հորթիկ, մաքին՝ իւր գառնուկը, հաւ՝ իւր ճետերը, ճնճղուկ՝ իւր ձագերը, այլ եւս իրաւունք ունի՞ մայրն իւր կաթովը չի սնուցանել իւր զաւակը, որ իւր հոգւոյ հատորիկն է. կամ թէ շդարմանել այն հարազատ ծաղիկը, որ իւր ծոց էն բուսած է, իւր արմատին ծիլն է, ի՞նչպէս ձեռք է այն մօր ձեռք, որ կը քանդէ այդ մատաղ ծիլն իւր բնաբոյս արմատէն եւ զայն օտար արմատին հիւթով սնուցանել կուզէ։

Դիեցիկ մանուկը կը բողոքէ այս զրկանաց դէմ միայն յայնժամ ներելի կը համարուի մօր համար, երբ ինքն տկար, անառողջ է եւ կամ կաթին աղբիւրները ցամքած են։ Բայց այս պատճառներէն՝ չի կայ ուրիշ մի այլ զօրաւոր պատճառը, որ իրաւունք տայ ծնող մօր, իւր մանուկը ուրիշ մօր կաթով դիեցնելու. որոյ անունը դայեակ կը կոչուի, եւ ես ճիշդ կը հասկնամ այդ բառին նշանակութիւնը, որ է կաթ վաճառող կին։

Դայեակն եւս անշուշտ նորածին զաւկի ծնող է. ո՜հ, մի տառապեալ մայր է նա, որ անհնարին կարօտութենէն ստիպեալ իւր մանկիկն մի ուրիշ մօր կր յանձնէ նուազ վարձքով, կերթայ կը դեգերի մեծատանց տուները. որպէսզի իւր կաթն աւելի գնով վճարէ, որ իւր մանկան արդար իրաւունքն է։ Ողորմելի որդեզուրկ կին պարտաւորեալ է իւր դայհակութեան վարձքէն՝ մի մասն վարձեալ կնոջ տալ, եւ մնացեալ մասովն՝ իւր ընտանեկան ապրուստ հոգալ։ Ձեզ կը թողում, Հայոց ճշմարիտ մայրեր, որ դուք դատեցէք, այս երկու մայրերէն որն է աւելի յանցապարտ. կարօտագին դայեա՞կ, որ առ չքաւորութեանն՝ իւր կաթը կը վաճառէ, թէ հարուստ տիկին, ու սնուցիչ կերակուրներէն լիանալով ու յափրանալով՝ թաթաղուն զեղուն լցուած ստինքները աղբիւրի պէս կաթ կը հոսեն, այլ անխղճաբար կը խցէ այդ կաթնաբուխ ակներր։ Բարեսիրտ տիկին երկու զրկանք ի միասին կը գործէ, զրկանք մի իւր բնածին մանկան, զրկանք մի եւս դայեկին մանկան՝ որոյ բաժին կաթն դրամով կը գնէ։ Ո՜հ, աղքատիկ մօր կաթն՝ իւր խեղճ տղեկին կեանքն է, արդեօք տիկին մայր՝ իւր մանկան կեանքը չը՞ զոհեր։ Այո՛, այսպէս է աշխարհիս դատաստանը, երբ հզօրներր զանզօրը կը ճմլեն, զարմանք չէ, որ տիրոջ եւ տիկնոջ մանուկը նոյնպէս խանձարուրէն սկսի յաղթահարել ու ճնշել ծառալին դայեկամօր մանուկը։

Աւա՜ղ, եւ ա՜հ, որչա՞փ անբնական, որչա՞փ անգթական, եւ որչա՞փ անարգ ու դժուարատար է դայեկին կեանքն ու վիճակը, որոյ մայրական սիրոյն եւ գորովոյն վերայ կը բռնանայ թշուառութիւնը մինչեւ կը ստիպուի դժբախտ կինը թողուլ իւր արգանդին ծնունդն եւ երթալ անասնոց կաթի պէս վաճառել իւր կաթն, որով թերեւս կարենայ երկու կեանքը միանգամայն պահպանել, եւ մերթ եւս իւր ամուսնոյն կեանքը. որ կամ ծոյլ եւ անաշխատ կեանքի մէջ անպիտան է եւ կամ ընտանեկան պարտիքները մոռացող մոլորամիտ մարդ է, որոյ աչքը կնոջ ձեռքն է եւ կը սպասէ նորա վաստակով ու հացով ապրիլ։

Թողումք այս պարագաները, որ տկար կնոջ համար շատ ծանր ու դառն են, աւելի դառնագոյն պարագայ մի կայ, որ ի ներքուստ կը տանջէ մանկամայր դայեկին սիրտն ու ոգին։ Ո՜հ, բնական ու մայրական սիրոյն գորովն է այն, որ հանապազ կը մորմոքէ, կը կտրտէ ծնողական ադիքները, երբ կը տեսնալ օտար մանուկ իւր գիրկը, անդէն երեւակայութեան մէջ կը յիշէ զայն որ իւր մայրական կաթէն ու գրկէն զրկուած է։ Նա կենդանի մայր է, քար չէ, այնչափ կը վշտակրի ու կը դառնանայ սրտին ցաւոց մէջ. որոյ անհարին դառնութեան չափը՝ միայն մօր սիրտ կարող է զգալ ու չափել։

Ով որ մայր է թող հետաքրքիր լինելով առանձին քննէ, փորձէ դայեկամօր ցաւակիր սիրտը, թէ ի՜նչ են նորա տխուր մտածմունք, թէպէտ նա արտաքուստ ուրախութիւն կը կեղծէ, զուարթ կերեւի, գուրգուրալով կը փայփայէ զմանկիկ, տիկին կը հաւատայ թէ իրօք մայրական սիրով կր սիրէ, չգիտէ թէ խեղճ գայեկին սիրտը արիւնով ու ցաւով լցուած է։ Մայրութեան եւ որդեսիրութեան բուռն գորով միշտ կը յուղեն նորա սիրտը. եւ կը շարժեն նորա ոգին, որ իւր բնածնունդ զաւկին ոգիէն կախուած է. ամէն վայրկենի մէջ կը յիշէ ու կը դառնանայ։

Այլ պատմեմ իբրեւ վկայ եւ ապացոյց ասացածիս, ինչ որ մի գիտող եւ բարեսիրտ տիկին պատմեց ու ես լսեցի։

Մի օր մանկամայր տիկին դայեկին սենեակ կը մտնէ այն պահուն՝ երբ նա տղուն կաթ կուտար, եւ կը տեսնայ որ դայեկին աչքերէն կաթ կաթ արտասուք կը հոսին մանկան երեսին վերայ։ Կը հարցնէ տիկին, թէ ինչո՞ւ համար կուլաս եւ ի՞նչ է պատճառ։ Դայեակը թէեւ առաջին անգամ ծածկել կուզէ սրտին ցաւը. բայց երբ կը ստիպէ տիկին նա կը պարտավորի խոստովանիլ։

Ինչպէ՜ս խօսիմ. տիկին, եւ ի՞նչպէս բացատրեմ սրտիս դառնութիւնը՝ կը պատասխանէ դայեակը, անմայր մանկիկս յիշեցի եւ կուլամ. եւ միշտ կուլամ քեզմէ գաղտնի եւ առանձին. մի գուցէ տեսնաս եւ կարծես, որ ցաւակիր մօր սիրտը կը դառնացնէ կաթին քաղցրութիւնը. եւ կամ այս աղի արտասուաց կաթիլները. որ կայլակելով աչքէս կը թափին մինչեւ. ի կուրծքս, եւ մանուկը կը ծծէ զայն կաթին հետը։ Կաղաչեմ, մի զայրանար տիկին, գայեկին կեանքր թշուառ է. ամէն ժամանակ երբ կը յիշեմ ու կը մտաբերեմ. թէ իմ վարձակալ դայեակը՝ զաւկիս կաթ կուտա՞յ, թէ իւր զաւկին համար իմ զաւակս կը զրկէ՛ վասն զի մի քանի տարի յառաջ, մի սիրական զաւակս կաթնազուրկ մեռաւ: Գիտէ՛ք, տիկին, այն կիները, որոց մեր զաւակները յանձնելով՝ մեր տնէն տեղէն կը հեռանամք եւ կուգամք ձեր զաւակաց համար կաթնտու կը լինիմք. ա՜հ, այդ անկարեկիր կիները միթէ մօր պէս կը խնամեն մեր զաւակները։ Ո՜չ, շատ անգամ կաթնակարօտ կը մեռցնեն. երբեմն եւս ծանր քան լինելով՝ խեղճ տղեկը կամ օրօրոցին մէջ լալով՝ եւ կամ անկողնոյ մէջ շնչարգել ընելով կը խեղդեն։ Չեմ յէշեր, որ մերթ եւս իսպառ անհոգ լինելով առանց հսկողութեան կը թոգուն մանկիկը՝ որով այլելայլ վտանգներ ու կը պատահի:

Բայց իրաւունք չունիմ այսչափ մեղադրել այդ կարօտաւոր կիները, որոնք մեզ պէս թշուառ են, աղքատութեան ու չքաւորութեան աղագաւ կը պարտաւորին երկու դիեցիկ երախաներն միանգամայն սնուցանել. որպէս թէ երկուորեակ ծնած լինին։

Վշտամայր դայեկին խօսքերը եւ իւր արտասունը շատ եւ կարի սրտառուչ են, որուն վերայ մարդ կարեկցելով պէտք է խորհրդածի. եւ առաւել պէտք է տիկին մայրերը զգան եւ խորհրդաքծեն. թէ քանի՞ գառն ու դժուարին է սնուցիչ դայեկին վիճակն. երբ նա հանապազ կաղեկիզի իւր զաւակին սիրով։

Երանի՜ թէ այդ բարեսիրտ տիկին հետաքրքիր լինելէն յետոյ, իւր մայրական սրտով ու գորովով դայեկին գորովը չափէր, գիտնար ու հաւատար թէ նա եւս իւր պէս մայր է, սիրտ ունի, աղիք ունի, որ կը գալարի միշտ յիշելով իւր հոգւոյ հատորիկ զաւակը. եւ մայրապէս կարեկցելով՝ դայեկին մանկիկն եւս բերել տալովս իւր զաւկին հետը սնուցանել տար. եւ յայնժամ ազնուամիտ տիկին՝ տիրապէս առաքինի մայր կը հանդիսանար ընտանեկան կենաց մէջ։

Ես չգիտեմ. գթասիրտ տիկնայք կարո՞ղ են մի անգամ փորձել. թէ երբ դայեկին համար այս մեծ շնորհ լինի, ի՞նչ ազդեցութիւն կընէ նորա սրտին վերայ։ Ինձ այնպէս կը թուի, որ դայեկին սիրտը յայնժամ մեծ երախտագիտութեամբ կը լեցուի, զուարթ եւ ուրախ ոգւով, ամենայն հաւատարմութեամթ խնամ պիտի տանի տիկնոջ զաւկին. չէ թէ միայն վարձուց համար, այլ առաւել իւր զաւկին սիրոյն համար, զգուշանալով որ երբէք տրտունջի պատճառ չը տայ, մի՛ գուցէ սորա համար իւր սիրական զաւակը աչքէն հեռացնեն։

Խնդիր է եւ այս, թէ երբ դայեկին սիրտը ուրախութեամբ կը զեղու, արդեօք այս բարոյական սրտահաճոյ վիճակ՝ ազդեցութիւն չընե՞ր նորա կեանքին եւ առողջութեան վերայ եւ հետեւապէս կաթին շատութեան եւ զեղման։ Սոյն կէտն եւս կը թողումք բմշկաց, թող նոքա վճռեն։

Գիտեմ, այս անսովոր կարեկցութեան դասը խիստ դժուարին կը թուի ազնուական տիկիններուն. որք թերեւս զրկանք համարին իրենց զաւակաց համար, կամ թէ այնպէս կարծեն, որ մի առողջ եւ առոյգ դայեակը կարող չէ երկու մանկիկը ի միասին սնուցանել։

Առ այս ես կը լռեմ, բնութիւնը թող պատասխան տայ. որ շատ անգամ մի մօր երկու զաւակներ կը մնին. երկուքն եւս՝ մի մօր կաթով կապրին ու կը մեծնան. եւ միթէ Նախախնամութիւնը չէ՞ նախատեսեր, որ երկուորեակ ծնածներուն կաթ թալելու համար՝ երկու ստեանց աղբիւր բացեր է մօր սրտին վերայ եւ երկու կաթնաբուղխ պտուկները կախեր է նորա կուրծքէն։

Քաջայայտ է ինձ, որ այս դժուարալուր խորհրդածութիւնը՝ զառանցանք կը համարուի արդի ժամանակին եւ ընտանեկան փափկութեան առաջ. այլ մեր փափաք եւ սկզբունքն է, որ բնական օրէնք տիրէր, Աւետարանին գթութիւն թագաւորէր. երբ աշխարհիս վերայ այնպէս կը կարծուի, որ այր մարգոց գութը նուազ էւ գոնէ տիկին մայրերը գթած լինէին ու ճանչնային իրենց մայրական պարտիքները։ Ամէն մայր ու ծնողը իւր զաւակ սնուցանէր այն կաթով, եւ այն սիրով, զոր Նախախնամութիւնը մի միայն ծնողական անհրաժեշտ պարտիքը հաստատեր է։ Պարտազանց է ամէն ծնող, եթէ այս պարտիքը խղճի մտօք չի կատարէ։ Թող չի խոժոռին Հայոց տիկնայք. մենք չենք ասեր, որ դայեկութիւնը մեր ընտանեկան կեանքէն իսպառ բարձուի, հարուստ, ազնուական ընտանեաց մայրերը կաթնտու լինին, այլ այս խօսիլ կուզեմք, երբ փափկասուն կեանքը մոռցնել կուտայ այդ պարտիքը, գոնէ դայեկաց վիճակը՝ արժանի համարին իրենց կարեկցութեան, որ կին է, աղքատ ու ցաւած, մայր մի է իրենց պէս։

Այլ որովհետեւ աղքատութիւնը բռնաւոր է, աշխարհիս ամէն չքաւոր ընտանիքները կը պարտաւորին նորա լծոյն տակը խոնարհիլ։ Աղքատութիւնը ոչ միայն այր մարդիկը ի ծառայութիւն կը վարէ. այլ եւ կիներ ու մայրերը, որք յակամայից կը պարտաւորին թողուլ իրենց լծակից ամուսին եւ անուշիկ զաւակները, ու երթալ ազնուականաց դռները դեգերիլ, որպէսզի աղախին լինին, դայեակ լինին, իրենց եւ ընտանեաց կարօտութիւնը լեցնելու համար։

Այսպէս երբ աղքատ ընտանիքները առ յոյժ կարօտութեան կը մոռնան իրենց երկանց զաւակները։ Միւս կողմէն եւս նոր աշխարհի նոր ժամանակի փափկասուն տիկինները ճշմարիտ մայրութեան պարտիքները կը մոռնան իրենց արգանդին ծնունղն սնուց անելու անգամ մեծ ձանձրոյթ կը զգան, որպէս թէ մայրական խնամատարութիւնը՝ նուաստ եւ անպատիւ ծառայութիւն լինէր։

Երբ ընտանեկան մայրերը բուն ծնողական եւ բնական այդ պարտիքէն կը խորչին, այլ եւս ի՞նչ կը մնայ իրենց աշխատութիւն։ Լո՜ւր որ պատմեմ քեզ, նոքա գիտեն անաշխատ կեանք վարել եւ երբէք չը ձանձրանալ, որոց վերայ տիրեր է առհասարակ հեղգութիւն, մեղկութիւն, պարապ եւ ունայնախօս ընկերական կենակցութիւն. նոքա գիտեն անժամ այցելութիւններ մտածել, զբօսասիրութիւն հնարել, եկեղեցին երթալ, չէ թէ Աննայի ջերմեռանդութեամբ աղօթելու համար, այլ աւելի ցոյց տալ զիրենք, զիրար տեսնալ եւ բամբասանաց նիւթեր ժողովել։ Թողունք այս, միթէ այդպիսի մայրերը աշխատութիւն չե՞ն համարիր իրենց համար, ժամանակի շռայլ զեղխութեան մէջ սիրտ եւ հոգի մաշել, անձնատուր եղած են, այլ եւս ո՞ւր կը մնայ տիկնութեան եւ մայրութեան պարտիքները յիշել, տուն հոգալ, զաւակները բուն մայրական կաթ ջամբելով սնուցանել եւ այլն։

Հապա ո՜վ դուք, Հայոց ազնուական տիկնայք, ես կը փափաքիմ, որ դուք ձեր բարեկեցիկ կեանքին մէջ՝ ձեր մայրական պարտիքները դարձեալ չի մոռնայք երբ ձեր այրերէն ոմանք ժողովուրդ կը հարստահարեն, դուք եւս աղքատ մայրերը չի հարստահարէք, նոցա զաւկին կաթը յափշտակելով։ Դուք ձեր խիղճը մի խաբէք ու ողողէք թէ կաթին գին կամ դայեակին վարձքը կը վճարէք, գիտցէք ստոյգ այդ վարձքը թէ բիւր անգամ աւելի վճարէք, կաթին փոխարէն չէ։ Եւ միթէ կը կարծէ՞ք. որ աղքատ մօր կաթն այնչափ աժան է, երբ դուք ձեր կաթն՝ նոյն իսկ ձեր զաւկին կը խնայէք։

Ես կը հաւատամ, որ մայրերը ի բնութենէ փափուկ սիրտ եւ խիղճ ունին, զգուշացէք որ զայն չի խեղդէք փափուկ կեանքի փուշերուն մէջ, զգուշացէք որ դայեկին զաւակը՝ կաթնասովէն մեռցնել չի տաք. եթէ երկիւղած ու ճշմարիտ մայրեր էք՝ պէտք է երկնչիր ու յիշէք, որ այդ աղքատ ու տառապեալ մօր տէր ու դատաւոր կայ, որ մի՛ գուցէ նորա զաւկին զրկանաց արիւնը ձեզմէ խնդրէ եւ դուք յայնժամ պարտական ու պատասխանատու մնաք։ Այլ ես կաղօթեմ, որ դուք ճշմարիտ մայրեր լինիք եւ ազատ մնաք այս դատաստանէն:


ԺԲ.

ԸՆՏԱՆԵԿԱՆ ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆ

ԶԱԻԱԿԱՑ

Ընտանեկան կամ առտնին դաստիարակական վարժոցին մէջ ո՞յք են այն բնախօս եւ մեծ վարժապետները. որոց ի բնութենէ յանձնուած է իրենց զաւակաց կրթութեան հոգատարութիւնը:

Այդ՝ աշխարհ գիտէ. եւ բնռւթիւնը ինքնին կուսուցանէ, թէ ընտանեկան դպրոցին մէջ օտար մանկավարժ չի կայ, այլ միայն նոքա են հեղինակ ու դաստիարակը, որոց պատկառելի եւ քաղցր անունը՝ հայր եւ մայր կը կոչուի։

Այո՛, մանուկները մի ճշմարիտ եւ նախախնամող բարի հայր եւս երկնից մէջն ունին, որ զիրենք կը ստեղծէ եւ կը բերէ ի լոյս. երկնքէն անձրեւ եւ արեւ, երկրէն հաց եւ ջուր բաշխելով՝ կը պահպանէ եւ կը սնուցանէ մանուկներու կեանքը. նոքա կաճին ու կը զարգանան, եւ մեք կը զարմանանք տեսնելով, որ տհաս մանուկը՝ հասակաբարձ մարդ եղաւ։

Ուստի արդար չափով չափենք ու բաժնենք երկնից Հօր խնամք եւ ծնողաց պարտիքը։ Արդ երբ շունչ եւ կեանքը երկնից Հօրն է, սքանչելի պատկերն ու կերպարանքն՝ երկնից Հօր, արեւ, անձրեւ, հաց եւ ջուր, երկնից Հօր. հասակն եւ աճումն երկնից Հօր. այլ եւս ի՞նչ կը մնայ երկրաւոր Հօր եւ մօր բաժինն, եթէ ոչ միայն դաստիարակութիւն։

Եւ ի՞նչ է ծնողական դաստիարակութիւնը, ուրիշ ոչինչ, այլ միայն կոյր ծնուած զաւակներուն աչքը դէպ ի բարին բանալ, սիրտն ու ոգին առաքինութեամբ կրթել. որպէս զի աշխարհը տեսնան, մարդոյն կեանքը տեսնան, լոյս ու խաւարը որոշեն. բարին ու չարը ճանչնան. եւ մեծ քան զամէն՝ զԱստուած ճանչնան ու հաւատան, կրօն եւ ճշմարտութիւն ընդունին։

Եւ իրա՞ւ է արդեօք որ մանուկներն առ հասարակ կոյր կը ծնին, ո՞չ ահա կը տեսնամք որ պայծառ աչեր ունին. կը տեսնան ու կը խաղան հրապարակներու մէջ։ Եթէ մանուկներն ի ծնէ կուրին պէս աշխարհ կուգան. այլ եւս ի՞նչ մեղադրութիւն կայ իրենց ծնողաց. միթէ ծնողք կարո՞ղ են Յիսուսին պէս ձեռք դնել եւ հրաշագործելով կոյրերը լուսաւորել։

Այդպէս է, հայրեր ու մայրերը հրաշագործ չեն, նոքա կարող չեն մարմնով կոյրերը բժշկել, այլ մեր խօսքը՝ մանուկներու մտաւոր կուրութեան վերայ է, որոց բժշկութեան լոյսը՝ ծնողաց դաստիարակութեան ձեռքն է. եւ այդ ձեռքը՝ պարտաւոր է, որ անդուլ անդադար գործէ ընտանեկան կեանքին մէջ. եւ մշակէ նորա դարաստանին նորատունկ ծաղիկները։ Այդ ձեռաց պարտիքն է այո՛ որ խլէ մանուկներու սրտէն անպիտան եւ խոտան բարքը, սերմանէ ու տնկէ նոցա տեղը ճշմարիտ բարին եւ օգտակարը։

Մենք կը հաւատամք. եւ Դաւիթը կը վկայէ թէ Աստուած առանձին առանձին կը ստեղծէ մարդոց սիրտերը, եւ նոցա գլխոյն մէջ կը զետեղէ հանճարոյն ամանը։ Բայց գիտենք նաեւ, որ այդ կենդանի ամանը ի սկզբան դատարկ է, երբ մարդը մանուկ է ու տղայ. եւ ո՛վ կը լեցնէ առաջին նուազ այդ անբաւ դատարկութիւնը, թէ բարի եւ թէ չար գաղափարաց նիւթերովը յայտ է թէ այդ պարապ ամանին մօտ ու մերձաւոր ձեռքը՝ միայն ծնողաց ձեռքն է. ինչ որ ուզեն՝ զայն կարող են լեցնել, եթէ բարի եւ եթէ չար։

Ահաւասիկ սկիզբն աստի է բարւոյն ու չարին. ապա թէ ոչ ուստի՞ կը յաւելուն բարի ու չար մարդիկը մարդկային ընկերութեան մէջ։ Միթէ դոցա սկզբնական աղբիւրը ընտանեկան կեանք չէ՞։ Ես վկայ ունիմ ու կը բերեմ աստ Յիսուսի վճռական բանը, որ մարդոյն սիրտը՝ բարի եւ չար գանձուց աղբիւր կը համարի. «Մարդ բարի, ի բարի գանձուց սրտի իւրոյ բղխէ զբարի, եւ մարդ չար՝ ի չարէն բղխէ զչար»։

Ուստի մարդ ինքնին կարող չէ մակաբերել, թէ մարդ իւը մանկութենէն սկսեալ իւր սրտի գանձարանին մէջ հետզհետէ կընդունի թէ բարին եւ թէ չար. եւ զոր ինչ ընդունած է նախապէս՝ զայն միայն կարտադրէ դուրս նմանապէս թէ բարին եւ թէ չարը։

Մանուկ՝ մինչդեռ մանուկ է, չգիտէ որոշել չարն ու բարին. ինչ որ իւր ծնողաց բերնէն լսէ, եւ ինչ որ նոցա կեանքի մէջ օրինակով տեսնայ՝ զայն միշտ բարի կը կարծէ. եւ միթէ ծնողք իրենց որդւոց համար չարակա՞մ են, թէեւ իրենք չար լինին։ Առ այս կը խօսի Յիսուս իւր Աւետարանով. թէ «Դուք որ չարքդ էք, գիտէք պարգեւս բարիս տալ որդւոց ձերոց» եւ այլն։

Աւետարանին այս ակնարկութիւնը, որ երկնաւոր հօր եւ երկրաւոր ծնողաց բարիքները համեմատելով՝ ցոյց կուտայ թէ քանի՞ առաւեւ եւ գերագոյն են Երկնաւոր Հօր տուած բարիքները, եւ մի անգամ այն եւս ցոյց կուտայ թէ երկրաւոր ծնողք՝ միայն բարեաց մատակարար կը լինին այս առօրեայ կենաց մէջ. անցաւոր բարիքները եւեթ գիտեն պարգելել իրենց որգւոց. զոր օրինակ հարստութիւն, գանձ, հայրենի ժառանգութիւն եւ աշխարհիս այլեւայլ նիւթական բարիքները։

Մեծապէս կը սխալին ծնողք, եթէ այնպէս հաւատան, որ այս նիւթական բարիքները, առանց հոգեկան ու բարի դաստիարակութեան՝ մնայուն ու ճշմարիտ բարիք են որդւոց համար։ Ո՞չ, մեք փորձով կը տեսնամք աշխարհիս վերայ, որ հարուստ մեծատանը զաւակները, երբ առանց հիմնաւոր դաստիարակութեան հայրենի մեծագանձ փարթամութեան ժառանգորդ եղած են, եւ որոց կեանք ու վարքը պատմութիւնը շատ օրինակներով կը հանէ մեր առաջ, զոր կարդալով կը խելամտիմք, թէ այդպիսի անդաստիարակ ժառանգորդները վերջոյ չքաւորեր են. ազնուական ծնելով ստրուկ մեռեր են. եւ փոխանակ իրենց տոհմական անունը յարատեւ փառաց մէջ բարձր պահելու զայն ջնջեր են անարգութեամբ, անյիշատակ եւ անանուն գնացեր են աշխարհէս։

Ուստի յետամնաց զաւակներու համար, ստոյգ, հիմնական ու յարատեւող բարիքը՝ միայն ուղիղ դաստիարակութիւնն է. առանց այս ճշմարիտ պայմանին՝ Նոքա՝ ինչպէս կը խօսի Իմաստունն, ծնողական փտեալ արմատէն բուսած փուտ շառաւիղներ են։ Որք թէպէտ առ ժամանակ մի անպտուղ ծաղիկներով կը ծաղկազարդին, եւ այնպէս կը կարծեն մարդիկ աչքախաբ լինելով՝ թէ այդ ընտանեկան դարաստանը բախտաւոր ու երջանիկ է, կանցնին մօտէն եւ երանի կուտան, տեսնելով զայն իբրեւ Լիբանանու անտառը բարձրացած։ Կանցնին եւ ապա յետս դառնալով կը դիտեն՝ որ այլեւս ոչ գոյ։ Ընտանի շառաւիղներն արմատովին խլուած են, մեծագանձ փարթամութիւնը՝ վատթար կեանքի մէջ փճացեր է, հայրենի շէն տուն՝ անշէն աւերակ դարձեր է. եթէ մնացեր է մի մնացորդ ճիռ, այն եւս աւերակ տան փողոցի անկիւն նստած հաց կը մուրայ. անցորդներուն առաջ վկայ լինելով՝ թէ ես քանդեցի հօրս տուն։ Այս է ահա վախճանը անդաստիարակ զաւակներուն, եւ այս է արդիմեք եւ պտուղը նիւթապաշտ եւ անհոգ ծնողաց։

Ո՜վ կը հաւատայ թէ աշխարհիս թշուառ աղքատները՝ ամէնքն եւս դառն ու դժբախտ դիպուածներ էն մուրացիկ եղած են։ Ո՜չ, այդպէս չէ, մարդիկ կը պատմեն ու կը վկայեն, եւ ես նոյն իսկ ներկայ կեանքին մէջ կը տեսնեմ ու կը ճանաչեմ զիրենք, որ հայրենի տան ապարանից բարձր պատշգամէն իջեր խոնարհեր են մինչեւ գետնի փոշիի վերայ, չորաբեկ մի կտոր հացի անգամ կարօտ մնալով։ Անշուշտ նոքա այդ անբախտ վիճակին հասնելով՝ անագան ուրեմն կուշաբերին, ինչպէս այն կրասեր անառակ որդին, զոր ի դէմս մեր բերելով կը խօսի Յիսուս, եւ կամ թէ այն չարաժառանգ զաւակը, որոյ համար կը պատմեն հին իմաստասիրաց բանքէ թէ հայրենի տան բազմագան՝ հարստութիւն շռայլաբար վատնելով՝ մի օր առուի եզերք նստած չորաբեկ ու ցամաք հացը ջուրի մէջ թաթխելով պարկեշտաբար կուտէր Սոկրատ բարոյական իմաստասէրը հոն պատահելով՝ կը դիտէ եւ կըսէ այս բանը. «Պատանի դու, եթէ այդպէս կեցեալ էիր, այժմ զխորտիկս ճաշակէիր»։

Աշխարհիս ընկերական հրապարակի մէջ, ջուրերուն եզերքը որչա՞փ կան այնպիսի ապերջանիկ զաւակներ, որք իրենց շռայլ կեանքին երեսէն ազնուական բարձրութենէն ի թշուառութիւն խոնարհեր են, որով իրենց հայրենի տան տոհմական փառք իրենց վերայ կը վերջանայ։

Այսպէս է, մշտապէս վառ չի մնար տան ճրագ, եւ կր շիջանի շուտով երբ դաստիարակութեան լուսով վառաած չէ։ Ուրեմն զաւակաց ապագայ կեանքը՝ ծնողաց դաստիարակութենէն կախումն ունի։ Եթէ ի սկզբան մատաղ զաւակները բարի եւ ուղիղ դաստիարակութիւն ստացած են այլ եւս տարակոյս չի կայ որ հայրենի տան ճրագ մշտավառ կը մնայ, եւ ընտանեկան առհասարակ բարեկեցիկ կեանք կը վարեն։

Սակայն գո՜նէ գրենք փոքր ի շատէ, թէ ընտանեկան կենաց մէջ ի՞նչ եւ ո՞րչափ են ծնողաց կրթական դասերը, եւ կամ բարի եւ ուղիղ դաստիարակութեան պայմանները։

Ծնողական դաստիարակութեան մէջ առաջին մեծ դաս եւ առաջին մեծ գիտութիւնը կրօն եւ Աստուածպաշտութիւնն է. եւ սորա միակ դասագիրքն է Աստուածաշունչ մատեանը, թէպէտ բարձր եւ վսեմ գաղափարներ են Աստուածպաշտութեան գաղափարները. մանուկները կարող չեն ըստ արժանւոյն ըմբռնել զայն. ինչպէս արդի դաստիարակ մատենագիրներէն ոմանք փորձառապէս կը դիտեն՝ թէ խիստ ապաժամ է մանուկներու անզօր միտքը դէպ ի երկինք հանել, որ դեռ իւր շրջապատ եղած երկրի բաները չգիտէ։

Ես կընդունիմ այս կարծիքը, այլ ես չեմ խօսիր աստ այն դասերուն համար՝ զոր դպրոցի ուսմանց կարգին հետ կաւանդեն կրօնուսոյց դասախօսները. ես կը խօսիմ կրօնի նախակրթութեան վերայ, որ դաստիարակութեան շէնքին առաջին հիմնաքարն է, եւ զոր պէտք է միայն ծնողաց ձեռքը այդ երկնից արքայութեան հիմնաքարը ձգէ ու հաստատէ մանուկներու սրտին մէջ։ Չեմ խօսիր նաեւ, որ ծնողք իբրեւ աստուածաբան վարդապետ ճառեն կրօնի բարձրութեան վերայ։ Ո՛չ, ծնողաց դասերը շատ պարզ ու բնական են. մանուկ երկինքը եւ աստղերը տեսնելով՝ զաներեւոյթ Աստուած կըմբռնէ. նա երկիր, ծառեր ու ծաղիկները տեսնելով հետաքրքիր կը լինի, կը հարցնէ գիտնալ կուզէ թէ ո՛վ է երկնի եւ երկրի զարդարող Արարիչը։ Մանուկ շատ անգամ իւր սրաբիբ աչքերր տիեզերքին վերայ ածելով՝ ինքնին գիտես թէ ուշադիր կը լինի եւ իմանալ կուզէ ի՞նչ է արել, ի՞նչ է լուսին, ի՞նչ են աստղերը եւ ի՞նչ է աշխարհ, ծովն ու ցամաքը։

Մանուկ իւր այս հարցաբանութեան մէջ փաստ չի խնդրեր ծնողաց դասերուն, թէեւ սխալ լինի՝ նա ուղիղ եւ կատարելապէս կը հաւատայ, բաւական է, որ ծնողք ձանձրոյթ չը զգան, այլ երկայնամիտ ոգւով պատասխանեն ինչ որ մանուկը կը հարցանէ։

Կրօնի եւ Աստուածպաշտութեան դասերը՝ դժուարին եւ անըմբռնելի դասեր չեն. մանուկներ եւ պարզամիտները հաւատով շուտ կըմբռնեն զայն, վասն զի Աստուծոյ յայտնութիւնը տղոց համար է, ինչպէս կը յայտնէ Յիսուս. «Հայր, գոհանամ զքէն, զի ծածկեցեր զայս յիմաստնոց եւ ի գիտնոց եւ յայտնեցեր տղայոց»։ Այո՜, Յիսուսի յայտնութիւն սիրող աւելի Գալիլեացի տխմար ձկնորսներ էին. եւ գեղացի բոկոտն փոշոտ մանուկներն, որ կը վազէին նորա գիրկը, որ գրագէտ դպիրները արհամարհելով կանցնէին։

Ծնողական դասերուն մէջ ճարտարախօսութիւն, փիլիսոփայութիւն բնաւ պէտք չունի, հապա զիջանելով՝ մանկական հասակին համեմատ հարկ է պարզ, ընտանի եւ սիրալիր խօսքերով աւանդել կրթութիւնը։ Գիտնալով, որ տղայոց դաստիարակութեան մեծ պայմանն՝ ծնողական գորովն եւ բնական սէրն է. միայն թէ այդ սիրոյն մէջ չը զեղծանին ծնողք, կամ չափազանցութեամբ եւ կամ խիստ եւ անհոգ սառնութեամբ։

Այս երկու կերպ վարմունքն եւս միօրինակ վնասակար են դաստիարակութեան եղանակին մէջ։ Վասն զի չափազանց սէրը՝ չափազանց ազատութիւն եւ համարձակութիւն յառաջ կը բերէ տղայոց դիւրազգաց եւ անհաստատ բնաւորութեան մէջ, այլ եւ այլ յոռի կիրքերով հանդերձ. որով կը լինին նոքա կամակոր, ինքնահաւան, զայրացկոտ, եւ սաստիկ պահանջող:

Իսկ չափազանց խստութիւնը՝ կը ճնշէ եւ կը ջլատէ տղայոց բնաւորեալ աշխոյժ եւ զուարթ ոգին, որով կը բթանայ միտքը, սիրտ կը թանձրանայ եւ որդիական գորովն թմրիլ կսկսի։ Շատ անգամ եւս կը դառնանայ, կը սրտմտի իր ծնողաց դէմ. մանաւանդ երբ ծնողք չարաչար անարգանօք ու բրածեծով՝ դաստիարկութեան հին փորձ կը փորձեն տակաւին:

Յոռի դաստիարակութեան զաւակները այս կերպով վրէժ կը լուծեն իրենց խստասիրտ ծնողքներէն, եւ իրենք եւս գիտեն թէ օրինակ առնելով խստապարանոց կը լինին. եւ կը մոռնան ծնողական մեծ երախտիք, մօրն անոյշ գրկարանին կաթն եւ հօր սեղանին հացն։

Զարմանք չէ, որ անարգ դաստիարակութիւն այս արգասիքը համէ, եւ խստութիւնը՝ ուրիշ խստութիւն ծնանի։ Վասն զի ծնողք միայն մարմնով չեն ծներ իրենց զաւակները, այլ բնաւորութեամբ եւս կը ծնին, որով ընտանեկան կեանքին մէջ զաւակները բնապէս սովորած են իրենց ծնողաց բնաւորութենէն եւ օրինակէն փոխ առնել։ Արծւոյ չափ սրատես են մանուկներու աչքը, քաջ կը դիտեն իրենց ծնողաց կեանքը եւ շարժումն. եւ ըստ այնմ կընդունին եւ կը հետեւին եթէ առ չարն՝ եւ եթէ առ բարին։

Ուստի ծնողաց ամենամեծ եւ սեպուհ պարտիքն է, որ բնախօս ու մտաւոր դաստիարակութենէն առաւել, բարի գործոց օրինակով դաստիարակեն իրենց զաւակները։ Թող համոզուին ամէն ծնողք, որ մի բարի օրինակ առաւել ազդու եւ տպաւորիչ է քան հազար խրատ. եւ սորա բնական պատճառն այն է որ մեր աչքին զգայարանքը շատ զգայուն եւ ներընդունակ է, որ իբրեւ ներս կընդունի եւ կը տպաւորէ զայնս մեր սրտին եւ ոգւոյն վերայ։

Մանուկները թէպէտ պատանի եւ երիտասարդ հասակի մէջ երբ ընտանեկան կեանքէն դուրս արտաքին ընկերութեան մէջ կը մտնեն, շատ չարօրինակ գայթակղութիւնները կը տեսնանք կամ կը խորշին եւ կամ կընդունին. բայց ամենէն աւելի չարագոյն գայթակղութիւն է այն, զոր մանուկները ընտանեկան կեանքի մէջ կընդունին. եւ առաւել եւս չար այն է, եթէ բուն ծնողաց օրինակներէն ընդունին։ Երանի՜, հազար երանի այն ծնողաց, որ միշտ արթուն լինելով կը հսկեն իրենց կեանքին եւ անձին վերայ. որպէսզի երբէք գայթակղութիւն եւ չար օրինակ չտան՝ իրենց զաւակներուն։ Իսկ վա՜յ եւ եղո՜ւկ այն անզգոյշ ծնողաց, որք ընտանիք եւ մանուկները իբրեւ չմարդ համարելով՝ իրենց անբարի կեանք ու վարմունքը նշաւակ կը կացուցանեն նոցա առաջ, արտաքին եւ օտար գայթակղութենէն աւելի՝ իրենք իսկ գայթակղութիւն կը լինին զաւակաց ու ընտանեաց, եւ նոցա ապագայ կեանքը մանկութեան մէջ կը մեռցունեն։

Յիսուս ամէն գայթակղութիւն տուողաց համար սոսկալի պատիժ կը սպառնայ, եւ բարւոք կը համարի, որ նոքա շուտ բարձուին աշխարհէս եւ իշոյ երկան կապելով նոցա պարանոցը ձգուի ծով, թող մինչեւ յանդունդ սուզանի ծածկուի նորա չարօրինակ պատկեր եւ յիշատակը մարդոց աչքէն, որ այլ եւս չը կարենան տեսնել ու գայթակղիլ։

Ստոյգ հաւատացէք, ով դուք ընտանեաց ծնողք, որ պատասխանատու էք առաջին Աստուծոյ, եւ միանգամայն մարդկային ընկերութեան առաջ եթէ չար զաւակը թողուք աշխարհիս վերայ. դուք երթալէն յետոյ՝ ձեր մեղքը պարանի պէս ձեր ետեւէն կը եգէք, որով ոչ միայն սոսկ մի ընտանեկան կեանքը կը զեղծանէք, այլ ել ժողովուրդ, ազգ հայրենիքը։

Այսպէ՛ս, ինչ որ յոռի դաստիարակութիւն կը քանդէ, ուղիղ դաստիարակութիւն կը շինէ, եւ սորա շինողք բարոյական ճարտարապետները՝ միայն ծնողն են առ տնին կենար ու դաստիարակութեան պաշտօնին մէջ։

Ոչ ոք թող այնպէս չը համարի եւ այնպէս չի հաւատայ, թէ չարութեան գայթակղութիւնը ինքնին եկաւ մեր աշխարհ. եւ եղծեց ապականեց մարդկային ընկերութիւնը։ Ո՛չ, չարութիւն իւրաքանչիւր ծնողք բերին յաշխարհ ու աւանդեցին իրենց զաւակաց, եւ զաւակները՝ թոռներուն. ու այսպէս ընտանեկան շրջանէն սկսելով տարածուեցաւ ու ծաւալեցաւ մարդկային ընկերութեան մէջ չարութեան ժանտ ու ապականիչ սերմերը։

Մենք չենք խօսիր աստ սկզբնաչար նախանձուն վերայ, որով առաջին մահ եւ գայթակղութիւն մեր աշխարհ մտաւ, այլ կը խօսիմք այն ամէն նորածին գայթակղութեանց վերայ, զորս ակներեւ կը տեսնամք թէ մարդիկ կը ծնին զայնս ու կը բղխեն իրենց չար գանձուց սրտէն եւ կը կարծեն թէ չարութիւնը ինքնին ծնունդ առած է, առանց մարդոյն ձեռաց, զի ասաց Քրիստոս, «Վա՜յ մարդոյն այնմիկ, յոյր ձեռն գայցէ գայթակղութիւն»։

Ուստի ամէն ջանք ու խնամք պէտք է տանին ծնողք բարի մշակութեամբ ընտանեկան կեանքի պարտիզէն խլել, ու չքացնել չարասերմ բոյսերը, գիտնալով, որ միայն իրենք են իրենց պարտիզին դարմանող մշակները, ուրիշ ոչ ոք չիկայ։

Կարի յոյժ կը սխալին այն ծնողք, որ զաւակաց դաստիարակութեան պարտուց բեռը՝ դպրոցին եւ մանկավարժից վերայ կը թողուն, որոց պարտականութիւնն՝ միայն ուսուցանելն է, ղի մանկավարժները միայն մտքին հետը կը խօսին, սրտին եւ հոգւոյն հետ բան չունին։ Այդպիսի ծնողք թերեւս այնպէս կը կարծեն, թէ առանց ծնողական սիրոյ կամ հեղինակութեան ընտանեկան կեանքէն դուրս՝ դաստիարակութիւն կայ աշխարհիս վերայ, եւ կամ օտար վարձկան մարդը՝ որչափ բարի ու հաւատարիմ կը լինի թող լինի, կարող է ի բնութենէ այնպէս սիրել ու կրթել ինչպէս գորովասիրտ ծնողք, որոց միայն տուեր է բնութիւնը ծնողական սրտին բուռն սիրոյ բնական զգացումն:

Եթէ ծնողք դեռ հնապաշար մտքով այնպէս կը հաւատան, որ իրենք միայն զաւակ ծնին, եւ դպրոցը դաստիարակէ։ Ուրեմն Յիսուսի խօսած Աւետարանական վճիռը երկբայելի է։ Զի նա կը խօսի հովիւներու համար թէ «Վարձկան է եւ չէ նմա փոյթ վասն ոչխարաց»: Եւ դուք կը հաւատա՞ք, ո՞վ հայրեր եւ մայրեր, եթէ ձեր ընտանեկան գաւթին մէջ ծնած այն մատաղ գառնուկներու համար ձեզմէ դուրս ու ձեզմէ աւելի հողատար սիրտ եւ ձեռք կայ աշխարհիս վերայ։ Ո՜չ բնաւ, կը ստրջանայք եւ կը խաբուիք դուք, եթէ այդպէս կարծէք, վասն զի եթէ ամէն հույր եւ ամէն մայր նոյն ծնողական գորովով՝ կարենային բնապէս սիրել ուրիշին ծնած զաւակը, աստի մի ուղիղ հետեւութիւն հանելով կըսեմք՝ թէ ուրեմն խորթ մայրը ծներ է։ Եւ եթէ տակաւին չէք համոզուիր, ապացոյց կը խնդրէք, ուշի ուշով նկատեցէք այն երկու մանկաբեր կիներուն բողոքն ու դատաստանը, որ առաջին անգամ Սողոմոնին ատեանը ելաւ, եւ այն իմաստուն վճիռը արձանագրեց Սուրբ Գիրքը, որոյ վերայ աշխարհիս դատաւորները կապշին։

Գիտցէք նաեւ ընտանեկան դաստիարակութեան մէջ կատարեալ կրթութիւնը՝ ծնողաց կենդանի կեանքն է, եւ ոչ թէ դպրոց. այդ գործնական կեանքը որչափ ուղղութեամբ վարիր ուղիղ շաւղով քալէ, այլեւս ո՞վ կը տարակուսի, որ զաւակները խոտորին ծնողաց ուղղագիծ շաւղէն։

Որչա՞փ զարմանալի է, եւ արժան է իսկ եթէ ապուշ համարինք այն ծնողքը. երբ իրենք կրթական կեանքին ուղղութենէն շեղելով միակողմանի կը քալեն. եւ կը պահանջեն, որ իրենց զաւակները ուղղութեամբ քալեն. որոց համար շատ յարմարագոյն է Խեչափառին առակը, որ խրատ կուտար իւր ձագուն ուղիղ քալել։ Ճարտար ձագը իսկոյն պատասխան կուտայ. «Հայր, ես կը տեսնամ քո միակողմանի քայլելը»։

Արդ, եթէ ճշմարիտ եւ գործնական կրթութիւնը՝ ընտանեկան կեանքի մէջ միայն ծնողաց անխոտոր շաւիղ եւ ուղղավար կեանքն է, ուրեմն կնքելով մեր ճառը, այս խրատն աւանդենք ամէն ծնողաց, որ նախ իրենց կեանքն ուղղեն եւ ապա իրաւունք ստանան իրենց զաւակները խրատելու։ Վասն զի իրենք երբ կրօնի պարտաւորութեանց մէջ գաղջ եւ մեղկ են, թող չը սպասեն որ Կիրակի առաւօտ զաւակները իրենցմէ կանուխ Եկեղեցի երթան, եթէ զեղխ ու շռայլ են, թող չը յուսան, որ նոքա սակաւապէտ եւ խնայիչ լինին, եթէ արբեցող եւ անառակ են, ով կակնկալէ, որ որդիքն՝ որը պարկեշտ ու համեստ լինին. եթէ անգործ, անաշխատասէր են, ով չգիտեր որ զաւակները աւելի եւս անհոգ դատարկաշրջիկ կը լինին եւն։

Ահա սպսպէս ծնողաց յոռի կեանքը՝ զաւակներուն կը թափանցի իբրեւ ժառանգութեան ախտ, նոյնպէս բարի ծնողաց առաջինի կեանք ժառանգութիւն կը մնայ որդւոց յորդիս, որով թէ ընտանեաց եւ թէ ազգին ու ժողովուրդին համար բարի զաւակները կը պատրաստեն եւ ճշմարիտ հայր ու մայր եւ բարի դաստիարակ կը հանդիսանան աշխարհիս վերայ, որոց յիշատակը միշտ օրհնութեամբ լի է։

ԺԳ.

ԶԱԻԱԿԱՑ ՊԱՐՏԻՔ

ԱՌ ԾՆՈՂՍ

Մանուկ կաթնկեր, որ թէպէտ նա դեռ իմացականութիւն չունի. բայց բնազդեցիկ բերմամբ մօր գրկին մէջ առաջին անգամ կզգայ եւ կը ճանչնայ սէր։ Մանուկը, եթէ չեմ սխալիր, մօր միջնորդութեամբ եւ վկայութեամբ կը ճանչնայ նաեւ իւր հայր. եւ ահա սոյն ճանաչման մէջ կը ծնի ծնողասիրութեան զգացումն եւ որչափ ինքն կաճի ու կը զարգանայ, պէտք է այնչափ մեծնան իւր սրտին մէջ ծնողասիրութեան պարտիքը:

Եւ ի՞նչ են այս պարտիքները. ահա մի առ մի բացատրեմ քեզ։ Բնական եւ Աստուածային պարտիք է նախ եւ առաջ ճանչնալ, թէ իւր կենաց եւ գոյութեան պատճառը իւր ծնողքն են, եթէ չլինէին ծնողք, ինքն այս աշխարհիս վերայ ոչ լոյս պիտի տեսնար, ոչ արեւ, եւ ոչ մարդ պիտի կոչուէր, եւ կամ մարդկային ընկերութեան կարգ խառնուէր. այլ պիտի մնար չգոյութեան մէջ անծնունդ եւ անանուն։

Այո՛, զաւակաց պարտիքն է ճանաչել զծնողս, եւ ծնողական ծայրագոյն սէր չափել պէտք է, թէ չկայ աշխարհիս վերայ ուրիշ ոք, ոչ եղբայր, ոչ քոյր, ոչ բարեկամ, ոչ ազգական եւ ոչ իսկ ամուսին, որ զինքն այնչափ գորովով սիրէ ու խան¬ դաղատի. անձն՝ անձինք եւ հոգին՝ հոգւոյն փոխան տայ, ինչպէս ծնողք։ Ուստի ծնողական սիրոյ այս մեծ իրաւունքը, նոյն փոխադարձ սէր կը պահանջէ զաւակներէն. զոր սրտի մտօք պէտք է հատուցանեն ու պարտական չի մնան։

Ճանաչել եւ հպատակիլ պէտք է, ընտանեկան կենաց եւ առտնին փոքրիկ թագաւորութեան մէջ՝ քանի՞ բարձր ու փառաւար է ծնողաց իշխանութեան աթոռ, թէպէտ եւ ստրուկ լինին նոքա, աղքատ լինին եւ իբրել անքաղաքացի շինական խրճիթին մէջ ապրին, դարձեալ միշտ մեծ են ծնողք, որ քաղցր եւ անբռնադատ սիրով կը հրամայեն, որոց կամակատար հնազանդութիւն մատուցանել արժան է, ինչպէս տիեզերք Աստուածպետական աթոռին առաջ։ Չկայ բնաւ օրէնք եւ իրաւունք մի որ զաւլակներ ազատ եւ անհնազանդ կացուցանէ ծնողաց բնական եւ պարտաւորիչ իշխանութենէն, բայց միայն հաւատք, Խաչ ու Աւետարանը, որ իւր հաւատացեալները յԵկեղեցի կը կոչէ. թողուլ եւ մերժել հարկ է յայնժամ ծնողաց սէր եւ հրամանը, Յիսուսի առաւել սիրոյն համար, ըստ այնմ՝ թէ որ սիրէ զհայր կամ զմայլ առաւել քան զիս, չէ ինձ արժանի։

Ճանաչել պէտք է նաեւ թէ որդիքները որչա՞փ երախտապարտ են առ ծնողս, որք ոչ միայն երկանց վիշտերով ծներ են զիրենք՝ այլ եւ բազմադիմի չարչարանքներ, տառապանքներ, եւ կարօտութիւններ կրելով՝ պահեր ու դարմաներ են զիրենք, որոց տրիտուր եւ փոխարէն պէտք է հատուցանեն որդիք երբ ծերութիւն կը հասնի ծնողաց վերայ, կամ մերթ եւս տարաժամ հիւանդութիւնք եւ փորձութիւնք կը շրջապատեն զիրենք։ Այս դառն տառապանաց մէջ ո՞վ մխիթար պիտի լինի ծնողաց սրտին, եթէ ոչ զաւակները՝ որոց անհրաժեշտ պարտականութիւնն է, ամենայն սիրով դարման տանել ծնողաց մինչեւ գերեզմանին դուռը, եւ ձեռքով ի հող դնել նոցա խոնջեալ գլուխ եւ աշխատեալ անձն։

Բարեծնունդ եւ օրհնեալ զաւակները մինչեւ ցվախճան ծնողաց ամէն պարտիքները կատարելու միշտ յօժարափոյթ են. բայց արդի ժամանակիս Հայոց ընտանեկան կեանքին մէջ կերեւին շատ անգամ անխրատ, ապիրատ, անգութ, աննուէր, ստահակ, անհաղանդ ծնողաց, անհաւան եւ անառակ զաւակները, որք հօր եւ մօր անկշիռ երախտիք, խնամք, գութ եւ սէր ոտնահարելով՝ ինքնամերժ կը լինին հայրենի տունէն, ուր որ մալեկան կիրք տիրենք կը վարկ։ Նոքա անձնատուր կը լինին վատաբարոյ ընկերաց եւ կը վարեն անառակ կեանք ու վարք, եւ ինչպէս ճշգրիտ կը նկարագրէ Աւետարանին առակը, նոքա իբր ծառայ եւ ստրուկ խոզարած կը լինին, զեղխ եւ զազիր կենաց մէջ թաւալելով, ոչ միայն կը վատնեն հայրենի ժառանգութիւնը՝ այլ եւ հոգին, մարմին առ հասարակ անարդ ցանկութեան եւ վատթարութեան մատնելով կը կորուսանեն։ Չգիտեմ կա՞ն արդեօք այդ անառակ դասէն ոմանք, որ անառակ որդւոյն օրինակին հետեւելով՝ մտաբերեն հայրենի տուն ու հացալից սեղան եւ որդիութեան ազատ կեանք, յետս դառնան այդ չարավար տղմալից կեանքէն, զգաստանալով գան խոնարհին ծնողաց գթոյն առաջ ու վերստին ստանան իրենց նախնի փառքն ու պատիւ։ Չգիտեմ նաեւ թէ այսպիսի դարձող ու ստրջացող անառակաց համար պիտի գտնուի՞ն այնպիսի վեհանձն ու որդեսէր ծնողք, որ երկնաւոր հօր նմանելով ընդառաջեն եւ ողջագուրելով համբուրեն անառակ զաւակին կորացեալ պարանոցը, թէ աններող խստասրտութեամբ ծնողական սիրոյն եւ գթոյն դուռը փակելով՝ թողուն, որ տարամերժեալ թշուառ զաւակը հայրենի տան դրան առաջ ինկած՝ Ղազարոսին պէս անտէրունչ եւ սովատանջ մեռնի։ Եւ ի՞նչ կնեն յայնժամ փառասէր ու խստասիրտ ծնողք, իսկոյն կը հաշտուին անշշունչ դիակին հետը, մեծ պատուով եւ շքով յուղարկաւորութեան հանդէս կը կազմեն եւ կը թաղեն անառակ որդին իբրեւ մեծատան զաւակ։

Մի՛ կարծեր դու, ընթերցող, թէ այսպիսի եղերական դէպքեր կամ անառակ զաւակներր չկան Հայոց ազգին մէջ, այլ թէ խելամուտ լինիս, մեր ազգային կամ ընտանեկան կեանքին մէջ մտնես ու շրջիս, պիտի տեսնաս շատ կարդացող անառակ որդիները, մանաւանդ Բիւզանդիոնի եւ այլ ծովեգերեայ քաղաքներու մէջ. ուր որ կը կարծենք թէ քաղաքակրթութիւն, դպրոց, ուսումն յառաջ գնացած են: Այո՛, այդ այդպէս է. բայց անդաստիարակ յառաջդիմութիւնը մեր ընտանեկան կեանքը չի բարւոքեր, ինչպէս քսան տարիներէ ի վեր սկսեալ մինչ այսօր թէ փորձով եւ թէ օրինակով մեք կը տեսնամք եւ կը համեմատենք ազդին անցեալն եւ ներկայն:

Դառնանք այժմ բարի զաւակաց ուրիշ պարտիքները յիշեցնել։ Այո՛, բարեժառանգ զաւակները շատ պարտիքները ունին առ ծնողս, թէ ի կենդանութեան եւ թէ մահուան էն յետոյ, թէ երկրիս վերայ եւ թէ երկնից մէջ, օրհնեալ եւ գովեալ են այն բարեյիշատակ ծնողք, որ այդ սուրբ պարտիքները անթերի կը կատարեն, որոց կեանք եւ վախճանը միշտ բարի կը լինի աշխարհիս վերայ եւ ընտանեկան բարեկեցիկ երջանկութեան մէջ. ինչպէս կը յորդորէ խրատատուն Սողոմոն իւր առակախօսութեամբ. թէ «Պատուեա՛ զհայր եւ մայր, զի բարի լինիցի քեզ», եւ ընդհակառակն հայր եւ մայր անարգոզաց համար նզովք կը կարդայ. «Որ անարգէ զհայր եւ զմայր, բիբք աշաց նորա խաւարեսցին»: Ո՜հ, ո՜րչափ խստութեամբ կը դատի Սողոմոն այն ապաշնորհ զաւակները, որ ծնողական սիրոյն դէմ կապերախտին, որոց հատուցումն անաչառ արդարութեամբ կը վճռէ ինքն, որ այնպիսի չար յիշատակ զաւակները կուրնան, լոյս եւ արեւ չի տեսնան, խաւար աչքով շրջին աշխարհիս վերայ, որպէսզի տեսնան ու սոսկան հաւատարիմ ու հնազանդ զաւակները։

Ուրեմն ո՜վ դուք, որ աշխարհիս վերայ հայր եւ մայր ունիք. ընտանեկան կենաց ու ծնողական գրկարանին մէջ կապրիք. թէ մեծ եւ թէ փոքր, թէ անդրանիկ եւ թէ կրտսեր, թէ քոյր եւ թէ եղբայր, առ հասարակ ձեզ յորդոր խօսելով համառօտեմ ճառիս միտքը եւ ձեր պարտիքները, ուշադիր եղիք: Գիտէ՜ք, ո՜վ են նոքա որ ձեզ կեանք տուին, այս աշխարհ բերին. նոցա անուն հայր եւ մայր կը կոչուի, եւ ձեր ծնողքն են. դուք պարտաւոր էք նոցա, սէրը՝ սիրոյն դէմ փոխարինել, դուք պարտաւոր էք նոցա, կաթին եւ հացին դէմ՝ Յակովբ նահապետին պատրաստած խորտիկը փոխարինել, որպէսզի արմանապէս ժառանգէք Իսահակայ հօր օրհնութիւնը։ Դուք պարտաւոր էք ամենայն ակնածութեամբ խոնարհիլ ձեր ծնողաց առաջ, հնազանդութեամբ լսել, մեծարանօք ընդունիլ այն ամէն հրամանները, որ ձեզ եւ ընտանեկան կենաց համար բարի եւ օգտակար են։ Դուք պարտաւոր էք ողջակիզին փայտ շալկել, անդիմադարձ երթալ մինչեւ Բեթէլին լեռը եւ հոն թողուլ, որ ձեր թեւեր կապուին ինչպէս Սահակ՝ Աբրահամ սուրբ նահապետին առաջ։ Բան մի չիկայ ինչպէս միանգամ յիշեցի առաջ, բայց միայն Աւետարանի բանը կարող է այդ պարտուց պինդ կապը քակել, եթէ Աբրահամ թողու հաւատքը, դառնայ ի Խառան իւր հօր Բաբայի տունը, պաշտէ հայրենի կուռքը. Սահակ խաչը գրկէ մնայ ի Բեթէլ եւ Գողգոթային գլուխ։ Դուք պարտաւոր էք, երբ կը ծերանան եւ կը զառամին ձեր ծնողքը, դուք նոցա որդի մխիթարութեան եւ ցուպ ծերութեան լինիք. ամենայօժար սիրով խնամել, դարմանել եւ երբէք չը տրտմեցուցանել զիրենք։ Դարձուցէք նաեւ ձեր աչքը Քամայ ժպիրհ եւ հայրածանակ օրինակէն, Նոյի պարկեշտ եւ երկիւղած որդւոց պէս ծածկեցէք ձեր ծնողաց առականքը. որ ընտանեկան տան պատիւն է. զգուշացէք, հայր եւ մայր բամբասողները՝ Աստուծոյ եւ մարդկանց առաջ շատ մեղապարտ են։

Դուք պարտաւոր էք դարձեալ, հայրենի տան փառք, ճրագ. տոհմական ազնուականութիւնը նոյն ճոխութեան եւ փառաւորութեան մէջ պահել, եւ ջանալ միշտ շաղարտել երբէք ճշմարիտ ազնուականութեան պատիւը։ Եթէ աշխարհիս բախտը ձեր վիճակ այնպէս հաներ է, որ դուք աղքատ ծնողաց զաւակ լինիք, շատ է թէ նոցա բարոյական առաքինութիւնր ժառանգէք, որ ադամանդէն, ոսկիէն եւ կորստական հարստութենէն աւելի մեծ է։ Գիտցէք նաեւ, այն ազնուականաց զաւակները, որոնք հայրենի տան հարստութիւնը դիւրապէս կը ժառանգեն, այնչափ մեծ ու գովելի չեն. հապա այն իսկ է աւելի փառք եւ պարծանք, որ ձեր ազնուականութիւնը ձեզմէ սկսի. որով դուք իրաւամբ հայրենի տան հիմնադիր ազնուական կը լինիք։ Եւ քանի՞ գորովանաց արժանի են այն վատ, հեղգ եւ անվաստակ զաւակները, զորս կը հրաւիրէ Սողոմոն որ երթան մրջիւնին գործունէութիւն տեսնեն։ Նոքա թէպէտ կը պարծին, թէ իրենք ազնուականաց զաւակներ են, բայց վատթար եւ վատնիչ տնտեսութեամբ վարուելով՝ հայրենի տան ազնուականութիւն իրենցմով կը վերջանայ, կը շիջանի տան պայծառ ճրագը։ Նոքա, որ երբեմն տէր էին՝ ծառայել ստրուկ կը դառնան։ Մուրացկանաբար կը շրջին եւ. մերթ եւս հանգանակութիւն կընէ նոցա համար Եկեղեցին. ծանուցանելով թէ ճոխ հարստութենէ ինկած արժանաւոր եւ թշուառ անձ մի է. կը խնդրէ որ Եկեղեցւոյ մէջ ծածկեն իւր անունը, երբ ինքն հրապարակին մէջ յայտնապէս կը մուրալ։ Դուք մի այնպէս կարծէք թէ հարստութենէ ինկած ամէն դժբախտներն երկնից կամ աշխարհիս պատահարներէն են. ոչ, դոցա մեծ մասին անկումն՝ բուն իրենց վարած անչափաւոր կեանքէն է։

Բաւ կը համարիմ ձեզ համար այսչափ ո՞վ հաւատարիմ զաւակներ, յուշի պահեցէք ինչ որ գրեցի, լիովին հատուցէք ձեր ծնողաց պարտիքները, որքան Աստուած, օրէնք եւ բնական ծնողասիրութեան գութը պարտաւոր կը կացուցանեն զձեզ։ Յիշեցէք Յիսուսին բանը, «Ինչ չափով, որ չափէք զձեր ծնողս, դուք եւս Նոյն չափով պիտի չափուիք. եւ ինչ որ ցանէ մարդ, Նոյն կը հնձէ»: Սողոմոնի առակը կը խրատէ զձեզ, որ դուք ձեր հօր եւ մօր օրհնութիւնը միանգամայն ժառանգէք։ Բաւ չէ որ միայն հայրն օրհնէ, այլ նա եւ մայրն օրհնէ, վասն զի եթէ մայրն անիծէ, տան հիմերը կը խախտուին։

Ժառանգեցէք ուրեմն երկու բերանոց օրհնութիւնք, որպէս զի ձեր կեանքը եւ վախճանը միշտ բարի ու բարգաւաճ լինի։


ԺԴ.

ՄԱՀ ԾՆՈՂԱՑ

ԵՒ

ՕՐՀՆՈԻԹԻՒՆ

Նոքա, կը ծնին յաշխարհ, նոքա մեռնելով կերթան աշխարհէս հայրեր ու մայրեր կէրթան. զաւակները՝ նոցա տեղը կը փոխանակեն: Բնական կարգն եւ օրէնքն է այս. թէեւ շատ անգամ մահուան տապարը անխտիր կը հատանէ մատաղատունկները եւ հաստաբուն կաղնիները կը թողու։

Ո՛վ են այդ հինաւուրց կաղնիքը. որք կը բարձրանան ընկերական ծառաստանին մէջ եւ իրենց համասփիւռ հովանիքը կը տարածեն իրենց շառաւիղներուն վերայ. նոքա հայրեր ու մայրերն են, որոց երբ կը մօտենայ մահ իւր տապարով, զայն կը տեսնայ ծերունի նահապետ. երբեք չի սոսկար մահուան դաժան երեսէն, այլ գօտեպնդեալ կը պատրաստուի իւր հայրական օրհնութիւն տալ ընտանեաց, եւ ապա վերջին շունչը պարզել:

Ինչպէս կը տեսնամք Ծննդոց գրքին մէջ քանի մի նահապետաց դասին. Աբրահամ աստուածապաշտ նահապետին մահուան համար այսպէս կը պատմէ Սուրբ Գիրք. թէ «Հասեալ ի բարւոք ծերութեան, ալեւորեալ լի աւուրք յաւելալ առ ժողովուրդս իւր»։ Նահապետները գրեթէ բոլորն եւս ծաղկեալ ծերութեամբ ու բնական մահով կը մեռնէին, եւ սորա պատճառն էր՝ նոցա անստգիւտ կեանք, ողջախոհ և անարատ վարք, պարզ ու սակաւապետ սեղան, հողագործ մշակութեան անխարդախ Վաստակ եւ այլն, եւ քան զամէնն աւելի Աստուծոյ օրհնութիւնը, որ բարգաւաճ կառնէր զիրենք։

Նահապետական կենաց մէջ ծերոց օրհնութիւն հայրական ու պապկենական պարտիք մի էր։ Այն ինչ դաշտային վրանին տակ նահապետին վերջին օրերը կը հասնէր, նա կը ցանկար վերջին ընթրիքը վայելել իւր զաւակաց ձեռքէն, եւ աւելի անդրանիկին, ինչպէս կը տեսնամք Իսահակ նահապետին վախճանը, որ կոչելով զԵսաւ, ասաց. «Որդեակ, ահաւասիկ ես ծերացած պիտի մեռնիմ, առ դու զքո նետաղեղն գնա ի յորս, փափուկ որսիկ մի բեր ինձ, խորտիկ շինէ, ուտեմ ու օրհնեմ զքեզ»։ Բայց, ինչպէս ծեր նահապետի ցանկութիւն էր որդիքները օրհնել, այսպէս եւս որդւոց համար կարի նախանձելի էր հօր օրհնութիւն կանխապէս ժառանգել, ուստի ճարտար Յակովբ իւր մօր խրատով փութաց ու յաջողեցաւ Իսահակայ օրհնութիւնը իբրեւ անդրանիկ ժառանգել որ կրտսեր էր։

Իսկ Յակովբ նահապետի օրհնութիւնր իւր որդւոց համար շատ նշանաւոր է, որ երկոտասան նահապետները կանչելով, անդրանիկէն սկսեալ մինչեւ կրտսեր որդին կօրհնէ. եւ այս օրհնութեան նիւթը իրենց կեանքէն կառնէ, եւ ըստ այնմ կը յարմարէ իւր խօսքերը, եւ միանգամայն իբրեւ մարգարէ նախապէս կը գուշակէ նոցա ապագայ կեանքն ու վախճանը։

Բարի նահապետ որ սուրբ ողջախոհութեան նախանձաւոր էր, չի մոռնար անդրանիկ Ռուբէնին ոճիրը. որ յանդդներ էր իւր հօր անկողին ելնել. ուստի թերեւս այս ակնարկութիւն կընէ նորա համար. «Իբրեւ զջուր մի եռասցիս». որով թերեւս այս ակնարկութիւն կընէ. թէ նկուն եւ անզօր լինիս իբրեւ սառուցեալ ջուր, կեանքիդ մէջ չեռաս ինչպէս նոր եւ զօրաւոր գինին ամանին մէջ։ Նոյնպէս չի մոռնար Շմաւոն եւ Ղեւի եղբարց ոխակալ վրէժխնդրութիւնն. որք իրենց քրոջ բռնաբարութեան համար խորամանկութեամբ սուր հանին Սիւքեմայ բնակիչները անխնայ կոտորեցին։ Ընդ որ մինչեւ ցօր Մահուան սրտմտելով մարդասէր Նահապետ կը զայրանայ իւր օրհնութեան մէջ եւ կըսէ. «Շմաւոն եւ Ղեւի եղբարք, կատարեցին զանիրաւութիւն ի կամաց իւրեանց. ի խորհուրդս նոցա մի մտցէ անձն իմ... Անիծեալ սրտմտութիւն նոցա, զի յանդուգն էր եւ ոխութիւն նոցա, զի խիստ էր»։ Կը թողում այլեւս այս կարգին մէջ յառաջ բերել Յուդայի օրհնութիւնը, որ շատ նշանաւոր է. Կորիւն առիւծոյ կանուանէ զնա եւ ձեռքդ, կասէ, քո թշնամեաց թիկանց վերայ զօրանայ եւ այլն։

Աստի խելամտել պէտք է թէ այդ երջանիկ նահապետները որչափ որ բարի եւ արժանաւոր զաւակաց համար բարձր ու փառաւոր օրհնութիւն կուտային. նոյնպէս չար եւ ստահակ որդիքները անիծիւք յէշելով, նոյն իսկ մահուան պահուն մէջ կյանդիմանէին զիրենք որով այդ յանդիմանութիւնն եւս օրհնութիւն կը դառնար նոցա համար եւ թափանցելով որդւոց սրտին մէջ կուղղէր, եւ ի զգաստութիւն կը տանէր նահապետին մահուանէն յետոյ։ Վասն զի բարի եւ առաքինի հօր գերեզմանը եւ յիշատակը ի հողէն եւս կը խօսի եւ կը դաստիարակէ կենդանի զաւակները։ Օրհնութեան շնորհը՝ ոչ միայն մնացորդ զաւակները կը խրատէ ու կը պահէ, այլեւ դարէ ի դար, տոհմէ ի տոհմ հաստատ կը պահէ հայրենի տուն եւ գերդաստանը։ Եւ առ այս կը վկայէ առակախօս իմաստունն թէ «Օրհնութիւն հօր հաստատէ զտուն որդւոյ. եւ անէծք մօր խախտեն ի հիմանէ»։ Սողոմոնին այս վճռական խօսքը կակնարկէ. թէ մօր անէծքն եւս նոյն համազօրութիւն ունի՝ ինչպէս հօր։ Բարի է, թէ որ զաւակները իրենց ծնողաց օրհնութիւնը միապէս ժառանգեն։ Օրինակ մի յառաջ բերենք. եթէ մի հայր իւր մահուան օր բարի տեսնայ իւր զաւակները ու արժանի համարի իւր օրհնութեան, իսկ մահուանէն յետոյ չարանան որդիքները, և մայր, որ տակաւին կենդանի մնացած է՝ անիծէ զիրենք, անշուշտ այս պարագային մէջ վերջին անէծքը՝ առաջին օրհնութիւնը կեղծանէ իրաւամբ, վասն զի անէծք եւ օրհնութիւն Աստուծոյ արդարութեան ձեռքն է, որ առաքինի որդւոց գլուխը երկնից ցօղ կը թափէ. իսկ անքարի շարժառանգ զաւակաց՝ կարկուտ եւ հարուած։ Նկատել արժան է այս. եթէ ծնողք ի բնական գթոյն եւ սիրոյն վարեալ օրհնութիւն կարդան ապիրատ զաւակաց. ես չեմ հաւատար որ այդպիսի օրհնութիւնը հաճոյական թուխ երկնից հօր առաջ. որ թէպէտ չարաց ու բարեաց վերայ իւր մար— դասիրութեան անձրեւ հաւասար կածի, այլ մերթ եւս կը տեսնամք, որ իւր արդար ցասումն ի գործ դնելով ամբարիշտ մարդոց տունը կը քանդի։ Ինչպիս քանդեր եւ արիւնով լուաց Աքայաբին եւ Եզարելին տունը, թագաւոր եւ թագուհին՝ աւերակաց մոխրով ծածկեց։ Աստուած արդարութեան դատաւոր միշտ այնպէս կը դատի. Սողոմոնին վճռագրով, թի «Անիծք Տեառն ի տունս ամբարշտաց, յարկք արդարոց օրհնին»։

Ուրեմն, ով դուք ծնողք, որ հայր եւ մայր վեհ անուան արժանացած էք, եւ որ աշխարհիս վերայ տուն եւ ընտանիք կազմէք. եթէ կը ցանկայք, որ ձեր վախճանէն յետոյ ձեր տուն, ձեր գերդաստան, ձեր ամէն ժառանգութիւն եւ ձեր գործը մշնջենաւոր մնայ, ձեր անունը եւ յիշատակ աշխարհիս վերայ օրհնութեամբ յիշուի, ստոյգ եւ ճշմարիտ օրհնութեան պատրաստեցէք ձեր զաւակները։ Մի՛ անհոգ զանցառութեամբ սպասէք. ձեր այս նուիրական պարտիքը՝ ձեր մահուան տագնապի օր կատարելու. երբ անբարբառ կը լինին մարդոյն շրթունքները ու բերանը. այլ անդստին խանձարուրին եւ օրօրանէն սկսեցէք ձեր օրհնութեան դասերը. այսինքն ծնողական դաստիարակութիւն եւ խրատ, որ լի եւ զեղուն օրհնութիւն կը բերի ամբողջ տան եւ ընտանեաց վերայ:

Ուստի այս անանց օրհնութեան կտակը աւանդեմ ձեզ։ Դուք այնպէս օրհնեցիք, որ նոքա երկնից իմաստութիւնը ճանչնան ու բարձր համարին, աշխարհիս, շնչաւոր իմաստութեան վերայ չի պարծենան։ Օրհնեցիք, որ նոքա հայրենատուր սուրբ կրօն, հաւատք սուրբ հարց աւանդութիւնն անարատ ու անեղծ պահեն, Հայաստանեայց Եկեղեցին սիրեն. Թադէոսի եւ Լուսաւորիչ Հօր հօտին ու փարախին չի բաժնուին։ Օրհնեցիք, որ նոքա Աւետարանը ղրկեն եւ սորվին նորա սիրոյ դասերը. եղբայր սիրեն, ընկեր սիրեն, մարդասիր լինին։ Օրհնեցիք, որ ազգ սիրեն, հայրենիք սիրեն եւ նորա հին անշքացեալ փառք ու յիշատակը չի մոռնան։ Նորա կիսակործան տաճարները յիշեն, օրհնեցիք, դաստիարակեցէք, որ նոքա ուսումն սիրեն. գիտութիւն սիրեն, դպրոց սիրեն, գիրք սիրեն, յառաջդիմութիւն պատուեն։ Օրհնեցիք եւ ուսուցիք. եթէ քաղաքացի են՝ նոր աշխարհի այլ եւ այլ արհեստները սորվին. անխարդախ լինին վաճառելոյ եւ գնելոյ մէջ։ Իսկ եթէ շինական են, հող սիրեն, մաճ սիրեն, եւ աշխատութիւն սիրեն. ափ մը հայրենի նուիրական ու սեպհական հողերին ձեռքէ չի հանեն։ Ի վերջոյ օրհնեցէք, որ նոքա ամուսնասէր լինին, տնաշէն եւ տնտես լինին, բարի եւ ազնուական ընտանիք կազմեն, որով միայն հնար է որ ազգային կեանքը բարւոքի, բարձրանայ իւր համբաւ եւ փառք։

Արդ կը մնայ մեզ, որ աշխարհիկ ընտանեկան կեանքէն դուրս ելնելով՝ խիստ արժան է նահապետական օրհնութեանց հետ շիջել նաեւ այն սուրբ հարք, որ իբրեւ հոգեւոր ծնող կը համարուին եկեղեցւոյ որդւոց. որոց օրհնութիւն առաւել բարձը ու համատարած է ընդհանուր Եկեղեցւոյ բոլոր զաւակաց վերայ։

Չգիտեմ, մեր Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ որդիքները մեր սուրբ Հարց օրհնութիւն ժառանգեցին առ հասարակ, եւ կամ նոյն երանելի հարք թէ բնական մահուամբ եւ թէ նահատակութեամբ երբ գնացին աշխարհէս, արդեօք օրհնեցի՞ն զհայրենի աշխարհ եւ այնպէ՞ս հրաժարեցան։ Ո՜չ, Պատմութիւն յանդիման կը հանէ մեզ, թէ ոմանք այդ չնաշխարհիկ հայրերէն, որ Քրիստոսի հօտին անձնագիր հովիւներէն էին, նոքա խռովեցան յոյժ, դարձուցին իրենց դէմքը ապաշնորհ որդւոց երեսէն ու սրտամնաց վշտակբութեամբ մտան ի գերեզման. Սուրբն Գրիգոր Սեպուհ լեռան գլուխը անշուշտ կաղօթէր եւ կօրհնէը զհայս, բայց միանգամայն կուլար այն ապիրատ որդւոց վերայ, որ դաւաճանեցին սուրբն Տրդատը. Արիստակէս Ծոփաց աշխարհին մէջ հայրադրուժ իշխանի մի ձեռքով խողխօղեցաւ. նոյնպէս Յուսիկ եւ Դանիէլ հաւատամերժ Տիրան թագաւորին ձեռքով։ Հապա մոռնա՞նք մեծն Ներսէս եւ Սահակ Պարթեւ, յորոց մին թունալի բաժակը ինքնակամ խմեց, խմեց եւ դառնութեամբ անիծեց այն ապերախտ գլուխը, որոյ համար Յունաց կայսրութենէն թագ բերէր էր, իսկ միւս սուրբն Սահակ անխորհուրդ նախարարաց կամակորութեան եւ մատնութեան համար միթէ չողբա՞ց ու չը հառաչե՞ք մինչեւ գերեզմանին դուռը:

Այսպէս ահա մեր պատուական սուրբ հարք գնացին աշխարհէն, եթէ նոքա Յիսուսի հեզութեան նմանելով իրենց հալածչաց եւ սպանողաց դէմ նոյն ձայնով աղօթեցին. «Հայր, թող սոցա...»։ Սակայն առանց օրհնութեան հեռացան, վասն զի անխրատ եւ ապառում որդիքները չը կամեցան նոցա օրհնութիւնը ժառանգել։ Որով, մեր տուն ու տեղը քանդուեցաւ։

Եթէ կը հաւատայք, Հայոց որդիքները, թէ Աստուած դատաստանը այսպէս տեսաւ որ դատեց, ուրեմն անցելոյն մեղքը ներկային մէջ քալելով ուշաբերիմք, ճշմարիտ հաւատարիմ եւ անձնադիր հարց ու հովուաց օրհնութիւնը միշտ ժառանգել, չապերախտիլ երբէք նոցա դէմը. այլ ըստ Պօղոսի խրատուն յարգել Եկեղեցւոյ ընտիր վաստակաւոր եւ տքնող մշակները, որոց թիւը միշտ օր ըստ օրէ պակասեցաւ. եւ Հայոց եկեղեցւոյ հունձերը անմշակ մնացին այսօր։ Երանի՜ թէ, աղաչող հաւատացեալ որդիքները չը պակսէին, որով թերեւս գթար Տէր ու լսէր նոցա աղաչանաց։

Այսչափ համառօտ յիշատակութիւնը հերիք է Եկեղեցւոյ հարց օրհնութեան համար. այժմ դառնամք նոյն ընտանեկան նահապետաց օրհնութեան վերայ, եւ աւարտեմք այս գլուխը, յորդորելով, որ ամէն ընտանեաց բարեկեցիկ զաւակները թէ բնական պարտեօք թէ Սուրբ Գրոց հոգետու խրատներով պարտաւոր են իրենց ծնողաց օրհնութիւն արժանապէս ժառանգել. հեռի եւ ի բաց մնալով այն ամէն ապերախտութենէ, որ ստահակ, անհնազանդ եւ անժառանգ որդիքները կը հատուցանեն իրենց ծնողաց. որոց կեանքն ու վախճան աշխարհիս վերայ դառն ու կարճատեւ է եւ ոչ երբէք երկայնակեաց կը լինին նորա երկրիս վերայ։

ԺԵ.

ԸՆՏԱՆԵԿԱՆ ԿՏԱԿ

ՅԻՇԱՏԱԿ

Ընտանեկան կենաց մէջ ծերունի Նահապետք իրենց վերջի օրհնութենէն յետոյ՝ վերջին անհրաժեշտ պարտք մի եւս ունին, այն է կտակը, կեանք եւ յիշատակ, եւ կապրին նոքա հազարաւոր տարի, եւ նոյնիսկ գերեզմանին մէջ։

Կտակը տիրապէս կը նշանակէ այն սուրբ աւանդ եւ յանձնարարութիւնը, զոր մարդ իւր կենդանութեանը ուրիշ կտակակատար անձի մի կաւանդէ, որ յետ իւր մահուն կատարեն իւր կտակը՝ աննենգ եա անվրէպ հաւատարմութեամբ։ Կտակակատար անձն շատ անգամ եւս իւր կտակը ինքնին ձեռօք կը կատարէ ի կենդանութեան եւ կամ կը փոփոխէ զայն։ Նա անբռնադատ է այո իրաւանց մէջ, զի կտակը միայն իւր ազատ կամքէն կախումն ունի։ Բայց ինչպէս կը վկայէ Պօղոս Առաքեալը՝ Կտակ յետ մահուան հաստատուն է, զոր եւ ոչ աշխարհիս թագաւորաց բուռն հրամանը կարող է խախտել զայն կամ ըստ կամս փոփոխել։

Թէ Սուրբ Գրոց եւ թէ Ազգային պատմութեանց մէջ նկատելով կը տեսնամք, որ կտակը երկու կերպ աւանդուած էր կամ իբրեւ բարոյական պատուէր եւ կամ նիւթական նուէր։ Նիւթականին օրինակները շատ կը տեսնամք մեր վաղեմի եւ արդի յիշատակարանաց մէջ, որ բազմաթիւ աստուածապաշտ անձինք թէ արք եւ թէ կանայք, իրենց սեպհական կալուածներէն կամ հարստութեան գանձէն կտակելով նուիրած են Եկեղեցեաց, վանորէից շինութեան եւ յարատեւ պայծառութեան՝ որոց առ հասարակ տէր եւ ժառանգորդ եղեր է ժողովուրդը առանց վաստակելոյ։ Եթէ հետազօտեմք մեր նախնեաց ձեռագիր յիշատակարաններ, բազմաթիւ վանորէից ու տաճարաց արձանագրութիւնք պիտի գտնեմք, որ դոքա մեծ մասն՝ կտակաց շնորհիւ հաստատուած են առանձին առանձին իշխանաւոր ու հարուստ ընտանեաց ձեռքով։ Ով չի հաւատար որ Անւոյ հազար եւ մէկ Եկեղեցիք կտակաց ու յիշատակտուաց օժանդակութեամբ կառուցուած են, որոց անունները դեռ կը նշմարուին աւերակ ու կիսակործան տաճարներու վրայ։ Եւ ոմանք տեսնելով կը զարմանան ու այսպէս կը դատեն թէ Հայոց ճոխութիւն եւ երկրի գանձերը՝ վանքերու եւ հոյակապ տաճարներու շինութեան համար սպառած են։

Իսկ բարոյական կտակ ու պատուէրը, որ խառն է օրհնութեամբ ու դառն անիծիւք, այդ եւս սքանչելի կերպով կը տեսնամք Սուրբ Գրոց մէջ։

Աբրահամ նահապետ իւր վախճանին մօտ կասկածելով թէ գուցէ կանուխ մեռնելով՝ Իսահակ որդին մոռնայ հայրենի տան ազգակցութիւնը, պանդուխտ երկրի մէջ օտար ընտանեաց հետ ամուսնանայ, կը կոչէ իւր հաւատարիմ ծառայն եւ կտակաւ կը պատուիրէ որ Քանանացւոց երկրէն չընտրէ ամուսին Իսահակայ որդւոյն համար, եւ ուխտիւ երդում կառնու իրմէն չդրժել այս կտակին դէմ։ Նոյնպէս Իսահակ Աբրահամէն ուսեալ Նոյն կտակաւ կը պատուիրէր Յակովբայ, Քանանացւոց երկրի աղջիկներէն չառնուլ, այլ միայն իւր մօրհնական տան ազգակցութենէն ընտրել իւր ամուսին։ Յովսէփ նահապետին կտակը շատ նշանաւոր էր, որ ցանկութեամբ կը խնդրէր ու կըսէր. թէ «Երբ Տէր Աստուած այցելութեամբ կը հանէ Իսրայէլի տան ժողովուրդը Եգիպտոսէն, հանէք եւ դուք իմ ոսկորներս այն երկրէն եւ տարէք ամփոփեցէք իմ հարց շիրիմներուն ծոցը»։

Նահապետաց կտակէն յետոյ առաւել մեծ եւ նշանաւոր էր Մովսիսին կտակը, որ իւր վախճանին մօտ բոլոր Իսրայէլի ժողովուրդին կաւանդէր, որ էր մի միայն Աստուծոյ օրէնք եւ պատուէրները, զորս կրկնելով կաւանդէր Յակովբայ տան ու ընտանեաց. երկնից օրհնութիւն կը օրինապահ որդւոց գլխոյն, իսկ անէծք եւ նզովք կը սպառնար նոցա, որ ստունգանալով պատուիրազանց կը լինին։

Այլ մեր գթած Յիսուսի կտակը լի էր ամենազեղուն օրհնութեամբ. զոր վերջին ընթրեաց իրիկուն կաւանդէր իւր սիրելի խմբին եւ բոլոր հաւատացելոց. նորա սուրբ կտակը սէրն էր, զոր միշտ կրկնելով կաւանդէր, եւ կտակագիրն Աւետաբանն էր։

Այս կտակագիրը թողուց Յիսուս. չէ թէ մի ընտանեաց կամ մի ազգի համար, ինչպէս Մովսէս, այլ համայն Եկեղեցւոյ ընտանեաց կաւանդէ իւր հայրապատուէր կտակը, որ լի ու լի պատարուն է երկնատուր օրհնութեամբ. զի նորա սուրբ եւ անդրժելի կտակապատուէրը իւր աւանդած հաւատքն է, ընկերսիրութիւնն է, համատարած խաղաղութիւնն է, կարեկից համբերութիւնն է, թողութիւն եւ ներողութիւնն է։ Եթէ մահկանացու մարդոց կտակ յետ մահուան այնչափ հաստատուն է, որչափ անմահ Աստուածորդւոյն կտակը, որ խաչին արիւնով եւ նոր յաւիտենական ուխտիւ կնքուած է։

Ուստի թէ Մովսէս, թէ Յիսուս, թէ Առաքեալք եւ թէ Եկեղեցւոյ սուրբ Հարք, ինչ որ աւանդեր են, պարտաւոր կը մնան Եկեղեցւոյ ընտանիքը եթէ զայնս անեղծ եւ հաստատուն չը պահեն։

Շողունք այս բարոյական կտակը, որ մեր մասնաւոր առարկայէն բարձր է, խօսինք դարձեալ նիւթականին վերայ, որ աշխարհիս բախտաւոր եւ հարուստ ընտանեաց համար մի անհրաժեշտ պարտիք է։

Մարդ, թէ այր եւ թէ կին, երբ յիշէ իւր օրահաս վախճանը եւ մտաբերէ թէ՝ ինքն մահկանացու է եւ պիտի մեռնի ու թողու այս աշխարհս, ընտանիք, սիրելիք, գանձ, հարստութիւն եւ շատ կալուածները. իմաստուն եւ արդար տնտես է այն մարդը, եթէ ցանկայ իւր մահուան եւ գերեզմանին մէջ եւս ապրիլ: Եւ ի՞նչպէս, կտակաւ եւ բարի յիշատակով, այսինքն իւր սեպհական հարստութենէն մի բաժին հանէ ազգին. բաժին հանէ աղքատ ընտանեաց առանց երբէք զրկելոյ իւր տան ընտանիքը։ Երջանիկ կը լինէր ազգը, երջանիկ կը լինէր մեր հայրենիքը, եթէ ազգին մէջ գտնուած իւրաքանչիւր գանձատէր անձինքը՝ առանց կտակի եւ յիշատակի չմեռնէին։

Սակայն շատ բուռն է մարդկանց մոլեկան ագահութիւնը, որ մարդոց սիրտ եւ հոգին կը կապէ մինչեւ վերջին շունչ. նա հոգին տալու կը յօժարի, քան թէ գանձ ու ստացուածք. նա իւր անդին հոգւոյն փրկանաց համար երբէք չի հաճիր դուզնաքեայ գանձ փոխարինել. թէեւ հնար լինէր հոգին անդրէն վերադարձնել։ Ուստի ագահ մարդոց կտակը եւ անյագ տենչն այն է, որ իւր գանձը իւր հետ ի գերեզման տանի ու թաղէ։ Եւ ճշմարիտ է այս, ապա թէ ոչ ի՞նչ է պատճառ, որ աշխարհիս ագահները շատ անգամ իրենց գանձերը հողին տակ անյայտ կը թաղեն. ուր կը թաղեն նաեւ իրենց քարաժեռ սիրտը, ինչպէս կը վկայէ սրտագէտ Յիսուս թէ. «Ուր գանձք ձեր են, անդ եւ սիրտք ձեր եղիցին»։

Ոչինչ զանազանութիւն չունին ագահէն նաեւ այնպիսի մարդիկ, որ չափազանց ընտանեսէր լինելով վաղուան եւ ապագային համար հեթանոսաբար կը հոգան. իրենց ամէն ջանք ու վաստակը միայն իրենց գերդաստանին համար կը պատրաստեն. նոցա համար բնաւ փոյթ չէ ընկերսիրութեան պարտիք եւ կամ ազգին կարօտ ընտանիք։ Եկեղեցի, դպրոց, կտակ եւ յիշատակ, այս ամէն՝ նոցա եւ այնպիսեաց մտքէն հանուած է։ Նոքա նախախնամութեան չեն հաւատար եւ կուրանան երկնից Հօր խնամքը, որ ճնճղկան բունի ընտանիքը չի մոռնար, այնպիսիք որ թէպէտ իրենց ժլատութեան ձեռք մինչեւ ի գերեզման կը կծկեն, բայց ի պատիժ նոցա՝ ժառանգորդ ընտանիքը ամենայն շռայլութեամբ կը բանան իրենց ձեռքը ու անխնայ կը վատնեն բոլոր հարստութեան գանձը, որով ճոխ մեծատան ընտանիքը կարօտ մուրացիկ կը լինին, որոց բազմաթիւ օրինակներն անցելոյն մէջ պատմութիւն կաւանդէ եւ ներկային մէջ մեք մեր աչքով կը տեսնամք։

Կտակարարութեան պարտիր միայն մեծատան ընտանեաց համար չէ, այլ ազգին իւրարանչիւր անհատ անձինքը առանձին իրենց կտակն ունին։ Արծաթով եւ անարծաթ կղերները թող մէկը իւր արծաթը կտակէ, միւսն իւր գիրք եւ խրատ։ Թող կտակեն նորա Եկեղեցւոյ որդիրներուն, հայրենատուր հաւատր եւ հարց աւանդութիւնը պինդ պահել։ Թող կտակեն նորա Հայոց գաղթական զաւակներուն ուր որ կը լինին. Արարատ եւ էջմիածնի Կաթուղիկէն չի մոռնան։ Թող կտակեն նորա սուրբ Ղեւոնդեանց ու Վարդանանց խաչ եւ անձնանուիրութիւնը։ Թող կտակէ քաղաքացին իւր ընտանեաց՝ արհեստ, աշխատութիւն, վաճառաշահութիւն, տնտեսութիւն, խնայութիւն եւ բարոյական կեանք։

Իսկ շինական աշխատամաշ ծերունիքը թող այս կտակն աւանդեն ընտանեաց, որ սիրեն հին նահապետական պարզ կեանք, սիրեն մշակութիւն, հողն ու մաճը. երբէք չի վաճառեն իրենց կեանքն ու հարստութեան մշտաբուխ աղբիւրը, այսինքն հայրենի երկիրն ու գետին։

Եւ դուր ի՞նչ պիտի կտակէր, հայրենեաց կարօտ խեղճ պանդուխտ Հայեր. դուր կտակեցէր ձեր զաւակաց ու եղբարց, երբ օտարութեան մէջ կը հասնի ձեր վերայ, ո՜հ, մահ ու գերեզման։ Այո՛, նզովիւր կտակեցէր, որ նորա հայրենի հողին ու երկրին մէջ տքնին ու աշխատին, թող մեռնինք թող իրենց գերեզման իրենց արտիկ լինի, թող չիգան այս տեղը, ուր ձեր ազատ եզն ու մաճ թողլով՝ բեռնակիր կը լինիր. եւ շատ անգամ բեռանց ծանրութենէն ձեր ոսկորները կը ճարճատին եւ ձեր հուժկու բազուկները կը թուլնան. երես ընդ դետին կը թաւալիր փողոցի սալայատակաց վերայ. կը բառնան ու կը թաղեն զձեզ անյիշատակ շիրիմներու մէջ, ուր չեն ու չկան ընտանեկան գերեզման, ձեր պապերուն ու մամերուն խաչաքարեր եւ ոսկորները։

Իսկ դու, հէք Արծուիդ Վասպուրական. քո կտակն ի՞նչ է. թէ որ մահն զքեզ պանդխտութեան մէջ նետահարէ. «Կամք Տեառն օրհնեալ եղիցի» կդասեմ եւ կաւանդեմ իմ կտակը իմ սիրելի, հաւատարիմ եւ մտերիմ Ազգին՝ որ զիս բառնան տանին այն հողին աւանդեն. եւ դնեն զիս ի դիր հանգստեան Վարագայ խաչաքարերու տակը, ուր թերեւս շիրիմս ու ոսկորներս խառնուի. Եղիսէի նման սուրբ հարց շիրիմներուն հետը. ես մեզապարտ մեռեալս, արժանի լինիմ նորոգ յարութեան ննջելով ի քրիստոս հաւատով եւ յուսով։


ԺԶ

ՏԱՆ ԵՐԷՑ

ԵՒ

ԻՒՐ ՊԱՐՏԻՔ

Ինչպէս ընդհանուր Հայրապետ Հայոց իբրեւ ծայրագոյն հովիւ, եւ տնտես է բոլոր Հայոց գերդաստանաք իւրաքանչիւր իրենց վիճակին վերայ նոյն հոգեւոր տնտեսութեան պաշտոնն ունին, այսպէս եւս ընտանեկան եւ առտնին Եկեզեցւոյ փոքրիկ հօտին՝ փոքրիկ հովիւներն են Տաներէց քահանայք՝ որոց միայն յանձնուած է ընտանեկան հոգեւոր պէտքերը հոգալ ու մատակարարել: Տաներէց, որ թէպէտ իւր վիճակաւոր Եպիսկոպոսին իշխանութեան տակ ստրուկ համարուած է, եւ նոյն իսկ ժողովուրդին առաջ այնչափ ըստ արժանւոյն պատուասիրեալ չէ. մանաւանդ մեր բարեկարգ ժամանակի մէջ, յորում Եկեզեցւոյ տնտեսութեան վաղեմի օրէնք եւ կանոնական վճիռներ այլափոխուած են։ Բայց տաներէց քահանային հովուական պարտիքն ու կոչումն՝ շատ մեծ, շատ նաիրական եւ շատ արդիւնաւոր հոգեւոր աշխատութեան մշակութիւնն է։ Վասն զի նորա սեպհական պարտիքն է, ընտանեաց նորածին երախայք սուրբ Եկեղեցւոյն մկրտարանին ջրով մաքրել ու որդեգրել Աստուծոյ։ Նորա պարտիքն է ամուսնութեան սուրբ պսակ դնել. նորա պարտիքն է խոստովանութեամբ ընտանեկան գաղտնի ու յայտնի վէրքերը դարմանելով բժշկել: Նորա պարտիքն է մահուան ծանր ստուերին տակ հեծող հիւանդը սուրբ եւ ջերմեռանդ աղոթքով կազդուրել եւ հոգին հաւատով զորացնել։ Նորա պարտիքն է ննջեցեալը ի հող դնել ու կնքել նորա գերեզմանը Խաչիւ եւ Աւետարանով։ Նորա պարտիքն է սգաւոր ընտանեաց սուգը չափաւորել, խրատել որ հեթանոսաբար չողբան յոյս ու հաւատ չունենալով հանդերձեալ կենաց։ Նորա մեծ պարտիքն է աղքատ ու չքաւոր ընտանիքը՝ չէ թէ միայն սոսկ մխիթարական խօսքերով սփոփել, այդ արդեամբ իբրեւ ճշմարիտ հայր հոգալ նոցա պէտքն ու կարիքը. հարուստ եւ ողորմած ընտանիքներէն հայթայթելով՝ թշուառ տնանկին կարօտաւոր զաւակները կերակրել։

Նորա մեծ եւ սեպուհ պարտիքն է, երկրի վերայ իբրեւ երկրաւոր հայր՝ խնամ տանել բոլոր ծխական ընտանեաց. մանաւանդ նոցա պատահար թշուառութեանց մէջ Յիսուսին նկարագրած գորովալիր դթութեան տիպարը լիովին յանձին բերել. ի բանտ գնալ. բանտաւորին կապանքը դիւրացնել, հիւանդին ի տես գնալ, սուրբ Պօղոսին թաշկինակով նորա քրտինքը սրբել, դեղ ու ճար գտնել. թէ քաղցեալ է՝ հաց տալ, թէ ծարաւ է՝ ջուր տալ. թէ մերկ է՝ հանդերձ եւ այլն։ Եթէ այսպէս վարի Տաներէց հովիւն, եթէ իւր այս պարտիքները խղճի մտօք կատարէ, յիրաւի՝ յայնժամ տիրապէս Քահանայ Աստուծոյ կը կոչուի, լինելով կատարեալ որպէս երկնաւոր Հայր։

Տակաւին քան զամէն առաւել մեծ պարտիք մի ունի Տաներէց հովիւը, զոր պէտք չէ մոռնալ, եւ ի՞նչ է, առտնին հոգեւոր դաստիարակութիւնը, որ պէտք է հաւասար ընթանան ծնողաց դաստիարակութեան հետ։ Ես այնպէս կը դատեմ, որ կրօնի եւ հոգեւոր դաստիարակութեան պարտիքը՝ դպրոցի վարմապետին չէ, այդ Տաներէց Քահանային բաժին է, որ պարտաւոր լինելով իբրեւ առտնին Եկեղեցւոյ տնտես՝ պէտք է ինքնին բաշխէ ու մատակարարէ հոգեւոր դաստիարակութեան հացը ընտանեկան սեղանին վերայ, եւ այդ հացն է մի միայն Աւետարան. բովանդակ սուրբ Գիրք. որ է Կենաց բան. ու վարդապետաց դիւրաւուր խրատները. որք առ հասարակ գրեթէ սուրբ Գրոց մտքին պարզապէս բացատրութիւնք են։

Ճշմարիտ խօսելով, ընտանեկան հոգեւոր վիճակը եւ կեանք յայնժամ կեղծանի, երբ Տաներէց Քահանայն տգէտ եւ անուս է. որ բաւական կը համարի իւր պաշտօնին համար Սաղմոս, Շարական եւ Մաշտոց, որ միայն Եկեղեցւոյ խորհուրդներ եւ ծխական կարգերը կատարելով՝ քահանայութեան բարձր պաշտօնի միւս պարտիքները անկարեւոր կը դատի։ Տաներէց Քահանային տգիտութիւնը շատ մեղադրելի է. թերեւս փոքր ինչ այդ մեղադրանք թեթեւնար, եթէ բարի ու անբասիր վարքով եւ գործնական ընտիր օրինակով տգէտ Քահանայն քօղաւորելով ծածկէր իւր տգիտութիւնը, ու տգիտութեամբ այնչափ վնասակար չէր լիներ ընտանեկան կենաց, խօսքին տեղը՝ միայն օրինակը քարոզելով։ Քայց եթէ գիտուն եւ թէ տգէտ Տաներէց երթ իր վարուց ու պաշտօննին մէջ կը զեղծանի. երբ բարի օրինակին տեղը՝ գայթակղութեան չարօրինակ կուտայ, այնուհետեւ բարի եւ երկիւղած ընտանեաց համար՝ հոգեպէս մեծ վտանգ է. որ թէ չգիտեն ուրիշ արժանաւոր հովիւ մի՝ կը պարտաւորին առանց քահանայի մնալ, Աստուծոյ հովուութիւնը խնդրել։

Սակայն արժանաւոր եւ անարժան պաշտօնէից մէջ ընտրութիւն առնել պէտք է. երբ ընտանեաց ձեռքն է այդ իրաւունքը եւ ազատութիւնը, թող խորհին եւ այնպէս ընտրեն Տաներէց Քահանայն։ Եւ եթէ գտնեն այդ արժանաւոր ու պատուական պաշտօնեայն, պէտք է կրկին պատուոյ արժանի համարին զինքն, որոյ համար իսկ յատկապէս կը պատուիրէ Առաքեալը։ Եթէ ընտանեաց իրաւունքն է Տաներէց Քահանայէն պահանջել, ինչ որ քահանայութեան պաշտօնին եւ կարգին վայելուչ պարտիքն է, նոյն Տաներէց Քահանային իրաւունքն է՝ պահանջէլ իր պաշտաման ու հոգեւոր աշխատութեան վարձքը։ Մշակը՝ իւր վարձուց արժանի է, կը խօսի Տէր ով կարող է ժխտել թէ իրաւունք չէ այս եւ Առաքեալը կը հաստատէ սոյն իրաւունքը, թէ «Զինուորը իւր թոշակով զինուորիր». եւ ուրիշ խոսքով դարձեալ նոյն բանը կը կրկնէ. թէ «Սեղանոյ պաշտօնեայն, արժան է որ նոյն սեղանէն կերակրուի»։

Արդ, ընտանեկան սեղանոյն պաշտօնեայն Տաներէցն է. պէտք է որ սեղանին հացէն լիապէս կերակրուի, ապա եթէ գրկի, անհատուցումն, անվարձ մնայ իւր հոգեւոր մշակութիւնը, նա հոգւոց հանելով կը կատարէ իւր պաշտօնը. որով ընտանեկան փարախին փոքրիկ հօտը պարտաւոր կը մնայ իւր հովուին առաջ. ոչ կաթէն՝ կաթ, եւ ոչ բուրդէն բուրդը՝ պարտեաց փոխարէն վճարելով։ Եւ միթէ իրաւունք ունի՞ն յայնժամ՝ Տաներէց մշակին վարձք հատանող ընտանիքը տրտունջ բառնալ ու միշտ գանգատ եւ թէ զմեզ հովուելու եւ մեր հոգեւոր պիտոյք հոգալու բարի հովիւ եւ արժանաւոր պաշտօնեայ չունիմք։

Այլ դուք, ով ժողովուրդ եւ ընտանիք Հայոց, մի սրտրտիք, թէ ասեմ, ձեր տրտունջն անիրաւ է. ժողովուրդի ընտիր որդիքներէն ո՜վ յանձն կառնու քեզ համար հովիւ ու Տաներէց լինել, երբ դու արժանաւորին եւ անարժանին մէջ ընտրութիւն չունիս։ Դու Աւետարանին ազատ զինւոր եւ Եկեղեցւոյ պատուարժան պաշտօնեայն ճնշեր ստրկացուցեր ես շքաւորութեան լուծին տակը, եւ կը սպասես տակաւին որ նոքա վեհանձն եւ ազնուական կերպով շարժին, ձրի շնորհը՝ ձրի տան, չագահին, անաչառ լինին, ճշմարտախօս լինին, սուրբ լինին, բարի վարքով փայլին, բարի օրինակով հանդիսանան, օրինաց նախանձաւոր լինին, թէ յանցապարտ լինիս զքեզ կշտամբեն. թէ չուղղիս՝ հեթանոս համարին, թէ յանդդնիս Դէոդոս կայսեր նման ձեռք լի արիւնով Եկեղեցւոյ գաւիթը մտնել, Ամբրոսիոս քաջ հովուին պէս իբրեւ Ամենակալին ահարկու հրեշտակը քո դէմ կենալ ու Եկեղեցւոյ գաւթէն զքեզ արտաքս մերժել։

Ահաւասիկ իմ դատաստանս այս է. ես գիտեմ, դուք չէք հաւանիր, կասէք, թէ այդ խստութիւն է, հաւատաքննութիւն է, անցաւ այն դարը, պէտք է մեր Տաներէց Քահանայք, հոգեւոր կատարելութեամբ հանդերձ՝ քաղաքակիրթ ու քաղաքավար լինին, ճանչնան ժամանակ եւ ժամանակի պահանջումները, բարեկամ լինին յառաջդիմութեան, եւ մեր ընտանիքը ի նոյն յորդորեն ու համոզեն։

Ուրեմն ըստ ձեր դատաստանին, եթէ ընտանեկան կեանքին շահն ու պէտքը այդպիսի հոգեւոր ժիր մշակ կը պահանջէ իւր անդին եւ անդաստանին համար, հապա այլ եւս ի՞նչ կը վարանիք, ի՞նչ կը դեդեւիք, ճանչցէք, որոշեցէք ու ընտրեցէք այն արժանաւոր անձն բարի եւ առաքինի ընտանեաց մէջէն։ Ընծայացուն երկնից հրեշտակներէն չէ. մարդկային ընտանեաց սեռէն է, եւ ընտանիքը կը ծնի զայն. ձեր իրաւունքն է ձեր ձեռքն է, ընտիր անձինք որոշեցէք եւ ապա ածէք Եպիսկոպոսին առաջ, թող ձեռն դնէ եւ օրհնէ ձեզ Քահանայ։

Բայց դուք, երբ պիտանին ու պատուաւորը, ուսեալ և արժանաւոր անձինքը կը թողուք, անպատիւ, տգէտ եւ անարժանը յառաջ կը վարէք. կընտրէք եւ կը վկայէք իսկ եպիսկոպոսին եւ Եկեղեցւոյն առաջ, եթէ ճշդիւ հարցաքննութիւն լինի, Ժողով եւ Եպիսկոպոսը արժանի չհամարին ձեռնադրութեան, ես գիտեմ ու տեսայ թէ որքան կը խստանաք եւ կամակոր յամառութեամբ ստահակ միջոցները ի գործ դնելով վերջապէս անարժան անձն ի պատիւ Քահանայութեան կը հանէք։ Եւ այնուհետեւ երբ մտաբերելով կզգաք թէ սխալած էք, կը ստրջանաք, կը տրտնջաք ու կսկսիք չարաչար ձեր ընտրած ու հաւնած կղերը դատել ու բամբասել։ Եւ շատ անգամ եւս ոմանց անարժանութիւնը առիթ բռնելով ամբողջ Եկեղեցական դասն անարգելով, ոտնահարելով վատաբանելով նշաւակ կը կացուցանէք զիրենք աշխարհին առաջ։ Չգիտեմ կը կարծէք ու կը հաւատա՞ք թէ այդպիսով կուղղէք զիրենք, որոց անուղղութիւնը Քահանայութենէն յառաջ բնաւորեալ է եւ դուք յաճախ կը տեսնայիք զիրենք. փորձը ձեր աչքին առաջն էր. դուք քաջ գիտէիք ու կը ճանաչէիք։

Բայց թոյլ տուէք որ անաչառ խօսիմ, միթէ դուք իբր եւ թէ կարեկից լինելով մարդասիրութեան պատրուակաւ ձեր բարեկամաց հաց ու գործ ճարելու համար չաշխատեցա՞ք զիրենք Քահանայ ձեռնադրել տալու, եւ յետոյ իբրեւ մեծ վարձք եւ առաքինութիւն համարելով, կը խօսիք եւս պարծանօք. թէ «Խեղճին ընտանիք թշիխառութենէ ազատեցիք» եւ այլն։ Այդպէ՜ս է, մի ընտանիք իւր թշուառ վիճակ էն ազատելու համար՝ ուրիշ ծխական ընտանիքները հոգեպէս թշուառացուցիք։ Չգիտեմ. Եկեղեցւոյ գերագոյն դատաւորին առաջ ո՞րն առաւել դատապարտութեան արժանի է, Եպիսկոպո՞սը, որ աչառեց ու ձեռնադրեց, թէ ժողովուրդը, որ զայն ընտրեց ու ընծայեց։

Այլ կը թողում այս մասն այժմ, մտադիր լինելով յայլում տեղւոջ ընդարձակապէս խօսիլ, եւ ժամանակն իսկ կը պահանջէ զայդ. վասն զի շատ տարապարտ տրտունջները կը բարձրանան երկու կողմէն կղերին ու ժողովուրդին, որք ընդ աչս դատելով զիրար կը բամբասեն չարաչար առանց դատաստանի ու քննութեան։

Իսկ մեք, որ նոյն կղերաց դասուն տրուպն ու յետինն եմք, յորդոր կը կարդամք նախ բոլոր Տաներէց քահանայից, որ ճանչնան իրենց սուրբ պարտիքը. Հիշեն որ պատասխանատու են նորա առաջ, որ կսպառնայ ու համար կը պահանջէ ամէն հովիւներէն թէ մեծ եւ թէ փոքր. Տաներէցն եւս իւր տան հաշիւը պիտի տայ։

Նաեւ յորդոր կը կարդամ այն բոլոր Հայ ընտանեաց, որը եթէ գիտեն խղճիւ թէ հոգեւոր եւ արժանաւոր պաշտօնէին պէտքն անհրաժեշտ է. ուրեմն թող աչառելով անընտրող չը լինին, թող խոտանն ու անպիտանը ի բաց թողուն. ընտրեն եւ իրենց բարի որդիքներէն ընծայեն Աստուծոյ Եկեղեցւոյն. արդար Աբելին պէս արդարապէս որոշելով Աստուծոյ բաժին եւ ոչ թէ ժլատ ու խնայող Կայէնին պէս անարգն ու անպէտը հանել Աստուծոյ մասն։

Արդ, դուք, ո՛վ ընտանիք Հայոց, ճառիս բանը՝ այս մի բանով աւարտեմ. եթէ Տաներէց քահանայն ձերն է, ձեզ համար է, եւ ձեր հոգեւոր մշակն է, ձեր բարին դուք ինքնին ճանչըցէք, ձեր մշակն ընտրեցէք, արժանաւորն ընտրեցէք, ուսեալն ընտրեցէք, հաւատարիմն ընտրեցէք. եւ եթէ կայ տակաւին ձեր մէջը հրեշտակակրօն ընտրեցէք. եւ քանի որ ընտրութեան այս իրաւունքը ձեր ձեռքն է, դուք այսօր եւ յաւիտեան իրաւունք չունիք գանգատիլ։


ժէ.

ԸՆՏԱՆԵԿԱՆ ՊԱՏԿԱՌԱՆՔ

ԵԻ

ԱԶԱՏՈԻԹԻՒՆ

Ընդհանուր տեսութեամբ խօսելով՝ ընտանեկան պատկառանք եւ ազատութիւն, երկուքն եւս մարդոյն համար ի բնութենէ տրուած ազատ կամաց եւ բնական զգացման օժիտներն են։ Միայն թէ մարդ պարտաւոր է զայն օրինօք վարել եւ ոչ թէ ծայրայեղ ազատավար մոլութեամբ կամ նախապաշարեալ հնութեամբ։ Մեր հին ընտանեկան կեանքին սաստիկ պատկառանք եւ ամօթխածութիւնը, որ կնոջ գլուխ եւ երեսը թանձր քօղով կծածկէր ու կը փակէր զայն տան ու վրանին տակը, եւ նորա հարսն պարտաւոր էր եօթնամեայ լռութիւնը պահել իբրեւ պահք, անշուշտ նոր աշխարհին առաջ շատ պարսաւելի վարմունք է:

Իսկ հին աշխարհը, որու Նահապետները դեռ մեր հայրենեաց մէջ շատ կան, նոքա դատելով կը դատեն աշխարհի ընտանեկան կեանքին ծայրայեղ ազատութիւնը, որ իսպառ կը բառնայ պատկառանաց քօղն ու շուքը, կինն ազատ կը թողու ընկերական հրապարակին մէջ, որ նա նոյն իսկ իւր հարսանեաց օրը լեզուն բանալ, խօսի, պարէ, իբրեւ հարսնեւոր զուարճանալ եւ նոցա հետը խնճուից սեղանին վրայ հրճուի եւ մերթ եւս ծիծաղ արձակէ, որովհետեւ ըստ Պղատոնի սահմանին՝ միթէ կինն եւս ծիծաղական մարդ չէ՞։

Ուղղապէս դատելով, երկու աշխարհի ծայրայեղ վարմունքն եւս չափազանցութիւն կը համարուին ուղիղ բանաւորութեան եւ բարուական օրինաց առաջը։ Ափսո՛ս, որ այս աշխարհիս մէջ միջին եւ ուղիղ ճանապարհով քալել դժուարագոյն է։ Մարդիկ սովորած են չափազանցել եւ իրենց կիրքերէն վարուելով կը խոտորին միշտ յաջ կամ յահեակ, միջասահման ուղիղ ճամբուն վերայ խիստ սակաւ մարդիկ կը լաջողին որ համեստ ընտանեկան կեանքի ուղղութիւնը պահելով չեն խոտորիր, հետեւելով միշտ բարոյական օրինաց եւ բնական խղճին դիտակցութեան, որք լոյս են եւ միշտ մարդը դէպ ի լոյս եւ ուղղութիւն կառաջնորդեն։

Շողունք հին եւ նոր աշխարհի ծայրայեղութեան մասերը՝ ստոյգ խոստովանելով, որ ամօթու զգացումն ու պատկառանքը մարդուն ընտանեկան կեանքին սեպհական վայելուչ զարդն ու պատիւն է։ Այն ընտանիքը, որ այս չքնաղ զարդը ամենայն համեստութեամբ հագած է, միշտ պատկառելի կը հանդիսանալ երկնից եւ աշխարհի մէջ։

Ընտանեկան պատկառանք նախ պէտք է ամենայն մեծարանօք յարգուի ու պահուի նոյն ընտանեկան շրջանին մէջ, ուր ծերունի նահապետ եւ մայր տիկին բարձրաթոռ կը բազմին, որոց պարտաւոր են շուք դնել ու պատկառիլ բոլոր զաւակներ, հարսներ, թոռներ եւ ուրիշ այլ ամէն ընտանեկան պարագայք։

Գիտնալ արժան է նաեւ որ պատկառանքը միայն փոքրերուն պարտիք չէ, այլ եւ նոյն իսկ մեծերն պարտաւոր են զգուշաւոր պատկառանօք վարիլ փոքրերուն հետը։ Վասն զի մեծերն երբ պատկառանքն ի բաց թողուն, այնուհետեւ ի զուր է պահանջել, որ փոքրերը ամաչեն։ Եւ եթէ ջանան մեծերն ուղղել զանոնք, նոքա քաջ գիտեն դարձեալ Խեչափառին առակը յառաջ բերել, ցոյց տալով թէ մեծերն իրաւունք չունին յանդիմանալու, քանի որ իրենց միակողմանի քայլերով փոքրերուն օրինակ կուտան. տղայոց ներկայութիւնը բանի տեղ չի դնելով անզգոյշ կը շարժին, անպատկառ կը խօսին, ծուռ կը քալեն, եւ զարմանալին այն է որ մերթ եւս կը զայրանան իսկ, եթէ փոքրերը իրենց նման շարժեն ու քալեն:

Յիրաւի՛ ընտանեվարոլթեան մէջ եթէ մասնաւորապէս թուենք՝ շատ անպատշաճ շարժմունքները կը լինին. բայց ամենէն աւելի տպաւորիչ եւ թունաւորիչ է անպատկառ վարմունք անմեղ տղայոց առաջ։ Նոքա խիստ արագապէս կընդօրինակեն զայն. թող յոռի ու չար լինի, ոչ ինչ փոյթ չէ, զի նոքա միամիտ են ու տեսնալով կը հաւատան թէ ինչ որ մեծերը գործեն՝ բարի ու անվնաս է։

Այր մարդիկ, որ առաւել ազատ վարմունք ունին թէ ընտանեկան յարկին տակը, եւ թէ արտաքոյ ընկերութեան մէջ, նոքա պատկառանաց ամօթը աւելի կանանց սեռին կը վերածեն. որոյ շատ օրինակները կը տեսնամք նահապետական կենաց մէջ, Աբրահամու վրանի տակ ուր երբ երեք հրեշտակները հիւր կուգան, Սարա որ պառաւ եւ մեծ տիկին էր Նահապետի տան՝ կը պատկառի տեսնուիլ հիւրերուն հետը. այլ յետուստ խորանին պահուելով ականջ կը դնէ երբ հրեշտակներ կը խօսէին աւետիս տալով հանդերձեալ զաւակին համար։ Նոյնպէս եւ Ռեբեկայ մինչ բացերես ուղտին վերայ նստած Խառանու երկրէն դէպ Աբրահամու տուն կուգար, յանկարծ կը տեսնար Իսահակ փեսայացուն իւր, որ ի զբօսանս ելած էր ի դաշտ. իսկոյն ուղտէն վար իջնելով կը քօղաւորէ երեսը, պատիւ եւ շուք տալով իւր նորատես ամուսնոյն։

Այս պատկառանաց հին քօղ գրեթէ չորս հազար տարիէն ի վեր դեռ մեծ խնամով կը պահեն մեր հայ հարսները. այն ինչ գաղթական Հայոց ընտանեկան կեանքին նոր ազատութիւնը զայն վերցնել կը ջանայ. ինչպէս ուրիշ շատ պատկառանաց կեր¬ պերը թողուցեր է արդէն, որք մի մի յատկանիշ էին հայկական հնութեան ու կեանքին։

Բայց հին աշխարհի ընտանեկան խիստ պատկառանաց այս վարմունքը՝ որ ինչպէս գրեցի, զկինն իբրեւ խուլ ու համր էակ մի կը ճնշէ անխօս լռութեան մէջ եւ որ տակաւին կը տիրէ այդ վաղեմի սովորութիւնը՝ նոր քաղաքակիրթ աշխարհին առաջ ոչ ընտանեկան առաքինութիւն կը համարուի եւ ոչ ազգային գովելի յատկութիւն։ Վասն զի աշխարհի եւ ազգերու նոր փոփոխութեանց հետը, գիտութեան եւ ազատութեան հետը, անշուշտ բնական է, որ ընտանեկան կեանքն եւս իւր հին դրութենէն փոփոխի. եւ այս յեղափոխութեան մէջ այր մարդիկ զկին իւր զրկանքէն ազատելով՝ նմա եւս բաժին տուին կրթութիւն եւ դաստիարակութիւն։ Առաջին անգամ երբ կինը այբ գիրը արտասանեց՝ ինքնին լուծեց իւր համրութիւնը, կինը կարդաց ու ճանչցաւ իւր իրաւունքն, բողոքեց ու հռչակեց աշխարհին առաջ թէ ինքն եւս իւր ընտանեաց մայրն է, պէտք է խօսի եւ այր մարդոց ընկերութեան մէջ հաւասար աթոռ ունենայ։ Կին եթէ իւր ամուսնոյն ազատ ու ճշմարիտ կենակիցն է, արժան է որ նա աշխարհի կեանքը ճանչնայ, մարդկային ընդհանուր ընկերութեան հետ մտերմանայ, խորհիլ գիտնայ, մտածել սովրի, փոքր ի շատէ վերահասու լինի այն ամէն իրաց, ինչ որ մտաւոր ու բանաւոր մարդոյն բնական եւ ազատ իրաւունք կը պահանջեն:

Սակայն մեր գարու պատկառասէր ու պարկեշտ Նահապետներ ու մամիկները երբ նոր աշխարհի հանդէս մտնեն՝ անհնար է, որ չի գայթակղին չարաչար ու մերթ եւս սրտմտելով Վայրանալով տրտունջ չը բառնան, թէ վայ մեզ, ի՞նչ ժամանակի հասանք, ամօթ եւ պատկառանք աշխարհէս վերջացաւ, կին ընտանեկան լռարանէն դուրս ելաւ, կին լեզուն բացաւ ճարտասան դարձաւ, կին քօղն ու լաջակ ձգեց, քօղին տեղը հիւսկէն վարդածաղիկ խոյը դրաւ. կին հրապարակ ելաւ, ընկերութեան մէջ մտաւ, կին հաւասար մեզ հետ պատիւ ստացաւ, նա համարձակ կը խօսի, համարձակ կը վիճի, կը դատի եւ կը պատասխանէ եւայլն։ Մէկ խօսքով՝ անմռունչ կին՝ խօսուն բանադատ դարձաւ. կարդալ գրել սորվելով, լեզուագէտ լինելով, նա կը ճգնի մեզ հետ խորհրդական լինել, աշխարհ կառավարել, օրէնք տալ, Սահմանադրութիւն գոչել։ Թերեւս օր մի այլ եւս աւելի յառաջ երթայ ու մեզ հետ հաւասար քուէ տալու իրաւունք խնդրէ. թողու ընտանեկան ամէն հոգն ու կեանք, թողու ամուսնական սէր։ Աւա՛ղ այն ժամանակին, յորում աշխարհիս կարգ եւ օրէնք պիտի խանգարուին. եօթն հազար տարուան վաղեմի ընտանեկան շէնքը քանդուի եւ կնոջ այս անպատշա՝ յառաջդիմութիւնը՝ տանի մղէ զիրենք մինչեւ ծայրայեղ ազատութեան վիճակը։ Ո՞վ այնուհետեւ կարող է զսպել զիրենք. աշխարհիս բոլոր տէրութիւնք եթէ միաբանելով դաշնագրին, միթէ կարո՞ղ են թումբ քաշել նոցա զօրութեան եւ արշաւանաց դէմ. ո՜վ կը տարակուսի այս անկարգ ապագայի վերայ, որոյ ստոյգ նշանները՝ ներկայն իսկ այժմէն ցոյց կուտայ եւ մեք կը հաւատամք Զօրաբաբէլի մեծ վկայութեանն՝ թէ կին զօրաւոր է ու կը տիրէ։ Եթէ կին զօրաւոր էր մինչ ուսմունք չունէր. քանի՞ առաւել պիտի զօրանայ երբ ուսման եւ ազատութեան զէնքով զինուորի։

Կը լսե՞ս, խոհական ընթերցող, մեր դարու նահապետ ծերոց այս նախանձաւոր դատաստանը. չգիտեմ կընդունի՞ս, որ շատ մասերու մէջ իւր ստուգութիւն ունի։ Մեր կեանքի ապագան միշտ ներկայէն կը սկսի եւ ներկան ապագային ծայրայեղութիւնը՝ ծերոց մարգարէութիւն պիտի կատարուի թէ վաղ եւ թէ անագան։ Մի բան կայ միայն, որ սոյն ձախորդ մարգարէութեան երազը դէպ ի բարին կատարել կուտայ եւ այդ բանն է՝ կանանց սեռին ուղիղ եւ պատշաճաւոր դաստիարակութիւնը, զոր հազար դիր կրկեեցի ու դարձեալ կը կրկնեմ։ Բոլոր աշխարհ այսպէս կը դատի. երբ նոր ազատութեան իրաւունքը կիներուն գլխէն վերցուց այն պատկառանաց ճնշող քօղը. պէտք է ճշմարիտ ու պայծառ դաստիարակութեամբ քօղաւորէ նոցա ամօթխած ճակատը, զորով թէ հին մթութեան քօղ ստուեր կածէր. թող լուսոյ քօղով կին իւր աչքը բանայ ու տեսնայ աշխարհին գործերը։ Առանց այս պատսպարող քօղին՝ կնոջ ծայրայեղ անդաստիարակ ազատութիւնը դէպ ի խաւար կը տանի զինքն. եւ երբ կնոջ ոտքը գթի ու սահի՝ ողջ ընտանեկան կեանքը իւր հետ կը կործանէ։ Այո՜, ուղղել պէտք է կնոջ ընթացքը որ այդ վտանգաւոր խորխորատէն յետս կասի։ Անհրաժեշտ հարկ է նորա միտք ու հոգին մշակել եւ ապա թողուլ ազատ, որպէս զի զօրանայ կին եւ իւր կթոտ ոտքով կարողանայ ազատութեան մէջ անսայթաք ու անխոտոր քալել, եւ ճշմարիտ դաստիարակութեան մայրերը լինելով նոր ընտանիք, նոր կեանք կազմեն Հայոց ժողովուրդին։ Երջանիկ օրեր են այն օրերը երբ Հայոց տիկնայք ու կանայք հին պատկառանաց շնորհին հետը՝ նոր դաստիարակութեան լոյսով եւս կը փայլին եւ յայնժամ միայն կարող են իսկապէս նմանիլ Եւրոպիոյ կրթեալ եւ ժրագլուխ կիներուն։ Ապա թէ ոչ, սոսկ արտաքին կեղծ երեւոյթով, քաղաքավարի շարժման կերպերով, պերճ հագուստներու նոր նոր ձեւերով, առանց մայրենի լեզուին քանի մը Ֆրանսերէնի բառերը հնչելով, Հայուն հին պար մոռնաչով՝ նոր պար խաղալով, մեր հայրենի կամ մայրենի անուշակ երգեր թողլով՝ անընտանի դաշնակ զարնելով՝ Հայոց ընտանեկան կեանքը դէպ ի լաւագոյն չի փոխիր, այլ յաւէտ կը վատթարանայ հին ու նոր զեղծմունքները իրար խառնուելով. որով յետին ազատութիւնը՝ թերեւս չար լինի քան զառաջինն, եւ յայնժամ իրաւունք չունի՞ն պատկառասէր ընտանիք նզովք կարդալ նոր աշխարհի ծայրայեղ ազատութեանն եւ դարձեալ բարւոք համարին կինը ընկերական հրապարակէն հանել և անդրէն տանել հին նահապետական վրանին տակ փակել եւ թանձր քօղով ծածկել նորա գլուխ, որ այլ եւս արեւ եւ ազատութիւն չի տեսնայ։

Մոռացէ՛ք այդ, մոռացէ՛ք, ո՛վ դուք գաղթական Հայեր, դուք որ կէս ու կեղծ լուսաւորութեամբ խայտացիք. առանց ընտանեկան դաստիարակութեան՝ աճապարեցիք կինը պատկառանաց համեստ քօղին տակէն հանելով՝ դպրոցին տաճար տարիք զինքն. ինչ որ կնոջ պէտք չէր՝ դուք զայն ուսուցիք, եւ ինչ որ պէտք էր՝ դուք կամ չգիտցաք կամ աւելորդ դատեցիք, միայն աղօտ կիսախաւար լոյս տուիք կնոջ եւ արձակեցիք զինքն։

Կին միանգամ ազատութիւն գտնելով՝ ճամբայ առեր է կերթայ, ուր որ հրապոյր եւ հաճոյք կը վարեն զինքն։ Կինը իր կորստեան ճանապարհ չի նկատեր, կոյր զկուրայն կերթայ եւ իւր ուժով ետեւէն կը քարշէ կը տանի իւր խեղճ կապեալ ամուսինը։ Չկայ բնաւ զօրութիւն մի, որ կնոջ քայլերը յետս կասել տայ. նա պիտի շարունակէ այդ խոտորնակ ճանապարհ, ո՛վ կարող է կրկին անգամ շղթայել նորա ոտքը երբ նա ազատոտթեան իրաւունքը՝ իւր զօրավիգ առած է։ Չգիտեմ ի՞նչ ճար ու դարման կը մտածէք սորա համար, ո՛վ դուք, այր մարդիկ, որ ընտանեաց տէր ու կառավար էք, կը խորհէ՞ք վերստին դնել զինքն այն հին պատկառանաց բանտին մէջ կապել ձեռքն ու ոտքերը եւ իսպառ փակել նորա դէմ ազատութեան դուռը:

Այդ դարմանը, զոր դու կը խորհիս անհնարին եւ անօգուտ է այսուհետեւ. դու կարող չես աշխարհի եւ ժամանակի անիւները դէպի յետս դարձնել անդրէն, որք անդիմադրելի ուժով դէպ յառաջ կերթան։ Մանաւանդ Եւրոպիոյ հոսանքները որ մէկ բաղխելով քո հին բանտերը եւ շղթաները առ հասարակ կը խորտակեն։

Ուրեմն մի ճար, մի դարման միայն կը մնայ քեզ եւ այս է. կնոջ հոգին ու միտքը տիրապէս կրթել ուղիղ դաստիարակութեամբ, թող այնուհետեւ նա ինքնին իւր կիրք, իւր հաճոյք եւ իւր ազատութիւնը չափաւորէ, ինքնին զգալով ու ճանաչելով իւր մոլորամիտ շաւիղը։ Աշխարհիս բոլոր ողջամիտ իմաստասէրներ, բարոյախօս բժիշկները՝ կնոջ հիւանդութեան համար միակ դարման ու դեղ այս կը վարդապետեն։

Ո՛վ դուք դաստիարակը Հայոց, որ թերեւս աւելի քան զիս կը ճանաչէք Հայոց ընտանեկան կեանքն ու վիճակը, թէ ինչպէս հին պատկառանաց մէջ նա առողջ էր, նոր ազատութեան մէջ հիւանդացաւ. եթէ կայ եւ գիտէք ուրիշ դեղ ու ճարը՝ հոգացէք ու գրեցէք այս հիւանդին համար, թող կարդան խելաբերին ամէն ընտանեաց հայրերը, որ յուսախաբ եղած՝ դարման դարման կաղաղակեն։


ԺԸ.

ՓՈՓՈխՈՒԹԻՒՆ ԸՆՏԱՆԵԿԱՆ ՎԻՃԱԿԵՆ

ԱՆԿՈՒՄՆ ԵԻ ԲԱՐԴԱՑՈՒՄՆ

Այս աշխարհի վերայ մարդոց ընտանեկան վիճակը միշտ անստոյգ եւ անհաստատ է. եւ այնչափ վիճակէ ի վիճակ կը փոփոխի ինչպէս տարերաց շարունակող եղանակները։ Շատ յարմար է թէ որ ըսենք ընտանեկան վիճակը այնքան ել եւ էջ ունի, ինչպէս օդաչափ գործիքին աստիճաններն առաւօտէն մինչեւ երեկոյ։

Աշխարհիս տարերքը բնական ու մշտնջենաւոր օրէնքով կը շարժին ու կը փոփոխեն, արդեօք պէ՞տք է համարինք այնպէս թէ մարդոյն ընտանեկան կեանքն եւս նոյն մշտնջենաւոր օրէնքին տակ փակուած է, միայն թէ ուրիշ պայմաններով։ Զոր օրինակ Աստուծոյ պետական հրաման օրինօք վճռեր է, որ մարդ իւր երեսաց քրտինքով իւր հացն ուտէ, ուստի թէ քաղաքացի թէ հողագործ մշակը, եթէ մինն արհեստով եւ միւսն հարօրին մաճով չաշխատին՝ ընտանեկան սեղանէն հաց կը պակսի եւ զաւակները սովալլուկ կը տանջին։ Ուրեմն հացն աշխատողինն է, իսկ հեղգացող մշակին բաժինն է սովամահութիւն։

Իբրեւ ճշմարիտ Քրիստոնեայ եւ անթերահաւատ հաւատացեալ պարտաւոր եմք հաւատալ թէ զաշխարհ կառավարող նախախնամութիւնն՝ իւր անյեղլի օրէնքով մեր վիճակը կը փոփոխէ բարձրութենէ ի խոնարհութիւն, խոնարհութենէ ի բարձրութիւն։ Բայց երկնից արդարութեան ատեանն այդ օրինաց վճռագիրը յայնժամ ի գործ կը դնէ՝ երբ մարդ մեղանչէ նորա բնական օրինաց եւ պատուիրանին դէմ, որով յայտ է թէ, մեր վիճակի փոփոխութիւնը՝ մեր մեղքէն յառաջ կուգայ, եւ մեղքը մեր ազատ կամքէն կը ծնանի։ Եթէ այսպէս է, ուրեմն ընտանեկան չարեաց ու աղէտից նախապատճառը՝ դարձեալ ինքն ընտանիքն է, ինչպէս նաեւ բարեկեցիկ երջանկութեան։

Սակայն աշխարհս եւ ժամանակը միշտ աղէտաբեր օրեր ունին ու կը բերեն ընտանեկան վիճակին վերայ. որ այսօր ճոխ է՝ վաղը կը չքաւորի. որ այսօր երջանիկ է, վաղն ապերջանիկ. որ այսօր բարձրապատիւ է, վաղն անպատիւ եւ արհամարհ։ Եթէ պարզ հայեցողութեամբ նայիմք, այնպէս կը թուի մեզ՝ որ շատ անգամ ընտանեաց վերահաս շարիքները՝ հեռաւոր պատճառներէն կուգան. զոր օրինակ երկնից ցասումներուն անարգել պատուհասներէն, երկրի անարդար կառավարութենէն, արշաւանքներէն, պատերազմներէն, մահտարաժամէն եւ այլ նոյնպիսի կոտորածներէն եւ պատահարներ էն։ Որք առ հասարակ սոսկալի ու կորստեան պատուհասներ են, խոտի նման կը հնձեն ու կսպառնան մարդկային ընկերութեան ընտանիքը, ճոխն եւ աղքատն ի միասին եւ անխտրապէս ի գերեզման իջուցանելով։

Յիրաւի շատ ահաւոր ու դժնդակ են այս արտաքին արկածները, բայց առաւել սոսկալի առաւել մահաբեր են ընտանեաց համար ներքին ամենօրեայ սովորական պատուհասները, զոր մարդիկ իրենց ազատ կամքով ու ձեռքով կը պատրաստենք Արտաքին պատուհասները մարդոց ձեռնհասութենէն վեր են, մարդ կարող չէ խոյս տալ կամ դիմակալել նոցա դէմ։ Զի ո՛վ կարող էր Իտալիոյ Վեսուվ լերան հրաբուխի բերան փակեք, որ հռչակաւոր Պոմպէն մոխրով լի ծածկէր. եւ ո՜վ կարող է ամպերուն հրաման տալ, որ բարկաճայթ կարկուտով եւ յորդահոս անձրեւով դիպեր եւ քաղաքներ կողողեն։

Իսկ ներքին պատուհասները այսպէս չեն. այլ մեր ազատկամաց ու հրամանին տակ լինելով՝ մեք կարող եմք դոցա առաջ թումբ քաշել արգելուլ որ մեր տունն եւ ընտանեկան սրրահը չողողեն։ Արտաքին պատուհասն՝ աշխարհիս վրայ միայն մի տեղիս իւր արկածներ կը թափէ, իսկ ներքինը գրեթէ նոր քաղաքակիրթ աշխարհիս մէջ համաշխարհական պատուհաս է, որ Արեւմուտքէն ելնելով դէպի Արեւելք իւր արշաւանքները կը շարունակէ որ իբրեւ համաճարակ ախտ իւր մահատու ցաւ տիրեր է մեր ընտանեաց սրտին մէջ. նոքա այս ծիւրական ախտով տակաւ առ տակաւ կը մաշուին ու չեն զգար։

Սկսինք այժմ պարզապէս բացատրել այս հաճոյական ախտին տեսակներն, առ որ սիրահարած են մեր կարճամիտ ընտանիքը եւ մահ գրելով տարաժամ մեռնին։ Քանի՞ են այդ ներքին ախտերուն ցեղը, ուշ դիր, ես խօսիմ քեզ մի եւ երկու բառով, եւ այս է, զեղխ եւ անբարոյական կեանք, եւ ըստ Սուրբ Գրոց չափազանց ցանկութիւն եւ այլն. որոց այլ եւ այլ ճիւղերը թուեմ քեզ ահաւասիկ։

Ցանկութիւն բազմախորտիկ սեղանոյ եւ գինարբեցութեանը առանց գիտնալոյ ու հաշուելոյ թէ տաշտին մէջ որչափ հաց, մառանին մէջ որչա՞փ պաշար եւ կարասին մէջ ո՞րչափ գինի կայ։ Ցանկութիւն հանդերձի եւ նորասիրութեան, առանց նկատելոյ թէ նորա աշխատութիւն եւ կազմութիւնը մեր երկրի եւ մեր ժողովուրդի աշխատութեան արդիւնքն չէ, մեր հանճարոյ գիւտ չեն եւ մեր մեքենական գործարաններէն ելած չեն, ճշմարիտ խօսելով մեք արժանի չեմք այդ պերճութիւնները վայելել։ Եւ գիտէք թէ քանի՞ ծանր գնով կը գնեմք առանց երբեք հոգալու մեր օրական պարէնն։ Միթէ ես չեմ ճանաչեր ու տեսնար այն բազմաթիւ ընտանիքներ որք իրենց տղոց բերնէն հաց կտրելով՝ նախ նորասիրութեան չպէտ պէտքերը կը հոգան. ես չե՞մ ճանաչեր ընտանիք անպատուող, այն անհոգ հայրերը, որ պարտքը չվճարելով վարկն ու պատիւ կը կորուսանեն, եւ փոխանակ ընտանեկան ցանկութիւն զսպելու եւ չափաւորելու իրենք եւս նոյն ցանկութեան հոսանքէն մղուելով կերթան կը հասնին մինչեւ չայն կէտ, ուր յուսահատ չքաւորութիւնն կը տիրէ։ Երանի՜ թէ այդ զգալի փորձով ուշաբերէր պճնասէր ընտանիքը եւ այնուհետել գիտնար չափաւորել իւր կեանք եւ ունայնասէր ցանկութիւնը։

Նորասիրութեան ցանկութեան հետը կցենք նաեւ մեծածախ շինութեանց ցանկութիւն եւ թանկագին կահ կարասեաց կազմութիւնը։ Մեք պիտեմք թէ թագաւորին՝ պալատ պէտք է, իշխանին՝ ապարանք, քաղաքացի ժողովուրդին՝ չափաւոր տուն եւ դաշտաբնակ շինականին՝ խրճիթը։ Մենք տեսանք ու տակաւին կը տեսնամք մեր ազգին մէջ այն կարգի ընտանիքը՝ որոնց դրամագլուխը միայն իրենց կեանք եւ ապրուստը կերաշխաւորէր թէ արհեստի եւ թէ շահավաճառութեան մէջ։ Անմիտ սնափառութիւն չէ՞ արդեօք, երբ այդպիսիները անխորհուրդ ձեռնարկութեամբ իրենց դրամագլուխը՝ տան շինութեան եւ կահ կարասեաց համար կը վատնեն, որով շահու եւ վաստակի աղբիւրը նուազիլ կսկսի. յայնժամ տրտունջ կը բառնան այդ տնաշէն տնտեսները, թէ մեր ժամանակ դառն ու անյաջող է, թէ վաստակ չկայ, թէ տուրեւառ դադրած է, թէ անցեալը շատ լաւ էր քան թէ ներկայն։ Բայց հուսկ ուրեմն նա կը զղջայ ու կը խոստովանի եւ ինքնադատ լինելով իւր անմտութեան վերայ կողբայ, որ ցուցամոլ պերճութեան համար դրամագլուխ փճացուց։ Եւ ի՞նչ կընէ յետոյ հոյակապ տան փառասէր բնակիչը, երբ կը տեսնայ որ արտաքուստ ընկերութեան մէջ իւր վարկ ու պատիւ պակսած է, եւ ի ներքուստ մեծաշէն տան սեղանին հացը նուազած. եւ մի կողմէն եւս անհոգ ընտանեաց նորասիրութեան անյագ ցանկութիւն երբեք պակսած չէ. եւ կուգայ արագ կը հասնի այն դժպատեհ ժամն, որ տան տէրն՝ իւր ձեռաշէն տունը ի վաճառ հանէ, եւ կէս գին վաճառելով՝ վճարէ իւր դիզուած պարտքերը, եւ երանի՜ թէ մնար դուզնաքեայ մասն մի, որով կարենար նա կրկին դրամագլուխ կազմել եւ շարունակել իւր շահավաճառութիւնը. եւ միշտ անցեալը մտաբերելով խելաբերէր սակաւապէտ տնտեսութեամբ բարւոքէր իւր ընտանեկան կեանքը եւ այլ եւս չերթար իւր հին ճանապարհ, որոյ վախճանը վաճառել կուտայ իրեն հայրենի տուն եւ ժառանգական ստացուածքը եւ ինքն կը մնայ անվարկ անպատիւ եւ այնուհետեւ կամայ ակամայ կը խոնարհի սակաւապետ տնտեսութեան վարդապետին առաջ, եւ կբուսանի խնայութեան պարկեշտութեան պարզութեան, աշխատութեան եւ ապագային հեռատեսութեան դասերը։ Եւ դարձեալ կրկնեմ. երանի՜ թէ մի անգամ եւ երկիցս խրատուելով եւ փորձուելով, չմոռնար այդ օգտակար դասերը՝ որ մարդոյն կենաց ապահովութիւնն է։

Դառնանք այժմ ընտանեկան ցանկութեան միւս ճիւղ բացատրենք աստ, որ քան զամէն ժանտաբեր ու աւերիչ է, մահ կը բերէ իրեն եւ տարածելով կը թունաւորէ ազգին ամբողջ ընտանհքը, որ հարստութեան հետը՝ կեանքն եւս կը բառնայ եւ կը ջնջէ մարդոյն արժանաւորութեան պատիւ, հանելով ու զրկելով զիրենք ընտանեկան պարկեշտ դասէն։ Այնուհետեւ նոցա բաժին այն է, որ առակ ու նշաւակ լինին մարդոց աչքին ու դատաստանին առաջ։ Եւ ի՜նչ է այս մոլեգոյն ցանկութեան անուն եւ վարք. մէկ բառով խօսիմ, անառակութիւնն է. մեր հրաշամիտ թարգմանիչները Աւետարանի ճառած անառակ որդւոն կեանքը՝ երկու բառով բովանդակած են «Զի կեայր անառակութեամբ». որ կը նշանակէ մոլորական մարդոյն զեղի կեանք իւր աենաց հանգամանօքն, զոր կը վարէր անառակ որդին իւր կենաց մէջ։ Մարդոց մոլորութեան եւ անառակ վարով ասպարէզը շատ բազմաճղխ եւ ընդարձակ է որոց նկարագիր Աւնտարաս կը հանէ մեր առաջ ջրհեղեղեան գարուն մարդոց ապականեալ կեանքը, որոց համար կը խօսի. «Ուտէին, ըմպէին, կանայս առնէին եւ արանց լինէին»։ Հաց ուտել մեր ծայրայեղ անբարեխառնութիւնն էր։ Նոցա սեղան որկրամոլութիւնն էր եւ իրենց որովայն Աստուած զոր կը պաշտէին, նոցա գինին խելաթափ արբեցութիւնն էր։ Նոքա կուտէին կը խմէին եւ անմիջապէս կը վայելէին Աստուծոյ պարգեւներր առանց պարգեւատուն օրհնելու, նոյն ամբարիշտ գարուն մէջ՝ կնոջ եւ սուրբ ամուսնութեան պատիւ ոտնհար եղած էր, անասնաբար խառնագնաց լինելով՝ սուրբ պսակին դաշնագրութիւն եղծուած էր, այլ եւս ընտանեկան կեանքին պահապան պարիսպ չի կար, ամօթ երկիւղածութիւն վերջացած էր, առ հասարակ երկիր եւ մարդկութեան սեռ ապականուած էր Աստուծոյ առաջ, միայն մի բարի արդար Նահապետ մնացեր էր անարատ երկնից առաջ, զոր Նախախնամութիւն պահեց տապանով ու ջրհեղեղով երկրիս երեսէն ջնջեց ապականեալ մարդոց սերունդը։

Սուրբ Գրոց պատմութեանց՝ այս պատուհասի դասէն պէտք է ուսանիմք, թէ ընտանիք եւ մարդկութիւն ջնջող մեծ պատուհասը՝ անառակ եւ զեղխ կեանքն է. թէ հայրենի ժառանգական հարստութիւնը վատնող այն է, թէ ի վերջոյ հացի կարօտ եւ սովամահ լինելոյն պատճառն՝ այն է, թէ անխզելի ամուսնութեան կապ հատանող յանդուգն ձեռք՝ այն է, թէ ազգին թէ այլ ազգին դատարանաց մէջ քրիստոնէական պարկեշտութիւն քամահրող անպատկառ երեսն՝ այն է. թէ յայտնի գինետանը մէջ, հրապարակի մէջ եւ այլ խաւարաշրջիկ տեղերը. Քրիստոնեայ անուն կրելով՝ հեթանոսի կեանք վարելով, եւ հեթանոսին գայթակղութիւն տուողն՝ այն է. խաղաղ ընտանիք խռովող, ընտանեկան միութիւն քակող, հայրենական տան հաստատ հիմունք հիմն ի վեր շրջող՝ այն է։

Ո՜վ, որչա՜փ երանի կը լինէր, եթէ արդի աշխարհի սրամիտ ու վարժ անառակներն՝ Աւետարանի պատմած հին անասակին օրինակն մտաբերելով՝ միանգամայն յիշէին իրենց նախնի կեանքն ու վիճակը. յիշէին թէ անարգ կրից ծառայութեան մէջ խոզարած եղած են եւ փափագէին ի ձեռս բերել նախնի կորուսած ազատ կեանք ու հացալից սեղան։

Դարձէ՛ք ուրեմն, ով դուք, անառակութեան մէջ մաշուած ու սողած թշուառ զաւակներ, դարձէք, զգաստացէք ու դարձեալ շինեցէք ձեր ընտանեկան աւերակները, զոր ձեր ձեռքով, ձեր գործով եւ ձեր հեստութեամբ քակեցիք։

Ձեր խեղճ ծնողք վշտացուցիք, ձեր քոյրեր, ձեր եղբայրնեըր լացուցիք. ընտանեկան պատիւ, մարդկութեան պատիւ արհամարհեցիք. դարձէ՜ք ու դարձեալ դո՜ւք շինեցէք ձեր քակած տան աւերակներն. եթէ տակաւին յամէք ու յամառիք այդ ճանապարհին վերայ, անշուշտ ի կորուստ կը տանի զձեզ եւ դուք վատահամբաւ ու սովամահ կը կորնչիք, եւ ի վերջոյ ձեր եւ ձեր հայրենի տան յիշատակ կը բարձուի աշխարհէս. գերեզման միայն կը թողուք առանց անուան եւ փառաց։

Թողունք այժմ ընտանեկան կենաց այս մոլութեան նկարագիրը, որ շատ ընդարձակ է. յառաջ բերենք նաեւ նոր սովորական մոլութեան այն մասն, որ շատ ընտանիք յաջողութենէ եւ հարստութենէ հանելով՝ հողի վերայ նստեցուց. եւ ի՞նչ է դորա անունը, խաղամոլութիւն է։

Լումայափոխ կամ տնտեսագէտ չեմ ես. դժուարին է ինձ այդ մոլութեան նկարագիրն ըստ արժանւոյն երեւան հանել. միայն այսքան ըմբռնած եմ, որ այդ մոլութիւնը՝ բախտին երեւակայաթեամբ մոլորոլած մարդիկը, երկու կերպով ի գործ կը դնեն, որ երկուքն եւս միապէս կորստական է։ Մի կերպն է գրամով թղթախաղութիւնը, որոյ ծածուկ հրապարակը բուն ընտանեկան կեանքին ու ծոցին մէջն է. միւսն է Մայրաքաղաքիս արժեթղթոց հրապարակը, որ այսօր գրեթէ բազմաթիւ մարդկանց Համար իբր յաջողակ շահավառութիւն մի դարձած է. որով շատ ընտանիք գահավիժեց ան այդ խոր ու անտակ գետին մէջ։ Եզովբոսին խորհրդաւոր առակը՝ նոցա վերայ կատարուեցաւ. արհեստաւոր, վաճառական, իրենց բերնին հացը այսինքն փոքրիկ ու չափաւոր դրամագլուխ եւ ապահով վաստակը թողլով հոն վազեցին. անըմբռնելի ստուերին հետը խաղացին. իրենց չնչին ու ցամաքաջուր առուակներով՝ մեծամեծ գետերուն հետ մրցեցան. եւ ի՞նչ շահեցան ի վերջոյ, ոչինչ, առուակներ ու վտակներ դարձեալ առատ գետերուն մէջ թափուեցան. գետերն եւս աշխարհի գանձապետ Մեծին Անգղիոյ ծովացեալ գանձուց հետ խառնուեցան։ Իսկ մեր փոքրիկ վտակներուն վիճակը ակներեւ տեսանք թէ ինչ եղաւ ու տակաւին կը տեսնամք թէ ինչ կը լինի: Կը ցաւիմ գրել. ոմանք թշուառացան իրենց ընտանիքներով ու ոմանք եւս կատաղի յուսահատութեամբ գնացին դէպի ծով. ասացին, որ զիրենք ծածկէ. որպէս զի մեռնին ու չզգան պատուոյ եւ ամօթոյ կսկիծն եւ չտեսնան իրենց թշուառ ընտանեաց անբախտ վիճակը։ Իսկ առ տնին խաղամոլութիւնն, որ շատ ընտանեաց համար իբրեւ միակ զբօսանք դարձած է, զբաղելով միայն շնչին եւ աննշան գումարներով. սակայն ոմանց եւս իբրեւ բախտի խաղ, որ մեծամեծ գումարներով կը մրցին՝ անբաժանելի մոլութիւն դարձած է. երկուքն եւս իրենց խիստ վնասակար հետեւանքներ եւ վատթար կողմեր ունին. եւ դարձեալ թէ բարոյապէս եւ թէ նիւթապէս շատ աղետաբեր են ընտանեկան կեանքին։ Վասն զի ոմանք կը կորուսանենք ուրիշները կը գտնեն. նոքա, որ կը կորուսանեն, յայտնի է թէ որ աստիճան մեղապարտ են աշխարհի առաջ. նոյն իսկ ընտանեկան կենաց մէջ, մօր ու զաւակաց առաջ, սեղանին հաց, ինչ ու ստացուածք բառնալ եւ ինքնին ձեռօք կողոպուտ տալ ուրիշին. որ քան զայս աւելի ընտանեկան աւարառութիւն չի կայ։ Քաղաքակրթութեան մէջ այլ եւս ո՜վ կարող է մեղադրել ամայի լեռներու աւաղակաց գործը, որ միայն դիպուած է ճամբորդին համար ել շատ անգամ գոհ կը լինին եւ գտած միայն կառնեն, առանց ամբողջ տունը եւ ընտանիքը կողոպտելու:

Իսկ այն, որ լի ուրախութեամբ կը խայտայ իւր բախտին խաղով, միթէ նա եւ իւր ընտանիքը կը վայելե՞ն այդ անարդար եւ անքիրտն վաստակը, ոչ. նոքա ինչպէս կը գտնեն, նոյնպէս վաղ եւ դիւրաւ կը կորուսանեն դարձեալ, թէ խաղին մէջ եւ թէ այլ եւ այլ անհաշիւ զեղխութեանց մէջ, վասն զի շատ դժուարին է հաւատալ թէ աշխարհիս խաղամոլները տնտեսութիւն դիտեն. կամ թէ կարող են հաշուով եւ խնայութեամբ ապրիլ, այդ շատ անբնական է. զի ով որ դիւրութեամբ շահի, դիւրութեամբ կը մսխէ. եւ ով որ դառնաքիրտ աշխատութեամբ հաց եւ հարստութիւն ձեռք բերէ, նա միայն կը հոգայ տնտեսութեամբ ապրիլ, տնտեսութեամբ կառավարել իւր ընտանիքը։

Յիշենք այժմ նաեւ բարոյական կողմի մեծ անպատութիւնն, զոր կե կրէ խաղամոլն։ Չեմ գիտեր, նա ամօթ կը զգա՞յ, երբ նորա անունը վատահամբաւ կը հնչի, կը տարածի թէ այս ինչ պարոնը իւր խաղին մէջ այսքան գումար կորուսեր է. ի՞նչ կը լինի յայնժամ պարոնին վիճակը, պատիւ եւ վարկը կը կորուսանէ պարկեշտ ժողովուրդին առաջ, որով իւր առեւտրական գործերը եւ շահավաճառութիւն անյաջողութեան մէջ կը դադրի եւ երբեմն եւս իսպառ ի սնանկութիւն կերթայ։

Բարոյական ուրիշ մի մեծ վնաս եւս ասեմ քեզ, որ է ընտանեկան կեանքի մէջ այդ չար օրինակով՝ ընտանեաց կեանքը եղծանել. զի ո՛վ կը հաւատայ. երբ ծնողք եւ ընտանեաց մեծերը թղթախաղով մոլին՝ խեղճ զաւակները չի հետեւին նոցա եւ իրենց մատաղ հասակէն սկսեալ չը վարժին այդ անմեղ կարծեցեալ մոլութեանց մէջ։ Թողունք այս, մայրեր եւ կիներն եւս այդ ախտով կախտանան եւ շատերն ախտացած են իսկ, թողլով առ տնին տնտեսութիւն, թողլով զաւակաց խնամք եւ կրթութիւն, թողլով ընթերցմունք եւ ուրիշ ծնողական պարտիքները։ Խաղամոլ մարդոց կեանքին մէջ, աւելի մեծ խանգարմունք մի եւս կայ, զոր նոքա թեթեւ եւ փոքր կը համարին, այսինքն թէ ժամանակի բարւոք տնտեսութիւնը նոցա համար չէ. նոքա ցերեկուան աշխատութեան զբաղմունք բաւական չեն համարիր. զողջոյն գիշերն եւս այդ հաճոյական խաղով կը զբաղին. նոքա չեն շնչեր ու չեն տեսնար ոչ առաւօտեան կենդանարար շունչ եւ ոչ արեւուն ծագումը, նոքա չարաչար գնահատութեամբ գիշերահանգիստ պահուն մէջ արթուն կենալով կը տանջուին, կորուսանելով մարմնոյ առողջութիւնը, հոգւոյ մտաւորական ուժը, որով կը ջլատի եւ կը թմրի ողջ մարդոյն գործունեայ ճարտարութիւնը։ Դու քաջ դիտէ եւ կը տեսնաս, որ այդ քնահատ պարոնները՝ ցերեկուան մէջ իբրեւ քնաշրջիկ եւ ապուշ կը դեգերին։ Քաղցր քուն եւ դժուարագիւտ ոսկին կուուսանելէն յետոյ՝ ցերեկուան շահն եւ վաստակն եւս կը կորուսանեն, որոց միայն կակնկալեն խեղճ ընտանիքը, զի այդ օրական շահերէն կը կազմուի իրենց ներկայ եւ ապագայ կեանքին պարէնը։

Համառօտենք, թէ եւ շատ են եւ զանազան մեր ընտանեկան կենաց ներքին եղծմունք եւ անկարգութիւնք որով մեր ընտանեկան վիճակը շարունակ փոփոխութեան ենթակայ է։ Մեր հարուստ եւ ազնուական գերդաստանները գրեթէ հարիւր տարուան շրջան չունին. այսօր ասուպի նման պահ մի կը փայլին, վաղը իրենց տոհմական փառքով կանցնին ու կը ըստուերանան։ Մեք գիտենք երկիր եւ երկրի օրէնքը չերաշխաւորէր որ նոքա տոհմային ճոխութեամբ յազգէ յազգ յարատեւեն Անգղիոյ Լորտերուն չափ. բայց պէտք է խոստովանիլ. որ մեր ազգի ազնուական ընտանիքը չափազանց ձեռնարկութեամբ, անհաշիւ տնտեսութեամբ եւ փառասիրական զեղխութեամբ իջեր խոնարհեր են։ Չեմ յիշեր թէ ոմանք եւս անարդար ճանապարհով ու զրկանօք ճոխացեր են եւ դարձեալ նոյն անարդար միջոցներով տուժեր են մինչեւ ցյետին բնիոնն։

Ուրեմն այս աշխարհիս վերայ ընտանիքները թէ հարուստ թէ աղքատ կապրին ու կը մնան։ Եթէ գործասէր մրջնոց նման աշխատասէր լինին, եթէ աշխատութեան արդիւնքը ժողվելով ի գանձատուն եւ շտեմարանը, ընտանեկան պէտքերն իմաստուն տնտեսութեամբ մատակարարեն. չմոռնալով հաշիւ, չափ ու կշիռ, հոգալով նաեւ ապագայ ձմերան պաշարն. յորում թերեւս գործելն անհնարին լինի։ Եթէ արդար վաստակին հետը զրկանք չի խառնեն, հարստահարելով աղքատ ընտանիքները, որոց վրէժխնդիր դատաւորն Աստուած է եւ կը հատուցանէ։ Եթէ ընտանեկան դուռը ամուր փակեն, որ մուտ չի գտնայ հոն անառակ ու զեղխ կեանք։ Այս բացուած դուռը, որ այժմ Հայոց ընտանիքը կը կործանէ, կը փակուի միայն ուսմամբ, դաստիարակութեամբ եւ երկիւղած Աստուածպաշտութեամբ, առ որ պէտք է լինի բոլոր ընտանեաց խնամք, ջանք եւ մեծ հոգատարութիւն այլ եւ այլ զոհերով եւ անձնանուիրութեամբ հանդերձ։ Այդ իսկ է միայն ճար ու դարմանը եւ մեք եւ աշխարհ կը հաւատայ յայնժամ, որ Հայոց ընտանեաց վիճակը լաւագունին մէջ կը յարատեւէ, բարգաւաճեալները կանգուն կը մնան եւ անկեալ ընտանիքը կը բարձրանան։

Կաւարտեմ այս ԴԻԱԽՏԻ ԸՆՏԱՆԵԱՑ դուգնաքեայ երկոյս վաստակը, դարձեալ նոյն բան կրկնելով ու գրելով թէ ընտանեկան տան հաստատուն հիմն՝ ողջամիտ կրթութիւն եւ ուղիղ դաստիարակութիւնն է. այս է աշխարհիս բարոյախօս իմաստասիրաց ցոյց տուած միակ ճանապարհ։ Իսկ քան զիմաստասերս գերազանց՝ ցոյց կուտան մեզ եւս լաւագոյն ճանապարհ Սողոմոն եւ քան զՍողոմոն իմաստուն Յիսուս. մինն իբրեւ պատգամ կը վճռէ թէ՝ «Արդարութիւն զազգ բարձրացուցանէ, մեղք նուաղեցուցանեն զաղք»։ Բայց ազգն ընտանեկան արդարութեամբ կը բարձրանայ եւ ընտանեկան մեղքով կը նուազի։ Իսկ միւսն այսինքն Յիսուս, հաւատացելոյն համար ցոյց կուտայ Աւետարանի բան եւ ճշմարտութիւն, որ այն իսկ է եւ միայն համայն Քրիստոնեայ ընտանեաց կեանքն եւ յաւիտենական հիմն։ Երանի՜ որ այս հիման վերայ կը հաստատէ իւր ընտանեկան կեանք. զոր երբեք չկարեն խախտել, աշխարհիս գետեր եւ հեղեղներ։