Էջ:Գիրք Որդիական, Թորոս Թորանեան.djvu/73

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Տը Սենթ էքզիւբերիի մէկ հեղինակութիւնը։ Կը կարդայի
ձօնագրութիւնը երբ ներս մտաւ Պարոյր:

Ծանրաշարժ կարծուած Գրիգորն անգամ տեղէն
վեր թռաւ, անշուշտ Անժիկը իրմէ առաջ, ողջագուրուելու
համար Պարոյրին հետ: Նոյն քաղաքին մէջ յաճախ տեսակցելու
առիթը ունենալով հանդերձ զիրար կը կարօտնային:
Անժիկն էր զիս ներկայացնողը Պարոյրին.

— Թորոսն է, Պարոյր ջան, ծանօթացիր, Սփիւռքից
նոր է եկել, երեւի շուտով ուսանող կը լինի մեր մօտ.
Պէյրութի «Մեր Նշանաբանն է Յառաջ» շաբաթաթերթի
շրջանակից է։

— Երեւի քէմինիսթ է, - ըսաւ Պարոյր ու վրաս
նետուեցաւ: Մենք համբուրուեցանք: Անսովոր համբոյր
էր:

— Սիրելի Պարոյր, - պատասխանեցի, - մենք,
արտասահմանի մէջ, աղջիկներու հետ միայն այսպէս կը
համրուրուինք:

— Այս համբոյրը Պարոյրավարի է, — ըսաւ բանաստեղծը,-
դուք նորից շարունակէք աղջիկներին համբուրել
սփիւռքավարի: Ապա ձեռքէս վերցնելով Անժիկին
ինծի նուիրած գիրքը աւելցուց.- Ձեր բարեկամութիւնը
հիանալի գրքով էր սկսել:

Այսպէս սկսաւ Պարոյրին հետ իմ բարեկամութիւնս,
որ իրեն համար վերջացաւ իր եզերական մահով, իսկ
ինծի համար կը շարունակուի, երկարելու համար մինչեւ
այն օրը, երբ իրեն հետ ողջագուրուելու պիտի երթամ
«էնդիի դէմը»...

Պարո՜յրը...

Իր տունը ինծի համար Հռիփսիմէի տաճարն էր:
Երկիւղածութեամբ կը մտնէի անոր սեմէն ներս: Թէեւ
յաճախ, կը սպասցնէր դրան առջեւ, ըսելով.

— Թորոս ջան, այդ քո, այսպէս ասած բժիշկի վերարկուդ,
էս մեր դրան առաջ մի մեխ գտիր ու կախիր,
ու նոր ներս մտիր: ԹԷ չէ, կը սկսես — Պարոյր,
սիրելիս, մի՛ ծխեր, Պարոյր, սիրելիս, մի՛ խմեր: Չծխեմ,
չխմեմ, ի՜նչ անեմ, ախպէրս, ասա, ի՛նչ անեմ...