Էջ:Երկիրներ եւ մարդեր, Թորոս Թորանեան.djvu/198

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

ԴԵՐԵՆԻԿ ԵՊՍԿ. ՓՕԼԱՏԵԱՆը անուն մըն էր մեր եկեղեցական դա սա ն մէջ.– Բեսապցի, նախկին բողոքական, ապա կուսակրօն հայ առա­քելական քահանայ։ Ինչ կայ որ, Մաղաքիա Արք. Օրմանեանն ալ շրջան մը կաթոլիկ էր։ Բայց մեր ժողովուրդը ունեցաւ մէկ, անկրկնելի Օրմանեան:

Անթիլիասի եկեղեցական խլրաումները սկսած էին ու քահանայացու հայ մը իր մահաբեր հարուածը տակաւին պատրաստած չէր Դերենիկ Սրբազանին համար, երբ օր մը մէկ քանի օթոպիւսներով Պէյրութէն բարձրացանք Պիքֆայայի հայոց վանքը, Աջապահեան Սրբազանին բողոք ներկայացնելու համար, որպէսզի այս վերջինը մեկնէր Ս. էջմիածին եւ Ամեն այն Հայոց Հայրապետին հետ համախորհուրդ աշխատանք տանէր, որպէսզի Անթիլիասի Հայոց կաթողիկոսութիւնը կոզմի մը մականին տակ չիյնար։

Բողոքի գտցողներս հարիւրէ աւելի էինք։ Բողոքի գրաւոր խօսքը պիտի կարդար ատամնաբոյժ։ Յարութիւն Լաչինեանը։

Բարձրացանք Պիքֆայա: Հայոց վանքին դուռը կը զարնենք։ եր բացուի դուռը։ Ներս կը մտնենք մէկ քանի հոգիով։ Պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէ Լաչինեանը։ Դուռ մը կը բացուի։ կարճահասակ, կարճ տա­բատով, միականի մէկը մեր դէմ կեցէ։ Ատամնաբոյժ Լաչինեանը կը յարէ, տղայ քեզի կիսեմ, Դերենիկ Սրբազանը կանչէ, հետը խօսելիք ունինք։ Անպիտան, կիըայ պատասխանը, Դերենիկ Սրբազանը ես եմ, նախ դուրս ելէք, հագուիմ, վեր^ը ներս մտէք։

Դուրս կեըենք խնդալէն։

Բիչ ետք հայ կրօնաւորը իր պատշաճ զգերստաւորումին մէջ է, ակնոցը աչքին.– Եկէք նայիմ, ի^նչ կուզէք։

Եկածենք բողոքելու, կը խօսի Լաչինեան, Աջապահեան Սրբազանին դէմ, որպէսզի շուտափոյթ Ս էջմիածին մեկնխ Ժողովուրդին փափաքն է։ Եթէ կուզէք դուրս եկէք ու տեսէք ժողովուրդը։

Դերենիկ Սրբազան դուրս կեըէ։ Ժողովուրդը Ս էջմիածին կը վանկարկէ։

Մենք ներս կանցնինք, որպէսզի խորհրդակցինք Սրբազաններուն հետ։ Դուրսը, Լաչինեան կարդացածէ արդէն բողոքագիրը ներկաներուն անունով։

Ահա մեր խօսակցութիւնը Դերենիկ Սրբազանին հետ.– Սրբազանը կը հարցնէ մեր անունները - Յարութիւն, Թորոս, Պօզոս Ադամ...

Ինչ հին անուններ են, կիըայ Սրբազանին բացագանչութիւնը։