Jump to content

Զէնիաթ

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից

ԶԷՆԻԱԹ



Ժամանակ է թապլել կազը,
Մեր թէրազին, մեր չօթքին,
Առուտուրը՝ կընել, ծախել`
Տուշման էղաւ մեր ազգին։

Ծախօղ` հազար, կընօղ` չիկայ,
Ըշտէ՛ քեզի առուտուր.
Ըստակներըս չօփ տառցուցինք,
Մեզի մընաց թուք ու մուր։

Մեր պապերու զէնիաթը
Մօռցանք, էղանք պազիրկեան.
Կըլայ, պէքիմ, էռսուն տարի,
Ֆայտա չիկայ, կայ զիան:

Ամա` կէնէ իւմէտով ինք,
Պէքի՛մ ասված կողորմայ,
Պէքի՛մ ծօվը պօլ ծուկ կուտայ,
Պեքի՛մ ռաժայ ալ կրլայ։

Կուգայ ծուկը, ռաժայ կուգայ,
Ամա հային ի՞նչ ֆայտա,
Թօ՛ ճուհուտը, թօ՛ մուժիքը,
Քանթօռչիքը թօ խընտայ։

Ֆայ ու պառխըթ, քուռժօվա է
Խանութներուն մեր պարին,

Կռօկռօ, աթլաս քանի՞ հօքի՝
Կընօղ կըլալ սաղ տարին։

Տուն-տեղ ալայ ռեհին տըրինք,
Եսիր էղանք պանքերուն,
Ծարը ծարին եփօր պերինք.
Փա՜ռք պիտի տանք սուրփերուն։

Ամա՛, եփօր ատ ալ չէղաւ,
Ծախու կէրթայ տուներըս.
Ատ ալ չէղալ՝ ռէվօլվէրը
Կըկարճըցնէ օրերըս...

Ա՜խ ու վախե՜ն ֆայտա չիկայ,
Խելքերըս պիտ ժողոտինք,
Զաւակներուս, հէչօլմասա,
Աս փորցանքէն ազատինք։

Զաւակներուս պիտ չի թօղունք
Ժամին տուռը մուրալու,
Չըպլախ, պօպիկ, քախցած, ծարաւ
Տուռ-տիրացին քալելու։

Խօսք-մէկ ըլանք, խելք պանեցնունք,
Ըլլանք ազդիս պարեկամ,
Հասկընանք վօր՝ մեր տառաթը
Հասցուց մեզի աս օրվան։

Ծի, էքիփաժ, տեսօք քուչուռ,
Ամէնն անինք ցիր ու ցան...
(Աս ի՞նչ պան կ՝ քախքիս տըղաք
Մէկէն֊իմկկ շէկ տառցան)։

Կուվէռնանքա <...> մեզմէն,
Չիտանք նացա հազարներ,
Մեր խաթուն հայ կընկան քաշ-գալ
Սորվեցուցին նօմէռներ։

Հայ ախչիկան պէտք չէ՛ զուրցել
Չաթռա-փաթռա ֆռա՛նցուզնակ,

Կօքտէ եփօր կըրել-կարթալ
Թէմիզ կիտէ նա հայնակ։

Արուն-քըրտինք մեր ժողոտած
Հազարները վօթեցինք,
Հօրենական սուրփ օճախը
Մեր ծեռքովը մարեցինք։

Աս ամէն ցաւ, աս ամէն տէրտ
Մօտնի մարթիք մըտցուցին
Թռախթիռ <...> ինչ սորվեցան,
Ան` մեր օրթոց ցուցուցին։

Հայ մա՛րթ, նօրէն տուն պաշլայէ՛
Հին ատէթով կենալու,
Մօռցած, թապլած պապիտ վարքը,
Կօված զանցան՝ յիշելու։

Մոսկօֆ, Խառքօֆ էրթալ-գալէն,
Օ՜վ մարթ, տուն հէչ չունիս շահ,
Պիզ ու ասեղ ծեռք ա՛ռ նօրէն,
Չէքիճ, պալթա ու թէզկեահ։

Ա՛տ էր քեզի հազար տարի
Փըրկից չարէ, փորցանքէ,
Լուզու, հաւատ ու սուրփ ժամըտ
Փըրկից հազար վըտանգէ։