Jump to content

Դրախտի ընտանիք, …ի պէտս Հայոց ընտանեաց/Դ. Մարդ եւ ամուսնութիւն

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից

Մարդոյն Արարիչը ամուսնութիւնը միայն մարդոյն համար սահմաներ է. եւ ամուսնութիւն Աստուծոյ խորհրդաւոր, ձեռագործ եւ բնական օրէնք է։ Մովսիսին օրէնքները Տէր Աստուած Սինայի սարէն տուաւ, իսկ ամուսնական օրէնքը դրախտէն կը սկսի։ Անդրանիկ մարդն Ադամ եւ նորա ամուսին Եւայի երբ արարչութեամբ աշխարհ եկան, այս բնական օրէնքը իրենց գոյութեան հետն էր։ Եւ ի՜նչ է այս արարչադիր օրինաց զօրութիւն եւ նպատակը։ Այդ ինքնին յայտնի է, զօրութիւն բնական սէրն է եւ նպատակը մարդկային սեռին բարգաւաճումն ի փառս իւր Արարչին։

Այո՛, ամուսնութեան բուն օրէնքը բնական սէրն է, որ մարդուն բնութենէն անբաժանելի է։ Բնական սէրն հաւասար է նաեւ ամէն թռչնոց եւ անասնոց առանց ամուսնական պայմանին՝ որ միմիայն ազատ մարդոյն համար է։ Բնական սէրն է միայն բոլոր բնութեանց կենդանատու հոգին եւ զօրութիւն. եթէ չը կենդանացնէ սէրը՝ բնութիւնը կը մեռնի, ոչ մայր կը ծնանի եւ իր զաւկին կաթ կուտայ, ոչ հաւ, ոչ ճնճղուկ ձագեր կը հանեն եւ կուտ տալով կը սնուցանեն։

Ուստի, արժան է, որ ամենայն իրաւամբ ընդունիմք, թէ ամուսնական օրէնքը աշխարհի մարդկութեան հիմն է, բնութեան մէջ խորապէս հաստատեալ. եւ ոչ ձեռք մի կարէ խախտե զայն, եւ եթէ խախտի՝ մարդն իւր կեանքով կը չքանայ, եւ այլեւս չեն պէտք աշխարհ եւ իւր համայն զարդերը, որ տիրական մարդոյն սպաս տանելուն համար պատրաստուած են։

Ամուսնական օրէնքը յետ Աստուծոյ, մեր կեանքը շարունակող ստեղծագործ ձեռքն է, վասն զի արարչապետն միանգամ եւ եթ երկու նորաստեղծ ամուսիններ ի գոյ ածելով բաւ համարեց. թող տուաւ այնուհետեւ որ ամուսնութիւն արարչագործէ եւ մարդիկ զիրար ստեղծեն։

Այլ թող չի պարծին մարդիկ որ ունին այդ արարչական շնորհը, որ չկարեն մազ մի սպիտակ կամ թուխ փոխել, եւ թող հաւատան թէ մանուկը իւր մօր անգանդին մէջ պահող նախախնամութիւնն է. մանուկ կը ծնանի, կաճի, կը զարգանայ. եւ մենք զարմանալով կը տեսնամք թէ մարդն զմարդն ծնաւ յաշխարհ։ Ամենայն պատկառանօք խոստովանիլ պէտք է թէ Նախախնամող ձեռքն է մարդոյն կենաց բուն սնուցիչ մատակարար, զի «ո՞վ կարէ յաւելուլ ի հասակ իւր կանգուն մի» ասաց Քրիստոս։

Ամուսնական կենաց արգասիքն է մեր բնական աշխարհի շինութիւն եւ բարգաւաճումն, եթէ այսօր մեր լայնատարած երկրագունդը լի է մարդկային սերնդով, այդ եւս ամուսնական կենաց պտղաբերութեան անսպառելի հրաշքն է. զի դրախտին մէկ ծառը՝ բովանդակ աշխարհը ծառազարդեց։ Եթէ մարդոյն նախատես Արարիչն կինը իբրեւ կեանք եւ օգնական չըտար մեր նախահօրը, թէ որ չօրհնէր ինք բերանով թէ «Աճեցէք ու լցէք երկիրը», եւ այլն, ի՞նչ կը լինէր Ադամ իւր միայնութեան վիճակին մէջ։ Նա կը մնար առանց կենակից ամուսնութեան, անծին, անծնունդ եւ անկեանք. զի Ադամայ եւ հանուր մարդկութեան կեանքս կինն էր, որուն համար կ՚ասէ սուրբ Գիրք թէ «Նա է մայր ամենայն կենդանեաց». այսինքն մարդկային սեռին։

Հին դրախտին մէջ Եւան որ կեանք էր, մահ ծնաւ, մարդոյն կեանքը մահացոյց. նոր դրախտին եկեղեցւոյ մէջ Սուրբ Կուսին զաւակ Յիսուս՝ հին մահացեալ կեանքը վերանորոգեց. եւ իւր Աւետարանին ազատ ու շնորհական օրինօք սրբագործեց ամուսնական խորհուրդը, եւ վերստին պնդեց նորա կապը, զոր կը խզէր միշտ հրէական խստասրտութիւն։

Սուրբն Պօղոս, որ Քրիստոսի հոգւով կը խօսէր, պատուական կը կոչէ ամուսնութիւն, եւ սուրբ կը համարի նոցա առագաստը։ Այնչափ մեծ նշանակութիւն կուտայ, մինչեւ կը համեմատէ զայն եկեղեցւոյ բարձր խորհրդոյն հետը։ Յիսուս փեսային եւ իւր հարսին հետը։

Եւ մերթ եւս անձնուրաց Առաքեալը խաչակրութեանազատ պաշտօնին եւ Աւետարանի քարոզութեան համար կամաւ ներքին կը լինի, որպէսզի Եկեղեցւոյ հաւատացեալ ընտանեաց համար միայն հոգայ. վասնզի Աւետարան եւ Եկեղեցին խաչաբարձ խմբին առաջ վերագոյն համարուած էր։ Նոքա քաջ սորված էին Աւետարանի այս դասը, թէ «Որ ոչ առցէ զխաչ իւր եւ եկեսցէ զկնի իմ, չէ ինձ արժանի»։ Յիսուս խաչն ի յուս դէպի Գողգոթայ գնաց, զոհեց զինքն մարդկային սիրոյն համար. նոյն կը պահանջէր իւր ուխտագիր աշակերտներէն։ Յայտ իսկ է թէ սոյն անձնուէր խաչակրաց առաջ որչափ որ կը խոնարհի ու կը լռէ ամուսնական իրաւունքը, այլ երբէք չի եղծանիր. զի Աստուածային ձեռք եւ դրախտի օրհնութիւնը զայն անեղծ դրոշմեր են։ Թող ոչ ոք այնպէս կարծէ թէ ուրեմն Յիսուս եւ Պօղոս ընդդիմախօս են սոյն Աստուածական վճռոյն, մին իւր սիրոյն եւ Աւետարանին համար ընտանիք եւ աշխարհ թողուլ դաս կուտայ. եւ միւսն կը ցանկայ, որ ամէն մարդ իրեն պէս անամուսին կոյս լինի. եւ կամ թէ Կորնթացի հաւատացելոց կարծեաց կը հաւանի Պօղոս, որք կը գրէին թէ «Բարւոք է մարդոյ ի կին մարդ չը մերձենալ». յորում այնպէս կը թուի, թէ սոյն կարծիքը ուղղակի դիմախօսութիւն է դրախտի Աստուածային այն վճռոյն, թէ «Ոչ է բարւոք մարդոյդ միայն լինել». եւ այլն։ Պօղոս Ա. Կորնթացւոց եօթներորդ գլուխն ամբողջ ամուսնութեան եւ կուսութեան վիճակի վերայ կը խօսի, եւ խիստ ազատութեամբ կը վարդապետէ, պատասխան տալով Կորնթացի ժողորդոց գրոյն։ Մարդ կարող է ինքնին խորհրդածել, որ դրախտի վճռոյն եւ Պօղոսի վարդապետութեան մէջ անշուշտ մեծ խորհուրդ եւ նպատակներ կան։ Վասն զի մարդոյն Արարչութեան օր՝ Արարչին խորհուրդ եւ նպատակն էր, որ իւր պատրաստած ամայի երկիրը ամուսնական օրհնութեամբ լըցնէր, եւ մարդն իւր աճեցեալ սերնդով փառաւորէր զԱստուած։

Իսկ Պօղոսին նպատակն էր, որ եկեղեցւոյ որդիները՝ նոքա որ կարող են իրեն պէս առաքինանալ, թողուն աշխարհ եւ ամէն բան, միայն Աստուած եւ եկեղեցին հոգան, ազատ մնալով ընտանեկան զբաղմունքէն։ Պօղոսի վեհ հոգին ըղձակերտ կը լինէր, որ Աւետարանի պաշտօնեայք ազատ զինուորներ լինին սկսեալ Երուսաղէմէն անարգել երթան մինչեւ աշխարհիս ծագը Աւետարան եւ հաւատքը ծաւալեն։ Թող այս, Պօղոս երբեմն վերանալով տեսաւ երկնից դրախտն եւ Աստուծոյ սիրելեաց համար պատրաստուած փառքն, ապշեցաւ հիացաւ թէ անճառ է եւ անպատում. ուստի զարմանալով կը պատմէ եւ ի նոյն կը յորդորէ որ վերթեւին եկեղեցւոյ զաւակները, ու կը խօսի այսպէս. «Եթէ ժամանակս կարճեալ է այսուհետեւ, զի որ ունեցին կանայս, որպէս թէ չունեցին... եւ որ վարեն զաշխարհս, որպէս թէ չը վայելիցեն, որ անցեալ է վայելչութիւն աշխարհիս»։

Երանելի Պօղոս, թող իւր տեսած դրախտէն նայի այժմ, թէ աշխարհիս վայելչութիւնը եւ կեանքը ո՞ւր հասած է եւ թէ՝ երկրասէր մարդիկը կը հասկնա՞ն իւր խօսքը, կամ կը հաւատա՞ն թէ իւր տեսած դրախտը Փարիզի դրախտէն գերազանց եւ վայելուչ է։

Այո՛, Պօղոսին յափշտակեալ միտքը երազ չէ, այլ ճշմարիտ իրողութիւն է՝ միայն ճշմարիտ հաւատացելոց համար. զի երբ երկնից արքայութիւնը յայտնուեցաւ, եւ երբ Յիսուս քարոզեց Աւետարանի որդւոց, թէ՝ «Դուք այս աշխարհէն չէք», այնուհետեւ աշխարհիս դրախտը կը քանդուի եւ երկնից դրախտը կը բացուի մարդոյն առաջը։

Այլ թէ այսպէս եւ թէ այնպէս, ոչ Աստուած, ոչ Յիսուս, ոչ Պօղոս եւ ոչ եկեղեցին բացարձակ վճիռ կուտան որ մարդիկը անժխտելի օրէնքով պէտք է ամուսնանան առանց երբէք բացառութեան. եւ կամ կուսական կեանք վարեն առանց երբէք ամուսնութեան։ Եթէ այսպէս լինէր, ամէն մարդ Պօղոսին հետեւէր, եկեղեցին ամուլ եւ անծնունդ մնալով՝ վաղ ուրեմն սպառած էին իւր որդիքները. եւ կամ թէ Պօղոսի նման կամաւ ներքինիք եւ Աւետարանին անձնուէր պաշտօնեայք չը լինէին, ո՛վ կ՚աւետարանէր անմախաղ, անցուպ այն բարբարոս հեթանոսաց մէջ. ո՞վ կը շինէր Քրիստոսի եկեղեցին, եւ ո՞վ կը թափէր արիւն հաւատոյ վկայութեան համար։ Մեք չենք ժխտեր թէ շատ ամուսնաւորք եւս առաքինացան այդ ասպարէզին մէջ. բայց Աւետարանի խաչակրաց խմբին գերազանցութիւն միշտ անհամեմատ է։

Ուրեմն յայտ է եւ պէտք է խոստովանիմք, որ մարդոյն երկու վիճակ կեանքն եւս իւր ազատ ընտրութեան ու կամաց թողուած է. իւրաքանչիւր մարդ իւր առանձին շնորհն ունի, ոմն այսպէս եւ ոմն այնպէս։ Քանզի եկեղեցւոյ դրախտի ծաղիկները մշակող հայրն՝ զանազան տնկեր է, եւ իւրաքանչիւրն՝ իրենց վայելուչ տեսքն եւ անուշ հոտն ունին։ Թէեւ Աւետարանի ազատ մշակները իրաւունք ունենան պարծենալ թէ իրենք առաւել վաստակեցին եւ կը վաստակեն, այլ ոչ երբէք իրաւունք ունին նոքա փարիսեցւոց աչքով նայել ամուսնական կեանքին վերայ, եւ այնպէս դատել որպէս թէ այդ կեանքը մեծ եւ հաճոյական չէ երկնից առաջ։ Սուրբ Գիրք եւ եկեղեցւոյ պատմութիւն ամուսնաւոր եւ չամուսնաւոր մարդոց նկարագիրը միանգամայն կը հանէ մեր առաջը. որուն վերայ եթէ մարդ ողջամիտ աչքով նայի, կը տեսնայ որ երկու դասի մէջն եւս առաքինեաց հանդէպ սքանչելի եւ հաճոյ է երկնից առաջը։ Աբրահամ իւր ընտանեկան վրանին տակ, աղօթաւորն Անտոն իւր խցին մէջ։ Ենովք եւ Եղիաս կենդանւոյն կ՚արժանանան երկնից դրախտին, մին ընտանեաց Հայր եւ Նահապետ, եւ միւսն իբրեւ կոյս մարգարէ եւ այր Աստուծոյ։ Մեծ է Յովհաննէս Մկրտիչ կանանցածին ծննդոց մէջ, այլ ո՛վ է երկնից արքայութեան այն փոքրիկ հաւատացեալ արդարն զորս Յիսուս տեսնելով՝ մեծ կը համարի, եւ մեր աչքէն կը վրիպի իբրեւ աննշան եւ փոքրիկ. չգիտենք նա կո՞յր է թէ ամուսնացեալ։

Ուստի կը պարտաւորիմք մեր կեղակարծ դատաստանը ուղղել, թէ այդ երկու դասն Աստուածահաճոյ առաքինիքըդարձեալ մի եւ նոյն ամուսնական ծառի բարի պտուղներն են, քանի որ աշխարհ կայ՝ միշտ պէտք է կանաչազարդ մնայ այդ ծառը, զի Աստուծոյ օրհնեալ ձեռաց տունկն է. նորա սահմանադիր օրէնք եւ օրհնութիւն կը դարմանեն զայն, շարունակ աճելով իւր ընտանեկան ճիւղերը արձակելով միշտ բազմապատիկ պտղաբերէ թէ աշխարհիս եւ թէ երկնից արքայութեան համար։

Սակայն թէ հեթանոսութեան եւ թէ Քրիստոնէութեան այլ եւ այլ դարերու մէջ այնպիսի չարածնունդ աղանդաւորները եկան աշխարհ, գրեցին ու քարոզեցին. յորոց ոմանք Շընական փիլիսոփայութեամբ ուզեցին հանել մարդոց անձէն ամօթոյ ու պատկառանաց հանդերձը, ու թող տալ, որ նա չամաչէ աշխարհի հրապարակի մէջ, արեւու առաջ անասնոց նըման խառնագնաց լինելով, ծաղր ու ծանակ առնելով եւ քամահրելով սուրբ ամուսնութեան եւ մարդուն բանաւորութեան պատիւը։

Ոմանք եւս ծայրայեղ մոլեռանդութեամբ վարդապետեցին թէ նոյն իսկ ամուսնական կեանքը չար անառակութիւն է, եւ լաւ է որ մարդիկ հրաժարին ամուսնութենէն, կիներէն խորշին իբրեւ չար արարածներէ, Դիոգինէսի նման անինչ, անտուն, անընտանի կարասաբնակ լինին այր մարդիկ՝ խոտելով միանգամայն մարդկային բանաւոր կեանքն եւ ընկերութիւնը։ Այսպիսի անլուր, այլանդակ եւ անօրինակ հայհոյութիւն մտաբերեցին այդ մոլորամիտ մարդիկը, եղծելով նաեւ մարդոյն սիրտն, զգացումն, բնական սէրն եւ բանաւորութեան լոյսն։

Իսկ Քրիստոնէական կրօն եւ եկեղեցին նզովիւք կը հերքէ այդպիսի աղանդաւորաց մոլորութեան հոգին ու վարդապետութիւնը։ Եւ Յիսուս երկնից վարդապետը Մովսէսէն առաւել կը նուիրագործէ սուրբ ամուսնութեան անեղծ իրաւունքն. բազմակնութիւն բոլորովին ջնջելով, եկեղեցւոյ նոր դրախտով հին դրախտ կը վերանորոգէ, մի Ադամին համար՝ միայն մի Եւայ բաւ համարելով։

Ուստի իբրեւ եկեղեցւոյ իշխանութեան ճշմարիտ եւ հարազատ հպատակ պարտաւոր են եկեղեցւոյ օրինաց թէ նախանձաւոր հայրերն ու հովիւները եւ թէ Աստուծոյ ընտանեաց ճշմարիտ զաւակները ամենայն պատկառանօք պահել սուրբ ամուսնութեան օրէնք եւ իրաւունքը, արթուն աչքով հսկել այդ օրինաց ցանկին վերայ, զոր օրինադիր Արարչին ձեռք խնաով հիւսեր է. թող չը ժպրհի հեստող եւ ստահակ մարդը խրամատել անցնել Աստուծոյ պարսպած ցանկէն։ Եթէ միանգամայն քակուի այդ ցանկը, ընդարձակ ասպարէզ կը բացուի խստապաանոց մարդոց առաջ. այնուհետեւ ոտնակոխ լինելով ամուսնական օրէնքը. կը խախտի ընտանեկան կեանքին այն յաւիտենական ու հաստատուն հիմն, որով եւ վեր ի վայր կը շրջին մարդկային ընկերութեան ամբողջ շէնքը. մարդիկ անասնակենցաղ լինելով՝ կեանք կը վատթարանայ աշխարհիս վերայ, եւ վատթարանալով կը մեռնի դրախտի եօթը հազար տարուան ընտանիքը իւր ամէն սերնդով։