Էջ:Երկիրներ եւ մարդեր, Թորոս Թորանեան.djvu/315

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Դաուսէթի գերմանուհի ւոիկինր իր ճարտար խոհարարուհի մը ըլ­լալը լաւապոյնս հաստատեր։

ք^այց տիկին, ըսի դառնալով իրեն, ձեր հայրենակիցները լաւ խո­հարարներ դուրս չեկան ոչ առաջին եւ ոչ ալ երկրորդ ընդհանուր պատե­րազմներու րնթացքին ու երկու պարագային ալ մեր ժողովուրդին ան­սահման վնաս պատճառեցին, տակաւին չխօսելով միւս երկիրներու տաոապանրներուն մասին...

Չհասկցայ, ըսաւ տիկինր։

Լաւ որ չհասկցար, դիս անքաղաքավար պիտի նկատէիք: Փրոֆ, Դաուսէթր հասկցաւ, յետոյ ձեզի կը պարզէ միտքս:

Այսպէս, ես ու Զսհրապը, հայկական օր մր ունեցանք Դաուսէթներու տան մէջ։

ԴՈեՏ. ՏՈՒԷՍՍԷՆը երկարահասակ, համակրելի հոլանտացի մըն էր։ Ըսի իրենք քԺԷ հայերը առ հասարակ հոլանտացիներուն հանդէպ համակրանք ա նին: Այդ համակրանքը կու գայ ախ իրողութենէն, որ կարդ մր բարեսԼր հոլանտացիներ հայկական ջարդերէն ետք նիւթական Օգնութիւն փութացուցին արաբական անապատներու մէջ թափառող մեր խլեակներուն։

Այդ համակրանքը, շարունակեցի ես, աւելի հեռաւոր հիմք մըն ալ ունի, հայկական առաջին տպարանները Ամսթերտամի մէջ գործած են, Աստուածաշունչը հայերէն լեզուով առաջին ան գամ տպագրուած է նոյն Ամսթերտամ քաղաքին մէջ 16եե թուականին, այսինքն մեր այս տեսակցութեւնԼն ուղիդ երեք հարիւր տարի աոաջ՝.

Այդ ն1,կր լաւ գիտեմ, ըսաւ Դոկտ. Տրիէսսէն ես կր զբաղիմ արե­ւելեան եկեղեցիներու պատմութեամբ ա այդ պատճառով ալ սկսած եմ սորվիլ ոսկեդնիկ գրաբարը, աւելի մօտէն ճանչնալու համար հայ անցեալը, ինչու չէ, նաեւ ներկան:

Զեմ կարծեր, որ յուսախաբ ըլլաք, րսի, ու աւելցուցի.– է^անի գիտէք, որ այս տարին, յամի տեառն 19ե6ր Աստուածաշունչի հայերէն տպագրութեան եր եր հ արիւ րամ եակն է, եւ այդ տ պա գր ո ւթիւնը իրագործուած է ձեր* Ամսթերտամ քաղաքին մէջ, չէի^ք կրնար հ ո լան տ ական մամուլին մէջ հանդէս գալ յօդուածներով, մանաւանդ այն պատճառով, որ դուք արեւելեան եկեղեցիներու պատմութեամր կր զբաղիք...

Դոկտ Տրիէսսէնը ժպտեցաւ ա ըսաւ.– Եթէ ուրիշ խնդրանք մը ունենայիք, կրնայի մերժել։ Այս մէկը թէ պատեհ է, թէ յարմար առիթն է։