Էջ:Երկիրներ եւ մարդեր, Թորոս Թորանեան.djvu/319

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

ԶԻԿ ՏԱՍԱՏԵԱՆը արծիւի տեսք ունեցող մարդ մըն էր: Արդեօ^ք եր կար հասակ ունենալուն համար այդ տ պա ւոր ո ւթի կրած եմ: Պուքրէշ, Ռումանիոյ մայրաքաղաքին մէջ ու իր անունը երկրով մէկ յարգանք կր ներշնչէր որպէս երգիծանկարիչ։

Երկու անգամ Պուքրէշ դագի եւ յատկապէս տեսնել ուգեցի ղինք, բայց ղոյգ այցելութեանս ընթացքին ալ չչաջողեցայ տեսնել զինք: Առաջին այցիս, երգիծանկարիչր Փարիզ կր գտնուէր ըսին, իր աղջկանը հետ։ Երկրորդ հանդիպումիս ծանր հիւանդ էր; Ռումանահայ գրող Պապոյեանին միջոցով ժամադրուիլ ուզեցի։ Հեռախօսէն Տիկ. Տամատեանը պատաս­խաներ ըսելով, թէ Զիկր այցելել արգիլուած է բժիշկներու կողմէ: Աճա­պարանքով րսի, թէ միայն հեռուէն տեսնեմ ղինք: կերեւի տիկինը բոյժքոյր էր, չրնդունեց։

ք^այց աբծուենի Զիկ Տամ ատեանին հետ ես ունեցած եմ մէկ քանի հանդիպումներ Երեւանի մէջ ու անգամ մըն ալ Փարիգ Գառզուներու տունը:

Երեւան, հայրենադարձ ռումանահայի մը տունին մէջ, որ թէեւ նկարիչ չէ, բայց կր մնայ կերպարուեստի սիրահարէ որ թէեւ չի նկարեր, բայց իր տան պատերը խօսիլ կու տայ գործերովր տասնեակ հայ նկարիչներու, ահա մէկտեղու ած են տասնեակ մը մտաւ օրականներ, հոն են Զարդարեանը, Ռաղմիկ Դաւոյեանր, Զիկ Տամատեանը:

Այդպիսի երեկոներու ո^ւր կրնաք հան դիպիր երբ բուռ մը հայեր արուեստի բոլոր ոլորտները կր քննեն, Հռոմի ճարտարապետութիւնը կր վերլուծեն, Միքէլ Անժելոն կ*արժեւորեն, Պենվենութօ Զեըենին, կ^անցնին Յունաստան, բոլոր աստուածներուն հետ գրոյցի կր նստին, ահա Փարիգ են, Փիքասօ, Լէժէ, Թիւթիւնճեան, Գառղու մէկիկ-մէկիկ քննութենէ կքանցնին, հուսկ ուրեմն յամենալու համար մեր ւիոքր երկրին մեծագոր­ ծութիւնն եր ուն վրայ:

Ինչպկ^ս մոռնալ այդպիսի գիշեր մր ա մանաւանդ ինչպէ^ս կարօտով շփնտռեււ նման հանդիպումներ: Սփիւռքի մէջ փնտռել նման երեկոներ, այո, փնտոեը րայց ինչպէ՞ս գտնել եւ ո^ւր...

Վերջին անգամ Զիկ Տամատեանը տեսայ Փարիգի մէջ, ինչպէս ըսի Գառզուներու մօտ: Ներկայ էր նաեւ Սարուխանր: Ինչ հարստութիւն, վւսյելել երեր հայ նկարիչներու ներկայութիւնը լոյսի քաղաքին մէջ: Այդ օրը, ինչո՞ւ խելամտութիւնը չունեցայ նկարելու այդ եռեակը:

Օտար հողեր ու վրայ ինկած բերքատու սերմեր: Երեք հայ, որոնք կրնային Անին շէնցնել, կարինր, Տիգրանակերտր շէնցնել: Ահա մէկը ինկած էր Փարիգ, երկրորդը Գահիրէ ու Զիկ Տամատեանը Պուքրէշ: