Էջ:Անլռելի Պարոյր Սեւակ, Թորոս Թորանեան.djvu/9

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված չէ

ՎԱՍՆ ՅԱՌԱՋԱԲԱՆԻ

   Այս գիրքը նուիրուած Է Պարոյր Սեւակին։
   Ընթերցողը այստեղ պիտի գտնէ այն վերաբերմունքը, զոր Սփիւռքը ունեցաւ անհետացող մեծ հայու մը, բանաստեղծի մը, մարդու մը

արկածահար մեկնումին առիթով։

   Սփիւռքը սիրած էր, սերտած էր, կը կարդար ու կ՛արտասանէր Պարոյր Սեւակը իր բոլոր դպրոցներուն մէջ, իր տուներէն ներս, իր բեմերէն։
   Այս գիրքը սակայն թերի պիտի ըլլար, եթէ նոյն կազմին տակ մեր համընդհանուր կոտտացող ցաւին հայրենական երեսն ալ ցոյց չտայինք։
   Այդ ցաւը ցնցող է ու համայնական։ Այդ ցաւը խտացած է Նեմրութի ու Սիփանի գագաթներէն վեր կախուած ամպերու նման, որոնց մէջէն նիզակներու խուրձեր անակնկալօրէն երկինքը պիտի խոցոտեն։
   Այս ողբը ողբասացութիւն չէ ամենեւին։ Հոն հողը կայ, իսկ հողը իր գանձերը պահել գիտէ։
   Գիրքը երեք բաժիններէ կազմուած է.
   Ա. - Մեր խօսքը Պարոյր Սեւակի կեանքին ու գործին մասին։
   Բ. - Ի՞նչ գրեց սփիւռքահայ մամուլը Սեւակին մասին, անոր արկածահար ըլլալէն անմիջապէս ետք։
   Գ. - Ի՞նչ գրեց հայրենական մամուլը նոյն առիթով։
   Պարոյր Սեւակի մասին յօդուածներ եւ ուսումնասիրութիւններ գրուած են անոր կենդանութեան օրերուն թէ՛ Սփիւռքի, թէ՛ Հայրենիքի մէջ։ Անոր կեանքին ու գրական ստեղծագործութիւններուն մասին գիրքեր ու յօդուածներ կը գրուին նաեւ այսօր, ու տակաւին պիտի գրուին։
      Կը հաւատանք, որ մեր գործը գրուածներուն ու մանաւանդ գրուելիքներուն համեստագոյններէն է։ Պարզապէս անդիմադրելի էր գրելու մղումը նախ այն պատճառով, որ Պարոյրը մեր երկրին ապառներէն, հողէն, պատմութենէն ծնած ու անոր մշակոյթով սնած

ստեղծագործողն էր, որ գեղեցկացուցած էր ամբողջ Հայաստանը, ամբողջ Սփիւռքը - ապա նաեւ այն պատճառով, որ մենք վայելած էինք Պարոյրին մտերմութիւնը, եղբայրութիւնը։

   Իր մեծութիւնն ու մեր մտերմութիւնը պատճառ չեղան, որ մեր խօսքին խանդավառութեան ջուր աւելցնենք։