Jump to content

Դրախտի ընտանիք, …ի պէտս Հայոց ընտանեաց/ԺԳ. Զաւակաց պարտիք առ ծնողս

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից

Մանուկ կաթնկեր, որ թէպէտ նա դեռ իմացականութիւն չունի. բայց բնազդեցիկ բերմամբ մօր գրկին էջ առաջին անգամ կ՚զգայ եւ կը ճանչնայ սէր։ Մանուկը, եթէ չեմ սխալիր, մօր միջնորդութեամբ եւ վկայութեամբ կը ճանչնայ նաեւ իւր հայր. եւ ահա սոյն ճանաչման մէջ կը ծնի ծնողասիրութեան զգացումն եւ որչափ ինքն կ՚աճի ու կը զարգանայ, պէտք է այնչափ մեծնան իւր սրտին մէջ ծնողասիրութեան պարտիքը։

Եւ ի՞նչ են այս պարտիքները. ահա մի առ մի բացատրեմ քեզ։ Բնական եւ Աստուածային պարտիք է նախ եւ առաջ ճանչնալ, թէ իւր կենաց եւ գոյութեան պատճառը` իւր ծնողքն են, եթէ չլինէին ծնողք, ինքն այս աշխարհիս վերայ ոչ լոյս պիտի տեսնար, ոչ արեւ, եւ ոչ մարդ պիտի կոչուէր, եւ կամ մարդկային ընկերութեան կարգ խառնուէր. այլ պիտի մնար չգոյութեան մէջ անծնունդ եւ անանուն։

Այո՛, զաւակաց պարտիքն է ճանչել զծնողս, եւ ծնողական ծայրագոյն սէր չափել պէտք է, թէ չկայ աշխարհիս վերայ ուրիշ ոք, ոչ եղբայր, ոչ քոյր, ոչ բարեկամ, ոչ ազգական եւ ոչ իսկ ամուսին, որ զինքն այնչափ գորովով սիրէ ու խանդաղատի. անձն` անձին, եւ հոգին` հոգւոյն փոխան տայ, ինչպէս ծնողք։ Ուստի ծնողական սիրոյ այս մեծ իրաւունքը, նոյն փոխադարձ սէր կը պահանջէ զաւակներէն. զոր սրտի մտօք պէտք է հատուցանեն ու պարտական չի մնան։

Ճանաչել եւ հպատակիլ պէտք է, ընտանեկան կենաց եւ առ տնին փոքրիկ թագաւորութեան մէջ` քանի՞ բարձր ու փառաւոր է ծնողաց իշխանութեան աթոռ, թէպէտ եւ ստրուկ լինին նոքա, աղքատ լինին եւ իբրեւ անքաղաքացի շինական խրճիթին մէջ ապրին, դարձեալ միշտ մեծ են ծնողք, որ քաղցր եւ անբռնադատ սիրով կը հրամայեն, որոց կամակատար հնազանդութիւն մատուցանել արժան է, ինչպէս տիեզերք Աստուածպետական աթոռին առաջ։ Չկայ բնաւ օրէնք եւ իրաւունք մի որ զաւակներ աատ եւ անհնազանդ կացուցանէ ծնողաց բնական և պարտաւորիչ իշխանութենէն, բայց միայն Հաւատք, Խաչ ու Աւետարանը, որ իւր հաւատացեալները յԵկեղեցի կը կոչէ. թողուլ եւ մերժել հարկ է յայնժամ ծնողաց սէր եւ հրամանը, Յիսուսի առաւել սիրոյն համար, ըստ այնմ` թէ որ սիրէ հայր կամ զմայր առաւել քան զիս, չէ ինձ արժանի։

Ճանաչել պէտք է նաեւ թէ որդիքները որչա՞փ երախտապարտ են առ ծնողս, որք ոչ միայն երկանց վիշտերով ծներ են զիրենք` այլ եւ բազմադիմի չարչարանքներ, տառապանքներ, եւ կարօտութիւններ կրելով` պահեր ու դարմաներ են զիրենք, որոց տրիտուր եւ փոխարէն պէտք է հատուցանեն որդիք երբ ծերութիւն կը հասնի ծնողաց վերայ, կամ մերթ եւս տարաժամ հիւանդութիւնք եւ փորձութիւնք կը շրջապատեն զիրենք։ Այս դառն տառապանաց մէջ ո՛վ մխիթար պիտի լինի ծնողաց սրտին, եթէ ոչ զաւակները` որոց անհրաժեշտ պարտականութիւնն է, ամենայն սիրով դարման տանել ծնողաց մինչեւ գերեզմանին դուռը, եւ ձեռքով ի հող դնել նոցա խոնջեալ գլուխ եւ աշխատեալ անձն։

Բարեծնունդ եւ օրհնեալ զաւակները մինչեւ ցվախճան ծնողաց ամէն պարտիքները կատարելու միշտ յօժարափոյթ են. բայց արդի ժամանակիս Հայոց ընտանեկան կեանքին մէջ կ՚երեւին շատ անգամ անխրատ, ապիրատ, անգութ, աննուէր, ստահակ, անհնազանդ ծնողաց, անհաւան եւ անառակ զաւակները, որք հօր եւ մօր անկշիռ երախտիք, խնամք, գութ եւ սէր ոտնահարելով` ինքնամերժ կը լինին հայրենի տունէն, ուր որ մոլեկան կիրք զիրենք կը վարէ։ Նոքա անձնատուր կը լինին վատաբարոյ ընկերաց եւ կը վարեն անառակ կեանք ու վարք, եւ ինչպէս ճշգրիտ կը նկարագրէ Աւետարանին առակը, նոքա իբր ծառայ եւ ստրուկ խոզարած կը լինին, զեղխ եւ զազիր կենաց մէջ թաւալելով. ոչ միայն կը վատնեն հայրենի ժառանգութիւնը` այլ եւ հոգին, մարմին առ հասարակ անարգ ցանկութեան եւ վատթարութեան մատնելով կը կորուսանեն։ Չգիտեմ կա՞ն արդեօք այդ անառակ դասէն ոմանք, որ անառակ որդւոյն օրինակին հետեւելով` մտաբերեն հայրենի տուն ու հացալից սեղան եւ որդիութեան ազատ կեանք, յետս դառնան այդ չարավար տղմալից կեանքէն, զգաստանալով գան խոնարհին ծնողաց գթոյն առաջ ու վերստին ստանան իրենց նախնի փառքն ու պատիւ։ Չգիտեմ նաեւ թէ այսպիսի դարձող ու ստրջացող անառակաց համար պիտի գտնուի՞ն այնպիսի վեհանձն ու որդեսէր ծնողք, որ երկնաւոր հօր նմանելով ընդառաջեն եւ ողջագուրելով համբուրեն անառակ զաւակին կորացեալ պարանոցը, թէ աններող խստասրտութեամբ ծնողական սիրոյն եւ գթոյն դուռը փակելով` թողուն, որ տարամերժեալ թշուառ զաւակը հայրենի տան դրան առաջ ինկած` Ղազարոսին պէս անտէրունչ եւ սովատանջ մեռնի։ Եւ ի՞նչ կ՚ընեն յայնժամ փառասէր ու խստասիրտ ծնողք, իսկոյն կը հաշտուին անշշունչ դիակին հետը, մեծ պատուով եւ շքով յուղարկաւորութեան հանդէս կը կազմեն եւ կը թաղեն անառակ որդին իբրեւ մեծատան զաւակ։

Մի՛ կարծեր դու, ընթերցող, թէ այսպիսի եղերական դէպքեր կամ անառակ զաւակները չկան Հայոց ազգին մէջ, այլ թէ խելամուտ լինիս, մեր ազգային կամ ընտանեկան կեանքին մէջ մտնես ու շրջիս, պիտի տեսնաս շատ կարդացող անառակ որդիները, մանաւանդ Բիւզանդիոնի եւ այլ ծովեզերեայ քաղաքներու մէջ. ուր որ կը կարծենք թէ քաղաքակրթութիւն, դպրոց, ուսումն յառաջ գնացած են։ Այո՛, այդ այդպէս է. բայց անդաստիարակ յառաջդիմութիւնը մեր ընտանեկան կեանքը չի բարւոքեր. ինչպէս քսան տարիներէ ի վեր սկսեալ մինչ այսօր թէ փորձով եւ թէ օրինակով մեք կը տեսնամք եւ կը համեմատենք ազգին անցեալն եւ ներկայն։

Դառնանք այժմ բարի զաւակաց ուրիշ պարտիքները յիշեցնել։ Այո՛, բարեժառանգ զաւակները շատ պարտիքները ունին առ ծնողս, թէ ի կենդանութեան եւ թէ մահուանէն յետոյ, թէ երկրիս վերայ եւ թէ երկնից մէջ, օրհնեալ եւ գովեալ են այն բարեյիշատակ ծնողք, որ այդ սուրբ պարտիքները անթերի կը կատարեն, որոց կեանք եւ վախճանը միշտ բարի կը լինի աշխարհիս վերայ եւ ընտանեկան բարեկեցիկ երջանկութեան մէջ. ինչպէս կը յորդորէ խրատատուն Սողոմոն իւր առակախօսութեամբ. թէ «Պատուեա՛ զհայր եւ մայր, զի բարի լինիցի քեզ». եւ ընդհակառակն հայր եւ մայր անարգողաց համար նզովք կը կարդայ. «Որ անարգէ զհայր եւ զմայր, բիբք աչաց նորա խաւարեսցին»։ Ո՜հ, ո՜րչափ խստութեամբ կը դատի Սողոմոն այն ապաշնորհ զաւակները, որ ծնողական սիրոյն դէմ կ՚ապերախտին, որոց հատուցումն անաչառ արդարութեամբ կը վճռէ ինքն, որ այնպիսի չար յիշատակ զաւակները կուրնան, լոյս եւ արեւ չի տեսնան, խաւար աչքով շրջին աշխարհիս վերայ, որպէսզի տեսնան ու սոսկան հաւատարիմ ու հնազանդ զաւակները։

Ուրեմն ո՛վ դուք, որ աշխարհիս վերայ հայր եւ մայր ունիք. ընտանեկան կենաց ու ծնողական գրկարանին մէջ կ՚ապրիք. թէ մեծ եւ թէ փոքր, թէ անդրանիկ եւ թէ կրտսեր, թէ քոյր եւ թէ եղբայր, առ հասարակ ձեզ յորդոր խօսելով համառօտեմ ճառիս միտքը եւ ձեր պարտիքները, ուրադիր եղիք։ Գիտէ՛ք, ո՛վ են նոքա որ ձեզ կեանք տուին, այս աշխարհ բերին. նոցա անուն հայր եւ մայր կը կոչուի, եւ ձեր ծնողքն են. դուք պարտաւոր էք նոցա, սէրը` սիրոյն դէմ փոխարինել. դուք պարտաւոր էք նոցա, կաթին եւ հացին դէմ` Յակովբ նահապետին պատրաստած խորտիկը փոխարինել. որպէսզի արժանապէս ժառանգէք Իսահակայ հօր օրհնութիւնը։ Դուք պարտաւոր էք ամենայն ակնածութեամբ խոնարհիլ ձեր ծնողաց առաջ, հնազանդութեամբ լսել, մեծարանօք ընդունիլ այն ամէն հրամանները, որ ձեզ եւ ընտանեկան կենաց համար բարի եւ օգտակար են։ Դուք պարտաւոր էք ողջակիզին փայտ շալկել, անդիմադարձ երթալ մինչեւ Բեթէլին լեռը եւ հոն թողուլ, որ ձեր թեւեր կապուին ինչպէս Սահակ` Աբրահամ սուրբ նահապետին առաջ։ Բան մի չիկայ ինչպէս միանգամ յիշեցի առաջ. բայց միայն Աւետարանի բանը կարող է այդ պարտուց պինդ կապը քակել. եթէ Աբրահամ թողու հաւատքը, դառնայ ի Խառան իւր հօր Թարայի տունը, պաշտէ հայրենի կուռքը. Սահակ խաչը գրկէ մնայ ի Բեթէլ եւ Գողգոթային գլուխ։

Դուք պարտաւոր էք, երբ կը ծերանան եւ կը զառամին ձեր ծնողքը, դուք նոցա որդի մխիթարութեան եւ ցուպ ծերութեան լինիք. ամենայօժար սիրով խնամել, դարմանել եւ երբէք չը տրտմեցուցանել զիրենք։ Դարձուցէք նաեւ ձեր աչքը Քամայ ժպիրհ եւ հայրածանակ օրինակէն, Նոյի պարկեշտ եւ երկիւղած որդւոց պէս ծածկեցէք ձե ծնողաց առականքը. որ ընտանեկան տան պատիւն է. զգուշացէք, հայր եւ մայր բամբասոսղները` Աստուծոյ եւ մարդկանց առաջ շատ մեղապարտ են։

Դուք պարտաւոր էք դարձեալ, հայրենի տան փառք, ճրագ, տոհմական ազնուականութիւնը նոյն ճոխութեան եւ փառաւորութեան մէջ պահե, եւ ջանալ միշտ չաղարտել երբէք ճշմարիտ ազնուականութեան պատիւը։ Եթէ աշխարհիս բախտը ձեր վիճակ այնպէս հաներ է, որ դուք աղքատ ծնողաց զաւակ լինիք, շատ է թէ նոցա բարոյական առաքինութիւնը ժառանգէք, որ ադամանդէն, ոսկիէն եւ կորստական հարստութենէն աւելի մեծ է։ Գիտցէք նաեւ, այն ազնուականաց զաւակները, որոնք հայրենի տան հարստութիւնը դիւրապէս կը ժառանգէն, այնչափ մեծ ու գովելի չեն. հապա այն իսկ է աւելի փառք եւ պարծանք, որ ձեր ազնուականութիւնը ձեզմէ սկսի. որով դուք իրաւամբ հայրենի տան հիմնադիր ազնուական կը լինիք։ Եւ քանի՞ գորովանաց արժանի են այն վատ, հեղգ եւ անվաստակ զաւակները, զորս կը հրաւիրէ Սողոմոն որ երթան մրջիւնին գործունէութիւն տեսնեն։ Նոքա թէպէտ կը պարծին, թէ իրենք ազնուականաց զաւակներ են, բայց վատթար եւ վատնիչ տնտեսութեամբ վարուելով` հայրենի տան ազնուականութիւն իրենցմով կը վերջանայ, կը շիջանի տան պայծառ ճրագը։ Նոքա, որ երբեմն տէր էին` ծառայ եւ ստրուկ կը դառնան։ Մուրացկանաբար կը շրջին եւ մերթ եւս հանգանակութիւն կ՚ընէ նոցա համար Եկեղեցին. ծանուցանելով թէ ճոխ հարստութենէ ինկած արժանաւոր եւ թշուառ անձ մի է. կը խնդրէ որ Եկեղեցւոյ մէջ ծածկեն իւր անունը, երբ ինքն հրապարակին մէջ յայտնապէս կը մուրայ։ Դուք մի այնպէս կարծէք թէ հարստութենէ ինկած ամէն դժբախտներն երկնից կամ աշխարհիս պատահարներէն են. ո՛չ, դոցա մեծ մասին անկումն` բուն իրենց վարած անչափաւոր կեանքէն է։

Բաւ կը համարիմ ձեզ համար այսչափ ո՛վ հաւատարիմ զաւակներ, յուշի պահեցէք ինչ որ գրեցի. լիովին հատուցէք ձեր ծնողաց պարտիքները. որքան Աստուած, օրէնք եւ բնական ծնողասիրութեան գութը պարտաւոր կը կացուցանեն զձեզ։ Յիշեցէք Յիսուսին բանը, «Ի՞նչ չափով որ չափէք ըզձեր ծնողս, դուք եւս նոյն չափով պիտի չափուիք. եւ ինչ որ ցանէ մարդ, նոյն կը հնձէ»։ Սողոմոնի առակը կը խրատէ զձեզ. որ դուք ձեր հօր եւ մօր օրհնութիւնը միանգամայն ժառանգէք։ Բաւ չէ որ միայն հայրն օրհնէ, այլ նա եւս մայրն օրհնէ, վասն զի եթէ մայրն անիծէ, տան հիմերը կը խախտուին։

Ժառանգեցէք ուրեմն երկու բերանոց օրհնութիւնք, որպէս զի ձեր կեանքը եւ վախճանը միշտ բարի ու բարգաւաճ լինի։