Jump to content

Էջ:Արամ Մանուկյան․ Փաստաթղթերի և նյութերի ժողովածու.djvu/66

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է

4.- Համայնքի մը փոքրամասնութիւնը կազմող որևէ հատուած, ինչպէս նաև որևէ հայ կամ օտար անհատ կամ ընկերութիւն կրնայ անջատ դպրոց բանալ, երբ բացի ընկերութիւններէ միւսները նիւթականի տէր տաս մարդ ներկայացնեն, որ անձնական ստորագրութեամբ երաշխաւորեն պահանջուած պիւտճէի իրենց կողմէ հայթայթումը և ստանան կրթական տեսչութեան արտօնագիրը:

Տեղական կրթական տուրքէն բաժին պահանջելու իրաւունք չունին այսպիսի դպրոցներ, բայց կրնան իրենց դիմող աշակերտներէն թոշակ պահանջել: Կեդրոնի կառավարութիւնը Կրթական տեսչութեան քննութեամբ ցոյց տրուած արդիւնքին վրայ՝ այդ համայնքին տրուելիք նպաստի գումարէն աշակերտաց թուոյն համեմատական բաժին մը պիտի հանէ այսպիսի դպրոցի մը: Այսպիսի դպրոցները պիտի ենթարկուին Կրթական տեսչութեան ճիշտ այնպէս, ինչպէս ընդհանուր տարրական դպրոցները: Գոհացուցիչ արդիւնք չտրուելու պարագային՝ Կրթական տեսչութիւնը իրաւունք ունի ետ առնել իր տուած արտօնագիրը այսպիսի ոևէ դպրոցէ մը:

5.-Ամեն ուր որ իրարու մօտ փոքր գիւղեր կամ մեծ իսկ գիւղի մը մօտ փոքր գիւղեր կը գտնուին՝ Կրթական տեսչութեան կատարած քննութեան հիման վրայ պիտի միացուին անոնց դպրոցները յարմար գիւղ մը: Քիչ մը հեռու գիւղերու փոքրիկները փոխադրելու միջոցներն ալ գտնուելու և գործադրուելու են Կրթական տեսչութեան միջոցաւ՝ ի հաշիւ այդ գիւղերու կրթական պիւտճէին:

Մի քանի գիւղերու հաւաքաբար կազմած դպրոցը՝ թէ վարչութեամբ և թէ ամէն տեսակէտով պիտի համարուի իբր մէկ համայնքի մը դպրոց:

6.-Համայնքի մը դպրոցները կը կառավարուին հինգ անդամէ բաղկացած հոգաբարձութիւններու կողմանէ: Հոգեբարձուներու՝ երեքը կ՛ընտրուին ծնողներու, իսկ երկուքը կրթական տուրքը վճարողներու կողմանէ: Իգական սեռը իբրև ծնողք հոգաբարձու ընտրելու և ընտրուելու իրաւունք ունի:

7.-Կեդրոնի Կրթական տեսչութեան վերապահուած է ուսուցչական վկայական տալու, ուսուցչական աստիճանական դասաւորում ընելու, ռոճիկ սահմանելու, ուսումնական ծրագրեր ու հրահանգներ մշակելու և անոնց գործադրութեան հսկելու, դասագրքեր ընտրելու և հարկ տեսնուած պարագային պատրաստելու և հրատարակելու, գործիքներ գնելու և դպրոցներու ընդհանուր վիճակը պարբերաբար քննող ու տեղեկագրող քննիչներ նշանակելու իրաւունքը:

Իսկ հոգաբարձութեանց կը վերաբերի արտօնուած ուսուցիչներու մէջէն իրենց յարմար դատածները ընտրելու և հետերնին պայմանաւորուելու, թոշակ վճարելու, տեղական պայմաններու համեմատ՝ ուսումնական ծրագրի ընդհանուր ուղղութենէն չշեղելու պայմանաւ, մասնաւոր փոփոխութիւններ առաջարկելու և Կրթական տեսչութեան արտօնութիւն ստանալու, դպրոցի ընդհանուր վիճակի վրայ հսկելու, աւագ ուսուցչին