Էջ:Երկիրներ եւ մարդեր, Թորոս Թորանեան.djvu/239

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

ՀԱՅՈ ՆԵՈՍԷՍ ԱԿԻՆԵԱՆ եկած էր Կիպրոս: Պիտի հանգստանար Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեան մէջ։ Աւելի ճիշդր հոն պիտի աշխատէր մէկ երկու ամիս։

Տնօրէնր կանչեր խումր մր աղաք ու յայտարարերՀայր Ակինեանր պատկառելի վաստակի տէր բանասէր մըն է։ Պիտի խնդրէի ձեզմէ, որ չանհանգստացնէք գինք։ Տւսրիրր առած մարդ է։ Հանգիստի պէտք ունի։ Ու յետոյէ նոյնիսկ այս տարիքին մէկ երկու շաբաթ պիտի աշխատի։

Կարծէր կրակր քամիի հանդիպերաւ։ Բամին տնօրէնին խօսքն էր։ Կրակր մենք էինք։ Բորբոքեցանք։ Ամէն օր, օրուան բոլոր ժամերուն սկրսանք յաճախել Հայր Ակինեանին սենեակը, հարցումներու տեղատարափով։

Կր (եւզտէր, կր պատասխանէր շատ ոլորապտոյտ նախադասութիւններով։ Ափրիկէի մասին հեքիաթներ կր պատմէր։ Հարցրհասաւ հոն, որ սկսաւ կաթոլիկութիւն քարոզել ու ըսել, թէ ով որ կաթոլիկ չէ, յաւիտենական կրակներու մէջ պիտի այրի։

Տղաքր սկսան անարգել վարդապետը։ Տնօրէնր տղոց մէջ աչք ու ական ջ ունէր։

Կանչուերանք։ Արգիլուեցաւ մուտքերնիս Հւսյր Ակինեանին մօտ։

Ալ հեռուէն տեսանք այս մեծ բանասէրը, շատ հեռուէն, դժոխքի կրակներու մէջէն, որովհետեւ զտարիւն առաքէականն եր էինք։

ՍՏեՓԱՆ ՇԱՀՊԱԶր Ադեքսանդրիա տեսայ մէկ քանի վայրկեան։ Բայց երեւանի մէջ ժամերով խօսելու առիթը ունեցած էի իր հետ։

Ջինք ճանչցած էի «Վարագոյրին Ետեւր» յորջորջեալ իր վիպակով, որ վիպակ չէր, հեքիաթ չէր, բայց Ատեւիան Շահպազին հայ գրակա­նութեն էն ներս մուտքր կքաւետէր։

Մասնագիտութեամբ փաստաբան։ Զինուած։ ֆրանսական մշակոյ­թով, Ստեփան Շահպագ վերջին քառասնամեակին իր ամբոդջ ուժով ծառայեց մեր գրական ու հասարակական մամուլին:

Իր մէջ իշխոդր հայ մարդն է։

Տարիներով թգթակցութիւն պահած եմ այս բաբի հայուն հետք որ հակառակ իր յառաջանալու սկսած տարիքին տակաւին գրիչ կր շարժէ։

Երեւանի մէջ, օր մր, իմ զայրոյթիս ականջալուր եդաւ Շահպագ։