Էջ:Աղջկան Մը Յիշատակարանը (Girl's memories).djvu/50

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է

չունիմ, ներսս այնչափ ատելութեամբ ու արհամարհանքով լեցուած է որ ասանկ կեղծաւոր ու շահախնդիր, միջավայրի մը մէջ ապրել իսկ չեմ ուզեր․․․։

— Այստեղի համար ըսածդ ճշմարիտ է, բայց գաւառներու համար խնդիրը կը տարբերի․ հոն այնչափ կեղծիք չկայ, իրենց սրտին պէս պարզ կեանք մը կը վարեն։

— Ես անոր լաւ փեսացու մը կը գտնեմ, ըսաւ. Տօքթէօրը միջամտելով։

— Այո՛, այո՛, յարմար ամուսին մը գտիր․ բայց քիչ մը գեղեցիկ եւ կրթեալ երիտասարդ մը ըլլայ, ըսաւ բարեկամուհիս, երեսիս կատակաբար թեթեւ ապտակ մը զարնելով։ Եւ իսկոյն յարեց․

— Այնպէս չէ՞։

— Դուք գիտէք, անշուշտ ինձ գէշ չէք կամենար․ ըսի տխուր շեշտով մը։

— Քեզի միշտ կը գրեմ եւ կարծիքդ կ՚առնեմ, ըսաւ Տօքթէօրը։

— Շնորհակալութիւնս կը յայտնեմ, ըսի։

Վերջապէս երէկ գիշեր այս որոշումը տալով, առաւօտուն զինքը շոգենաւ դրինք։ Սեւ ծովով պիտի ճամբորդէ, Տէրը հետը ըլլայ։

12 Յուլիս

Ս․․․եան էֆ․ մէկ քանի օրէ ի վեր տկար էր․ այսօր Տօքթ․ Սարէլ եւ Տօքթ․ Մաթէոսեան վերաբուժական գործողութիւն մը կատարելով ոտքին ոսկորէն փտտած մաս մը հանեցին։ Գործողութեան ես ալ ներկայ գտնուեցայ։

Պէյքօզ բնակող իրենց ազգականներէն Տէր եւ Տիկին Փ․․․եան նոյնպէս ներկայ էին․ այս երկու ազնիւ ընտանիքները ինձ միշտ ցաւակից եղած են։

Հիւանդ մը խնամելու մէջ ունեցած փորձառութիւնս գիտնալով՝ աղաչեցին որ էֆէնտիին հիւանդապահի