Էջ:Գիրք Որդիական, Թորոս Թորանեան.djvu/72

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

գիրին էջերէն: Իր գրականութեան հանդէպ համակրանք
ունէինք։ Անմիջապէս շրջապատեցինք զինք եւ մեր հանդիպումը
վերածնուեցաւ գրական ասուլիսի։

Արմէն Դարեան գրպանէն հաներ երկծալ թուղթ մը
եւ սկսաւ կարդալ հոն արտագրուած բանաստեղծութիւնը։
Այդ օրէն ի վեր յիշողութեանս ծալքերուն մէջ դրոշմւած
կը մնան հետեւեալ տողերը, կարդացուած՝ Դարեանի
ձայնին շեշտով.

— Ազգութի՞ւնս,
Հայ եմ աւելի բան երկու հազար տարի.
Մասնագիտութի՞ւնս,
Կեանքին նայել բարձունքներից ապագայի:

Արմէն Դարեանը լրիւ կարդաց այդ բանաստեղծութիւնը:

— Ինչ որ լսեցիք, կը պատկանի գրիչին հայաստանցի
երիտասարդ բանաստեղծի մը, որ կը կոչուի
Պարոյր Սեւակ:

Այդ օրերուն Պարոյրը քսանհինգ տարեկան էր, իսկ
մենք՝ իր քերթուածին հիասքանչ ունկնդիրներս՝ հեռու
էինք քսան տարեկան ըլլալէ, բայց արդէն մեր ու Պարոյրին
միջեւ, գրողի եւ ընթերցողի միջեւ նետուած էր առաջին
կամուրջ մը։

Արմէն Դարեանը, կը յիշեմ, կը շեշտէր թէ՝ այդ
նոր անունը անպայման իր մասին խօսիլ պիտի տայ հետագային։
Պէտք է միտք պահել զայն։

Ու մենք տարիներուն հետ, ոչ միայն պիտի չմոռնայինք
այս անունը, այլեւ հետզհետէ աւելի պիտի
փնտռէինք զայն, հայրենական մամուլի բոլոր էջերէն։
Պարոյր մէկ անգամէն չգրաւեց հրապարակը։ Իր վերասլաց
թռիչքը սակայն նկատելի դարձաւ գիրքէ գիրք։

Պարոյրին անձամբ ծանօթացայ Գրիգոր Քեշիշեանին
եւ Անմիկ Յակոբեանին տունին մէջ: Մտերիմներ էին։
Այդ օրը, Անժիկը ինծի գիրք մը նուիրած էր - Անթուան