Էջ:Աղջկան Մը Յիշատակարանը (Girl's memories).djvu/10

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է

Լռեց. սրտին յուզումը եւ անցեալին տխուր յիշատակները աչքերը թրջեցին. արտասուքի երկու խոշոր կաթիլներ որոշակի կը տեսնէի, բայց շուտով իր պաղարիւնութիւնը զտաւ եւ աչքերը յանկարծ ցամքեցան։

Քիչ յետոյ, խօսքը գրած յօդուածներուս վրայ բերելով՝ քաջալերեց զիս միշտ գրելու, մանաւանդ առողջաբանական նիւթերու վրայ:

Սակայն իր մենակեաց կեանքը, անցեալին մէջ կրած խորին վշտերը զիս հետաքրքրեցին հետազօտութիւններս աւելի առաջ մղելու եւ պրպտելու իր կեանքին գաղտնալից կողմը, մասնաւորապէս այն ձեոագիր Յիշատակարանը, որ անշուշտ իր կեանքին հետ մեծ կապակցութիւն մը ունեցած ըլլալու էր։

Բ.

Սպասուհին սուրճը բերելով՝ ինձ միջոց տուած եղաւ մտքիս մէջ կազմելու հարցման այն ձեւերը, որ ուղղակի իր կեանքին, իր անցեալին հետ պիտի շփուէին: Խնդիրը փափուկ էր. ինձ հետ երբեք վերաբերութիւն չունեցած եւ իր ներքին կեանքին գաղտնիքը պարունակող Յիշատակարանին վրայ խօսք բանալը քիչ մը դժուար գործ էր, չըսեմ անպատշաճ։ Սուրճս երկար ատեն պաղեցնելով խմելէ վերջը, խօսակցութեան թելը ձեռք առի։

— Բաւական ճոխ գրադարան մը ունիք, ըսի:

— Այո՛, պատասխանեց, բայց նոր երկեր կը պակսին. երիտասարդական ժամանակիս բոլոր հրատարակութիւններն ունիմ. վեց եօթը տարի կայ որ բացի,մէկ քանի զուտ բժշկական նոր հրատարակութիւններէ գիրք մը գնած չեմ:Սիրելի կնոջս մեռնելէն վերջը բոլոր փափաքներս վերջ գտան. այս փոքրիկ թռչունին