Jump to content

Էջ:Գրական քննադատական երկեր, Նիկոլ Աղբալյան.djvu/428

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

անձնատուր կ՝ըլլայ լեզուական Հետազօտութեանց: կանցնի եւրոպա, կ՝ուսումնասիրէ պասկերու եւ ետրուսկներու լեզուն: Փարիզի մէջ դասախօսութիւն մը կուտայ Հայ մշակոյթի մասին : Կը վերադառնայ կովկաս եւ 1923ին կրկին կը ճամբորդէ եւրոպա՝ կարգ մը լեղուական ուսումնասիրութեանց Համար։ Օգտուելով ԽորՀ. իշխանութեան բարեացական տրամադրութիւններէն, կը Հաստատէ նիւթական մշակոյթի կաճառ, Անդրկովկասի մեջ կասի մէջ ալ՝ ռուսական դիտական կաճառի մասնաճիւղ, եւ կովկասագիտական Հիմնարկութիւն, որուն նախագաՀը կ՝ըլլայինք: 1933-ին խ.Իշխանութիւնը զինքը կ՚անուանէ գիտութեան վաստակաւոր գործիչ: 1934 Դեկտեմբեր 20ին կը մեռնի

Մառ գիտէր երեսուն լեզու. հին ու նոր «գրաւոր եւ անգիր»: Կրնար ազատ խօսիլ ու գրել վրացերէն, Հայերէն, ռուսերէն, անգլերէն եւ ուրիշ նոր լեզուներ: Մեծ Հմտութիւն ունէր նաեւ սեմական լեզուներու, մանաւանդ արաբերէնի մէջ: Հմուտ էր արեւելեան Հին գրականութեանց եւ մաղած էր Հայկական ու վրացական գրականութիւնները:

Մառի աշխատաքները երեք տեսակ են. բանասիրական, Հնագիտական եւ լեզուագիտական: Իր շնորՀիւ է որ գտնուած եւ Հրատարակուած են Հայ եւ վրացական րանաՀիւսութեան վերաբերեալ շատ մը բնագիրներ եւ եղած են շատ մը Հետազօտութիւններ: Հիմնեց թերթ «քրիստոնեայ Արեւեք» անունով, որուն կ՚աշխատակցէին արեւելեան քրիստոնեաներով Հետաքրքրուող գիտնականներ:

Ունի բազմաթիւ աշխատութիւններ Հայոց Հին կեանքի և գրականութեան, ինչպէս եւ լեզուի վերաբերմամբ: Մեկնաբանած Է բազմաթիւ բառեր, որոնք կարեւորութիւն ունին Հայոց պատումութեան համար. օրինակ՝ սեպուհ, նախարար եւայլն:

Իր հետաքրքրոլթիւնը բազմակողմանի Է։ Ան ընդարձակ Հետազօտութիւններ նուիրած Է Հայոց առակներու, Հին թափառիկ զրոյցներու, առասպելներու եւ պատմագիրներու բնագիրներուն ու անոնց ներկայացուցած կեանքին։ ԱմԷն ճիւդի մասին ունի իր դիտողութիւնն ու կարծիքը: Ան կը Հանդիսանայ Հետախուզող միտք։ ՈրովՀետեւ գիտէ բազմաթիւ լեզունե, բազմատեսակ առնչութիւններ կը գտնէ տարբեր զրականութեանց միջեւ։ Շնորհիւ այս Հետազօտութեանց՝ ան գտաւ որ սերտ առնչութիւն ունին իրարու Հետ