Jump to content

Էջ:Աղջկան Մը Յիշատակարանը (Girl's memories).djvu/9

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է

ինձ նման հազարաւոր անձանօթ բարեկամ սրտեր կան որ անկեղծապէս կը համակրին ձեզ. ձեր գրչին երկարատեւ լռութիւնը մեր սրտերուն մեծ ցաւ եղած է:

Փոքրիկ Պօղոսիկին մազերը շոյելով եւ տխուր ակնարկ մը ձգելով յուզեալ շեշտով մը ըսաւ.

— Է՜հ, ես իմ ժամանակիս ու տարիքիս պահանջը կատարեցի. ասկէց վերջը ասպարէզը ձեզ նման եռանգալից երիտասարդութեանն է․ դուք մեր սկսած գործին շարունակութիւնը պիտի ապահովէք, ձեր յաջորդներն ալ՝ ձերինը:

— Բայց կը ներէք որ անկեղծաբար ըսեմ թէ դուք ձեր երկարատեւ փորձաոութեամբը աւելի յարմարութիւն ունիք ընտրելու եւ գրելու հանրութեան ամենէն աւելի օգտակար եւ ամենէն աւելի կենսական պէտքերուն վրայ։ Ձեր առաջին առողջաբանական աշխատասիրութիւնը մեզի իրաւունք կուտայ աւելին խնդրելու, շարունակութիւնը սպասելու:

— Այդ մասին իրաւունք կուտամ ձեզ, երբ կեանքը դեո իր ժանտալից թոյնով երիտասարդական արիւնս թունաւորած չէր, ես ալ ձեզի պէս կը խորհէի. սակայն հիմա, աւա՜ղ, անցան այն երջանիկ օրերը, ուր կեանքը հաճոյալի երազի նման կը վայելէի...: Սիրելի՛, պարագաներ կան՝ ուր կեանքն իսկ աւելորդ բեռ մը կը դառնայ, ալ ո՜ւր կը մնան անոր հաճոյքները: Այն երանեալ անցեալ օրերուն մէջ փաոասիրութիւնը իր մեծ դերը կր խաղար, ցուրտ հաշիւներ եւ անձնական դէպքեր դեռ սաոեցուցած չէին սրտիս եռանդալից խանդը: Յիմար՝ այլ յուսալից երիտասարդութիւնն էր որ զիս կր մղէր. եթէ ճակատագրային դժբախտ պարագաներ կենացս ներդաշնակութիւնը չխանգարէին, անշուշտ նոյն երիտասարդական եռանդով սկսած գործս այսօր ալ պիտի շարունակէի...: