Jump to content

Էջ:Աղջկան Մը Յիշատակարանը (Girl's memories).djvu/16

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է

― 14 ―

քրոջս եւ սպասուհիի մը հետ տան գործերը կը տեսնեմ, ինչպէս կերակուր, կար, լուացք եւայլն:

Մօրս մահը հօրս վրայ խորապէս ազդած է, միշտ տխուր, միշտ մտահոգ է. երբեմն որչա՜փ ուրախ եւ զուարթ գիշերներ կ՚անցնէինք՝ երբ դեո մայրս ողջ էր․ հացկերոյթներ, պարահանդէսներ, երեկոյթներ իրարու կը յաջորդէին, ո՜հ, երանելի օրեր: Մայրս կատարեալ տանտիկին, կարգապահ եւ տնտեսող էր․ իր հինգ ոսկի ծախքով պատրաստած հանդէսները՝ օտարներէն քսան ոսկի ծախք կը գնահատուէր, քիչ կը ծախսէր՝ այլ շատ կը ցուցնէր:

Հէգ մօրս մեռնելէն վերջը, տան մէջ գերեզմանական տխրութիւն մր տիրեց:

Հայրս իր առաջին կրթութիւնը եւ դաստիարակութիւնը հոգելոյս վառօդապետ Պօղոս պէյի շնորհիւ Անգլիոյ մէջ ստացած է. իր լուրջ բնաւորութեամբը եւ բարձր դաստիարակութեամբը ամենուն համակրանքը շահած է: Տասնըհինգ տարիէ ի վեր մեծահամբաւ եւ բազմաճիւղ հայ վաճառատան մը մէջ տոմարակալի պաշտօն կը վարէ։ Այս վաճառատան բարգաւաճման գլխաւոր եւ առաջին սատարը ինքը եղած է. իր շնորհիւ այս տունը, առաջին անգամն ըլլալով, եւրոպական գործարաններու հետ ուղղակի յարաբերութեան մէջ մտած է, որուն կը պարտի իր յաջողութեան գլխաւոր գաղտնիքը: Նախապէս միջնորդի պէս դեր մր կը կատարեն եղեր, բայց հիմա ճշմարիտ վաճառականներ են:

3 Մարտ

Ո՜հ, այս տան հոգերը, ժամանակիս մեծագոյն մասը կը կաշկանդեն. երբ մայրս ողջ էր, թռչունի պէս ազատ կ՚ապրէի, բայց հիմա, իբրեւ տան մեծը, ամէն հոգ իմ վրաս ինկած է: Քոյրս գրեթէ անհոգ, դաշնակի եւ ընթերցումներուն հետ կը պարապի, իսկ ես հազիւ ժամ մը միջոց կ՚ունենամ լուրջ ընթերցանութեամբ պարապելու: