Էջ:Գիրք Որդիական, Թորոս Թորանեան.djvu/188

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

ՎԱԽԹԱՆԳ ԱՆԱՆԵԱՆ


Առաջին այցելութիւնս իրեն իր ամարանոցին մէջ
1963–ի Մայիսի վերջին կամ Սեպտեմբերի առաջին օրերուն
էր: Իր ամարանոցը կառուցած էր Լուսաւանի մէջ
եւ հոն դրացի ունէր Հրաչեայ Քոչարը Սարի դրացնութիւն։
Մին Ալաշկերտցի, միւսը Դիլիջանցի, ինչքա՜ն
պատմելիք բան կրնային ունենալ իրարու:

Այդ օրը ժան Փօլ Սարթրը հիւրը եղաւ որսորդ
գրողին։ Զարմանալի զուգադիպութեամբ մըն ալ երբ կը
գրեմ այս տողերը, մամուլը կը հաղորդէ ֆրանսացի փիլիսոփայ
գրողին մահուան լուրը 75 տարեկան հասակին:
Այս անգամ՝ հիւրընկալ Անանեանը կանխեց իր հիւր բա-