Էջ:Թորոս Թորանեան, Թեւածող հոգի մը Մկրտիչ Սարգսեանի հետ.djvu/32

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է
Թեւածող հոգի մը

«Սուտը բռնուեց»-ը հաճելի անակնկալ մըն է մեզի՝ հայերուս համար, երբ Մ. Սարգսեանը կը պատմէ հետեւեալ դէպքը վրաց բանաստեղծ Լադօ Սուլաբերիձէի հետ։ Հայ գրողը կը հաստատէ, որ Զաքարեանները հայ էին։ Այդ փաստը արձանագրուած է նաեւ վրայ պատմագիրի մատեանին մէջ։ Վրաց սիրուած բանաստեղծը այդ գիրը սխալ կը համարէ։ Մ. Սարգսեանը կ'աւելցնէ. Զաքարեանները ծագումով քրտեր էին։ Այո՛, կը յարէ վրաց բանաստեղծը։ Հայ գրագէտը կը ժպտի ու կ'աւելցնէ.

— Չէ՞ որ քիչ առաջ ըսիք թէ այդ գիրքին մէջ նման բան չկայ, չէք կարդացած։ Զաքարեանները բացայայտողի հնար ունի Մ. Սարգսեան խոհուն գրագէտը։

«Վրացիների մասին»։ Ամբաստանագիր մը չէ այս բաժինը, այլ՝ փաստագրային արձանագրութիւն, որ Վրաստանի մէջ ծաւալուող ֆաշիզմը հայ-վրացական դարաւոր եղբայրութիւնը ցեխի մէջ խրելկը փորձէր անիմանալի միջոցներով, վրացական անուանակոչումներով Վրաստանը պարպել կը փորձէ հայ ազգաբնակչութենէն՝ արդէն կէս միլիոն հայ ճնշումներու տակ վրացի անուանելով։

Ո՞վ կառուցեց Թիֆլիսը, ո՞վ քառակի անգամ եղաւ Թիֆլիս մայրաքաղաքի քաղաքապետ...

Իրաւացի վեսուվեան բռնկում մըն է Մ. Սարգսեանի այս պոռթկումը, որ սակայն կ'աւելցնէ. Հայերը ներել գիտեն։

Այո՜, այսօր ալ հայերը կ'ուզեն պահել հայ-վրացական բարեկամութիւնը՝ միայն թէ վրացին սեղմէ մեր երկարած ձեռքը։

Այս խոհուն խորհուրդը կու գայ վրացիներու շահերէն եւ Մկրտիչ Սարգսեանի խաղաղասէր գրիչէն, որ գիտէ վրաց պատմութիւնը, վրացական գրականութիւնը՝ անոնց ունեցած բոլոր մեծութիւններով, հակառակ վրացիներու բոլոր չարագործութիւնները գիտնալուն եւ բոլորիս համար գիտնալուն, որ «Սուտ սէրը նման է աւազի վրայ պալատներ կառուցելուն»։

Մեծղի այս հատորը իր աւարտին կը հասնի երկխօսութեամբ մը ընդմէջ Մկրտիչ Սարգսեանի եւ Յարութիւն Յովնաթանի՝ բարի մաղթանքներով։