- ՀԱԱ, ֆ. 242, ց. 1, գ. 7, թ. 35, բնագիր, ձեռագիր:
N 128
ՎԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹՅԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՔՆՆԻՉ Կ. ԱՅԵՃԵԱՆԻ ԳՐՈՒԹՅՈՒՆԸ Ա․ ՄԱՆՈՒԿՅԱՆԻՆ՝ ԻՐ ԶԲԱՂԵՑՐԱԾ ՊԱՇՏՈՆԻՑ ՀՐԱԺԱՐՎԵԼՈՒ ՄԱՍԻՆ
N24/19
.
Պարոն նահանգապետ
Յարութիւն Տօրտիկեան ստորագրութեամբ նահանգապետութեանդ ուղղեալ և առ ի քննութիւն պաշտօնէութեանս յանձնարարեալ մի բողոքագրով, դատախազ Ռուբէն Աւագեանի հետ ունեցած դատի դատավարութեան օրը, յունիս երէքին նշանակուած և կոչնագիրը թէև իրեն ալ հաղորդուած է, սակայն նոյն օրը պաշտօնատուները բացասաբար փակուած ըլլալով. դատախազեալին առանց կրկին անգամ կոչնագիր հաղորդուելու, յաջորդ օրը իր դեմ ի բացակայութեան վճիռ տրուած ըլլալը յայտարարելով, այս մասին քննութիւն կը պահանջուէր:
Դատավարութեան ձևակերպութիւնը, մակագրելով, վերադարձուելը դատ. նախագահին յանձնարարուած էր: Պ. նախագահը, ոչ միայն պատասխանած չէր այդ բողոքագրին, այլ այս առաւօտ նախագահի մը անպատշաճ հրապարակային վարմունքով մը չէ ուզած ճանչնալ ընդհ. քննիչի հանգամանքը իսկ:
Պ. նահանգապետ, այս երրորդ անգամն է, որ անպատշաճ և անվայել վերաբերում մը տեղի կունենայ կարգ մը ծանօթ պաշտօնէից կողմէ հանդէպ պաշտօնէութեանս, որ 22 մայիս թուակիր պաշտօնագրով մը տեղեկագրուած էր, սակայն կը ցաւիմ ըսելու, թէ, թէրևս նկատի անգամ առնուած չէ, և որով տեղի կը տրուի այդպիսի անպատշաճ և անպատկառ վարմունքի շարունակութեան, նոյն իսկ դատարանի նախագահի կողմէ, որ երբէք կարելի չէ ներուել:
Արդ՝ նկատելով, որ ընդհ. քննիչի հանգամանքը վարկաբէկ ընելով, անպատասխանատու պաշտօնէութեան մը կազմել կը ձգտի պաշտօնէութենէ մի խմբակ և որուն շարունակութիւնը դժբաղտաբար փափաքելի վախճան մը չ՛ապահովէր, միևնոյն ատէն նկատելով, որ երբ շարունակուի այդ ընթացքը, գէթ ինձ համար չէ կարելի պաշտօնավարել իրաւասութեան գիտակցութեամբ ու պարտաճանաչութեամբ, առ այդ պարտուպատշաճն տնօրինել նահանգապետութեանդ պատկանած ըլլալով, ներկայիս (ոչ թէ