Jump to content

Երբ այլևս չեն սիրեր։ Քողը

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Երբ այլևս չեն սիրեր։ Քողը


ԵՐԲ ԱՅԼԵՒՍ ՉԵՆ ՍԻՐԵՐ
Ա

Երեք-չորս օրէ ի վեր կը ձիւնէր անընդհատ։ Կապարագոյն երկինքը կը ցանծար ու պիտի փլէր կարծես փայտաշէն ու հինցած տուներուն վրայ՝ որոնք արդէն ծածկուան էին համայնատարած սպիտակութիւնով. սանիքները կը կքէին հանդարտօրէն եւ համառ կերպով իջնող ձիւնի ծանրութենէն նեղ փողոցները գրեթէ ամայի էին, ուր հազիւ մէկ քանի անտէր շուներ սրսփալով ցուրտէն կը քաշքշուէին եւ գիշերն ի բուն կ՚ոռնային անողորմ երկինքին։ Առաւօտ եւ երեկոյ ձիւնի այդ թանձր դէգերը հիւսիսային հովէն սառելով կը քարանային, ու պատուհաններուն վրայ միայն տուներու ներքին տաքութենէն մասնակիօրէն հալելով, քմահաճ ձեւեր, ձիւնեղէն ժանեակներ կը յօրինէին։ Երբեմն տժգոյն ու վտիտ դէմք մը կ՚երեւար մէկ կամ միւս պատուհանին շրջանակին մէջ ու երբեմն ալ մանկան մը թուխ կամ խարտեաշ գանգուրները, բայց ընդհանրապէս մարդիկ հաւաքուած էին գետինը դրուած կրակարաններու շուրջ եւ ամէն տեղ գրեթէ առանց բացառութեան կը մտմտային մէկ կողմէ անգործութեան եւ միւս կողմէ կեանքի սգութեան վրայ։

Թաղին ամէնէն խիտ փողոցներէն մէկուն մէջ հինուկ եւ միայրկանի տան մը փողոցին վրայի սենեակին մէջ, Երանիկ հանըմ եւ աղջիկ Եւփիւմէ, դէմ առ դէմ կրակարանին առջեւը նստած դանդաղօրէն կը խօսակցէին իրենց երկայն ու անգործ ժամերը զբաղեցնելով։ Չքաւորութի՞ւն…։ Ատ չէր որ կը պակսէր, բայց այդ պահուն մօր ու աղջկան մտմտուքը ուրիշ նիւթի մասին էր. անոնք երբեմն նոյն իսկ կը վիճէին. իրարու հետ կը քէնոտէին եւ լռութեան մէջ նոր առարկութիւններ փնտռելով յանկարծ կը պոռթկային ու կը ջանային ջրել անպատասխանի մնացած առարկութիւն մը։

— Ինծի ա՛լ ո՞վ պիտի առնէ… տարիքս լեցաւ, իմ ատենի աղջիկները կարգուեցան, զաւակներու տէր եղան. վաղը միւս օր ի՞նչ պիտի ընեմ, հայրս մեռաւ, դուն ալ ինծի հետ չպիտի ապրիս եա…մօրեղբօրս վիճակը մէջտեղն է, անպտուղ չոր ծա՞ռ մը պիտի մնամ, չէ՛ մայրիկ, ես փատնալու, տունը մնալու միտք չունիմ։

— Քա՛, կը գոչէր փրփրալով մայրը, մարդս պատառ մը հացին կուշտն է, կարգուելուդ ո՞վ դէմ է, բայց մէյ մը քեզի, մէյ մը անոր նայէ… կեցար, կեցա՛ր, աս սանկ է, աս նանկ է ըսիր, հիմակ այդ գինով շունին արժան տեսար ինքզինքդ… ատանկ կարգուելուն մարդ աղջիկ մնայ, աւելի աղէկ է։

— Չէ՛, ո՞վ ըսաւ… ատ միտքէդ հանէ… պիտի կարգուիմ… Խաչիկը ըսաւ արդէն ինծի. «Դուն չէ՛ մ՚ըսեր, ես ինչ կ՚ուզես կ՚ընեմ. դուն իմ խմելուս մի նայիր, սիրտիս ցաւէն ի՛նչ ընելս չգիտցայ, մէյ մը տուն ըլլանք, դուն պիտի տեսնաս. խուշին կաթը անպակաս պիտի ըլլայ տունէն. ես գերիդ ըլլամ, խմե՛մ մի. ի՞նչ ուզես ան պիտի ընեմ…»։

— Վա՜յ գլուխդ, ընդմիջեց մայրը կէս հեգնութեամբ, կէս զայրոյթով. տահա դուն տղայ ես, քեզի խաբելը դժուար չէ. ամէն էրիկ մարդ գլուխ գլխի չեկած, շա՜տ բան կ՚ըսէ, շատ բան կը խոստանայ, երկինք ու երկիր քեզի կուտայ. բայց մէյ մը որ տիրանա՜յ…

Գլուխը օրրեց այս վերջին բառերուն վրայ, կարծես տաժանելիօրէն արթնցած հին յիշատակներ դիմաւորելու համար փորձառու եւ դառնացած կնոջ բարկութիւն մը, տենդագին կարմրութիւն մը կուտար իր չոր այտերուն. անիկայ շատ թուխ, շա նիհար կին մըն էր եւ իր սուր աչքերով դէմքը կորովի եւ տառապանքի խառնուրդ մը կը ներկայացնէր. մազերը թափած ու այնքան ցանցառ էին որ մանիշակորակ տժգնութիւն մը կը ցայտէր գանկէն, դէմքը, մոխիրի մէջ եփուած խնձորի կեղեւին պէս տեղ տեղ փոթտուած ու տեղ տեղ ալ ուռած էր. կոտրտած եւ սեւցած ակռաներով բերանը անսովոր խստութիւն մը կուտար իր բառերուն, մանաւանդ որ սրտմտած դէմքը կը յայտնէր այն խոր յուսահատութիւնը որ կը զգար աղջկանը անհնազանդութեանը հետեւանքով։

Աղջիկը, Եւփիմէ դեռ հազիւ քսանեօթը տարեկան էր եւ շէկերու յատուկ գիրուկ ու կաթնային գեղեցկութիւն մը ունէր. իր ճերմակ դէմքին վրայ սեւ եւ ժպտուն աչքերը շէկ թարթիչներուն մէջ գորովագին քաղցրութիւն մը ունէին. հառակառ մօրը, անիկա իր ամբողջ անձին վրայ կը կրէր լեցուն ու կոր գիծերու գիրգ հրապոյրը. իր մութ կապոյտ բրդեղէն հագուստին մէջէն վիզը կը բարձրանար ճրդմակ ու փափուկ, զարդարուած դեղին սաթէ մանեակով մը ամառները ցանը քիչ մը կը պղտորէր իր մորթին գեղեցկութիւնը եւ իր շէկ ու գռուզ մազերը շատ կարմիր կ՚երեւէին արեւին շողշողուն լոյսին մէջ, բայց այս մթին ու ստուերոտ եղանակէն մէջ անոր գեղեցկութիւնը իր կատարելութեան կը հասնէր։

Շատեր ուզեր էին զինքը, բայց վերէն կը նայէր իր թեկնածուներուն վրայ՝ գիտակից իր հրապոյրներուն. բայց այլեւս երկու տարիէ ուզող չկար, երբ ահա Խաչիկ որ իրենց վարպետին խալֆան էր ու ամէն օր կ՚երթար կուգար եազմա ու ներկ բերել, տանելու համար, զարնուեր էր իրեն։ Սկիզբները Եւփիմէ ականջ չէր կախեր, բայց հետզհետէ տարուեր էր անոր յամառ ու հետապնդող սէրէն. բարձրահասակ ու թիկնեղ կտրիճ մըն էր վերջապէս, որ ինքզինքը սեպել կուտար թաղին մէջ. ամէն կարգի թաղային շարժումներու գլուխը կը գտնուէր. ընկերներուն հետ բարի, աղէկ ու գէշ օրերուն հասնող, շիտակ ու զօրաւոր, անիկա չէր կրնար անտարբեր ձգել սիրտ ունեցող աղջիկ մը. բայց երբ անգամ մը խմէր, ինքզինքը կը կորսնցնէր, քանի՜, քանի՜ գինետունի կռիւներու հերոսը եղած էր անիկա. անգամ մը որ իր դեդեւուն սրունքներուն վրայ կենար, կարմիր ու լայն գօտին պնդացնէր մէջքին վրայ ու աչքերը սպառնային… ամա՜ն…ո՞վ իր ոտքին կը հասնէր։

Իբր խոհեմ եւ զգուշաւոր կին Երանիկ հանըմ չէր ուզեր Խաչիկը որ գինովի գէշ համբաւ ունէր. պարբերաբար գինովցող մարդու յատուկ խոժոռութիւն մը. անոր սթափած ժամերուն մէջ զայն անհաղորդ կը դարձնէր ու հակակրելի. նոյն իսկ երբ պարզ դիտողութիւն մը ունենար ընելիք բանած բաներուն վրայ, ան ի՞նչ կերպ էր, այն ի՞նչ ձայն էր, ան ի՞նչ նայուածք էր…

— Չխմած ժամուն ալ շիքեա՞ր մըն է, ըսաւ վերջապէս իր աղջկան, իբր գերագոյն առարկութիւն. երեսը ժանգոտ թէնէքէի կը նմանի, հազար օրը մէյմը խնդայ նէ չէօփլիւկը արեւ կը ծագի…

Վիրաւորուած այս վերջին դիտողութիւններէն, Եւփիմէ ոտքի ելաւ, դուրս ելլել ուզեց, կրկին վերադարձաւ ու կարծես վրէժը լուծելու համար ըսաւ մօրը.

— Ատա՞նկ է… թող ատանկ ըլլայ, դուն չպիտի առնես եա, իմ ուզածս է… ես որի վրայ յոյս դնեմ, ո՞վ ինծի տէր պիտի ըլլայ. ամէնուն բերնին ծամոց պիտի մնամ… դուռ դրացի հասկցեր են որ բան մը կայ, վրանիս կը խօսին բայց եթէ բանի մը կապուի գործը, նշանուինք, լմննայ, ան ատեն որի՞ ինչ…

Վո՜ւյ… դուռ դրացին ի՞նչ կրնայ խօսիլ մեր վրայ. ոսկին փաս չի վերցնե՛ր, Եւփիմէ՛, ակռանին կը հասնի նէ թող խածնեն, ամէն պտուղի ձեռք չհասնիր, ամէն թռչունի միս չուտուիր…

Այս խօսքերը ընդհատուեցան դուռի բաղխումով. Եւփիմէ մասամբ գոհ այս խօսակցութեան վերջ տրուելուն եւ մասամբ ալ հոգին յոյսով վառուած, ճապուկ շարժումներով մը խուսափեցաւ սենեակէն եւ գնաց դուռը բանալու։

Անմիջապէս էրիկ մարդու խռպոտ ձայներ հասան մինչեւ վեր եւ մինչ նորեկները սանդուղներէն կը բարձրանային, Երանիկ հանըմ ինքնիրեն տրտռալով կը յարդարէր բազմոցին ծածկոցը։

— Երանի՛կ, պոռաց տարէց մարդ մը սենեակէն ներս մտնելով, Խաչիկը սա օդին ծով գացերէ, կարմիրները լուացեր է, վաղը գործ կայ… առի հետս բերի, նայէ՛ ինչ կ՚ըսէ կոր…

Երանիկ հանըմ ընդոստ ետեւ դարձաւ. յուզումէն եւ զարմացումէն մինչեւ ճակատը կամրած էր. դրանը մէջ կեցած՝ եղբայրը կը տատամսէր Խաչիկին սպասելով. ոտնամանները հաներ էր եւ ֆէսը ու հագուստները վարը բակին մէջ թօթուեր էր. բայց դեռ ձիւնի ծուէններ կը ճերմկոտէին երկայն բալթոյին թիկունքը ու քղանցքները։

— Ներ չմտնա՞ս, սենեակը պիտի պաղի։

Մարտիկ տայի անգամ մըն ալ ետեւ նայեցաւ ու դարձեալ Խաչիկ չտեսնելով ինքնիրեն խնդաց, ներս եկաւ եւ կամաց ու հեգնական ձայնով մը ըսաւ քրոջը։

— Ասոնք վարը ի՞նչ կը տնտնան սա ցուրտերուն։

Մարտիկ տայի Խաչիկին գիներտունի ընկեր, այս վերջնոյն կողմը կը բռնէր. մազազուրկ եւ տարէց մարդ մըն էր ինքն իր վրայ կզկտուած. ժամանակաւ եազմաճի եղած էր բայց ատենէ մը ի վեր անգործութեան դատապարտուեր էր յօդացաւի պատճառաւ որ երբեմն զինքը կ՚անդամալուծէր ամենափոքր շարժումին սոսկալի ցաւեր պատճառելով։

— Ի՞նչ օդ եղաւ, Երանիկ, կ՚ըսէր թաց ու թաւ յօնքերուն մէջէն դէպի պատուհանը նայելով եւ կրակարանին վրայ ձեռքերը տաքցնելով, որոնց աղուամազերը ցուրտէն ցցուեր էին…

— Վա՜յ, հրամմէ նայի՜նք, Խաչի՛կ, ըսաւ յանկարծ դրանը մէջ տեսնելով իր ընկերոջ արքենի հասակը, որ կարծես դռներէն ներս չէր մտներ։

Դանդաղ ու հաստատ քայլերով Խաչիկ մտաւ ներս, իր ետեւէն կատուային ճապուկ շարժումներով կը մտնար Եւփիմէ աթոռ մը բռնած ձեռքը։

Առանց բառ մը ըսելու Խաչիկ առաւ աթոռը ու պատին առաջքը նստեցաւ, նոյնպէս ոտնամանները հաներ էր ու թաց գուլպաներով ոտքերը մէկզմէկու կը շփէր տաքցնելու համար. ցուրտէն եւ բուքէն դէմքը կապտագոյն էր եւ շրթները տժգունած էին. յամր շարժումներով քակեց ֆէսին վրայի եազման, ֆէսը հանեց, թաշկինակովը հոծ եւ սեւ մազերը չորցուց եւ այն ատեն միայն աչքերը դարձնելով Երանիկ հանմին, ըսաւ քաղցր ձայնով մը…

— Ի՜նչպէս ես, մայրի՛կ…

Շատ լաւ գիտէր որ Երանիկ հանըմ դէմ էր իրեն, բայց զգուշանալով հանդերձ ո եւ է կերպով քծնելէ, ինչ ըլլար չեր գիտեր անոր սիրտն ալ շահելու համար. մէկ յարկի տակ պիտի ապրէին, մէկ ամանէ պիտի ուտէին, ինչո՞ւ պաղութիւն մնար մէջերնին։

Երանիկ հանըմ առանց իր դժկամակութիւնը ծածկելու, կը ձգնէր իր տանտիկնոջ պարտականութիւնը լաւ կատարել։

Եւփիմէ, կարծես չքացած՝ գացեր անխօսուկ նստեր էր բազմոցին անկիւնը, թեւերը ծալլած՝ ցուրտը չզգալու համար եւ մեքենաբար կը նայէր պատուհանէն դուրս։

Ձիւնը անընդհատ կը տեղար. հեռաւոր նոճիներն անգամ ճերմկեր ու անշարժացեր էին, ու կարծես կը մխրճուէին կապարագոյն երկինքին մէջ որ հետզհետէ կը ցածնար։ Հակառակ կէս օրի մօտ ըլլալուն, մթնոլորտը չեր պայծառանար եւ մռայլ յուսահատութիւն մը կը տիրէր ամենուրեք։ Բայց իր հոգիին խորը յոյսի ճառագայթ մը ինկեր էր. վաղը պիտի բանէին. իրեն համար, վստահ էր, Խաչիկ աս ձիւնին, ցուրտին ծով գացեր էր. իրեն համար, ի՞նչ տարակոյս, խօսեր էր վարպետին հետ. եւ հիմակ թերեւս կարելի ըլլար յուսացած պզտիկ փոխառութիւնը ընել։ Խանդաղատանքի տաք հոսանք մը անցաւ հոգիին մէջէն, իր սիրով ու գորովանքով խոնաւ աչքերը դարձուց Խաչիկին, խոհեցաւ ապագային վրայ, ինչե՜ր, պիտի ընէր մոռցնել տալու համար էրկանը տաժանելի աշխատանքը. տունը միշտ տաքուկ, մաքուր ու հաճելի պիտի գտնար անիկա երբ ծովէն գար թրջած ու պարտասած։

— «Եազմաճի» է եղեր, ի՞նչ կ՚ըլլայ, մտածեց, աչքերը պղտորած երազանքով, արհեստին գէշը կ՚ըլլա՞յ, մարդս մարդ ըլլալու է, մենք ալ ո՞վ ենք, որի՞ զաւակ եմ, մարս ու «տայիս» մէջտեղն են…

Խորհեցաւ թէ ինքն ալ պիտի աշխատէր, ուժ ու օգնական պիտի ըլլար էրկանը, անիկա տունը տեղը կը նայէր, ինքն ալ վրայ գլուխ կը շինէր, տղոցը պակասները կը հոգար. մարդուս սի՛րտը հանգիստ ըլլար, սիրտին սիրածովը ապրէր. մնացածը ի՞նչ կարեւորութիւն ունէր։

Բոլորանուէր զգացում մը ներքնապէս զինքը Խաչիկին կը կապէր. վստահ էր թէ պիտի յաղթանակէր ամէն արգելքի եւ երջանիկ կը զգար ինքզինքը, իր գորվագին նայուածքը հանգչեցուցած էր Խաչիկին հսկայ հասակին վրայ, սպասելով որ անոր նայուածքը պատասխանէր իրենին։ Բայց Խաչիկ կարծես քէնով ըլլար. յօնքերը պռստած՝ աչքերը հակած յամարօրէն, իր ցուրտէն կարմրած ոիւ ուռած մատներով սիկառէր մը կ՚ոլորէր։ Սենեակին տաքութենէն իր վրայի թաց հագուստները բարակ գոլորշի մը կ՚արտաշնչէին որ բօդասի «քըրմըզ»ի տարտամ հոտ մը ունէր իր մէջ. հետզհետէ իրենց շնչառութեանը հետ օղիի տարտամ հոտ մըն ալ կը ծածանէր սենեակին մէջ։

— Նայէ՛, Երանի՛կ, Խաչիկը խօսեր է վարպետին հետ, ըսաւ վերջապէս Մարտիկ տային, տեւող լռութիւն խզելու անհամբեր։

Երանիկ հանըմ նստած տեղէն գլուխը ետեւ դարձուց եւ հարցական ձեւով նայեցաւ Խաչիկին։ Քանի շաբաթէ որ երկու ոսկի կ՚ուզէին փոխ առնել վաշխառուէ մը, բայց այս վերջինը պնդեր էր որ վարպետին երաշխաւոր ըլլայ ու բանածներնուն մէջէն ինքն անձամբ վճարէ իրեն մաս առ մաս, տոկոսին հետ. բայց ահա վարպետ, առարկելով թէ գործ չի կայ, աս օդերուհ չկրնար գործ պատրաստել. մերժեր էր երաշխաւոր ըլլալ։

Խաչիկ վերջապէս բարձրացնելով իր աչքերը Երանիկ հանըմին վրայ, ըսաւ առանց ուղղակի պատասխանելու.

— Ասչափ ատենուան բանուոր էր, ինքը տայ նէ ի՞նչ կ՚ըլլայ, պարապ տեղը անչափ տոկոս ալ չէր տար։

— Վայ գլխո՛ւն, ըսաւ արհամարհանքով Երանիկ հանըմ, նեղը մնացեր, բերան ծռեր եմ… Ի՞նչը կը պակսի…արիւննիս քամելով փորը կը կշտացնէ, երկու ոսկին ի՞նչ է իրեն համար, նեղը մնար նէ ի՞նչ կ՚ըլլայ, խէնչարին քա՞րը կ՚իյնար… աչք ունի, աչքը լոյս չունի մեզի համար։

— Ամա՞ն, դուն ալ, Երանի՛կ, ըսաւ եղբայրը գլուխը ցնցելով, մէյ մը բերանդ չբանաս. ո՞ր մէկին պիտի հասնի, գիտե՞ս ինչ օրերու հասանք. ամէն տուն մեր վիճակին մէջ է, հիւանդութիւ՞ն կ՚ուզես, չքաւորութիւ՞ն կ՚ուզես…

Ամէնքը Խաչիկ չէին որ աս օդին երթային ծով եազմաները լուային. որո՞ւն ոտքը ձեռքը կը բռնէր. ներկերը իրենց ամաններուն մէջ կը սառէին, նախապէս լուացուած եւ խոնաւ եազմայի դէզեր կա՛մ կը փտտէին ցուրտ բակերու մէջ կամ դանդաղօրէն կը չորնային սենեակներու անկիւնները, գոլորշիի ամպեր արտաշնչելով, մինչ մէկ սենեակի մէջ թխմուած տղաքը մեծ մասով հիւանդկախ, խոյլոտ կամ րաշէդիք, անդադար կը հազային ու ծերերը յօդացաւերէ կզկրտուած, օղիէն հիւծած կամ տիկի պէս ուռած, կը համառէին ապրիլ ու բանողներուն ուսին բեռ ըլլալ։ Թո՛ղ բանէին ու ապրէին գէշ աղէկ. բայց ահա շաբաթներէ ի վեր անգործութիւնը կը տիրէր, թէզկեահները մէկ կողմ դրեր էին, էրիկ մարդիկ գինետունները, կիները սենեակներու մէջ թեւերնին ծալլած կը սպասէին. երբեմն պառաւները իրենց մուշտակներուն մէջ ապաստանած գլուխնին կը շարժէին ու երկնքին նայելով կը գոչէին։

— Է՜յ Սուրբ Աստուածամար, քու կամքիդ դժուարը չկայ, ե՞րբ անուշիկ երեսդ պիտի բանաս։

— Առնելիք ունի՞ք, Երանիկ հանըմ, ըսաւ վերջապէս Խաչիկ ուղղակի խնդրին գալով։

Ծնունդը մօտ էր բայց դէռ բանած չէին ու իրենց հաշիւին վրայ յոյս դնէին։

— Չէ՜, ըսաւ Երանիկ հանըմ աչքերով հետապնդելով պատասխանին տպաւորութիւնը Խաչիկին երեսներուն վրայ, որոնք այլեւս կորսնցուցեր էին իրենց խոժոռ եւ դժկամակող արտայայտութիւնը եւ կը ջանային ընդհակառակը վստահութիւն ներշնչել Խաչիկին. կարօտութիւնը ծովի պէս մեծ էր, փոխ առնելիք երկու ոսկին կարկտան անգամ չէր ըլլար, բայց ինչ ընէին… Խաչիկ մտմտալով գետին կը նայէր եւ իր դէմքը այնքան զուրկ էր արտայատութիւնէ որ կարելի չեր աղէկ կամ գէշ գուշակութիւն մը ընել, լռութիւնը երկար տեւելուն, Երանիկ հանըմ յուսահատեցաւ, նորէն դէպի կրակարանը դարձուց դէմքը եւ ձեռքի ունելիով կրակարանին տաք մոխիրները խառնելով կ՚աւաղէր ու կ՚ըսէր.

— Երնէ՜կ ան օրերուն, տաղաւարէ տաղաւար ձեռքերնիս փարա կ՚անցնէր, պակասնիս կ՚ընէինք, հիմակ աժեմին չաժեմին բերան պիտի ծռես, նազերնին պիտի վերցնես… հախըդ անգամ աղաչելով պիտի ուզես, ինչերնո՞ւս կ՚ապրինք կոր…

— Առ սա երկու ոսկին, ըսաւ Խաչիկ, մէկէն ի մէկ ոտքի ելլելով ու դրամը դնելով Երանիկ հանըմին ձեռքին մէջ, մինչ անիկա ապշած ու միանգամայն հիացած փոխն ի փոխ աղջկանը ու Խաչիկին կը նայէր։

Արագ շարժումներով, իր պինդ քալուածքին ներքեւ տախտակամածը ցնցելով Խաչիկ հասաւ դուռը, ինքն ալ յուզումէն կարմրած էր, իր շրթները կը թոթովէին եւ աչքերուն մէջ սիրոյ եւ գորովանքի գինովութիւն կը կար՝ երբ ետեւ դառնալով ըսաւ։

— Մարիկս, տոկոսի խօսք մ՚ըներ, ամօթ է, ես ֆաիզճի չեմ, ինծի Խաչիկ կ՚ըսեն, թէք գլուխ մարդ եմ, փարան ի՞նչ պիտի ընեմ, ան ալ պահած էի նէ… նորէն ձեզի համար էր, Եւփիմէին համար էր…

Ու կարծես շատ բան ըսած ըլլալուն համար խղճահար, շտապով իջաւ սանդուղներէն, չսպասեց որ Եւփիմէ երջանիկ ու փքացած հասնէր ետեւէն, ոտնամանները ոտքը անցուց ու դոռը բանալով փախստականի պէս անհետացաւ, ետեւէն դուռը գոցելով այնպիսի աղմուկով մը որ ամբողջ տանը մէջ թնդաց։

Դուրսը համայնատարած սպիտակութիւն անդադար եւ յամրօրէն կը շարունակէր ձիւնել եւ պարտէզներու մէջ այլ եւս ծառերուն ճիւղերը մինչեւ գետին կը հասնէին, կքած իրենց սպիտակ եւ սառուցիկ բեռին տակ։


Բ.
Երազը


Իրիկուն էր եւ ձմեռնային մթնշաղը այս մռայլ եղանակին մէջ գրեթէ անմիջապէս տիրոց սենեակին։ Երանիկ հանըմ տէզկեահէն ելաւ, կազը վառեց, վարագոյրները գոցեց. կրակը հրահրեց ու նստեցաւ բազմոցին եզերքը։ Եւփիմէ դեռ կը շարունակէր բանիլ հակառակ մօրը հրաւէրներուն, որովհետեւ զբաղումը կը պարտրկեր աստիճան մը իր խռովուած զգացումները. դէմը, բազմոցին անկիւնը, մօրեղբայրը եւ Խաչիկ դէմ առ դէմ նստած օղի կը խմէին. իրենց միջեւ դրուած էր պզտիկ ափսէ մը՝ որուն մէջ փոքրիկ պնակներով զետեղուած էին խաշուած լուբիա, ձիթապտուղ եւ բողկ։ Երբեմն մօրեղբայր գաւաթ մը օղի կը հրամցնէր քրոջը, հակառակ այս վերջինին յամառ մերժումներուն եւ երբ անոնց վիճաբանութիւնը կ՚աւարտէր, դարձեալ լռութիւն կը տիրէր սրահին մէջ։

Եւփիմէ լամբարին դեղնորակ լոյսին տակ տենդագին արագութեամբ կ՚աշխատէր իր քով դիզուած եազմաները կ՚առնէր մէկիկ մէկիկ, որոնց վրայ կանանչը եւ կապոյտը բանուած ըլլալուն, ներկին պարունակած խէժէն կարծրացած էին, կը տարածէր զանոնք տէզկեահին վրայ, ճկոյթովը կը շտկէր իր ներկելիք մասերը ու թեւը սռքտած, բազուկը բարձր, վրձինը շնորհալի շարժումով կը խաղցունելով կ՚ամբողջացնէր գոյները։ Խոշոր կարմիր վարդեր, կամ դեղին անօրինակ ծաղիկներուն ողկոյզներ կը կենդանանային իր վրձինին հարուածներով. թէեւ գործը մեքենական աշխատութիւն մըն էր, այլ սակայն իւրաքանչիւր գործաւորուհի կրնար մասնաւոր շնորհ մը դնել իր գործին մէջ։ Եւփիմէի ձեռքէն ելած եազմաները վառ գոյներ կ՚ունենային ու վարպետը իր լաւ տրամադրուած օրերուն քանիցս ըսախ էր իրեն։

— Քեզի պէս պայծառ կը բանիս, Եւփիմէ՛…

Քանի օղիին գաւառները կը պարպուէին, այնքան Մարտիկ տայի շատախօս կը դառնար, մինչ Խաչիկ լուռ ու մունջ կը խմէր, բայց իր աչքերը կը վառէին ու նայուածքը հետզհետէ աւելի համարձակութեամբ կը դառնար Եւփիմէին կողմը եւ երկարօրէն կը նայէր. հակառակ ցուրտին, անոր այտերը այնքան կարմրած էին որ կարծես կ՚այրէին, շրթները կը չորնային եւ երբեմն լեզուին ձայրովը կը թրջէր զանոնք. իր ճերմակ եւ գիրուկ վիզին վրայ սաթի հատիկները շուք կը ձգէին՝ աւելի շեշտելով անոր սպիտակութիւնը։ Ու Խաչիկ կը նայէր, այնքան սիրտը թունդ կ՚ելլէր, տենդագին ջերմութիւն մը մինչեւ ճակատը կը բարձրանար ու իր յուզմունքը ծածկելու համար՝ ծխախոտին տուփը կը բանար եւ դանդաղօրէն սիկառէթ մը կ՚ոլորէր։

Տաժանելի օր մը անցուցեր էր, ժամեր ու ժամեր մինչեւ ծունկերը ջուրին մէջ՝ աշխատէր էր ծովին եզերքը ու վերադարձին թաց եազմաներու բեռը կռնակին վրայ՝ բարձրացեր էր զառիվերէն. աշխատութիւնը այնքան ծանր էր որ հակառակ խայթող ցուրտին՝ քրտինք թափած էր ու երբ անգիտակից քայլերով դէպի գինետուն կ՚երթար կազդուրուելու համար, յիշեր էր Եւփիմէի տուած խոստումը։

— Մարդուս խօսքը բերնէն կ՚ելլայ։

Մարտիկ տայի Խաչիկը տեսնելուն՝ առաջարկեր էր տունը երկու հետ խմել. ինքն ալ անկարող էր գինետուն երթալու, քանի օրերէ ի վեր յօդացաւը զինքը կը տանջէր. ինքն իր վրայ կզկտուած՝ դժուարաւ մինչեւ անկիւնի նպարավաճառը կ՚երթար բան մը գնելու համար։ Հիւսիսային հովը փարատեր ու ցրուեր էր ամպերը եւ այլեւս չէր ձիւներ. երկնքին վրայ գորշորակ ու սեւ ծուէններ, հալածական եւ պատառատուն, արագ ընթացքով կ՚անցնէին ու կ՚անհետանային։

Բայց օրն ի բուն ու մանաւանդ գիշերը մինչեւ լոյս հովը արձակուած գազանի պէս կը սուրար մռնչելով. երբեմն հազար բերնով կը գոռար, երբեմն ալ միայնակ եւ քինախնդիր ոգիի մը պէս գետնին վրայ սողալով յանկարծ կը խոյանար գալարուելով եւ կը սուլէր կամ պատուհաններուն ետեւէն լալագին մրմունջով մը կը հետեծէր։ Ու տուները կը ցնցուէին, դիզուած ձիւները մէկ տանիքէն միւսը կը քշուէին, իսկ պարտէզներուն մէջ չոր ծառերը այսահարներու պէս կը թոթուէին, մինչ ճիւղերն ի վար կախուած սառոյցները բիւրեղանալով՝ առանց հալելու կը փոշիանային եւ կը ցրուէին յարատեւօրէն փչող քամիին ուղղութեամբ։

— Ասեղին ծակէն ցուրտ կը մտնայ կոր ըսաւ Երանիկ հանըմ սարսռալով։

Խաչիկ նայեցաւ անոր՝ անսահման գորովանքով, ամէն ինչ եւ ամէն բան որ կապ ունէր Եւփիմէին հետ՝ իրեն պաշտելի դարձեր էր։

— Կրակին քովը չգա՞ս, ըսաւ դողացող ձայնով մը։

Երանիկ հանըմ թէեւ դեռ ցրտութեան երեւոյթ մը կը պահէր Խաչիկին նկատմամբ, բայց ներքնապէս սիրտը կակուղցեր էր. գէշ չէր Եւփիմէին ուզածն էր դեռ ի՞նչ ըլլար. ասանկ ժամանակներու մէջ ո՞վ տէր պիտի ըլլար անօժիտ աղջկան մը։ Ամբողջ օրը տէզկեահին առաջք երկու կիները դէմ դէմի նստած՝ եռանդով կ՚աշխատէին ու կը խօսէին, մայրը կ՚ուզէր իր բուն զգացումները յայտնել, բայց շուտով տեղի տուած չըլլալու մտահոգութեամբ կողմնակի կ՚ընէր միայն։

— Կ՚ուզեմ քի ատ փարաին մէջէն բան մը առնես, Եւփիմէ՛, ըսեր էր աղջկանը՝ Խաչիկին փոխ տուած դրամին ակնարկելով՞

Եւփիմէ կը զգար մօրը լաւ տրամադրութիւնը եւ գոհ էր ինքն ալ իր կարգին խօսքը Խաչիկին վրայ կը բերէր. վերջապէս մայրը ըսեր էր.

— Գինովութիւնը չըլլայ նէ, ի՞նչ ունի ես ալ բան մը ըսած չունիմ. էրիկմարդուն աղուորը ի՞նչ ընեմ, կտրիճութիւնը պէտք է…

Եւփիմէ յիշելով մօրը խօսքերը, ներկին ամանը եազմաին վրայ տեղաւորցուցած պահուն՝ կը նայէր Խաչիկին ու կը մտածէր ոգեւորութեամբ։

— Կտրի՞ճ… ո՞վ կը տարակուսէր ատոր վրայ անոր պէս երիտասարդ մըն ալ կար թաղին մէջ. լերան պէս մարդ էր… է՛հ, իրաւ է, վրայ գլուխ չիկար, վախտին երիտասարդը չէր, գիր, ուսում չունէր, բայց կոգին՝ ժամը վառուած ճրագի պէս պայծառ էր. — հիմակուան ճահիլներուն պէս արեւէն անճրկած չէր. նեղ օրի, գէշ բրի, տէր տիրական կը կանգնէր ընտանիքին. աս չըլլար՝ ան կ՚ընէր, կինը, զաւակները հալխուն կարօտ չէր դարձներ… մինակ ուժը լուսը հերիք էր, պէտք ըլլար, կը գրկէր տունը տանը վրայ կը դնէր…

Գաղջ եւ գորովագին զգացում մը համակեց Եւփիմէի հոգին. աչքերը խտղտացին, թուլութիւն մը զգար, վրձինը ձգեց ներկի ամանին մէջ եւ պահ մը անգործ ու անշարժ՝ զգաց, որ հոգին կը վերանար սիրաբաղձ երազի մը մէջ։

Մայրն ու Խաչիկ իրարու հետ կը խօսակցէին գործի վրայ ու Մարտիկ տայի ալ բոլորովին գինովցած՝ թէեւ դժուրաւ կը հետեւէր անոնց, բայց զանոնք կ՚ընդհատէր ամէն րոպէ աննշան հարցումներով. երբեմն ալ իր միտքը կ՚անջատուէր ու ինքնիրեն կը հետեւէր իր մտմտուքներուն. երբեմն կը փղձկէր իր վիճակին վրայ, կը սրտմտէր ու գլուխը կը շարժէր այնպիսի ուժգնութեամբ որ ֆէսին ծոպը ետեւէն դէպի առաջ կ՚ոստնուր եւ կը տարածուէր ճակատին վերեւ։

— Օ՜ֆ… օ՜ֆ… Խաչի՛կ, օղլո՛ւմ, ես ալ ասանկ ըլլալու մա՜րդ էի. տունէն դուրս ելած չունինք, կնիկ ապլա եղանք։

Զինքը մխիթարելու համար՝ Երանիկ հանըմ ամէն իրիկուն օղիին ափսէն կը շիտկէր, ճար ճարակ կ՚ընէր, չիկայէն կը ստեղծէր, բան մը պակաս չէր ըներ, բայց տայիին գերագոյն երազն էր գինետունի սրահը. օրը քանի մը անգամ աչքին առաջքը կուգային ծխախոտով եւ զանազան արտաշնչումներով անթափանց մթնոլորտին մէջ պզտիկ եւ ցած սեղանները՝ որոնց մակերեսը ողորկ դարձացծ էր իւղոտ կեղտէն։ Իրիկուան դէմ այդ տեսիլքները արտակարգ ուժգնութիւն մը կը ստանային. ինքզինքը կը տեսնար հոն կարկամած սրունքներով դանդաղօրէն յառաջանալը դէպի նստարանը, կը տեսնէր հետզհետէ. դիմացը դրուած օղիի շիշը՝ որուն դեղնորակ հեղուկը կը պսպղար մէջտեղէն կախուած լամպային լոյսէն, մինչ ռնգունքը հեշտալիօրէն կը գրգռուէին կրպակին խորը տապակուող ո եւ է ձկնեղէնի հոտերէն. ինքը կը գոհանար յաճախ խաշուած լուբիայի եւ ձիթապտուղի մէզէով, բայց անոնք ալ անանկ համ մը ունէին որ տունը չէր գտներ երբեք։

Երբեմն այնքան կը զայրացնէր Երանիկ հանըմ իր դժգոհութիւններով, որ անիկա ինքզինքէն ելած՝ կը պօռար երեսն ի վէր։

— Էրիկ մարդ չէ՞ք մի՛, կրողը տեսնայ երեսնիդ… ամենէն աղէկը տեղը մնայ, տասը մատդ մոմ ընես, օգուտ չընէր։

— Երանի՛կ, գոչեց վերջապէս Մարտիկ տայի, քրոջը եւ Խաչիկին խօսակցութիւնը կտրելով, մեզի մէյմէկ խահուէ չեփե՞ս։

— Թող Եւփիմէն ելլայ եփէ, ըսաւ Խաչիկ երկչոտութեամբ, ու անոր կողմը դարձուց իր քաղցր եւ թափանցող նայուածքը։

Խաչիկին իրեն ուղղած խօսքերը լսելով, Եւփիմէն ձգեց գործը, ոտքի ելաւ, պահ մը կեցաւ թէ՛ թմրած ոտքերուն համար եւ թէ՛ որովհետեւ սրտին զարկը կը լսէր ու չէր համարձակեր վեր բարձրացնել աչքերը։

— Պօ՜յդ սիրեմ, հոգի՛ս ըսաւ մտքէն Խաչիկ եւ խոր հառաչանք մը թռաւ կուրծքէն։

Հիմակ որ իրենց սրտին գաղտնիքը մէջտեղ ելած էր, այլեւս չէին համարձակեր իրարու հետ առանձին խօսիլ. բայց աւելի սրտագին զգացումով մը կապուած էին իրարու. իրենց կուրծքին ներքեւ սիրտերը մէկ չափով կը թնդային եւ իրենց գաղտագողի եւ արագ նայուածքները լեցուն էին սիրով եւ տարփանքով։ Հուժկու եւ կենսաւէր խոյանք մը կը միացնէր զիրենք ու տեսակ մը արբեցութիւն մշուշի պէս կը ծածանէր իրենց եւ իրականութեան միջեւ. կը մոռնային բոլոր կարելի դժբաղդութիւնները, կը մոռնային հրէշային չքաւորութիւնը չէին մտաբերեր իսկ թէ օր մը իրենք ալ ուրիշներու պէս պիտի ըլլային, այլ ջերմեռանդօրէն կը հաւառատային թէ արեւը աւելի տաք եւ աւելի պայծառ պիտի ըլլար իրեն համար, թէ լոյսի պէս պիտի ծագէին, ծաղիկներու պէս պիտի ծաղկէին, ու իրենց խոնարհ հոգիները թեւեր առած կը սաւառնէին երջանկութեան նոյն երազին մէջ։


Գ.
Փորձութիւնը


Խթման օրն էր եւ քանի մը շաբաթներէ ի վեր տիրող ձիւնին ու բուքին յաջորդեր էր արեւոտ երկինք մը որ կանխահաս գարնան տպաւորութիւնը կ՚ընէր. ամենուրեք ձիւնը կը հալէր արագութեամբ եւ տեղ տեղ միայն, բարձր պատերու շուքին ներքե կամ հիւսիսի կողմ գտնուող տուներուն առաջքը ցեխի հետ դեռ սառոյց կար խառնուած։ Զինջ եւ վտիտ առուակներ անկանոն սալայատակներու ցից քարերուն վրայէն սորսորելով կ՚անցնէին եւ անոնց մեղմ խոխոջ հաճելիօրէն կը մրմնջէր։ Փողոցները կենդանացած էին արձակուրդի մէջ եղող ամէն տարիքէ մանուկներու զուարթ խումբերով, երբեմն ալ շրջուն փերեզակի մը բոժոժը երկարօրէն կը հնչէր թաղերուն մէջ որուն թրթռացումէն կարծես սթափելով, պարտէզներուն մէջ ապաստանած ճնճղուկներու երամները կը թռչկոտէին եւ կը ճռուողէին։

Երանիկ հանըմ եւ աղջիկը կը զբաղէին տնական գործերով. վերէն վար տունը աւելցնին ու սրբեցին, տէզկեահը վերցուցին, ներկին ամանները ու ապաները ջուրը ձգեցին, որպէս զի անոնց վրայ կուտակուած խէժը հալի ու ահա զբաղեցան ընթրիքի պատրաստութիւնով, մինչ միւս կողմէ ջուր կը տաքցնէին՝ լուացուելու համար։ Խոհանոցը հարաւի վրայ ըլլալուն՝ արեւով ողողուած էր եւ երկու կիները, վարժ՝ այս կարգի գործերու, ճապուկ շարժումներով կ՚աշխատէին։

Երանիկ հանըմին սրտմտած դէմքը առեր էր իր ամէնէն խոժոռ արտայայտութիւնը եւ երբեմն իր «նալըն»ները այնքան խստօրէն կը հնչէին խոհանոցի գետնի քարերուն վրայ որ կարծես կը կռուէր անոնց հետ։ Ուժգին շարժումներով միւս տախտակին վրայ դրաւ զանազան մասերու բաժնելու համար զայն, եւ սկսաւ, ջարդել, անմիջապէս որ աւելորդ պատառ մը կը նետեր դէպի պարտէզ՝ սեմին վրայ շարուած շէկ եւ գորշորակ կատուներ որոնք ակնդէտ կը սպասէին, կը յարձակէին անոր վրայ զիրար ճանկռտելով ու մռլտալով. այն ատեն Երանիկ հանըմին զայրոյթը կը պոռթկար,

— Գետնին տակերը անցնի՜ք… ճըղիկ ճըղիկ կոտրտիք… փիսթ…

Կը ծռէր նալընը ոտքէն հանելու եւ անոնց գլխուն նետելու համար բայց մուճակը միասին կ՚Ելլէր ոտքէն, մինչ կատուները իր շարժումէն սարսափած կը խուսափէին եւ հեգնական կեցուածքներով կը շարուէին պարտէզին ցանկապատին վերեւ, այն ատեն սայթաքելով իր մերկ ոտքին վրայ, անէծքը իր գլխուն կը թախէր.

— Նանլէթ ըլլա՜յ… թերմաշ մնայ վրայէս…

Եւփիմէ տխուր էր եւ մօրը այս ջղագրգռուած զայրոյթը, որ կաղանդի օրէն ի վէր անդադար գերագրռուեր էր առանց րոպէ մը հանդարտելու, զինք կը ջլատէր. երբեմն սիրտը այնքան կը թուլնար որ արցունքը կուլ կուտար եւ մանաւանդ ժամանակ չէր գտներ իր հոգեկան վիճակին անդրադառնալու եւ կացութեան վրայ որոշ գաղափար մը կազմելու։

Մայր ու աղջիկ ջերմապէս յուսացեր էին թէ Խաչիկ կաղանդին օրը գոհարեղէն մը կը բերէ նշանածին, օրերով փայփայեր էին այդ գաղափարը։

— Կոխած հողերնուդ ղուրպան կ՚ըլլայ կոր, ինչչափ ալ քի գործերը նարին են, մէջտեղը փարա չկայ, անիկա ճար ճարակ կ՚ընէ, մատնի մը կը բերէ։

— Ես կ՚ըսեմ քի օղ պիտի բերէ, կ՚ըսէր աղջիկը, գիտնալով թէ իր ճերմակ այտերուն վրայ ի՜նչքան պիտի վայլէր ոսկիին ցոլքը։

— Բայց ահա Խաչիկ թերեւս չուզելով փոխ դրամ առնել զարդարանքի համար, թերեւս չգիտնալով թէ օրէնք է ատիկա նշանածներու մէջ ու թերեւս պարզապէս համարձակած չըլլալուն՝ պարապ ձեռքով եկեր էր կաղանդը շնորհաւորելու։ Իրաւ է թէ այդ իրարու յաջորդ տօնական օրերու բոլոր ծախքերը ճոխութեամբ հոգացեր էր, ինքզինքը այլ եւս տունէն համարելով տասը կտոր եղեր, տունը տեղը հազար բարիով լեցուցեր էր եւ նոյնն իսկ հաւակատիկին համար մեծ նեղութեամբ հազուագիւտ կամրախայտներ ղրկեր էր. բայց այս բոլորը Երանիկ հանըմին աչքին չէին երեւար։ Հպարտ կին էր, եւ կը փափաքէր որ դրացիներու, բարեկամներու ցուցնէր աղջկանը կաղանդի նուէրը, ու պարծենար, քիթը կախ էր արդէն Խաչիկին պէս փեսացու մը ունենալուն, գոնէ անանկ բան մը ընէր որ ամէնքը առաջքնին նայէին, լեզունին իրենց քաշէին։ Իր յուսախաբութիւնը անյաղթելի արհամարհանք ներշնչեր էր իրեն Խաչիկին նկատմամբ, կը յիշէր որ ինք շնորհքով մարդու զաւակ էր, հայրը սիահճի էր եւ ոչ միայն երկու խալֆա ունէր ձեռքին տակ, որոնք անընդհատ եազմաներուն սեւ գծագրութիւնը կը կոխէին, այլ նաեւ ինքը կը գծագրէր նոր կաղապարներու օրինակներ ու կը փորէր փայտի վրայ. իր գործին բերումով ուղղակի յարաբերութեան մէջ ըլլալով եազմայի վաճառականներու հետ, աւելի նրբացած քարեր ունէր։

— Տուներնիս տեղերնիս կարգ կանոն ունէր. մարս ժամ երթար նէ քիպարի կնիկ կը գիտնային. թօփ շալը կռնակը, ըռզակները տեղը… բաղդերնիս վար անցնի՜. մեր օրին եկաւ նէ ամէն բան փճացաւ, հօրս սիրական աղջիկն էի կարգուեցաւ, փայս առի, օր մը օրանց ունեցածներուս վրահ չխնդացի . հարդ մէկիկ մէկիկ տարաւ կերաւ…

Մարտիկ տայի որ արեւոտ օրէն օգտուելով դուրս ելած էր, այդ պահուն պարտէզին կիսաբաց դռնէն եկաւ խոհանոց մտաւ եւ ձեռքի օղիի շիշը Եւփիմէին յանձնելով ըսաւ քրոջը։

— Հերի՜ք է… Երանի՛կ, հերի՛ք է, Աստուած պիտի սրդողցունես։

Շաբաթէ մը ի վեր նոյն գանգատները եւ նոյն խոժոռ դեմքերը տեսնելով տունին մէջ՝ ալ ձանձրացեր էր, չէր հասկնար թէ քարի կտորի մը համար կարելի՞ էր այդքան իրար անցնիլ եւ երբեմն ինքն իրեն կը մրմնջէր.

— Կնիկ ըսածդ ի՜նչ աճայիպ է…

Բայց այդ պահուն, ա՛լ համբերութիւնը հատաւ եւ Եւփիմէն ցուցնելով աւելցուց.

— Ջօճուխին ալ մեղք է, կերած պատառ մը հացը հարամ կ՚ընես, արցունքը կը թաթխես կոր։

— Ե՞ս արցունք թափել կուտամ կոր. ինծի պէս բաղդսըզ եղաւ. հալխուն աղջիկներու, կնիկներուն կը նայիմ կը զարմանամ. Աստուած մինակ մերինը շատ կը տեսնայ։ Կանպայենց աղջկանը նայէ՛. ոտքէ ինկած չարըխ կըլմանի, խարղան կտցէ նէ միս չհասնիր բերանը, ամա նշանածը թէք քարէով մատնի մը բերերէ։

Մարտիկ տայի կրկին բերանը բացաւ պատասխանելու. խօսակցութիւնը ճշմարիտ կռիւի մը պիտի փոխուէր եւ արդէն Եւփիմէ յուսահատ նայուածքներ կ՚ուղղէր մօրը եւ մօրեղբօրը, երբ յանկարծ ամէնքը մէկ մնացին։

— Վարպետն է, ըսաւ տային զարմացած։

— Վեր հրամմէ, Յակոբճան աղա, շտապեց Երանիկ հանըմ գոգնոցին սրբելով թաց ձեռքերը։

Դրանը մօտ, հորին առաջքը, Եւփիմէ ապաները կը լուար. երիտասարդ աղջիկը իր ուժեղ բազուկներով կը հանէր թրջած եւ խէժով ու ներկով թանձրացած ապաները ջուրին մէջէն եւ կը գալարէր զանոնք քամելու համար. իր ճերմակ թեւերը հակառակ աղտոտուած ըլլալուն՝ արեւին տակ կը ստանային այն ջերմին երանգը որ իրենց յատուկ էր. նորէն նոր քաշուած ջուրը գաղջ ըլլալուն՝ գոլորշիի նրբին մշուշ մը թաց թեւերուն եւ քամած ապաներուն վրայէն բարձրանալով ցուրտ օդին մէջ, զինքը կը պարուրէր վրայէն բարձրանալով ցուրտ օդին մէջ, զինքը կը պարուրէր շղարշի պէս. իսկ շէկ աղուամազերը թեւերու եւ ծոծրակին վրայ կը փալփլէին ոսկի փոշիի նման։ Սիրտը կոտրած ըլլալով անիկա կ՚ուզէր իր տխրութիւնդ ծածկել վարպետէն եւ դէմքը դէպի պարտէզ դարձուցէր էր բայց կատարած գործին պահանջումներուն համեմատ կը ծռէր ու կը կանգնէր եւ զօրեղ մէջքը անգամ մը կորանալով ու անգամ մը ձգտելով իր հանգրիճած կիսազգեստին ծալքերուն ընդմէջէն կ՚ուրուագծէր կողերը ու սրունքները։

Յակոբճան աղա, իբր թէ առաջին անգամ տեսած ըլլար Եւփիմէն՝ հիացիկ զարմացումով մը կը նայէր անոր ասիկա միջահասակ ու նիհարակազմ մարդ մըն էր, լայն ճակատով եւ վտիտ դիմագծերով, որուն մանր աչքերը այնքա՛ն զուրկ կը թուէին իմացականութենէ որ իր ամբողջ անձին վրայ անասնական դրոշմ մը կը դնէին. իր բանուորները չէին սիրեր զինքը, բայց անկէ կ՚ակնածէին, որովհետեւ իրենց համար կը ներկայանար իբր այն անձը որուն ձեռքը կը նայէին ապրելու համար. անիկա ցուրտ եւ անճըկելի կը մնար նեղ օրերու մէջ մերժելով ո եւ է ծառայութիւն մատուցանել. առիթը չէր փախցներ գին կոտրելու եւ ոմանք նոյն իսկ կը կասկածէին թէ սխալ հաշիւ կ՚ընէր տգէտ ու գրել կարդալ չգիտցող բանւորուհիներուն, գոնէ աւրուած կան օտար դրամ կը քշէր իր ամէն վճարումներուն. բայց երբ ինքը պէտք ունենար անոնց կը շողոքորթէր, կը քծնէր, չէր վարաներ նոյն իսկ սուտ խոստումներ ընելու։

Երանիկ հանըմ տեսնելով որ Յակոբճան աղա լուռ կը մնայ, կրկնեց իր հրաւէրը, այն ատեն ան սթափելով ըսաւ յանկարծ.

— Չէ՛, Երանիկ հանըմ, աթոռ մը տուր, սանկ կը նստիմ։

Թեւին տակ եազմայի ծրար մը ունէր եւ խօսքի սկսելէ առաջ կը մտածէր կերպով մը Երանիկ հանըմին սիրտը առնել, բայց աչքը Եւփիմէին վրայ մնաց։

— Ի՞նչ աղուոր մեծցաւ աղջիկդ.

— Ա՜խ, վարպե՛տ, պզտիկը՝ պզտիկցաւ, մեծը՝ մեծցաւ։

Ու յանկարծ մտաբերելով վարպետին հիւանդ կինը,

— Կնիկդ նորէն անա՞նկ է…

— Ինտոր գիտես անանկ է… օր օրի կը հալի կոր. հէքիմները յոյս չունին… Աստուծոյ մնաց յոյսս։

— Ամեննուս տէրտը մէյ մէկ տեսակ է… քեզի ալ մեղք է. առած օրէդ ատանկ էր, օր մը չխնդացիր։

— Քուրի՛կ, ի՞նչ կ՚ըսես, ըսաւ Յակոբճան աղա պոռթկալով նէ փարա դիմացաւ, նէ սիրտ դիմացաւ. չիւրիւկ աղջիկնին աղէկ քշեցին, նալըս մըխըս թափեցաւ, օ՜ֆ… օ՜ֆ…

Հիմակ որ իր կինը աչքին առաջքը կը բերէր, իր կինը՝ դիակնային եւ քստմնելի երեւոյթով, որուն հազին ձայնէն գիշերն ի բուն չէր քնանար, ակամայ բաղդատութեան կը դնէր զայն Եւփիմէի գիրուկ եւ ճկուն անձին հետ ինքը ամուսնացած ըլլալով հանդերձ՝ միշտ կնոջ մը փայփայանքէն զուրկ մնացած էր եւ իր մէջ կը կրէր ցանկութիւններու տարտամ ախորժակ մը. աւա՜ղ… արեւը այնքա՛ն գաղջ էր այս ձմեռնային եղանակին մէջ ու կեանքը այնքան հաճելի՝ առողջ եւ գեղեցիկ կնոջ մը ներկայութեան. ծառերն անգամ պիտի խաբուէին ու բողբոջէին. պարտէզները զարդարող դափնիներու, բաղեղներու մշտադալար կանանչը կը փալփլէր ամէն տեղ ու մօտակայ նոճիները յաղթական սլացքներ ունէին դէպի կապոյտ եւ գաղջ երկնակամարը։ Գարնանային խռովք մը կը ծածանէր միջոցին մէջ եւ Յակոբճան աղա դողդոջուն քաղցրութեամբ մըն էր որ ըսաւ իր բանուորուհիներուն։

— Շաբաթ մը չպիտի բանէիք ամա, արե՛ւդ սիրեմ Երանիկ հանըմս, Հալէպի գործ եկաւ, անոր սուսը մինակ դուք կրնաք բանիլ, շատ բան մը չէ՛, աս է եղածը. ութօրէնքին պէտք է, նազս ձեզի անցաւ, ձեզի եկայ։

Նայուածքը աղաչական յառած էր Երանիկ հանըմին որ իր առաջին խօսքերուն ըմբոստութեան շարժումը մը ըրեր էր։

— Ատէթը այս շաբթու չբանիլ էր առարկեղ թոյլ ձայնով մը

— Ես ալ տակը չեմ մնար։

Եւ որովհետեւ այդ պահուն Եւփիմէ ներս կը մտնար, վարպետն ալ ոտքի ելաւ, ընդ առաջ գնաց ու անոր գաղջ շունչը զգալով իր տխեղծ դէմքին վրայ, ըսաւ եռանդով.

— Մատներդ սիրե՜մ, աղուոր, օյայի պէս բան է, ապսպրանք է, դուն երեսս ճերմկցուր, գործը տեղը երթայ, դուն ալ աչքս նայէ։

Պարտէզին մէջէն հապճեպ մնաք բարով մը ըսելով՝ Յակոբճան աղա անհետացաւ։ Մինչեւ իրիկուն անիկա գինովի պէս էր. կարծես ոտքերը գետնէն կտրեր էին. դեդեւելով կը քալէր եւ հոգին զեղուն կը զգար անսահմանելի զգացումով մը. կնոջը հազը չլսելու հոգով փոխանակ տուն երթալու, մտաւ գինետուն եւ լաթէրնան կեցուցած դրանը առաջքը, անոր լպրտուն եղանակներովը ոգեւորուած, Մարտիկ տայիին հետ խմեց մինչեւ ուշ ատեն իր այս անօրինակ հովարտայութիւնով զարմացենլով ամէնքը։


Դ.
Խըսմէթ


Ծննդեան առաւօտն էր, եւ դեռ այգը չծագած եկեղեցիին զանգակները կը ղօղաչէին տօնական օրերու յատուկ ծեքծեքումներով. հայ, մանաւանդ ժողովրդական թաղերու մէջ սկսած էր ոգեւորութիւնը եւ ամէն հասակէ մարդիկ, նոյն իսկ ոմանք հարբուխոտ, ցրտին եւ խոնաւ մթնոլորտին մէջ ձգելով իրենց խռպոտ հազերուն երկարատեւ արձագանգը. կը դիմէին եկեղեցի։ Երանիկ հանըմ եւ աղջիկը աւելի, կանուխ, գացեր տեղաւորուեր էին վերնատան առաջին շարքին վրայ եւ հակառակ ցուրտէն տանջուելնուն համբերութեամբ կը սպասէին։

Փոխն ի փոխ մրափելով եւ սթափելով հետեւեցան ժամերգութեանց. «Առաւօտ լուսոյ»ի ժամանակ՝ շարականին պարզ եւ լայն եղանակներէն ու ծնծղաներու զուարթ թափերէն ոգեւորուած ճշմարտապէս զգացին թէ աւետիս մը կը ծածանէր միջոցին մէջ ու իրեն հոգին խառնուեցաւ ընդհանուր փառաբանութեան, բայց հետզհետէ կրկին մտան երկարաձգուող եւ ողբական եղանակներու ազդեցութեան ներքեւ մինչեւ պատարագը։

Եկեղեցին այդ պահուն լեցուած էր արդէն. վերնատան մէջ իրենց ետեւ, նստարաններ գրաւուեր էին մինչեւ յետին շարքերը. պաղ եւ տմոյն լոյս մը, մշուշանման ճերմակութեան պէս կը մաղուէր պատուհաններէն եւ պլպլացող մոմերուն ճանանչերը կը տժգունէին հետզհետէ։ Եւփիմէ վերջնականապէս սթափած, ոտքի ելաւ, խաչակնքեց եւ աչքերը յառեց խորանի մեծ ջերմեռանդութեամբ։

Պատարագին ամբողջ տեւողութեանը անոր հոգին խռոված մնաց սրբազան երժշտութենէն եւ այդ հոգեկան դիւրազգածութեամբը խորհեցաւ իր վիճակին եւ նշանածին վրայ երբեմն պատրաստակամ էր ներելու Խաչիկին եւ վերջնականապէ սկրթնելու անոր զօրեղ բազուկին. երիտասարդ էր, կանանճ-կտրին, աւելի աղեկ չէ՞ր աչք գոցել պզտիկ պակասներու. ծլէին, ծաղկէին, զաւակներու տէր ըլլային… խեղճը ի՞նչ ըրած էր վերջապէս. ամէն օր ծովին եզերքը արիւն քրտինք կը թափէր. ամօթ չէ՞ր կաղանդին նուէր մը բերած չըլլալուն համար երես դարձնել, քէն ընել։ Քանի օր է որ Խաչիկ հասկնալով որ սեւ կատու անցած է մէջերնուն, աչքը երեսնին մնացեր էր. ինչ ընելը չէր գիտեր. սիրտը մեծ, հոգին հպարտ էր, անոր համար բերանը չէր բանար, խօսք չէր ըներ, հետեւաբար չէր գիտեր թէ ինչո՞ւ սրդողած էին իրեն, բայց Եւփիմէ հասկցեր էր որ անոր սրտէն արիւն կերթար կոր։

Իր ժողովրդական խաւերու յատուկ ողջմտութեամբ եւ բարութեամբ յանկարծ մտադրեց նշանածին սիրտը առնել. երեսին խնդալ. յիշեց Խաչիկին առատաձեռնութիւնները, յիշեց նաեւ իրենց քաշած չքաւորութիւնը. պզտիկուց հայրը կորսնցուցեր էր, տային խեր մը չունէր իրենց, վաստակած քանի մը փարան հազիւ օղիին կը բաւէր, էրիկ մարդու հաց կերած չէին գիշեր, ցորեկ տատելով, խալէմին ծայրովը կը հոգային ամէն բան. իրենց կը վայլէ՞ր որ քիպարի կնիկներու պէս գոհարեղէնի համար խըռ ընէին, իրարու սիրտ կոտրէին.

— Մատնին ի՞նչ պիտի ընեմ — խորհեցաւ հպարտութեամբ ձեռքերուն նայելով որոնք հակառակ շարունակ աշխատած ըլլալուն նուրբ եւ փափուկ էին։

— Պատարագւորին երկարաձիգ ձայնը պահ մը իր ուշադրութիւնը գրաւեց բոլորովին. «Առէք, կերէք»ի խորհրդովը վերացած քանի մը անգամ խաչակնքեց եւ մինչ տիրացուներու ռնգային ձայները կը փառաբանէին, աչքին ծայրովը տեսաւ մօրը սեւ եւ չոր սիլուէթը որ հակած դեպի ուրիշ կին կը խօսակցեր եռանդով. յանկարծ մտաբերեց անոր զայրոյթները եւ նոր յոյսերը, աչքին ներկայացաւ վարպետին նիհար ու տժգոյն դէմքը եւ անոր աչքերուն անասնական արտայայտութիւնը, իրեն թուեցաւ որ հակառակ իր ամբողջ կորովին իր սիրտը կը գողնային, հեշտագին ու միանգամայն ցաւագին սարսուռ մը անցաւ հոգիին մէջէն՝ մանաւանդ երբ լսեց թէ վարպետին կնոջը մասին կը խօսակցէին։

— Շատ ծանր, այսօրուան վաղուան է եղեր, կ՚ըսէր մայրը մասնաւոր եռանդով մը։

— Զաւակ ալ չունեցան, մրմնջեց անարիւն կին մը գլուխը ցնցելով։

— Աստուած լերան նայեր ձիւնը անոր կէօրէ տուեր է, ըսաւ սգաւոր պառաւ մը, միջամտելով եւ շարք մը անէծքներ թափեց Յակոբճան աղային գլխուն. աղջիկս փորը բերնին յղի էր, ափ մը ջուր ճայիլ՝ որբեւայրի մնաց, փեսան իր քով կ՚աշխատէր, ծովերուն եզերքը փտտեցաւ, կէնճ ու կանանչ հողեր առաւ պառկեցաւ. գացի ոտքը ձեռքը ինկայ… սա օրերը անցնին, մէյ մի փուշը ոտքէն ելնայ, աղջիկս նորէն կ՚աշխատի, կը վճարէ ըսի. մուտառը. քարի պէս խուլ մնաց… օխ ասրտելու համար չէ, ամա Աստուած ալ իրեն չձգեց.

— Է՜յ, ողորմած Աստուած, կը մրմնջէր ուրիշ կին մը բազկատարած, արձականգ ըլլալով սգաւոր պառաւին խօսքերուն։ Ամէնքն ալ պահ մը լուռ մնացին։ Սէգ եւ տժգոյն, Երանիկ հանըմ գլուխը ցցած կը կենար կարծես իր դառն եւ խոժոռ երևոյթով դէմ դնելով գերագոյն զօրութիւններու։

Պատարագը լրանալէն առաջ աղջկանը նշան ըրաւ եւ մեկնեցաւ. սանդուխներուն վրայ երկու կիները անսահման ցանկութիւններով կը նայէին հարուստ կիներու արդուզարդներուն եւ գոհարեղէններուն. ամէն անգամ որ փետրազարդ գլխարկի մը շուքին ներքեւէն բաղդաւոր կնոջ արհամարհական նայուածքները կը խաչաձեւէին Եւփիմէի սուր նայուածքները, բան մը անոր լաւ տրամադրութիւններէն կը փլէր ու կ՚անհետանար։ Խաչիկին կոշտ եւ աղքատիկ երեւոյթը կը ցցուէր իր դէմ, կարծես իր երջանկութեան ճամբան խափանելով եւ ահա կը խորհէր մօրը յոյսերուն վրայ. եթէ վարպետին կինը մեռնի՜…

— Ան ինտո՜ր նայեցաւ քեզի, աչքերովը պիտի ուտէր կարծես, Եւփիմէ՛, խենդ մի ըլլար, խօսքդ ետ առ, մէջերնիս կոտրած, թափած բան մը չկայ տահա, եազմաճի կտորին խելք դնելուդ, աչքերդ վեր բարձրացու… տունի հանըմ կ՚ըլլաս, Խաչիկի պէս մարդիկը խզմէթկեար կ՚ունենաս… մինակ առջի կնկան ըռզակները թեզի տայ նէ կ՚օգտէ, ոսկիէ պէպէկ կ՚ընէ թեզի… իմ վրաս նայէ օրինակ առ, նազլը մեծցած էի ամա, էրիկս տէզկէհին առաջքը դրաւ ինծի, ինքն ալ պուճախը անցաւ նստեցաւ, մազս աւել ըրի, քեզի մեծցուցի, օր մը օրանց սըռըս մարդ չիմացաւ, ամա քաշածս ես ու միայն տէրը գիտէ… սօն փուշմանլըք փարա էթմէզ…

Փողոցը ցուրտ էր, բայց արեւը կը ծագէր ահա՝ սառուցիկ եղեամին բիւրեղային փոշին փայլեցնելով ամէն կողմ, խումբ խումբ, մեծ մասով կիներ դէպի իրենց տուները կը շտապէին կիրակնօրեայ հագուստներով զարդարուած։ Երանիկ հանըմ, աղջիկը առաջքը ձգած, գլուխը բարձր, աչքերը խոժոռ կը քալէր անշշուկ. խնամքով հագուած էին երկուքն ալ եւ թէեւ մօրը սեգ կեցուածքը ակնածանք կը ներշնչէր, դարձեա՛լ մարդոց աչքերը հաճոյքով կը դանդաղէին Եւփիմէի գեղեցկութեան վրայ. շուկայէն անցած ատեննին մօրը նայուածքը աւելի խոժոռեցաւ. կրպակներու առաջ աթոռակներու վրայ նստած մարդիկ, մեծ մասով եազմաճի, ցած ձայնով կը խօսակցէին. երբեմն վանառողի մը անակնկալ ձայնը կը բարձրանար երկդիմի գովասանքներով ծախած ապրանքին վրայ ու թէեւ ամէնքն ալ կը հասկնային որ այդ գովքերէն մաս մը բաժին կ՚իյնար անցնող գեղեցիկ աղջկան, բայց ոչ ոք կը համարձակէր խնդալ կամ կատարել, որովհետեւ թաղեցի էին անոնք։

Հանդիպեցան Մարտիկ տայիին եւ երկու դրացիներու, բայց իրարու երես անգամ չնայեցան, որովհետեւ անպատշաճ էր այդ վայրին մէջ զիրար բարեւել, նոյն իսկ ճանչնալ ձեւացնել։ Անցան գինետուններուն փողոցէն ուր Եւփիմէ չկրցաւ ինքզինքը զսպել ու քովընտի նայուածներ ուղղեց կրպակներու խորը եւ վերջապէս մտան իրենց դրացի փողոցները։

Մինչեւ որ տուն հասան՝ Եւփիմէի դէմքին վրայէն մարեր անցեր էր քաղցրութեան եւ բարութեան հետքերն իսկ. վայելքի անզուպ ծարաւ մը կը տոչորէր զինքը. տեսած հարուստ կիներուն մուշտակները եւ փետուրները կը պարէին իր աչքերուն առաջքը, բայց մանաւանդ խարագանուած կը զգար ինքզինքը անոնց նայուածներէն, որոնց անտարբերութիւնը նախատելի կը թուէր իրեն, հագուիլ՝ սըքուիլ ու երեւալ անոնց՝ իր գեղեցկութեան բոլոր փառքին մէջ, անխախտ նպատակ մը թուեցաւ իրեն։ Այս մտածումենրով հագուստը փոխելու զբաղած էր երբ դուռը զարնուեցան. կրկին չիփակին կոնակները կոճկեց եւ փութաց դուռը բանալու եւ վարպետը կանգնած գտաւ իր դէմը։

Յակոբճան աղան նոր ածիլուած, փեսութեան սեւ հագուստները հագած, դանդաղ շարժումներով վեր ելաւ. զգալի կերպով շուարած էր ու նոյն իսկ բարեւելու կը վարանէր. բայց երբ Երանիկ հանըմ իր փոթոտուած եւ ուռած դէմքը ժպիտով մը ծամածռած յառաջացաւ դէպի անոր, ոտքի ելաւ եւ մեքենական ձայնով մը մրմնջեց։

— Շնորհաւոր ծնունդ եւ աստուածայայտութիւն…

Երկու կողմէն գաղտնի դիտաւորութիւններ ունելով կեղծ ու բռնազբօսիկ ձեւ մը ունէին. մէկէն ի մէկ անհետացեր էր վարպետին արհամարհական ընտանութիւնը որ ունէր իր բոլոր բանւորուհիներուն հանդէպ. աննշան խօսքեր կը փոխանակէին իրարու հետ ընդհատուած լռութիւններով եւ գաղտնագողի զիրար դիտելով՝ երբ Եւփիմէ սրահ մտաւ անուշի ափսէն ձեռքը։ Թեւերը բացած, մատները անցուցած ափսէին բռնօղակներուն, մինչ մէկ եզերք կուրծքին վրայ կը սեղմուէր, անիկա յառաջացաւ եւ այնքա՛ն հոգին փոթորկուած էր հակասական զգացումներով որ կը դողար եւ գաւաթներն ու անուշի ամանը կը ցնցուէին թեթեւօրէն։

— Անուշ հրամեցիք, ըսաւ Երանիկ հանըմ խոնարհութիւն մը ընելով։

— Շնորհակալ եմ, պատասխանեց Յակոբճան աղա նուրբ կտաւէ թաշկինակով բերանը սրբելով։

Ակնթարթի մը մէջ Եւփիմէ դիտեց անոր ձիւնափայլ եւ օսլայած շապիկը, փայլուն կոճակները եը մետաքսաւէտ փողկապը. մէկ կողմը սանտրած անփայլ մազերէն անուշահոտութիւն մը կ՚արտաշընչուէր ու կը ծփծփար. Եւփիմէ պահ մը մոռցաւ անոր տգեղութիւնը, ճղճիմութիւնը. իրեն թուեցաւ որ ճշմարիտ սէրը, օսլայած եւ սպիտակ շապիկի կը ներքեւ կը դնէ միայն իր բոյնը, իրեն թուեցան որ այսօրուընէ արդէն իր չքաւոր աղջկան մռայլ ու տրտում ճակատագիրը կը մտնէր նոր փուլի մը մէջ։ Երբ անուշին ափսէն մառանը տեղաւորելէ ետքը եկաւ նստեցաւ մօրը քով, Յակոբճան աղա իր նայուածքը յառեց իրեն. բայց ահա ոտքի ելաւ, մնաք բարովը ըսաւ եւ մեկնեցաւ. մայր ու աղջիկ պահ մը մնացին բակը։

— Աղայի պէս շնորհքով մարդ է, ըսաւ Երանիկ հանըմ։

Եւփիմէ խոր հառաչանք մը արձակեց ու վեր ելաւ, բնազդաբար պատուհանին մօտեցաւ եւ տեսաւ որ դրացի տուներէն կանացի գլուխներ դեռ զարմացումով կը նայէին վարպետին ետեւէն։

Յանկարծ հոգիի խորէն հզօր ըմբոստութիւն մը ժայթքեցաւ իր կացութեան, դրացիներուն չարամտութեան, Խաչիկին իրեն ընծայած չքաւոր կեանքին դէմ։

Աչքն դիմացը մինչեւ հեռուները պզտիկ եւ խարխուլ փայտաշէն տուներ կը շարուէին քով քովի, կռնակ կռնակի. ձկնորսի, ձկնավաճառի կամ եազմաճիի տնակներ էին ամէնքն ալ, ձմեռնային այս ցուրտ եւ արեւոտ օրուան մէջ անոնք կարծես կը յայտնէին իրենց բոլոր քստմնելի թշուառութիւնը. տուներ չէին ատոնք, այլ մէկ մէկ դժոխքներ, էրիկ մարդիկ, ծովին եզերքը աշխատող մարդիկ, տաժանելիօրէն պարտասած ամէն իրիկուն գինետուն կը վազէին կազդուրուելու յոյսով. կնիկներնին դժգոհ եւ պատրաստ տրտռալու. զաւակներնին լալկան, գունատ, պահանջող. ո՞վ ծայրը ծայրին կրնար բերել. էրիկ մարդիկ ալ յանցանք չունէին. անոնք ճակատագիր մը կը ծանրանար ամէնուն վրայ. երբ տանը պէտք եղած բաները մտքերնին բերէին կը շարուէին. ո՞րը առնէին, ո՞րը վաղուան ձգէին. ամէնէն կարճը բնաւ չմտածելն էր ու մոռնալու, երբեք չսթափելու համար՝ մինչ առաւօտէն մինչեւ իրիկուն կ՚աշխատէին չարաչար, իրիկունները կ՚երթային թաղուիլ գինետունին մթնոլորտին մէջ. տուներնուն մէջ կնիկները կ՚աշխատէին ինչքան որ կրնային, տղաքը, կը մեծցնէին գէշ աղէկ, օր մը կուշտ, օր մը անօթի, վրանին կոկուկ, տակը հինուկ, կը բաւէր որ ձայներնին մարդ չիմանար, սըռերնին դուրս չելլար։

Կիները ընդհանրապէս չքաւորութիւնը ամօթ կը համարէին ու կը ջանային զայն պարտկել, միւս կողմէ կը թշնամանային իրենց էրիկ մարդոց դէմ. որոնք գրեթէ չէին օժանդակեր իրենց. շաբթէ շաբաթ, գինով պիտի ըլլային որ ձեռքերնուն քանի մը փարա փրցուէր, մնացածը կ՚երթար գինետուն եւ կեանքը կը քաշքշուէր քէներով, սրտմտութիւններով դառնացած, մէկ կողմէ արժանապատուութեան հոգերով բարդացած, իսկ միւս կողմէ ակամայ կոպտութիւններով բրտացած։ Ու ամէնքն ալ կ՚ապրէին կարծես մութի մէջ խարխափելով, ամէն մէկը անձկագին ցանկալով քիչ մը հանգիստ, քիչ մը մարդավայել կեանք, ամենադոյզն սփոփանք ու քաղցրութիւն։

Եւփիմէ կարծես որ պայծառատեսութեան մը րոպէին կը տեսնար այն կեանքը որ պիտի ապրէր Խաչիկին հետ. աչքերը գոցեց այդ մղձաւանջը չտեսնելու համար եւ իրեն թուեցաւ որ Յակոբճան աղա մեղմօրէն զինքը կը հեռացնէ այդ դժոխային ոլորտէն. ետեւ դարձաւ, զգալով մօրը ներկայութիւնը եւ երբ մայր ու աղջիկ իրարու նայեցան

— Աղայի պէս մարդ է, կրկնեց Երանիկ հանըմ խոհուն դէմքով։

— Խըսմէթս որն է նէ ան կ՚ըլլայ, պատասխանեց Եւփիմէ, խռոված՝ բայց գրեթէ համակերպած։


Ե.
Սրտի ցաւ


Առաւօտուն կանուխ մինչ Երանիկ հանըմ խահուէն կը խմէր, երբեմն հացի մանր պատառներ թաթխելով մէջը, դուռը ուժգին զարնուեցաւ։ Մարտիկ տայի որ անկիւնը նստած անդադար կը ծխէր եւ երկու կիները՝ ընդոստ կանգնեցան սպառնական բան մը կար այդ հարուածին մէջ։

— Ոտքդ պագնեմ, Մարտի՛կ, դուն գնա՛ բաց, Խաչիկը ըլլալու է։

Մարտիկ տայի քովնտի ու յանդիմանական նայուածք մը ուղղեց քրոջը, բայց տեղէն չշարժեցաւ. երկու կիները տժգոյն էին եւ անշարժ իրարու կը նայէին. երկրորդ հարուած մը թնդացուց տունը. այն ատեն Եւփիմէն գտնելով իր խառնուածքին ամբողջ կորովը, ոտքի ելաւ եւ գրեթէ աճապարելով գնաց բացաւ։

Բակին մէջ իր դէմ կեցած էր Խաչիկ՝ մեծ զայրոյթով մը տժգունած. անոր սեւ եւ գողտր աչքերը այդ պահուն դաժան խստութիւն մը առած էին պռստած յօնքերուն ներքեւէն. թուխ եւ տժգոյն ճակատը ու քունքերը բարակ քրտինքով մը ողողած էին ու շրթները կը դողդոջէին ակամայ ծամածռութիւններ ուրուագծելով, ուժեղ եւ լայն կուրծքը, գործաւորի մրոտած հագուստներուն ներքեւ կ՚ելեւէջեր ու կարծես մէկ րոպէէն միւսը պիտի պոռթկար. անիկա շեշտակի կը նայէր Եւփիմէին ուզելով խօսիլ՝ բայց չկարենալով վանկ մը արտասանել, ու իր ներկոտ բռունցքները սեղմուած կը գալարուէին կողերուն վրայ։

Եւփիմէ նախ դժկամակութեամբ, հետզհետէ ատելութեամբ կը նայէր անոր եւ իրւ աչքերը կը դիմագրաւէին Խաչիկին զայրացած նայուածքին. եթէ անիկա գլուխը կախ եւ աղաչական ձեւով մը ներկայնար. թերեւս սիրտը թուլնար, յիշէր անոր համար զգացած սէրերը, բայց ահա Խաչիկ կը ներկայանար տիրոջ պէս, սպառնական եւ ցասմնալից. ազատ չէ՞ր արդեօք իր բաղդը ասոր կամ անոր հետ կապելու, ու գաղափարը թէ Խաչիկ փորձանք մը եղած էր իրենց գլխուն, թէ կարող էր արգելք հանդիսանալ լաւագոյն կարգադրութիւններու, այնպիսի չար ցրտութիւն մը կուտար Եւփիմէի դէմքին, որ անոր դիմագրաւող նայուածքը լրբութիւն մը թուեցաւ Խաչիկին. անիկա յանկարծ հոգիի խորէն բարձրացող արհամարհանքին մէջ խեղդելով իր ցաւն ու զայրոյթը, ձեռքը երկնցուց, մէկ կողմ հրեց Եւփիմէն կոպտութեամբ ու բարձրացաւ սանդուխներէն։

Այդ միջոցին Երանիկ հանըմ ինքզինքը գտած էր ու ընդ առաջ գալով Խաչիկին, յանդիմանեց զայն։

— Առտուանցով ի՞նչ խաղքութիւն է աս, դուռ դրացի ի՜նչ կ՚ըսեն, ամօթ չէ՞, մեղա՜յ տէր, տահա կայնէ նայի՜նք, կանուխ չէ՞, երէկ ցանեցինք, այսօր բուսաւ… ամա ես աղջկանս ըսի, անանկ մարդոց խօսքին մտիկ չըլլուիր, ետքէն փիւշման կ՚ըլլա՜ս… վա՜խ մեզի, հազար վա՜խ…

— Քա մարի՛կ, ես ի՞նչ յանցանք ըրի քի ինձմէ ասանկ երես դարձուցիք։

Խաչիկ այս խօսքերը արտասանելով ջլատւած եւ հեւալէն ինկաւ բազմոցին վրայ. ամբողջ մարմնովը կը դողար ու հակառակ իր մեռելական տժգունութեան քրտինքի կաթիլներ շիթ առ շիթ կ՚իյնային քունքերէն իր խոշոր, աշխատութենէ կոշտացած եւ ներկոտ ձեռքերը ծունկերուն վրայ դրած այնպիսի վշտագին երեւոյթ մը ունէր որ կարծես ամբողջ աշխարհ սեւցած էր իրեն համար. պահ մը առաջ հոգիին մէջ մրրիկի մը պէս որոտացող զայրոյթը տեսակ մը պատրական կորով տուեր էր իրեն, բայց հիմակ ինքզինքը թոյլ եւ ջլատուած կը զգար եւ կարող՝ մանկան մը պէս հեծեծելով արտասուելու. մարդկային մեծ ցաւը, սիրոյ ցաւը կը դղդրէր այդ խոնարհ՝ բայց հզօր սիրտը իր բոլոր թափովը եւ իր անարուեստ հոգին ո եւ է բալասան չէր գտնար զայն ամոքելու համար։ Քանի օրերէ ի վեր կասկածը օձի պէս սպրդեր էր իր էութեան մէջ քանի՛ օրերէ ի վեր գաղտնապէս կը տառապէր, փոխն ի փոխ յուսալով եւ յուսահատելով, ճաշակելով անստուգութեան մը բոլոր դառնութիւնները, երբ ահա նոյն առաւօտն իսկ վարպետը ճամբեր էր զինքը, առարկելով թէ բանուորուհիներու հետ անպատկառօրէն կը վարուէր։ Իր ուժգին բողոքներուն դիմաց վարպետը սրտնեղելով ըսեր էր վերջապէս.

— Է՜հ, ի՞նչ երկայն կ՚ընես… Երանիկ հանըմին աղջկան պալթա կախեր ես, խեղճրեը ի՞նչ ընելնին չեն գիտեր գլուխնուն տէֆ ընելու համար քեզի…

— Ե՞ս… ես ինծի չուզող մարդուն փողոցէն ա՛լ չեմ անցնիր. շուքս ալ չեմ ցուցներ, ինծի Խաչիկ կ՚ըսեն… ո՜վ է ատ ապուրը ուտողը նէ թող մէյտան ելլա՜յ…

Ու մէկ շունչով եկեր էր Եւփիմէին եկեր էր զայրոյթով եւ գրեթէ կատաղութեամբ, եկեր էր այն յոյսով թէ մայր ու աղջիկ գլուխնին պիտի ծռէին, ներողութիւն պիտի խնդրէին եւ ահա՛ այս պահուս ինքը պատրաստ էր անոնց ոտքերուն հետքերը համբուրելու, անոնց գերին ըլլալու. միակ մտածում մը գրաւեց իր միտքը, ամբողջ հոգին, ղուրպան ըլլալ Եւփիմէին՝ բայց դարձեալ վայելել անոր գուրգուրալի եւ սիրաւէտ նայուածքին ջերմութիւնը։

Դեռ երեկ էր, բայց արդէն ինչքա՜ն հեռու կը թուէին այդ երջանիկ օրերը, երբ Եւփիմէին ներկին ամանները, դեղին կապոյտ կանանչ ներկերով լեցուցած ատեն կը զգար անոր մատներուն խուսափուկ հպումը իր ձեռքին վրայ, որոնք կը դողդոջէին յուզումէն. այն օրերը երբ մայր ու աղջիկ սիրալիր ու հաճոյակատար՝ ի՛նչ ընելնին չէին գիտեր ու ձեռքէն կը խլէին համեմատաբար դիւրին եւ շահաւէտ գործերը, մինչ ինքը իր բնական արդարամտութեամբ կ՚ուզէր աղէկ գործերը բաժնել բոլոր գործաւորուհիներուն։ Կը յիշէր մանաւանդ այս վերջի մէկ քանի յուսաւէտ օրերը, երբ կը կարծէր թէ իր մուրատին պիտի հասնէր երբ իր աչքին առաջք փայլեցուցեր էին երջանկութեան հեռապատկեր մը ի՞նչ նպատակաւ, ո՞վ գիտէ…

Իր պարզ եւ ուժեղ հոգին անկարող էր նոյն իսկ կասկածելու կանացի հոգիներու անկայուն եւ տարուբերուող տրամադրութիւններու մասին. չէր կրնար իսկ մտաբերել պճնասիրութեան, պարծանքի ու ցուցամոլութեան այդ նոպաները, որոնք կը պղտորեն ամէն աստիճանի վրայ գնուող կիները ու հիմակ որ իր պաղարիւութիւնը գտած էր, անկեղծօրէն կը հաւատար թէ թիւրիմացութիւն մը կար զոր կարելի էր փարատել երկուստեք բարի կամքով։ Այս էր պատճառը որ Խաչիկ, հակառակ իր բնական հպարտութեան, աչքերը բարձրացնելով Երանիկ հանըմին վրայ, ըսաւ մեղմ եւ յուզուած ձայնով։

— Մայրի՜կս, ես ըրի, դուն մ՚ըներ, գլուխս դարձաւ. գործսըզ մնալս հոգս չէ. անկէ եկած խերը Աստուծմէ թող գայ… թեւերս շարժեմ նէ քարէն փարա կ՚ելլայ… ինչ կ՚ընեմ չեմ ըներ ընտանիքս կ՚ապրեցնեմ, էվէլ, պակաս, աֆ ըրէ՜…

— Ամենեւի՜ն… գոչեց Երանիկ հանըմ ակռաները սեղմած, ումետդ կտրէ մեզմէ. ինչ ըլլալդ հասկըցուցիր. քանի՝ տահա ճամբան կարճ է, ետ դառնալը դիւրին է։ Փիլիճի պէս աղջկանս մեղք չէ՞, կրակներու մէջ պիտի էրէր, Աստուած իր անմեղութեանը ողորմեցաւ… վարդի պէս աղջի՜կս, աչքը երեսը փառ փառ կը վառի, մէյ մը քեզի, մէյ մըն ալ անոր նայէ՜…

— Եւփիմէ՜, գոչեց Խաչիկ շուրջը նայելով եւ գերագոյն ձայնով մը, Եւփիմէ՜…

Ու աւելի չկրցաւ ըսել։

Եւփիմէ սրտնեղած դէմքը կը ծամածռէր եւ կարծես ժամ մը առաջ կ՚ուզէր ազատիլ Խաչիկին ներկայութենէն. անոր ցաւագին եւ յուսահատական երեւոյթը փոխանակ զինքը յուզելու, կը ջղագրռէր. կարծես թէ բարութեան եւ քաղցրութեան բոլոր աղբիւրները ցամքեր էին իր մէջ եւ հոգիին թելերը որոնք երբեմն քնարի մը պէս կը հնչէին՝ երբ Խաչիկ իր անունը կուտար, այս յուսահատական կոչին չպատասխանեցին. զգաց որ ոչ միայն այլ եւս չէր սիրեր զայն, այլ իր աչքերուն առջեւէն պատրանքի մշուշը փարատած էր եւ կը տեսնէր այդ մարդը՝ ինչպէս որ էր, իր կոպիտ եւ անհրապոյր արտաքինով իր բուռն զայրոյթներով եւ հոգեկան թուլութիւնով. կը տեսնէր զայն իր ցաւէն ծամածռած դէմքով, քրտնաթոր ճակատով, դողդոջուն շրթներով, կը տեսնէր մինչեւ արմուկը ներկի մէջ թաթխուած ձեռքերուն կոշտութիւնը՝ աղքատիկ եւ մաշած հագուստներուն վրայ, որոնցմէ փօթասի եւ խման մարդու քրտինքի խառն հոտ մը կ՚արտաշնչուէր։

Ու իր բոլոր ցանկութիւնները եւ բարի դիտաւորութիւնները ցնդեցան այս նիւթական եւ հոգեկան թշուառութեան առաջ. անգամ մըն ալ իր հոգին տենչաց ամէն գնով բարձրանալու այս կարգի մարդիկներու մակարդակէն ու մտաբերելով թէ երբեմն խօլ պատրաստակամութիւն մը ունեցած էր Խաչիկին հետ ամուսնանալու, կարծես թէ մեծ վտանգէ մը փրկուած էր ու այդ վտանգը իր մէջ կ՚անձնաւորէր Խաչիկ, ուրկէ ազատուելու համար պատրաստ էր Յակոբճան աղային հետ կարգուելու անմիջապէս որ որբեւայրի ըլլար անիկա։

Խաչիկ փոխն ի փոխ եւ խելայեղօրէն նայեցաւ մօրը եւ աղջկանը դէմքերուն եւ անոնք այնքան փակուած ու ցուրտ զգաց որ ակամայ սասռաց. այն ատեն իր ողբագին նայուածքը դարձնելով դէպի տային՝ որ լուռ հանդիսատես եղած էր այս տեսարանին, նայուածքովը աղերսեց։ Մարտիկ տայի հասկցաւ. ոտքի ելաւ եւ հրաւիրեց Խաչիկը որ իրեն ընկերանայ։

Առանց մնաք բարովի, փախստականի պէս, Խաչիկ իջաւ սանդուղներէն եւ երբ դուրսը բաց օդին եւ լոյսին մէջ գտաւ ինքզինքը, շլացում մը ունեցաւ. սրունքները քուրջի պէս թուլցեր էին եւ ամբողջ մարմինը պիտի փլէր՝ եթէ տայիին չկրթնէր. բաւական յառաջանալէ ետքը, սկսաւ հառաչել ու կոպերը այրեցան աղի արցունքներով, որոնք չիջան սակայն այտերուն վրայ։ Կուրծքին ներքեւ դժոխային ջերմութիւն մը կը զգար ու նոյն իսկ շրթները չորցեր ու ճաթռտեր էին. կ՚ուզէր ըմբռնել եղածը, հասկնալ դժբաղդութեանը պատճառը, բայց անկարող էր նոյն իսկ մտածումի մի վրայ կանգ առնելու, հակառակ անոր որ Մարտիկ տայի կը ջանար զայն լուսաբանել։

— Առաջ ուզեցին, հիմակ ալ չեն ուզեր կոր. ինչո՞ւ պիտի ըսես. ինչուն նայինք իրենք գիտե՞ն. անցնող ամպերուն հարցնես նէ պէլքի պատասխան կ՚առնես, անոնցմէ չես առներ… վազ անցի՛ր, թէք գլուխ մնացի՛ր, տահա աղէկ է… ամէն գործի մէջ խեր մը կայ. նայէ՛ ես կարգուե՞ր եմ. ողջ գլուխդ Աւետարանի տակ մի՛ դներ. կնկան տէրտը կը քաշուի՞… Մարտի հավա կ՚ըլմանին, մէյ մը անձրեւ, մէյ մը արեւ… անոնց խնդալուն ալ մի՛ հաւտար, արցունքին ա՛լ…

Անզգալաբար մտած էին գինետուններուն փողոցը . դեռ կանուխ էր եւ քնատ գինեպաններ նախորդ գիշերուընէ մնացած աղտոտութիւնները կ՚աւլէին իրենց կրպակներուն մէջ։ Խաչիկ ու Մարտիկ տայի մտան իրենց ընտանի խանութը, ինկան նստարանի մը վրայ եւ երբ գինեպանը եկաւ հարցունելու թէ ի՞նչ կ՚ուզեն.

— Ջո՜ւր, ըսաւ Խաչիկ սուր ձայնով մը։

Մարդը փութաց փարջ մը եւ գաւաթ մը զետեղելու սեղանին վրայ. Խաչիկ իր ապակիի պէս փայլող աչքերը սեւեռեց փարջին, խարխափող թեւերը երկնցուց անոր եւ զայն շրթներուն դնելով, աչքերը մթնալէն պարպեց զայն դանդաղօրէն եւ շնչասպառ խմելով մինչեւ յետին կաթիլը։


Զ.
Պատուանդանը


Շաբաթներ անցեր էին եւ կեանքը կը սահէր աղքատիկ թաղերու մէջ իր տափակ միօրինակութեամբ, գործերը քիչ մը բացուեր էին մեղմ օդերուն շնորհիւ եւ չարչրկուած դէմքերու վրայ քիչ մը յոյս եւ ոգեւորութիւն կ՚երեւար։ Միւս կողմէ սակայն հիւանդութիւնները պակաս չէին ու մանաւանդ երկար ատենէ ի վեր պառկողները, կարծես չդիմանալով այս հիւանդագին եւ խաբուսիկ օդերուն փոփոխականութեան, մէկիկ մէկիկ կը մեռնէին։

— Հասունները կ՚իյնան կոր, կ՚ըսէին կիները պատուհանէ պատուհան, երբ արեւէն հրապուրուած պահ մը ձեռքերնուն գործը կը ձգէին եւ կուգային երկայն շունչ մը առնելու։

Թաղին եկեղեցիին զանգակը, ամէն օր եւ երբեմն օրը մէկ-երկու անգամ, կը դօղանջէր յուղարկաւորութիւններու յատուկ տխրագին եւ դանդաղ հնչիւններով։

Զօրաւոր հարբուխի մը հետեւանքով Եւփիմէ ալ հիւանդացեր էր եւ մայրը զինքը հանգիստ թողեր էր այդ օրերը, բնաւ չխօսելով ամուսնութեան ծրագիրներու վրայ, ու ինքը ժամանակ ունեցեր էր անդրադառնալու իր հոգեկան վիճակին՝ ինչպէս որ եռանդով եւ սրտագին սիրեր էր Խաչիկը, այնպէս ալ հիմակ ինքզինքը անտարբեր կը զգար անոր նկատմամբ եւ իր հոգեկան այս երկու հակասական վիճակներուն մէջ անկեղծութիւնը ա՛յնքան բացարձակ էր որ չէր հասկնար թէ ինչո՞ւ յանցաւոր պիտի նկատուէր Խաչիկին հանդէպ. իր հոգիին խորերէն անհետացեր էին յուզումի եւ խռովքի այն սարսուռները որ երբեմնի սիրահարին ներկայութիւնը, անունին արտասանուիլն իսկ առաջ կը բերէին։ Երբ կը պատմէին Խաչիկին կատարած խաղքութիւնները, Եւփիմէին արիւնը հադարտ կը մնար, մինչ զարմանալով կը յիշէր թէ ի՞նչպէս, երբ անոր վրայ աննպաստ բան մը կը լսէր ժամանակաւ, ականջներովը կը կարմրէր ու պատրաստ կը զգար ոգի ի բռին զայն պաշտպանելու. հիմակ ոչ միայն չէր ամչնար անոր ըրածներէն, այլ նաեւ իր այսօրուան անտարբերութեանը արդարացումը կը գտնար անոր այդ խայտառակ վիճակին մէջ։ Միակ փափաք մը ունէր, զայն չտեսնալ, անոր չհանդիպիլ։ Ներքնապէս գիտէր որ Խաչիկ կը տառապէր իրեն համար. երբեմն կայծակը արագութեամբ կ՚անդրադառնար այդ մտածումին, բայց առանց ժամանակ ձգելու որ սիրտը խանդաղատէր, կը խորհէր ուրիշ բանի վրայ։ Ու եթէ Խաչիկին իրեն համար կրած տառապանքը զինքը անտարբեր կը թողուր, միւս կողմէ անիկա զերծ էր արուեստակեալ աղջկան մը հոգեկան սնապարծութիւններէն. միայն նիւթական եւ առօրեայ հանգիստի առաւելութեանց տենչանքները եւ յոյսեր կը տիրապետէին իրեն եւ ո՛րքան կ՚անդրադառնար թէ իր մանկութեէն ի վեր զրկուած էր անոնցմէ, ա՛յնքան բուռն կերպով կը ցանկար անոնց իր առողջ եւ անարուեստ աղջկան բոլոր ախորժակները տրուած էին եւ ի՞նչ արագ ու ճապուկ քայլերով պիտի կոխոտէր Խաչիկին սիրտը ու անցնէր, անմիջապէս որ հնարաւոր ըլլար։ Որովհետեւ կը զգար թէ իրենց ծրագիրներուն յաջողութեան միակ արգելքը Խաչիկը կրնար ըլլալ եւ այա զայրոյթը կ՚անցնէր իր հոգիին մէջէն չորցնելով ոեւէ բարեացակամ զգացումի սկզբնաւորութիւն։

Ու հիմակ որ այլ եւս չէր սիրեր զայն, ի՞նչպէս կը չափազանցէր անոր տգեղութիւնները, ծիծաղելիութիւնները, ձայնին ու շարժումներուն միամտութիւնը, կոպտութիւնը, աւելի եւս ամրապնդուելու համար իր ցրտութեան մէջ։ Բոլոր այն աննշան մանրամասնութիւնները, որոնք իր սիրող սրտին բաբախումները արագացուցեր էին, որոնք խանդաղատանքով եւ տեսակ մը գինովութեամբ պարուրեր էին զինքը, — ձեռքը ձեռքին հպել, շունչը զգալ ծոծրակին վրայ, գաղտագողի մէկ նայուածքը որսալ եւ կայծակի մը տեւողութեամբ հաղորդակցութեան մտնալ սիրականին տարփաւէտ էութեան հետ, զգալ խօսքերու քօղարկուած իմաստը, փառաւորուիլ ու երջանկանալ անոնցմով, պճնուիլ, շողոքորթի ակնարկութենէ մը եւ սիրականին մէկ գովասանքը ամենաթանկագին զարդարանքէ վեր արժեցնել. — բոլոր ասոնք, բոլոր ճշմարիտ սիրոյ խուսափուկ, անկայուն, դիւրաբեկ հրապոյրները, պատրանքները, զգայնութիւնները իրենց բեհեզներէն մերկացած, իրենց լոյսէն զրկուած ոչ միայն չէին օգներ Եւփիմէի մեռած սէրը արթնցնելու, այլ նաեւ իբր ծիծաղելի խրտուիլակներ կը ներկայանային անոր. ուրեմն, բոլոր այն անմբռնելի պատճառներով իսկ, որոնցմով Խաչիկը սիրած էր, այսօր այլեւս զայն չէր սիրեր ու իր կնոջական հոգին փոխանակ գիտակցելու իր փոփոխականութեան, իր բնածին եւ ճակատագրական թերութեան, կ՚ապաստանէր իր զայրոյթներուն եւ ապագայի մտահոգութիւններուն մէջ.

Առաւօտ մը կանուխ, եբր Եւփիմէ քունէն նոր արթնցած, տարտամօրէն կը խորհէր այս բաներուն վրայ, մայրը հագուած, եւ մեկնելու պատրաստ եկաւ քովը.

— Եւփիմէ՛, ըսաւ գործերնիս սխլէթ է ամա, ես այս առտու ժամ պիտի երթամ, ետքէն ալ տեղ մը պիտի հանդիպիմ… ելլաս նէ առաջ ճերմակ զէմինները ձեռք առ։

Եւփիմէ հասկցաւ մայրը վարպետին կնոջ հիւանդտես կ՚երթար, կամ աւելի ճիշտը կ՚երթար հասկնալու թէ «ո՛ւր տեղուանքն է»։ Այդ հրէշային անհամբերութիւնը որ ամբողջովին գրաւած էր երկու կիները՝ ոեւէ խղճի խայթ չէր պատճառեր անոնց պահ մը իսկ չէին անդրադառնար թէ ի՞նչ քստմնելի սպասում էր իրենցը. ընդհակառակը, կարծես մահամերձն էր որ յանցաւոր էր, յուսահատօրէն կը կառչէր կեանքին, պահ մը առաջ չէր մեկներ այս աշխարհէս իր տեղը ուրիշին տալու համար։ Ու առաւօտէն մինչեւ իրիկուն, երկու կիները կը սպասէին գոյժին որ աւետիս մը պիտի ըլլար իրենց համար ու իրենց անհամբերութիւնը խաբելու նպատակաւ, անդադար կը խօսէին հիւանդին վրայ, երբեմ կեղծ կարեկցութեամբ, երբեմն նոյնիսկ զայրոյթով.

— Աստուած իր ըրածը գիտէ ամա, ատանկ ապրիլը ապրի՜լ է… մեռնի նէ լոյս կ՚ըլլայ, իրեն ալ մեղք է քովիններուն ալ։

— Նեմզուր հանըմը գացեր տեսեր է, կ՚ըսէր Եւփիմէ մօրը պատասխանելով՝ մէկ քովէն միւսը չկրնար կոր դառնալ եղեր։

Թէզկեահին առաջ դէմ դէմի նստած, անոնց վրձինները մէկ կողմէն արագօրէն կը ներկէին, երեւան բերելով գունագեղ եւ ֆանթասթիկ ծաղիկներ գծուած եազմաներուն վրայ։

— Մէյ մը երթամ, աչքովս տեսնեմ, ըսեր էր Երանիկ հանըմ նախորդ օրը եւ ահա ինչո՞ւ Եւփիմէ գիտէր թէ մայրը ուր պիտի հանդպէր։

Ժամէն ելլալուն — ուր թերեւս աղօթած էր իր ծրագիրներուն յաջողութեան համար — Երանիկ հանըմ ուղղուեցաւ վարպետին տունը։ Նոր խալֆան դուռը բացաւ եւ հարցուց թէ ի՛նչ կ՚ուզէ. բայց անիկա առանց պատասխանելու սանդուխներէն բարձրացաւ եւ շիտակ մտաւ հիւանդին սենեակը։

Բազմոցին անկիւնը, իրարու վրայ զետեղուած անկողիններու վրայ բարձրացած, հիւանդ, կմախքի պէս վտիտ, պառկեր էր. անոր սեւ, սուր եւ տենդոտ աչքերը ուղղուեցան դէպի դուռը երբ անիկա ճռնչեց. հիւանդը ճանչցաւ իրենց վաղեմի բանուորուհին, ուզեց ժպտիլ, բայց ահա ցնցուեցաւ երկարատեւ ու տաժանելի հազի տագնապով մը։ Երանիկ հանըմ ինքնիրեն աթոռ մը առաւ, նստեցաւ, գլխովը բարեւ մը տալով հիւանդին մօրը որ բազմոցին միւս անկիւնը կզկտած էր. անիկա ուրիշ զաւկի մը մահով արդէն սգաւոր, սեւ պօյամայի տակէն երեւան կը բերէր մասունքի պէս ճերմակած, նիհար ու գրեթէ թափանցիկ դէմքը. երկու ձեռքերը ծոցը, վիզը ծուռ, արցունքոտ աչքերով կը հետեւէր աղջկանը արչարանքին։ Սրահին մէջ, ամէն կարգի դեղերու, ապականուած օդի, հիւանդի հօտերու անհանդուրժելի նողկալի խառնուրդ մը ոչ թէ կը ծփար, այլ կարծես թէ կը թանձրանար։ Երանիկ հանըմ այս սոսկալի սենեակին մէջ բոլոր հոգւովը սարսափած, շուարած մնաց պահ մը։ Երբ հազի տագնապը անցաւ, գլուխը դարձուց դէպի հիւանդը եւ հարցուց մեղմ ձայնով մը։

— Զարուկ հանմս, ինտո՞ր ես…

— Ա՜խ… ախ… Երանիկ հանըմ, հառաչեց դժբաղդ կինը ու երկու այտոսկրներուն սուր մասերը կարծէս ներքին կրակէ մը կարմրեցան, անոր գլուխը զոր կարելի էր այլեւս գանկը կոչել, գրեթէ կորսնցուցած էր մազերը, այնքա՜ն երկար օրեր եւ այնքա՜ն տաժանելիօրէն շփուեր էին բարձերուն։

— Ա՜խ… ա՜խ… կրկնեց սրտագին հառաչանքով, աս ի՞նչ ցաւ էր որ դարմանը չգտանք, անցնող թռչունէն ճար սպասեցի, անցնող ամպերէն դարման յուսացի՜… Ա՜խ… ա՜խ ինծի կը սիրէք նէ, աղօթք ըրէք որ ալ չքաշեմ… ալ օր մը առաջ տեղս տեղաւորուի՜մ…

Բազմոցին միւս անկիւնը աւելի տժգոյն, աւելի կզկտուած, պառաւին դէմքը կարծես պիտի հալէր ու անհետանար սեւերուն մէջ, ա՛յնքան անիկա ողողուած էր արցունքներով, թէեւ ոչ իսկ պզտիկ հեծեծանք մը կը թռէր անոր խորը ինկած շրթներէն, որովհետեւ խեղճ կինը շատոնց է որ վարժուեր էր անշշուկ արտասուելու, աղջկանը ուշադրութիւնը չգրաւելու համար։

Երանիկ հանըմ խռովեցաւ այս հոգեկան եւ ֆիզիքական սոսկալի տառապանքներուն ի տես. շփոթ կերպով մը զգաց թէ չքաւորութեան բռնաւոր լուծէն դուրս կան նաեւ ուրիշ ցաւեր, անդարմանելի վիշտեր. ու կարծես անոր մտածումներուն պատասխանելու համար հիւանդը կ՚ըսէր մահամերձի ծանր, պղտոր եւ խռովիչ ձայնով.

— Ճիտէս տոպրակ կախէի, դուռնէ դուռ մուրայի, աս տէրտին տիւշկիւն չըլլայի՜, ա՜խ… ա՜խ…

Կրկին անգամ հազի տագնապը խափանեց ձայնը ու անիկա այնքան ուժգնօրէն կը ցնցուէր որ կմախացած անդամները կը ցաւէին եւ շնչասպառ եղած, ձայնը հազէն խռպոտած, ճիչէր կ՚արձակէր «ա՜յ… ա՜յ…», մինչ մայրը կը նայէր գլուխը ձգտած, կարծելով թէ աղջկան վերջին գալարումն էր, ու անկարող ոեւէ օգնութիւն ընելու անոր, շատոնց ի վեր սպառած ըլլալով բոլոր ամոքիչ միջոցները։

— Աստուած առողջութիւն տայ, Զարուկ հանըմս՚ կ՚աղէկնաս, մէկ օրուան մէջ քաշածներդ կը մոռնաս… մնաք բարով։ Աստուած քեզի ալ ուժ ու զօրութիւն տայ, տո՛ւտու…

Հիւանդը հազի տագնապէն ետքը, տեսակ մը ապուշ թմրութեան մէջ ինկած, ընդլայնած աչքերով կը նայէր հիւրին առանց բան մը հասկնալու. ականջները կը բզզային եւ խոռոչացած կոպերուն վրայ կանգ առած երկու արցունքի կաթիլներ, որոնք ժայթքեր էին իր հազալու համար ըրած ճիգէն, արեւներու պէս կը փայլէին իր զառանցող աչքերուն, երբ կ՚ուզէր նայուածքը անդին դարձնել, միջոցին մէջէն արագօրէն կ՚անցնէին լուսեղէն պղպջակներ, ու այլեւս չէր գիտէր թէ ականջներու բզզի՜ւնն էր, թէ աչքերուն առաջքը պարող լուսեղէն պղպջակներն էին որ կը զգար. մտի՞կ կ՚ընէր. թէ կը նայէր. որովհետեւ իր տեսողութեան եւ լսողութեան մէջ տարօրինակ շփոթութիւն մը առաջ եկած էր եւ ասիկա անանկ դաժան էրեւոյթ մը կուտար հիւանդին որ Երանիկ հանըմ խորհեցաւ.

— Հոգէառները կը տեսնայ կո՜ր… վա՜յ գլխուն։

Ճշմարտապէս փղձկած էր, բայց աճապարեց մէկնելու ինքն ալ տժգուներ էր եւ գլխու պտոյտ մը զգար եւ զղջաց եկած ու այդ ահռելի պատկերը տեսած ըլլալուն, բայց քանի՛ քալեց ձմեռնային գաղջ արեւին ներքեւ, ա՛յնքան հետզհետէ իր գործնական կնոջ բնազդները յաղթահարեցին եւ կազդուրուեցաւ, որոշեց որ Եւփիմէին չհաղորդէ մանրամասնութիւններ, որպէս զի անոր հոգին ալ չպղտորի եւ հետզհետէ նոյն իսկ ուրախացաւ մտածելով թէ վարպետին կնիկը իրաւամբ շատ երկար չէր կրնար քաշել։

Երբ տուն մտաւ, դեռ չհանուած, նոյն իսկ գլխուն քօղը չհանած, նստեցաւ բազմոցին վրայ ու աղջկանը հարցական նայուածքին պատասխանեց.

— Լմնցած բան է, ալ հող կը հոտի կոր, այս գիշեր կ՚անցնէ չանցնէր բան մը։

Շրթները չորցած էին եւ ձեռքերը թեթեւ մը կը դողային, բայց հետզհետէ սիրտը լեցուեցաւ յոյսերով եւ ուրախութեամբ. աղջիկն ալ գոհ էր եւ անոր ամէն մէկ շարժումներուն մէջ կը զգացուէր տեսակ մը տենդագին ոգեւորութիւն։

Պահ մը ետքը երբ դէմ դիմաց կը բանէին, ալ եւս իրենց մտքին մէջ առատութեան եւ հանգստաւէր կեանքի հեռանկար մը ունենալով, գործը ծանր կուգար իրենց, կ՚անիծէին ու կը հայոյէին.

— Կրողը տեսնայ երեսնիդ, աս ի՛նչ րէսիմներ են։

— Չարի պէս, ամէն ատեն ճերմակ զէմին կը ղրկեն։

— Ճերմակն ալ թերմաշ մնայ, կարմիրն ալ։

Բայց անոնց ձեռքեըր արագ արագ կը շարժէին, կարծես թէ ո՛րքան աճապարէին, ա՛յնքան շուտով պիտի ելլէին չքաւորութեան դժոխքէն եւ այն թշուառութիւնը, որուն մէջ ապրած էին ցարդ, այնքան մռայլ, այնքա՛ն ցրտին եղած էր որ անկէ ազատելու իրենց անհամբերութեան մէջ չէին անդրադառնար թէ գերեզմանաքար մըն էր այն պատուանդանը որուն վրայ կոխելով պիտի բարձրանային, կեանքի արեւը եւ լոյսը վայելելու։


Է.
Տագնապը


Խաչիկ անձնատուր եղեր էր իր յուսահատութեան եւ քանի՛ օրերը կ՚անցնէին, ա՜յնքան այդ յուսահատութիւնը դառն ու դաժան կը դառնար. անոր խոժոռ դէմքին վրայ այլ եւս երբեք ժպիտը չէր երեւար ու անիկա կ՚անցնէր փողոցներէն հետզհետէ աւելի խորասուզուելով իր մռայլ տրամադրութիւններուն մէջ։ Ո՞ւր կ՚երթար, ի՞նչ կ՚ընէր… ոչ ոք գիտէր, ինքն ալ չէր գիտէր. կ՚երթար մօտակայ դաշտերը եւ բլուրները, կարծես փախչելով իր սեփական ցաւէն. կարծես կը փափաքէր որ օր մը, վերջապէս մոլորելով իր ամենօրեայ ճամբաներէն՝ ուրիշ ճամբաներու մէջ իյնար, հեռանար իր դժբաղդութեան սեւեռակէտէն ու այլեւս չգտնար իր ծանօթ թաղերը, ուր ամէն մէկ փողոցի անկիւն, ամէն մէկ պատուհան, ամէն մէկ քար, կա՛մ իր ցաւը կը հեգնէր եւ կամ զայն կ՚աղաղակէր բարձրագոչ։

Եկան օրեր երբ եղերական ձայներ, ոճիրի հրաւէրներ պաշարեցին զինքը. զառանցական գիշերներու մէջ ելաւ կանգնեցաւ, խարխափելով գնաց մինչեւ դուռը եւ փնտռեց ինքնիրեն թէ ի՞նչ անդիմադրելի բնազդ զինքը կը մղէր դէպի հոն դէպի իր սիրականը որ այլեւս չէր սիրեր զինքը։ Երբեմն ալ վատթարացած, տժգոյն եւ դաժան, յօնքերը պռստած իր սեւ եւ խիստ աչքերուն վրայ, հոգեկան թուլութիւններու անձնատուր եղաւ. անիկա ճաշակեց գաղտնաբար արտասուելու, հեծեծանքները խեղդելով արտասուելու խորունկ եւ տխուր քաղցրութիւնը եւ երբ զգաց թէ իր սիրտը ճնշուած էր ահագին եւ ճմլող բեռի մը տակ, գիտակցեցաւ որ շա՜տ, շա՜տ տառապելու այդ կարողութիւնը կը յայտնաբերէր իր խառնուածքին հզօր ազնուականութիւնը։ Այս պատճառաւ էր թերեւս որ անիկա անմիջապէս չմղուեցաւ ո եւ է գաղթակղութիւն ընելու, ինչպէս կը սպասուէր իրմէն. անիկա ինքզինքին անարժան համարեց երթալ նոյն իսկ իր նախկին նշանածին ցուցադրել իր մեծ վիշտը ու գոռ եւ բռնաւոր հպարտութիւն մը բարձրանալով իր խորտակուած երազներուն մէջէն զօրավիգ եղաւ իրեն, զինք կազդուրեց ու պահպանեց ծայրայեղ վարմունքներէ։

Բայց երբեմն իր հոգին ու մարմինը կը տկարանային. կարծես ուրիշ անձ մը կը ցցուէր յանկարծ իր տառապանքով մաքրագործուած էութեան մէջէն ու անիկա էր կարծես բուն իսկ ինքը. ընտանի էր ասոր կերպերուն, բառերուն, հայոյութիւններուն. գէշ օրեր էին ատոնք։ Առաւօտէն մինչեւ իրիկուն Խաչիկ, որ այլ եւս հրաժարած էր որ եւ է աշխատութենէ, քէօռ գինով, կը հայհոյէր ու կը խմէր մինչեւ որ գինեպանները զինքը վտարէին իրենց կրպակներէն. վա՜յ անոր, որ համարձակէր հեռաւոր ակնարկութիւն մը ընել իր վիշտին, իր սիրած աղջկան, առանց ասոր ալ կռիւ կը փնտռէր արդէն, ակռաները կը կճրտացնէր ու այնպիսի կատաղութիւնով մը լեցուն կ՚ըլլար որ ամէնէն խապատայիները հեռու կը կենային. յաճախ սակայն, ինքը կ՚ըլլար նախայարձակը ու այս շան կռիւներէն հագուստները պատռտած, աչքերը մոլորուն, շրթները սպառնալիքներով դողդողջուն, ձեռները պատրաստ հարուածելու, կ՚անցնէր փողոցներէն՝ արձակելով իր եղերական, դժնդակ ու երկարաձիգ նաղարան, չարագուշակ վայիւն մը պէս։

Շատերը մանաւանդ իր արհեստակիցները կը մեղքանային զինքը եւ մեծ համբերութեամբ կը կրէին իր էրած սրտով մարդու կռուազանութիւնները, հայհոյութիւնները եւ նոյն իսկ հարուածները. սրտառուչ համերաշխութեամբ մը զինքը կը պարուրէին խնամքով եւ գորովանքով, իսկ տարէցները կը փորձէին զայն մխիթարել.

— Խաչի՛կ, օղլում, ամենուն գլխէն տաք ու պաղ անցեր է. սիրտդ կէնիշ բռնէ, քեզի պէս կտրիճին թող ձեռքերը պագնեն՝ անանկ աղջկան տան… ան չէ եղեր ուրիշ մը. անուշ աչքը մէկ դէմքի վրայ չվառիր եա՜… պուճախ, պուճախ ինչեր կան տահա… խըսմէթ չէ եղեր ըսէ, վէսսէլա՜մ։

Անիկա կոյրի, հոգեվարքի, գինովի տարտամ եւ չտեսնող նայուածքով մը կը նայէր խօսակցին, գլուխը կը շարժէր եւ եթէ ո եւ է զգացում թափանցէր իր հոգիին, հակազդեցութիւնը այնքան ուժգին կ՚ըլլար որ ամբողջ մարմնովը կը դողար ու ակռաները իրար կը զարնուէին։

Այս խորունկ եւ անմխիթարելի վիշտին հանդէպ ամենքը ալ շուարեր մնացեր էին եւ նոյն իսկ օտարները, ոմանք զինքը մեղքնալով, ոմանք ալ իր զայրոյթներէն սոսկալով, բան մը ըրած չէին անցած դարձածի մասին։

Յակոբճան աղայի կինը երեք շաբաթէ ի վեր մեռած էր արդէն ու կիրամուտքին իսկ Տիկին Երանիկ ու աղջիկը գացեր էին վարպետին տունը, անոր զոգանչին օգնելու պատրուակաւ։ Սկիզբները ոչ ոք անբնական գտաւ ասիկա, նոյն իսկ մեռնողի մայրը հանդուրժեց իրենց ներկայութեան. անոր անյատակ ու խորապէս վշտագին հոգին արդէն այլեւս չէր հետաքրքրուեր աշխարհային իրերով եւ անցուդարձերով ամէն ատենէ աւելի ինքն իր վրայ կզկտուած, անիկա իր կսկիծով մորմոքուն, նոյն իսկ այլ եւս արցունք չունէր թափելիք։ Մխիթարութեան բոլոր աղբիւրները չորցեր էին իրեն համար ու նոյն իսկ Աստուած կը բացակայէր իր հոգիէն, որովհետեւ հակառակ իր հինաւուրց ջերմեռանդութեան, հաւատքը կը խախտէր ու անիկա կը հեծեծէր երբեմն ոխերիմ շեշտով մը։

— Աստուա՜ծ, դուն ի՞նչ ուզեցիր ինծի պէս խեղճ կնիկէ մը, ես ի՞նչ էի ըրեր քեզի որ ինծի ասանկ կրակներու մէջ էրէցի՜ր… ինչի՞ս կ՚ապրիմ կոր, ինտո՞ր կ՚ապրիմ կոր… ա՜խ, ա՜խ… չոր գլուխս մոռցար, կէնճ ու կանաչ զաւակներս առիր ձեռքէս… ինչո՞ւ տուիր, ինչո՞ւ առիր, ա՜խ… ա՜խ…

Երբ սգաւոր մօրը ձայնը բարձնանար, Երանիկ հանըմ կը փութար քովը, կը ջանար զայն մխիթարել։

— Ո՞վ քեզի բան կ՚ըսէ, տուտո՛ւ, ցաւդ ծովի պէս մեծ է… ահա, անիկա պարտք մը ունէր, կատարեց, լուսերուն մէջ պառկի, մենք անոնց պիտի երթանք, ամէնքս ալ այդ ճամբուն ճամբորդն ենք. քանի մը տարի առա՜ջ, քանի մը տարի ե՜տք, ի՞նչ ֆարղ ունի… աշխարհս թագաւորներուն չէ մնացէր, ժամ մը առաջ տեղաւորուողը, ազատեր է։

Բայց տուտուն կը մերժէք այս մխիթարանքը. չէ՛, չէ՛, ինքը ինչո՞ւ ամէնէն առաջ ադ ճամբան չէր բռներ։

— Աչքերս քէօռնա՜ն. եավրո՛ւմ… արցունք թափելով հալեցայ, լմնցայ… սիրական աղբարդ առիր պառկեցար, ինծի ինչո՞ւ մինակ ձգեցիք հոս…

Այն ատեն Երանիկ հանըմ գերագոյն ջանքեր կ՚ընէր աւելի մեծ դժբաղդութիւններ գտնելու կը ճգնէր, որպէս զի անոնց բաղդատական սաստկութեամբը ամոքէ անմխիթար պառաւը, ու ակնարկելով աքսորի մէջ մեռած երիտասարդի մը, փորձառու եւ գիտակ կնոջ լրջութեամբ, կ՚ըսէր եռանդով։

— Նորէն, դուք առիք հիւանդնիդ նստեցաք, հոգով մարմնով նայեցաք, բաղաղ բարձի վրայ աչքերը գոցեց, ձեռքովնիդ սուրբ հողը դրիք, ամէն կարգ ու կանոնը պակաս չըրիք։ Միհրդատին մայրը հոգի չունի՞ որ ամէն տաղաւարի գերեզմանատուն կ՚երթայ, ուրիշներուն մեռելները կ՚առնէ կը նստի… գէշէն գէշը կայ, տուտո՛ւ, տահա ինչէ՜ր, ինչէ՜ր կան աս աշխարհիս վրայ… ամէն բան մեզի համար է…։

Յակոբճան աղա մեռելին երկրորդ օրն իսկ իր սովորական խաղաղութիւնը գտեր ու զբաղեր էր գործէրով. երկար ատեն գործերը սակաւ ըլլալէ ետքը, յանկարծ բացուեր էին ո՞վ պիտի մեղադրէր զինքը… լացող ողբով փոր չկշտանար։

Իրիկուընէ իրիկուն, ա՛լ տաղտկացած զոգանչին տխրութենէն եւ հեծեծանքներէն մինակ կը ձգէր զայն եւ Երանիկ հանըմին ու աղջկանը հետ կը քաշուէին պարտէզին վրայի սենեակը, օղիին ափսէն շտկուած կ՚ըլլար. կը խմէին ու հետըզհետէ կը զուարթանային…։ Առաջին օրերը Յակոբճան աղա զօրով խմեր էր օղին, պնդեր էին բարեկամները, որպէս զի անոր վիշտը փարատի, ու անիկա խմեր էր լռին ու աչքերը խոնարհած. բայց եւս իր մանր աչքերը կը բարձրանային ու կը ժպտէին։ Եւփիմէին ներկայութիւնը տանը սուգը տեւական տօնի մը կը փոխէր. ան ի՜նչ աչքեր էին… օ՜ֆ, օ՜ֆ… ու խօսքով կատակներուն յաջորդեցին ձեռքի կատակնէր, ամիսներէ, տարիներէ ի վեր Յակոբճան աղա ցաւի ցեցի մէջ էր մնացեր ու հիմակ, հակառակ իր աւշային խառնուածքին ծուլութեանը, տարթանքի անզուսպ խոյանքներ կ՚արթնցնէին զինքը։ Նոր արիւն մը շրջան կ՚ընէր կարծես իր երակներուն մէջ. իր պաղ եւ աննշան աչքերը կը քաղցրանային ու սովորաբար դանդաղ միտքը այնքան սուրցած էր ո եւ է առիթ չէր փախցներ ակնարկութիւն մը ընելու, խօսք մը նետելու։

Շաբաթ մը մայր ու աղջիկ, Յակոբճան աղան պարուրելէ ետքը այնպիսի հրապուրանքի ցանցի մը մէջ, ուրկէ աւելի կորովի մարդիկ իսկ դժուարաւ իրենց հոգին կ՚ազատեն ելան տուն դարձան։ Ձեւի համար, նորէն բանելու, գործ ուզեցին եւ առանց ուշադրութիւն ընելու տայիին դիտողութիւններուն, սպասեցին։ Յակոբճան աղա չէր կրնար այլ եւս իրեցմէ բաժնուիլ։ Առաւօտէն մինչեւ իրիկուն սապէս նապէս կ՚անցնէր բայց հազիւ թէ մութը կը կոխէր անոր ոտքերը կ՚էրթային դէպի Եւփիմէին տունը. այլ եւս հոգ չէր ընէր ո եւ է պատրուակ փնտռելու իր այցելութեանց. մայր ու աղջիկ առաջուց օղիին ափսէն կը շտկէին, կը դնէին մէջտեղ ու երբ վարպետը կուգար, կը խմէին եւ կը զուարճանային. առաջին օրերը իրենց քրքիչները զսպեցին, բայց հետզհետէ անոնց շեշտը բարձրացաւ, դուռ դրացի իրար անցան։ Տային թէեւ նախապէս դժկամակեցաւ, սակայն հետզհետէ տեղի տուաւ ու դուրսը, իր ընկերներուն աչքին դիրք մը բռնելու համար չէր դադրէր գանգատելէ եւ պախարակելէ, քոյրն ալ վարպետն ալ։

— Կնիկ ըսածդ աճայիպ է՜… ի՞նչ խելքի կը ծառայէն, ո՞վ գիտէ…

— Վարպետը քրոջդ աղջիկը պիտի առնէ եղե՜ր… անանկ կ՚ըսեն կոր.

Տային իբր արհամարհանքի գերագոյն արտայայտութիւն մէկ կողմ կը դառնար. կը թուքնէր եւ ոտքը վրան կը քսէր.

— Թո՜ւ… շէքէրը շան բերան ինկեր է. աղջկանը մեղք չէ՞… վարդի ֆիտան կ՚ըլմանի…։

Բայց ամենէն աւելի զայրացեր ու փրփրեր էին թաղին կիները, կարծես հասարակաց վնաս մը կար այդ ամուսնութեան մէջ, անոնք ալ մեղադրէին թէ՛ մէկ եւ թէ՛ միւս կողմը։

— Հայտէ՛, կը գոչէին արհամարհանքով, ամօթ չէ՞… տահա կնկանը պատանքը չէ պատռած…

Կրկին ամուսնութիւնը թէեւ օրէնքով արտօնուած, միշտ անարժան եւ անվայել բան մը համարուած է ժողովուրդին մէջ ու ասիկա անանկ խորունկ զգացում մըն է որ Եւփիմէ ու մայրը թէեւ կը զայրանային իրենց դէմ ըսուածներուն համար, բայց արդարացի կը գտնէին, խորհելով թէ իրենք ալ իրենց կարգին այսպէս պիտի վարուէին, արդէն սկսած էին ընկրկումի շարժում մը ուրուագծել, բայց ա՛լ ուշ էր. ասչափ խօսուելէն ետքը Եւփիմէն ո՞վ կ՚առնէր, ու քանի՛ կը զգային թէ աս ու ան իրաւունք ունին, այնքան աւելի անպատկառօրէն կը մխրճուէին զայթակղութեան մէջ։

Իրիկուն մը, Խաչիկ որ իր գէշ օրերէն մէկուն, գէշ մէկ ժամուն մէջ կը գտնուէր, անսպասելի կերպով իմացաւ պատահածը. հովարտային մէկը գինետուն մտնելով եւ Խաչիկը գտնալով հոն գրեթէ նստարանին վրայ գլտորած, գնաց մօտը, դրդեց զայն ու անոր քնատ աչքերուն մէջ նայելէն, որոնք օղիէն թէ վիշտէն մարած էին, ըսաւ յանկարծ…

— Ծօ՛, Խաչի՛կ, քուկինիդ տունին առաջքէն անցայ, հարսնի՞ք ունին ի՞նչ ունին, վերէն վար տունը լուսերու մէջ կը վառէր կոր։

Գինետան մէջ պահ մը խոր լռութիւն տիրեց ու ամենուն աչքերը ուղղուեցան դէպի Խաչիկը՝ սոսկալի պոռթկումի մը սպասելով. բայց անիկա իր ծանր ու ընդարմացած գլուխը կրկին դրաւ սեղանին վրայ. ոչ իսկ հառաչանք մը արձակեց. իր խռպոտ եւ հեւացող շնչառութիւնը կարծել կուտար թէ կը քնանայ. պահ մը ետքը զայն մոռցան ու ամէն մէկը զբաղեցաւ իր տէրտը մարեցնէլ օղիի մէջ. ժամ մը անցաւ, էերեւս աւելի. շատերը արդէն մէկնած էին, կը մնային գինետան մէկ քանի հաւատարիմները. ոմանց դէմքերը մռայլ ու խոժոռ էին, բայց մէկ երկուքին զուարթութիւնը աղմուկով եւ եռանդով կը լեցնէր սրահը. երբեմն մոռցուած անկիւնէ մը խորունկ եւ սրտագին հառաչանք մը կ՚արձակուէր, «օ՜ֆ… օ՜ֆ…» երբեմն ալ թրքական երգի ծուէն մը դողդողալով կ՚երկարաձգուէր ծուխով եւ անախորժ հոտերով տոգորուած սրահին մէջ։

Յանկարծ, Խաչիկ, զսպանակէ մը մղուածի պէս ելաւ, կանգնեցաւ, ուզեց քալել, բայց իր թուլիկ սրունքներուն վրայ դեդեւեց ու մէկ կողմին ծռած՝ լորձունքոտ բերանը անհասկնալի վանկեր թոթովեց. բայց անիկա իր առաջին տկարութեան յաղթահարելով, իրանը օրերելէն կանգնեցաւ, մէջքին գօտին սեղմեց, աչքերը շրջեց զառանցող մարդու պէս ու նետուեցաւ փողոց… անիկա կը քալէր, ինչպէս կը քալէն երազի մէջ. կզակը սեղմած, բռունցքները պնդացուցած ու ամբողջ էութիւնը պրկած գերագոյն ճիգի մը մէջ. ու անիկա կ՚երթար առանց գիտնալու թէ ո՞ւր, առանց գիտնալու թէ ի՞նչ բանի, բայց անիկա կ՚երթար. համոզուած որ այլեւս աշխարհիս վրայ ոչ մէկ տեսակ ուժ չէր կրնար զինքը կեցնել…


Ը.
Վերջին ակնարկը


Յակոբճան աղա իմանալով որ այդ օրը Եւփիմէին տարեդարձին օրն է, մոռնալով իր սուգը եւ մոռնալով ամէն պատշաճութիւն, ընդուներ էր Երանիկ հանըմին հրաւէրը ու որոշեր էին իրենք իրենց զուարճանալ։

Քանի օրերէ ի վեր երկու գործաւորուհիները չէին աշխատէր ու պարտք պարտքի վրայ կը դիզուէին, որովհետեւ Յակոբճան աղա չունէր Խաչիկի սիրաբուխ առատաձեռնութիւնները եւ երկու կիները, նոյն իսկ առօրեայ ծախքերու համար մէծ դժուարութիւններու կը հանդիպէին։ Բայց զանազան կարգի նրբահամ մէզէներէ՝ Յակոբճան աղա հետը բան մը չէր բերեր եւ Երանիկ հանըմ որ այնքան ծակաչք եղեր էր Խաչիկին նկատմամբ, որ արհամարհեր էր մասնաւորապէս անոր չքաւորութիւնը, ընդհակառակը մեծ լայնսիրտութիւն մը կը յայտնէր վարպետին նկատմամբ։

— Կը վախնայ որ մեզ կը վշտացնէ, կ՚ըսէր Եւփիմէին երբ վայրկեան մը կ՚անդրադառնային նոր կացութեան վրայ։ Յետոյ, վերջապէս որոշեցին քաջութեամբ փարիլ աշխատութեան եւ սպասել. ապագան յոյսերով լեցուն էր, ի՜նչ փոյթ այսօրուան քաշած նեղութիւններնին։

Բայց ի՛նչքան դժուարութիւններու յաղթել հարկ եղած էր այդ երեկոյթին պէտք եղածը ճարելու, ծայրը ծայրին բերելու համար։ Անհրաժեշտ էր նաեւ նոր հագուստ մը շինել Եւփիմէին՝ անոր գեղեցկութիւնը իր լրումին մէջ յայտնելու համար ու Երանիկ հանըմ ջանք չխնայեց. նոյն իրիկունն իսկ երբ լամբաները կը վառէին՝ դեռ ճարելիք բան կար, դեռ պակաս կար լրացնելիք, բայց վերջապէս երբ Եւփիմէ օղիին սեղանը կը շտկէր, մայրը անոր հասակն ի վեր նայելով ըսաւ գոյունակութեամբ։

— Եւփիմէ՛, Աստուած տուն շինողին, աղջիկ կարգողին հետ է… թուքով մուրով ճարեցինք ամա ամէն բան կարգին է…

Մութը իջնալէն քիչ ետքը Յակոբջան աղա եկաւ երկու երգեցիկ տղոցմով, որոնք տօն օրերը շարական եւ գիշերները թրքական երգեր կ՚երգէին։ Ուրիշ հրաւիրեալ չունէին, բայց իրենց երեկոյթին շքեղութիւն տալու համար բոլոր լոյսերը վառեր էին եւ տունը իր բոլոր պատուհաններով լուսազարդուած էր։ Քանի ժամերը կը սահէին, կ՚անցնէին, այնքան երեկոյթը կ՚ոգեւորուէր. երգողներուն ռնգային եւ ծեքծեքուն ձայնը երկարաձգուելով յուզումը կը բարձրացնէր սրտերու մէջ։ Եւփիմէ իր նոր շինած վարդագոյն շրջազգեստի մէջ թագուհիի մը պէս փքացած, նստեր էր մէկ կողմ ձեռքը ձեռքին, ու իր կայծկլտուն աչքերը կը պտտցնէր Յակոբճան աղաին ու երգող տղոց վրայ։ Մարտիկ տային մուշտակը հագած բազմեր էր անկիւնը եւ վերջնականապէս համակերպած կ՚երեւէր իրաց նոր վիճակին եւ եթէ երբեմն կը խորհէր որ եղածը անհամ բան մըն էր, անմիջապէս իրեն հրամցուած նրբահամ մէզէ մը իր հայեցակէտը կը տեղափոխէր։

— Ատա՜մ, ինչո՜ւս պէտք, ինչ կ՚ուզեն՝ ան ընեն…

Երանիկ հանըմ անհանգիստ ու տենդագին կը պտուտքէր ամէն կողմ, հաճոյակատար եւ սիրալիր, բայց ջղագրգռուած, որովհետւե մտադիր էր այն իրիկունն իսկ խօսք բանալ վարպետին՝ աղջկանը հետ ամուսնութեան մասին եւ գործը բանի մը կապել. որքան որ վստահած էր թէ Յակոբճան աղա խորապէս հրապուրուած էր եւ, իբր գիտակ կին, ապահով էր թէ այդ վատուժ եւ անկարող մարդը չէր կրնար դիւրաւ ազատիլ այդպիսի հրապուրանքէ։ Սակայն եւ այնպէս կ՚ուզէր անոր բերնէն խօսք առնել եւ գործը վերջացնել. մինչեւ այն ատեն իրենց մասին խօսող չէր եղած, պարկեշտ մարդիկ համարուած էին ու ամէնքն ալ ներքնապէս կը տանջուէին այն բոլոր բանբասանքներուն համար որոնց ծանրութեան ներքեւ կը զգային ինքզինքնին. ամէնքն ալ տարբեր տարբեր տեսակէտներով կը զգային թէ իրենց ճամբաներէն շեղած են, թէ մոլորումի մը մէջ են, բայց կը զգային միանգամայն որ այլ եւս կարելի չէր ետ դառնալ։ Այս զգացումը, հանրային կարծիքին եւ ինքզինքին հանդէպ անարժան դարձածի զգացումը թէեւ կը պղտորէր ամէն մէկի հաճոյքը, բայց այդ բանէն իսկ խուսափելու համար կարծես հետզհետէ աւելի սանձարձակ կերպով մը առաջ կը մղուէին։ Իսկ Խաչի՜կը… այնքա՛ն կատարելապէս մոռցած էին զայն, ինչպէս եթէ բնաւ գոյութիւն ունեցած չըլլար եւ հետեւաբար ո եւ է խղճահարութիւն չունէին այն չարիքին համար զոր անոր կը պատճառէին։

Կէս գիշերը մօտեցած էր. երբեմն, տային զոյգ վարագոյրներուն մէջտեղէն կը նայէր դուրսը՝ անսալով իր հին սովորութեան, որովհետեւ եազմաճիներու համար օդին պայծառ կամ պղտոր ըլլալը մեծ նշանակութիւն ունի։ Դուրսը կ՚անձրեւէր մեղմօրէն, բայց ամպի սեւ վէտվէումներու ընդմէջէն ցանցառ աստղեր կը պլպլային ու կը մարէին. դրացի տուներուն լոյսերը մարեր էին եւ միայն իրենցը կը պսպղար մութ փողոցին մէջ լուսեղէն հետք մը ձգելով. երգող երիտասարդները հետզհետէ աւելի եռանդով կը ձգէին իրենց ձայները ու Յակոբճան աղա, շրթները խոնաւ, թուշը իւղոտ, աչքերը կծկումէն մանրացած, կը նայէր Եւփիմէին գինովի անգիտակից եւ անպատկառ նայուածքոմ։ Յանկարծ, սոսկալի շառաչիւն մը ընդոստ ոտքի հանեց ամէնքը։

— Աստուածամա՜ր… գոչեց Երանիկ հանըմ ու ոտքերուն առջեւ ընդունեց հովը ներս խուժելով մարեց լամբերէն մէկը եւ ահա խուճապէ բռնուած ամէնքն ալ փախան սենեակէն. երկրորդ շառաչիւն մը, երրորդ մը… քարկոծուած տունը կը թնդար իր ամէն կողմերէն… դրացիներ արթնցած կը գոչէին, չհասկնալով եղածը. Եւփիմէ մոմի պէս ճերմկցած, երկու ձեռքով սիրտը բռնած, ապշահար աչքերով կը նայէր մօրը որ ա՛լ աւելի սարսափած, կ՚աղաղակէր էրիկ մարդոց.

— Ոտքերնիդ պագնեմ, հասէ՛ք, բան մը ըրէ՛ք… տունս պիտի կործանէ։

Ամէնքն ալ հասկցեր էին թէ որո՛ւն գործն էր ասիկա եւ այդ իսկ պատճառով թերեւս, սարսափէ պապանձած ու քարացած կը մնային. փողոցին մէջ սակայն, ժխորը կը շատնար, մարդիկ հասեր էին եւ ահա մեծադղորդ աղմուկով զարկին դրանը։

— Աս ի՜նչ տուն է պէ՜… կը գոչէր Յակոբճան աղա՝ ինքզինքը զայրացած ցոյց տալով, կեցի՛ր նայիմ…

Ու մէկ կողմ հրելով Եւփիմէն՝ կը ջանար խոհանոցին ճամբէն ու պարտէզի դռնէն փախուստ տալ։ Եւփիմէ հասկցաւ բոլոր վտանգը ու ծառացաւ Յակոբճան աղաին դէմ։ Անիկա այս սոսկալի կացութեան մէջ վերջապէս գտեր էր իր պաղարիւնութիւնը եւ իր բնածին կորովը ու թէեւ նողկանքով կը նայէր վարպետին երկչութեանը վրայ, բայց չէր ուզեր զայն ձեռքէ հանել. զգալով անոր բոլոր ցածութիւնը ու հոգեկան ստորնութիւնը, արագ հակակշիռ մը ըրաւ եւ գիտակցեցաւ իր գերազանցութեան ու այդ վայրկեանէն իսկ տէրը դարձաւ անոր։ Իր գերագրգռուած աչքերը սեւեռած անոր խուսափուկ նայուածքին, Եւփիմէ իր վարդագոյն հագուստը մէկ ձեռքով հանգրիճած կողին վրայ, միւսով կ՚արգիլէր Յակոբճան աղաին փախուստը. անիկա այլեւս չէր զիջեր կատուազգիի ճկունութիւններով վարպետը համոզելու. այլ բռնի կը զսպէր ու կը կեցնէր զայն իր ամուր դաստակին ջլապնդուած կորովովը։

— Հէլպէթ բան մը կայ մէջերնիդ քի եկեր է խաղքութիւն հանելու, ըսաւ վերջապէս Յակոբճան աղա, յանդիմանական շեշտով…

— ՉԷ՛, վարպե՛տ սո՞ւտ պիտի ըսեմ։

Յանկարծ իր կանացի աչքերը փայլատակեցան, ծռեցաւ Յակոբճան աղային ականջին ու յուզումնալի ձայնով՝

— Շիտակը կ՚ուզես նէ երկու ոսկի առնելիք ունի, ատ է եղածը…

Յակոբճան աղա կեղծ նայուածքով մը նայեցաւ Եւփիմէին, պահ մը վարանեցաւ որոշումի մը վրայ եւ յետոյ ուսերը ցնցեց անփութութեամբ…

Տային վերջապէս թաղին գօմիսէրին ձայնը առնելով փութաց դուռը բանալու եւ տեսնելով որ Խաչիկ ոստիկաններէ բռնուած էր, դռանը առջեւ կեցաւ եւ կը նայէր անոր յուսահատական ոգորումներուն. ամէն պատուհաններու եւ ամէն դռներու առջեւ լոյս բերուած ըլլալով՝ փողոցին մէջ ցորեկի պէս կը տեսնուէր եւ թաղեցիները իրենց տուները քաշուած ականատես կ՚ըլային այս հրեշային եւ անհաւասար պայքարին։ Չորս հինգ ոստիկաններ կը ջանային զսպել Խաչիկը եւ ուրիշներ անխնայ կը ծեծէին զայն. արիւնը կը վազէր անոր ճակատէն, վիզէն, ձեռքէն, հագուստները պատռեր էին եւ կապուտցած միսերը կը ցցուէին դուրս, վէրքոտած եւ արիւնոտ՝ անիկա խելայեղօրէն կը պայքարէր եւ անմիջապէս որ մէկ ձեռքը ազատ էր՝ իր վիրաւորած բռունցքով կը հարուածէր իր կարգին ու ոստիկանները կը սուլէին, պահապանները այսահարներու պէս կը կանչէին ու ամբողջ թաղը լեցուած էր չարագուշակ ու քստմնելի ժխորով մը։

Եւփիմէ եւ Յակոբճան աղա, իրենց կարգին ապահովուելով, երբ դրանը առջեւ եկաւ, Խաչիկ այլեւս շնչասպառ, գլտորած էր գետին, ու ցեխերուն մէջ ոստիկաններուն ներբաններուն ներքեւ կը տապլտկէր՝ անգամ մըն ալ նայելու համար Եւփիմէին, որուն ներկայութիւնը ընդնշմարած էր։ Հիմակ այլեւս սթափեր էր եւ կը զղջար ըրածին՝ ո՛չ թէ հարուածներ ընդունելուն, այլ Եւփիմէն վախցուցած, անոր սիրտը կոտրած ըլալլուն համար. ու կ՚ուզէր իր վերջին նայուածքին մէջ դնել իր բոլոր խղճահարութիւնը եւ ինքզինքը անոր հանգիստին զոհելու իղձը… այն պահուն որ վերջապէս յաջողեցաւ իրանին վրայ գլուխը բարձրացնելով նայիլ Եւփիմէին, Յակոբճան աղա անոր ականջէն բան մը կը փսփսար ու Եւփիմէ անպատկառօրէն եւ պչրանքով կը ժպտէր անոր…

— Վա՜յ… վա՜յ… վա՜յ…

Սոսկալի, եղերական աղաղակ մը վայեց Խաչիկին հոգիին մէջ ու իրեն թուեցաւ որ աշխարհ լեցուած է այդ վայիւնով. ակնթարթի մը մէջ զարմանալի հակազդեցութիւն մը առաջ եկաւ Խաչիկին խոշտանգուած էութեան մէջ. անոր հոգւոյն մէջ թափանցեցին շատ մը բաներ միանգամայն, որոնց արգելք եղած էր մինչեւ հիմա իր թանձր մարմինը. անոր հոգին կարծես թեւեր ստացաւ, վերացականացաւ ու նոր ոլորտի մը մէջ մտաւ. անպատմելի եւ խռովիչ դղրդիւնով մը անիկա գիտցաւ անիրաւ տեղը չարչարուելու ըմբոստութեան հետ, այդ չարչարանքը կամովին կրելու ամենաքաղցր եւ գրեթէ հեշտագին յուզումը գիտցաւ մարդոց անպատմելի վատութիւնը ու այդ գիտակցութեան առթած ազնուական դառնութիւնը բայց մանաւանդ, աչքերը սեւեռած Եւփիմէի ճերմակ եւ սուր ակռաներուն, որոնք ժպիտով մը բացուած լեցուն եւ կարմիր շրթներուն մէջտեղէն անտարբերութեամբ կը խնդային, յանկարծ գիտցաւ թէ ի՜նչ անսպասելի, ի՜նչ դաւաճան, ի՜նչ անգիտակից վայրագութեան կարող է կին մը երբ այլեւս չի սիրեր։


ՎԵՐՋ


ՔՕՂԸ.
ՀԱՐԷՄԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԷ


Ամառուան առաջին գեղեցիկ օրերն էին. գարնան յամեցող գովութենէն կարծես ձանձրացած բնութիւնը մէկ քանի օրուան մէջ աճապարեր էր իր բոլոր շքեղութիւնը ստանալու։ Ջերմ եւ պայծառ արեւ մը կը շողշողար կապոյտ երկնակամարին վրայ եւ անոր ճառագայթներուն փայփայանքին ներքեւ Մարմարայի կուրծքը խտղըտալով կը փալփլեր։ Ոսկեղէն անձրեւ մը կը տեղար ամէն կողմ եւ մօտակայ սեւ նոճիներու գագաթներն իսկ արագ եւ բեկբեկ կայծկլտումներ կը փոխանակէին իրարու լուսաւոր եւ ակնախտիղ մշուշի մը մէջ Սթամպօլի սիլուէդը անօսրանալով եւ տեսիլքի մը պէս խուսափելով կ՚անէանար հեռաւորութեան մէջ։

Շոգենաւը ճերմակ փրփուրներու ակօսի մը մէջէն յառաջանալով կը մօտիկանար ասիական ափունքին եւ Սալաճաքի արուարձանը ամբողջովին կը պարզուէր արդէն աչքի առաջք՝ իր մանուածապատ եւ անձուկ շաւիղներով եւ փտած փայտի գոյն ու կարմիր կղմինտրներով ծածկուած տուներով, որոնք աստիճանաբար կը դիզուէին բլրակի մը կողին վրայ։

Ալի Հասան պէյ, գեղեցիկ եւ բարեկազմ զինուորական սպայ մը, ոտքի ելաւ եւ կանգնած սպասեց որ շոգենաւը հանդպի նաւամատոյցին։ Իր թխորակ եւ խրոխտ դէմքը բարութեան եւ քաղցրութեան հակամէտ կը թուէր՝ այն շեշտուող գերութեան պատճառաւ, որ կարծես լեցնելով դէմքին գիծերը, կորսնցնել կուտար անոնց խստութիւնը. իր աչքերը թեթեւ մը կարմրած կոպերու մէջտեղէն երազուն անստուգութիւն մը ունէին։ Լաւ սնած, լաւ հագուած եւ ամէն կարգի անմիջական հոգերէ զերծ մարդու անփութութիւն եւ ինքնավստահութիւն մը՝ իրեն հպարտ կեցուացք մը կուտար։ Հագեր էր ձիաւոր զօրաց յատուկ համազգեստը եւ մինչեւ ծունկերը կը կրէր դեղին կաշեայ մոյկեր։

— Աս ի՜նչ զուգադիպութիւն, պէ՛յս, ձայնեց մէկը որ վարի խուցերէն դէպ ի շոգենաւին կամրջակը կը բարձրանար։ Ի՞նչ բարեպատեհ առիթի կը պարտինք ձեր մեծութեան մեր խոնարհ թաղերը գալու դիտաւորութիւնը։

Խօսողը աստիճանակից սպայ մըն էր, նիհար, ջղուտ եւ արաբացիի մը նման թուխ. իր պղնձագոյն դէմքին վրայ պեխերը ձիւնի պէս ճերմկեր էին. բայց աչքերը պահած էին արծիւի սրատեսութիւն մը եւ հուրք մը։

Ալի Հասան իր ընկեարկցին ձայնը լսելով՝ ետեւ դարձաւ, մեծ սելամ մը տուաւ եւ փոխարինելով անոր քաղաքավարական չափազանցեալ բացատրութիւնները, խօսքերու եւ ձեւակերպութիւններու ապշեցուցիչ արագութեան եւ դիւրութեան մը մէջ, յայտնեց թէ Սալաճաք եկած էր՝ երթալ տեսնելու համար իրենց վաղեմի եւ ծերուկ աշխատաւորներէն մէկը որ անդամալուծուած էր եւ անկողնի կը ծառայէր։

— Ո՞րն է, պէ՛յս… թերեւս ես ալ յիշեմ։

— Իպրահի՛մը. ձեր մեծութիւնը գիտէ թէ անոր քոյրը իմ դայեակս եղած է եւ ինքն իսկ իմ հօրս հետ պատերազմի դաշտին վրայ գտնուելով լուսաղբար եղած են. այս այն Իպրահիմն է որուն շահաբեր գործ մը առաջարկուելով Րումէլի սահմանագլխին վրայ, մերժեց…

— Մերժե՞ց…

— Այո՛, իր ճերմակ մազերով գլուխը գետին խոնարհեցնելով նախարարին ոտքերուն փարեցաւ եւ արտասուագին աչքերով ըսաւ. «ես քու ստրուկդ եմ, եւ քու հրամաններուդ ենթակայ, բայց Րումէլիի սահմանագլխին վրայ, ո՜վ իմ տէրս, միայն բանակի մէջ եւ իբր զինուոր երթալու երդում ըրած եմ»։

Խորհրդաւոր եւ անխօս դառնութիւն մը երեւցաւ երկու սպաներու դիմագծերուն վրայ. ծերունի եւ ստորադաս Իպրահիմի հայրենասիրութիւնը զիրենք դղրդեց խոր, բայց շփոթ զգացումով մը. երկուքն ալ թերեւս ներքնապէս կը զգային որ իրենք ծերունի զինուորին — որ պարզ պայտար մը մնացեր էր զօրանոցին մէջ — փափկանկատութիւնը չպիտի ունենային եթէ պաշտօնի կամ աստիճանի բարձրացումով զիրենք ղրկէին Րումէլիի սահմանագլխին վրայ։ Տեսականօրէն երկուքն ալ ունէին դառն կսկիծ, երբ անդրադառնային այդ մտածումին, բայց կեանքը իր բարդ եւ տիրական պահանջները ունի եւ իրենց հայրենասիրական եռանդը կը կորսուէր տարտամ եւ բազմատեսակ ախորժակներու զգայնութեան մէջ։

Երկու պէյզատէները արագութեամբ մտածեցին այս բաներուն վրայ՝ երբ շոգենաւը արդէն հանդպած էր նաւամատոյց. ցանցառ ճամբորդներուն մէջէն լայն տեղ բանալով եւ մէջքերնէն վար կախուած սուրերը շխշխացնելով գետնին վրայ, յառաջացան եւ մտան փոշոտ ու նեղ փողոցներու մէջ։

Ալի Հասան իր ձեռքը բռնած ծրարը ցուցնելով՝ ընկերոջը ըսաւ.

— Նարինջ պիտի տանիմ հիւանդին։

— Ընկերանամ ձեզի, եթէ կ՚ուզէք, բայց ես ալ բան մը տանիմ Իպրահիմին։

— Անուշեղէնը կը սիրէ ծերուկը, ըսաւ Ալի Հասան, եկո՛ւր բակլավա ալ առնենք իրեն համար։

Սպաները շեղեցան իրենց ճամբեն եւ մտան շուկային մէջ. խիտ եւ մթին կրպակներ իրարու քով տարուած էին բայց անոնք պարապ էին, որովհետեւ խանութպանները իրենց բոլոր ապրանքները դուրս հանած եւ զետեղած էին կրպակներուն դրանը առաջք։ Նոր հասած ձուկերու դէզէ մը ծովային բարկ հոտ մը կը բարձրանար, անդին՝ կարմիր եւ դեղին գիծերով շերտաւորուած ղենջակը մէջքերնուն, հուժկու եւ ըմբիշի երեւոյթով խոհարարաներ, բացօթեայ վառարաններու վրայ տեսակ տեսակ խմորեղէններ կը պատրաստէին։

Անանուն եւ գարշահոտ արտաշնչում մը կը տարածուէր ամէն կողմ. հողէն նոր ելած բանջարեղէններու աղբային խոնաւ հոտը, օրեր է ի վեր մնացած եւ շարունակ ջրուած կանանչեղէններու վերահաս փտութեան հետ՝ կը խառնուէր ձուկի եւ տապկուած խմորեղէնի հոտերուն։ Բայց այս ամէնուն վրայ շլացուցիչ արեւը կը ծագէր, կը լուսաւորէր եւ իր ճառագայթներու ոսկեղէն խաղովը կ՚այլափոխէր ամէն ինչ. կարմիր եւ դեղին շերտերով ղենջակները իրենց երանգներուն ամէնէն ուժգին արտացոլումը ունէին եւ շուկային մէջտեղը մորացած ցեխի ճահիճը դանդաղօրէն շոգիանալով, կապտորակ եւ գետնին վրայ ծածանող մշուշի մը կը փոխուէր՝ ուրկէ, նոյնիսկ երբեմն կը սլանային ոսկեզօծ ճաճանչներ։

Ալի Հասան եւ Ատիլ պէյերը բեռնաւորուած պտուղներով եւ անուշեղէններով՝ մտան թաղերուն մէջ։ Երկար ատեն քալեցին անձայն եւ ամայի ուղիներէ, որոնց երկու կողմը փլատակի վիճակին վերածուած հին տուներ իրարու կը կրթնէին եւ կարծես զօրաւոր հովէ մը տարուիլ, քշուելու վտանքին ենթարկուած էին։ Վանդակապատ պատուհաններու ետեւէն ո՛չ մէկ ձայն, ուրախութեան թէ տխրութեան, չէր լսուէր։ Ո՛չ մէկ մանկական աղաղակ չէր բարձրանար այդ պահուն՝ հնամենի այդ տուներէն. որոնց ամբողջութիւնը աւերակի, քանդումներու եւ անասելի աղէտի մը մխրեցնող զգացումը կը ներշնչէր։

Փողոցի փոշիէն գորշացած տերեւներով ծառեր, վտիտ եւ չոր ոստերով կը ցցուէին երբեմն տուներու ետեւէն եւ կ՚աւելցնէին այս աւերածութեան տպաւորութիւնը։

Հակառակ շողշողուն արեւին, անոր ճառագայթները չէին սպրդեր այս խոնաւ եւ տղմուտ փողոցներուն մէջ ուր երբեմն երեւցող պարտէզներու փլփլած քարաշէն պատերուն վրայ, ստուար մամուռ մը թաւշային եւ հում կանանչով կը սողար ամէնուրեք։

Բայց երբ երկու զինուորականները ելան ցից եւ կարճ զառիվերէ մը, տուները հետզհետէ ցանցառցան, ընդարձակ եւ արեւոտ պարտէզներ յայտնուեցաւ իրենց նայուածքին եւ նոյն իսկ ասդին անդին վաղահաս կլիսիններու մանիշակագոյն եւ քաղցր ողկոյզներ, որոնք մագլցելով տուներն ի վեր՝ զանոնք կը հագուեցնէին իրենց փարթամ եւ գարնանային պատմուճանով։

Բարձունքին վրայ երկուքն ալ կեցան եւ իրենց առնական կուրծքերը ցցելով՝ լայն մը շնչեցին, իրենց աչքերը պտտցնելով Մարմարայի ընդարձակ եւ փալփլուն տարածութենէն մինչեւ Վոսփորի մշուշոտ եւ ոլորապտոյտ գիծը։

Մինչեւ այդ միջոցին, երկու ընկերները կը խօսակցէին սովորական եւ ընթացիկ բաներու վրայ, իրարու կը հաղորդէին իրենց զօրանոցի յատուկ բամբասանքներ, յառաջացումներ, տեղափոխութիւններ եւայլն։ Կը խօսէին նաեւ քաղաքական խնդիրներու մասին, զգուշանալաով վճռական կարծիք մը յայտնելէ եւ իրարմէ սպասելով որոշ ուղղութիւն մը դէպքերու եւ դէմքերու վրայ, ինչ որ առանց եզրակացութեան կը յանգեցնելու՝ կ՚երկարաձգէր իրենց խօսակցութիւնը եւ կը թուլցնէր անոր շահեկանութիւնը։ Բայց երբ բարձունքին վրայ եկան, Ալի Հասան ընդհատեց իր խօսքը, շուրջը նայեցաւ եւ գոչեց խանդաղատանքով.

— Ամա՜ն Ալլա՜հ, ինչպէս գեղեցիկ է։

Լայն եւ ամառնային շունչ մը կը մտնար իր էութեան մէջ կը բարձրացնէր իր տրամադրութիւնները. յուզուած զգայնութիւն մը թռիչք կուտար իր հոգւոյն։ Դողդոջուն եւ արեգնաւէտ բանաստեղծականութիւն մը թրթռաց իր մէջ երկարատեւ եւ հեծեծագին երգի մը պէս, ու քաղցր տխրութիւն մը պատեց զինքը։ Մահուան եւ սիրոյ տարտամ եւ աննպատակ իղձեր զիրար խաչաձեւեցին իր տպաւորութեանց մէջ եւ ինքզինքը տրամադիր զգաց ղուրպան ըլլալու ո եւ է ջախջախիչ գեղեցկութեան եւ մեծութեան համար…

Ատիլ պէյ իր սրատես արծիւի աչքերը սեւեռած Սթամպօլի պարիսպներուն կը մտածէր բոլորովին ուրիշ բաներու վրայ եւ երկուքն ալ լանկարծ սթափեցան եւ շարունակեցին ճամբանին։

Թաղերէն հեռու, պարտէզներու մէջ կորսուած էր Իպրահիմ աղային տնակը։ Բարակ ձողիկներէ կազմուած ցանկապատ մը կը յայտնէր իր համեստ կալուածին սահմանը. ոչ ոք չէր երեւնար այդ միջոցին, բայց հեռուէն Գուրան կարդացող պառաւ կնոջ մը խռպոտ եւ ծեքծեքուն ձայնը կուգար, ձայն մը որ պահած էր սակայն իր երբեմնի սրտառուչ գեղեցկութեան հետքերը։

Երկու սպաները բացին ցանկապատին դռնակը, մտան հերկուած եւ պարարտ արտերու մէջ եւ ուղղուեցան դէպի տնակը։ Յանկարծ վարդագոյն էնթարի մը երեւցաւ իրենց աչքին. երիտասարդ աղջկան մը ճկուն եւ դիւրաթեք հասակը կը ծածկէր անիկա, որ ոստոստող քայլերով, չհերկուած դաշտի մը դալարիւններուն մէջէն բանջար կը հաւաքէր։

Չէին տեսնար անոր դէմքը եւ իրարու հետ չէին խօսէր, իրենց ձայնովը զայն չխրտչեցնելու համար։ Մթնոլորտը լեցուն էր բուրումնաւէտ բոյսերու գլխիչ հոտով եւ պառաւին ձայնը մաշած նուագարանի մը բեկբեկ թրթռացումով կը շարունակէր երգել։ Հեշտագին սարսուռ մը կը դողար ամէն կողմ եւ զինուորականները զգուշութեամբ կը յառաջանային, բայց իրենց սուրերուն աղմուկը հասաւ աղջկան ու անիկա ետեւ դարձաւ երբ շատ մօտիկցած էին արդէն իրեն։ Խպնելով՝ գլուխը բաց երեւնալուն համար անծանօթ երիտասարդներու, անիկա հապճեպ շարժումով իր քօղը վեցրուց ուսերուն վրայէն, գլուխը ծածկեց եւ եղնիկի մը պէս խուսափելով իրենցմէ, հեռացաւ գնաց։

Բայց երկու ընկերները տեսեր էին անոր ժպտուն եւ ճառագայթող, դէմքը ականջներէն կախուած արծաթէ խոշոր օղակներով շրջանակուած, տեսեր էին անոր պատանեկան բոցավառ եւ հեգնոտ նայուածքը եւ իրարու նայեցան բարեցակամութեամբ ժպտելով։


— — — —


Քանի մը վայրկեանէ ի վեր երկու զինուորականները նստեր էին Իպրահիմին քով պզտիկ աթոռակներուն վրայ եւ կը խօսակցէին բարեկամաբար։ Վանդակապատ պատուհաններէն լոյս մաղուեով կը ծածանէր եւ կէտկիտուելով կը խաղար ճերմակ տախտակամածին վրայ. ծայրայեղ մաքրութիւն եւ պարզութիւն կը տիրէր սենեակին մէջ. գետինը փռուած անկողնին մէջ. Իպրահիմ կը հանգչէր կզկտելով իր յօդացաւէ կարկամած սրունքները՝ որոնք ոչ միայն զինքը կանդամալուծէին այլ եւ ցաւագին ցնցումներ կը պատճառէին իր ամէնափոքր շարժումներուն իսկ։ Բայց անոր արեւազուրկ եւ կնճռոտած դէմքը շուտով կը ստանար իր սովորական անդորրութիւնը եւ ստոյիկեան համբերատարութեամբ կը մը տոկար բաղդին իրեն վերապահած ցաւերուն։

Անոր քթանի պէս ճերմկած մազերուն եւ մօրուքին մէջէն չափազանցօրէն թուխ դէմքը համակրելի էր եւ բարձր զգացումներու դրոշմը կը կրէր. յայտնի էր որ ո եւ է իտէալ յարատեւ կերպով ընդլայնած էր իր հոգին ու զինքը ընդունակ դարձուցած էր վերացումներու։ Իր սեւ եւ ծերութենէ նուաղած աչքերը հանդարտ եւ մեղմ լոյս մը ունէին, որոնց մէջ կ՚արտավցոլար իր անխարդախ եւ ջինջ մտածումը, շրթունքը միայն, մթնցած եւ գալարուն, իր ֆիզիքական տանջանքներուն հետքը կը կրէր եւ ձեռքերը ջղուտ, ուռած յօդուածներով կը յայտնէին իր երկարատեւ եւ չարքաշ կեանքը։

Անիկա կը խօսէր կամ կը պատասխանէր երկու սպաներուն՝ խաղաղ հանդիսաւորութեամբ մը։ Յուզուեր էր անոնց իր վիճակին համար ցոյց տուած շահագրգռութենէն, բայց իր զգացումը կը յայտնէր արժանաւոր պարզութեամբ մը, հակառակ որ իր այցելուները իր գերադասեալները ըլլային. ո՛չ մէկ կողմէն ամբարտաւան խրոխտութիւն եւ ո՛չ ալ միւս կողմէն ծառայական խոնարհութիւն կ՚արտայայտուէր եւ ասիկա կը դիւրացնէր իրենց տեսակցութիւնը։

Միջոց մը Ատիլ պէյ ծերունի պայտարին հետաքրքրութիւնը կը գոհացնէր՝ զօրանոցի պատմութիւններ ընելով, երբ Ալի Հասան հակառակ իր ջանքերուն, ուշադրութիւնը չէր կրնար կեդրոնացնել խօսակցութեան վրայ, իր մտածումը սուրալով հեռուները՝ կը ցրուէր զանազան ուղիներով։ Անսահման յոգնութիւն մը կը ջլատէր զինքը եւ ներքին վայելք մը կը զգար սենեակին զովութեանը մէջ հանգչելով եւ ծերունիին համաչափ եւ պատկառելի ձայնը լսելով. կարծես թէ գինով էր ու չէր գիտեր որ զգացածը ուրախութիւն էր թէ տխրութիւն։ Ամէն անգամ որ ջանք կ՚ընէր սթափելու, իր վրդովուած յիշողութեան մէջ կը կանգնէր վարդագոյն էնթարիով աղջիկը, արծաթեայ օղակներով զարդարուած եւ որուն հեգնոտ եւ բոցեղ աչքերը կարծես թէ հոգին կը դղրդէին ցաւագին եւ հեշտաւէտ զգացումով մը։ Մայրամուտէն առաջ մեկնեցան, որովհետեւ Ալի Հասան կը բնակէր Ոսկեղջիւրի հեռաւոր թաղերէն մէկուն մէջ եւ կը շտապէր։ Իպրահիմի սենեակին սեմէն հեռանալէ առաջ՝ կը լսէին նալններու համաչափ աղմուկը պարտէզին մէջ եւ պառաւ կնոջ թաւ եւ սրտագրաւ ձայնը որ ատենը մէյ մը կը գոչէր.

— Ատիլէ՜… հո՜ւ…

Ոսկի ձայն մը հեռաւորութեան մէջ նուաղած, ձայն մը՝ որ դեռ մանկական էր բայց արդէն ստացեր էր երիտասարդուհիի շեշտի ջերմութիւն մը՝ կը պատասխանէր մօրը, ու ասիկա անբացատրելի եւ արբեցուցիչ երաժշտութեան մը պէս քաղցր թուեցաւ երիտասարդ սպային։

Անցան պարտէզներէն, առանց մէկու մը հանդիպելու, բայց Ալի Հասանի գրգռուած երեւակայութեանը կ՚երեւար ամէն թաւուտներու, ամէն կիսաստուերներու մէջ ճերմակ քօղի մը ծածանումը. անթիւ անգամներ խուսափուկ եւ սպիտակ հեւք մը անցաւ իր հմայուած աչքերուն առաջքէն, ինչպէս եթէ աղաւնիներուն աննիւթական թռիչք մը ըլլար, ու իր խռովուած էութեան մէջ այդ տեսիլքը մաքուր եւ անբիծ զգայնութիւն մը ներշնչեց ու իրեն թուեցաւ նաեւ որ մատղաշ աղջկան հոգին պչրանքով եւ հեգնանքով կը խաղար իր զգացումներուն հետ՝ առանց այդ բանին կարեւորութիւնը զգալու։

Նաւամատոյցը բաժնուեցաւ իր ընկերոջմէն եւ նետուեցաւ վերջին շոգենաւին մէջ. մարդ չկար գրեթէ, եւ մութը կը բարձրանար երկրէն ստուերներու թանձր ծուէններով։ Երկինքը թեթեւ ամպերով ծածկուած էր եւ հեռաւոր փարոսներ իրենց լուսեղէն նայուածքը կը քթթէին, երբեմն նուազելով լուսարձակներու արազ եւ ճերմակ ճառագայթներուն մէջ։

Անսահմանելի խաղաղութիւն մը կ՚իջնէր բնութեան վրայ. հեռաւոր գիւղանկարներ շուքով պարփակուած, հանդիսաւոր բան մը ունէին։ Քաղաքը լուռ էր եւ հանդարտ, ու միայն ուժգնօրէն ակօսուող ջուրերուն շաչիւնը, շոգենաւին մեքենաներուն համաչափ հեւքին խառնուելով՝ կը լեցնէր միջոցը։

Ալի Հասան մտազբաղ եւ շփոթ տրամադրութիւններով կը պտտէր կամրջակին վրայ. այդ միջոցին իր միտքը պարապ զգաց. կարծես ո եւ է մտածում, ո եւ է զգայնութիւն չկար իր հոգիին խորը, բայց ահա այդ ներքին լռութեան եւ դադարի մէջէն լսեց խրոխտ եւ անուշ ձայն մը, լսեց ինչ որ անգիտակցութեան մը րոպէին իր հոգին արտասանած էր թերեւս եւ որուն արձագանգը կը վերադառնար իր զօրեղ եւ եռանդուն էութեան մէջ։

— Իմ աղաւնի՛ս, իմ վա՛րդս, իմ սիրակա՜նս… փաղաքշիչ բառեր կը խուժէին իր մտքին մէջ։ Անգամ մըն ալ իր հոգին լեցուեցաւ մահուան եւ սիրոյ խորհուրդով։

— Ղուրպա՜ն ըլլամ քու հասակիդ որ վարդի թուփի մը կը նմանի, ղուրպա՜ն ըլլամ քու աչքերուդ որոնց լոյսը սիրտս փայփայեց, ղուրպա՜ն այտերուդ որոնց վրայ արծաթէ օղերուն ցոլքը լուսնի լոյսին կը նմանի՜…

Ալի Հասան այն գիշերը անցուց խռովուած վիճակի մէջ. քանի՛ անգամներ արթնցաւ քաղցր եւ մոլորեցնող անրջանքներէ որոնք զինքը կը ցնցէին ու իրեն համար անդիմադրելի բան մը դարձաւ այդ հազիւ թէ ընդնշմարուած աղջկան ցանկութիւնը։

Հետեւեալ առաւօտ Ալի Հասան նախաճաշիկի միջոցին իր մօրը յայտնեց.

— Աննէ՜, ես պիտի ամուսնանամ է՜հ… կեանքը անհամ է առանց ընկերուհիի, ես պիտի ամուսնանամ եւ շուտով։

Մայրը իր դէմքը խոժոռցուց. ամուսնաթող կին էր եւ մինակը մեծցուցեր էր տղան, դժկամակելով կրկին ամուսնանալու։ Ալի Հասան իր մխիթարութիւնը, իր փառքը, իր հարստութիւնը եղած էր։ Զէհէր հանըմ գեղեցիկ եղած էր ու տարիներ ետքը իր դէմքը պահած սարայլըի նրբութիւնն ու ազնուապետական վէսութիւնը. իր բարձր ու ճկուն հասակը, իր կամարաձեւ յօնքերուն ներքեւէն փայլող սեւ ու գեղեցիկ աչքերը, իր նուրբ քիթը, ու վաղեմի սովորութեամբ մը քառմէնով կարմրած շրթունքը՝ մոռցնել կուտային թառամած մորթը եւ քունքերուն խորշոմները։ Նախկին պալատական, հեռաւոր եւ անծանօթ երկիրներէն բերուած Չէրքէզուհի, անիկա մէկ օր միայն փառքի գագաթնակէտին վրայ ըլլալէ ետք, անկողինէ անկողին հասեր էր շատ անփառունակ եւ համեստ ամուսնութեան մը։ Բայց Զէհէր հանըմ համակրեր էր Ալի Հասանի հօրը ու առաջին անգամ զգացեր էր սիրոյ սարսուռը. առաջին անգամն ըլլալով նաեւ իր կնոջական կողերը բացուեր էին մայրութեան համար։

Իրեն համար, իր կնոջ արժանաւորութեան եւ զգացումներու կեանքը կը սկսէր այդ օրէն. բաղդաւոր եւ երջանիկ եղած էր. բայց կարճատեւ ժամանակի մէջ։ Իր ամուսինը հարճի մը հետ կրկին ամուսնացած ըլլալով, յանկարծ նախկին պալատական գերուհին զգացեր էր որ այդ կացութիւնը անհանդուրժելի է իրեն եւ խնդրեր էր իր սիրած ամուսինէն ու արձակէ զինքը։ Այդպէս ալ եղեր էր ու Զէհէր հանըմ առանձնացեր էր այլեւս իր տղուն հետ — որ աստիճան մը անտարբերութեամբ, քիչ մըն ալ իբր փոխարինութիւն, ամուսինը իր քով թողեր էր ետ առնելու պայմանով այն օրը որ կրկին ամուսնանար. ու Ալի Հասանի մայրը չէր ամուսնացած։

Շատ բան տեսած ու շատ բան կրած կնոջ փորձառութեամբ ու նաեւ բնական խելքով՝ ազատ թողեր էր տղան եւ միջոցներ գտեր էր զայն իրեն պահելու եւ ուրիշ կնոջ մը մուտքը արգիլելու համար տան մէջ։ Բայց իր այդ դիտաւորութիւնները գաղտնի մնացած էին. — ընդհակառակը իր տղուն կը խօսէր երբեմն ամուսնութեան վրայ։

Կէօրիւճի կիներ յաճախ կ՚այցելէին իրենց եւ հարէմներու խորհուրդին մէջ ծածկուած գեղեցկուհիներու նկարագրութիւնը կ՚ընէին մօրը եւ զաւկին, անիրական հէքեաթի մը պէս կը լսէր Ալի Հասան ասոնք նկարագրուած կիներուն մէջ ամէն ճաշակի ու ամէն ախորժակներու համար կային։

— Հաւկիթէն նոր ելած վառեակի պէս միամիտ եւ փափուկ է. աչքերը որ ըսե՛ս, հեշտութեան ծով մըն է, կարծես մթին գիշեր մըն է որուն մէջ կայծակ մը կը փայլատակէ, կարծես երկնքի հրաշալիքներուն վրայ բացուած պատուհան մըն է, ո՜վ պէյս, իր ճկուն իրանը հովերէ տարուբեր բաղեղի ոստի մը կը նմանի եւ անիկա վայել է քու նոճիի հասակիդ…

Ու նկարագրութիւնը կը շարունակուէր ուրիշի մը վրայ։

Անոր խօսուածքը, վերջալոյսի պահուն յոգնած եւ պապակած ճամբորդի մը ականջին հեռուէն հասած աղբիւրի մը կարկաչիւնին կը նմանի անոր մշքահոտ եւ մատղաշ մարմինը, ձիւնափառ լանջքը, ծառերուն շուքին մէջ աճած ծաղիկի մը թերթերուն փափկութիւնը ունին. իսկ բերանը որ ըսե՛ս, նոր բացուած նռան ծաղկի կը նմանի, ցօղազարդ վարդի կոկոնի մը պէս է որ համբոյրի կը սպասէ բացուելու համար. անոր ծովի պէս մազերը անաստղ գիշերի մը նման սեւ են, նայուածքը երազ մըն է. ու անունը շրթներու վրայ քաղցր է մեղրի պէս…

Ալի Հասան ու մայրը վանդակապատ պատուհաններուն ետեւ, կապերտներով ծածկուած ցած բազմոցներու վրայ ծալլապատիկ նստած մտիկ կ՚ընէին ու բարեացակամութեամբ կը ժպտէին, երկուքն ալ մղուած տարբեր տարբեր զգացումներէ, մինչ իրենց բուրումնաւէտ ծխախոտէ մշուշապատ միջոցին մէջէն գեղեցկութիւններու պատկերներ իրարու կը յաջորդէին եւ կ՚անհետանային իսկոյն։

Այլ սակայն այս իտէալ կիներու տեսիլքը ոչ մէկ խորունկ ազդեցութիւն կ՚ընէր Ալի Հասանի վրայ, որուն երեւակայութիւնը խաղաղ էր եւ որուն ճաշակները դրական էին։ Միւս կողմէ, իր ազատ կեանքը զինքը զէրծ կը պահէր այդ կարգի հրապուրանքներէ եւ ամուսնութեան անհրաժեշտութիւնը չէր ներկայացներ։

Երբեմն ալ ճարպիկ միջնորդ կիներ ուզելով գգուել իր զինուորականի ախորժակները՝ տարբեր պատկեր կը ներկայացնէին։

— Ցորենի հասակի մը պէս խարտեաշ է ու աչքերը կապոյտ են մայիսի երկնքի պէս, նորածագ արշալոյսի նման լոյս եւ շնորհ կը ճառագայթէ իր անձէն։ Անիկա բուրումնաւէտ է շուշանի բաժակի մը պէս… ՊԷ՜յս… քեզի որուն այնքա՛ն կը վայլէ սուրը եւ հրացանը, կը վայլէ նաեւ այս աղջիկը որ կարծես անհաւատներէն յափշտակուած գանձ մըն է։

Ալի Հասան բոլոր այս խոստումներուն փոխարէն կը ժպտէր, կը կատակէր եւ ի վերջոյ քաղաքավարութեամբ կը ճամբէր յուսախաբ միջնորդները։

Բայց այս անգամ խնդիրը տարբեր էր։ Ծերուկ Իպրահիմի նորահաս աղջիկը ոչ մէկ կերպով համապատասխան չէր այդ հուրիներուն, բայց անիկա իր զգացումները վրդովեր էր ուժգնօրէն եւ ուզածը անմիջապէս ունեցող մարդու քմահաճոյքով՝ կը դժգոհէր որ ինքը չկրցաւ անմիջապէս մօտենալ վարդագոյն էնթարիով աղջկան. ինչպէս պիտի մօտիկնար եւ քաղէր ճամբուն վրայ ծաղկած ծաղիկ մը։ Մտքէն իսկ չանցուց նաեւ մտածել թէ անիկա զինք հաճելի կը գտնա՞ր թէ ոչ, ինքը զայն ընտրած էր իբր կին, սիրած էր անոր ճկուն մարմինը, սիրած էր անոր ճերմակ քօղին տակ ծածկուած ճակատը, հեգնող ու կայծկլտուն աչքերը, արծաթէ օղերը թխորակ եւ տժգոյն այտերուն վրայ՝ որոնք վայրկենապէս գունաւորուեր էին վարդագոյն ալիքով մը, իրենց ներկայութեան, ու անոր փախուստն անգամ պարտէզին ածուներուն մէջէն, իր փափաքը կը գրգռէր ու կ՚ուզէր զայն ձեռք անցունել երկչոտ եւ սիրուն թռչունի մը պէս։

Ալի Հասան նախաճաշիկը վերջացնելով մօրը անհանգիստ նայուածքին ներքեւ, կը մտածէր արագօրէն բոլոր այս բաներուն։ Ու անգամ մըն ալ եզրակացուց։

— Աննէ՜, ես որոշած եմ ամուսնանալ։


— — — —


Զէհէր հանըմ իր բոլոր հնարամտութիւնը ի զուր գործածելէ ետքը հաւաներ էր Իպրահիմի աղջիկը կնութեան ուզելու իր տղուն համար, թէ՛ գոհ, թէ՛ դժգոհ էր այս ընտրութենէն. արդեօք իր կտրիճ տղուն, իր գեղեցիկ եւ արժանաւոր տղուն կարելի չէ՞ր բարձր աղջիկը առնել որ կարենար փեսան մղել դէպ առաջ. անցնելով զայն արագօրէն բոլոր աստիճաններէն մինչեւ փաշայութիւն։

Իր տղան արժանի չէր արդեօք այդպէսի բաղդի մը. անիկա կաղնիի պէս շուք կուտար ուրիշներու վրայ, անիկա իր ձիուն վրայ յաղթանակի երեւոյթ ունէր եւ երբ սրարշաւ կ՚անցնէր մեծամեծներու ճերմակ պալատներուն առաջէն՝ գետինը կը թնդար իր ձիուն սմբակներուն ներքեւ եւ կարծես կը բաբախէր սիրտի մը պէս։

Քանի՞, քանի՞ բարձր տեղերէ, աղջիկներ երազած ըլլալու էին այդպիսի սպայի մը վրայ, ու քանիներ վանդակներու շուքին ետեւ՝ շուշանի պէս ճերմակ, բարձր եւ ճկուն, կ՚սպասէին այդ երազուած ձիաւորին։

Զէհէր հանըմ իր միտքը կը պտտցունէր վաղեմի ծանօթներու վրայ ու յանկարծ իր մտածումները կ՚ամպոտէին, կը սեւնային…։ Իրաւ է որ այդ բարձր տեղերէ առնուած աղջիկները պատուհաս կը դառնային յաճախ. ինքը եւ տղան անոր գերին պիտի դառնային. անոր շփացած պուպրիկի սին փառատենջ քմահաճոյքներուն պիտի զոհուէին. իր տղուն իր առիւծին կը վայլէ՞ր կնոջ ոտքերուն առաջ մնալ ու անկէ հրամանի սպասել փոխանակ զայն իր հրամաններու ներքեւ պահելու, սէ՞ր էր այդ պայմաններուն մէջ սէրը, տղուն ուրախութիւնները հարամ պիտի ըլլային. կը տեսնէր տղան խաղալիք բարձր ազդեցութիւններու, իր յառաջացումին ամէն մէկ աստիճանը ձեռք բերուած դառնութեամբ, ստորնացումներով, եւ ահա յանկարծ իր Չէրքէզուհիի վեհ հոգին կ՚արթննար ու կ՚ըմբոստանար։

— Չէ, չէ՛, ինչ որ ինք կրեր էր, բաւական էր, ու հիմակ որ այդ տղմուտ եւ լպրծուն միջավայրէն հեռացեր էր ինքը, ի՞նչ սրտով իր զաւակը պիտի մղէր այդ դժոխքին մէջ։

Չէ՛, լաւ է որ իր տղուն կէօնիւլը խոնարհ էր. անիկա իր աչքերը իր հասակէն վեր չէր հաներ. անիկա այդ աղջիկը կ՚ուզէր ինչպէս տղայ մը խաղալիք մը կ՚ուզէ ու պէտք էր գոհացնել զայն։

Զէհէր հանըմ պահ մը կը մտածէր Ատիլէի վրայ տարտամ արհամարհանքով մը որուն մէջ բարեացակամութեան երանգ մը կար. անիկա կը մտածէր Իպրահիմի աղջկան վրայ ինչպէս գողտր եւ ընտանի անասունի մը վրայ։ Ատիլէ կարեւորութիւն չունէր իր աչքին եւ հազիւ թէ նշանակութիւն կը ստանար իրեն համար Ալի Հասանի ուշադրութիւնը գրաւած ըլլալուն համար։

Զէհէր հանըմ… մտածեց նաեւ գերբնական միջոցներու դիմել իր զաւկին խելքը խզելու համար այդ անշուք աղջիկէն. նոյնիսկ օր մը սեւ էրթիւ առաւ վրան, սեւ բէչէով ծածկեց երեսը՝ երթալ խորհրդակցելու համար պառաւ պիւիճիի մը հետ որ հարկ եղած թըլըսըմներու կուտար մէկու սէրը կապելու կամ քակելու համար, բայց վերջ ի վերջոյ ետ կեցաւ այդ այցելութենէն. ինչ որ գրուած էր, թո՛ղ ըլլար. Ալլահին տրամադրութիւններուն դէմ երթալ մեղք էր, եւ յետոյ այդ խոնարհ պայտարի աղջիկը, ինչքան ալ ամուսնութեամբ իբր իր տղուն օրինաւոր կինը բարձրացած պիտի ըլլար. չէ՞ մի որ իրականութեան մէջ պիտի մնար հնազանդ աղախին մը, զոր նաեւ հարկ եղած օրը արձակելու կարելիութիւնը կար։

Սալաճաքի բարձունքին վրայ, իր առանձնացած տնակին մէջ ծերունի Իպրահիմ կը շարունակէր ապրիլ՝ իրր տաժանելի կեանքը խաղաղութեան մէջ։ Իր հաւատարիմ կինը որ իր երիտասարդութեան առաջին սէրը եւ առաջին բարիքը եղած էր եւ որուն հետ քով քովի քալած էր կեանքի դերբուկներէն, կը խնամէր զինքը մեծ անձնուիրութեամբ։

Համեստ սենեակը միշտ ժպտուն եւ հաճելի էր կատարեալ մաքրութեան պատճառաւ որուն միակ զարդը կը կազմէին պատուհանին վանդակներուն ծակերէն ներս սպրդող արեւին ճառագայթները որոնք քմայքով կը խաղային գետնին վրայ։

Երկար ժամեր, Իպրահիմ իր նուաղած աչքերը սեւեռելով այդ խուսափուկ եւ ոստոստուն կէտկիտումներուն, կը մնար առանց մտածումի. երբեմն աշխարհիս մէկ ծայրէն սուրացող հովի ալիք մը յանկարծակի օրօրելով պարտէզի ծառերը, տերեւազարդ ճիւղերու շուքեր արագօրէն կ՚անցնէին այդ արեւի արատներուն վրայէն երազի մը պէս։

Օրը քանի մը անգամ մուէզզինին քաղցրալուր եւ կրօնաշունչ հրաւէրէն մղուած, կինը տնական գործերը ընդհատելով կը մտնար սենեակ եւ իր նամազը կը կատարէր, որուն ամուսինը միայն իր աչքերով կրնար հետեւիլ. սրբազան խօսքի ծուէնները կը թափառէին ծերունի հիւանդին գալարուած շրթներուն վրայ, իր հոգին կը վերանար, երկնային ոգի մը կը թեւածէր կարծես միջոցին մէջ, եւ մահուան համակերպութիւնը օրէ օր աւելի կատարելապէս կը գրաւէր իր կարկամած մարմինը։

Իր հոգին ջինջ ու պարզ էր ակէն նոր բղխող առուակի մը պէս ու ինքզինքին մեղադրելիք բան չունէր. իր յիշատակները նոյնքան վճիտ էին. մեծ եւ սասանեցնող փոթորիկներ անցեր էին իր երկրին վրայէն բայց ինքը մի՛շտ, ճշմարիտ Իսլամի պայծառատեսութեամբ որոշեր էր չարիքը բարիքէն եւ իր հոգին երբեք չէր պղտորուեր այնքան ուրիշներու նման։

Ամենակարող Ալլահը որ մարդիկը կը դատէր ոչ միայն իրենց արարքներէն այլ նաեւ իրենց թագուն դիտաւորութիւններէն, վստահ էր որ գոհ պիտի ըլլար իրմէն։ Տեսակ մը փառասիրութիւն մը գգուէր զինքը մտածելով իր ամբողջ կեանքի միջոցին ունեցած արդարադատութեան, ողջմտութեան եւ իմաստութեան։ Իբր պարզ պայտար սկսած էր իր կեանքը եւ այնպէս ալ կը վերջացնէր, պատերազմի օրերու մէջ առիւծի պէս կռուած էր, բայց խաղաղութեան միջոցին գառնուկի նման հեզ եւ բարեհամբոյր դարձեր էր։ Միակ նուիրական զայրոյթ մը կը գոռար իր հոգւոյն մէջ, այն ալ իր հայրենիքին պատառ, պատառ կորսուելուն ցաւն էր։ Իր մէջ կար երբեմնի Իսալմներու հերոսական եւ վեհանձն ոգին եւ ինք միշտ ապրած ըլլալով խոնարհ խաւերու մէջ եւ գրեթէ առանձնացած, այդ ոգին անեղծ մնացած էր եւ պայծառ ճաճանչով մը կը բոցավառէր հարկ եղած րոպէին։

Գեղեցիկ ձայն ունէր իր կինը ու նամազէն ետըք իր ծերունի ամուսինը մխիթարելու համար Գուրան կը կարդար, ինչպէս ժամանակաւ օրօրած էր իրենց երջանկութիւնը տարփաւէտ եւ գորովագին երգերով։ Մթնշաղի տարտամ եւ ստուերոտ պահերուն երբ գիշերին մերձաւորութիւնը խորհուրդով կը պատէր իրենց միամիտ հոգիները, այդ ձայնը յստակ եւ եղանակաւոր կ՚արտասանէր ամէնասուրբ բառերը։

Այս պարզ, կրօնական, մաքուր մթնոլորտին մէջ խօլ ծաղիկ մըն էր Ատիլէ եւ իր հօրը ամենամեծ ուրախութիւնը։

Երբեմն ինքնամփոփման լռին րոպէներուն, գարնան սիւքի մը պէս կը մտնէր սենեակ եւ իր թարմ ու հնչուն ծիծաղներով կը վանէր տխրութիւնը։

— Պապաճիիմ… ահաւասաիկ քեզի ծաղիկներ, վայրի ու գունաւէտ ծաղիկներ…

Ատիլէ կը նստէր հօրը անկողնին եզերքը, քօղը կը ձգէր ուսերուն վրայ եւ կը նայէր ծերունիին խորունկ գուրգուրանքով։

Ու Իպրահիմ իր աղջկան համար կը գտնար վաղեմի խօսքերը որով անոր խանձաւորուրը կապած էր, որով զայն օրօրած էր։

— Իմ մինի մինիս, իմ աղաւնիս, աչքիս լո՜յսը… բայց ահա Ատիլէ անհանգիստ եղնիկի մը պէս կ՚ոստնուր, իր ճռուողիւնով կը լեցնէր սենեակը եւ պարտէզ մեկնած պահուն մօրը յանդիմանութիւններուն կը պատասխանէր չարաճճիօրէն երգելով երբ արդէն բաւական հեռացած էր։

«Աննէս ալ ինծի քեզի չի տար կոր.

«Պարապ տեղը կէօրիւճի ալ մի՛ ղրկեր,

«Ամա՜ն, ամա՜, ամա՜ն։

Մայրը կը զայրանար ու գլուխը կը շարժէր դժգոհութեամբ։

— Ա՜խ, աս աղջիկը, ի՞նչ պիտի ըլլայ այսպէս։

Անմիջապէս Իպրահիմ Ատիլէի կողմը կը բռնէր։

— Դեռ ափ մը ջուր ճայիլ է, դեռ մանկութիւն կայ հոգիին մէջ։

Անիկա կ՚ուզէր որ իր ժպտուն ներողամտութիւնը աղջկանը մասին, փոխանցեր նաեւ մօրը որ կը յամառէր դժգոհ մնալ իր վայրէնի, իր անզուսպ աղջիկէն։


— — — —


Երբ օր մը տարէց եւ յարգելի երեւոյթով կին մը իրենց եկաւ յայտնելու համար որ Ալի Հասան իրենց աղջիկը կնութեան կ՚ուզէր, այր ու կին տատամսոտ մնացին։ Ո եւ է մեծամտութիւն չէր կուրցներ զիրենք, ծնած ու ապրած ըլլալով խոնարհ խաւի մէջ բայց միանգամայն վայելած ըլլալով իրենց առաքինութեան եւ տարիքին ընծայուած յարգանքը, ո եւ է սին եւ ունայնամիտ ձգտում չունէին իրենց աղջկան միջոցաւ ոստնելու իրենցմէ բարձր գտնուած շրջանակի մը մէջ։ Ընդհակառակը այդ խնամիութեան գաղափարն իսկ զիրենք անհանգիստ կ՚ընէր ու երկար ատենէ ի վեր խաղաղ եւ անվրդով ապրած մարդոց նման մը զգուշանային իրենց կեանքին մէջ ո եւ է փոփոխութիւն մտցնել։

Բայց խըսմէթի դէմ ալ երթալ չէր ըլլար ու այր եւ կին մտատանջ էին չկրնալով որոշումի մը յանգիլ։ Քանի մը օրէն պատկառելի կէօրիւճին իր սեւ մետաքսեայ պիւրիւմով պիտի երեւար ճամբուն ծայրէն. ի՞նչ պատասխան պիտի տային։

Յաճախ մայրը, իրենց կեանքին մէջ այս նոր մտած մտահոգութեան պատճառներէն գանգատելով բոլոր յանցանքը կը բեռցնէր աղջկանը վրայ։

— Ա՜խ ան անզուսպը, անպիտան աղջիկը, եթէ եկող գացողին աչքին չերեւար, եթէ ինքզինքը աղէկ պահէր. ուրկէ ուր զինքը նշմարած պիտի ըլլային։

Ծերուկ Իպրահիմ իր խաղաղ դէմքը կարկառած, աչքերը տենդոտ, մտիկ կ՚ընէր, բայց միեւնոյն ատեն տարտամ ժպիտ մը կը լուսաւորէր իր թուխ դէմքը։

Այս անակնկալ դէպքը պատճառ եղած էր որ ամենախիստ հսկողութեան ներքեւ մտնար Ատիլէ։ Իրեն արգիլուեցաւ պարզ գեղջկուհիի մը պէս այլեւս թափառիլ իրենց եւ դրացի պարտեզներու մէջ. այլ եւս մայրամուտին չէր կրնար երթալ հորէն ջուր կրել տուն. իր մօրը հետ միայն դուրս պիտի ելլէր տնակէն եւ այն ալ քօղարկուած՝ աւելի պատշաճ խստութեամբ։ Իր պարմանուհիի արդուզարդը փոփոխութիւն կրեց, վարդագոյն, դեղնորակ էնթարիները պիտի կրէր միայն տանը եւ պարտէզին մէջ իսկ դուրս ելլելու համար մայրը իր սեւ պիւրիւմներէն մէկը յարմարցուց անոր բարակ հասակին այլեւս անիկա չէր կրնար երեւալ ո եւ է մարդկային արարածի իր թեթեւ, ծածանող եւ թափանցիկ ճերմակ քօղով որ հազիւ թէ գլուխը կը ծածկէր միայն։


— — — —


Արշալոյսը նոր ծագեր էր եւ տնակին երկրորդ սենեակը, գետինը փռուած անկողիններու մէջ մայր ու աղջիկ կը քնանային տակաւին։ Սուր եւ ջինջ երգը աքաղաղի մը թրթռաց երկարօրէն ու կաթնային սպիտակութեամբ լոյսը կարծես սարսռաց մեղմութեամբ, շահպրակի եւ վարդի պարատ բուրմունք մը արեւին առաջին ջերմութենէն արտաշնչուած, անցաւ օդին մէջէն. բայց պատուհանին վանդակին ծակտիքներէն լոյս եւ բուրմունք սպրդեցան ներս. մեղմօրէն եւ երկարօրէն ծառերու սօսաւիւնը կը փսփսար հեռուներէն

Ատիլէ աչքերը բացաւ եւ արեգակին առաջին ճառագայթները լոյս տուին անոր նայուածքին. իր գրեթէ մանկական եւ ճկուն մարմինը հեշտօրէն ձգտուեցաւ թեթեւ վերմակին ներքեւէն. յանկարծ հաճելի եւ վրդովեցուցիչ մտածումներ խուժեցին գլխուն մէջ. աչքերը կրկին գոցեց զանոնք լաւ ըմբռնելու, անոնցմով տոգորուելու համար եւ խռովքի տենդագին սարսուռ մը անցաւ իր հոգիին մէջէն։

Գիտէր որ իր անձին շուրջ ամուսնութեան խնդիր մը կար. գիտէր նաեւ որ մէկը զինքը տեսեր ու հաւներ էր եւ զինքը կնութեան կ՚ուզէր. աստիճան մըն ալ կը գուշակէր թէ ով էր նշանածը բայց ո եւ է ստուգութիւն չկար. դեռ ոչ մէկը իրեն խօսեր էր այդ մասին եւ գիտէր նաեւ թէ, այդպէս լռութիւն պիտի պահէին իր ապագայ ամուսնի անուան, վիճակին, տարիքին վրայ մինչեւ վերջին այն օրը՝ երբ նիքեահէն վերջ անիկա պիտի գար իր քօղը բանալու։

Այս անստգութիւնը ոչ կ՚ահաբեկէր զինքը ոչ ալ բուռն հետաքրքրութիւն կ՚արթնցնէր, այլ տեսակ մը հաճելի շփոթութիւն, անկայուն եւ գողտր զգայականութիւն մը. իր բոլոր զգացումները արթնցեր էին ամուսնութեան այս հաւանականութեան առաջ եւ կինը ծնած էր արդէն իր մէջ. իր կիրքերով, յուզումներով եւ պչրանքներով։

Իր շրթներուն կուգային յաճախ աշուղի մը բառերը որ ճամբուն վրայ երգեր էր օր մը. «Եթէ ծաղիկ ես, ծաղկած ես, եթէ պտուղ ես, հասունցած ես»։

Եւ հիմա բնական էր որ բարի եւ սիրագեղ անցորդ մը գտնուէր որ իր կեանքի ճամբուն վրայ հանդիպելով իրեն՝ քաղէր զինքը ծաղիկի մը նման։

Նորատեսակ գեղեցկութիւն մը փափկացուցեր ու ազնուացուցեր էր իր դիմագիծերը. ցանկալի դառնալու փափաքը յղկեր ու լրացուցեր էր կազմութեան մէջ եղող աղջկան իր թերութիւնները։ Ատիլէի նայուածքը պահելով հանդերձ նախկին ջերմութիւնը, տոգորուեր էր տեսակ մը քաղցր տխրութեամբ։ Թեթեւ հինայով շիկացած շագանակագոյն մազերուն խոպոպիքները աւելի ոլոր, աւելի փայլուն էին ու անոնց մէջ, կարծես, վերջալոյսը ճաճանչ մը մոռցեր էր, իր սովորաբար թխորակ եւ գունոտ այտերը նոր թափանցկութիւն մը ստացեր էին, որուն ներքեւէն կը զգացուէր վեհանձն եւ եռանդուն արիւնի արագ շրջանը։ Տարփաւէտ եւ տարտամ յուզում մը մեղկօրէն շնորհալի կը դարձնէր անոր շարժումները եւ իրեն կուտար անմատչելի հուրիի երեւոյթը։

Երբ անիկա դուրս կ՚ելլէր իր մօր հետ իր նուրբ ու մատղաշ իրանը պարփակած սեւ հագուստին մէջ, որ գլխուն գիծը կաղապարելով եւ վիզին պարապին վրայ ծփալով հաճելի կորութեամբ մը կը յանգէր ուսերուն եւ կ՚իջնար մինչեւ քղանցքները, մէջքին նրբութիւնը ուրուագծելէ ետքը, անիկա խուսափող եւ գգուանուշ թռչունի մը սեւ ու հեռաւոր թռչունի մը զգայնութիւնը կը ներշնչէր եւ անիկա ունէր միայնգամայն բարերար եւ ցանկալի ոգիի մը աննիւթականութիւնը որ իր սիլուէթին խուսափող երազի մը խռովքը կուտար։

Ատիլէ այդ առաւօտուն, քունէն նոր արթնցած, միտքը կը պտտցնէր հին եւ նոր բաներու վրայ. փոքր հասակէն վարժուած էր խորհելու ամուսնութեան վրայ ոչ թէ կրօնական շփոթ խորհրդաւորութեամբ, այլ շատ բնական պարզութեամբ. իր միտքը ընտանի էր այդ գաղափարին եւ անոր կը սպասէր իբր անխուսափելիօրէն կատարուելիք իրողութեան մը. անիկա իր կեանքին մէկ հանգրուանը պիտի ըլլար, ինչպէս հետզհետէ մայրութիւնը ուրիշ հանգրուաններ պիտի հասցնէր զինքը։ Այն օրէն որ սիրոյ զգացումին կարելիութիւնը փթթէր էր հոգւոյն մէջ, իր սէրը եւ գորովանքը թափառեր էին անորոշ եւ հեռաւոր իտէալնիրու շուրջ ու նիքեահին օրուան կը սպասէին կանգ առնելու համար մարդկային էակի մը վրայ։

Այլ սակայն, ամուսնութեան գաղափարը, ինքն ալ չէր գիտեր ինչո՞ւ կը կապուէր անմիջապէս թիկնեղ եւ հուժկու երիտասարդի մը պատկերին հետ. անիկա իր հօրը բարեկամներէն մէկուն որդին էր, դրացի ձիադարման մը, որ երբեմն կուգար խօսելու իր հօրը հետ։ Իրենց գեղջկական կեանքի պարզութիւնը, թոյլատու եղած էր որ փոքրիկ հասակի մէջ իրարու հետ խաղալէ ետքը, չափահասութենէ ետքն ալ շարունակէին իրենց բարեկամութիւնը։

Ամառուան հեղցուցիչ եւ հեշտաւէտ իրիկուն մը, Ճէմիլ աճապարանքով եկաւ զօրանոցէն հրաման մը բերելու Իպրահիմին. յետոյ սեմին վրայ նստաւ յոգնութիւն առնելու համար, իր լայն կուրծքը հեւալով կ՚ելեւեջեր ու դէմքը ողողուած էր քրտինքով։ Ատիլէ գնաց գաւաթ մը բերելու եւ վերադարձին, իր աչքերուն վրայ հակած քօղին բանուածքներուն ընդմէջէն տեսաւ երիտասարդին ճակատը, սեւ մազերու փունջ մը, անոր յոգնութենէ նուաղած աչքերը եւ տեսաւ նաեւ Ճէմիլի ջղուտ եւ առնական բազուկը որ դէպի իրեն կ՚երկարէր գաւաթը առնելու համար. վայրենի եւ բարկ հոտ մը, անոր արագօրէն շոգիացող քրտինքին մէջէն տարածուելով կը պարուրէր իսլամուհին։ Ատիլէ անբացատրելի վախ մը զգաց. իր նեարդերը թրթռացին սարսռալով իրեն թուեցաւ որ այդ բազուկը երկնցած էր ոչ թէ գաւաթը առնելու այլ զինքը յափշտակելու համար։ Ճէմիլի ներկայացուցած ուժի եւ յոգնութեան խառն արտայայտութիւնը, անոր աչքերը, որոնք ոչ թէ տաքէն այլ իր տեսքէն կարծես մոլորուած էին զինքը խռովեցին. ուզեց փախչիլ, բայց Ճէմիլ անհամբերութեամբ գաւաթ առաւ եւ այդ պահուն անոր տենդագին եւ կոշտացած ձեռքերուն հպումը իր փափուկ մարմինը դողացուց։

Ատիլէ գնաց հեռուն, բայց հազիւ թէ քանի մը քայլ առած էր, երբ ետ դարձաւ եւ աչքերը յառեց իր վաղեմի ընկերոջը որ շրթունքը գաւաթին եզերքին դպցուցած, թէ՛ ջուրը կը խմէր եւ թէ՛ իրեն կը նայէր։ Ատիլէ նալըններուն ծիծաղուն աղմուկը անգամ մըն ալ ոստոստեց չոր հողին վրայ, բայց կրկին կեցան, կրկին ետեւ դարձաւ եւ ինքզինքը զգալով բաւական հեռու, պչրանքով եւ հեգնութեամբ ժպտեցաւ Ճէմիլին… ձիադարմանը ոտքի ելաւ, դեդեւցաւ իր սրունքներուն, աչքերը շլացան վերջալոյսի ցոլքրէն եւ ձեռքովը տարտամ սպառնալիք մը ըրաւ պչրող եւ խուսափող աղջկան։

Անկէց ետքը եւս տեսակ մը անհանգստութիւն, անբացատրելի խպնոտութիւն մը պատճառ եղան որ Ատիլէ զգուշանայ Ճէմիլի հանդպելէ. մանկութեան պարզութիւնը անհետացեր էր այլ եւս. անիկա իր մէջ կինը կը տեսնէր եւ ինքն ալ անոր մէջ այրը։ Ատիլէ չէր խորշեր անկէ, բայց բնական զգացումով մը, կանացի ինքնապաշտպանութեան բնազդով կը զգուշանար անոր նայուածքին ներքեւ ըլլալէ. բայց եւ այնպէս, ամէն անգամ որ ամուսինի մը մասին կը խորհէր Ճէմիլի ուժեղ եւ պարտասած պատկերը. անոր տարփանքէ խոժոռացած նայուածքը ու երկարած բազուկը կը ներկայանար իր մտքին։

Այսպէս էին, ու այսպէս ամուսնացեր էին իրեն բոլոր ծանօթ աղջիկները, այսպէս ամուսնացեր էր նաեւ մայրը, ներքին եւ անսասան համակերպութիւն մը այսպիսի ամուսնութիւն մը գաղափարին հետ կը հաշտեցնէր զինքը ու նաեւ տեսակ մը վայրագ ու խռովիչ բանաստեղծականութիւն կուտար կեանքի այս հանգամանքներուն։

Բայց քանի օրէ ի վեր Ճէմիլի պատկերը աւրուեր էր Ատիլէի մտքին մէջէն, որովհետեւ քաջ եւ գեղեցիկ ձիաւոր մը, որ ա՛յնքան կը նմանէր հօրը այցելութեան եկող սպաներէն մէկուն, երեւցեր էր պարտեզին ցանկապատէն անդին, դիմացի մարգագետիններուն վրայ. քաջ եւ գեղեցիկ սպայ մը, որուն ասպանդակները ձիուն կողերը կը ծեծէին եւ ձեռքը կը զսպէր արաբականի մը սանձը, կենդանիին խօլ եւ ոստոստուն վազքի միջոցին։

Մօրը հետ պարտէզն էին. երեկոյեան զով հովէն իր դեղնագոյն էնթարիին քղանցքը կ՚ելեւեջէր եւ քօղին ծայրերը կը թռչկըտէին ճերմակ թռչուններու պէս. օրուան սաստիկ տաքուն յաջորդեր էր յանկարծական զովութիւն մը եւ հողը, ծառերը, մարգագետինը թանձր շոգի մը կ՚արտաշնչէր որ մշուշի մը պէս կը ծածանէր եւ յամրօրէն կը բարձրանար անօսրանալով. վերջալուսային ցոլքեր մաղուելով այդ մառախուղին մէջ վարդագոյն երանգ մը կուտային անոր։ Ձիաւորը կը յառաջանար այդ լուսեղէն ամպին մէջէն, անիկա հեքեաթներու մէջ նկարագրուած հերոսի մը կը նմանէր. համազգեստին ոսկեղէն եւ արծաթեան երիզները կը պսպղային, սուրը կը շողար ու անիկա կուգար ոստոստելէն իր եռանդուն ձիուն վրայ, կարծես ընդառաջ թանկագին ու անօրինակ որսի մը… ու Ատիլէ զգաց, ներքին անբացատրելի գիտակցութիւնով մը, որ այդ որսը ինքն էր. սիրտը ուժգին կը բաբախէր եւ այնպիսի հեւք մը կը զգար կուրծքին մէջ որ կը նմանէր բռնուած թռչունի մը թեւաբախումներուն։ Եթէ ձիաւորը իրեն մօտենար, անշուշտ թէ՛ խելայեղօրէն պիտի փախչէր, բայց թէ՛ նաեւ որքա՜ն պիտի ցանկար բռնուիլ եւ անոր զօրեղ ձեռքին մէջ խաղալիք մը դառնալ… ու ձիաւորը կը մօտիկնար, անիկա ձիէն իջաւ ցանկապատին առաջ, սանձին մէջ կազմուած հանգոյց մը քակելու համար. երիվարին տաքցած մարմինէն բարձրացող շոգին, երեկոյեան զով օդին մէջ նշմարելի, նոյնպէս կը լուսաւորուէր արեւին ճաճանչներէն. ձիուն թրթռուացող ռունգերը աւելի ճերմակ եւ աւելի թանձր շոգի մը կ՚արձակէին որ կը բարձրանար վարդագոյն մշուշին մէջ առանց անոր խառնուելու։

Անսահմանելի եւ անկայուն բան մը ամբողջ բնութիւնը եւ արարծները կը ներդաշնակեցնէր իրարու հետ, երկրէս բարձրացած էին կարծես ու լուսեղէն ամպերու մէջ կը սաւառնէին։ Ատիլէի դեղնագոյն էնթարին կը ծփծփար եւ երբեմն ալ փաթթուելով սրունքներուն, իր նուրբ իրանը կը կաղապարէր. սպան մոռցեր էր ձին ու անոր սանձին հանգոյցը. անոր բոցեղ աչքերուն լոյսը ծակելով մառախլապատ միջոցը՝ կը հասնէր Ատիլէի, զայն կը հմայէր, զայն կ՚անշարժացնէր եւ անոր բոլոր կամքը ու կորովը կը խզէր։

— Շո՛ւտ, շուտ… Ատիլէ՛, ներս եկուր։

Մայրը տեսեր էր վերջապէս ձիաւորը ու աղջիկը կը հեռացնէր անկէ ինչպէս աղէտէ մը։

Անկեց ետքը շատ անգամներ Ատիլէ տեսեր էր քաջ եւ գեղեցիկ ձիաւորը ցանկապատէն անդին, դիմացի մարգերուն վրայ ուր ճերմակ, շէկ եւ թուխ կովեր կ՚արածէին. վերջալոյսներուն անոնց երկար եւ յուզուած բառաջիւնը կը դղդէր իր հոգին, երգ մը, նոր երգ մը կ՚երգէր իր հոգիին մէջ իր աչքերուն եռանդը ու շրթներուն կարմիրը նուաղեր էին ու տխուր անստուգութիւն մը զինքը կը տանջէր. հապա եթէ նիքեահին օրը իր քօղը բացողը այդ ձիաւորը չըլլա՜ր… ու Ատիլէ խանգարուած երեւակայութեան մէջ Ճէմիլի սեւ բազուկը կ՚երկննար դէպի ինքը. զինքը կորզելու համար սէգ ու քաջ սպային գորովանքէն։

Այլ սակայն երբեմն ալ իր երազանքները կ՚երթային իր ցանկութեան ուղղութեամբ. իր աչքերը կը ժպէին սիրազեղ եւ տարփաւէտ նայուածքներու. կը տեսնէր իր ամուսնական սենեակի վանդակապատ պատուհանը ուրկէ յասմիկի եւ ճերմակ վարդի բուրմունք մը կը սպրդէր ներս եւ ուր կը սպասէր իր սիրելիին. սրնթաց ձիու մը պայտերուն ձայնը գետնին վրայ եւ ահա հեւքը շնչասպառ կենդանիին ու իր սիրականը կուգար, սպայի համազգեստին մէջ շքեղ, սուրը կախած քովն ի վար եւ սիրտը տենջացող իր համբոյրին։

Ինչպէ՜ս կը սիրէր արդէն իր ձիաւորը։

Մէկ ոստումով Ատիլէ ելաւ անկողնէն ու այնքան աղմուկ հանեց որ մայրը արթնցաւ, շուտով պզտիկ կրակարանը փոխադրեցին քովի սենեակը ուր հայրը արդէն արթնցած իրենց կը սպասէր ու մինչ այր ու կին առաւօտեան խահուէ կը խմէին, ինքը տխուր, վիզը ծռած նստեր էր հօրը անկողնին եզերքը ու խորասուզուած էր մտատանջութեան մէջ։

Իպրահիմ եւ կինը սկսան վերջապէս մտահոգ ըլլալ Ատիլէի մասին, որովհետեւ հասկցան որ անիկա սիրոյ ցաւէն բռնուած է։ Ու երբ կէօրիւճին անգամ մըն ալ եկաւ Ալի Հասանի կողմէ, առանց ետեւ առաջ նայելու, իրենց աղջկան ամուսնութեան հաւանութիւնը տուին։


— — —


Ամիսներ անցեր էին. Ատիլէ՝ քաղքենիի իր նոր դիրքին բոլորովին ընտանեցած էր Ոսկեղջիւրի թաղերէն մէկուն մէջ, եռայարկ, կարմիր ներկուած, փայտաշէն տան մը մէջ, ճերմակ վանդակներուն ետեւ, կիսաստուերի մէջ շղարշուած, անիկա կը սպասէր իր սպային, ինչպէս երազած էր երբեմն. իր բոլոր իղձերը կատարուեր էին ու նիքեահին օրը իր քօղը առաջին անգամ բացողը իր սիրական ձիաւորը եղած էր։

Ինչպէ՜ս գեղեցիկ էր Ալի Հասան այն օրը… յարատեւ կերպով այդ պատկերը կը ներկայանար Ատիլէի, երբ ամուսնոյն բացակայութեանը՝ անոր վրայ կը խորհէր. կը մտաբերէր անոր պաշտօնական համազգեստը, լայն կուրծքը որուն վրայ պատուանշաններու ոսկին եւ արծաթը զինքը շլացուցին, երբ առաջին անգամ, Ատիլէ երեսը ու գլուխը բաց դէմ առ դէմ գտնուեցաւ այր մարդու մը հետ, խպնոտութեան անդիմադրելի զգացում մը հարսնուկի մը պէս զինքը կարմրցուց. երկուքն ալ լուռ էին։

Ինքը կը զգար գլխուն վրայ ոսկեթելերով զարդարուած տիատէմը որ կը դողդղար ու իրեն կը թուէր որ պիտի իյնար. փեսան այնքան մօտ կեցած էր իրեն որ կ՚զգար անոր գաղջ շունչին փայփայանքը այտին վրայ. ճշմարիտ ծաղիկներու բուրումը, խնկամաններու մէջերէն սլացող կնդրուկի ցից ծուխերուն հետ զինքը կարծես կը շղարշէին. դուրսէն կը լսէր արեւելեան նուագածուներու երկարաձգուող ու մելամաղձոտ երգերը ու հեռուներէն իրեն ականջին կուգար թմբկահարութեան մը բաբախուն աղմուկը… հարսնեւորներու ժխորը, հարէմին մէջ փակուած կիներու ճռուողիւնը, օշարակներու եւ քաղցրեղէններու չափազանցութենէն յառաջ եկած իր թեթեւ սիրտ խառնուուքը, տեսակ մը անկարողութեան կը մատնէին զինքը։ Այդ միջոցին Ատիլէ կը փափաքէր անհետանալ չքանալ… ու իրեն կը թուէր որ երբեք իր աչքերը չպիտի կարենար բարձրացնել դէպ ի իր տէրը, իր ամուսինը… բայց ահա խօլ եւ սանձարձակ զուարթութիւն մը մտրակեց զինքը. կարծես հոգին կ՚արձակուէր իր կապանքներէն. իր վայրենի բնութիւնը կը խնդար իր մէջ. Ատիլէ գլուխը բարձրացուց մէկէն ու աչքերը կայծկլտուն երջանկութիւնով սեւեռեց իր փեսին վրայ. կը տեսնէ՞ր զայն ամբողջովին այդ պահուն. ի՜նչ փոյթ. տարտամ ու գորովագին զգացում մը վերացուց զինքը ու անհունօրէն երջանիկ էր, ինքզինքը ստրուկի մը պէս նսեմ, խոնարհ, եւ սին զգալով, իր փառաւոր, իր շքեղ սպային քով։

Ալի Հասան փափկութեամբ ու վեհանձնութեամբ վարուեցաւ իր հետ ամուսնութեան առաջին օրերուն եւ բոլորովին գրաւեց կնոջը սէրը որ մեծապէս տոգորուած էր հնազանդութեան եւ բացարձակ համակերպութեան զգացումով, գոհ էր որ կեսուրը խիստ էր իրեն նկատմամբ ու զինքը կը պահէր գոց վանդակներու ետեւ։ Ամբողջովին նուիրուած ըլլալը իր տիրոջը, առանց որ իր զգացումներուն եւ մտածումներուն մէջ օտար ո եւ է երանգ մտնէր, վայելք մըն էր իրեն համար։

Անուս աղջիկ էր ու իր քաղքենիի դաստիարակութիւնը անխնամ. անիկա բան մը չէր սորված նոյն իսկ ընթացիկ ձեւակերպութիւններէն, սովորութիւններէն. հնազանդելու եւ խոնարհելու իր ձգտումին մէջ. յաճախ պարզ աղախինի երեւոյթներ կ՚ստանար մանաւանդ իր կեսրոջը հանդէպ՝ որուն գիտակ, արհամարհոտ եւ ատելափառ կնոջ ազդեցութիւնը կ՚ահաբեկէր զինքը։ Ատիլէ չկրնալով ըմբռնել Զէհէր հանըմի բո՛ւն զգացումները, անստուգութեան մէջ կ՚իյնար իր անհատական արժէքին նկատմամբ ու կարծես կը համաձայնէր որ ինքը արժանի չէր Ալի Հասանի. երբ մանաւանդ բարեկամուհիներ այցելութեան կուգային, նոր հարսին անճարակութիւնը տառապանք մը կը դառնար. որքա՜ն պիտի ուզէր որ Զէհէր հանըմը չամըչնար իրմէն, որքա՜ն պիտի ուզէր որ իր շարժուձեւերը ստանային այն սեթեւեթները որոնք իրեն թէ հիացում եւ թէ նախանձ կ՚ազդէին ուրիշ դեռատի աղջիկներու վրայ։

Ու ինքը կը տանջուէր այդ բոլորին իր անձին համար յայտնած արհամարհանքէն ո՛չ թէ ինքզինքին համար, այլ Ալի Հասանի համար. կարծես ամէնքը ըսել կ՚ուզէին. «Ա՞ս է այդ աղջիկը»։ Ու կեսուրը չէր քաշուեր բնաւ ու իր տհաճութիւնը կը յայտնէր ու իր բարեկամուհիներուն հետ կը համաձայնէր որ իր տղան կախարդուած էր անշուշտ. աչքերը կապուած էին։

Բայց իր ամուսնոյն ներկայութեան Ատիլէ վերստին կը գտնէր իր բոլոր զուարթութիւնը եւ երիտասարդական աւիւնը. իր աչքերը լոյս կը ստանային, իր այտերը կը գունաւորուէին. կարծես ներքին հուր մը կը վառէր իր հոգիին մէջ ու կը լուսաւորէր իր էութիւնը պայծառ լոյսով մը։ Իր սիրականին սէրը կը կրէր յուզուած շփոթութեամբ մը ու իր անսահման գորովանքին մէջէն հեշտագին խոնարհութեամբ մը կը զգար անոր տիրական հրայրքը։

Ալի Հասան, յոգնած պատահական եւ անստոյգ հանդիպումներէ, մեծ երջանկութիւն մը զգացեր էր իր ամուսնական կեանքին մէջ, անիկա կը սիրէր իր կինը, թէեւ իր գերազանց մարդու ինքնագիտակցութեամբ բայց կատարեալ համարումով. գիտէր որ այդ պարզ եւ անուս աղջիկը որ այնքան յօժարակամ կը ճկէր իր եւ մանաւանդ մօրը քմահաճոյքներուն, Իպրահիմի աղջիկն էր, ու աներոջը համար ունեցած յարգանքը բացառիկ շուք մը կուտար իր կնոջը. որովհետեւ բնազդով կը զգար որ անիկա իր հօրը պէս կարող էր օր մը բարձրանալու վեր, շատ վեր, ու արտասանելու այնպիսի խօսքեր, որոնց նմանները անկարող էին իրենք արտասանել։

Բայց երբ իր ցանկութիւնը մարեցաւ հետզհետէ, երբ սկսաւ նուազ անհամբերութեամբ տուն դիմել, աստիճանաբար մոռցաւ նաեւ իր կնոջ մասին զգացած յարգանքը։

Ազատամիտ մարդ էր ինքը ու նոր միտքեր դղրդեր էին իր Իսլամի խստութիւնները կնոջ նկատմամբ. իր ընկերներէն ոմանք Եւրոպացի կիներու հետ ամուսնացեր էին ու ճանչցեր էր անոնց ազատ եւ համերաշխ կենցաղը. ինքն ալ միջոց մը մտադիր էր Քրիստոնեայ կին մը առնել, իր տան մէջ մտցնելու համար այն նոր եւ թարմ օդը որուն կը տենչար իր երիտասարդի ձգտումներով։ Իր նեղսրտութեան րոպէներուն դժգոհութեամբ կը մտածէր թէ՝ ճակատագիրը տարբեր կերպով տնօրիներ էր իրեն համար։ Ատիլէի խոնարհութիւնը ու քաղցրութիւնը ծաղրելի ու անտանելի կը թուէին իրեն, մինչ սիրոյ առաջին օրերուն այդ օտար ամուսնութիւններուն անպատեհութիւնները կը տեսնէր միայն եւ խորապէս կը զգար որ այդ երեսը բաց, ու ամէն տեղ մտնող ելլող կիներուն հետ երբե՛ք չպիտի ունենար այն նուրբ եւ անսահմանելի զգացումը որ իր քօղարկուած եւ ընկերներուն աչքերէն հեռու պահուած կինը կը ներշնչէր իրեն։ Նոյն իսկ սիրոյ առաջին թափին մէջ, վագրի պէս նախանձոտ դարձեր էր ու դժգոհութեամբ կը յիշէր որ առաջին անգամ Ատիլ պէյ ալ տեսեր էր իր կինը։

Բայց վերջապէս իր բոլոր զգացումները կը մեղմանային. տակաւ առ տակաւ Ալի Հասան սկսաւ յիշել ամուրիի կեանքին զուարճութիւնները. օր մը անդիմադրելի կերպով փափաք զգաց երթալ տեսնելու Եւրոպացի կին մը որ զինքը այնքա՛ն խնդացուցած էր ժամանակին. երգեցիկ սրճարանները սկսան իր վարժ քայլերը հրաւիրել. սակայն եւ այնպէս չէր դադրած իր կինը սիրելէ ու անոր քով անցուցած միջոցը կը նկատէր իր կեանքին երջանկագոյն ժամերը։


— — —


Զէհէր հանըմ նախ տհաճութեամբ դիտելէ ետքը իր տղուն կնոջը նկատմամբ ունեցած բոլորանուէր սէրը, հաճոյքով անդրադարձաւ որ անոր հրայրքը տկարացաւ։ Հարէմի փակ եւ դատարկ սենեակներուն մէջ ձանձրոյթը իր գորշ մշուշը կը դնէր, ամէն բան սկսեր էր գունատիլ. բազմոցներուն կարմիր թաւիշը, ոսկեդրուագ կարասիներուն ջնարակը, արհեստական ծաղիկներուն երանգները կը կորսնցնէին հետզհետէ իրենց փայլն ու հրապոյրը, ու այդ հետզհետէ թառամող եւ փոշիացող շրջանակին մէջ՝ Ալի Հասանի աչքերը նոյն խանդավառութեամբ չէին տեսներ իր կինը։

Հետզհետէ մօրը նենգաւոր եւ յամառ գանգատները իրենց պտուղը տուին, Ալի Հասան բարեացակամութեամբ խորհուրդներ տալէ ետքը Ատիլէի, սկսաւ սրտնեղութեամբ զայն յանդիմանել։

— Ինչո՞ւ այդպէս ձեռքերդ ծալլած կը մնաս, կարծես թէ աղախին ես։

Ատիլէի մանկունակ աչքերուն մէջ ցաւի եւ անկարողութեան արցունքները կը փայլէին. ինքն ալ չէր գիտէր թէ ի՞նչպէս վարուէր, ի՞նչպէս շարժէր. զգաց որ ամւսինը արհամարհոտ կը դառնայ օրէ օր. այլեւս իրենց մտերմական խօսակցութիւնները շատ կարճ էին. Ալի Հասան իրեն չէր հաղորդեր իր հոգերը եւ յոյսերը, այլ միայն մօրը՝ որուն հետ երկար, առանձին խօսակցութիւններ կ՚ունենար ու ինքը դուրսը կը մնար, իբր թէ օտար ըլլար։

Եւ ահա յանկարծ Ատիլէ զգաց դառնօրէն իր դասակարգին յատուկ թշուառութիւնը. հակառակ իր խոնարհութեան եւ համակերպութեան արտասովոր ձայն մը լսեց իր հոգիին մէջէն. Ալի Հասանի արհամարհոտ յանդիմանութիւններէն աւելի զինքը խարազանեցին կեսրոջը ատելավառ եւ կծու ակնարկութիւնները. մէկէն ի մէկ ըմբռնեց որ անիրաւ են իրեն նկատմամբ ու իր սէրը եւ իր անսահման գորովանքը ոչնչի տեղ կը դնէն, չեն ուզեր հաշուի առնել զայն երբ ինքը այդ սանձարձակ սէրէն մղուած պատրաստ էր մեռնելու անոնց համար։

Ներքին խոր դրդում մը զինքը սթափեցուց իր լռին համակերպութենէն. ինք ալ չէր գիտեր թէ ի՞նչ է այդ դրդումը, չէր զգար որ ատիկա մարդկային արժանապատուութեան սրբազան զգացումն էր, կ՚ուզէր նոյն իսկ զայն մեղմացնել, զայն ճնշել ու լռեցնել, բայց եւ կը զգար որ իր ջանքերը ապարդիւն էին. իր աչքերը հետզհետէ բացուեցան իրական կացութեան. ուզեց ելնել իր որսացուած անասունի դերէն. ուզեց որ իր կամքը եւ իղձերը իրենց դերերը կատարեն ամուսնական կեանքին մէջ. յիշեց իր հօրը եւ մօրը ներդաշնակ կենցաղը ու անով ամրապնդուած կազմեց հետզհետէ իր կնոջական արժանապատուութիւնը. բայց ինչ որ շատ դիւրին պիտի ըլլար առաջին օրերուն, այլեւս դժուար էր. իր խակութեան հետեւանքով կորսնցուցեր էր բոլոր պատեհութիւնները. հիմակ այլեւս կը զգար որ ամուսնոյն եւ կեսրոջը տիրապետութիւնը անխզելի է, թէ ինքը ո եւ է կերպով չի կրնար ներգործել անոնց վրայ, թէ ինքը կապկպուած է շղթաներով եւ բանտարկուած է ընդունուած սովորութիւններու ցանցի մը մէջ։

Երբ իր ծնողքին այցելութեան կ՚երթար, ինչ որ կը պատահէր շատ ցանցառօրէն. իրեն կ՚ընկերանար պառաւ աղախին մը որ հանըմի ձեւեր կ՚առնէր Սալաճաքի համեստ տնակին մէջ։ Իսլամական սքանչելի պարզութեամբ, առանց գայթակղելու, Իպրահիմի կինը կը մեծարէր զայն եւ ամէն անգամ, վերադարձին, Ատիլէ կը զգար որ իր տան ծառան անգամ արհամարհոտ էր իրեն նկատմամբ. անիկա Զէհէր հանըմին կը հաղորդէր համեստ տնակին սովորութիւններէն մանրամասնութիւններ, ցաւելով կը յիշեցնէր որ Ալի Հասանին արժանի աղջիկ չէր այդ պայդարին աղջիկը ու հակակրութեան ցանցը ալ աւելի սեղմ կը զգար Ատիլէ իր շուրջը։

Ոչ մէկ օր, անիկա իր ներքին ցաւերուն ու իր հոգերուն վրայ խօսած էր ծնողքին. բայց Իպրահիմ զգացեր էր որ իր աղջկան երջանկութիւնը հետզհետէ կը մարէր մտահոգութեանց մէջ եւ իր խաղաղ դէմքին վրայ տխրութեան ստուերը երեւցեր էր այն օրէն ի վեր։

Իրիկուն մը Ատիլէ, ամուսնոյն երկար ժամեր սպասելէ ետքը, բազմոցին վրայ պառկեցաւ. հազիւ թէ կը մրափէր երբ ընդոստ արթննալով սանդուղներուն վրայ լսեց Ալի Հասանի սուրին աղմուկը. ոտքի ելաւ, մազերը շտկեց եւ սրտատրոփ սպասեց։ Զոյգ մը մոմերու պլպլացող լոյսին մէջ տեսաւ անոր հասակը ու քարացած մնաց։ Անոր դէմքը մոլորուն արտայայտութիւն ունէր, աչքերը տենդահար մարդերու աչքերուն կը նմանէին. գօտին թուլցեր էր ու սուրը կը քաշքշուէր գետնին վրայ խլեակի մը պէս։

— Սիրակա՜նս, հոգիս, ինծի՞ սպասեցիր։

Զինուորականին ուժեղ կուրծքը ճնշեց Ատիլէի ուսերը որ դէպ ի ետ ընկրկեցան, բայց երկու վայրագ բազուկներ սեղմեցին դեռատի կինը ու անիկա նողկանքի եւ սոսկումի խառն զգացումով մը զգաց ամուսնոյն գինովութիւնը։

— Ո՛չ, ո՛չ, հեռու գնա…

Ատիլէ բռնուած թռչունի մը պէս յուսահատ ջանքեր կ՚ընէր, իր անզօր ձեռքով ետ կը մղէր զայն ու զզուանքով դէմքը անդին կը դարձնէր։

Յանկարծ կոյր եւ վայրագ զայրոյթ մը բռնկեցաւ Ալի Հասանի երակներուն մէջ. մէկ ճիգով բարձրացուց կինը ու գետին նետեց զայն. ու սենեակին մէջ խելայեղօրէն պտուտկելով սկսաւ հայհոյութիւններ ընել։

— Սա լիրբին նայեցէ՛ք, սա՛ անհարազատին նայեցէ՜ք… ափ մը ցե՛խ, որ ուզած ատենս կրնամ ճզմել ներբանիս տակ արհամարհելի ու չքոտի արարա՛ծ, ինքզինքդ բա՞ն մը կարծեցիր, որովհետեւ քէֆիս եկաւ քեզի մինչեւ ինծի բարձրացնել։

Անոր մոլորած աչքերուն առջեւ կարմիր ու դեղին բոցեր կը պարէին ու զայրոյթը կը հրահրուէր կնոջը լռութենէն, պիտի ուզէր որ անիկա աղաղակէր, ճչար, բայց անոր անշարժութիւնը ու լռութիւնը զինքը կը մտրակէին նախատինքի մը պէս։

Աւելի սաստիկ, հետզհետէ աւելի խելայեղ, բարկութիւնը կը գոռար անոր օղիէ գերագրգռուած ուղեղին մէջ. աչքերը դարձան, այլեւս իր շարժումներուն տէրը չէր, մղձաւանջային տարտամութիւն մը զինքը կը պարուրէր. ուժգին հարուածներու աղմուկը իր ականջին կը հասնէր առանց զինքը սթափեցնելու, կարծես իր բազուկները չըլլային այդ հարուածները տուողը։

Փոթորիկէ մը աւերուած շուշանի պէս, Ատիլէ ֆիզիքական եւ բարոյական ցաւէն ինքնակորոյս, իր պատռտած հագուստներուն մէջ կ՚զգար բիրտ հարուածներէն վիրաւորուած մարմինը ու անսահման զգացում մը անէութեան՝ կը գրաւէր իր հոգին. ո՛չ լաց, ո՛չ աղաղակ, իր հպարտութեան զգացումը լռած էր այլեւս ու ցաւագին զարմացումով կ՚ադրադառնար որ մահուան եւ սիրոյ զգացումները հեշտագին սարսուռի մը պէս կ՚անցնէին իր երակներէն։

Երբ Ատիլէ բոլորովին սթափեցաւ, խոր լռութիւն մը տիրէր տան մէջ. արշալոյսը դեռ չէր ծագած, բայց քաֆէսներուն ետեւէն գիշերը կ՚անօսրանար եւ կը տժգունէր. այդ պահուն իր կացութեան սոսկումը զինքը պատեց ու ցրտօրէն կրցաւ մտածել պատահածին վրայ. թէեւ դեռ ներողամտութեան վարանք մը կար իր մտածումին մէջ Ալի Հասանի նկատմամբ, բայց հետզհետէ զգաց որ կարծր եւ անդիմադրելի զգացում մը կը տիրանար իրեն ու կը մերժէր հաշտութեան ոեւէ եզր։ Խռպոտ եւ շնչաց հեւք մը իր մտածումը ընդհատեց եւ խորհեցաւ որ անիկա Ալի Հասանը ըլլալու էր որ գինովներու յատուկ խռովուած քունով կը քնանար անկողնին վրայ նետուած, առանց հանուելու։

Հետեւեալ օրը իր կեսրոջ խոժոռ եւ յանդիմանական դէմքէն խուսափելով, Ատիլէ իր սենեակին մէջ առանձնացաւ. կեանքը կը սկսէր տխուր եւ լեղի դառնալ իրեն համար. խոշտանգուած մարմինը անտանելի ցաւեր կը պատճառէր իրեն, տենդը կը չորցնէր շրթունքը ու լալու փափաք մը կը կարծրացնէր իր կուրծքը եւ կոկորդը. անիկա արցունքներ կուլ տալով եւ ցաւագին մարմինը քաշքշելով կը պտուտկէր սենեակին մէջ երբ կեսուրը երեւցաւ։

— Ո՞ւր ես, ի՞նչ ես եղեր. նազըդ որի՞ է։

— Հիւանդ եմ, Աննէ՛, հեծկլտաց Ատիլէ ու մէկ անգամէն յորդառատ արցունքներ ժայթքեցին իր աչքերէն։

Անիկա կուլար բոլոր մարմնովը ցնցուելով, մանկան պէս բարձրաձայն ու այնպիսի սրտառուչ անկեղծութեամբ մը որ ձայնը կը թրթռար երկարօրէն ողբական եւ յուսահատ։

Միջոց մը կեսուրը լուռ մնաց. հանդիսաւոր կեցուածքով կը մրթնած էր պատին ու չէր գիտեր ինչպէ՞ս պատասխանել ցաւի այս արտայայտութեան. յուզմունքի ալիք մը կը բարձրանար իր հոգւոյն մէջ ու զինքը կը մղէր գթասիրտ խօսքի մը, գորովագին շարժումի մը որ պիտի ամոքէր ու մոռցնել տար Ատիլէի՝ իր ցաւը, բայց այս ինքնաբուխ զգացումը վիժեցաւ ու նախկին պալատականի հոգիին մէջ հպարտութեան եւ փառասիրութեան չար դեւը գոռաց։

Նախ ինքն ալ չէր հաւատար իր շրթներէն ելած խօսքերուն ճշդութեան, բայց հետզհետէ տարուեցաւ անոնց կիրքէն ու իր սեւ աչքերը վառեցան անհաշտ ատելութեամբ։

— Ալչաք արարա՜ծ, ամբարտաւան, ուղուրսըզ աղջիկ, ուրկէ՞ ուր իմ սեմէս ներս մտար ու դժբախտութիւն բերիր մեզի… այս յարկին տակ, մինչեւ այսօր լաց ու հառաչանք չէր լսուած ու հիմա քու պատճառաւդ սգաւոր տուն է դարձեր, նազըդ որի՞ է… փոխանակ ինքզինքդ փառաւորուած զգալու՝ դուն տղուս քէֆը հարամ կ՚ընե՜ս… դուն իրեն պարտական ըլլալով բացարձակ հնազանդութիւն, գլուխ կը բարձրացնե՛ս… բայց դուն չես գիտեր թէ ի՛նչպէս պիտի ջախջախուի այդ գլուխդ…

Աւելի ուժեղ, աւելի հեծեծագին Ատիլէի լացը կը պատասխանէր Զէհէն հանըմի ձայնին։

— Վա՜խ, վա՜խ, վա՜խ… մեղք իմ կտրիճ զաւակիս. մեղք իմ առիւծիս… դուն չե՞ս մտածեր որ ինչպէս եկար, այնպէս ալ կ՚երթաս. թէ բաղդը քեզիպէսներուն համար հեղեղի մը կը նմանի՜… անմիտ ու անշո՛ւք արարած, դուն չէ՞ս խորհիր որ տղուս ոտքին փոշին չե՛ս, ուրկէ՞ ուր սորվեցար գլուխ բարձրացնել, շատ սերո՛ւնդ…

Ատիլէի լացը լռեց… կեսրոջ հրացայտ աչքերուն սեւեռեցան ուրիշ աչքերը մատղաշ եւ վայրենի կենդանիի աչքեր…

— Ես պայդար Իպրահիմի աղջիկն ե՛մ…

Ինչո՞ւ կ՚արտասանէր այդ խօսքերը եւ ինչո՞ւ կը փառաւորուէր իր հօրմով, ինքն ալ չէր գիտեր, բայց իր ձայնին մէջ կար այնպիսի շեշտ մը ուրկէ Զէհէր հանըմ ազդուեցաւ ու անոր սրտին կարծրութիւնը թուլցաւ. մինչ Ատիլէ կը կրկնէր հեկեկալով,

— Ես պայդար Իպրահիմի աղջիկն եմ։

Բայց անիկա այդ պահուն զգաց որ շրթները կը պաղէին, մեքենաբար ու թոթովելով կը ճգնէր կրկնել այդ բառերը, բայց այլեւս լեզուն չհնազանդեցաւ իր ջանքին, արագ սարսուռ մը անցաւ կռնակն ի վար, գլուխը դարձաւ, սրունքները դեդեւեցին ու երբ կը պատրաստուէր դէպի բազմոցը երթալ, կռնակն ի վար ինկաւ, արմատէն կտրուած ծառի մը պէս։

— Օ՛ֆ, օ՜ֆ… այս ինչ ձիւն էր եկաւ գլուխս, այդ անիծուած աղջկան պատճառած հոգը, պատճառած ծախսը վերջ չունի՜… տղուս հանգիստ խոռվուած է… անիկա գիշերը քուն չունի, ցորեկը խաղաղութիւն չունի… ասոր վերջը ո՞ւր պիտի երթայ։

Ատիլէ հիւանդ պառկած էր ու Ալի Հասան՝ խղճահար իր վարմունքին համար. մեծ գուրգուրանքով կը խնամէր զայն եւ այլեւս ականջ չէր կախեր մօրը յարատեւ տրտունջներուն։

Բժիշկը լրջութեամբ խօսած էր ամուսնոյն հետ եւ այս վերջինը չէր գիտեր ի՞նչպէս դարմանել իր ըրածը։ Հետզհետէ Զէհէր հանըմ տեսնելով որ իր անտարբերութիւնը խորթ կը թուէր տղուն, մտահոգ երեւցաւ, նաեւ անկեղծօրէն փափաքեցաւ որ Ատիլէ առողջանայ, մտածելով որ հիւանդութիւնը զայն աւելի շահեկան կը դարձնէր Ալի Հասանի աչքին։

Հակառակ որ հիմակ տղան շատ կը շփացնէր կինը, իր փորձառու կնոջ հոտառութեամբ կը զգար որ բան մը կար որ անդարմանելի կերպով խզուած էր անոնց մէջ եւ թէ այդ կարգի կռիւներ, եթէ ոչ նոյն ուժգնութեամբ բայց յաճախակի՝ տեղի պիտի ունենային անոնց մէջ. եւ այդ անհամաձայնութեանց վերջնական արդիւնքը գուշակել դիւրին էր։

Երբ Ալի Հասան անհամբեր ու շնչասպառ, զօրանոցէն տուն կուգար, մայրը կը գտնէր յաճախ Ատիլէի քով եւ երախտապարտութեամբ աչքերը կը լեցուէին, խորապէս կը սիրէր անիկա իր կինը ու անգիտակցութեան մը րոպէին անոր հետ ունեցած բիրտ վարմունքը պատճառ մը չէր համարեր ցրտութեան. ընդհակառակը, զայն շատ աւելի կը սիրէր, զայն ցաւցուցած ու վիրաւորած ըլլալով, կարծես աւելի տիրացած էր անոր եւ այս զգացումը այնպիսի սրտազեղում մը կը պատճառէր իրեն որ նոյն իսկ երբ հեռու եղած ատեն կը յիշէր, հոգին կը թուլնար ու սիրոյ տենդը նորոգ խոյանքով մը կ՚անցնէր իր էութեան մէջէն։

Երբ Ատիլէ առողջացաւ, Զէհէր հանըմ միջոց մը լաւ վարուեցաւ հետը. ուրիշ կարգի ծրագիրներ կ՚ուրուագծուէին իր հնարամիտ կնոջ մտքին մէջ, շատ լաւ կը ճանչնար մարդկային տկարութիւնները եւ վարժ էր զանոնք վարուելու այս կամ այն ուղղութեան. հասկցաւ թէ ինչպէ՞ս պիտի յաջողէր իր տղան Ատիլէէն բաժնելու եւ այլեւս պատեհ չհամարեց իր հարսին հետ գէշ վարուիլը, քաղցրօրէն կը յանդիմանէր զայն այդպիսի դէպքեր տեղի տուած ըլլալուն համար եւ երբ Ատիլէ ինքզինքը արդարացնելու համար կ՚ըսէր թէ այն օրը Ալի Հասանի գինովութենէն էր որ խորշած էր, Զէհէր հանըմ լրջօրէն եւ հանդիսաւորապէս կը պատասխանէր։

— Ի՜նչ կ՚ուզէ ըլլա՜յ… ի՜նչ կ՚ուզէ ընէ, էրիկ մարդ է անիկա։

Ատիլէ երկար օրեր մնաց շատ տժգոյն եւ տխուր. մասնաւոր մտասեւեռում մը զինքը փոխն ի փոխ կ՚անցնէր յոյսի եւ տարակոյսի տագնապներէն. իր նոր ապաքինած հիւանդի աչքերուն մէջ տենդագին կենսունակութիւն մը կար եւ միեւնոյն ատեն սրտառուչ խոնաւութիւն մը. իր ձայնը առեր էր հեծկլտանքի բեկբեկ եւ մելամաղձոտ շեշտը. իր գեղջուկի ձեռքերը նիհարցեր ու ճերմկեր էին ու մատները կը բարակնային հիւծախտաւորներու մատներուն պէս։ Յաճախ հոգիին խորէն հառաչանք մը մինչեւ շրթները կը բարձրանար եւ մտահոգ կը մնար՝ քանի մը րոպէ սրտին ցաւը մտիկ ընելով։

Իրեն օգնելու համար հեռաւոր թաղի մէջ բնակող կեսրոջը մէկ բարեկամուհին դեռատի աղախին մը ղրկած էր իրենց. երկու երիտասարդ կիները առաջին չէին սիրած զիրար, որովհետեւ Ատիլէ անտանելի գտեր էր նորեկին համարձակութիւնը, հեգնող ակնարկները եւ ճարպիկ աղջկան բանիմաց նենգութիւնները։ Մագպուլէ ունէր նաեւ դիւային շնորհ մը որ առանց գեղեցկացնելու հրապուրիչ կը դարձնէր զինքը. անոր ճկուն շարժուձեւերը, դիտմամբ փախուստները եւ կիսաբաց դռներէ արձակած ճիչերը ու քրքիջները կը խնդացնէին Ալի Հասանը որ Մագպուլէի հետ կը կատակէր եւ անով կը հետաքրքրուէր։ Երբեմն ալ չափը կ՚անցնէր մանաւանդ երբ Ալի Հասան խմած ըլլար եւ Ատիլէ ժամեր ու ժամեր կը հանդուրժէր այդ կնոջ ներկայութեան իր սենեակին մէջ։

Առաւօտ էր, եւ Ալի Հասան նոր մեկներ էր տունէն երբ Մագպուլէ Ատիլէի սենեակը մտաւ ծառայելու համար։ Յանկարծ Ատիլէ կեցաւ աղախինին դիմաց ու խստութեամբ ըսաւ անոր։

— Ես այլեւս չեմ ուզեր որ երբ պէյը այս սեմէն ներս մտնա՛յ, դուն որ եւ է պատճառաւ երեւաս իրեն։

— Գլխուս վրայ, հանըմս…

Մագպուլէ կը շարունակէր սենեակը կարգի բերել եւ միւս կողմէ կը լսէր հազիւ զսպուած լկտութեամբ։

— Ո՛չ, ես այլեւս երբէ՛ք, երբէ՛ք այդպիսի բան չեմ ուզեր…

Ատիլէ շուարեցաւ ու քանի մը անգամ կրկնեց արգելքը յանդիմանական շեշտով մը, արիւնը կ՚եռար երակներուն մէջ եւ տաք ալիք մը բարձրացաւ մինչեւ այտերը, մինչեւ ճակատը ու քունքերուն մէջ զգաց արագ եւ զօրաւոր թնդիւններ. միեւնոյն ատեն մտածեց. «Իրաւ է որ գեղեցիկ չէ՛, բայց իրաւ է նաեւ որ շէյթանի հրապոյր մը ունի» ու ցաւագին մտածում մը գալարեց զինքը հոգեկան խոր ցաւով։

— Ո՞ւր է Մագպուլէն։

— Պէ՜յս պատասխանեց Ատիլէ հեկեկագին ձայնով մը, պէտք չունինք իր ծառայութեան, ես քու աղախինդ չե՞մ, ինչ որ ուզես ինծի ըսէ։

— Կանչէ՛ Մագպուլէն։

— Պէ՜յս… արցունքներ խէղդեցին Ատիլէի ձայնը ու սկսաւ հեծկլտալ։

— Օ՜ֆ… օ՜ֆ… կեանքը դառնահամ սկսաւ դառնալ, Ատիլէ՛… զուարթութիւնդ երկչոտ թռչունի մը պէս թռաւ գնաց, ու դուն ճզղած տղու մը պէս անտանելի դարձար… դուն չեն ուզեր կանչել Մագպուլէն, ես իրեն կ՚երթամ։

Երբե՜ք, երբե՜ք այլեւս ոտքը չպիտի դնէր այդ անիծեալ սեմին վրայ… Ատիլէ աճապարանքով կը հագուէր ու իր ցաւատանջ մտածումով ամբողջ գիշերը թափառելէ ետքը կսկծալի հաւանականութեանց շուրջը, հիմայ կը խուսափէր կարծես իր ցաւէն, կը խուսափէր իր դժոխային չարչարանքէն։

Առաւօտը նոր ծագեր էր, աշնանային զովութիւն մը սարսուռով կը համակէր իր անձը, քամին կը փչէր տանիքին վրայ ու նեղ փողոցներէն սուրալով կ՚անցնէր բուի պէս վայելով։ Ատիլէ կ՚ուզէր մեկնիլ ո եւ է մէկը չտեսած, ո եւ է մէ՛կը, այդ անիծեալ էակներէն որոնց իւրաքանչիւրին կեանքի նպատակն էր կարծես իր երջանկութիւնը փշրել. իր աչքերը լալէն կուրցեր էին, ու շրթները ողբալէն տժգուներ. բայց որո՞ւ հոգն էր՝ ու կարծես լրացնելու համար իր տառապանքը ու իր կրած նախատինքները նոյն յարկին ներքեւ, իր քովի սենեակին մէջ Ալի Հասան հարճ առեր էր այդ նորեկ աղախինը…։ Գիտէր, շատ լաւ գիտէր թէ ինչպէս պիտի պախարակէին իր փախուստը, որքան անմիտ ու բան չգիտցող պիտի նկատէին զինքը… բայց ինքը, Ատիլէ, պայտար Իպրահիմի աղջիկը, այդպիսի բանի մը չէր կրնար հանուրժել, ե՜րբեք, ե՜րբեք…

Ոչ իսկ կը մտաբերէր թէ պատահածը սովորական եւ առօրեայ դէպք մըն էր, ոչ իսկ կը խորհէր թէ առանց այդ համեմատութիւնները տալու այդ դէպքին՝ կարելի էր լռութեան եւ համակերպութեան մէջ խղդել իր ցաւը. այլ ընդհակառակը իրեն կը թուէր որ այդպիսի չարչարանք ոչ մէկ կին չէր կրած, ու այդպիսի գիշեր ոչ մէկ Իսլամուհի չէր անցուցած։

Ուրուականի մը պէս անշշուկ սահեցաւ սանդուխներէն ու խելակորոյս փախստականի պէս անցաւ փողոցներէն. հազիւ թէ ինքնամփոփումի րոպէ մը կրցաւ ունենցալ շոգենաւին մէջ որ զինքը դէպի Սալաճաք կը տանէր։ Անիկա հագեր էր սեւ պիւրիւմ մը եւ երեսը ծածկեր էր անթափանց եւ նոյնպէս սեւ փէչէով. անիկա ոչ մէկ րոպէ իր երեսը բացաւ մինչ քանի մը ցանցառ թրքուհիներ հետաքրքրուած իր լռութենէն, հարցումներ կ՚ուղղէին իրեն…

— Ճահիլ է, բայց սիրտը ցաւած է, բարունակի մը կը նմանի որ կարկտահար եղած ըլլայ կ՚ըսէր կին մը իր քովինին։

— Ա՜խ… ա՜խ… որուն որ սիրտը կը վառի անիկա կը հասկնայ, կ՚ըսէր պառաւ մը, փորձառու շեշտով մը։

— Ի՞նչ ցաւով սիրտդ կը ցաւի, կը հարցնէր երիտասարդ կին մը սրտառուչ մտերմութեամբ մը…

Ու բէչէին ներքեւէն անընդհատ Ատիլէի աչքերը կ՚արտասուէին։

Ցուրտ էր եւ առաւօտեան քամին կը մտրակէր զինքը։ Փոթորկալի եւ մոլեգին ամպեր կը կուտակուէին երկնքին վրայ. շոգենաւին կտաւները կը ծեծուէին ու կը շառաչէին կարծես մօտալուտ եւ աղետալի ժամեր ազդարարելով։ Թանձր եւ դառնագին տխրութիւն մը կը ծածանէր քաղաքին վրայ ու Ատիլէի կը թուէր որ ամբողջ աշխարհ իր սուգը կը բռնէր։

Սալաճաքի բարձունքին վրայ Իպրահիմի տնակին մէջ, կեանքը միջոց մը ալեկոծուելէ ետք ստացեր էր իր խաղաղ եւ կայուն հանդարտութիւնը, բայց այդ խաղաղութիւնը առերեւոյթ էր եւ բոլոր հոգիները վրդովուած մնացեր էին Ատիլէի կրած նախատինքով ու ցաւով։

Այր ու կին երկու ծերունիները ինքզինքնին արտայայտելէ ետքը իսլամի վայել սակաւապետութեամբ այլեւս կը լռէին ու թէեւ յարատեւ կերպով կը խորհէին իրենց աղջկանը դժբաղդութեանը վրայ, բայց այլ եւս պատշաճ չէին համարեր այդ մասին խօսիլ ու իրենց հոգեկան տրամադրութիւնները ի յայտ բերել։ Մռայլ, խոժոռ եւ անփոփոխելի տխրութիւն մը յաջորդեր էր երբեմնի ժպտուն պարզութեան ու այդ լռին մելամաղձութեան մը բոլորին հոգիները հաղորդակից էին անսահմանելի նրբութեամբ մը…

Ատիլէ շատ փոխուած էր. հիւանդագին նիհարութիւն մը այլափոխեր էր անոր դէմքը որուն վրայ աչքերուն լոյսը կը նուաղէր. վիշտի եւ յուսախաբութեան ծալք մը վաղահասօրէն կը թառամեցնէր իր այտերուն փափկութիւնը ու իր թխորակ մորթին տակէն արիւնը վառեր, վառեր ու հատեր էր կարծես, այնքա՛ն գունատեր էր, դիակնային տժգունութիւնով մը։

Երբեմն, ծայրայեղ խնամքով քօղարկուած, կը պտտկէր պարտէզին մէջ, ուր ծառերը տերեւաթափ կ՚ըլլային եւ իրենց մերկացած ճիւղերը կը ցցէին հիւսիսային հովերէն դողդոջելով. յամր եւ անխուսափելի քայքայումը զինքը շրջապատող բնութեան՝ կ՚արծարծէր իր տխրութիւնը եւ աչքերը տաժանքով կը պտտցնէր իր շուրջը։ Երբե՜ք, այլեւս չէր դառնար այն կողմը ուր առաջին անգամ իր սիրականը երեւցեր էր… մարգագետինը թառամեր էր եւ այլեւս չկային անոր թաւշեայ դալարին ծանրագին գորգի մը պէս պիտակող ճերմակ եւ գունագեղ ծաղիկները. այլեւս դեղնած եւ չոր ձողերը երբեմնի դալարագեղ բոյսերուն՝ ստեւներու պէս կը ցցուէին ցանցառօրէն կարծրացած հողին մէջէն, ուր դեգերող արօտականները հայրենաբաղձ բառաչիւններով գալիք գարունները կ՚երազէին։ Ու արեւը երբ երեւնար, մթին եւ հոծ ամպերու մէջերէն կը լուսաւորէր իր ճերմակ եւ ջերմութենէ զուրկ ճառագայթներովը այս ոգեւորող բնութիւնը։

Երբեմն ալ Ատիլէ կը նստէր դրանը սեմին վրայ ու կզակը ափին կրթնցոււցած՝ կը խորէր երկարօրէն, ո՛չ մէկ թշնամական զգացում, ո՛չ մէկ դառնութիւն չէր մնացած իր մէջ։ Օրերու ընթացքին Ալի Հասանի նկատմամբ իր ունեցած քէնը եւ իր կրած նախատինքին յիշատակը մեղմացեր էին, բայց կ՚զգար որ, հակառակ ամէն բանի, իրարմէ բաժնուած էին. քանի որ շատ մը օրեր անցեր էին ու անիկա ոչ մէկ ջանք ըրեր էր իրեն մօտիկանալու, հաշտութիւն առաջարկելու. ինչպէ՛ս, հլու եւ հնազանդ, թէեւ գլխիկոր, պիտի մտնէր վերստին ամուսնոյն հովանիին ներքեւ, փարախի մէջ մտնող ոչխարի մը նման, ինչպէ՜ս, խռովքի եւ տարփանքի ժամերու մէջ կարօտով կը յիշէր զայն, անոր բրտութիւնները, անոր հարուածներն իսկ եւ իր հոգին ծարաւի էր անոր սիրոյն։

Երբ այսպէս, վիզը ծուռ, նայուածքը մոլորուն, կ՚երազէր, յաճախ իր մօտ կ՚զգար Ճէմիլին ներկայութիւնը, անոր հեւքոտ շնչառութիւնը եւ բոցավառ աչքերը կը հետապնդէին զինքը, խանգարելով իր հոգիին ցաւագին ներդաշնակութիւնը։ Ատիլէի նոր կացութիւնը արծարծեր էր Ճէմիլի յոյսերը եւ յաւականութիւնները, եւ երիտասարդ ձիադարմանը իր յամառ սիրով կը տանջէր զինքը։

— Ո՛չ, ո՛չ… ըսեր էր Ատիլէ կտրուկ եւ վճռական շեշտով՝ անգամ մը երբ Ճէմիլ խօսք բացեր էր իրեն իր զգացումներուն մասին ու հիմակ ամէն անգամ որ զայն կը զգար իր շուրջը, գլուխը կը բատձրացնէր ցանկապատէն անդին, կը տեսնար անոր արեւակէզ դէմքը, մոլար աչքերը, մազերու սեւ փունջը ճակտին վրայ ու ահաբեկած, անոր համր աղերսանքին կը պատասխանէր գլուխը շարժելով մերժողաբար։

Այդ պատճառաւ էր որ Ճէմիլ սեւ յուսահատութենէ բռնուած՝ կը թափառէր երեկոները գինետունէ գինետուն. ու վերադարձին՝ Ատիլէ քունէն արթննալով կը լսէր անոր գոռ եւ վայրենի ձայնը որ տարերային ուժգնութեամբ մը կը բարձրանար ու կը հասնէր մինչեւ իր ականջին։

«Անօրինակ ցաւի մը մէջ ինկած եմ.

«Որ ոչ կը քնացնէ զիս եւ ոչ կ՚սթափեցնէ

«Ու օրէ օր իմ վիշտ կ՚աճեցնէ՜…

Հակառակ իրեն Ճէմիլի հրայրքը զինքը կը խռովէր, մինչ իր սիրոյ եւ հեշտանքի գիշերներու բոլոր յիշատակները, այդ տարփաւէտ եւ տրտում երգերով կենդանացած, նոր իրականութեամբ մը կ՚անցնէին տեսիլքի պէս իր չարչարուած մտածումին մէջէն։

Իպրահիմ, թէ՛ հոգեկան, թէ՛ ֆիզիքական մեծ ցնցում կրեց Ատիլէի պատահած դժբախտութեան վերահասու ըլլալով ու իր հպարտ եւ արժանաւոր հոգին ըմբոստացաւ իր աղջկան միջոցաւ եւ իրեն եղած նախատինքին դէմ. սրտմտութեամբ եւ հետզհետէ արհամարհանքով մը խորհէր այդ երիտասարդ սպային վրայ, որ չէր գիտցած գնահատել Ատիլէի պէս քնքուշ եւ սիրագեղ կին մը։

Զայրոյթով կը մտաբերէր որ իր աղջկան միամիտ եւ անսեթեւեթ պարզութիւնը. պայծառ զուարթութիւնը հրապուրելէ ետքը այդ պղտոր զուարճութիւններէ յափրացած զինւորականը՝ վերջապէս զայն ձանձրացուցեր էր… ուրեմն, իբր հա՞րճ ընդուներ էր իր աղջիկը, իր, Իպրահիմի աղջիկը…

Եթէ կարենար իր կարկամած սրունքներուն վրայ կանգնելու ու երթալ այդ ապականուած երիտասարդութեան երեսին նետել իր բոլոր զգացած նողկանքը… եթէ կարենար երթալ ու յայտնել անոնր որ իրենց հայրերը ու հաւերը աւելի զօրաւոր եւ յաղթական եղած էին միշտ, որովհետեւ պողպատի պէս կարծր եւ անընկճելի էր իրենց վեհանձնութիւնը եւ առաքինութիւնը… բայց ինք անկողնին գամուած թշուառ մըն էր ինք, որ թշնամիին աչքերուն մէջ նայած էր առանց իր արտեւանունքը քթթելու, ինք որ իր զայրոյթի րոպէներուն առիւծ դարձած էր, հիմակ շղթայուած ու անզօր կը մնար՝ ինչպէս մեռելը իր գերեզմանին մէջ ու չէր կրնար երթալ հաշիւ պահանջել իր մէկ հատիկ աղջկանը եղած նախատինքին։

Իպրահիմ այլեւս հաշտութիւն չէր ուզեր. ան ո՜չ, այլ վերջնական խզում. ինչո՞ւ աղջիկը կապուած կը պահէին, ինչո՞ւ այդ վատ զինուորականը չէր արձակէր զայն. առաջին օրէն իսկ Ճէմիլի միջոցաւ «փուսուլա» մը ղրկելով՝ այդ պահանջքը դրեր էր իր փեսին։

«Ես, Իպրահիմ, կ՚ուզեմ որ իմ աղջիկս արձակես»

Ու ո՛չ մէկ պատասխան։

Իպրահիմ, իր հիւանդութեան տաժանելի շրջանին մէջ, առաջին անգամը ըլլալով՝ դառնացաւ իր վիճակին վրայ։ Իր անդամները աւելի ծանր թուեցան իրեն, մահը կամայական ու հեռաւոր. անիկա դառնօրէն զգաց որ անհետացող սերունդի մը յետամնաց մէկ անդամն էր. ինչո՞ւ իր աչքերը բաց կը մնային, ինչո՞ւ իր շրթները չէին պաղեր մահուան սառնային համբոյրով։ Իր դիակնացած անդամներուն վրայ որոնք շարժում եւ ուժ կորսնցուցեր էին, գլուխը կ՚՚ապրէր միայն եւ իր իմացականութիւնը կը մնար յստակ ու կորովի տառապելու ու զայրանալու համար։

Իր շատ թուխ եւ ճերմակ մօրուքով շրջանակուած դէմքին վրայ աչքերը ցաւագինօրէն կը տառապէին՝ ամէն անգամ որ իր նուաղած նայուածքը հանդիպէր Ատիլէի։

— Օ՜ֆ, օ՜ֆ… ամենակարող Ալլա՜հ, ինչո՜ւ կեանքը դառնահամ պտուղի մը նման է։

Դարձեալ «մուէզզին»ի բարեպաշտիկ կոչին՝ իր կինը կուգար «նամազ»ը ընելու, որուն կ՚ընկերանար ծերունին իր նայուածքով. բայց իր դողդոջուն շրթներուն վրայ սրբասուն բառերը կը կորսնցնէին կարծես իրենց իմաստը ու իր հոգիին խաղաղութեան հետ մարեր էր նաեւ այն աստուածային ոգին որ իր տաժանելի կեանքը կը թեթեւցնէր։

Վերջին երկրպագութիւնները ընելէ ետքը, պառաւը պահ մը ծալլապատիկ կը նստէր փսիաթին վրայ ու ամէնքն ալ լուռ կը մնային, խորասուզուած առանձին մտածումներու մէջ։

— Օ՜ֆ… օ՜ֆ… ճակատագիրը սեւ է… կ՚ըսէր վերջապէս պառաւը, պատասխանելով իր սիրելիներու վրդովմունքին։

Դարձեա՛լ, մայրամուտին, երբ Ատիլէ սեմին վրայ նստած, երեսը ափին մէջ կը խոկար, Իպրահիմին կինը Գուրան կը կարդար ու երկար ատեն անոր երգող եւ տխուր ձայնը կը հնչէր երկարաձգուելով հեծեծագին ելեւէջի մը մէջ։

Իրիկնամուտի թերաստուերը կը քողարկէր գիւղանկարը ցանկապատէն անդին, Ճէմիլի մթին դէմքին վրայ աչքերը կը վառէին ցանկութենէ եւ յուսահատութենէ եւ երբ Ատիլէ գլուխը վեր բարձրացնելով, իր աչքերը կուրցնող արցունքներուն մէջէն տեսնէր անոր նայուածքը, գլուխը կը շարունակէր ցնցել մերժումով. անողոք ճակատագրականութիւն մը սիրողը սիրածէն կը բաժնէր եւ մինչ մորթին մէջ հալող երանգները ու աշնանային երեկոներու զովութիւնը, ինչպէս նաեւ բուի պէս վայող քամիին հեծեծանքը կը հրաւիրէին մարդիկը խաղաղ եւ երանաւէտ գորովանքի, ամէն մէկը աւելի ուժգին կ՚զգար իր սեւ բաղդը. ու այս պատճառաւ էր թերեւս որ ուշ ատեն, ճամբուն վրայ երկարաձգուող ողբական եւ լալագին սիրոյ երգերը ցաւի երգեր էին միանգամայն եւ կը յարմարէին իւրաքանչիւրին հոգեկան տրամադրութեան։

Գիշերը յառաջացած էր, բայց Ոսկեղջիւրի իրենց բնակարանին մէջ՝ Ալի Հասան եւ մայրը չէին քնանար ու կը խօսէին։ Ձմեռը սկսած էր եւ ձիւնը կը տեղար անդադար ալ աւելի լռութեան մէջ մխրճելով հանդարտ քաղաքը։ Կապերտներով ծածկուած սենեակին մէջ կրակարանին պղինձը կը պլպլար եւ կրակներու դէզ մը ճերմակ մոխիրի խաւին ներեւէն կարմիր սուտակի ցոլքեր կ՚արձակէր, մայր ու տղայ պահ մը դադրեցան խօսակցելէ եւ Ալի Հասան յոգնած եւ մտազբաղ ցած բազմոցին վրայ երկնցաւ ու սկսաւ ծխել. մայրը նստած էր դէմը ուրիշ բազմոցի մը վրայ եւ ո եւ է նպատակ հետապնդող անձի աթնութեամբ կը դիտէր իր տղուն շարժուձեւերը եւ արտայայտութիւնը, անոնցմէ գուշակելու համար իր սերմենած զգացումներուն եւ գաղափարներուն արդիւնքը. բայց իր տղան որ այնքան դիւրաւ հասկնալի էր իրեն համար, ահա կը դառնար անթափանցելի ու Զէհէր հանըմ ծայրայեղ կերպով մտահոգ էր։

Երկրորդ «փուսուլա» մը եկեր էր Իպրահիմէն.

«Ես, Իպրահիմ, անգամ մըն ալ կ՚ըսեմ քեզի որ արձակես իմ աղջիկս»։

— Այդպէս ալ պէտք է ընել. մարդը իրաւունք ունի. Իսլամի վայել չէ խեղճ աղջկան մը կեանքը կաշկանդել աննպատակ։ Լսեցի որ կրկին պիտի ամուսնանա՜յ, «խըսմէթ»ը մի՛ կապեր, արձակէ զայն…։

Զայրոյթի տագնապէ մը տժգունեցաւ զինուորականը՝ անիկա մէկ ոստումով ոտքի ելաւ.

— Պիտի ամուսնանա՜յ…

Աչքին առաջքէն կ՚անցնէին կայծակի արագութեամբ գողտր եւ յանկուցիչ տեսիլներ։ Ատիլէի պատկերը երբեմն որոշ կը ներկայանար իրեն եւ երբեմն ալ կ՚անհետանար տարտամութեան մէջ. կցկտուր մանրամասնութիւններ կը յամառէին. վզին վրայ ինկած մազի խոպոպիկ մը, ծոծրակին գիծը, քունքերուն վրայ՝ լաւ գծուած յօնքերուն վերջաւորութիւնը ու Ատիլէի երջանիկ օրերուն ժպիտը ու զուարթութիւնը, Ալի Հասան յիշեց, համբոյրը անոր խնդացող բերնին վրայ երբ փափուկ եւ ծաղկի թերթերու պէս զով շրթներուն ետեւէն կ՚զգար կարծրութիւնը անոր մանրիկ եւ սուր ակռաներուն։

— Աննէ՜… Աննէ՜…

— Ինչո՞ւ չարձակես զինքը. ինչո՞ւ «խըսմէթ»ին դէմ երթաս. աղջկանը պակա՞սը կայ քեզի համար եւ ի՞նչ տեղերէ։

— Աննէ՜, ըսաւ Հասան կտրուկ ձայնով մը, ճի՞շդ է որ պիտի ամուսնանայ։

— Այո՛, հաստատ տեղէ լսեցի։

— Որո՞ւ հետ։

— Չեմ գիտեր, կրնայ Ատիլ պէյը ըլլալ, կրնայ Ճէմիլը, կրնայ ուրիշ մէկը…

Գոռ եւ վայրագ աղաղակ մը խաբանեց մօրը ձայնը. Ալի Հասան սենեակէն դուրս ելաւ քանի մը րոպէ ետքը մայրը լսեց որ տանը դուռը կը փակուէր դղրդիւնով։

Ալի Հասան խուսափելով իր տունէն միջոց մը խելակորոյս թափառեցաւ թաղերուն մէջ. ձիւնը միշտ կը տեղար բայց ինքը չէր զգար ո՛չ ցուրտը, ո՛չ յոգնութիւնը. արտակարգ ուժգնութեամբ փոթորիկ մը կը գոռար իր հոգիին մէջ ու զինքը կը խարազանէր հակասական զգացումներով. իր վրդովուած էութեան մէջ Ատիլէ կը ներկայանար փոխն ի փոխ իր լաւ ու գէշ օրերուն մէջ. զայն կը տեսնէր առաջին օրուան պատկերով Սալաճագի պարտէզին մէջ. վարդագոյն «էնթարի»ն հագած ու անոր չարաճիճի ժպիտը, արծաթեայ օղերուն լուսնային ցոլքը անոր թուխ այտերուն վրայ։ Ու ա՛յն աչքերը որոնց վրայէն քօղը ինքը վերցուցեր էր առաջին անգամ, պիտի նայէին յուզուած հետաքրքրութեամբ մը ուրիշ մարդու մը աչքերո՜ւն… երբե՛ք, երբե՛ք…

Կը յիշէր հիմակ Ատիլ պէյ քօղարկուած շահագրգռութիւնը Ատիլէի մասին, կը յիշէր այն անբացատրելի արտայայտութիւնը զոր տեսեր էր անոր դէմքին վրայ երբ իմացեր էր կնոջը փախուստը… նոր փեսացուն Ատիլ պէյն է՜ր… այո՛, այո՛… եւ այդպէս բան չպիտի ըլլար։

Ամէն մէկ մտածում, ամէն մէկ յիշատակ զինքը կը ցնցէր ցաւագին ուժգնութեամբ մը. ինչո՞ւ այդ սիրուն եւ շնորհալի աղջկան սիրտը կոտրեր էր, ինչո՞ւ արհամարհեր էր անոր խոնարհութիւնը եւ բոլորանուէր սէրը. ու անդիմադրելի ցանկութիւն մը զայն տեսնելու, անոր սիրտը շահելու եւ կրկին զայն իր թեւին ներքեւ առնելու, զինքը խանդավառեց։

Ուշ ատեն գնաց զարկաւ իր մէկ ընկերոջը դուռը եւ հոն անցուց գիշերը, չուզելով տուն դառնալ ուր կ՚զգար թէ պիտի գտնէր իր մայրը արթուն եւ զինքը հետապնդելու պատրաստ. կ՚զգար որ չարիքին աղբիւրը մայրը եղած էր եւ առաջին անգամը ըլլալով իր զգացումները թշնամական կը դառնային անոր նկատմամբ, կը տեսնէր մօրը վտիտ «սիլուէդ»ը, անոր բարձր եւ տիրական հասակը, աչքերուն մթին եւ խորհրդաւոր լոյսը եւ Ալի Հասան կը խուսափէր իր տունէն։

Առաւօտուն կանուխ մեկնեցաւ դէպի Սալաճագ. շոգենաւ չգտնելով անցաւ Սկիւտար, ուրկէ վարձու ձիով մը բարձրացաւ դէպի այն բարձունքը ուր երջանկութիւնը ընդնշմարեր էր առաջին անգամ. մռայլ դառնութիւն մը զինքը խոժոռ կը դարձնէր եւ ան ո եւ է դիմադրութեան պարագային կը պատրաստուէր պայքարելու, չէ՞ որ իր «նիքեահլը»ն էր Ատիլէ եւ իրաւունք ունէր զան բռնի ուժով իր տունը տանելու, այո՛, բռնի ուժով. ու կ՚զգար Ատիլէի բաբախուն ու սարսափած էութիւնը իր կուրծքին վրայ, կը զգար անոր նուաղած աչքերուն քաղցրութիւնը, դիմադրող եւ դողդոջուն շրթները, բազուկներուն անզօր պրկումը, կ՚զգար բոլոր ասոնք ու իր հոգիին խորերէն անծանօթ ու կարծես դարաւոր ձայն մը, առեւանգումի եւ վայրագութեան ախորժակներով արթնցած, յաղթանակի ուրախութիւնը կ՚երգէր։

Բայց երբ Ալի Հասան Իպրահիմի տնակին մօտեցաւ եւ զայն տեսաւ ձիւնապատ դաշտերէն անդին, ճերմակ բեռին տակ ճնշուած կմախային ծառերու ճիւղերուն ցանցին ետեւէն, ամբողջ եռանդը մարեցաւ ու ինքզինքը երկչոտ զգաց տղու մը պէս, ձին կապեց ցանկապատին ու մտիկ ըրաւ, ինչպէս այն առաջին օրը՝ պառաւին կերկերաձայն եւ սրբազան երգը կը հասնէր իրեն, բայց ո՞ւր է շքեղ արեւը, ո՞ւր էին պերճ եւ երանգաւոր բուսականութիւնը եւ ո՞ւր էր մանաւանդ ճերմակ եւ ծփացող քօղը իր սիրականին։

Իր յուզուած հոգիին մէջ երկարօրէն թրթռաց տխուր բանաստեղծականութիւնը անցած բաներուն, սարսուռ մը համակեց զինքը ու զգաց որ այդ պահուն ամէն անձնուիրութեան եւ ամէն զոհողութեան պատրաստ էր։

Ինչպէ՞ս անցաւ ցանկապատէն, ինչպէ՞ս անցաւ տնակին սեմէն… ինքն ալ չէր գիտեր. կարծես երազի մը մէջ կը քալեր. իր յուզումի պղտորուած աչքերուն առջեւ կը յամառէր տեսիլքը խուսափող կիներուն. Ատիլէ ուրուականի մը պէս ճերմկած ու քօղը ծածկած մինչեւ աչքերը, շուարուն, եղերական, կը վարանէր ասդին անդին ու չէր գիտեր ո՞ր ուղղութեամբ ընթանալ եւ Ալի Հասանի նայուածքէն փախչի. վերջապէս արագ եւ անշշուկ կ՚անհետանար անիկա դուռնէն անդին, խտացող ստուերին մէջ՝ մինչ իրեն կը հետեւէր մօրը յամր եւ ծանր քայլերուն թաւ աղմուկը։

Փոխանակ երջանակացնելու, ուրեմն դժբախտացուցե՞ր էր այդ խոնարհ եւ մեկուսացախ ընտանիքը։ Ալի Հասանի խղճմտանքը կը յանդիմանէր զինքը. ուրեմն իր առաջին հանդիպումը Ատիլէի հետ չարի՞ք մը եղած էր։ Հիմակ մնացած Իպրահիմի հետ կը տեսնէր որ անոր շրթները կը դողդոջէին եւ ինքը չէր գիտեր որ կ՚աղօրէ՞ր թէ կ՚անիծէր անիկա, այլ սակայն ինքն ալ դժբախտ էր, խորապէս դժբախտ եւ եկած էր ներողութիւն եւ հաշտութիւն խնդրելու այդ պատկառելի ծերունիէն։

Իպրահիմ լուռ եւ խոժոռ նստեր էր անկողինին մէջ եւ յուզմունքին սաստկութենէն գլուխը կը շարժէր անշարժ իրանին վրայ կարկամած մատները ջղաձգօրէն կը գալաուէին վերմակին վրայ ու անիկա ցաւատանջ ու միանգամայն ահաբեկող երեւոյթ մը ունէր, ատելութիւնը ու զայրոյթը կը գոռային անոր գլխուն մէջ։

Ալի Հասան ոտքի վրայ կեցած, տաժանելիօրէն քրտինքը կը սրբէր ճակտին վրայէն ու աչքերը գետինը յառած կը մնար չհամարձակելով ոչ շարժում մընել, ոչ խօսք մը արտասանել. վերջապէս սակայն մօտիկցաւ ծերունիին, գետին հակեցաւ եւ ուզելով անոր ձեռքը համբուրել ծնրադրեց անկողնին քով։

— Պապաճիիմ… ներէ՛ ինծի… ներէ՛ ինծի։ Ծերունիին աչքերը դարձան։

— Ո՛չ, ո՛չ, ատելութիւնը քիչ անգամ եկած բոյն դրած է իմ հոգիիս մէջ, բայց երբ անգամ մը հոն է՜…

Ծերունին դանդաղօրէն բռունցքը վերցուց եւ որովհետեւ բազուկին շարժումներուն տէրը չէր, անիկա միջոցին մէջ պահ մը դեդեւելէ ետքը ինկաւ կուրծքին վրայ խոր հեւք մը արձակել տալով իրեն։

Սոսկալի լռութիւն մը յաջորդեց։

Իր զգացած ճնշումին մէջ Ալի Հասան մոռցեր էր իր սիրոյ երազները, իր ցանկութեան նոպաները ու հիմա միակ մտածում մը ունէր. հեռանալ Իպրահիմի հրաշէկ գամի պէս իր սիրտին մէջ մխուող նայուածքէն, բայց այդ նայուածքը հետզհետէ թուլցաւ, ծերունիին շրթները կրկին սկսան դողդոջել յամառօրէն շարժելով մօրուքը կուրծքին վրայ, անոր պղնձագոյն ճակատը խորշոմեցաւ ու դառնութեան եւ յուսահատութեան ստուեր մը անցաւ դէմքին վրայէն։

— Ո՜վ Աստուածս, ամենակարող եւ հզօր, ո՞ր անծանօթ յանցանքիս պատիժն էր աս, մեղանչեր եմ ուրեմն անգիտակցութեամբ. քանի որ ո՛չ վատ, ո՛չ անարդար եւ ո՛չ ալ փցուն եղեր եմ կեանքիս մէջ… ո՜վ Աստուածս, ամենակարող, եւ հզօր, ինչո՞ւ ինծի մոռցար այս աշխարհիս վրայ, ուրեմն իմ ճակատս գրուած էր դառնութեամբ եւ սրտմտութիւնո՞վ մեռնիլ խաղաղութեամբ ապրելէ ետքը…

— Պապաճիի՜մ… կը թօթովէր Ալի Հասան խորապէս զգացուած ծերունիին ցաւէն, ներէ ինծի, միայն ներէ՛ եւ ուրիշ բան չեմ ուզեր ես։

Ուրուականային նայուածք մը, կարծես աննշմարելի մշուշի մը ետեւէն աղօտացած կը նայէր զինուորականին. կը տեսնէ՞ր զինքը ծերունին. գիտէ՞ր թէ ո՛վ էր ինքը, զառանցանքներ չէի՞ն անոր բերնէն ելած խօսքերը. Ալլահ, Ալլա՜հ… ողորմէ՛ մեզի, Իպրահիմ այդ անցեալ եւ արդէն մեռած ոգիի նայուածքով կը խօսէր իրեն հետզհետէ մեղմ եւ ողբական շեշտով մը։

— Ես խոնարհ էի եւ մեծութեան չէի ցանկար, համակերպելով բաղդին ընծայած բոլոր դժուարութիւններուն, չէի նետուած կեանքի փոթորկալի ալիքներուն մէջ եւ ափունքը կեցած հեռուէն կը դիտէի ուրիշներուն սոսկալի եւ արիւնոտ պայքարը, Աստուծոյ ամվիճելի կամքովը արեւին լոյսը ընծայուեր էր աչքերուս եւ ապրելու ուրախութիւնը իբր Աստուածային շնորհ վայելեցի… իմ կեանքս շուք չէ ձգած ո եւ է մարդկային արարածի վրայ եւ կերած հացս իմ արդար իրաւունքս եղած է։ Ոչ մէկ օր եւ ոչ մէկ ժամ չեմ խափաներ ուրիշին երջանկութիւնը ու վայրի ծառի պէս ապրեր եմ առանձնութեան եւ խաղաղութեան մէջ…։ Երկար ատեն անզաւակ մնացած ըլլալով, համակերպած էի արդէն իմ բաղդիս երբ Աստուծոյ շնորհը մեր վրայ ճառագայթեց ու Ատիլէս աշխարհ եկաւ. երբ առաջին անգամ աչքերուն լոյսը տեսայ, երբ առաջին անգամ շրթներուն ժպիտը տեսայ, կարծես նոր արեւ մը ծագեցաւ ինծի համար. ան իմ միակ ինչքս, իմ միակ երջանկութիւնս դարձաւ, իրմով ուրախացայ եւ իրմով մանկացայ… անիկա իմ ճերմակ աղաւնիս էր, իմ աչքիս լոյսը, իմ սրտիս ջերմութիւնը… ու ահա օր մը ուրուրը մտաւ իմ տանս մէջ… օ՜ֆ…

— Ես վատ ու անարժան մարդ եմ, խղճա՛ իմ վրաս ու ներէ՛ ինծի…

— Աստուծոյ դիմէ, քու յանցանքիդ քաւութեանը համար, միայն Ան է մեծ, ամենաբարի եւ անյիշաչար… Ես, Իպրահի՛մ անհաշտ ատելութեամբ կ՚ատեմ քեզի, դում իմ «տիւշմանս» ես, դուն իմ աղջկանս դահիճը…

Հեծեծագին լաց մը խափանեց ծերունիին խօսքերը. Ալի Հասան լալու անվարժ մարդու ուժգնութեամբ կ՚արտասուէր, իր լայն եւ հուժկու ուսերը ծռած էին դէպ առաջ եւ ամէն մէկ հեծմունքին կուրծքը տաժանքով կը թնդար. բայց երբ միջոց մը շնչասպառ՝ լռեց. իրեն թուեցաւ որ հեռուէն ուրիշ հեծեծանք մը, աւելի մեղ, աւելի ներդաշնակ, կը պատասխանէր իր լացին։

Յուսահատած մեկնեցաւ Ալի Հասան, առանց հաշտութեան բարեւ մը կարենալ առնելու ծերունիէն. որ իր բոլոր աղերսանքներուն անողոք յամառութեամբ պատասխանեց.

— Ոչ, ո՛չ… Այլեւս մէկ պարտաւորութիւն ունիս մեզի հանդէպ, պիտք է արձակես աղջիկս…

Ալի Հասան չհամարձակեցաւ խօսիլ իր օրինական իրաւունքներուն վրայ, չմտաբերեց անսաստել այդ տարօրինակ ծերունիին ատելութեան եւ երբ տանը սեմէն դուրս ելաւ, անսահման դժբախտութեան մը զգացումը ունեցաւ եւ ի զուր աչքերը յառեց պարտէզին հեռաւորութիւններուն։ Ամէն կողմ ցուրտ ձիւն, ամայութիւն, եւ Ատիլէի սենեակին վանդակներուն ետեւէն ի զուր ձգտեցաւ կնոջը ցաւագին սիլուէդը տեսնել եւ գոնէ հաճելի յիշատակ մը պահել այդ տխուր այցելութենէն։

Քանի մը օրեր անցեր էին եւ Ատիլէի արձակման թուղթը դեռ չէր եկած, ծերունին կ՚սպասէր զայրացած անհամբերութեամբ եւ կինը համակերպելով իր ամուսնոյն ցանկութեան, ինքն ալ անտաբեր կը դառնար. բայց օրեր եւ օրեր կը սահէին եւ շուք մը իսկ չէր անցներ այդ ամայի բարձունքին վրայէն, գերեզմանային լռութիւն կը տիրէր ամէն կողմ եւ կեանքը կ՚անցնէր այդ լքուած եւ դժբաղդ յարկին ներքեւ այն մռայլ տխութեամբ որ յուսահատական ցաւերը յառաջ կը բերեն։

Ալի Հասան այցելութենէն ի վեր, միայն Ատիլէ փոփոխութիւն կրեր էր. այդ խոնարհ եւ միամիտ կնոջ հոգիին մէջ ուժգին փոթորիկ մը յառաջ եկած էր, որովհետեւ իր անել կացութիւնը եւ իր զգացումները դէմ առ դէմ կուգային։ Ինքը խուսափելով հանդերձ իր ամուսինէն, անսահման երջանկութիւնով մը տեղեկացեր էր որ Ալի Հասան իրեն կարօտը ունէր. թէ զղջացած էր իրեն ըրած նախատինքին եւ թէ զինքը կը սիրէր ուժգնօրէն . լսեր էր անոր հեծկլտալը հօրը անկողնին քով եւ սիրտը վառեր էր անօրինակ կրակով մը. որքա՜ն պիտի ուզէր երթալ իր սիրականին քով, զայն ամոքել, անոր արցունքները սրբել եւ իմացնել մանաւանդ որ տրամադիր էր մոռնալու իր կրած ցաւը, խեղդելու իր բուռն սիրոյն մէջ նախանձի զգացումը եւ ամուսնոյն հետեւելու ուր որ կ՚ուզէր, ի՜նչ պայմաններու մէջ որ կ՚ուզէր. այդ պահուն Ատիլէ ինքզինքը պատրաստ կ՚զգար ամէն կարգի խոնարհութեան, առանց իր սպային ի՞նչ էր ինքը. անոր կաղնիի հասակին շուքին մէջ ապրիլ. ոտքին փոշին ըլլալ, եւ «ղուրպան» ըլլալ անոր. ի՞նչ հաճոյքով պիտի մեռնէր անոր աչքերուն ներքեւ… Մահը գերագոյն հեշտանքն էր անոր մօտ, անոր տիրական եւ հուժկու սիրոյն մէջ. իր սիրականին ձեռքով տառապիլը միթէ երջանկութիւն չէ՞ր, ինչո՞ւ խուսափեր էր այդ դառն հաճոյքէն. ի՞նչ «շէյթան» ցցուեր էր հոգիին մէջ այն առտուն եւ զինքը հեռու քշեր տարեր էր իր երջանկութեան սեմէն. իր սիրականը զինքը փայփայած ատեն վիրաւորած էր. բայց հիմա, ցաւի եւ տխրութեան օրերէ վերջն է որ կ՚զգար այդ հարուածին քաղցրութիւնը. ակամայ նոյնութիւն մը կ՚զգար իր տիրոջ ձեռքով զէնուած գառնուկին հետ, երբ մատաղի տօնին օրը, սուր դաշոյնը մխած ատեն ոչխարին վզին մէջ, զոհին գեղեցկութիւնը կը գովէր գողտր եւ փաղաքշիչ բառերով…

Այլ սակայն Ատիլէ գիտէր որ իր հոգեկան տրամադրութիւնները, իր ալեկոծուող սէրը անզօր ալիքի մը պէս պիտի փշրուէր հօրը ապառաժեայ կամքին դէմ, գիտէր որ իր հայրը ո՛չ ըսելէ ետքը, այո՛ չէր ըսեր, գիտէր ասիկա, նոյն իսկ երբ ինքը տառապէր այդ ոչէն եւ տառապեցնէր իր սիրելիները, հայրը, Իպրահիմ, իր շրթներով արտասանած կամքը չէր ուրանար, անոր հոգին պողպատի պէս կարծր էր. անիկա կը չարչարուէր բայց տեղի չէր տար եւ անիկա իր ո՛չը արտասաներ էր աղջկանը հաշտութեան դէմ։

Այն իրիկունն իսկ, երբ Ալի Հասան մեկնեցաւ յուսահատած, Իպրահիմ առաջին անգամը ըլլալով երես առ երես խօսեցաւ աղջկանը հետ։

— Ատիլէ՛, ըսաւ հանդիսաւոր շեշտով մը, ուղիղ նայելով աղջկանը աչքերուն մէջ եւ ատիկա հօր նայուածք չէր, այլ գերադաս մէկու մը հրամայական ակնարկը.

— Ատիլէ՛, քու միջոցաւդ զիս նախատելէ ետքը, այդ անարժան իսլամը որ չկրցաւ յարգել ծերունիի մը ճերմակ մօրուքը ու Աստուծոյ իրեն շնորհած բաղդը, եկաւ ու ներումն խնդրեց ինձմէ, ու ես մերժեցի…

Պահ մը լռեց. Ատիլէ, ոտքի վրայ կեցած եւ խորապէս յուզուած կ՚արտասուէր լռին ու անոր աչքերէն արցունքը կը հոսէր առանց ճիգի. բայց անոր տժգունած դէմքին վրայ այնքա՛ն սովորական դարձեր էր արտասուքի խոնաւութիւնը որ Իպրահիմ չհասկցաւ այդ օրուան վիշտին յատուկ նշանակութիւնը։ — Իմ անոր մէջ ո՛չ մէկ կապ կայ այլեւս, աւելցուց ծերունին, իր մեղքին քաւութիւնը թո՛ղ Աստուծմէ խնդրէ, Աստուած ամենազօր է եւ ողորմած… ու իր տրամադրութիւններն անքննելի են։

Դարձեալ կանգ առաւ, իր պղնձագոյն դէմքին վրայ կապտացած շրթները կը դողդողջէին առանց բառ մը արտաբերելու, բայց յանկարծ գոռ եւ տիրական ձայնով գոչեց անիկա

— Ատիլէ՛, հրամայեցի իրեն որ արձակէ քեզ…

— Այո՛, հա՛յր… թոթովեց աղջիկը։

— Բայց անիկա վատ ու նենգաւոր է ու իմ մահուանս պիտի սպասէ…

— Հա՛յր…

— Ու դուն պէտք է խոստանաս ինծի Ատիլէ… որ այլ եւս երբե՛ք, բայց երբե՛ք չպիտի հաւանիս իր կինը դառնալու։

Աւելի առատ, արցունքները կը հոսէին աղջկան դէմքին վրայէն ու Իպրահիմ վիզը ձգտած. աչքերը տենդոտ՝ պատասխանին կ՚սպասէր։ Նոյն միջոցին կինը ներս մտաւ ու ահաբեկած հօր ու աղջկան դիրքէն, բազմոցին անկիւնը կզկտեցաւ անիկա կը դիտէր զանոնք ու կարծես աղէտի մը կը սպասէր.

— Այո՛, հայր, ըսաւ վերջապէս Ատիլէ հեծեհագին ու իրեն թուեցաւ որ իր եւ կեանքին միջեւ սեւ վարագոյր մը կ՚իջնէր այդ րոպէին։

Ալի Հասան ան օրուընէ ի վեր ինկած էր մռայլ տխրութեան մը մէջ եւ չէր կրնար իր Իպրահիմի տուած խոստումը կատարել. երբեմն կ՚ըմբոստանար ծերունիին յամառութեան դէմ, երբեմն կը մտածէր գործադրել իր օրինական իրաւունքները, բայց կարծես երկաթէ ձեռք մը արգելք կ՚ըլլար իրեն, ու քանի՛ դժուարութիւններ կը շատնային, քանի իր կինը տեսնալը անկարելի կը դառնար, այնքա՛ն աւելի բուռն տենջանքով կը ցանկար անոր. իր քունը խռովուած էր եւ ցորեկները կ՚անցունէր շուարուն անստուգութեան մը մէջ. ամէն պարագային օրէ օր կը յետաձգէր իր կինը արձակելը. ատով անանցանելի անջրպետ մը չդնելու համար իր եւ կնոջը միջեւ եւ արգիլելու համար Ատիլէի կրկին ամուսնութիւնը որ մղձաւանջի մը պէս կը հալածէր զինքը։

Երբ Ատիլէ հաշտութեան ո եւ է յոյս կորսնցուց, սեւ տխրութիւնով մը համակուեցաւ, հոգեկան տառապանքներէն տկարացած իր մարմինը մէկէն ենթարկուեցաւ քայքայման։ Անիկա հետզհետէ դարձաւ տմոյն ուրուական մը որ իր ծնողքին աչքին իսկ այլեւս օտար կը թուէր։ Քանի Ատիլէ կը տկարանար, այնքան աւելի Իպրահիմ կ՚ամրապնդուէր Ալի Հասանի դէմ ունեցած ատելութեանը մէջ. անոր գաղափարն իսկ պժգալի սողունի մը պէս քստմնելի կը դառնար իրեն։ Այլեւս ո՛չ մէկ բառ չէին արտասաներ անցեալին վրայ ու այդ տնակին երեք դժբաղդ արարածներն ալ կը սպասէին անօրինակ եւ անխուսափելի աղէտի մը։

Իպրահիմ շատ աւելի հիւանդ կը զգար ինքզինքը, բայց այլեւս ոչ մէկ ցաւի ծամածռութիւն կը տեսնուէր իր դէմքին վրայ. անիկա իր հզօր կամքովը կը յամառէր ապրելու, սպասելով որ իր աղջիկը արձակուէր՝ երբ դեռ իր աչքերը բաց էին։

Այսպէս անցաւ ձմեռուան մնացեալ օրերը եւ երբ վաղահաս գարունը ժպտեցաւ բնութեան, Ատիլէ պարզ ցրտառութեան մը հետեւանքով անկողին ինկաւ։ Երկու շաբաթի չափ բուժարար բոյսերով, աղօթքներով ու կախարդներու հմայեկներով ջանացին զայն ոտքի հանել։ Իպրահիմ խնդրեց որ աղջկան անկողինը իր քով փոխադրեն ու ժամեր, ժամեր, լռին եւ ակնապիշ կը դիտէր անոր աստիճանական հիւծումը։ Իբրեւ վերջին ապաւէն երբ մայրը աղջկանը ճերմակեղէնը եւ հագուստը ծրարած՝ Ճեմիլի միջոցաւ կը ղրկէր որպէս զի տէրվիշները կարդան անոր վրայ, Իպրահիմ անգամ մըն ալ իր մոլորած աչքերը ուղղելով Ճէմիլի, գոռաց դառնութեամբ։

— Գնա՛, ըսէ՛, այդ վատ արարածին որ արձակէ աղջիկս։

Օրհնուած ծրարը չէր վերադարձեր երբ Ատիլէ յուզմունքի արտասովոր տագնապի մը մէջ առանց գանգատ մը արտայայտելու մեռաւ ու իր հոգին խուսափեցաւ իր տառապած մարմինէն արագ եւ թեթեւ ոստումով մը։

Արշալոյսը նոր ծագէր էր եւ գարնանային առաւօտներուն յատուկ զովութիւն մը կը ցրտացնէր օդը. սենեակին «քաֆէս»ներուն ետեւէն ճերմակ լոյսը կը մաղուէր դողդղալով, Իպրահիմի անկողնին մօտիկ. գետինը՝ փսիաթին վրայ՝ դրած էին Ատիլէի պատանքուած մարմինը ու մայրը գլխուն վերեւ ծալլապատիկ նստած. ձեռքերը ծունկերուն զարնելով. կուլար ու կ՚ըսէր…

— Վա՜յ, վայ, ինծի… ո՜վ իմ աչքիս լոյսը, իմ հոգիիս ճառագայթը, ինչո՞ւ մարեցաւ, ինչո՞ւ հոգէառ հրեշտակը չտեսաւ իմ սնարս եւ եկաւ քու սնարիդ վրայ թառեցաւ։

«Ով իմ աղաւնիս, եթէ աչքերդ չպիտի բացուին ու շրթներդ չպիտի խնդան, ինչո՞ւ արեւը կը ծագի… ինչո՞ւ ծառերը կը ծաղկին։

«Ո՞ւր գացին այտերուդ վարդագոյնը ու աչքերուդ լոյսը, ո՞ւր կը ժպտի քու շրթներուդ ժպիտը։

«Ո՜վ իմ աչքիս լոյսը, իմ հոգիիս ճառագայթը, դուն որ մարեցար, ես ինչո՞վ ապրիմ հիմա… վա՜յ, վայ… ինծի»։

Մայրը իր անսահման համակերպութիւնը եւ լռութիւնը կը խզէր աղջկանը մահուան րոպէին, իր զաւկին բաղդը որոշեր ու տնօրիներ էին անոր հայրն ու ամուսինը ու ինք ձայն չէր ունեցեր. իր կարծիքն իսկ չէին հարցուցեր, ու հիմակ որ իր մէկ հատիկը մահուան պատանքներուն մէջ էր. հիմա՛կ էր միայն որ ին կարգը կուգար խօսելու։

Իպրահիմ լուռ եւ եղերական, չոր եւ տենդոտ աչքերը ուղղած դիմացը, երբեմն միայն խոր հառաչանք մը կ՚արձակէր։

— Ալլահ… Ալլա՜հ…

Պարտէզին խոնաւ հողերուն վրայ օտար ներբաններ կը դեգերէին խուլ աղմուկ մը հանելով։ Իպրահիմ իր կարկամած ու անդամալոյծ անդամներուն վրայ իրանը ցցած, անշարժ բռունցքները գալարուն վերմակին եզերքին, հետզհետէ աւելի վայրագ, կը գոչէր։

— Ալլա՜հ… Ալլա՜հ…

Յանկարծ հեռուէն սրարշաւ ձիու մը սմբակները քառատրոփ թնդացին, պառաւը ականջ դնելով հասկցաւ ու ահաբեկած անհետացաւ մեռելի սենեակէն. մղձաւանձային տագնապի մը մէջ սգաւոր հայրը իր կարգին մտիկ կ՚ընէր ու ժամանակ չունեցաւ մտածումի մը յանգելու, երբ Ալի Հասան երեւցաւ սեմին վրայ։ Անիկա այնքան գունատ էր, այնքան ուրուականային որ զարմացուց ծերունին. դէմ առ դէմ զիրար կը սեւեռէին եւ իրենց մէջ դրուած էր գետինը Ատիլէի նրբին մարմինը որ պատանքին մէջ պարուրուած մանկական մարմին մը կը թուէր, երկու այրերը կը շարունակէին իրարու նայիլ կռիւի պատրաստուող անհաշտ թշնամիներու պէս։ Երկուքն ալ գալարուած անսահման ցաւով չէին արտասուեր ու իրենց վիշտը ատելութեան կը փոխուէր։

Վերջապէս Ալի Հասան հաստատ եւ կորովի քայլերով մօտիկցաւ դիակին եւ առանց ուշադրութիւն ընելու Իպրահիմի աղաղակին՝ հակեցաւ անոր վրայ։

— Մի՛, վատ եւ անօրէն մարդ, մի՛ դպչիր աղջկանս։

Իպրահիմ իր անշարժ սրունքներուն վրայ կը գալարուէր գերմարդային ջանքեր ընելով կանգնելու եւ բռնի ուժող արգիլելու համար Ալի Հասանը, իր ձայնը հետզհետէ աւելի, գոռ խռպոտ եւ ահարկու, կուրծքը պատռելով կը բարձրանար։

— Մի՛, մի՜ դպչիր աղջկանս…

Ալի Հասան աւելի ազդուած այդ ձայնէն քան թէ Իպրահիմի արգելքէն, կեցաւ. յուզմունքի սաստկութենէն ձեռքերը կը դողային եւ ծունկերը կը կթոտէին։

— Իմ կինս, իմ կինս… կը թոթեվէր անիկա, կուզեմ վերջին անգամ մը տեսնել զայն։

Բայց երբ անգամ մըն ալ ինքզինքը գտնալով Ալի Հասան ձեռքը երկնցուց Ատիլէի երեսը քօղարկող պատանքի ծալքին, սարսափած ետ ընկրկեցաւ։

Նոյն րոպէին Իպրահիմ անկողնէն դուրս պոռթկացեր էր սողալով եւ իր ատելութեամբ ու գերմարդկային վիշտով զօրեղացած՝ ծունկերուն վրայ կեցաւ ու իր դեդեւուն բազուկը որ երբէք չէր հնազանդեր իր կամքին, այս անգամ հնազանդեցաւ եւ լախտի մը պէս ինկաւ ծնրադրած Ալի Հասնաի գլխուն վրայ. անոր կարկամած մատները գինովի եւ ոգեւարի ջղաձգումներով կառչեցան սպային մազերուն եւ անգամ մըն ալ գոչեց։

— Ո՜վ անօրէն, ստրուկի զաւա՜կ, մարդկային կեղտի փրփո՜ւր, դուն ալ այլեւս չես կրնար իմ աղջականս երեսը տեսնել… դուն չուզեցիր զայն արձակել, մահը խլեց զայն քեզմէ…

— Իմ կի՜նս, իմ կի՜նս, կը կրկնէր Ալի Հասան խելակորոյս։

Բայց ծերունին արհամարհելով անոր վիշտը շարունակեց։

— Այլ եւս կինդ չէ ան, «նիքահը պօշ» է ու քու եւ իր մէջ «նամէհրամ» կայ…

Ու Իպրահիմ իր ազատ մնացած ձեռքովը խլեց Ալի Հասանի ձեռքէն պատանքին ծալքը ու անով ամբողջապէս քօղարկեց իր աղջկանը դէմքը։