Jump to content

Էջ:Գրական քննադատական երկեր, Նիկոլ Աղբալյան.djvu/154

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Ծաղկի բուրմունք, կոյսի սէր. ես սիրում եմ մրմունջ, տրտունջ, Տանջուած սրտի երգ ու վէրք։

Ըստ երեւոյթին շատ քիչ բան, բայց նկատէք՝ շատ էական բաներ: քննութեան տուած գողտրիկն ու հմայունը — ծաղիկ եւ աղջիկ. եւ ասոնց կեանքի նրբագոյն ծորանաքը - բոյր ու սէր։ Արեւելեան ըմբռնումով՝ կեանքին լաւագոյն կերպը - թիթեռի պէս ազատ, անհոգ ու աշխուժ՝ ինչպէս մանուկ ու պատանի: Դժդոհանքի մեղմագոյն տեսակը—մրմունջ ու տրտունջ: Սիրոյ տառապանքն ինքնին - վէրքը եւ անոր մեղմ կոտտանքը՝ երգը: Այդ վէրքն ան ստացած է իր պատանի տարիքին հագիւ երիտասարդ։ Իր սիրածն առած եւ տուած են ուրիշի։ ՍԱ դարձած է անբուժելի հարուած մը էր սրտին, մնայուն վէրք մը եւ հիմնական լարը միանգամայն էր քնարերգութեան, որ ուրիշ բան չէ քան այդ վէրքին մորմոքը եւ անդրադարձումները անոր ոգեկան եւ իմացական կեանքին մէջ՝.

Բացառիկ էր արդեօք այն աղջիկը։ Բանաստեղծն արդէն յիսուն տարեկան եւ օտարութեան մէջ՝ կը յիշէ եւ կը նկարագրէ այդ աղջիկը: Երբ, կ՚ըսէ, յոգնաբեկ՝ անդամ մը եւս գգամ շէմիդ, ես կ՚ուզէի

Տեսնել այնպէս նորէց րեզ Ինչպէս տեսայ սիրեցի, Սիրեցի քեզ սրտակէզ Շնորհներով կուսական, Աչքերիդ մէջ նուիրում, Խոստումներով դիւթական. Ճակատդ լոյս ու ճաճանչ Եւ ժպիտով հոգեթով, Եւ ձայնիդ մէջ՝ սիրոյ կանչ: Շուրջդ գարնան բոյր ու շաղ Շուրջդ կարկաչ ու կանաչ:

Որ բարեձեւ հայ աղջիկը չէ այսպէս, մանաւանդ գարնան բոյր ու շաղին մէջ, երբ ջրերը կարկաչեն եւ ծառերը կանաչէն։ Եւ մանաւանդ երբ անոր նայողը խանդաբորբ պատանի մըն է։ Եւ ո՞ր պատանին չէ խանդաբորբ արեւասուն գարունին: Ոչ թէ աղջիկը.

       - 121 -