Էջ:Գրական քննադատական երկեր, Նիկոլ Աղբալյան.djvu/353

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

ՐԱՖՖհՆ ՈՐՊեՍ ԳՐԱԳԷՏ

ՀԱՅ ՎԷՊԸ ՐԱՖՖԻԷՆ ԱՌԱՋ

Հայ վիպասանութեան մէջ նշանաւոր դէմք է Մեսրոպ Թաղեադեանց: Նշանաւոր է անոր «Վէպ Վարդգիսի Տեառն Տուհաց» գործը, որ Ժամանակագրական կարգով կը կազմէ հայոց առաջին վեպը: Արեւելեան ոճով գրականութեան նմուշ է, անիկա: Լեզուն գրաբար է:

Հայ գրականութեան մէջ վէպի գաղափար կար՝

ա — Յայսմաւուրքի մէջ, ուր կը ներկայացուի սուրբերու կեանքը, կը պատմուին ընտանեկան յարաբերութիւններ, սիրային արկածներ, որոնց հետեւանքով հերոսը ճգնաւորական կեանքը կնդունի կամ կը նահատակուի:

բ .— Արեւելեան զրոյցներու մէջ, որոնք սկսած ԺԲ. դարէն թարգմանուած էին հայերէնի, օրինակի համար՝ «Պղնձէ քաղաքի պատմութիւնը», «Աղեքսանդր Մակեդոնացիի պատմութիւնը», որ Ե.եւ Ը. դարէն կը հասնի մեզի (տարբեր թարգմանութիւններով):

Ժողովուրդը կը գոհանար հին զրոյցներով, որոնք դարերու ընթացքին ձեւափոխուելով կը սնուցանէին հայ ժողովուրդի միտքը: Օտար զրոյցներ եւս, հայ հոգիի դրոշմը առած, գոյութիւն ունէին մեր մէջ: Օրինակի համար՝ «Քէօր Օղլի»ի զրոյցը, ղոր ժողովուրդը յափշտակութեամբ մտիկ կ՝ընէ:

Թաղեադեանց ներկայացուցիչն է արկածախնդրական վիպասանութեան:

Այս միջավայրին մէջ մեծ յայտնութիւն մը եղաւ Խաչատուր Աբովեան, որ բուն իսկ հայ հանճարի ծնունդ էր, իրապաշտ բովանդակութեամբ