Էջ:Երկիրներ եւ մարդեր, Թորոս Թորանեան.djvu/325

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Եկաւ այդ խմբագիրը։ Յակորն է։ Երբ կերթամ «Զարթօնք»ի խմբագրատունը, ու Յակոբը կր տեսնեմ թուղթի դէզերու մէջ կորսուած, գւխաւ/երեւը նկարը Գերսամ Ահարոնեանին, մտովի հարց կու տամ, տա­րիներէ ի կեր ո՜*վ կը խմբագրէ «Զարթօնք»ր, Գերսա^մր թէ Յակոբը։

Յակոբ Աւետիքեանր լրջախոհ այն խմբագիրն է, որ իրապէս դարձաւ հ՝երսամ Ահարոնեանին արժանաւոր յաջորդը։

ԳԷՈՐԳ ԵԱՆՊԷԱԵԱՆր մելգոնեանցիները կր ճանչն ան։ Եգիպտոսէն եկած էր։ Անցաւ Ֆրանսա, հոս ալ ծանօթացայ իրեն, որպէս երաժիշտ - խմբավար:

Ժամանակ մը կքապրէր Ալֆորվիլ, Փարիզի մէկ հայաշատ արուար­ձանը։ Այստեղ է, որ ծանօթացայ իրեն ու իր րնտանիքին։ Սինը ֆինլանտա հի էր:

Ուրկէ ° ուր, Եանպէկեան, ըսի։ Եգիպտոս, էիպրոսի Աելգոնեան Երրթական Հաստատութիւն, ապա Փարիգ ու ֆինլանտուհի կին։

Պատահեցաւ, ըսաւ, կեցութեան թուղթս վեր անոր ոգելու համար հերթի կանգնած էի որպէս օտարական։ Զանձրալի էր։ Սիկարէթ մը տարի շրթներուս։ Տեսայ կրակ չունիմ։ Այս ֆինլանտուհին վառեց սիկարէթս ու այդ կրակը... մեղ իրարու միացուր։ Հիմա երեք ղաւակներուս մայրն է։

Փարիղի հայ աղջիկներ, ձեր խեւրր անիծեմ, սիկարէթ վառել մըն ալ չէք գիտեր։

Եանպէկեանը կը մնայ անշուշտ նուիրուած հայ։ Տասնամեակներէ ի վեր հայկական երգչախումբեր կր ղեկավարէ ու հայ երդը պահել կը փորձէ փարիղեան երկնակամարին տակ։

Երր Եանպէկեան կ՚ըսեմ, խոշոր աչքերով, ժպտուն դէմքով մարդ մը կր յիշեւն, որ ձեոքր օգին մէջ է հայերէն երդ մր սորվեցնելու համար, ժինչ շրթ ունքին անկրակ սիկարէթ մր կայ, զոր վառելու կու գայ ֆինլանտուհի մր։

հնշոԿ կր նեղուիս, Թորոս, պէյրութցի Ընկերդ՝ Մարտիրոս Աանուկեանն ալ ֆինլանտուհիի մը հետ չամուսնացածէ։

Յետոյ յիշէ, որ դուն ալ ֆինլանտացի բարեկամ մը ունիս Մարթթի Լարնին, մեծ գրողը։ Զէոր ըսիր անոր Աուոմի օն հիւվէ - Ֆինլանտան լաւ երկիր է։