Էջ:Աղջկան Մը Յիշատակարանը (Girl's memories).djvu/18

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է

Խիստ ազնիւ ու բարի զինուորական մըն է, երբեք հայրս մոռցած չէ:

Պատերազմէն վերջը հայրս շքադրամ մը ստացած է, որ իրեն կը յիշեցնէ երիտասարդութեան փառաւոր ժամանակը:

6 մարտ

Իբրեւ նշանաւոր բան, ամբողջ օրս Թշուառները կարդալով անցնելս հոս կ՚արձանագրեմ, զայն ամբողջ կարդալէս վէրջը միայն տպաւորութիւններս եւ դիտողութիւններս պիտի յայտեմ։

՝

20 մարտ [1]

Երեկ գիշեր Պաղլար-Պաշիի թատրոնը ընտանեօք ներկայացման մը ներկայ գտնուեցանք: Խաղին նիւթն էր Հաւատք, Յոյս եւ Սէր. չեմ կարծեր թէ այս երեք բաները ունեցողը աշխարհիս վրայ իրականապէս թշուառ ապրի: Ճշմարտին, բարւոյն եւ գեղեցիկին առաջնորդող կեանքի այդ երեք հիմերը արտաքին ցնցումներու պիտի դիմադրեն, վերջապէս ըստ իս, երջանիկ ապրելու միակ պայմաններն են:

Ապագան ընդարձակ երկիր մըն է, մարդ չէ կարող զայն մէկ ոստիւնով չափել, կ՚ըսէ Ամերիկացի հեղինակ մը՝ Տօնալդ Միշէլ։ Եւ ես պիտի ըսեմ թէ ապագան ընդարձակածաւալ ովկէանոս մըն է. այն նաւը որ կանխատեսուած հաստատունութիւն մը, կամ լաւ նաւապետ մը եւ կամ ղեկավար մը չունի, փոթորիկներէ ազատելով իր նաւահանգիստը չպիտի կրնայ հասնիլ, պիտի ընկղմի կամ խրի:

Այսպէս ահա, կեանքի փոթորիկներուն դիմադրելով ուղղակի ապագային դիմելու համար, մարդս

  1. Մարտ 6էն մինչեւ 20 օրագրին մէջ կարեւոր գրուածք մը չգտնուելուն, զանց կ՚առնեմ յիշել. այսուհետեւ նոյն ուղղութեան պիտի հետեւիմ:
    Ծ.Հ.