Jump to content

Էջ:Աղջկան Մը Յիշատակարանը (Girl's memories).djvu/74

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է

տեղ մը այնչափ ծանօթ ունենալով հանդերձ, բաղդատաբար քիչ կը շահէր։

Այսօր Ն... քաղաքը երթալու համար ճամբայ պիտի ելլէինք, բայց օդը անձրեւոտ ըլլալուն, յետաձգեցինք:

Խեղճ գիւղացիի մը վրայ ամուսինս այսօր ալ գործողութիւն մը կատարեց, վարի շրթունքին մեծ մասը կտրել հանելով. այս գարշելի կտորը ոգելից շիշի մը մէջ դնելով վրան ախտին անունը, գործողութեան թուականը կրող ցուցակ մը փակցուց:

Ն... 10 Մայիս

Մէկ քանի օր ձիով ճամբորդելով Ն... քաղաքը հասանք:

Ցերեկները ճամբուն վրայ, պաղուկ անոյշ աղբերակներու եզերքը բազմելով մեծ ախորժով կը ճաշէինք։

Այս քաղաքը շատ սիրեցի. ի՜նչ բանաստեղծական եւ դիւթիչ լեռնային դիրք մը ունի, հապա՜ առողջարար օդը եւ կենսաւէտ, պաղուկ եւ անուշ ջուրը...:

Գարունը հոս անցնել որոշեցինք։

15 Մայիս

Ամուսինս իր համբաւը հոս ալ շինեց. թէեւ ուրիշ բժիշկ մը կայ, սակայն տեղացիները անկէ դժգոհութիւն կը յայտնեն:

Իգական սեռն ալ բաւական զարգացած անդամներ ունի, հոս Պոլսէն բոլորովին տարբեր ընկերական կեանք մը կայ, ինչ որ ինձ շատ հաճելի թուեցաւ. առանց ձեւակերպութեան, պարզ եւ անկեղծ ընտանեկան կենցաղավարութիւն մը ունին:

Այսօր տան մը մէջ մասնաւոր սենեակ մը վարձեցինք։

20 Յունիս

Այս տեղի կեանքը շատ սիրեցի. ջղային հիւանդութիւնս բաւական թեթեւցաւ եւ գիրնալ սկսայ։