Էջ:Երկիրներ եւ մարդեր, Թորոս Թորանեան.djvu/354

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Այդ նամակները, գիտէք ո^վքեր կան հոն, մեր բոլոր ընկերները տարտղնուած Սփիւռքի մէջ։ Լիբանանէն մինչեւ Ֆրանսա ու Ամերիկա։

Ըայց ի^նչ պիտի ըԱայ ճակատագիրը այս թուղթերուն:

Ե՞նչ կ ^առաջարկէք։

ե*առաջարկեմ ղրկել Հայաստան: Ւնչ ալ գրածըլչան ձեր ընկերները այդ նամակներուն մէջ, ինչ ալ գրած ԸԱաք, փաստաթուղթեր են, թող պատմութիւնը ճիշդ գրուի։ Մեր սրտովն է կա մ ոչ։ Թող ճիշդ գրուի։

Տխրեցաւ Աստուածատուրեանը։ Այս թուղթերը իմ առանձնութեանս ընկերներն են։ Առաջարկդ տրամաբանական է, բայց... աչքերբ լեցուեցան այդ տարագիր հայուն... բայց, բաժնուիլ դժուար է։ Ըայց, լաւ բան ասացիք, ձեր յաջորդ գալուն, կտամ, կտանէք հայրենիք...

Յաջորդ Պելկրատ մեկնումս տակաւին... չեղաւ։ Ւ^նչ եղան դէզերով այդ նամակները, հազարաւոր նամակներ, չեմ գիտեր։

Աողոմոն Թէհլիրեանին տղան, հոն է, Պելկրատի մէջ, ամուսնացած է սերպի մր հետ։ Հօրմէն սորված է... քիչ մը հայերէն։ Զէ^ք տխրիր։ Հո­ղէն հեռու այս է մեր կացութիւնը, մեծագոյն հերոսներու զաւակներն ալ շատ-շատքիչ մր հայերէն գիտեն։ Յիշեցի Մոսկուա ապրող մեծգիտնական Եզրաս Հասրաթեանին տղան, որ իրենց տունին մէջինծի կիսէր.– Ընկեր, ես հայերէն գիտէ ոչ, բա <քա լս ւո ա, ռուսերէն խօսինք։

Հաւատա, ըսի որդի Հասրաթեանին, որ եթէ ես Անտոն Զեխովը ԸԱայի, հետդ անպայման ռուսերէն կը խօսէի, միայն ռուսերէն։ Ըայց ինչ ընեմ, որ Թորոս Թորանեանն եմ, ու քեղի հետ միայն հայերէն խօսիլ կ *ուզեմ։

Պելկրատի մէջ ալ որդի Թէհլիրեանը։

Հանդիպեցայ նաեւ Աողոմոնի Աեդրակ եղբօրը տղուն Վազգէն Թէհլիրեանին, որ գաղթած է Ամերիկա, ու Տիթրոյթի համալսարանի սպա­ներէն լեղ ուի դասախօս է։ Տեսաք ուր հասա ծ է Թէհլիրե անր։

Հարց կու տան, ինչո^ւ եկած էք Պելկրատ։ Ծննդավայրս է, կիսէ, ընկերներ ունիմ, յիշատակներ ունիմ։ Եկած եմ տեսնելու, վերապրելու։

Հասկցայ, կիսեմ, թէ ինչու Հայաստան չես երթար ու Պելկրատ կու գաս։ Հոն, երկրի մէջ յիշատակներ չունիս...

Ես ալ քու միտք հասցայ, կիսէ Վազգէն Թէհլիրեան, օր մր հոն ալ պիտի երթամ, գուցէ յաջորդ արձակուրդիս...

Ղ՝նա՜ Նց արդեօք, չեմ գիտեր։

Բայղ Թէհլիրեաններու ընտանիքէն մէկը եկաւ Հայաստան, իր եուկոսլաւ կնոջը ու զաւակներուն հետ։ Եկաւ ու մնաց, ու մինչեւ այսօր ալ կաշխատի Արագածի աստղադիտարանի անձնակազմին հետ մեր մեծ աստղագէտ Վիքթոր Համբարձումնեանի կողքին։

Այսլղէսօ Տեմախի Ըագարիճ գիլղր Հայաստանին միացաւ...