Էջ:Երկիրներ եւ մարդեր, Թորոս Թորանեան.djvu/364

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Ս^հ, այոՀ հայրս ու մայրս են, որոնց հանդէպ պաշտամունք ունիմ։ Հայրս Արսլանը, վերջերս մահացաւ:

Այո, րսք*է կարդացի այ մամուլին մէջ, յուղարկաւորութեան կարգր կատարուած է հայոց եկեղեցիին մէջ:

Այո, այո, հայրս իմ գանձս էր: Պաշտելի մարգ էր: Ի դէպ, դուք որ Հայաստանէն կու գաք, կը ճանչնա^ք գրող Տանկուլովր։

Անշուշտ կր ճանչնամ: Ես իր մասին յօդուած գրած եմ Փարիզ տպուող «Աշխարհ» շաբաթաթերթին մէջ: Տանկուլովն ու դուք, նմա­նութեան շատ եզրեր ունիք: Երկուքիդ ալ ակունքը Արմաւիրն է։ Երկուքդ ալ վիպասան էք, երկուքդ ալ հայ էք, ձեր ու Տանկուլովի տարբերութիւնը մէկ է - Դուք ֆրանսերէն կը գրէք, ան կր գրէ ռուսերէնով

Աքանչելի մարդ է Տանկուլովր, ըսաւ Թրուայեան: Անցեալ տարի եկած էր Փարիզ ու ինծի բերած էր անստգիւտ նուէր մը, որ գիրք մրն է: Հոն կր գտնէք մեր գերդաստանին պատմութիւնը:

երնա^մ տեսնել, հարց տուի ես: Անմիջապէս, ըսաւ գրողը ու ոտքի եըելով, բարձր դարակէ մը իջեցուց նիհար գիրք մը, անշուշտ ռուսերէնով, ուր ես գտայ փաստական հարուստ տուեալներ Թարասովներու գերդաս­տանին մասին, որ նախապէս կոչուած է Թորոսեան:

Իս կապէս հիանալի է, ըսի: Այս տեղ ամէն ինչ ըսուած է ձեր հայկական արմատներուն վերաբերեալ:

Այնուհետեւ մենք խօսեցանք երիտասարդ գրողներու մասին: Մեր օրերուն, կիսէր Թրուայեան, երիտասարդութիւնը զինուած է մտաւորական լայն պաշարով: Այդ պաշարը սակայն բաւարար չէ, լաւ գրակա­նութիւն մշ ակելու համար: Երիտասարդութեան մօտ ինքնատիպ երեւնալու մարմաջ մը կայ, որ առնուազն օգտակար չէ:

Հանրի Թրուայեան ամէն օր կաշխատի առաւօտեան ժամը 9:30էն մինչեւ ժամը 13:00 եւ յետմիջօրէին երեքէն վեց:

Ահա տաղանդով ու աշխատանքով բարձունքներ գրաւած հայն ՈԼ գրոՂԸ ՈՐ ֆրանսական ակադեմիայի ան դամ է:

Երբ դուրս կեըէի, ընկերոջդ եարպիսին բարեւ բրէ, Հայաստանին բարեւ բրէ, հայ գրողներուն բարեւ ըրէ, ըսաւ Հանրի Թրուայեա, եւ իր մէկ նկարը մակագրեց «Դարուն» ամսագիրին համար: