Այս ապրումները կը ծնին բազմաթիւ գեղեցիկ տաղեր, բայց ունայնութեան տաղտուկը կը ծաւալի սրտին մէջ:
Մէկ միջոց կար «ունայնութեան փոսը» լեցնելու եւ իր ստացած վէրքը մեղմելու. - հանրօգուտ եւ տեւական աշխատանքը: Բայց ան երգիչ Է եւ երկնի թիթեռ եւ ուրեմն անկայուն եւ տպաւորական: Ու քանի որ տպաւորական, բայց եւ ազատատենչ ու խորքով կարեկից, ուստի համակիր եւ համազգաց է ազատագրական լայն շարժումներու: Հանրային կեանքի շառաչումներուն անոր հոգին կ՚արձագանգէ ամրակուռ եւ շառաչուն երգերով, որ ծնած են ֆիտայական շարժումէն, հայ-թաթարական ընդհարումներէն, ռուսաստանի հանուր յեղափոխութեան դոռ ալիքներէն եւ աշխատաւոր դասերու համայնացունց խոյանքներէն: Բայց ամէնը գիպուածական են: Ան ոչ թէ վարիչ է, եւ կամ առաջնորդ, այլ մեծատաղանդ համակիր: Պողպատը քիչ է իր բնոյթին մէջ եւ կամքի պրկումն անբաւարար: Իր մարտական երգերուն մի միայն Ե. Չարենցը մրցորդ երեւաց, բայց ան յեղափոխութեան համակիր չէր միայն, այլ եւ մարտիկ էր միանգամայն: Հանրային լայն շարժումներուն համակիր ներապրումը կրնայ ոգիները յափշտակել առժամայն, բայց չի կրնար սրտին վէրքերը բուժել. եւ գոռ ալիքներն անցնելով՝ նոյն մարդն է իր վշտով եւ մահու սարսուռով, որ կը տեսնենք մեր բանաստեղծին մէջ։ Իր մարտական տրամադրութիւնները թողած են անկորընչելի հետք մւ - Ուստա Կարօն - որ ինքն է այլափոխ:
Այս է Ա. Իսահակեանին ոգեկան ընթածիրը, նախ մաքուր եւ երազուն պատանի, յետոյ սրտաբեկ հոգի, այնուհետեւ սիրասթափ եւ հիասթափ մարդ մը, որ ելքեր կ՚որոնէ հանրային շարժումներուն եւ զգայական սիրոյ մէջ. ապա նկուն կեանք մը եւ դառնացած սիրտ ու մտայնութիւն: Բայց տառապանքէն իր սիրտը դաժան չէ դարձած եւ ոչ փոխուած է անոր խորքը, որ բարի է բնաբոյս: Եւ ան մեզ եւ իր զաւկին կը կտակէ.
«Ատելու չափ սիրիր մարդկանց, բայց լաւութիւն միշտ արա»:
Բացաոի՞կ է հոգեկան կեանքի այն ընթածիրը, որով անցած է Ա. Իսահակեան: Ո՛չ: Այդ ընթածիրն է բոլոր մաքուր եւ երազուն հոգիների։ Ո՞ր պատանին է, որ չէ երազած եւ ո՞ր հասունը, որ չէ հիասթափ։ Այն ո՞վ է, որ չէ վշտացած երբ չէ հասած իր երազածին։