Էջ:Աղջկան Մը Յիշատակարանը (Girl's memories).djvu/19

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է

Հաւատք, Յոյս եւ Սէր ունենալու է. առանց անոնց՝ բախտին ու ճակատագրին ձեռքը խաղալիկ մը ըլլալով ապերջանիկ պիտի ապրի:

7 Ապրիլ

Երէկ Թշուառներուն վերջին հատորը լրացուցի. որչափ որ տպաւորութիւներս արձանագրել խոստացեր էի, սակայն այսօր ամբողջ գործը վերլուծելով ինքզինքս անկարող կ՚զգամ զգացումներս ու տպաւորութիւներս ի գիր առնելու։ Անոր վեհութեան տակ գրիչս կ՚ընկճի: Զգիտեմ թէ նմանօրինակ գիրք մը աշխարհիս վրայ լոյս տեսա՞ծ է, որ այնքան ճշգրտօրէն պատկերացնէ ու գծէ մարդկային թշուառութիւնը եւ անոր սկզբնական պատճառները. ո՜հ, Ժան-Վալժան մը Վ. Հիւկօ միայն կրնայ ստեղծել, ինչպէս Քրիստոս մը՝ Աւետարանը եւ Մովսէս մը՝ Աստուածաշունչը...:

Եւ ես այդ վսեմ ու վեհ գրչին տպաւորութեանը տակ կը խորհիմ թէ աշխարհիս վրայէն երբեք չպիտի վերնայ թշուառութիւնը. բնութեան խորհրդաւոր ներդաշնակութեան հետեւանքն անհաւասարութիւնն է, որմէ կը ծնի մարդկային թշուառութիւնը:

Սակայն եթէ ընկերութիւնը բոլորովին չի կրնար թշուառութիւնը բառնալ, գէթ կրնայ զայն մեղմացնել. միթէ քիչ ծառայութիւն կը մատուցանէ՞ այն դեղը որ մահամերձի մը անտանելի ցաւերը իրեն զգացնել չի տար եւ միթէ այս նպատակին չե՞ն ծառայեր այն հանրային բիւրաւոր հաստատութիւնները որոնք ամէն օր թշուառութեան ահռելի ճիրաններէն հազարաւոր զոհեր կ՚ազատեն, եւ անոր դէմ կը պաշտպանեն գինեմոլը, հիւանդը, յիմարը, ոճրագործը, ընկեցիկ մանուկը, որբը, աղքատ գործաւորուհին եւ իր դիեցիկ մանուկը, ծերը, խաղամոլ մարդը, պոռնիկը, հրկիզեալը, նաւաբեկեալը, երկրաշարժէ վնասուողը, պատերազմի մէջ վիրաւորը եւայլն:

Աղջկան մը յիշատակարանը