Jump to content

Էջ:Թորոս Թորանեան, Թեւածող հոգի մը Մկրտիչ Սարգսեանի հետ.djvu/35

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է

Թորոս Թորանեան

ԳԷՈՐԳ ԱՐՇԱԿԵԱՆԻ

«ՄԿՐՏԻՉ ՍԱՐԳՍԵԱՆ

ԳՐՈՂԻ ԴԱԻԱՆԱՆՔԸ» ԳՐՔՈՅԿԸ

(45 ՏԱՐԻ ԱՆՑ)

Որքան պիտի ուզէի կողքիս ունենալ այս գրող բարեկամներս, որոնց հետ վաթսունականներուն միասին կ'ըլլայինք, չափելով մեր մայրաքաղաքին ասֆալտուող փողոցները, յատկապէս Մարտիրոս Սարեան վարպետին տուն-թանգարանի փողոցին վրայ, ուր կը գտնուէր Գէորգ Արշակեանին բնակարանը։

Այդ օրերուն կը խօսէինք Գէորգ Արշակեանի «Սեւ եւ սպիտակ կարապներ» (1966) գործին մասին։

Հիմա, որ վերջնական վերադարձած եմ տուն, Սփիւռքի մէջ քանի՜ բնակարաններ ունեցած եմ, այս բոլորը բնակարաններ էին. տունը հայրենի հողին վրայ կ'ըլլայ։ Ուրեմն ես եկայ տունս, տունս ողջ Հայաստանն է։

Ու ահա բաղձանքս իրականացաւ․ այսօր հանդիպեցայ բարեկամներուս Գէորգ Արշակեանին ու Մկրտիչ Սարգսեանին գրքոյկի մը էջերուն վրայ՝ հայկական ճարտարապետութեան մէկ շքեղ կոթողին նախշերուն տակ[1]։

— Բարե՛ւ ձեզ, վաղեմի բարեկամներ, նոր զրոյցի մը համար ո՞ւր կ՛ուզէք որ նստինք, հայրենի ծխանի երկինք բարձրացող կրակէ ծուխին տակ, որ Ծիծեռնակաբերդէն կը բարձրանայ։

Լա՛ւ, լա՛ւ, արդէն դուք զրոյցի նստած էք այս գրքոյկին բաց դրան առջեւ։ Հայրենի տունը իր դուռը փակելու պէտք չունի։ Կը մտնեմ ներս։ Խօսողը Գէորգ Արշակեանն է։

  1. Գէորգ Արշակեան, «Մկրտիչ Սարգսեան գրողի դաւանանքը», Երևան,«Հայաստան», 2002, 48 էջ