Jump to content

Էջ:Արամ Մանուկյան․ Փաստաթղթերի և նյութերի ժողովածու.djvu/85

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է

Այս պայմանաժամի լրանալուն ետ վկայագիրը վերանորոգել չյաջողող ուսուցիչը՝ կը զրկուի պաշտօնավարելու իրաւունքէն: Որևէ վկայագիր նորոգելու առթիւ նկատի կառնուի թեկնածուին այդ երկու տարուայ ընթացքին ցոյց տուած իմացական ու բարոյական արդիւնքները:

Արտօնուած օգնական-ուսուցիչ մը չկրնար 50-է աւելի աշակերտ պարունակող դպրոցի մը մէջ աւագ-ուսուցչի պաշտօն վարել։

բ. Արտօնուած դաստիարակ-ուսուցիչ․- Թեկնածուն առնուազն հինգ տարի պաշտօնավարած ըլլալու է իբրև ուսուցիչ. 21 տարեկանէն վար ըլլալու չէ, երկրորդական վարժարանի մը վկայագիր ստացած կամ նոյն աստիճան զարգացում ունեցած ըլլալու ապացոյցն տալու է գրաւոր ու բերանացի քննութիւններով: Գրաւոր նիւթերն են՝ թուաբանութիւն և աշխարհագրութիւն, բնական գիտութիւններ և անոնց կիրարկումներ, շարադրութիւն, գծագրութիւն, օտար լեզուէ հատուածի մը թարգմանութիւն բառարանի օգնութեամբ. պատմութիւն ընդհանուր ազգաց: Բերանացի նիւթերն են՝ կրօն, մանկավարժական սկզբունքներ, գործնական բարոյագիտութիւն, մայրենի լեզու և գրականություն, թուաբանութիւն և տոմարակալութիւն. գիտութիւն և արդի լեզու․ աշխարհագրութիւն և պատմութիւն (մասնաւորապէս Փոքր Ասիոյ):

Արտօնուած դաստիարակ-ուսուցչի մը միայն երկու տարի պաշտօնավարելու վկայագիր կը տրուի: Այս պայմանաժամի լրանալուն ետ վկայագիրը նորոգել չկրցող ուսուցիչը կր զրկուի պաշտօնավարելու իրաւունքէն: Որևէ վկայագիր նորոգելու առթիւ նկատի կ՛առնուին թեկնածուին այդ երկու տարուան ընթացքին ցոյց տուած իմացական ու բարոյական արդիւնքները:

գ. Վկայուած օգնական-ուսուցիչ․- Թեկնածուն վկայական ստացած ըլլալու է տարրական դպրոցներու կառավարական վարժապետանոցէն: Այսպիսին առանց քննութեան կը ստանայ օգնական-ուսուցչի մնայուն վկայագիր մը:

Վկայուած օգնական-ուսուցիչ մը չի կրնար 50-է աւելի աշակերտ պարունակող դպրոցի մը մէջ աւագ-ուսուցչի պաշտօն վարել:

դ. Վկայուած դաստիարակ-ուսուցիչ. - Որևէ վկայուած օգնական-ուսուցիչ՝ առնուազն երեք տարուայ պաշտօնավարութենէն վերջ կրնայ տարրական դպրոցներու վարժապետանոցը տարի մնալ հետևել մանկավարժական բարձրագոյն դասընթացքի մը: Այսպիսին կը ստանայ մնայուն վկայագիր մը դաստիարակ-ուսուցչի: Հինգ տարի վկայուած օգնական-ուսուցչի պաշտօն վարող ուսուցիչն ալ կրնայ վկայուած դաստիարակ ուսուցիչ ըլլալ՝ երրորդ տարուան մանկավարժական բարձրագոյն դասընթացքին հետևողներուն հետ յաջող քննութիւն տալով:

2. Աստիճանաւորում- Ուսուցչական այս չորս դասերէն իւրաքանչիւրը յառաջացման երեք աստիճաններ ունի: Աստիճանական յառաջացումներ տեղի կունենան յատուկ կանոնագրի մը համեմատ՝ ուր պէտք