Էջ:Գիրք Որդիական, Թորոս Թորանեան.djvu/74

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Վստահ եմ, աշխարհի մէջ ոչ մէկ կեդրոնական կոմիտէ
Պարոյրէն տունէն պէս այցելու չունենար: Պարոյրէ
բնակարանէն մէջ կը հանդիպէի երգիչ—երգչուհիներու,
ասմունքողներու, մաթեմաթիկոսներու, ճարտարապետներու,
գիւղացիներու, պարզ բանուորներու, գործիչներու,
հայրենադարձներու, զբօսաշրջիկներու, նաեւ...
գրողներու։

Մշտաբար էր իր սեղանը Արարատեան դաշտի այգիներուն
պէս, ու այգեպան Նելլին, միշտ մեզ կընդունէր
որպէս այդ տունէն մէկ անգամը։ Ու Ալանաց թագաւորին
աղջիկը՝ Սաթենիկ–Նելլին, ստիպուէր երբեմն ըսեյ
սակայն.

— Ախր, Թորոս ջան, Պարոյրի նման բանաստեղծի
համար այսքան ընդունելութիւնները շատ են: Ախր, նա
իրաւունք չունի մսխելու, իր թանկագին ժամանակը։ Նա
պիտի նստի, նա պիտի առանձնանայ, նա պիտի ստեղծագործի,
նա իմն էլ չի, նա պատկանում է ամբողջ Հայ ժողովրդին,
եւ ոչ միայն այսօրուան ժողովրդին, այլ գալոց
ժամանակների... Ես իմ աշխատանքը նկատի չունեմ: Ես
կը սպասարկեմ նրան գիշեր ու ցերեկ, իր ժամանակին է
մեղք...

Բայց Պարոյրը չէր կրնար չապրիլ Պարոյրավարի...

Այդպիսի գիշեր մըն էր, ես իմ բժիշկի Վերարկուս
կախած էի դուրսը եւ ներս ընդունուած։ Հիւրերը, արշալոյսի
շողերուն հետ մէկիկ—մէկիկ հանգչող աստղերու պէս
հեռացած էին։ Մենք մնացած էինք առանձին Խմեցինք
մինչեւ առաւօտ։ Ես խմել չէի գիտեր։ Պարոյրին հետ
խմել կրցայ: Կը խօսէինք։ Մեր խօսակցութեան նիւթը
գրականութիւնը չէր, բայց խօսէինք այն մասին, այն
հարցերու մասին, որոնք պէտք է ըլլային նիւթը գրականութեան։
Ուրեմն մեր նիւթը հայ ժողովուրդն էր: Արտասահմանի
հայութիւնը: Հայաստանի հայութիւնը: Ռուսաստանի
հայութիւնը:

Գիտէի՞նք մենր մեզ: Մենք մեզ գիտնալու համար
անհրաժեշտ էր գիտնալ Ուրարտուն, գիտնալ Մեծն Տիգ—