ՅԱՌԱՋԱԲԱՆ
Նիկոլ Աղբալեանի երկերու Դ․ հատորը կը բովանդակէ հեղինակին հայ հին գրականութեան պատմութեան նուիրած ուսումնասիրություններն ու դասախոսութիւները։
Ինչպես ինք կ՚ըսէ, հայ գրականութեան անդաստանէն ներս մուտք գործած ժամանակ մտադրած է նիւթեր հաւաքել՝ ապագային կազմելու համար հայ գրականութեան քննական ու ամբողջական «մի լաւ» պատմութիւնը։ Սակայն, փոթորկալից այն կեանքը, որ հայ ժողովրդին վիճակուեցաւ եւ որուն մէջէն անցնողներէն մէկն ալ ինք եղաւ, թոյլ չտուին որ հեղինակը նման երկարաշունչ աշխատասիրութիւն մը կարենայ իրագործել։ Իրեն պակսեցան մեծ մատենադարան մը և կայուն ու հանգիստ կեանք։ Ու Աղբալեան Կովկասէն մինչև Հայաստան եւ ապա արտասահման՝ եղաւ շրջուն քարոզիչ մը հայ գրականութեան և մշակոյթի։ Առ հասարակ պարբերական մամուլին յատուկ ուսումնասիրութիւններ կրցաւ գրել, բայց աւելի յաճախ կենդանի խօսքով ու հրապարակային դասախօսութիւններու ճամբով բազմութիւններուն ծանօթացուց եւ սիրցուց հայ հնամենի ու հարուստ դպրութիւնը։
Ներկայ հատորը առաւելաբար այդ դասախօսութիւններուն արգասիքը կարելի է համարել:
Գրքի Առաջին մասին մեջ, զետեղուած է «Պատմութիւն Հայոց Գրականութեան» գործին Ներածութիւնը, որ 1944էն սկսեալ մաս առ մաս լոյս տեսած է «Ակօս»ի մէջ եւ ապա՝ 1947իի Համազգայինի հրատարակութեամբ՝ առանձին հատորով: Իր կեանքի վերջին տարիներուն այնքան իւրայատուկ եւ խորաթափանց ոճով գրի առնուած այս գործը դժբախտաբար թերի մնացած է, հեղինակի առողջական