Էջ:Աղջկան Մը Յիշատակարանը (Girl's memories).djvu/17

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է

Դպրոցէն ելլելէս վերջը օգտակար ուսումնասիրութեամբ պիտի զբաղէի, բայց մօրս անակնկալ մահը եւ հիւանդութիւնը վրայ հասնելով ցարդ արգելք եղած էին, հիմակ ալ տան գործերը արգելք կ՚ըլլան, սակայն անոնք կարգի դնելով կը յուսամ թէ աւելի երկար ժամանակ մը պիտի շահիմ:

Հայրիկս վաղը Վիքթօր Հիւկօի Թշուառները պիտի բերէ. երեւելի անձերու գլուխ—գործոցները կարդալու մեծ փափաք ունիմ:

4 Մարտ

Այսօր Թշուառները կարդալ սկսայ. ինչ սքանչելի գրիչ, կարծես ճարտար նկարիչի մը վրձինն է որ կր պատկերացնէ դէմքերը ու դէպքերը: Արդեօք ի՜նչ վսեմ սկզբունքներ, ի՜նչ վեհ զգացումներ արտայայտուած են այդ ստուար հատորներուն մէջ:

Մասիսի մէջ, որուն հայրս բաժանորդ է, շատ շատ անգամներ կարդացած եմ այդ գործին վրայ մասնաւոր գովեստներ. չգիտեմ ո՞ւր տեսած եմ, զայն դարուս Աւետարանը անուանած էին: Գիշերները եւս մէկ երկու ժամ անով պիտի զբաղիմ. աւելի պիտի վերլուծեմ քան թէ հարեւանցի կարդամ, որովհետեւ անոնց մէջ լրջօրէն ուսումնասիրելու ստուար պաշար մը կայ, վիպական կապերը մերթ ընդ մերթ երկար խորհրդածութիւններով խզուած են. այս պարագան անոր վիպականէն տարբեր հանգամանք մը կ՚ընծայէ. աւելի իմաստասիրական եւ ընկերաբանական գործ մըն է քան թէ վէպ մը:

5 Մարտ

Այս գիշեր մեզի հիւր էր Թուրք հազարապետ Ա. ... պէյը: Դաշնակից մեծ Տէրութիւններու Սեվաստաբօլի վրայ արշաւած միջոցին հայրս բանակին մէջ թարգման գտնուելով անոր հետ ծանօթացեր է: