Jump to content

Դրախտի ընտանիք, …ի պէտս Հայոց ընտանեաց/ԺԵ. Ընտանեկան կտակ յիշատակ

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից

Ընտանեկան կենաց մէջ ծերունի Նահապետք իրենց վերջի օրհնութենէն յետոյ՝ վերջին անհրաժեշտ պարտք մի եւս ունին, այն է կտակը, կեանք եւ յիշատակ, եւ կ՚ապրին նոքա հազարաւոր տարի, եւ նոյնիսկ գերեզմանին մէջ։

Կտակը տիրապէս կը նշանկէ այն սուրբ աւանդ եւ յանձնարարութիւնը, զոր մարդ իւր կենդանութեանը ուրիշ կտակակատար անձի մի կ՚աւանդէ, որ յետ իւր մահուն կատարեն իւր կտակը՝ աննենգ եւ անվրէպ հաւատարմութեամբ։ Կտակակատար անձն շատ անգամ եւս իւր կտակը ինքնին ձեռօք կը կատարէ ի կենդանութեան եւ կամ կը փոփոխէ զայն։ Նա անբռնադատ է այս իրաւանց մէջ, զի կտակը միայն իւր ազատ կամ քէն կախումն ունի։ Բայց ինչպէս կը վկայէ Պօղոս Առաքեալը՝ Կտակ յետ մահուան հաստատուն է, զոր եւ ոչ աշխարհիս թագաւորաց բուռն հրամանը կարող է խախտել զայն կամ ըստ կամբ փոփոխել։

Թէ Սուրբ Գրոց եւ թէ Ազգային պատմութեանց մէջ նկատելով կը տեսնամք, որ կտակը երկու կերպ աւանդուած է, կամ իբրեւ բարոյական պատուէր եւ կամ նիւթական նուէր։ Նիւթականին օրինակները շատ կը տեսնամք մեր վաղեմի եւ արդի յիշատակարանաց մէջ, որ բազմաթիւ աստուածապաշտ անձինք թէ արք եւ թէ կանայք, իրենց սեպհական կալուածներէն կամ հարստութեան գանձէն կտակելով նուիրած են Եկեղեցեաց, վանորէից շինութեան եւ յարատեւ պայծառութեան՝ որոց առ հասարակ տէր եւ ժառանգորդ եղեր է ժողովուրդը առանց վաստակելոյ։ Եթէ հետազօտեմք մեր նախնեաց ձեռագիր յիշատակարաններ, բազմաթիւ, վանորէից ու տաճարաց արձանագրութիւնք պիտի գտնեմք, որ դոքա մեծ մասն՝ կտակաց շնորհիւ հաստատուած են առանձին առանձին իշխանաւոր ու հարուստ ընտանեաց ձեռքով։ Ով չի հաւատար որ Անւոյ հազար եւ մէկ Եկեղեցիք կտակաց ու յիշատակտուաց օժանդակութեամբ կառուցուած են, որոց անունները կը նշմարուին աւերակ ու կիսակործան տաճարներու վրայ։ Եւ ոմանք տեսնելով կը զարմանամ ու այսպէս կը դատեն թէ Հայոց ճոխութիւն եւ երկրի գանձերը՝ վանքերու եւ հոյակապ տաճարներու շինութեան համար սպառած են։

Իսկ բարոյական կտակ ու պատուէրը, որ խառն է լի օրհնութեամբ ու դառն անիծիւք, այդ եւս սքանչելի կերպով կը տեսնամք Սուրբ Գրոց մէջ։

Աբրահամ նահապետ իւր վախճանին մօտ կասկածելով թէ գուցէ ինքն կանուխ մեռնելով՝ Իսահակ որդին մոռնայ հայրենի տան ազգակցութիւնը, պանդուխտ երկրի մէջ օտար ընտանեաց հետ ամուսնանայ, կը կոչէ իւր հաւատարիմ ծառայն եւ կտակաւ կը պատուիրէ որ Քանանացւոց երկրէն չընտրէ ամուսին Իսահակայ որդւոյն համար, եւ ուխտիւ երդում կ՚առնու իրմէն չդրժել այս կտակին դէմ։ Նոյնպէս Իսահակ Աբրահամէն ուսեալ՝ նոյն կտակաւ կը պատուիրէր Յակովբայ, Քանանացւոց երկրի աղջիկներէն չառնուլ, այլ միայն իւր մօրենական տան ազգակցութենէն ընտրե իւր ամուսին։ Յովսէփ նահապետին կտակը շատ նշանաւոր էր, որ ցանկութեամբ կը խնդրէր ու կ՚ըսէր. թէ՝ «Երբ Տէր Աստուած այցելութեամբ կը հանէ Իսրայէլի տան ժողովուրդը Եգիպտոսէն, հանէք եւ դուք իմ ոսկորներս այն երկրէն եւ տարէք ամփոփեցէք իմ հարց շիրիմներուն ծոցը։

Նահապետաց կտակէն յետոյ առաւել մեծ եւ նշանաւոր էր Մովսիսին կտակը, որ իւր վախճանին մօտ բոլոր Իսրայէլի ժողովուրդին կ՚աւանդէր, որ էր մի միայն Աստուծոյ օրէնք եւ պատուէրները, զորս կրկնելով կ՚աւանդէր Յակովբայ տան ու ընտանեաց. երկնից օրհնութիւն կը ցօղէր օրինապահ որդւոց գլխոյն, իսկ անէծք եւ նզովք կը սպառնար նոցա, որ ստունգանալով պատուիրազանց կը լինին։

Այլ մեր գթած Յիսուսի կտակը լի էր ամենազեղուն օրհնութեամբ. զոր վերջին ընթրեաց իրիկուն կ՚աւանդէր իւր սիրելի խմբին եւ բոլոր հաւատացելոց. նորա սուրբ կտակը սէրն էր, զոր միշտ կրկնելով կ՚աւանդէր, եւ կտակագիրն Աւետարանն էր։

Այս կտակագիրը թողուց Յիսուս. չէ թէ մի ընտանեաց կամ մի ազգի համար, ինչպէս Մովսէս, այլ համայն Եկեղեցւոյ ընտանեաց կ՚աւանդէ իւր հայրապատուէր կտակը, որ լի ու լի պատարուն է երկնատուր օրհնութեամբ. զի նորա սուրբ եւ անդրժելի կտակապատուէրը իւր աւանդած հաւատքն է, ընկերասիրութիւնն է, համատարած խաղաղութիւնն է, կարեկից համբերութիւնն է, թողութիւն եւ ներողութիւնն է։ Եթէ մահկանացու մարդոց կտակ յետ մահուան այնչափ հաստատուն է, որչա՞փ անմահ Աստուածորդւոյն կտակը, որ խաչին արիւնով եւ նոր յաւիտենական ուխտիւ կնքուած է։

Ուստի թէ Մովսէս, թէ Յիսուս, թէ Առաքեալք եւ թէ Եկեղեցւոյ սուրբ Հարք, ինչ որ աւանդեր են, պարտաւոր կը մնան Եկեղեցւոյ ընտանիքը եթէ զայնս անեղծ եւ հաստատուն չը պահեն։

Թողունք այս բարոյական կտակը, որ մեր մասնաւոր առարկայէն բարձր է, խօսինք դարձեալ նիւթականին վերայ, որ աշխարհիս բախտաւոր եւ հարուստ ընտանեաց համար մի անհրաժեշտ պարտիք է։

Մարդ, թէ այր եւ թէ կին, երբ յիշէ իւր օրահաս վախճանը եւ մտաբերէ թէ՝ ինքն մահկանացու է եւ պիտի մեռնի ու թողու այս աշխարհս, ընտանիք, սիրելիք, գանձ, հարստութիւն եւ շատ կալուածները. իմաստուն եւ արդար անտես է այն մարդը, եթէ ցանկայ իւր մահուան եւ գերեզմանին մէջ եւս ապրիլ։ Եւ ի՞նչպէս, կտակաւ եւ բարի յիշատակով, այսինքն իւր սեպհական հարստութենէն մի բաժին հանէ ազգին բաժին հանէ աղքատ ընտանեաց առանց երբէք զրկելոյ իւր տան ընտանիքը։ Երջանիկ կը լինէր ազգը, երջանիկ կը լինէր մեր հայրենիքը, եթէ ազգին մէջ գտնուած իւրաքանչիւր գանձատէր անձինքը առանց կտակի եւ յիշատակի չմեռնէին։

Սակայն շատ բուռն է մարդկանց մոլեկան ագահութիւնը, որ մարդոց սիրտ եւ հոգին կը կապէ մինչեւ վերջին շունչ. նա հոգին տալու կը յօժարի, քան թէ գանձ ու ստացուածք. նա իւր անգին հոգւոյն փրկանաց համար երբէք չի հաճիր դուզնաքեայ գանձ փոխարինել. թէեւ հնար լինէր հոգին անդրէն վերադարձնել։ Ուստի ագահ մարդոց կտակը եւ անյագ տենչն այն է, որ իւր գանձը իւր հետ ի գերեզման տանի ու թաղէ։ Եւ ճշմարիտ է այս, ապա թէ ոչ՝ ի՞նչ է պատճառ, որ աշխարհիս ագահները շատ անգամ իրենց գանձերը հողին տակ անյայտ կը թաղեն. ուր կը թաղեն նաեւ իրենց քարաժեռ սիրտը, ինչպէս կը վկայէ սրտագէտ Յիսուս թէ. «Ուր գանձք ձեր են, անդ եւ սիրտ ձեր եղիցին»։

Ոչինչ զանազանութիւն չունին ագահէն նաեւ այնպիսի մարդիկ, որ չափազանց ընտանեսէր լինելով վաղուան եւ ապագային համար հեթանոսաբար կը հոգան. իրենց ամէն ջանք ու վաստակը միայն իրենց գերդաստանին համար կը պատրաստեն. նոցա համար բնաւ փոյթ չէ ընկերասիրութեան պարտիք եւ կամ ազգին կարօտ ընտանիք։ Եկեղեցի, դպրոց, կտակ եւ յիշատակ, այս ամէն՝ նոցա եւ այնպիսեաց մտքէն հանուած է։ Նոքա Նախախնամութեան չեն հաւատար եւ կ՚ուրանան երկնից Հօր խնամքը, որ ճնճղկան բունի ընտանիքը չի մոռնար, այնպիսիք որ թէպէտ իրենց ժլատութեան ձեռք մինչեւ ի գերեզման կը կծկեն, բայց ի պատիժ նոցա՝ ժառանգորդ ընտանիքը ամենայն շռայլութեամբ կը բանան իրենց ձեռքը ու անխնայ կը վատնեն բոլոր հարստութեան գանձը, որով ճոխ մեծատան ընտանիքը՝ կարօտ մուրացիկ կը լինին, որոց բազմաթիւ օրինակներն անցելոյն մէջ պատմութիւն կ՚աւանդէ եւ ներկային մէջ մեք մեր աչքով կը տեսնամք։

Կտակարարութեան պարտիքը միայն մեծատան ընտանեաց համար չէ, այլ ազգին իւրաքանչիւր անհատ անձինքը առանձին իրենց կտակն ունին։ Արծաթով եւ անարծաթ կղերները թող մէկը իւր արծաթը կտակէ, միւսն իւր գիրք եւ խրատ։ Թող կտակեն նոքա Եկեղեցւոյ որդիքներուն, հայրենատուր հաւատք եւ հարց աւանդութիւնք պինդ պահել։ Թող կտակեն նոքա Հայոց գաղթական զաւակներուն ուր որ կը լինին. Արարատ եւ Էջմիածնի Կաթուղիկէն չի մոռնան։ Թող կտակեն նոքա սուրբ Ղեւոնդեանց ու Վարդանանց խաչ եւ անձնանուիրութիւնը։ Թող կտակէ քաղաքացին իւր ընտանեաց՝ արհեստ, աշխատութիւն, վաճառաշահութիւն, տնտեսութիւն, խնայութիւն եւ բարոյական կեանք։

Իսկ շինական աշխատամաշ ծերունիքը թող այս կտակն աւանդեն ընտանեաց, որ սիրեն հին նահապետական պարզ կեանք, սիրեն մշակութիւն, հողն ու մաճը. երբէք չի վաճառեն իրենց կեանքն ու հարստութեան մշտաբուխ աղբիւրը, այսինքն հայրենի երկիրն ու գետին։

Եւ դուք ի՞նչ պիտի կտակէք, հայրենեաց կարէտ խեղճ պանդուխտ Հայեր. դուք կտակեցէք ձեր զաւակաց ու եղբարց, երբ օտարութեան մէջ կը հասնի ձեր վերայ, ո՜հ, մահ ու գերեզման։ Այո՛, նզովիւք կտակեցէք, որ նոքա հայրենի հողին ու երկրին մէջ տքնին ու աշխատին, թող մեռնին, թող իրենց գերեզման իրենց արտիկ լինի, թող չիգան այս տեղը, ուր ձեր ազատ եզն ու մաճ թողլով՝ բեռնակիր կը լինիք. եւ շատ անգամ բեռանց ծանրութենէն ձեր ոսկորները կը ճարճատին եւ ձեր հուժկու բազուկները կը թուլնան. երես ընդ գետին կը թաւալիք փողոցի սալայատակաց վերայ. կը բառնան ու կը թաղեն զձեզ անյիշատակ շիրիմներու մէջ, ուր չեն ու չկան ընտանեկան գերեզման, ձեր պապերուն ու մամերուն խաչաքարեր եւ ոսկորները։

Իսկ դու, հէք Արծուիդ Վասպուրական. քո կտակն ի՞նչ է. թէ որ մահն զքեզ պանդխտութեան մէջ նետահարէ. «Կամք Տեառն օրհնեալ եղիցի» կ՚ասեմ եւ կ՚աւանդեմ իմ կտակը իմ սիրելի, հաւատարիմ եւ մտերիմ Ազգին՝ որ զիս բառնան տանին այն հողին աւանդեն. եւ դնեն զիս ի դիր հանգստեան Վարագայ խաչաքարերու տակը, ուր թերեւս շիրիմս ու ոսկորներս խառնուի. Եղիսէի նման սուրբ հարց շիրիմներուն հետը. մեղապարտ մեռեալս, արժանի լինիմ նորոգ յարութեան ննջելով ի Քրիստոս հաւատով եւ յուսով։