Էջ:Գիրք Որդիական, Թորոս Թորանեան.djvu/56

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

թիւններու Ակադեմիայի թղթակից անգամ Պրոֆ. Գէորգեանը
եթէ նկատէր կամ իմանար թէ կը շարունակէ ծխել,
կրնար զինը դուրս նետել հիւանդանոցէն:

Այդպէս ալ եղաւ։

— Գրիգո՛ր, — ըսի, — այս մոլութիւնդ չկրցար
թողուլ։

— Եղբա՛յր, – ըսաւ, — կեանքիս մէջ մէկ մոլութիւն
ունեցած եմ, ա՞ն ալ շատ կը գտնես: Ուրիշ ոչ մէկ
մոլութիւն ունիմ:

— Ունիս, – ըսի։

— Ի՞նչն է, — հարցուց։

— Արեւմտահայերէնի եւ արեւմտահայութեան հանդէպ
սէրդ։

— Նախ սէրը մոլութիւն չէ: Բիւրեղային սէր է։
Լաւ բան մը յիշեցուցիր, հաւաքուինք այս քանի մը օրուան
ընթացքին, պարզած եմ Բակունցի հարցը: Կատակը՝ կատակ,
բայց հաւաստի խօսք ունիմ այդ մասին...

Հաւաքուեցանք:

— Տղաք, ամէն անգամ որ Բակունցը խմած կըլլայ
եղեր, նստելով Չարենցին հետ, անոր կըսէ եղեր զոռալով
«Զիս հասարակ մէկը չկարծես, Չարենց, ղահլա չտանիս
քո Ղարսով իմ ծննդից ուղիղ ինն ամիս առաջ մեր տանը
գիշերել է մի մեծ վանեցի... ահա թէ ո՛վ եմ»: Ձեզի
կըսէի ես, չէիր հաւատար։ Ահա այսպէս լուծուած է այդ
«հանելուկը»:

Կատակը կատակ, բայց Կիւլեանը Բակունցը պաշտողներէն
էր:

Այդ գիշեր մենք խմեցինք թէ Բակունցի եւ թէ
Կիւլեանի կենացը:

Կեանքի մէջ երազ մըն ալ ունէր — չմեռած տեսնել
Սիսը:

Չտեսաւ ինք:

Բայց ո՞վ կըսէ, թէ իր թոռները պիտի չտեսնեն
մեր Սիսը։