Jump to content

Էջ:Աստղերու Ճամբան․ Բանաստեղծություններ, Թորոս Թորանեան.djvu/13

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Սխալ առաջացավ էջը սրբագրելիս

Աստղերու Ճամբան․ Բանաստեղծություններ, Թորոս Թորանեան.djvu/13


ԱՆՅՈԻՍՈԻԹԻԻՆ



Իբր այցելու կուգաս ինծի,
Մտերմանալ կ՛ուզես տակավ,
Նայուածքիդ մէջ տղմաթաթաւ
Միտքի նաւակս կը սուգի:

Քեզմով մութ է ցերեկն անգամ,
Դուն գիշերին յաւերժ ընկեր,
Երազներուս սլացքին դէմ
Դուն խորխորատ անկերպարանք :

Իմ մենութեան լուռ պահերուս՝
Մահուան տեսիլ ահասարսուռ,
Երակներուս մէջ թաւալող՝
Արիւնի տեղ թոյնի փրփուր:

Դուն նենգաժէտ արգանդներու
Կավա՛տ ծնունդ, խօլ ուրուական,
Արդ, նայուածքիդ խաւարին դէմ
Կանգնած անթեք, դիւցազնակամ,

Իմ պարմանի ողջ ուժերուս
Աշտարակուող մոլեգնութեամբ,
Ու կեանքս ամրողջ ըրած զրահ
Քեզ դէմ կռուի՛, կռուի՛ կ՛ելլեմ:

10